id
int64 43
24k
| title
stringlengths 2
92
| article
stringlengths 5
147k
⌀ |
---|---|---|
5,873 | Գրիգոր Սաթամեան | Գրիգոր Սաթամեան (8 Դեկտեմբեր 1940(1940-12-08), Պէյրութ, Լիբանան), արհեստավարժ դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան: Ցարդ, Գրիգոր Սաթամեան զանազան թատերախումբերու հետ բեմադրած է 72 թատերգութիւններ, խաղացած է 84 ներկայացումներու մէջ եւ հայերէնի թարգմանած է 20 թատերգութիւններ։
== Կենսագրութիւն ==
1959-ին շրջանաւարտ եղած է ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն, որմէ ետք յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը եւ չորս տարուան շրջանը աւարտելով՝ ստացած է Պսակաւոր Արուեստից Տիտղոս, Տնտեսագիտութեան ճիւղին մէջ։
1964-ին, ՀԲԸ Միութիւնը կրթաթոշակ կը յատկացնէ Գրիգոր Սաթամեանին, որ Անգլիա երթայ եւ ան կը յաճախէ Լոնտոնի ֆիլմարուեստի դպրոցը (London School of Film Technique)։ Աւարտելէն ետք, բախտաւորութիւնը կ՛ունենայ ընդունուելու նշանաւոր Old Vic Theatre School-էն՝ որու 28 տեղերուն համար դիմած էին 1,700 ուսանողներ: Երկու տարուան ուսանողական շրջանը՝ դերասանութեան կողքին կ՛ընդգրկէր, ձայնամարզութիւն, բեմավարութիւն, մարմնական եւ դէմքի շարժուձեւերու տիրապետութիւն ու վերջապէս բեմադրութիւն՝ Անգլիոյ հռչակաւոր ուսուցիչներէն Ռուտի Շէլիի կողմէ։
Ամերիկեան Համալսարանի թոյլատուութեամբ, կ՛անցնի Պրիսթոլ եւ տարի մը դասախօսելէ ետք՝ կ'որոշէ գաղթել Միացեալ Նահանգներ։
== Թատերական փորձառութիւն ==
Երկրորդական վարժարանը աւարտելէն ետք,Գրիգոր Սաթամեան կը միանայ ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Փափազեան թատերախումբին, ինչպէս նաեւ Ամերիկեան Համալսարանի թատերական ակումբին։ Տարի մը ետք, մաս կը կազմէ նոր հիմնուած Լիբանանեան ժամանակից թատրոնին՝ ուր ելոյթ կ՛ունենայ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
== Թատերախումբի Գեղարուեստական Ղեկավար ==
1968-ին կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը հրաւիրուի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին կողմէ՝ աշխատելու որպէս թատրոնի դասախօս։ Միեւնոյն ժամանակ կը նշանակուի ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Փափազեան թատերախումբի Գեղարուեստական ղեկավար։
Գրիգոր Սաթամեան կը հիմնէ նաեւ երիտասարդներու յատուկ թատերական դպրոց մը՝ ուսուցանելու դերասանութիւն եւ բեմի ետեւ աշխատելու ունակութիւն։ Եօթը տարի կ՛աշխատի որպէս դասախօս եւ բեմադրիչ՝ հայ թէ օտար խումբերու հետ։
== Հիմնադիր ՀԲԸ Միութեան պատկանող զանազան թատերախումբեր ==
Արհեստավարժ դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան աւելի քան կէս դար ծառայած է հայ մշակոյթին, Պէյրութէն սկսեալ մինչեւ Նիւ Եորք եւ ապա Լոս Անճելըս։ Ան հիմնած է ՀԲԸ Միութեան պատկանող զանազան թատերախումբեր ինչպէս՝ «Արտաշատ»՝ Նիւ Եորքի մէջ, «Յակոբ Պարոնեան»՝ Պոսթընի մէջ, «Ուիլիամ Սարոյեան»՝ Ֆիլատելֆիոյ եւ Պուէնոս Այրէսի մէջ, «Երուանդ Օտեան»՝ Տիթրոյթի մէջ եւ վերջապէս «Արտաւազդ»՝ Լոս Անճելըսի մէջ։
== Գրիգոր Սաթամեան միակ բեմադրիչ Սփիւռքէն՝ հրաւիրուած Սովետական Հայաստան ==
1972-ին, Երեւանի Տրամաթիկական թատրոնի ղեկավար Հրաչեայ Ղաբլանեան կը հրաւիրէ ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Փափազեան թատերախումբը, որ իր ելոյթներով հանդէս գայ Հայաստանի քանի մը քաղաքներուն մէջ։ Երկու թատերգութիւններով՝ Ճորճ Ֆէյտոյի «Կասկածը Կնոջ Մտքին մէջ» եւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկանները» հանդէս կու գան նախ Երեւանի Սունտուկեանի անուան Պետական թատրոնին մէջ եւ ապա կը շրջին Արտաշատ, Էջմիածին, Կիրովական եւ Լենինական քաղաքները ու իրենց աւարտական ելոյթը տեղի կ՛ունենայ Երեւանի Տրամաթիկական թատրոնին մէջ։
== Գրիգոր Սաթամեան ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Փափազեան թատերախումբի ելոյթը Եւրոպա ==
1975-ին՝ նոյն թատերախաղերով՝ Ճորճ Ֆէյտոյի «Կասկածը Կնոջ Մտքին մէջ» եւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկանները» հանդէս եկան Լոնտոնի, Փարիզի եւ Նիկոսիոյ բեմերուն վրայ։
== Նիւ Եորքի ՀԲԸ Միութեան Գեղարուեսատական Տնօրէնի պաշտօն ==
1976-ին կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքը, ուր կը միանայ «Քոլոնարզ Թիեթըր Լեպ» թատերախումբին, որպէս անոր բեմադրիչներէն մին։ Այս թատերախումբին հետ իր առաջին թատերգութիւնը բեմադրելէ ետք, ան կը հրաւիրուի երեք անգամ բեմադրելու «Հոփ Սամըր Ռեփերթուար Թիեթըր»ին համար, Միշիկընի մէջ։ Տարի մը ետք կը միանայ ՀԲԸՄ-ի անձնակազմին:
ՀԲԸ Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանակային Վարչութեան ատենապետուհի Արմինէ Սապահ-Կիւլեանի ժողովի հրաւէրով եւ առաջարկով, որուն ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Պերճ Սեդրակեանը՝ Գրիգոր Սաթամեան կը ստանձնէ Գեղարուեսատական Տնօրէնի պաշտօնը՝ 4 Ապրիլ 1978-ին։
Նիւ Եորք եղած շրջանին, կը հիմնէ վեց թատերական խումբեր։ Նիւ Եորքի, Պոսթոնի, Տիթրոյթի, Ֆիլատէլֆիոյ, Պուէնոս Այրէսի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Կը հիմնէ նաեւ Նիւ Եորքի միակ հայկական հեռատեսիլի ծրագիրը «Spotlight Armenians” անուան տակ, որուն վարիչ տնօրէնն ու խօսնակն էր Գրիգոր Սաթամեան ամբողջ երկու տարի։
== Գրիգոր Սաթամեան կը տեղափոխուի հայահոծ Լոս Անճելըս քաղաքը ==
1988-ին կը տեղափոխուի հայահոծ Լոս Անճելըս քաղաքը եւ իր թատերական գործունէութիւնը կը շարունակէ «Արտաւազդ» թատերախումբին հետ։
1989-ին կը բեմադրէ Մարսէլ Փանիոլի «Հացագործին Կինը» գործը, խաղարկութեամբ հայրենի վաստակաշատ դերասան Մհեր Մկրտչեանի ու իր Տիկինը Թամարա Յովհաննէսեանի. նաեւ միաժամանակ, Մկրտչեանի բեմադրած Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար»ին մէջ կը մարմնաւորէ Կիպարի դերը։
1992-ին, դարձեալ «Արտաւազդ»ի հետ, «Ուաթֆայըր» թատերասրահին մէջ անգլերէն լեզուով բեմ կը բարձրանայ Էտուըրտ Աշի «Մենզ Պեսթ Ֆրենտ» եւ Մըրի Շիզկըլի «Փուշքարթ Փետլըրզ» ներկայացումներուն մէջ՝ բեմադրութեամբ Փիթըր Մանուկեանի։
Կարեւոր դերերով իր մասնակցութիւնը կը բերէ ամերիկեան ֆիլմերու մէջ, որոնց շարքին՝ «Assignment Berlin», «Subterfuge», «One More Step», «Enemies of Laughter», «After Freedom», «Pomegranate», «Must Love Dogs» եւ «Summerland», ինչպէս նաեւ՝ հետեւեալ հեռատեսիլի յայտագիրներուն մէջ. «Suddenly Susan», «The Naked Truth», «Team Knight Rider», «Mad TV», «Alias», «24»:
Ապա, Գրիգոր Սաթամեան եւ մայէսթրօ Վաչէ Պարսումեան միասնաբար կը բեմադրեն Տիգրան Չուխաճեանի երեք օփերաները՝ «Արտաւազդ»ի եւ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան համագործակցութեամբ. «Զուարթ»՝ 2003-ին, «Լեպլեպիճի Հօր Հօր Աղա»՝ 2004-ին եւ «Զեմիրէ»՝ 2008-ին։
== Թատերական արհեստավարժ գործով ելոյթներ ==
Թատերական արհեստավարժ գործով ելոյթ կ՛ունենայ Անգլիոյ, Նիւ Եորքի, Միշիկընի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Հեռատեսիլի դրուագներէն մաս կը կազմէ՝ “Suddenly Susan”, “The Team Night Rider”, “Mad TV”, “24” եւ “Alias”-ին։
Իսկ ֆիլմերէն մաս կը կազմէ՝ “Assignment Berlin”, “Chickpeas”, “After Freedom”, “Must Love Dogs”, եւ «Summerland»ին։ Գալով բեմի վրայ խաղարկութեան, մաս կը կազմէ՝ Ճօ Քինկի բեմադրութեամբ, Շիրվանզատէի «Չար Ոգի» եւ Նշան Փարլաքեանի «Մեծ Մայր, Աղօթէ Ինծի Համար» թատերգութեանց մէջ։
== Գրիգոր Սաթամեանի գործունէութեան Յիսնամեակը ==
30 Հոկտեմբեր 2011-ին՝ ՀԲԸ Միութիւնը կը պատուէ Գրիգոր Սաթամեանին՝ տօնելով թատերական գործունէութեանս յիսնամեակը։
== Մենախօսութիւններ (One Man Show) ==
Կատակախառն մենախօսութիւնը առաջին անգամ ինք կը ներմուծէ հայկական արուեստի պատմութեան մէջ, 1984-ին՝ Նիւ Ճըրզիի մէջ։ Ցարդ՝ հանդէս եկած է երկտասնեակ մը մենախօսութիւններով, Ամերիկայի մէջ եւ Ամերիկայէն դուրս։ Այդ մենախօսութիւններով, սատարած է բազմաթիւ հայկական կազմակերպութիւններու նիւթական կարիքներուն։ Արխիւներուն մէջ կան եօթը մենախօսութիւններու տեսաերիզները եւ այժմ կ՛աշխատի ութերորդը արտադրելու համար։
Այդ օրէն ի վեր, Գրիգոր Սաթամեան իր զուարճալի մենախօսութիւններով այցելած է Ամերիկայի գլխաւոր նահանգները, աւելի քան 100 ելոյթներով, որոնց իւրաքանչիւրին ներկայ եղած են 250-700 հանդիսատեսներ։
== Գրիգոր Սաթամեանի բեմադրած թատերախաղերն ու դերակատարութիւնները ==
Ան բեմադրած է 83 թատերախաղեր եւ դեր ստանձնած է 86 թատերախաղերու մէջ, չորս լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն։
== Գնահատագիրներ եւ ոսկէ շքանշաններ ==
Գրիգոր Սաթամեան կը ստանայ գնահատագիրներ Սուրբ Էջմիածինէն, ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական Վարչութենէն, ինչպէս նաեւ տեղական քաղաքական պաշտօնատարներէն ու հայկական կազմակերպութիւններէն։
Արդարեւ, չորս թատերական եւ մշակութային հաստատութիւններ կը մեծարեն Գրիգոր Սաթամեանին, որպէս անխոնջ խնկարկու՝ հայ թատրոնին ու մշակոյթին։
Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2011-ին պատշաճ հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Գրիգոր Սաթամեանի թատերական եւ մշակութային գործունէութեան Ոսկեայ յոբելեանը, կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակային յանձնաժողովին։ Յոբելեարը յուշանուէրներով պարգեւատրեցին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովը, Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակային յանձնաժողովն ու «Արտաւազդ» թատերախումբի վարչութիւնը։
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը զինք պարգեւատրեց ոսկեայ մետալով, իսկ սփիւռքի նախարարութիւնը՝ «Ուիլիամ Սարոյեան» մետալով։ Սոյն առիթով հայրապետական օրհնութեան կոնդակ մը գրած էր Գարեգին Բ. կաթողիկոս։
18 Օգոստոս 2013-ին, ձեռամբ Երեւանի Յակոբ Պարոնեան թատերախումբի Գեղարուեստական ղեկավար Փրոֆէսոր Երուանդ Ղազանչեանի՝ կը ստանայ հետեւեալ մետալները։
Հայաստանի Թատերական Գործիչներու ոսկէ մետալ
Հայաստանի Թատերական Գործիչներու Արտաւազդ Մրցանակ
Ֆրիտիոֆ Նանսէնի Ոսկեայ Յուշամետալ
Հայ Երգարուեստի Միութեան Հասարակական Կազմակերպութեան Գոհար Գասպարեան ՅուշամետալՉորեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2017-ը պատմական օր մը հանդիսացաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Գեղարուեստական ղեկավար Գրիգոր Սաթամեանի համար։ Այդ օր ան արժանացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ շնորհուած Սբ. Սահակ-Սբ. Մեսրոպ շքանշանին։
== Աղբիւրներ ==
Հարցազրոյց Գրիգոր Սաթամեանի հետ
Գրիգոր Սաթամեան՝ Ի Պատուի
ՀԲԸՄ Սաթամեան Թատերախումբ
ՍԱԹԱՄԵԱՆ ՏԻՊԱՐԸ…
ՀԲԸՄ «Գրիգոր Սաթամեան» Թատերախումբը Հանդէս Պիտի Գայ «Թենոր Մը Կ՛ուզուի» Կատակերգութեամբ
«Գրիգոր Սաթամեան» Թատերախումբ
ԵՐԱԽՏԱՒՈՐԻ ՄԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄԸ Գրիգոր Սաթամեան |
19,007 | Մովսէս Թօփճեան | Մովսէս Թօփճեան (ծնած՝ 10 Յուլիս 1951-ին, Հալէպ, Սուրիա - Մահ՝ 9 Սեպտեմբեր 2020-ին, Հալէպ, Սուրիա։ Երգիչ, երգահան Մովսէս Թոփճեան հմտօրէն կը նուագէր դաշնամուր, օրկ, ձեռնադաշնակ, պուզուքի, սազ, եւ հարմոնիքա։ Հայերէն երգերու կողքին, երգած է միջազգային տարբեր լեզուներով՝ արաբերէն, անգլերէն եւ յունարէն։ Ան հմտօրէն կը խօսէր յունարէն լեզուն:
== Կենսագրութիւն ==
Մովսէս Թոփճեան կամ Թօփճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Հայրը՝ Ներսէս Թօփճեան, Այնթապցի, իսկ մայրս Իսկուհի Ճիպիլեան, Թոմարզացի։ Ուսումնական տարիները անցուցած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս։ Փոքր տարիքէն ունեցած է յատուկ սէր երաժշտութեան եւ երգարուեստին հանդէպ։ Վարպետ արուեստագէտներու հսկողութեամբ մարզուած եւ տիրացած է զանազան նուագարաններ գործածելու հմտութեան։ Երգարուեստի ուղին սկսած է մաս կազմելով ծննդավայրի երգչախումբերուն։
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իբրեւ դպիր ապա սարկաւագ ծառայելով, 1961-էն մինչեւ 1978, Մովսէս Թօփճեան իր մեծագոյն արժանիքը՝ հզօր ձայնն ու տաղանդը սպաս դրած է իր հայ եկեղեցական հոգեւոր մշակոյթին: Այն տարիներուն ծառայող քահանան՝ Տէր Կարապետ Նալպանտեանն էր։
1970-ին կը հիմնէ իր առաջին նուագախումբը, կը դառնայ նուագախումբին մեներգիչը՝ միաժամանակ օրկ նուագելով։
1974-ին ընդունուած է իբրեւ անդամ Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութեան (Սենտիքան), որուն ծառայած է հաւատարմօրէն։
1979-ին կ'ամուսնանայ արաբերէնի վաստակաշատ ուսուցչուհի Սիւզան Գաբրիէլեանին հետ, եւ անոնք կը բախտաւորուին երկու զաւակներով, դուստրը՝ Ալին, մանչը՝ Ներսէս: Ալինն ու Ներսէսը նոյնպէս օժտուած են երգի եւ նուագի շնորհներով:Ան մեծ ճանաչում ձեռք բերած է իբրեւ յունարէն երգի թիւ մէկ երգիչ վարպետօրէն մեկնաբանելով, եւ զուգահեռ հնչեցնելով ՊՈԻԶՈՒՔՔԻ-ի լարերը հարստացուցած է իր ելոյթներու երգացանկին յայտագիրը։ Աշխատած է Յունաստանի, «Ալիպապա» պանդոկին մէջ իբրեւ ամէնօրեայ երգիչ, 1981-էն մինչեւ 1983: Իսկ, Կիպրոսի մէջ, 1985-ին կը դառնայ «Աթլանթիքա» պանդոկի երգիչը:
Երգած է Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու ճաշարաններուն եւ պանդոկներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան, Լիբանան, Յորդանան, Եգիպտոս, Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ, Յունաստան եւ Կիպրոս։
Իր յօրինած երաժշտութեան երգերէն է՝ «100 տարի ետք» (100 Dari Yedk) խորագրով երգը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին: Կատարողութեամբ՝ Ալին Թօփճեան, խօսք՝ Շահանդուխտ, Գործիքաւորում՝ Ներսէս Թօփճեան, ձայնագրութիւն՝ Սդուտիօ Սեդօ Պաղտասարեան Լիբանան :
50 տարիներու երգարուեստի բեղուն կեանքը դադար կ’առնէ 2019-ին անակնկալ հիւանդութեան պատճառաւ եւ ան կը դադրի արուեստի գործունէութիւնէն։
Երաժշտական գործունէութեան 50-ամեակին առիթով, 21 Յունիս 2020-ին, համաշխարհային երաժշտութեան օրուան տօնակատարութեան ընթացքին, եւ առ ի գնահատանք իր երգարուեստի տարիներու բեղուն աշխատանքին, Մովսէս Թօփճեանը կը պարգեւատրուի Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութեան կողմէ իբրեւ վաստակաւոր երգահան երգիչ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
شبكة أخبار حلب العزيزية والسليمانية وما حولهما
حفل موسيقي لفرقة نغم الموسيقية احتفاءً بعيد الموسيقا العالمي ... وتكريم نخبة من رموز الفن والموسيقا في حلب 22 حزيران/يونيو
Երգահան, մեներգիչ, երաժիշտ, սարկաւագ եւ Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութեան Կողմէ պարգեւատրուած Հալէպահայ արուեստագէտ Մովսէս Թօփճեան
ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ. ԵՐԳԻՉ ՄՈՎՍԷՍ ԹՕՓՃԵԱՆԻ ՊԱՅԾԱՌ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան |
22,851 | Քիմի (Մեծ Յունաստան) | Քիմի կամ Քիմէ (հին յուն․՝ Κύμη, Κύμαι), յունական առաջին գաղթօճախը հիմնուած Իտալիոյ տարածքին, Ք․Ա․ 8-րդ դարուն Էվիացիներէն (Հալքիտա եւ Քիմի քաղաքներէն), Հարաւային Իտալիա (Մեծ Յունաստան), Քամփանիա շրջան (Նափոլիին հիւսիս-արեւմուտքը)։
== Պատմական ակնարկ ==
=== Քիմիին բարգաւաճը ===
Յունական առաջին գաղթօճախն է Իտալիոյ տարածքին։ Հիմնուած է Ք․Ա․ 8-րդ դարուն, յունական երկրորդ գաղթականութեան ժամանակ։ Քիմիին հիմնադիրներն են Էվիայի Հալքիտա եւ Քիմի քաղաքներուն բնակիչներ։ Ըստ Ստրապոնի անոնց ղեկավարներն էին Իփոքլիս (Քիմի) եւ Մենասթենի (Հալքիտա)։ Սկզբնական շրջանին անոնք կը հաստատուին Իսքիա կղզին, որ յոյները զայն անուանած են Փիթիքուսես Πιθηκούσσες։ Ապա կը հաստատուին դիմացի ափին՝ Քիմի։
Քիմի առաջին տարիներուն կը զարգանայ եւ քանի մը տարի ետք կը հիմնէ Զակլի գաղթօճախը՝ Սիչիլիա, հետագային Մեսինի (հին յուն․)։ Իսկ Ք․Ա․ 5-րդ դարուն կը հիմնէ Նափոլի գաղթօճախը, այժմ Նափոլի քաղաք։ Քիմիին բարգաւաճումը կ՛ անհանգստացնէ դրացի ցեղերը, որոնք դաշնակցելով վրան կը յարձակին, սակայն կը պարտուին (Ք․Ա․ 524-ին)․ Քիմիացիներուն ղեկավարն է Արիսթոտիմոս։ Վերջիններս կը դաշնակցին Սիրաքուսցիներուն հետ եւ Քիմիին նաւամարտին (Ք․Ա․ 474) կը յաղթեն Էթրուսքական նաւատորմիղը։
=== Քիմիին անկումը ===
Ք․Ա․ 421-ին տեղական Օսքի ցեղը Քիմին կը գրաւէ եւ ամբողջ շրջանը կ՛ ամայանայ։ Քիմիին բնակիչներէն շատեր կ՛ ապաստանին դրացի Նափոլի գաղթօճախը։ Ք․Ա․ 338-ին Քիմի կ՛ իյնայ Հռոմէացիներուն իշխանութեան տակ։
== Սիվիլա Քիմիացիին տաճարը ==
1932-ին հնագիտական պեղումներէն կը յայտնաբերուի Քիմիացի Սիվիլային տաճարը։ Սիվիլա Քիմիացին Քիմիի Ափոլոնայի պատգամատեղի քրմուհին էր։ Ան Հռոմէական աշխարհին ամենահռչակաւոր քրմուհին էր, ինչպէս յունական աշխարհին մէջ էրիթրէայի Սիվիլան էր (Էրիթրէա, Յոնիա․ Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ափերու յունական գաղթօճախ)։
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,864 | Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական | Հայաստանի ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը կը ներկայացնէ Հայաստանը ֆութպոլի միջազգային մրցաշարերուն եւ առանձին հանդիպումներուն ընթացքին։ Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք հաւաքականը իր առաջին միջազգային խաղը ունեցաւ Մոլտովայի ազգային հաւաքականին դէմ՝ 12 Հոկտեմբեր 1992-ին։
== Պատմութիւն ==
Հայաստանի անկախութենէն ետք՝ 18 Յունուար 1992-ին, հիմնադրուած է Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը, որ նոյն թուականին կապ հաստատած է ՖԻՖԱ-ին հետ, իսկ 1993 թուականին՝ ՈՒԵՖԱ-ին հետ: Հայաստանի ազգային հաւաքականի պատմութիւնը սկսած է 14 Հոկտեմբեր 1992-ին, երբ Հայաստանը խաղցած է Մոլտովայի հաւաքականին դէմ։ Հանդիպման ընթացքին ոչ մէկ կոլ արձնագրուած է։ 1996 թուականին Հայաստանի հաւաքականը կը դառնայ Եւրոպայի եւ աշխարհի առաջնութիւններու որակաւորման փուլերուն մասնակից: 1994 թուականէն սկսեալ Հայաստանը մասնակցած է ՈՒԵՖԱ «Եուրոբայ Լիկ»ին եւ ՖԻՖԱ Աշխարհի առաջնութեան բոլոր որակաւորման փուլերուն:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի առաջին գլխաւոր մարզիչը եղած է Խորհրդային Հայաստանի ֆութպոլի աստղ Էտուարտ Մարկարովը: ՈՒԵՖԱ-ի յոբելեանական մրցանակի դափնեկիր եւ նախկին ֆութպոլիստ Խորէն Յովհաննիսեանը նոյնպէս եղած է Հայաստանի հաւաքականի մարզիչ։ Սկզբնական շրջանին հաւաքականի մարզիչներէն շատերը այդ պաշտօնով կը մնային երկու տարի։ 2006 թուականին Հայաստանի հաւաքականի մարզիչ կը դառնայ շոթլանտացի Իան Փորթերֆիլտը, որուն շնորհիվ խումբը կը հասնի իր առաջին յաջողութիւններուն։ Հայաստանի հաւաքականը կ'ունենայ յաղթական խաղեր Ղազախստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին դէմ (2:1) եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին դէմ (1:0), իսկ Փորթուկալի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին դէմ խաղը, որուն կը մասնակցէր նաեւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօն, կ'աւարտի 1:1 արդիւնքով։
Սակայն 62 տարեկան Փորթերֆիլտը կը մահանայ քաղցկեղէն՝ կիսատ ձգելով իր գործը։ Փորթերֆիլտէն ետք հաւաքականի մարզիչը կը դառնայ անոր օգնականը՝ Վարդան Մինասեանը, որ շատ բան սորված էր Փորթերֆիլտէն եւ Սամուէլ Դարբինեանէն: 10 Փետրուար 2009-ին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի հրամանով Վարդան Մինասեանը կը նշանակուի հաւաքականի մարզիչ: «ՈՒԵՖԱ Եուրօ 2012» ընտրական փուլի ընթացքին Մինասեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի հաւաքականը «ՈՒԵՖԱ Եուրօ 2012» ընտրական B խումբին մէջ կը հանդիսանայ Ռուսաստանի, Սլովաքիայի, Իռլանտայի, Մաքետոնիայի եւ Անտորրայի հաւաքականներուն դէմ։ Հայաստանի հաւաքականը երկու հանդիպումներուն ալ կը յաղթէ Սլովաքիայի (4:0 եւ 3:1) եւ Անտորրայի (4:0 եւ 3:0) հաւաքականներուն։ Մաքետոնիայի հաւաքականին հետ խաղերը կ'աւարտին 2:2 եւ 4:1, իսկ Ռուսաստանի հետ հանդիպումը՝ 0:0 արդիւնքով։ B խումբին մէջ ամենաշատ կոլերը դրած էր Հայաստանի հաւաքականը (22 կոլ), իսկ Հենրիխ Մխիթարեանը դրած էր 6 կոլ՝ դառնալով B խումբին ամենաշատ կոլ դրած ֆութպոլիստը:
== Մարզադաշտեր ==
«Հրազդան» մարզադաշտը կառուցուած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի ֆինանսական աջակցութեամբ 1970-1971 թուականներուն՝ 11 ամսուայ ընթացքին: Կը գտնուի Հրազդան գետի ափին, որուն անունով ալ կոչուած է: Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 19 Մայիս 1971-ին: Խորհրդային տարիներուն եղած է ԽՍՀՄ ամենամեծ մարզադաշտերէն մէկը եւ քիչ թիւով երկհարկանի մարզադաշտերէն մէկը: 1978 թուականին ԽՍՀՄ հաւաքականը այս մարզադաշտին մէջ ունեցած է երկու խաղ. որոնցմէ մէկը Ապրիլ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած է ընկերական խաղ մը Ֆինլանտայի հաւաքականին դէմ (10:2 ԽՍՀՄ), իսկ 6 ամիս ետք Եւրոպայի առաջնութեան նախընտրական փուլի շրջանակներուն մէջ ԽՍՀՄ հաւաքականը խաղցած է Յունաստանին դէմ (2:0 ԽՍՀՄ): Ֆինլանտայի հաւաքականին դէմ խաղին ներկայ եղած է 12 000 հանդիսաւոր, իսկ Յունաստանի հաւաքականն դեմ խաղին՝ 40 հազար հանդիսաւոր:
== Մարզիչներ ==
29 Մայիս 2016
Խ = Խաղեր; Յ = Յաղթանակներ; Ո = Ոչ-ոք յաղթած է; Պ = Պարտութիւններ; Կ = Կոլեր; ԿԿ = Կորսնցուցած կոլեր1. Գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնավար
== Հաւաքականի կազմ ==
26 Մայիս 2014
Գլխաւոր մարզիչ՝
==== Ներկայ կազմ ====
==== Ներկայ կազմ ====
== Հաւաքականը ՖԻՖԱ-ի դասակարգման աղիւսակին մէջ ==
== Վերջին խաղեր ==
== Հայաստանը այլ ազգային հաւաքականներուն դէմ ==
14 Յունիս 2015
== Վիճակագրութիւն ==
16 Հոկտեմբեր 2013Մուգ տառերով նշուած են այն ֆութպոլիստները, որոնք կը հանդինան հաւաքականին մէջ
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Հայաստանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնի կայքը |
4,073 | Հետաքրքրութիւն (յոյզ) | Հետաքրքութիւնը զգացում կամ վրդովմունք մըն է որ ուշադրութիւն կը գրաւ է նիւթի մը շուրջ։ Ժամանակից հոգեբանութեան մէջ, «հետաքրքութիւն» բառը կը գործածուի որպէս ընդհանուր մտապատկեր, որ կարողութիւնը ունի շրջապատելու ուրիշ յատուկ հոգեբանական գոյականներ, ինչպէս անակնկալ:
Հետաքրքութեան յոյզը ունի իր յատուկ դէմքի արտայատութիւնները, եւ անոնց ամէնէն նկատելին է ունենալ ընդլայնուած բիբ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
15,102 | Դնեպր | Դնեպրո, (Կաղապար:Lang-ua), քաղաք, Ուկրանիայի Դնեպրոպետրովսկի մարզի կեդրոնը, Դնեպրոպետրովսկի մարզի կեդրոնը, բնակչութեան թիւով Ուկրաինայի չորրորդ քաղաքը՝ Կիևեն, Խարկովեն եւ Օդեսայեն յետոյ։ Ուկրաինայի խոշորագոյն արդյունաբերական, տրանսպորտային, տնտեսական կեդրոններեն մէկն է, մետալուրգիայի կեդրոնը եւ Ուկրաինայի տիեզերական մայրաքաղաքը։ Հատկապես զարգացած է գունավոր մետալուրգիան, մետաղամշակումը, մեքենագործութիւնը եւ արդյունաբերութեան այլ ծանր ճիւղերը։
== Բնակչութիւն ==
== Կլիմա ==
== Ծանոթագրութիւններ ==
== Արտաքին հղումներ ==
«Dnipropetrovsk News Site. Map of city.»
«Welcome to Dnipropetrovsk!» (անգլերէն)
stroitel.dp.ua - Construction site of Dnipropetrovsk
«Dnipropetrovsk City Portal» |
20,364 | Սահակ Բ. Խապայեան | Սահակ Բ. Խապայեան, Գաբրիէլ Կարապետ Խապայեան, (25 Մարտ, 1849, Եղէգի գիւղ Խարբերդ-1939, Անթիլիաս), Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոս 1902-1939։
== Կեանքը ==
Ուսումը ստացած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբայ վանքին ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ (1867-1868):
1869-ին սարկաւագ ձեռնադրուած է:
Ուսումը կատարելագործելու նպատակով ղրկուած է Պոլիս եւ երկու տարի ետք (1869-1871) վերադառնալով Երուսաղէմ Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ուսուցիչ նշանակուած է:
3 Յուլիս 1877-ին Եսայի պատրիարքին ձեռամբ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ:
1874-1881 եղած է «Սիոն» ամսագիրին խմբագիրը եւ տպարանի տեսուչը: Որոշ շրջան մըն ալ եղած է Տնօրէն ժողովի անդամ եւ Միաբանական ընդհանուր ժողովի ատենապետ:
1881-1886 նուիրակի պաշտօնով գործած է Կովկասի մէջ։
10 Յունուար 1885-ին ընտրուած է լուսարարապետ, իսկ 24 Նոյեմբերին Մակար Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ Ս. Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։
== Սահակ Բ. կաթողիկոսը ==
Քաղաքական պայմաններու հետեւանքով կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիոյ զանազան շրջաններուն մէջ հաստատուելէ ետք 1295-ին իր կայքը հաստատած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ:
Մկրտիչ Ա. կաթողիկոս Քէֆսիզեանի վախճանումէն ետք (1894 նոյեմբեր), Կիլիկիոյ Աթոռը թափուր կը մնար, մինչեւ որ 12 Հոկտեմբեր 1902-ին Կիլիկեան տասնհինգ թեմերու 62 պատգամաւորներու միաձայնութեամբ կաթողիկոս կ'ընտրեն Սահակ եպիսկոպոսը: Կաթողիկոսական օծումը տեղի կ'ունենայ 23 Ապրիլ, 1903-ին, Սիսի մայրավանքին մէջ:
Սահակ կաթողիկոս եռանդուն աշխատանք կը տանի անշքացած վիճակի մատնուած մայրավանքը բարելաւելու ուղղութեամբ եւ 1906-ին կը վերաբանայ դպրեվանքը:
1909-ին տեղի կ'ունենայ Ատանայի կոտորածը:
1915-ին կ'աքսորուի Հալէպ եւ հոնկէ` Երուսաղէմ, իբրեւ նորահնար կաթողիկոս պատրիարք:
1917-ին կ'աքսորուի Դամասկոս եւ պատերազմի աւարտէն ետք, Եղեռնէն վերապրած աքսորական ժողովուրդին հետ 1919-ին կը վերադառնայ Կիլիկիա:
1920 Փետրուարին կը պատահի Մարաշի աղէտը, Սիս կը պարպուի Յունիսին, իսկ Հոկտեմբերին, ութամսեայ դիւցազնամարտէ մը ետք կ'իյնայ Հաճընը: Սահակ կաթողիկոս Փարիզ կ'երթայ Կիլիկիոյ դատը պաշտպանելու համար, բայց ապարդիւն:
1921-ին Օսմանեան թուրք կառավարութիւնը երկու օրուան պայմանաժամ կու տայ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին վերջնականապէս հեռանալու կաթողիկոսարանէն: Սահակ կաթողիկոս ինչ որ կրնար իբրեւ կրօնական ու մշակութային թանկագին գանձեր (ձեռագիր, հնատիպ, ծիսական սպասներ, ներառեալ` միւռոնի կաթսան) իրեն հետ առնելով, իր փոքրաթիւ միաբանութեամբ կը բռնէ գաղթի ճամբան: Վեհափառը յաջորդաբար կը հաստատուի Երուսաղէմ, Հալէպ, Դամասկոս, Կիպրոս եւ 1930-ին` Անթիլիաս: Իբրեւ հոգեւոր պետ՝ ան միշտ սատարած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ապաստանած հայութեան։
1930-ին կը հաստատուի Անթիլիաս- Լիբանան։
Ազգասէր, համակրելի ու ժողովրդական դէմք, Սահակ կաթողիկոս միշտ ժողովուրդին կողքին կը մնայ եւ անոր հետ կը ճաշակէ գաղթականի բոլոր դառնութիւններն ու տառապանքները: Իր անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը կը վերընձիւղի եւ Անթիլիասի որբանոցը կը դառնայ հայ հոգիի, միտքի ու մշակոյթի դարբնոց: 1930-ին է, որ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս Անթիլիասի մէջ կը հիմնէ դպրեվանքը, որ տարագիր ու ցեղասպանեալ ժողովուրդին համար կը հանդիսանայ հաւատքի առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան փարոս:
Ան կը հիմնէ նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարան, ուր իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն կը թրծուին հայ մանուկին միտքն ու հոգին առաքելական սուրբ ճաճանչներով:
Կիլիկիոյ տարագիր հայութիւնը 18 Յունիս 1933-ին Անթիլիասի մէջ մեծ շուքով կը տօնէ Սահակ Բ. կաթողիկոսին գահակալութեան 30-ամեակը. այս առիթով լիբանանեան պետութիւնը եւ ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնը կը պատուեն հայոց հայրապետը:
Նկատի ունենալով իր յառաջացած տարիքը, Սահակ Բ. կը խրախուսէ աթոռակից կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը: Բաբգէն Ա.Կիւլէսէրեան կը դառնայ Սահակ կաթողիկոսին աթոռակիցը 1931-էն մինչեւ վերջինիս մահը՝ 1936:
Տ. Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս եւ Տ. Բաբգէն Աթոռակից կաթողիկոս 1931-ին կը հաստատեն կաթողիկոսարանի ուխտի օրը` Սրբատառ Հայրապետական կոնդակով մը:
Սահակ կաթողիկոսին անունով կոչուած է Պէյրութի Սահակեան վարժարանը (ներկայիս փակուած)։
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,338 | Բիւրեղ | Բիւրեղային նիւթեր՝ հանքանիւթեր են, որոնց բաղադրիչները (հիւլէներ, մասնիկներ, իոններ) դասաւորուած են խիստ կարգաւորուած մանրադիտական կառոյցով մը՝ կազմելով բիւրեղային ցանց մը, որ կը տարածուի բոլոր ուղղութիւններով: Բիւրեղացանցերը, ըստ մասնիկներու տեսակին եւ անոնց միջեւ փոխյարաբերութեան բնոյթին կ'ըլլան իոնային, հիւլէական, մասնիկային եւ մետաղային։ Եթէ ցանցին հանգոյցներուն մէջ իրարու հետ իոնային կապով միացած իոններ են, այդպիսի բիւրեղացանցը կը կոչուի իոնային։ Իոնային կապի մեծ ուժին պատճառով շատ դժուար է այդպիսի ցանցերը քանդել, որուն շնորհիւ իոնային նիւթերը ունին հալման բարձր ջերմաստիճաններ եւ կը լուծուին միայն բեւեռային լուծիչներուն մէջ, օրինակ՝ ջուրին մէջ։ Իոնային բիւրեղացանցը բնորոշ է աղերուն։ Հիւլէական բիւրեղացանցը բնորոշ է, օրինակ, բնածուխի տարաձեւերուն՝ ադամանդ եւ ուրուաքար։ Հիւլէական բիւրեղացանց կը յառաջացնեն ո՛չ միայն որոշ պարզ նիւթեր, այլեւ շարք մը երկտարր միացութիւններ։ Մասնիկային բիւրեղացանց կը յառաջացնեն մասնիկները։ Բնական է, որ այդպիսի նիւթերը կը հալին բարձր ջերմաստիճանի ազդեցութեան տակ։ Անոնց մէջ կան նոյնիսկ այնպիսիները, ինչպէս, օրինակ՝ Ι2, CO2, որոնք պինդ վիճակէն անմիջապէս կ'անցնին գոլորշի վիճակի։
== Բիւրեղային Կառուցուածք ==
Բիւրեղին գիտական բնորոշումը հիմնուած է անոր ներսը հիւլէներու համաչափութեան վրայ: Բիւրեղը պինդ մարմին մըն է, որուն մէջ հիւլէներն ունին պարբերական դասաւորման ձեւ մը:
Բոլոր պինդ մարմինները բիւրեղներ չեն: Օրինակ, երբ հեղուկ ջուրը կը սկսի սառիլ, վիճակին փոփոխութիւնը կը սկսի բազմաբիւրեղային կառուցուածք ձեւաւորել պզտիկ սառոյցի բիւրեղներէ: Աւարտին պզտիկ բիւրեղահատիկներէն իւրաքանչիւրը կանոնաւոր բիւրեղ մըն է հիւլէներու պարբերական դասաւորումով, սակայն, ամբողջ բազմաբիւրեղը հիւլէներու նման կառուցուածք չունի, որովհետեւ պարբերական պատկերը կ'ընդհատուի հատիկներու սահմաններով: Մանրադիտական անօրկանական պինդ մարմիններէ շատեր, որոնք կը կոչուին «ապակենման», ոչ բիւրեղային են: Ասոնց նոյնիսկ՝ մանրադիտական կառուցուածքը պարբերական դասաւորում մը չունի: Ապակիի ձեւաւորման ատեն, բարձր ջերմութեան տակ, յստակ տարբերութիւն կայ բիւրեղային եւ ամորֆ պինդ մարմիններու միջեւ. բիւրեղային մարմինները չեն անջատուիր, իսկ ամորֆ պինդ մարմինները կ'անջատուին:
Հիւլէներու բիւրեղային դասաւորումը կը բնութագրէ անոնց «միաւոր բջիջով», պզտիկ երեւակայական արկղիկով մը, որ կը պարունակէ մէկ կամ աւելի հիւլէներ իւրայատուկ տարածական դասաւորումով: Միաւոր բջիջները դասաւորուած են եռաչափ տարածութեան մը մէջ, բիւրեղ ձեւաւորելով:
Բիւրեղին համաչափութիւնը սահմանափակ է այն իմաստով, որ բջիջներու կոյտը արանքներ պէտք չէ ունենայ: Գոյութիւն ունի բիւրեղներու 219 հնարաւոր համաչափութիւններ, որոնք կը կոչուին բիւրեղագծապատկերային տարածական խումբեր: Ասոնք խմբաւորուած են 7 բիւրեղային համակարգերու մէջ, այնպէս, ինչպէս խորանարդային բիւրեղային համակարգը (որուն մէջ բիւրեղները ունին խորանարդի կամ շեղանկիւն արկղիկներու տեսք, ինչպէս որ հալիթի բիւրեղի պարագան է), կամ վեցանկեան բիւրեղային համակարգ մը (որուն մէջ բիւրեղները ունին վեցանկիւն տեսք մը, ինչպէս ջուրի սառոյցինն է):
== Բիւրեղներուն Նիստերը Եւ Ձեւերը ==
Բիւրեղները ծանօթ են իրենց ձեւերով, որոնք կը պարունակեն սուր անկիւններով հարթ նիստեր: Այս ձեւը անհրաժեշտութիւն մը չէ բիւրեղին համար, որովհետեւ բիւրեղը գիտականօրէն կը բացատրուի իր մանրադիտական հիւլէական դասաւորումով եւ ոչ թէ խոշորացոյցով դիտուած ձեւերով, սակայն, բնութագրական խոշորացոյցով դիտուած ձեւը յաճախ դիւրութեամբ կ'երեւի:
Նստուածք ունեցող բիւրեղները անոնք են, որոնք ունին յստակ երեւցող, լաւ ձեւաւորուած հարթ նիստեր, իսկ նստուածք չունեցող բիւրեղները չունին, որովհետեւ բիւրեղը այս պարագային ամբողջական հատիկ մըն է:
Հարթ նիստերը դասաւորուած են յատուկ կարգով մը, կապուած բիւրեղի ներսի հիւլէներու դասաւորման հետ: Ասոր շնորհիւ է, որ կարգ մը նիստերը միւսներէն աւելի կայուն կ'ըլլան: Բիւրեղներու աճին զուգահեռ նոր հիւլէները կը միանան ազատօրէն, անկարգ եւ նուազ կանոնաւոր մակերեւոյթ ձեւաւորելով: Այսպիսով, հարթ նիստերը կը դառնան երկար եւ փափուկ:
== Բնութեան Մէջ Հանդիպող Կիսաթանկարժէք Բիւրեղներ ==
== Գրականութիւն ==
Howard J. Michael, Darcy Howard (Illustrator) (1998)։ «Introduction to Crystallography and Mineral Crystal Systems»։ Bob's Rock Shop։ արտագրուած է՝ 2008-04-20
Krassmann Thomas (2005–2008)։ «The Giant Crystal Project»։ Krassmann։ արտագրուած է՝ 2008-04-20
«Քիմիա 10. ընդհանուր եւ բնագիտամաթեմատիկական հոսքեր», Ա. Խաչատրեան, Լ. Սահակեան
Зоркий П. М. Симметрия молекул и кристаллических структур. М.։ изд-во МГУ, 1986. - 232 с.
Савельев И. В. Курс общей физики. М.։ Астрель, 2001. ISBN 5-17-004585-9.
Банн Ч., Кристаллы, пер. с англ., М., 1970;
== Ծանoթագրութիւններ == |
23,145 | Նոր Գիր | «Նոր Գիր», գրականութեան եւ արուեստի ամսագիր (1939 թուականէն՝ եռամսեայ հանդէս)։ Լոյս տեսած է 1936-1954 թուականներուն, Նիւ Եորքի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Անդրանիկ Անդրէասեան, Բենիամին Նուրիկեան։ Ներկայացուցած է հայ գրականութիւնն ու արուեստը, տպագրած Հայաստանի եւ սփիւռքի գրողներու ստեղծագործութիւններ։ Ունեցած է տեսական ուսումնասիրութիւններու բաժին։ Առանձին համարներ նուիրած է Կոմիտասին, Յակոբ Օշականին, նկարիչ Ս. Խաչատուրեանին։ Թարգմանաբար ներկայացուցած է նաեւ էջեր համաշխարհային գրականութենէն։ |
21,912 | Տիգրան Խրլոբեան | Տիգրան Գեւորգի Խրլոբեան (20 Հոկտեմբեր 1890(1890-10-20), Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 22 Նոյեմբեր 1968(1968-11-22), Պէյրութ, Լիբանան), հասարակական, մշակութային գործիչ, մանկավարժ, խմբագիր։
== Կենսագրութիւն ==
Կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցին մէջ, ապա՝ Թուրքիոյ Կեդրոնական Քոլէճին մէջ եւ Աթէնքի համալսարանին մէջ (1923-1927)։ Ուսուցիչ եւ տնօրէն եղած է Այնթապի, Հալէպի, Գըրքխանի, Պէյրութի հայկական դպրոցներուն մէջ։
Պէյրութի մէջ հիմնադրած է հայկական ուսուցչանոցը (1948), Հայկազյէան քոլէճի հայագիտական ամպիոնը եւ մատենադարանը (1955, այժմ կը կրէ Խրլոբեանի անունը)։
Մասնակցած է Սովետական Հայաստանի հետ մշակութային կապի ընկերութեան, ներգաղթ կոմիտէի աշխատանքներուն, եղած է Այնթապի եւ Հալէպի աշխատավորական երեկոյեան եւ կիրակնօրեայ լսարաններու, ուսումնասիրաց ընկերութեան հիմնադիրներէն։
Խմբագրած է՝
«Նոր աւետաբեր» (Հալէպ, 1927-1934),
«Աւետաբեր» (Պէյրութ, 1949-50) պարբերականները։Հեղինակ է՝
«Բարոյավէպեր» (1931, պատմուածքներու ժողովածու),
«Ոսկեմատեան» (հ. 1-2, 1950-1951) գործերու։Թղթակցած է՝
«ժողովրդի ձայն»,
«Զարթոնք»,
«Եփրատ»,
«Հայաստանի կոչնակ» թերթերուն եւ «Սովետական մանկավարժ» պարբերականին։
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,671 | Խոր Վիրապ | 39.8783°N 44.5761°E / 39.8783; 44.5761
Խոր Վիրապ, Խոր Վիրապի վանք, ճարտարապետական յուշարձան, 17-րդ դարու վանք-ամրոց Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Ոստան Հայոց գաւառին մէջ, Արաքս գետին ձախ կողմը, Փոքր Վետի գիւղին մօտ, պատմական Արտաշատ քաղաքին մօտակայ բլուրներէն մէկուն վրայ (այժմ՝ Հայաստանի Արարատի մարզի Լուսառատ գիւղին մօտ, 1 քմ Հիւսիս-Արեւմուտք)։ Եղած է Գրիգոր Լուսաւորիչի նուիրուած նշանաւոր ուխտատեղիներէն մէկը։
== Պատմութիւն ==
Վիրապը օձերով, թունաւոր միջատներով լեցուն խոր փոս էր, ուր ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած ոճրագործներուն։ Ըստ Ագաթանգեղոսի, Տրդատ Գ.ը թագաւորը քրիստոնեաներու հալածանքի շրջանին Գրիգոր Լուսաւորիչին նետած է Արտաշատի արքունական բանտի գուբը, ուր Լուսաւորիչը ապրած է մօտ 14 տարի։ Լուսաւորիչը Խոր վիրապէն դուրս գալէն ետք, ստանալով արքայի աջակցութիւնը, քրիստոնէութիւնը կը դարձնէ Հայաստանի պետական կրօն։
Մօտ 642-ին Ներսէս Գ. կաթողիկոսը սրբազան վիրապին վրայ կը կառուցէ մատուռ մը, որ, ճարտարապետ Մ. Մնացականեանի կարծիքով, 10-րդ դարու արաբ պատմիչ Ալ-Մուքատտասիի նկարագրած՝ սպիտակ կրաքարէ, ներսը 8 սիւներով, բոլորաձեւ կեդրոնակազմ կառոյցն է։ Մատուռը իր ծաւալատարածական կազմով եւ կառուցուածքային սկզբունքով որոշ նմանութիւն ունեցած է Զուարթնոցին։ Աւերուած շինութեան տեղը 1662-ին կառուցուած է մատուռ մը, որ կանգուն է մինչեւ օրս։ Մատուռի Աւագ խորանէն աջ գտնուող մտոցը ուղղաձիգ աստիճաններու (ներկայիս՝ մետաղեայ) միջոցով կը տանի ներքնայարկ, ուր 4,4 մ տրամագիծով, 6 մ խորութեամբ, գմբէթանման գոգաւոր ծածկով վիրապն է։ Ամբողջ համալիրէն կիսաաւերակ տեսքով պահպանուած է նաեւ բուրգաւոր պարիսպը, որուն պատերուն երկայնքով տեղադրուած են սեղանատունը, վանական խուցերը եւ այլ օժանդակ վանքային կառոյցներ։ Պարսիպէն ներս, կեդրոնը, Ս. Աստուածածին գլխաւոր եկեղեցին է, որուն արեւմուտեան մասին կից կառուցուած է զանգակատունը։
13-րդ դարէն սկսեալ Խոր Վիրապը բացի կարեւոր սրբատեղի ըլլալէն, դարձած է կրթութեան եւ գիտութեան համահայկական կեդրոն. 1255-ին Վարդան Արեւելցին վանքին մէջ կը հիմնէ բարձրագոյն դպրոց, որուն նշանաւոր սաներէն կը դառնայ Վարդան Արեւելցին, Եսայի Նչեցին, Յովհաննէս Երզնկացին, Գէորգ Սկեւռացին, Ներսէս Մշեցին, որ յետագային Խոր Վիրապի դպրութիւնը բարձրացուց նոր մակարդակի։
16-րդ դարուն Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական ծանր դրութեան պատճառով վանքին շինութիւնները կը վնասուին։ 1666-1669 թուականներուն Դաւիթ վրդ. Վիրապեցին կը վերաառուցէ վանքին պարիսպները եւ ներսը գտնուող շինութիւնները։
1669-ին սկսած են վիրապէն հողահանութեան աշխատանքները եւ անոր վրայ 14-րդ դարուն կառուցուած մատուռի փոխարէն Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ կառուցումը։ Վիրապը ունի մօտ 4.5 մ տրամագիծ եւ 6.5 մ խորութիւն։ Այն արտաքուստ գոտեւորուած է կրաքարէ սալերով, ունի արձանագրութիւններ, բարձրաքանդակներ։
1703-ին աւարտին հասած է կեդրոնական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնովին վերակառուցումը։ 19-րդ դարու վերջին այդ եկեղեցւոյ արեւմտեան ճակատին կից կառուցուած է սիւնազարդ զանգակատունը։
1970-1980-ականներուն Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ջանքերով նորոգուած են վանքին պարիսպներն ու այլ շինութիւնները։
== Պատկերասրահ ==
== Գրականութիւն ==
Ագաթանգեղոս, Հայոց պատմութիւն, Երեւան, 1983։
Կ. Մաթեւոսեան, «Խոր Վիրապի վանքը եւ անոր գրչական կեդրոնը», Էջմիածին, 1997, 2-3։
«Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարան, Երեւան, 2002։
Ալիշան Ղեւոնդ, Այրարատ, Վնտ., 1890, էջ 435-440։
== Արտաքին յղումներ ==
Խոր Վիրապը avproduction.am կայքին մէջ
ՀՀԻ, Կրօն համացանցային նախագիծ, Խոր Վիրապի վանք: |
1,899 | Եղիշէ Ասծատրեան | Եղիշէ Թեւոսի Ասծատրեան (21 Օգոստոս (3 Սեպտեմբեր), 1914, Ճարտար, Ելիզաւեթփոլի նահանգ, Ռուսիոյ կայսրութիւն - 2 Դեկտեմբեր, 2008, Երեւան), պետական–կուսակցական աշխատող։ Գիտարուեստական գիտութիւններու թեկնածու (1968)։ ԽՄԿԿ անդամ (1944)։
== Կենսագրութիւն ==
Եղիշէ Ասծատրեան, ծնած է Ճարտար գիւղին մէջ։ Աւարտած է Ճարտարի Եօթնամեայ դպրոցը, այնուհետեւ սորված է Պաքուի հայկական դպրոցին մէջ։ 1932-1938 թուականներուն սորված է Թիֆլիսի Անդրկովկասեան ճարտարարուեստական հիմնարկին մէջ, ստացած է լեռնային ճարտարագէտի որակաւորում։ 1938-1939 թուականներուն հիմնարկը զայն ուղարկած է Տոնպասի հանքավայրերէն մէկը, աշխատած է որպէս տեղամասի պէտի օգնական, ապա՝ աւագ ճարտարագէտ, նաեւ թիւ 19 հանքի գլխաւոր ճարտարագէտ։ 1939-1946 թուականներուն աշխատած է Մոնկոլիայի մէջ, եղած է վստահութեան գլխաւոր ճարտարագէտ, այնուհետեւ՝ արդիւնաբերութեան եւ շինարարութեան նախարարութեան մէջ՝ որպէս խորհրդական։ 1947-1950 թուականներուն եղած է Երեւանի ալյումինի «Կանազ» գործարանի շինարարութեան տեղաւորութեան վարչութեան պէտի տեղակալ, պետ։ 1952-էն սկսեալ աշխատած է որպէս ՀԿԿ Երեւանի կրօնական խնամակալութեան քարտուղար, այնուհետեւ՝ ՀԿԿ Երեւանի Լենինեան շրջկոմի առաջին քարտուղար։ 1960–1962 թուականներուն եղած է ՀԽՍՀ ժողտնտխորհի նախագահ, ապա ՀԿԿ Կենտկոմի քարտուղար եւ ՀԽՍՀ Մինիստրներու խորհուրդի նախագահի տեղակալ։ Լայն գործունէութիւն ծաւալած է արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու արմատական վերակառուցման, նոր արուեստագիտութեան արմատաւորման, երկրի բոլոր շրջաններուն մէջ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու մասնաճիւղերու կառուցման, շարք մը ՋԷԿ-երու ու գործարաններու հիմնադրման բնագաւառին մէջ։ 1966-էն սկսեալ ՀԽՍՀ ժողովրդական վերահսկողութեան կոմիտէի նախագահն է։ ՀԿԿ Կենտկոմի անդամ է 1954-էն սկսեալ, պիւրոյի անդամ՝ 1960-էն սկսեալ, պիւրոյի անդամութեան թեկնածու 1966-էն սկսեալ։
Ընտրուած է ԽՄԿԿ XXII եւ ՀԿԿ XVII–XXV համագումարներու պատգամաւոր, ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի VI եւ ՀԽՍՀ IV, V, VII եւ VIII գումարումներու Գերագոյն սովետի պատուիրակ։
== Պարգեւներ ==
Լենինի շքանշան
Աշխատանքային կարմիր դրօշի երկու շքանշան
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշան, 2004
== Յիշատակ ==
Երեւանի մէջ տեղադրուած է Եղիշէ Ասծատրեանի նուիրուած յուշատախտակ
Եղիշէ Թեւոսովիչի անունը ընդգրկուած է Անգլիոյ մէջ հրատարակուող «Ով ով է» համաշխարհային կենսագրական տեղեկատուին մէջ
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,315 | Հրանդ Սրմաքէշեան | Հրանդ Սրմաքէշեան (մօտաւորապէս 1888, Կոստանդնուպոլիս - 8 Յունուար 1915), հայ բժիշկ։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է մօտաւորապէս 1888 թուականին, Կոստանդնուպոլիս։ 1913 թուականի Յուլիս 17-ին աւարտած է Փարիզի համալսարանի բժշկական բաժինը։
Մուսուլի կեդրոնական հիւանդանոցի բժիշկ եղած է։
Մահացած է 1915 թուականի Յունուար 8-ին, ժանտախտէն։
== Գրականութիւն ==
Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940), Սթանպուլ, 1940։
== Աղբիւրներ ==
Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։ |
904 | 331 (թիւ) | 331 (երեք հարիւր երեսունմեկ) կենտ եռանիշ բնական թիւ է 330-ի եւ 332-ի միջեւ
== Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ ==
A000040 վաթսունեօթներորդ պարզ թիւն է
A034964 հինգ յաջորդական պարզերու գումար է՝ 330=59+61+67+71+73
Alt 331 գործադրելիս կը ստացուի K գլխատառը
տարուայ 331րդ օրն է Նոյեմբեր 28-ը (նահանջ տարիներուն՝ Նոյեմբեր 27-ը)
331 Եթերիճէյեա աստեղնեակի կարգային թիւն է
331 մ/եկվ է ձայնի արագութիւնը
== Ծանօթագրութիւններ == |
5,386 | Չարթըր | Չարթըր (ֆրանսերէն՝ Chartres) քաղաք Ֆրանսայի հիւսիսը։ Ան կը գտնուի Փարիզէն 96 քմ հեռաւորութեան վրայ՝ «Էր» գետի ափին։ Բնակչութիւնը 40361 մար կը հաշուէ, քաղաքամերձ տարածքներով՝ 87 800 բնակիչ (1999)։ Քաղաքին մէջ զարգացած է մեքենաշինութիւնը, քիմիական եւ սնունդի արտադրութիւնը։
Քաղաքը 9–րդ դարուն, բազմաթիւ անգամ ենթարկուած է Վիքինկներու յարձակումներուն։
1594 թուականին Չարթըրի մէջ թագադրուած է Պուրպոնների հարստութեան թագաւոր Հենրիխ 4–րդը։
== Բնակչութիւն ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
18,068 | Պերլինի Վեհաժողով | Պերլինի վեհաժողով, 1 Յունիս 1878-էն (13 Յունիս) առ 1 Յուլիսը (13) կայացած միջազգային վեհաժողով, որ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Աւստրոյ-Հունգարիոյ ջանքերու արդիւնքով հրաւիրուածէր Սան-Ստեֆանոյի պայմանագրի վերանայման նպատակով Պերլինի մէջ։ Մասնակից պետութիւններն էին՝ Ռուսաստանը, Օսմանեան կայսրութիւնը, Անգլիան, Աւստրոյ-Հունգարիան, Ֆրանսան, Իտալիան եւ Գերմանիան։ վեհաժողովը աւարտած է փաստաթուղթի ընդունմամբ, որ պատմութեան մէջ մտած է Պերլինի դաշնադրութիւն անունով։ վեհաժողովի արդիւնքներէն մէկը այն էր, որ Արեւմտեան Հայաստանի հարցը միջազգային դիւանագիտութեան մէջ մտաւ որպէս «Հայկական հարց»։
== Պերլինի վեհաժողովն ու հայերը ==
Մկրտիչ Խրիմեանը կը մասնակցի Պերլինի վեհաժողովին որպէս Օսմանեան կայսրութեան հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչ։ Խրիմեանը վեհաժողով կը ներկայացնէ Գրիգոր Օտեանի կազմած Հայաստանի «Ինքնավարութեան ծրագիրը», որու հաստատուելու պարագային կը ճանչցուէր Հայաստանի անկախութիւնը Օսմանեան կայսրութենէն։ Աւստրոյ-Հունգարիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Անտրաշին կ՚առաջարկէ օրակարգին մէջ ընդգրկել Հայաստանի ինքնավարութեան ծրագիրը։ Պերլինի մէջ Ռուսաստանի պատուիրակութեան ղեկավար՝ Ալեքսանդր Գորչակովը վիթօ կը դնէ Հայաստանի ինքնավարութեան ծրագիրը վեհաժողովի օրակարգ ընդգրկելու վրայ՝ պատճառաբանելով, թէ հայերը անկախութիւն չեն ուզեր։ վեհաժողովի աշխատանքներու ընթացքին Գորչակովին կը փոխարինէ Փէոթր Շուվալովը։ Եւ Խրիմեանի խնդրանքով, Անգլիոյ ներկայացուցիչ Սոլսբերին կրկին կ՚առաջարկէ օրակարգ մտցնել Հայաստանի Ինքնավարութեան ծրագիրը, սակայն Ռուսաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Շուվալովը կրկին վիթօ կը դնէ։ Այդ պատճառով Հայաստանի անկախութեան հարցը չի մտներ Պերլինի վեհաժողովի օրակարգ, սակայն Սոլսբերիի առաջարկով օրակարգ կը մտնէ բարենորոգումներ իրականացնելու հարցը, որ կը ներառուի դաշնադրութեան մէջ։
== Պերլինի դաշնադրութիւնը եւ հայերը ==
Պերլինի դաշնադրութեան մէջ Սան-Ստեֆանոյի պայմանագրի 16-րդ յօդուածի փոխարէն մտցուած է նոր յօդուած՝ 61-րդը, ուր ըսուած էր հետեւեալը. «Բարձր Դուռը յանձն կ՚առնէ հայաբնակ վայրերուն մէջ անյապաղ իրագործել տեղական պահանջներէն բխող բարեփոխումներ եւ ապահովել հայերու անվտանգութիւնը քուրտերէն ու չերքեզներէն։ Այդ նպատակով ձեռնարկուած միջոցառումներու մասին ան պարտաւոր է պարբերաբար հաղորդել պետութիւններուն, որոնք պէտք է հսկեն անոնց գործադրութիւնը»։ Սակայն այդ յօդուածի իրագործման հսկողութիւնը դրուած էր վեհաժողովի մասնակից բոլոր պետութիւններու վրայ, որ վերջիններուս հնարաւորութիւն կու տար միջամտելու Թուրքիոյ ներքին գործերուն։ Վեհաժողովը կը պարտաւորեցնէր Ռուսաստանին իր զօրքերը անյապաղ դուրս բերել գրաւուած տարածքներէն եւ ոչ մէկ երաշխիք կու տար 61-րդ յօդուածի կենսագործման համար։ Բացի այդ, «Հայաստան» բառը կը փոխարինուէր «Հայկական մարզեր» եւ «Հայաբնակ վայրեր» բառակապակցութիւններով։ Այսինքն՝ օսմանեան կողմը կ՚ազատէր այդ երկրամասը հայերու հայրենիք ընդունելու Սան-Ստեֆանոյի պայմանագրի ձեւակերպումէն։
Ռուսաստանին կ՚անցնէր Կարսի մարզը, իսկ Ալաշկերտն ու Բայազետը կը յանձնէին Թուրքիոյ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,659 | Խոնարհ (անձնանուն) | Խոնարհ, հայկական իգական անուն։ Յառաջացած է հայերէն խոնարհ բառէն, այնպէս ինչպէս՝ Համեստ անձնանունը։ Յիշատակուած է 1796 թուականին։ Այս անունէն կազմուած է նաեւ Խոնարհ-Մելեք անձնանունը։
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,034 | Հարած Սեր | Հարած սեր կամ Շանդիլի խիւս (ֆր.՝ Crème chantilly), պատառաքաղով, ելեկտրական հարիչով կամ որեւէ այլ սարքով հարման ենթարկուած սեր։ Կ՛ենթադրուի, որ այս խիւսի հեղինակը է 17-րդ դարուն ապրած Ֆրանսուա Վատելն է՝ Շանտիլի ամրոցի սեղանապետը։ Հարած սերը կ՛օգտագործուի թխուածքներու, թարթերու եւ այլ անուշեղէններու մէջ։ Յաճախ կը մատուցուի պաղպաղակի հետ։ |
20,812 | Այծքաղ | Այծքաղ, եղջերաւորներու ընտանիքին պատկանող, որոճացող եւ երկկճղակաւոր կաթնասուն անասուն:
== Փոքր Այծքաղները ==
Փոքր այծքաղները, որոնք վիթեր կ'անուանուին, շատ բարեկազմ են, ունին բարակ ոտքեր, նրբագեղ վիզ եւ շատ թեթեւաքայլ են։ Գլխաւորաբար տարածուած են Ափրիկէի, աւելի քիչ՝ Հարաւային եւ Կեդրոնական Ասիոյ, Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։ Կ'ապրին անապատներուն, անտառային եւ ալպեան գօտիներուն ու տափաստաններուն մէջ։
=== Արտաքին նկարագիր ===
Անդրկովկասի վիթերէն նշանաւոր է Ճէյրանը։ Անոր մարմինին երկայնքը 95-115 սմ. է, կշիռքը կը հասնի մինչեւ 33 քկ.։ Արուները ունին սեւ, քնարաձեւ, մինչեւ 40 սմ. երկարութեամբ օղակաձեւ հաստ եղջիւրներ (էգերը չունին)։ Կրնան վազել մինչեւ 60 քմ/ժ արագութեամբ։ Կ'ապրին խումբերով (ամրան՝ 3-5, ձմրան՝ 10-20 անասուն)։ Ապրիլ-Մայիսին էգը կ'ունենայ 1-2 ձագ։ Կեանքին տեւողութիւնը 6-7 տարի է։
Սայկա այծքաղը վիթէն շատ տարբեր է. ունի մեծ գլուխ՝ փքած եւ փափուկ քիթով, սուր հոտառութիւն, ուժեղ եւ մկանոտ կարճ ոտքեր։ Սակայն Սայկան կրնայ 1 ժամուան ընթացքին աւելի քան 70 քմ տարածութիւն ունեցող տափաստաններ կտրել-անցնիլ։ Կ'ապրի Մոնկոլիոյ, Արեւմտեան Չինաստանի, Ղազախստանի եւ ստորին Վոլկայի տափաստաններուն ու կիսանապատներուն մէջ։
Այծքաղներուն միսը, մորթն ու եղջիւրները կ'օգտագործուին, ուստի այծքաղներու բազմաթիւ տեսակներ որսի առարկայ կը դառնան, որուն պատճառով անոնց թիւը հետզհետէ կը նուազի։ Ներկայիս այդ անասունները հսկողութեան տակ կը գտնուին։ Այծքաղներու շարք մը տեսակներ կը պահպանուին գլխաւորաբար արգելոցներու մէջ։ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ գտնուող ճէյրանները եւս կը պահուին արգելոցներու մէջ։
Այծքաղներու տարբեր տեսակներ կան. ամէնէն մեծերը կովու մեծութեամբ ափրիկեան եզնայծերն են, իսկ ամէնէն փոքրերը, որոնք նոյնպէս ափրիկեան են, նապաստակի մեծութիւն ունին։
== Արտաքին յղումներ ==
Այծքաղ |
5,305 | Որսկան Խումբ | Որսկան Խումբ, ֆետայիներէ բաղկացած երկու խումբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հովանին տակ, որոնք Հայ Յեղափոխական շարժման ընթացքին կը փորձէն Սասունի հայերուն օգնութիւն հասցնել։ Սակայն, խումբի փորձարութիւնները կ՚արձանագրէն ողբերգական էջ մը, թուրք եւ Ռուս Հակահայ մեղսակցութեան վերաբերեալ դասերով։
== Խումբի Կազմաւորում ==
Հայ Յեղափոխականներէ բաղկացած Որսկան Խումբը կը բաղկանայ 61 անձերէ Թիֆլիսէն եւ Երեւանէն հաւաքուած Սասունի օգնութեան առաքելութեամբ։ Խումբին մէջ կ՚ըլլայ հասակաւոր քահանայ մը (Տէր Ղազար), բժիշկ մը, վիրաբոյժ մը, եւ Մուսկուայէն ժամանած երկու համալսարական ուսանողներ, եւ տարբեր մտաւորականններ։ Առաջին խումբին հրամանատարն էր Թորգոմը (Թուման Թումեանց), իսկ երկրորդ խումբին հրամանատարն էր Որսորդը (Գէորգ)։ Խումբի կազմաւորումը կը ներկայացնէր ժողովուրդին կամքը յեղափոխութեան հանդէպ եւ ոգեւորուած էին հասնելու Անդրանիկի օգնութեան։
== Սահմանի Փախումներ ==
24 Յուլիսին Ռուս-Թրքական սահմանին վրայ եւ 61 հոգինոց «Որսկան» արշաւախումբը Կարսի Օլթիի շրջանին մէջ կը սկսին կոտորուիլ Թուրք եւ իրենց հետ զօրակցող քիւրտերուն կողմէ։ Առիթէն օգտուելով Ռուս սահմանապահեր «գործակցութեան» ձեռք երկարելով կը սկսին անխնայ կոտորածին մասնակցիլ։ Թէեւ առաջին անգամը չէր որ սահմանը կտրող Դաշնակցական Ֆետայիներուն հանդէպ այս յարձակումներուն կը հանդիպէին Թուրք եւ Քիւրտերու կողմէ, սակայն առաջին անգամն էր որ ռուս սահմապահները այդ աստիճանին օգնեցին կոտորածին։
«Որսկան»ի հայդուկները շատ լաւ զինուած էին ու իրենց հետ կը տանէին մեծաքանակ փաշփուշտներ։Իրենք կը հաւատային թէ ամպայման պիտի կրնային անցնիլ սահմանը ու օգնութեան հասցնել Անդրանիկին, որովհետե Թորգոմը յաջողած էր 1903-ին իր «Մրրիկ» խումբով անցնիլ սահմանէն առանց որեւէ կորուստի եւ հասնիլ Սասուն։
Կռիւին ժամանակ երբ թուրք ու ռուս սահմանապահերը կը յարձակին հայ ֆետայիներուն վրայ, անոնք կը վարանին կրակելու ռուսերուն վրայ յուսալով որ այդսահմանապահերը կ՚անդրադառնան իրենց սխալին եւ կը դադրեցնէն թուրքերու եւ քիւրտերու վայրագութիւնը։ Սակայն, որքան ֆետայիները կը կեդրոնանային թուրքերու ուղղութեամբ, ռուս սահմանապահ հրամանատարին՝ Պէքոֆի հրահանգով սահմանապահերը կը շարունակէն իրենց վայրագութիւնները եւ աւելի համարձակ կը դարնան։
Թորգոմ երեք անգամ բանագնաց կը ղրկէ ռուս հրամանատարին քով։ Վերջինը՝ յիսնամեայ Տէր Ղազարն էր որ կ՚երթայ ռուսերու չէզոքութիւն ապահովելու։ Սակայն, բոլոր բանագնացները կը կալանուին ու սպաննուին։ Տէր Ղազար կը սպաննուի ճերմակ դրօշով եւ խաչը ձեռքին։ Երբ գիշեր կ՚ըլլայ, մարտիկները կ՚ըլլան կռիւէն ուժասպառ եւ ճերմակ դրօշը բարձրացնելով կը սկսին յառաջանալ դէպի ռուս սահմանին ուղղութեամբ։ Պէքոֆ կը հրահանգէ որ իր զինուորները անխնայ կրակեն հայ մարտիկներուն վրայ։
Թորգոմ եւ իր հետ 10-12 ընկերներ ռուս կոզակներու կրակին տակ զոհ գացին որովհետեւ չէին ուզէր հաւատալ թէ ռուսն ալ մեղսակից էր թուրքին, իսկ մնացածը որոնք շարունակեցին կռիւը անգութօրէն կոտորուեցան վերջը երբ ռուս եւ թուրք զօրքերը միանալով կը յարձակին հայոց դիրքերուն վրայ։ Արշաւախումբէն մարտիկներ կային որոնք կռիւ մղելով կրցան փախչիլ եւ թուրք-ռուսական պաշարումէն փրկուիլ։ Ինկած Հայ ֆետայիներու դիակներն ալ պղծուեցան Պէքոֆի հրահանգով։
== Հետեւանքներ ==
Քանի մը շաբաթ ետք, Համօ Ջամփոլատեան արձակելով երեք փամփուշտ կ՚ահաբեկէ Ռուս հրամանատար Պէքոֆ։ 1909-ին Ցարական Ռուսաստան աւելի խստօրէն կը սկսի հետապնդել ազգային յեղափոխական գործերուն եւ արեւելահայ ողջ մտաւորականութեան եւ քաղաքական գործիչներու բանտ նետելը։Այս ռուս եւ թուրք գործակցութիւնը կ՚ըլլայ նախադէպ հայոց ժամանակակից պատմութեան դէմ եւ կը սեպուի դաժան պատուհաս հակահայ դրսեւորման։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
ARF Official Website - Article from Troshag |
1,998 | Արամայիս Սահակեան | Արամայիս Ադամի Սահակեան (24 Մայիս 1936(1936-05-24), Արծուաշէն, Կրասնոսելսկի շրջան - 14 Մարտ 2013(2013-03-14), Երեւան, Հայաստան), հայ գրող, երգիծաբան, բանաստեղծ, հրապարակախօս։
== Կենսագրութիւն ==
Աւարտած է Խ.Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկի պատմալեզուական բաժանմունքը։ Նաեւ մասնակցած է Մոսկուայի Մաքսիմ Կորգու անուան գրականութեան հիմնարկի գրական բարձրագոյն դասընթացներուն 1967 թուականին։ Աշխատած է «Աւանգարդ» թերթին մէջ (1960-1965), «Գարուն» գրական ամսագիրին մէջ (1967-1970), ՀԼԿԵՄ Կեդրոնին մէջ (1970-1971), ՀԽՍՀ հեռուստատեսութեան եւ ռատիոհաղորդումներու պետական կոմիտէին մէջ (1971-1977)։ 1982-2013 թուականներուն եղած է «Ոզնի» երգիծական հանդէսի գլխաւոր խմբագիրը։
Նրա գիրքերն են «Աստղիկներ» (1958), «Սիրոյ հասակ» (1959), «Մենք միասին ենք» (1964), «Ապրել եւ սիրել» (1968; այս գիրքի համար ստացել է ՀԼԿԵՄ մրցանակ 1970 թուականին), «Երջանիկ եղէք» (1972), «Ես սիրում եմ ձեզ» (1975), Զուարճալի հարցազրոյցներ» (1985), «Ես քո զաւակն եմ, Հայաստան» (1986), «Խորհրդաւոր խորհրդարան» (1992) եւայլն։ Դարձել է համամիութենական երաժշտական մրցոյթի դափնեկիր երգերի տեքստերի համար։ Նրա բանաստեղծութիւնները թարգմանուել են ՍՍՀՄ եւ արտասահմանեան բազմաթիւ լեզուներով։ ԽՍՀՄ փլուզումից յետոյ Սահակեանը շարունակել է հրատարակել իր «Ոզնի» հանդէսը, նաեւ աշխատել է Հանրային հեռուստընկերութիւնում։ Ընտրուել է նաեւ ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր։
== Մատենագիտութիւն ==
=== Գիրքեր ===
Սիրոյ հասակ, Երեւան, 1959, 155 էջ:
Ապրել եւ սիրել, Երեւան, 1968, 188 էջ:
Երջանիկ եղէք, Երեւան, 1972, 164 էջ:
Ես սիրում եմ ձեզ, Երեւան, 1975, 236 էջ:
Բարի խօսք, Երեւան, 1980, 284 էջ:
Մարդը մարդով է մարդ, Երեւան, 1982, 200 էջ:
Զուարճալի հարցազրոյցներ, Երեւան, 1984, 168 էջ:
Զուարճալի հարցազրոյցներ, Երեւան, 1985, 168 էջ:
Ես քո զաւակն եմ, Հայաստան, Երեւան, 1986, 432 էջ:
Խորհրդաւոր խորհրդարան, Երեւան, 1992, 304 էջ:
Խաչ եւ սուր, Երեւան, 1995, 112 էջ:
Ընտրանի, Երեւան, 2004:
Հատընտիր, Երեւան, 2016, 118 էջ:
=== Մամուլ ===
Աշնան անտառում; Նշանդրէք; «Հէքիաթ այգում չես, սիրելի՛ս, մնում...»; «Մենք բաժանուած ենք...»; «Ինքնաթիռն յանկարծ չլռի՞ օդում...» (բանաստեղծութիւններ): «Գարուն», 1967, № 4, էջ 12-13։
== Պարգեւներ ==
ՀԼԿԵՄ մրցանակի դափնեկիր (1970, «Ապրել եւ սիրել» բանաստեղծութիւնների գիրքի, «Անմահութիւնից մէկ ժամ առաջ» եւ Յաւերժ երիտասարդ» պոէմների համար):
Պարգեւատրուել է ՀՀ վարչապետի յուշամետալով (2011)։
== Մէջբերումներ ==
Նրա ստեղծագործութիւններից եւ մտքերից.
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,231 | The Lumineers | The Lumineers, Ամերիկացի երաժշտական խումբ մըն է, ուր իր ծագումը ունեցած է Տենվըր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: The Lumineers խումբը ստեղծուած է 2 անդամներու կողմէ՝ Ուեզլի Շուլթզ եւ Ճերեմայա Ֆրէյթս երբ 2002 թուականին, Ճոշ Ֆրէյթսը՝ Ճերեմային եղբայրը եւ Ուեզլիին մտերիմ բարեկամը կը մահանայ 19 տարեկանին եւ որպէսզի իրենց ընկճումի վիճակէն դուրս գան, անոնք կը ստեղծեն The Lumineers անունով խումբը ու կը սկսին յօրինել ու գրել երգեր: The Lumineers խումբին առաջին համերգները տեղի ունեցան Նիւ Ճըրսիի մէջ:
Երգչուհի եւ ջութակահար Նէյլա Փեքարեք միացաւ խումբին 2010 թուականին:
The Lumineers խումբը ճանչցուած է իրենց նշանաւոր Ho Hey երգով, որ հրատարակեցին 2012 թուականին:
Խումբին ալպոմը հրատարակուեցաւ 3 Ապրիլ, 2012 թուականին եւ Յունուար, 2013 թուականին գրաւեց 2-րդ դիրքը Billboard 200 ցանկին վրայ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
The Lumineers (website), http://thelumineers.com/ .
Audio interview with The Lumineers on the Sodajerker On Songwriting podcast |
4,320 | Մաթ Մքկորի | Մաթիու Տէյվիտ«Մաթ» Մքկորի (անգլերէն՝ Matthew David "Matt" McGorry, ծնած 12 Ապրիլ, 1986, Մանհաթան, Նիւ Եորք, ԱՄՆ)՝ ամերիկացի դերասան մըն է: Ան ամէնէն շատ ճանչցուած է իր Ճոն Պէնըթ դերով Netflix ընկերութեան կատակերգական եւ տրամա Orange Is the New Black հեռուստաշարին մէջ, ինչպէս նաեւ Աշըր Միլսթոն դերով ABC կայանի How to Get Away with Murder հեռուստաշարին մէջ:
== Վաղ Կեանք ==
Մքկորի ծնած է եւ մեծցած Մանհաթընի մէջ, Նիւ Եորք, ԱՄՆ եւ սկսաւ դերասանական ներկայացումններ ընել արդէն 9 տարեկանէն: Ան յաճախած է Fiorello H. LaGuardia High School ուսումնարանը Նիւ Եորքի մէջ, որմէ ետք ուսումը շարունակեց Emerson College համալսարանին մէջ, Պոսթըն, Մասաչուսէց: Մքկորին միշտ մարզիկ եղած է: Ան հռեայ է, ֆէմինիստ, եւ ձախակողմեան մը:
== Ասպարեզ ==
Մքկորիի առաջին դերը իբրեւ հեռուստաշարի դերասան 2011-ին էր ABC կայանի One Life to Live հեռուստաշարին մէջ։ Ան ետքը ստանցնեց փոքր դերեր տարբեր հեռուստաշարներու մէջ, ինչպէս Person of Interest, Gossip Girl, եւ Royal Pains: 2013-ին, Մքկորին սկսաւ ունենալ գլխաւոր դեր մը Netflix ընկեութեան կատակերգական եւ տրամա Orange Is the New Black հեռուստաշարին մէջ իբրեւ բանտի պատասխանատու Ճոն Պէնըթ:
2014-ին ան ստանցնեց գլխաւոր դեր մը իբրեւ Աշըր Միլսթոն How to Get Away with Murder հեռուստաշարին մէջ, որ արտադրուած եւ գրուած էր Շոնտա Ռայմզի կողմէ: Նոյն տարուան մէջ, ան ստանցնեն դեր մը տրամա How He Fell in Love ֆիլմին մէջ:
== Դերեր ==
=== Ֆիլմ ===
=== Հեռուստաշարներ ===
== Ծանօթագրութիւններ == |
23,066 | Մինոթաւրոս | Մինոթաւրոս (յուն․՝ Μινώταυρος)․ յունական դիցաբանութեան մէջ դիւցազն էակ, մարդու մարմինով եւ ցուլի գլուխով ու պոչով։ Մինոթաւրոս անունը նկարագրական է։ Մարդացուլակերպ էակին անունը Ասթերիոս էր։ Կը բնակէր Լապիրինթոսի մէջ, Մինոաս թագաւորին հրամանով։ Թիսէաս զայն կը սպաննէ։
== Ծնունդ ==
Մինոաս թագաւոր չեղած, Փոսիտոնաս աստուծմէն նշան մը կը խնդրէ թէ Կրետէի գահին ան պիտի բարձրանայ եւ ոչ եղբայրը։ Աստուած ճերմակ գեղեցիկ ցուլ մը կը ղրկէ եւ Մինոասէն կը պահանջէ այդ ցուլը իրեն զոհաբերէ։ Սակայն Մինոաս ուրիշ ցուլ մը կը զոհաբերէ, յուսալով թէ աստուած պիտի չհասկնայ։
Փոսիտոնաս կը հասկնայ խարդախութիւնը, կը զայրանայ եւ այդպէս կ՛ընէ որ Մինոասին կինը՝ Փասիֆայի ճերմակ ցուլին սիրահարուի։ Փասիֆայի չի կրնար իր կիրքը գոհացնել եւ մեքենագէտ Տետալոսէն (որ Լապիրինթոսը կառուցած էր) օգնութիւն կը խնդրէ։ Ան կը շինէ կովու պարապ պատգերագիր մը։ Փասիֆային ներսը կը մտնէ, ցուլը կը խաբուի եւ կը զուգաւորուին։ Այս կապէն Մինոթաւրոսը կը ծնի։
Երբ Մինոաս Տելֆիի պատգամախօսէն վճիռը կ՛առնէ, Տետալոսէն կը խնդրէ շինութիւն մը կառուցէ, որպէսզի Մինոթաւրոս հոն փակուի եւ ան Լապիրինթոսը կը կառուցէ։
== Սպանութիւն ==
Աթենացիները Մինոասին զաւակը՝ Անտրոյէօ սպաննած էին, որովհետեւ ան կրետացիներուն եւ աթենացիներուն միջեւ մարզախաղերուն ընթացքին յաղթական ելած էր։ Մինոաս Աթէնքին դէմ մեծ արշաւանքով մը (բանակ եւ նաւատորմիղ) տղուն վրէժը կը լուծէ եւ աթենացիներուն ծանր պայմաններ կը դնէ։ Անոնք ամէն տարի եօթը աղջիկ եւ եօթը տղաք Կրետէ պէտք է ղրկէին, իբրեւ սնունդ Մինոթաւրոս հրէշին։
Թիսէաս (Աթէնքի թագաւորին՝ Էգէասին զաւակը) կ՛որոշէ վերջ տալ այս վայրագութեան եւ Մունիհիոն ամսուն (Ատիկեան օրացոյցին տասներորդ ամիսը) ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Կրետէ, եօթը տղոցմէ մէկուն փոխարինելով։ Սալամինա կղզիէն նաւավար կ՛ընտրէ ճարտար Նաւսիթոօն եւ իբրեւ նախագնաց Ֆէաքան։ Կրետէ, Արիատնիին կը հանդիպի ու կը սիրահարուին։ Արիատնի երբ վստահ կ՛ըլլայ թէ Թիսէաս զայն հետը Աթէնք պիտի տանի ու պիտի ամուսնանան, անոր կը յանձնէ թելի կծիկը՝ «Միթօ թիս Արատնիս» (Μίτο της Αριάδνης), որպէսզի չկորսուի լապիրինթոսին մէջ եւ գործը կատարելէ ետք, կարողանայ դուրս գալ: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ, Թիսէաս Մինոթաւրոսը կը սպաննէ եւ օգտուելով գիշերուան մութէն, Արիատնիին հետ նաւահանգիստ կը հասնին եւ վերադարձի ճամբան կ՛առնեն։
== Առասպելին մեկնաբանութիւնը ==
Յունական դիցաբանութեան մէջ կան բազմաթիւ երկակերպ էակներ՝ Մինոթաւրոս, Քենտաւրոս, Էրիհթոնիոս․․։ Մինոթաւրոսի մասին մեկնաբանութիւնները բաւական են, ինչպէս օրինակ՝
Առասպելը կապ ունի Փիւնիկեցիներուն «Վա՛ալ» եւ «Մոլոհ» առասպելներուն հետ․ Մինոթաւրոսին սպանութիւնը կը խորհրդանշէ մարդկային զոհաբերութեան վայրագոութեան վերջը։
Մինոաս եւ Մինոթաւրոս նոյն տիպարներն էին եւ Արեգակ աստուածը կը ներկայացնէին։
Մինոթաւրոսին սպանութիւնը կը խորհրդանշէ յոյներուն ազատագրութիւնը Մինոասեան Կրետէի բռնիշխանութենէն։Մինոթաւրոս նախայունական աստուածն էր, որ հետագային յոյն Տիաս աստուածը դարձաւ։ Ասթերիոս անունը կը ցուցնէ Մինոթաւրոսին եւ Ասթերիօ Տիասին կապը։
Մինոթաւրոսին առասպելը կապուած է Մինոասեան ժամանակաշրջանի սովորութիւններուն հետ, օրինակ՝ «թաւրոքաթափսիա» (Ταυροκαθάψια)․ մարզախաղ մը, ուր մարզիկը ցուլի մը վրայ հեծած զանազան ցատկեր կը փորձէ։
Կովու պարապ պատգերագիրը կը փաստէ գոյութիւնը փայտէ պատգերագիրի մը որ զանազան ծէսերու կը գործածուէր։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Վա՛ալ(յունարէն)
Մոլոհ(անգլերէն) |
4,889 | Յարութիւն Չպլագեան |
== Տօքթ. Յարութիւն Չպլագեան ==
Բնիկ Չիլէցի, Սեբաստիոյ նահանք, ծնած 1886-ին: Նախնական կրթութիւնը իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ յետոյ, կ'անցնի Մարզուանի Գոլէճը, զոր կ'աւարտէ 1906-ին
Պ.Ա. տիտղոսով։ Երկու տարի կը վարէ Սեփաստիոյ ամերիկեան գիշերօթիկ վարժարանի տեսչութիւնը։ 1908-ին կը մտնէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, զոր կ'աւարտէ 1912-ին ստանալով բժիշկի տիտղոսը։ 1921-ին հաստատուած է Լիբանան եւ երկար ժամանակէ ի վեր իր դարմանատուն-հիւանդանոցը ունի Պէյրութի մէջ։ 1918-ին անգլիացիներուն գերի կ'ինայ եւ ժամանակ մը յետոյ կը վերադառնայ Լիբանան։ 1930-ին մասնագիտութեան համար կը ճամբորդէ եւրոպա եւ կը մնայ Փարիզ, Լոնտոն եւ Վիէննա։ Տոքթ. Ջպլաքեան ունեցած է բազմամեայ հանրային գործունէութիւն։
== Ծանօթագրութիւններ == |
5,070 | Նեմեսիսի Գործողութիւն | Նեմեսիսի Գործողութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմը վերջ կը գտնէ ի նպաստ դաշնակիցներուն, ուր պարտուած կեդրոնական պետութիւնները զինադադար կը պահանջեն: Թուրքիա 30 Հոկտեմբեր 1918-ին դաշնակիցներուն հետ կը ստորագրէ զինադադարի համաձայնագիրը: Սակայն իթթիհատական կառավարութեան անդամները, խուսափելով պատերազմին իրենց կատարած արարքներուն հետեւանքներէն, փախուստ կու տան Պոլիսէն եւ կ'ապաստանին ուրիշ բարեկամ երկիրներու մէջ:
Հայերուն դէմ կատարուածներուն տպաւորութիւնները տակաւին թարմ ըլլալով դաշնակիցներու յիշողութեան մէջ, կը ստիպեն Պոլսոյ մէջ կազմելու զինուորական ատեան մը՝ պատերազմի ոճրագործները դատելու համար: Այսպէս, քանի մը նիստերու ընթացքին կը դատուին իթթիհատ վէ թերաքքի կուսակցութեան շարք մը ղեկավարներ: Մահուան կը դատապարտուին մեծ ջարդարարներ՝ Էնվեր, Ճեմալ, Թալէաթ եւ տոքթ. Նազըմ, որոնք բոլորն ալ արդէն փախուստ տուած կը գտնուէին այլ երկիրներու մէջ բնականոն կեանք մը ապրելու համար:
Սակայն մահապատիժի վճիռները եւ դատավարութիւնները ընդհանրապէս դժգոհութիւն կը յառաջացնեն թուրքերուն մէջ, եւ կ'առաջնորդեն դաշնակիցները հրաժարելու դատավճիռներուն գործադրումը հետապնդելու աշխատանքէն: Այսպէս, ջարդարարները կը մնան անպատիժ եւ ազատ, օտար երկինքներու տակ նոր ու բնականոն կեանք մը վարելու ակնկալութեամբ:
Առաջին հերթին Թուրքիա ինք առաջինն էր իր գործադրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցողը, երբ մահուան կը դատապարտէ զայն ծրագրող եւ գործադրող ոճրագործները: Թէեւ Պոլսոյ դատարանը ձեւական էր, սակայն անկէ մնացած արձանագրութիւնները, վկայութիւնները, խոստովանութիւնները եւ փաստաթուղթերը կը կազմեն կարեւոր ապացոյցներ Հայոց Ցեղասպանութեան համար:
Երկրորդ, հպարտութեամբ կրնանք արձանագրել, որ դաշնակից պետութիւններու կիսատ թողած գործը, «Նեմեսիսի գործողութիւն» որոշումով, դաշնակցութիւնը կը ստանձնէ մահապատիժներու գործադրութիւնը իր հաւատաւոր երիտասարդներու վրիժառու բազուկներուն վստահելով:
Այս իմաստով Սիմոն Վրացեան կ'ըսէ.
== Թալէաթ փաշայի ահաբեկումը ==
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրող եւ գործադրող հրէշներու մահապատիժի գործադրութիւնը կը սկսի Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի ներքին գործոց նախարար եւ Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթ փաշայի ահաբեկումով:
Հազիւ 24 գարուններ բոլորած երիտասարդ Սողոմոն Թեհլիրեան կը ստանձնէ Թալէաթ Փաշայի ահաբեկման ծանր պարտականութիւնը, որ պիտի ըլլար սկիզբը այն մահապատիժներուն շարքին, արդարութիւնը վերականգնելու եւ մարդկային ոտնակոխուած արժանապատուութիւնը վեր առնելու գործին մէջ:
1896-ին ծնած Սողոմոն Թեհլիրեան, ականատեսը կը դառնայ 1915-ի ջարդերու ընթացքին իր մօր եւ միւս ազգականներուն սպանդին, որ մեծապէս կը ցնցէ զինք եւ կը մղէ նետուելու յեղափոխական գործունէութեան, երբ 1919-ին ան կ'անցնի Պոլիս:
Այդ ահաւոր տեսարանները միշտ ընկերակից կը մնան Սողոմոնին, մինչեւ որ ան Թալէաթի հետքերով կը հասնի Պերլին՝ ծրագրուած գործողութիւնը կատարելու պատրաստակամութեամբ: Առաջին հերթին հետապնդման աշխատանքները դժուար կ'ըլլան, սակայն այլ խումբ մը պատասխանատու ընկերներու գործակցութեամբ, ոճրապետին բնակավայրը կը ստուգուի եւ հսկողութեան տակ կ'առնուի:
Սողոմոն Թեհլիրեան իր ուսերուն ունէր աւելի քան 1, 5 միլիոն անմեղ հայ նահատակներու վրէժը լուծելու ծանր պարտականութիւնը, սխալիլն ու տկարանալը արդէն չքացած էին անոր պողպատեայ կամքին եւ հաւատքին դիմաց: 15 Մարտ 1921-ին, Հարտէնպերկ Շթրասէի թիւ 17 տան առջեւ, մայթին վրայ, հայ վրիժառուի անխափան գնդակը կը հարուածէ այն գլուխը, որ ծրագարող եւ գործադրողներէն էր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան: Հրէշը կը փռուի գետին: Արդարութիւնը կ'իրականանայ: Հայ բազուկը պատժած էր ոճրագործը, ցոյց տալով քաղաքակիրթ մարդկութեան, որ հայը տակաւին կայ եւ գիտէ իր վրէժը իր ձեռքով լուծել:
Սողոմոն Թեհլիրեան տեղւոյն ոստիկաններու կողմէ կը ձերբակալուի, սակայն անոր սպաննածը ոճրագործ մըն էր, ինք ոճրագործ չէր, այլ արդարութիւնը վերականգնող հայ մը: Հետեւաբար, Յունիս 3-ին ան անպարտ կ'արձակուի աղմկալի դատավարութենէ մը ետք, ուր զինք ջերմապէս կը պաշտպանէ տոքթ. Լեփսիուս:
== Պէյպուր խան Ճիւանշիրի ահաբեկումը ==
Նեմեսիսի գործողութեան երկրորդ օղակը շատ չ՛ուշանար, հազիւ մի քանի ամիս անց, հայ բազուկը կու գայ զգետնելու Պաքուի հայերու ջարդարար՝ Պէյպուտ խան ճիւանշիրը:
1889-ին ծնած Միսաք Թորլաքեան, իր պատանի հասակին արդէն ցուցաբերած է խիզախութիւն, շնորհիւ իր անհանդարտ եւ ըմբոստ խառնուածքին: Երբ հայերու նկատմամբ տիրող մթնոլորտին բերումով, ան մաս կը կազմէ շրջանի հայ ապստամբ հրոսակախումբերու, շուտով յայտնի կը դառնայ եւ աչքի կ'իյնայ իր արձանագրած սխրագործութիւններով: Միսաքի նման խառնուածքի տէր հայ երիտասարդ մը չէր կրնար ձեռնածալ մնալ ի տես իր ժողովուրդի իրաւազրկման, խոշտանգումին եւ սպանութեան: Հետեւաբար, 1915-էն սկսեալ ան կը նետուի զինեալ գործունէութեան, եւ տարբեր խումբերու մաս կազմելով կը նպաստէ յեղափոխութեան աշխատանքին, նպաստելով նաեւ իր ժողովուրդի այլազան պէտքերուն:
Միսաք Թորլաքեան անձը, 1918-ին իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Կարսի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերուն, վստահաբար առանց տատամսելու եւ երկու անգամ մտածելու, իր ուսերուն պիտի առնէր Պէյպուր Խան Ճիւանշիրի ահաբեկման ծանր պարտականութիւնը, նոյնինքն Պոլիսի մէջ:
Հետախուզական խիստ գաղտնի եւ վտանգաւոր աշխատանքին մէջ Միսաքին կ'օգնեն այլ երկու ընկերներ, եւ շուտով ահաբեկման ծրագիրը կը պատրաստուի: Վերջապէս վրիժառուն պատրաստ է եւ անհամբեր, լուծելու իր ժողովուրդի անմեղ զոհերուն վրէժը, ընելու այն ինչ որ չուզեցին ընել քաղաքակիրթ ընկերութիւնը կամ ընդհանրապէս մարդկութիւնը՝ հզօր պետութիւններու ճամբով:
18 Յուլիս 1921-ին երեկոյեան, Ճիւանշիր երբ Փըթի Շանի թատրոնէն ելլելով Բերա Փալաս պանդոկը կ'ուղղուէր, վրայ կը հասնին հայ բազուկի արդարութիւնը որոնող ատրճանակի գնդակները, որոնց հարուածներուն տակ կ'իյնայ այն թուրք հրէշը, որ մօտիկ անցեալին խլած էր հազարաւոր հայ կեանքեր: Ոճրագործը զգետնուած էր, արդարութիւնը անգամ մը եւս վերականգնած:
Յանդուգն եւ խիզախ հայորդին կը ձերբակալուի Պոլսոյ ֆրանսացի զինուորներուն կողմէ, ան քաջութեամբ կը դիմագրաւէ այն բոլոր խոշտանգումները, որոնց կ'ենթարկուի: Տոկունութեամբ կը շարունակէ հաւատալ, որ արդարութիւնը անպայմանօրէն պիտի յաղթէ, որովհետեւ ինք ոճրագործ չէր, այլ սպաննած էր մեծ ոճրագործ մը:
Շատ չանցած անգլիական դատարանը Միսաք Թորլաքեանը անպարտ կ'արձակէ 22 Նոյեմբեր 1921-ին: Արդարութիւնը գտած էր իր ճամբան:
== Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկումը ==
Շատ չ՛ուշանար արդարահատոյց գնդակներու սուլոցը, այս անգամ արձագանգելով Եւրոպայի ոստաններէն, քաղաքակիրթ մարդկութեան սահմաններուն մէջ, վերականգնելու համար մարդկային արժանապատուութիւնն ու արդարութիւնը:
1900-ին ծնած Արշաւիր Շիրակեան կը մեծնայ դաշնակցական մտաւորականութեան շունչին տակ: Փոքր տարիքէն, պատանի հասակին, 1915-ի Եղեռնի դժուարին տարիներուն ընթացքին, կը գործէ որպէս սուրհանդակ:
Շնորհիւ իր խառնուածքին եւ ստացած դաստիարակութեան, նաեւ իր շուրջը տիրող մթնոլորտէն լիցքաւորուած, դաշնակցութեան Թ. Ընդհանուր ժողովէն ետք, ան կամաւոր կը ներկայանայ իր բաժին մասնակցութիւնը բերելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան հեղինակներու արդարահայտոյցի սրբազան գործին մէջ:
Յեղափոխական գործին մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ, կը ծանօթանայ այլ յեղափոխական եւ պատասխանատու ընկերներու, եւ վերջապէս իրեն կը վիճակուի ահաբեկել Սայիտ Հալիմ փաշան: Այս նպատակով ալ ան կ'ուղարկուի Եւրոպա կատարելու համար գործը:
Հետապնդման աշխատանքներու դժուար ճամբան անցնելէ ետք, կու գայ ժամը, երբ պէտք է կատարել ծրագրուածն ու ապահով ձեւով անյայտանալ գործողութեան վայրէն: Այդպէս ալ եղաւ:
5 Դեկտեմբեր 1921-ին, երբ Սայիտ Հալիմ փաշան կառքով կ'ուղուէր (թէ Էօսթաքիոյ) փողոցի իր բնակարանը, Արշաւիր Շիրակեան իր աչքերուն մէջ ունենալով ամբողջ ժողովուրդի մը արդարութիւնը գտնելու փայլող լոյսը, եւ իր սրտին ունենալով իւրաքանչիւր հայու անկոտրում կամքի տրոփները, անվախ եւ համարձակօրէն կը նետուի կառքին վրայ, եւ իր արագ շարժումներով կը պարպէ ատրճանակի գնդակները թրքածին հրէշին վրայ եւ մեծ ճարպիկութեամբ կը հեռանայ գործողութեան վայրէն, անցորդներուն իրարանցումին եւ պոռչտուքներուն մէջէն անցնելով կ'անյայտանայ: Թուրք ոճրագործը իր իսկ կառքին մէջ անշնչացած էր։ Հայ վրիժառուն ազատ եւ ապահով տեղ հասած էր։ Անգամ մը եւս արդարութիւնը վերականգնած էր:
== Ճեմալ Ազմիի եւ Պէհաէտտին Շաքիրի ահաբեկունը ==
Արդարութիւնը պարտադրող հայոց ձեռքը բնաւ դադար չառաւ, անդուլ աշխատեցաւ, հետապնդեց իթթիհատական ղեկավարները, ո՛ւր որ ալ փախան, ո՛ր երկրի անկիւնն ալ որ գտնուեցան, բացայայտեց անոնց ինքնութիւնները, որքան ալ ծպտուեցան եւ որքան ալ փորձեցին հայու տեսողութեան հորիզոններէն հեռու մնալ, սակայն անոնք անգիտացան այն իրողութեան, որ արդարութիւնը հորիզոն չունի եւ կը հասնի ամէն տեղ:
Հետապնդման վտանգաւոր եւ գաղտնի աշխատանքները երբեմն կը յոգնեցնեն ենթակային հոգեկանը, ներաշխարհը եւ կ'ելեկտրականացնեն անոր զգացումները, ասոնք կրնան դժուարացնել եւ վտանգել ծրագրուած գործողութիւնը յաջողութեամբ իր լրումին հասցնելու աշխատանքը: Սակայն դաշնակցական գործիչներու մեծաթիւ խումբը, որ այս անգամ կը գտնուէր դարձեալ Պերլին՝ ահաբեկելու համար իթթիհատական կարգ մը ոճրագործներ մէկ գործողութեան մը ընթացքին: Անոնց հետապնդման թիրախներն էին Ճեմալ Ազմի եւ Պէհաէտտին Շաքիր:
Երկար հետապնդումներէ ետք գործողութիւնը յաջողութեամբ իրագործելու որոշումը առնուած էր։ Արշաւիր Շիրակեան եւ Արամ Երկանեան պիտի սպասէին Ուլանաշթրասէ գտնուող Ճեմալ Ազմիի տան անկիւնը: Երբ անոնք երեկոյեան խումբով դուրս գային, պիտի գործադրէին ծրագրուածը եւ սպաննէին խումբին մէջէն միայն Ճեմալ Ազմին եւ Պէհաէտտին Շաքիրը՝ առանց վնասելու իրենց ընկերակցող կիներուն:
1922 Ապրիլ 17-ին խումբը տունէն դուրս կու գայ, բոլորն ալ խօսակցութեամբ տարուած կը հեռանան մութին մէջ։ Առաջին հերթին Արշաւիր Շիրակեան կը խոյանայ խումբին վրայ, նախ գետին փռելով Թալէաթի կինը, որ խումբին մէջն էր, սէւէյճ ատրճանակին գնդակները կը պարպէ Ճեմալ Ազմիի վրայ, որ անշնչացած կը փռուի գետին: Արշաւիր զէնքը դարձնելով Պէհաէտտին Շաքիրին, որ սարսափած, եղածին ի տես, կը կրակէ, սակայն գնդակը փոխանակ ծակելու անոր գլուխը, կը մտնէ անոր ձախ այտը: Սակայն Արամը ճիշդ ժամանակին մաուզեր ատրճանակի մէկ գնդակով կը ծակէ ոճրագործին գանկը, երկրորդ թիրախն ալ անշնչացած կը փռուի գետին իր ազգակիցին կողքին:
Վրիժառու հայորդիները կը ճեղքեն հաւաքուած անցորդներուն ցանցը եւ կ'անյայտանան վայրէն:
Անգամ մը եւս հայը իր ներկայութիւնը փաստեց աշխարհին եւ մարդկութեան, ցոյց տուաւ իր ունակութիւնը՝ պարտադրելու արդարութիւնը, եւ կարողութիւնը՝ կատարելու շատերուն համար կարծուած անկարելին:
Կեցցէ՛ արդարահատոյց հայ բազուկը:
== Ճեմալ փաշայի ահաբեկումը ==
Ստեփան Ծաղիկեան եւ Պետրոս Տէր Պօղոսեան հասակակից ընկերները ծնած են «Խոտորջուրի Մոխրակուտ» գիւղը, իրենց յանդուգն նկարագրով եւ իրենց յեղափոխական գործունէութեանց մէջ Անդրանիկի եւ Սեպուհի խումբերուն մէջ սխրագործութիւններու մկրտումով, իրենց ճակատագիրը կը կապեն նոյնատիպ երիտասարդ Արտաշէս Գէորգեանին հետ, Խոտորջուրի մօտակայ Միջաթաղ գիւղէն էր, ան ալ իրենց նման հայութեան պարտադրուած թոհուբոհին մէջ թրծուած խիզախ հայու նկարագրի տէր էր։ Այսպէս կը կազմեն այն երրորդութիւնը, որ պիտի զգետնէր իթթիհատի անդամ Ճեմալ փաշան:
Ճեմալ փաշա որբացած հայ մանուկները որբանոցներու մէջ հաւաքելով կը թրքացնէր զանոնք, ընդդիմացողին անբացատրելի տանջանքներու կ'ենթարկէր, նոյնիսկ եթէ այդ տանջանքները պատճառ դառնային որբին մահուան: Անոր նպատակն էր հայ մանուկներուն մտքէն ջնջել անոնց հայ ըլլալուն իրողութիւնը՝ իւրաքանչիւրին տալով թրքական անուն մը, եւ բացարձակապէս արգիլելով անոնց հայերէն խօսիլը: Այսպիսով կը կարծէր, որ կրնայ իրականացնել զանոնք թրքացնելու իր նպատակը: Սակայն չյաջողեցաւ:
Նման որբանոց մը եղած է Լիբանանի «Այնթուրա» շրջանին մէջ, որ վերջին տարիներուն բացայայտուեցաւ եւ հոն յուշակոթող մը զետեղուեցաւ մահացած եւ հոն թաղուած հայ մանուկներուն յիշատակին:
Արդարեւ, Ստեփան Ծաղիկեան եւ Պետրոս Տէր Պօղոսեան, իրենց հետ ունենալով Արտաշէս Գէորգեանը, 1922 Յուլիս 21-ին, Թիֆլիսի մէջ, օր ցերեկով Չեկայի շէնքին առջեւ կը պատուհասեն Ապրիլեան Եղեռնի գլխաւոր պատասխանատուներէն՝ Ճեմալ փաշան, առանց խնայելու նոյնիսկ անոր թիկնապահներուն, որոնք կը փորձէին պաշտպանել այնպիսի ոճրագործի մը կեանքը, որ խլած էր հարիւր հազարաւորներու կեանքերը:
== Հիմնական Գործողութիւնները ==
== Դաւաճաններու սպանութիւն ==
== Գործողութեան Մասնակիցները ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
Ազվին «Ջեմալ փաշայի սպանութիւնը», Մոսկուա–Երեւան, 1991, 92 էջ:
Աշոտ Արծրունի «Ճեմալ փաշայի ահաբեկումը», «Հայրենիք» ամսագիր, 1960, թիւ 5, էջ 98–99:
Աւօ «Միսաք Թորլաքեան», «Յեղափոխական ալպոմ», հատ. 8, Թեհրան, 1970, էջ 7-109:
Երկանեան Արամ «Այսպէս սպանեցինք», Լոս Անջելոս, 1949, 87 էջ:
Երկանեան Արամ «Գիրք մատուցման եւ հատուցման», Պոսթըն, 1949, 160 էջ, Պէյրութ, 1954, 104 էջ:
Երկանեան Արամ «Վրէժագիրք (Պերլինի աքթին 60–ամեակին առթիւ), Պէյրութ, 1982, 110 էջ:
Թեհլերյան Սողոմոն «Վերյիշումներ», գրի առաւ Վ. Մինախորեան, Գահիրէ, 1953, 1956, 474 էջ, Երեւան, 1993, 288 էջ, 2008:
Թեհլիրեան արդարահատոյցը, Պէյրութ, 1981, 422 էջ:
Թոռլաքեան Միսաք «Օրերուս հետ», Պոսթըն, 1953, 568 էջ, Պէյրութ, 1963, Թեհրան, 1982, 588 էջ, Պէյրութ, 2001, 624 էջ:
Յակոբեան Արարատ «ՀՅԴ 9–րդ ընդհանուր ժողովը», Երեւան, 1994, 45 էջ:
Մերճանօֆ Գրիգոր «Իմ կտակը», Պէյրութ, 1972, 108 էջ:
Մերճանօֆ Գրիգոր «Քանի մը յուշեր եւ պատասխան Արշաւիր Շիրակեանի», Փարիզ, 1957, 29 էջ:
Միսաք Թորլաքեանի դատավարութիւնը, խմբ. Վ. Եղիայան, Ա. Արաբյան, 2008, 248 էջ:
Միքայէլ Այվազեան «Ովքեր են սպանել Ջեմալ փաշային», 2016, 136 էջ:
Նաթալի Շահան «Վրէժի աւետարան», գիրք Ա. (1916–1917 թթ.), Նիւ Եորք, 1918, 39 էջ:
Նաթալի Շահան «Վրէժի աւետարան», գիրք Բ. (1916–1917 թթ.), Նիւ Եորք, 1918, 46 էջ:
Շիրակեան Արշաւիր «Կտակն էր նահատակներուն», Պէյրութ, 1965, 344 էջ, Թեհրան, 1982, 344 էջ, Պէյրութ, 1986, 2010, 367 էջ, Երեւան, 1991, 368 էջ:
Սողոմոն Թեհլերեանի դատավարութիւնը (սղագրական նյութեր), Վենետիկ, 1921, Երեւան, 1990, 224 էջ, 2008:
Քիւրքճեան Յարութիւն «Հայկական ցեղասպանութեան արդարահատոյցը», Փարիզ, 1981:
Շահան Նաթալի, (2002) [1928]. The Turks and Us. Nagorno-Karabakh: Punik Publishing.
Արշաւիր Շիրակեան, (1976). The Legacy. Sonia Shiragian. Boston, Massachusetts: Hairenik Press. LCC 76-49796.
Ավաքիան Լինդի, (1989). The Cross and the Crescent. USC Press. ISBN 0-943247-06-3.
Դեորգի Ջեքուս, (1990). Resistance & Revenge. Transaction Publishers. ISBN 0-88738-338-6.
Էդվարդ Ալեքսանդր, (2000). A Crime of Vengeance. Backinprint.com. ISBN 0-595-08885-6.
Եղիայան Վարդգես, (2006). The Case of Soghomon Tehlirian. Center for Armenian Remembrance. ISBN 0-9777153-1-0.
Եղիայան Վարդգես, (2006). The Case of Misak Torlakian. Center for Armenian Remembrance. ISBN 0-9777153-0-2.
Jacques Derogy, Resistance and Revenge: The Armenian Assassination of Turkish Leaders Responsible for the 1915 Massacres and Deportations, Trans. A. M. Barret, Tansaction Publishers 1990, p. xiv
Houshamadian of Armenian Revolutionary Federation (ARF) Dashnaktsutiun Album - Atlas Volume 2, Jacob Manjikian Editor, Next Day Color Printing Inc. (2000), p. 214
Jacques Derogy, Resistance and Revenge, p. 61
Lindy V. Avakian, The Cross and the Crescent, Golden West Publishers Unlimited 1998, pp. 114–115
Jacques Derogy, Resistance and Revenge, pp. 84–85
Ibid., pp. 117–119
Arshavir Shiragian, The Legacy memoirs of an Armenian Patriot, Hairenik Press 1976, p. 108
Ibid., pp. 176–177
Jacques Derogy, Resistance and Revenge, pp. 171–173
Zaven Der Yeghiayan, My Patriarchal Memories Trans. Ared Misirliyan, Mayreni Publishing 2002, p. 273
Lindy V. Avakian, The Cross and the Crescent, Golden West Publishers Unlimited 1998, p. 60
Vahan Minakhorian. Verhisumner, Hoosaber, Cairo 1956 p. 204-206
Arshavir Shiragian, The Legacy memoirs of an Armenian Patriot, Hairenik Press 1976, pp. 46–48
Ibid., P. 46
Zaven Der Yeghiayan, My Patriarchal Memories, pp. 58–59
Houshamadian of Armenian Revolutionary Federation ..., p. 215
Lindy V. Avakian, The Cross and the Crescent, Golden West Publishers Unlimited 1998, pp. 246–247
Arshavir Shiragian, The Legacy memoirs of an Armenian Patriot, Hairenik Press 1976, p. ix
Bio provided by Ms. Graciela Kevorkian
== Արտաքին Յղումներ ==
«Նեմեսիս»-ի մասնակիցների պատկերները
Գնդակահարված հանցագործները operationnemesis.com կայքում (անգլերէն)
Դատավճիռը իրագործողները operationnemesis.com կայքում (անգլերէն)
«Նեմեսիս» գործողությանը նվիրված կայք (անգլերէն)
«Նեմեսիս» գործողություն. Սողոմոն Թեհլերյան» Երեւան, 2015 (տպագրվել է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ) |
3,987 | Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Պուէնոս Այրէս) | Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, յուշարձան Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի հայ կաթողիկէ Ս. Նարեկ եկեղեցւոյ բակին մէջ։
== Պատմութիւն ==
Յուշարձանը բարձրացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առիթով՝ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի զոհերուն։ Յուշարձանը բաղումը կատարուած է 16 Օգոստոս 2015-ին։ Յուշարձանի բարձրացման աջակցած են «Պօղոս եւ Սիրանուշ Արզումանեաններ» հիմնադրամը, անհատ բարերաներ Սերժիօ Քարլոս Աքրապեանը եւ Սիմոն Թիւթիւնճեանը։
Յուշարձանի ներքեւի թափանցիկ հատուածին մէջ ամփոփուած են Տէր Զօրի անապատէն բերուած հայ նահատակներու մասունքները։
Յուշարձանի բացման արարողութեան մասնակցած են Արժանթինի ՀՀ դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեանը, «Պօղոս եւ Սիրանուշ Արզումանեաններ հիմնադրամի» նախագահ Ալպերթօ Ջերեջեանը, տարբեր հասարակական կառոյցներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ։
== Հեղինակ ==
Յուշարձանի հեղինակն է նկարիչ Գագիկ Վարդանեանը, ինչպէս նաեւ հեղինակած է Արժանթինի Հայկական կաթողիկէ եկեղեցւոյ խորանի որմնանկարները:
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,666 | Սեւադա Գրիգորեան | Սեւադա Գրիգորեան (13 Սեպտեմբեր 1959, Քարաշէն, Սիւնիքի մարզ), հայ նկարիչ։
== Կենսագրութիւն ==
Սեւադա Գրիգորեանը ծնած է Սիւնիքի մարզի Քարաշէն գիւղին մէջ մանկավարժներու ընտանիքէն ներս։ Աշխատանքի բերումով ծնողները տեղափոխուած են Ջերմուկ, ուր անցած է անոր մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները։ Փոքր տարիքէն սկսած է նկարել։ 1979 թուականին աւարտած է Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական ինստիտուտ]]ի նկարչութեան բաժինը։ Մասնակցած է գեղանկարչութեան դասընթացներու՝ Ռիկայի գեղարուեստի ակադեմիոյ մէջ։ Ուսումն աւարտելէ ետք վերադարձած է Ջերմուկ, ուր ստեղծագործական աշխատանքին զուգահեռ շուրջ 10 տարի դասաւանդած է Ջերմուկի թիւ 1 հանրակրթական եւ Արուեստի դպրոցներէն ներս։ 1992 թուականէն Հայաստանի նկարիչների միութեան անդամ է, 1995 թուականէն՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նկարիչներու միջազգային միութեան անդամ։
Աշխատանքները գտնվում են մասնավոր հավաքածուներում, Հայաստանում Ռուսաստանի դեսպանությունում, Սոլթ Լեյք Սիթիի "Sandy" կրթական կեդրոնում, Կարլովի Վարիի քաղաքապետարանում, Պիտիգորսկի հայ առաքելական եկեղեցում, Ջերմուկի քաղաքապետարանում, Հայաստանի ՄԱԿ-ի գրասենեակում։
== Ստեղծագործական գործունէութիւն ==
Սեւադա Գրիգորեան աչքի է ընկնում իր իւրահատուկ ոճով, որը ներառում է մանրանկարչութեան տարրեր, ժողովրդական թեմաներով ներկայացուած ֆիգուրատիվ կոմպոզիցիաներ։ Նրա աշխատանքների թեմաները ընդգրկում են հայկական գիւղական կեանքը, ջանասիրաբար աշխատող հոր ու հոգատար մօր կերպարը, միաժամանակ ընտանիքում պատհպանվող ներդաշնակութիւնը։
2005 թուականին կայացած Ճապոնիայի Կոբե քաղաքի ցուցահանդեսում Սեւադա Գրիգորեանի «Տիրամայրը Մանկան Հետ» նկարը 81 երկրների 3000-էն աւելի նկարիչների կողմից ներկայացված շուրջ 8000 նկարներու ընդմիջէն ընտրուած է լաւագոյն 100-ի մէջ։
Սեւադա Գրիգորյանը ցուցահանդեսներ է ունեցել ԱՄՆ-ում, Ռուսաստանում, Ճապոնիայում, Չինաստանում՝ Հյոգոյի գեղարվեստի պրեֆեկտուրալ թանգարանում, Շանհայի «Դաթիան Արթ» պատկերասրահում, Ջիաշան թանգարանում եւ Մոսկուայի նկարիչների կենտրոնական տանը։
2014 թուականի Մարտին Դոնգդոնգ եւ Լուլու ստեղծագործական տան հրաւէրով Սեւադա Գրիգորեանը մեկնած է Չինաստանի Նանջինգ քաղաք՝ գործունեութիւն ծաւալելու։ Յետագաին ծրագիրի շրջանակներուն մէջ մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, Չինաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ՝ Շանհայ, Նինգբո, Չանգշա, Ջիաշան եւ այլն։ Ներկայիս, կը շարունակէ ստեղծագործել Նանջինգում։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Սեւադա Գրիգորեանի կայքը |
22,632 | Հայաստան (թերթ, Թիֆլիս) | «Հայաստան», հասարակական-քաղաքական օրաթերթ։ Կը կրէր «Անդրանիկի օրգան» տիտղոսագիրը։ Լոյս տեսած է 1917-1918 -ին, Թիֆլիսի մէջ։
Խմբագիր՝ Վահան Թոթովենց։
Հրատարակութիւնը նախաձեռնած էր Անդրանիկը՝ Յովհաննէս Թումանեանի աջակցութեամբ։ Արեւմտահայերու ազգային խորհուրդի ստեղծումէն ետք դարձած է անոր խօսնակը։ Արտայայտած է արեւմտահայերու, մասնաւորապէս՝ Կովկասի մէջ ապաստանած արեւմտահայ փախստականներու շահերը։ Թերթի շուրջ ձեւաւորուած է հայ քաղաքական նոր հոսանք, որ գտնուած է Անդրանիկի քաղաքական հայեացքներու ազդեցութեան տակ, որ առաջացուցած է հայ քաղաքական որոշ կուսակցութիւններու դժգոհութիւնը։
Թերթը մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է հայկական հարցին, լուսաբանած է հայերու ցեղասպանութեան պատճառներն ու հետեւանքները, հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած խնդիրները, հանդէս եկած Հայաստանի երկու հատուածներու միասնութեան ամրապնդման օգտին։ «Հայաստան»-ը պաշտպանած է հայկական հարցի լուծման երեք տարբերակ.
Հայաստանի միացումը Ռուսաստանին եւ ռուսական հովանաւորութեան հաստատում,
Հայաստանի ինքնավարութիւն՝ հայերու կառաւարմամբ,
Հայաստանի ինքնավարութիւն՝ դաշնակից պետութիւններու խորհուրդի կառավարմամբ։ |
5,644 | Պըրքլիի Հանրային Գրադարան | Պըրքլիի Հանրային Գրադարան (անգլերէն՝ Berkeley Public Library), հանրային գրադարանային համակարգ Պըրքլինի մէջ, Գալիֆորնիա: Բաղկացած է կեդրոնական գրադարանէն, Քլերմոնտ մասնաճիւղէն, հիւսիսային, հարաւային եւ արեւմտեան մասնաճիւղերէն:
== Պատմութիւն ==
Պըրքլիի հանրային գրադարանը բացուած է 1893-ին Շատուք պողոտային վրայ եւ ունեցած է 264 գիրք:
1905-ին գրադարանը տեղափոխուած է նոյն պողոտայի Կիտրեճ փողոցը գտնուող եւ Էնտրիւ Գառնըկիի հիմնած աղիւսէ շինութեան մէջ, որուն հողատարածքը նուիրաբերած է Ֆրանսիս Շատուքի կինը` Ռոզա Շատուք:
1906-ի Սան Ֆրանսիսքոյի երկրաշարժէն ետք, բնակչութեան աճին գոհացում տալու համար, գրադարանը բացած է չորս այլ մասնաճիւղեր՝ Պըրքլիի շրջակայքը:
1930-ին գրադարանը քանդուած է եւ անոր փոխարէն հաստատուած է ճարտարապետ Ճէյմս Վ. Պլաչեքի նոր նախագիծը։
Նոր կեդրոնական գրադարանը բացուած է 1934-ին եւ մինչեւ 2002-ի վերանորոգումն ու վերաբացումը անիկա համարուած է կեդրոնական մասնաճիւղը:
2012-ին աւարտած է Քլերմոնտ եւ հիւսիսային մասնաճիւղերու վերակառուցումը, իսկ 2013-ին` հարաւային մասնաճիւղին վերակառուցումը: Վերակառուցումներու ընթացքին շարժական Branch Van մը տեղակայուած է իւրաքանչիւր մասնաճիւղի մօտ` ապահովելու գրադարանային գործունէութեան ընթացքը:
Պըրքլիի հանրային գրադարանին բոլոր մասնաճիւղերը ապահովուած են ինքնակառավարուող սարքերով. ընթերցողները տեսագրող սարքերու օգնութեամբ կը ստուգեն գիրքերուն ելքն ու մուտքը: Ընթերցողները կրնան գիրքեր պատուիրել կամ թարմացնել համացանցի օգնութեամբ կամ հեռախօսով:
== Գործիքներ Տրամադրող Գրադարան ==
Կը համարուի գործիքներ տրամադրող եզակի գրադարաններէն եւ կը գործէ հարաւային մասնաճիւղին մէջ: Նման ծառայութիւն եղած է Օհայոյի մէջ 1976-ին: Գործիքներ վերցնելու համար պէտք է ըլլալ 18 տարեկան եւ Պըրքլիի բնակիչ:
Գործիքներու փոխառութեան գրադարանի առաջարկները կը ներառեն գլխաւորաբար ձեռքի գործիքներ, թեթեւ ելեկտրական գործիքներ եւ սարքեր՝ պտուտակահաններ, տարբեր մուրճեր, սանդուխներ, շինարարական գործիքներ եւ անվճար խորհրդատուութիւն: Ուշացման պարագային, վճարումները կը կազմեն $1, $5 կամ $10 օրական՝ ըստ փոխ առնուած առարկային:
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Պաշտօնական կայք |
22,229 | Աստղաֆիզիկա (հանդէս) | Աստղաֆիզիկայ, հանդէսը կը տպագրէ յօդուածներ աստղաֆիզիկայի, միգամածութիւններու եւ միջաստղային միջավայրի ֆիզիկայի, աստղաբաշխութեան եւ արտագալակտիկական աստղագիտութեան, ինչպէս նաեւ աստղաֆիզիկային սահմանակից բնագաւառներու գիծով։ Հանդէսը նախատեսուած է գիտական աշխատակիցներու, ասպիրանտներու եւ բարձր կուրսերու ուսանողներու համար։
== Աղբիւր ==
Գիտական տեղեկատուական վերլուծութեան եւ մոնիթորինգի կենտրոն, Հայաստանում հրատարակվող գիտական պարբերականների ցանկ Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine. |
1,205 | Hier Encore | «Hier Encore» («Երէկ դարձեալ»), ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի հեղինակած եւ Սեպտեմբեր 1964-ին ձայնագրած հիթային լաւագոյն երգերէն մէկը:
== Պատմութիւն ==
Երգը շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն ձեռք բերաւ եւ անուանի այլ երգիչներու կողմէ շուտով կատարուեցաւ։ Երգը ձայնագրուեցաւ անգլերէն՝ "Yesterday, When I Was Young", իտալերէն՝ "Ieri Si", դանիերէն՝ "Hvor tiden går", ճապոներէն՝ 帰り来ぬ青春, սպաներէն՝ "Ayer Aún", ֆիններէն՝ "Eilen kun mä tiennyt en" տարբերակներով: «Hier Encore»-ը կը համարուի Ազնաւուրի ամենասքանչելի երգերէն մէկը:
Երգին անգլերէն բնագիրը, որուն հեղինակը Հերպերտ Քրեցմերն (Herbert Kretzmer) է, կը պատմէ ծերացած մարդու մը մասին, ով հայեացք կը նետէ իր անցած կեանքին եւ ցաւով կը նկատէ, որ երիտասարդութեան տարիները վատնած է չնչին բաներու վրայ, միանգամայն անիմաստ ձեւով, եւ այլեւս չի կրնար հասնիլ երիտասարդ ժամանակ փայփայած նպատակներուն, քանզի անխուսափելի մահը մօտ է արդէն, շա՜տ մօտ... Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Yesterday, When I Was Young-ի հանրայայտ տարբերակը կատարուած ու ձայնագրուած է քանթրի երգերու անուանի կատարող Ռոյ Քլարքի (Roy Clark) կողմէ եւ դարձած է անոր մեծագոյն նուաճումը իր ամբողջ ասպարէզին ընթացքին՝ Billboard Hot Country Singles chart-ի մէջ Օգոստոս 1969-ին գրաւելով իններորդ տեղը: Քլարք կատարած է այդ երգը նաեւ Միքի Մանթլի յուղարկաւորութեան ժամանակ՝ իրականացնելով կտակին մէջ անոր արտայայտած խնդրանքը։ Քանատայի մէջ Yesterday, When I Was Young-ը pop chart-ը գրաւած է եօթներորդ, country chart-ի մէջ՝ երկրորդ եւ AC-ի մէջ՝ առաջին տեղերը:
=== Երգի կատարումներ ===
== Հիշարժան այլ կատարումներ ==
Շարլ Ազնաւուրը «Hier Encore»-ը կատարած ու ձայնագրած է նաեւ Փաթրիք Պրյուէլի (Patrick Bruel) հետ։ Այդ ձայնագրութիւնը տեղ գտած է Ազնաւուրի «40 chansons d'or» ալպոմին մէջ:
Ամանտա Լիրը (Amanda Lear) սիրուած երգի իր ուրոյն տարբերակը ձայնագրած է 2001-ին թողարկած Heart. CD-ով:
Hier Encore-ը կատարուած ու ձայնագրուած է նաեւ մեծ ճանաչում ունեցող այնպիսի երգիչներու կողմէ, ինչպիսին են՝ Պինկ Քրոսպի (Bing Crosby), Շիրլի Պասսի (Shirley Bassey), Էլվիս Փրեսլի (Elvis Presley), Տասթի Սփրինգֆիլտ (Dusty Springfield), Ռոյ Քլարք (Roy Clark), Մել Թորմ (Mel Torme), Լենա Հորն (Lena Horne), Էնտի Ուիլիմս (Andy Williams), Ճիմմի Տիւրան (Jimmy Durante) , Bobby Bar, Al Martino, The Peanuts, Glen Campbell, Julio Iglesias, Eddy Mitchell, Dean Reed, Ճոնի Մաթիս (Johnny Mathis), Մարք Օլմոնտ (Marc Almond), Փաթրիսիա Քաաս (Patricia Kaas), Մաթ Մոնրօ (Matt Monro) եւ ուրիշներ: Ըստ «Billboard» ամսագիրին կատարած ուսումնասիրութիւններուն՝ մինչեւ 1972-ը արդէն իսկ ձայնագրուած էր «Hier Encore»-ի աւելի քան 90 տարբերակ:
2008-ին Ազնաւուր Էլթօն Ճոնի (Elton John) հետ համերգներէն մէկուն ժամանակ կենդանի հնչողութեամբ կատարած է "Yesterday When I Was Young"-ը, ապա նաեւ միասին ձայնագրած են այդ երգը Ազնաւուրի Duos ալպոմին համար:
=== Գծապատկերներ ===
==== Շարլ Ազնակուրի տարբերակ ====
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Երգի բնագիրը MetroLyrics կայքին մէջ (as "Hier Encore")
Երգի բնագիրը MetroLyrics կայքին մէջ (as "Yesterday, When I Was Young") |
4,389 | Մանկօ |
== Մանկօ ==
(անգլերէն՝ Mangifera) (լատ.՝ Anacardiaceae)
== Նկարագրություն ==
Մանկօ ծառը կ'աճի 35-40 Մ. (110-130 ոտնաչափ) ։ Մանկօն կը համարուի ամենահին պտուղներ էն որը կը ձանուէր 4000 տարի առաջ։ Հողին մէջ արմատները կը տարածուին 6 մ. (20 ոտնաչափ) ։ Մանկօ ծառին տերեւները կը համարուին մշտադալար բույսեր եւ պարզ հասակը 15-35 ս.մ. (5.9-14 մատնաչափ), լայնքը (6-16 Ս.մ.) (2.4-6.3 մատնաչափ) ։
Տերեւը խակ եղած ժամանակ գոյնը նարնջագոյն վարդագոյն եւ արագ կը բոխուի մուք կարմիրի հետո մուք կանաչ ։ Ծաղիկները կ'աճին եւ հասակը (10-40 ս.մ) (3.9-16 մատնաչափ) փոքր ծաղիկին չափը 5-10 մմ (0.20-0.39 մատնաչափ),3 ամիս կը տեւէ հասուննալու։
Պտուղներու չափը եւ գոյնը կը տարբերին սովորաբար դեղին, նարնջագոյն, կարմիր,կանաչ ։
== Միջավայր ==
Բուն միջավայրը Հնդկաստան, Ջինական Հնդկաստան։ Կը ձանուի Եմեն, Եգիպտոս, Գազայի հատված եւ Սուդան վերջերս հաջողեցաւ աքիլը Սաուդյան Արաբիաի մէջ։
== Բուսականություն նկարագրություն ==
Կը համարուի կորիզապտուղ։
== Մանկօի օգուտները ==
Մանկօին մէջ շատ մեծ չափով վէդամին սի կայ եւ Հնդկաստանի մէջ կը օգտուագործուի արիւնահոսութիւնը դադարելու, սիրտը զոռագնեթու եւ ուղեղը աշխուժացնելու։Մանկօն կ'օգնէ արիւնի շինութիան եւ կ'օգնէ արիան տկարություն ունեցողներուն գանի կը պատկանի բարձր մասնաբաժին երկաթէ։
Միջին չափի մանկոն կը բովանդակուի 40% մարմինի պէտքերէ մանրաթելներէ։ Եթէ ամեն օր մէկ հատ մանկօ ուտես չէս տուժելու փորկապութիւնէ։
== Սնունդի տեղեկութիւն ==
Իբր USDA Ամեն կեղվուած մանկօ կը պարունակէ հետեւյալը
կալորիա։ 202
յուղ։ 1.28
ածխաջրեր։ 50.33
մանրաթել։ 5.4
Սպիտակուցներ։ 2.76 |
3,900 | Հայկական Եկեղեցի (Կրոզնի) | Հայկական եկեղեցի (Գրոզնի) հայ առաքելական եկեղեցի Գրոզնի մէջ, որ քանդուած է խորհրդային իշխանութիւններու կողմէն 1930–ական թուականներուն։
== Դիրքը ==
Ինչպէս ցոյց կու տայ 1923 թուականի հատակագիծը, հայկական եկեղեցին տեղակայուած եղած է քաղաքի կեդրոնին մէջ՝ Սունժա գետի ձախ ափին։ Ան կը գտնուի Դունդվսկի փողոցի եւ Նաւթային ինստիտուտի մասնաշէնքի եւ № 1 միջնակարգ դպրոցի տարածքին՝ հատուելով Լերմոնտովի զբոսայգի տարածքի հետ։
== Կառուցման պատմութիւնը ==
Գրոզնի քաղաքը կառուցուած է ամրոցի շրջակայքին։ Քաղաքին մէջ կար ոչ մեծ իջեւանատուն, ուր հիմնականին առեւտրային գործունեութիւն կը ծաւալէին հայ վաճառականները։ Գրոզնիի հայկական համայնքի համար կարեւորագոյն խնդիր էր ազգային դպրոցի եւ եկեղեցւոյ կառուցումը։ 1863 թուականի ապրիլին խումբ մը հայեր դիմեցին իրենց հայրենակից գեներալ–մայոր Ալեքսանդր Թումանովին՝ աջակցած հայկական եկեղեցւոյ կառուցման գործին։ 27 Ապրիլ 1865 թուականին Աստրախանի հայկական թեմին եկաւ հաղորդագրութիւն, որ իշխանութիւնները դէմ չեն հայկական եկեղեցւոյ կառուցման գործին։
Գրոզնիի հայկական համայնքը եկեղեցւոյ կառուցումը սկսաւ 1860–ական թուականներուն երկրորդ կիսուն, եւ արդէն XIX դարու 70–ական թուականներուն եկեղեցին պատրաստ էր։ Քաղաքի հիմնադրումէն կէս դար ետք հայկական եկեղեցւոյ կառուցումը կը խօսէր հայ համայնքի նշանակալից դէրի մասին։։ Եկեղեցին կը կառուցուէր մաս առ մաս։ Սկզբը կառուցուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնական մասը, հետագային անոր աւելացուեցաւ երկհարկանի զանգակատունը։ Առաջին անգամ հայկական եկեղեցւոյ մասին յիշատակուած է 1871 թուականին «Թերեքեան լուրեր» թերթին մէջ։ Հայկական համայնքի կանոնադրութեան մեջ կը նշուի, որ հայ առաքելական եկեղեցին կը հանդիսանայ հայ համայնքի գործունէութեան կարգաւորողը։ Եկեղեցին քանդուած է 1930–ական թուականներուն։
։
== Ճարտարապետութիւնը ==
=== Հիմնական շինութիւն ===
Եկեղեցին գմբէթաւոր բազիլիկա շինութիւն էր։ Արեւմտեան եւ արեւելեան թեւերու հիւսիսային եւ հարաւային ճակատներուն կային բարձր լուսամուտախորշեր։ Ամէն այսպիսի լուսամուտախորշի վերեւը կային շրջանաձեւ լուսանցքներ, որոնք կը լուսաւորէին ամբողջ շինութիւնը։ Շինութեանը ամբողջական տէսք կը հաղորդէր գմբէթը, որ ունէր ութանկեան տեսք, իւրաքանչիւր անկիւնը կար որմնախորշ եւ անոնք ընդհանուր պատուած էին սպիտակ շրջագիծով։
=== Զանգակատուն–գաւիթ ===
Զանգակատուն–գաւիթը, ինչպէս եւ հիմնական շինութիւնը, կառուցուած էր կարմիր աղիւսով։ Շէնքը աչքի կը մտնէր իւրօրինակ տեսքով։ Ան ունէր մեծ դարպասաձեւ մուտք, որուն վերեւը վէր կը խոյանար բազմանկիւն գմբէթը։ Զանգակատան տեսքը կ՝ ամբողջանար ընդարձակ գմբեթաձեւ զանգակամասով։ Զանգակատան կեդրոնական մուտքի երկու ուղղութիւններն ալ զարդարուած էին իրենց ձեւաւորումով տարբերուող խորշերով։ Այս ճարտարապետական լուծումը հատուկ չէ հայ ճարտարապետական արուեստին։
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,937 | Քալիմնոս | Քալիմնոս (յուն․՝ Κάλυμνος), հարաւ-արեւելեան Էգէականի կղզի, Տոտեքանիսա, Յունաստան։ Մայրաքաղաքն է Հորա (Փոթէա կամ Փոթիա եւ կամ Քալիմնոս)։ Կը գտնուի Լերոսին հարաւը, Փոքր Ասիոյ թրքական ափերէն 14 մղոն արեւմուտք։
Հորա․ յունական կղզիներու մայր գիւղին կամ քաղաքին տրուած անուն, որ կ՛ ընկերակցի տուեալ գիւղին կամ քաղաքին բուն անունին (մայրաքաղաքի իմաստ ունի)։
== Ընդհանուր տեղեկութիւններ ==
Քալիմնոս կը գտնուի Լերոսին հարաւը։ Տարածութիւնն է 111,14 քլ․² եւ բնակչութեան թիւը՝ 16 179։ Բարձրագոյն կէտն է Փրոֆիթիս Իլիաս (760 մեթր, կղզիին կեդրոնը), ուրիշ բարձր կէտեր են՝ Քիրիա Փսիլի կամ՝ Քարափսիլի (700 մեթր, հարաւ-արեւելք) եւ Ղալաթեանի (հիւսիս-արեւմուտք)։ Կղզին ունի բազմաթիւ ծոցեր, խորշեր եւ նաւակայքեր․ գլխաւորներն են՝ Փոթէա (հարաւ-արեւելք), Ռիէաս եւ Փեզոնտա (հիւսիս), Փալէոնիսոս (հիւսիս/հիւսիս-արեւելք), Էմպորիոս (արեւմուտք/հիւսիս-արեւմուտք) եւ Փիթարի (հարաւ)։
=== Կղզիակներ ===
Լերոսի քաղաքապետութիւնը կը ներփակէ բազմաթիւ կղզիակներ, որոնցմէ գլխաւորներն են․ Ղլարոնիսիա, Քալաւրոս, Այիա Քիրիաքի, Թելենտոս (բնակուած), Ներա, Այիոս Նիքոլաոս կամ Սաֆոնիտի, Այիոս Անտրէաս, Փլաթի (բնակուած), Իմիա, Փսերիմոս (բնակուած) Փիթա եւ Քալոլիմնոս։
=== Բնակավայրեր ===
Արղինոնտա (17 բնակիչ), Արղոս (278), Վաթիս (492), Վլիհատա (68), Վոթինի (245), Էմպորիոս (56), Քալիմնոս կամ Փոթէա (12 324), Քամարի (86), Միրթէես (325), Փանորմոս (2 069) եւ Սքալիա (41)։
=== Քառայրներ ===
Grande Grotta
Քեֆալա քարայր
Սքալիոն քարայր
Նիմֆոն կամ Ֆլասքա քարայր
Տասքալիօ քարայր
== Պատմական ակնարկ ==
=== Նոր Քարէ Դարէն - Ի․ դար ===
Քալիմնոս բնակուած է Նոր Քարէ Դար շրջանէն։ Քալիմնոսի առաջին բնակիչները եղած են Քարես, իսկ աւելի ուշ Փիւնիկեցիներ։ Ք․Ա․ 1150 - 800 ժամանակաշրջանին, Քալիմնոս Դորիացիներուն գաղթօճախ կը դառնայ։ Այդ կը փաստեն գտուած արձանագրութիւնները։
Օմիրոս (Հոմերոս), կղզին Քալիտնես կամ Քալիտնէ կոչած է (կղզիին բնակիչները Ափոլոնաս աստուածը Քալիտնեւս կ՛ անուանէին)։ Ան, նշած է Քալիմնոս Տրոյեան պատերազմին մասնակցած է 30 նաւերով։ Պատերազմէն տուն վերադարձին, Աղամեմնոնասի (Միկինեսի թագաւորը) նաւատորմիղէն 4 նաւեր կղզիին բացերը կ՛ ընկղմին եւ նաւաստիները (Պելոպոնեսի Արղոս եւ էփիտաւրոս շրջաններէն) Քալիմնոս կը հաստատուին եւ կը հիմնեն Արղոս բնակավայրը (ի յիշատակ իրենց հայրենիքին)։
Ք․Ա․ 477-ին մաս կը կազմէ Աթենեան դաշինքին։ Աւելի ուշ, Քալիմնոս յաջորդաբար հռոմէացիներուն եւ Բիւզանդիոնի իշխանութեանց ձեռքը կ՛ անցնի։ Ժ․ դարուն թուրքերը կղզին կը կործանեն եւ ԺԴ․ դարուն Քալիմնոս Ասպնջական Ասպետներու Ordo Hospitalis Sancti Johannis իշխանութեան տակ կը գտնուի։ 1522-ին թուրքերը վերստին կը գրաւեն կղզին, իսկ 1912-ին՝ իտալացիները։
1914-ին երբ դիմացի Փոքր Ասիոյ ափերուն յունական բնակչութեան դէմ հալածանքները կը սաստկանան, շատեր մօտակայ (Էգէականի արեւելեան) կղզիները կ՛ ապաստանին, նա՛եւ Քալիմնոս։ Անոնք կը վերադառնան Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին (1918, Մուտրոսի պայմանագիր)։ Փոքր Ասիոյ Աղէտէն ետք, բազմաթիւ գաղթական ընտանիքներ կղզին կը հաստատուին։
Իտալական գերիշխանութիւնը կը տեւէ մինչեւ Բ․ Համաշխարհային Պատերազմ, երբ 1946-ին վերջնականապէս կղզին Յունաստանի սահմաններուն մէջ կը ներառնուի (պաշտօնական վերամիցում՝ 7 Մարտ 1948)։
=== Սպունգի ձկնորսութիւն եւ առեւտուր ===
Քալիմնոսի նորագոյն պատմութիւնը կապուած է սպունգի ձկնորսութեամբ ու անոր առեւտուրով։ ԺԹ․ դարավերջին, քալիմնոցի սպունգի սուզուողներ Ամերիկա հրաւիրուեցան (էգէականի ուրիշ յունական կղզիներու սպունգի սուզուողներու հետ) եւ սատարեցին Ա․Մ․Ն․ Ֆլորիտայի սպունգի ձկնորսութեան եւ առեւտուրի զարգացման։
== Բնակչութիւն ==
Քալիմնոս, Յունաստանի ամենախիտ բնակչութեամբ կղզիներէն մէկն է։ Բնակչութեան թիւն է 16 179 (ըստ 2011-ի մարդահամարի)։ Կղզին հանրածանօթ է բնակիչներուն սպունգի ձկնորսութեամբ (կամ սպունգի սուզումով sponge diving) եւ այդ զբաղումին մասին կղզիին մէջ կան երեք թանգարաններ, ինչպէս նաեւ արդի հնաբանական թանգարան մը։
== Փոխադրական միջոցներ ==
Կզղին օժտուած է օդակայանով մը եւ ամենօրեայ հերթականութեամբ թռիչքներ կը կատարուին դէպի եւ Աթէնքէն՝ կղզի։ Ամէն օր մեծ բեռնատար, ինչպէս նաեւ ճամբորդներ փոխադրող նաւեր կղզիին արդի նաւահանգիստը՝ Փոթիա, խարիսխ կը նետեն։
== Գահաւանդ ժայռեր ==
Գահաւանդ ժայռերը եւ բարեխառն կլիման աշխարհի չորս կողմերէն մագլցողներ կը ներգրաւէ։ Պարբերաթերթեր ինչպէս Vertical, Klettern, Climbing, Desnivel Քալիմնոսը նկարագրած են իբրեւ՝ «մագլցողներու աշխարհին ամենագեղեցիկ վայրերէն»։ Ունի մագլցելու 60 կէտեր, որոնք հասանելի են արահետներու միջոցով եւ ներկայիս կան 2․000-է աւելի անցքեր (Թելենտոս կղզին նեռարեալ)։
=== Kalymnos Rock Climbing Festival ===
1990-ի տասնամեակի վերջերէն կղզիին վրայ կը կազմակերպուի «Kalymnos Rock Climbing փառատօն»ը։
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,097 | Պաղտասար Արզումանեան | Պաղտասար Արզումանեան (1 Յունուար 1916(1916-01-01), Ծղուկ, Զանգեզուրի Գաւառ, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 20 Նոյեմբեր 2001(2001-11-20), Երեւան, Հայաստան), ճարտարապետ եւ շինարար։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Սիւնիքի մարզի Մուծք գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ եւ ապա ընդունուած Երեւանի Ա. Թամանեանի անուան շինարարական կաճառ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք անցած է աշխատանքի «Թիւ 3» ճարտարապետական արուեստանոցէն ներս, ղեկավարութեամբ յայտնի ճարտարապետներ Միքայէլ Մազմանեանի եւ Յովհաննէս Մարգարեանի:
Արզումանեան 1938 թուականին ընդունուած է Երեւանի ընդհանուր արուեստից ուսումնարանի շինարարական բաժինը, սակայն ուսումը չաւարտած զօրակոչուած է բանակ եւ մասնակցած Հայրենական մեծ պատերազմին՝ իբրեւ հրետանիի վաշտի եւ մարտկոցի հրամանատար։ Զօրացրուած է 1946 թուականին եւ շարունակած իր ուսումը:
Աւարտելէ ժամանակ մը ետք՝ 1958-ին Արզումանեան եղած է նորաստեղծ Երեւան Նախագիծ հիմնարկի ճարտարապետական արուեստանոցի ղեկավարի պաշտօնատար, իսկ 1978-ին նոյն հաստատութեան «Մոմիկ» ստեղծագործական խումբի ղեկավար:
== Ճարտարապետական գործունէութիւն ==
Արզումանեանի ճարտարապետական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1950-ին. ճարտարապետը Յովհաննէս Մարգարեանի հետ միասին նախագծած է Կիրովական քաղաքի «Գուգարք» հիւրանոցը։
1968 թուականին անոր նախագիծերով շինուած է «Էրեբունի» թանգարանը:
Ան մեծ ներդրում ունեցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նոր ճարտարապետական կոթողներու նախագծման եւ շինութեան մէջ:
Արզումանեան շէնքերու եւ կառոյցներու կողքին զբաղուած է կոթողներու շինութեամբ, անոր յայտնի գործերէն են Մեսրոպեան ոսկի այբուբենը, ոսկի մեծ խաչքարը, Մայր Տաճարի մանրակերտը եւ այլն: Ան ձեւաւորած եւ պատրաստած է կաթողիկոսական պարգեւներ, լանջախաչեր, գաւազաններ, ինչպէս նաեւ գիրքեր:
Յայտնի Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարանը գործն է Արզումանեանի. անոր գործերէն են Նոր Նորք թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցին, Սպիտակի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, Գիւմրիի Ս. Յակոբ եկեղեցին, Սեւանի Վազգէնեան դպրեվանքի Ս. Յակոբ մատուռը, Երեւանի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ այլն:
== Շքանշաններ եւ կոչում ==
Արզումանեան արժանացած է՝
Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր շինարար կոչումին,
Գեղարուեստի ակադեմիային ոսկի եւ Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշաններուն:
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
18,438 | Մենք ենք, մեր սարերը (յուշարձան) | Մե՛նք ենք մեր սարերը, (Մամիկն ու Պապիկը) յուշարձան կոթող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ։
== Պատմութիւն ==
Յուշարձանին իսկական անուանումը «Մե՛նք ենք մեր սարերը»‐ն է («Մե՛նք ենք մեր լեռները»)։ Արձանը շատերուն յայտնի է իբրեւ «Պապիկ-տատիկ», (արեւմտահայերէն՝ Մամիկ եւ Պապիկ)։ Տեղադրուած է 1967-ին, կը գտնուի բլուրին գագաթին։ Քանդակագործն է Սարգիս Պաղտասարեանը, իսկ ճարտարապետը՝ Եուրի Յակոբեան։ Քանդակը պատրաստուած է կարմիր տուֆէ։ Անիկա կը խորհրդանշէ արցախեան հողին եւ ժողովուրդին արմատներուն միջեւ արիւնակցական կապը։ Յուշարձանը կը ներկայացնէ աւանդական տարազով տարեց ղարաբաղցի ամուսիններ՝ ուս-ուսի, հպարտ ու անյողդողդ կեցուածքով ու սեւեռուն հայեացքով։ Կոթողը պատուանդան չունի։ Կարծես լեռնաբլուրը ճեղքուած է, եւ անոնք այդ ճեղքէն բարձրացած, կանգնած են՝ ոտքերը ամուր դրած հայերու հողին մէջ։
Աւելի քան 40 տարի առաջ իտալական Քարարա (Carrara) քաղաքին մէջ համաշխարհային ցուցահանդէս մը կը կազմակերպուի։ Նշանաւոր հեղինակներու արուեստի ստեղծագործութիւններու հետ միասին ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուած էին վաստակաւոր քանդակագործ, Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, պետական մրցանակի դափնեկիր, փրոֆ. Սարգիս Պաղտասարեանի աշխատանքները։ Անոր ցուցադրած գործերէն մէկը հետագային աշխարհահռչակ կը դառնայ։ Այդ գործը «Մե՛նք ենք մեր սարերը» քանդակն է։
Քանդակը «Մենք ենք, մեր լեռները» անունով կնքած է Բագրատ Ուլուպապեան։ Քանդակը Ստեփանակերտի մուտքին մօտակայքը իբրեւ յուշարձան ունենալու գաղափարը կեանքի կոչուած է այդ տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի մարզխորհուրդի գործկոմի նախագահ Մուշեղ Օհանջանեանի անմիջական մասնակցութեամբՅուշակոթողին շինարարութեան եւ անոր տեղադրման դէմ եղած է Սովետական Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը։ Աւելին՝ բողոք բարձրացած է Ստեփանակերտ քաղաքի մերձակայքը այդ քանդակը տեղադրելու առթիւ։ Այնուամենայնիւ, անիկա կը տեղադրուի։ Յուշակոթողը նաեւ վէճի առիթ հանդիսացած է Եւրոտեսիլ 2009 երգի մրցոյթ էսդրատային երգի մրցոյթ-փառատօնի ատեն, քանի որ Հայաստանի մասնակիցին տեսահոլովակին մէջ նկարուած էր անիկա։
«Մե՛նք ենք մեր լեռները» յուշահամալիրը վերակառուցուած ու բարեկարգուած է գործարար Կարէն Աւագյումեանի կողմէ։
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,632 | Խաչվերաց | Խաչվերացի տօնը եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ կը տօնուի Սեպտեմբեր 15-ի նախորդող կամ յաջորդող Կիրակին: Տօնը նուիրուած է Յիսուսի իսկական խաչափայտի գերադարձին:
== Պատմական ==
Առաջին քրիստոնեայ կայսր՝ Մեծն Կոստանդիանոսի մայրը՝ Ս. Հեղինէ 326 թուին ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպէ դէպի Երուսաղէմ, ուր կը յաջողի գտնել Քրիստոսի իսկական խաչափայտը: Կը կառուցէ Ս. Յարութիւն եկեղեցին Քրիստոսի գերեզմանին վրայ եւ այնտեղ կը տեղադրէ Քրիստոտի խաչափայտը: Դարեր ետք, պարսից Խոսրով Բ. Թագաւորը կը յարձակի Երուսաղէմի վրայ, կը գրաւէ քաղաքը. Նաեւ գերի կը տանի խաչափայտը՝ դէպի Տիզբոն: 627 թուին, Հերակլ կայսրը յաթելով եւ կը յանձնէ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ:
Փոխադրութեան ընթացքին Հայաստանի ճամբով, տեղի կ'ունենան մեծ հանդիսութիւններ եւ կրօնական արարողութիւններ: Այս դէպքի յիշատակը յաւերժացնելու համար, կը հաստատուի խաչի գերութենէն ազատագրումի այս տօնը: խաչվերացի տօնին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներու մէջ, Կիրակի երեկոյեան տեղի կ'ունենայ՝ ռեհանով զարդարուած խաչով հանդիսաւոր թափօր, Անդաստան:
== Աւանդութիւններ ==
Մարաշի մէջ խաչը կը զարդարէին տեսակաւոր, գոյնզգոյն ծաղիկներով, ինչպէս նաեւ հոտավէտ ռեհանով: Տոնը, ժողովըրդական լեզուով կը կոչուէր Սըրբխէչ, որ կը տօնուէր աշնան սկիզբը: Ուրախութեան տօն էր, տեղի կ'ունենար կերուխում. Նաեւ կը յիշէին իրենց մեռելները եւ աշնան բարիքներէն մաս մը կը հանէին:
Շաբաթ օրը, կիները խմորեղէն կը թխէին, տղամարդիկ ուլ կը մորթէին: Սըրբխէչի տօնին համար ուլի միսը առանձնայատուկ էր եւ անհրաժեշտ ուտելիք: Այս էր պատճառը, որ Խաչվերացի տօնը կը կոչուէր նաեւ ուլնոց:
Մորթուած եւ մաշկուած ուլը կը կախէին թոնիրին մէջ, ուր նախապէս դրուած կ'ըլլար ձաւարով լեցուն կաթսան: Ուլը կը խորովուէր մարմանդ կրակով, իսկ ուլին իւղը կը ծորէր ձաւարին վրայ: Ցաւարը կը ծծէր ճարպը ու կ'եփէր: Այս ճաշը կը կոչուէր Քաշկակ: Նոյն արարողութիւնը կը կատարուէր Շիրակի եւ Վայոց Ձորի մարզերէն ներս:
Կիրակի առտու կանուխ, մարդիկ կ'ուղղուէին դէպի գերեզմանատուն, իրենց հետ տանելով ուտելիքներ՝ մրգեղէն, խաղող, ձմերուկ, խմորեղէն, պանիր, եւայլն, ինչպէս նաեւ ուլի միս:
Քահանան գերեզմանատունը օրհնելէ ետք, խնճոյքը կը սկսէր, սփռոցները կը բացուէին գերեզմանաքարերուն վրայ, քահանային եւ իրեն ընկերակցողներուն ուտելիքը կ'ըլլար լաւաշ հացին մէջ փաթթուած Քաշկակ եւ ուլի միս: Այս ուտելիքները կը կոչուէին «նան ու տիր»: Այդ օրը ողբի օր չէր, այլ ուրախութեան եւ ուխտագնացութեան: Խնամիները զիրար կը հիւրասիրէին, նորահարսերը նուէր կը ստանային: Երկուշաբթի՝ ինչպէս իւրաքանչիւր Տաղաւարի յաջորդող օրը, Մեռելոցի օրն էր: Տեղի կ'ունենար ննջեցեալներու համար Պատարագ: Շատ մը տեղեր, Սըրբխեչ օրը կը նկատուէր աշնանամուտի օր:
Մշեցիները այսպէս կ'ըսէին, Աստուածածնին բակը մտիր, Սըրբխեչին ալ ծակը մտիր: Քէսապցիներն ալ կ'ըսէին, խաչ, վերմակը առ, ներս մտիր:
== Աղբիւրներ ==
Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ Եւ անոնց հետ կապուած Աւանդութիւններ, Պէյրութ, 2012
Կաղապար:Հին հայկական սովորութիւններ |
462 | 1768 թուական | 1768 թուական, նահանջ տարի, 18րդ դարու 68րդ տարին է
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1768 ծնունդներ
Անյայտ ամսաթիւով
Համբարձում Լիմոնճեան (մ. 1839) հայ երգահան, երաժշտագէտ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1768 մահեր
Յունուար 20` Յովհաննէս Մինաս (հոլ.՝ Johannes di Minas, ծն.անյայտ), հայազգի հոգեւորական Նետերլանտներուն մէջ
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,399 | Յարութիւն Գալուստեան | Յարութիւն Գալուստեան (1874, Արաբկիր, Թուրքիա - 1932, Պէյրութ, Լիբանան), Պէյրութ հաստատուած է 1897-ին։ Պետրոս Աղաճանեանի հետ ընկերովի վաճառական էր։ Երբեմն եղած է թաղական եւ հոգաբարձու:
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,997 | Արամայիս Երզնկեան | Արամայիս Երզնկեան, Խ. Հայաստանի գործավար, ծնած է 1879-ին Հաղբատի մէջ: Մինջնակարգ կրթութիւնը կը ստանայ Թիֆլիսի Նիրսիսեան դպրոցը, հապա կը յաճախէ Ժընեւի համալսարանը հետեւելով հասարակական գիտութիւններու: Կուսակցական աշխատանքը կը սկսի 1898 թուին մտնելով Ռ.Ս.Դ.Բ. կուսակցութեան մէջ աշխատակցելով զանազան օրինակներու մէջ: Յեղափոխութենէն յետոյ եղած է Անչրկովկասեան կառավարութեան խորհուրդի անդամ: Մասնակցած է շարք մը կուլտուրական, կրթական եւ ազգայիին հիմնարկութեանց: 1922-1923-ին Խ. Հայաստանի Հողագործական Ժողովրդական Քոմիսէրի պաշտօնը կը վարէր, իսկ 1935-1936-ին Խ. ՀԱյաստանի համայնական անտեսութեան գործավար անուանուեցաւ:
Արամայիս Երզնկեան Համաշխարհային պատերազմէն առաջ ծանօթ էր իբրեւ հրապարակագիր խմբագիր, ինքն եղած է 1906-ին Կայծ «տնտեսական, քաղաքական, հասարակական օրաթերթ»ի խմբագիր հրատարակիչը, որուն խմբագրական կազմին մէջ կը գտնուէր Ստ. Շահումեան, Սարգ. Կասեան եւ թերթը օրկանն էր Ռ.Ս.Դ.Բ., կուսակցութեան: 1906-1907-ին Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսնող Հոսանք օրաթերթի խմբագիրներուն շարքին Երզնկեանը եւս կը յիշուի: Կովկասի Լրաբեր «Հասարակական, գրական, հանրամատչելի» օրաթերթը որ լոյս տեսաւ Թիֆլիսի մէջ 1912-1914, որքան որ իբր խմբագիր Բ. Յարութիւնեանը ունի, այնուհանդերձ փաստացի խմբագիրը Արամայիս Երզնկանն էր:
Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսաւ 1915-1919 Պայքար «գրական, հասարակական, քաղաքական եւ տնտեսական շաբաթաթերթ»ը, որուն խմբագրական մարմինին մէջ է Արամայիս Երզնկեան:
Հայաստան երբ 1902-ին Խորհրդային կարգերը կ’ընդունի եւ ինքը մին կ’ըլլայ ղեկավարներէն՝ Գյուղատնտեսական Կյանք շաբաթաթերթը կը հիմնէ այս թուին, որ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ մինչեւ 1929 թուականը՝ իբրեւ «Որգան ՀՍԽՀ Հողագործության Ժողովրդ. Կոմիտեյի», այս թերթին պատասխանատու խմբագիրը Ա. Երզնկեանն էր: 1926-1927 նոյնպէս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Կարմիր Մոծակ «Յերգիծաբանական Յերկշասաթաթերթ»ը, որուն խմբագրական կազմն էր Ա. Յերզնկյան, Եդուարդ Խոջիկ:
== Աղբիւրներ ==
Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 718:
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,767 | Եդեսիոյ Կոմսութիւն | Եդեսիոյ կոմսութիւն (լատ.՝ Comitatus Edessanus),միջնադարեան պետութիւն հիւսիսային Միջագետքի եւ Հայկական լեռնաշխարհի հարաւ-արեւմուտքի մէջ 1098-1150 թուականներուն: Հիմնադրած է Բալդուին Բուլեօնցին 1098 թուականին՝ խաչակրաց առաջին արշաւանքի ժամանակ: Երկիրը կառավարած են ֆրանսական ծագում ունեցող Բուլեօնցի եւ դը Կուրտենէ ազնուական ընտանիքները: Տարածքը կազմած է առաւելագոյնը 35 000 քառ. քմ՝ ժոսլին I կոմսի օրով (1118-1131):
Պատմական ակնարկ
Առաջին շրջանի մայրաքաղաքն էր հայաշատ Եդեսիա քաղաքը, որ ունէր 10 000 բնակիչ: 1144 թուականին զանգիներու ամիրայութեան հիմնադիր Իմադ ալտինը կը գրաւէ Եդեսիան, որմէ ետք մայրաքաղաքը կը տեղափոխուի Տուրբեսել: Հզօրութեան շրջանին, երբ անկում կ'ապրէր Սելջուկեան սուլթանութիւնը, իր մէջ ներառած է հարեւան եւ հեռաւոր հայկական տարբեր գաւառներ՝ հասնելով մինչեւ կիլիկիա եւ անտիոք: 1116-1117 թուականներուն Քեսունի իշխանութեան ձեռքէն գրաւեցին բազմաթիւ բերդեր, աքսորեցին պիրից իշխան Ապլղարիբ Պահլաւունին, Գուրիսի իշխան Բագրատ Կամսարականը:
Եդեսիոյ անկումէն ետք, որուն նուիրուած է ներսէս Շնորհալիի «ողբ Եդեսիոյ» պոէմը, իշխանութիւնը ձեւականօրէն կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ: Նոր կեդրոն կը դառնայ Տուրբեսելի բերդը: Միաժամանակ կոմսութեան տիրոյթներու մէկ մաս կ'անցնի բիւզանդական կայսրութեան: 1150 թուականէն պետութիւնը կը մտնէ Զանգիներու ամիրայութեան կազմի մէջ:
Եդեսիոյ կոմսութիւնը առաջին խաչակրաց պետութիւնն էր, որ հիմնադրուած էր առաջին խաչակրաց արշաւանքի ընթացքին: Ան թէեւ իշխանութիւն կը կոչուէր, սակայն վասալական կախման մէջ չէր գտնուեր որեւէ թագաւորութենէ կամ կայսրութենէ: Անոր բնակչութեան հիմնական մասը կազմած էին քրիստոնէադաւան հայերը, Ասորիները եւ յոյները: Բնակչութեան այս կազմը կը շարունակէր մնալ այսպիսին մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եդեսիայէն ոչ հեռու հիմնադրուած Ուռհայ կամ Ուրֆայ (Շանլիուրֆայ) քաղաքը այժմ հոն կը բնակին գերազանցապէս իսլամադաւան քիւրտեր ու թուրքեր:
==== Հիմնադրում ====
1098 թուականին Բալդուին Բուլեօնցին, հետեւելով Թանկրեդ Տարենտացուն, որ շարժած էր դէպի հարաւ՝ Անտիոք եւ Երուսաղէմ, առանձնացաւ խաչակիրներու բանակէն, անցաւ Կիլիկիա, իսկ այդտեղէն ուղղուեցաւ դէպի Եդեսիա: Մինչեւ Եփրատ գետի հատուածին մէջ Բալդուինի խաչակիրներու յայտնուիլը, այդտեղ կար եդեսիոյ հայկական իշխանութիւնը, որուն տնտեսութեան գլխաւոր ճիւղը տարանցիկ առեւտուրն էր: Գիեոմ Տիւրոսցին կը գրէր, որ քաղաքին մէջ կ'ապրէին երկու ազգերու՝ հայերու եւ «քաղդէացիների» առեւտրային զոյքի ներկայացուցիչները:
11-րդ դարու ամբողջ 90-ական թուականները եղած են առաւել դժուար Եդեսիոյ իշխանութեան համար, որ դարձած էր ռազմական կեդրոն Անտիոքի, Հալէպի, Սամոսատի եւ Հիսանկեյֆի տիրակալներու համար: Ներքաղաքական անկայուն դրութիւնը, ինչպէս նաեւ ուժեղ բանակի բացակայութիւնը ստիպեց քաղաքի իշխաններուն հզօր հովանաւոր փնտռել: Հայ բնակչութիւնը սկզբնապէս խաչակրաց արշաւանքի մասնակիցներուն համարած էր, եթէ ոչ ազատարարներու, այլ դաշնակիցներու, որոնք կարնան դիմակայել Սելճուքներուն: Ճիշդ այս պատճառով ալ, Բալդուին Ֆլանդրացի, 200 ասպետներու հետ Եփրատ գետի աւազանին մէջ յայտնուելէ, Եդեսիոյ Թորոս իշխանը, տասներկու իշխաններու ճնշման ներքեւ կը հրաւիրէ անոր եւ կ'որդեգրէ, այդպիսով համաձայնելով կիսել քաղաքի կառավարումը եւ եկամուտները: Միջնադարեան ժամանակագիրը նշած է, որ ասպետը տեղափոխուեցաւ դէպի Եփրատ, «ստանալով հրաւէր Հայաստանէն, ուր ան կը տիրէր Թելբաշիրին ու Ռավենդանին, եւ իրեն ենթարկեց այդ ամբողջ երկիրը»:
Որոշ ժամանակ ետք, Մարտ 1098-ին, տասներկու իշխաններու խորհուրդը, Թորոս իշխանի հոգեզաւակի՝ Բալդուին Երուսաղեմցիի օգնութեամբ յեղաշրջում կը կատարէ: Թորոսն ամրացաւ քաղաքի միջնաբերդին մէջ եւ խոստացաւ յանձնել զայն, եթէ երաշխաւորեն իր անվտանգ ելքը դէպի Մալաթիա, որուն կառավարիչ Գաբրիէլը իր ազգականն էր: Բալդուին I Երուսաղեմցին, սուրբ մասունքներու վրայ երդուելով, խոստացաւ անոր ազատ արձակել եւ խնայել կեանքը: Թորոսը, հաւատալով խոստումներուն, բացաւ ամրոցի դարպասները, որմէ ետք մահապատժի ենթարկուեցաւ: Այդպիսով, յեղաշրջումէն ետք տեղի ունեցաւ «հայկական պետութեան վերափոխումը ֆրանս-հայկականի», որուն գլուխը Բալդուինն էր: Այսպէս ստեղծուեցաւ Խաչակրաց առաջին պետութիւնը՝ Եդեսիոյ կոմսութիւնը:
1100 թուականին եղբօր՝ Գոթֆրուա Բուլիոնցիի մահէն ետք, Բալդուինը ժառանգեց Երուսաղէմի թագաւորութեան գահը, իսկ անոր նախկին տիրոյթները անցան անոր ազգական եղբայր Բալդուին տը Բուրին: Անոր կը միանայ նաեւ Ժոսլեն տը Կուրտենեն, որուն կը պատկանէր Եփրատի ափին գտնուող Տուրբեսել քաղաքը:
Եդեսիոյ քրիստոնեայ կառավարիչները սերտ կապերու մէջ էին իրենց մօտ հարեւան Կիլիկեան թագաւորութեան հետ, եւ այդ միութեան ամրապնդման համար յաճախ անոնք կ'ամուսնանային հայ արքայադուստրերու հետ: Այսպէս, Բալդուին I-ը, որու կինը Գուտուերան մահացած էր 1097 թուականին Մարաշի մէջ, կ'ամուսնանայ Արդայի՝ Կիլիկիոյ Ռուբինեան իշխան Կոստանդին Ա-ի թոռան հետ: Բալդուին տը Բուրը ամուսնացաւ Մորֆիայի՝ Մալաթիայի իշխանուհիի հետ, իսկ Ժոսլեն տը Կուրտենեն՝ Կոստանդինի դուստր Բեատրիսի հետ:
===== Պատմութիւն =====
Բալդուին II անուան ներքեւ անցնելով Եդեսիոյ գահին՝ Բալդուին տը Բուրը ներգրաւուեցաւ հակամարտութիւններու մէջ Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Փոքր Ասիոյ մէջ: 1103 թուականին ան օգնեց Բոհեմունդ I-ին՝ Անտիոքի դուքսին, փրկագինով ազատիլ, որուն գերի տարած էր Դանեշմանդի ամիրան, իսկ անկէ ետք, երբ 1104 թուականին Եդեսիան յարձակման ենթարկուեցաւ Մուսուլի զօրքերու կողմէն, Հառանի ճակատամարտին Բալդուինը եւ Ժոսլենը գերի ինկան Սելճուքներուն մօտ: 1104-1108 թուականներուն Եդեսիոյ կոմսութիւնը միացած էր Անտիոքի դքսութեան: Այդ ժամանակ ալ կոմսութեան տարածքէն անջատուեցան Մարաշը եւ Դուլուկը:Մինչեւ 1108 թուականին գերիներու ազատումը, գահի խնամակալն էր Բոհեմունդի եղբայր թանկրեդ Տարենտացին: Ազատելով՝ Բալդուինը ստիպուած եղաւ ուժով ետ բերել իր օրինական տիրոյթները, որուն իբր հետեւանք Թանկրեդը հեռացուեցաւ Եդեսիայէն, չնայած անոր համար Բալդուինը ստիպուած էր ժամանակաւորապէս միաւորուիլ որոշ տեղական իսլամ կառավարիչներու հետ:
1100 թուականին Եփրատէն արեւելք ինկած բոլոր տարածքները նուաճուեցան Մոսուլի աթաբեկ Մահմուդի կողմէն: Եւ չնայած անոր, որ Եդեսիան եւ մնացած լաւ ամրացուած քաղաքները դիմակայեցին իսլամներու գրոհներուն, սակայն կոմսութեան տարածքը «աւերուեցաւ եւ ամայացաւ»:
1116-1117 թուականներուն հայ իշխաններու տարածքներու նուաճման հաշուին կոմսութեան տարածքը զգալիօրէն ընդարձակուեցաւ: Վասիլ Տղայէն գրաւուեցաւ Ռաբանը, Քեսուն ի բերդը, Հռոմկլան, Բեհեսնին, եւ պէտք է յիշել Հիսն Մանսուրը: Պիրէն աքսորուեցաւ իշխան Ապլղարիբ Պահլաւունին, որուն տիրոյթները բռնակցուեցան կոմսութեան: Աքսորի ենթարկուեցաւ նաեւ Փոքր Ասիոյ մէջ խաչակիրներու ուղեվար եւ օգնական, Գուրիսի իշխան Բագրատ Կամսարական:
1118 թուականին բալդուին I-ի մահէն ետք Բալդուին II-ը հռչակուեցաւ Երուսաղէմի թագաւոր, չնայած անոր, որ ամենամօտ ազգականը, որուն վերապահուած էր գահի ժառանգութիւնը, Բալդուինի եղբայր Էստաշ III Բուլեօնցին էր: 1119 թուականին կոմսի տիտղոսը յանձնուեցաւ Ժոսլեն դը Կուրտենէին: 1122 թուականին Ժոսլենը կրկին գերի ինկաւ իսլամներու ձեռքը: Որպէսզի ապահովէ Եդեսիոյ անվտանգութիւնը, Բալդուինը ուղեւորուեցաւ դէպի հիւսիս, բայց ան նոյնպէս գերի ինկաւ երբ կոմսութեան սահմանը հասաւ: Երկուքն ալ, սակայն շուտով ազատեցան. Ժոսլենը՝ 1123 թուականին, իսկ Բալդուինը՝ մէկ տարի ուշ:
====== Յովհաննէս II Կոմնենոս ======
1137 թուականին Անտիոքի պարիսպներուն մօտեցան բիւզանդական կայսր Յովհաննէս II Կոմնենոսի զօրքերը: Ան որոշած էր Ռայմունդէն ստանալ 1108 թուականի սատանայի պայմանագրի հաստատումը, որուն համաձայն քաղաքը դարձաւ կայերական աւատ, իսկ իշխանը խոստացաւ ռազմական օգնութիւն ցուցաբերել եւ ենթարկել տեղի Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցւոյ:
Բիւզանդացիները դիւրութեամբ յաջողեցան կոտրել դիմադրութիւնը, եւ քաղաքը բացաւ իր դարպասները: Բասիլեւսին հաւատարմութեան երդում տուին, Անտիոքի մէջ յայտնուեցաւ ուղղափառ պատրիարք, իսկ քաղաքի միջնաբերդի վրայ կախուեցաւ կայսերական դրօշը: Փոխարէնը Յովհաննէսը խոստացաւ Ռայմունդին վերադարձնել իսլամադաւաններուն կողմէ գրաւուած շրջակայ քաղաքները:
Մարտ 1138 թուականի վերջաւորութեան Յովհաննէսը արշաւանքի ելաւ խաչակիրներու գլխաւոր հակառակորդի՝ Մոսուլի ամիրայ Իմադ ալտին Զանգիի դեմ: Կայսրին միացան նաեւ Ռայմունդը եւ Եդեսիոյ կոմս Ժոսլեն II-ը, ինչպէս նաեւ տաճարականներու զօրախումբը: 8 Ապրիլ-ին գրաւուեցաւ Պիզա քաղաքը, 20 Ապրիլ-ին սկսաւ Սեզերա քաղաքի պաշարումը, ուր դիմադրութիւն ցոյց տուաւ միայն միջնաբերդը: Զանգին սկսաւ կեղծ լուրեր տարածել Իրանի, Իրաքի եւ Անատոլուի իսլամադաւան կառավարիչներու բանակներու մօտեցման մասին՝ խուսափելով բաց ընդհարումներէն: Այդ իսկ պատճառով հռոմէացիները սկսան արագ անոր հետ հաշտութիւն կնքել, որուն հետ անոնք դրամական փոխյատուցում ստացան, իսկ նուաճուած քաղաքները յանձնուեցան քրիստոնեայ կառավարիչներուն:
Հաշտութեան կնքումէն ետք, 1138 թուականին Յովհաննէս յաղթական մուտք գործեց Անտիոք, որմէ ետք պարոններու ժողով կազմակերպեց: Այդ ժողովին ընթացքին ան յայտարարեց այն մասին, որ ռազմական գործողութիւնները աւարտած չեն, եւ անոնց յաջողութեամբ կատարման համար քաղաքը պէտք է յանձնել Բիւզանդիոնի կառվարմանը: Ժոսլենը լատինացիներիու մէջ խօսակցութիւն տարածեց, ըսելով թէ Յովհաննէսը պատուիրած է անոնց աքսորել Անտիոքէն, այնտեղ ձգելով միայն յոյն բնակչութեան: Համազգային զայրոյթը անակնկալի բերաւ բասիլեւեւսին, եւ ան բանարարուեցաւ միայն Եդեսիոյ կոմսութեան եւ Անտիոքի դքսութեան տուած հաւատարմութեան երդումով:
== Կոմսութեան անկումը ==
1131 թուականին Ժոսլեն դը Կ ուրտենէն ինկաւ մարտի դաշտին վրայ: Անոր յաջորդեց որդին՝ ժոսլեն II-ը: Այդ ժամանակ Իմադ ալդին Զանգիի կողմէն սպառնալիք կախուած էր կոմսութեան գլխուն, որ իր տիրապետութեան ներքեւ միաւորած էր Հալէպը եւ Մոսուլը: Ժոսլեն II-ը բաւականաչափ ուշադրութիւն չյատկացուց կոմսութեան սահմաններուն ապահովութեան, քանի որ խիստ զբաղած էր տրիպոլիի հետ վէճերով, այդ պատճառով ալ, հարկ եղած ժամանակ հարեւաններէն օգնութիւն չստացաւ: 1144 թուականին Զանգին շրջապատեց Եդեսիան: Եդեսիոյ պաշարումը ընդամէնը մէկ ամիս տեւեց, եւ նոյն թուականի 24 դեկտեմբեր-ին քաղաքը ինկաւ: Ժոսլենը շարունակեց պաշտօնապէս մնալ որպէս Եդեսիոյ կոմս, եւ նաեւ կը կառավարէր կոմսութեան մնացորդները եւ Տուրբեսել քաղաքը: 1146 թուականին ստրուկի ձեռքով Զանգիի մահէն ետք ան փորձեց վերադարձնել իր կորսնցուցած տարածքները, սակայն, պարտութիւն կրելով Նուր ալ-դին Մահմուդէն, հազիւ փրկուեցաւ գերեվարումէն: 1150 թուականին ան, միեւնոյնն է, գերի ինկաւ իսլամներուն մօտ եւ պահուեցաւ Հալէպի մէջ մինչեւ իր մահը (1159): Անոր կինը վաճառեց Տուրբեսել քաղաքը եւ յարակից հողերը Բիւզանդիոնի կայսր մանուիլ Կոմնենսոսին, սակայն մէկ տարի ետք անոնք գրաւուեցին Նուր ադ-դինի կողմէն:
== Աշխարհագրութիւնը եւ բնակչութիւնը ==
Իր չափերով կոմսութիւնը կը գերազանցէր խաչակիրներուն, Մերձաւոր Արեւելքի միւս նուաճումներուն, բայց, նոյն պահուն, ամէնէն քիչ բնակուած եւ ելք չունէր դէպի ծով: Միայն քաղաքի բնակչութիւնը չէր գերազանցեր 10 000-ը, սակայն մնացած տարածքներուն մէջ գոյութիւն չունէին այլ բնակավայրեր, բացի ամրոցներէն:
Իր լաւագոյն ժամանակաշրջանին Եդեսիոյ կոմսութեան տարածքը կը մնար արեւմուտքէն՝ Անտիոքի եւ Կիլիկիոյ սահմաններէն մինչեւ Եփրատը՝ արեւելք: Հարաւէն կոմսութիւնը սահմանած էր հզօր իսլամական պետութիւններ Հալէպին ու Մոսուլին, իսկ հիւսիսէն սահմանը կը հասնէր մինչեւ Արածանի գետ:
Կոմսութեան բնակչութիւնը կազմուած էր միաբնակ-քրիստոնեայ ասորիներէ եւ հայերէ, ինչպէս նաեւ անոր տարածքին մէջ կը բնակէին փոքրաթիւ իսլամներ եւ ուղղափառ յոյներ:
== Ենթակայ տարածքներ ==
=== Տուրբեսելի (Թել Պաշիր) իշխանութիւն ===
Տուրբեսելի իշխանութիւնը Եդեսիոյ կոմսութեան առաջին աւատներէն էր: Թել Պաշիր քաղաքը գրաւուած է Եդեսիոյ առաջին կոմսի կողմէն, Եդեսիոյ գրաւումէն քիչ աւելի առաջ, 1098 թուականի վերջին եւ յանձնուած է վասալային կառավարման տեղական աւատատէրերէն մէկուն, Ֆեր անունով: Ժոսլեն տը Կուրտենէն, մինչեւ որ Եդեսիոյ կոմս դարձաւ, եղած է Տուրբեսելի իշխան, կառավարելով Եփրատէն արեւմուտք ինկած տարածքները: Եդեսիայ կորուստէն ետք Ժոսլեն II-ը վերադարձաւ Տուրբեսել ամրոց, որ աւելի կանուխ պատկանած էր իր հօրը, իսկ անոր մահէն ետք քաղաքը վաճառուած է Բիւզանդիոնի, ապա նուաճուած իսլամներու կողմէն: Վաճառելով Տուրբեսելը՝ Ժոսլեն II-ի կինը կը մեկնի Երուսաղէմի թագաւորութիւն եւ բնակութիւն կը հաստատէ Աքքա քաղաքի շրջակայքը:
=== Այլ աւատներ ===
== Եդեսիոյ կառավարիչներ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
Մատթէոս Եդեսացի: Խաչակիրներու հաստատումը Եդեսիոյ մէջ
Միխաիլ Սիրիացի: Ժամանակագրութիւն
Ալպերդ Աախենացի: Խաչակիրներոպ հաստատումը Եդեսիոյ մէջ |
4,970 | Յորդանանի Սահմանադրութիւն | Յորդանանի Հաշիմեաններու հարստութեան սահմանադրութիւն (արաբ․՝ الحرس الملكي الأردني), Յորդանանի մայր օրէնք, որ ընդունուած է 11 Յունուար 1952-ին եւ փոխուած է քանի մը անգամ։ Անիկա կը սահմանէ ժառանգական միապետական համակարգը ներկայացուցչական խորհրդարանի հետ, ինչպէս նաեւ պետութեան առանձնացուած լիազօրութիւնները (օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական), քաղաքացիներու իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, նիւթական գործառոյթները եւ սահմանադրական կանոնները։
== Պատմութիւն ==
Յորդանանի մէջ առաջին անգամ բնական օրէնքները հրապարակուած են Ապրիլ 1928-ին Բրիտանական հովանաւորութեան ներքոյ։ Մայիս 1946-ին Յորդանանի ամբողջական անկախացումէն ետք, երբ երկրի վրայ վերացաւ Բրիտանիայի հովանաւորութիւնը, գրուեցաւ նոր սահմանադրութիւն, որ պաշտօնական տեղեկագրերուն մէջ հրապարակուեցաւ 1 Փետրուար 1947-ին, իսկ խորհրդարանի կողմէ ընդունուեցաւ 28 Նոյեմբեր 1947-ին։
Քանի մը տարի ետք սահմանադրութունը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ թագաւոր Թալալ Իպն Ապտալայի կողմէ եւ վաւերացուեցաւ 1 Յունուար 1952-ին։ Ընդհանուր առմամբ սահմանադրութիւնը առաջադիմական է։ Քննադատութիւնները մեծ մասամբ կը վերաբերին այն հանգամանքին, որ չափէն շատ լիազօրութիւններ վերապահուած է միապետին։
== Ծանոթագրություններ ==
== Արտաքին հղումներ ==
Յորդանանի սահմանադրութեան անգլերէն թարգմանութիւնը |
6,628 | Ալեսանտրօ Տել Փիեռօ | Ալեսանտրօ Տել Փիէռօ (9 Նոյեմբեր 1974(1974-11-09), Կոնտիլյանո, Թրեվիզ, Վենեթօ, Իտալիա), (Conegliano, Veneto, The Province of Treviso - Italy), իտալացի ֆութպոլիստ, յարձակող վեթերան յառաջապահ, մարզական ասպարէզի մեծ մասը անցուցած է իտալական «Եուվենթուս» (Juventus Football Club S.p.A) ակումբը՝ դառնալով այդ ակումբին լաւագոյն ֆութպոլիսըներէն մէկը, յաջողութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի (The Italian national football team) կազմով։ Ան Իտալիոյ բոլոր ժամանակներու «A prolific goal-scorer» երրորդ նշանակողն է՝ 335 կոլ (Ճուզեփփէ Մէացցա՝ 338 կոլ ) (Giuseppe "Peppino" Meazza), Սիլվիօ Փիոլա՝ 364 կոլ (Silvio Piola)։ Ան 19 տարի խաղցած է «Եուվենթուս» (11 տարի եղած է խումբի աւագը) եւ սահմանած է չափանիշ՝ 705 խաղերուն արձանագրելով 290 կոլ։ Ներկայիս հանդէս կու գայ հնդկական « Տելհի Տինամոս» ակումբով։ (Delhi Dynamos Football Club - The Indian Super League)։
Տել Փիէռոն սկսած է ֆութպոլ խաղալ երիտասարդ տարիքին։ Տասնչորս տարեկան Ալեսանտրօ Տել Փիէռոն «Փատովա»յի (Padova) մասնագետնէրը յայտնաբերած են «Սան Վենտեմիանօ» (San Vendemiano) խումբի կազմին մէջ, եւ շուտով Ալեսանտրոն տեղափոխուեցաւ «Փատովա»։ Ալեսանտրոն «Փատովա»յի հիմնական կազմին մէջ իր նորամուտը նշած է 1992 թուականի Նոյեմբեր 22-ին Մրցաշարքի Բ. (Series B) խաղով, ուր իր խումբը կը խաղար «Թերննանա Քալչոյի» դէմ։ Ան «Փատովա» երիտասարդական խումբէն «Եուվենթուս» տեղափոխուած է 1993 թուականին եւ այնտեղ խաղցած է 19 մրցաշրջան։ Իրեն նորամուտը Ա. Մրցաշարքի (Series A) կայացած է 1993-ի Սեպտեմբերին «Ֆոճայի» դէմ, իր առաջին կոլը ան արձանագրած է յաջորդ իսկ խաղին «Ռեճիայի» դարպասը։ Այդ մրցաշրջանին 28-րդ դարձի խաղին (round) «Փարմայի» հետ հանդիպման ժամանակ Տել Փիէռոն առաջին անգամ դուրս եկած է հիմնական կազմով եւ դարձած է «Հեթրիք»ի հեղինակ։
1995-96 մրցաշրջանին ան դարձաւ «Եուվենթուս»ի հիմնական կազմի խաղցող։ Տել Փիէռոյի ամենայաջող մրցաշրջաններէն մէկը 1997–98-ն է, երբ ան արձանագրեց 32 կոլ եւ կարեւոր դեր խաղցաւ իր խումբի յաղթանակին։ Այդ մրցաշրջանին «Եուվենթուս» յաղթեց Մրցաշարք Ա.-ը (Series A), հասաւ Իտալիոյ բաժակին եւ «Ախոյեականներու Լիկի բաժակ»ի (The 1997 UEFA Champions League Final) եզրափակիչին։
2013 թուականի սկիզբը, ֆութպոլիստը դարձաւ «Եուվենթուս»ի բոլոր ժամանականերու լաւագոյն նշանակողը։ Տել Փիէռոն նաեւ վեթերան յառաջապահ առաջնորդ է (leader) իր մասնակցած խաղերու քանակով՝ «Տարեց Սինիորա»յի մէջ (Old Signora)։ Ան գրաւած է տասներորդ տեղը նշանակողներու քանակով՝ «ՈՒԵՖԱ Ախոյեականներու Լիկ»ին մէջ (The UEFA Champions League)։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
պաշտոնական կայք
Youtube-ում
UEFA-ի կայքում
Դել Պիեռոյի մասին ֆուտբոլի վիճակագրության կայքումԿաղապար:ՖԻՖԱ 100 |
6,751 | Անդրանիկ Քհնյ. Տուզմանեան | Անդրանիկ Քհնյ. Տուզմանեան, աւազանի անունով Միսաք, որդի Սարգիսի եւ Իսկուհիի, ծնած է մուսա լեռցի ծնողքէ, Եողուն Օլուք գիւղը, 1922-ին։
նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք զբաղած է հողամշակութեամբ։ Ազատ ժամերուն սորված է հաշուապահութիւն եւ ժամանակ մը ետք վարած է հաշուապահութեան պաշտօն։
1939-ին, երբ Սանճաք-Իսկէնտէրունը կը յանձնուի Թուրքիոյ, Մուսա լերան բնակիչներուն հետ՝ Միսաք կը գաղթէ Լիբանան ու կը հաստատուի Անճառ։ Տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու համար կ'անցնի Պէյրութ եւ բարեկամներու միջոցաւ յարմար աշխատանք մը գտնելով կը դառնայ պաշտօնեայ եւ ապա կը նշանակուի հաշուապահ։
Պէյրութ կեցութեան ընթացքին, ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ Մարի Տումանեանը, որուն հետ կը պսակուի Պէյրութի մէջ, 1947-ին եւ կ'ունենայ 4 զաւակներ՝ Ասպետ, Ռուպինա, Հերմինէ եւ Վազգէն։
Անդրանիկ Քհնյ. Տուզմանեան հրաժեշտ կու տայ աշխարհին 7 Հոկտեմբեր 1993-ին, խոր սուգի մատնելով Լիբանանի Թեմի կրօնական դասը, ընտանիքը, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ու իր ծխական ժողովուրդը։
Հանգուցեալ Տէր Հօր թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի կ'ունենան Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արամ Արք. Քէշիշեանի, 9 Հոկտեմբեր 1993-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, յընթացս Սուրբ եւ անմահ պատարագի։ Ապա, մարմինը կ'ամփոփուի Պէյրութի Պուրճ-Համուտի Ազգ. Գերեզմանատունը, քահանայից յատուկ դամբարանին մէջ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,556 | Ակրիճենթօ | Կաղապար:Համաշխարհային ժառանգություն
Ակրիճենթօ, (իտալ.՝ Agrigento), քաղաք Իտալիոյ Սիսիլիա կղզիի մէջ։ Բնակչութիւնը՝ 59 329 մարդ (1 Յունուար 2018)։
Նախապէս կոչուած է՝ Ագրակաս կամ Ակրիկենթում (յուն․՝ Ακράγας, լատ.՝ Agrigentum)։ Հիմնադրուած է մ.թ.ա. 582 թուականին։ Ակրիճենթօն, Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մաս կը կազմէ։
== Բնակչութիւն ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
23,982 | Բաբերդ | Բաբերդ, Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներէն, որ մեզի յայտնի է անուան այլ տարբերակներով՝ Բայբուրդ, Սմբատաւան եւ այլն։
== Աշխարհագրութիւն ==
Կը գտնուի Ճորոխի ձախ ափին, երեք կողմէն շրջապատուած է ցածրադիր լեռներով, իսկ հարաւային մասի հարթավայրով կապուած է Կարինի՝ ծովի մակերեւոյթէն 1680մ բարձրութեան վրայ, Կոփ լերան ստորոտը: Ճորոխ գետը կ'անցնի քաղաքին մէջէն` սաստիկ սրընթաց վազքով, շրջան կ'ընէ բերդին շուրջ, եւ ապա մեծ շառաչումով կ'անցնի նեղ ու սպառաժուտ կիրճէ մը: Քաղաքին երկու մասերը իրարու կապուած են հինգ քարաշէն կամուրջներով:
Բաբերդի գիւղերն են` Ուրումէլի, Ալմշկա, Վանք, Հաւուկ, Խոփուր, Խայէկ, Քարաւեր, Տանձոտ, Իշբոնոս, Առիւծկա, Աւերակ, Լուսհոնգ եւ Սղըրջիկ: Ձմեռը կարճատեւ է եւ խստաշունչ, ամառը` չոր եւ տոթակէզ:
Բաբերդի շրջակայքը կան արծաթի պաշարներ եւ պղնձահանքեր։ Շրջակայքը կը բխին նաեւ հանքային աղբիւրներ։
== Պատմութիւն ==
Յիշատակուած է իբրեւ բերդաքաղաք եւ քաղաք։ Հին ժամանակ այն վարչականօրէն կը մտնէր Մեծ Հայքի Սպեր գաւառին, իսկ նոր ժամանակներուն՝ Էրզրում նահանգի Էրզրում գաւառին մէջ։
Հայոց պատմութեան մէջ Բաբերդը առաջին անգամ յիշատակած է Մովսէս Խորենացի՝ առաջին դարու քաղաքական դէպքերուն առթիւ։ Հայաստանի 387 թուականի բաժանմամբ Կարնոյ աշխարհի (Բարձր Հայք) կազմին մէջ Բաբերդ նոյնպէս անցած է Բիւզանդական կայսրութեան տիրապետութեան տակ։
Իբրեւ բերդաքաղաք եւ տարանցիկ ճանապարհի վրայ գտնուող առեւտուրի կարեւոր կեդրոն, Բաբերդը յաճախակի դարձած է արտաքին նուաճումներու առարկայ։
19-րդ դարու վերջերը անոր բնակչութեան թիւը կը հասնէր 6000-ի, իսկ առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին՝ 30000-ի, որոնցմէ 10000-ը՝ հայեր էին։
Բաբերդը միջնադարեան Հայաստանի գրչութեան նշանակալի կեդրոններէն էր եւ եպիսկոպոսանիստ էր։ Այստեղ 13-15րդ եւ 17-րդ դարերուն գրուած տարբեր բնոյթի ու բովանդակութեան ձեռագիրներ հասած են մինչեւ մեր օրերը։ Հայկական մշակութային կեանքը մէկընդմիշտ մարած է 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք, երբ քաղաքը ի սպառ հայաթափ եղած է։
== Պատմամշակութային կառոյցներ ==
Բաբերդի հինաւուրց բերդը կառուցուած է քաղաքին հիւսիսային կողմը, բրգաձեւ քարալերան մը կատարին եւ երեք կողմէն շրջապատուած է դժուարամատչելի լեռներով: Բերդը ունեցած է կրկնակի պարիսպներ, որոնց մեծ մասը, նաեւ բերդին ներսի շէնքերը եւ եկեղեցին կործանած են ռուս-թրքական 1829-ի պատերազմին ժամանակ:
Բագրատունեաց տոհմին պատկանող պատմական այս ոստանը եպիսկոպոսանիստ էր եւ ունէր չորս եկեղեցի. Սուրբ Աստուածածին, Հրեշտակապետաց, Սուրբ Յովհաննէս եւ Սուրբ Աստուածամայր:
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,176 | Արցունքոտութիւն | Արցունքը ջրանման թափանցիկ հեղուկ մըն է։ Անիկա կ'արտադրուի արցունքաբեր գեղձերու մէջ։ Ամէն անհատ ունի արցունքաբեր երկու գեղձ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը գտնուի աչքին արտաքին ծայրամասի վերի բաժնին մէջ։ Կը ծառայէ աչքին մակերեսը իւղոտելու եւ մաքրելու օտար մարմիններէ։ Արցունքը կ'արտադրուի շարունակ։ Բնականօրէն օրական կ'արտադրուի 0,75-1,1 կրամ արցունք։ Անոր արտադրութիւնը կը նուազի ծերութեան ժամանակ։ Կը պարունակէ՝ ջուր, լորձանիւթ (mucin), ճարպ, շաքար, նատրիոմ (sodium, Na), կալիոմ (potassium, K) եւ այլ քիմիական նիւթեր, օրինակ՝ լայսոզայմ (lysozyme), որ խմորիչ նիւթ մըն է եւ կը պայքարի մանրէներուն դէմ։
== Արտադրում ==
Արցունքը արտադրուելէ ետք արցունքաբեր գեղձերու մէջ, դուրս կը հոսի արտաթորիչ ծորաններէ (excretory ducts) եւ կը հասնի աչքին մակերեսը՝ ծածկելով ամբողջ ակնագունդը եւ կը տարածուի ակնագունդին եւ կոպերուն միջեւ։ Անիկա կ'ուղղուի դէպի արցունքի լիճը (lacrimal lake), որ կը գտնուի աչքին ներքին անկիւնը։ Հոնկէ կ'ուղղուի դէպի արցունքի ծորանիկները (lacrimal canaliculi), որոնք կը բացուին արցունքապարկին (lacrimal sac) մէջ եւ վերջապէս կը հասնի արտասուաքթային ծորան (nasolacrimal duct) եւ հոնկէ՝ քթախորշ։
=== Գոյութիւն ունին արցունքի երկու տեսակներ` ===
Բնախօսական (physiologic) արցունք, որ անդադար կ'արտադրուի արցունքաբեր գեղձերու մէջ՝ առանց որեւէ մէկ ներքին կամ արտաքին գրգռիչ ազդակի։
Ոչ բնախօսական արցունք, որ կը յառաջանայ արցունքաբեր գեղձերու հակազդեցութեամբ՝ տարբեր ազդակներու գոյութեան պարագային։ Այս ազդակներն են՝
==== Աչքի մակերեսի գրգռութիւն, որ կը յառաջանայ` ====
Արտաքին գրգիռներով, օրինակ՝ փոշի, հոտ, կազ, շոգի եւ օտար մարմիններ.
Տեղային գրգիռներով, օրինակ՝ կոպի ծայրամասի եւ թարթիչներու ներշրջում (entropion), կամ արտաշրջում (ectropion), երկարատեւ ակնազօդաբորբ (chronic conjunctivitis), եղջերիկի մակերեսի վնասում (cornea trauma), աչքի անօթապատեանի բորբոքում (uveitis), սողնախտային ակնազօդաբորբ (herpetic conjunctivitis), քիմիական դարմանում(chemotherapy) եւ աչքի դեղ-կաթիլներու հակազդեցութիւն։
Հոտառութեան եւ համի ջղածայրամասերու գրգռութիւն, որ կը յառաջանայ որոշ գրգռիչներով, օրինակ՝ հոտաւէտ սննդեղէններ (սխտոր, սոխ, պղպեղ) եւ համադամ ու տաք կամ պաղ կերակուրներ,
Հազալ, փսխել եւ յօրանջել,
Քթաբորբ (rhinitis ) եւ մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն,
Լալ, որ կը յառաջանայ դրական եւ բացասական զգացական ազդակներով, օրինակ՝ ուրախութիւն, խնդուք, հրճուանք, ճնշուածութիւն, ցաւ, բարկութիւն, մտահոգութիւն, յուզում եւ տառապանք։Վերոյիշեալ ազդակներէն որեւէ մէկուն գոյութեան պարագային արցունքաբեր գեղձերը կը հակազդեն եւ կ'արտադրեն ոչ բնախօսական արցունքը։
== Յաւելեալ ==
Արցունքը կը կազմէ երկրորդ շերտը այն ջրանման թափանցիկ թաղանթին, որ կազմուած է երեք շերտերէ, եւ որ կը ծածկէ եղջերիկը բնական պայմաններու մէջ։ այս երեք շերտերուն մանրամասնութիւններն են՝
Խլնային շերտ (mucous layer), որ կ'արտադրուի ակնազօդի (conjunctiva) գաւաթանման (goblet) բջիջներու կողմէ. անիկա ուղղակի յարաբերութեան մէջ է եղջերիկին հետ։
Ջրածին (aqueous) շերտը, որ կը տարածուի խլնային շերտին վրայ։ Այս ջրածին շերտը կազմուած է արցունքէ, որուն հիմնական բաղադրութիւնը կազմուած է ջուրէ եւ բնասպիտներէ։
Ճարպային շերտ (fatty layer), որ կը պարունակէ իւղեր։ Ասոնք կ'արտադրուին կոպաճարպագեղձերու (meibomian, tarsal glands) կողմէ։ Այս շերտը կը ծածկէ երկրորդ շերտը եւ հաղորդակցութեան մէջ է արտաքին աշխարհին հետ։
Բնական պայմաններու մէջ արցունքը նշմարելի չ'ըլլար, որովհետեւ անոր արտադրութիւնը կ'ըլլայ բնական քանակութեամբ եւ անոր հոսքը դէպի քիթ տեղի կ'ունենայ սահուն ձեւով, առանց որեւէ արգելքի։ Յաճախ արցունքը նշմարելի կ'ըլլայ եւ այս երեւոյթը կը կոչենք արցունքոտութիւն (tearing):
== Ինչո՞ւ Մեր Աչքերը Կ'արցունքոտին ==
Ոչ բնախօսական արցունքի արտադրութիւն, որուն մանրամասնութիւնները յիշուեցան վերեւ եւ կամ արտասուաքթային խողովակի (nasolacrimal duct) խցում, որ կը պատահի երկու ձեւերով.
Ընդոծին (congenital) խցում,Այս պարագային արտասուաքթային խողովակի վերջաւորութիւնը խցուած կ'ըլլայ թաղանթով մը, ուստի արցունքը կը կուտակուի խողովակին մէջ եւ կը յառաջանայ արտասուաքթային խողովակի թարախոտ բորբոքում։ Թարախի ետհոսքը աչքին մէջ կը յառաջացնէ մնայուն ակնազօդաբորբ։
Ձեռք բերովի (acquered) խցում, որ կը յառաջանայ հետեւեալ ախտապատճառներով.
Արտասուաբեր խողովակի բորբոքում,
Խլիրդի քիմիական դարմանում,
Քիթի ուղղակի հարուած-վնաս,
Օտար մարմինի մը մուտքը քիթէն դէպի խողովակ,
Արտասուաքթային խողովակի ուռ,
Խողովակի նեղացում ծերութեան պատճառով,
Քիթի խոռոչներու վիրահատում,
Մնայուն քթաբորբ,
Քիթի խցում,
Արցունքաբեր գեղձի բորբոքում. տեղի կ'ունենայ արցունքի գերարտադրութիւն։
Արտասուապարկի բորբոքում (dacryocystitis). տեղի կ'ունենայ արտասուաբեր խողովակի սկզբնաւորութեան նեղացում եւ արցունքի ետհոսք դէպի աչքի մակերեսը։Արցունքոտութեան հետ միատեղ կրնան պատահիլ աչքի քերուըտուք, ցաւ եւ օտար մարմնի զգացում քիթին կամ աչքին մէջ։
Արցունքոտութեան ախտաճանաչումին համար կատարուելու է՝ արտասուաքթային խողովակի նկարում (dacryocystography), համակարգչային շերտագրական նկարում (CT Scan) եւ քիթի դիտում (rhinoscopy).
Արցունքոտութիւնը կը դարմանուի վերջնականապէս դարմանելով անոր հիմնական ախտապատճառը։ Յաճախ կը կատարուին հետեւեալ դարմանումի միջոցները.
Օտար մարմնի արտահանում,
Գերզգայնութեան դարմանում,
Վիրահատել արտասուաբեր խողովակի ընդոծին խցումը,
Զննաձողել (probe) նեղցած խողովակը,
Լուալ(irrigate) արտասուաբեր խողովակը յատուկ հեղուկով մը,
Հաստատել արուեստական խողովակ արտասուաբեր պարկի եւ քիթի միջեւ,
Վիրահատել կոպի ծայրամասի եւ թարթիչներու ներշրջումը եւ կամ արտաշրջումը։
Երկարատեւ արցունքոտութիւնը կը յառաջացնէ հետեւեալ բարդութիւնները.
Տեսողութեան խանգարումներ՝ արցունքի որակի եւ քանակի փոփոխութիւններով,
Մնայուն ակնազօդաբորբ,
Արցունքապարկի մանրէական բորբոքում (dacryocystitis):Իսկ անբաւարար արցունքի արտադրութեամբ կը յառաջանայ եղջերիկի եւ շաղկապենի բորբոքում (keratoconjunctivitis), որ կը կոչուի նաեւ աչքի մակերեսի չորութիւն։
== Աղբիւրներ ==
«Ազդակ» օրաթերթ, Առողջապահական - Բժշկագիտական, դկտ. Կարպիս Հարպոյեան, 19 Սեպտեմբեր, 2015: |
3,936 | Հայկական Չաման | Հայկական Չաման, ճապուռի (carum carvi) ժողովրդական անունն է։ Իր հոմանիշներն են ֆրանսերէն cumin romain (հռոմէական չաման), C. des pres (մարգաց չաման), որոնք նոյնպէս ճապուռի ժողովրդական անուններն են։
Գլխաւորաբար կը մշակուի Հոլանտայի մէջ եւ իբրեւ համեմ. իր հունտերը կը գործածուին հացը համեմելու, գերմանական չամաօղիի (քիւմմէլ) պատրաստութեան եւ հրուշակագործեան մէջ։
Արաբները հայկական չամանը կը ճանչնան էլ քէմմուն էլ էրմէնի անունով։
== Գրականութիւն ==
Պապէսեան Յովհաննէս (1961), «Հանրագիտակ», Կաթողիկութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, էջ 7-8։ |
21,804 | Ալեքսանտր Սիրանոսեան | Ալեքսանտր Սիրանոսեան (1939, Նիս), ֆրանսահայ երաժիշտ, նուագախմբավար եւ մանկավարժ։
Ծնած է ֆրանսայի Լիոն քաղաքը, ակնցի ծնողներէ։ 17 տարեկանին ընդունուած է Լիոնի երաժշտանոցը եւ ապա շարունակած է ժընեւի մէջ, ուր նաեւ մասնագիտացած է դաշնակահարի եւ նուագավարի ճիւղերուն մէջ։
Եղած է ղեկավար՝ Լիոնի ուսաանողական սենեկային նուագախումբի եւ քաղաքային «Pro Musica» գործիքային խումբին, իսկ 1967-ի Յունիսին, հանդիսացած է Ռոման քաղաքի համերգային ընկերութեան երաժշտական կեանքի տնօրէնը։
Սիրանոսեանի ղեկավարութեամբ Ռոմանի երաժշտանոցը մեծ ծաղկում ապրած է, միեւնոյն ատեն ան ղեկավարած է Ռոմանի համերգային ընկերութեան 60 հոգիէ կազմուած նուագախումբը եւ 1973 ին հիմնադրած է այնտեղ լարային գործիքներու խումբ մը, որ հռչակաւոր եղած է իր բարձր մակարդակով։ Իբրեւ դաշնակահար ելոյթներ ունեցած է զանազան երկիրներու մէջ ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,921 | Հայկական Հարցը եւ Հայերու Ցեղասպանութիւնը Պատմագրութեան Մէջ | Հայկական հարցը եւ հայերու ցեղասպանութիւնը պատմագրութեան մէջ, Հայկական հարցի եւ հայերու ցեղասպանութեան բազմերես խնդիրներու ուսումնասիրութեամբ առաջացած է մեծաքանակ պատմական գրականութիւն՝ աշխատութիւններ, փաստաթղութերու ու վաւերագիրներու ժողովածուներ, յուշագրութիւններու եւ այլն հրապարակումներ: Խնդիրը ուսումնասիրած եւ կ՛ուսումնասիրեն ոչ միայն հայ պատմաբանները, այլեւ օտարները՝ Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի, եւրոպական ու մերձաւորարլեւելեան երկիրներու գիտնականները: Իրադարձութիւններու իր տեսակէտը առաջ կը քաշէ նաեւ թրքական պատմագրութիւնը, որ կը ձգտի ամէն կերպ արդարացնել Թուրքիոյ ղեկավար շրջաններու յանցաւոր գործողութիւնները, անոնց հակահայկական քաղաքականութիւնը: Ստեղծուած գրականութիւնը կը տարբերուի ոչ միայն ժամանակի առումով, այլեւ մեթոդաբանական մօտեցումներով, պատմական նիւթի քննութեան հաւաստիութեան եւ օբյեկտիւութեան աստիճանով, որ պայմանաւորուած է ինչպէս հետագօտողներու տարբեր ձեւաբանական դպրոցներու պատկանելութեամբ, այնպէս ալ այլ խնդիրներով (գիտական կամ քաղաքական իրադրութենէն ելլելով), որոնք դրած են տարբեր երկիրներու հեղինակները: Հետաքրքրութիւնը խնդիրի նկատմամբ չի թուլնար, ընդհակառակը, շատ երկրներու մէջ ստեղծուող պատմական գրականութիւնը կը վկայէ, որ հայկական հարցը եւ հայերու ցեղասպանութեան խնդիրը կը մնան միջազգային պատմագրութեան, հետեւաբար եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնը: |
17,323 | Ասմարեան | Ասմարեան, հայկական մականուն՝ գրանցուած Հայկական Միջագետքի, Վասպուրականի, Տարօնի եւ Վանանդի մէջ (Այրարատ նահանգ), ուր հայ ընտանիքները, 1915-1923 Հայոց Ցեղասպանութեան արդիւնքով, գաղթած են Արարատեան դաշտ՝ Ասմար անուն եւ Ասմարեան մականունը տարածեցին նաեւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ։ Արեւելեան Հայաստանի մէջ Ասմար տղամարդու եւ կանացի անուանումը առաջին անգամ գրանցուած է 17-րդ դարուն՝ Սարիղամիշի եւ Սարդարապատի մահալներու Արմաւիրի (նախկին՝ Ղուրղուղուլի գիւղ՝ 1867-էն՝ շրջկեդրոն), ուր մինչեւ օրս կ՚ապրին Ասմարեաններու երկու գերդաստաններ։
Ասմարեան մականունը տարածուած է ՀՀ (Գիւմրի, Սպիտակ, Մարտունի եւ Երեւան քաղաքներուն մէջ, Շիրակի, Արմաւիրի մարզերուն մէջ, Արցախ՝ սուրիահայեր), Յունաստանի, Սուրիոյ, Արժանթինի մէջ եւ այլուր։
== Մականունը կրողներ ==
Լեւոն Աշոտի Ասմարեան (1922-1993), գրականագէտ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,352 | Բուրգ (երկրաչափութիւն) | Բուրգ՝ երկրաչափական բազմանիստ մարմին է, որ կը ձեւաւորուի բազմանկիւն հիմքի կէտերը «գագաթ» կոչուող կէտին միացնելով:
== Յատկութիւնները ==
Հիմքի իւրաքանչիւր հատուածը եւ գագաթը կը ձեւաւորեն եռանկիւնիներ, որոնց անուններն են կողային նիստեր: Ասիկա կոնային մարմին է՝ բազմանկիւն հիմքով:
Ուղիղ բուրգի գագաթը անոր հիմքի կեդրոնի վերեւը տեղեկայուած է: Ոչ ուղիղ բուրգին կ'ըսեն «շեղ»: Կանոնաւոր բուրգը կը հենուի կանոնաւոր բազմանկիւն հիմքին վրայ եւ անիկա ուղիղ է:
Երբ չնշուեր, բուրգը սովորաբար կը պատկերացուի կանոնավոր քառսի բուրգ: Եռանկիւնի հիմքով բուրգը կ'ըսուի քառանիստ:
Բրգաձեւ ամենայայտնի կառոյցները ղպտիական բուրգերն են, որոնք կառուցուած են որպէս փարավոններու դամբարաններ:
== Բնորոշ Բանաձեւեր ==
Ծաւալ՝
V
=
1
3
S
h
,
{\displaystyle V={\frac {1}{3}}Sh,}
ուր
S
{\displaystyle \ S}
-ը հիմքի մակերեսն է,
h
{\displaystyle \ h}
-ը՝ բարձրութիւնը
V
=
1
6
V
p
,
{\displaystyle V={\frac {1}{6}}V_{p},}
ուր
V
p
{\displaystyle \ V_{p}}
-ն զուգահեռանիստի ծաւալն էկողային մակերեւոյթը կողային նիստերու մակերեսներու գումարն է՝
S
b
=
∑
i
S
i
{\displaystyle S_{b}=\sum _{i}^{}S_{i}}
լրիւ մակերեսը կողային մակերեսի եւ հիմքի մակերեսի գումարն է՝
S
p
=
S
b
+
S
o
{\displaystyle \ S_{p}=S_{b}+S_{o}}
=== Քառանիստ ===
Բուրգի մասնաւոր դէպքը եռանկիունի բուրգն է, որու անունն է՝ քառանիստ: Անոր իւրաքանչիւր նիստը կրնայ հանդիսանայ բուրգի հիմք:
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,906 | Եաֆֆայի Ճակատամարտ (1192) | Յաֆֆայի ճակատամարտ, 1192-ին տեղի ունեցած ռազմական բախում։ Մարտի ժամանակ Անգլիոյ թագաւոր Ռիչարտ I Առիւծասիրտ կը յաղթէ Եգիպտոսի սուլթան Սալահ ալ-Տինին եւ կը պահպանէ քաղաքը խաչակիրներու ձեռքը։ Մարտէն ետք Ռիչարտ I Առիւծասիրտը հաշտութեան պայմանագիր կը կնքէ Սալահ ալ-Տինի հետ։
== Պատմութիւն ==
10 սեպտեմբեր 1191-ին, Ռիչարտ պաշտպանեց Սալահ ալ-Տինի կողմէն պաշարուած Յաֆֆա քաղաքը։ Իմանալով քաղաքի պաշարման մասին, Ռիչարտ 80 ասպետներու հետ նաւերով Յաֆֆա մեկնեցաւ, քաղաքի վրայ տեսնելով մուսուլմանական դրօշը ան մտածեց, որ քաղաքը գրաւած է։ Սակայն երբ արդէն կը ցանկանար ետ վերադառնալ, լողալով անոր մօտեցաւ հոգեւորական մը, որ տեղեկացուց, որ քաղաքը դեռեւս կանգուն է։ Ռիչարտ ասպետներու հետ ծովը նետուեցաւ եւ լողալով մօտեցաւ Սալահ ալ-Տինի զօրքերուն եւ ջախջախեց 1000 հոգինոց զօրքը, քաղաքը պաշարումէն ազատեց, քաղաք մտաւ եւ սկսաւ ամրացնել ամրոցը։
== Մարտ ==
Ռիչարտին մօտեցան օգնական ուժեր Հէնրիխ Շանպայնցիի գլխաւորութեամբ, վերջինս իր հետ բերած էր 50 ասպետ եւ 500 տեգակիր։ Սալահ ալ-Տին որոշեց յարձակիլ, Ռիչարտը հետախոյզներէն տեղեկացած էր սպասող յարձակման մասին եւ դասաւորած էր իր փոքրաթիւ զօրքերը՝ ամէն ասպետի կողքին 2 տեգակրի կանգնեցուցած է։ Ռիչարտ չափազանց քիչ քանակութեամբ հեծելազօր ունէր՝ մօտ մէկ տասնեակ, ան իր զորքերուն կանգնած կը ղեկավարէր։ ճակատամարտի մասնակից Պեռնարտը յուշագրաւ դրուագ մը յիշատակած էր. «Սալահ ալ-Տինը, տեսնելով, որ Ռիչարտ իր զօրքերիու մէջ կը բացականչէ, «Ինչպէ՜ս, նման արքան կանգնած է իր մարդոց մէջ, այդ մէկը արքայավայել չէ» եւ Ռիչարտ արաբական ձի մը կ՛ընծայէ»:
Սալահ ալ-Տինի զօրքերը, տեսնելով խաչակիրներու դասաւորութիւնը, չեն համարձակիր յարձակիլ։ Միայն մամլուքներու ջոկատը կը յարձակի, վերջիններս կը զոհուին որպէս տեգակիրների արձակած բոլտերէն։ Սալահ ալ-Տին ստիպուած կը նահանջէ։
== Հետեւանքներ ==
Յաֆֆայի ճակատամարտը Երրորդ խաչակրաց արշաւանքի վերջին նշանակալից ճակատամարտն էր։ Մարտէն ետք Ռիչարտ I Առիւծասիրտը կը սկսի Սալահ ալ-Տինի հետ բանակցիլ։
Պայմանագիրը 2 սեպտեմբեր 1192-ին։ Այսպիսով Սալահ ալ-Տինի վերահսկողութեան տակ կը մնայ Երուսաղէմը, իսկ Երուսաղէմի թագաւորութեան նեղ ցամաքային ճանապարհ Յաֆֆայէն մինչեւ Տիւրոս։
== Գրականութիւն ==
H. W. Koch: Illustrierte Geschichte der Kriegszüge im Mittelalter (1998), Bechtermünz Verlag, S. 60-61, ISBN 3-8289-0321-5.
J. F. Verbruggen: The Art of Warfare in Western Europe During the Middle Ages: From the Eighth Century to 1340. Boydell Press, 1997.
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,226 | Լէօ Թոլսթոյ | Լէօ Նիքոլայ Թոլսթոյ (ռուս.՝ Лев Никола́евич Толсто́й, Կաղապար:IPA-ru 9 Սեպտեմբեր 1828 - 7 Նոյեմբեր 1910), ռուս եւ համաշխարհային մեծագոյն գրողներէն ու մտածողներէն մէկը, 1854-1855 թուականներու Սեւասթոփոլի, Խրիմի թերակղզիի (անգլ.՝ Sevastopol - The Crimean Peninsula) պաշտպանութեան մասնակից։ Լուսաւորական, հրապարակախօս, կրօնական մտածող, որու հեղինակաւոր կարծիքը յառաջացուցած է կրօնաբարոյական նոր հոսանք մը՝ թոլսթոյականութիւնը։ Կայսերական Գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից-անդամ (1873), «պելեթրիսթ» «belletrist» (գեղարուեստական արձակ գրականութիւն - Ֆրանս.՝ ՝ Belles-lettres . անգլ.՝belletrist) պատուաւոր ակադեմիկոս (1900)։
Ռուսական գրականութեան ռահվիրաներէն համարուող , Լէօ Թոլսթոյի արուեստը ռուսական եւ համաշխարհային իրապաշտութեան (անգլ.՝ realism) զարգացման նոր փուլ մը կը բանայ՝ իւրայատուկ կամուրջ մը դառնալով Ժը. դարու դասական վէպի եւ Ի. դարու գրականութեան աւանդոյթներուն միջեւ։ Լէօ Թոլսթոյ մեծ ազդեցութիւն կ'ունենայ եւրոպական մարդասիրական յեղափոխութեան (անգլ.՝European Humanism Evolution), ինչպէս նաեւ՝ համաշխարհային գրականութեան իրապաշտական աւանդոյթներուն զարգացման վրայ։ Լէօ Թոլսթոյի ստեղծագործութիւնները բազմիցս շարժանկարի վերածուելով ցուցադրուած եւ բեմականացուած են ԽՍՀՄ-ի եւ արտասահմանի մէջ, իր թատրերգութիւնները (անգլ.՝ plays) բեմադրուած են աշխարհի բեմերուն վրայ։
== Կենսագրութիւն ==
=== Ծագում ===
Սերած է ազնուական ընտանիքէ մը։ Հօրենական նախնիներէն էր կոմս Պետրոս Անտրէ Թոլսթոյը, որ յայտնի է արքայազուն Ալեքսէյ Պետրոսի հետաքննութեան մէջ իր ունեցած դերով, որու համար ալ ան նշանակուած է «Գաղտնի գրասենեակ»ի ղեկավար:։ Պետրոս Անտրէեւիչի թոռան՝ Իլիա Անտրէեւիչի նկարագրութիւնը տրուած է Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» ստեղծագործութեան մէջ, ուր կը մարմնաւորէ բարեհոգի կոմս Ռոսթովը։ Իլիա Անտրէեւիչի տղան՝ Նիքոլայ Անտրէեւիչ Թոլսթոյը (1794-1837) Լէօ Նիքոլաեւիչ Թոլսթոյի հայրն էր։ Լէօ Թոլսթոյի հայրը որոշ կենսագրական եւ բնաւորութեան գիծերով նմանութիւններ ունէր Նիքոլայի հօրը՝ Նիքոլայ Ռոստովի «Մանկութիւն» (Childhood) եւ «Պատանեկութիւն» (Boyhood) ստեղծագործութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» (War and Peace) ստեղծագործութեան մէջ։ Բայց իրական կեանքին մէջ ան տարբեր էր Նիքոլայ Ռոսթովէն ոչ միայն լաւ կրթութեամբ, այլեւ համոզումներով, որոնք չէին թոյլատրեր ծառայել Նիքոլայ Առաջինին։ Ան կը մասնակցի Ռուսաստանի կողմէ Նափոլէոնի դէմ կազմակերպուած Ռուսաստանի արտասահմանեան բանակի արշաւանքին, միաժամանակ կը մասնակցի Լէյփզիկի «Ժողովուրդներու Պայքարին», կալանուելով ֆրանսացիներէն, սակայն կը յաջողի փախուստի դիմել եւ հաշտութիւն կնքուելէն ետք կը ձգէ Փաւլոկրատեան գուսարական գունդի (հեծելազօրքի) գնդապետի իր պաշտօնը։ Անմիջապէս պաշտօնէն հեռանալէն ետք կը ստիպուի անցնիլ ծառայողական աշխատանքի, որպէսզի հօր՝ Քազանի (Kazan -Volga region) նահանգապետին, պարտքերուն պատճառով երկար ժամանակով չբանտարկուի, որ մահացած էր պաշտօնի չարաշահման համար կիրառուած հետաքննութեան ընթացքին։ Հօր բացասական կերպարը կ'օգնէ, որ Նիքոլայ Իլյիչը ընտրէ իր կեանքի իտէալը․ անկախ անձնական կեանք՝ ընտանեկան երջանկութեամբ։ Իր գործերը կարգաւորելու համար Նիքոլայ Իլյիչ (ինչպէս Նիքոլայ Ռոստով) կ'ամուսնանայ ո՛չ այնքան երիտասարդ իշխանուհի՝ Մարիա Նիքոլայեւնայի հետ, 1822-ին, վերջինս Վոլքոնսքիներու տոհմէն էր, ուստի ամուսնութիւնը կը յաջողի։ Անոնք կ'ունենան հինգ զաւակներ՝ Նիքոլայ (1823-1860), Սերգէյ (1826-1904), Տմիթրի (1827-1856), Լէօ եւ Մարիա (1830-1912)։
Լէօ Թոլսթոյի մօր մեծ հայրը եքաթերինեան սպայ էր՝ Նիքոլայ Սերգէեւիչ Վոլքոնսքի, որ քանի մը նմանութիւններ ունէր դաժան ծերուկ Փոլկոնսկի իշխանին «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» (War and Peace) ստեղծագործութեան մէջ։ Լէօ Թոլսթոյի մայրը որոշ դրուագներու մէջ նման է Իշխանուհի Մարիային՝ կրկին «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն»-էն, որ հիանալի պատմասաց էր։
Բացի Վոլքոնսքիներէն, Լէօ Թոլսթոյ բարեկամական կապեր ունէր նաեւ այլ ազնուական ընտանիքներու հետ, ինչպէս Կորչաքովները, Թրուպեցքիները եւ այլն։
=== Մանկութիւն ===
Լէօ Թոլսթոյ ծնած է 28 Օգոստոս 1828-ին, Թուլսքի նահանգի Քրափիվէնյըն գաւառը, մօր ժառանգած կալուածին մէջ՝ Եասնաիա Փոլիանա։ Ընտանիքին չորրորդ զաւակն էր։ 1830-ին, երբ տակաւին երկու տարեկան չէր դարձած, մայրը կը մահանայ՝ դստեր ծնունդէն կէս տարի ետք, այսպէս կոչուած՝ «յետծննդեան տենդէն»։
Որբացած մանուկներուն դաստիարակութիւնը կը ստանձնէ հեռաւոր ազգական մը՝ Թ. Երկոլսքաիան։ 1837-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի Մոսկուա՝ հաստատուելով Փլիւշչիխա, քանի որ անդրանիկ որդին կը պատրաստուէր համալսարան ընդունուելու։ Շուտով յանկարծամահ կ'ըլլայ հայրը՝ Նիքոլայ Իլէիչը, անկատար ձգելով գործերը (նեռարեալ՝ ընտանեկան ունեցուածքին հետ կապուած որոշ դատական խնդիրներ):Երեք կրտսեր երեխաները կրկին կը հաստատուին Եասնաիա Փոլիանա (ուր կը գտնուի Թոլսթոյի թանգարանը): Անոնց կ'ուղեկցին Երկոլսքաիան եւ Թոլսթոյի հօրաքրոջ երեխաներուն խնամակալ նշանակուած կոմսուհի՝ Ա․ Օսթըն Սաքընը։ Հոս Լէօ Նիքոլայեւիչ կը մնայ մինչեւ կոմսուհի Օսթըն Սաքընի մահը՝ 1840: Մանուկները ստիպուած կը տեղափոխուին Քազան՝ իրենց նոր խնամակալին՝ հօրը զարմուհիին, Պ. Ի. Եուշքովային քով։
Քազանի մէջ Եուշքովներու տունը կը համարուէր ամէնէն ուրախ տուներէն մէկը. ընտանիքին բոլոր անդամները բարձր կը գնահատէին արտաքին երեւոյթները։ «Բարի հօրաքոյրս, - կը պատմէր Թոլսթոյ, - մաքուր եւ պարկեշտ էակ մը, միշտ կ՝ըսէր, որ ամէն ինչ կը ցանկար ինծի համար, բացի այն իրողութենէն որ ես կապ ունենայի ամուսնացած կնոջ մը հետ»։
Լէօ Նիքոլայեւիչ կը փափաքէր փայլիլ հասարակութեան մէջ, բայց զինք կը խանգարէին բնածին ամչկոտութիւնն ու անհրապոյր արտաքինը։ Մեր կեանքի կարեւորագոյն գաղափարներուն՝ կեանքի, մահուան, Աստուծոյ, սիրոյ, յաւերժութեան մասին, ինչպէս ինք՝ Թոլսթոյ կը բնորոշէր, որ «տարաբնոյթ խոհերը իրենց դրօշմը ձգած էին իր կեանքին այդ հանգրուանի բնաւորութեան վրայ»։ «Յարութիւն» վէպին, «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» վիպակներուն մէջ նկարագրուած՝ Իրթենեւի եւ Նեխլիւտովի՝ ինքնակատարելագործման տենչերը վերցուած են գրողին այդ ժամանակուան անձնական ճգնաւորական փորձառութիւններէն։
=== Կրթութիւն ===
Առաջին շրջանին իր կրթութեամբ կը զբաղէր ֆրանսացի տնային դաստիարակ՝ Սեն Թոման («Պատանեկութիւն» վիպակի հերոս St.-Jérôme-ի նախատիպը), որ կը փոխարինէ բարեհոգի գերմանացի Ռեսրլմանը. վերջինս Թոլսթոյ ներկայացուցած է «Մանկութիւն» վիպակի հերոս Քարլ Իվանովիչի դերով։
1843-ին Պ. Ի. Եուշկովան, իր վրայ վերցնելով իր անչափահաս եղբօրորդիներուն խնամակալութեան դերը (չափահաս էր միայն մեծը՝ Նիքոլայը)՝ զանոնք կը բերէ Քազան (Ռուսիա)։ Իր եղբայրներուն՝ Նիքոլայի, Տմիթրիի եւ Սերկէյի օրինակով, Լէօ կ'որոշէ յաճախել Քազանի արքայական համալսարանը, ուր թուաբանութեան բաժանմունքին մէջ կ՝աշխատէր Լոպաչեւսկին, իսկ Արեւելագիտականին մէջ՝ Քովալէօսքին։ 3 Հոկտեմբեր 1844 -ին Լէօ Թոլսթոյ կ'ընդունուի արեւելեան լեզուներու (արաբա-թուրքական) բաժինը՝ որպէս վճարեալ ուսանող։ Ընդունելութեան քննութիւններուն, մասնաւորապէս «թուրք-թաթարերէն»ին, գերազանց արդիւնքով դուրս կու գայ։ Սակայն տարուան ընթացքին տուեալ նիւթերէն կը թերանայ եւ չի յաջողիր յաջորդ ծրագիրին անցնիլ։
Ամբողջ տարուան կրկնութենէն խուսափելով՝ կը տեղափոխուի իրաւագիտական բաժանմունք, ուր որոշ նիւթերու գնահատականներու հետ կապուած խնդիրները կը շարունակուին։ 1846-ի մայիսեան փոխադրական քննութիւնները բաւարար յանձնելով կը տեղափոխուի երկրորդ կարգ։ Իրաւագիտական բաժանմունքին մէջ Լէօ Թոլսթոյ կ'ուսանի ընդամէնը երկու տարի։ «Բարդ էր իրեն համար ամէն պարտադրուած բան։ Այն ամէնը, ինչ որ ան կեանքին մէջ սորված է, սորված է անկախ, արագ, անմիջապէս, յամառ աշխատանքով», - գրած է Ս. Ա. Թոլսթայեան իր «Լ. Ն. Թոլսթոյի կենսագրութեան վերաբերեալ նիւթեր» ։ 1904-ին Թոլսթոյ կը յիշէր. «․․․առաջին տարին ես ոչինչ կատարեցի։ Երկրորդ տարին սկսայ վարժուիլ․․․ այնտեղ էր Փրոֆ. Մայըրը, որ ինծի յանձնարարութիւն մը տուաւ. Եքաթերինայի «Խրատի» եւ Մոնթեսքիոյի «Օրէնքի ոգու» համեմատութիւնը․․․ այդ աշխատանքը զիս գրաւեց, եւ ես մեկնեցայ գիւղ, սկսայ կարդալ Մոնթեսքիօ, այդ ընթերցանութիւնը անծայրածիր հորիզոններ բացաւ իմ առջեւս, ես սկսայ կարդալ Ռուսօ եւ ձգեցի համալսարանը՝ նոյն այդ պատճառով է, որ փափաքեցայ վարժուիլ»։
=== Գրական Գործունէութեան Սկիզբ ===
11 Մարտ1847-էն Թոլսթոյ Քազանի հիւանդանոցին մէջ էր։ Մարտ 17-էն կը սկսի օրագիր պահել, ուր Պենճամին Ֆրանքլինի օրինակով, իր առջեւ ինքնակատարելագործման խնդիրներ ու նպատակներ կը դնէ, նշելով այդ խնդիրներու իրագործման հետ կապուած նուաճումներն ու ձախողութիւնները, կը վերլուծէ իր թերութիւններն ու մտածելակերպը, իր գործած արարքներուն շարժառիթները։ Այդ օրագիրը, որոշ ընդմիջումներով, ան կը պահէ ողջ կեանքին ընթացքին։
Դարմանուելէ ետք՝ 1847-ի գարնան, Թոլսթոյ կը ձգէ համալսարանական ուսումը եւ կը մեկնի «Եասնաիա Փոլիանա» ստանալու համար կալուածի բաժանումի ցուցակէն իրեն հասած բաժինը։ Հոն իր գործունէութիւնը կը նկարագրէ յատկապէս «Կալուածատիրոջ Առաւօտը» ստեղծագործութեան մէջ։ Թոլսթոյ կը ձգտէր կրկին յարաբերութիւններ մշակել գիւղացիներուն հետ։ Ժողովուրդին առջեւ երիտասարդ կալուածատիրոջ մեղքի զգացումը ձեւով մը մեղմացնելու իր փորձերը կը վերաբերէին նոյն թուականին, երբ լոյս կը տեսնեն՝ Դ. Վ. Գրիգորովիչի «Անտոն-Քորեմիքան» եւ Իւան Թուրկենեւի «Որսորդի Յիշատակարան»ին սկիզբը։
Իր օրագիրին մէջ Թոլսթոյ ինքն իրեն համար ձեւակերպած էր մեծ թիւով կեանքի կանոններ եւ նպատակներ, սակայն կը յաջողէր անոնց միայն չնչին մասին հետեւիլ։ Յաջողածներու ցանկին մաս կը կազմէին անգլերէնի, երաժշտութեան եւ իրաւագիտութեան լուրջ դասընթացքները կամ վարժութիւնները: Բացի ատկէ, ո՛չ օրագիրին, ո՛չ ալ նամակներուն մէջ արտացոլած է Թոլսթոյի մանկավարժական եւ բարեգործական գործունէութեան սկիզբը, հակառակ, որ 1849-ին անիկա առաջին անգամ գիւղացի երեխաներու համար դպրոց մը կը բանայ, ուր հիմնական մանկավարժը ճորտ գիւղացի Ֆոքա Տեմիտովիչն էր, սակայն յաճախ Լէօ Նիկոլայեւիչը ինք կը վարէր դասընթացքները։
1848-ի Հոկտեմբերի կէսին Թոլսթոյ կը մեկնի Մոսկուա՝ հաստատուելով Արպատի շրջանին մէջ, ուր կ'ապրէին իր բարեկամներէն եւ ընկերներէն շատերը։ Ան կը հաստատուի բնակելով Իվանովայի տունը, որ կը գտնուէր Նիքոլոփեսքովեան նրբանցքը։ Մոսկուայի մէջ ան կ'որոշէ պատրաստուիլ թեկնածուական քննութիւններուն, սակայն դասընթացքներն այդպէս չեն սկսիր։ Անոր փոխարէն զինք կը գրաւէ կեանքի մէկ այլ կողմը՝ աշխարհիկ կեանքը։ Բացի ատկէ, 1848-1849 թուականներու ձմրան Լէօ Նիկոլաեւիչ կը տարուի թղթախաղով եւ, քանի որ անզգոյշ եւ անյոգ խաղցող էր ե՛ւ ոչ միշտ իր քայլերը կը կշռադատէր՝ յաճախ կը պարտուէր։
1849-ի Փետրուարին, մեկնելով Փեթերսպուրկ, ժամանակը կ՝անցընէ իր ապագայ կնոջ քեռիին՝ Կ. Ա. Իսլավինի հետ, մշտական խրախճանքներու ընթացքին: («Իսլավինի հանդէպ ունեցած համակրանքիս պատճառով ես փեթերսպուրկեան կեանքէս ութ ամիս կորսնցուցի»)կ'ըսէ Թոլսթոյ։ Թոլսթոյ Գարնան կը սկսի իրաւունքի թեկնածուի քննութիւններ յանձնել. երկու քննութիւնները՝ քրէական իրաւունքէն եւ քրէական դատավարութենէն, յաջողութեամբ կը յանձնէ, սակայն առանց երրորդ քննութիւնը յանձնելու՝ կը մեկնի գիւղ։
Հետագային ան երբեմն կը մեկնի Մոսկուա, ուր յաճախ ժամանակը կ՝ անցընէ բախտախաղերով, ինչ, որ երբեմն վատ անդրադարձ կ'ունենայ իր նիւթական վիճակին վրայ։ Կեանքին այդ հանգրուանին Թոլսթոյ յատկապէս կը հետաքրքրուէր երաժշտութեամբ (Ան վատ չէր նուագեր դաշնամուր եւ բարձր կը գնահատէր այլոց կատարմամբ իր սիրած ստեղծագործութինները)։ Երաժշտութեամբ տարուիլը հետագային արդիւնք կու տայ «Քրէյցերի սոնաթը»ի ստեղծման։
Թոլսթոյի սիրած երգահաններն էին՝ Պախը, Հենտելը եւ Շոփէնը։ Երաժշտութեան հանդէպ ունեցած հակումներուն զարգացման կը նպաստէ նաեւ այն հանգամանքը, որ 1848-ին Փեթերսպուրկի մէջ, պարի դասի ոչ այնքան յարմար իրավիճակի մը մէջ ան կը հանդիպի գերմանացի տաղանդաւոր, սակայն ճամբէն շեղած երաժիշտի մը հետ, որ հետագային կը դառնայ «Ալպերթ» վիպակին հերոսը։ 1849-ին Լէօ Նիկոլաեւիչ իր տան մէջ՝ Եասնաիա Փոլիանայի մէջ կը բնակեցնէ երաժիշտ Ռուտոլֆը, որու հետ չորս ձեռքով դաշնակ կը նուագէին։ Այդ ընթացքին երաժշտութեամբ տարուելով՝ ան օրական քանի մը ժամ կը նուագէր՝ Շումէնի, Շոփէնի, Մոցարթի, Մենտըլսընի ստեղծագործութիւնները։ 1840-ական թուականներու վերջերը, իր ծանօթներէն մէկուն՝ Զիպինի հետ համահեղինակութեամբ, Թոլսթոյ կը յօրինէ վալս մը, որ 1900-ականներու սկիզբը կը կատարէ երգահան Ս. Ի. Թանէեւի ներկայութեամբ, եւ այդ ստեղծագործութեան ալ իրականացաւ շնորհիւ այդ նոթաներու արձանագրութեամբ (Թոլսթոյի միակ երաժշտական ստեղծագործութիւնը)։ Շատ ժամանակ կը վատնէր նաեւ խրախճանքներու, թղթախաղի եւ որսորդութեան շրջանակներէն ներս։
1850-1851 թուականներու ձմրան Թոլսթոյ կը սկսի գրել «Մանկութիւնը»։ 1851-ի Մարտին կը գրէ «Անցած օրուան պատմութիւնը»։ Թոլսթոյի՝ կամովին, համալսարանէն հեռանալէ չորս տարի ետք Եասնայա Փոլիանա կու գայ Կովկաս ծառայող իր եղբայրը՝ Նիքոլայը, որ կ'առաջարկէ կրտսեր եղբօրը իրեն միանալ՝ զինուորական ծառայութեան անցնելով Կովկասի մէջ։ Լէօը անմիջապէս չի համաձայնիր, սակայն Մոսկուայի մէջ մեծ թիւով ունեցած պարտքերը կ'արագացնեն վերջնական որոշումը։ Գրողին կենսագիրները կը նշեն եղբօր՝ Նիքոլայի զգալի եւ դրական ազդեցութիւնը կենսական հարցերուն անփորձ պատանի Լէօի վրայ։ Ծնողներու բացակայութեան պարագային մեծ եղբայրը իրեն համար եւ՛ ընկեր էր, եւ՛ ուսուցիչ։
Պարտքերը փակելու համար անհրաժեշտ էր կրճատել սեփական ծախսերը, եւ 1851-ի գարնան Թոլսթոյ աճապարանքով, առանց որոշակի նպատակի, Մոսկուայէն կը մեկնի Կովկաս։ Շուտով ան կ'որոշէ անցնիլ զինուորական ծառայութեան, սակայն անոր համար կը պակսէին Մոսկուա ձգած որոշ փաստաթուղթեր, որոնց սպասելով՝ Թոլսթոյ մօտ հինգ ամիս կ'ապրի Փիաթիկորսք՝ հասարակ հիւղակի մը մէջ։ Ժամանակին մեծ մասը կ՝ անցնէ որսորդութեամբ՝ կազակ Եփիշքայի հետ, որ կը դառնայ «Կազակներ» վիպակի հերոսներէն մէկուն՝ Երոշքայի նախատիպը:
1851-ի աշնան, Թիֆլիսի մէջ քննութիւն յանձնելով, Թոլսթոյ կ՛ընդունուի 20-րդ հրաձգային ջոկատի 4-րդ գումարտակ՝ որպէս ենթասպայ, Թերեքի ափին, Քիզլեարի մօտ գտնուող Սթարոքլատովեան կազակական աւանի մէջ։ Որոշ փոփոխութիւններով այն պատկերուած է «Կազակներ» վիպակին մէջ։ Վիպակը կ՝ արտացոլէ մոսկովեան կեանքէն փախած երիտասարդ ազնուականի մը ներաշխարհը։ Կազակական աւանին մէջ Թոլսթոյ կրկին կը սկսի գրել եւ 1852-ի Յուլիսին «Սովրեմեննիք» ամսագիրի խմբագրատուն կ'ուղարկէ ապագայ ինքնակենսագրական եռագրութեան առաջին՝ «Մանկութիւն» հատուածը՝ ստորագրուած լոկ «Լ. Ն. Տ.» սկզբնատառերով։ Ձեռագիրին հետ ան կ'ուղարկէ նաեւ նամակ մը, որուն մէջ կ՝ ըսուէր. «...ես անհամբերութեամբ կը սպասեմ ձեր գնահատականին, որ կամ կ՝ոգեւորէ զիս՝ սիրած զբաղումս շարունակելու հարցով, կամ ալ կը ստիպէ այրել սկսած գործս»։
Ստանալով «Մանկութեան» ձեռագիրը՝ «Սովրեմեննիքի» խմբագիր Ն. Ա. Նեքրասով կը նկատէ անոր գրական արժէքը եւ սիրալիր նամակ մը կը գրէ հեղինակին, որ վերջինիս վրայ բաւականին ոգեւորիչ ազդեցութիւն կ'ունենայ։ Ի. Ս. Թուրգենեւին ուղղուած նամակին մէջ Նեքրասով կ'ըսէ. «Այս նոր եւ, կը կարծեմ, յուսալի տաղանդ է»։ Տակաւին անյայտ հեղինակին ձեռագիրը կը հրատարակուի Սեպտեմբերին։ Այդ ընթացքին սկսնակ եւ ոգեշնչուած հեղինակը ձեռնամուխ կ'ըլլայ «Զարգացման չորս դարաշրջան» քառագրութեան շարունակութեան, որու վերջը՝ «Երիտասարդութիւն» մասը այդպէս ալ կը մնայ անաւարտ։ Ան (ֆապուլա) առասպելական առակագրութիւն կը մտածէր «Կալուածատիրոջ Առաւօտը» (աւարտուած պատմուածքը զուտ հատուած էր «Ռուս կալուածատիրոջ վէպին»), «Յարձակում» եւ «Կազակներ» ստեղծագործութիւններու համար։ 18 Սեպտեմբեր 1852-ին «Սովրեմեննիք»ի մէջ տպագրուած «Մանկութիւն»-ը բացառիկ յաջողութիւն կը գտնէ. հրապարակումէն ետք հեղինակը կը սկսին դասել ականաւոր երիտասարդ գրական գործիչներու շարքին՝ այն ժամանակ արդէն յայտնի դարձած Ի. Ս. Թուրգենեւի, Կոնչարովի, Դ. Վ. Գրիգորովիչի, Օսթրովսքիի հետ միասին։ Գրաքննադատներ Գրիգորեւը, Աննենքովը, Տրուժինինը եւ Չերնիշեւսքին կը գնահատեն հոգեբանական վերլուծութեան խորութիւնը, հեղինակին մտադրութիւններու լրջութիւնն ու իրատեսական գաղափարներու պայծառութիւնը։
=== Զինուորական ծառայութիւն ===
Լէօ Նիկոլաեւիչ երկու տարի կը մնայ Կովկաս, ուր Շամիլի գլխաւորած լեռնականներուն հետ կը մասնակցի շարք մը ընդհարումներու՝ ենթարկուելով կովկասեան զինուորական կեանքի վտանգներուն։ Ան Գէորգիեւեան խաչ կրելու իրաւունք կը ստանայ, սակայն, իր սկզբունքներուն համաձայն, այդ մէկը «կը զիջի» իր պաշտօնակից ընկերոջը՝ պաշտօնակիցի ծառայողական պայմաններու զգալի բարելաւումը վեր դասելով անձնական փառասիրութենէն։ Հազիւ Ղրիմի պատերազմը կը սկսի, Թոլսթոյ կը տեղափոխուի Դանուբի բանակ՝ մասնակցելով Օլթենիցի ճակատամարտին եւ Սիլիսթրիի շրջափակման, իսկ Նոյեմբեր 1854-էն մինչեւ Օգոստոս 1855-ի վերջը կը մնայ Սեւասթոփոլի մէջ:
Չորնիի ճակատամարտին մարտկոցի հրամանատար էր, ներկայ եղած է Մալախով Կուրգանի գրոհի ատեն տեղի ունեցած ռմբակոծութեան։ Հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն եւ պաշարման սարսափներուն՝ Թոլսթոյ այն ատեն կը գրէ «Անտառահատում» պատմուածքը, որու մէջ կ'արտացոլան կովկասեան տպաւորութիւնները, եւ «Սեւասթոփոլեան պատմութիւններուն» առաջինը՝ «Սեւասթոփոլը Դեկտեմբեր 1854-ին» պատմուածքը, զոր կ'ուղարկէ «Սովրեմեննիկին»: Պատմուածքը անմիջապէս կը տպագրուի եւ հետաքրքրութեամբ կ'ընթերցուի ռուս ընթերցողին կողմէ՝ արտակարգ ազդեցութիւն գործելով Սեւասթոփոլի պաշտպաններուն բաժին հասած սարսափներուն նկարագրութեամբ։ Պատմուածքը կը կարդացուի նաեւ ռուս կայսր Ալեքսանտր Բ.-ի կողմէ.վերջինս կը հրամայէ խնայել տաղանդաւոր սպան:
Նիկոլայ Ա.-ի կենդանութեան օրերուն Թոլսթոյ մտադիր էր հրետանաւոր սպաներուն հետ հրատարակել «Զինուորական թերթիկ» աժան եւ հանրամատչելի ամսագիրը, սակայն ամսագիրին նախագիծին իրականացումը չի յաջողիր։ «Նախագիծիս ի պատասխան՝ ողորմած տէր կայսրը մեծահոգաբար թոյլ կու տայ մեր յօդուածները տպագրել «Ինվալիտ»-ին մէջ, - դառնօրէն կը հեգնէ Թոլսթոյ այդ առիթով։
Սեւասթոփոլի պաշտպանութեան համար Թոլսթոյ կը պարգեւատրուի Ս. Աննայի 4-րդ աստիճանի շքանշանով՝ «Արիութեան համար» մակագրութեամբ, «1854-1855 թուականներուն Սեւասթոփոլի պաշտպանութեան համար» եւ «1853-1856 թուականներու պատերազմի յիշատակին» շքանշաններով։ Իբրեւ արդիւնք զինք կը պարգեւատրեն «Սեւասթոփոլի պաշտպանութեան 50-ամեակին նուիրուած» երկու շքանշանով. արծաթէ՝ որպէս Սեւասթոփոլի պաշտպանութեան մասնակիցի, եւ մետաղէ՝ որպէս «Սեւասթոփոլեան պատմութիւներու» հեղինակին:
Թոլսթոյի երգերէն մէկը նուիրուած էր 4 Օգոստոս 1855-ի ձախողած ռազմական գործողութեան, երբ հրամանատար Ռեատ, սխալ հասկնալով գլխաւոր հրամանատարին հրամանը, կը գրոհէ Ֆետյուխինեան բարձունքը։ «Как четвёртого числа, нас нелёгкая несла горы отбирать» վերնագրով երգը, որ շարք մը ականաւոր հրամանատարներու անուններ կը շօշափէ, մեծ յաջողութիւն կ'ունենայ։ Գրոհէն անմիջապէս ետք, 27 Օգոստոս-ին Թոլսթոյ որպէս սուրհանդակ կ'ուղարկուի Փեթերսպուրկ, ուր ան կ' աւարտէ «Սեւասթոփոլը Մայիս 1855-ին» եւ կը գրէ «Սեւասթոփոլը Օգոստոս1855-ին, որ գրողի ամբողջական ստորագրութեամբ կը տպագրուի «Սովրեմեննիկի» 1856 -ի առաջին թիւին մէջ։ «Սեւասթոփոլեան պատմութիւնները» վերջնականապէս կ'ամրապնդեն անոր հեղինակութիւնը՝ որպէս նոր գրական սերունդի ներկայացուցիչի, եւ Նոյեմբեր 1856-ին գրողը վերջնականապէս կը ձգէ զինուորական ծառայութիւնը:
== Գործերը ==
Թոլսթոյի ստեղծագործութիւններէն են՝ «Պատերազմ Եւ Խաղաղութիւն» «War and Peace», «Աննա Քարենինա» «Anna Karenina», «Յարութիւն» վէպերը, «Մանկութիւն» «Childhood», «Պատանեկութիւն» «Boyhood», «Երիտասարդութիւն» «Youth» ինքնակենսագրական եռագրութիւնը (այսինքն՝ եռամաս թատերախաղ - անգլ.՝ Trilogy), «Քազաքներ» «The Cossacks», «Իվան Իլյիչի մահը» «The Death of Ivan Ilyich», «Քրեյցերեան Սոնաթ» «The Kreutzer Sonata», «Հաճի Մուրատ» «Hadji Murad» վիպակները, «Սեւասթոփոլեան Պատմութիւններ» «Sevastopol Sketches» ակնարկներու շարքը, «Կենդանի Դիակ» եւ «Խաւարի Իշխանութիւն» թատերախաղերը (անգլ.՝ drama), «Խոստովանութիւն» «A Confession», եւ «Ո՞րն Է Իմ Հաւատքը» ինքնակենսագրական կրօնափիլիսոփայական ստեղծագործութիւնները եւայլն։
== Նշումներ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,084 | 7 Մարտ | 7 Մարտ, տարուան 66-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 67-րդ) օրն է
Տարուան աւարտին կը մնայ 299 օր 6 Մարտ 7 Մարտ 8 Մարտ
== Դէպքեր ==
0321. Կոստանդիանոս Ա Մեծ կայսրը Բիւզանդական կայսրութեան մէջ կիրակին կը յայտարարէ հանգստի օր
1657. Լուի ԺԴ-ը կ'արգելէ ամերիկացի հնդկացիներուն ալքոհոլ վաճառելը
1824. հունկարացի նշանաւոր դաշնակահար եւ երգահան Ֆերենց Լիսթը Փարիզ համերգ տվաւ եւ մեծ հաջողութեան հասաւ
1876. Ալեքսանտր Պելլը հեղինակեցաւ հեռախօսին գիւտը
1969․ Ճենովայի թատրոնին բեմէն երբ Մելինա Մերքուրի ներկաներուն խօսքը պիտի ուղղէր, պատահմամբ ռումբ մը կը գտնուի․ ոստիկանութիւնը կը յաջողի ռումբը թատրոնէն դուրս բերել ու անոր փակին մէջ պայթեցնել
1981. բացուեցաւ Երեւանի մեթրոյի «Բարեկամութիւն» կայարանը
1989. Սալման Ռուշտիի հետ կապուած Իրանը եւ Միացեալ թագաւորութիւնը խզեցին դիւանագիտական հարաբերութիւնները
== Ծնունդներ ==
Տես նաեւ՝ 7 Մարտի ծնածներ
1956. Պրայըն Քրենսթըն (անգլերէն՝ Bryan Lee Cranston), ամերիկացի դերասան
== Մահեր ==
Տես նաեւ՝ 7 Մարտի մահացածներ
1954. Օթթօ Տիլս (գերմաներէն՝ Otto Diels), գերմանացի քիմիագէտ
1966. Հայկանուշ Մարք (ծն.1884, Կ.Պոլիս) բանաստեղծ, հրապարակագիր
1967. Յարութիւն Կալենց (ծն.1910) հայ նկարիչ
== Տօներ ==
Ալպանիա՝ Ուսուցչի օր
== Արտաքին յղումներ ==
BBC: On This Day
[1] (անգլերէն)
== Ծանօթագրութիւններ ==
7 Մարտ |
4,746 | Մոթրիլ | Մոթրիլ (սպ.՝ Motril), քաղաք եւ համայնք Սպանիոյ մէջ, կը մտնէ Կրանատա նահանգին կազմն մէջ (Անտալուսիա ինքնավար մարզ)։ Համայնքը կը գտնուի Քոսթա-Թրոպիքալ գաւառին կազմին մէջ։ Տարածքը 109 քմ։ Բնակչութիւնը 60884 մարդ (ըստ 2010-ին կատարուած մարդահամարին)։ Կը գտնուի նահանգին վարչական կեդրոնէն 74 քմ հեռաւորութեան վրայ։
== Բնակչութիւն ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,773 | Անտոն Քահանայ | Անտոն Քահանայ, Սիւնեցի հայ քահանայ։ Երբ հայ մելիքները, Աղուանի Եսայի կաթողիկոսին մասնակցութեամբ, Ռուսիոյ կայսեր Մեծն Պետրոսին հետ 1724 թուականին ժողով կը գումարեն եւ յարաբերութիւններ կը սկսին մշակել: Անտոն քահանան Քեխա Չէլէպիի, Պետրոս երէցի եւ Սիմէոն Բոբովի հետ աղերսական նամակներով կայսեր մօտ կ'ուղարկեն օգնութիւն խնդրելու։
Անտոն քահանայ բուրգ հասնելով ինքնագլուխ կարգադրութիւններ կ'ընէ, որ Կասպից ծովու ափերուն ռուսերու նոր տիրած երկիրներուն մէջ հայերուն բնակման տեղ տան։ 10 նոյեմբեր 1724 թուականը կրող Բարձրագոյն Հրովարտակով այդ խնդիրին բաւարարութիւն կը տրուի եւ Անտոն քահանայ իր ընկերներով կը վերադառնայ։ Կանցլեր Գրաֆ Գօլովկին հայերուն համար կ'որոշէ Գիլան, Մազանդարան, Դերբենտ եւ այլ շրջաններ։
Անտոն քահանայ կը ներկայանայ զինք ուղարկող ժողովին, եւ երբ կը լսեն անոր արարքները՝ կ'այպանեն իր ինքնագլուխ կարգադրութիւններուն համար եւ որովհետեւ Անտոն կը վախնար մելիքներէն, որ կրնան զինք խիստ պատիժի ենթարկել, մանաւանդ որ ինք առիթ տուած էր շարք մը տարաձայնութիւններու, երկու օր ետք ան փախուստ կու տայ երկիրէն։
== Աղբիւր ==
Բառարան Հայ Կենսագրութեանց, Ա. հատոր, Թիֆլիս 1904, էջ 109: |
5,092 | Գարեգին Նժդեհ | Գարեգին Նժդեհ (Տէր Յարութիւնեան, 1 Յունուար 1886(1886-01-01), Կզնութ, Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 21 Դեկտեմբեր 1955(1955-12-21), Վլատիմիր Կեդրոնական Բանտ, Վլադիմիրի մարզ, Խորհրդային Միութիւն), հայ պետական, ռազմական եւ դաշնակցական գործիչ, քաղաքագէտ-իմաստասէր։
== Կեանքը մինչեւ 1919 ==
Նժդեհ (Գարեգին Տէր-Յարութիւնեան) ծնած է 1 Յունուար, 1886-ին, Նախիջեւան գաւառի Կզնուտ գիւղը: Հայրը՝ Եղիշէ Տէր-Յարութիւնեան, գիւղի քահանան էր։ Մանուկ հասակէն կորսնցուցած է հայրը եւ արժանացած մօրը՝ Տիրուհիի խնամքին: Ընտանիքին չորս երեխաներէն Նժդեհը փոքրն էր:
Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Նախիջեւանի ռուսական դպրոցին մէջ, ապա՝ Թիֆլիսի ռուսական քիմիաքիտական համալսարանին մէջ, ուր 17 տարեկանին կը միանայ հայ ազատագրական պայքարի շարժումներուն: Անկէ ետք, կ'անցնի Ս. Փեթերսպուրկ եւ երկու տարի նոյն վայրի համալսարանին իրաւաբանական բաժնին մէջ ուսանելէ ետք՝ համալսարանը ձգելով ամբողջութեամբ կը նուիրուի հայ յեղափոխական գործին:
1906-ին կ'անցնի Պուլկարիա, ուր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր-անդամ Ռոստոմի աջակցութեամբ եւ մակեդոնական ազատագրական շարժման ղեկավարներու միջնորդութեամբ կ'ընդունուի Սոֆիայի սպայական դպրոցը, որու ընթացքը յաջողութեամբ աւարտելով՝ 1907-ին կը վերադառնայ Կովկաս:
1907-1908 թուականներուն կ'անցնի Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը եւ իբրեւեւ կուսակցական նշանաւոր գործիչ Սամսոն Թադէոսեանի օգնական, կը մասնակցի պարսկական յեղափոխական շարժման: Զէնք եւ ռազմամթերք տեղափոխելու համար, Նժդեհ 1909-ին կը վերադառնայ Կովկաս եւ կը ձերբակալուի ցարական իշխանութիւններու կողմէ: Բանտերուն մէջ՝ Ճուլֆայէն մինչեւ Փեթերսպուրկ, կը մնայ աւելի քան երեք տարի, այնուհետեւ կ'անցնի Պուլկարիա:
Երբ 1912-ին կը սկսի Պալքանեան առաջին պատերազմը, հայերը յանուն Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ ազատագրութեան Թուրքիոյ դէմ կռուելու համար պուլկարական բանակին կողքին կը ստեղծեն կամաւորական վաշտ մը, որու ղեկավարներն էին Գ. Նժդեհն ու Անդրանիկ Օզանեանըը: Այդ պատերազմի ընթացքին Նժդեհ կը վիրաւորուի : Հայկական վաշտը աչքի կը զարնէ շարք մը յաղթական կռիւներով եւ 1913-ին կը զօրացնէ՝ հրաժարելով մասնակցիլ պալքանեան ժողովուրդներու ներքին կռիւներուն:
Պալքանեան պատերազմի տարիներուն, իրաւասութիւններու հետ կապուած, ցաւալի վէճ մը տեղի կ'ունենայ հայկական վաշտի երկու ղեկավարներու միջեւ, որու հետեւանքով, վաշտը կը բաժնուի Նժդեհի ու Անդրանիկի կողմնակիցներուն միջեւ։ Բարեբախտաբար, վաշտին զօրացրումէն շատ չանցած, Գ. Նժդեհ, Հոկտեմբեր 1913-ին , Հ.Յ.Դ. Պալքանեան Կեդրոնական Կոմիտէին նամակ մը կը յղէ, ուր փակուած կը յայտարարէ իր եւ Անդրանիկի միջեւ ամիսներ տեւած անախորժ վէճը:
Առաջին աշխարհամարտի նախօրեակին, ՙներման՚ արժանանալով ցարական կառավարութեան կողմէ, Նժդեհ կը վերադառնայ Կովկաս՝ Թուրքիոյ դէմ մղուելիք պատերազմին մասնակցելու պայմանով: Կռիւներու սկզբնական շրջանին հայկական կամաւորական երկրորդ գունդի փոխ-հրամանատարն է ան, իսկ վերջին շրջանին՝ կը ղեկավարէ հայ-եզիտիական առանձին զօրամաս մը:
1917-ին սակաւաթիւ ուժերով օգնութեան կը հասնի Կողբ եւ կոտորածէ կը փրկէ տեղի հայութիւնը :
1918-ի գարնան կը վարէ Ալաճայի (բնակավայր՝ Անիի շրջակայքը) կռիւները, որոնցմով կարելիութիւն կ'ընձեռնուի նահանջող հայկական զօրամասերուն՝ անկորուստ անցնելու Ալեքսանտրապոլ: Միաժամանակ, իր մարդոցմով կ'ապահովէ Նիկողայոս Մառի պեղումներու արդիւնքը հանդիսացող արժէքաւոր հնութիւններու փոխադրումը Անիէն:
Ալեքսանտրապոլի մէջ կռիւի բռնուելով թրքական զօրքերուն դէմ, Նժդեհ, իր խումբով, կը նահանջէ դէպի Ղարաքիլիսա: Հոս նահանջած էին խուճապի մատնուած բազմահազար հայ փախստականները: Տեղի ժողովուրդը նոյնպէս տագնապի մէջ էր։ Ահա այս օրհասական պահուն, երբ համատարած յուսալքում կը տիրէր, կը լսուի Նժդեհի ռազմաշունչ, ամենափրկիչ ձայնը: Եկեղեցւոյ բակին մէջ անոր արտասանած ճառը հոգեփոխում կը յառաջացնէ յուսալքուած հայերուն եւ զանոնք կ'առաջնորդէ դէպի սրբազան ճակատամարտ:
Ղարաքիլիսայի եռօրեայ հերոսամարտով հայութիւնը կը հաստատէ իր յարատեւելու կամքը, եւ այդ հաւաքական կամքի զօրացման գործին մէջ, անշուշտ, անուրանալի է Նժդեհի դերը: Ղարաքիլիսայի մէջ վարած կռիւներուն համար Նժդեհ կ'արժանանայ քաջութեան ամենաբարձր շքանշանին:
== Նժդեհ Զանգեզուրի մէջ (1919-1921 թուականներուն) ==
Հայաստանի հանրապետութեան հռչակումէն ետք, 1918-ի վերջը, Նժդեհ ՀՀ կառավարութեան կողմէ կը նշանակուի Նախիջեւանի գաւառապետ, իսկ Օգոստոս 1919-էն՝ Կապանի, Արեւիքի եւ Գողթանի (Կապարգողթ) ընդհանուր հրամանատար:
Առանց արտաքին օժանդակութեան, ապաւինած հայրենի լեռներուն ու անձնական ոգիի զօրութեան, Սիւնիքի հայութիւնը, Նժդեհի ղեկավարութեամբ, կը վարէ իր յաղթական դիւցազնամարտը: Լեռնահայութեան դիմումներուն դիմաց՝ ՀՀ կառավարութիւնը, բացի քաջալերանքէն կամ համակրանքի խօսքերէն, ոչ մէկ ձեւով օգնութեան կը հասնի:
Իսկ Նժդեհ երբեմն կը ստիպուի չհնազանդիլ վերին իշխանութեան հրամաններուն: Մասնաւորաբար, երբ Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան կողմէ անոր հրամայուած էր գաղթեցնել պաշարուած Գողթանի հայութիւնը, Նժդեհ կը մերժէ եւ փոխարէնը՝ տեղահան կ'ընէ գաւառի թրքական բնակավայրերը: Աւելին, Օգոստոս 1920-ին, ՀՀ զինուորական նախարար Ռուբէն Տէր-Մինասեան, համաձայն 10 Օգոստոս 1920-ին Թիֆլիսի մէջ բոլշեւիկներու հետ կնքուած զինադադարին, որմով Հայաստան համաձայն կը գտնուէր Կարմիր բանակի մուտքին Զանգեզուր, Ղարաբաղ եւ Նախիջեւան, Դրոյի միջոցով հեռագիր մը կը ղրկէ Նժդեհին՝ ձգելու Կապանն ու Գենուազը եւ անցնելու Երեւան: Բայց Նժդեհ, չընդունելով ՀՀ զինուորական նախարարին՝ Զանգեզուրը ձգելու հրամանը եւ մերժելով Դրոյին առաջարկը՝ անցնելու Երեւան ապաքինելու (Գորիսի ձորին մէջ վիրաւորուած էր), կը նախընտրէ մնալ Սիւնիքի մէջ եւ առանձին չձգել լեռնահայութիւնը:
Այդ ծանր օրերուն է, որ Նժդեհ կը յղանայ եւ ի գործ կը դնէ Դաւիթ-բէկեան Ուխտերը: 25 Օգոստոս 1920-ին, Կապանի Կաւարտ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ, Նժդեհի զինուորները կ'ուխտեն Դաւիթ-բէկի անունով՝ ՙհաւատարիմ մնալ հայրենի երկրի ազատութեան, իրենց հրամանատար Նժդեհին եւ կռուիլ մինչեւ վերջին շունչը՚: Այսպէս ծնունդ կ'առնեն Դաւիթ-բէկեան Ուխտերը, որոնց նշանաբանն էր. ՙՅանուն հայրենիքի՝ Դաւիթբէկաբար՚: Դաւիթբէկեան Ուխտերու օրինակով էր, որ Նժդեհ հետագային կը հիմնադրէ Ցեղակրօն Ուխտերը:
Բացայայտելով թուրք-բոլշեւիկեան միացեալ դաւադրութիւնը ու չընդունելով ՀՀ կառավարութեան կրաւորական կեցուածքը, որ Մոսկուայի ներկայացուցիչ Պորիս Լեգրանի հետ կնքած վերոյիշեալ համաձայնագիրով փաստօրէն Զանգեզուր Ազրպէյճանին յանձնելու նախաքայլ մը կ'ընէր, Սիւնիք կը շարունակէ կռիւը եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 25 Դեկտեմբեր, 1920-ին Տաթեւի վանքին մէջ կայացած համազանգեզուրեան առաջին համագումարին ինքզինք ինքնավար կը հռչակէ:
Յունուար 1921-ին, Դրօն Պաքուէն հեռագիր մը կը յղէ Նժդեհին՝ անոր առաջարկելով թոյլ տալ Զանգեզուրի խորհրդայնացումը, հաւատացնելով եւ վստահեցնելով, որ այդպիսով Մոսկուայի յառաջիկայ համագումարին, ուր պիտի լուծուէին նաեւ վիճելի հողային հարցեր, Խորհրդային Ռուսաստան բարեացակամ կը գտնուի Հայաստանի նկատմամբ եւ կը պաշտպանէ հայ աշխատաւորին շահերը: Այս անգամ եւս, Նժդեհ, իբրեւեւ հեռատես քաղաքագէտ, չի հեռանար Սիւնիքէն եւ կը շարունակէ մաքառիլ:
Նոյնիսկ Փետրուարեան ապստամբութեան պարտութիւնը եւ անոր հետեւանքով՝ 12 հազար գաղթականութեան (որմէ՝ 4 հազարը զօրք) նահանջը, որոնք զգալիօրէն կ'ազդեն լեռնահայութեան բարոյահոգեբանական վիճակին վրայ, չեն ընկճեր Սիւնիքը, եւ ան կը շարունակէ իր յաղթական կռիւները: 26 Ապրիլ 1921-ին կը հռչակուի Լեռնահայաստանի հանրապետութիւնը՝ սպարապետ Նժդեհի վարչապետութեամբ:
1 Յունիս-ին, Զանգեզուր կ'անցնի ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, Լեռնահայաստանը կը յայտարարուի Հայաստան՝ Սիմոն Վրացեանը նշանակելով վարչապետ (Նժդեհ կը մնայ սպարապետ):
Այս պայմաններուն մէջ, մէկ կողմէ՝ Վրաստանի ու Հայաստանի բոլշեւիկացումը, Արարատեան գաղթականութեան՝ դէպի Սիւնիք նահանջը (մասնաւորապէս, նահանջող մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան վաղաժամ անցնիլը Պարսկաստան), որ բարոյալքիչ ու յոռի ազդեցութիւն կ'ունենան լեռնաշխարհի հայութեան վրայ, միւս կողմէ՝ պարէնի ու հացահատիկի չգոյութիւնը, վարչական եւ զինուորական մարմիններու միջեւ առաջ եկած անհամաձայնութիւնները, միաժամանակ՝ խուսափելու համար աւելորդ հալածանքներէ, որու կրնար ենթարկուիլ Խորհրդային Հայաստանի հայութիւնը եւ հաշուի առնելով, որ Հայաստանի բոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը իր Յունիս 1921-ի հռչակագիրով Սիւնիքը կը համարէր Հայաստանի կցուած: Յուլիսին Լեռնահայաստան տեղի կու տայ խորհրդայնացման:Զանգեզուրէն հեռանալէ առաջ ՝ Նժդեհ կը հաւաստիացնէ լեռնահայութեան, որ ինք ընդմիշտ չի հեռանար եւ պիտի վերադառնայ, եթէ Երեւանի փոխարէն Պաքուն ըլլայ Սիւնիքի տէրը: Իսկ Խորհրդային Հայաստանի Յեղկոմին ուղղած իր դիմումը յաղթական սպարապետը կ'աւարտէր սաստող տողերով. ՙԴուք գիտէք, որ ցանկութեան պարագային ես միշտ ալ հնարաւորութիւն կ’ունենամ քանի մը տասնեակ զինուորներով վերագրաւել Լեռնահայաստանը: Որպէսզի այս երկրի աշխատաւոր գիւղացիութիւնը ստիպուած չըլլայ զիս օգնութեան կանչելու, աշխատեցէք բաւարարել հայ գիւղացիութիւնը եւ անոր մտաւորականութեան արդար պահանջը՚:
Երկու տարուան կռիւներու ընթացքին, թշնամիին 15 հազար սպանուածներուն դիմաց Սիւնիքը կու տայ 28 զոհ, իսկ շուրջ 200 գիւղեր կը մաքրագործուին թուրքերէն ու կը վերադարձուին հայերուն:
Շնորհիւ Լեռնահայաստանի հերոսամարտին՝ կարելի կ'ըլլայ՝
ա) փրկել լեռնահայութիւնը կոտորածէն,
բ) Սիւնիքը կցել Մայր հայրենիքին՝ մահացու անդամահատումէն զերծ պահելով Հայաստանը,
գ) ապահովել հայ մտաւորականութեան եւ մարտական ուժերու նահանջը ու անցումը Պարսկաստան:
== Տարագրութեան տարիներ (1921-1939) ==
Այսպիսով, Յուլիս 1921-ին Նժդեհ կը ձգէ Զանգեզուրը եւ կ'անցնի Թաւրիզ: Այստեղ լրջօրէն կը սրին յարաբերութիւնները իր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի միջեւ, բան մը, որ սկիզբ առած էր Սիւնիքի կռիւներու շրջանին: Արաքսի պարսկական ափին գտնուելու միջոցին, Հ.Յ.Դ կարգ մը ղեկավար անդամներ (որոնցմէ էր՝ պարենաւորման նախարար Յակոբ Տէր-Յակոբեանը) Նժդեհի ներկայութեամբ ծեծի կ'ենթարկեն եւ կը գնդակահարեն Ասլանեան մականունով դաշնակցական սպայ մը: Այս ու շարք մը այլ պատճառներով Թաւրիզի մէջ Նժդեհ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կողմէ, կուսակցութեան Գերագոյն Դատական Ատեանին մօտ պատասխանատուութեան կը կանչուի: Թէեւ Նժդեհ դատարանին մանրամասն բացատրագիր կը ներկայացնէ Լեռնահայաստանի անկման պատճառներուն մասին, սակայն, Սեպտեմբեր 1921-ին կուսակցական դատարանը, Սիմոն Վրացեանի առաջարկով, կը վճռէ ՙհեռացնել Գ. Նժդեհը Դաշնակցութեան շարքերէն եւ անոր հարցը ներկայացնել կուսակցութեան ապագայ 10-րդ Ընդհանուր Ժողովին՚: 1925-ին, ՀՅԴ 10-րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումով Նժդեհ կը վերադառնայ կուսակցութեան շարքերը:
Թաւրիզի մէջ գտնուած միջոցին, անգլիացիները Նժդեհի կ'առաջարկեն վերադառնալ Հայաստան եւ այնտեղ ապստամբութիւն մը յառաջացնել, սակայն Նժդեհ կը մերժէ: Թաւրիզի մէջ շուրջ չորս ամիս գաղտնի ապրելէ ետք, Նժդեհ կը մեկնի Պուլկարիա եւ կը հաստատուի Սոֆիա : Այստեղ 1922-ին, ան կ'ամուսնանայ Եփիմէ անունով հայուհիի մը հետ:
1922-ին Պուխարեստի մէջ գտնուած շրջանին՝ Նժդեհ հոն գտնուող Վարդան Գէորգեանին կ'առաջարկէ իր տրամադրութեան տակ գտնուող նիւթերուն հիման վրայ գրել ՙԼեռնահայաստանի հերոսամարտը՚, որ լոյս կը տեսնէ 1923-ին:
Այդ տարիներուն Նժդեհ կ'անդրադառնայ Սիւնիքի մարտերու պատմութեան՝ 1923-1925 թուականներուն ընդարձակ յօդուածաշարքով մը հանդէս գալով Պոսթընի ՙՀայրենիք՚ ամսագիրին մէջ։ 1924-1925 թուականներուն ան հրապարակումներ կ'ունենայ Պլովդիվի (Քաղաք՝ Պուլկարիոյ մէջ) մէջ լոյս տեսնող ՙՀայաստան՚ դաշնակցական թերթին մէջ։ 1926-ին Նժդեհ կը սկսի հանդէս գալ Սոֆիայի մէջ լոյս տեսնող ՙԱրաքս՚ դաշնակցական թերթին մէջ, ուր կը տպագրուի անոր ՙԲաց նամակներ հայ մտաւորականութեան՚ շարքը:
1926-ին Պուլկարիոյ կուսակցական կազմակերպութիւնը կը բաժնուի Նժդեհի եւ Բիւրոյի կողմնակիցներու միջեւ:
1932-ին Սոֆիայի մէջ լոյս կը տեսնէ Նժդեհի հերթական գրքոյկը՝ ՙՑեղի ոգու շարժը՚ վերնագիրով, ուր կը նախանշուի հայկական ցեղային շարժումը:
1933-ին, Փարիզի մէջ կը կայանայ ՀՅԴ 12-րդ Ընդհանուր ժողովը, որու Նժդեհ կը մասնակցէր իբրեւեւ պատգամաւոր Պուլկարիայէն: Վերջինս ժողովին առջեւ կը բարձրացնէ երեք հիմնական հարցեր.
ա) ձգտիլ, որ գաղութահայութիւնը դառնայ զինական գործօն Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ,
բ) կազմակերպել հայ երիտասարդ սերունդը ապակուսակցական հողին վրայ,
գ) բոլոր ուժերը կեդրոնացնել հակաթրքական ճակատին մէջ:
Բ. կէտին հիման վրայ, 1933-ի ամրան Նժդեհ կը մեկնի ԱՄՆ: Մինչեւ Նժդեհի ԱՄՆ գալը, այնտեղ կը գործէին շարք մը երիտասարդական միութիւններ՝ ՙՀայորդիք՚, ՙՈրդիք Հայաստանեայց՚ եւ այլն: Իրարմէ անջատ գործող այս միութիւնները համախմբելու եւ մէկ յայտարարի բերելու դժուարին գործը կը ստանձնէ Նժդեհը՝ ստեղծելով Ցեղակրօն Ուխտերը: Շարժման գաղափարախօսութեան վերաբերեալ, 1933-ի վերջը, Պոսթընի ՙՀայրենիք՚ օրաթերթին մէջ, ան հանդէս կու գայ՝ ամերիկահայ նորահաս սերունդին ուղղուած ՙՑեղային արթնութիւն՚ խորագիրը կրող յօդուածաշարքով:
Շնորհիւ Նժդեհի կազմակերպչական ու քարոզչական անզուգական տաղանդին՝ Ցեղակրօն շարժումը լայն թափ կը ստանայ:
1934-ի աշնան Նժդեհ կը վերադառնայ Սոֆիա: Այստեղ, 1935-ին ան լոյս կ'ընծայէ ՙԱմերիկահայութիւնը - Ցեղը եւ իր տականքը՚ աշխատութիւնը՝ միաժամանակ նպատակ ունենալով ընդլայնել Ցեղակրօն շարժումը եւ զայն դարձնել համագաղութային: Սակայն անոր յարաբերութիւնները Հ. Յ. Դ. ղեկավարութեան հետ խիստ կը լարուին եւ այդ հողին վրայ, 1936-ին Պուլկարիոյ Հ.Յ.Դ տեղական կազմակերպութիւնը կը պառակտուի:
Այդ տարիներուն, ռուսերու հակաբոլշեւիկեան Ռուսաստանեան համազօրային միութիւն կազմակերպութիւնը կը դիմէ Պուլկարիոյ, Նժդեհին տալու 2-3 ահաբեկիչներ՝ Ստալինը մահապատիժի ենթարկելու համար: Առաջարկը կը մերժուի:
1937-ին Նժդեհ կը յայտարարէ Հ. Յ. Դաշնակցութենէն իր հեռանալուն մասին: Իսկ 1938-ին, Գահիրէի մէջ գումարուած ՀՅԴ 13-րդ Ընդհանուր ժողովը Նժդեհը կուսակցութեան շարքերէն արտաքսելու վճիռ կ'արձակէ:
Կուսակցութենէն հեռանալէ ետք, Նժդեհ կը շարունակէ Ցեղակրօն կազմակերպութիւններու ընդլայնումը, իսկ 1937-ին, նոյնպէս Հ. Յ. Դաշնակցութենէն հեռացած Հայկ Ասատրեանի հետ, Սոֆիայի մէջ կը սկսին հրատարակել ՙՌազմիկ՚ ազգայնական թերթը:
Այդ տարիներուն Նժդեհի համար վերստին անհրաժեշտ եւ հրատապ հարց կը դառնայ մօտեցող պատերազմին հայութիւնը հոգեբանօրէն նախապատրաստելու եւ նոր բարոյականով սպառազինելու խնդիրը: Այդ նպատակով՝ 1937-1938 թուականներուն, Հայկ Ասատրեանի, Ներսէս Աստուածատուրեանի եւ այլոց հետ կը նախաձեռնէ Տարօնական շարժումը, որու ընդմէջէն Նժդեհ կը հետապնդէր գործնական խնդիրներ: Մասնաւորապէս, սպասուող պատերազմի պարագային Նժդեհ կը նախատեսէր կազմակերպել կամաւորական ջոկատներ, որոնք պուլկարական բանակի կողքին պիտի կռուէին Թուրքիոյ դէմ:
== Պայքար Եւրոպայի հայութեան փրկութեան համար (1939-1944) ==
Պատերազմի սկիզբէն Գերմանիոյ մէջ հակահայկական ալիք կը բարձրանայ: Գերմանական շատ թերթեր կ'արդարացնէին 1915-ի հայերու կոտորածը, նացիստական մարդաբանական գիտութիւնը հայերը կը դասէր սեմական ժողովուրդներու շարքին եւ ունէր խիստ բացասական կարծիք հայերու մասին: Պերլինի մէջ պաշտօնապէս կը յայտարարէին, որ հայերը անցած են Գերմանիոյ թշնամիներու կողմը եւ այլն: Արձագանքելով անոր՝ Բ. համաշխարհային պատերազմի առաջին օրերուն Պուլկարիոյ, Ռումինիոյ ու եւրոպական այլ երկրներու մէջ կը բարձրանան հակահայկական տրամադրութիւններ: Պուլկարիոյ մէջ կային թերթեր եւ կազմակերպութիւններ, որոնք կոչ կ'ընէին հայերը արտաքսելու երկրէն, անոնց հետ վարուելու այնպէս, ինչպէս հրեաներու: Ռումինիոյ մէջ վարչապետ Անտոնեսկի յանձնարարեր էր հայերը տեղահանել հայաշատ քաղաքներէն:
Այս իրավիճակին մէջ, Նժդեհ, ՙՄշակութային մերձեցման պուլկարա-հայկական կոմիտէի՚ միջոցով կը կապուի Սոֆիայի գերմանական դեսպանութեան հետ, իսկ 1942-ին կ'անցնի Պերլին՝ հարցերը հոն լուծելու համար:
Պերլինի մէջ ան կը հանդիպի նացիստական կուսակցութեան ներկայացուցիչին հետ եւ իր անհանգստութիւնը կը յայտնէ գերմանացիներու կողմէ տարուող հակահայկական քարոզչութեան համար: Առաջնորդուելով ՙգերմանական գայլը կուշտ պահելու եւ հայ գառնուկը փրկելու՚ քաղաքական սկզբունքով, Նժդեհ վերջինիս հետ կը պայմանաւորուի Պուլկարիոյ մէջ հաւաքելու հայերու խումբ մը՝ Պերլինի մէջ վարժուելու եւ Գերմանիոյ՝ Թուրքիոյ դէմ հնարաւոր պատերազմին օգտագործելու համար: Ան կապի մէջ կը մտնէ Հայկ Ասատրեանի հետ, որու միջոցով Պուլկարիոյ մէջ կը հաւաքուին եւ Գերմանիա կը մեկնին 30 արեւմտահայ երիտասարդ ցեղակրօններ: Այնտեղ որոշ շրջան մը մարզուելէ ետք, հակառակ Նժդեհի հետ պայմանաւորման, 1943-ի աշնան խումբը կը ղրկուի Ղրիմ՝ Կարմիր բանակի թիկունք օգտագործուելու համար: Սակայն, գերմանական հրամանատարութեան հետ խօսելէ ետք, Նժդեհ կը կարենայ հիմնաւորել իր մարտիկներուն՝ ո’չ թէ Ղրիմի, այլ՝ Թրակիոյ մէջ գտնուելու անհրաժեշտութիւնը (այդ ատեն խիստ սրած էին գերմանա-թրքական յարաբերութիւնները), եւ անձամբ կը ժամանէ Ղրիմ, ու խումբը կը վերադառնայ Պուլկարիա:
Այսպիսով, Նժդեհի համագործակցութիւնը նացիստներու հետ եղած է գաղթաշխարհի հայութիւնը գերմանական սպառնալիքէ փրկելու մտահոգութեամբ եւ հակաթրքական հողի վրայ:
Նժդեհ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 1942-ի Դեկտեմբերին Պերլինի մէջ ստեղծուած եւ մինչեւ 1943-ի վերջը գործող Հայ Ազգային խորհուրդի աշխատանքներուն (խորհուրդի նախագահն էր Արտաշէս Աբեղեանը):
Պերլին գտնուած միջոցին, գերմանացիներու միջնորդութեամբ, Նժդեհ կը հանդիպի Դրոյին՝ նացիստներու հետ համագործակցութեան ձեւի եւ համատեղ գործելու խնդիրներու շուրջ առաջ եկած հակասութիւնները հարթելու համար: Սակայն, Նժդեհի եւ Դրոյի միջեւ հաշտեցում չի կայանար:
Սեպտեմբեր 1944-ին, խորհրդային զօրքերը կը մտնեն Պուլկարիա: ՙԳիտեմ թէ ինչ կը սպասէ ինծի, բայց եւ այնպէս որոշած եմ մնալ, հակառակ որ կարելիութիւն ունիմ օդանաւով ինձ նետելու Վիեննա: Չեմ հեռանում, որ հալածանքի չենթարկուեն մեր կազմակերպութիւնները: Մնալու աւելի լուրջ պատճառներ ունեմ... Այսօր կեանքին ես կապուած եմ այն չափով միայն, ինչ չափով որ ինձ դեռ պարտական եմ զգում ծառայելու Հայաստանին՚, - կը գրէր Նժդեհը Սեպտեմբեր 1944-ի ձերբակալութենէն քիչ մը առաջ (Գ. Նժդեհ ՙԻնքնակենսագրութիւն՚):
== Ձերբակալութիւնը: Բանտարկութեան տարիներ (1944-1955 ) ==
1944-ի Հոկտեմբերի վերջերուն խորհրդային ՙՍմերշ՚ բանակային հակահետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան աշխատակիցներու կողմէ Նժդեհ կը ձերբակալուի: Զինք կը տեղափոխեն Պուխարեստ, հոնկէ՝ ուղղաթիռով Մոսկուա եւ կը բանտարկուի Լիւպեանկայի մէջ:
Որո՞նք էին Նժդեհի՝ Պուլկարիոյ մէջ մնալու լուրջ պատճառները:
Յանձնուելով կարմիրներուն, Նժդեհ յոյս ունէր, որ խորհրդային իշխանութիւնները զինք, որպէս հայ ազգայնականի, կ’օգտագործեն Թուրքիոյ դէմ: Անոր համար, անշուշտ, իրական հիմքեր կային: Ան կ'ենթադրէր, որ Թուրքիա կը դառնայ թիրախ Խորհրդային Միութեան համար (1945-ին խորհրդային բանակը իրօք կը պատրաստուէր մտնել Թուրքիա), եւ Կարմիր բանակի՝ Թուրքիոյ հարուածին պարագային, կարելի կ'ըլլար, ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը ու զայն կցել Խորհրդային Հայաստանին: Սակայն, միջազգային քաղաքական կեանքի ընթացքին իրադարձութիւններու հետագայ փոփոխութիւնները ի նպաստ Թուրքիոյ, Նժդեհի յոյսերը չեն արդարացներ: Խորհրդային բանակը չի շարժիր Թուրքիոյ վրայ:
Նոյեմբեր 1946-ին Նժդեհ Մոսկուայէն կ'ուղարկուի Երեւան, ուր դատաքննութիւնը կ'աւարտի 1948-ին եւ Նժդեհ կը դատապարտուի 25 տարուան բանտարկութեան: Նժդեհի ձերբակալութենէն ետք, ընտանիքը (կինը եւ զաւակը) Սոֆիայէն կ'աքսորուին Պուլկարիոյ Պաւլիկենի քաղաքը:
1948-1952 թուականներուն Նժդեհ կը գտնուի Վլադիմիրի մէջ, այնուհետեւ, մինչեւ 1953-ի ամառը՝ Երեւանի բանտին մէջ։ Նժդեհի երկրորդ անգամ Երեւան բերուիլը, ինչպէս կը վկայէ անոր բանտակից Յովհաննէս Տեւէճեանը պայմանաւորուած էր անով, որ Նժդեհ դիմում ներկայացուցած էր խորհրդային ղեկավարութեան՝ «առաջարկելով իր միջնորդութիւնը Դաշնակցութեան եւ խորհրդային իշխանութեան միջեւ հասկացողութիւն մը եւ գործակցութիւն մը ստեղծելու համար»: Այս խնդիրին շուրջ երկար խօսակցութիւններ տեղի կ'ունենան Հայաստանի անվտանգութեան նախարարին հետ, որու իբրեւեւ արդիւնք 1953-ին Նժդեհ եւ Տեւէճեան Երեւանի բանտէն, համատեղ, նամակ կը գրեն Սիմոն Վրացեանին, որ այդ օրերուն Դաշնակցութեան հետախուզական դպրոցի տնօրէնն էր, յորդորելով անոր մերձենալ ռուսերուն՝ հակաթրքական հողին վրայ։ Սակայն, Մոսկուայի մէջ նպատակայարմար չեն գտներ նամակը ուղարկել եւ անիկա կը մնայ որպէս միայն փաստաթուղթ:
== Մահն ու անմահութիւնը ==
Այնուհետեւ, Նժդեհը դարձեալ կը տեղափոխեն Վլադիմիրի բանտը, ուր կը մահանայ 21 Դեկտեմբեր 1955-ին:
Խորհրդային ղեկավարութիւնը Նժդեհը կը զրկէ ընդհանուր ներումէ օգտուելու իրաւունքէն:
Ստանալով բանտային վարչութեան հեռագիրը Նժդեհի մահուան մասին, եղբայրը՝ Լեւոն Տէր-Յարութիւնեան, շուտով կը մեկնի Վլադիմիր: Անոր կը յանձնեն եղբօր զգեստն ու ժամացոյցը, իսկ ձեռագիրները՝ ոչ: Չ'արտօնուիր նաեւ մարմինը տեղափոխել Հայաստան:
Ան կը կատարէ եղբօր թաղումը, գերեզմանը ցանկապատել կու տայ, ու տախտակի վրայ, ռուսերէն, կը պատուիրէ գրել՝ «Տէր-Յարութիւնեան Գարեգին Եղիշի (1886-1955)»:
Սակայն, ինչպէս իւրաքանչիւր իսկական հերոս, Նժդեհ չի մոռցուիր:
Սեպտեմբեր 1963-ին, Պոսթընի ՙՀայրենիք՚ ակումբին մէջ բացումը կը կատարուի Նժդեհի կիսանդրիին, իսկ 1968-ին, Պէյրութի մէջ կը հրատարակուի Աւոյի (Աւետիս Թումայեան) կազմած ու Նժդեհին նուիրուած ծաւալուն եւ շքեղ գիրքը:
1983-ին խումբ մը հայ մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ (Վարագ Առաքելեան, Արցախ Պունիաթեան, Գարեգին Մխիթարեան) Նժդեհի աճիւնը Վլադիմիրէն կը տեղափոխուի Երեւան: Նոյն տարին, աճիւնէն նշխար մը կ'ամփոփուիէ Խուստուփ լերան լանջին՝ Կոզնի կոչուած աղբիւրին մօտ, իսկ հիմնական աճիւնը, ցինկէ արկղի մէջ քանի մը տարի պահելէ ետք, 1987-ին կը հանգչի Գլաձորի Սպիտակաւոր վանքի բակին մէջ:
Իր մահէն տասնամեակներ ետք միայն՝ 1992-ին, անկախացած Հայաստանի հանրապետութեան դատախազութեան կողմէ Նժդեհ արդար կը կացուցուի, բան մը, որու կարիքը երբե՛ք չունէր:
== Մէջբերումներ Գարեգին Նժդեհէն ==
Իւրաքանչիւր ազգի պարտականութիւնը մարդկութեան հանդէպ նախ ու առաջ կը դրսեւորուի սեփական ազգի կենսունակութեան պահպանման եւ սեփական մշակոյթի զարգացման ձեւով։
Բաւական չէ իր Ազգի զաւակը լինել,պէտք է նաեւ նրա հրաշունչ զինուորը լինել:։
Ազգային ոգի – ահա՜ գերագոյն հերոսը, միա՜կը, մեր պատմութեան անիւը դարձնող, մեր հաւաքական ճակատագիրը վարող հերոսը:
Հոգու հիւանդութիւն ունեն ժողովուրդները, երբ բողոքում են իրենց հայրենիքից:
Պիտ պարտուի, պիտ մեռնի կեղծիքը մեր կեանքում, որ ապրի մեր ժողովուրդը:
Փոքր ազգերը պարտադրօրէն աւելի հայրենասէր պիտ լինեն, քան մեծերը, մենք՝ աւելի, քան բոլորը։
Հերոսը - դա յաւիտենականի կրողն ու սպասաւորն է մեր անցաւոր կեանքում:
Հերոսական են մարդկային այն գործերը միայն, որոնց վրայ ժամանակն ու մահը իշխանութիւն չունին:
Անիծեցի ես աշխարհավար մեծերին. - Չկա’ն մեծեր, կայ մեծութիւն, հոգո’ւ մեծութիւն: Կա՞յսր ես՝ եղիր Աւրելիոս. իմաստասէ՞ր ես՝ Սոկրատ եղիր. զօրավա՞ր ես՝ Աւարայրի Վարդա’ն: Մեծ անունները առանց հոգու մեծութեան նման են կաւէ անդրիի՝ դրւած ոսկէ պատւանդանի վրայ…
Չեմ սիրում միջակութիւնը նպատակի, զոհաբերութեան, տառապանքի: Միջակութեամբ չես աճի, չես հսկայանա հոգեպէս: Հերոսանում է նա, ով ընթանում է գերպարտականութեան ճամբով:
Մէկն սպառնաց ինձ: - Մահուամբ չեն վախեցնում նրան, որից, ինչպէս գիտէք, յաճախ վախեցել է մահը, - ասացի ես:
- Ինչպէ՞ս կուզէիք, որ վարւենք ձեզ հետ, - հարցրին ինձ: - Որպէս ռազմիկի, որը տմարդներին, թէեւ յաղթական լինեն, իրեն արժանի թշնամի չէ համարում:
Ների’ր, Տէ’ր, ների’ր ինձ, եթէ մի օր հայրենիքիս օգտակար լինելու մտօք մեղանչեմ կամքիդ դէմ: Արդա’ր է հայրենիքին ծառայել ամեն ինչով, բացի ստորութիւնից:
Խղճմտանքէս զատ ես ճանաչում եմ երկու գերագոյն դատաւորներ եւս - Աստւած եւ Ժողովուրդ: Առաջինի դէմ գուցէ եւ մեղանչել եմ, իսկ երկրորդի դէմ՝ երբէ’ք:
Հերոսական գործերից ոչ նւազ ներշնչող է մահը հերոսական: Ապա ուրեմն, մեռիր այնպէս, որ մահդ էլ ծառայի հայրենիքիդ: Ահա’ իմ դաւանած հայրենասիրութիւնը:
Հայ մարդու հետ հայերէն կը խօսի ցեղակրօնը, որովհետեւ կը գիտակցի, թէ լեզուի մահը յաճախ ժողովուրդների հոգեւոր մահը կ’արագացնէ:
Հայաստա’ն եւ ճշմարտութիւն - ահա’ իմ աստուածութիւնները:
Պատմութիւ’ն - դա անաւարտ վէպ չէ, այլ՝ չաւարտուած ճակատամարտ:
Ժողովրդից է ամէն յաղթանակ, անկարող ղեկավարից՝ ամէն պարտութիւն:
Սոցիալապէս որքան արդար՝ այնքան զօրաւոր է հայրենիքը:
Ճշմարտութիւնը հասկանալուց մինչեւ այն ընդունելը, եւ այդ վերջինից մինչեւ այն գործադրելը առնուազը եօթն օրուայ ճանապարհ է:
Ճշմարտօրէն ազատ է նա միայն, ով չի զգում բռնութեան առկայութիւնը: Ազատ կարող է լինել հզօրազօր ոգու տէրը միայն: Հոգով տկարների համար մարսելի սնունդ չէ ազատութիւնը:
Երկու բան չեմ ներում մարդուն՝ իր ստորութիւնները, որոնցով սնւում է իր բարոյական տկարութիւնը, ապա՝ իր տկարութիւնը, որից ծնունդ են առնում իր ստորութիւնները:
Ասում են՝ կշտացած առիւծը կորցնում է իր կատաղութիւնը: Իսկ մարդն անկշտում է. որքան խժռում, որքան հարստանում՝ այնքան կատաղում է նա: Չէ’, մարդուն բարի չես դարձնի՝ նրա կերն աւելացնելով:
Անէ’ծք, եօթնիցս անէ’ծք այն ճոխ սեղանին, որի շուրջը տեղ չունեն այն պատրաստողները միայն:
Թէեւ ամէն ժողովուրդ իր հայրենիքն ունի, մարդկութիւնը, սակայն, դեռ մնում է անհայրենիք: Մարդկայնութի’ւնն է մարդկութեան հայրենիքը, որ դեռ գոյութիւն չունի:
Նուազ զբաղուիր այլոց թերութիւններով, այլապէս պիտի դադարես սեփական թերիներիդ նկատել:
Միայն ստոր կրքերից զերծ մարդն է ընդունակ պայծառօրէն խորհելու: Չարերը թանձրամիտ են լինում:
Գինովութիւններից ամենազգլխիչը իշխանութեամբ գինովնալն է: Նմանը հեշտութեամբ է կոխում-անցնում իր իշխանութեան սահմանները, եւ յաճախ ի չարը գործ դնում այն: Եւ մի օր էլ, անխուսափելիօրէն, դառնում է - լատինասութեամբ՝ malorum claras patrator - վատութեանց դիկտատոր:
Աշխատի’ր, որ խօսքդ լինի համակ լոյս եւ ճշմարտութիւն - կայծա’կ, որը զարկելուց առաջ լուսաւորում է առարկաները:
Ես իմ կեանքով հաստատեցի Հերոդոտոսի խօսքը. ՙՎտանգաւոր է չափից աւելին ցանկանալ՚: Ես ուզեցի, որ մեր ցեղի գոյութեան թշնամին հէնց իմ օրով նստի իր հայրենիքի փլատակների վրայ, եւ վայէ՝ նախանձելով եօթնիցս անիրաւուած իմ ժողովրդի ճակատագրին:
Մարդկութիւնը տառապանքին կը պարտի իր հոգեւոր ողջ մշակոյթը: Ով տառապանքից է փախչում՝ կատարելութիւնից է փախչում: Ով չէ տառապել՝ չի’ աճել, չի’ հզօրացել ոգով:
Քեզ մի’ կարծիր այն, ինչ որ չես: Մի’ չափազանցիր կարողութիւններդ, մի’ խաբիր քեզ. կեանքը մի օր պիտի փորձի դնի’ ուժերդ: Աշխատիր լինել ա’յն, ինչ որ կուզէիր կարծել քեզ:
Յաճախ կաշառւում են պատմաբանները, պատմութիւնը` երբե’ք:
Մահը տրուած է մարդուն՝ այն յաղթահարելու համար:
Թող կռուի չմեկնեն թուապաշտները - նրա’նք, որոնք ընդունում են, թէ ոյժը, զօրութիւնը թուի մէջ է միայն: Ոգի’ն է կռուի մղում զինուորին: Ով որ համրում է՝ չի’ խիզախում:
- Ի՞նչ են ասում սարերն իրենց խրոխտ լռութեան մէջ,- հարցրի իմաստունի անուն հանած մի ծեր լեռնականի: Հայեացքը դէպի հայրենի կատարները դարձնելով, նա լռեց մի պահ՝ կարծես անոնցից պատասխան սպասէր, ապա՝ իմաստաբանեց. - Լեռներն ասում են՝ պահի’ր մեզ, լեռնակա’ն, որ մենք էլ քեզ պահենք:
Ով կռւում ժամանակ է կորցնում՝ յաղթանակն է կորցնում:
Արդար լինենք, զօրավա’ր, դու՝ եթէ հանճարեղ իսկ լինես, դու միայն նախապատրաստում ես յաղթանակը. այն շահում է զինուորը:
Զօրակա'ն, կռուիր այնպէ’ս, որ կարողանաս ասել զէնքի ընկերներիդ՝ ի’նձ պէս կռուեցէ’ք:
Պատերազմիր այնպէ’ս, որ չամաչես տարածդ յաղթանակից:
Արդար է յաղթանակդ, երբ այն արդար է համարում պարտուած թշնամիդ իսկ:
Մեր անձի վրայ տարած յաղթանակը - ահա’ հիմքը մեր այլ կարգի յաղթանակների:
Ստորութիւնն էլ է պարտւում, բայց երբեք չի զինաթափւում:
Մի’, մի’ սպանիր թշնամուդ անգամ, եթէ կարելիութիւն կայ սպանելու նրա մարտունակութիւնը - կռիւը շարունակելու նրա ցանկութիւնը: Այլ կերպ վարուողը մարդասպան է հասարակ, եւ ոչ՝ մարտիկ:
Փառքի կատարները բարձրանալու համար կայ մի հատիկ սանդուխք, որի առաջին աստիճանը կոչւում է քաջութիւն, իսկ վերջինը՝ դարձեա’լ քաջութիւն - մահամերժ քաջութիւն:
Փա՞ռք ես փնտրում՝ վտա’նգ փնտրիր: Հերոսական ոչինչ կայ այնտեղ, ուր շնագայլն ու աղուէսն են կռւում: Վա’գրը վագրի դէմ - ահա’ կռիւը հերոսավայել:
Թերթեր ունենք, որոնք աւելի օգտակար պիտ լինէին հայ ժողովրդին, եթէ բնաւ լոյս չտեսնէին:
Կուսակցամոլը - դա թշնամին է իր ժողովրդի, բարեկամը՝ իր ժողովրդի թշնամիների:
Յիշէ զանոնք, որ գերեզմանին մէջ ննջելով սուրն իրենց գլխուն ներքեւը դրին: Քաջաց բարձն է սուրը:
- Իր ընտիր մեռելների պաշտամունքը չունեցող ժողովուրդը՝ ապերախտ ու բարբարոս, անարժան է անկախ հայրենիքի, որը միշտ էլ նահատակների սրբազան աճիւնից կը բարձրանայ:
Ինքն իրեն յարգող ժողովուրդը իր ինքնապաշտպանութեան յոյսը դնում է նախ ի’ր բազուկի, ի’ր զէնքի վրայ։ Իր ոյժերից զատ ամէն ինչի ապաւինող ժողովուրդն արժանի չէ անկախ հայրենիք ունենալու, ազատ ապրելու:
Ռազմավարի հանճարը բղխում է իր հոգու վեհութիւնից:
Ո՞վ է, սակայն, կատարեալ ղեկավարը: Ո’չ անշուշտ բոլոր սպաները, բոլոր ՙմեծերը՚, որոնք բանակի հետ շարժւում են դէպի կռւադաշտ: Շատերը սպաներից այլ բան չեն, քան մի զոյգ ուսադիր, մի աստիճան, մի տիտղոս: Իսկական առաջնորդը շատ անգամ չի նշանակւում, նա երեւան է գալիս, երբ նրա կարիքն է զգացւում, նա յայտնւում է վտանգի ժամանակ: Մէկը կարող է աստիճանով զօրավար լինել, բայց ոչ՝ եւ առաջնորդ: Մի ուրիշը, կրելով պարզ հարիւրապետի ուսադիրները, կարող է կատարեալ առաջնորդ լինել: Եթէ չեն ծնւում, ապա’ դառնո’ւմ են առաջնորդներ: Նա յաճախ սրտի եւ գործողութեան մարդ է, քան մտքի: Դա՝ հակառակ անոնց, որոնք յաճախ լաւագոյն բանակները վերածում են հօտերի, գիտի հօտերը վերածել լաւ բանակների: Նա՝ առիւծների խումբը ղեկավարելու նշանակւած ոչխարը չէ, այլ՝ ոչխարների հօտը կառավարող առիւծը:
Չկա’յ աւելի զարհուրելի բան, քան աննպատակ գոյութիւնը:
Ամենասրբազանը խաչերից, միաժամանակ եւ ամենածանրը - դա ճակատագիրն է հարազատ ժողովրդի: Այն կրողին ե’ւ վայ, ե’ւ պատիւ եօթնիցս:
== Երկերի մատենագիտութիւն ==
Դաշնակցութեան պանթէոնը, Ալեքսանդրապոլ, 1917:
Զօրաշարժային կանոնադրութիւն, Երեւան, 1918:
Խուստուփեան կանչեր, Գորիս, 1921:
Էջեր իմ օրագրէն, Գահիրէ, 1924:
Որդիների պայքարը հայրերի դէմ, Սալոնիկ, 1927:
Բաց նամակ հայ մտաւորականութեան, Պէյրութ, 1929:
Ցեղի ոգու շարժը, Սօֆիա, 1932:
Ամերիկահայութիւնը՝ ցեղը եւ իր տականքը, Սօֆիա, 1935:
Իմ պատասխանը, Սօֆիա, 1937:
Բանտային գրառումներ, Երեւան, 1993:
Զորաշարժային կանոնադրութիւն: Խուստուփեան կանչեր, Երեւան, 1993, 56 էջ:
Էջեր իմ օրագրէն: Բաց նամակ հայ մտավորականութեան: Որդիների պայքարը հայրերի դէմ, Երեւան, 1998, 160 էջ:
Ցեղակրօնութեան ուխտ, Երեւան, 1998, 16 էջ:
Ցեղի յաւիտենական զէնքը, Երեւան, 1998, 87 էջ:
Ազատ Սիւնիք, Պէյրութ, 1999, 176 էջ:
Լեռնահայաստանի գոյամարտը, Պէյրութ, 1999, 44 էջ:
Ցեղի արթնութիւն, Երեւան, 1999, 36 էջ:
Ամերիկահայութիւնը՝ ցեղը եւ իր տականքը, Երեւան, 2000:
Ցեղի ոգու շարժը, Երեւան, 2000:
Ցեղի ոգու շարժը: Ամերիկահայութիւնը՝ ցեղը եւ իր տականքը, Երեւան, 2000, 118 էջ:
Ցեղակրօնութիւնն իբրեւ յաղթանակի զօրոյթ: Ցեղային արթնութիւն: Ինչ է ցեղակրօնութիւնը, Երեւան, 2001, 48 էջ:
Հատընտիր, Երեւան, 2001, 405 էջ:
Էջեր իմ օրագրէն: Բաց նամակ հայ մտավորականութեան, Երեւան, 2002, 52 էջ:
Երկեր, հատ. 1, Երեւան, ՀՀ ԳԱԱ հրատ., 2002, 532 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/1187/Njdeh_1.pdf
Երկեր, հատ. 2, Երեւան, ՀՀ ԳԱԱ հրատ., 2002, 504 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/1200/Njdeh_erker2.pdf
Նամականի (1920-1921), Երեւան, 2002, 48 էջ:
Նորայայտ մասունքներ, Երեւան, 2002, 20 էջ:
Մեծ գաղափար (նորայայտ մասունքներ), Երեւան, 2003, 80 էջ:
Որդիների պայքարը հայրերի դէմ, Պէյրութ, 2005, 127 էջ:
Հատընտիր /երկրորդ լրացված հրատարակութիւն/, Երեւան, 2006, 706 էջ։
Բաց նամակ Մայքլ Արլենին, Լոս-Անճէլըս, 2008:
Հայ ռազմիկին (Յաղթելու արուեստը), Երեւան, 2010, 64 էջ:
Աշխարհայեցողութիւն, Երեւան, 2011, 28 էջ:
Նորայայտ նամակներ, Երեւան, 2011:
Գրական երկեր, Երեւան, 2012, 216 էջ:
Բանտային կեանք: Նամակներ: Գրառումներ, Երեւան, 2016, 187 էջ:
Յիշի'ր պատերազմը: Խուստուփեան կանչեր, Երեւան, 2017, 148 էջ:
Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 1. Հայաստանի կենդանի սուրը, Երեւան, 2017, 408 էջ:
Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 2. Ազատ Սիւնիք, Երեւան, 2017, 416 էջ:
Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 3. Թավրիզյան դրամա, Երեւան, 2017, 408 էջ:
Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 4. Հայ դասական արիութիւնը, Երեւան, 2017, 400 էջ:
Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 5. Անձնավկայութիւն կամ յաւիտենական հայը, Երեւան, 2017, 400 էջ:
== Գրականութիւն ==
Արմէն Սիւնի, Հայկական վաշտը Անդրանիկի առաջնորդութեամբ 1912-1913 թթ. Պալկանեան պատերազմում, Պաքու, 1914, 148 էջ:
Արնոտ գիրք (կազմեց՝ Ասլան Շահնազարեան), Գորիս, 1921:
Ազատ Սիւնիք (սեւ էջեր եւ փաստեր բոլշեւիկների հնգամսեայ գործունէութիւնից), Գորիս, 1921:
Վարդան Գէորգեան, Լեռնահայաստանի հերոսամարտը (1919-1921 թթ.), Պուքրէշ, 1923, 173 էջ, 2-րդ հրատ., Երեւան, 1991, 189 էջ, 3-րդ հրատ., Երեւան, 2010, 169 էջ։
Աւօ, Նժդեհ (Կեանքն ու գործունէութիւնը։ Նշխարներ, Վկայութիւններ), Պէյրութ, 1968, 527 էջ, 2-րդ հրատ., Լօս Անճելըս, 1989, 524 էջ։
Արմէն Սեւան, Բանտարկեալի մը յուշերը (Տառապանքի տարիներ Գ. Նժդեհի հետ), Պուենոս Այրէս, 1970, 204 էջ, 2-րդ հրատ., Երեւան, 2012, 258 էջ։
Մուշեղ Լալայան, Գարեգին Նժդեհի կեանքն ու գործունէութիւնը, Երեւան, 1997։
Արցախ Բունիաթեան, Սպարապետի վերադարձը, Երեւան, 1999, 2-րդ հրտ., Երեւան, 2002, 205 էջ:
Արամ Սիմոնյան, Զանգեզուրի գոյամարտը 1920-1921 թթ., Երեւան, 2000, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/376/ZangezuriGoyapayqar@.pdf
Արտակ Վարդանեւան, Նժդեհյան մասունքներ, Երեւան, 2001։
Վլադիմիր Ղազախեցյան, Նժդեհը Զանգեզուրում (1920 թվականի վերջ - 1921 թ.), Երեւան, 2001, 108 էջ։
Սպարապետ Նժդեհ, Պէյրութ, 2001։
Վարագ Առաքելյան, Նժդեհ, Երեւան, 1989, 160 էջ։
Ռաֆայէլ Համբարձումեան, Վարք Նժդեհի։ Ասոյթներ, Երեւան, 2001, 248 էջ + 48 էջ ներդիր:
Ռաֆայէլ Համբարձումեան, Գարեգին Նժդեհ (Ամբողջական կենսագրութիւն), Երեւան, 2007։
Արմէն Սիւնի, Հայկական վաշտը Բալկանեան պատերազմում 1912-1913 թթ., Սօֆիա, 1926։
Արմէն Սիւնի, Հայկական զօրամասը Բալքան-թուրք պատերազմին մէջ, Երեւան, 2009, 72 էջ։
Աւագ Յարութիւնեան, Գարեգին Նժդեհը եւ 1921 թ. Թավրիզեան դատավարութիւնը, Երեւան, 2001, 320 էջ:
Սեպուհ, Էջեր իմ յուշերէն, հատոր 1, Պոսթըն, 1925, 519 էջ։
Սեպուհ, Էջեր իմ յուշերէն, հատոր 2, Պոսթըն, 1929, 315 էջ։
Ասլան Ստեփանեան, Յուշեր, Թեհրան, 1966։
Սիմոն Վրացեան, Կեանքի ուղիներով, Գ. հատ., Պէյրութ, 1963, 278 էջ։
Սիմոն Վրացեան, Կեանքի ուղիներով, Զ. հատ., Պէյրութ, 1967, 348 էջ։
Սիմոն Վրացեան, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Փարիզ, 1928, 2-րդ հրտ., Պէյրութ, 1968, 3-րդ հրտ., Թեհրան, 1982, 4-րդ հրտ., Երեւան, 1993, 704 էջ։
Հրաչիկ Սիմոնյան, 1912-1913 թթ. Բալկանյան պատերազմները եւ հայերը, Երեւան, 2014, 504 էջ։
Հայոց պատմութիւն, հատ. 4, գիրք 1. Նորագոյն շրջան. 1918-1945 թթ., Երեւան, ՀՀ ԳԱԱ հրատ., 2010։
Բանբեր Հայաստանի արխիվների, Երեւան, 1991, թիվ 1-2, 1992, թիվ 1-2, 3:
Աշոտ Պետրոսեան, Գարեգին Նժդեհը եւ քրիստոնեութիւնը, Երեւան, 2001, 116 էջ:
Արտակ Վարդանեան, Նժդեհեան մասունքներ, Երեւան, 2001:
Գարեգին Նժդեհ - 115 (Գիտաժողովի նիւթեր), Երեւան, 2001, 134 էջ:
Միրզոյեան Վ., Գարեգին Նժդեհի փիլիսոփայութիւնն ու լեզվաշխարհը, Երեւան, 2001, 26 էջ:
Սեյրան Զաքարյան, Գարեգին Նժդեհ (ճեպանկար), Երեւան, 2001, 66 էջ:
Սպարապետ Նժդեհ, Պէյրութ, 2001, 32 էջ:
Ազատ Սյունիք: Արնոտ գիրք, խմբ. Աւագ Յարութիւնեան, Երեւան, 2007, 136 էջ:
Գեւունց Գ., Նժդեհը Սյունիքում 1919-1921 թթ., Երեւան, 2007, 96 էջ:
Մարտին Զիլֆուղարեան, Լեռնահայաստանի հանրապետութիւնը: Սիւնիքի սահմանադրութիւնը, Գորիս, 2008, 72 էջ:
== Արտաքին յղումներ ==
Գարեգին Նժդեհ. Չպղծուած ֆիլմ
Գարեգին Նժդեհ, 2013
Գարեգին Նժդեհ. Ցեղին սիրտը
Հայորդիներ. Գարեգին Նժդեհ
Առաջին այրեր. Գարեգին Նժդեհ
Մեր մեծերը. Նժդեհ
Յայտնի անյայտը. Գարեգին Նժդեհ
== Ծանօթագրութիւններ == |
21,822 | Արշամ Տատրեան | Արշամ Տատրեան (2 Փետրուար 1909(1909-02-02), Չորում, Թուրքիա - 19 Յունիս 1956(1956-06-19), Գահիրէ, Եգիպտոս), հայ գրող, հրապարակագիր, խմբագիր։
== Կենսագրութիւն ==
Աւարտած է Գահիրէի Գալուստեան Ազգային վարժարանը (1925) եւ Կրինիոնի (Փարիզի մերձակայքը) երկրագործական բարձրագոյն դպրոցը (1932)։ Եղած է Գալուստեան վարժարանի եւ Գահիրէի ֆրանսիական լիցեյի ուսուցիչ։
1938-ին հրատարակած է «Բանաստեղծին ձայնը» (Գահիրէ) պարբերագիրքը։
1948-1955 թուականներուն խմբագրած է «Զահակիր» գրական, հասարակական շաբաթաթերթը։
Նրա բանաստեղծութիւնները (տպագրուած սփիւռքահայ տարբեր պարբերականներու մէջ) կրած են Միսաք Մեծարենցի ազդեցութիւնը, անոնք կ'արտացոլեն 1920-1930-ական թուականները ու հետագայ տասնամեակներու սփիւռքահայ սերունդի հոգեբանութիւնը, անոր հայասիրական ոգորումները։
Մահացած է 19 Յունիս 1956-ին, Գահիրէ։
== Ծանոթագրութիւններ == |
15,954 | Ժագ Գոճեան | Ժագ Գոճեան դաշնակահար, երաժիշտ:
== Կենսագրութիւն ==
Ժագ Գոճեան ծնած է 9 Փետրուար 1930-ին երաժշտասէր ընտանիքի մը մէջ , Պէյրութ, Լիբանան, Հայրը՝ Հայկ Գոճեան քլարինէթ նուագող էր, եղբայրը՝ Վարուժան հայկ Գոճեանը հանրաճանաչ ղեկեվար էր, իսկ կրտսեր եղբայրը ՝ Միհրան Գոճեանը, միջազգային շրջանակներու մէջ յայտնի ջութակահար է:
Ժագ Գոճեան ապրած է Լիբանան մինչեւ 1970-ականներու կէսերը, այնուհետեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով, ան հաստատուած է Քալիֆորնիա, ուր շարունակած է իր մշակութային գործունէութիւնը քանի մը տասնամեակներ։
Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2019-ին, Կրանատա Հիլզի (Քալիֆորնիա) իր բնակարանին մէջ մահկանացուն կնքեց հանրածանօթ երաժիշտ Ժագ Գոճեան, երկարամեայ Alzheimer’s disease հիւանդութենէ ետք, շրջապատուած ընտանիքին անդամներով եւ սիրելիներով։ Մահուան սեմին, հանգուցեալին այցելած է նաեւ Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեան։
=== Ժագ Գոճեանի ներդրումը երաժշտութեան մէջ ===
Ժագ Գոճեան յատկանշական ներդրում ունեցած է սփիւռքի արդի հայկական ժողովրդային երաժշտութեան, որ յաճախ կը կոչուի «էսթրատային» զարգացման ջանքերուն մէջ։ Ան ելոյթներ ունեցած է Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի մէջ, ընկերակցելով յայտնի երգիչներու, ինչպէս՝ Մանուէլ Մենենկիչեանին, Ատիս Հարմանտեանին, Փօլ Պաղտատլեանին եւ Գառնիկ Սարգիսեանին։ Ան նաեւ շատ մը երգիչներու համար երաժշտական մշակումներ կատարած է եւ աջակցած է կազմակերպելու անոնց կենդանի կատարումներու։
Ժագ Գոճեանի գործերէն ամենայայտնին է՝ Թաթուլ Այնէճեանի բանաստեղծութեան հիման վրայ յօրինուած «Վերջին Կիրակին», որ կատարուած է քանի մը երգիչներու կողմէ։
=== Ժագ Գոճեանի ձայնագրութիւնները եւ դաշնամուրի ընկերակցութիւնը հետեւեալ երգերուն ===
Առաջին Սէր - 1972
Պաքթոպ Իսմաք անունդ դրոշմեցի - 1972
Nahna Wal Amar Մենք եւ Լուսինը Lebanon, Oriental Jazz 1972
Shu Beyebka Men Errewaye Greece, Oriental Jazz 1972
Nassam Alaynal Hawa *Oriental Mood Greece, Oriental Jazz (1972)
Ինչու Ինչու - 1972
Կանաչ Պարտէզ - 1974
Վերադարձիր - -1973
Սիրոյ Երգ - 1972
Սիրեցի Եարս տարան - 1973
جاك كودجيان - Aa'tni Nay
جاك كودجيان - Abdo Habeeb Ghandoura
Habaytak (Oriental Moods)
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Ոչ Եւս Է Հանրածանօթ Երաժիշտ Ժագ Գոճեան
Ոչ Եւս Է Հանրածանօթ Երաժիշտ Ժագ Գոճեան
Noted Musician Jacques Kojian Passes Away
JACQUES KODJIAN
JACQUES KODJIAN
Noted Musician Jacques Kojian Passes Away |
21,460 | Բերիոյ Հայոց Թեմ | Բերիոյ Հայոց թեմ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երկրորդ մեծ եւ հնագոյն թեմն է։ Առաջնորդանիստը Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին է (15-րդ դար)։ 1660-ական եւ 1920-ական թուականները Հալէպը եղած է Կիլիկիոյ կաթոդիկոսութեան վարչական եւ հոգեւոր կեդրոնը։ Բերիոյ թեմին մէջ կը գործէ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդութիւնը, իսկ մնացած հայաբնակ շրջաններու եւ Հալէպի թաղերու եկեղեցիները կը կառաւարուին թաղական խորհուրդները։ Թեմի հնագոյն եկեղեցիներէն է Հալէպի Սուրբ Աստուածածինը (առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ տարածքին, այժմ՝ Զարեհեան թանգարան), որ եղած է ուխտատեղի ոչ միայն հայերուն, այլ այլազգիներուն համար։
== Հալէպի մէջ գործող եկեղեցիները ==
Հալէպի մէջ կը գործեն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սուրբ Վարդան, Սուրբ Գէորգ, Սուրբ Յակոբ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները, կը պաշտօնաւարեն 14 քահանաներ։ Թեմի տարածքին կը գտնուին՝ Արամոյի
մէջ՝ Սուրբ Ստեփանոս (12-րդ դար, նորոգուած է 1958-ին), Գամիշլիի մէջ՝ Սուրբ Յակոբ, Լաթաքիոյ մէջ՝ Սուրբ Աստուածածին (10-րդ դար), Քարատուրանի մէջ՝ Սուրբ Աստուածածին (նորոգուած է 1960-ին), Հասիչէի մէջ (Հասաքէ)՝ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ, Եագուպիէի մէջ՝ Սուրբ Հռիփսիմէ (նորոգուած է 1954-ին), Քեսապի մէջ՝ Սուրբ Աստուածածին (19-րդ դար), Ռաս ուլ Այնի մէջ՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները, Եագուպիէի մէջ՝ Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին եւ Սուրբ Աննա ուխտատեղի-մատուռը, Մարկատէի մէջ՝ Սուրբ Յարութիւն մատուռը (1995), Քէորքէանէի մէջ՝ Սուրբ Ստեփանոս ուխտատեղի-մասաաը (գործած է մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը)։ Տէր Զօրի մէջ գործած է Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին (1931), որ նորոգումէն ետք վերաօծուած է եւ վերանուանուած Սուրբ Նահատակաց եկեղեցի (1990)։ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդութիւնը հիմնուած է 1943-ն։ Կեդրոնը Գամիշլի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին է։ Առաջին առաջնորդական փոխանորդը եղած է Խորէն վարդապետ Բարոյեանը (յետագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս)։ Բերիոյ թեմի հովանիի տակ կը գործեն «Զարեհեան» գանձատունը (1991), «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տունը (բաղկացած է ներքնայարկի «Սպիտակ» երիտասարդական սրահէն, «Լեւոն Շանթ» մշակութային սրահէն, «Անի» ճաշասրահէն, «Դալար» սրճարանէն)։ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ կից են «Օշական» գրատունը (1989), «Արեւելք» տպարանը (1946) եւ այլն։ Կը գործեն նաեւ ուսումնական, դատաստանական, առողջապահական, ընկերային ծառայութեան, կրօնական դաստիարակութեան, թաղական խորհուրդները, կալուածներու հոգաբարձութիւնը, վերաքննիչ ատեանը, շինարարական խորհրդատու մարմինը, հոգաբարձական եւ խնամակալական կազմերը, «Յովսէփ եւ Անահիտ Մարգարեան» փոխատուութեան եւ «Կեանք մը փրկենք» հիմնադրամները։ |
4,215 | Ղարաբաղցի Կինը (քանդակ) | «Ղարաբաղցի Կինը» քանդակ, կը գտնուի Երեւանի, Օփերայի մօտ՝ Սայեաթ-Նովայի Պողոտայի եւ Տէրեան փողոցներու խաչմէրուկին վրայ։ Քանդակը ստեղծուած է 1985 թուականին, քաղաքին մէջ տեղադրուած է 1988-ին:
== Հեղինակ ==
Քանդակագործ` Դաւիթ Երեւանցի
== Տուեալներ ==
Քանդակը պրոնզէ կազմուած է, բարձրութիւնը 3 մեթր է:
== Պատմութիւն ==
Քանդակը տեղադրուած է 1988 թուականի 11 Նոյեմբերին Օփերային թատրոնի մերձակայ այգիին մէջ։ Հեղինակը` Դաւիթ Երեւանցին, այն նուիրա է Մշակոյթի Հայկական ֆոնտին:
Քանդակագործը արձանը կերտած է ծնունդով Շուշեցի, մենապարուհի ու երգչուհի Արեւ Պաղտասարեանի կերպարով: Խորհրդային իշխանութիւններն արգիլած էին քանդակը տեղադրել քաղաքին մէջ. այն երկու տարի կը գտնուէր ձուլարանին մէջ։ Արցախեան Շարժումէն ետք՝ 1988 թուականին, արձանը տեղադրուեցաւ Կարապի Լիճի վերի բաժնին մէջ:
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,946 | Հայկական Տաւրոս | Հայկական Տաւրոս (թրք.՝ Toros Dağları), լեռնային համակարգ Հայկական լեռնաշխարհին, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ։ Կ'երկարի Կիլիկեան Դրունք կիրճէն մինչեւ Բոհտան գետը։ Երկայնքը՝ 650 քմ է, լայնքը՝ 35 -100 քմ, միջին բարձրութիւնը՝ 1800 - 2300 մ։ Իշխանասար, Սիմսար, Մարութա լեռ գագաթները ունին 3000մ բարձրութիւն։
== Աշխարհագրութիւն ==
Հայկական Տաւրոսին մակերեւոյթը մասնատուած է Եփրատի, Տիգրիսի եւ իրենց վտակներուն հովիտներով։ Իրենցմէ քանի մը հատը միջանցիկ կիրճեր են, որոնցմով Հայկական Տաւրոսը կը բաժնուի 3 մասերու. Կիլիկիոյ եւ Եփրատի կիրճերուն միջեւ, միջին՝ մինչեւ Պիթլիսի կիրճը եւ արեւելեան՝ մինչեւ Բոհտանի կիրճը։
Հայկական Տաւրոսին արեւելեան մասին առանձին լեռնաճիւղերը կը տարածուին դէպի Վանայ լիճ, հասնելով Վարագայ լեռ՝ կը տրոհուին առանձին լեռնազանգուածներու եւ կը ձուլուին Հայոց ձորի հովիտին բլուրային տարածքին։
Հայկական Տաւրոսին բուռն ծալքաւորուած փալիոզոյեան (Paleozoic) եւ մեսոզոյեան (Mesozoic) կրաքարերու եւ թերթաքարերու դէպի հարաւ շրջուած թեփուկներով եւ վրաշարժային կառուցուածքով լեռնային համակարգ մըն է, բարդացած նոր կերտուած կամարաձեւ բարձրացումներով եւ բարձրակողմանի խզումներով։ Պիթլիսի շրջանին մէջ նստուածքային շերտերը ճեղքուած են եւ ներարկուած օձաքարային հզօր զանգուածներով։ Հիւսիսային լանջը ենթարկուած է հզօր խորքային բեկուածքի մը, որուն ուղղութեամբ կ'երկարի Խարբերդի, Բալուի, Մուշի եւ Վանայ լիճի իջուածքային գոգաւորութիւններու գօտին։ Յաճախակի են բարձրաքանդակային ձեւերը, բնորոշ կառային դաշտերով։ Կան ստորերկրեայ քարանձաւներ։
Արեւելեան Տիգրիսի մեծ թիւով վտակները կը սնանին հզօր աղբիւրներէ։ Օգտակար հանածոներէն կան նաւթ, պղինձ եւ բազմամետաղներ, քրոմիտ եւ ծծումբ. առատ են շինանիւթերը։ Լեռնահամակարգին գլխաւոր լանջերուն յառաջացած են կլիմայական որոշ առանձնայատկութիւններ։ Հիւսիսային լանջին կլիման ցամաքային է, ամառը՝ տաք, իսկ ձմեռը՝ ցուրտ։
Տարեկան տեղումները 300մմ-էն մինչեւ 1000մմ են։ Ստորոտներուն մոխրագոյն հողերուն վրայ տարածուած են կիսանապատային, միջին մասերուն շագանակագոյն հողերուն վրայ՝ չոր տափաստաններ, լեռնակատարներուն՝ ենթալպեան բարձրախոտ մարգագետիններ եւ քարացումներ։ Հարաւային լանջին կլիման բնորոշ է տաք ամառով եւ մեղմ ձմեռով, տեղումները 400-500 մմ-էն 1000-1500 մմ։ Միջին բարձրութիւններուն վրայ, գորշ անտառային եւ սրճագոյն հողերուն վրայ կ'աճին սոճի, լիբանանեան մայրի, կաղնի, մշտադալար մերձարեւադարձային անտառներ, որոնք դէպի ստորոտ տեղի կու տան կիսանապատային եւ անապատային խմբակցութիւններու։
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,928 | Յովհաննէս Ե. Դրասխտանակերտցի | Յովհաննէս Ե․ Դրասխանակերտցի (840-ականներ - 929, Վասպուրական, Մեծ Հայք), Հայոց կաթողիկոս (898 - 929), պատմիչ եւ գրող, Մաշտոց Ա. Եղուարդեցի (897 - 898) կաթողիկոսի ազգական եւ աշակերտ։
Յովհաննէս Դրասխանակերտցին յայտնի է գլխաւորապէս իբրեւ պատմիչ։ Իր «Հայոց պատմութիւն» երկասիրութեան մէջ կը ներկայացնէ հնագոյն ժամանակներէն առ 920-ական թուականներուն երկարող իրադարձութիւնները։
Մինչեւ 9-րդ դարու կէսին պատմական նիւթը քաղած է Աստուածաշունչէն եւ իրեն նախորդող պատմիչներու գործերէն, իսկ 9-րդ դարու երկրորդ կէսին ու 10-րդ դարու առաջին քառորդի պատմութիւնը նկարագրած է իր տեսածով ու լսածով՝ հաղորդակից ու մասնակից ըլլալով իր ժամանակ կատարուած դէպքերուն։ Պատմութեան այդ մասին մէջ, որ աւելի կարեւոր է ու արժէքաւոր, Դրասխանակերտցին մանրամասն կը նկարագրէ հայ ժողովուրդի ծանր կացութիւնը արաբական լուծի տակ, մասնաւորապէս արաբ ոստիկաններ Եուսուֆի, Նսըրի, Ափշինի, Բշըրի յարձակումները Հայաստանի վրայ, 850-852 թթ. արաբական լուծի դէմ հայ ժողովուրդի մղած հերոսական ազատագրական պայքարը, Սմբատ Առաջինի նահատակութիւնը, հայ ժողովուրդի ազատութեան համար Աշոտ Երկաթի մղած պայքարը եւ այլն։ Դրասխանակերտցու «Հայոց պատմութիւն»-ը աշխարհաբար թարգմանոած է Գ.Բ. Թոսունեանը։
Դրասխանակերտցին գրած է նաեւ «Շարից հայրապետացն Հայոց» աշխատութիւնը, ուր կը ներկայացնէ Հայոց կաթողիկոսներու շարքը՝ սկսելով Բարդուղիմէոսէն եւ Թադէոսէն եւ հասցնելով մինչեւ իր աթոռակալութիւնը։ Իւրաքանչյուր կաթողիկոսի վերաբերեալ կը հաղորդուի կենսագրական համառոտ տուեալներ։
Դրասխանակերտցիի նախորդողը եղած է Կաթողիկոս Մաշտոց Ա Եղուարդեցի, իսկ յաջորդողը՝ Կաթողիկոս Ստեփանոս Բ․ Ռշտունին։
== Աշխատութիւններ եւ թարգմանութիւններ ==
Յովհաննէս կաթողիկոս Դրասխանակերտցի, Պատմութիւն Հայոց (Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարան)։
Ованес Драсханакертци, “История Армении”, Перевод с древнеармянского М.О. Дарбинян-Меликян, Ереван, 1984г.
Patriarche d'Arménie Jean VI, dit Jean Catholicos. Histoire D'Arménie.
== Գրականութիւն ==
Սարգսյան Ա. Բ., Հովհաննես Դրասխանակերտցու «քերթողական արվեստի» շուրջ.- «Պատմա-բանասիրական հանդես», 1981, № 2, էջ 164-177։
Ա. Սարգիսեան, Յովհաննէս Դրասխանակերտցիի «Հայոց պատմութիւնը» եւ Մովսէս Խորենացին, Երեւան, 1991։ |
1,897 | Ստեփան Ասլանեան | Ստեփան Ասլանեան Փաշա (22 Դեկտեմբեր 1822(1822-12-22), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 17 Նոյեմբեր 1901(1901-11-17), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բանասէր, հասարակական-կրթական տաճկահայ գործիչ։
== Կեանք եւ գործունէութիւն ==
Ծնած է Կ. Պոլիս 22 Դեկտեմբեր 1822–ին։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Սկիւտարի ճեմարանին մէջ եւ ապա կ'երթայ Կալաթա՝ Սէրայի ուսանող։ 1848–ին բժշկական վկայական ստանալով կ'անցնի Վիեննա եւ այնտեղի համալսարանէն նոյնպիսի վկայական ստանալով Կ. Պոլիս կը վերադառնայ։
1870–ին զինուորական բժշկական ճիւղի սպարապետութեան անդամ կ'ընտրուի եւ միեւնոյն տարին փաշայութեան տիտղոսին կ'արժանանայ։
1877–ին թրքական կառավարութիւնը զինք Եւրոպա կ'ուղարկէ՝ Պոլիս բժիշկներ հրաւիրելու համար։ Բացի բժշկական ասպարէզի իր ունեցած պաշտօններուն, ան Տաճկաստանի մէջ կը վարէ այլ պաշտօններ ալ. ինչպէս օրինակ՝ 1863–ին թրքական հանրային կրթութեան վարիչ։
Իբր ազգային գործիչ ան ասպարէզ կու գայ 1846–ին երբ Բերայի Նարեկեան վարժարանի հոգաբարձու կ'ընտրուի։
1859–ին կ'ընտրուի Գերագոյն ժողովի ատենապետ, իսկ 1863–ին անդամ Քաղաքական ժողովի, պաշտօն մը, որ կը վարէ բաւական երկար ժամանակ։
1875-1880 թուականներուն կ'ըլլայ պատրիարքական ժողովի ատենապետ, 1879–ին Երուսաղէմի, իսկ 1883–ին Եգիպտոսի պատուիրակ։
Կը մահանայ Կ. Պոլսոյ մէջ 17 Նոյեմբեր 1901–ին։
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,586 | Տան Պիլզերեան | Տան Պիլզերեան (անգլերէն՝ Dan Bilzerian, ծն. 7 Դեկտեմբեր 1980), փոքերի ամերիկահայ մասնագէտ, դերասան եւ համացանցի աստղ։
== Փոքերի Գործունէութիւն ==
Մասնագիտական փոքերին մէջ Տան Պիլզերեանի առաջին մեծ յաջողութիւնը 2009 թուականին եղած է՝ Փոքերի միջազգային մրցախաղին։ Ան յայտնուած է այդ մրցախաղին հեռատեսիլային ներկայացումի 6 դրուագներուն։ Այդ մրցախաղին ան գրաւած է 180-րդ տեղը եւ շահած է 36 626 տոլար: Victory Poker-ի հիմնադիրներէն մեկն է: 2010 թուականին Թուիթերին մէջ Bluff հանդէսը անոր անուանած է ամենածիծաղելի խաղցողներէն մէկը: 2011 թուականի Մարտ 9-ին 385 000 տոլար շահելու համար մասնակցած է ընկերական մրցավազքի ԱՄՆ-ներու վերին դատարանի անդամ իրաւաբան Թոմ Կոլտսթինի հետ։ Մրցումը տեղի ունեցած է Լաս Վեկասին մէջ, եւ Տանը յաղթած է։ Պիլզերեանը սեփականատէրն է1965 թուականին շինուած AC Cobra մեքենայով, իսկ Կոլտսթինը՝ 2010 թուականին Ferrari 458 Italia-ով:
== Ֆիլմերուն Մէջ Գործունէութիւն ==
2013 թուականին Տան Պիլզերեանը «Ողիմպոսի անկումը» ֆիլմի նկարահանումներուն մասնակցած է։ Մէկ միլիոն տոլար ներդրած է «Վերապրածը» ֆիլմի ստեղծման համար եւ դերերէն մէկը ստացած է։ 2014 թուականին նաեւ նկարուած է «Այլ կին» եւ «Մեծն հաւասարեցնողը» ֆիլմերուն մէջ:
== Անձնական Կեանք ==
30 տարեկանին սիրտի երկու կաթուած անցուցած է: Տանի հայրը՝ Փօլ Պիլզերեանը, Ուոլ Սթրիթի յայտնի նախկին թրէյտեր եղած է, իսկ եղբայրը՝ Ատամ Պիլզերեանը, նոյնպէս մասնագէտ փոքեր խաղցող մըն է։
2018-ի Օգոստոս 28-ին իր եղբայր Ատամին եւ հայր Փօլին հետ միասին Հայաստան այցելած է: Տանը Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է եւ ներկայացած է Հայաստանի Զինուած ուժերու վարչութիւն եւ արձանագրուած է իբրեւ բանակի պահեստային զինուոր: Պիլզերեան նաեւ Արցախ այցելած է, որմէ ետք Ատրպէյճան հետախուզութիւն յայտարարած է անոր նկատմամբ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,346 | Վահագն | Վահագն, պատերազմի, քաջութեան եւ յաղթանակի գերագոյն աստուածը հին հայկական դիցաբանութեան մէջ։
== Բնութագրում ==
Վահագն եղած է հայոց ամէնէն սիրուած աստուածը։ Կարգ մը աղբիւրներու եւ առասպելազրոյցներու մէջ նաեւ կը վկայուի իբրեւ արեգակնային աստուած։ Ըստ Անանիա Շիրակացիի, աւանդաբար Վահագնի անունին հետ կապուող Յարդգողի ճանապարհը անուանած են նաեւ «Արեգական հին ճանապարհ»։ Ըստ առասպելաբանութեան, կենսատու լոյս անձնաւորող Վահագնը, իբրեւ քաջ որսորդ, կը մարտնչի խաւարին եւ չար ու վնասակար ուժերը մարմնաւորող վիշապներու դէմ, որու պատճառով ալ անոր տրուած է Վիշապաքաղ մականունը։ Հայոց բարձր լեռները դիտուած են իբրեւ Վահագնի երկրային սրբազան կայաններ։ Ըստ Վասպուրականի հայոց մէջ տարածուած աւանդազրոյցին, Արեգակը գիշերը ծովուն մէջ լոգնալէն ետք, առաւօտեան երկինք կը բարձրանայ Վարագի (Վահագն) գագաթէն, իսկ անոր յարատեւ կ'ուղեկցին 12 ոսկեայ գաւազանակիրներ։
== Անուան ծագումը ==
Վ. Իւանովի եզրակացութեամբ, անխաթար պահպանուած են ընդհանուր հնդեւրոպական հնագոյն դիցաբանական քերթութեան բնորոշ գիծերն ու սկզբունքները, որուն ազդեցութեամբ, կարգ մը բանասէրներ ենթադրած են, որ «Վահագն» անունը յառաջացած է սանսկրիտ «վահ» (բերող) կամ «վհա» (բոց, աստղ) եւ «ագնի» (կրակ) բառերէն կամ հնդիրանական Վերեթրագնա, Վայու եւ Վայէ վեհ աստուածութիւններու անուններէն։ Հիմնական պատճառներ կան ենթադրելու, որ «Վահագն» անունը յառաջացած է հին հնդեւրոպական «Բահագին» (աստուած) գաղափարանուններէն՝ «բ» հնչիւնը «վ»-ի փոխուելու սովորական օրինաչափութեամբ։ Քանի որ Վահագն անձնաւորած է դիցաբանական հայր գաղափարը, փառաբանուած նոյն մակդիրներով, ինչպէս Հայկ բահագինը, հետեւաբար վերջինս հեթանոս հայերը անուանած են Բահագին կամ Վահագին՝ անոր գաղափարանունը վերածելով յատուկ անուան։ Պատահական չէ, որ Անանիա Շիրակացիի գրի առած հինաւուրց աւանդազրոյցին մէջ Հայկի փոխարէն հայոց նախնի եւ սեմական Բէլ աստուծոյ հակառակորդ կը յիշատակուի Վահագնը։ Վահագն կրակի աստուածն էր։
== Պաշտամունք ==
Վահագնի գլխաւոր տաճարը կամ մեհեանը գտնուած է Տարօն գաւառի Վիշապ քաղաքաւանին մերձակայ քարէ լերան լանջին։ Վահագնի տաճարը Ագաթանգեղոս կ'անուանէ «մեծագանձ՝ լի ոսկիով ու արծաթով»։ Հոն դրուած էր Վահագնի մեծ արձանը, կից սրահներուն մէջ՝ Աստղիկ դիցուհիին եւ Անահիտ դիցամօր արձանները։ Վահագնի հարսնցուն համարուած է Աստղիկը, որուն սրահը կոչուած է «սենեակ Վահագնի»։ Քրիստոնէութեան ընդունման շրջանին (301), Գրիգոր Լուսաւորիչին ուղեկցող զօրքերը կործանած են Վահագնի գլխաւոր տաճարը, որուն տեղ հիմնուած է հայոց առաջին եւ մայր եկեղեցին։ Թովմա Արծրունի Վահագնին նուիրուած տաճարներէն մէկը կը յիշատակէ Փոքր Աղբակ գաւառին մէջ, միւսը՝ Տոսպի մէջ։
== Անուանակոչութիւն ==
Հայոց տոմարին մէջ Վահագնի անունով կոչուած է ամսուան 27-րդ օրը։ Իբրեւ ռազմի աստուած՝ Վահագնը նոյնացուած է այդ գաղափարը խորհրդանշող Հրատ (Մարս) մոլորակին, որուն հին հայերը տուած են Ատրահեր մականունը։
== Վահագնի ծնունդը ==
Մովսէս Խորենացի կը վկայէ, թէ Ե. դարուն ժողովուրդին մէջ կը պահպանուէր Վահագնի աւանդազրոյցը. փանդիռներու նուագակցութեամբ գուսանները կ'երգէին անոր ձօնը եւ կը պատմէին անոր բազմաթիւ սխրագործութիւններուն մասին։ Վահագնի ձօներգը, որ կը հանդիսանայ հայ քնարերգութեան ամէնէն հին նմոյշը, ժողովրդական գուսաններէն գրի առած է Մովսէս Խորենացին եւ տպաւորիչ կերպով կը պատմէ արեւի, լոյսի, հերոսութեան աստուած Վահագնի ծնունդին ու քաջագործութիւններուն մասին:
== Վահագնի եւ Աստղիկի աւանդութիւններէն ==
Հին Հայաստանի մէջ, Աստղիկի եւ Վահագնի սէրը սուրբ համարուած է. մարդիկ կարծած են, թէ անոնց հանդիպումէն անձրեւ կը տեղայ երկրի վրայ, բերք ու բարիք ստեղծելով։
Ըստ աւանդութեան, Աստղիկ բնակած է Տարօնի Աստղաբերդ շրջանին մէջ, որուն տանիքը բոյն դրած էին ծիծեռնակները։ Անոնք, իբրեւ սուրհանդակներ, լուր կը տանէին աստուածուհիին սիրեցեալ Վահագն աստուծոյ: Ըստ արիական աւանդութիւններու, ստորգետնեայ աստուածը կը գողնայ Աստղիկը, որուն հետեւանքով ժողովուրդին մէջէն կը վերանան Սէրն ու Գեղեցկութիւնը եւ անոնց հոգիները ատելութեամբ կը լեցուին։ Վահագն, յաղթելով Վիշապին, կ'ազատէ Աստղիկը: Անոնք միասին շրջելով մարդիկը կ'օծեն վարդաջուրով. հոնկէ ալ սկիզբ կ'առնէ Վարդավառի տօնակատարութիւնը:
Լաւաշին առնչուող բազմաթիւ աւանդութիւններ կան, որոնցմէ` նորապսակներուն ուսերուն կը դրուի լաւաշը, տան առաջին մուտքի պահուն, իբրեւ օրհնութիւն եւ առատութիւն: Այս աւանդութիւնը կու գայ հինէն. ըստ դիցաբանութեան, հայոց ռազմի աստուած Վահագնի եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկի հարսանիքին, աստուածներուն հայրը` Արամազդ, Աստղիկի ուսին լաւաշ կը դնէ: Տուն երթալու ընթացքին, լաւաշը Աստղիկի ուսէն գետին կ'իյնայ: Արամազդ կը զայրանայ եւ կ'ըսէ. «Հացը գետին ձգողը չի կրնար կին ու մայր դառնալ»:
Այսպիսով, Վահագն եւ Աստղիկ երբեք չեն կրնար ամուսնանալ եւ կը մնան յաւերժ սիրահարներ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
«Հայ հին վիպաշխարհը. Աստվածներ եւ հերոսներ»։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ նոյեմբերի 20–ին |
17,825 | Քլաուտիա Մուցիօ | Քլաուտիա Մուցիօ (7 Փետրուար 1889(1889-02-07)[…], Փաւիա, Իտալիոյ Թագաւորութիւն - 24 Մայիս 1936(1936-05-24)[…], Հռոմ, Իտալիոյ Թագաւորութիւն), իտալացի օփերային սոփրանօ, որը միջազգային ասպարէզ ունեցեր է 20-րդ դարասկիզբը։
== Վաղ կեանք ==
Ծնած է Իտալիոյ Փաւիա կոմունայի մէջ. հայրը օփերային տնօրէն էր, որն աշխատանքի բերումով ընտանիքը տարած է իտալական տարբեր քաղաքներու օփերային թատրոններ, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի Քովէնտ Կարտընի արքունական թատրոն եւ Նիւ Եորքի Մեթոփոլիթէն օփերա։ Մայրը երգչախումբի երգչուհի էր։
2 տարեկանին Քլաուտիան ժամաներ է Լոնտոն եւ դպրոց յաճախեր այնտեղ․ վարժ կը տիրապետ էր անգլերէնին։ 16 տարեկանին վերադարձեր է Իտալիա եւ Թուրինիի մէջ ուսաներ դաշնակահարուհի եւ օփերային մեցցօ-սոփրանօ Անեթա Քասալոնիի մօտ, որը Վերտիի «Ռիկոլեթթօ» օփերայի մէջ կերտեր էր Մատտալենայի դերը։ Վոքալի դասերը շարունակեր է Միլանի մէջ Էլեթրա ՔալլերՎիվիանիի մօտ։
== Ասպարէզ ==
15 Յունուար 1910-ին օփերային նախաքայլերով հանդէս եկեր է Արեցցոյի մէջ՝ կատարելով Մասնէի «Մանոն» օփերայի գլխաւոր դերը եւ հակառակ երիտասարդութեանը, մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է Իտալիոյ օփերային թատրոններու մէջ եւ նախաքայլերով հանդէս եկեր է Միլանի Լա Սքալայի մէջ 1913 թուականին (որպէս Տէզտէմոնա Վերտիի «Օթելլօ» օփերայի մէջ), Փարիզի եւ Լոնտինի Քովէնտ Կարտընի (որպէս Փուչինիի Մանոն Լեսքօ) 1914 թուականին․ Լոնտոնի մէջ կատարեր է նաեւ այլ դերեր, որոնց կարգին է՝ Միմի եւ Թոսքա։
1916 թուականին հրաւիրուած է Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն օփերային թատրոն եւ ունեցեր այնպիսի յաջողութիւն, որ շարունակեր է այնտեղ հանդէս գալ յաջորդ վեց տարիներու ընթացքին։ Այստեղ Մուցիոն կերտեր է Ժորժեթայի դերը «Թիկնոց» օփերայի մէջ 1918 14 Դեկտեմբերի 1918-ին[փա՞ստ]։
Հանդիսատեսներու հետ յատուկ կապ հաստատեր է Պուենոս Այրեսի Քոլոն թատրոնի մէջ, ուր առաջին անգամ հանդէս եկեր է 1919 թուականի Յունիսին եւ մինչեւ 1934 թուականը այնտեղ երգեր է 23 տարբեր օփերաներու մէջ՝ յայտնի դառնալով որպէս «աստուածային Քլաուտիա»։ 1922-1932 թուականներուն կանոնաւորապէս հանդէս եկել է նաեւ Շիքակոյի մէջ (Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէնի ղեկավարութեան հետ ընդհարումէն յետոյ)[փա՞ստ]։
15 Հոկտեմբերի 1932-ին Սան Ֆրանսիսքոյի War Memorial Opera House օփերային թատրոնի բացման ժամանակ կատարեր է Թոսքայի դերերգը։ Իր ասպարէզի նշանաւոր այլ դերերէն էին՝ Աիտան, Սանփուցցան, Մատտալենան, Լէոնորան եւ Վիոլեթթան[փա՞ստ]։ Վերջին եւ ըստ որոշ քննադատներու՝ ամէնէն յաջողուած դերը Սեսիլիան էր Լիչինօ Ռեֆիսի համանուն օփերայէն, որով հանդէս եկեր է Հռոմի մէջ 1934 թուականին։ Սակայն անոր ամենայայտնի դերը Վիոլէթթան էր, որուն մէջ ան անգերազանցելի էր Իտալիոյ, Սպանիոյ, Հարաւային Ամերիկայի[փա՞ստ]:
Մուցիոն յայտնի էր իր ձայնի գեղեցկութեամբ ու ջերմութեմբ, որը թէեւ շատ բարձր չէր, բայց տարիքի հետ ձեռք բերած էր թոնային գունաւորման նշանակալի հարստութիւն։ Անոր կատարումները երբեմն քննադատուեր են տինամիք ծայրայեղութիւններու չափազանց մեծ օգտագործման, ինչպէս նաեւ արտառոց կերպով արտայայտիչ մեղմ երգեցողութեան համար։ Հակառակ իր աճող համբաւին ու հարստութեանը՝ մնացեր է համեստ ու նոյնիսկ մեկուսի[փա՞ստ]։
== Վերջին տարիներ ==
Վերջին տարիներուն որոշակի գումարներ կորսնցնելու պատճառով կրած է ֆինանսական դժուարութիւններ։ 1929 թուականին ամուսնացեր է իրմէ տասնեօթ տարիով մեծ Ռենաթօ Լիպերաթիի հետ, իսկ 1930 թուականին ունեցեր առողջական որոշ խնդիրներ, սակայն շարունակեր երգել։ 24 Մայիսի 1936-ին կարճատեւ հիւանդութիւնէն յետոյ 47 տարեկանին մահացեր է Հռոմի պանդոկներէն մէկուն մէջ, ըստ պաշտօնական փաստաթուղթերու՝ սրտի անբաւարարութիւնէն։ Յուղարկաւորուեր է Հռոմի Քամփօ Վերանօ գերեզմանատան մէջ։ Սանուհին սոփրանօ Քլաուտիա Փինցա Բոցցոլան էր։
== Հետագայ ընթերցանութիւն ==
Douglas, Nigel. [1994]. "Claudia Muzio", in More Legendary Voices, pp. 183–206. London, André Deutsch. 0-233-98889-0.
Richards, J. B. [1968]. "Claudia Muzio". Record Collector, XVII (1968) nos. 9–10, pp. 197–237; no. 11, p. 256 (with discography by H. Barnes). [Not consulted.]
Steane, John. [1989]. "Claudia Muzio: a centenary tribute". The Musical Times, v. 130, no. 1752 (February 1989), pp. 72–73, 75.
Lanzola, Andrea. "Claudia Muzio in Tosca. Il fantasma d'una voce d'oro", in Étude, no. 26, April–June 2004, p. 4, Association internationale de chant lyrique Titta Ruffo.
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,434 | Լեփէ | Լեպէ (սպ.՝ Lepe), քաղաք է եւ Սպանիոյ համայնք, կը մտնէ Ուելվա պրովինցիայի կազմին մէջ, Անդալուզիա ինքնավար մարզ։ Համայնքը կը գտնուի Կոստա-Օքսիդենտալ գաւառի կազմին մէջ։ Տարածքը 129 քկմ։ Բնակչութիւնը 26763 մարդ (ըստ 2010 թուականի մարդահամարի)։ Պրովինցիայի ադմինիստրացիային ունի 41 կմ հեռավորութիւն։
== Բնակչութիւն ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,760 | Եարոսլաւլ | Եարոսլաւլ (ռուս.՝ Ярославль), քաղաք Ռուսաստանի մէջ, եարոսլաւլի մարզի կեդրոն։ Բնակչութիւնը ըստ 2011 թուականի տուեալներուն կը կազմէ 591 374 մարդ։ Բաղկացած է վեց վարչական շրջաններէ։
Եարոսլաւլը Ռուսաստանի Դաշնութեան կեդրոնական դաշնային շրջանի երրորդ քաղաքն է՝ ըստ բնակչության թիւի։ Քաղաքը փոխադրամիջոցի հանգոյց է, ուրկէ սկիզբ կ՛առնեն երկաթուղային գիծեր ու ինքնաշարժներու ճամբաներ դէպի Մոսկուաեւ այլ ռուսական քաղաքներ։ Եարոսլաւլի մէջ կը գործեն նաեւ նաւահանգիստ եւ օդակայան։ Քաղաքի տարածքը կը կազէ 205 մ²։
Եարոսլաւլը Ռուսաստանի ամենահին քաղաքներէն մէկն է։ Այն հիմնադրուած է XI դարուն եւ կը ծաղկում ապրած է XVII դարուն։ 2010 թուականին նշուեցաւ քաղաքի հազարամեակը։ Քաղաքի օրը, Եարոսլաւլի մէջ, սովորաբար կը նշուի Մայիսի վերջին շաբաթ օրը (2010 թուականին քաղաքի հազարաեակը նշելու պատճառով քաղաքի օրը նշուեցաւ Սեպտեմբեր 10-12-ին)։
== Բնակչութիւն ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,373 | Թիղանի | Թիղանի (յուն․՝ Τηγάνι)․ Ասթիփալէայի անբնակ կղզիակ, Տոտեքանիսա, Էգէական ծով, Յունաստան։
== Հակիրճ տեղեկութիւններ ==
Թիղանի Ասթիփալէա քաղաքապետութեան մաս կը կազմէ։ Կը գտնուի Ասթիփալէային հարաւ-արեւմուտքը ու Քուցոմիթի եւ Քունուփի կղզիակներուն միջեւ։ Ամրան, Ասթիփալէայի հին նաւահանգիստէն (Փերա Եալօ) զբօսանաւերով զբօսաշրջիկներ կղզիակ կը հասնին զուլալ ջուրերուն մէջ լողալու համար։
== Ծանօթագրութիւններ == |
23,735 | Թանգարան բաց երկնքի տակ | Թանգարան բաց երկնքի տակ, առաւել լայն նշանակութեամբ թանգարան, որուն նմուշներուն ցուցադրումը կը կազմակերպուի շինութենէ դուրս։ Թանգարանի այս տեսակին կը պատկանին քանդակներու այգիները, մանրակերտներու այգիները, թեքնիքական բազմաթիւ թանգարաններ, մասնաւորապէս ռազմական թեքնիքի, փոխադրամիջոցներու եւ այլ թանգարաններ։
== Պատմութիւն ==
Առաւել նեղ իմաստով բաց երկնքի տակ թանգարան կը կոչուին այն թանգարանները, ուր կը ցուցադրուին ճարտարապետական կառոյցներու օրինակներ։ Շատ թանգարաններու մէջ կը կազմակերպուին անցեալի համալիր կառոյցներ, ուր պատմական շինութիւնները ո՛չ միայն պարզապէս առանձին ցուցանմուշներ են, այլ կը ձեւաւորուին փոխկապակցուած համալիր։ Այդպիսով, այցելուները հնարաւորութիւն կը ստանան ըլլալու անցեալին վերաձեւաւորուած բնակավայրին մէջ` ընդհանուր պատկերացում կազմելով համապատասխան երկրի կամ տեղի պատմութեան ու ազգագրութեան մասին։
Բաց երկնքի տակ թանգարան ձեւաւորելու միտքը կը վերաբերի 1790-ական թուականներուն։ Ատոր առաջին կողմնակիցը եղած է զուիցերիացի մտաւորական Չարլզ Տէ Պենսեթենը` Դանիայի Ֆրետերիկսպորք ամրոցին մէջ կազմակերպելով գիւղական տարազի ցուցահանդէս։ Ան կը կարծէր, որ գիւղացիական աւանդական տուները պէտք է պահպանուին, սակայն այդ գաղափարի համախոհներ շատ չեն գտնուիր։
Վերջերս աշխատանք կը տարուի բաց երկնքի տակ թանգարաններու ձեւաչափով վերականգնելու աւանդական արհեստներն ու գործունէութեան տեսակները, օրինակ` ջրաղացպանի, կտաւագործի, բրուտի, դարբնիի, հիւսնի, գինեգործի և այլ արհեստներու տեսակները։ Երբեմն նոյնիսկ այցելուներուն կ'առաջարհուի յատուկ մասնագէտի հսկողութեամբ փորձել սեփական ուժերը։ Որոշ արհեստներ կը վերածուին թանգարաններու, օրինակ` չեխական Botanicus ընկերութիւնը մասնագիտացած է գեղեցկագիտական միջոցներու արտադրութեան մէջ` հիմնուելով հին, երբեմն միջնադարեան եղանակներու ու արհեստագիտական մեթոտներու վրայ, եւ երկրին մէջ ու նոյնիսկ անբր սահմաններէն դուրս ունի խանութներու զարգացած ցանց։
Որոշ թանգարաններու մէջ որպէս ճարտարապետական լրացում կը վերականգնուի նախկինին տրանսպորտը։ Այսպես` հոլանտական Արնհեմ քաղաքի բաց երկնքի տակ թանգարանին մէջ կը գործէ շոքեկառքի պատմական գիծ, իսկ Մեծ Պրիթանիոյ Դադլի շրջանի Black Country Living թանգարանին մէջ, բացի պատմական շոքեկառքէն, կը գործէ նաեւ պատմական փոխադրամիջոց մը։
Բաց երկնքի տակ թանգարաններուն մէջ պատմական փոխադրամիջոցը կրնայ կատարել ո՛չ միայն գործող ցուցանմուշի դեր, այլեւ փոխադրամիջոցի գործնական դեր, քանի որ նման թանգարաններուն տարածքը կրնայ բաւական մեծ ըլլալ։
Գոյութիւն ունին բաց երկնքի տակ թանգարաններ, որոնք կը ներկայացնեն պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններ` սկսած նախնադարեան մարդու շրջանէն մինչեւ 20-րդ դարասկիզբի արհեստագործական գիւտեր։
Բաց երկնքի տակ թանգարաններէն առաջիններէն կը համարուի 1891 թուականին բացուած Սկանսեն թանգարանը Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Ստոքհոլմի Իւրգորդեն կղզիին մէջ, որուն հետ կապուած` անոր անունը հասարակ անուան նշանակութիւն ձեռք բերած է եւրոպական շատ մը լեզուներու մէջ:
== Տե՛ս նաեւ ==
Պատմական վերակառուցում
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
Վ. Գ. Շմելյով, Թանգարաններ բաց երկնքի տակ. ստեղծման ու զարգացման պատմութեան ակնարկներ — К., 1983. — 119 с.
== Արտաքին Յղումներ ==
Բաց երկնքի տակ թանգարանները Եւրոպայի մէջ |
1,980 | Արամ (անձնանուն) | Արամ, տարածուած հայկական արական անուն։
Անունէ կազմուած մականուններ՝ Արամեան, Արամունի
== Անունը Կրողներ ==
Արամ Ա. (ծն.՝ 1947)
Արամ Ազնաւորեան (ծն.՝Երզնկա)՝ գրագէտ
Արամ Անտոնեան (ֆրանսերէն՝ Aram Andonian, 1875, Կ.Պոլիս-1952, Փարիզ)՝ հայ լրագրող, պատմաբան
Արամ Աշճեան (1855-1905, Կ.Պոլիս), խմբագիր
Արամ Աշոտ (Սարգիս Մինասեան, 1873-1915, Օսմանեան Կայսրութիւն), գրող
Արամ Գառօնէ (1905, Թաւրիզ-1974, Իրան)
Արամ Ենգոյեան (ծն՝ 1936)
Արամ Խաչատրեան (ռուս.՝ Арам Ильич Хачатурян, 1903, Թիֆլիս-1978, Մոսքուա)՝ հայ երգահան, նուագավար
Արամ Գրիգոր Կէօքճեան (1891/93-1944, Աթէնք)՝ բժիշկ
Արամ Հայկազ (անգլերէն՝ Aram Haigaz, 1900, Շապին Գարահիսար-1986, Նիւ Եորք)
Արամ Մանուկեան (Սարգիս (Սերգէյ) Յովհաննիսեան, 1879-29 Յունուար, 1919)՝ հայ նոր պետականութեան հիմնադիր
Արամ Թադեւոս Մանուկեան (1904, Կ.Պոլիս-1931, Հոնոլուլու)՝ ամերիկացի հայազգի նկարիչ
Արամ Շաւարշ (1917, Սկիւտար (Կ.Պոլիս)-1979, Պերլին)՝ հայ բանաստեղծ
Արամ Չարըգ (1874, Կարին-1947)՝ բանաստեղծ
Արամ Պետրոսեան, (ծն.՝ 1977)
Արամ Ռամազեան (ծն.՝ 1978)
Արամ Սահակեան (1897, Ուրֆա)՝ գրագէտ
Արամ Սարոյեան (ծն.՝1943, Նիւ Եորք)՝ բանաստեղծ
Արամ Սեփեթճեան (ծն.՝ 1934 Պէյրութ)՝ ճարտարագէտ
Արամ Վարդանեան (ծն.՝Կ.Պոլիս)՝ գրագէտ
Արամ Վարժապետեան (ծն.՝1891 Կ.Պոլիս)՝ նկարիչ
Արամ Տիգրան (1934 Սուրիա - 2009 Աթէնք)՝ հայազգի երաժիշտ
Արամ MP3 (Արամ Սարգսեան, ծն.1984, Երեւան)՝ երգիչ
=== Երկրորդ Անուն ===
Մայքլ Արամ Վոլոհոջեան (անգլերէն՝ Michael Aram Wolohojian, 1963, Փրովիտենս Ռոտ Այլընտ), հայազգի ձեւաւորող
== Մշակոյթի Մէջ ==
«Արամ»՝ Ռոպեր Քեշիշեանի ֆիլմը Սիմոն Աբգարեանի եւ Սերժ Աւետիքեանի մասնակցութեամբ
== Գրականութեան Մէջ ==
Արամ՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ անունս Արամ է» պատմուածքին հերոսն է
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,729 | Անթոնի Թումա | Անթոնի Թումա (21 Մայիս 1992(1992-05-21), Փարիզ)։ Ան Ֆրանսացի, լիբանանցի, եւ ամերիկացի է։ 1994-ին ընտանիքին հետ կը հաստատուի Լիբանան։
Անթոնի Թումա 7 տարեկանէն կը սկսի նուագել դաշնամուր եւ աշխատիլ ձայնի չափանիշներուն վրայ որ «քոնդր-դէնօր»ն է: Ան՝ առաջին անգամ իր ձիրքերը ցոյց կու տայ Լիբանանի մէջ քանի մը հանդէսներով եւ մեներգներ՝ երգուած անգլերէնով: 2012-ին, կը զբաղի երգելով «մէթրո»յին եւ հրատարակած է իր տեսաերիզը Facebook-ի մէջ:
Փետրուար 2013-ին Անթոնի Թումա մաս կը կազմէ «The Voice 2»-ին, ուր կ'ընտրէ Ճէնիֆր-ին։ Մայքըլ Ճէքսընի «Billie Jean» երգը երգելու պատճառով ան կը սիրաշահի ժողովուրդը եւ դատակազմը։ Անթոնի Թումա կ'այցելէ Լիբանան 9 Յուլիս 2013-ին «The Voice»-ի խումբին հետ։ Անթոնի չհեռանալով երգէն Նոյեմբեր 2013-ին կը հրատարակէ իր մեներգը «si tu n'as rien fait»։
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,460 | Մարդ-մեքենայ | Մարդ-մեքենան (robot) ինքնագործ սարք մըն է, որ կրնայ մարդը փոխարինել կարգ մը աշխատանքներու պարագային։ Ընդհանրապէս, կը կառավարուի համակարգիչի մը կողմէ։ Յաճախ կը բաղկանայ մարդկային թեւերուն նման աշխատող թեւերէ։ Կը գործածուի մասնաւորաբար մեծ քանակութեամբ ապրանք արտադրող գործարաններու մէջ։
Մարդ-մեքենաները կը նմանին մարդկային թեւերու։ Անոնք արմուկին եւ դաստակին նման յօդեր ունին։ Անոնց թեւը փոխան մատներու՝ ունելիով մը կը վերջանայ։ Համակարգիչի մը կողմէ կառավարուելով՝ այդ ունելին կրնայ առարկաներ բռնել, վերցնել կամ գործիքներ բանեցնել։
== Աղբիւրներ ==
Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 26 |
21,644 | Թինոս | Թինոս (յուն․՝ Τήνος), Էգէական Ծովուն Քիքլատես կղզեխումբին արեւելեան կողմը գտնուող լեռնային կղզի, Անտրոս կղզիին հարաւ-արեւելքը, Միքոնոս կղզիին հիւսիս-արեւմուտքը, Յունաստան։ Մայրաքաղաքն է Հորա կամ Թինոս։ Հնադարէն զարգացած մարմարարուեստը ներառնուած է Եունեսքոյի Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։ Կղզին ծանօթ է նաեւ իր աղաւնետուներով։
== Հակիրճ տեղեկութիւններ ==
=== Աշխարհագրութիւն ===
Թինոս կը գտնուի Անտրոս կղզիին հարաւ արեւելքը, Միքոնոս կղզիին հիւսիս-արեւմուտքը եւ Սիրոս կղզիին հիւսիս-արեւելքը։ Կէս ծովային մղոն միայն զայն Անտրոսէն կը բաժնէ, իսկ Միքոնոսէն՝ 5 մղոն եւ Սիրոսէն՝ 12։
Կղզին կը նմանի երկայնաձեւ եռանկիւնի մը։ Ամենաբարձր գագաթը Ցիքնիաս 726 մ․, կը գտնուի կղզիին արեւելքը, իսկ կեդրոնը՝ Էքսոմվուրղօ ժայռը՝ 641 մ․։ Ծովեզր 114 քմ․ է եւ կ՛ընդգրկէ կղզիին շուրջը գտնուող ժառակղզիակները։ Ունի 41 ծովափներ։
=== Բուսական եւ կենդանական աշխարհ ===
Բուսականութիւնը կը բաղկանայ թուփերէ՝ մայրի, մրտենի, փշասարդ եւ ծառիկներէ որոնք ըմպելիքի եւ խոհարարութեան յարմար են, ինչպէս օրինակ՝ քարաձանձ, լեռնային թէյ, զուիրակ, ծոթրին, «քափարի», եւայլն։ Կղզին նաեւ հարուստ է վայրի սունկերու տարբեր տեսակներով։
Թինոսի տարածքին կը հանդիպինք վայրի աղաւնիներու, նապաստակներու, մողէսներու, օձերու եւ ուրիշ սողուններու, քարայծներու, կաքաւներու եւ Սեպտեմբերէն մինչեւ Փետրուար զանազան գաղթող թռչուններու՝ տատրակներ, լորիկներ, վայրի բադեր, եւայլն։
== Պատմական ակնարկ ==
=== Անուանում ===
Թինոս անունը առած է իր առաջին բնակիչէն՝ Թինոս․ Փոքր Ասիոյ Քարիա շրջանէն յոնիացի գաղթականներու առաջնորդ։
=== Առասպել ===
Ըստ առասպելին, ծովու աստուած Փոսիտոնաս, կղզին կը ղրկէ արագիլներու երամ մը, որպէսզի բնակիչները փրկեն բազմաթիւ օձերէն որոնք կղզին ողողած էին։
=== Հնագոյն տարիներ ===
Թինոսի հարաւ-արեւմտեան ափերուն, Քասթրի կոչուած շրջանը եղած է առաջին բնակավայրը՝ Նոր Քարէ Դար եւ Քիքլատեան առաջին ժամանակաշրջան։
Յունապարսկական պատերազմներուն ընթացքին, մաս կը կազմէ Աթէնքի Դաշինքին։ Կղզիին պատմութիւնը Քիքլատեսի պատմութեան կը հետեւի։
=== Նորագոյն եւ Ժամանակակից շրջան ===
30 Յունուար 1823-ին կը յայտնաբերուի Աստուածամօր նկարը, որ ազգային յուզում կը պատճառէ ու կը մեկնաբանուի իբրեւ սուրբ լուր արդարացի Յունական Ապստամբութեան։ 1825-ին կը սկսի Աստուածամօր եկեղեցւոյ կառուցումը․ ճարտարապետն է Իզմիրցի յոյն Էֆսթրաթիոս Քալոնարիս։
==== Աստուածամօր եկեղեցին ====
Աստուածամօր եկեղեցին, Յունաստանի գլխաւոր ուխտավայրերէն է․ անոր տօնին՝ 15 Օգոստոս, եւ նախորդող ու յաջորդող շաբաթներուն տասնեակ հազարներով ուխտաւորներ կղզին կ՛ողողեն։
==== «Էլի» յածանաւի ականահարում ====
Բ․ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, իտալական յարձակման նախօրեակին՝ 15 Օգոստոս 1940, Ս․ Աստուածածնի Տօնին առթիւ Թինոս խարիսխ նետած էր Ա․ Պալքանեան Պատերազմին եզակի ներդրում ունեցող «Էլի» յածանաւը։ Տօնին առթիւ բազմութիւնը ողողած էր Թինոսի քարափը։ Իտալական «Delfino» սուզանաւը կը մօտենայ ու կ՛ ականահարէ «Էլի»ն․ 9 հոգի կը մահանան եւ 24 ծանրօրէն կը վիրաւորուին։
«Էլի» յածանաւ․ անունը առած է 2-16 Դեկտեմբեր 1912-ին Տարտանելի (Էլիսփոնտոս) նեղուցին տեղի ունեցած նաւային ճակատագրական կռիւին, ուր յունական նաւատորմիղը վճռական յաղթանակ տարաւ թրքական նաւուժին։
== Տնտեսութիւն ==
Կղզիին տնտեսութիւնը բացի զբօսաշրջիկութենէն, յենուած է նաեւ անասնապահութեան, գիւղանտնեսութեան, մեղուաբուծութեան, ձկնորսութեան, նաւագնացութեան եւ մարմարի գործարկութեան․ մարմարարուեստը ներառնուած է Եունեսքոյի Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։
Թինոս կ՛ արտադրէ կաթնեղէնի բազմաթիւ տեսակներ, խոհարարութեան եւ բժշկութեան մէջ գործածուող հոտեր (որոնք կ՛ աճին ազատ բնութեան մէջ) պտուղներ եւ բանջարեղէններու տեսակներ, ինչպէս օրինակ՝ վայրի կանկառը, որ կը մշակուի Քոմի հովիտին, արեւուն չորցած լոլիկ եւ սխտոր․ Թինոսի սխտորը հնագոյն տարիներէն համբաւ ունի։
== Ժողովրդակագրութիւն ==
=== Բնակչութիւն, վարչական բաժանում ===
Բնակչութեան թիւն է 8 636 որոնք կը բնակին 62 բնակավայրերու մէջ։ Մայրաքաղաքն է Հորա կամ Թինոս։ Վարչականօրէն բաժնուած է երկու քաղաքպետութիւններու՝ Էքսոմվուրղոս եւ Թինոս եւ մէկ համայնքի՝ Փանորմոս։ Գլխաւոր գիւղերն են՝ Աղափի, Սքլավոհորի, Քալոնի, Այթոֆոլիա, Քսինալա, Այիոս Րոմանոս, Քարտիանի, Քթիքատոս, Քոմի, Քրոքոս, Սթենի, Իսթերնիա, Վոլաքս, Քումարոս, Թինոս, Այիոս Ֆոքաս, Քարիա, Տիօ Հորիա, Օրմոս Այիու Իոանու, Արնատոս, Ֆթերօ Հորիօ, Այիա Վարվարա, Լաութի, Փանորմոս։
Հորա․ յունական կղզիներու մայր գիւղին կամ քաղաքին տրուած անուն, որ կ՛ ընկերակցի տուեալ գիւղին կամ քաղաքին բուն անունին (մայրաքաղաքի իմաստ ունի)։
Թինոս ունի 41 ծովափներ․ 20 կղզիին հարաւ-արեւմտեան կողմը, 8 հարաւ-արեւելեան եւ 13 հիւսիս-արեւելեան կողմը։
=== Մշակոյթ ===
Կղզիին մէջ հին ժամանակներէն մինչեւ ժամանակակից շրջանը կը զարգանայ մարմարարուեստը։ Ծննդավայրն է Նիքոլաոս Կիզիս գեղանկարիչին։ Հնագիտական թանգարը կը բովանդակէ հնագիտական նիւթեր որ գտնուած են ու կը գտնուին պեղումներուն ընթացքին։
== Տեսարժան վայրեր ==
== Տե՛ս նաեւ ==
Նիքոլաոս Կիզիս
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Էլի յածանաւ(յունարէն) |
17,762 | Վորթիցիզմ | Վորթիցիզմ (անգլ.՝ Vorticism), 20-րդ դարու ավանկարտիսթական արուեստի ուղղութիւն, որը ծագեր է Մեծ Բրիտանիոյ մէջ, մօտ է ֆութուրիզմին:
== Պատմութիւն ==
Վորթիցիզմը բացառապէս անգլիական մշակութային երեւոյթ է, մոտեռնիզմի անգլիական ճիւղ եւ հակազդեր է ինչպէս իմփրեսիոնիզմին, այնպէս ալ` դասական ուղղութիւն քլասիցիզմի գեղանկարչութեան աւանդոյթներուն: Վորթիցիզմի նախակարապետը եղեր է նկարիչ Ռոճըր Ֆրայը, որը ոճի ներկայացուցիչներու համար ճանապարհ հարթեր է իր «Մանէն եւ փոսթիմփրեսիոնիսթները»»» (1910) եւ «Անգլիացի, ֆրանսացի եւ ռուս նկարիչներու երկրորդ փոսթիմփրեսիոնիսթական ցուցահանդէս» (1912 տարի) ցուցահանդէսներով:
Վորթիցիզմի ձեւաւորման վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցեր է իտալական ֆութուրիզմը: 1910 թուականին Լոնտոն եկեր է Ֆիլիփօ Մարինեթթին եւ դասախօսութիւններ կարդացեր է ֆութուրիզմի մասին կանանց Լայսիըմ ակումբին մէջ (Lyceum Club for Women), իսկ 1912 թուականին լոնտոնեան Սաքուիլ պատկերասրահը դարձեր է երկրորդ վայրը, ուր ցուցադրուեր է ֆութուրիստական մեծ շարժական ցուցահանդէսը:
1914 թուականին որոշ անգլիացի նկարիչներ, որոնցմէ յիշատակելի են հետեւեալները՝ Ուինտհըմ Լուիսը (Wyndham Lewis), Լօրենս Աթքինսոնը (Lawrence Atkinson), Տէյվիտ Պոմբերկը (David Bomberg) եւ բանաստեղծ Էզրա Փաունտը (Ezra Pound), ստեղծեր են գեղարուեստական միաւորում, որը հիմնուած էր ճարտարարուեստական ծաղկման եւ մեծ քաղաքներու (megapolis)` հետագային եւրոպական քաղաքակրթութեան վրայ ունենալիք վճռորոշ ազդեցութեան հասկացութեան վրայ: Այս գեղարուեստական ուղղութեան տպագիր օրկան դարձեր է Լուիսի կողմէն թողարկուող «Blast» ամսագիրը, որը գոյութիւն ունեցեր է երկու տարի եւ թողարկուեր է երկու անգամ, 1914 թուականի Յուլիսին եւ 1915 թուականի Յուլիսին: Փաունտը շարժման գաղափարական ոգեշնչողն էր:
Վորթիցիզմը կը պայքարէր գեղանկարչութեան մեջ իրապաշտութեան (realism) աւանդոյթներու դէմ, կը ժխտէր արուեստի բարոյական երեւոյթը եւ կը պնդէր, որ գեղարուեստական իւրաքանչիւր արարում ինքնուրոյն է: Դրանից բացի, վորթիցիսթները ֆրանսական գեղարուեստական դպրոցի հակառակորդներն էին եւ իրենց կը համարէին անգլիական նորտիական արուեստի ներկայացուցիչներ: Ըստ անոնց, ժամանակակից ոգիին մէջ յատուկ ռիթմ կը զգացուէր, որը ծնած է փոփոխութիւններու փոթորիկէն: Միեւնոյն ժամանակ, վորթիցիսթները համընդհանուր առաջընթաց կը տեսնէին ոչ թէ նոր ինքնաշարժներու կամ օդանաւներու արագութեան չափումներուն մէջ, այլ` գործառութային կառուցուածքներու եւ հասարակութեան ներքին կազմակերպման փոփոխութիւններուն մէջ: Իրենց աշխատանքները վորթիցիզմի ներկայացուցիչները դիտարկեր են որպէս վէճ` ժամանակակից ճարտարարուեստական քաղաքակրթութեան դէմ, ուր մարդն իրեն մեծ քաղաքներու եւ զանգուածային արդիւնաբերութիւններու գերի կը զգայ: Իտալացի ֆութուրիսթներու կողմէն մեքենական շարժման առջեւ խոնարհումը վորթիցիսթները մերժեր են` համարելով այն զգացական ռոմանթիզմ: Վորթիցիզմը որպէս գեղարուեստական ուղղութիւն մարեր է Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին:
== Առաւել յայտնի վորթիցիսթ նկարիչներ ==
Տէյվիտ Պոմպերկ
Ճեսիքա Տիսմոր
Ճէյքըպ Էփսթայն
Անրի Կօտիէ Պժեսքա
Էլվին Քոպուրն (լուսանկարիչ)
Ուինտհամ Լուիս
Էզրա Փաունտ
Ուիլիամ Ռոպըրթս
Էտուարտ Ուուսվորթ
Տորոթի Շէքսփիր
== Գրականութիւն ==
Вортицизм // Литературная энциклопедия терминов и понятий / Под ред. А. Н. Николюкина. — Институт научной информации по общественным наукам РАН: Интелвак, 2001. — 1596 с. — ISBN 5-93264-026-Х
Sylvia Martin «Futurismus», Köln 2005
Susanne Kappeler «Der Vortizismus in der englischen Avantgarde zwischen 1913 und 1915», Bern 1986.
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,460 | Գեղամ Գաւաֆեան | Գեղամ Գաւաֆեան (1888, Կ. Պոլիս - 30 Նոյեմբեր 1959), հայազգի ճարտարապետ։
Ծնած է Կ. Պոլիս։ Որդին է Գարեգին Գաւաֆեանի։ Սորված է Կեդրոնական վարժարանը։ Բարձրագոյն կրթութիւնն ստացած է Փարիզի մէջ։ Վերադառնալով Պոլիս՝ վարած է շարք մը պաշտօններ։ 1917-27 տասնամեակին եղած է Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն, դասաւանդած է փիլիսոփաիւթեան պատմութիւն եւ այլ առարկաներ։ Աշխատակցած է մամուլին, ունեցած է հասարակական բեղուն գործունէութիւն։
== Աղբիւրներ == |
17,777 | Սուրիոյ Հայկական Մամուլ | Լոյս տեսած են աւելի քան 120 թերթեր, որուն մեծաւ մասամբ հրատարակուած են Հալէպ:
=== Սուրիոյ առաջին թերթը եւ այլ ===
Սուրիոյ առաջին թերթը «Ֆըռաթ», լոյս տեսած է Հալէպի մէջ 27 Մայիս 1867-ին, արաբերէն ու օսմաներէն լեզուներով: 6 Յունիս 1868-ին, 50-րդ թիւէն սկսեալ աւելցուած է հայատառ թրքերէն բաժին մը՝ մինչեւ 1869, 100-րդ թիւը:1912-ին, Հալէպի մէջ Միհրան Նաճարեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է «Աղբիւր» խմորատիպ թերթը, որ դադրած է 1914-ին:
1916-ին, հրատարակուիլ սկսած է «Փորձանք» թերթը,
1918-ին՝ լրատու գործակալութեանց թերթեր «Աժանս Ռէօյթըր» (թարգմանաբար) եւ «Հեռագրալուրեր»ը,
1919-ին՝ «Հայ Քնար»,
1921-ին՝ «Ուսանող» ամսաթերթը:
=== Հալէպի մէջ լոյս տեսած է հայերէն անդրանիկ օրաթերթը ===
Հալէպի մէջ լոյս տեսած է հայերէն անդրանիկ օրաթերթը՝ «Հայ ձայն» (1918-1919, խմբագիր՝ Սեդրակ Կեպենլեան):
«Տարագիր» (1918-1919, խմբագիր՝ Բենիամին Միլտոնեան),
«Եփրատ» երկօրեայ թերթը (1919),
«Սուրիական սուրհանդակ» (1919-1922, խմբագիր՝ Հայր Պօղոս Գուշակճի),
«Սուրիական մամուլ» (1922-1927),
«Եփրատ» օրաթերթ (1927-1947, խմբագիրներէն եղած են Խաչիկ Ք. Քարտաշ, Արիս Շաքլեան, Սեդրակ Կեպենլեան),
«Սուրիա» օրաթերթ (1946-1960, խմբագիր՝ Յովհաննէս Եազըճեան),
«Արեւելք» օրաթերթ (1946-1963, խմբագիրներ եղած են Մինաս Թէլէօլեան, Միհրան Հերարդեան, Գէորգ Տօնապետեան). «Արեւելք»ի հետ միաժամանակ 1948-ին լոյս տեսած է համանուն տարեգիրքը, եւ 1956-ին ունեցած է պատանեկան յաւելուած՝ «Վահագն», եւ 1957-էն սկսեալ մարզական յաւելուած՝ «Արեւելք Մարզաշխարհ» (խմբագիր՝ Զաւէն Սապուճեան):
=== Մամուլի կողքին համայնքը հրատարակած է նաեւ տարեգիրքեր ===
«Սուրիահայ տարեցոյց»ը (1924-1926),
Ազգ. Առաջնորդարանի Պաշտօնաթերթ «Տաթեւ»ը (1925-1930, խմբագիր՝ Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան),
«Սուրիական ալպոմ»ը (1927-1929),
«Տարօն»ը (1949),
«Հայ տարեգիրք»ը (1956),
«Գեղարդ»ը (1975-2000, լոյս տեսած են միայ վեց թիւեր. խմբագիրներ՝ Հայկ Պարիկեան, բժիշկ Ռոպէր Ճէպէճեան):
=== Ամսագիրներէն ===
«Նայիրի»ն (1941-1949, խմբագիր՝ Անդրանիկ Ծառուկեան),
Մանկապատանեկան երկամսեայ «Բուրաստան»ը (1950-1958, խմբագիրներ՝ Ռուբէն Տիրարեան եւ Հայկ Պարիկեան):1950-ական թուականներէն մինչեւ այսօր յատկանշական տեղ կը գրաւեն աշակերտական եւ ուսանողական թերթերը եւս:
=== Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի «Օշական» պաշտօնաթերթը՝ վերանուանուած «Գանձասար» շաբաթաթերթ ===
Իբրեւ պարբերաթերթ լոյս տեսած է 1978-էն:
1989-991, վերածուած է երկամսեայի (խմբագիր՝ Խաչիկ Շահինեան), ապա դարձած է երկշաբաթաթերթ եւ վերանուանուած է «Գանձասար» (խմբագիր՝ Խաչիկ Շահինեան), իսկ
1993- Ապրիլին վերածուած է շաբաթաթերթի եւ անխափան կը շարունակէ լոյս տեսնել՝ հանդիսանալով Սուրիոյ միակ հայ թերթը, շաբաթաթերթին հերթաբար խմբագիրներ եղած են Խաժակ Մկրտիչեան, Մարի Մերտխանեան, Խաչիկ Շահինեան, այժմու խմբագիր՝ Զարմիկ Չիլաբոշեան-Պօղիկեան):
2003 հոկտեմբերին «Գանձասար» Բերիոյ թեմի կայքէջքին մէջ ունեցաւ յատուկ բաժին, ապա յատուկ իր կայքէջը ինչպէս նաեւ դիմատետրի (Facebook) վրայ յատուկ էջ մը:
== Ծանօթագրութիւններ == |
21,930 | Ռընէ Հովիւեան (Հովիւ) | Ռընէ Հովիւեան (Ռընէ Խորէն-Հովիւեան, Հովիւ, 26 Հոկտեմբեր 1929(1929-10-26), Վիեն - 28 Մայիս 2005(2005-05-28), Կլամար), ֆրանսահայ ծաղրանկարիչ։
== Կեանք եւ գործունէութիւն ==
Հովիւ ծնած է Վիեննա։ Հայրը՝ Վահան Հովիւեան 1904 թուականին ծնած է Սեբաստիոյ Կեմերէկ գաւառակին մէջ, 1915-էն ետք Հովիւեաններու մեծ գերդաստանին միակ վերապրողը եղած է։ Ան յայտնուած է Պէյրութի ամերիկեան որբանոցին մէջ, ուրկէ ալ տեղափոխուած է Ֆրանսա։
1947-ին Վահան Հովիւեան ընտանիքով ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։ Երկու տարի վերջ, շինծու ամբաստանութեամբ, անոնք աքսորուած են Սիպիրիա՝ Ալթայի երկրամաս, ցմահ բնակութեան։ Եւ խորհրդային երկրի ղեկավար Ստալինի մահէն ետք՝ 1957-ին է, որ Հովիւեաններու ընտանիքը հնարաւորութիւն ունեցած է վերադառնալու Հայաստան։
Եօթ տարի վերջ Հովիւեանները կրկին տեղափոխուած են Ֆրանսա եւ Վահան Հովիւեան, ինչ որ յիշած է իր կեանքէն, 1908 թուականէն մինչեւ 1964՝ Հայաստանէն տեղափոխումը, շարադրած է: Ռընէ ունի եղբայր մը՝ Զօհրապը, եւ քոյր մը՝ Ալիսը։
Ռընէ Հովիւ ստեղծագործած է Ֆրանսայի մէջ։ Ֆրանսայի մէջ մեծ ճանաչում ունեցած է երգիծանկարիչը՝ 1960-ականներէն մինչեւ իր մահը։ համագործակցած է ֆրանսական հեղինակաւոր կարգ մը թերթերու եւ ամսագրերու հետ: Իր ծաղրանկարները տպագրուած են նաեւ գերմանական, ամերիկեան ամսագրերու էջերուն մէջ. հրատարակած է աւելի քան տասնեակ մը ալպոմներ եւ ծաղրաշարերու գիրքեր։
Ռընէ Ամուսնացած է ֆրանսուհի Եոլանտ Հովիւեանին հետ, դուստրը՝ Կայիլ Հովիւեան, իսկ երկու որդիները՝ Ուորըն եւ Քեւըն Հովիւեաններն:
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,150 | Արտագաղթ | Արտագաղթ կամ էմիգրացիա (ծագած է լատ.՝ amigro-«կը վտարուին» բառէն), հայրենիքէն հարկադիր կամ կամաւոր հեռանալը մէկ ուրիշ երկրի մշտական կամ ժամանակաւոր բնակութեան նպատակով՝ քաղաքական, տնտեսական կամ այլ շարժառիթներով։
== Ծանօթագրութիւններ == |
606 | 1888 թուական | 1888 թուական, նահանջ տարի, 19րդ դարու 88րդ տարին
== Դէպքեր ==
Օգոստոս 28՝ Հռովմէական գրութեամբ ամենաերկար ամսաթիւն է՝ XXVIII-VIII-MDCCCLXXXVIII
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1888 ծնունդներ
Յունուար 6՝ Վահրամ Փափազեան (մ.1968, Երեւան), հայ դերասան
Նոյեմբեր 25՝ Գարեգին Ամատեան (մ.1982, Երեւան), բժիշկ եւ բանասէր
Հոկտեմբեր 24՝ Լեռ Կամսար (Արամ Թովմաղեան, մ.1965), գրող, երգիծաբան
Դեկտեմբեր 14՝ Շալվա Նուցուպիձէ (վրաց.՝ შალვა ნუცუბიძე, մ.1969), վրաց փիլիսոփայ, գրականագէտ, մշակոյթի պատմաբան
Դեկտեմբեր 22՝ Լուսիըն Հապըրտ (անգլերէն՝ Lucien Hubbard, մ.1971), ամերիկացի ֆիլմի արտադրիչ եւ թատերագիր
Անյայտ օրով՝
Ալեքս Փիլիպոս (անգլերէն՝ Alex Pilibos, մ.1966), ամերիկաբնակ գործարար եւ բարերար
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1888 մահեր
Յունուար 3՝ Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի (ծն.1804), երեսփոխան, ազգային գործիչ
Թիֆլիսին մէջ մահացած երկու հայ գրող-հրապարակախօսներ՝
Փետրուար 17՝ Ծերենց (Յովսէփ Շիշմանեան, ծն.1822, Կ.Պոլիս)
Մայիս 6՝ Րաֆֆի (Յակոբ Մելիք Յակոբեան, ծն.1837, Սալմաստ գաւառ, Պարսկաստան)
Դեկտեմբեր 12՝ Միքայէլ Լորիս-Մելիքով վրաց.՝ მიხეილ ლორის მელიქისშვილი , ռուս.՝ граф Михаил Тариелович Лорис-Меликов , հայազգի զօրավարծն.1825, Թիֆլիս, Ռուսիոյ Կայսրութիւն
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,054 | Սեւանայ Լիճի Պահպանութիւն | Սեւանայ լիճի պահպանութիւն, ՀՀ բնապահպանական եւ տնտեսական բացառիկ կարեւոր հիմնախնդիր, որուն նպատակն է լիճի բնական վարչակարգի փոփոխութեան հետեւանքով ֆիզիքաաշխարհագրական երեւոյթներու կենսոլորտագիտութիւն հաւասարակշռութեան խախտման վերացումը։
== Հիմնախնդիրի բացահայտում ==
Սեւանայ լիճի պահպանության հարցը գիտական շրջանառութեան մէջ մտած է դեռեւս 1920-ական թուականներուն, երբ ակնհայտ դարձած են Սեւանայ լիճի աշխոյժ եւ դարաւոր ջրային պաշարներու օգտագործման հնարաւորութիւնները։
Սկիզբը հիմնախնդիրը կը քննարկուէր՝ սոսկ ոռոգչական հնարաւորութիւններէն ելլելով, առանց խախտելու լիճի հոսքի բնական վարչակարգը։ 1910 թուականէն, նոր հետազոտութիւններու արդիւնքին մէջ, կը հիմնաւորուի Սեւանի համալիր օգտագործումը՝ ոռոգման եւ ելեկդրային ուժի արտադրութեան տեսանկիւնէն, ոչ թէ արտահոսքի բնական վարչակարգը չխախտելու, այլ լիճի մակարդակը իջեցնելու, գոլորշացման մակերեսը կրճատելու եւ անոր հաշուին ջուրի արտահոսքը մեծցնելու միջոցով։ Սեւանայ լիճի պահպանութիւնը լոկ գիւղատնտեսական-ոռոգչականէն վերածուեցաւ համալիր ժողովրդատնտեսականի։
== Սեւան-Հրազդան ոռոգչա-ուժի համալիր ==
1920-ական թուականներուն ընթացքին ԽՍՀՄ ԳԱ բազմաճիւղ արշաւախումբային հետազոտութիւններու արդիւնքին մէջ մշակուեցաւ լիճի օգտագործման արհեստագիտական նախագիծը, որ յայտնի դարձավ «Սեւան-Հրազդան ոռոգչա-ուժի համալիր» անունով։
Կը նախատեսուէր ան իրականացնել 2 հանգրուանով։ Առաջին հանգրուանին (կը տեւէր 50 տարի) կ'աւարտուէր լիճի մակարդակի արհեստական իջեցումը (տարեկան ջրթողքը՝ 1200 միլիոն մ³)։ Լիճի մակարդակը պէտք էր իջնէր 50 մ-ով, իսկ ջրային հայելու մակերեսը պէք էր կրճատուիլ 7 անգամ (Մեծ Սեւանը պէտք էր չորանալ լիովին)։
Երկրորդ հանգրուանին կը դադարէր ջուրի դարաւոր պաշարներու օգտագործումը եւ կը հաստատուէր լիճի նոր, կայուն ջրային հաշվեկշիռ՝ տարեկան 700 միլիոն մ³ արտահոսքով։
Պէտք էր աւարտուիլ Հրազդան գետի վրայ ելեկդրակայաններու քասքատի եւ գետէն սկիզբ առնող ոռոգիչ մայր ջրանցքներու կառուցումը։ Արարատեան դաշտի եւ նախալեռնային շրջաններու ոռոգելի հողատարածութիւնները կ'աւելնային առնվազն 100 հզ. հա-ով, հանրապետութիւնը պիտի ստանար տարեկան աւելի քան 2 միլիար կՎտ.ժ ելեկդրա-ուժ։
Այդ ամենով հանդերձ, կ'ուրուագծուէին բնական միջավայրի համար սխեմայի իրականացման հնարաւոր բացասական հետեւանքները։ Լիճի բնական վարչակարգի էական փոփոխութիւնը կը հանգեցէր լիճի եւ անոր ջրհաւաք աւազանի հազարամեակներով հաստատուած ֆիզիքաաշխարհագրական երեւոյթներու՝ կենսոլորտագիտական հաւասարակշռութեան լուրջ խախտման։
Հիմնախնդիրի խոր եւ բազմակողմանի հետազոտութեան համար ստեղծուեցաւ հատուկ, մշտապէս գործող Անդրկովկասեան արշաւախումբ՝ երկրաբան ակադեմիկոս Ֆ. Յու. Լեւինգսոն-Լեսինգի ղեկավարութեամբ, որ հարուստ նիւթ տուաւ կլիմայի, ջրաբանութեան, ջրային հաշվեկշռի, մակերեւոյթի ձեւաչափութեան, լիճի հատակային հողագրունթներու, աւազանի հողային եւ բուսական ծածկոյթի, լիճի մակարդակի իջեցման հետեւանքով բնական միջավայրի հնարաւոր փոփոխութիւններու մասին։
1962 թուականին աւարտուեցաւ Հրազդանի ջրէկների քասքատի շինարարութիւնը։ Երկրի տնտեսական զարգացման համար անհրաժեշտ էլեկտրա-ուժի պակասը կը լրացուէր նոր կառուցուող ջէկերու միջոցով։ Հատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ Հայաստանը Անդրկովկասեան միասնական ուժ-համակարգին միացնելուն։
== Լիճի փրկման ուղղուած միջոցառումներ ==
Լիճի կենսոլորտագիտութեան վիճակը կը վատթարանար աւելի արագ, քան կ'ենթադրուէր։ Լիճը մոտ 10 տարուայ ընթացքին զրկուած էր ջուրի պաշարներու 40%-էն, առաւելագոյն խորութիւնը չէր անցած 80 մ-ը (առաջ 99 մ էր)։ Ջուրի շերտի նուազման բացասական հետեւանքները ակնառու են հատկապէս Մեծ Սեւանին մէջ։
Իրադրութիւնը կը պահանջէր վերանայիլ հիմնախնդիրի բովանդակութիւնը, գտնել նոր լուծումներ եւ «թեթեւացնել Սեւանի հոգսը»։
Լիճը փրկելու համար 1970-ական թուականներուն որոշուեցաւ դադրեցնել ջուրի բացթողումը եւ աստիճանաբար բարձրացնել մակարդակը։ Նոր համալիր հետազոտութիւններով պարզուեցաւ, որ լիճի մակարդակի իջեցումը կարելի է դադրեցնել 1896 մ բարձրութեան վրայ․ հայելու մակերեսը կպակասեր 190 կմ²-ով, ջուրի ծավալը՝ 26.5 միլիար մ³-ով։
Ան կը նշանակէր, որ Սեւանը առաջին սխեմայով նախատեսուած 700 միլիոն մ³-ի փոխարէն կրնար տալ ընդամենը 170 միլիոն մ³ ջուր, որ չէր ապահովէր Հրազդանի վրայ արդէն կառուցուած ջրէկներու արդիւնաւէտ աշխատանքը եւ յուրացուած հողատարածութիւններու ոռոգումը։
== Սեւանի հիմնախնդիրի բաղադրիչները ==
Սեւանի հիմնախնդիրը անոր 3 բաղադրիչներով՝ ճարտարագիտական, տնտեսական եւ բնապահպանական, նոր բովանդակութիւն կը ստանար։ Ճարտարագիտական բաղադրիչը իր լուծումը գտաւ հիմնականօրէն Որոտան-Արփա-Սեւան ստորգետնեայ ջրատարի (լիճի ջրային պաշարը կ'աւելնար 415 միլիոն մ³-ով), Արարատեան արտեզեան աւազանէն սնուող Արեւշատի, Մխչեանի եւ Ռանչպարի պոմպակայաններու եւ շարք մը գետերու վրայ կարգաւորիչ ջրամբարներու կառուցումով։ Տնտեսական բաղադրիչի լուծումը օգնեց ջերմաէլեկտրա-ուժի զարգացման վրայ (Երեւանի, Հրազդանի, Վանաձորի ջէկեր)։
Շատ աւելի բարդ եւ բազմաբովանդակ է Սեւանի հիմնախնդիրի բնապահպանական բաղադրիչը։ Ան ներառում է աշխարհագրական թաղանթի ոլորտներու՝ քարոլորտի, մթնոլորտի, ջրոլորտի, կենսոլորտի փոխազդեցութեան եւ մարդ-բնութիւն փոխհարաբերություններու բոլոր կողմերը եւ բնական միջավայրի որակի պահպանման եւ բարելաւման համար կենսական նշանակութեան համալիր հիմնախնդիր է։
== Սեւանայ լիճի հիմնախնդիրի կարգաւորումը օրէնքով ==
Սեւանայ լիճի, անոր ջրհաւաք աւազանի եւ տնտեսական գործունէութեան գոտիի կենսոլորտական համակարգերու պահպանման, վերականգնման, վերարտադրման, բնականոն զարգացման եւ օգտագործման հետ կապուած հարաբերութիւնները կը կարգաւորուին «Սեւանայ լիճի մասին» ՀՀ օրէնքով (2001)։
Սեւանայ լիճի պահպանման հարցերով կը զբաղուէր նաեւ Ջրային հիմնահարցերու ինստիտուտը։
== Լիճի պահպանումը այժմ ==
Ներկայ ժամանակին Սեւան ազգային պարկին մէջ կ'իրականացնէ Սեւանայ լիճի կենսոլորտական համակարգերուն վերականգնման եւ պահպանման, բնական պաշարներու վերականգման եւ օգտագործման միջոցառումներու համալիր ծրագիր, որ կ'ընդգրկէ նորմատիվ հենքի եւ կառավարման համակարգի, ինչպէս եւ լիճի ջրհաւաք աւազանի բնօգտագործման կատարելագործման միջոցառումներ, որոնց իրականացումը կապահովէ լիճի մակարդակի բարձրացումը (մինչեւ 6 մ-ով), լիճի մաքրութիւնը, կենսաբազմազանութիւնը, բնապահպանական գործունէութիւնը։ Սեւանայ լիճի առողջացման եւ ամբողջ կենսոլորտական համակարգերու պահպանման եւ բարելաւման գործը կը կառավարուի պետական մակարդակով։ Սեւանի պահպանութիւնը եւ բարւոք վիճակին մէջ գալիք սերունդներուն փոխանցելը համազգային հիմնախնդիր է։ |
4,571 | Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան | Մեսրոպ Բ Մութաֆեան (16 Յունիս 1956, Պոլիս), Կ․ Պոլսոյ հայոց պատրիարք, հանրային գործիչ։ Կ. Պոլսոյ հայոց 84-րդ Պատրիարք Մեսրոպ Բ Մութաֆեան վախճանած է (8 Մարտ 2019, Պոլիս):
== Կենսագրութիւն ու Ուսում ==
Աւազանի անունով Մինաս, ծնած է 16 Յունիս 1956-ին, Պոլսոյ մէջ, որպէս զաւակը Օննիկ ու Մարի Մութաֆեան ամոլի։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Էսաեան վարժարանին մէջ։ 1968-ին ընդունուած է Նշանթաշի անգլիական վարժարանը (High School), զոր աւարտած է 1973 թուականին։ 1973-1975 թուականներուն ուսանած է Շթութկարտի Ամերիկեան քոլեժի գեղարուեստի եւ պատմութեան բաժնին մէջ։ 1975-1979 թուականներուն ուսումը շարունակած է ԱՄՆ-ի Թենըսի նահանգի Մեմփիսի պետական համալսարանին մէջ` հետեւելով ընկերաբանութեան ու փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն։
Ուսանողութեան տարիներուն Մինաս Մութաֆեան ենթարկուած է երթեւեկի արկածի մը, որու հետեւանքով մահացած է իր մտերիմ բարեկամներէն մին՝ Պետրօ Մարաշօղլու։ Մինաս, որ կը վարէր կառքը, այս պատահարէն ետք կ՚ապրի մեծ հոգեփոխութիւն մը։ Կը սկսի աւելի յաճախ մտածել Աստուծոյ, հոգեւոր կեանքի եւ նոյնիսկ հոգեւորական դառնալու մասին։ Համալսարանի ճիւղը կը փոխէ՝ մասնակցելով Թենըսի նահանգի Էփիսքըփըլ (Անգլիկան) թեմի քահանաներու յատուկ աստուածաբանութեան եւ եկեղեցագիտութեան դասընթացքներուն։
1979-1982 թուականներուն ուսանած ու պաշտօնավարած է Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանին մէջ։ Կը ստանայ մագիստրոսական աստիճան՝ Հին Կտակարանի պատմութեան ու գրականութեան ճիւղէն։ Երուսաղէմի համալսարան-քոլեճէն ալ կը ստանայ մագիստրոսական աստիճան՝ Սուրբ Գրային հնագիտութենէն։ 1979-1980 թուականներուն միաժամանակ դասաւանդած է Երուսաղէմի Ս․ Յակոբեանց վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ` Հին Կտակարանի ներածութիւն եւ անգլերէն։
Նոյեմբեր 1983-Փետրուար 1984 թուականներու միջեւ կը ծառայէ բանակին՝ Պուրտուրի Ե․ գնդապետական հրամանատարութեան մէջ։
1988-1989 թուականներուն ուսանած է Հռոմի «Ս. Թովմա Աքուինացի» համալսարանին մէջ։ Ստացած է մագիստրոսի աստիճան՝ միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց աստուածաբանութեան մասնագիտութեամբ։
2003-ին Ուաշինկթընի «Սեն Մերի» համալսարանի կողմէ արժանանցած է պատուաւոր դոկտորի կոչման։
== Որպէս հոգեւորական ==
19 Յուլիս 1977 թուականին Բերայի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրուի սարկաւագ՝ ձեռամբ Շահան եպսկ․ Սվաճեանի։ 13 Մայիս 1979-ին Բերայի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Շնորհք Բ․ պատրիարքի, կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ` վերանուանուելով Մեսրոպ աբեղայ։ Երուսաղէմէ վերադարձին, 1982-1983 թուականներուն կը դառնայ Շնորհք Բ պատրիարքին անձնական քարտուղարը։
7 Մայիս 1983-ին «Սուրբ Գիրք եւ Աւանդութիւն» աւարտաճառով վարդապետական գաւազան կը ստանայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն թուականին կը դառնայ քարոզիչ Քնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Երիտասարդ Մեսրոպ վրդ․ Մութաֆեան դարձած էր Քնալը կղզիի ոգին։ Քարոզելու կարողութիւնը, մանուկներու եւ երիտասարդներու հետ ստեղծած ջերմ երկխօսութիւնը ոսկեդար մը ստեղծած էին այդ համայնքէն ներս։ Հարիւրաւոր մանուկներ հետեւած են իր կազմակերպած հոգեւոր ու մշակութային դասընթացքներուն՝ որոնց ժամանակ երիտասարդ հոգեւորականը իրենց կը սորվեցնէր ո՛չ միայն քրիստոնէութիւն, այլ նաեւ հայոց բանն ու երգը։
3 Մայիս 1986-ին «Նահապետաց կրօնքը նախ քան եգիպտական գերութիւնը» աւարտաճառով ծայրագոյն վարդապետական գաւազան կը ստանայ Քնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
21 Սեպտեմբեր 1986-ին Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս՝ ձեռամբ Վազգէն Ա․ կաթողիկոսի, Շնորհք Բ․ պատրիարքի ու Երուսաղէմի ընտեալ պատրիարք Տիրան արք․ Ներսոյեանի։ 5 Դեկտեմբեր 1992-ին ստացած է արքութեան պատիւ՝ Վազգէն Ա․ կաթողիկոսէն։
Նախքան պատրիարքական գահ բարձրանալը, Շնորհք Ա․ պատրիարքի գահակալութեան վերջին շրջանին եւ Գարեգին Բ․ պատրիարքի գահակալութեան տարիներուն եղած է Պոլսոյ պատրիարքութեան դիւանապետ, կրօնական ժողովի ատենապետ, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատրիարքական փոխանորդ, Իշխանաց կղզեաց տեսուչ։
1995-ին «Շողակաթ» հանդէսին խմբագրութեան պաշտօնը կը վարէ: Կարճ ընդհատումէ մը ետք, 1995-ին լոյս կը տեսնէ Շողակաթը՝ առաւելաբար պատմաբանասիրական նիւթերով։ Շողակաթ մատենաշարէն հատորներ կը հրատարակուին։
14 Հոկտեմբեր 1998-ին Պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընտրուած է Կ. Պոլսի հայոց 84-րդ պատրիարք։
Պատրիարքական տարիները եղած են փոթորկալից։ Մէկ կողմէ կը շարունակէր զբաղիլ երիտասարդներով, համայնքային կեանքի վերաշխուժացմամբ, միւս կողմէ սակայն որոշ հարցեր սկսած էր ապրիլ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ կաթողիկոսին, հետեւաբար Մայթ Աթոռ Ս․ Էջմիածնին հետ։
Մեսրոպ պատրիարք երթեւեկի արկածի մը կ՚ենթարկուի նաեւ 1 Փետրուար 2004-ին, Անթալիոյ մերձակայ Սաքլըքենթի մէջ։ Մանր վնասուածքներէն դուրս, կը վնասուի քիթն ու սրունքը։
2008 թուականէն սկսեալ Մեսրոպ Մութաֆեան կորսնցուցած է յիշողութիւնը եւ կը տառապի անբուժելի հիւանդութեամբ (frontotemporal demans)։ Ան կը շարունակեր մնալ պատրիարք, սակայն պատրիարքութիւնը կը ղեկավարեր իր ընդհանուր փոխանորդը՝ Արամ արք․ Աթէշեան։
Իսթանպուլահայ գեղանկարիչ Արէտ Կըճըր պատրիարքի հիւանդութիւնը հիմք ընդունելով 7 Մայիս-18 Յունիս 2016 թուականներու միջեւ, Ղալաթիոյ յունաց վարժարանին մէջ բացաւ «Օրէ օր» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան (16 Յունիս 1956 -8 Մարտ 2019,Պոլիս) |
18,994 | Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» 2-րդ Աստիճանի Շքանշան | Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» 2–րդ աստիճանի շքանշան, Արցախի Հանրապետութեան պետական պարգեւ, որմով կը պարգեւատրուին ԻՊՈՒ մարտիկներն ու ՊԲ–ի զինծառայողները հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ ցուցաբերած ակնառու խիզախութեան եւ արիութեան համար:
== Ծանօթագրութիւններ == |
15,919 | Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւն | Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւն, Կառավարութիւնը գործադիր իշխանութեան բարձրագոյն մարմինն է:
Ըստ ՀՀ Սահմանադրութեան 146-րդ յօդուածի՝ կառավարութիւնը իր ծրագրի հիման վրայ կը մշակէ եւ կ՛իրականացնէ պետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, կ՛իրականացնէ պետական կառավարման համակարգի մարմիններու ընդհանուր ղեկավարումը: Կառավարութեան լիազօրութիւնները կը սահմանուին Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով: Կառավարութեան իրաւասութեան ենթակայ են գործադիր իշխանութեան վերաբերող բոլոր այն հարցերը, որոնք վերապահուած չեն պետական կառավարման կամ տեղական ինքնակառավարման այլ մարմիններու:
Ըստ ՀՀ Սահմանադրութեան 147-րդ յօդուածի՝ կառավարութիւնը կազմուած է վարչապետէ, փոխվարչապետներէ եւ նախարարներէ:
Հանրապետութեան նախագահը կը նշանակէ վարչապետ խորհրդարանական մեծամասնութեան ընտրած թեկնածուին, իսկ փոխվարչապետները եւ նախարարները կը նշանակուին Հանրապետութեան նախագահի կողմէ՝ վարչապետի առաջարկութեամբ:
Իբրեւ կառավարութեան ղեկավար՝ վարչապետը Կառավարութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ կ՛որոշէ Կառավարութեան քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, կը ղեկավարէ Կառավարութեան գործունէութիւնը եւ կը համակարգէ Կառավարութեան անդամներու աշխատանքը։
== Նախարարներ ==
== Կառավարութեան ենթակայ մարմիներ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Կառավարութեան Կայք
Ելեկտրոնային Կառավարում
Վարչապետի կայք
== Ծանոթագրութիւններ == |
19,119 | Երեւանի Քաղաքապետարան | Երեւանի քաղաքապետարան, համայնքային ծառայութիւն իրականացնող պետական մարմին, որու նպատակն ու խնդիրը աւագանիի եւ քաղաքապետի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներով, այլ իրաւական գործերով վերապահուած լիազօրութիւններու լիարժէք եւ արդիւնաւէտ իրականացման, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իրաւայարաբերութիւններուն աւագանիի եւ քաղաքապետի մասնակցութեան ապահովումն է։
== Կանոնադրութիւն ==
Երեւանի քաղաքապետը եւ աւագանին քաղաքապետարանի միջոցով Երեւանի մէջ կ՚իրականացնեն օրէնքով տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն վերապահուած սեփական եւ պետութեան կողմէ պատուիրակուած լիազօրութիւնները, համակարգին մէջ Երեւանի ենթակայութեան հիմնարկներու, առեւտրային եւ ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, կազմակերպում հանրապետական գործադիր մարմիններու եւ անոնց՝ Երեւանի տարածքային ծառայութիւններու հետ յարաբերութիւնները։ Քաղաքապետարանը կը ստեղծուի, կը վերակազմակերպուի եւ անոր գործունէութիւնը կը դադարեցուի աւագանիի որոշմամբ։։
== Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքը ==
Հիմնական յօդուած՝ Երեւանի Քաղաքապետարանի Շէնք
Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայիս շէնքը գործարկուել է 2004 թուականից։ Շենքն ունի 5 հարկ, ընդհանուր մակերեսը կազմում է 13,5 հազար քառակուսի մէտր։ Այն զարդարում է 47 մէտր բարձրութիւն ունեցող աշտարակը։ Շենքը կառուցուած է երեւանեան ճարտարապետութեան աւանդոյթներով՝ հաշուի առնելով նորը։ Հիմքում՝ ճարտարապետ Ջիմ Թորոսեանի նախագիծն է։ Քաղաքապետարանի նոր շէնքում է տեղակայուած Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանը։ Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքի ճակատը զարդարուած է բազմաթիւ ռելիեֆային զարդանախշերով, Կենաց Ծառի պատկերով։ Շենքի խոյակներու վրայ փորագրուած են Հայաստանի մայրաքաղաքներու անունները։
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Պաշտօնական կայքը |
22,556 | Խիկար (ամսագիր) | «Խիկար», երգիծական ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1884-1885, 1886-1888 թուականներուն, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Ատրիանապոլսոյ մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Յակոբ Պարոնեան։ 1880-ականներու վերջերը համիտեան խստագոյն գրաքննութեան պայմաններուն մէջ «Ծիծաղ» եւ «Թատրոն» հանդէսներու քաղաքական երգիծանքը այստեղ հիմնականին իր տեղը զիջած է կենցաղային թեմատիկային։ Խարազանած է եւրոպական նորամուծութիւնները կենցաղին մէջ, քաղքէնիական սովորութիւնները, պաշտպանած արհեստաւոր խաւին։ Առաջին անգամ այստեղ տպագրուած Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասները», «Պաղտասար աղբար», «Խիկար եւ ծիծաղ», «Ծիծաղ եւ Բարոյական», «Առտնին տեսարաններ» եւ այլ ստեղծագործութիւններ։ Կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ նաեւ «Այլակերպութիւն բառարանի» աֆորիզմներու շարքը, ուր կը քննադատուին ազգային մարմիններու գործունէութիւնը, հոգեւորական դասը։ «Խիկարը» ժամանակի երիտասարդութեան ամենակարդացուող պարբերականներէն էր։ Աշխատակցած են Կոստանդնուպոլսոյ, Զմիւռնիոյ, Ատրիանուպոլսոյ եւ այլ քաղաքներու հայ մտաւորականները՝ ինքնուրոյն եւ թարգմանական գործերով։
== Ծանօթագրութիւններ == |
17,620 | Աքրոփոլիս (Աթէնք) | Աքրոփոլի Ακρόπολη (հին յուն․՝ Η Ακρόπολις)․ կրային ժայռոտ բլուր մըն է, ծովուն մակերեսէն 156 մ բարձրութեամբ եւ Աթէնք քաղաքին մակարդակէն՝ 70 մ։ Անոր մակարդակը տրապէզաձեւ (սեղանաձեւ) է` 300 մ երկարութեամբ եւ 150 մ լայնութեամբ։ Բլուրը անհասանելի է բացի արեւմտեան կողմէն, ուր կը գտնուի հսկայ ամրոց-մուտքը, Փրոփիլէա Προπύλαια։ Համաշխարհային Ժառանգութեան Յուշարձան (Եունեսքօ) է:
== Անուան ստուգաբանութիւնը ==
Անունը յառաջ եկած է յունարէն ἄκρον (աքրոն - akron, ամենաբարձր մաս, վերջածայր) եւ πόλις (պոլիս, փոլիս - polis, քաղաք)։
=== Այլ անուանում ===
Հնագոյն տարիներուն ծանօթ էր իբրեւ Քեքրոփիա․ առաջացած առասպելական օձ-մարդէն․ Քեքրոփաս, Աթէնքի ենթադրական թագաւորը։
=== Առասպելը ===
Ըստ յունական դիցաբանութեան, Աքրոփոլին կապուած է Աթէնք մայրաքաղաքին անուանակոչումին հետ․ Քաղաքին հովանաւորութեան համար Աթինա աստուածուհիին կը մրցի Պոսիդոն (Փոսիտոնաս) աստուծոյ հետ եւ յաղթական դուրս կու գայ։ Առասպելը կ’ըսէ թէ Աթէնքի թագաւոր Քեքրոփաս՝ կէս մարդ, կէս օձ, կ’որոշէ թէ երկուքէն ո՛վ որ ամենաթանկագին նուէրը տայ քաղաքին, զինք քաղաքին Պաշտպանը պիտի նշանակէ։ Երկու մրցակիցները, Աքրոփոլիսին ժայռը կը բարձրանան։ Փոսիտոնան եռաժանիով մը յատակը կը զարնէ եւ երեւան կ’ելլէ զուլալ ջուրերով առուակ մը որ կը կոչեն «Էրեխթիոնի ծով»։ Աթինան նիզակով յատակը կը զարնէ եւ կ’երեւի փոքր ձիթենի մը։ Թագաւորը կը զմայլի աստուածուհիին նուէրով` սնունդ, ձէթ եւ փայտ․ ձիթենին կը պահէ եւ Աթինան կը կարգէ քաղաքին պաշտպանը։ Փոսիտոնաս, նեղացած, կը մեկնի` անիծելով քաղաքը, որ երբեք բաւարար ջուր չունենայ։ Այդ օրէն Աթէնքի ջուրի տագնապը կը սկսի։
== Պատմութիւն ==
=== Բնակավայր եւ ամրոց ===
Հնագիտական պեղումները կը ցուցնեն թէ Աքրոփոլիին բլուրը բնակուած է Ք․Ա․ 3-րդ հազարամեակէն։ Բլուրը ինքնին բնական ամրոց է եւ բնակավայրի նախապայմանները կ’ ընծայէ․ գետինը լայն եւ տափարակ է, իսկ լանջերուն ջուրի աղբիւրներ կան։ Թուքիտիտիս կը գրէ թէ՝ «ἡ Ἀκρόπολις ἡ νῦν οὖσα πόλις ῆν» Թիսէայէն առաջ քաղաքը կը կազմէին Աքրոփոլիսը եւ անոր ժայռին տակ դէպի հարաւ գտնուող բնակավայրը։
Տեղական իշխանին ապարանքը կը գնտուէր այն վայրին, ուր դարեր ետք պիտի կառուցուի Էրէխթիօ տաճարը Ερέχθειο։ Ժամանակի ընթացքին Աքրոփոլիսին բնակավայրին իշխանը Ատիկէին յունական ցեղերը խաղաղութեամբ կը միացնէ Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակին երկրորդ կէսին, ի բացառեալ Էլեւսինան Ελευσίνα ։ Աւադութիւնը կ’ըսէ թէ այդ իշխանը Թիսէասն էր։ Թշնամիներէ յարձակումներուն վտանգին տակ, ան Աքրոփոլիսին շրջաբոլորը կը պարսպատէ․ պատը ունի 760 մ երկարութիւն, մինչեւ 10 մ բարձրութիւն եւ 3,5 մ – 6 մ հաստութիւն։ Հետագային այս պատը Քիքլոփիա Թիխի Κυκλώπεια Τείχη կը կոչուի։
Դորիացիներու կամ «Յունական ցեղերու» Δωριείς ներխուժումէն ետք (Ք․Ա․ 11-րդ դար) ժառանգական մենապետութեան կարգը կը ջնջուի եւ հողատէրերու դասակարգը իշխանութեան գլուխը կ’անցնի․ կը հաստատուի ազնուականներուն իշխանութիւնը։ Աքրոփոլիսը կը դադրի վարչական կեդրոն ըլլալէ․ վարի քաղաքը (ժայռին շուրջը գտնուող բնակավայրը)` ասդի-ն άστυ (թարգմ․՝ քաղաք) իշխանութիւնը կը վառէ։ Աքրոփոլիսին ժայռը այլեւս կը գործածուի կրօնական ծէսերու համար, հակառակ անոր որ մինչեւ 4-րդ դարուն քաղաք πόλις կ’ անուանուի։ Հոն, ուր միկենեան քաղաքակրթութեան ժամանակաշրջանին տեղական իշխանին ապարանքը կը գտնուէր, քաղաքին պաշտպան Աթինա աստուածուհիին նուիրուած տաճար մը կը կառուցուի․ Աթինա Փոլիատա Αθηνά Πολιάδα․ այս տաճարին մասին Հոմերոսը կ’ակնարկէ Իլիատային մէջ (գիրք 2, տող 546-549*)։
Οἳ δ᾽ ἄρ᾽ Ἀθήνας εἶχον ἐϋκτίμενον πτολίεθρον
δῆμον Ἐρεχθῆος μεγαλήτορος, ὅν ποτ᾽ Ἀθήνη
θρέψε Διὸς θυγάτηρ, τέκε δὲ ζείδωρος ἄρουρα,
κὰδ δ᾽ ἐν Ἀθήνῃς εἷσεν ἑῷ ἐν πίονι νηῷ·
όπως επίσης και στην Οδύσσεια.
Աթինա Փոլիատա տաճարին մէջ Աթինա աստուածուհիին ձիթենիի փայտէ կառուցուած արձանը (ξόανον) կը պահուէր․ ըստ աւանդութեան երկինքէն ինկած էր։ Տաճարին մօտ կային Քեքրոփասին դամբանը, Աթինա աստւածուհիին ձիթենին, Էրեխթիիտա ծովը եւ Փոսիտոնաս աստուծոյ եռաժանիով զարկին հետքերը։ Տաճարէն մնացած երկու քարէ հիմերուն վրայ (էրեխթիոնին հարաւային պատին մօտ) կը յենուին հին տաճարին յառաջամասի փայտէ սիւները։
=== Ք․ա. 6-րդ դար մինչեւ Աքրոպփոլիին վեռակառուցումը ===
Ք․Ա․ 6-րդ դարէն Աթինայի տաճարին աւերակներուն վրայ կը սկսին կառուցուիլ աթենացիներուն սրբավայրերը, օինակ՝ էքադոպետոս (Հեկատոմպեդոս) Εκατόμπεδος (հին յ/րէն․՝ ἑκατόν=հարիւր, πούς=ոտք)։ Այս սրբավայրերը յունապարսկական պատերազմներուն ընթացքին կը քանդուին։ Աթինա աստուածուհիին տաճարը կը վերաշինուի աւելի փառաւոր ձեւով։
Գտնուած են նաեւ արձանագրութիւններ եւ քանդակներու կտորներ։ Անոնք կ’ապացուցանեն թէ արխայիք ժամանակաշրջանին (հնագոյն) αρχαϊκή εποχή (Ք․Ա․ 8-րդ դար – 5-րդ դար) Աքրոփոլի ժայռին վրայ նոյնպէս կային աւելի փոքր շինութիւններ, ուր դրամ եւ թանգարժէք իրեր կը պահուէին։
==== Էքադոպետոս ====
Այս տաճարը կը կառուցուի Ք․Ա․ 6-րդ դարուն կէսերուն (570–550), Փիսիսդրադոսին իշխանութեան շրջանին։ Էքադոպետոս կը կոչուի, որովհետեւ 100 «ատիկեան ոտք» երկարութիւն ունէր։ Դորիան ոճի ճակտոցներով տաճար էր եւ Աթինա աստուածուհիին նուիրուած էր։ Յունապարսկական պատերազմներուն ընթացքին կը քանդուի։ Ըստ հնագէտներուն հետագային անոր աւերակներուն վրայ կը կառուցուի Փարթենոն տաճարը։
=== Աքրոփոլիին վերակառուցումը ===
Պարիսպին եւ տաճարներուն վերակառուցումը կը սկսի պարսիկներուն պարտութենէն ետէ, Ք․Ա․ 465-ին, Փերիքլեսի իշխանութեան շրջանին։ Ընդհանուր հսկիչ Ֆիտիասն է եւ Մնիսիքլիս, Իքդինոս եւ Քալլիքրադիս ճարտարապետները վերակառուցման աշխատանքներուն պատասխանատուներն են։ Կը կառուցուին եւ կը զարդարուին՝ Փարթենոն (Παρθενώνας), Էրեխթիոն, Փրոփիլէա եւ Ափդերու Նիքիս տաճարը (կամ՝ Աթինա աստուածուհիին տաճարը):
Փիսիսդրադոսին իշխանութեան շրջանին կային բազմաթիւ արձաններ՝ պղինձէ կամ մարմարէ, անօթներ եւ նման իրեր։ Այս իրերը քաղաքացիները Աթինային կը նուիրէին։
==== Փրոփիլէա ====
Փրոփիլէա (Προπύλαια) անունը առաջացած է «փրօ» προ ածանցէն եւ «փիլի» πύλη (թարգմ․՝ դուռ) բառէն․ կը նշանակէ Աքրոփոլիսին կեդրոնական դուռը, մուտքը։
Դորիական ոճով կառուցուածքին շինութիւնը կը սկսի Ք․Ա․ 436-ին, Փարթենոնա տաճարին շինութեան աւարտէն ետք։ Մնիսիքլիսն է ճարտարապետը։
Շէնքը երեք մասի բաժնուած է։ Կեդրոնը կը գտնուի երկար տաճարաձեւ Դորիական ոճով շէնք մը, բարձր ճակտոցով։ Անոր աջին եւ ձախին շինուած բեմակողմերը դորիական ոճի առանց ճակտոցի տաճարներու կը նմանին, սակայն որոնց առաստաղը` ճակտոցաձեւ է։
Կեդրոնական շէնքը աննման է հին յունական ճարտարապետութեան մէջ։ Դորիական ոճի վեց սիւներ անոր ճակատը կը զարտարեն․ անոնք բարձրանալով կը նրբանան (նիհարնան)։ Անոնց վրայ կը յենուի պարզ ճակտոց մը։ Գլխաւոր սրահը կը բաժնուի երեք դասի երկուական շարք յոնիական ոճի սիւներով՝ երեք ամէն մէկ կողմը։
Փրոփիլէային կառուցումը երբեք չաւարտիր։ Ք․Ա․ 431-ին․ Պեղոպոնեզեան Պատերազմը կը սկսի եւ կառուցման աշխատանքները կը դադրին։ Ք․Ա․ 429-ին, Փերիքլիս կը մեռնի եւ անոր յաջորդները աշխատանքներուն լրման համար չեն հետաքրքրուիր։
==== Ափդերու Նիքիս տաճարը ====
Ափդերու Նիքիս տաճարը (Ναός της Απτέρου Νίκης) ամբողջովին մարմարէ շինուած փոքր տաճար մըն է։ Կառուցուած է Ք․Ա․ 427 - 424։ Ճարտարապետն է Քալիքրաթիս։ Քառասիւն, յոնիական ոճով տաճար։ Անոր կոնքին (σηκός cella) Աթինա Յաղթողին արձանը կար․ ան ձախ ձեռքին սաղաւարտ բռնած էր եւ աջին՝ նուռ․ կը խորհրդանշէ վարի աշխարհին աստուածները։ Տաճարին գօտեքանդակը եւ ճակտոցները ունէին քանդակուած պատկերացումներ։ Արեւմտեան գօտեքանդակը յոյներուն եւ հեծեալ արեւելցիներուն (շատ հաւանական աթենացիներն ու յոյները որ պարսիկներուն կը յաղթեն) կռիւներու հարթաքանդակ պատկերացումներով զարդարուած է։ Իսկ արեւելեան գոտեքանդակը 12 աստուածներուն Δωδεκάθεο ժողովը կը պատկերացնէ գլխաւորութեամբ Զեւս աստուծոյ Δίας (կամ՝ Ζευς)․ Արամազդ՝ հայկական հեթանոսական կրօնին համաձայն։
Սիւներուն հիմերուն զարդարանքները, սիւնագլուխներն ու վերնախարիսխը եւ հարթաքանդակ գօտին կառուցուած են Փենտելի լերան մարմարով μάρμαρο Πεντέλης -Pentelic marble։ Այսպէս տաճարը ոսկեղէնի գանձատուփի կը նմանի։
1687-ին թուրքերը տաճարը կը քանդեն եւ անոր քարերով անոնց ամրոցները կը զօրացնեն։
1836-ին, գերմանացի հնագէտներ լաւ վիճակի մէջ գտնուած տաճարին աւերակներով, զայն կը վերականգնեն։ Սակայն պատկերացումներուն քանդակները չկան, որովհետեւ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Լորտ Էլղին կը կողոպտէ․ անոնք այժմ Անգլիոյ Բրիտանական թանգարանը կը գտնուին։
==== Փարթենոնաս ====
===== Յուշարձանին նկարագրութիւն =====
Աքրոփոլիին ամենամեծ եւ պաշտօնական շինութիւնը Փարթենոնասն է։ Կառուցուած օրէն մինչեւ մեր օրերուն աշխարհի հիացումին կ’արժանանայ։ Դորիական ոճով կառուցումներուն գագաթնակետն է։ Ամբոջովին Փենտելի լերան մարմարով կառուցուած է, բացի սիւնապատուանդանէն στυλοβάτη stylobate․ կրաքարէ կառուցուած։
Հազուագիւտ տաճարներէն է որ ամբողջովին մարմարէ կառուցուած են եւ միակ Դորիական ոճովը՝ որուն բոլոր ճակտոցները հարթաքանդակներ ունին։
Տաճարին շինութեան աշխատանքները թուականին կը սկսին (Ք․Ա․ 448/7)։ Իսկ բացումը (Ք․Ա․ 432) կը կատարուի։ Ճարտարապետներն են՝ Իքդինոս եւ Քալիքրադիս, շատ հաւանական է նաեւ՝ Ֆիտիան որ պատասխանատու է անոր քանդակներու զարդարումին։
Քանդակազարդներուն, գերանին (επιστύλιο) եւ առաստաղի քանդակներուն (φάτνωμα) մեծ մասին գրուած զարդարումները կարմիր, կապոյտ եւ ոսկեգոյն էին։
Սիւնաշարքը լայնքին ունի 8 սիւներ եւ երկայնքին՝ 17։ Անոնք անսովոր խտութեամբ տեղադրուած են։ Նեղ կողմերուն կայ նաեւ վեց սիւներով երկրորդ շարք մը։ Ուրիշ անսովոր երեւոյթ մըն է կոնքին երկայնքը շրջապատող յոնիական ոճով գօտեքանդակի ներկայութիւնը։
Փարթենոնը կը ներկայացնէ համեմատական կատարեալ ներդաշնակութիւն մը։ Գեղագիտական գլուխ գործոց մըն է։
Իսկ վայրը այցելուն Փրոփիլէայէն հազիւ մտած անմիջապէս կը տեսնէ ամբողջ տաճարը, ոչ միայն մուտքը։
Տաճարին երկայնքին երեքի մասի բաժանումը եղած է ամենայն ներդաշնակութեամբ․ եզակի յունական արուեստին մէջ։ Գերմանացի Hoffnerը եւ Pennethorne առաջիններն են հաստատելու թէ Փարթենոնասին հանգրուանները կոր են․ անոնք կեդրոնին կ’ուռին, իսկ երկար եւ նեղ կողմերուն «չափազանց» կոչուած կորեր կը կազմեն։ Այս համընկած կորերը, այդ տպաւորութիւնը կը ձգեն թէ տաճարը լայն շունչ մը առած է զետեղուելէն առաջ։
Իսկ պատերը եւ սիւնաշարքը դէպի ներս կը հակին․ շինութիւնը մեծ բուրգի հիմը կը կազմէ։
Սիւները իրարմէ անհաւասար չափով զետեղուած են։ Անոնք բարձրանալով կը «նիհարնան»։ Իսկ անոնց բարձրութիւնը 2/5-ին հասած՝ հակառակ շարժում մը կը ներկայացնեն որ ուռեցքի կը նմանի եւ «ένταση» կը կոչուի․ նպատակը այն էր որ սիւնը աշխուժացնէ ուժը, որպէսզի կարողանայ ընդունիլ, կրել ծոպին ծանրութիւնը։
===== Տաճարին ճակտոցները հետեւեալները կը պատկերացեն․- =====
Արեւելեանը «Ղիղանտոմախիա» Γιγαντομαχία թարգմ․՝ վիթխարիներու կռիւը,արեւմուտքինը Ամազոններուն կռիւը Αμαζονομαχία,
հարաւայինը Քենտաւրոմախիա Κενταυρομαχία թարգմ․՝ յուշկապարիկներուն կռիւը
հիւսիսայինը Տրոյեան պատերազմը Τρωικός Πόλεμος։
===== Գօտեքանդակը =====
Տաճարին 160 մերկայնքով եւ 1 մ լայնքով գօտեգանդակը Փանաթինէա (Աթէնքին ամենակարեւոր կրօնական տօնը) թափօրը կը պատկերացնէ: Այս հսկայ գործը մէկ հոգի աշխատած եւ լրացուցած է․ հեղինակին անունը մեզի չէ հասած, սակայն կ’ենթադրուի թէ Ֆիտիան է եւ կամ անոր աշակերտներէն մէկը։ Գօտեքանդակին նիւթը նորաձեւութիւն մըն է, որովհետեւ առասպել/ներ չի պատմեր, այլ՝ իրական եղելութիւն մը․ թափօրի պահը ուր Աթէնքի ժողովուրդը Աթինա աստուածուհիին քօղը կը յանձնէ։
===== Գօտեքանդակին պատկերացումները =====
Արեւմտեան մասին կ’երեւի պատրաստութիւնը Քերամիքօ Κεραμεικό շրջանին մէջ։ Կայ նաեւ քանդակ մը, որուն վրայ կան միայն մէկ մարդ եւ մէկ ձի։ ԱՆոնց յատկանիշները մանրամասնօրէն կը ներկայացուին․ կը կարծուի թէ Ֆիտիային գործն է։
Արեւելեան, տաճարին մուտքին մասին կը պատկերացուին Աթինա Αθηνά, Զեւս Δίας կամ Ζεύς, Իրա Ήρα եւ ուրիշ աստուածներ որոնք թափորին կը մասնակցին․ անոնց միջեւ կ’երեւի փոքրիկ մը որ քուրմին քօղը կը յանձնէ։ Թափօրը սկիզբէն մինչեւ վերջ կը ներկայացնեն 400 մարդոց ու աստուածներու եւ 200 կենդանիներու կերպարանքներ, օրինակ՝ ոչխարներ, կովեր եւ ձիեր։ Ընդհանուր պատկերացումը իր հարստութեամբ եւ ճշգրտութեամբ հիացում կը պատճառէ։
Հիւսիսային մասին կը ներկայացուին զանազան կերպարանքներ․ ճամբորդներ, երաժիշտներ, նաւեր, «թալոֆորի» θαλλοφόροι (անոնք որոնք ձիթենի կը բռնէին), «քանիֆորի» κανηφόροι (կոյսեր որոնք զոհողութեան իրերով կողով կը կրէին) եւ սափոր կրողներ։
====== Ճակտոցներ ======
Արեւելեան ճակտոցը, մուտքին վրայ, Աթինա աստուածուհիին ծնունդը կը ներկայացնէ։
Արեւմտեան ճակտոցը, որ Փրոփիլէայէն երեւելի է, կը ներկայացնէ Աթինային եւ Փոսիտոնասին վէճը Աթէնքին տիրութեան համար։
===== Տաճարին ներքնամասը =====
Տաճարին ներսի մասը, կար երկյարկանի դորիական ոճով «Π» ձեւի սիւնաշարք մը որ վերնատուն մը կը կազմէր․ հոնկէ այցելուները տարբեր անկիւններէ, կէտերէ կրնային դիտել ու հիանալ Աթինա աստուածուհիին ոսկիայ փղոսկրէ արձանը։ Ետեւի սենեակին մէջ գանձը կը պահուէր․ Աթինա աստուածուհիին նուիրուած թանկարժէք իրեր։
Տաճարին առաստաղը յենուած էր յոնիական ոճով 4 սիւներու վրայ։ Իսկ տանիքը՝ փայտէ հսկայ գերաններու վրայ։
===== Պատկերասրահ =====
==== Էրեհթիօ ====
Ըստ յունական դիցաբանութեան Աթինա եւ Փոսիտոնաս աստուածներուն վէճը Աթէնքի Տէր-Պաշտպանը ըլլալու համար տեղի կ’ունենայ այդ վայրը։ Փոսիտոնան եռաժանիով մը յատակը կը զարնէ եւ երեւան կ’ելլէ զուլալ ջուրերով առուակ մը որ հետագային կը կոչուի «Էրեխթիիտա ծով»։ Աթինա, նիզակով յատակը կը զարնէ եւ կը ծնի փոքր ձիթենի մը։ Թագաւորը եւ աստուածները կը զմայլին աստուածուհիին նուէրով` սնունդ, ձէթ եւ փայտ․ Աթինան Աթէնքի պաշտպան կը կարգեն։
Աթենացիները սակայն, կը փաղձան երկու աստուածները հաշտեցնել։ Այդ պատճառով, տաճար մը կը կառուցեն, ուր նոյն յարկին տակ անոնց նուիրուած մէկական սրբավայր կը զետեղեն։ Այսպէս կը կառուցուի Աքրոփոլիի շինութիւններէն ճարտարապետական առումով ուրոյն այս տաճարը։
Առասպելը կը պատմէ թէ այդ վայրին Էրէխթոնիօ իշխանին ապարանքը կը գնտուէր եւ այդ պատճառով տաճարը կը կոչուի անոր անունով։
Ք․Ա․ 421-ին տաճարին կառուցումը կը սկսի եւ կ’աւարտի Ք․Ա․ 406-ին։ Ճարտարապետներն են՝ Ֆիտիաս եւ Մնիսիքլիս։ Յոնեական ոճի գլուխ գործոց մըն է։ Ամբողջութեամբ կառուցուած է Փենտելի լերան մարմարով, իսկ գօտեքանդակները՝ էլեւսինայի (Ελευσίνα) կրաքարով։ Տաճարը ծանօթ է իր «հաւկթաձեւ ու նետաձեւ» եւ «գծագոհար» ալիքաւոր զարդարանքներու օրինակներով։
===== Կոյսերուն Սիւնազարդը =====
Տաճարին հիւսիսային կողմը կայ 6 յոնիական ոճի սիւնաշարքը եւ հարաւային կողմը՝ աշխարահռչակ «Կոյսերուն Սիւնազարդը»․ վեց կոյսեր՝ Քարիադիտես, որոնք ենթակիր սիւներ են․ այս մասը գոց պատշգամի կը նմանի։ Քարիադիտեսները Պեղոպոնեզի Լաքոնիա Λακωνία շրջանէն գեղեցիկ դուստրեր էին։
===== Պատկերասրահ =====
==== Ուրիշ յուշարձաններ ====
Աքրոփոլիին ժայռին վրայ կը գտնուէն նաեւ ուրիշ յուշարձաններ ալ․ թուենք ամենակարեւորները։
Վրաւրոնիօ Βραυρώνειο տաճարը։ Կառուցուած Ք․Ա․ 459-ին։ Աւերակներէն մաս մը փրկուած են Փրոփիլէային հարաւ-արեւելեան անկիւնը։
Աթինա փրոմախու-ին Άγαλμα της Προμάχου Αθηνάς պղինձէ արձանը․ փրոմախոս կը նշանակէ ան, որ պատերազի առաջին գիծին վրայ է։ Կառուցուած է Ք․Ա․ 450-ին, Ֆիտիայէն։ Այժմ, կան միայն անոր պատուանդանին հետքերը։
Արիֆորիոն Αρρηφόριον․ բնակարան երկու փոքրիկ աղջկներու, որոնց պարտականութիւններն էին Արիֆորիա Αρρηφόρια (կամ՝ Ερρηφόρια) տօնախմբութեան ժամանակ փոխադրել Սուրբ Սպասները եւ Փանաթինէա տօնին համար հիւսել Աթինա աստուածուհիին քօղը եւ տօնին օրը՝ յանձնել։
Ակրիփային պատուանդանը․ կ’ենթադրուի թէ կառուցուած ըլլայ Ք․Ա․ 178-ին, Էւմենի Բ․ ին ժամանակ Փանաթինէա խաղերուն ընթացքին անոր տարած մէկ յաղթանակին համար։ Հսկայ պատուանդանին վրան կար քառաձի (չորս ձիերով) կառք մը (յուն.`τέθριππο), ուր Էւմենին եւ եղբայրը Աթալոն նստած են։ Ք․Ա․ 27-ին ձիակառքը Մարքօ Ակրիփային (Μάρκο Αγρίππα - Marcus Vipsanius Agrippa) կառքով կը փոխարինուի։ Այժմ միայն պատուանդանը կայ։
Հռոմին եւ Օգոստոս Կայսրին Տաճարը․ Կառուցուած է Ք․Ա․ 17-10 թուականներուն, ի պատիւ Հռոմի աստուածուհիին եւ Օգոստոս կայսրին։ Կը գտնուի Փարթենոնասին արեւելեան կողմը։
Խալքոթիքի Χαλκοθήκη (թարգմ․՝ պղինձէ մթերանոցը). Կառուցուած էր Ք․Ա․ 5-րդ դարու կէսերուն։ Կը գտնուէր Փրոփիլէային եւ Փարթենոնասին միջեւ։ Անոր պահակները Փարթենոնասին գանձին մատակարարներն էին։ Շինութեան անունը յայնտի եղաւ Ք․Ա․ 4-րդ դարու գտնուած արձանագրութիւններէն, իսկ աւերակներէն մասեր գտնուած են Վրաւրոնիօ-ին արեւելեան եւ Փարթենոնասին հարաւ արեւմտեան կողմը։
===== Պատկերասրահ =====
=== Աքրոփոլիին ժայռին շուրջի կառուցուածքներ ===
Հերոտիոն (Իրոտիօ) կամ՝ Հերովդէս Ատիկեցիին երաժշտանոց-Թատրոնը․ կը կառուցուի Աթէնքի հարուստ բնակիչ՝ Հերովդես Ատիկեցիին (Ἡρῴδης ὁ Ἀττικός - Herodes Atticus) կողմէն, Ք․Ա․ 2-րդ դարուն, ի պատիւ իր կնոջ՝ Ապիա Անիա Ռեգիլլայի։ Կառուցման նպատակն է, որ Աթէնքը ունենայ երաժշտութեան համերգներու յատուկ թատրոն։ Կը փոխարինէ աւելի հին Փերիքլեսի Թատրոնը, որ Ք․Ա․ 85-ին․ հռոմէացի Սիլա Sulla զօրավարը կը հրկիզէ։ Կիսաբոլոր թատրոնը 5 000 հոգի կը հիւրասիրէ եւ ունի 32 շարք մարմարէ նստարաններ (կանգներ)։ Թատրոնը ժամանակին մայրի փայտի տանիք ունէր։
1848 մինչեւ 1857 կը կատարուին առաջին հնագիտական պեղումները։ 1950-ին կը սկսի թատրոնին հերթական վերականգնումը։ Այժմ, ամառուան եղանակին հոն կը կատարուին միջազգային տարողութեամբ ելոյթներ։
Եւմենիսին ճեմելիքը․ Կը գտնուի Հերոտիոն եւ Տիոնիսօ Թատրոններուն միջեւ։ Կառուցուած է Փերկամօ քաղաքի թագաւոր Եւմենիս Բ․-ին Ευμένης Β΄ της Περγάμου կողմէն (Ք․Ա․ 160)։ Այսօր անոր երկայնքը 163 մ է (մաս մը կը քանդուի Հերոտիոն Թատրոնին շինութեան ատեն), սակայն կառուցուած շրջանին ՝ 190 մ էր։ Երկյարկանի է։ Առաջին յարկին արտաքին սիւները դորիական ոճով կառուցուած են, երկրորդ յարկինները՝ յոնիական։ Իսկ ներքին սիւները փոխադարձաբար՝ յոնիական եւ փերկամոնեան (Փոքր Ասիոյ արեւմտեան յունական գաղթօճախ Փերղամօ կամ՝ Փերկամօ քաղաքէն)։
Ասքլիփիոնին տաճարը․ Կը գտնուի Եւմենէս ճեմելիքին հիւսիս-արեւելքը եւ Տիոնիսոս Թատրոնին արեւմուտքը։
Տիոնիսոսի Թատրոնը․ Տիոնիսոսի Թատրոնը Θέατρο του Διονύσου․ հին Աթէնքի ամենակարեւոր բացօթեայ թատրոնը։ Աշխարհի առաջին թատրոնը կը նկատուի։ Կը գտնուի 3 մեթր բարձր, համանուն տաճարէն։ Կը հիւրասիրէր Մեծ Տիոնիսիա թատերական փառատօնը․ Աթէնք քաղաքին ամենամեծ տօնը։ Կառուցուած է Ք․Ա․ 6-րդ դարուն Փիսիսդրաթիներու Հարստութեան շրջանին։
Փերիքլեսի Թատրոնը․ Փերիքլեսի Թատրոնը Ωδείον του Περικλέους։ Փերիքլեսին ժամանակ (Ք․Ա․ 435), կառուցուած 4000քմ տարածքով թատրոն, որպէսզի Փանաթինէա խաղերուն ընթացքին երաժշտական համերգները կատարուին։ պեղումները կը ցուցնեն թէ տանիքը կը յենուէր 90 ներքին սիւներու․ ինը շարքի վրայ տասական սիւներ։ Կը գտնուի Տիոնիսօ Թատրոնին արեւելեան կողմը։
Տիոնիսոսին տաճարը․ համանուն թատրոնը տաճարին շարունակութիւնը կը կազմէր։ Կը գտնուէր Տիոնիսօ Թատրոնին հարաւը։
==== Պատկերասրահ ====
=== Հռոմէական շրջանէն մինչեւ Յունաստանի 1821-ի ապստամբութիւնը ===
Հռոմէական ժամանակաշրջանին կ’աւելնան քանի մը աննշան շինութիւններ։
Բիւզանդական շրջանին, Փարթենոնը քրիստոնէական տաճարի կը վերածուի։ Իսկ ֆրանքներու տիրապետութեան ատեն՝ Կաթոլիկ դաւանանքի եկեղեցի եւ օսմանեան շրջանին՝ մզկիթի։ Նաեւ, Աքրոփոլիսին հարաւային պատին տակ գտնուող Տիոնիսօ աստուծոյ նուիրուած թատրոնին «Տիոնիսօ Թատրոն» Θέατρο του Διονύσου (Ք․Ա․ 6-րդ դար) կեդրոնին վրայի վերնատունը Սուրբ Սփիլիոդիսա Աստուածածնին նուիրուած մատուռի կը վերածուի։
Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին է որ Աքրոփոլին մեծապէս կը վնասուի։ Հոն թուրքերը վառօդ կ’ամբարեն։ 1645 թուականին, կայծակահար վառօդը Փրոփիլէան կը պայթեցնէ։ 1687-ին Վենետիկցիները գլխաւորութեամբ Ֆրակիսքօ Մոռոզինիի, Աթէնքը կը պաշարեն եւ Փարթենոնան կը պայթեցնեն։ Տաճարը գրեթէ ամբողջութեամբ կը քանդուի։ Այդ օրերէն ետք, տաճարը կանոնաւոր հերթականութեամբ կը կողոպտուի։
19-րդ դարասկիզբին, յունական ապստամբութենէն ճիշդ առաջ, Կոստանդնուպոլսոյ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմաս Պրիւսի, ծանօթ իբրեւ Լորտ Էլղին Thomas Bruce (7e comte d'Elgin) անունով եւ անոր գործակալները լուրջ վնասներ կը պատճառեն երբ կը կողոպտեն քանդակներ, արձաններ, սիւներ եւ Անգլիա կը տանին․ Փարթենոնասին գօտեքանդակը ζωοφόρος frieze, սիւնաճակատներ metope, ճակտոցներ pediment, մէկ Քարիադիտա Καρυάτιδα caryatid (կնոջական կերպով քանդակ, որ շէնքերու յենակէտ կը ծառայէ) եւ Էրեխթիօ տաճարէն սիւն մը։ Այս բոլորին համար թուրքերուն 35․000 ոսկի կը վճարէ, իսկ Աթենացիներուն ժամացոյց մը կը նուիրէ (կը զետեղէ Հին Շուկային մէջ)։
=== Նորագոյն շրջան ===
1821 թուականի ծագած յունական ապստամբութեան շրջանին Աքրոփոլին պարբերաբար յոյներէն եւ թուրքերէն կը պաշարուի։ Յունաստանի Ազատագրումէն ետք, կը սկսին հնագիտական աշխատանքները եւ յուշարձաններուն վերանորոգումը։
==== Պարսկական Խրամը ====
Պարսկական Խրամ․ Պարսիկները երբ Թերմոփիլես ճակատամարտէն յաղթական դուրս կ’ելլեն, (Ք․Ա․ 480), Աթէնքը կ’աւերեն։ Քանի մը տարի ետք, ազատ Աթէնքի ղեկավար՝ Փերիքլիս, Աքրոփոլին վերակառուցել կու տայ։ Աքրոփոլիին շուրջերը գտնուած բոլոր աւերակները կը հաւաքուին եւ պարսկական խրամ կոչուած հսկայ փոսին մէջ կը զետեղուին ու հողով կը ծածկուին։
Պարսկական Խրամը կը յայտնաբերուի ԺԹ․ դարու եղած հնագիտական խեղումներուն ընթացքին։
==== Նոր կառուցումներ ====
Բիւզանդական ժամակաշրջանին եւ անկէ ետք եղած փոքր շինութիւններէն զատ, 1865 - 1874 ժայռին հարաւ-արեւելեան ցած մասին «Աքրոփոլիին Թանգարան»ը կը կառուցուի, Արեւելքէն՝ Արեւմուտք արեւելումով։ Կառուցուած է գրեթէ գետնահաւասար, որպէսզի գեղագիտականօրէն չվնասէ հին յուշարձանները։ 1953-ին, թանգարանը մեծցնելու աշխատանքները հերթականութեամբ կը սկսին․ 1956-ին, առաջին սրահները կը բացուին, իսկ 1964 վերակառուցումը կը լրանայ։ Սակայն, շարունակ ընդարձակումները գոհացում չեն տար հնագիտական իրերու ցուցադրման եւ 1999-ին նոր արդի թանգարանի շինութեան աշխատանքները կը սկսին։ 2009-ին Աքրոփոլիսի հին թանգարանին պարունակութիւնը կը տեղափոխուի նորաշէն համանուն թանգարը, որ կը գտնուի Աքրոփոլիսին հարաւային կողմը եզերող Տիոնիսիու Աէրոփաղիդու փողոցին Մաքրիղեաննիի հնագիտական վայրին վրայ։
1987 -էն Աքրոփոլիսին յուշարձանները մաս կը կազմեն Եունեսքոյին Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։
==== Աքրոփոլիին յատակագիծը ====
Փարթենոնաս
Աթինա աստուածուհիին տաճար
Էրեխթիոն
Աթինա Փրոմախու արձան
Փրոփիլէա
Աթինա Յաղթող/Յաղթական տաճար
Ելեւսինիոն
Վրաւրոնիօ
Խալքոթիքի
Փանտրոսիոն
Արիֆորիոն
Աթինա Փոլիատա տաճար
Տիա Փոլիատա տաճար
Փանթէոն տաճար
Հերովդէս Ատիկեցիի Թատրոն
Եւմենէսի ճեմելիք
Ասքլիփիոն տաճար
Տիոնիսօ Թատրոն
Փերիքլեսին Թատրոնը
Տիոնիսոսին տաճարը
=== Մանոլիս Ղլեզոս ===
Բ․ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Յունաստանը Գերմանիոյ նացիական ուժերը կը գրաւեն։ Յոյները երբեք չեն ընդունիր գերմանական լուծը եւ ընդիմադիր խումբեր կազմելով կը պայքարին ներխուժողներուն դէմ։ Գերմանացիները Աքրոփոլիսի սուրբ ժայռին վրայ կը բարձրացնեն գերմանական նացիական դրօշը։ Յոյն երիտասարդ ընդիմադիր Մանոլիս Ղլեզոս Μανώλης Γλέζος եւ ընդիմադրող ընկերներէն Լաքիս Սանտաս Λάκης Σαντάς (երկուքն ալ 20 տարեկան) 1941-ին, Մայիս 30 - 31 գիշերուան, առանց յայտնուելու կը յաջողին մագլցիլ ժայռը, վար կ’առնեն նացիներուն դրօշը եւ յունական դրօշակը կը բարձրացնեն։ Գերմանացիները արարքին «անյայտ յանցաւորներուն» մահապատիժի կը դատապարտեն, սակայն չեն կարողանար երբեք անոնց բռնել։ Հետագային, Մանոլիս Ղլեզոս կարեւոր դեր կ’ունենայ Յունաստանի հասարակական եւ յառաջադէմ քաղաքական կեանքին մէջ։ Կը մահանայ խոր ծերութեան մէջ, 30 Մարտ 2020-ին։
== Անաֆիոթիքա ==
Աթէնքի այն թաղամասն է որ կը գտնուի Աքրոփոլիսին հիւսիս արեւելեան մասը։ Թաղամասը կը կառուցուի ԺԹ․ դարուն ընթացքին, երբ էգէական Ծովուն մէջ գտնուող Անաֆի կղզիէն բանուորներ Աթէնք կու գան իբրեւ շինող, որմնադիր բանուոր, որպէսզի իրենց ներդրումը բերեն Աթէնքին վերակառուցման եւ Օթոն թագաւորին արքունիքին կառուցման համար։ Անոնք կը վերակառուցեն ԺԷ․ դարու երկու եկեղեցիներ՝ Սուրբ Սիմէոն եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիները։
Թաղամասը կը կառուցուի հետեւելով Քիքլատես կղզիներուն ճարտարապետական ոճին։
== Աքրոփոլիին Մշակութային կարեւորութիւնը ==
Աթենացիները չորս տարին անգամ մը կը կազմակերպէին Փանաթինէա խաղերը․ անոնց համբաւը կը մրցակցէր Ողիմպիական խաղերուն։
Արեւմտեան Մշակոյթին յատկանիշ եւ դասական մշակոյթի իւրայատուկ յուշարձան մըն է․ բաց թանգարան մը։
== Պատկերասրահ ==
== Աղբիւրներ ==
Աթէնքին յուշարձանները-pdf (file:///C:/Users/anide/Downloads/downloaded.pdf)
== Տե՛ս նաեւ ==
Աթէնք
Յունաստան
Աքրոփոլիին թանգարանը
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
[1] Յունական Արձանագրութիւններ (անգլերէն)
[2]Տիոնիսօին թատրոնը (անգլերէն)
[3] Անաֆիոթիքա(անգլերէն)
[4] Փարթենոն(անգլերէն)
[5] Քեքրոփաս(անգլերէն)
[6] Փերիքլիս(անգլերէն)
[7] Փրոփիլէա(անգլերէն)
[8] էրէխթիօ(անգլերէն)
[9] Աթինա Ափթերու Նիքիս տաճարը(անգլերէն)
[10] Արխայիքի ժամանակաշրջան(անգլերէն)
[11] Փիսիսդրադոս(անգլերէն)
[12] Էքադոպետոս տաճարը(անգլերէն)
[13] Ֆիտիաս(անգլերէն)
[14] Իքթինոս(անգլերէն)
[15] Քալիքրադիս(անգլերէն)
[16] Մնիսիքլիս(անգլերէն)
[17] Էրէխթիոս Թագաւոր(անգլերէն)
[18] Վրավրոնիօ տաճարը(անգլերէն)
[19] Քարիադիտես(անգլերէն)
[20] Հերովտես Ատիկեցին(անգլերէն)
[21] Փանաթինէա(ֆր.)
[22] Հին Ողիմպիական Խաղեր(անգլերէն)
[23] Աթինա կոյս(ֆր.)
[24] Արիոս Փաղոս(ֆր.)
[25] Մանոլիս Ղլեզոս(յունարէն) |
17,626 | Կարօ (ֆիլմ) | Կարօ (արաբերէն՝ غارو, լատինատառ Garo), նշանաւոր լիբանանեան շարժապատկեր որ 1965 արտադրեց եւ նկարահանեց լիբանանահայ ֆիլմերու բեմադրիչ Կարի Կարապետեանը, ուր կը պատմէ կեանքը լիբանանահայ օրինազանց "ղապատայ" անձնաւորութեան մը եւ անոր եղերական մահը երբ Լիբանանի ներքին ապահովութեան ոյժերը զինք հալածեցին եւ սպանեցին։
Գլխաւոր դերերը խաղցած են շատ նշանաւոր լիբանանցի դերասաններ ինչպէս Մահմուտ Սայիտ, Ժօզէֆ Նանօ, Սամիրա Պարուտի, Նատիա Ժամալ եւ Անթուան Քերպաժ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,828 | Հայաստան Հռոմ-Պարթեւական Հակամարտութեան Միջեւ | Մեծն Տիգրանի մահէն ետք քաղաքական նոր կացութիւն ստեղծուեցաւ: Հայաստան ինկաւ երկու հզօր կայսրութիւններու հակամարտութեան ոլորտին մէջ։ Ան ի վիճակի չէր այլեւս նոր երկիրներ նուաճել, այլ ստիպուած էր պայքարիլ իր անկախութիւնը պահպանելու համար: Հռոմէացիները Պոմպէոսի օրերէն արդէն ամուր կերպով հաստատուած էին Հայաստանէն արեւմուտք ինկած երկիրներուն՝ Փոքր Ասիոյ մէջ եւ Միջերկրականի արեւելեան ափերուն: Կարգը եկած էր պարթեւներուն, որոնց հետ բախումը անխուսափելի դարձած էր։ Պարթեւները, իրենց կարգին, ազատելով Մեծն Տիգրանի հզօրութեան շրջանի ճնշումէն, վերագտած էին իրենց ուժերը եւ կը ձգտէին ընդարձակել իրենց տիրապետութեան սահմանները:
== Արտաւազդ Բ.ի Պայքարը Հայաստանի Անկախութեան Պահպանման Համար ==
=== Հայաստան Երկու Հզօր Պետութեանց Միջեւ ===
Հռոմի եւ պարթեւներուն միջեւ իբրեւ երրորդ կարեւոր պետութիւն կար Հայաստանը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ'ուզէր իբրեւ դաշնակից կամ հպատակ՝ իր կողմը քաշել զայն: Հայաստան ունէր թէ՛ ռազմագիտական եւ թէ տնտեսական մեծ կարեւորութիւն: Հայկական բարձրաւանդակը հին աշխարհի ռազմագիտական առաջնակարգ դիրք ունեցող երկիրներէն էր։ Իր բարձրաբերձ լեռներով ու խորունկ կիրճերով ան բնական իսկական ամրոց մըն էր։ Հայաստանին տիրել կը նշանակէր իշխող դիրք ունենալ դրացի երկիրներուն վրայ։ Մեծ տէրութիւններուն համար Հայկական լեռնաշխարհը կը ներկայացնէր ապահովութեան գօտի մը իրենց կայսրութեան սահմաններուն պաշտպանութեան համար. միւս կողմէ, ան ամուր յենարան էր եւ մեկնակէտ նոր նուաճումներ կատարելու:
Տնտեսական առումով եւս Հայաստանի նշանակութիւնը մէծ էր։ Արեւելքը Արեւմուտքին հետ կապող միջազգային առեւտուրի կարեւոր ճամբաները կ'անցնէին Հայաստանէն: Ինչպէս գիտենք, դարեր առաջ պարսից Դարեհ Ա.ի բացած «արքունի պողոտան», որ Իրանի հարաւը կը միացնէր Փոքր Ասիոյ եւ միջերկրականեան երկիրներուն, աւելի քան 300 քմ. երկարութեամբ կ'անցնէր ճեղքելով Հայաստանի հարաւային նահանգները: Արարատեան դաշտէն կ'անցնէր նոյնպէս միջազգային առեւտուրի ուրիշ մեծ ճամբայ մը, որ Սեւ ծովու ափերէն կը մեկնէր դէպի Իրան եւ Միջին Ասիա:
Ռազմագիտական եւ տնտեսական կարեւոր այս դիրքը պատճառ պիտի ըլլար, որ մրցակից մեծ կայսրութիւնները ամէն ջանք թափէին տիրելու համար այս լեռնաշխարհին: Այս պայմաններուն մէջ Հայաստան պիտի ջանար չէզոքութիւն պահել հակամարտ կողմերուն միջեւ։ Սակայն այդ չէզոքութիւնը ձեռնտու չէր ո՛չ պարթեւներուն համար եւ ոչ ալ Հռոմի: Անոնք Հայաստանէն կը պահանջէին դաշնակցիլ իրենց եւ պատերազմին մասնակից դառնալ, այլապէս կը սպառնային երկիրը դարձնել իրենց կռիւներուն ասպարէզ:
Մեծն Տիգրանի յաջորդ Արտաւազդ Բ.էն (55-34) սկսեալ քանի մը դար շարունակ այս էր կացութիւնը Հայաստանին, որ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի երկու հզօր կայսրութիւններուն միջեւ սեղմուած՝ կը պայքարէր իր անկախութեան պահպանման համար:
=== Կրասոս Արեւելքի մէջ եւ Արտաւազդ Բ. ===
55 թուականին Մեծն Տիգրանի յաջորդեց իր որդիներէն Արտաւազդ, որ հօր ծերութեան վերջին տարիներուն կ'ենթադրուի որ գահակից էր իրեն: Ան հելլենական բարձր կրթութիւն ստացած եւ յունական մշակոյթին քաջածանօթ մարդ էր։ Յոյն յայտնի պատմիչ Պղուտարքոսի վկայութեամբ Արտաւազդ յունարէնով գրած է պատմութիւն, ճառեր եւ թատերախաղեր, որոնք մեզի չեն հասած:Արտաւազդ Բ.ի թագաւորութեան տարիներուն քաղաքական սուր պայքար սկսաւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի երկու մեծ տէրութիւններուն միջեւ։ Հռոմ նոր թափ տուաւ իր ծաւալապաշտ քաղաքականութեան Արեւելքի մէջ, ուր իրեն դէմ գտաւ նոյնպիսի աշխարհակալական ծրագիրներ հետապնդող պարթեւական հզօրացած կայսրութիւնը:
Հռոմի իշխանութեան վերին խաւերուն մէջ տեղի ունեցած էին յատկանշական փոփոխութիւններ: Հանրապետական կարգերը սկսած էին թուլնալ եւ զօրացած էին դրամատէր հարուստ դասակարգի եւ զինուորական պետերու փառատենչ ձգտումնեը՝ իշխանութեան տիրանալու համար:
60 թուականին կազմուած էր արդէն այսպէս կոչուած առաջին եռապետութիւնը (triumvirat), որուն անդամները՝ Պոմպէոս, Յուլիոս Կեսար եւ Կրասոս իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցին պետութեան գործադիր իշխանութիւնը: Ապա, ընդարձակածաւալ կայսրութիւնը իրարու մէջ բաժնելով՝ Պոմպէոս առաւ Հռոմն եւ Եւրոպան, Յուլիոս Կեսար՝ Գաղիան, իսկ Կրասոսի բաժին ինկաւ Արեւելքը:Կրասոս մեծահարուստ եւ ընչաքաղց վաշխառու մըն էր, որ հռչակ հանած էր ժամանակին՝ Սպարտակի գլխաւորած ստրուկներու ապստամբութիւնը դաժանօրէն ճնշելուն համար:
54-ի սկիզբը ան Արեւելք եկաւ Պարթեւաստանը նուաճելու մտադրութեամբ: Անոր երազն էր՝ հարստանալ Լուկուլլոսի պէս եւ փառքի տիրանալ Պոմպէոսի նման: Ուստի մէկ կողմէ պատերազմ հրահրեց պարթեւներուն դէմ՝ անոնց սահմանէն ներս հռոմէական զօրագունդեր մտցնելով, միւս կողմէ՝ զբաղեցաւ Ասորիքի եւ Պաղեստինի քաղաքներուն ու տաճարներուն կողոպուտով:Հռոմ-պարթեւական այս պատերազմին պիտի մասնակցէր նաեւ Հայաստան: Արտաւազդ Բ., որ ժառանգած էր հօրը «արքայից արքայ» տիտղոսը, Արտաշատի դաշնագրին համաձայն կը համարուէր Հռոմի դաշնակիցն ու բարեկամը: Այդ պատճառով հայոց թագաւորը իր 6000նոց թիկնապահ հեծելագունդով եկաւ Ասորիք եւ յառաջիկայ պատերազմին համար Կրասոսին խոստացաւ, բացի իր թիկնապահ գունդէն՝ նաեւ 10 հազար հեծեալ եւ 30 հազար հետեւակ զօրք: Միաժամանակ Արտաւազդ առաջարկեց պարթեւներուն դէմ յարձակումը կատարել Հայաստանի լեռնոտ շրջաններուն վրայէն: Այդ պարագային ան պիտի ապահովէր հռոմէական բանակին պարենաւորումը: Արտաւազդ ջանաց համոզել Կրասոսը, որ Հայաստանի ճամբան աւելի ապահով է եւ երկրին լեռնային խորտուբորտ տեղերը կը կաշկանդեն շարժումները պարթեւական հեծելազօրքին, որ անոնց բանակին ամէնէն ուժեղ զօրամասն է: Այս ձեւով հայոց թագաւորը կ'ուզէր բնականաբար Հայաստանը եւս պաշտպանել պարթեւներու հաւանական ներխուժումին դէմ: Սակայն Կրասոս չուզեց հետեւիլ Արտաւազդի խորհուրդին յայտնելով, որ ինք որոշած է Միջագետքի ճամբով քալել պարթեւներուն դէմ: Այն ատեն հայոց թագաւորը վերադարձաւ իր երկիրը:
Մինչ այդ պարթեւներու Օրոդէս թագաւորը տեղեկանալով հռոմէացիներու մտադրութեան՝ իր բանակը բաժնեց երկու մասի: Հեծելազօրքը՝ Սուրէն զօրավարի հրամանատարութեամբ ղրկեց Կրասոսի դէմ, իսկ հետեւակազօրքով ինք արշաւեց Հայաստան: Այն ատեն Արտաւազդ Բ. պատուիրակներ ղրկեց Միջագետք գտնուող Կրասոսին իմացնելու համար անոր պարթեւ թագաւորին յարձակումը Հայաստանի վրայ եւ իր անկարելիութիւնը օգնական զօրք ղրկելու հռոմէացիներուն: Անգամ մը եւս ան կ'առաջարկէր, որ Կրասոս ճամբան փոխելով միանայ իրեն Հայաստանի մէջ եւ միասին յարձակին պարթեւներուն վրայ։ Այլապէս, խորհուրդ կու տար Արտաւազդ Բ., հռոմէական բանակը պէտք է բանակատեղի հաստատէ բարձրունքներու վրայ՝ խուսափելու համար թշնամի այրուձիին յարձակումներէն: Կրասոս հայ պատուիրակներուն ամբարտաւանօրէն յայտնեց, որ «ժամանակ չունի այժմ Հայաստանի համար, բայց յետոյ Արտաւազդի հաշիւը կը տեսնէ իր դաւաճանութեան համար»: Կրասոսի այս բացասական պատասխանին վրայ, Արտաւազդ Բ. որոշեց խաղաղութեան բանակցութիւններ սկսիլ պարթեւներուն հետ, որոնց զօրքերը արդէն կ'ասպատակէին Հայաստանի հարաւային շրջանները: Օրոդէս եւս, որ Հայաստան մտած էր Արտաւազդի հռոմէացիներուն հասցնելիք օգնութիւնը խափանելու նպատակով, կողմնակից էր հայերուն հետ հաշտութեան: Ուստի, Արտաշատի մէջ կնքուեցաւ հայ-պարթեւական բարեկամական դաշիննքը, որ ամրապնդուեցաւ Արտաւազդ Բ.ի քրոջ ամուսնութեամբ պարթեւներու գահաժառանգ Բակուր իշխանին հետ:
=== Հռոմէացիներու Պարտութիւնը ===
Նոյն այս ժամանակ Կրասոս 42 հազարնոց բանակով մը, որուն միայն 4000ը ծանր եւ 4000ը թեթեւազէն հեծեալներ էին, անցաւ Եփրատը ու խորացաւ Միջագետքի տափաստաններուն մէջ, առանց որեւէ տեղեկութիւն ունենալու թշնամիին զինական ուժին մասին: -53 թուականի Մայիսին ան հասաւ Խառան քաղաքին շրջակայքը, ուր տեղի ունեցաւ արիւնալի ճակատամարտ մը:
Պարթեւական զօրքը, որ բաղկացած էր գլխաւորաբար զրահապատ այրուձիէն եւ ձիաւոր նետաձիգներէ, նախապէս լաթերով եւ կաշիով ծածկած էր զէնքերն ու զրահները՝ անոնց փայլքը մեղմելու եւ զինուորներուն մեծաթիւ ըլլալը ցոյց չտալու համար: Կռուի սկսելով, պարթեւները կը յարձակին նետերու անվերջանալի տարափ մը տեղացնելով հռոմէացիներուն վրայ, յետոյ կարճատեւ բախումէ մը ետք կեղծ նահանջ կը ձեւացնեն իրենց կողմը քաշելով թշնամիին հեծելազօրքը: Ապա, յանկարծակի կանգ առնելով կը շրջապատեն ու կը կոտորեն ամբողջ զօրքը ներառեալ անոնց հրամանատարը, որ Կրասոսի տղան էր։ Ասկէ ետք պարթեւական հեծելազօրքը, տէգի մը վրայ անցուցած Կրասոսի տղուն գլուխը, կ'անցնի ընդհանուր յարձակողականի հռոմէական ահաբեկուած եւ բարոյալքուած լեգէոններուն դէմ, որոնք նոյնպէս կ'ենթարկուին սոսկալի ջարդի մը: Խառանի ճակատամարտին հռոմէական բանակը ունեցաւ 20 հազար կորուստ, 10 հազար վիրաւոր եւ բազմահազար գերիներ, որոնց մէջ կը գտնուէր հռոմէացի գոռոզ զօրավարը՝ Մարկոս Կրասոս: Սուրէն զօրավար Կրասոսի գլուխը ղրկեց Օրոդէս թագաւորին, որ կը գտնուէր Արտաշատ եւ Արտաւազդ Բ.ի հետ կը տօնէին իրենց նոր բարեկամութիւնը: Պարթեւներու ձեռքը անցաւ հարուստ աւար, որուն մէջ կը գտնուէին հռոմէական արծուեկիր դրօշակները:
Խառանի ճակատամարտը պարզորոշ կերպով ցոյց տուաւ պարթեւական հեծելազօրքին մարտավարական գերակշռութիւնը հարթ ու տափարակ տարածութիւններու վրայ մղուած ճակատամարտերու ընթացքին: Անիկա նաեւ հռոմէական լեգէոններու առաջին լուրջ բախումն էր պարթեւներուն հետ, որոնց զրահապատ այրուձին պատճառած սարսափը հռոմէացի քանի մը սերունդներու յիշողութեան մէջ ուժեղ կերպով դրոշմուած մնաց:
Պարթեւները հակայարձակողականի անցնելով՝ փորձեցին առաւելագոյն չափով օգտուիլ իրենց յաղթանակէն: Հայ-պարթեւական բանակները գահաժառանգ իշխան Բակուրի հրամանատարութեամբ մտան Սուրիա: Բակուրին խորհրդատու եւ օգնական կարգուած էր Վասակ հայ իշխանը: 51-50 թուականներուն անոնք ասպատակեցին Ասորիքը, բայց Անտիոքը գրաւելու իրենց փորձերը ապարդիւն անցան: Այս կռիւներու ընթացքին Վասակ զօրավար ծանրօրէն վիրաւորուելով մեռաւ, իսկ դաշնակից զօրքերը ետ քաշուեցան Եփրատի սահմանը:
=== Քաղաքացիական Պատերազմ Հռոմի մէջ ===
Կրասոսի մահէն ետք եռապետութեան միւս երկու անդամներուն միջեւ պայքարը սուր բնոյթ ստացաւ: Պոմպէոս՝ ծերակոյտին եւ հանրապետական կուսակցութեան կռթնած, կ'ուզէր առանձինն վարել կայսրութիւնը եւ Յուլիոս Կեսարը հեռու պահել Հռոմէն: Այս վերջինը, որ փայլուն յաջողութիւններ ունեցած էր Գաղիոյ նուաճման մէջ ու մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր բանակայիններուն մօտ, անտեսելով իր դէմ դրուած արգելքը 49-ին իր զօրքերով անցաւ Իտալիա: Պոմպէոս՝ անկարող կասեցնելու անոր յառաջացումը Հռոմի վրայ, քաշուեցաւ հիւսիսային Յունաստան, ուր 48-ին տեղի ունեցաւ վճռական ճակատամարտ երկու եռապետներուն միջեւ։ Պոմպէոս պարտուեցաւ եւ փախաւ Եգիպտոս, ուր սպաննուեցաւ հազիւ Աղեքսանդրիա հասած: Յուլիոս Կեսար եւս եկաւ Աղիքսանդրիա, հալածեց հանրապետականներու կուսակիցները եւ Հռոմի հպատակեցուած այս երկրին գահին վրայ բազմեցուց Պտղոմեան վերջին թագաւորին աղջիկը՝ գեղանի Կղոպատրան, որ իր սիրուհին էր դարձած: Այստեղէն անցաւ Փոքր Ասիա, ուր Հռոմի մէջ ծագած քաղաքացիական պատերազմէն օգտուելով՝ վերադարձած էր Միհրդատ Եւպատորի տղան՝ Խրիմի թագաւոր Փառնակ: Այս վերջինը պարտութեան մատնելով Փոքր Ասիոյ հռոմէական զօրքերը, գրաւած էր Պոնտոսը, Կապադովկիան, Փոքր Հայքը եւ վերականգնած՝ իր հօր երբեմնի թագաւորութիւնը: Փառնակի այս յաջողութիւնները կրկին սարսափի մատնած էին Հռոմը, որովհետեւ իր հօր նման ան եւս անխնայօրէն կոտորել կու տար հազարաւոր հռոմէացիներ եւ կը կողոպտէր այդ երկիրներուն քաղաքներն ու տաճարները: Յուլիոս Կեսար ջախջախիչ պարտութեան մատնելով Փառնակը՝ իր յաղթանակին լուրը հռոմէացիներուն աւետեց հետեւեալ երեք բառերով. եկայ, տեսայ, յաղթեցի («veni, vidi, vici»):
Այնուհետեւ Կեսար վերադարձաւ Հռոմ ու իր վերջին ընդդիմադիրները ընկճելէ ետք սկսաւ միահեծան վարել Հռոմի գործերը: Փաստօրէն հանրապետական կարգերը վերջ գտած էին եւ Հռոմի ծերակոյտը, որ նախապէս պետութեան ղեկավար բարձրագոյն հաստատութիւնն էր, վերածուեցաւ պարզապէս Յուլիոս Կեսարին խորհրդատու մարմինի մը:
Հռոմի քաղաքացիական այս պատերազմական ընթացքին պարթեւներուն եւ Հայաստանի համակրանքը Պոմպէոսի կողմը եղած է: Թէ' մեծ Հայք եւ թէ' Փոքր Հայք Յունաստան օգնական ուժեր ղրկած են անոր, իսկ հայ-պարթեւկաան զօրքերը կրկին ասպատակած են Ասորիքը: Այդ պատճառով Յուլիոս Կեսար կը պատրաստուէր արեւելեան մեծ արշաւանքի մը, երբ 44-ին դաւադիրներու կողմէ սպաննուեցաւ ծերակոյտի ժողովասրահին մէջ եւ Հռոմ դարձեալ մխրճուեցաւ իշխանութեան համար մղուող պայքարներու մէջ:
43-ին կազմուեցաւ երկրորդ եռապետութիւնը բաղկացած Օկտաւիանոսէ, Մարկոս Անտոնիոսէ եւ Լիպիդոսէ, որոնք իրենց հակառակորդները պարտութեան մատնելէ ետք իշխանութիւնը բաժնեցին իրենց միջեւ։ Անտոնիոս ստացաւ Արեւելքը, ուր եկաւ մեծ բանակով: Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ հռոմէացի եռապետին այցելութեան եկաւ Եգիպտոսի Կղէոպատրա թագուհին, որուն սիրականը դարձաւ Անտոնիոս եւ հետը մեկնեցաւ Եգիպտոս: Այս միջոցին պարթեւական բանակը, հայկական զօրքերու ընկերակցութեամբ, յարձակեցաւ եւ նուաճեց Ասորիքն ու Փիւնիկէն, ապա Պաղեստին անցնելով աւարի մատնեց Երուսաղէմն ու շրջակայքը: Հոս, յաղթական զօրքերը գերեվարեցին մեծ թիւով հրեաներ, որոնց մէկ մասը տարուեցաւ Հայաստան, ուր անոնք բնակութիւն հաստատեցին երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ:
Այսուհանդերձ, Անտոնիոսի տեղակալները օգնական նոր ուժեր ստանալով յաջողեցան պարտութեան մատնել պարթեւները եւ վերագրաւել իրենց կորսնցուցած երկիրները: Այս կռիւներուն ընթացքին սպաննուեցաւ պարթեւներու գահաժառանք իշխանը՝ Բակուր:
Ասորիքի վերագրաւումէն ետք Անտոնիոս մեծ պատրաստութիւններ տեսաւ պարթեւներուն դէմ քալելու համար: Եւ քանի որ այս արշաւանքը պիտի կատարուէր Հայաստանի վրայով, իր ուղարկած դեսպանին միջոցով ան Արտաւազդին պարտադրեց մասնակցիլ պատերազմին:
=== Անտոնիոսի Արշաւանքը Պարթեւներու Դէմ եւ Հայաստան ===
36-ին հռոմէական 100 հազարնոց բանակը մտաւ Հայաստան, ուր անոր միացաւ հայոց թագաւորը միայն 6000 հեծեալ եւ 7000 հետեւակ զօրքերով: Կարնոյ գաւառէն ճամբայ ելած այս հսկայ բանակը կ'ուղղուէր դէպի հարաւ՝ նպատակ ունենալով նախ նուաճել պարթեւներուն դաշնակից Ատրպատականի թագաւորութիւնը: Տեսնելով որ բանակին ընկերացող պաշարողական մեքենաները կը դանդաղեցնեն անոր ընթացքը, Անտոնիոս երկու լեգէոններու վստահելով այդ գործիքներուն փոխադրութիւնը՝ որոշեց սրընթաց շարժիլ դէպի Ատրպատական ու նախքան աշուն գրաւել անոր Փրասպա մայրաքաղաքը: Այս վերջինը, սակայն, ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ: Շուտով մարերուն օգնութեան հասաւ պարթեւական բանակ Հրահատ Դ.ի գլխաւորութեամբ: Պարթեւական զօրքերուն մէկ մասը անցաւ հիւսիս, յարձակեցաւ հռոմէական երկու լեգէոններուն վրայ եւ հրկիզելով ոչնչացուց պաշարողական մեքենաները: Արտաւազդ Բ., որ ակամայ մասնակից էր այս պատերազմին, տեսնելով որ հռոմէական այս արշաւանքը եւս ձախողութեամբ պիտի վերջանար, իր փոքրաթիւ զօրքերով վերադարձաւ Հայաստան, որպէսզի աւելի չմխրճուէր կռիւներուն մէջ եւ իր երկիրը հեռու պահէր աւերումէ:
Ատրպատականի մայրաքաղաքին մօտ պարթեւական զօրքերու երեւումը նոր թափ տուաւ պատերազմական գործողութիւններուն: Մղուեցան բազմաթիւ ճակատամարտեր, որոնց ընթացքին հռոմէացիները հսկայական վնասներ կրեցին: Պարենաւորումի դժուարութիւնները, վրայ հասնող ցուրտը եւ հռոմէական բանակին ծանր կորուստները պատճառ եղան ի վերջոյ, որ Անտոնիոս նահանջի դիմէ:
Նահանջի ժամանակ եւս պարթեւները հանգիստ չտուին հռոմէական պարտուած զօրքերուն: Անոնք կրնկակոխ կը հետեւէին եւ ամէն յարմար առիթով կը յարձակէին Անտոնիոսի բարոյալքուած ուժերուն վրայ։ Հռոմէացիներու ճաշակած դառնութիւնները վերջ գտան, երբ անոնք Արաքս գետը անցնելով ոտք դրին Հայաստանի հողին վրայ։ Հայոց թագաւորը դիմաւորեց Անտոնիոսը եւ հռոմէական զօրքերուն տրամադրեց անհրաժեշտ սննդամթերքը: Հռոմէացի զօրավարը, առանց անդրադառնալու Արտաւազդ Բ.ի վարմունքին, բարեկամութիւն ցոյց տուաւ անոր մինչեւ որ իր զօրքերը ապահով դուրս հանեց Հայաստանէն:
Հայաստանէն հեռանալէ ետք Անտոնիոս իր ձախողութիւնը արդարացնելու համար քաւութեան նոխազ դարձուց հայոց թագաւորը, որ պատերազմէն քաշուելով իբր թէ դաւաճանած էր եւ պատճառ եղած իր պարտութեան: Հռոմէացի այս եռապետը, ինչպէս իր նախորդը՝ Կրասոս, իրաւունք չէր տար Հռոմի դաշնակից ու բարեկամ համարուած թագաւորին հոգալու իր երկրի ապահովութեան մասին: Ան պէտք է ստրկօրէն ծառայէր հռոմի ծրագիրներուն՝ ի հարկին զոհելով սեփական հայրենիքին շահերը: Մինչդեռ երկու պարագաներուն ալ Արտաւազդ Բ. շարժած էր ամէնէն առաջ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերէն թելադրուած:
=== Արտաւազդ Բ.ի Գերեվարութիւնը ===
Ուստի, Կղէոմատրայի, իր բարեկամներուն եւ մանաւանդ Հռոմի աչքին ինքզինք արդարացնելու եւ հեղինակութիւնը փրկելու համար Անտոնիոս փորձեց ամէն գնով ձեռք անցնել Արտաւազդը: Նախ իր մօտ հրաւիրեց զայն՝ պարթեւներուն դէմ ձեռնարկելիք նոր արշաւանքին մասին խորհրդակցելու: Արտաւազդ Բ. զգալով, որ ծուղակ է՝ չգնաց: Ապա, ան հայոց արքունիք խնամախօս ղրկեց՝ Արտաւազդի քրոջ ձեռքը խնդրելու Կղէոպատրայէն ունեցած իր տղուն համար, որ հազիւ վեց տարու էր։ Այս փորձն ալ ձախողելէ ետք, Անտոնիոս 34-ին բանակով յանկարծակի մտաւ Հայաստան, յառաջացաւ մինչեւ Արտաշատ ու կրկին Արտաւազդը իր մօտ հրաւիրեց: Հայոց թագաւորը, որ անակնկալի եկած էր ու պատրաստ չէր պատերազմի, իր երկիրը փրկելու համար բանակցելու գնաց Անտոնիոսի մօտ: Հռոմէացին նենգօրէն ձերբակալեց զայն: Ձերբակալուեցան նոյնպէս թագուհին եւ արքայազուն երկու իշխանները՝ Տիգրան եւ Արտաւազդ: Միայն գահաժառանգ իշխանը Արտաշէս յաջողեցաւ խոյս տալ եւ ազատիլ հայոց թագաւորական ընտանիքին դէմ լարուած այս թակարդէն:
Անտոնիոս ասկէ ետք Արտաւազդը հետը առած շրջագայեցաւ քաղաքէ քաղաք ու ամրոցէ ամրոց փրկագին գանձերու պատրուակով: Հայոց մեծամեծները այս անգամ խաղի չեկան ու ամուր փակեցին իրենց դուռները հռոմէացի նենգամիտ յափշտակիչին առջեւ: Աւելի'ն. անոնք համախմբուեցան արքայազն Արտաշէսի շուրջ եւ զայն հրջակեցին Հայաստանի թագաւոր: Փորձ մը եղաւ նոյնիսկ հռոմէացիներուն դէմ ճակատ յարդարելու, բայց ուժերու անբաւարարութեան պատճառով ըմբոստները պարտուեցան եւ Արտաշէս Բ. փախստական ապաստանեցաւ պարթեւներու թագաւորին մօտ:
Անտոնիոս անխնայ կողոպտեց երկիրը եւ Հայաստանէն հեռացաւ հետը տանելով հայոց թագաւորն ու թագուհին իրենց զաւակներով, ինչպէս նաեւ հսկայական աւար, որուն մաս կը կազմէին Եկեղեաց գաւառի Երիզա աւանին մեհեանին հարստութիւնները՝ Անահիտ աստուածուհիին ոսկեձոյլ արձանով: Ան Հայաստանը յայտարարած էր նուաճուած, անոր թագաւոր հռչակած էր իր վեցամեայ տղան՝ Աղեքսանդրը եւ երկրին մէջ ձգած էր հռոմէական գրաւող բանակ:
Ահա այսպիսի նենգ ու խաբեբայ միջոցներով է, որ հռոմէացի եռապետը կը ջանար ծածկել պարթեւներէն կրած պարտութիւնը: Աղեքսանդրիոյ մէջ, ուր վերադարձած էր ան իր արքայական գերիներով, Հռոմի օրինակով Անտոնիոս կազմակերպեց յաղթանակի շքերթ, որուն ընթացքին իր կողոպտած հարստութիւններուն եւ գերիներուն հետ ժողովուրդին պիտի ցուցադրէր Հայաստանի արքայից արքան իր ընտանիքի անդամներուն հետ: Արծաթապատ բեմին կեդրոնը ոսկեզօծ գահի վրայ բազմած էր Կղէոպատրա թագուհին, որուն ի պատիւ սարքուած էր այս հանդէսը: Բանտէն հանուած էր Արտաւազդ եւ իր արծաթեայ շղթաները փոխարինուած էին ոսկեայ շղթաներով: Ան կը քալէր շքերթին առջեւէն, թագուհիին եւ իր զաւակներուն հետ: Խոստացուած էր, որ եթէ խնդրանքի եւ մեծարանքի խօսքերով դիմեն Կղէոպատրային, ազատութիւն պիտի տրուի իրենց: Սակայն Արտաւազդ եւ իր ընտանիքը բեմին առջեւէն անցան թագաւորավայել հպարտութեամբ, առանց աղերսանքի խօսք արտասանելու եւ ոչ ալ գլուխ խոնարհեցնելու: Ինչ խօսք, որ ասիկա բազմահազար հանդիսատեսներուն վրայ ուժեղ տպաւորութիւն թողուց եւ, ինչպէս յոյն պատմիչը՝ Դիոն Կասիոս կը գրէ, «անոնք վեհամիտ անձերու համբաւ ստացան, բայց եւ նոյն այդ պատճառով անգութ վերաբերմունքի արժանացան»:
Այս դէպքերէն ետք Հռոմի եռապետներէն Օկտաւիանոսի եւ Անտոնիոսի յարաբերութիւնները հետզհետէ թշնամական դարձան: Անտոնիոս երկար ատենէ ի վեր կը գործէր ինքնագլուխ: Կղէոպատրայով տարուած՝ ան իր կապերը խզած էր Հռոմի հետ եւ Եգիպտոսն ու Աղեքսանդրիան դարձուցած կեդրոն իր հիմնելիք սեփական պետութեան: Արձակած էր նոյնպէս իր ամուսնացած Կղէոպատրայի հետ: Բախումը երկու անհաշտ եռապետներուն միջեւ այլեւս անխուսափելի էր։ 31-ին տեղի ունեցաւ նաւամարտ Յունաստանի Ակտիում քաղաքին մօտ: Օկտաւիանոս ջախջախիչ յաղթանակ տարաւ: Կղէոպատրա կռուի տաք միջոցին քաշուած էր եգիպտական նաւատորմով, իսկ Անտոնիոս հետեւեցաւ անոր Աղեքսանդրիա, ուր անձնասպան եղաւ։ Կղէոպատրա եւս, Օկտաւիանոսը հրապուրելու զուր փորձէ մը ետք, դիմեց նոյն միջոցին: Բայց ճակատագրական այդ քայլը առնելէ առաջ ան չմոռցաւ Արտաւազդը, զոր սպաննել տուաւ բանտին մէջ:
Անտոնիոսի եւ Կղէոպատրայի որդին՝ Հայաստանի թագաւոր նշանակուած մանկահասակ Աղեքսանդր Հայաստանը չտեսաւ: Արտաւազդ Բ.ի զաւակներուն հետ ան եւս տարուեցաւ Հռոմ՝ Օկտաւիանոսի յաղթահանդէսի ցուցադրուելու համար:
Այսպէս, եղերական վախճան մը կ'ունենար հայոց Արտաւազդ Բ. թագաւորը, որ Հայաստանի անկախութեան պահպանման համար ստիպուած էր տարուբերիլ Հռոմի եւ պարթեւներու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան միջեւ։ Հակառակ իր բոլոր ջանքերուն, ան չյաջողեցաւ Հայաստանը հեռու պահել հակամարտ երկու տէրութիւններուն մրցակցութենէն: Այսուհանդերձ, ազատութեան գաղափարը եւ անկախութեան ձգտումը ժողովուրդին հոգիին մէջ վար պահող հայ մեծ թագաւորներէն է ան, որ գերութեան մէջ իսկ եւ իր կեանքին գնով ոգեկան արիութիւնը ունեցաւ բարձր պահելու իր երկրին եւ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը:
== Արտաշիսեան Հարստութեան Անկումը ==
=== Արտաշէս Բ. ===
Հռոմի երկու եռապետներուն միջեւ բորբոքած պատերազմի ընթացքին, Արտաւազդ Բ.ի անդրանիկ որդին՝ Արտաշէս Բ. (30-20) պարթեւական օգնական զօրքերով եկաւ Հայաստան: Ան պարտութեան մատնեց նախ մարերը եւ գերի բռնեց անոնց թագաւորը, որ ներխուժած էր Հայաստան: Ապա ջախջախեց Հայաստանի մէջ մնացած հռոմէական զօրքերը եւ հաստատուեցաւ Հայաստանի գահին վրայ։ Անտոնիոսի նենգ վարմունքը եւ Արտաւազդ թագաւորին սպաննութիւնը հակա-հռոմէական ատելութիւնը սաստկացուցած էին: Հօր վրէժը լուծելու համար հայոց թագաւորը հրամայեց բնաջինջ ընել Հայաստանի մէջ գտնուող հռոմէացիները:
Հայաստան ազատագրուած էր եւ վերագտած իր անկախութիւնը: Արտաշէս Բ.ի գերիշխանութեան տակ ինկած էր նաեւ Ատրպատական: Ան դեռ ընդարձակ ու զօրաւոր պետութիւն էր եւ Արտաշէս Բ. իր կտրած դրամին վրայ ինքզինք կը կոչէ «մեծ թագաւոր»:
Հայոց թագաւորը փորձեց իր յարաբերութիւնները բարելաւել Հռոմի հետ եւ պատուիրակներ ղրկելով Օկտաւիանոսին՝ խնդրեց, որ Հայաստան ուղարկէ իր գերեվարուած եղբայրները: Օկտաւիանոս մերժեց՝ հռոմէացիներուն կոտորածը պատճառաբանելով: Հռոմի նոր տիրակալը այլ միջոցներով կ'ուզէր վերջ տալ Հայաստանի անկախութեան եւ ընկճել հայերու ըմբոստ ոգին, որ կը պոռթկար ամէն անգամ, երբ Կրասոսի եւ Անտոնիոսի օրինակով, Հռոմ դաւադրաբար կամ բիրտ միջոցներով կը փորձէր տիրել անոր: Հռոմէացի ժամանակակից բանաստեղծ Վիրգիլիոս «Ենէական»ի մէջ օտարի լուծին չենթարկուող Հայաստանին ակնարկելով պատկերաւոր ձեւով կ'ըսէ՝ «կամուրջներ չհանդուրժող Արաքս»ը:
Անտոնիոսին յաղթելէ ետք Օկտաւիանոս դարձած էր Հռոմի տէրն ու տիրականը՝ իր ձեռքերուն մէջ առնելով բանակն ու կառավարութեան ղեկը: -27-ին ծերակոյտը անոր շնորհեց Օգոստոս (սրբազան) տիտղոսը, որ այնուհետեւ դարձաւ իր անունը: Այս թուականէն սկսեալ վերջ կը գտնէին հանրապետական կարգերը, եւ Օգոստոսի միանձեայ իշխանութեամբ կը սկսէր կայսրութեան շրջանը Հռոմի համար:
Արեւելքի նուաճումին համար Օգոստոս մշակեց նոր ծրագիր: Պարթեւները եւ հայերը Հռոմին ենթարկելու համար, բացի զէնքի ուժէն, ան պիտի օգտագործէր նաեւ այլ միջոցներ: Անոնցմէ առաջինը՝ ձեռքի տակ ունենալ էր այդ երկիրներու արքայական ընտանիքին պատկանող անձեր, որոնք հռոմէական դաստիարակութիւն ստացած ըլլալով պիտի պարտադրուէին իրենց ժողովուրդներուն: Այս ձեւով օրինականութիւնը յարգուած կ'ըլլար եւ դրածոյ այդ թագաւորները հլու կամակատարները կը դառնային Հռոմի իրենց տէրերուն ձեռքը: Արեւելքի իրեն հպատակ երկիրներուն մէջ Հռոմ հինէն կը կիրարկէր արդէն այս քաղաքականութիւնը: Օգոստոս փորձեց զայն տարածել Հայաստանի եւ Պարթեւաստանի վրայ։ Այս նպատակին համար ան Հռոմի մէջ պատրաստ ունէր Արտաւազդ Բ.ի Տիգրան եւ Արտաւազդ որդիները: Շուտով նման թեկնածուներ ան ձեռք պիտի անցընէր նաեւ պարթեւներու գահին համար:
Իբրեւ երկրորդ միջոց հռոմէական թափանցումի, Օգոստոս՝ գործակալներու, դրամական կաշառքի եւ քարոզչութեան ճամբով աշխատեցաւ պառակտել հայ աւագանիին ներկայացուցիչները: Այսպէս, երկրին մէջ ստեղծուեցաւ հռոմէասէրներու խմբաւորում մը, զոր կը գլխաւորէին կարգ մը հայ մեծամեծներ եւ որոնք պատրաստ էին աջակցելու Հռոմի առաջադրած թեկնածուն գահ բարձրանալու համար: Հռոմէացիներուն տրամադրած լայն միջոցներով գործող այս խմբակցութեան հակադրուեցաւ պարթեւասէրներու հոսանքը: Այս ձեւով հայ աւագանին բաժնուեցաւ քաղաքական երկու հակադիր կողմերու: Հայոց թագաւորը եւ հայ իշխաններու մեծամասնութիւնը հակած էին աւելի պարթեւներու կողմը, որոնցմէ Հայաստանի անկախութեան դէմ վտանգ չէր սպառնար: Բացի ատկէ, դարաւոր դրացնութեամբ, ինչպէս նաեւ բարքերու, նիստ ու կացի, կրօնքի, քաղաքական ու զինուորական կազմակերպութեան նմանութեամբ՝ հայերը շատ մօտ էին պարթեւներուն:
Հռոմ-պարթեւական մրցակցութեան այս ոլորտին մէջ, Արտաշէս Բ. յաջողեցաւ իր գահակալութեան տասը տարիներուն պահպանել երկրին անկախութիւնը եւ զայն կառավարել խաղաղութեամբ: Կացութիւնը փոխուեցաւ, սակայն, 20 թուականին, երբ Օգոստոս կայսր Արեւելք եկաւ մեծ բանակով: Նախ պատերազմի սպառնալիքով պարտադրեց, որ պարթեւները վերադարձնեն 24 տարի առաջ Կրասոսի պարտութեան ժամանակ հռոմէացիներէն գրաւուած դրօշակներն ու գերիները: Ապա, իբր թէ ընդառաջելով հայ մեծամեծներու պահանջին, իր որդեգիր Տիբերիոսը զօրքով ճամբայ հանեց դէպի Հայաստան՝ Արտաշէս Բ.ը գահընկէց ընելու եւ տեղը բազմեցներու անոր կրտսեր եղբայրը՝ Տիգրան, որ 11 տարիէ ի վեր պատանդ կը պահուէր Հռոմի մէջ։ Բայց հռոմէական բանակը Հայաստան չհասած՝ Արտաշատի մէջ հռոմէասէր կուսակցութեան կողմէ դաւադրութեամբ սպաննուեցաւ Արտաշէս Բ.: Տիբերիոս առանց դժուարութեան մուտք գործեց հայոց մայրաքաղաքը եւ հանդիսաւոր կերպով թագադրեց Տիգրան Գ.ը:
=== Արտաշիսեան վերջին թագաւորներ ===
Արտաշէս Բ.ի մահէն ետք Հայաստանի քաղաքական կացութիւնը չափազանց անկայուն դարձաւ եւ թագաւորական տոհմին սպառումով վերջ գտաւ Արտաշիսեան հարստութիւնը:
Արտաշէս Բ.ի սպաննութիւնը եւ Տիգրան Գ.ի (20-8) գահակալութիւնը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ Հռոմի մէջ։ Օգոստոս առանց պատերազմի յաջողած էր Հռոմի գերիշխանութեան տակ առնել Հայաստանի նման մեծ երկրի մը թագաւորութիւնը: Ատրպատականը եւս անջատելով Հայաստանէն՝ կայսրը վերականգնած էր մարական թագաւորութիւնը, որուն գահը յանձնած էր նոյնպէս հռոմէական դաստիարակութիւն ստացած Արիոբարզան թագաւորին: Մեծ յաղթանակ համարելով այս բոլորը՝ Հռոմի մէջ հատած էին յատուկ դրամներ «Հայաստանի նուաճուած» եւ «Հայաստան վերանուաճուած» գրութիւններով:
Տիգրան Գ.ի եւ իր գործերուն մասին մասնաւոր տեղեկութիւն հասած չէ: Իրեն յաջորդեց որդին Տիգրան Դ.՝ իր քրոջ՝ Էրատոյի հետ: Այս յաջորդութիւնը տեղի ունեցած է առանց Հռոմի հաւանութիւնը առնելու եւ իր դրամներուն վրայ Տիգրան Դ. ինքզինք կը կոչէ «արքայից արքայ» ի նշան Հայաստանի անկախութեան: Արդարեւ ան Հռոմէն անկախ քաղաքականութիւն կը վարէր եւ իր կապերը սերտացուցած էր պարթեւներուն հետ: Օգոստոս չհանդուրժեց այս փոփոխութիւնը. զօրք ուղարկեց Հայաստան եւ Տիգրան Դ.ն ու Էրատոն հեռացնելով՝ գահը յանձնեց Արտաշէս Բ.ի միւս եղբօր՝ Արտաւազդին (5-2), որ 25 տարիէ ի վեր պատանդ կը մնար Հռոմ: Արտաւազդ Գ.ի իշխանութիւնը եւս երկար չտեւեց: Հայերը դարձեալ ապստամբեցան եւ երկրէն վտարելով Արտաւազդ Գ.ն եւ զայն պաշտպանող հռոմէական զօրքերը՝ երկրորդ անգամ գահ բարձրացուցին Տիգրան Դ.ն ու Էրատոն: Սակայն քանի մը տարի ետք, հիւսիսէն ներխուժած լեռնականներուն դէմ պատերազմի մը ընթացքին Տիգրան Դ. կը սպաննուի: Ասոր վրայ Էրատօ թագուհին կը հրաժարի գահէն:
Այսպէս, Քրիստոսի 1 թուականին վերջ կը գտնէ Արտաշիսեան հարստութիւնը, որ տեւեց շուրջ 200 տարի եւ Հայաստանին տուաւ Արտաշէս Ա.ի, Մեծն Տիգրանի եւ Արտաւազդ Բ.ի նման լուսամիտ եւ մեծ գահակալներ: Այս հարստութեան օրով Հայաստան մեծապէս ընդարձակուելով ու հզօրանալով՝ մուտք գործեց միջազգային քաղաքական բեմէն ներս: Ստեղծուեցաւ շէն ու բարգաւաճ Հայաստան, ուր բարձր զարգացման հասան հայկական քաղաքակրթութիւնն ու մշակոյթը, հայոց լեզուն եւ ազգային գիտակցութիւնը:
== Աղբիւրներ ==
Հայոց Պատմութիւն, Երուանդ Փամպուքեան (Վլադիմիր Բարխուդարեան), Է. Կարգերու, Պէյրութ, 1998 |
20,422 | Նորայր Մանճեան | Տոքթոր Նորայր Մանճեան ծնած է 1951-ին, Լաթաքիա: Քլինիքական Կենսաքիմիագիտութեան եւ Կենսագիտութեան տոքթոր: Թարգմանիչ, մամուլի աշխատակից, «Քաջաց Մատեան» հատորի հեղինակ, գեղանկարիչ, հասարակական գործիչ:
== Կենսագրութիւն ==
Տոքթոր Նորայր Մանճեան ծնած է 1951-ին, Լաթաքիա, Սուրիա: Արմատներով մուսալեռցի են: Ծնողքը Մուսա լեռան Վագըֆ գիւղէն եղած են. հայրը՝ Թովմաս Փանոս Մանճեան (1907-1979), մայրը՝ Զարուհի Ծաղիկ Գատիեան (1914-1993):
Մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարան յաճախած է Լաթաքիոյ Ս. Յակոբեանց Ազգ. Վարժարանը եւ զայն աւարտած 1963 ին: Այդ տարիներուն, վարժարանի տնօրէնն էր Արամ Սարգիսեանը, իսկ մանկապարտէզպանուհին՝ տիրամայր Սիրվարդ Փոլատեան Սարգիսեանը: Գծագրութեան ուսուցիչը եղած է Վահէ Արամ Սարգիսեան, ներկայիս Մ. Նահանգներու մէջ՝ գիտնական: Հայոց պատմութեան ուսուցիչն էր Յարութիւն Նաճարեան, գրող Ձորեցին եւ վարպետ գծագրիչ: Հայոց լեզու եւ գրականութեան ուսուցիչն էր գրող Յակոբ Սահակեանը: Անգլերէն լեզուի ուսուցիչն էր Միսակ Ջուլֆայեանը:
Միջնակարգ ուսումը ստացած է եւ աւարտած Լաթաքիոյ «Օրթոտոքս Քըլլիէ»ի մէջ, 1966-ին: 1966ին, երկրոդական ուսումը ստացած նահատակ Ժուլ Ժամալ անուան վարժարանին մէջ, Լաթաքիա:
Տոքթոր Նորայր Մանճեանի կինը Երեւան ծնած եւ բժշկական գիտութիւններու Տօքթոր Սօսի Հրաչիկի Գյոկչեանն է, որ աւարտած է Երեւանի Պետական Բժշկական Հիմնարկը որպէս INTERNIST: Տօքթոր Սօսի Հրաչիկի Գյոկչեան ունի գիտական տասնեակ յօդուածներ եւ 2003 ին հրատարակած է «Առողջ Ապրելակերպ» գիրքը, 3 բաժին ԿԷՏԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ-Բուսաբուժութիւն-Եօկա:
== Բարձրագոյն Ուսում ==
Տոքթոր Նորայր Մանճեան աւարտած է Դամասկոսի համալսարանը Կենսաքիմիագիտութեան լիսանսով, 1979-ին, որմէ ետք աւարտած է Երեւանի Պետական Բժշկական հիմնարկը՝ քլինիքական կենսաքիմիագիտութեան մագիստրոս վկայականով, 1984 ին, իսկ կենսագիտութեան տոքթորականը ստացած է Երեւանի Պետական Համալսարանէն, 1987ին :
Գիտական աշխատանքները կատարած է Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան Լ.Ա. Յովհաննիսեանի Անուան Սրտաբանական Հիմնարկի Տարրալուծարաններուն մէջ, Փրոֆ. Նուպար Լ. Ասլանեանի ղեկավարութեամբ:
1987 էն ի վեր կը գործէ իր տարրալուծարանի մէջ, Սուրիա-Լաթաքիա:
== Ուսուցչական Ասպարէզ- Դամասկոս ==
Ուսուցչութեամբ զբաղած է համալսարանի տարիներուն, երբ կը դասաւանդէր Դամասկոսի Ազգ, Զաւարեան Վարժարանին մէջ, որ հիմնուած է 1951-ին, Պապ Թումա՝ նախակրթարանի 5րդ եւ 6րդ դասարանի աշակերտներուն դասաւանդելով գիտութիւն: Նոյն ժամանակ, հայոց լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէին ներկայիս բժիշկներ տոքթ. Մանուէլ Իսկենտերեան եւ տոքթ. Սարգիս Գազանճեան, իսկ անգլերէն կը դասաւանդէր Եփրաքսէ Լիզ Ներսէսեանը: Այն տարիներուն, վարժարանի փոխ արտօնատէրն էր Դամասկոսի թեմի ազգային իշխանութեան անդամ երեսփոխան Նիկողոս Պոյաճեանը, իսկ Դամասկոսի թեմի առաջնորդն էր Գերշ. Ոսկան Արք. Գալփաքեանը:
1979 ին Դամասկոսի Ազգ. Զաւարեան Վարժարանի աշակերտութիւնը միացաւ Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ Վարժարանին:
== Մամուլի աշխատակից ==
Արաբերէն եւ հայերէնով ունի տասնեակ ազգային, մշակութային, հոգեւոր նիւթերու շուրջ յօդուածներ «Ազդակ»ի արաբերէն բաժնին , «Զարթօնք»ի, «Արարատ»ի եւ «Գանձասար»ի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ելեկտրոնային հարթակներու վրայ:
== Թարգմանութիւններ ==
Արաբերէնի թարգմանած է «Առողջ Ապրելակերպ» գիրքը՝ 3 բաժին ԿԷՏԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ-Բուսաբուժութիւն-Եօկա, որ հրապարակուած է Դամասկոսի յայտնի մաթեմաթիկոս դոկտոր Ալ Ամրանի مجلة الخيال العلمي մէջ, հետեւեալ հրատարակութիւններով՝ 2009 Յուլիս_թիւ12, 2011 Յունիս Թիւ35, 2011 Հոկտեմբեր թիւ39:
== Հրատարակութիւններ եւ Գիտական Յօդուածներ ==
Տոքթոր Նորայր Մանճեան իր բանաստեղծութիւնները հրատարակուած են 2013-ին, «ՔԱՋԱՑ ՄԱՏԵԱՆ» խորագրով գիրքին մէջ, Հալէպ, Սուրիա, ԳԱՆՁԱՍԱՐ Շաբաթաթերթի տպարան: Բանաստեղծութիւնները հրատարակուած են նաեւ մամուլի հարթակներու վրայ:Ունի տպագրուած աւելի քան հարիւր գիտական յօդուած, որոնք լոյս տեսած են Հայաստանի Առողջապահութեան հանդէսին, ինչպէս նաեւ` Ռուսական «Медтехника» եւ ամերիկեան Chronobiology գիտական հանդէսներուն մէջ:
Տասնեակ գիտական յօդուածներ հրատարակուած են Սուրիական Մշակութային նախարարութեան հանդէսին մէջ՝ « Ալ Խայալ Ալ Իլմի», Ինչպէս նաեւ՝ Դամասկոսի Համալսարանի «Ատան Իլմի» հանդէսին մէջ:
== Ազգային Գործունէութիւն Լաթաքիոյ Համայնք ==
Որպէս Լաթաքիոյ հայ համայնքի զաւակ ազգանուէր գործունէութիւն տարած է որպէս ատենադպիր 11 տարիներ շարունակ: Եղած է Լաթաքիոյ Հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենադպիր: Այդ ժամանակարջանին, վերանորոգուած է հնադարեան եկեղեցին եւ Ս. Յակոբեանց Վարժարանը, որուն կամարներուն վրայ կառուցուեցաւ երեք յարկանի արդիական միջնակարգ դպրոցը: Այդ շինարարութեան մասին մանրամասն գրած է տասնեակ յօդուածներ Հալէպի «Գանձասար» Շաբաթաթերթին մէջ:
Յիշեալ ծրագրի իրականացման ասպետական ներդրումը ունի Լաթաքիոյ փոխ նահանգապետ եւ թաղականութեան ատենապետ երկրաչափ Պօղոս Ղազարեան եւ շրջանի երեփոխան Երջանիկ Կարպուշեան: Շինարարական աշխատանքին անձամբ հետեւած է Բերիոյ թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Սուրէն Ս.Արք. Գաթարոյեանը: Վերանորոգութեան աշխատանքին հետեւած էր եւ տեսած եկեղեցւոյ վերանորոգումը Տ. Դանիէլ Ա. Քհնյ.Գէորգեանը՝ նախքան իր վախճանումը Օգոստոս 1998-ին, դպրոցի շինութեան աւարտէն առաջ: Դպրոցի շինութեան հետեւած է նաեւ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ հաստատութեան հայկական բաժնի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանը:
== Գծագրութեան եւ Գեղագրութեան Արուեստ ==
Տոքթոր Նորայր Մանճեան կը տիրապետէ Գծագրութեան եւ Գեղագրութեան հայկական եւ արաբական տառերու Ձեռագրութեան: Ունի բազմաթիւ գեղանկարչական գործեր:
Պետական Երկրորդական ուսումնական տարիներուն իր գծագրութեան ուսուցիչ եղած է գրող, վիպագիր վարպետ գեղանկարիչ Զաքարիա Շրէքի: Անդամակցած է դպրոցի Գծագրութեան եւ Գեղագրութեան Խումբին:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
كتاب (تاريخ تشورك مارزبان – ديرت يول في كيليكيا) الدكتور نوراير مانجيان
حضارة كاراباخ (أرتساخ) (الجزء الأول) كاراباخ … حصن الأرمن. الدكتور نوراير مانجيان
العالمان الأرمنيان في الفيزياء النووية أبراهام وأرديم أليخانيان من علماء القرن العشرين
العالم والأكاديمي الأرميني نوراير سيساكيان (عالم من القرن العشرين)
أبحاث ودراسات حديثة في أرمينيا في مجال المعالجة المرتبطة بالزمن قراءة الكتابات المشفرة للنابغة ليوناردو دافنشي تقوم بها رسامة أرمنية
قراءة الكتابات المشفرة للنابغة ليوناردو دافنشي تقوم بها رسامة أرمنية |
178 | 14 Յունուար | 14 Յունուար, տարուան 14-րդ (նահանջ տարուան 14-րդ) օրն է։
13 Յունուար 14 Յունուար 15 Յունուար
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
1973, Արթուր Այվազեան, Ուքրանիոյ մէջ բնակող հայ հրաձիգ, որ հանդէս կու գայ փոքր տրամաչափի եւ օդամղիչ հրացաններու հրաձգութեամբ։
== Մահեր ==
1980, Գրիգոր Քէշիշեան, հայ արձակագիր, թարգմանիչ, իսկ 1946-էն՝ ԽՍՀՄ Գրողներու Միութեան անդամ (ծն.՝ 1921)։
1898, Լուիս Քերըլ (անգլերէն՝ Lewis Carroll), անգլիացի գրող, մաթեմատիկոս, փիլիսոփայ եւ լուսանկարիչ (ծն.՝ 1832)։
== Տօներ == |
1,903 | Լեւոն Ասմարեան | Լեւոն Աշոտի Ասմարեան (3 Հոկտեմբեր 1922-18 Մարտ 1993, թաղուած է Արմաւիր գիւղին մէջ), հայ գրականագէտ: Բանասիրական գիտութիւններու մասնագէտ (1984):
== Կենսագրութիւն ==
Լեւոն Ասմարեան, ծնած է 1922-ին ՀՀ Արմաւիրի մարզի Արմաւիր գիւղին մէջ։ 1945-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը: 1959-էն սկսեալ եղած է ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատող:
Ասմարեանի ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին հայ գրականութեան նոր եւ նորագոյն շրջանին:
«Հայ նոր գրականութեան պատմութիւն» բազմահատորեակի հեղինակներէն է:
== Պարգեւներ ==
ՀԽՍՀ պետական մրցանակ, 1980
== Երկեր ==
Վահան Թէքէեան, Երեւան: ՀԽՍՀ «Գիտելիք» ընկերութիւն, 1978:
Վահան Թէքէեան: Կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը, Երեւան: ՀՀ ԳԱ հրատ., 1971:
Աւետիք Իսահակեան, Երեւան: Գիտելիք, 1975:
Մաշտոցէն մինչեւ Նարեկացի, Ղազինեան, Արշալոյս Աբելի; Ասմարեան, Լեւոն Աշոտի, Երեւան: Գիտելիք, 1988:
Յովհաննէս Յովհաննիսեան: [Կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը], Երեւան: ՀԽՍՌ ԳԱ հրատ., 1963:
Ակնարկներ հայ գրականութեան պատմութեւան: Մանուկեան, Սարիբեկ Արմենակի, Ասմարեան, Լեւոն Աշոտի, Գամաղելեան, Տիգրան Միհրանի: Երեւան : Լոյս, 1984:
Հայ-ռուսական գրական փոխառնչութիւնները, Մադոեան, Արշակ Գեւորգի, հայագէտ; Ասմարեան, Լեւոն Աշոտի, Երեւան: Ա. հ, 1985:
Հայ գրական քննադատութիւնը XIX դարու 70-80-ական թուականներուն, Երեւան: ՀԽՍՀ ԳԱ հրատ., 1979:
Երկու զրոյց: [Բանաստեղծ.], Ասմարեան, Լեւոն Աշոտի; Յովհաննէս, Շաւարշ, Երեւան: Հայպետհրատ, 1946:
Երկերու լիակատար ժողովածու: 3 հ, Վարուժան, Դանիէլ; Միրզաբեկեան, Ջ.Մ; Վարժապետեան, Ի.Դ. Ասմարեան, Լեւոն Աշոտի, Դաւիթեան, Վահագն Արմենակի, Շարուրեան, Ալպերթ Սրապիոնի, Ջրբաշեան, Էտուարտ Մկրտիչի, Երեւան: ԳԱԱ հրատ., 1986:
Գաբրիէլ Սունդուկեան : Կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը, Ասմարեան, Լեւոն Աշոտի, Կիրակոսեան, Վ.Ա, Շտիկեան, Ս.Ա, Սարինեան, Սերգէյ Ներսեսի, Երեւան: ՀԽՍՀ ԳԱ հրատ., 1980:
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,857 | Դաւիթ Յակոբեան | Դաւիթ Յակոբեան (1 Յունուար, 1950, Բերդ - 29 Սեպտեմբեր, 2014, Երեւան), հայ քաղաքական գործիչ։
1966 թ. աւարտած է Բերդի միջնակարգ դպրոցը։ 1973 թ. աւարտած է Մխիթար հերացու անուան Երեւանի պետական բժշկական հիմնարկը՝ բժիշկ-թերապևտի մասնագիտութեամբ։ 1973-1976 թուականներուն աշխատած է ՀԽՍՀ Առողջապահութեան մինիստրութեանն առընթեր 4-րդ վարչութիւնին որպէս բժիշկ-օրդինատոր։ 1976-1978 թթ. ծառայած է Խորհրդային բանակին մէջ։
1997 թուականին հիմնադրած եւ մինչեւ մահ գլխաւորած է Հայաստանի Մարքսիստական կուսակցութիւնը։ 1978 թուականէն աշխատած է Երեւանի թիւ 12 դարմանատուն՝ թերապևտիկ բաժնի վարիչ։
Վերջին անգամ ընտրութիւններուն մասնակցած է 2012 թուականին՝ անդամագրուելով պատգամաւորութեան մեծամասնական թեկնածու, 41-րդ ընտրատարածքին մէջ։ Ընտրութիւններու արդիւնքին հաւաքած է 2372 ձայն և զբաղած է վերջին՝ չորրորդ, տեղը։
2007 թուականի ՀՀ Ազգային ժողովի 4-րդ գումարման ընտրութիւններու ժամանակ, Յակոբեանը առաջադրուած էր կրկին 41-րդ ընտրատարածքին մէջ։ Անոր միակ մրցակիցը Յակոբ Յակոբեանն էր։ Ընտրութեան արդիւնքներով Դաւիթ Յակոբեանը հաւաքած էր 7 638 ձայն, իսկ անոր մրցակիցը՝ 21 553։
2014 թուականի Մարտին Յակոբեանը սրտի կաթուած ունեցաւ եւ համապատասխան բուժում ստացաւ Ակադեմիկոս Լ. Յովհաննիսեանի անուան Սրտաբանութեան գիտահետազոտական հիմնրակին մէջ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,491 | Ալի պին ալ-Հուսէյն | Ալի պին ալ–Հուսէյն (23 Դեկտեմբեր 1975(1975-12-23), Ամման, Յորդանան), Յորդանանի թագաւոր Հուսէյն Ա. Իպն Թալալի երրորդ որդին եւ անոր երրորդ կնոջ՝ թագուհի Ալիայի երկրորդ երեխան։ 6 Յունուար 2011-էն ՖԻՖԱ-ի անդամ եւ Ասիոյ ֆութպոլի դաշնութեան փոխնախագահն է։
Յունուար 2015-ին յայտարարուած է, որ արքայազն Ալին Զեպպ Պլաթէրի թեկնածու է այդ տարուայ Մայիսին կայանալիք ՖԻՖԱ–յի նախագահի հերթական ընտրութիւններուն։
== Անձնական կեանք ==
Թագաժառանգ Ալին կրթութիւնը սկսած է Ամմանի Իսլամական ուսումնական քոլէժին մէջ։ Կրթութիւնը շարունակած է Մեծ Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր յաջողութիւն ունեցած է մարզանքի, յատկապէս՝ ըմբշամարտի մէջ։
23 Ապրիլ 2004–ին թագաժառանգ Ալի ամուսնացած է CNN–ի նախկին լրագրող Ռիմ Պրախիմիի հետ, ով դիւանագէտ, Աֆղանստանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան յատուկ ներկայացուցիչ Լախդար Պրախիմիի դուստրն է։ Ամուսնութիւնը հրապարակայնօրէն նշուած է 7 Սեպտեմբեր 2004–ին։ Անոնք ունին երկու զաւակ․ իշխանուհի Ճալիլա (ծնած է 16 Սեպտեմբեր 2005–ին) եւ իշխան Ապտուլա (ծնած է 19 Մարտ 2007–ին)։
== Պարգեւներ ==
Ալ–Հուսէյն Պին Ալիի Մեծ ժապաւէնի շքանշան
Վերածնունդ բարձրագոյն շքանշանի ասպետ
Յորդանանի Աստղ շքանշանի Մեծ ժապաւէն
Պատուաւոր լեգէոնի (Ֆրանսա) շքանշան
Ծագող արեւի շքանշան (Ճափոն)
Թագաւորական Վիքթորեան շքանշանի հրամանատար–ասպետ (Մեծ Բրիտանիա)
«Աւստրիական հանրապետութեան առաջ ծառայութիւններու» համար առաջին աստիճանի Մեծ խաչի պատուաւոր նշան
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Official Website
Official Biography
We Are Asia: Taking Our Place
The West Asian Football Federation
The Jordan Football Association
Fédération Internationale de Football Association (FIFA)
The Asian Football Confederation (AFC)
The Royal Film Commission
His Majesty King Abdullah II — Official Website |
17,468 | Մանստեւի վանք | Մանստեւի վանք կը գտնուի Թեղուտ գիւղէն 3 քմ հիւսիս-արեւելք (Գուլաբի կոչուող սարի ստորոտը), նոյնանուն` Մանստեւ գետակի աջափնեայ անտառապատ մասը, Ձորիգեղ կոչուող հին բնակավայրի հետ կապուեր է Մանստեւ գետակի վրայ կառուցուած քարէ կամուրջով:
Վանքէն պահպանուեր են եկեղեցին, կացարաններու եւ պարիսպի պատերու մնացորդները: Եկեղեցին երկլանջ կտուրով միանաւ թաղակապ դահլիճ է` 5.6 x 4.8 մ չափերով, արեւելեան մասին մէջ կ'աւարտի կիսաշրջանաձեւ խորանով, որուն երկու կողմերուն կան ¾ շրջանաձեւ կտրուածքի պատուհաններ: Վերջիններս կապուած են խորանի անկիւնային մասերու լիցքէն ազատ գլանաձեւ տարածութիւններու հետ: Մուտքերը երեքն են՝ հիւսիսային, հարաւային եւ արեւմտեան կողմերէն: Ծածկուած է կիսագլանաձեւ թաղով, որ միջին մասը ուժեղացուած է ուղղանկիւն կտրուածքի որմնամոյթերէն բարձրացող թաղակիր կամարով: Հարաւային եւ Հիւսիսային պատերու երկարութեամբ կատարուած են որմնակամարներ (4-ական), որոնց կրունկները կը հենուին պահունակ-սիւներու վրայ (բացի միջին մասէն, ուր հենարան կը ծառայեն որմնամոյթերը կամ որմնաթուղթերը): Արտաքին տեսքը աչքի կ'իյնայ վերասլաց ճակտոնապատերը, որոնց գագաթին, որպէս պահպանիչ խորհրդանշաններ, եղեր են խոյի գլուխ պատկերող քանդակներ: Երեսապատի եւ ձեւաւոր մասերու քարերը, ինչպէս նաեւ ծածկասալերը ամբողջութեամբ հանուած են: Հատուկենտ պահպանուածներէն կ'երեւի, որ կառուցուած է եղեր սրբատաշ խոշոր բազալտէ քարերով: Ունեցեր է մեծ բարձրութեան գոգաւոր տրամատի քիւ: Ներսի մասերը կոպտատաշ մանր բազալտէ քարերով են: Առաստաղի վրայ նկատելի են գաճաքարի մնացորդներ: Հիւսիսային ճակատի ողջ երկարութեամբ եղեր է կցակառոյց սրահ (մօտ 3 մ լայնութեամբ), որմէ պահպանուեր է միայն ստորին մասը:
Յուշարձանը աչքի կ'իյնայ քարի մշակման եւ կառուցողական բարձր յատկանիշներով, երկայնական պատերու որմնակամարներու իւրօրինակ հնարքով:
Մանստեւի վանքի վերաբերեալ պատմական տեղեկութիւններ կամ գրաւոր յիշատակութիւններ յայտնի չեն: Եկեղեցին կառուցման ոճով հարազատ է քաղկեդոնական դաւանանքի եկեղեցիներուն, որ հիմք կու տայ այն թուագրելու 13-րդ դարով:
Կամուրջը 17-րդ դարուն կառուցուած է Մանստեւ գետակի վրայ, դէպի Ձորագիւղ հին բնակավայրը տանող ճանապարհին, նեղ ու ժայռեղէն ափեր ունեցող նպաստաւոր տեղի մէջ։ Միաթռիչք է, ունի 6 մ լայնութեամբ կիսաշրջան կամարային բացուածք, ոու կեդրոնը զգալիօրէն բարձր է հենման կետերէն: Վերջիններուն վրայ կամարի կրունկները կը նստին ուղղաձիգ պատերու շնորհիւ: Երթեւեկելի մասը հողածածկ է՝ 3 մ լայնութեամբ: Կամուրջը կառուցուած է սրբատաշ բազալտէ ոչ խոշոր (30-35 սմ) քարերով: Վրան արձանագրութիւններ կամ յարդարանքի տարրեր չկան: Աչքի կ'իյնայ տեղերու հետ ունեցած բարենպաստ կապով, կառուցողական բարձր յատկանիշներով:
Հարաւ-արեւելեան մասին մէջ կը տարածուի հին գերեզմանոց, ուր աչքի կ'իյնայ Վարդան Զօրավար կոչուած խաչքարը:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
Գառնիկ Շախկեան, «Լոռի Պատմութեան քարակերտ էջերը», էջ 128-129:
Վ. Աւետեան, Կիկլոպեան ամրոցներ Շնողի տարածք, «Լրաբեր հաս. գիտ.», 1979 № 6, էջ 112-114:
Գ. Երզնկեանց, Հնութիւնք հայրենեաց, Կայծոն կամ Շնող, «Արձագանք», 1895, № 30, էջ 2:
== Արտաքին յղումներ == |
4,666 | Շաւարշ Միսաքեան | Շաւարշ Միսաքեան (աւազանի անունը՝ Եղիազար, 1884, Սեբաստիոյ նահանգ, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն - 26 Յունուար 1957(1957-01-26), Նէյի-սիւր-Սեն, Սենա), հայ հրապարակագիր, ազգային-քաղաքական գործիչ։
== Կենսագրութիւն ==
Շաւարշ Միսաքեան ծնած է Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղին մէջ։ Վեց տարեկանին ընտանիքը կը փոխադրուի Պոլիս, ուր Շաւարշ կը յաճախէ, յաջորդաբար, Գումգափուի Մայր Վարժարանը, Կալաթայի Կեդրոնականը եւ Կէտիկ Փաշայի Կարկուրեան դպրոցը։ Տասնվեց տարեկանին մուտք կը գործէ հրապարակագրութեան ասպարէզ՝ «Սուրհանդակ» թերթի խմբագրութեամբ։
Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական ինքնահաստատումը կը սկսի 1908-ին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ կը ձեռնարկէ Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։
1900ական թուականներուն, հրատարակած ու տարածած է յեղափոխական գրականութիւն, աշխատակցելով «Դրօշակ»ին եւ «Ռազմիկ»ին։ 1907ին մտած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը։ Օսմանեան Սահմանադրութեան վերականգնումէն ետք, հիմնած է «Արծիւ» գրատունը, որ նաեւ հրատարակչական դեր ունեցած է ։
1911-1912-ին ստանձնած է Կարնոյ հռչակաւոր «Յառաջ» թերթի խմբագրութիւնը։ իսկ այնուհետեւ վերադարձած է 1913-ին Պոլիս մաս կազմելու համար Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրութեան։ Խոյս տալով Ապրիլ 24ի ձերբակալութիւններէն, մօտ տարի մը ապրած է թաքստոցներու մէջ, ազատութեան մէջ գտնուող խումբ մը շարքայիններ գլխաւորելով, որպէս կուսակցական մարմին։ Արժէքաւոր տեղեկութիւններ եւ յօդուածներ հայթայթած է Սոֆիայի «Հայաստան» թերթին՝ ընթացող ճնշումներուն, աքսորներուն եւ ջարդերուն մասին։ Օսմանեան իշխանութիւնները, չկարենալով զինք գտնել, հայրը աքսորած են Գոնիա, բայց ան յաջողած է փախչիլ։
Շ. Միսաքեան պուլկարացի լրտեսի մը դաւաճանութեամբ ձերբակալուած է 26 Մարտ 1916ին, երբ փորձած է Պոլիսէն հեռանալ ու Պուլկարիա ապաստանիլ։ Բանտարկուած ու տանջանքներու ենթարկուած է։ Փորձած է փախչիլ՝ բանտի երրորդ յարկէն վար նետուելով, բայց ոտքը կոտրած ու բռնուած է։ Մահուան դատապարտուելով, մահավճիռը փոխարինուած է հինգ տարուան բանտարկութեամբ։ Բանտին մէջ մնացած է մինչեւ 17 Նոյեմբեր 1918, երբ ազատ արձակուած է Մուտրոսի զինադադարէն ետք (30 Հոկտեմբեր 1918):
1925-ին հիմնած է Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը, որուն հրատարակիչն ու վարիչ խմբագիրը մնացած է մինչեւ մահը։ Շաւարշ Միսաքեան «Յառաջ»-ի կողքին նաեւ մաս կը կազմէ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան ու կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատու պաշտօն կը վարէ՝ իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ապա Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ։
1943-ին, ազգային «Յառաջ» վարժարանի հիմնումէն ետք, անմիջապէս հիմը կը դրուի «Յառաջ» Պատանեկան միութեան, ԼԵՄ-ի «Շ.Միսաքեան» մասնաճիւղին՝ իբրեւ շարունակութիւն Մուսա Լերան պատանեկան միութեան։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին Յղումներ ==
Շաւարշ Միսաքեանի Պատմութիւնը 1884 Թ. Սեբաստիա։ |
22,261 | Իվան Պունին | Իվան Պունին (ռուս.՝ Ива́н Алексе́евич Бу́нин, 22 Հոկտեմբեր 1870(1870-10-22), Վորոնեժ, Ռուսական Կայսրութիւն - 8 Նոյեմբեր 1953(1953-11-08)[…], Փարիզի 16-րդ շրջան, Ֆրանսա), ռուս արձակագիր, բանաստեղծ, Փեթերսպուրկի Գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր՝ գրականութեան գծով (1933)։
== Կեանք եւ գործունէութիւն ==
Ծնած է Վորոնեժ, որ ռուսական գաւառի գլխաւոր կեդրոն էր։ Ան ունեցած է երջանիկ մանկութիւն։ Շրջապատուած է խելացի եւ բարի մարդոցմով։ Անոր տնային առաջին ուսուցիչը եղած է Ռոմաշքովը։ Այնուհետեւ Պունինին հոգեբանութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ հասարակական գիտութիւններ սորվեցուցած է իր աւագ քոյրը՝ Եուլիան։
=== Աշխատութիւններ ===
1891-ին Օրիոլի մէջ լոյս տեսած է իր երախայրիքը՝ «Բանաստեղծութիւններ» ժողովածուն, ապա՝ «Բաց երկնքի ներքոյ» (1898) եւ պուշկինեան մրցանակի արժանացած «Տերեւաթափ» (1901) ժողովածուները, որոնք կը յատկանշուէին բանաստեղծական դասական ձեւերու կատարելագործման որոնումներով եւ գիւտերով։
1899-ին ծանօթացած է Մաքսիմ Գորկիի հետ եւ գործակիցներ դարձած են երկար տարիներ։
Պուինինի հռչակը առաւել տարածուած է անոր «Գիւղը» (1910) վիպակուվ, ուր պատկերուած է Ռուսաստանի գիւղացիութեան վիճակը։
Թշնամաբար դիրքորոշուելուն հետեւանքով՝ 1917-ին ռուս պոլշեւիկներու կատարած Հոկտեմբերեան յեղաշրջումին դէմ, ան երկու տարի Մոսկուայէն հեռու եւ գիւղական շրջաններու մէջ ապրելէ ետք, 1920-ին խորհրդայիններու կողմէ վտարուած է Ֆրանսա, ուրմ մնացած եւ ստեղծագործած է աւելի քան 30 տարի, մինչեւ իր մահը՝ 1953։
Վտարանդի կեանքի այդ տասնամեակներուն արգասիքը եղած են․
«Միտիայի սէրը» (1925),
«Կոռնետ Էլագինի գործը» (1927),
«Արսէնեւի կեանքը» (1930) եւ բազում այլ ստեղծագործություններ, որոնց մէջ Պուինին վերծանած է երիտասարդ տարիներու իր յիշողութիւնները, յատկապէս ռուս աւատապետական կեանքի առանձնայատկութիւններն ու գալարումները։
=== Թարգմանութիւնները ===
Մեծարժէք է նաեւ Պուինինի թարգմանական ժառանգութիւնը. մանաւանդ անգլերէնէ՝ Հենրի Լոնկֆելլոյի եւ Ճորճ Պայրընի գործերէն իր կատարած թարգմանութիւններով, Պուինին կարեւոր տեղ գրաւած է ռուս գրականութիւնը եւրոպական աւանդներով հարստացնելու բնագաւառին մէջ։
1939-ին Գերմանիոյ մէջ եւ 1956-ին Մոսկուա, աւելի քան 12 հատորներով լոյս տեսած են Իվան Պուինինի երկերու լիակատար ժողովածուները։
== Ծանօթագրութիւններ == |