id
int64 43
24k
| title
stringlengths 2
92
| article
stringlengths 5
147k
⌀ |
---|---|---|
7,154 | Փոթորիկ | Փոթորիկ, յանկարծակի, ուժգին, ուղղութիւնը յաճախ փոխող կարճատեւ քամի: Սովորաբար կ'ընդգրկէ մի քանի քմ լայնութեան տարածք։ Կ'երեւի իբրեւ բարեխառն լայնութեան մթնոլորտային ճակատներու գօտիի մը վրայ, ինչպէս նաեւ ամպային փոխանցումներու ժամանակ։ կ'ուղեկցուի տեղատարափ անձրեւներով, ամպրոպներով, կարկուտով կամ կը նախորդէ անոնց։
== Հայաստանի Մէջ ==
Հայաստանի մէջ փոթորիկներ կ'առաջանան տարուայ տաք ամիսներուն (80%)` հիւսիսային լեռնահովտային քամիներու ժամանակ: Առաւել ուժգին (30-32 մ/վ) փոթորիկներ կը տեսնուին Երեւանի մէջ՝, Սիսիանի լեռնանցքին մէջ` հիմնականապէս օրուայ երկրորդ կէսին (95%), եւ կը տեւեն աւելի քան 6 վայրկեան։ Սովորաբար քամու արագութիւնը փոթորիկներու ժամանակ 15-20 մ/վ է, երբեմն՝ աւելի քան 40 մ/վ։ Փոթորիկէն կ'առաջացուին ավերածութիւններ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
15,676 | Մաքսիմ Կորքիի տուն-թանգարան (Մոսկուա) | Մաքսիմ Կորիի տուն թանգարան (ռուս.՝ Музе́й-кварти́ра Макси́ма Го́рького), յուշահամալիր թանգարան Մոսկուայի մէջ` նուիրուած ռուս գրող, արձակագիր եւ դրամատուրգ Ալեքսէյ Մաքսիմովիչ Պեշքովի կեանքին եւ ստեղծագործութեան, որ յայտնի է Մաքսիմ Կորքի գրական կեղծանունով:
== Պատմութիւն ==
1902-ին ռուս ճարտարապետ Ֆեոտոր Շեխտելի կողմէ նորոյթ ոճով կառուցուած շէնքը սկիզբը պատկանած է միլիոնատէր Սերգէյ Ռիապուշինսքիին: Շինարարութիւնը սկսած է, երբ Ռիապուշինսքին 26 տարեկան էր։ Այս տան մէջ ան ընտանիքով ապրած է մինչեւ 1917-ի յեղափոխութիւնը, երբ ամբողջ ընտանիքը ենթարկուած է հալածանքներու եւ փրկուած արտագաղթելով: 1917-էն ետք առանձնատունը անցաւ քաղաքապետարանի տիրապետութեան ներքոյ եւ այնտեղ հերթով տեղակայուեցան Պետական հրատարակչութիւնը, Արտասահմանի հետ մշակութային կապերու համամիութենական ընկերութիւնը, Հոգեվերլուծութեան ուսումնարանը եւ մանկապարտէզը: 1932-ին Կորքի վերջնականապէս կը տեղափոխուի ԽՍՀՄ, ուր մինչ այդ կ՛ըլլար տարեկան քանի մը շաբաթ, անկէ ետք անոր այլեւս արտասահման երթալ չթոյլատրեցին: Ռիապուշինսքիի նախկին առանձնատունը, ինչպէս նաեւ Կորքիի եւ Ղրիմի ամառանոցները ԽՍՀՄ Կառավարութեան կողմէ յատկացուեցան Կորքիին եւ անոր ընտանիքին՝ որպէս կեցավայր: Այստեղ ալ ան անցուց կեանքի մնացած տարիները մինչեւ իր մահը՝ 1936-ը: 1965-ին շէնքին պաշտօնապէս տրուեցաւ թանգարանի կարգավիճակ:
Կորքիի մահէն ետք անոր որդիին այրին՝ «Տիմոշան» (Նատեժտա Ալեքսէեվնա Պեշկովայ) մնաց բնակելու առանձնատան մէջ մինչեւ 1965-ը, որմէ ետք վերջին 20 տարիները իր նախաձեռնութեամբ ան նուիրեց Կորքիի թանգարանի հիմնադրման։
== Ցուցադրութիւն ==
Թանգարանը ունի հինգ յուշասենեակներ` գրադարան, աշխատասենեակ, ննջարան, ճաշասենեակ եւ ընդունարան, պահպանուած են Կորքիի անձնական իրերը, կահաւորանքը: Թանգարանը պահպանած է Կորքիի եզակի հարուստ գրադարանը, որ կ՛օգտագործուի գիտական հետազօտութիւններուն:
Մաքսիմ Կորքի կը բնակէր շէնքի առաջին յարկը, երկրորդ յարկը կը բնակէր անորընտանիքը՝ որդին Մաքսիմ Ալեքսեյէւիչը, կնոջ Նատեժտա Ալեքսէեվնայի եւ թոռներու Տարիայի ու Մարֆայի հետ: Այն ժամանակ, երբ Ռիապուշինսքիները լքեցին տունը եւ այն անցաւ քաղաքապետարանի տիրապետութեան ներքոյ, այդ ժամանակուան կահոյքի որոշ առարկաներ եւ լուսաւորութեան սարքեր, որոնք պատրաստուած էին Շեխտելի նախագիծերով, կորած են, քանդուած է օդափոխութեան համակարգը եւ մարմարէ պատրաստուած եզակի օճախը:
== Արտաքին յղումներ ==
Музей-квартира Максима Горького на сервисе Яндекс.Панорамы
Музей-квартира А. М. Горького на «CityOut Москва»
Классика московского модерна пост в Livejournal.com
VR 360 экскурсия по особняку
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,684 | Միքայէլ Արամեանց | Միքայէլ Արամեանց (4 Մայիս 1843(1843-05-04), Քյաթուկ - 19 Դեկտեմբեր 1922(1922-12-19), Թիֆլիս, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ), 19-րդ դարու թիֆլիսաբնակ հայ ձեռնարկատէր, նաւթարդիւնաբերող, մեծ բարերար եւ հասարակական գործիչ։
Թիփղիսի «Ազգային բարեգործական ընկերութեան» հիմնադիր։ Ալեքսանտր Մանթաշեանի մտերիմ ընկեր եւ գործընկեր։ Մանթաշեանի հետ Պաքոին մէջ կը զբաղեր քարիւղարդիւնաբերութեամբ եւ առաջիններէն եղած էր, որ իր կապիտալի մեծ մասը տեղափոխեցաւ Պաքու՝ քարիւղը երկաթուղիով, սիսթերններով տեղափոխելու համար։
== Կենսագրութիւն ==
Միքայէլ Արամեանցը ծնած է Արցախ, 1843 թուականին:
Ներսիսեան դպրոցի մշտական հոգաբարձուն ու հովանաւորը եղած է։ Աջակցած է Թիփղիսի նշանաւոր «Արամեանցի հիւանդանոցին» (ներկայիս՝ Թպիլիսիի թիւ 1 բուժական հիւանդանոց) կառուցմանը՝ նուիրաբերելով հարիւր հազար ռուպլ։ Արամեանցի անուան հետ կապուած է նաեւ իր կառուցած Թպիլիսիի ներկայիս «Մարիոթ» հիւրանոցի շէնքը, որուն ճարտարապետը նոյնպէս հայ Գաբրիէլ Տէր-Միքելեանն էր։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ապաստաններ կառուցած է հայ գաղթականներու համար։
Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, Արամեանցը կորսնցուցած է իր գրեթէ ամբողջ կարողութիւնը։ Հարստութիւնէ եւ դիրքէն զրկուելով 1924 թուականին մահացած է սովի ու աղքատութեան մէջ։
Արամեանցը թաղուած է հայկական Խոճիվանքի Գերեզմանատունին մէջ։ Ստալինեան ժամանակաշրջանին գերեզմանատունն աւերած են, իսկ 1990-ական թուականներուն գերեզմանատունին տեղը շինած են վրացական Սամեպա տաճարը։ Կատարուած հողային աշխատանքներու հետեւանքով հարիւրավոր աճիւններ, այդ թիւին նաեւ Արամեանցինը, ոչնչացուած են։
== Պատկերներ ==
==== Միքայէլ Արամեանցը Ախթալայի Իր Տան Մէջ ====
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,302 | Բարսեղ Ռոստոմեանի Լուսանկարչական Տուն | Բարսեղ Ռոստոմեանի Լուսանկարչական Տունը, 19-րդ դարուն վերջը, 20-րդ դարուն սկիզբը, Պաքուու գործող լուսանկարչական տուներէն մեկը։
Կը գտնուի Կրիւայա փողոցին մէջ՝ Գաջիբեկովի տանը Պարապետին մէջ։ Լուսանկարչատան ղեկաւարը եղած է Բարսեղ Համբարձումի Ռոստոմեանը, որու եղբայր Դաւիթ Համբարձումի Ռոստոմեանը նոյնպես Պաքույի հանրաճանաչ լուսանկարիչ էր։
Ռոստոմեանը ազգութեամբ հայ էր՝ Պաքուի գործող ազգութեամբ հայ բազմաթիւ լուսանկարիչներէն մէկը։
== Պատկերներ == |
3,304 | Ժան-Պաթիսթ Քամիլ Քորոյ | Ժան Պաթիսթ Քամիլ Քորոյ (ֆրանսերէն՝ Jean-Baptiste-Camille Corot, կրճատ՝ Քամիլ Քորոյ, 16 Յուլիս, 1796, Փարիզ – 22 Փետրուար 1875, Փարիզ)՝ ֆրանսացի դիմանկարի եւ բնանկարի վարպետ մը եղած է:
== Կենսագրութիւն ==
Քամիլ Քորոն ծնած է Փարիզ, 16 Յուլիս, 1796 թուականի, ապահով ընտանիքի մը մէջ՝ անոր հայրը եղած է ստեղծագործ եւ մայրը՝ նորաձեւուհի մը եւ ի տարբերութիւն իր որոշ փորձառու գործընկերներու իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ան երբեւէ փողի կարիք չէ ունեցած, քանի որ իր ծնողքը խելացիօրէն կը վարէին իրենց գործունէութիւնը: Ամուսնանալէն ետք անոր ծնողքը գնած էին նորաձեւութեան տաղաւար մը, ուր իր մայրը կ'աշխատեր եւ իր հայրը կը վարպետանար որպէս ձեւարար: Տաղաւարը լայն ճանաչում ուներ նորաձեւասէր փարիզցիներու շրջանին եւ լաւ եկամուտներ կ'ապահովեր ընտանիքին:
== Ստեղծագործական Կեանք ==
Նկարչի ստեղծագործութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է 1825-28 թուականներուն Իտալիա կատարած ճամբորդութիւնները: Աւելի ուշ ան հոն վերադարձած է եւս երկու անգամ՝ 1834-ին եւ 1843-ին: Քորոն նաեւ եղած է Պելճիքա եւ Նետերլանտներ, կանոնաւոր այցելութիւններ ըրած է դէպի Զուիցերիա: Նաեւ շատ ճամբորդած է Ֆրանսային մէջ՝ Նորմանտիա, Պուրկունտիա, Փրովանս, Իլ տէ Ֆրանս:
Ազդեցութիւն ունեցած է զգայականներուն վրայ, անձամբ ծանօթ եղած է անոնցմէ որոշներուն հետ: Ստեղծած է երեք հազարէն աւելի նկարներ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
332 | 1663 թուական | 1663 թուական, ոչ նահանջ տարի, 17րդ դարու 63րդ տարին է
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1663 ծնունդներ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1663 մահեր |
304 | 1638 թուական | 1638 թուական, ոչ նահանջ տարի, 17րդ դարու 38րդ տարին է
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1638 ծնունդներ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1638 մահեր |
4,755 | Մումպայ | Մումպայ քաղաք նախկին անունով Պոմպէյ Հնդկաստանի մէջ, շուրջ 13 միլիոն բնակչութեամբ,
== Ընդհանուր տեղեկութիւն ==
Մոնպէյ (Մինչեւ 1995՝ Պոմպէյ) Հնդկաստանի Մահարաշթրա նահանգի մայրաքաղաքն է: Հնդկաստանի ամենամեծ եւ աշխարհի իններորդ մեծ քաղաքն է: Բնակչութիւնը 13 միլիոնի շուրջ է: Քաղաքը Սալսէթթէ կղզիին վրայ կառուցուած է: Քաղաքին ոստան մասին մէջ 20 միլիոն բնակիչ կայ: Մոմպէյը աշխարհի ամէնէն խճողուած երրորդ քաղաքն է: Քաղաքը խորունկ բնական նաւահանգիստ մը ունի: Մումպէյը Հնդկաստանի վաճառականութեան, տնտեսական եւ մշակութային մայրաքաղաքն է: Պոլիուուտ անուամբ համբաւաւոր Հնդկական շարժանկարչութիւնը այս քաղաքի մէջ կը գտնուի: Այս պատճառաւ քաղաքը Հնդկաստանի ուրիշ շրջաններէն աւելի շատ գաղթողներ կ'ընդունի եւ իր մէջ զանազան տարբեր լեզուներ եւ մշակոյթներ կը պարունակէ:
== Անուանումը ==
Տասնվեցերորդ դարուն Փորթուկալցիները այս տեղը անուանած են լաւ անդունդ նշանակող «Պոմ Պահիա»: Այս անունը հետագային Անգլերէնի վերածուելով «Պոմպէյ» եղած է: 1995-ին անունը Հնդկական Աստուածուհի Մումպէյի անուամբ Մոնպէյի կամ Մոմպէյի կը փոխուի: Բազմաթիւ մարդիկ Պոմպէյ անունը մինչեւ հիմա կը գործածեն:
== Պատմութիւն ==
Քաղաքի այսօրուան տարածքը 7 կղզիներ էին:Այս կղզիներուն մէջ վաղեմի դարերէն ի վեր մարդաբնակչութիւն կար, բայց կարեւոր առեւտրային եւ ժողովրդական կեդրոններ չէին: 1554-ին Փորթուկալցիները տարածքը կը գրաւեն, 1661-ին տարածքը Անգլիացիներու կ'անցնի: 1668 -ին Անգլիացիները այստեղը Անգլիոյ Արեւելք Հնդկաստան Ընկերութեան կը վարձեն: Ընկերութիւնը հոս բնական նաւահանգիստ մը կը գտնէ եւ այս տեղը Հնդկաստանի առաջին նաւահանգիստը կը դառնայ: Քաղաքի բնակիչներու թիւը շուտով կ'աւելնայ: 1817 եւ 1845-ի միջեւ մեծ ծրագիրի մը շնորիւ կղզիները կը միանան: Աւելի ուշ Ամերիկայի ներքին պատերազմը եւ Սիւվէիշի անցքի բացումը, տարածութեան վաճառականութիւնը կը զարգացնէ եւ քաղաքը Հնդկաստանի կեդրոններէն մէկը կը դառնայ: 1906-ին Քաղաքի բնակչութեան թիւը կը հասնի 1 միլիոնի: 1940-ներուն քաղաքը Հնդկաստանի անկախութեան շարժման կարեւոր կեդրոնը կը դառնայ: 1970-ներուն դէպի քաղաք մեծ գաղթ մը տեղը կ'ունենայ եւ Մումպէյը Հնդկաստանի ամենախճողուած քաղաքը կը դառնայ:
== Կլիման ==
Մումպայի դիրքը կը մեղմացնէ անոր կլիման եւ կը դարձնէ աւելի տանելի, քան նոյն լայնութեան ուրիշ քաղաքի մը կլիման։ Մումպայի համար ամենալաւ ժամանակը Հոկտեմբերէն փետրուարն է, երբ այնքան խիստ տաք չ'լլար։ Անոնցմէ յետոյ օդը կը տաքնայ եւ Յունիսի սկիզբին կը սկսի մուսսոնային անձրեւներու շրջանը, որը կը տեւէ մինչեւ Սեբտեմբերի վերջը։
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,092 | Ըրլ Կրէյ Թէյ | Ըրլ Կրէյ թէյը թէյերու բառեխառնուրդ մըն է, որ համեմուած է աւելցուած Պերկամօթ իւղով: Աւանդապէս, "Ըրլ Կրէյ"-ը կը շինուէր Սեւ Թէյէ, բայց թէյի արտադրիչ գործարանները սկսած են պատրաստել Ըրլ Կրէյը տարբեր թէյերով, ինչպէս կանաչ կամ Ուլոնկ թէյեր:
== Պատմութիւն ==
Թէյեր համեմուած պերկամօթով, որ կը համարուէր աւելի սուղ թէյերու չինական տեսակներէն, ճանչցուած է Անգլիոյ մէջ 1820էն ի վեր: «Կրէյ» թէյը գիտցուած է 1850ական թուականներէն, բայց առաջին հրատարակուած ծանօթագրութիւնները Ըրլ Կրէյի Charlton & Co. գործարանի ծանոցումներուն մէջ յայտնուեցան, Լոնտոնի մէջ՝ 1880-ին:
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,494 | Փրասօ | Փրասօ (յուն․՝ Πράσο), Էգէականի անբնակ կղզիակ, Աղաթոնիսի, Տոտեքանիսա, Յունաստան։
== Հակիրճ տեղեկութիւններ ==
Կը գտնուի Աղաթոնիսիին հիւսիսը։ Տարածութիւնն է 0,0077 քլ․²։
== Ծանօթագրութիւններ == |
23,472 | Վարդան Վարդանով | Վարդան Վարդանով (Վարդանեան, 12 Յունուար 1853(1853-01-12), Թիֆլիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 1919, Սեն Փեթերսպուրկ, Խորհրդային Ռուսաստան), հայ բնախօս։ Իվան Պաւլովի առաջին հայ աշխատակիցը, Փեթերսպուրկի բժշկական բարձրագոյն դպրոցներու առաջին հայ փրոֆէսորը։
== Կեանք եւ գործոինէութիւն ==
Ծնած է Թիֆլիս։ 1871-ին Ռուսական գիմնազիոնէն շրջանաւարտ ըլլալով, Ս. Փեթերպուրկի բժշկական-վիրաբուժական ակադեմիան մտած է։
1876-ին աւարտելէ ետք, մասնակցած է ռուս-թրքական պատերազմին (1877-1878), կռուելով պալքանեան ճակատին վրայ։
1892-ին, պաշտպանած է իր դոկտորականի աւարտաճառը՝ «Կալվանական երեւոյթներ գորտի մաշկին մէջ»։ Անոր գիտական աշխատութիւնները նուիրուած են որոշ ջիղերու փոխյարաբերութեան եւ մարմինի կազերու փոխանակութեան ու ջերմային կարգաւորման։
Վարդանով եղած է Ս. Փեթերպուրկի բժշկական դպրոցներու մէջ դասաւանդող առաջին հայ դասախօսը։ 1898-1919ին, բնախօսութիւն դասաւանդած է կնոջական բժշկական համալսարանին մէջ, ուր հիմնած է բնախօսութեան ամպիոնն ու տարրալուծարանը, դառնալով լիիրաւ դասախօս 1904ին։ Կեանքի վերջին տարիներուն, գիտական գծով փոխտեսուչն էր։
1890-ին, սկսած է աշխատիլ ռազմաբժշկական ակադեմիային մէջ, ուր դարձած է Փաւլովի օգնականը 1895ժին։
Բնախօսութիւն դասաւանդած է նաեւ ջղահոգեբուժութեան համալսարանին, մանկավարժական ակադեմիային եւ ուրիշ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։
1908-ին, Վարդանով ընտրուած է Ռուս Բժիշկներու Ընկերութեան իսկական անդամ, իսկ երեք տարի ետք՝ Փորձառական Մանկավարժութեան Ընկերութեան պատուաւոր անդամ։
Մարտ 1916 միացած է Փաւլովի եւ իր պաշտօնակիցներուն՝ Նիկոլայ Վետենսկիի եւ Նիկոլայ Լիխաչեւի, հիմնելով Ի. Մ. Սեչենովի անուան Ռուս Բնախօսներու Ընկերութիւնը։
1917-ի բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք, ամբողջ Ռուսաստանը խոր ընկերային ու տնտեսական ճգնաժամի մատնուեցաւ՝ իշխանութեան քայքայման հետեւանքով։ Ոճիրներու ալիք մը ընդգրկած է Փեթերսպուրկը, եւ Վարդանով անոր զոհերէն մէկը եղած է։
20 Յունուար 1919-ին, փողոցային գողութեան մը ընթացքին սպաննուած է՝ 66 տարեկան հասակին։
== Աշխատութիւններ ==
Հրատարակած է՝
«Բնախօսութեան դասընթացք» (1906),
«Նոթեր բնախօսութեան մասին» (1915) ձեռնարկները։
== Ծանօթագրութիւններ == |
21,714 | Լիբանանի Դրօշակը | Լիբանանի դրօշակը (արաբերէն՝ علم لبنان), կազմուած է երեք հորիզոնական շերտագիծերէ. երկու կարմիր շերտագիծերը իրարմէ կը բաժնեն սպիտակ կեդրոնական շերտագիծը, որուն մէջտեղի հատուածին վրայ պատկերուած է կանաչ մայրին: Մայրին՝ Լիբանանի խորհրդանիշն է: Սկիզբը շագանակագոյն էր՝ հողագոյն, ինչպէս մայրիի ծառին բունը, հետագային անիկա կը փոխարինուի անոր ճիւղերուն իրական գոյներով:։
Լիբանանի դրօշը ընդունուած է 7 Դեկտեմբեր, 1943 թուականին։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Լիբանանի դրօշակը |
16,132 | Միջազգային Ողոմպիական Օր | Միջազգային Ողոմպիական օր, ՄՈԿ-ի որոշմամբ կը նշուի ամէն տարի 23 Յունիսին:
Միջազգային Ողոմպիական կոմիտէն Յունուար 1984-ին, ՍաՆ-Մորիցիի մէջ կայացած 42-րդ նստաշրջանին ընդունեց որոշում ամէն տարի 23 Յունիսին տօնել Միջազգային Ողոմպիական օր: Այդ տարեթիւը ընտրուեցաւ այն նպատակով, որ 23 Յունիս 1894-ը կը համարուի ՄՈԿ-ի ստեղծման յիշատակի օր: Ողոմպիական շարժման վերածնունդի խանդավառ ջատագով պարոն Փիեր տը Քուպերդէնը Փարիզի մէջ միջազգային մարմնակրթական վեհաժողովին հրապարակեց իր պատմական ելոյթը, որմէ ետք վեհաժողովը 1896-ին որոշում ընդունեց առաջին Ողոմպիատան Յունաստանի մէջ կազմակերպել, միեւնոյն ժամանակ Քուպերդէնը կը գլխաւորէր ՄՈԿ-ը:
== Էլին ամառնային Ողոմպիական խաղերու միջոցառում ==
Հիմնական միջոցառումը կը հանդիսանայ երկար տարածութեան վազքը, որ տեղի կ՚ունենայ 23 Յունիսն Միջազգային Ողոմպիական օրուայ կապակցութեամբ կամ մօտակայ հանգստեան օրերուն: ՄՈԿ-ը առաջարկած է Ազգային Ողոմպիական կոմիտէներուն կազմակերպել տարբեր մարզական միջոցառումներ, նախապատուութիւնը տալ վազքային ձեւերուն այնպէս, որպէսզի հետաքրքրութիւն առաջանայ բազմաթիւ մասնակիցներու մօտ, այդպիսով տարածել «Մարզանքը բոլորի համար» Ողոմպիական հայեցակարգը։
ՄՈԿ-ի Ողոմպիական կանոնադրութեան մէջ գրուած է.
== Տես նաեւ ==
Ողոմպիական խաղեր
== Արտաքին յղումներ ==
Международный Олимпийский день, на сайте МОК
== Ծանօթագրութիւններ == |
20,971 | Սուրբ Կիրակոս (Տիգրանակերտ) | Սուրբ Կիրակոս, Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր)․ Միջին Արեւելքի հայկական ամենամեծ եկեղեցին։ Կը գտնուի Տիգրանակերտի Սուր թաղամասը։ Եղած է առաջնորդանիստ եկեղեցի։ 2011-ին վերջացած են վերանորոգման աշխատանքները եւ 2011, 23 Հոկտեմբերին, 32 տարուան ընդմիջումէ ետք, 2 500 հայերու ներկայութեամբ կը կատարուի եկեղեցական առաջին արարողութիւնը:
Եկեղեցւոյ տարածքը 1400 քառ. մեթր է, իսկ համալիրինը՝ 3500, ուր կը գտնուին հոգեւորականի բնակավայր, դպրոց, աղքատներու կերակուր սպասարկող ճաշարան, հաւաքման սրահ: Տաճարի եօթ խորանները կը խորհրդանշեն եկեղեցւոյ եօթ խորհուրդները՝ մկրտութիւն, դրոշմ, ապաշխարութիւն, սուրբ հաղորդութիւն, ձեռնադրութիւն, պսակ-ամուսնութեան եւ կարգ հիւանդաց, իսկ չորս դռներն ալ՝ չորս աւետարանիչները՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս:
== Պատմական տեղեկութիւններ ==
Եկեղեցւոյ շինութեան թուականը 1376 է․ այս թուականը արձանագրուած է եկեղեցւոյ մուտքի տախտակին վրայ։ 1610-1615 թուականներուն Սիմէոն Դպիր Lեհացի իր «Ուղեգրութեան» մէջ եկեղեցին կը յիշէ իբրեւ կեդրոնական փառաւոր ու մեծ եկեղեցի, որ ունէր հինգ խորաններ։
Ըստ Պոլսոյ Պատրիարքարանի տուեալներուն, եկեղեցին կառուցուած է ԺԶ․ դարասկիզբին։ Պատրիարքարանի պաշտօնական կայքէջին մէջ հետեւեալը գրուած է․- «Եկեղեցւոյ մասին առաջին անգամ Ղուկաս Վարդապետ Ինճիճեանի (1758-1833) աշխարհագրութիւն գրքին մէջ կը հանդիպինք, ուր ըսուած է` «1515ին կամ 1518ին Սուրբ Թէոդորոս Մայր Եկեղեցիին մզկիթի վերածուելէն ետք, այս եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջն ալ կը կառուցուի սոյն եկեղեցին։ Եղած է առաջնորդանիստ եկեղեցի։ Ունէր եօթը խորաններ եւ առաստաղը փայտեայ էր։ 1722ին առաջնորդ Պետրոս վարդապետի կողմէ հիմնական նորոգութիւն տեսած է, որուն մասին պատին վրայ յիշատակարան մը կը գտնուի։ Այս քաղաքին մէջ ժամանակին մեծահարուստ հայեր կ՚ապրէին, որոնք եկեղեցին ճոխացուցած էին արծաթեղէն ու ոսկեղէն իրերով. բայց շրջան մը պատահած սովին պատճառով այս իրերը ծախուած են»»:
=== 19-րդ եւ 20-րդ դար ===
Եկեղեցւոյ մասին վերջին տեղեկութիւնները քաղուած են յաջորդաբար Տիգրան Մկունդի «Ամիտայի Արձագանքները», Շաւարշ քհնյ․Պալըմեանի «Ու ես կ՛ երթամ» եւ Մկրտիչ Մարկոսեանի «Տիգրիսի ափերէն» եւ «Մեր այդ կողմերը» գիրքերէն։
Եկեղեցին 10 Յունիս 1881-ին ամբողջութեամբ կ՚այրի, սակայն 1883-ին դարձեալ կը կառուցուի։
Ըստ կարգ մը պատմագէտներու պատմական Տիգրանակերտ մայրաքաղաքը կը գտնուէր Տիարպեքիրէն մօտաւորապէս 50 քմ․ դէպի արեւելք՝ հիմակուան Սիլվան քաղաքին կից․ անոր նշանաւոր բաարձրադիր պարիսպներէն մաս մը դեռ կանգուն է։ Իսկ Տիարպեքիրը, զոր հայերս Տիգրանակերտ կը կոչենք, պատմութեան մէջ ծանօթ է Ամիտա (յուն․՝ Ἄμιδα) անունով։1913-ին, սարսափելի կայծակ մը կը հարուածէ սոխաձեւ գմբէթն ու զանգակատունը։ Միեւնոյն տարին կը կառուցուի կոթական ոճով 29 մեթր բարձրութեամբ նոր զանգակատուն մը։
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին Գերման սպաներուն համար իբրեւ զօրանոց կը գործածուի։ 1914-ին գեղեցիկ եւ բարձր զանգակատունը տեղացիներուն կողմէ կը քանդուի շրջակայ մզկիթներու մինարէներէն բարձր ըլլալու պատճառաբանութեամբ։ 1950-ին, պայմաններու մասամբ բարելաւումով, Սուրբ Կիրակոս կը սկսի գործել։
Եկեղեցին մինչեւ 1980-ին կանոնաւոր կը գործէ։ Սակայն հայութեան թիւը տարիէ տարի կը նուազի տնտեսական եւ շրջապատի ճնշման անհանդուրժելի պատճառներով։ Հեռացողները կը կորսնցնեն, պետականօրէն ճշդուած, եկեղեցւոյ վարչութեան անդամ ընտրուելու իրաւունքը։ Եկեղեցին ու շրջապատող շէնքերը կը մնան անխնամ, գրեթէ փլատակ վիճակի մէջ։ 1992-ին, եկեղեցւոյ տանիքն ալ փուլ կու գայ։
==== Եկեղեցին աւերակ վիճակի մէջ ====
== Վերանորոգման աշխատանքներ ==
=== Առաջին հիմնովին վերանորոգում ===
2008-ին, նոր օրէնքներու թոյլատւութեամբ՝ Տիգրանակերտէն հեռու ապրողներուն ալ վարչական ընտրուելու արտօնութիւն կը տրուի, Պատրիարքարանը կ՛ որոշէ եկեղեցին վերակառուցել եւ կը դիմէ հայ համայնքին, նամանաւանդ աշխարհին չորս կողմ տարածուած նախկին Տիգրանակերտցիներուն։ Պոլսոյ մէջ կը կազմուի «Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնարկ»ը: Վարչութիւնը պատրիարքարանին հետ խորհրդակցելէ ետք, կ՛ որոշէ եկեղեցին վերանորոգել։ 2011-ին հիմնովին կը վերանորոգուի շնորհիւ եկեղեցւոյ հիմնադրամին եւ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանի նիւթական ներդրումին։ Եկեղեցին, ինչպէս իր անցեալին`լայնատարած շէնք մը, բարձր պատերով, փայտաշէն երդիքով։ Կը վերանորոգուի նաեւ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ գտնուող Ս. Յակոբ մատուռը։ 2011, 23 Հոկտեմբերին, հիմնովին վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի առաջին արարողութիւնը: Կը դառնայ շրջանի հայութեան (քրիստոնեայ կամ իսլամացած) հաւաքատեղին։ Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը կառուցուի փոքր թանգարան-վաճառատուն մը, ուր այցելուները կրնան գնել տեղացի հայերուն կողմէ պատրաստուած զանազան ձեռային աշխատաքներ, որոնց նիւթն է՝ Ս․ Կիրակող եկեղեցին։ Հասոյթը եկեղեցւոյ մատակարարական աշխատանքներուն համար կը տրամադրուի։
Սակայն, թրքական բանակին եւ քրտական զինիալ ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին (2015-ին վերջերէն մինչեւ 2016-ի սկիզբները) եւ մանաւանդ թրքական ուժերու գործողութիւններուն ընթացքին եկեղեցին մեծ վնասներ կը կրէ, ինչպէս նաեւ անոր շրջակայքը եւ Սուր թաղամասի հայկական հին շէնքերը։
2016-ին թրքական պետութիւնը Տիգրանակերտի շրջանին մէջ կը բռնագրաւէ 6300 կառոյցներ եւ տարածքներ, որոնք կը պատկանէին Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) քաղաքապետութեան՝ ջախջախիչ մասամբ քիւրտերէ կառավարուող, որոնց շարքին էին ասորական, քաղդէական եւ այլ քրիստոնէական եկեղեցիներ, կառոյցներ եւ մանաւանդ Հայ առաքելական Ս. Կիրակոս վերանորոգուած եկեղեցին:
==== Եկեղեցին վերանորոգուած ====
=== Եկեղեցւոյ երկրորդ վերանորոգում ===
Շնորհիւ Տիգրանակերտի հայ համայնքի եւ Պոլսոյ Պատրիարքարանի համատեղ ջանքերուն, 2020-ին թրքական կառավարութեան ծախսերով կը սկսին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները։
== Ս. Կիրակոսի թաղական երկսեռ վարժարանը ==
=== ԺԹ․ դար – 1908 ===
Ս. Կիրակոսի թաղական երկսեռ վարժարանի մասին մեզ հասած տեղեկութիւնները 1850-էն ետքն են։ 1879 13 Ապրիլին կազմուած «Վիճակ Ազգային Վարժարանաց եւ Ընկերութեանց Տիգրանակերտի» վերտառութեամբ տեղեկագրի տուեալներէն, յայտնի կը դառնայ թէ Ս. Կիրակոսի թաղի ծաղկոցը կը յաճախէր 160 երեխայ, Արական վարժարան ուսում կը ստանային 24 աշակերտ, իսկ Իգական վարժարանի աշակերտուհիներուն թիւը 150 էր:
1857-ին քաղաքի Ս. Կիրակոս, ինչպէս նաեւ Ս. Սարգիս եկեղեցիներուն կից գործած են աղջիկներու համար դպրոցներ («վարժատուն»): Ս. Կիրակոսի Հայրենասիրաց վարժատան մէջ կ՛ ուսանէին 200 տղաք եւ աղջիկներ։
1870-ական թուականներուն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Վարժարանը կիրակի օրերը կը գործէր իբրեւ «Արհեստաւորաց Դպրոց», ուր ուսուցումը անվճար էր։ Հոն աշակերտները արհեստ կը սորվէին։
1874-ին, Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ փակին մէջ կը վերակառուցուի Աղջկանց վարժարանը։
1886-ի սկզբներու տուեալներով, Ս. Կիրակոսի թաղական երկսեռ վարժարանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւն է 370 (տղայ եւ աղջիկ):
1900 29 Նոյեմբերին (Դեկտեմբերի 12) «Արեւելք» թերթին մէջ լոյս տեսած Տիարբեքիրէն թղթակցութիւնը կը նշէ թէ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղական երկսեռ վարժարաններուն վիճակը կը բարեկարգուի, շնորհիւ հաստատութեան հոգաբարձութեան եւ տնօրենի ջանքերուն։ Դպրոցին ուսուցչական կազմը օժտուած է Արեւմտեան Հայաստանի առաւել զարգացած կրթական կենտրոններէն հրաւիրուած նոր դասատուներով։
1900-1901 ուսումնական տարեշրջանին Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղական երկսեռ դպրոցին աշակերտութեան թիւը 754 էր, իսկ ուսուցչական կազմին թիւը 20 (13 տղամարդ, 7 կին)։
1906-1908 տարեշրջաններուն Տիարպեքիրի Ս. Սարգիսի, ապա Ս. Կիրակոսի թաղական դպրոցներուն մէջ հայրենի աշխարհագրութեան եւ ընդհանուր պատմութեան ուսուցիչն է Կարօ Սասունի, հազիւ 17 տարեկան հասակին։ Ս. Կիրակոսի թաղական վարժարանն ունէր 1200 աշակերտ եւ կը դասաւանդէին 36 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ։ Դպրոցը նաեւ ունէր մեծ գրադարան՝ մօտ 6000 գիրքերով:
=== 1908 - 1915 ===
1909-ին Ս. Կիրակոսի թաղական Աղջկանց վարժարանին կից կը հիմնուի «Հայուհեաց միութիւն»ը։ Կը կազմակերպէ լսարաններ եւ կիրակնօրեայ դասախօսութիւններ։ Բարձր դասարաններու՝ հինգերորդ եւ վեցերորդ, հայ աշակերտները «Ուսանողական միութիւն» մը կը հիմնեն, որ տարբեր կրթական ծրագրեր կ՛ իրականացնէ (սեփական գրադարան-ընթերցարանի ստեղծում, որ բաժանորդագրութեամբ տարբեր հայկական թերթեր կը ստանար): Միութեան անդամները կը նախաձեռնեն եւ կը հրատարակեն «Արաքս» թերթը։ Աշակերտները նաեւ եկեղեցւոյ թաղային պատասխանատուներուն տարբեր բնոյթի կրթական պահանջներ կը ներկայացնեն։ Տարբեր նիւթերով կանոնաւոր բանախօսութիւններ կը կազմակերպուին․ Երկուշաբթի օրերուն՝ տղամարդոց համար, Չորեքշաբթի օրերուն՝ կիներուն համար, ինչպէս նաեւ կրթական-լուսաւորչական բնոյթի միջոցառումներ հրաւիրեալ հիւրերու մասնակցութեամբ: Ինչպէս օրինակ, 1910 21 Փետրուարին Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ բանախօսութիւններով հանդէս կու գան Զաւէն Տէր-Եղիայեանը եւ Հ․Յ․Դ․ անդամ, ուսուցիչ Ֆէրիտ Ճէմիլը (Տիգրան Ամսէեան)։
== Եկեղեցւոյ պարգեւատրում ==
2015 Յունիսին, Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին Օսլօ կայացած ձեռնարկին ժամանակ կը պարգեւատրուի Եւրոմիութեան «Մշակութային ժառանգութիւն» մրցանակով. Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչին կը յանձնուի «Պահպանութեան ոլորտի մեծ մրցանակը»:
Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին Եւրոպայի մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան 263 ծրագրերէն ընտրուած 28-էն մէկն է:
== Աղբիւրներ ==
«Ամիտայի Արձագանքները» Տիգրան Մկունդ
«Ու ես կ՛ երթամ» Շաւարշ քհնյ․Պալըմեան, հրատ․՝ «Արաս» Մարտ 2005, Պոլիս
«Գաւառէն Ձայներ» Շաւարշ Քահանայ Պալըմեան, «Արաս» հրատարակչատուն, Իսթանպուլ, Հոկտեմբեր 2016
«Տիգրիսի ափերէն» Մկրտիչ Մարկոսեան, հրատ․՝ «Արաս» Բ․ տպագր․ Փետրուար 2010, Պոլիս
«Մեր այդ կողմերը» Մկրտիչ Մարկոսեան, հրատ․՝ «Արաս» Զ․ տպագր․ Յունիս 2011, Պոլիս
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Ամիտա (հայկական միջագետք)(անգլերէն)
Սիլվան, Տիարպեքիր(անգլերէն) |
1,454 | Հրանդ Ալեանաք | Հրանդ Ալեանաք (1880, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - Դեկտեմբեր 1938, Փարիզ), 19-րդ դարու հայ գեղանկարիչ։
== Կենսագրութիւն ==
Գրանդ Ալեանաք ծնած է 1880 թուականին Կ. Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է քաղաքի հայկական դպրոցէն ներս, ուր եւս սկսած է նուիրուիլ նկարչութեան։ Նախակրթական դպրոցն աւարտելէ ետք կ՛ընդունուի Պոլսոյ նկարչական վարժարան։ Ենթադրում է, որ ան այդ վարժարանին մէջ սորված է 1893-1895 թուականներուն, որովհետեւ Սուլթան Համիտի կազմակերպած կոտորածներէն փախչելու համար կը հեռանայ Պոլսէն։ Ապա մի քանի տարի ապրած է Կովկաս, ետքը՝ Պուլկարիոյ մէջ։ 1896 թուականին կը հեռանայ Թուրքիայէն, անցեր Պուլկարիա, ապա՝ Անդրկովկաս։ Ստեղծագործական առաջին քայլերն կատարած է Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ։
1905 թուականին կը մեկնի Փարիզ՝ ուսումը շարունակելու։ Սակայն բարձրագոյն կրթութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն յայտնի չէ։ Ալեանաքն աւելի շատ զբաղուած է ինքնակրթութեամբ։ Քսանհինգ տարի ապրած է Փարիզ։ Այդ ժամանակ ընդունուած է «Անկախ նկարիչներու ընկերութեան» անդամ, մասնակցած ցուցահանդեսներու։ Մահացած է 1938 թուականին։
== Ստեղծագործութիւններ ==
Ալեանաքի ստեղծագործութիւնները բազմաժանր են՝ բնանկար, դիմանկար, կենցաղային ժանրեր։ Ան ռիալիստական դպրոցի հետեւորդ է եւ կապուած է 19-րդ դարու եւրոպական, ռուսական ու հայկական ընդհանուր հոսանքին։ Ոճով կը նմանի աւելի շատ հայկական արուեստին՝ Հարութիւն Շամշինեանի, Գ.Գաբրիելյանի, Խ. Տեր-Մինասյանի Վ.Սուրենյանի կենցաղային ժանրի ստեղծագործութիւններուն։
Մեծ ազդեցութիւն ձգած են իր կեանքի անցեալի յիշողութիւնները։ Ան տրամադրութեամբ ղեկավարվող նկարիչ էր։ Անոր բնանկարները կը ներկայացնեն Պոլսոյ եի Փարիզի շրջակայքի բնութեան տեսարանները։ Յայտնի կտաւներէն են «Կէս Գիշեր», «Լճակի Վրայ», «Ցոլքեր», «Գարնանային Ժպիտ»։ Գաղթականներուն նուիրուած ամբողջ շարք մը նուիրած է՝ «Գաղթականներ» անունով, ինչպէս նաեւ «Փախստականները Հայաստանէն» կտաւը։
Հ. Ալեանաք գրող եղած է միանգամայն եւ արուեստի քննադատ: Իր այս ձիրքեիը ազատութիւն տուած են իրեն օտար լրագիրներու մէջ, Ֆրանսական արուեստին ծառայելու: Իր նկարներուն մէջ միշտ դրօշմուած գեղեցիկ Թռիչքով ու խորունկ եւ ապրուած կեանքով կը տիրապետեն բանաստեղծութիւնը եւ հայրենաբաղձութիւնը։ Ան աշխատակցած է նաեւ այլեւաել հանդէսներու եւ օրաթերթերու՝ գրական-գեղարուեստական յօդուածներով:
== Պետական պարգեւներ ==
1925 թուականին Ֆրանսական կառավարութիւնը զինք պարգեւատրած է «Palmas Academique» արծաթէ մետալով,
1927 թուականին «Palmas Academique» ոսկէ մետալով եւ «Հանրային կրթութեան սպայ» տիտղոսով։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Հայ Հանրագիտակ, Հ․ Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, Պուքրէշ 1938, Էջ 54-55։ |
2,092 | Արմանտ | Արմանտ, Արամ Անտոնեան (1915) Իրանահայ բանաստեծներու խումբին մէջ այն քիչերէն է, որոնք զգայավարութենէ դէպի կեանքի ճանաչում դիմած են, երեւոյթներէ անգին անցնելու, թափանցելով եւ մտավիճակներ սեղմելու համար իրենց ստեղծումներուն մէջ։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Թեհրանի մէջ եւ տարրական ու միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է ամերիկեան վարժարաններու մէջ՝ հետեւելով գրական եւ տնտեսագիտական դասընթացքներու։ Սկզբնական իր փորձերը կատարած է 1941-էն սկսեալ, աշխատակցելով արտասահմանեան պարբերականներու, մասնաւորաբար «Հայրենիք»ի, «Արփի» եւ «Արմենուհի» ամսագիրներուն «Ալիք» օրաթերթի ապա նաեւ «Բագին»ի:
== Կենսագրութիւն ==
Մինչեւ 1930-ական թուականներ, հայ քերթողութեան գլխաւոր «ատաղձը» մարդկային հոգին է եւ անոր թարթափումներուն զգայական անդրադարձը տենչ, իղձ, երազ. առհասարակ յուսաբեկում, տխրութիւն, արցունք։ Հազուադէպօրէն կը միջամտէ միտքը։ Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք է որ, կեանքի եւ ապրումներու հիմնական փոփոխութեամր, որոշ հակում կայ որոնողական խորացումներու։ Հիմա մարդիկ ճակտէ ճակատ կը նային իրենց կիրքերուն, յաւակնութիւններ ունին, տեսակէտ եւ աշխարհահայեացք, ու դիրք ճշդած են ճակատագրին, կրաւորականութեան դէմ, բաոէն ու զգացումէն աւելի՝ մտածումին, մտքի խուզարկութեան վստահելով մարդ-կեանք յարաբերականութեան, հակադրութեանց ու պայքարին արտայայտութիւնը։
Իրանահայ բանաստեղծներու մեծ մասը կը շարունակէ միսթիքի եւ խորհրդասիրական խարխափումներու սահմանին մէջ պահել քերթուածը՝ մինչեւ այսօր։ Արմանտ այն քանի մը քաջերէն է, որ յաջողած են տարրականութենէ փրկել իրենց տաղերը, եւ, աոանց բոլորովին խզուելու զգացումէն, իմաստասիրել մարդկային «է»ութիւնը՝ մեկնելով իրենց ներքին խռովքներէն, բնութեան ու շրջապատի երեւոյթներէն։ Իրենց կառոյցէն անգին՝ իմաստի եւ թելադրականութեան ծիր մը ունին իր բանաստեղծութիւնները, ու ասով ալ կ՚առանձնանան «ոտանաւորային» այն տարափէն՝ որով ողողուած են ուրիշներու գործերը։
== Գործեր ==
1974-ին, Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակին արժանացած է իր «Շքեղ մերկութեամր» խորագրուած քերթուածներու հատորը, որ հրատարակուած է Պէյրութ֊ի մէջ։ Տպագրութեան կը սպասեն «Սէր եւ Լոութիւն» անունին տակ խմբուած իր անտիպ բանաստեղծութիւնները, ինչպէս նաեւ «Սոկրատէսի մահը», «Ո՜վ բարբարոս դար» եւ «Ապրել այսպէ՞ս» պոէմները։
Ներկայիս հաստատուած է Միաց. Նահանգներ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,864 | Պիոն Յակոբեան | Պիոն Յակոբեան (24 Հոկտեմբեր 1926(1926-10-24), Նորշէն, Ախալքալաք, Թիֆլիսի նահանգ - 26 Սեպտեմբեր 2000(2000-09-26)), բնագրագէտ։
== Կենսագրութիւն ==
Գրականագէտ-աղբիւրագէտ-բնագրագէտ Պիոն Յովսէփի Յակոբեան ծնած է 1926-ին, Վրաստանի Ախալցխայի շրջանի Ծղալթբիլա գիւղը։
1950-ին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական բաժինը, ապա շարունակած է իր ուսումը՝ հետեւելով ՀՍՍՀ ԳԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան Հիմնարկի ասպիրանտուրայի բաժինին։ 1953-ին՝ պաշտպանելով «Խաչատուր Աբովեանի Վէրք Հայաստանի վէպին ստեղծագործական պատմութիւնը» թէզը, արժանացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանին։ Իսկ 1968-ին՝ պաշտպանելով «Խաչատուր Աբովեան․ կեանքը, գործը եւ ժամանակը (1809-1836)» նիւթը, արժանացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի աստիճանին։
1954-1975 Յակոբեան գործած է ՀՍՍՀ ԳԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկին մէջ իբրեւ գլխաւոր գիտաշխատող, եւ 1976-89-ին գլխաւորած է նոյն հիմնարկին բնագրագիտութեան բաժինը։ 1969-1987 շրջանին խմբագիրի տեղակալն էր Լրաբեր հասարակական գիտութիւններու ամսագիրին մէջ։ Փետրուար 1996 - Յունիս 1999 շրջանին ան անդամ էր Էջմիածինի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին։
Պիոն Յակոբեանի գիտական ուսումնասիրութիւններուն ծիրը կը դառնայ Խաչատուր Աբովեանի շուրջ, ուրկէ եւ կը ծաւալի դէպի ԺԹ․ դարու՝ հայ նոր գրականութեան եւ մշակոյթի պատմութեան ու տեսութեան հարցեր, ինչպէս եւ հայ-ռուսական եւ հայ-էստոնական գրական յարաբերութիւններ։
Մեծ է Յակոբեանի նպաստը հայ աղբիւրագիտութեան․ ան երկար պրպտումներու եւ որոնումներու շնորհիւ յայտնաբերած է ու հրապարակած հայ գրականութեան եւ հայագիտութեան պատմութեան վերաբերող բազմաթիւ արժէքաւոր սկզբնաղբիւրներ ու փաստաթուղթեր։
Իբրեւ բնագրագէտ, հրատարակութեան պատրաստած է Խաչատուր Աբովեանի երկերու լիակատար ժողովածուի Է․, Ը․ եւ Ժ․ հատորները (1956, 1968, 1961)։ Ան խմբագրած է Ակսել Բակունցի ակադեմական քառահատորի առաջին հատորը (1976), Ռաֆֆիի Երկերու ժողովածուին 12 հատորեակին առաջին եւ եօթներորդ հատորները (1983, 1986), Միքայէլ Նալբանդեանի ակադեմական վեցհատորեակի առաջին եւ վեցերորդ հատորները (1979, 1997): 1987-ին լրացուցած ու հրատարակութեան պատրաստած է Երուանդ Պահազիզի Աշտարակի պատմութիւնը։ Իր անդուլ որոնումներուն արդիւնք են նաեւ Գալուստ Տէր Մկրտչեանի Հայագիտական հետազօտութիւններու Ա․ եւ Բ․ հատորները, որոնք յաջորդաբար լոյս տեսած են 1979-ին եւ 1998-ին:
Պիոն Յակոբեանի գրիչին կը պատկանին նաեւ՝
Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպին ստեղծագործական պատմութիւնը (1955),
Խաչատուր Աբովեան (կեանքի եւ ստեղծագործութեան համառօտ ակնարկ) (1955),
Խաչատուր Աբովեան (1809-1848) (1961),
Խաչատուր Աբովեան կեանքը, գործը եւ ժամանակը (1809-1836) (1967),
Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանը (1968, 1976),
Արեւելեան Հայաստանի՝ Ռուսաստանին միանալու արձագանգները հայ գրականութեան մէջ (1978),
Գրականութիւնը եւ ժամանակը (1980),
Վերելք․ վաւերական պատմութիւն առաջին անգամ Արարատ բարձրանալու մասին (1982),
Խաչատուր Աբովեան․ արուեստի եւ գրականութեան հարցեր ռուսերէն հատորը (1987),
Գալուստ Տէր Մկրտչեան, «Հայ կաթոլիկութիւնը պատմաքննական լոյսի տակ» ուսումնասիրութիւնը (1993․ նոյնը անգլերէն լոյս տեսած է Նիւ Եորք՝ 1994-ին),
Խաչատուր Աբովեանի կենսագրութեան առեղծուածները (1997)։ Այս վերջին գիրքին պիտի յաջորդէին Խաչատուր Աբովեան, կեանքը, գործը, ժամանակը, 1837-1843 հատորը եւ Աբովեանի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած բազմահատոր տարեգրութիւնը, որոնք սակայն լոյս չեն տեսներ իր մահուան պատճառով։
== Աղբիւրներ ==
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, հատոր Ի․, Պէյրութ, 2000, էջ 515-516։ |
4,522 | Մաքոպօ Մոճաճի | Մաքոպօ Մոճաճի VI (անգլերէն՝ Makobo Mdjadji, 1978 – 12 Յունիս 2005), Պալոպետու ցեղի 6-րդ անձրեւի Թագուհին էր։ Կ'ըսուի, թէ Մաքոպօ Մոճաճի ունէր կարողութիւնը կառավարելու ամպերու շարժումն ու անձրեւը: Մաքոպոն թագադրուած էր 16 Ապրիլ 2003-ին երբ ան 25 տարեկան էր՝ նախկին թագուհիին եւ իր մեծմօր մահէն ետք, Մոքոբէ Մոճաճի: Այս մէկը Մաքոպոն դարձուց ամէնակրտսեր անձրեւի թագուհին Պալոպետու ցեղի պատմութեան մէջ:
== Կենսագրութիւն ==
Մաքոպոն էր դուստրը Իշխանուհի Մախեալայի եւ էր միակ անձրեւի թագուհին ով պաշտօնապէս ուսում ստացած էր։ Մաքոպոն թագադրուած էր 16 Ապրիլ 2003-ին երբ ան 25 տարեկան էր՝ նախկին թագուհիին եւ իր մեծմօր մահէն ետք, Մոքոբէ Մոճաճի: Այս մէկը Մաքոպոն դարձուց ամէնակրտսեր անձրեւի թագուհին Պալոպետու ցեղի պատմութեան մէջ: Իր մայրը, բուն ժառանքորդը անձրեւի թագադրութեան, կը մահանայ 2 օր առաջ իր մեծ մօրմէն, ինչ որ զայն ինքնաբերաբար կը դարձնէ յաջորդ թագադրուելու թեկնածուն: Թագադրութեան օրը՝ թեթեւօրէն անձրեւեց, ինչ որ ընդունուեցաւ իբրեւ լաւ նշան:
Յարգուած անձ մը ըլլալով հանդերձ իր լաւ ընտանիքի պատմութեամբ եւ կարողութիւններով, Մաքոպօ կը համարուէր շատ նորաձեւ դառնալու համար անձրեւի Թագուհի, ինչ որ երկարաձգեց իր թագադրութեան ծրագիրը: Սովորութեան համաձայն, անձրեւի թագուհիները պէտք է մնային իրենց «պալատ»-ին մէջ եւ շատ յաճախ մնային հեռու ընկերութենէն: Սակայն Մաքոպոն ընդհակառակը՝ կը հագներ նորաձեւ տաբատներ եւ թի-շըրթ, կ'այցելէր խրախճանքի վայրեր, կը դիտէր հեռատեսիլի ֆիլմեր եւ իր հեռախօսին նամակներ կը ղրկէր:
Մոճաճի նաեւ ունէր սիրահար մը, Տէյվիտ Մոկալէ, ով կը կարծուէր հայրն էր իր երկրորդ զաւկին: Ան նախկին Մեծն Լեթապա քաղաքապետութեան կառավարողներէն մէկն էր։ Նաեւ կ'ըսուի, թէ ան փոխադրուած էր թագաւորական շրջանը, որպէսզի ապրի Մաքոպոյի հետ: Այս մէկը շատ մեծ հարց ստեղծեց Թագաւորական Նիստին մէջ, որովհետեւ նիստը զատած տղու մը պէտք է յղանայ, ով նաեւ ազնուական պէտք է ըլլար: Այս հարցերուն պատճառով՝ Մաքոպոն կը վտարուի գիւղէն:
== Մահն ու Դաւակցութիւնը ==
10 Յունիսիսն, Մաքոպօ կը դրուի Փոլոքուանէ Մէտի-Բժշկարան այն ատէն ձախող ախտաճանաչմամբ մը, եւ մահացաւ 2 օր ետք 27 տարեկանին:
բազմաթիւ մտածումներ ծագած են այս նիւթին շուրջ: Շատեր կ'ըսեն, թէ ան շատ վատաբար վիրաւորուած էր, թէ իսկոյն պիտի չկարենար տեսնել իր սիրահարը: Իր սիրահարը սակայն կ'ըսէ, թէ Մաքոպոն թունաւորուած էր նիստին կողմէ, թեպէտ հիւանդանոցի կազմը կ'ենդադրեն, թէ AIDS էր։ Ուրիշներ աւելի կը մտահոգուին իր եղբօր կորուստին վրայ՝ ան չգտնուեցաւ Մաքոպօյի մահէն ետք:
Նախքան Մաքոպօյի թաղման առարողութիւնը, անոր թաքաղը կը պահուէր Նիստի ատենապետին տունը: Տունը կրակէ մը կը բռնկի, սակայն թաքաղին վնաս չհասած կը մառեն կրակը: Այս առարքը ալ աւելի կասկածամտութիւններ կ'արթնցնեն:
Պաշտօնապէս քննութիւններէ անցնելէ ետք, կը գիտնան թէ Մաքոպօ մահացած է խելափառատապէ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Obituary
"Rain Queen's mysterious death could signal end of dynasty"
[1] — * "Women In Power From 2000." South African Balobedu People Crown 'Rain Queen' |
22,553 | Խաթաբալա (թերթ) | «Խաթաբալայ», երգիծական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1906 - 1916, 1922, 1925 - 1926-ին, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ա. Երիցեան, Ա. Աթանասեան։ Տպագրած է ֆելիետօններ, առակներ, հանելուկներ։ Դատապարտած է սուլթանական Թուրքիոյ հայաջինջ քաղաքականութիւնը, նպաստած՝ Անդրկովկասի ժողովուրդներու բարեկամութեան։ Արձագանգած է միջազգային իրադարձութիւններուն, Պալքանեան եւ Արեւելքի ժողովուրդներու ազատագրական պայքարին։
Արժեքաւոր կը համարուին Գէորգ Բաշինջաղեանի, Գ. Գրենեւսկիի, Գ. Երիցեանի, Ա. Միրզոյեանի, Գ. Ռոտտէրի պատկերազարդումները։ Աշխատակցած են Ատրպետը, Մ. Բագրատունին, Կ. Մելիք-Շահնազարեանը, Գ. Լեւոնեանը, Յովհաննէս Թումանեանը, Աւետիք Իսահակեանը, Մ. Արազին, Ստեփան Զօրեանը։ |
17,387 | Գերմանիոյ խոշոր քաղաքներու ցանկ | Գերմանիոյ քաղաքի կարգավիճակ ունեցող բնակավայրերու թիւը (գերմաներէն՝ Stadtrecht՝ բառացիօրէն քաղաքային իրաւունք) 2012 թուականի դրութեամբ կը կազմէէ 2063։ Ատոնցմէ չորսը ունին աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութիւն (Պերլին, Համպուրկ, Միւնիխ եւ Քյոլն)։
== Գերմանիոյ խոշոր քաղաքներու ցանկ ==
Աղիւսակի քաղաքներու բնակչութեան թուաքանակի մասին տեղեկատուությունը տրամադրուեր է 2015 թուականի Դեկտեմբերի 31-ին՝ հաշուի առնելով 2011 թուականի մարդահամարի արդիւնքներու նորացուած տույալները:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Գերմանիոյ վիճակագրական դաշնային վարչութիւն (Statistisches Bundesamt)(գերմ.)
Գերմանիոյ դաշնային հողերու քաղաքներն ու գիւղական բնակավայրերը ըստ Գերմանիոյ պաշտօնական աղբիւրներ(գերմ.)
Գերմանիայի դաշնային հողերի քաղաքներն ու շրջանները ըստ Գերմանիոյ պաշտօնական աղբիւրներու(գերմ.) |
18,326 | Ամազոնի անտառներ | Ամազոնի անտառներ, խոնաւ արեւադարձային մշտադալար լայնատերեւ անտառներու հսկայական տարածք, աշխարհի մեծագոյն արեւադարձային անտառները: Կը գտնուին Հարաւային Ամերիկայի մէջ։
Անտառները ունին 5,5 միլիոն քառ. Քմ. տարածութիւն, որ հաւասար է մոլորակին միւս արեւադարձային անտառներուն ընդհանուր մակերեսին կէսին: Անտառները կ'ընդգրկեն ինը երկիրներ (Պրազիլ, Փերու, Քոլումպիա, Վենեզուելլա, Էքուատոր, Պոլիվիա, Գայանա, Սուրինամ եւ Ֆրանսական Գվիանա): Ամազոնի անտառներուն մէջ կը գտնուի ամենաջրառատ եւ ամենամեծ գետը, որ կը կոչուի Ամազոն։ Անիկա յառաջացած է Մարանոն (Maranon) եւ Ուքայալի (Ucayali) գետերու միախառնումէն։ Ամազոն գետին մեծ մասը կը հոսի Պրազիլ։
Ամազոնի անտառները կը համարուին աշխարհի ամենագեղեցիկ անտառներէն։ Ամազոնի անտառները կը համարուին Երկիր մոլորակին թոքերը:
== Ամազոնի բնակիչները ==
Պրազիլի մէջ հնդիկները մօտաւորապէս մէկ միլիոն են, եւ անոնցմէ մաս մը կ'ապրի Ամազոնի անտառին մէջ, աշխարհէն հեռու: Ամազոնի անտառը կը ծածկէ Պրազիլի մեծ մասը: Ամազոնի անտառին մէջ գոյութիւն ունին նաեւ բազմաթիւ ցեղախումբեր: Այդ ցեղախումբերէն մէկը եանոմամիներու ցեղախումբն է: Անոնց թիւը կը հասնի 19 հազարի, եւ անոնք կ'ապրին 19 միլիոն քառակուսի քմ. տարածութեան մը վրայ, հիւսիսի լեռներուն եւ անտառին մէջ:Անոնք կը շինեն բոլորաձեւ մեծ տուներ, ուր երբեմն կ'ապրին մինչեւ 400 անձեր:Անոնք կ'ապրին որսորդութեամբ եւ բոյսեր կը քաղեն սնանելու եւ բուժուելու համար:Կ'ենթադրուի, որ շուրջ հարիւր մեկուսացած ցեղախումբեր գոյութիւն ունին Ամազոնի մէջ:
2017-ին անօդաչու սարք մը թռցնելով Պրազիլի վայրի անտառին վրայ, գիտնականները գտած են մեկուսացած ցեղախումբի մը անդամները, որոնք անտառին խորերը կ'ապրին եւ բնաւ հաղորդակցութեան մէջ չեն մտած քաղաքակրթութեան հետ: Անոնք մեկուսացած ցեղախումբ մըն են: Անոր անդամները կ'ապրին Ժաւարիի հովիտին մէջ, որ Պրազիլի Ամազոնաս նահանգին հարաւ-արեւելքը գտնուող շրջան մըն է:
== Կենսաբազմազանութիւն ==
Հարաւային Ամերիկայի խոնաւ արեւադարձային անտառները (Սելվա) կ'առանձնանան ամենամեծ կենսաբազմազանութեամբ: Անասուններու եւ բոյսերու բազմազանութիւնը հոն շատ աւելի է, քան Ափրիկէի եւ Ասիոյ արեւադարձային անտառներուն մէջ: Կան առնուազն 40.000 բոյսերու տեսակներ, 3000 տեսակ ձուկ, 1.294 տեսակի թռչուններ, 427 տեսակի կաթնասուններ, 428 տեսակի երկկենցաղներ, 378 տեսակի սողուններ եւ 96.660-ից մինչեւ 128.843 տեսակի տարբեր անողնաշարներ:
Երկրի վրայ Ամազոնի խոնաւ անտառներուն մէջ կան 16.000 ծառատեսակներ.
== Կենդանական աշխարհ ==
Ամազոնի մէջ կան բազմաթիւ անասուններ, որոնք կրնան լուրջ վտանգ ներկայացնել մարդոց համար: Մեծ գիշատիչներէն է յովազը: Կան նաեւ թունաւոր օձեր, ինչպէս նաեւ «շագանակագոյն սարդեր» Loxosceles: Գետերուն մէջ կան ելեկտրական կատուաձուկեր, որոնք կրնան մարդը սպաննել, ինչպէս նաեւ քաղցրահամ ջուրերու դլփիններ:
Մարդոց մէկ մասը կ'ըսէ, որ Ամազոնի անտառներուն մէջ ապրիլը շատ վտանգաւոր է, քանի որ այս անտառներուն մէջ կ'ապրին վտանգաւոր անասուններ եւ միջատներ։
Ամազոնի ամենավտանգաւոր անասունը կը համարուի Փիրանհա (Piranha) անունով ձուկը, որ կ'ապրի Ամազոն գետին մէջ։ Այս ձուկը կրնայ մէկ վայրկեանուան ընթացքին մարդը յօշոտել։
Բացի փիրանհաներէն Ամազոնի գետին մէջ կ'ապրին կոկորդիլոսներ։
Ծառերուն վրայ կ'ապրին զանազան տեսակի երկկենցաղներ՝ ծառամագլցողներու ընտանիքէն, որոնց մաշկը թոյն կ'արտադրէ: Հոս կը բնակին նաեւ տարբեր մակաբոյծներ եւ վարակիչ հիւանդութիւններ տարածողներ, ինչպէս՝ չղջիկներու որոշ տեսակներ: Խոնաւ տաք միջավայրը բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծէ մալարիայի, արեւադարձային տապի եւ այլ վարակիչ հիւանդութիւններու տարածման:
Խոնաւ անտառներուն մէջ կան միջատներ: Անոնց բազմաթիւ ներկայացուցիչներն են մրջիւնները ։ Ծառերուն վրայ կարելի է հանդիպիլ բզէզներու եւ թիթեռնիկներու:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Փիրանհա ձուկը |
21,303 | Մոն Պլան | Մոն Պլան (ֆրանսերէն՝ Mont Blanc, իտալ.՝ Monte Bianco, «Սպիտակ լեռ»), Եւրոպայի ամէնէն բարձր լեռնագագաթը, որ Ալպեաններու արեւմտեան մասիը՝ Ֆրանսայի մէջ։
«Մոն Պլան»ի գագաթը ունի 4807 մեթր բարձրութիւն, սահմանագլուխ է Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ միջեւ: Ստորոտը հաստատուած են փոքր գիւղեր, ուր գիւղացիներ կը զբաղին անասնաբուծութեամբ։
== Ծանօթագրութիւն == |
1,717 | Անդրանիկ Ալթունեան | Անդրանիկ Ալթունեան (Անդրէաս), Խմբագիր, ծնած Կ․Պոլիս 9 Դեկտեկպեր 1869-ին հայ կաթողիկէ ծնողքէ: Հնագէտ (antiquaire) միանգամայն հնարիչ եւ արտօնատէր հին թրքատառ գրի մեքենայի:
Աշակերա Քաղկեդոնի (Մուրատ-Ռափայէլեան) վարժարանի 1882—7. Հ․Ա․ճարեանի տեսչութեան օրով շրջանաւարտ:
Նախկին ազգային եռեսփոխան Պոլսոյ Հայ-Կաթողիկէ պատրիարքարանի: Ալթունեան Անդրանիկ Սահմանադրութենէն ետք (1908) Պոլիս կազմուած (յետոյ Փարիզ փոխադրուած) Մուրատ-Ռափայէլեան նախկին Աշակերտաց Միութեան ատենապետն էր ներկայիս Փարիզ կ՜ապրի եւ կը վարէ խմբագրութիւնը յիշեալ Միութեան պաշտօնաթերթ Տեղեկատու-ի: |
18,727 | Զաքինթոս (կղզի) | Զաքինթոս (յուն․՝Ζάκυνθος)․ մայրաքաղաքը՝ Զաքինթոս։ Յոնիական Ծովուն կեդրոնական կղզիներէն, Յունաստան։ Վենետիկցիներուն նախասիրած կղզին․ անոնք կղզիին տուած են Ֆիորօ թու Լեվանթէ ( Φιόρο του Λεβάντε․ թարգմ․՝ Արեւելքին ծաղիկը) եւ Ծանթէ անունը։ Տարածութեամբ՝ Յունաստանի 11-րդ կղզին է։ Իսկ Յոնիական կղզիներուն՝ երրորդը եւ բնակչութեամբ՝ երկրորդը։
Անոր ծովափները Յոնիական կղզիներուն լաւագոյններէն են։ Մայրաքաղաք Զաքինթոս, արեւմտեան Եւրոպայի մեծագոյն բնական նաւահանգիստն է․ կը գտնուի հսկայ ժայռի մը ստորոտին, ուր Տիոնիսիոս Սոլոմոս գրած է «Երգն Ազատութեան» Յունաստանի ազգային ոգերգը։ Այս կղզիին մէջ զբօսաշրջիկութիւնը շատ զարգացած է եւ ամէն տարի հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ'ընդունի։
== Աշխարհագրութիւն ==
Զաքինթոսի տարածութիւնն է՝ 406 ք․քմ․ եւ բնակչութեան թիւը՝ 40 758 է, ըստ 2011-ի մարդահամարին։ Հեռաւորութիւնը Պեղեպոնեզի Քիլլինի նաւահանգիստէն 9,5 ծովային մղոն է, իսկ Քեֆալոնիա կղզիէն՝ 8,5 ծ․ մղոն։
Բնակիչները կ'անուանուին Զաքինթյի կամ՝ Զաքինթինի Ζακύνθιοι – Ζακυνθινοί․
Կղզին կը նմանի անկանոն եռանկիւնի մը։ Զաքինթոսի հիւսիսի սրածայր մասին հրուանդանը Սքինարի (Σκινάρι ) կը կոչուի, իսկ հարաւը, երկու ծայրամասերու հրուանդաններուն միջեւ՝ արեւմուտքէն Մարաթիա եւ արեւելքէն Ղերաքաս, կը կազմուի Լաղանա Ծոցը։
Լաղանա Ծոցին մէջ կը գտնուին երեք կղզիակներ՝ Մարաթոնիսի, Այիոս Սոսթիս եւ Փելուզօ։ Իսկ աւելի վար, Ծոցին բացերը՝ Սրոֆատես կղզիները։
Զաքինթոսի արեւմտեան դարվար ափերը, Վրահիոնաս լերան ստորոտներն են եւ կը պահպանուին Natura 2000 Յատուկ Պահպանման Գօտի արձանագրութեամբ։
=== Կլիմայ ===
Զաքինթոս կղզին Միջերկրականեան մեղմ յատկութիւններով կլիմայ ունի։ Նոյեմբերէն մինչեւ Յունուար անձրեւները յաճախակի են։ Ամառը՝ ընդհանրապէս տաք է եւ չոր։
=== Երկրաշարժներ ===
Կղզին ենթակայ է երկրաշարժի յաճախակի զօրաւոր ցնցումներու։ Պատմութեան ընթացքին պատահած են բազմաթիւ կործանիչ երկրաշարժներ․ 16 Ապրիլ 1469-ին, 1513-ին եւ 1514-ին՝ կը քանդուի հին մայրաքաղաքը եւ Պոհալի ու Այիօ Իլիա բլուրները իրարմէ կը հեռանան, 1622-ին՝ Այիօ Սոսթիս հրուանդանը կղզիէն կը բաժնուի եւ կը կազմէ համանուն կղզիակը Լաղանա Ծոցին մէջ, 1742-ին՝ ամբողջ կղզին կը ցնցուի բազմաթիւ յետերկրաշարժային ցնցումներէ։ Կործանիչ կ'ըլլան նոյնպէս 1768-ի, 1809-ի, 1820-ի, 1840-ի, 1893-ի եւ 1912-ի երկրաշարժները։
==== 1953-ի Երկրաշարժը ====
12 Օգոստոս 1953-ին 7,1 ռիխթըր ուժգնութեամբ կործանիչ երկրաշարժը հիմնովին կը քանդէ կղզիին բոլոր կառոյցները եւ շէնքերը։ Կանգուն կը մնան միայն Այիօ Տիոնիսիս եկեղեցին, Ազգային Դրամատան շէնքը եւ Ամօ գիւղաքաղաքին դպրոցը։
Կործանիչ երկրաշարժէն տասնամեակ մը ետք, կղզին կը վերագտնէ ինքզինք եւ շէնքերը կը կառուցուին Հակաերկրաշարժային Ծրագիրի օրէնքներուն համաձայն։ Այսպիսով կղզին կը դիմանայ (փոքր վնասներ ունենալով) յաջորդող զօրաւոր երկրաշարժներուն՝ 1980-ին, 1990-ին (6,2), 2006-ին (5,9) եւ 26 Հոկտեմբեր 2018-ին (6,8)։
== Պատմական անդրադարձ ==
=== Առասպել եւ անուանում ===
Հոմերոս «Իլիատա» եւ «Ոդիսական» դիւցազներգութեանց մէջ, Զաքինթոսը կը նշէ իբրեւ υλήεσσα , որ անտառներով ծածկուած կը նշանակէ։ Զաքինթոս (Ζάκυνθος ) անունը յառաջացած է Ὑάκινθος (Եաքինթոս) կղզիին վրայ տարածուած ծաղիկէն։ Հնադարեան շրջանին, կղզիին բնակիչները կը հաւատային, թէ սեռած են Տարտանոս թագաւորին որդի Զաքինթոսէն։ Անոնք հիմնած են Սպանիոյ արեւմտեան ափերուն Սակունտ (Sagunt) գաղթօճախը։
Կղզիին անունը Գծային Բ․ գիրերով արձանագրուած գտնուած է արեւելեան Պեղոպոնեզի ծովեզերեայ Փիլոս (Pylos) (կամ՝ Navarin) քաղաքին մէջ, Միկինէական շրջանին պատկանող գերեզմանաքարի մը վրայ։
Ըստ Հոմերոսի Ոդիսականին, Զաքինթոս Դրոյեան պատերազմին 12 նաւերով մասնակցած է։
=== Հնադար ===
Պարսկական պատերազմներուն ընթացքին, կղզին չէզոք դիրք կը բռնէ եւ ընդհարումներէն հեռու կը մնայ։ Անոնց յաջորդող Պեղոպոնիզեան Ա.Պատերազմին Ք․Ա․ 459-446 թուականներուն Զաքինթոս Աթէնքի հետ կը դաշնակցի։ Նաեւ Աթէնքի կողքին կը մասնակցի Սիցիլիոյ (Սիքելիոյ) արշաւանքին Ք․Ա․ 415-143 թուականներուն:
=== Հռոմէական եւ բիւզանդական ժամանակաշրջաններ ===
Ք․Ա․ 4-րդ դարէն, Զաքինթոս Մակետոնիոյ իշխանութեան մաս կը կազմէ։ Իսկ Ք․Ա. 191-ին վերջնականապէս կ'իյնայ Հռոմէական կայսրութեան ձեռքը, ապա՝ Արեւելեան Հռոմէական Կայսրութեան՝ Բիւզանդական կայսրութեան։
Բիւզանդական շրջանին, կղզին կ'ենթարկուի ծովահէններուն եւ Վանտալոններուն (Vandales) յաճախակի յարձակումներուն, նաեւ՝ արաբներուն եւ նորմանտներուն։ Սիցիլիի նորմանտները կղզին կը գրաւեն 1185-ին եւ Զաքինթոս մաս կը կազմէ Սիցիլիոյ Թագաւորութեան (Βασίλειο της Σικελίας), մինչեւ 1479։
=== Վենետիկեան իշխանութիւն ===
1479-1797 թուականներուն կղզին կը գտնուի Վենետիկեան Իշխանութեան տակ։ Վենետիկցիները հմայուած կղզիին գեղեցկութենէն, զայն կ'անուանեն «Լեվանթինի Ծաղիկը» (Fior di Levante) եւ «Ոսկեայ կղզին» (Isola d'oro)։
Ռուս-թրքական եւ ֆրանսական գերիշխանութիւն
1797-1799 թուականներուն Յոնիական կղզիները ներառեալ Զաքինթոսը, Քամփօ Ֆորմիօ դաշինքով (traité de Campo-Formio) ֆրանսական գերիշխանութեան տակ կը գտնուին։
21 Մարտ, 1800-էն մինչեւ 8 Յունիս, 1807 Կոստանդնուպոլսոյ համաձայնագիրով Զաքինթոս մնացեալ Յոնիական կղզիներուն հետ «Եօթը կղզիներու Հանրապետութիւն» անուանումով կը գտնուին Ռուսիոյ եւ Օսմանեան լուծին տակ։
1807-1809 թուականներուն կղզիները կրկին կը գտնուին ֆրանսական տիրապետութեան տակ։
=== Անգլիական լուծ ===
1809-ին, ֆրանսական նաւատորմիղին պարտութեամբ, Անգլիացիները յաջորդաբար կը գրաւեն Յոնիական Ծովուն գլխաւոր կղզիները եւ Զաքինթոսը։
1815-1864 թուականներուն Զաքինթոս Անգլիոյ հովանաւորութեան տակ կը գտնուի՝ «Յոնիական կղզիներու միացեալ Պետութիւն» անունին տակ։ Սակայն, ինչպէս մնացեալ կղզիներուն բնակիչները, Զաքինթոսցիներն ալ տեւաբար կը ճնշեն պահանջելով անոնց միացումը Յունաստանին։
=== Յունաստանի հետ միացում ===
Յունաստանի Անկախութենէն տասնամեակներ ետք է, որ Յոնիական կղզիները մայր Յունաստանին կը միանան 21 Մայիս 1864-ին՝ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ստորագրուած դաշինքով մը։
=== Ի. դար եւ ժամանակակից շրջան ===
Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, կղզին կարճ ժամանակի մը համար ֆրանսական ուժերը կը գրաւեն։
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի սկզբնական շրջանին կղզին կը գտնուի նացիական Գերմանիոյ բռնապետութեան տակ։ Կղզիին քաղաքապետը եւ եպիսկոպոս Խրիսոստոմոս կը մերժեն նացիներուն յանձնել կղզիին հրեայ բնակիչները․ զանոնք կը պահեն գիւղական շրջաններու բնակիչներուն մօտ։
Կղզիին 275 հրեաները կը փրկուին։ Անոնց փրկութեան երկու գլխաւոր դերակատարները հետագային կը պարգեւատրուին Երուսաղէմի Եատ Վասեմ Yad Vashem թանգարանէն իբրեւ՝ Ազգերու Արդարները Righteous Among the Nations։
==== 1953-ի Երկրաշարժը ====
Օգոստոս 1953-ին Քեֆալոնիա եւ Զաքինթոս կղզիներուն միջեւ 2-12 Օգոստոս՝ 113 զօրաւոր երկրաշարժներ կ'արձանագրուին, որոնցմէ ամէնէն ուժեղը եւ քանդիչն էր՝ 12 Օգոստոս 1953 -ին 6,8 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժը։
== Տնտեսութիւն ==
Հարուստ բուսականութեամբ կղզի մըն է։ Գլխաւոր ճարտարարուեստներէն են՝ զբօսաշրջիկութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը։ Գիւղատնտեսութիւնը յենած է մանաւանդ ձիթենիի, կիտրոնազգի պտուղներու, չամիչի եւ ծաղկաբուծութեան արտադրութիւններուն վրայ։
== Փոխադրամիջոցներ ==
=== Ցամաքային ===
Զաքինթոսի տափարակ մասը ունի ճամբաներու եւ փոխադրամիջոցներու խիտ ցանց մը, որոնք մայրաքաղաքը կը կապեն կղզիին մնացեալ շրջաններուն հետ։
=== Ծովային ===
Կան երկու նաւահանգիստներ․ մայրաքաղաք Զաքինթոսինը եւ անկէ 32 քմ․ դէպի հիւսիս արեւմտեան Վոլիմես շրջանին պատկանող Այիոս Նիքոլաոս գիւղինը։ Երթեւեկութիւնը Յունաստանի մայր ցամաքամասին հետ կ'ըլլայ Պեղոպոնեզի հիւսիս-արեւմտեան Քիլլինի նաւահանգիստէն։ Նաեւ կը կապուի դրացի Քեֆալոնիա կղզիին հետ։
=== Օդային ===
Կղզիին միջազգային օդակայանը Zakynthos International Airport "Dionysios Solomos" (IATA: ZTH, ICAO: LGZA) (բացուած 1972-ին) մայրաքաղաքին մօտն է եւ կապուած է Յունաստանի տարածքին մնացեալ օդակայաններուն հետ։
== Մշակոյթ ==
Յոնիական Ծովուն կղզիները, դարերու ընթացքին զարգացուցած են իւրայատուկ մշակոյթ մը, որ ներկայիս կը բացատրուի իբրեւ Էփթանեզեան Դպրոց Επτανησιακή Σχολή (ճարտարապետութիւն, գեղարուեստ, երաժշտութիւն, եւ այլն)։ Զաքինթոս Քերքիրային հետ առաջնահերթութիւնը ունին։
Զաքինթոս կը նկատուի երաժշտութեան կղզին։ Բնակիչները երաժշտասէր են եւ ամէնուրեք կազմած են տեղական փոքր ընկերային բնոյթով «երգչախումբեր»։ Անոնք ընդհանրապէս կ'երգեն տեղական հին երգեր, մանաւանդ քանթատես καντάδες կոչուածը։
Կղզին ծննդավայրն է յոյն եւ իտալացի բազմաթիւ մտաւորականներու։ Տիոնիսիոս Սոլոմոս բանաստեղծը 1823-ին, Յունաստանի ազատագրական պայքարին ընթացքին կը գրէ «Երգն Ազատութեան» 158 տուներէ բաղկացած բանաստեղծութիւնը․ հետագային (1865) Յունաստանի Ազգային ոգերգը կը դառնայ։
Ուրիշ յատկանշական երեւոյթ մըն է բաց թատրոնի տեսակը, որ երեք դարու պատմութիւն ունի․ «խօսքեր (ομιλίες)» կը կոչուի։
2009-էն ի վեր, ամէն տարի ամրան, տեղի կ'ունենայ Ճազ երաժշտութեան փառատօնը (Φεστιβάλ Τζαζ Ζακύνθου / Zante Jazz Festival)։
Զաքինթոսի քաղաքապետութիւնը կը հրատարակէ երկամսեայ «Տիմոս + Փոլիթիա» (Δήμος + Πολιτεία) պարբերաթերթը։
== Բնապահպանում ==
=== Արեւմտեան եւ հիւսիս արեւելեան ափեր ===
Զաքինթոս կղզիին արեւմտեան եւ հիւսիս արեւելեան ափերը կը պահպանուին Natura 2000, GR2210001 արձանագրութեամբ։ Կ'ընդգրկեն հիւսիս արեւելեան Այիօ Նիքոլաօ ծոցէն մինչեւ հարաւային Զաքինթոսի Աքրա Մարաթիա ծայրամասը։ Արեւմտեան դարվար ափերը, Վրահիոնաս լերան ստորոտներն են։ Անոնք թուփերով պատուած են։ Իսկ անտառային տարածութիւնները՝ Հալէպեան շոճիներով Pinus halepensis։ Շրջանին 214,190 լծվարները կը պահպանուին «Natura 2000 Յատուկ Պահմանման Գօտի» արձանագրութեամբ։
Այս շրջանի կենսահարստութեան մաս կը կազմեն՝
Ինչպէս նաեւ՝ Սեւականջ Քարաբնակը ασπροκωλίνες - Oenanthe hispanica - Hippolais olivetorum երկոտանիները եւ Limonium phytosianum, L. zacynthium, Յոնիական խոլորձին Serapias ionica եւ շատ ուրիշ տեղայատուկ բուսական տեսակներ։
=== Լաղանա ծոցն ու Մարաթոնիսի եւ Փելուզօ կղզիները ===
1999-էն, Լաղանայի ծոցը յայտարարուած է իբրեւ Ազգային Պուրակ։ Հոն հաւկիթ կ'ածեն անհետացումի վտանգին ենթարկուած Քարեթա-Քարեթա կրիաները։ Ծոցին տարածութիւնը՝ 6977 լծվար, NATURA 2000 GR2210002 արձանագրութեամբ պահպանուած շրջան մըն է։
=== Ծովային ճեմապարտէզ ===
Զաքինթոսի Ազգային Ծովային Ճեմապարտէզը կը հիմնուի Յունաստանի Նախագահական հրամանով 1999-ին (Εθνικό Θαλάσσιο Πάρκο Ζακύνθου (Ε.Θ.Π.Ζ.) - National Marine Park of Zakynthos)։ Հոն կը պահպանուին շրջանին կենսահարստութիւնը՝ բուսականութիւնը եւ կենդաբանութիւնը, մանաւանդ՝ Քարեթա-Քարեթա կրիաները։
== Տեսարժան վայրեր, Պատկերասրահ ==
== Տես նաեւ ==
Քերքիրա
Փաքսի
Լեֆքատա
Քեֆալոնիա
Իթաքի
Քիթիրա
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Զաքինթոսի Ծովային Ճեմապարտէզը(յունարէն)
Զաքինթոսի քաղաքապետութեան կայքէջը(յունարէն)
Զաքինթոսի հրեաներուն հրաշալի պատմութիւնը(անգլերէն)
Սթրոֆատես, քարտէս(յունարէն)
Միջերկրականի Մոնահուս կրիան(անգլերէն)
Միջերկրականի Մոնահուս կրիան(անգլերէն)
Քարեթա քարեթա կրիան(անգլերէն)
[1](յունարէն)
Սեւաքար Բազէ(յունարէն)
Ծովագռաւ(յունարէն)
Սեւականջ Քարաբնակ(յունարէն)
Սեւականջ Քարաբնակ(յունարէն)
Սարտինեան երգակը(անգլերէն)
Սարտինեան երգակը(անգլերէն)
Սարտինեան երգակը(անգլերէն)
Երգն Ազատութեան, Տիոնիսիոս Սոլոմոս(անգլերէն)
Զաքինթոսի «քանդատա»յի նմուշ մը Γιαλό-Γιαλό (Ծովափէ՝ ծովափ)
Զաքինթոսի «քանդատա»յի նմուշ մը Απόψε την Κιθάρα μου (Այսօր Կիթառս)
Զաքինթոսի «քանդատա»ն․ գէֆի առիթ |
21,267 | Նանա Ալեքսանտրիա | Նանա Ալեքսանտրիա (13 Հոկտեմբեր 1949(1949-10-13), Փոթի, Վրացական Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), վրացի ճատրակիստուհի, գրոսմայստեր (1976), ԽՍՀՄ սպորտի վաստակաւոր վարպետ։
== Կենսագրութիւն ==
Նանա Ալեքսանտրիան ծնած է 1949 թուականին Վրացական Խորհրդային Սովետական Հանրապետության ժամանակաշրջանանին Վրաստանի Փոթի նավահանգստային քաղաքը։ Ստացած է լրագրողական կրթութիւն։ 1975 եւ 1981 թուականներու միջեւ մասնակցած է ճատռակի աշխարհի առաջնութիւններուն։
1963 թուականին առաջին անգամ մասնակցած է ԽՍՀՄ առաջնութեանը եւ երեք անգամ դարձել ԽՍՀՄ ախոյեան (1966, 1968, 1969)։ Համաշխարհային բազմակի ոլիմպիական յաղթող է (1969-1980)։ 1967-1990 թուականներուն՝ ճատրակի աշխարհի առաջնութիուններու մասնակից ու աւելի քան 20 միջազգային մրցաշարքի յաղթող է։
== Ծանոթագրութիւններ == |
2,467 | Մկրտիչ Գարակէօզեան | Մկրտիչ (Միքէ, Միքայել, Մայք) Գարակէօզեան (1880/90, Կ. Պոլիս - 15 Ապրիլ 1915), հայ բժիշկ։
Ծնած է 1880(1890) թուականին, Կոստանդնուպոլիս։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Կ. Պոլսոյ թաղային վարժարաններէն մէկուն մէջ։ 1914 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։
1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսելէ ետք, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ծառայած որպէս՝ Վանի գաւառի, Սարայի (Սարոյի) գաւառակի՝ զինուորական հիւանդանոցի զինուորական բժիշկ։
1915 թուականին՝ հիւանդանոցէն ներս ծառայութեան ժամանակ, ձերբակալած են զինք, փրցուցած՝ հարիւրապետի զինուորական ուսադիրները, վերցուցած՝ սպայական սուրը եւ բանտարկած։
1915 թուականի Ապրիլ 15-ին՝ Վանի նահանգապետ Ճեւտէթ պէյի հրահանգով դաժանօրէն սպանուած, Սարայի զինուորական հիւանդանոցի մօտակայքը, իր իսկ բուժած թուրք զինուորի ձեռքով՝ 25 կամ 35 տարեկան հասակին։
== Գրականութիւն ==
Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1990։
== Աղբիւրներ ==
Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։ |
5,859 | Ռուսթաւի | Ռուսթավի, (վրաց.՝ რუსთავი) քաղաք է Վրաստանի հիւսիսային մասին մէջ, Կուռ գետի ափերին, 25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ Թբիլիսիէն։ Բնակչութիւնը՝ 128 680 մարդ (2020)։
Հայկական աղբիւրներնուն մէջ քաղաքը երբեմն կը կոչուէր Ոտան քաղաք։
== Պատմութիւն ==
Ըստ առասպելի, հին Ռուսթավի քաղաքը հիմնադրած է վրացիների նախահայր Քարթլոսի այրին եւ սկիզբէն Բոստան Քալաքի անունը ստացած է։ Քաղաքի հիմնադրման իրական թուականը անյայտ է, սակայն արդէն մ.թ. IV-V դարերուն այստեղ կար բերդ, տաճար եւ ոռոգիչ ջրանցքներ։ Քաղաքը ապրած է իր ծաղկման շրջանը Թամար թագուհիի օրով։ Մօտաւորապէս 1236 թուականին քաղաքը ամբողջութեամբ աւերած են մոնղոլները։Նոր քաղաքը հիմնադրուած է 1948 թուականին հին Ռուսթավիի սկզբնական վայրի մօտ, քանի որ կառուցուած էր խոշոր մետաղագործական գործարան։
== Բնակչութիւն ==
Ըստ 1989 թուականի Համախորհուրդային մարդահամարի տուեալներուն Ռուսթավի քաղաքին մէջ կը բնակէին 158,661 մարդ։ Ըստ 2002 թուականի մարդահամարին քաղաքը կ՛ապրէր միայն 11,6384 մարդ։
== Քոյր քաղաքներ ==
Կաղապար:Country data Ատրպէյճան Գանձակ (Ատրպէյճան)
Կաղապար:Country data Ատրպէյճան Սումգայիթ (Ատրպէյճան)
Լեհաստան Լոձ (Լեհաստան)
Ուքրանիա Չերկասի (Ուքրանիա)
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,077 | Գէորգ Արծրունի | Գէորգ Արծրունի (1789, Վան - 7 Յունուար 1894, Թիֆլիս), հայ հասարակական գործիչ, քահանայ։
Մկրտութեան անունւ՝ Մարտիրոս, ծանծ է Երզնկա, զաւակն է Տ. Գէորգ քահանայի, որ վանահայրն էր Ս. Գէորգ մենաստանին, վեեւջինս Պոլիս գալով՝ Գարթալի մէջ վախճանած է։
Մարտիրոս, մանկութեան տարիներուն, վանքին ուլերը կ՛արածէ, իսկ ձմեռները «Պնակ» ու «Քերական» կը կարդայ։ 15 տարեկանին Պոլիս կու գայ եւ Օրթա գիւղի վարժարանին մէջ կը ստանայ իր դաստիարակութիւնը՝ Փէշտիմալճեան Գրիգորէն եւ ձայնաւոր սարկաւագ Պետորս վարժապետներէն։ Ուսումը աւարտելէն ետք՝ դպրոցին Միւթէվէլլի Մանանեան Յակոբ Ամիրայի տղոցը անձնական դասեր տալով մէկտեղ, 9 տարիի չափ ուսուցչութիւն կ՛ընէ (անձնական դասեր տալով տուներէ ներս)։ Ապա Մուլշայաճեան Աբրահամի քով կը նշանակուի՝ գրագիր եւ վերջապէս Խասգիւղի վարժարանին վարժապետ կը կարգուի՝ մանաւոր կոնդակով մը, որ ղրկուած էր Միւթէվէլլի Միսաքեան ամբրայի։
Մարտիրոս 3 տարի Խասգիւղի վարժարանին ներս ուսուցչութեան պաշտօն կը վարէ, այս միջոցին՝ 1831 թուականին, Եկեղեցին կը նորոգուի ու կ՛ընդարձակուի, զոր օծումը կը կատարէ Կարապետ Պատրիարք։
Եկեղեցիին շինութեան աւարտէն ետք, դպրոցին շինարարական աշխատանքներուն ձեռնարկումը կը կատարուի, ինչ որ տարիէ մը աւելի կը տեւէ։ Այդ պատճառով դպրոցը Ճաֆճաֆեան Մինասի տունը կը փոխադրուի։ Արծրունի այդ միջոցին կ՛ամուսնանայ, իսկ 1832 թուականին քահանայ կ՛օծուի՝ Ալաւնի Ստեփան Պտրիարքի ձեռամբ, Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Այն շրջանին Գաղէղ Յարութիւն ամբրան Պատրիարքէն կը պահանջէ, որ վարժագետի ցուցակ մը պատրաստուի, որուն մէջ գտնուէր նաեւ Արծրունին, զոր օծուած էր՝ իբրեւ Խասգիւղի եկեղեցւոյ քահանայ։
1835 թուականին Պատրիարքարանի կողմէ, կ՛ընտրուի «Դաստաստանական եւ Սրբաքննութեան Ժողովներ»ու անդամ, իրեն ընկեր ունենալով Բաշէոս վարդապետ, Տէր Գալուստ Օրթալիւի եւ Տ. Զաքարիա Բերայի։
Քահանայութենէն վերջ եւս ան շարունակած է վարժապետութիւնը եւ օգտուելով Ճէզայիրլեանի իր վրայ ունեցած համադրութենէն, «Կար Ժաբան»ը նորոգել եւ բարեկարգել տուած է. քանի մը հազար անձերու գործ գտնելու եւ կարգ մըն ալ պատանիներու՝ Եւրոպա ղրկել տալու խորհուրդը տուած է, բարեսիրտ Ամիրային։
Արծրունի 7 ամիս Չօրլու մնալով, այնտեղի Առաջնորդարանին մէջ, իրեն բազմաթիւ համակրողներ կը գտնէ, մասնաւորաբար Յակոբոս Կրճիկեանը,որ մեծանուն Ռէշիտ փաշայի անձնական քարտուղարն էր։ Անոնք չափազանց կ՛աշխատին քահանային վերադարձին համար։ Նոյն ինքն Յակոբոս Պատրիարք ալ համոզուելով Արծրունիի անմեղութեան, կ՛աշխատի նոյն գործին եւ հաւաքական դիմումներու եւ միջնորդութիւններու շնորհիւ Արծրունի Պոլիս կը վերադառնայ, ուր Պալեան ամբրայ ալ զգալով իր սխալիլը ներողութիւն կը խնդրէ Տ. Գէորգէն։
1845 թուականին Մատթէոս Պատրիարքէն մասնաւոր կոնդակով Աւագերեց կը կարգուի Խասգեղի Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիին։
Այս ընթացքին, «Հոգեւոր Ժողով»ի անդամ կ՛ընտրուի եւ աւելի ետքը «Կրօնական Ժողով»ի անդամ. իր վերջին պաշտօնը կ՛ըլլայ, Յարութիւն Պատրիարքի օրով, «Աւագերիցանց Յանձնաժողովոյն» ատենապետութիւնը։
Արծրունի Շահնազարեան Կարապետ վրդ.-ի մտերիմը եղած է եւ Ներսէս Վարժապետեանին վարդապետ ձեռնադրուելու խորհուրդ տուած է։ Իր բոլոր ժամանակակից եկեղեցականներէն եւ նոյնիսկ Բողոքական միսիոնարներէն միշտ յարգուած է եւ իր տունը ժամադրավայր մը եղած՝ բոլոր մեծ անձնաւորութիւններուն, որոնք աշխարհի չորս կողմէն կու գային Պոլիս եւ անպատճառ Խասգեղ երթալով կ՛այցելէին հարիւրամեայ ծերունիին։ Գոհունակութեան կոնդակներ ստացած է Մատթէոս, Սիսի Կիրակոս եւ Գէորգ Կաթողիկոսներէն։ Իր միակ մանչ զաւակին կատարեալ կրթութիւն տուած է եւ երբ հէգ Տոքթ. Միհրան Արծրունի բժշկութեան վկայականը առած Բարիզէն կը վերադառնար, ահա տարաբաղդ հօր յոյսերը կը մեռնին. մահը կանխահաս կերպով կը խլէր զայն իր եւ ընտանիքին ձեռէքն։ Ինք սակայն, իբրեւ կատարեալ հաւատացեալ, կը հաւատար անմահութեան եւ անդադար կ՛օրհնէր կամքն «Յաւիտենականին Աստուծոյ»։
Արծրունի բացի ընտիր հայերէնէն, գիտէր նաեւ բաւական ֆրանսերէն եւ իտալերէն։ Ունէր անտիպ կրօնական եւ բարոյագիտական գրութիւններ, որոնց մէջ արտայայտած է՝ իր հակառակ ոգին, Լատին կղերին դէմ։ Այդ ձեռագրերը 1896 թուականին Խասգիւղի մէջ կողոպտուած եւ ջնջուած են։
Վախճանած է 1894 թուականի Յունուար 7-ին, 107 տարեկան հասակին, թողելով ճշմարիտ պաշտօնեայի անուն մը։
== Աղբիւր ==
Յիշատակարան, Վ. Գ. Զարդարեան, Կ.Պոլիս 1911,Ա. հատոր, էջ 72: |
5,920 | Մայլի Սայրըս | Մայլի Ռեյ Սայրըս (անգլերէն՝ Miley Ray Cyrus, 23 Նոյեմբեր 1992(1992-11-23), Նաշվիլ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) ամերիկացի երգչուհի, երգահան եւ դերասանուհի։ Ան իր դերասանական առաջին քայլերը առած է նկարահանուելով «Doc» հաղորդաշարին եւ «Մեծ ձուկը» ժապաւէնին մէջ։ 2006-ին Սայրըսը կը դառնայ խոստումնալից դեռահաս-կուռք՝ մասնակցելով Disney Channel-ի Հաննահ Մոնթանա մանկական հաղորդաշարին, նկարահանումներու լսումներուն եւ ստանալով գլխաւոր հերոսուհիի՝ Մայլի Սթուարթի դերը։ 2007-ին Hollywood Records-ի հետ պայմանագիր կնքելով, Սայրըսը կը հրապարակէ իր աշխատանոցական ալպոմը՝ «Meet Miley Cyrus»-ը։ Այդ կը դառնայ քառապատիկ-փլաթինէ, կը վաճառուի աւելի քան 4 միլիոն օրինակներով եւ կը հրապարակէ «See You Again» երգը։
2008-ին Սայրըսը կը հրապարակէ իր երկրորդ՝ «Breakout» ալպոմը, որուն մէջ ներառուած էր յաջողուած 7 Things երգը եւ կը սկսի հնչիւնաւորող-դերասանուհիի ասպարէզը Պոլդ մանուկներու ժապաւէնով։ 2009-ին Սայրըսը կը նկարահանուի «Հաննա Մոնթանա» Ժապաւէնին մէջ, որուն The Climb երգը կը դառնայ աշխարհահռչակ։ 2009-ին հրապարակուած The Time of Our Lives փոքր ալպոմին մէջ Մայլին հանդէս կու գայ աւելի հասուն կերպարով, որով մեծ յաջողութիւններու կը հասնի Party in the U.S.A. երգը։ Անցման ժամանակաշրջանը կը շարունակուի իր երրորդ՝ Can't Be Tamed (2010) աշխատանոցական ալպոմին մէջ։ Ալպոմի համանուն երգը պետք է ըլլար մեծ յաջողութիւն, սակայն ծանուցումներու անյաջողութիւններու պատճառաւ այդ դարձաւ Սայրըսի երաժշտական ասպարէզի ամէնաքիչ վաճառուած երգը։ Նոյն տարուան վերջին, ան կը նկարահանուի Վերջին երգը ժապաւէնին մէջ, որով կը սկսի իր եւ Լիամ Հեմսվորթի սիրային յարաբերութիւնները, զոյգը միասին կը մնայ աւելի քան երեք տարի՝ աւարտելով յարաբերութիւնները 2013-ին։
Սայրըսը կը կեդրոնանայ իր դերասանական ասպարէզին վրայ, նկարահանուելով քանի մը հաղորդաշարերու եւ ժապաւէններու մէջ 2011 եւ 2012 թուականներուն։ Այնուհետեւ ան պայմանագիր մը կը կնքէ RCA Records-ի հետ, «Bangerz»-ի (2013) ալպոմին գծով, որ գայթակղեցուցիչ կը համարուի հանրութեան կողմէ։
2010-ին Սայրըսը Forbes-ի 100 ցուցակին մէջ 13-րդ հորիզոնականը կը գրաւէ եւ կը ճանչցուի իբրեւ «Ամէնաշատ սիրուած դեռահաս երգչուհին», 2011-ին կը գրանցուի Guiness Book of World records-ի՝ 2009-ի Նոյեմբերին ունենալով 21 երգեր «Billboard Hot 100»-ի մէջ։ 2013-ին MTV-ն զիմք կը ճանչնայ իբրեւ «Տարուան Արուեստագիտուհի»:
== Կեանքը Եւ Ասպարէզը ==
=== 1995-2005՝ Երիտասարդ Կեանքը Եւ Ասպարէզի Սկիզբ ===
Դեսթինի Հոուփ Սայրըսը (անգլ. թարգմ. Destiny, Hope - ճակատագիր, յոյս) ծնած է 23 Նոյեմբեր 1992-ին Ֆրանկլին, Թենըսիի մէջ Լեթիշիա Ճին «Թիշ» Սայրըսի եւ գեղջկական երգիչ Պիլլի Ռեյ Սայրըսի ընտանիքին մէջ։ Ան մեծացել է Ֆրանկլինում գտնվող 200 հեկտարանոց ագարակում։ Իր անունը դրուած է ծնողներուն կողմէ, հաւատալով, որ իրենց դուստրը կե դառնայ մեծ մարդ եւ կ'ընէ լաւ բաներ։ Նաեւ ստացած է «Սմայլի» մականունը՝ իր մանկական ժպիտին պատճառով, որը շուտով կրճատուեր է «Մայլի»-ի։ Ան 2008-ին պաշտօնապէս կը փոխէ իր անունը Մայլի Ռեյ Սայրըսի. իր երկրորդ անունը մանցած է հօրական կողմի մեծ հօր՝ ժողովրդավար քաղաքական գործիչ Ռոանլտ Ռեյ Սայրըսի, որուն հետ ան շատ մտերիմ էր մինչեւ 2006 թուական, երբ ան մահացաւ։ Սայրըսի ծնողները կ'ամուսնանան իր ծնելէն մէկ տարի ետք՝ Դեկտեմբեր 28, 1993-ին։ Cyrus's parents secretly married a year after her birth on December 28, 1993. Այնուհետեւ անոնք կ'ունենան երկու երեխաներ՝ որդի Պրեյսոնը եւ դուստր Նոան։ Սայրըսն ունի աւագ եղբայր Թրեյսը եւ քոյր Պրենտին, եւ աւագ խորթ-եղբայր Քրիստոֆըրը։ Քրիստոֆըրը մեծցած է իր մօր Քրիստին Լյուքի հետ՝ Հարաւային Քարոլանիայի մէջ. Իր չորս քոյրերն ու եղբայրները նոյնպես կը զբաղին զուարճութեան բիզնեսով։ Թրեյսը Metro Station փոփ խումբին եգիչն ու կիթառիստն է, Նոան դերասանուհի է, Պրեյսոնը նորաձեւութեան տիպար, իսկ Պրենտին կիթառիստ։
Սայրըսի կնքամայրը գեղջկական երգչուհի Դոլլի Փարթոնն է։Մայլին յաճախած է «Heritage» տարրական դպրոցը։ Ան մեծացել է որպէս քրիստոնեա եւ կնքուած է Հարավային Պաբդիստական եկեղեցիին մէջ՝ 2005-ին Հոլիուտ տեղափոխուիլէն առաջ։ Ան յաճախ եկեղեցի կ'երթար եւ կը կրէր մաքրութեան մատանի մինչեւ մեծնալը։ 2001-ին, երբ Սայրըսը ութ տարեկան էր, ան եւ իր ընտանիքը կը տեղափոխուին Թորոնթօ, Քանատա, քանի որ հայրը կը նկարահանուէր Doc հաղորդաշարին մէջ։ 2001-ին Պիլլի Ռեյը տանիլով զայն Mirvish production-ի Mamma Mia!-ին Royal Alexandra փառատօնին, Սայրըսը կը բռնէ հօր ձեռքը ու կ'ըսէ. «Հայրիկ, այս է ինչ ես կ'ուզեմ ընել: Ես կը ցանկամ դերասանուհի դառնալ»: Ան Թորոնթոյի մէջ գտնուող Armstrong Acting Studio-ին մէջ կը ստանայ դերասանական արուեստի եւ երգեցողութեան դասընթացքներ։ Ստանալով իր առաջին դերը, Սայրըսը կը խաղայ «Քայլի» դերը Doc-ի մէջ։ 2003 թվականին, Մայլին տիտրերում նշվեց որպէս Դեսթինի Հոուփ եւ խաղաց Թիմ Բարթոնի «Մեծ ձուկը» ժապաւէնում փոքրիկ Ռութիի դերը։ Այդ ժամանակաշրջանին, ան Թեյլոր Լոթնըրի հետ կը մասնակցի «Sharkboy and Lavagirl» 3D ժապաւէնին, որուն մէջ անհաջողութիւն ունեցաւ եւ իր փոխարէն ընտրուեցաւ ուրիշ դերասանուհի, սակայն Սայրըսը կը սկսի իր ասպարէզը «Հաննահ Մոնթանա»-ով։
=== 2006՝ Յառաջընթաց Հաննահ Մոնթանայի հետ ===
11 տարեկան-ին, Սայրըսը կը մասնակցի Հաննա Մոնթանայի լսումներուն, Disney Channel-ի մանկական հաղորդաշար, որ կը պատմէ դպրոցական աղջկայ մը մասին, որ կը վարէ երկու կեանք՝ ըլլալով նաեւ փոփ-երգչուհի։ Սայրըսի տեսասկավառակը ուղարկուեցաւ աշխատանոց, Հաննայի լաւագոյն ընկերուհիի դերի համար, սակայն ան այնպէս մը յայտնուեցաւ այդ մասին, որպէսզի ան մասանկցի գլխաւոր դերի՝ Քլոյէ Սթյուարթի լսումներուն։ Ուղարկելով նոր տեսասկավառակ եւ ուղեւորուելով դեպի Հոլիուտ, Սայրըսը ըսաւ, որ ան դեռ շատ փոքր է այդ դերին համար։ Չնայած անոր, հաղորդաշարի յօրինողները հրաւիրեցին զայն լսումներուն՝ ստուգելու անոր դերասանական եւ երաժշտական ունակութիւնները։ Այդ նոյն տարին Սայրըսին բաժին հասաւ գլխաւոր դերը, սակայն արդէն վերանուանուած Մայլու Սթյուարթի։ «Հաննա Մոնթանա»-ի նախադիտումը տեղի ունեցաւ 24 Մարտ, 2006-ին, եւ ունեցաւ Տիզնէյ կայանի երբեւէ ունեցած լաւագոյն արդիւնքը՝ ապահովելով առաւելագոյն հեռուստադիտողներ եւ դառնալով ամէանբարձր վարկանիշ ունեցող հաղորդաշարերէն մէկը, բարձրացնելով Սայրըսի հարստութիւնն ու փառքը։ Այս ամէնը օգնեցին Մայլիին դառնալ միլիոնաւոր դեռահասներու կուռք։ Time ամսագիրը անդրադարձաւ Սայրըսի երեւութական յաջողութիւնը, ըսելով, որ ան անոր հասած է իր տաղանդի շնորհիւ։ Մայլին եղաւ առաջին արուեստագէտը, որ պայմանագրեր կնքեց հեռուստատեսության, կինեմատոգրաֆիայի, սպառվող ապրանքների ընկերությունների եւ երաժշտական լեյբլերի հետ՝ միաժաման համագործակցեելով Ուոլթ Դիսնեյ ընկերության հետ։ Քանի որ Սայրըսի կարիերան բարգավաճում էր, նրա մայրը կատարեց մի քանի կարեւոր արաշումներ դստեր ներկայացուցչության հարցում։ Ան պայմաանգիր ստորագրեց Միշել Գոսեթի հետ, ով Cunningham Escott Slevin Doherty-ի երիտասարդական բաժնի տնօրենն էր։ Նրան հանձանրարված էր «բացահայտել» Սայրըսին Հանան Մոնթանայի լսումներին մասանկցելուց հետո։Սայրըսի կնքամայր, գեղջկական երգչուհի Դոլլի Փարթոնի առաջարկութեամբ, Թիշ Սայրըսը պայմաանգիր կնքեց նաեւ Ճեյսըն Մորիի հետ Morey Management Group-էն, որ զբաղուեցաւ անոր երաժշտական ասպարէզով։
Հաննա Մոնթանայի գլխաւոր երգ «The Best of Both Worlds»-ի նախադիտումը տեղի ունեցաւ 28 Մարտ 2006-ին։ Երգը նշվեց որպէս «Հանան Մոնթանայի»՝ հայնտի փոփ աստղի կերպարով, որը մարմանվորում էր Մայլին։ Ամեն անգամ, երբ Սայրըսը կատարում էր Մոնթանային վերագրված երգերը, ան հագնվում էր տիպիկ Հանան Մոնթանայի հագուստներով։ Այդ դարձաւ Սայրըսի առաջին աղիւսակաւորուած երգը՝ զբաղեցնելով Billboard Hot 100-ի 92-րդ տեղը։ Երգը հաջողութիւններ ունեցաւ նաեւ այլ երկիրներու մեջ, Մեծ Պրիտանիայի մէջ զբաղեցնելով 43-րդ հորիզոնականը, իսկ Իռլանտայի մէջ 17-րդ հորիզոանկանը։ Հագնելով որպէս Հաննա Մոնթանա, ան կատարեց The Cheetah Girls-ի «The Party's Just Begun Tour»-ի 22 համերգներու բացումը, որ սկսաւ 15 Սեպտեմբեր 2006-ին։ Հոկտեմբեր 24-ին Walt Disney Records-ը հրապարակեց Հանան Մոնթանայի երգերու առաջին ալպոմը։ Ալպոմին մէջ գրանցուած 9 երգերէն 8 հատը վերագրուած էին Մոնթանային, իսկ մէկը, որ ան կը կատարէր իր հօր հետ, որուն անունն էր «I Learned from You»՝ նշուած էր Սայրըսը, որպէս կատարող։ Առաջին երգը, որ վերագրուած էր՝ Սայրըսին՝ Ճեյմս Պասկեթի "Zip-a-Dee-Doo-Dah" երգն էր, որ տեղ գտաւ DisneyMania-ի 4-րդ սկավառակի մէջ եւ դուրս եկաւ 4 Ապրիլ 2006-ին։ Ալպոմը մէկ անգամէն տեղ գտաւ Ամերիկեան Billboard 200-ի առաջին հորիզոանկանին մէջ եւ առաջին իսկ շաբաթէն կը վաճառուի 281,000 օրինակներով։ Ալպոմը մանց առաջին հորիզոանկանում երկրորդ շաբաթվա ընթացքում եւ համաշխարհային մասշտապով գրանցուեցաւ 3.7 միլիոն օրիանկներու վաճառք։ Այս ընթացքին Սայրըսը հրապարակեց իր հօր հետ ձայանգրած "Ready, Set, Don't Go" երգը, որ եղաւ իր առաջին յաջողութիւնը Top 40-ին մէջ, որ վերագրուած էր իրեն, իսկ Billboard Hot 100-ի մէջ գրաւեց 37-րդ հորիզոանկանը։ Այդ դարձաւ նաեւ իր առաջին Top 10 յաջողութիւնը, որ Hot Country Songs-ին մէջ գրաւեց 4-րդ հորիզոանկանը։
=== 2007-08՝ Meet Miley Cyrus եւ Breakout ===
Հաննա Մոնթանայի երկրորդ եթերաշրջանը պաստար բարձրացաւ 23 Ապրիլ 2007-ին եւ ձայնասփրուեցաւ մինչեւ 12 Հոկտեմբեր 2008-ը։ Սայրըսը պայմաանգիր է կնքում Hollywood Records-ի հետ՝ իր հետագա ալպոմների համար։ Կրկանկի սկավառակ «Hannah Montana 2: Meet Miley Cyrus»-ը թողարկվեց 2007 թվականի հունիսի 26-ին։ Առաջին սկավառակը կը հանդիսանար այդպէս հաղորդաշարի երկրորդ եթերաշրջանի երգերու ալպոմ, իսկ երկրորդը՝ Սայրըսի առաջին աշխատանոցային ալպոմը։ Այն հրապարակման առաջին շաբաթէն իսկ գրաւեց Billboard 200-ի առաջին հորիզոանկանը՝ վաճառուելով 326,000 օրինակներկով։ Recording Industry Association of America-ի համաձայն, ալպոմը շուտով կը դառնայ եռակի պլատինե։ Սայրըսի առաջին երգը՝ «See You Again»-ը կը դառնայ անոր ասպարէզի առաջին Top 10-ը Billboard Hot 100-ին մէջ։ Երգը յաջողութիւններ գրանցեց նաեւ Աւստրալիոյ մէջ եւ Քանատայի մէջ, աղիւսակներով գտնուելով նոյնպէս Top 10-ին մէջ։«Start All Over» երգը, որ ալպոմի երկրորդ երգն էր, դուրս եկաւ 2008-ի սկիզբին, սակայն չունեցաւ նախորդի յաջողութիւնը՝ զբացեցնելով 68-րդ տեղը Hot 100-ին մէջ։ Հանան Մոնթանայի բազմաթիվ երգներ զբաղեցրեցին տարբեր հորիզոանկաններ։
== Ժապաւէնագրութիւն ==
== Սկաւառակագրութիւն ==
Hannah Montana 2: Meet Miley Cyrus (2007)
Breakout (2008)
The Time Of Our Lifes EP (2009)
Can't Be Tamed (2010)
Bangerz (2013)
Miley Cyrus and Her Dead Petz (2015)
Younger Now (2017)
She Is Coming (2019)
Plastic Hearts (2020)
== Ծանոթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Պաշտոանկան կայք |
1,788 | Աշխադար | Կաղապար:Տեղեկաքարտ միապետ
Աշխադար (ծն. եւ մահուան թթ. անյայտ), Հայոց թագաւոր՝ 110-113–ին։ Յաջորդը՝ Տրդատ Ա.–ի, որդին՝ Պարթեւաստանի Բակուր II թագաւորի։ Գահ բարձրացաւ Հռոմի եւ Պարթեւաստանի փոխհամաձայնութեամբ։ Պարթեւաց Խոսրով Ա. թագաւորը 113–ին Աշխադարին կը գահազրկէ եւ փոխարէնը զայն կը նշանակէ եղբայր Պարթամասիրին։ Այս փոփոխութիւնը դիտելով պայմանախախտութիւն՝ Տրայանոս կայսրը 114–ին կ'արշաւէ Արեւելք, կը նուաճէ Պաթեւաստանը, գահընկեց կ՛ընէ Պարթամասիրին։
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Հաջորդականություն2 |
2,407 | Խորէն Արք. Գալֆայեան | Խորէն Արք. Գալֆայեան (Նար-Պեյ Լուսինեան) (6 Սեպտեմբեր, 1831 - 4 Նոյեմբեր, 1892), հայ բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ, խմբագիր, ուսուցիչ, դպրոցի տնօրէն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հովիւ, կղերական։
ԻՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Վենետիկէն կու գայ։ Գրական իր պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ ոճի, շունչի, բանաստեղծական զգայարանքի բոլոր յատկանիշները՝ Մխիթարեան են։ Գրական պաճուճամոլութիւնը, գրաբարին անթօթափելի հմայքը, բանաստեղծութիւնը պատումի միջոց դաւանելու միամիտ հաւատքը իրեն հետ կը բերէ՝ սքեմին տակ։ Անդամ է Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան:
1854-ին կը խզէ իր կապերը Ս. Ղազարու հետ ու կը դառնայ Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետ։ Իրեն հետ Միաբանութիւնն ու կաթոլիկ եկեղեցին լքած են նաեւ Գաբրիէլ եպս. Այվազովսքի՝ հիմնադիր եւ առաջին խմբագիր «Բազմավէպ»ի՝ (1843—1848), Ամբրոսիոս վրդ. Գալֆայեան (եղբայրը Նար-Պէյի, Հելուսինեան անունով ծանօթ) եւ Սարգիս Վրդ. Թէոդորեան:
1855-ին՝ Գաբրիէլ վրդ. Այվազովսքի` Փարիզի մէջ կը ձեռնարկէ «Մասեաց Աղաւնի-Աւետաբեր Հայաստանեայց» հանդէսի հրատարակութեան, աշխատակցութեամբ Վենետիկէն հեռացող իր ընկերներով, որոնց մէջ նաեւ Նար-Պէյ։
Փարիզի Մուրատեան վարժարանի մէջ ուսուցչական պաշտօնավարութեան օրերուն (պաշտօն՝ զոր իրեն վստահած էր Վենետիկեան Միաբանութիւնը) ծանօթութիւն հաստատած է Ալֆոնս Տը Լամարթինի հետ, որուն «Դաշնակք» (harmonies) գործը կը թարգմանէ եւ կր հրատարակէ 1859-ին: Յաջորդաբար կ՚անցնի Թէոդտոսիա, էջմիածին, ապա Երուսաղէմ՝ ուր եպիսկոպոս կր ձեռնադրուի 1867-ին: Շրջան մը կը վարէ Ռումանահայոց աոաջնորդութիւնը, սակայն շուտով կ'անցնի Պոլիս, ուր պիտի ապրէր իր կեանքի ամէնէն բեղուն ու նոյնքան ողբերգական տարիները։
Ժամանակակիցներու վկայութեան համաձայն՝ պերճասէր ու պերճաբան եկեղեցական մրը եղած է, հռետորական շնորհներով։ Շրջան մը, իր անունն ու գործը շրթունքներու վրայ էին՝ Պոլսոյ մէջ։ Գրականութեան չափ՝ զինք կը խանդավառէ նաեւ թատերական շարժումը, որուն կը բերէ իր աջակցութիւնը։
1878-ին, մաս կը կազմէր Պերլինի Վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան։ Վերադարձին, կասկածելի եւ անվստահելի կը դառնայ Համիտի համար, որ նաեւ լրտես ու ռուսասէր կը նկատէր զինք։ Նար-Պէյ Թիֆլիս մեկնած էր այդ օրերուն, մասնակցելու համար Սանասարեանի յուղարկաւորութեան։ Ալեքսանդր ցարի կողմէ պատուանշան ստացած ու շատ աւելի խորացուցած էր սուլթանին կասկածանքը։ Հակառակ այս բոլորին, սակայն, կրցած էր հաւաստիք ընծայել Համիտի, թէ անհիմն էին բոլոր կասկածները։ Նոյնիսկ, Օսմանիյէ շքանշանով պատուուած էր անկէ։ Քիչ Ժամանակ ետք, սակայն, փաստուեցաւ որ կապ կը պահէ Ֆրանսացի քաղաքական դէմքերու հետ, ու գաղտնի թղթակցութեամբ, պետական գաղտնիքներ եւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ անոնց։ 1888-ին, Նար-Պէյի տունը կը պաշարուի ոստիկանութեան կողմէ, ձեռք կ'անցըուի գաղտնի նամակներէն մէկը եւ վերջնականօրէն համոզում կը գոյանայ՝ թէ անտեղի չէին իր մասին սնուցուած կասկածները։ Օրուան պատրիարք Աշըգեան՝ կարգալոյծ կը հռչակէ Նար-Պէյը, որ շրջան մը կ'ապրի իր քրոջ մօտ։ 4 Նոյեմբեր 1892-ին ոստիկանական կեդրոն կը հրաւիրուի Սուլթանին կարգադրութեամբ ու հրահանգով եւ հոն թունաւոր սուրճով կը սպաննուի։
Նար-Պէյի գրական վաստակը կը ներկայանայ քերթուածներու երեք հատորներով` «Վարդենիք», «Քնար պանդխտին» եւ «Ստուերք Հայկականք», յաջորդաբար հրատարակուած՝ 1863-ին, 1868-ին եւ 1874-ին։ Առաջին հատորին անունը կու գայ քրոջ (Վարդուհի) հանդէպ իր անհուն գուրգուրանքէն եւ խանդաղատանքէն։ Ատեն մը, այդ այլապէս մարդկային ու բնական զգացումը բաւական էր քերթելու։ Հոգեկան իր վիշտերուն սփոփանքը կը գտնէ անոր սիրոյն մէջ։ Կամ՝ կ'ուզէ մասնակից դարձնել զայն իր ցաւին, երբ կորսնցուցած մօրկանը յուշքը կ'արիւնէ իր սիրտը։ Երկրորդ եւ երրորդ հատորները իրենց անուններով կը բացատրեն իրենք զիրենք։ Մասնաւորաբար «Ստուերք Հայկականք»ի մէջ՝ հայրենիքն է անսպառ աղբիւրը ներշնչումներու, երբեմն չարիքի համազօր միօրինակութեամբ, հազար անգամ ըսուած քաղցր ու թաց խօսքերու շեշտով: Անշուշտ մտածում մը կարելի է գտնել միշտ ասոնց մէջ, կամ զգալ բաբախումի մը հեռաւոր, անդրանշոյլ ներկայութիւնը։ Սակայն, առ հասարակ քարացած, տժգունած, հինցած են անոնք՝ ոչ թերեւս անոր համար, որ արուեստն ու տաղանդը կը պակսին անոնց հեղինակին, այլ որովհետեւ մեր ականջները խուլցած են այնքան երկար ատեն այդ յանկերգը լսելէ:
Այսօր մանաւանդ, երր ազգաշունչ ու գաղափարագրական գրականութիւնը այլապէս շքեղ էջեր փոխանցած է մեզի, Նար-Պէյներու քերթողութիւնը ջիղ չի գտներ յուզելու: Իրենց ժամանակին մէջ, որոշ լիութեան հասած վկայութիւններ են անոնք: Պատմութիւնը քերթողութեան մեկնակէտ ընդունելու հին վարժութիւնը կը պոռայ այդ հատորին մէջ։ 1850-ին՝ ապրումէ աւելի բան մըն էր այդ գիծով ողջունել Մուսան...: Բայց Նար-Պէյ, ո'չ ժամանակը, ոչ ալ ձեւը կրցած է գտնել միւսներուն հետեւելու (Ալիշան, Պեշիկթաշլեան, Պատկանեան, Նալպանտեան):
== Աղբիւրներ ==
Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։
● Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային Ջոջեր»ու մէջ` Խորէն Գալֆայեանի մասին հետեւեալ կապի միջոցաւ
http://www.digilib.am/book/381/395/9041/%D4%B1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6%20%D5%BB%D5%B8%D5%BB%D5%A5%D6%80
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Կ. Պոլիս։ Փոքր տարիքէն իր եղբօր՝ Ամբրոսիոս Գալֆայանի հետ ուղարկուած է Վենետիկ, Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազար վանքը, ուր կը ստանայ իր կրթութիւնը։
Պաշտօնավարած է Մխիթարեաններու Փարիզի Մուրատեան վարժարանը։ Փարիզ, Գաբրիէլ Այվազովսկիի հետ 1855-1858 թուականներուն խմբագրած է «Մասեաց Աղաւնի» ամսագիրը։ 1856 թուականին կը հրաժարի կաթոլիկական դաւանանքէն ու Մխիթարեան Միաբանութենէն: Կը դառնայ Փարիզի Հայկազեան վարժարանի տնօրէն։
Այդ պաշտօնը վարած է 1857-1859 թուականներուն։ Փարիզ անձամբ ծանօթացած է ու մտերմացած` Լամարթինի հետ, ձեռնարկած է անոր բանաստեղծութիւններու թարգմանութեան, որ հրատարակած է 1859 թուականին` «Դաշնակք Լամարթինեայ» խորագրով, ամենախրթին գրաբարով։
Հայկազեան վարժարանի փակումէն յետոյ վերադարձած է Պոլիս, ապա մեկնած Թեոտոսիա, որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած Խալիպեան դպրոցէն ներս, միաժամանակ մասնակցելով, Փարիզէն այնտեղ տեղափոխուած, «Մասեաց Աղաւնի» հանդէսի խմբագրման աշխատանքներուն։ Թեոտոսիոյ մէջ տպագրած է շարք մը երկեր, ինչպէս՝ «Արշակ Բ.» ողբերգութիւնը (1861), «Ալաֆրանկա» կատակերգութիւնը (1862), «Վարդենիք» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն (1863), ուր սուր քննադատութեան ենթարկած է Միքայէլ Նալբանտեանը իր «Աղցմիք» զաւեշտին մէջ։
1864 թուականին կը մեկնի Պոլիս, կը զբաղի քարոզչութեամբ, միաժամանակ կ'ունենայ քաղաքական գործունէութիւն. Մկրտիչ Խրիմեանի հետ մեկնած է Պերլին, հայկական հարցի հրահրման առիթով։
== Ծանօթագրութիւններ == |
21,350 | Ամատէօ Մոտիլեանի | Ամատէօ Քլեմանթէ Մոտիլիանի (իտալ.՝ Amedeo Clemente Modigliani), իտալացի գեղանկարիչ եւ քանդակագործ, ԺԹ. դարու վերջին եւ Ի. դարու սկիզբին հաանորյայտ նկարիչներէն մէկը, արտայայտչականութեան վառ ներկայացուցիչ։
Մոտիլիանի մեծցած է Իտալիա, ուր ուսումնասիրած է հին արուեստի եւ վերածննդեան վարպետներու գործերը, մինչեւ որ 1906-ին կը տեղափոխուի Փարիզ, ուր կը ծանօթանայ Փապլօ Փիքասոյին եւ Կոսնտանդին Փրնկուշին, որոնք մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն Մոտիլիանիի ստեղծագործութեան վրայ։ Մոտիլիանի 35 տարեկանին կը մահանայ թոքախտէ։ Նկարիչին կեանքին մասին շատ քիչ հաւաստի տեղեկութիւններ հասած են։
Մոտիլիանիէն հասած են մեծ մասամբ նկարներ եւ ուրուանկարներ, թէեւ 1909-1914 կը զբաղէր քանդակագործութեամբ։ Ինչպէս կտաւներուն, այնպէս ալ քանդակներուն մէջ, Մոտիլիանի ներկայացուցած է մարդը։ Ունի նաեւ քանի մը բնանկար: Ան յաճախ կ'անդրադառնար վերածննդեան, ինչպէս նաեւ այդ օրերու նշանաւոր ափրիկեան արուեստին։ Միաժամանակ Մոտիլիանիի ստեղծագործութիւնները կարելի չէ վերագրել այդ տարիներու ժամանակակից արուեստի ոչ մէկ ուղղութեան։ Այդ պատճառով ալ մշակութաբանները Մոտիլիանիի ստեղծագործութիւնները կը դիտարկեն այդ օրերու արուեստի ուղղութիւններէն բոլորովին տարբեր ուղղութիւն մը։ Անոր գործերը կը գնահատուին իր մահէն ետք։ 2010-ին «Սոթփիս» վերջին աճուրդին, կը վաճառուի Մոտիլիանիի 2 նկար՝ 60,6 եւ 68,9 միլիոն ԱՄՆ տոլարով։ 9 Նոյեմբեր 2015-ին «Մերկ պառկածը» ("Nu Couche") կտաւը նիւ Եորքեան Christie’s աճուրդին կը վաճառուի 170,4 մլն տոլարով։
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
Ստորոգում:Իտալացի նկարիչներ
Ստորոգում:Իտալացի քանդակագործներ
Ստորոգում:Հրեայ արուեստագէտներ
Ստորոգում:Փեր Լաշէզ գերեզմանատան մէջ թաղուածներ
Ստորոգում:Թոքախտէ մահացածներ
== Ծանօթագրութիւններ == |
867 | 304 (թիւ) | 304 (երեք հարիւր չորս) զոյգ եռանիշ բնական թիւ է 303-ի եւ 305-ի միջեւ
== Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ ==
A127333 վեց յաջորդական պարզ թիւերու գումար է՝ 304=41+43+47+53+59+61
A127335 ութ յաջորդական պարզ թիւերու գումար է՝ 304=23+29+31+37+41+43+47+53
Alt 304 գործադրելիս կը ստացուի 0 նշանը
տարուայ 304րդ օրն է Նոյեմբեր 1-ը (նահանջ տարիներուն՝ Հոկտեմբեր 31-ը)
304 Օլկա աստեղնեակի կարգային թիւն է
== Ծանօթագրութիւններ == |
16,076 | Կատուի Օր | Կատուի օր (կատուներու օր), ոչ պաշտօնական տօն կատուներու պատուին, որ կը նշուի ամբողջ աշխարհին մէջ։ Այդ օրը մարդիկ կը մեծարեն այդ կենդանիներու արժանիքները, ցոյց կու տան իրենց յարգանքն ու սէրը:
2002-էն ի վեր՝ կատուներու միջազգային օր ճանչցուած է 8 Օգոստոսը: Անոր նախաձեռնողը Կենդանիներու պաշտպանութեան միջազգային հիմնադրամն է։ Որոշ երկիրներու մէջ կատուներու օրը կը նշուի այլ օրերուն:
== Օրուան տօնակատարութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ ==
Ռուսաստանի մէջ կատուներու օրը կը նշուի 1 Մարտին։ Առաջին անգամ տօնը Ռուսաստանի մէջ կազմակերպուած է 2004-ին կատուներու մոսկովեան թանգարանի եւ «Կատու եւ շուն» (ռուս.՝ «Кот и пёс») ամսագրի եւ թերթի խմբագրութեան կողմէ:
ԱՄՆ-ի մէջ Կատուի օրը 29 Հոկտեմբերն է։ Ըստ Կատուի ազգային օրուան կայքի՝ տօնը կը նշուի 2005-էն՝ կենդանիներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքի կանխարգիլման ամերիկեան ընկերութեան աջակցութեամբ։
Ճափոնի մէջ Կատուի օրը կը նշուի 22 Փետրուարին։ Այդ պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ ճափոներէնին մէջ կատուի մլաւոցը կը հնչէ իբրեւ «նեան-նեան-նեան»։ «Նեանը» կրնայ նաեւ նշանակել «երկու», իսկ «երկու-երկու-երկու» բառաշարքը կարելի է գնահատել իբրեւ 22 Փետրուարի։ Այդ օրը Թոքիոյի մէջ տեղի կ՚ունենայ Կատուներու օրուան փառատօնը, ուր կատուները մրցանակներ կը շահին ամենաիւրայատուկ արարքի համար։ Տօնը տեղի կ՚ունենայ 1987-էն, երբ հարցման արդիւնքներու հիման վրայ ան առաջին անգամ կազմակերպեց Կատուներու օրուան գործադիր կոմիտէն՝ կերի արտադրութեան կազմակերպութեան հետ համատեղ։
Լեհաստանի մէջ Կատուի օրը կը նշուի 17 Փետրուարին։ Տօնի մասնակիցները կը խաղան բրդեայ կծիկներով եւ օրուան աւարտին բոլորը կը յայտնուին գունաւոր թելերով փաթթուած վիճակով։
Իտալիոյ մէջ 17 Նոյեմբերին կը տօնեն Սեւ Կատուի օրը (խուզարկութեան ժամանակ զանոնք կ՚ոչնչացնէին, քանի որ նման կատուներուն կը համարէին սատանայի օգնականներ)։
Իւրաքանչիւր երեք տարին, մէկ Մայիսի երկրորդ Կիրակի օրը, Պելճիքայի Իբր քաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենայ կատուներու շքերթ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,991 | Համբիկ Սասունեան | Համբիկ Սասունեան (1 Յունուար 1963(1963-01-01), Պէյրութ, Լիբանան), մարտիկ։
Սասունեան ծնած է Պէյրութ։ 28 Յունուար 1982-ին սպանած է Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Քէմալ Արըքանը, երբ այս վերջինիս ինքնաշարժը կանգ առած էր կարմիր լոյսի պատճառաւ։ Հիւպատոսը ահաբեկելու մեղադրանքով ձերբակալուած եւ դատապարտուած է ցմահ ազատազրկման։
Քալիֆորնիոյ բանտարկեալներու ներման դիմումները քննող յանձնաժողովը 4 Յուլիս 2013-ին մերժեց Համբիկ Սասունեանի ներման դիմումը։ 2016 թուականին նոյնանման դիմում մը յանձնաժողովը նոյնպէս մերժած էր։
Ըստ ՀՅԴ Արեւմտեան Գրասենեակի պաշտօնական կայքէջին, Սասունեան ազատ արձակուած է եւ փոխադրուած է Հայաստան:
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,018 | Հանրապետութեան հրապարակ (Երեւան) | Հանրապետութեան հրապարակը, քաղաքի վարչական կեդրոնի գլխաւոր ճարտարապետական համակառոյցն է տօնակատարութիւններու, շքերթներու եւ ժողովրդական հաւաքոյթներու համար։ Հրապարակը ստեղծուած է (ըստ Երեւանի գլխաւոր յատակագիծին եւ նախագիծին) 1924 թուականին, ճարտարապետ՝ Ալեքսանդր Թամանեանին կողմէ ու կառուցուած է 1926-1958 թուականներուն ընթացքին: 1940-1990 թուականներուն ընթացքին կոչուած է Լենինի հրապարակ, եւ հոն կառուցուած է թանգարաններու շէնք մը 1977 թուականին։ Մինչեւ 1990 թուական, հրապարակին հարաւ-արեւմուտք շրջանին մէջ կը գտնուէր Լենինի արձանը:
Հանրապետութեան հրապարակը կ'ընդգրկէ վարչական շէնքեր, օրինակ՝ Կառավարական տունը (որուն ճարտարապետն է՝ Ալեքսանտր Թամանեան իսկ անոր դահլիճի նախագիծը եւ շինութիւնը ղեկավարած է Գէորգ Թամանեանը), Կառավարական 2-րդ տուն մը (որուն ճարտարապետներն են՝ Սամուէլ Սաֆարեան, Վարազդատ Արեւշատեան նաեւ Ռաֆայէլ Իսրայելեան), Արհեստի միութիւններու շէնքը (ճարտարապետ՝ Մարք Գրիգորեան), «Արմենիա» հիւրանոցը (ճարտարապետ՝ Էտուարտ Սարապեան) եւ թանգարաններու շէնքը (ճարտարապետ՝ Սամուէլ Ղազարեան):
Հանրապետութեան հրապարակին շուրջի շէնքերը կառուցուած են դեղին եւ վարդագոյն յատուկ տուֆ քարերով:
1971 թուականին հանրապետութեան հրապարակին կառուցման հեղինակները ստացած են ՀԽՍՀ պետական մրցանակը:
== Պատկերասրահ ==
Հանրապետութեան հրապարակ
Հանրապետության հրապարակը գիշերը
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Հանրապետության հրապարակը avproduction.am կայքում |
4,290 | Ճշմարտութիւն | Ճշմարտութիւնը նիւթի կողմէ իրականութեան համապատասխան արտացոլումն է: Ճշմարտութիւնը իրականութեան այնպիսի վերարտադրումն է, ինչպիսին այն կայ` գիտակցութենէն դուրս եւ անկէ անկախ: Ճշմարտութեան չափանիշները կը դիտարկուին ճանաչողութեան տեսութեան շրջանակներուն մէջ։ Փիլիսոփայութեան այն բաժինն է, որ կ'ուսումնասիրէ ճանաչողական գործունէութեան ընթացքին նիւթին եւ առարկային փոխյարաբերութիւնները, գիտելիքի եւ իրականութեան յարաբերակցութիւնը, մարդու կողմէ աշխարհի ճանաչման հնարաւորութիւնները, ճշմարտութեան չափանիշներն ու գիտելիքի հաւաստիութիւնը:
Իտէալիստական փիլիսոփայութեան համակարգերուն մէջ ճշմարտութիւնը համարուած է իտէալական առարկաներու յաւէրժ ու անփոփոխ յատկութիւն /Պղատոն/, բանականութեան բնածին յատկանիշ /Տեքարդ/ կամ մտքի ապրիորի ձեւ /Քանթ/: Ըստ տրամաբանական ըմբռնման` ճշմարտութիւնը գիտելիքներու ծաւալուն գործընթացքն է /Հեկել/: Իսկ ձեռներիցութիւնը ճշմարիտ կը համարէ այն գիտելիքը, որ գործնականօրէն կիրառելի է եւ կ'ապահովէ յաջողութիւն:
Փիլիսոփայութեան շրջանակներուն մէջ կը քննարկուի այնպիսի բաժամունք, ինչպէս է առարկայական ճշմարտութիւնը, ինչ որ մարդոց եւ մարդկութենէն անկախ գիտելիքի բովանդակութիւնն է։ Կայ նաեւ բացարձակ եւ յարաբերական ճշմարտութիւն, ինչ որ տրամաբանական նիւթապաշտութեան բաժամունք է։
Ճշմարտութիւն բառը կ'օգտագործուի նաեւ ձեւական տրամաբանութեան մէջ։ Գոյութիւն ունի «տրամաբանական ճշմարտութիւն», որ կը հակադրէ փաստական ճշմարտութեանը։ Տրամաբանութեան մէջ ասոյթը կը համարուի ճշմարիտ, եթէ անոր ձեւը կը համինայ կամ որոշ թոյլատրելի գործողութիւններէ ետք կրնայ համինալ տրամաբանական օրէնքի հետ
== Արտաքին յղումներ ==
The Correspondence Theory of Truth (անգլերէն)
The Coherence Theory of Truth (անգլերէն)
The Deflationary Theory of Truth (անգլերէն)
Tarski's Truth Definitions (անգլերէն)
Axiomatic Theories of Truth (անգլերէն)
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,233 | Արաքս (ամսագիր, Լառնակա) | «Արաքս», պարբերաթերթ, լոյս տեսած է 1924–1929-ին, Լառնակայի մէջ (Կիպրոս)։ Տնօրէնն էր Մ. Մոստիճեանը։ «Արաքս» լուսաբանած է Կիպրոսի հայկական գաղութի կեանքը, պարբերաբար յօդուածներ ու լուրեր արտատպած է «Խորհրդային Հայաստան» թերթէն։ Մեծ տեղ յատկացուցած է քաղաքական ընթացիկ լուրերուն։ «Արաքս»-ի նիւթերու մէ մասը լոյս տեսած է անգլերէն։ |
21,032 | Ահմատ Շամլու | Ահամատ Շամլու (12 Դեկտեմբեր 1925(1925-12-12), Թեհրան, Իրան - 24 Յուլիս 2000(2000-07-24), Քարաջ, Թեհրանի նահանգ, Իրան), պարսիկ բանաստեղծ, գրող, թարգմանիչ եւ լրագրող։ Շամլուին կարելի է համարել նորագոյն Իրանի ամենաազդեցիկ բանաստեղծը։
Անոր առաջին աշխատանքը կոչուած է «Մոռացված երգը» (1974), ետքը սկսածլ է գրել «Sokhan-no» ամսագիրին համար, իսկ առաջին պատմուածքը գրած է 1980-ին։ Ան ընդհանրապէս գրած է Սիրոյ մասին։
== Երկեր ==
Շալում գործերէն․
«Քեթապէ քուչէ» (փողոցի գիրքը) հսկայ աշխատութիւնը,
«Հաուայէ թազէ» ( թարմ օդ),
«Այտա տար այենէ» (Այտան հայելիի մէջ), եւ բանաստեղծութիւններու ժողովածուները:Ահմատ Շամլուն թարգմանած է տարբեր գրողներէ բազմաբնոյթ ստեղծագործութիւններ: Անոր թարգմանութիւններու շարքին կը պատկանին․
«Համչոն քուչէյէ պի էնթէհայ» (ինչպէս անաւարտ փողոց)՝ Հայկոյէն,
«Փաբերեհնէհա» (ոտաբոբիկներ)՝ Զահարեայ Էսթանքոյէն,«Արուսիէխուն» (Արեան պսակը)՝ Ֆետերիքօ Կարսիայէն եւ այլն:
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,567 | Վրթանէս Փափազեան | Վրթանէս Փափազեան (12 Ապրիլ 1866(1866-04-12), Վան - 26 Ապրիլ 1920(1920-04-26), Երեւան, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն), հայ մտաւորական, գրող, հասարակական-քաղաքական-մշակութային գործիչ, գրաքննադատ, խմբագիր, գրականութեան պատմաբան, ուսուցիչ եւ թարգմանիչ։
Ծնած է Վան, քահանայի ընտանիքի մէջ։ Մանուկ տարիքէն տեղափոխուած Պարսկաստան՝ Թաւրիզ։ Վրթանէս նախնական ուսումը կը ստանայ Ագուլիսի եւ Թաւրիզի հայկական վարժարաններուն մէջ, ապա՝ կ'ընդունուի Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանը, որուն ընթացքը չ'աւարտեր, որովհետեւ 15 տարեկանին կը պարտաւորուի նետուելու կեանքի ասպարէզ եւ իր ճակտին քրտինքով ապրուստը վաստակել։
Լեզուներ սորվելու ընդունակ եւ գրելու շնորհքով օժտուած պատանի Վրթանէսին համար կը սկսի անվերջ ուղեւորութիւններու եւ տեղափոխութիւններու կեանք մը։ Քանի մը տարի, 1885-էն՝ 1888, կը մնայ Պոլիս, ուր հայկական մամուլին մէջ լոյս կը տեսնեն իր գրութիւնները։ Քանի մը տարի ուսուցչութիւն կ՛ընէ արեւմտ. Հայաստանի գաւառները։ Ապա յաջորդաբար կ'ուղղուի Պաքու, Մոսկուա, այնուհետեւ՝ Պոլիս եւ ի վերջոյ Ժընեւ, ուր 1891–էն 1895 կը հետեւի գրականութեան եւ հասարակական գիտութիւններու դասընթացքներու։ Աւարտելով՝ Կովկաս կը դառնայ, ուսուցիչ կը դառնայ, այս անգամ տեղափոխուելով արեւելեան Հայաստանի գաւառները։ Պարագայաբար կը զբաղի նաեւ թերթ խմբագրելով, բայց մանաւանդ կը գրէ․ վէպ, պատմուածք, թատերակ, բանաստեղծութիւն (արձակ), զրոյցներ, հեքիաթներ։ Առաւելաբար կ՛արծարծէ ընկերային հարցեր՝ անհաւասարութիւն եւ անարդարութիւն, երբեմն յաջողելով պարզ նկարագրութենէ անդին անցնիլ եւ յուզել ընթերցողը։
Պահ մը կրկին՝ Պոլիս է, ապա հարաւային Ռուսիա, միշտ՝ ուսուցիչ։ Պատերազմի տարիներուն կը վերադառնայ Կովկաս՝ Երեւան, եւ քանի մը տարի կը վարէ նախակրթարանի տեսուչի պաշտօն (էջմիածին)։
Հանրապետութեան շրջանին՝ զոհ կ՛երթայ համաճարակ հիւանդութեան։
== Երկեր ==
Խաթ-Սաբա, Թիֆլիս, 1890, 92 էջ:
Գինեգործի աղջիկը, Թիֆլիս, 1891, 88 էջ:
Պատկերներ թրքահայոց կեանքէն, Մոսկուա, 1891, 328 էջ:
Տուրիստի յիշողութիւններ (պատմուածքներ, պատկերներ եւ այլն), Թիֆլիս, 1895, 88 էջ:
Անյագը, Թիֆլիս, 1897, 60 էջ:
Սանթօ, Թիֆլիս, 1898, 69 էջ:
Հայ բօշաներ, Թիֆլիս, 1899, 100 էջ:
Էմմա, Թիֆլիս, 1901, 284 էջ:
Պատմուածքներ, Թիֆլիս, 1901, 120 էջ:
Ասի, Թիֆլիս, 1903, 136 էջ:
Խենթը, Թիֆլիս, 1903, 56 էջ:
Ալէմգիր, Թիֆլիս, 1904, 92 էջ:
Մեռնողները բարեւում են ձեզ, ա. տ., 1904, 212 էջ:
Պատմուածքներ թրքահայերու կեանքէն, Թիֆլիս, 1904, 378 էջ:
Ազէրֆեզա, Թիֆլիս, 1905, 136 էջ:
Ժայռ, Թիֆլիս, 1907, 56 էջ:
Հաջի բէգ (հայ յեղափոխական կեանքէն), Կ. Պոլիս, 1909, 132 էջ:
Արտաշէս Երկրորդ, Պաքու, 1910, 52 էջ:
Հիդրա, Թիֆլիս, 1910, 116 էջ:
Պատմութիւն հայոց գրականութեան, Թիֆլիս, 1910, 817 էջ:
Սահակ եւ Մեսրոպ, Պաքու, 1910, 60 էջ:
Սանթօ (պատմուածքներ), Կ. Պոլիս, 1910, 112 էջ:
Վարդանանց պատերազմը, Պաքու, 1910, 100 էջ:
Զրոյցներ, Շուշի, 1911, 232 էջ:
Պատկերներ գիւղից, Թիֆլիս, 1913, 278 էջ:
Պատմութիւն հայ գրականութեան, Կ. Պոլիս, 1914, 176 էջ:
Անյագը, ա. տ. եւ թ., 60 էջ:
Պատմութիւն հայոց գրականութեան, ա. տ. եւ թ., 460 էջ:
Պատմութիւն հայոց գրականութեան, մաս - 1, Երեւան, ա. թ., 328 էջ:
Նմոյշներ ժողովրդական Հին եւ Միջնադարեան բանահիւսութիւններէն, Կ. Պոլիս, 1931, 128 էջ:
Պատմութիւն հայոց գրականութեան, ա. տ., 1931, 128 էջ:
Պատմութիւն հայոց գրականութեան, Կ. Պոլիս, 1931, 460 էջ:
Ընտիր յերկեր, գիրք 1, ՅԵրեւան, 1939, 396 էջ:
Ընտիր յերկեր, գիրք 2, ՅԵրեւան, 1940, 400 էջ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,810 | Եղօ | Եղօ (1891-Բինկեան, 1915), ազգային կուսակցական գործիչ:
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Բինկեան:1891-ին կը մտնէ Դաշնակցութեան շարքին մէջ եւ Պոլիս կը մասնակցի Մամբրէ վրդ.ի տէրորին: Կարաւարագործի
մը մէջ որուն հետեւանոք կը ձերբակալուի եւ կ՝աքսորուի Սախալին: Հոն կը մնայ մինչեւ 1905, երբ ճաբոն՝ կղզիին կէսը կը գրաւէ, զինքն ալ ազատ արձակելով: Սահմանադրութեան հռչակումին Պօլիս կուգայ եւ պահ մը առեւտուրով զբաղելէ վերջ կը մեկնի Ամերիկա: Պատերազմի տարին ծննդավայրը կը դառնայ:Սարսափի օրերուն, ծուղակը չիյնալու համար Մուրատի հետ Խմբովին կը բարձրանայ սար եւ մինչեւ 1916-ի վերջը քանիցս կ՝ընդհարի կանոնաւոր բանակին: Յետոյ կ՝իջնէ Սամսոն, որ ընկերովի բռնի վերցնելով առագաստանաւ մը՝ բաց ծով կ՝ելլէ, Ռուսիա անցնելու համար: Եզերապահ մը հատուկ հրահանգով:Րիզէէն կը մեկնի՝ նաւը բռնելու: Քանի մը ժամ վերջ եզերապահը կը վնասուի եւ պարստուած ետ կը դառնայ, բայց ինքն ալ գընդակահար կ՝իյնայ:
== Աղբիւրներ ==
Ապրիլ Տասնըմէկի, էջ 72, հատոր 342 |
4,131 | Հոգեբանութիւն | Հոգեբանութիւն, (յունարէն՝ ψυχή՝ հոգի, λόγος՝ միտք, գիտութիւն) գիտական եւ կիրառական գիտութիւն հոգեկանի` որպէս կենսագործունէութեան յատուկ ձեւի զարգացման եւ գործունէութեան մասին:
Գիտական մեկնաբանութեամբ «հոգեբանութիւն» հասկացողութիւնը առաջացած է 16–րդ դարուն: Սկզբնապէս այն կը վերաբերէր յատուկ գիտութեան, որ կը զբաղէր հոգեւոր կամ հոգեկան երեւոյթներու ուսումնասիրութեամբ, այսինքն այնպիսի երեւոյթներու, որոնք մարդը հեշտութեամբ իր գիտակցութեան մէջ կրնան գտնել ինքնադիտման արդիւնքին մէջ։ Աւելի ուշ հետազօտութիւններու ոլորտը նշանակալիօրէն ընդլայնուեցաւ՝ իր մէջ ներառելով անգիտակցական հոգեկան գործընթացները եւ մարդու գործունէութիւնը: 20-րդ դարէն սկսած հոգեբանական հետազօտութիւնները յարմարած են այն երեւոյթներու սահմաններէն, որոնց շուրջ դարեր շարունակ կեդրոնացած էին: Ասոր հետ կապուած «հոգեբանութիւն» հասկացողութիւնը կորսնցուցած է իր սկզբնական, բաւական նեղ իմաստը, երբ այն կը վերաբերէր միայն, մարդու կողմը անմիջականօրէն ընկալուող եւ ապրուող գիտակցութեան երեւոյթներով: «Հոգեբանութիւն» հասկացողութիւնը, համաձայն որոշ տուեալներու, 1590 թուականին առաջադրած է Քոգլենիուսը, իսկ այլ աղբիւրներու համաձայն իմաստին թափանցումը ներմուծած է Քրիսթիան Ուոլֆ 1732 թուականին:
== Պատմութիւն ==
Հոգեբանութեան զարգացման պատմութիւնը պայմանականօրէն կարելի է բաժնել չորս փուլի:
Հոգեբանութիւնը որպէս գիտութիւն հոգիինմասինՀոգեբանութեան նախապատմութիւնը կը սկսի հին ժամանակներէն, երբ փիլիսոփաները իրենց աշխատութիւններուն մէջ կը փորձէին պարզել հոգւոյ բնոյթը: Հոգեբանութեան ուսումնասիրումը փիլիսոփայական համահատուածին մէջ կու գայ Եգիպտոսի, Յունաստանի, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Պարսկաստանի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն:
Հոգեբանութիւնը որպէս գիտութիւն գիտակցութեան մասինԿ'առաջանայ 17-րդ դարուն՝ կապուած Բնական Գիտութիւններու զարգացման հետ: Մտածելու, զգալու ունակութիւնները կ'անուանէին գիտակցութիւն: Ուսումնասիրման հիմնական մեթոտը կը համարուի ինքնադիտումը եւ փաստերու նկարագրութիւնը:
Հոգեբանութիւնը որպէս գիտութիւն վարքի մասինԿ'առաջանայ 20-րդ դարուն: Այս փուլին մէջ կեդրոնական խնդիր կը հանդիսանայ փորձարարական հետազօտութիւններ իրականացնելը եւ այն ամէնուն հետեւիլը, ինչ որ կարելի է դիտել անմիջականօրէն (վարքը, արարքները, մարդոց արտայայտութիւնները):
Ժամանակակից փուլՀոգեբանութիւնը հանդէս կու գայ որպէս գիտութիւն․ կ'ուսումնասիրէ հոգեկանի առարկայական օրինաչափութիւնները, դրսեւորումները եւ աշխատաձեւերը:
== Կամքը Հոգեբանութեան Տեսանկիւնէն ==
Կամքը գիտակցութեան կենսագործունէութեան աշխոյժ կողմն է եւ կը բնութագրուի իբրեւ մղում, որ կ'ուղղեկցուի ցանկալի նպատակի հասնելու գիտակցմամբ: Կամքի շնորհիւ, անձը կրնայ նպատակներ առաջադրել, վճիռներ կայացնել եւ անոնց իրականացման համար անհրաժէշտ ջանքեր թափել: Այլ կերպով՝ կամքը որեւէ գործողութեան հանդէպ անձի գիտակցուած պատրաստականութիւնն ու նպատակաուղղուածութիւնն է: Այն անմիջականօրէն կապուած է մտածողութեան եւ սրտաշարժ ոլորտի հետ: Կամքի արտաքին անմիջական դրսեւորումները շարժումներն են, որոնք միաւորուելով՝ գործողութիւններ կը դառնան, իսկ գործողութիւններն ալ կը ձեւաւորեն նպատակաուղղուած գործունէութիւն: Կամքի ներքին դրսեւորումները ամփոփուած են զուտ հոգեկան երեւոյթի՝ կամածին ուշադրութեան մէջ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,233 | Աքքայի Պաշարում (1189-1191) | Աքքայի պաշարում (28 Օգոստոս 1189 - 21 Յուլիս 1191, Խաչակիրներու երրորդ արշաւանքին ընթացքին տեղի ունեցած ռազմական բախում։ Երկամեայ պաշարումէն ետք, խաչակիրները կը յաջողին գրաւել Աքքան, քաղաքը հետագայ 100 տարիներու ընթացքին կը մնայ խաչակիրներու գլխաւոր յենարանը, մինչեւ 1291-ին վերանուաճումը։
== Պատմութիւն ==
4 Յուլիս 1187-ի Հաթթինի ճակատամարտէն ետք Սալահ ալ-Տին առանց մարտի կը յաջողի գրաւել Աքքա քաղաքը։ Այդ օրերուն խաչակիրները կը վերահսկէին` Տիւրոսը (Սուր), Թրիփոլին եւ Անտիոքը, որոնք նոյնպէս պաշարուած էին Սալահ Ալ-Տինի կողմէն։ Մերձաւոր Արեւելքէն հասած լուրերը մեծ խառնաշփոթի կը մատնեն եւրոպացիները, իսկ Հռոմի Պապ Գրիգոր Ը. կոչ կ'ուղղէ 3-րդ Խաչակիրներու արշաւանքի։
== Իրավիճակը Տիւրոսի մէջ ==
1187-ի վերջը Քոնրատ Մոնֆերացի (Conrad of Montferrat) ամրապնդուելով Տիւրոսի մէջ կը դիմադրէ Սալահ Ալ-Տինի յարձակումներուն : 1188-ի կէսերուն պայմանագիր մը կը կնքեն, ըստ որուն Սալահ Ալ-Տին, ի միջի այլոց Հաթթինի ճակատամարտի ընթացքին ջախջախուած եւ գերեվարուած Կի տը Լուսինեանը ազատ կ'արձակէ: Վերջինս կնոջ՝ Սիպիլ Անժուացիին հետ կ'իշխէր Երուսաղէմի գահին: Իբրեւ հետեւանք՝ Կիի եւ Քոնրատի միջեւ բախումը կը սաստկանայ, որովհետեւ վերջինս կը մեղադրէր Կին՝ Հաթթինի աղէտին իբրեւ պատասխանատու, մինչ ինք կը պարծենար, թէ յաջողութեամբ պաշտպանած էր Տիւրոսը հետագայ արշաւանքներէ:
== Պաշարում ==
Կի տը Լուսինեան, Քոնրատի աջակցութիւնը չստանալով, կ'երթայ եւ իր զօրքերով կը պաշարէ քաղաքը։ Թագաւորին զօրքերը 2 անգամ աւելի քիչ էին, քան պաշարուածներունը։ Ան գիտէր, որ իր փոքրաթիւ բանակով չէր կրնար յաղթանակ տանիլ, ուստի, կը սպասէ Եւրոպայէն ժամանելիք զօրքերուն։ Շուտով քաղաքի մատոյցներուն կը յայտնուին ֆրանսական եւ գերմանական զօրքեր։ Արքեպիսկոպոսները կը յաջողին համոզել Քոնրատը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ օգնական ջոկատներ կը ժամանեն նաեւ Տիւրոսէն։
Սալահ ալ-Տին, իրազեկ ըլլալով տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, 15 Սեպտեմբեր 1189-ին կը յարձակի Կի տը Լուսինեանի զօրքին վրայ։ Խաչակիրներուն բոլոր զօրքերը՝ ներառեալ տաճարականներունը, կ'ուղղեն դէպի Սալահ Ալ-Տինի զօրքերուն աջ թեւը։ Սալահ ալ-Տին ստիպուած բոլոր ուժերը կը կեդրոնացնէ աջ կողմը, սակայն զօրքերը փախուստի կը դիմեն։ Վերջինս զօրքերը փրկելու նպատակով ձախ կողմը ինչպէս նաեւ թեթեւ հեծելազօրը մարտի կը մղէ։ Կի, ստիպուած, մարտի դաշտ կ'ուղարկէ պահեստազօրայինները. Սալահ ալ-Տին, իր հերթին, քաղաքին կայազօրայինները (5000 զինուոր) խաչակիրներուն դէմ կ'ուղարկէ։
Քրիստոնեաները կու տան շուրջ 5 հազար զոհ, սակայն Սալահ ալ-Տին չի յաջողիր ետ մղել քաղաքին մօտ դիրքաւորուած խաչակիրները։ Մարտի ընթացքին կը զոհուի տաճարականներու միաբանութեան առաջնորդ Ժերար տը Ռիտֆոր, իսկ Կի տը Լուսինեանի եւ Քոնրատի միջեւ հակամարտութիւնը կը շարունակուի։
== Երկկողմանի պաշարում ==
Աշնան ընթացքին Կի օգնութիւն կը ստանայ Եւրոպայէն։ Այսպիսով ան Աքքան կը պաշարէ ցամաքէն, իսկ նաւատորմի միջոցով՝ ծովէն։ Տեղեկութիւններ կը հասնին, որ Գերմանիոյ կայսր Ֆրետերիք Ա. Շիկամօրուս մեծ զօրքերով միացած է Խաչակիրներու արշաւանքին եւ կը շարժէր դէպի Սրբազան երկիր։ Այդ լուրերը կը բարձրացնեն պաշարողներուն մարտական ոգին։ Դէպքերէն քաջատեղեակ էր նաեւ Սալահ ալ-Տին։ Ան նոր ուժեր կ'ուղարկէ՝ քրիստոնեաներու օղակը շրջափակելու նպատակով։
31 Հոկտեմբերին 15 եգիպտական նաւեր կը ճեղքեն քրիստոնեաներու ծովային շրջափակումը եւ մթերքներ կը հասցնեն քաղաք։ 26 Դեկտեմբերին եգիպտական նաւատորմը կը վերականգնէ քաղաքին ծովային մուտքը։ 1190-ին Քոնրատ Մոնֆերացի իր նաւերով կ'երթայ Տիւրոս եւ նոր ուժերով կը վերադառնայ, որպէսզի յաղթէր զիրենք շրջափակող իսլամաներուն։
Քոնրատ նաեւ շինանիւթեր կը բերէ՝ մեքենաներ կառուցելու համար, զորս կ'օգտագործեն քաղաքին վրայ հերթական յարձակման ատեն (5 Մայիս):
19 Մայիսին Սալահ Ալ-Տին կը յարձակի քրիստոնեաներուն վրայ։ Ամրան ընթացքին ֆրանսական զօրքերը ծովէն կը ժամանեն եւ կը միանան պաշարողներուն, ինչպէս նաեւ օգնական ուժերով Կիլիկիա կը հասնի Սելիֆ գետին մէջ խեղդուած Ֆրետերիք Ա. Շիկամօրուսի որդին՝ Ֆրետերիք Զ.։ Օգնական ուժերը կը գրաւեն Հայֆա քաղաքը, որուն միջոցով կը յաջողին մթերքներ ուղարկել Կիի ճամբարը։ Կի տը Լուզինեան կը զրկուի Երուսաղէմի արքայի գահէն, որովհետեւ կը մահանան իր կինը՝ Սիպիլն ու դուստրերը։ Սիպիլին քոյրը՝ Իզապելլան եւ Քոնրատ Մոնֆերացի կ'ամուսնանան։ Այսպիսով գահը կը փոխանցուի Քոնրատի։
Մինչ խաչակիրները կը կիսէին գահը, Սալահ Ալ-Տին կ'ուժեղացնէր իր բանակը։ 1190-ին աւստրիացի իշխան Լեոպոլտ Ե. կը միանայ պաշարողներուն։ 31 Դեկտեմբերին միացեալ ուժերը կը փորձեն քանդել պատերը։ Իսկ 6 Յունուարին պատին մասնակի քանդման իբրեւ արդիւնք՝ քրիստոնեաները կը փորձեն գրաւել քաղաքին կայազօրը։ 13 Յունուարին Սալահ ալ-Տին կը յաջողի ճեղքել խաչակիրներուն շրջափակումը եւ քաղաք կը մտցնէ նոր կայազօր մը։ Ցուրտ եղանակը կը խանգարէր խաչակիրները։
Մարտին, երբ եղանակը նպաստաւոր կը դառնայ, Եւրոպայէն նոր ուժեր կը ժամանեն, ինչպէս նաեւ Ռիչարտ Առիւծասիրտ եւ Ֆիլիփ Օգոստոս: Սալահ Ալ-Տինի յաղթելու հաւանականութիւնը կտրուկ կը նուազի։ 3 Յուլիսին քաղաքը կը յանձնուի, Ռիչարտ կը հրամայէ մահապատժի ենթարկել քաղաքին կայազօրայինները։ Անգլօ-ֆրանսական ուժերով համալրուած խաչակիրները ծովու ճամբով կը յառաջանան դէպի հարաւ, նոյնը կ'ընեն իսլամները։ 7 Սեպտեմբերին Եաֆֆա քաղաքէն դէպի հիւսիս տեղի կ'ունենայ Արսուֆի ճակատամարտը: Ճակատամարտի ընթացքին Ռիչարտ փայլուն յաղթանակ կը տանի։ Սալահ ալ-Տին խաչակիրներու յաղթանակը կը գնահատէ ըսելով, որ անգլիացիներուն կարգապահութիւնը եւ զրահները անյաղթելի էին։
Արսուֆի եւ Եաֆֆայի ճակատամարտերուն ընթացքին կրած պարտութիւններէն ետք պատերազմը վերջ կը գտնէ։ Եաֆֆայի ճակատամարտը կը դառնայ Խաչակիրներու երրորդ արշաւանքին վերջին նշանակալի առճակատումը։ Ճակատամարտէն ետք Ռիչարտ Սալահ Ալ-Տինի հետ կը սկսի բանակցիլ եւ 2 Սեպտեմբեր 1192-ին կը ստորագրուի եռամեայ հաշտութեան պայմանագիր մը, ըստ որուն քրիստոնեաներուն թոյլ կը տրուէր անխափան այցելել սրբազան վայրեր։ Սալահ Ալ-Տինի ետին կը մնար Երուսաղէմը, իսկ խաչակիրներուն համար՝ նեղ ցամաքային ուղի մը, Եաֆֆայէն մինչեւ Տիւրոս։
== Հետեւանքներ ==
Ռիչարտ չի կրնար հասնիլ իր գերագոյն նպատակին՝ գրաւել Երուսաղէմը: Իսկ տունդարձի ճամբուն վրայ գերի կ'իյնայ աւստրիացի հերցոգ Լեոպոլտին։ Հետագային ազատ կ'արձակուի փրկագնի փոխարէն։ Աքքա կը դառնայ Երուսաղէմի թագաւորութեան մայրաքաղաքը եւ կը մնայ խաչակիրներու հիմնական յենակէտը մինչեւ 1291-ի անոր վերանուաճումը իսլամներուն կողմէ։
== Գրականութիւն ==
James Jr Reston: Warriors of God. Richard the Lionheart and Saladin in the Third Crusade. Random House, New York 2001. ISBN 0-385-49561-7
Kenneth M. Setton / Robert L. Wolff / Harry W. Hazard: The later Crusades, 1189-1311. University of Wisconsin Press, Madison 2006, ISBN 0-299-04844-6, S. 51 ff.
Itinerarium Peregrinorum et Gesta Regis Ricardi, ed. William Stubbs, Rolls Series, (London: Longmans, 1864) III, 1, 5, 13, 17-18 (pp. 210–11, 214-17, 224-26, 231-34), translated by James Brundage, The Crusades: A Documentary History, (Milwaukee, WI: Marquette University Press, 1962), 175-81 [1]
René Grousset, Histoire des croisades et du royaume franc de Jérusalem - III. 1188-1291 L’anarchie franque, Paris, Perrin, 1936 (réimpr. 2006), 902 p., ISBN 2-262-01569-4
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,662 | Մովսէս Ֆէրհաթեան | Մովսէս Ֆէրհաթեան (հաւանաբար 1885, Եւդոկիա, Եւդոկիոյ գաւառ, Սեբաստիոյ նահանգ - 7 (20) Ապրիլ 1915), հայ բժիշկ։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է հաւանաբար 1885-ին Սեբաստիոյ նահանգի, Եւդոկիոյ գաւառի կեդրոն՝ Եւդոկիա քաղաքին մէջ։ 1910-ին աւարտած է Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինը։ Եւդոկիոյ մէջ իբրեւ բժիշկ աշխատած է։
1914-ին՝ Ա. համաշխարհային պատերազմի ատեն, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ եղած է պահեստներու զինուորական բժիշկ, այնուհետեւ 10-րդ զօրաբաժինի 32-րդ դաշտային շարժուն հիւանդանոցի զինուորական բժիշկ։ 7 (20) Ապրիլ 1915-ին, նոյն հիւանդանոցին մէջ, մահացած է ժանտախտէ՝ մօտաւորապէս 30 տարեկան հասակին։ Այլ տուեալով՝ սպանուած է։
== Գրականութիւն ==
Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940), Սթանպուլ, 1940։
Ալպոյաճեան Ա., Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց, Գահիրէ, 1952։
Եարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն Ս.Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
Խաչատրեան Լ., Բաբլումեան Ա., Ցուցակ հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923), գիրք 1, Սեբաստիոյ նահանգ, Երեւան, 2004։
== Աղբիւր ==
Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։ |
7,780 | 1954 թուական | 1954 թուական, ոչ նահանջ տարի, 20րդ դարու 54րդ տարին է
1951 • 1952 • 1953 • 1954 • 1955 • 1956 • 1957
== Դէպքեր ==
==== Փետրուար ====
03 Փետրուար՝ Եղիսաբէթ Բ.-ը դարձաւ առաջին միապետը, որ այցելած է Աւստրալիան
19 Փետրուար՝ Խորհրդային միութեան քաղբիւրոյի որոշմամբ Խրիմի մարզը Ռուսիոյ ԽԴԸՀ-էն անցաւ Ուքրաինայի ԽԸՀ-ին
==== Դեկտեմբեր ====
01 Դեկտեմբեր՝ Լոս Անճելըսին մէջ բացուեցաւ Hyatt Hotel ցանցի առաջին հիւրանոցը
24 Դեկտեմբեր՝ Լաոսը ստացաւ անկախութիւն Ֆրանսայէն
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1954 ծնունդներ
==== Ապրիլ ====
07 Ապրիլ` Ճեքի Շան Jackie Chan ամերիկացի դերասան, գահավիժորդ, բեմադրիչ, արտադրող
12 Ապրիլ` Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական գործիչ
==== Յունիս ====
30 Յունիս` Սերժ Սարգիսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ 2008-էն
==== Յուլիս ====
17 Յուլիս` Ելենա Թոնունց Елена Тонунц (ծնունդով՝ Քոքալեւսքայեայ) ռուս խորհրդային բեմադրիչ
==== Օգոստոս ====
29 Օգոստոս` Աննա Պոյաճեան (մ.2015) բուսաբան
==== Սեպտեմբեր ====
13 Սեպտեմբեր Ալեքսանտր Սատոյեան նկարիչ
15 Սեպտեմբեր Հրանդ Տինք Hrant Dink (սպ. 2007, Իսթանպուլ) լրագրող, խմբագիր
21 Սեպտեմբեր Շինզոյ Ապէ 安倍 晋三 Ճափոնի 96րդ եւ ներկայիս վարչապետ
23 Սեպտեմբեր Գրիգորի Գիարդուշեան Григорий Гярдушян (մ.2016, Մոսքուա) բեմադրիչ, սենարիստ, դերասան
==== Հոկտեմբեր ====
26 Հոկտեմբեր` Ճէյմզ Փիքընզ James Pickens Jr. ամերիկացի դերասան
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1954 մահեր
==== Մարտ ====
07 Մարտ՝ Օթթօ Տիլս Otto Diels (ծն.1876) գերմանացի քիմիագէտ
==== Մայիս ====
20 Մայիս՝ Ստեփան Թարեան (Թարխարարեան, ծն.1899, Թիֆլիս) բեմանկարիչ, քանդակագործ
==== Յունիս ====
08 Յունիս՝ Արշակ Չօպանեան (ծն.1872, Կ.Պոլիս) հայ գրող, քննադատ, բանասէր
==== Օգոստոս ====
17 Օգոստոս՝ Սարգիս Թորոսեան Sarkis Torosian (ծն.1891) օսմանեան բանակի հրետանաւոր, հրամանատար
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
1954-ը Պատմութեան մէջ(անգլերէն)Աշխարհի Պատմութեան Ժամանակագրութիւն՝ 1954(անգլերէն) |
1,073 | 64 (թիւ) | 64 (վաթսունչորս)՝ զոյգ երկնիշ բնական թիւ մըն է 63-ի եւ 65-ի միջեւ
== Յատկութիւններ ==
քառակուսի, խորանարդ եւ վեցերորդ աստիճանի թիւ է՝ 64=82=43=26
կատողինիոն քիմիական տարրի 64Gd ատոմային թիւն է
Անկելինէ (64 Angelina) աստեղնեակի կարգահամարն է
Microsoft Windows-ի Alt + 64 -ի գործադրումով կը ստացուի @ նշանը
+64-ը Նոր Զելանտա զանգելու միջազգային քոտն է
Պիթըլզ խումբն ունի When I'm Sixty-Four ("Երբ ես դառնամ 64") անունով երգ
64 հատ են՝
ճատրակի տախտակի սեւ ու ճերմակ վանդակները
Պրայլի նշանները ութնիշանի համակարգին մէջ
64-ը Ֆրանսայի Աթլանտեան Փիրենէյներ տարածքի կարգային թիւն է
տարուայ 64րդ օրն է Մարտ 5-ը (նահանջ տարիներուն՝ Մարտ 4-ը)
1964 թուական
== Ծանօթագրութիւններ == |
19,361 | Ժիրայր Քէչէճեան | Ժիրայր Քէչէճեանը պարուսոյց եւ «JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ)-ի հիմնադիրն է: Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական վարժարանէն ներս պարի դասեր կու տայ առաջին կարգէն մինչեւ աւարտական դասարանները, ինչպէս նաեւ «Աֆհիլ» հաստատութեանը մէջ կը դասաւանդէ Ballet-ի դասեր:
== Կենսագրութիւն ==
Ժիրայր Քէչէճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Արմատներով՝ Այնթապէն է:Մայրը՝ Ազատուհի Գուրումլեան, Դամասկոսցի, հայրը՝ Խաչիկ Քէչէճեան,Հալէպցի, երկուքն ալ արուեստագէտներ: Մայրը եղած է փրոֆէսիոնալ մանտոլին նուագող, իսկ հայրը երգիչ եւ ուտ նուագող: Ունի երեք քոյր բժշկուհիներ՝ Երանուհի, Մելինէ եւ Անահիտ, ինչպէս նաեւ եղբայր մը՝ Կարպիս: Քոյրը՝ Երանուհին եղած է հօրը ձայնին ժառանգորդը՝ ըլլալով հանրածանօթ երգչուհի մը, ինչպէս նաեւ Մելինէն:
Նախակրթարանի ուսումս ստացած եմ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը մինչեւ 10-րդ դասարան, իսկ անկէ ետք յաճախած եմ արաբական դպրոց մը: Հօր եւ եղբօր հետ միասին աշխատած են ոսկերիչ:
=== Պարուսոյցի ասպարէզը ===
Իբրեւ ասպարէզ, պարուսոյց կը դառնայ երբ 9-րդ դասարան էր: Միեւնոյն ատեն, որպէս պարուսոյց, 12 երկար տարիներ դասաւանդեր է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Մխիթարեանի ամավերջի հանդէսներուն, երբ հանդէս կու գար նաեւ իր կնոջ՝ երգչուհի Սիլվա Քէչէճեանը, որ եղած է իր աշակերտուհին: Զինուորական ծառայութեան ընթացքին Ժիրայր Քէչէճեան կ՛ուղղուէր դէպի Հալէպ, պատրաստելու համար հանդէսներ:
Ժիրայր Քէչէճեանի պարուսոյցը եղած է Աբրահամ Կոստանեանը: 1983-էն մինչեւ 1995, Ժիրայր Քէչէճեան եւ տիկնը Սիլվա Քէչէճեանը պարած են «Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան» Ազատ Ղարիպեան պարախումբին մէջ որպէս մենապարողներ: Ճամբորդած են տարբեր եւրոպական երկիրներ՝ հասնելով մինչեւ Հայաստանի բոլոր քաղաքները, ունենալով յաղթական ու պանծալի ելոյթներ, մաս կազմելով Ազատ Ղարիպեանի «ԿՌՈՒՆԿ» պարախումբին մէջ: Ինչպէս նաեւ Հայաստանի պարարուեստի ուսումնարանին մէջ պատրասրտած են իրենց ծրագիրը:
=== «JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ) ===
Նոր Սերունդի պարախումբը երբ կը դադրի գործունէութիւնը, Ժիրայր Քէչէճեան անձնական պարի կեդրոններու մէջ կը սկսի դասաւանդել: Երկու տարիներու ընթացքին, իր ղեկավարութեամբ կը պատրաստէ երգի ու պարի փառատօներ՝ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ: Իրականացնելու համար իր փափաքը, կը հիմնէ անձնական պարախումբը՝ «JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ) անունով, որ Սուրիոյ մէջ առաջին անձնական պարախումբն էր:
1996-ին, պարախումբը կոչուեցաւ իր անունով՝ ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ (JIRO DANCE GROUP): Առաջին ելոյթը տեղի կ'ունենայ Կրթասիրաց վարժարանի սրահին մէջ, Հալէպ, որմէ ետք, Արաբական կառավարական թատրոններու մէջ կը ստանձնէ պարուսոյցի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ՝ որպէս դերասան, երկար տարիներ:
=== Արուեստի ճանապարհը Այնճարի մէջ ===
Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, կը հաստատուի Այնճար, Լիբանան: Պարի դասեր կու տայ Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական վարժարանի առաջին կարգէն մինչեւ աւարտական դասարանները: Իսկ «Աֆհիլ» հաստատութեանը մէջ նաեւ կը դասաւանդէ Ballet-ի դասեր, 4 տարեկանէն մինչեւ 20 տարեկան պատանիներու:
2016 տարին չբոլորած, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի աշակերտութիւնը գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` Կաղանդի ու Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առթիւ: Ա.-Բ. դասարաններու պարախումբը (պարուսոյց Ժիրայր Քէչէճեան) հանդէս եկաւ «Թամուր աղա» պարով, Գ.-Դ. պարախումբը` հայկական ժողովրդական պարով, իսկ Ե.-Զ.` արաբական «Տալունա» պարով:
=== Պարգեւներ ===
Ժիրայր Քէչէճեան ելոյթ ունեցած է Նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի զանազան հրաւէրներով եւհասարակական զանազան փառատօներուն: Պատերազմի տարիներուն, պարախումբերով ելոյթ ունեցած են այնպիսի պարեր, որոնք արդէն իսկ կը ցուցադրուէին եւ կը շարունակուին ցուցադրուիլ Սուրիական պատկերասփիւռէն: 2017-ին, ան կը պարգեւատրուի Առաջին կարգի մեծ վկայագիրով մը Դամասկոսի OPERA-ի դահլիճին մէջ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Այնճարի Մէջ Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի Կաղանդի Գեղարուեստական Հանդէս Եւ Պարգեւատրում Նարեկ Ա. Քհնյ. Շիրիգեանի
jiro dance group من مسرحيه عربي و شويه كرامه 1 |
3,692 | Նիքիթա Խրուշչով | Նիքիթա Խրուշչով (ռուս.՝ Никита Сергеевич Хрущёв, 15 Ապրիլ 1894, Քալինովքա, Քուրսքի կուպերնիա - 11 Սեպտեմբեր 1971, Մոսկուա, ԽԸՀՄ)
Խորհրդային Միութեան Կոմունիստական Կուսակցութեան առաջին քարտուղար 1953-1964 թուականներուն, Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ 1958-1964 թուականներուն, Խորհրդային Միութիւն հերոս, Սոցիալիստական աշխատանքի եռակի հերոս։ Կոմունիստական կուսակցութեան եւ խորհրդային պետութեան ճանչցուած գործիչ։ 1930-ական թուականներուն սկսած է զբաղեցնել բարձր պաշտօններ։ Եղած է Ուքրաինայի կոմունիստական կուսակցութեան առաջին քարտուղար։ Հայրենական պատերազմի տարիներուն (1941-1945)՝ տարբեր ռազմաճակատներու ռազմական խորհուրդի անդամ։ 1953 թ.՝ Սթալինի մահէն յետոյ, յաղթած է իշխանութեան համար մղուող պայքարը։ Իշխանութեան գալէն յետոյ հանդէս եկած է Սթալինեան բռնութիւններու սուր քննադատութեամբ, չնայած որ ինքն ալ ժամանակին աչքի ինկած է յատուկ դաժանութեամբ հակակոմունիստական տարրերուն դէմ որպէս պայքարող։ Մեծ քանակութեամբ բռնադատուածներու ներում շնորհած է։ Փորձած է հաստատել ժողովրդավարութիւն, ազատականացնել տնտեսութիւնը։
Բայձ կուսակցութեան յետադիմական ուժերը 1964 թուականին կազմակերպեցին դաւադրութիւն եւ անոր հեռացուցին իշխանութենէն։ |
2,461 | Յարութիւն Գաւաֆեան | Յարութիւն (Վահրամ, Վահ) Մինաս Գաւաֆեան (Գաֆաֆեան), հայ բժիշկ։
== Կենսագրութիւն ==
Յարութիւն Գաւաֆեան ծնած է 1885 թուականին, Պրուսայի նահանգի Նիկոմիդիոյ գաւառակի կեդրոն՝ Նիկոմիդիա քաղաքին կամ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, հայ առաքելական ընտանիքի մէջ։
Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրի ազգային վարժարանէն ներս։ Աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու Պրուսայի նահանգի Նիկոմիդիոյ գաւառակի Պարտիզակ (Պաղչէճիկ) աւանի բարձրագոյն վարժարանը (պաշտօնական անունով՝ Բիւթանիոյ բարձրագոյն վարժարան)։
1911 թուականին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1911 թուականին վերադարձած է Նիկոմիդիա եւ որպէս բժիշկ աշխատած է։
1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսելուն պէս, զօրակոչուած Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած՝ Երզնկայի Ազիզիէի զինուորական հիւանդանոցէն ներս, որուն բժշկապետն էր հայատյաց թուրք դոկտոր՝ Սանի Եավերը։ Անոր հրամանով ալ, 1915 թուականի Յունիս (կամ Յուլիս) 10-ին, նոյն հիւանդանոցէն ներս (կամ Դրաակի մէջ) սրախողխողի ոնթարկուած է, մօտ 30 տարեկան հասակին։
== Գրականութիւն ==
Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, ապրիլ 24, 1985։
Քէստենեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազդակ», 01-112012
== Աղբիւրներ ==
Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։ |
7,116 | Վազգէն Փափազեան | Վազգէն Փափազեան (անյայտ - 1915), հայ բժիշկ։
== Կենսագրութիւն ==
Ատացած է բժշկական բարձրագոյն կրթութիւն ու որպէս բժիշկ աշխատած է։ 1915 թուականին զոհուած է Մեծ եղեռնի ընթացքին։ Հաւանաբար եղած է երիտասարդ եւ ամուրի։
Այս բժիշկի անունը կը յիշատակէ՝ ֆրանսահայ ֆիլմի նկարահան, Անրի Վեռնոյի (բուն անունով՝ Աշոտ Մալաքեան) «Մայրիկ» գեղարուեստական ֆիլմի հերոսուհիներէն մէկը, որ բժիշկին հետ ծանօթ եղած է։ Ֆիլմը կը պատմէ Մեծ Եղեռնէն վերապրած ու Փարիզ բնակութիւն հաստատած հայ ընտանիքի մը մասին։
Հնարաւոր է, որ բժիշկ Վազգէն Փափազեան իրական անձն ըլլայ, քանի որ ֆիլմը գրուած է փաստագրական արժէք ունեցող յուշագրութեան հիմքի վրայ։ Բացառուած չէ նաեւ, որ երեւակայական ու յօրինուած կերպար է։
== Գրականութիւն ==
Անրի Վեռնոյ, Ֆրանսական գեղարուեստական ֆիլմ «Մայրիկ»։
== Աղբիւր ==
Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։ |
22,916 | Զստաջիղի Ցաւ Կամ Զստաջղատապ | Զստաջիղի Ցաւ Կամ Զստաջղատապ (Sciatica), զստաջիղը մարմինին ամէնէն մեծ եւ երկար ջիղն է: Զստաջիղին գրգռութիւնը կը յառաջացնէ զանազան աստիճանի զստաջղատապ: Անոր ցաւը կը զգացուի նստատեղային տարածքէն, այսինքն` յետոյքէն սկսեալ մինչեւ ոտքերուն մատները:
Մարմինը ունի երկու զստաջիղ: Իւրաքանչիւր զստաջիղ կը կազմուի գօտկա-ողնածուծի (lumbar spinal cord) թիւ L4 եւ L5 ջիղերէն եւ սրբանա-ողնածուծի (sacral spinal cord) թիւ S1, S2 եւ S3 ջիղերու միացումով: Զստաջիղը կը ճիւղաւորուի եւ կը ջղաւորէ սրունքը եւ ոտքը ամբողջութեամբ:
====== Զստաջիղին երկու հիմնական գործառոյթները ======
Անիկա ուղեղէն որոշ շարժիչ (motor) ազդանշաններ կը հաղորդէ սրունքի եւ ոտքերու մկաններուն:
Ան սրունքէն եւ ոտքերէն կը հաւաքէ զգացողական (sensory) տեղեկութիւններ եւ կը հաղորդէ ուղեղին:
==== Զստաջիղին կամ Նստաջիղին գրգռութեան դրդպատճառները ====
Միջողնոսկրային (intervertebral) սալի (disc) ճողուածք-սալաթափութիւն (herniation). ճողուած սալը կամ սալերը կը ճնշեն զստաջիղին սկզբնաղբիւր հինգ ջիղերուն վրայ եւ կը յառաջացնեն ջղացաւ,
Տեղային եւ կամ յարակից ոսկորներու, մկաններու եւ ուռերու ճնշում,
Ողնայարի եւ անոր շուրջը զարգացող բորբոքումներ,
Ողնայարի արտաքին հարուած-վնաս,
Յղութեամբ մեծցած արգանդի ճնշում,
Զստաջիղի ոչ մանրէական բորբոքում,
Ողնայարի խողովակի նեղացում (vertebral canal stenosis),
Ողնոսկրներու հիւծում (vertebral atrophy),
Ողնածուծային (spinal cord) ուռեր,
Արտամարմնական ճնշում, օրինակ` մեծ դրամապանակի գործածութիւն տաբատի ետեւի գրպանին մէջ:
==== Զստաջղատապի Ախտանշաններ ====
Ջղացաւ. անիկա կը նկարագրուի` իբրեւ այրուածքային կամ ժայթքող ցաւ: Ջղացաւը զգալի կ'ըլլայ կոնքին, գօտկային եւ նստատեղային տարածքին, սրունքներուն, ծունկի ետեւի փոսիկին եւ ոտքերուն մէջ: Ջղացաւը կրնայ ըլլայ կարճատեւ կամ մնայուն, ուժգին կամ մեղմ, շարունակական կամ ընդմիջումներով:
Ասղնտոց (tingling sensation) գօտկային եւ նստատեղային տարածքին, սրունքներուն, ծունկի ետեւի փոսիկին եւ ոտքերուն մէջ:Յառաջացած պարագաներուն կը նշմարուի քալելու դժուարութիւն եւ անկարողութիւն: Զստաջղատապը աւելի կը վատթարանայ արագ քալելով, ոտքի կենալով, նստելով եւ ծռելով: Անիկա կը մեղմանայ կռնակի վրայ պառկելով եւ հանդարտ քալելով:
Ջղացաւին կ'ուղեկցին յաճախ սրունքներու եւ ոտքերու մկանային տկարութիւն, թմրութիւն եւ անշարժութիւն:
=== Ախտաճանաչում ===
Զստաջղատապի ախտաճանաչումը կ'իրականանայ լսելով հիւանդին պատմականը եւ հիւանդութեան ընթացքը,
Բժշկական մանրակրկիտ քննութեամբ,
Ոսկրանկարումներով,
Համակարգչային շերտագրական (CT Scan) ու մագնիսարձագանգային (MRI) նկարումներով,
Ելեկտրամկանագրութեամբ (EMG):
=== Դարմանում ===
Սկզբնական եւ թեթեւ պարագաներուն կը յանձնարարուի`
Ֆիզիքական հանգիստ, այսինքն` պառկիլ կռնակի վրայ երկու-երեք շաբաթ եւ կատարել միայն թեթեւ շարժումներ,
Ցաւազերծող դեղերու գործածութիւն,
Կանոնաւոր մարզանք` հսկողութեամբ մարզիչներու,
Քորթիզոն (cortisone) ներծորոյթի (hormone) ներարկում ցաւի վայրը եւ ողնածուծին մէջ,
Մարձում (massage) եւ մերսումաբուժութիւն (chiropractice),
Խստակեաց փիլիսոփայութիւն (yoga) եւ խոհականութիւն (meditation):Հիմնական ախտապատճառը բացայայտելէ ետք կը կատարուի վերջնական դարմանումը, որ ընդհանրապէս վիրաբուժական է:
Հինէն ի վեր գոյութիւն ունին տնային դարմանամիջոցները` տաք եւ փափուկ պզտիկ վերմակի գործածութիւն, սառոյցի զետեղում` ցաւի տարածքին վրայ: Այս երկուքէն մէկը կարելի է գործածել առանձնաբար եւ կամ փոխնիփոխ:
Յառաջացած պարագաներուն տեղի կ'ունենան որոշ բարդութիւններ, ինչպէս` մէզի եւ կղկղանքի անպահութիւն (incontinence): Ասոնք կը կարօտին անմիջական վիրաբուժական դարմանամիջոցի:
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,834 | Հայաստանի Անկախութեան Վերականգումը՝ Բագրատունեաց Թագաւորութիւնը | Հայաստանի արաբներու տիրապետութեան տակ գտնուող ժամանակաշրջան, է.դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ Հայաստան արաբներու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջան, երբ երկիրը կը կառավարուէր ոստիկաններով:
Ոստիկաններու իշխանութիւնը տեւած է մինչեւ Թ. Դարու կէսը:
== Հայ ժողովուրդի իրավիճակը ==
Հայերը չեն կրնար հաշտուիլ օտար լուծի տակ մնալու գաղափարին հետ.երբեմն բանակցութեամբ, երբեմն ըմբոստութեամբ, անոնք կ'աշխատին վերականգնել հայրենի անկախութիւնը:Թ. դարու առաջին տասնամեակէն սկսեալ, Աշոտ Մսակերի օրով, անկախութեան համար տարուած պայքարը կը դրուի աւելի ամուր հիմերու վրայ, մանաւանդ որ արտաքին եւ ներքին պայմանները կը նպաստէին հայերուն:
Ներքին ճակատի վրայ իշխանները, մանաւանդ Բագրատունիները, իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած էին ռազմական ուժ եւ նիւթական հարստութիւն:
Արտաքին ճակատի վրայ վերսկսած էին կռիւները բիւզանդական կայսրութեան եւ արաբական խալիֆայութեան միջեւ, որ նաեւ կը գտնուէր ներքին պառակտումի եւ անկայուն վիճակի մէջ:
852-ին, Բուղայի արշաւանքը վերջին եւ անօգուտ փորձ մը կ'ըլլայ արաբներուն կողմէ՝ Հայաստանը իրենց տիրապետութեան տակ պահելու համար:
== Բագրատունիները ==
Արաբական տիրապետութեան շրջանին, Հայաստանի նախարարական կազմին մէջ տեղի ունեցած էին քանի մը կարեւոր փոփոխութիւններ:Ներքին մրցակցութեան հետեւանքով նախարարական բազմաթիւ տուներ կորսնցուցած էին իրենց կալուածները յօգուտ աւելի մեծ տուներու, որոնք օգտուելով կեդրոնական իշխանութեան բացակայութենէն, աւելի եւս ընդարձակած էին աւատապետական իրենց իրաւունքները:
Միւս կողմէ, Արշակունեաց Հայաստանի կարգ մը ռազմական նախարարութիւնները՝ Մամիկոնեան, Կամսարական, Գնունի, Ռշտունի, Խորխոռունի եւ այլն, դադրած էին առաջնակարգ դեր խաղալէ Հայաստանի զինուորական եւ քաղաքական կեանքին մէջ: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ բոլորովին կորսուած ու մոռցուած էին:
Արաբական արշաւանքներու եւ բռնատիրութեան առաջին շրջանին մեծ պայքար կը մղուի մանաւանդ Մամիկոնեաններուն եւ Բագրատունիներուն միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը հետեւէր տարբեր քաղաքականութեան:
Մամիկոնեանները կը փորձէին ամէն գնով թօթափել պարսկական լուծը, ու այդ պատճառով իսկ անոնք կը սպառեն իրենց ուժը՝ յաճախ անօգուտ կռիւներու եւ ապստամբութիւններու մէջ:Բնական է, որ այս պայմաններուն մէջ, արաբական խալիֆայութիւնը կասկածանքով վերաբերէր իրենց հետ ու անխնայ հալածէր զանոնք:
Բագրատունիները կը հետեւին Թէոդորոս Ռշտունիի գծած ուղիին:Անոնք կ'ըլլան աւելի դիւնագէտ եւ ճկուն ու կը շահին խալիֆայութեան վստահութիւնը:Այս խոհեմ քաղաքականութեան զուգահեռ, անոնք հը փորձեն ընդարձակել իրենց կալուածները եւ զօրացնել իրենց զինուորական ուժը:Արաբներուն շնորհիւ անոնք կը գրաւեն ո՛չ միայն գերագահ դիրք, այլ նաեւ՝ քաղաքական ու տնտեսական հեղինակութիւն կը դառնան Վասպուրականի, Սիւնիքի եւ Արցախի հայ իշխաններուն համար:855-ին, արաբները Հայաստանի կառավարիչ կը նշանակեն Պաղտատ գերեվարուած Սմբատ Բագրատունիի 35ամեայ որդին՝ Աշոտ Բագրատունին:
Թ. Դարու կիսուն, Բագրատունիներու սեփականութիւնը կը կազմէին արդէն կեդրոնական Հայաստանը, Բագրեւանդը եւ այլ հողամասեր:Այս շրջանին, անոնց գերագահութիւնը անառարկելի կերպով ընդունուած էր գրեթէ բոլոր իշխաններուն եւ նոյնիսկ խալիֆային կողմէ, որ 862-ին Իշխանաց Իշխան տիտղոսը շնորհած էր անոնց նահապետին՝ Աշոտ Բագրատունիին:
== Անկախութեան Ճամբուն Վրայ ==
Իշխանաց Իշխան Աշոտ Բագրատունի կը յաջողի իր շուրջ հաւաքել հայ նախարարները:Իր երկու աղջիկները կնութեան տալով Վասպուրականի Գրիգոր Դերենիկ եւ Սիւնեաց Վասակ Իշխաններուն, ան իրեն կը կապէ նախարարական այս երկու տուները: Միւս կողմէ, ան կը յաջողի խալիֆայէն ապահովել աքսորական իշխաններուն հայրենադարձի իրաւունքը:Այս ձեւով Աշոտ կը ներկայանայ իբրեւ Հայաստանի ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւնը:
Ազատագրելու համար ամբողջ երկիրը անհրաժեշտ էր ձերբազատիլ Հայաստանի մէջ հաստատուած էմիրներու սպառնալիքէն: Այս նպատակին համար, Աշոտ կը կազմէ 40 հազարնոց բանակ մը, որուն հրամանատարութիւնը կը յանձնէ իր Աբբաս եղբօր, որ որոշ ժամանակ մը ետք կը դառնայ հայկական բանակին սպարապետը:
Հայկական բանակը իր առաջին յաղթանակը կը տանի Մանազկերտի էմիրին դէմ, որ ապստամբած էր Պաղտատի դէմ: Այս յաղթանակով Աշոտ Բագրատունի միաժամանակ ծանր հարուած կը հասցնէր Հայաստանի մէջ գտնուող արաբական զօրքերուն եւ մեծ ծառայութիւն կը մատուցանէր խալիֆային՝ պատժելով իր դէմ ապստամբած էմիրը:
Օր ըստ օրէ կը մեծնար Աշոտ Բագրատունիի հեղինակութիւնը: Գրեթէ բոլոր հայ իշխանները եւ Հայաստանի արաբ էմիրները ընդունած էին անոր գերագահութիւնը. նոյնը ըրած էին նաեւ Աղուանից աշխարհի եւ Վրաստանի իշխանները:
== Աշոտ Բագրատունի Թագաւոր (885-890) ==
Երբ Աշոտ Բագրատունի կը հասնի իր զօրութեան գագաթնակէտին, ամէն կողմէ փափաք կը յայտնուի զայն թագաւորութեան բարձրացնելու:Նախարարները կը դիմեն Պաղտատի խալիֆային եւ կը խնդրեն թագ ուղարկել Աշոտին համար:Խալիֆան կը ստիպուի ընդունիլ կատարուած իրողութիւնը, այլապէս հզօր իշխանը կրնար ապստամբիլ եւ հակիլ դէպի Բիւզանդական կայսրութիւն:
885-ին Պաղտատէն կը հասնի արքայական թագը եւ աթոռանիստ Բագարան քաղաքին մէջ, Աշոտ հանդիսաւոր կերպով կ'օծուի Գէորգ Բ. կաթողիկոսին կողմէ, ներկայութեամբ բոլոր հայ իշխաններուն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն, դառնալով Աշոտ Ա. Թագաւոր Հայոց:
Այս իմանալով, Բիւզանդիոնի ծագումով հայ կայսրը՝ Բարսեղ Ա., որ հիմնած էր Մակեդոնական կոչուած հարստութիւնը, կը փութայ ինք եւս թագ ուղարկել Աշոտին, ապահովելու համար անոր բարեկամութիւնը:Ընդունելով այս թագը եւս, Աշոտ բարեկամական դաշինք կը կնքէ Բիւզադիոնի հետ, ցոյց տալու համար իր անկախութիւնը արաբական խալիֆայութենէն:
Թագաւոր դառնալէ ետք, Աշոտի գլխաւոր նպատակը կ'ըլլայ Հայաստանը ընդարձակել, զայն հասցնելու համար Արշակունեաց շրջանի սահմաներուն:Երբեմն զէնքի ուժով, երբեմն ալ խաղաղ միջոցներով ան կը յաջողի իրեն հպատակեցնել հայ իշխանները եւ նոյնիսկ արաբ էմիրները:
Յաճախ սակայն ան կը ստիպուի զէնքի դիմել՝ ճնշելու համար զանազան շրջաններու մէջ ծայր տուող ըմբոստութիւնները:Այսպէս, օրինակ, սպարապետ Աբբաս կը ճզմէ Վանանդի եւ Գուգարքի իշխաններուն ապստամբութիւնը եւ անոնց երկիրը՝ Կարս բերդաքաղաքով կը միացնէ թագաւորութեան:
Աշոտ նաեւ օգնութեան կը հասնի Կովկասեան լեռնականներու յարձակումներուն թիրախ՝ վրացիներուն եւ աղուաններուն:Ատիկա պատճառ կ'ըլլայ, որ այլ իշխաններ եւս ընդունին իր վեհապետութիւնը:
Ընդհանուր գիծերու մէջ, Աշոտ Ա.-ի իշխանապետութիւնը եւ ապա՝ թագաւորութիւնը Հայաստանի համար կ'ըլլան նախախնամական:Երկարատեւ աւերումներէ եւ թշուառութենէ դուրս գալով, բազմաթիւ քաղաքներ եւ գիւղեր կը վերաշինուին, մայրաքաղաք Բագարանը կը ծաղկի, երկիրը կը բարգաւաճի ու ժողովուրդը վերստին կը լծուի խաղաղ եւ շինարար աշխատանքի:
Աշոտ կը մահանայ 890-ին, գահը ձգելով իր Սմբատ որդիին:
== Սմբատ Ա. (890-914) ==
Իր գահակալութեան առաջին իսկ օրէն, Սմբատ կը բախի դժուարութիւններու:Օգտուելով անոր անփոձութենէն սպարապետ Աբբաս կ'ուզէ գահը խլել իրմէ:Իր հրամայած բանակով ան կը քալէ իր եղբօրորդիին դէմ, բայց իր կարգին դժուարութեան հանդիպելով՝ հաշտութիւն կը խնդրէ:
Այս դէպքերուն ընթացքին Աբխազիոյ Ատրնեսեհ իշխանը զօրավիգ կը կանգնի Սմբատին:Հետագային հայոց թագաւորը թագով մը կը յայտնէ իր երախտագիտութիւնը Ատրներսեհին, որ այս ձեւով կը դառնայ Բագրատունի երկրորդ թագաւորը:
Իր հօրը Աշոտի նման, Սմբատ կ'ուզէ զօրացնել կեդրոնական իշխանութիւնը:Ան մայրաքաղաքը Բագարանէն կը փոխադրէ Երազգաւորս եւ բանակին թիւը կը բարձրացնէ 60 հազարի:
Արտաքին քաղաքականութեան մէջ եւս Սմբատ կը հետեւի իր հօրը օրինակին եւ լաւ յարաբերութիւններ կը մշակէ դրացի երկիրներուն հետ:Ան նոյնիսկ բարեկամական դաշինք կը կնքէ Բիւզանդիոնի կայսեր հետ, ինչ որ սակայն իրեն դէմ կը գրգռէ արաբները:
Ամբողջացնելու համար Արշակունեաց շրջանի սահմանները, Սմբատ Ա. կը նուաճէ հարաւային Հայաստանի կարգ մը գաւառները, ապա կը պաշարէ եւ կը գրաւէ Դուինը, ուր արաբական էմիրութիւն մը հաստատուած էր:
Հայաստանի հզօրացումը եւ Սմբատի հեղինակութեան աճը լաւ աչքով չէր դիտուեր Ատրպատականի էմիրին կողմէ:Նախիջեւանէն գալով, ան կը պաշարէ Դուինը:Անակնկալի եկած Սմբատ կը ստիպուի քաշուիլ եւ սպասել նախարարական զօրքերը:Երկու բանակները իրարու կը հանդիպին Արագածի ստորոտը՝ Դողս գիւղը:Չարաչար պարտուելով, ատրպատականցին կը նահանջէ եւ հաշտութիւն կը խնդրէ:Անոր այս պարտութիւնը սակայն վերջնական չ'ըլլար, մեծամեծ խոստումներով ան կը յաջողի իրեն կողմնակից դարձնել Վասպուրականի իշխանները եւ զանոնք գրգռել Սմբատի դէմ:
807-ին, հիւսիսային Միջագետքի էմիրը մեծ բանակով մը կը մտնէ հարաւային Հայաստան եւ կը գրաւէ Տարօն գաւառը:Անոր նպատակն էր տէր դառնալ ամբողջ Հայաստանին:Հայկական բանակով Սմբատ կը քալէ անոր դէմ. ճակատամարտը կ'ընթանայ հայերու յաջողութեամբ, երբ անակնկալ կերպով Արծրունիները իրենց զօրքը կը քաշեն կռիւէն:Մեծ թիւով զոհեր տալով, Սմբատ կը ստիպուի նահանջել, սակայն թշնամին, որ իր կարգին արդէն ծանր հարուած ստացած էր, չի հետապնդեր հայերը:
Սմբատի այս պարտութիւնը կը քաջալերէ Ատրպատականի էմիրը, որ մտնելով Հայաստան, կը պաշտպանէ Կարսը, որուն պաշտպան Հասան Գնունի իշխանը, հերոսական դիմադրութենէ ետք, կը ստիպուի յանձնել բերդը:
== Աղբիւրներ ==
Հայոց Պատմութիւն Հայաստանն ու Հայութիւնը Գ.-Ժգ. Դարերուն էջ 89 ------> 98, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, Ա. տպագրութիւն, Պէյրութ, 2009: |
21,741 | Մաքարես կղզիներ | Մաքարես կղզիներ (յուն․՝ Μακάρες), երեք անբնակ ժայռակղզիներու համալիր, Էգէական ծով, Փոքր Քիքլատես, Քիքլատես, Յունաստան։
== Տեղեկութիւններ ==
Կը գտնուի Նաքսոս կղզիին արեւելքը, Տոնուսային արեւմուտքը եւ Ամորղոսին հիւսիսը․ Նաքսոսի արեւելեան կողմի Մուցունա հրուանդանէն 3,75 մղոն հեռաւորութեամբ։ Երեք ժայռակղզիներու խմբակ մըն է։
=== Այիոս Նիքոլաոս կամ Այիոս Նիքոլոս ===
Հիւսիսային կղզիակը Այիոս Նիքոլաոս (կամ Այիոս Նիքոլոս) Άγιος Νικόλαος - Άγιος Νικολός կը կոչուի։ Տարածութիւնն է 0,912 քլ․²։
=== Փրասինի ===
Այիոս Նիքոլոսին հարաւ-արեւելքը կը գտնուի Փրասինի կղզիակը 0,26քլ․² տարածութեամբ։ Այիոս Նիքոլոսին եւ Փրասինի միջեւ նեղուցը հազիւ 1,5 ն․ խորութիւն ունի։
=== Սթրոկիլօ կամ Սթրոկիլի ===
Այիոս Նիքոլոս եւ Փրասինի կղզիակներու հարաւը, 1/4 ծովային մղոն հեռաւորութեամբ, կը գտնուի Սթրոկիլօ կղզիակը։ Տարածութիւնն է՝ 0,354 քլ․²։ Անոր եւ վերոնշեալ կղզիներուն միջեւ նեղուցին խորութիւնը ելեւէջներ ունի։ Սոթօկիլիին հարաւի ծայրամասին կայ 1,8 մ․ ժայռագօտի, ինչ որ վտանգաւոր կը դարձնէ կղզիին մերձեցումը եւ կամ շրջանաւարկութիւնը։
== Բուսական եւ կենդանական աշխարհ ==
Կղզիակները հարուստ են կենսաբազմազանութեամբ։ Մաքարես կղզիները անբնակ ըլլալու պատճառով, կը հիւրասիրեն հաւեղէին հազուագիւտ տեսակներ։ Բուսականութիւնը մեջերկրականեան է, ինչպէս օրինակ՝ մշկի-կիպարիսի ծառիկներ, «սհինօ», փշասարդ, վայրի ձիթենիներ, խալանջներ, «թրուպի», «ասթիվիտես», «քափարի» եւ կաթնախոտ։
Կղզիակները կը պատսպարեն նաեւ բազմաթիւ հազուագիւտ բոյսի տեսակներ, որոնք կը կուտակուին կղզիներուն փոքր տարածութեան վրայ։ Ինչպէս օրինակ՝ Achillea aegyptiaca, զանգակածաղիկ, Ornithogalum creticum, Seseli crithmifolium, Daucus carota subsp drepanensis, Scaligeria halophila, վայրի սխտորի Allium luteolum տեսակը, անթառամի Limonium doerfleri տեսակը, եւայլն։
Մաքարես կղզիներուն վրայ կը գտնուի սարեակներու հսկայ գաղթօճախ մը։ Այս հազուագիւտ գիշատիչ թռչունները կղզիներուն դարվար ժայռոտ խորշերուն մէջ իրենց բոյները կը շինեն։ Կան նաեւ բաւական մեծ թիւով արծաթաճայեր, ծովագռաւներ, «արդեմիտես» եւ «միհի»։ Ամառները մանաւանդ զգալի է «սփիզայթոս»ի՝ արծիւի մեծ տեսակ, եւ «վրահոքիրքինեզ»ի (=ժայռի գայլ) ներկայութիւնը։
Կղզիակները նաեւ գաղթող պզտիկ թռչուններու կայան են, ինչպէս օրինակ՝ վայրի աղաւնիներ, «քորիտալի», մարգաթռչուններ, մոխրաթռչնիկներ, ածխաթռչնիկներ, սեւավիզեր, սեւաթռչուններ, կապուտաթռչուններ, կարմիրագլուխիկներ, սոխակներ, եւայլն։
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
16,034 | Երիտասարդութեան Միջազգային Օր | Երիտասարդութեան միջազգային օր (անգլ.՝ International Youth Day), երիտասարդութեան առնչուող հարցերու վերաբերեալ տեղեկացուածութեան բարձրացմանը միտուած միջազգային օր։ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած ամէնամեայ այս տօնը առաջին անգամ նշուած է 12 Օգոստոս 2000-ին։
== Նախապատմութիւնը ==
14 Դեկտեմբեր 1995-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը, հաշուի առնելով հասարակութեան մէջ երիտասարդութեան կարեւորագոյն դերը, կ՚ընդունի ոլորտային հիմնարար փաստաթուղթ մը (A/RES/50/81)՝ Երիտասարդութեան առնչուող գործողութիւններու համաշխարհային ծրագիրը (ԵԳՀԾ (WPAY))։ 8-12 Օգոստոս 1998-ին Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած երիտասարդութեան հարցերով նախարարներու համաշխարհային խորհրդաժողովը նոյնպէս, կարեւորելով երիտասարդութեան դերը, իր Երիտասարդական քաղաքականութեան ու ծրագրերու մասին հռչակագրին մէջ (WCMRY/1998/28)՝ ի թիւս այլ միտքերու, կ՚առաջարկէ 12 Օգօստոսը հռչակել երիտասարդութեան միջազգային օր։
== Հռչակումը ==
Իր աջակցութիւնը յայտնելով Լիզպոնեան հռչակագրի առաջարկին եւ հիմք ընդունելով իր նախորդ որոշումները՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովը 17 Դեկտեմբեր 1999-ին որոշում կը կայացնէ (A/RES/54/120, կէտ 7-րդ) 12 Օգօստոսը հռչակել Երիտասարդութեան միջազգային օր։
== Նպատակը ==
ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կ՚առաջարկէ Օրուան նշանաւորման եւ Գործողութիւններու ծրագրի վերաբերեալ (յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ) իրազեկութեան բարձրացման նպատակով բոլոր մակարդակներուն կազմակերպել տեղեկատուական-քարոզչական միջոցառումներ։
Կ՚ենթադրուի, որ ամբողջ աշխարհին մէջ կառավարութիւններու, կազմակերպութիւններու համար երիտասարդութեան հիմնախնդիրներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու հնարաւորութիւն կը ստեղծուի։
== Նշելու ձեւը ==
Աւանդաբար տօնի նախօրէին ուղերձով հանդէս կու գայ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը։
Տարբեր երկիրներու մէջ շնորհաւորական ուղերձներով հանդէս կու գան նաեւ կեդրոնական իշխանութեան եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարները, տարաբնոյթ միջազգային եւ ազգային կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչները։
Տեղի կ՚ունենան ոլորտի պատասխանատուներու, երիտասարդական կազմակերպութիւններու հանդիպումներ, քննարկումներ, երիտասարդական ու մշակութային միջոցառումներ։
== Միջազգային օրուան թեմաները ==
Իւրաքանչիւր հերթական օրուան (տարուան) համար կ՚ընտրուի որոշակի թեմատիկ ուղղութիւն, որու շրջանակին մէջ ալ փորձ կ՛ըլլայ համատեղել, կեդրոնացնել շահագրգիռ կողմերու ջանքերը։
2019թ․ — «Փոխակերպելով կրթութիւնը»:
2016 թ. — «Ճանապարհ դէպի 2030՝ վերացնել աղքատութիւնը եւ հասնիլ կայուն սպառնման եւ արտադրութեան»:
2015 թ. — «Երիտասարդութիւն եւ քաղաքացիական մասնակցութիւն»։
2014 թ. — «Երիտասարդութիւն եւ հոգեկան առողջութիւն»։
2013 թ. — «Երիտասարդութեան գաղթ՝ առաջընթաց զարգացման ճանապարհին»։
2012 թ. — «Կառուցենք աւելի լաւ երկիր. համագործակցութիւն երիտասարդութեան հետ»։
2011 թ. — «Փոխենք մեր աշխարհը»։
2010 թ. — «Երկխօսութիւն եւ փոխըմբռնում»։
2010 - 2011 — Երիտասարդութեան միջազգային տարի։
2009 թ. — «Կայունութիւն՝ մեր մարտահրաւէրը, մեր ապագան»։
2008 թ. — «Երիտասարդութիւնն ու կլիմայի փոփոխութիւնը. ժամանակն է գործելու»։
2007 թ. — «Եղիր նկատելի, եղիր լսելի. երիտասարդութեան մասնակցութիւնը յանուն զարգացման»։
2006 թ. — «Աղքատութեան դէմ համատեղ պայքար. երիտասարդութիւնն ու աղքատութեան վերացումը»։
2005 թ. — «ԵԳԾՀ+10. պարտաւորութիւններու ապահովում»։
2004 թ. — «Երիտասարդութիւնը սերունդներու համագործակցութեան վրայ հիմնուած հասարակութեան մէջ»։
2003 թ. — «Երիտասարդներու համար արժանապատիւ եւ արդիւնաւէտ աշխատանք ամէնուրէք»։
2002 թ. — «Այժմ եւ յանուն ապագայի. երիտասարդութեան գործունէութիւնը՝ կայուն զարգացմամբ»։
2001 թ. — «Առողջապահական եւ գործազրկութեան խնդիրներու լուծում»։
2000 թ. — Երիտասարդութեան միջազգային առաջին օրուան նշում։
== Հայաստանի մէջ ==
Հայաստանի մէջ օրը սկսած են նշել 2000-ականներու կէսէրէն։
Միջոցառումներու շարքին տեղի կ՚ունենան ՀՀ Մարզանքի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի, փոխնախարարի, վարչութիւններու աշխատակիցներու այցեր, հանդիպումներ, քննարկումներ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ու խումբերու հետ։ Մայրաքաղաքին ու մարզերուն մէջ տեղի կ՛ունենան երիտասարդական փառատօներ, ֆորումներ, սեմինարներ, շնորհանդէսներ, էքսպո-ցուցահանդէսներ, աշխատանքի տօնավաճառներ, մշակութային-ժամանցային միջոցառումներ եւ այլն։ Անոնց գերակշիռ մեծամասնութիւնը հանրային, բաց մասնակցային սկզբունքով, յաճախ ՏԻՄ կառոյցներու հետ համագործակցելով, կը նախապատրաստեն ու կ՚իրականացնեն երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւններն ու նախաձեռնող խումբերը։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Միջազգային օրուան պաշտօնական էջը ՄԱԿ-ի կայքին մէջ
ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի 2016-ի ուղերձը (հայ.)
ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի 2015-ի ուղերձը |
3,664 | Խոսրով Ա. | Խոսրով Ա Մեծ, Քաջ (ծն.թ. անյայտ– 252), Մեծ Հայքի Արշակունի թագաւոր 211 թ.-էն: Յաջորդած է հօրը՝ Վաղարշ Բ-ին: Խոսրովի գահակալման տարիները վիճելի են պատագիտութեան մէջ: Գահակալման սկզբին Խոսրովը անցած է Կովկասեան լեռները, պատժել խազրաց եւ բասլաց ցեղերը, ապահոված պետութեան հիւսիսային սահմանները: Պաշտանելով քրմական դասի շահերը՝ հալածած է քրիստոնէական համայնքներուն: 215 թ.-ին Հռոմի հետ բարեկամանալու նպատակով այցելած է Կարակալա կայսրին, սակայն ձերբակալուած է: Կարակալայի արարքը հռոմէացիներու դէմ հանած է Հայոց բանակը, եւ ան հարկադրուած՝ ազատած է Խոսրովին: 216 թ.-ին Խոսրով ը պարթեւաց զինակցութեամբ յաղթած է վերստին նուաճումներու ելած Կարակալային:
Իրանի մէջ պարթեւ Արշակունիներու դէմ Սասանեաններու մղած գահակալական կռիւներու ժամանակ Խոսրովը պաշտպանած է արտաւան V Արշակունիին: Արտաւանի պարտութենէն ետք Խոսրովը գլխաւորած է հակասասանեան ուժերու պայքարը Արտաշիր I-ի դէմ: Աքեմենեան աշխարհակալութիւնը վերականգնելու մտադրութեամբ 230 թ.-ին պարսկական բանակը մտած է Հայոց Միջագետք եւ հռոմէացի Ասորիք` պատերազմ սկսելով Հայաստանի եւ Հռոմի դէմ: Խոսրովը Հռոմի կայսր Ալեքսանտր Սեւերոսի դաշնակցութեամբ 232 թ.-ի գարնանը յաղթած է պարսկական զօրքերուն եւ կասեցրած է անոնց առաջխաղացումը: Ըստ աւանդական պատմութեան, Արտաշիրի դէմ յաղթական պատերազմի առթիւ Խոսրով Ատրպատականի մէջ հիմնած է Դավրէժ (այժմ` Թաւրիզ) քաղաքը: Այնուհետեւ շուրջ 10 տարի (234 - 245) կռուած է Սասանեաններու դէմ եւ պաշտպանած է երկրի սահմանները: Խոսրովը զոհ դարձած է պարսից (հաւանօրէն Արտաշիր I-ի որդիի՝ Հայոց դրածոյ թագաւոր Որմիզդ-արտաշիրի) կազմակերպած դաւադրութեան:
== Գրականութիւն ==
Ագաթանգեղոս, Պատմութիւն Հայոց, Թ., 1909
Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Ե., 1968
Յովսէպոս Փլավիոս, Դիոն Կասսիոս, Ե., 1976, (Օտար աղբիւրները հայերու եւ Հայաստանի մասին, 9. Հին յունական աղբիւրներ, 1)
Մանանդեան Հ., Քննական տեսութիւն հայ ժողովուրդի պատմութեան, հ. 2, մաս 1, Ե., 1957 |
3,653 | Խնկօ Ապէր | Խնկօ Ապէր (Աթաբէկ Խնկոյեան, 19 Հոկտեմբեր 1870(1870-10-19), Խնկոյեան, Հայաստան - 8 Հոկտեմբեր 1935(1935-10-08), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն), մանկագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ, առակագիր։
Ծնած է Ղարապոյա (այժմ՝ Սպիտակի շրջանի Խնկոյեան գիւղ)։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի, ապա Ալեքսանդրապոլի մէջ (այժմ՝ Կիւմրի)։
1890-1910 թուականներուն, կը վարէ ուսուցչութեան պաշտօն՝ Անդրկովկասի զանազան հայաշատ վայրերու մէջ, ապա կը հաստատուի Թիֆլիս, կ'աշխատակցի «Հասկեր» մանկական ամսագիրին, ինչպէս նաեւ «Մաճկալ», «Աշխատաւոր» եւ այլ պարբերականներու, շարունակելով ուսուցչական աշխատանքը Ստ. Լիսիցեանի գիշերօրթիկին եւ քաղաքային պետական դպրոցին մէջ։ Սովետական իշխանութեան հաստատումէն ետք մշտական բնակութուն կը հաստատէ Երեւանի մէջ, ուր գրական-մանկավարժական եռանդուն աշխատանք կը ծաւալէ, կը կազմէ մայրենի լեզուի դասագիրքեր՝ «Մեր Դպրոցը», իսկ խորհրդային տարիներուն՝ «Կարմիր Արեւ»ը։ Կը հեղինակէ մանկական բազմաթիւ եւ բազմազան գործեր՝ բանաստեղծութիւններ, հեքիաթներ, առակներ, պատմուածքներ։ Կը կատարէ՝ այլ մանկական գրականութիւններէ, թարգմանութիւններ ու փոխադրութիւններ։
Վախճանած է 6 Հոկտեմբեր 1935-ին, թաղուած Երեւանի Կոմիտասի անուան Զբօսայգիի Պանթէոնը:
== Գլխաւոր գործերը եւ ժողովածուները ==
«Առակներ» (4 ժողովածոյ),
«Ընտիր Երկեր»,
«Գող Մաքին»,
«Գայլն Ու Կատուն»,
«Մկների Ժողովը»,
«Հեքիաթներ Եւ Պատմուածքներ»,
«Երկեր»։
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,831 | Ապխազիոյ Արքաներու Ցանկ | Ապխազիոյ արքաներու ցանկ (վրաց.՝ ափխազթա մեփեթա տեւանի) 10-11-րդ դարերուն կազմուած Ապխազական թագաւորներու ցանկն է: Մեզի հասած է 15րդ դարէն մնացած դիւանը, որ մշակուած է Էւկտիմէ Տաքայիշուիլիի կողմէ: Թարգմանուած է ռուսերէնի եւ անգլերէնի:
Ցանկը կազմուած է որպէս առաջին համայն վրաց թագաւորի՝ Բագրատ Գ.ի նախորդներու շղթայ: Ան Ապխազիոյ մէջ գահ բարձրացած էր 978 թուականին: Բագրատը կը սերէր հայ Բագրատունիներուն ճիւղէն՝ Բագրատունիներու տոհմէն:
Ստորեւ կը ներկայացուին 22 թագաւորները: Մինչեւ 780-ական թուականները անոնք Բիւզանդական կայսրութեան կողմնակից էին: Անկախ թագաւորութեան հիմքը դրած է Լեւոն Բ.ը, որ վերջ տուած է այս վիճակին եւ ինքզինք արքայ հռչակած էր: Իրեն յաջորդող թագաւորները Անոսիտներու տոհմէն էին, բացի Յովհաննէս եւ Ատրներսեհ Շահլիանիներու:
Անոս (510-530)
Ղոզար (530-550)
Իստուինէ (550-580)
Փինիքտիոս (580-610)
Պառնուկ (610-640)
Տեմեդրէ Ա. (640-660)
Թէօտօսիուս Ա. (660-680)
Կոստանդին Ա. (680-710)
Թէօտօր (710-730)
Կոստանդին Բ. (730-745)
Լեւոն Ա. (745-767)
Լեւոն Բ. (767-811)
Թէօտօսիուս Բ. (811-837)
Տեմեդրէ Բ. (837-872)
Կէորկի Ա. Սղծեփելի (872-878)
Բագրատ Ա. (887-898)
Կոստանդին Գ. (898-916)
Կէորկի Բ. (916-960)
Լեւոն Գ. (960-969)
Տեմեդրէ Գ. (969-976)
Թէօտոսիուս Գ. (976-978)
Բագրատ Գ. (978-1014)
== Տե՛ս նաեւ ==
Ապխազիոյ թագաւորութիւն |
4,269 | Ճէյմի Քլէյթըն | Ճէյմի Քլէյթըն (անգլերէն՝ Jamie Clayton, ծնած 15 Յունուար, 1978), ամերիկացի դերասան եւ գեղեցկուհի մըն է: Ան ճանչցուած է իր Netflix ընկերութեան Sense8 հեռուստաշարին մէջ:
== Կենսագրութիւն ==
Քլէյթըն ծնած եւ ապրած է Սէն Տիէկոյի մէջ, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ: Հայրը՝ Հաուըրտ Պ. Քլէյթըն (1925-2008), փաստաբան մըն էր, եւ մայրը՝ Շէլի, ելոյթի կազմակերպիչ էր։ Ան կը փոխադրուի Նիւ Եորք դառնալու համար շպարի մասնագէտ երբ ան 19 տարեկան էր:
Քլէյթընը միասէրական է: 2011-ին՝ ան Out թերթի կողմէ մրցանակ տրուած էր "Out 100" մրցանակներէն:
== Գործի Ասպարեզ ==
2010-ին՝ Քլէյթընը շպարի պատասխանատուն ու երկրորդական վարողն էր VH1 կայանի շպարի մասին TRANSform Me հեռուստաշարին մէջ: Յաջորդ տարիներուն, ան ստանցնած էր Քայլայի դերը HBO կայանի Hung հեռուստաշարի երրորդ եղանակին մէջ։ 2012-ին ան գլխավոր դերը ստանցնեց իբրեւ Միշէլ Տարնէլ համացանցային Dirty Work հեռուստաշարին մէջ, ինչպէս նաեւ Քառլա Ֆէյվըրզի դերը Are We There Yet? հեռուստաշարին մէջ: Ան նաեւ ձայնային դերասանն է երիտասարդական George վէպին ձայնային գիրքինՔլէյթընը ներկայիս գլխաւոր դերասաններէն մէկն է Netflix ընկերութեան Sense8 հեռուստաշարին մէջ, որ առաջին անգամ թողարկուեցաւ 5 Յունիս, 2015-ին: Անոր դերը Sense8 հեռուստաշարին մէջ Նոմի Մարքս անոնով միասէրական աղջիկ մըն է, ով նաեւ քաղաքական եւ համացանցային մասնագետ մըն է:
Քլէյթըն փոքր դեր մը ունի 2016-ի The Neon Demon ֆիլմին մէջ:
== Դերեր ==
== Տե՛ս նաեւ ==
Sense8
Թուփընս Միտլթըն
Պրայըն Ճ. Սմիթ
Տունա Պէյ
Ամըլ Ամին
Մէքս Ռիէմէլթ
Թինա Տէզայ
Միկէլ Անճէլ Սիլվէսթր
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,241 | Կարպիս Ճանճիկեան | Կարպիս Ճանճիկեան (6 Յունուար 1920(1920-01-06), Սամաթիա, Ֆաթիհ, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 26 Փետրուար 1946(1946-02-26), Պոլիս, Թուրքիա), բանաստեղծ։
== Կենսագրութիւն ==
Կարպիս Ճանճիկեան ծնած է Սամաթիա՝ 6 Յունուար 1920-ին: Նախնական ուսումը ստացած է թաղին Սահակեան-Նունեան վարժարանը, յետոյ մտած է Կեդրոնական, 1934-ին: Տարի մը վերջ, 1935-ին, կը ստիպուի Կեդրոնականը ձգել եւ վաճառատան մը մէջ պաշտօնեայ կ՚ըլլայ: Հակառակ ասոր, ուսանելու փափաքը չի մեռնիր իր մէջ, եւ 1937-ին երբ կը զգայ որ անցնող ամէն օր զինքը քիչ մը եւս կը հեռացնէ դպրոց երթալու տարիքէն, անզսպելի մղումով մը կը մտնէ դպրոց՝ այս անգամ Իտալական վարժարան: 1939-ին դարձեալ Կեդրոնական կը վերադառնայ, ուր լիսէի շրջանը չաւարտած, 1943-ին, հիւծախտը կու գայ զինքը վերջնականօրէն հեռացնելու դպրոցէն:
Իր հրատարակուած առաջին բանաստեղծութիւններէն կ՚ըլլայ «Օրէ օր», որ լոյս կը տենսէ Բագարատ Թեւեանի «Պատկեր»ին մէջ՝ 1939-ին, Արաքսի Սողոմոն ծածկանունով: Աւելի յետոյ կ՚աշխատակցի «Երջանիկ»ին, Աւետիս Ալիքսանեանի «Պատկեր»ներուն, «Նոր Օր» շաբաթաթերթին եւ «Ժամանակ» օրաթերթին: Իր մահուընէ յետոյ, կարգ մը անտիպներ ալ լոյս կը տեսնեն «Այսօր»ի, «Ճառագայթ»ի եւ «Ժամանակ»ի մէջ։ Հանրութեան ծանօթ իր այս գործերէն զատ, մեզի կը ձգէ տակաւին կարգ մը անտիպներ, հայերէն եւ թրքերէն, ինչպէս նաեւ ձեռագիր խմորատիպ հանդէս մը՝ «Արաքս», զոր կը հրատարակէր ուսանողութեան օրերուն:
Ճանճիկեանի կարդալու եւ գրելու հակումները շատ կանուխէն, նախակրթարանի նստարաններուն վրայ կը յայտնուին: Ճանճիկեան արդէն իսկ սկսած է ճանչնալ գրական զանազան դպրոցներ, որոնք փոխն ի փոխ զինքը կը հմայեն, կը խանդավառեն: Ֆիւթիւռիզմ, տատաիզմ, սիւրռէալիզմ, էմբրէսիոնիզմ փոխն ի փոխ իր նախընտրած դպրոցները կ՚ըլլան եւ միսթիք ու ռոմանթիք վարպետներուն տեղը կը գրաւեն Մարինէթթի, Ձարա, Աբոլլինէր եւայլն: Իրերայաջորդ այս յեղաշրջումներու թոհուբոհին մէջ, Ճանճիկեան հետզհետէ կը գծէ իր ճամբան եւ իր այս շրջանը նախկինէն բոլորովին տարբեր գրականութեան մը համար կ՚ըլլայ փորձի շրջան մը, որ իր առաջին պտուղը կու տայ 1942-ին՝ «Պալքըս» բաւական իրապաշտ, թրքերէն բանաստեղծութեանց հաւաքածոն (Հայկազուն Գալուստեանի հետ):
Ճանճիկեան կը մեռնի քսանըվեց տարեկան, 1946 Փետրուար 26-ին, Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Ճանճիկեանի միակ բաղձանքը եղաւ թաղուիլ Մեծարենցի քով: 1950-ին Մատենաշար «Դէպի Լոյս» հրատարակեց իր միակ բանաստեղծութեան հաւաքածոն՝ «Օրէ օր»ը: Այս գրքին հասոյթը պիտի յատկացուէր վաղամեռիկ բանաստեղծին շիրմին շինութեան: Մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմուեցաւ եւ 1952-ին Ճանճիկեանի աճիւնը փոխադրուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Միսաք Մեծարենցի յարակից Ճանճիկեանի նորակերտ դամբարանին մէջ:
== Հրատարակուած Գործեր ==
(Հայկազուն Գալուստեանի աշխատակցութեամբ) Balkıs (թրքերէն բանաստեղծութիւն)- Իսթանպուլ, 1942։ Վերատպուած «İş Sanat»ի կողմէ, 2014-ին, Պոլիս։
Օրէ Օր (բանաստեղծութիւն)- Իսթանպուլ, 1950։
(Ռուբէն Մաշոյեանի խմբագրութեամբ) կարպիս Ճանճիկեանի Հետքերով (բանաստեղծութիւն եւ արձակ էջեր)- Իսթանպուլ, 1990։ Վերատպուած՝ 2015-ին, «Արաս» հրատարակչատան կողմէ։
== Աղբիւրներ ==
«Ժամանակակից Իսթանպուլահայ Գրողներ», , Կարօ Աբրահամեան, Ա․ հատոր , Անթլիաս 2004, էջ 18-19։ |
6,313 | Սրբուհի Տիւսաբ | Սրբուհի Տիւսաբ (Վահանեան), (1840 - 1901), հայ գրող, բանաստեղծ։
Ծնած է Պոլիս, Կաթողիկէ բարեկեցիկ Վահանեան ընտանիքին մէջ։ Ստացած է օտար կրթութիւն, բայց «Զարթօնք»ի մթնոլորտը, քիչ-քիչ տարածուած՝ կաթողիկէ համայնքին վրայ, զինք մղած են մօտենալու մայրենի լեզուին եւ մշակոյթին։
Ուսուցիչ կ'ունենայ գրագէտ եւ ազգային գործիչ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը։ Աւելի ուշ, պոլսաբնակ ֆրանսացի երաժշաագէտ Փ. Տիւսաբի հետ ամուսնանալէ եւ նուիրեալ մայր ըլլալէ ետք եւս, տաղանդաւոր այս կինը, կր շարունակէ գրական-մշակութային իր դերը հայ իրականաթեան մէջ. յատկապէս, կը հրատարակէ յաջորդական վէպեր, որոնց գլխաւոր հերոսները կիներ են, եւ որոնց տիրող գաղափարները կը վերաբերին կնոջ ազատագրման եւ իրաւահաւասարութեան՝ արական սեռին հետ։
Տիւսաբի գործերը առիթ եղած են բանավէճի. որոշ գրագէտներ պաշտպանած են իր դրոյթները, ուրիշներ՝ վարձած են այս կամ այն ձեւով ու չափով զանոնք հերքել։ Յամենայն դէպս, Ս. Տիւսաբ որոշ հմայք եւ ագդեցութիւն գործած է իրեն անմիջապէս հետեւող սերունդին վրայ մանաւանդ կին գրողներուն։ Ան ունեցած է դեռ հրապարակագրական գործունէութիւն։ Գրած է նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ՝ Մ. Պէշիկթաշլեանի յիշատակին նուիրուած քերթուածը (Սրբուհիի եւ Պէշիկթաշլեանի կապին մասին)՝ (■* Գ. գիրք, էջ 239-էն)։
== Գրական գործունեություն[խմբագրել ] ==
Գրական գործունեութեան սկիզբը Մ. Պեշիկթաշլեանի ազդեցությամբ գրեր է գրաբար ու աշխարհաբար ոտանաւորներ, որոնցմէ «Գարունը» 1864 թ. տպագրուեր է «Բազմավէպին մէջ»։ «Աշխարհաբար հայ լեզուն» (1880) գրքոյկին մէջ կողմնակից է նոր լեզուի պաշտպանութեամբ։ Տիւսաբի գեղարուեստական ստեղծագործութեան նախերգանքը 1880-1882 թթ. Կ. Պոլսոյ և Զմիւռնիայի մամուլին մէջ տպագրուած հրապարակախօսական յօդուածներն են («Կանանց դաստիարակութիւնը», «Քանի մը խօսք կանանց անգործութեան մասին», «Կանանց աշխատութեան սկիզբը», «Հայ ընկերութիւնք»), որոնց մէջ ան բողոքեր է կանանց կաշկանդուած վիճակի դէմ, խթաներ է կրթութեան և աշխատանքի իրաւունքի պահանջները։ Այս գաղափարները ցայտուն արտայայտուեր են անոր «Մայտա» (1883) վէպին մէջ։ Գրողը կնոջը կը համարէ «ողորմելի զոհ», ուրու դէմ փակ են «ամէն ազատ շաւիղ», ծաղրեր է Ֆրանսական յեղափոխութեան հռչակած «ազատութիւն և հաւասարութիւն» սկզբունքները, որոնք «պարզապէս ահագին բառեր են»։ Տիւսաբի կարծիքով կինը կրնայ ազատութիւն նուաճել լուսաւորուելու, նախապաշարումներու դէմ պայքարելու և աշխատելու միջոցով։ Տիւսաբի հայեացքները յուզեր են ժամանակի արեւմտահայ հասարակական գործիչները։ Շարք մը մտաւորականներ (Ռ. Պէրպէրեան, Գ. Զօհրապ, Յ. Պարոնեան, Գ. Չիլինկիրեան, Մ. Մամուրեան, Ե. Տէմիրճիպաշեան և այլք) գրած է մամուլի մէջ, արտայայտեր նպաստաւոր կամ մերժողական կարծիքներ։ Տիւսաբը շարունակեր է իր ծաւալած պայքարը, քննադատութեանը պատասխաներ «Սիրանույշ» (1884) և «Արաքսիա կամ Վարժուհին» (1887) վէպերով։ Անոնցմէ առաջինը ան ցոյց տուեր էիր հռչակած գաղափարներու անհարիրութիւնը իրականութեանը, պաշտպաներ ազատ սիրոյ իրաւունքը, մերժեր բռնի ամուսնութիւնը, իսկ երկրորդի պարագային փորձեր է հիմնավորել այն գաղափարը, որ կնոջ ազատագրութեան կարեւոր նախապայմանը աշխատանքն է, որ կրնայ «անկախ վիճակ» ստեղծել իր համար։ Ան երկերով ոգեւորուած են նաև Զապէլ Եսայեանն ու Արշակուհի Ճեզվեճեանը, իսկ անոնց գաղափարները հետագային արժանացեր են Շիրվանզադէի եւ այլոց ուշադրութեանը։
== Երկեր ==
Մատյա, Կ. Պոլիս, 1883, 252 էջ:
Սիրանոյշ, Կ. Պոլիս, 1884, 408 էջ:
Արաքսիա կամ վարժուհին, Կ. Պոլիս, 1887, 321 էջ:
Արաքսիա կամ վարժուհին, Կ. Պոլիս, 1925, 288 էջ:
Սիրանույշ, Կ. Պոլիս, 1925, 297 էջ:
Երկեր, Երեւան, 1959, 654 էջ:
Երկեր, Երեւան, 1981, 550 էջ:
Սիրանոյշ, Երեւան, 2011, 224 էջ:
== Աղբիւրներ ==
«Դիմաստուերներ», Հրանդ Ասատուր, 1921, էջ 152-168։
Ուիքիբեսիա |
5,015 | Յովսէփ Նալպանտեան | Յովսէփ Նալպանտեան Գրականագէտ-մատենագէտ, գրող, թարգմանիչ, խմբագիր-հրապարակագիր, հրատարակիչ, ազգային-հաս. գործիչ, բարերար Հեղինակ 23 հատորներու եւ ՅՈՎՍԷՓ ԵՒ ԳԱՐՈԼԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ (Հիմնուած Սեպտ. 4, 2005) հրատարակած է 56 գիրք: Երեսուն տարուայ մէջ գրած է աւելի քան 260 յօդուած, եօթը տարբեր նիւթերու մասին՝ գրականագիտական, պատմական, ազգային, միջազգային եւ այլն։ Ան վարած է եւ կը վարէ բեղուն ազգային-հասարակական գործունէութիւն: Յովսէփ Նալպանտեան կարդացած է աւելի քան 46 դասախօսութիւն։
== Կենսագրութիւն ==
Յովսէփ Նալպանտեան ծնած է Հալէպ 1958-ին: Աւարտելէ ետք տեղւոյն Լազար Նաճարեան Կեդրոնական երկրորդական վարժարանը կը մեկնի զինուորական պարտադիր ծառայութեան, կը ծառայէ Սուրիական բանակին երկու տարի տասը ամիս եւ մէկ շաբաթ: Մասնակցած է քաղաքացիական պատերազմին եւ վիրաւորուած է 11 անգամ:
1989-ին կ'աւարտէ Երեւանի Պետական Համալսարանի հայկական բանասիրա-կան բաժանմունքը: Այնուհետեւ աւելի քան 28 տարի զբաղած է մանկավարժութեամբ, դասաւանդած է՝ հայոց լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, երեք տարբեր երկիրներու մէջ:
1992-1993թթ. եղած է Հալէպի Մեսրոպեան վարժարանի Տնօրէնը, այժմ փակ է դժբախտաբար:
Այժմ կը դասախօսէ Մաշտոց Քոլեճի եւ Պէվրլի Հիլզ միջազգային լեզուաբանական հիմնարկի մէջ:
== Սփիւռքի տարածքին, հայ գիրքերու մատենագիտութիւն ==
Յովսէփ Նալպանտեան առաջին հայն է, որ 2011-ին ստեղծեց, Սփիւռքի տարածքին, հայ գիրքերու մատենագիտութիւնը: Ան ունի մատենագիտութեան նուիրուած 3 հատոր գիրք, վերջինը «Հայ գիրքը Ամերիկայի մէջ» հր. 2015-ին, եւ նաեւ 2016-ին հր. այդ հատորին յաւելուածը:
== Հրատարակչական հատորներ ==
Գիրքի հանդէպ պաշտամունք տածող Յովսէփ Նալպանտեան վերջին 23 տարիներուն, հրատարակած է 79 գիրք: Իր հեղինակած, կազմած եւ խմբագրած գիրքերու էջերուն թիւը 9,873 է, իսկ իր հիմնած մատենաշարին հետ միասին՝ 21,087 էջ: Հրատարակուած են աւելի քան 35,000 օրինակով: Յովսէփ Նալպանտեան համալսարաններուն, գրադարաններուն, դպրոցներուն, գրողներուն ցարդ նուիրած է 16,680 գիրք։ 35 տարուան մէջ գրած է աւելի քան 320 յօդուած, կարդացած է աւելի քան 54 դասախօսութիւն, 8 համալսարաններու մէջ: Տպաքանակ 42,290 գիրք:
Յ. Նալպանտեանի 2022-ի հրատարակած 2 գիրքերը: -
1- Միջազգային դասական երաժշտութիւն (համառօտ պատմութիւն), Երեւան 2022, 263 էջ, 67 երաժշտահաններ +երաժշտական գործիքներ +երաժշտական գիտելիքներ +դասական երաժշտութեան ժամա-նակագրութիւն (6-20-րդ դարեր):
2- Կերակուրներու համառօտ պատմութիւն, Երեւան 2022, 104 էջ, բազմաթիւ նորութիւններ եւ նոր փաստացի տուեալներ:
«Միջազգային պատմութիւն. ժամանակագրութիւն» ստուարածաւալ հատորը Յովսէփ Նալպանտեան հրատարակեց Երեւան, 2018 Սեպտ., 720 էջ: Հայ իրականութեան մէջ իր տեսակի առաջինը:
Յովսէփ Նալպանտեան հայկական դպրոցներուն (Հայաստան, Արցախ, Սփիւռքի 9 երկիրներ), Հայաստանի քոլեճներուն եւ համալսարաններուն, գրադարաններուն եւ գրողներուն նուիրած է աւելի քան 11,260 գիրք: Արշաւը կը շարունակուի:
Տարբեր երկիրներու բազմաթիւ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած է իր տարբեր գիրքերուն շնորհահանդէսները:
Յովսէփ Նալպանտեանի ազգ. հաս. գործունէութեան, կրթական-գրական, հրատարակչական բեղուն աշխատանքներուն 35 ամեակին նուիրուած՝ Արծրուն Ալեքսանեան կը հրատարակէ «Հայ մշակոյթի նուիրուած» գիրքը, Լոս Անճելըս, 2015, 211 էջ:
=== Յովսէփ Նալպանտեանի Ստեղծագործութիւնները՝ վերջին երեք գիրքերը ===
Ա.- «Կեանքի Շարունակուող Շաւիղներ».- Հրատարակուած Լոս Անճելըս, 2015-ին, հրապարակագրութիւն, 251 էջ: Գիրքը ձօն մըն է «Աւելի քան երկու միլիոն անմեղ նահատակներուն, որոնք եղան օսմանեան եաթաղանի զոհեր. բի՜ւր յարգանք անոնց անմեռ յիշատակին՝ ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ»:
Բ.- Գիտական մակարդակով մատենագիտական աշխատանքը՝ «Հայ Գիրքը Ամերիկայի Մէջ»: Այս գիրքը, ինչպէս նախորդը, հրատարակուած է Լոս Անճելըս, 2015-ին, եւ ձօնուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին. ունի 384 էջ: Յ. Նալպանտեան առաջինն էր, որ 2012-ին հրատարակեց «Ամերկահայ Գիրքի Պատմութիւն»ը. իսկ այս գիրքը այդ առաջին աշխատութեան վերամշակուած տարբերակն է. ա՛ն է, որ ԱՄՆ-ի հայկական գիրքերու առաջին եւ բծախնդիր ուսումնասիրութիւնը կատարած է: Նշեալ գիրքին մէջ կայ աւելի քան 1100 հեղինակներու 3046 գիրքերու մանրամասնութիւնները:
Գ.- «Սիրոյ Մատեան», հրատարակուած՝ Լոս Անճելըս, 2016-ին, 650 էջ: Այս իւրայատուկ եւ ծաւալուն գիրքը կ՛ընդգրկէ 413 գրողներու 712 բանաստեղծութիւն. առաւել, էջերու ներքեւի բաժինը կան համաշխարհային այլ գրողներու խօսքերը՝ նուիրուած սիրոյ:
Ինչպէս նախորդ գործը, այս գործը նոյնպէս իր տեսակին եւ որակին մէջ միակն է. մենք չենք հանդիպած սիրոյ թեմային նուիրուած այսպիսի ստուար եւ բազմաբովանդակ հատորի մը:
Ան գիրքը ձօնած է իր կնոջ՝ Գարոլինին, նաեւ՝ բոլոր սիրող սիրտերուն… Քանի որ սիրոյ ուժը անհամեմատելի է… Սէրը համբերատար է եւ բարի, եւ սիրոյ խորհուրդը յաւերժական է ու անմեռ:
=== Յովսէփ Նալպանտեանի գործունէութեան մասին ===
Ա֊ Հայ գրատպութիւն եւ գրքարուեստ֊ հանրագիտարան։ Երեւան, 2015, էջ 787։
Բ֊ Հանրագիտական բառարան Հ. 2։ Երեւան 2018։ էջ 461։
== Բազմաթիւ ելոյթներ՝ հեռուստակայան եւ ձայնասփիւռներ կայաններէն ==
Ազգային լուրջ հարցերով Յովսէփ Նալպանտեան ելոյթ ունեցած է տարբեր հեռուստակայաններէն, վերջին 17 տարուան ընթացքին 84 անգամ: Բազմաթիւ ելոյթներ տարբեր ձայնասփիւռներէ:
== Հայաստան-Արցախ այցելութիւններ՝ դասախօսութիւններ համալսարաններու մէջ ==
Վերջին 16 տարուայ ընթացքին Յովսէփ Նալպանտեան Հայաստան-Արցախ այցելած է 15 անգամ: Ամէն անգամ տարբեր 6 համալսարաններուն մէջ կարդացած է աւելի քան 42 անգամ: Նիւթերը՝ Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը: Հայութիւնը ո՞ւր կ'երթայ... տարբեր մարտահրաւէրները, ինչպէ՞ս պէտք է յաղթահարենք: Սփիւռքահայ գրականութեան դժուարու-թիւնները եւ այսօրուայ վիճակը: Սփիւռքահայ ամէնօրեայ դպրոցները իրավիճակը (վերջին 45 տարիներու ընթացքին փակած ենք 221 ամէնօրեայ դպրոց):
Սփիւռքի տարածքին հայերու մեծ մասը ինչո՞ւ իր մայրենին չի խօսիր: Սփիւռքահայ պատմական տուեալներ: Սփիւռքի համար նոր ազգային ռազմավարութիւն: Մեր մշակութային քաղաքականութեան բացակայութիւնը եւ անոր հետեւանքները: Հայոց պատմութեան հետ կապուած նոր փաստեր, տուեալներ: Հայ գիրքի իրավիճակը՝ հրատարակութիւն, ընթերցող, վաճառք, եւ այլն:
== Միութիւններու խորհուրդի անդամ ==
Յովսէփ Նալպանտեան եղած է տարբեր միութիւններու՝ խորհուրդի անդամ, ատենադպիր, ատենապետ...երկա՜ր տարիներ:
== Շքանշան,գնահատագիր,շնորհակալագիր, պատուոգիր եւ մետալներ ==
Յովսէփ Նալպանտեան արժանացած է հետեւեալ շքանշաններուն՝ Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» եւ «Ոսկէ մետալ», Հայաստանի գրողներու միութեան «Գրական վաստակի մետալ», Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Յակոբ Մեղապարտ մետալ»: 2017 թ.ի Մայիսին ստացած է «Մովսէս Խորենացի» պետական մետալ:
Ստացած է բազմաթիւ պատուոգրեր,շնորհակալագրեր, գնահատագրեր:
== «Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան» մատենաշարի՝ ցարդ լոյս ընծայուած հետեւեալ հրատարակութիւնները ==
2005 Սեպտեմբեր 4-ին կը հիմնէ «Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան» մատենաշարը, որ ցարդ հրատարակած է 46
1- Յովսէփ Նալպանտեան, «Լոյս» ընդհանուր գիտելիքներ, թիւ 3: Երեւան, 2006, 320 էջ, տպաքանակ՝ 1100:
2- Յովսէփ Նալպանտեան, «Լոյս» հանրագիտակ, թիւ 5: Երեւան, 2009, 366 էջ, տպաքանակ՝ 3000:
3- Յովսէփ Նալպանտեան, «Լոյս» հանրագիտակ, թիւ 6: Երեւան, 2009, 366 էջ, տպաքանակ՝ 3000:
4- Վազգէն Առաքելեան, «Շիրազ-Նամէ», չափածոյ վէպ: Երեւան, 2009, 196 էջ, տպաքանակ՝ 500:
5- Անի Յարութիւնեան, «Ութերորդ երկինք», բանաստեղծութիւններ: Երեւան, 2009, 60 էջ, տպաքանակ՝ 500:
6- Ռոմանոս Սահակեան, «Ars Poetica», բանաստեղծութիւններ: Երեւան, 2009, 208 էջ, տպաքանակ՝ 600:
7- Վազգէն Շուշանեան, «Ընտրանի», գլխաւոր խմբ. Սուրէն Դանիէլեան, խմբ. Քնարիկ Աբրահամեան, պատմուածքներ: Երեւան, 2010, 394 էջ, տպաքանակ՝ 650:
8- Յովսէփ Նալպանտեան, «Ամերիկահայ գիրքի պատմութիւն.1858- 2011» մատենագիտութիւն: Լոս Անճելըս, 2011, 178 էջ, տպաքա- նակ՝ 300:
9- Յովսէփ Նալպանտեան, «Հայկական բառարաններու համառօտ պատմութիւն», մատենագիտութիւն: Լոս Անճելըս, 2011, 71 էջ, տպաքա- նակ՝ 300:
10- Ռուբէն Սաքապետոյեան, «Արեւմտահայերէն-արեւելա-հայերէն նոր բառարան»: Երեւան, 2011, 380 էջ, տպաքանակ՝ 1000:
11- Յովհաննէս Շիրազ, «Հայոց դանթէականը», պոէմ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2011, 162 էջ, տպաքա- նակ՝ 500:
12- Սամուէլ Մուրատեան, «Յովհաննէս Շիրազ. բանաստեղծը, մարդը»: Երեւան, 2012, 560 էջ, տպաքանակ՝ 1000:
13- «Հայոց լեզու»,բանաստեղծութիւն եւ արձակ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2012, 377 էջ, տպաքանակ՝ 450:
14- Յովսէփ Նալպանտեան, «Ուղղագրութեան նիւթերու ժողովածու. բառարան»: Լոս Անճելըս, 2012, 154 էջ, տպաքանակ՝ 350:
15- «Մեսրոպ Մաշտոց. Մեծասքանչը», բանաստեղծութիւն եւ արձակ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2013, 687 էջ, տպաքանակ՝ 350:
16- «Կամուրջ 2013» տարեգիրք: Կազմեց եւ խմբագրեց՝ Անահիտ Բոստանջեան: Թբիլիսի, 2014, 480 էջ, տպաքանակ՝ 400:
17- Յովսէփ Նալպանտեան, «Կեանքի շարունակուող շաւիղներ», հրապարակագրութիւն: Լոս Անճելըս, 2015, 252 էջ, տպաքանակ՝ 350:
18- Ա. Ջ. «Հայապատում» պոէմ: Լոս Անճելըս, 2015, 130 էջ, տպաքա- նակ՝ 400:
19- Յովսէփ Նալպանտեան, «Հայ գիրքը Ամերիկայի մէջ» մատենագի- տութիւն: Լոս Անճելըս, 2015, 385 էջ, տպաքանակ՝ 300:
20- «Սիրոյ մատեան» բանաստեղծութիւն եւ արձակ, կազմեց եւ խմբա- գրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2016, 650 էջ, տպա- քանակ՝ 350:
21- «101 աղօթք յիշատակի», Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած բա- նաստեղծութիւններու ընտրանի, կազմեցին՝ Արմէն Աւանէսեան եւ Ս. Կարապետեան: Երեւան, 2016, 144 էջ, տպաքանակ՝ 500:
22- Յովսէփ Նալպանտեան, «Հայ գիրքը Ամերիկայի մէջ. յաւելուած»: Լոս Անճելըս, Յունիս 2016, 75 էջ, տպաքանակ՝ 200:
23- «Բառը սահմանի վրայ», բանաստեղծութիւն եւ արձակ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Սոնա Համբարձումեան: Արցախ, Ստեփանակերտ, 2016, 240 էջ, տպաքանակ՝ 500:
24- «Հայկական պատմուածքներ» հատոր Ա., արձակ, կազմեց եւ խմբա- գրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2016, 245 էջ, տպա- քանակ՝ 350:
25- «Հայկական պատմուածքներ» հատոր Բ., արձակ, կազմեց եւ խմբա- գրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2017, 243 էջ, տպա- քանակ՝ 350:
26- «Հայկական պատմուածքներ» հատոր Գ., արձակ, կազմեց եւ խմբա- գրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2017, 299 էջ, տպա- քանակ՝ 350:
27- Ժաննա Աբրահամեան, «Բուի ակնոցը», մանկական: Երեւան, 2017, 34 էջ, տպաքանակ՝ 500:
28- Աւետիս Ռազմիկ, «Կեանքի կարուսել. հրապարակագրական էջեր»: Երեւան, 2017 362 էջ, տպաքանակ՝ 400:
29- Սոնա Համբարձում, «Գանգրահեր կարօտ», բանաստեղծութիւն: Ստեփանակերտ, 2017, 184 էջ, տպաքանակ՝ 400:
30- «Սփիւռքահայ պատմուածք» պատմուածքներ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2018, 434 էջ, տպաքանակ՝ 350:
31- Ժաննա Աբրահամեան «Ձմեռ պապին ու տղան» մանկական: Երե- ւան, 2018, 32 էջ, տպաքանակ՝ 500:
32- Վանօ Եղիազարեան «Գրիգոր Նարեկացին եւ 10-րդ դարի Հայ գրականութիւնը»: Երեւան, 2018, 560 էջ, տպաքանակ՝ 320:
33- Անահիտ Դանիէլեան «Հայաստանը մենք ենք» բանաստեղծութիւն: Երեւան, 2018, 252 էջ, տպաքանակ՝ 500:
34- Ժաննա Աբրահամեան «Վասն հոգու» բանաստեղծութիւն: Երեւան, 2018, 200 էջ, տպաքանակ՝ 350:
35- Յովսէփ Նալպանտեան «Միջազգային պատմութիւն. ժամանակա- գրութիւն (1789-2015 թթ.)»: Երեւան, 2018, 720 էջ, տպաքանակ՝ 300:
36- Պորուչիկ Ալեկսէյ Կոլմակով «Պատմական հայկական վաշտը: Անդրանիկի վերջին զօրամասի սիբիրեան վաշտը», թարգմանիչ՝ Կարօ Վարդանեան: Երեւան, 2018, 96 էջ, տպաքանակ՝ 300:
37- «Հայ երաժշտահաններ» կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2019, մեծադիր 45 էջ: Այս գրքոյկի հազար օրինակը նուէր պիտի բաժնուի դպրոցներուն, համալսարաննե- րուն եւ հայ երաժշտութեամբ հետաքրքրուողներուն:
38֊ Ժաննա Աբրահամեան "Երբ քսւում է ցաւը հացին", արձակ եւ բան.։ Երեւան 2019, 128 էջ, տպաքանակ՝ 400։
39֊ Աննա Գէորգեան "Հոգու թռիչք" արձակ եւ բան.։ Երեւան 2019, 136 էջ, տպաքանակ՝ 300։
40֊ Ժաննա Աբրահամեան "Փոստատար արագիլը" մանկական։ Երեւան 2019, 48 էջ, տպաքանակ՝ 500։
41֊ Հեղեցիկ Մարգարեան "Քամիներից..." բանաստեղծութիւն։ Երեւան 2019, 222 էջ, տպաքանակ՝ 360։
42֊ "Յուշարձան մայրերուն" բան. եւ արձակ։ Երեւան 2019, 543 էջ, տպաքանակ՝ 350։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Hovsep Nalbandian
Մտաւորականը՝ Յովսէփ Նալպանտեան Գրախօսեց՝ ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Յովսէփ Նալպանտեանի «Կեանքի Շարունակուող Շաւիղներ»ով - ԱՐՏԵՄ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Հայաստանի Ազգային ակադեմիոյ թղթակից անդամ, Բանասիրական գիտութիւններու դոկտ., փրոֆեսէօր
«ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ» (ՀԵՂԻՆԱԿ`ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ) Գրախօսեց՝ ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ
Hovsep Nalbandian: “For me, my Homeland is the backbone for my work and the source of my energy”
ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ ԵՐԵՒԱՆԻ Խ. ԱԲՈՎԵԱՆԻ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ
Յովսէփ Նալպանտեանի այցը Աւետիսեան վարժարան
Նալպանտեանի 22-րդ հատորը՝ Յուշարձան մայրերուն»
== Արտաքին յղումներ == |
16,989 | Ժան I (Երուսաղէմի արքայ) | Ժան տը Պրիեն (ֆրանսերէն՝ Jean de Brienne; մօտ 1148 - 1237 23 Մարտի 23), Էրար II-ի եւ Նեւարի որդին, 1210-1212 թուականներուն Երուսաղէմի արքայ, 1229-1237 թուականներուն լատինական կայսրութեան կայսր-խնամակալ։
== Կենսագրութիւն ==
Ժան I (Երուսաղէմի արքայ) Ժան տը Պրիենը Շամփայնի կոմս՝ Էրար II-ի որդին է, նախապատրաստուեր է շարունակել հօր գործը, սակայն հետագային նախընտրեր է դառնալ ասպետ, իսկ արդէն քառասուն տարեկանին Ժանը ասպետական մրցոյթներուն յաղթանակներու շնորհիւ լուրջ ճանաչում կը ստանայ։ 1204 թուականին Ժան տը Պրիենը Կոստանդնուպոլսոյ գրաւման ժամանակ աչքի կ'իյնայ իր խիզախութեամբ։ անոր խիզախութեան մասին տեղեկութիւնները կը հասնին Ֆրանսայի արքայ՝ Ֆիլիփ II Օգոստոսին, որու պատճառով ալ վերջինս 1208 թուականին Երուսաղէմի թագաւորութեան դեսպաններուն խորհուրդ կու տայ Ժանին ամուսնացնել Երուսաղէմի թագուհի Մարիա Երուսաղէմցու հետ։ 1210 թուականին Ժանը կ'ամուսնանայ թագուհիին հետ՝ դառնալով Երուսաղէմի արքայ։ 1210 թուականին Ժանը այցելեց մայրաքաղաք՝ Աքքա, սակայն զարմանքով բացայայտեց, որ թագաւորութեան բանակը այնքան հզօր չեն, Երուսաղէմը ազատագրելու համար։ 1211 թուականին Ժանը հնգամեայ զինադադարի պայմանաւորուածութիւն ձեռք կը բերէ սուլթան՝ ալ-Ատիլի հետ։ 1212 թուականին կը մահանայ Մարիա Երուսաղէմցին։ Երուսաղէմի թագուհի նշանակուեցաւԻոլանտա տե Պրիենը, իսկ Ժանը նշանակուեցաւ խնամակալ։ Քիչ անց Ժանը կ'ամուսնանայ Կիլիկեան Հայաստանի արքայ Լեւոն Բ-ի դուստր՝ Ստեփանիա տը Պրիեն-Ռուբինեանի հետ։
Ժանը կը դառնայ Հինգերորդ խաչակրաց արշաւանքի գլխաւոր դէմքերէն մէկը։ Մասնաւորապէս ան խորհուրդ տուաւ լեկաթ Ալպանոյին Տումեաթի պաշարման ժամանակ ընդուներ սուլթանի առաջարկած ձեռնատու պայմանները, սակայն լեկաթը չընդունեց խորհուրդը։ Խաչակրաց արշաւանքի ձախողումէն յետոյ Ժանը ուղեւորուեցաւ արեւմուտք թագաւորութեան համար գումար բերելու։ Ան հանդիպեցաւ Հռոմի Պապ Հոնորիոս III-ի եւ Ֆրիտրիխ II-ի հետ վերջինիս հետ համագործակցութեան համաձայնութիւն ձեռք բերաւ, որու շրջանակներուն մէջ իր դուստրը կնութեան տուաւ Ֆրիտրիխին։ Յետոյ ուղեւորուեցաւ հայրենի Ֆրանսա եւ Անգլիա, սակայն համաձայնութիւններ ձեռք չբերաւ։ Յետոյ գնաց Սանթիակո, որտեղ Ալֆոնսո IX-ը Ժանին առաջարկեց իր դստեր ձեռքը, Ժանը երրորդ անգամ ամուսնացաւ։ Ժանը շարունակեց իր շրջագայութիւնը վերադարձաւ Գերմանիա յետոյ ուղեւորուեցաւ Հռոմ այստեղ անոր փեսա Ֆրիտրիխ II-ը պահանջեց, որպէսզի Ժանը հրաժարի գահէն յօգուտ իրեն։ Հակառակ իր պատկառելի տարիքին Ժանը ոչ միայն չհրաժարեցաւ գահէն այլ նաեւ Հարաւային Իտալիոյ Ֆրիտրիխի դէմ գլխաւորեց ապստամբութիւն, եւ յաջողութեամբ աւարտեց այն մինչեւ Ֆրիտրիխը կը մարտընչէր Վեցերորդ խաչակրաց արշաւանքի ընթացքին։ 1229 թուականին Լատինական կայսրութեան պարոններու հաւերով Ժանը նշանակուեցաւ կայսր-խնամակալ անչափահաս Պալտուին II-ի օրոք, ութսունմէկամեայ կայսրը վայր չդրաւ զէնքը եւ ռազմական գործողութիւններ սկսաւ պուլկարացիներու եւ նիկեացիներու դէմ։
Լատինական ժամանակագիրները Ժանին կը համեմատեն Հոմերոսի «Իլիականի» գլխաւոր գործող անձանցից մէկի՝ Հեկտորի հետ, իր թափառական ասպետի կերպարի պատճառով։ Ժանը իր գրեթէ 90-ամեայ կեանքի ընթացքին հասցուցեր է բազմիլ երկու քաղաքներու՝ Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսի գահերուն։
== Ընտանիք ==
Ժան տը Պրիենը իր երկարատեւ կեանքի ընթացքին ամուսնացեր է երեք անգամ։
Մարիա Երուսաղէմցու հետ առաջին ամուսնութեան ժամանակ լոյս աշխարհ է եկեր անոր դուստր, ապագա թագուհի Իոլանտա տը Պրիենը։
Կիլիկեան Հայաստանի արքայ Լեւոն Բ-ի դստեր Ստեփանիա տը Պրիեն-Ռուբինեանի հետ ամուսնութեան ընթացքին Ժանը ունեցեր է որդի՝ Ժան անուամբ, վերջինս պէտք է ժառանգեր հայկական գահը, սակայն մօր հետ կը մահանայ վաղ տարիքին։
Պերենկարիա Քիսթիլիացու հետ երրորդ ամուսնութիւնէն ան ուներ չորս զաւակ։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
René Grousset, Histoire des croisades et du royaume franc de Jérusalem - III. 1188-1291 L'anarchie franque, Paris, Perrin, 1936 (réimpr. 2006), 902 p.
== Արտաքին յղումներ ==
ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ պատմական կարեւոր ուսումնասիրութիւն մը, որու հեղինակն է ֆրանսացի պատմաբան René Grousset Ռընէ Կրուսէ։ |
4,922 | Յովհաննէս Առաքեալ | Յովհաննէս առաքեալ (եբր.՝ יוחנן «Յոհանան» - «Տէրը ողորմած է», լատ.՝ Iohannes Zebedaei նաեւ՝ Յովհաննէս Աւետարանիչ,ՅովհաննԷս Աստուածաբան), ըստ Նոր Կտակարանի` Յիսուս Քրիստոսի 12 առաքեալներէն մէկը, Յակոբոս առաքեալի կրտսեր եղբայրը, Զեբէդեոսի եւ Սաղոմէի որդին, Յիսուսի սիրելի աշակերտը։ Աւանդական քրիստոնիա եկեղեցիներու կողմէն անոր է կը վերականգնուի Նոր Կտակարանի կանոնի մաս կազմող ըստ Յովհաննէսի աւետարանին, Յայտնութեան եւ Յովհաննէսի երեք ընդհանրական թուղթերու հեղինակութիւնը։
== Յովհաննէս առաքեալը Նոր Կտակարանին մէջ ==
Համատես Աւետարանները մեզ կը յայտնեն, որ Յովհաննէս առաքեալը Զեբէդեոսի եւ Սաղոմէի որդին էր, Յակոբոս Զեբեդեանի եղբայրը,Պետրոս ու Անդրէաս առաքեալներու որսակիցը, Յիսուսի կողմէն առաջին կանչուածներէն մէկը (հմմտ. Մատթ. 4:21, Մարկ. 1:19, Ղուկ. 5:10)։ Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ, հեղինակը, որ ինքը Յովհաննէսն է, իր մասին կը խօսի միշտ երրորդ դէմքով` չտալով իր անունը. այստեղ ան ինքն իրեն կ՝ անուանէ «միւս աշակերտ» (Հովհ. 18։ 15, 20։ 3-4), «աշակերտ...որուն Յիսուս կը սիրէր» (Յովհ. 19։ 27, 20։ 2, 21։ 7)։ Որպէս առաջին աշակերտներէն մէկը՝ Յովհաննէսը Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Անդրէասի հետ, հաւանաբար, մասնակիցը եղած է Կանայի հարսանիքի եւ ականատեսը Քրիստոսի առաջին հրաշքի (հմմտ. Յովհ. 2։ 2)։ Համատես աւետարանիչները անոր պարտադիր կերպով կը յիշեն 12-ի ցանկին մէջ (Մատթ. 10։ 3, Մարկ. 3։ 17, Ղուկ. 6։ 14)։ Ուսումնասիրելով Աւետարանական էջերը՝ կը գտնենք Յովհաննէս առքայալին վերաբերող ուշագրաւ հետեւեալ կետերը.
Յովհաննէսը եղբօր՝ Յակոբոսի եւ Պետրոս առաքեալի հետ մշտապէս կը գտնուի Յիսուսի կողքին՝ կազմելով առաքեալներու կորիզը (տես Մատթ. 17։ 1, Մարկ. 5։ 37, 9։ 1, 14։ 33, Ղուկ. 8։ 51, 9։ 28)։ Յովհաննէսը Պետրոսի հետ նաեւ Պասէքի ընթրիը պատրաստողն էր (Ղուկ. 22։ 8)։
Յովհաննէսը կը ներկայանանայ որպէս աշխոյժ եւ նախանձախնդիր կերպար (այդ պատճառով է, որ Զեբէդեան եղբայրները Քրիստոսի կողմէն կ՝ անուանուին Որոտման որդիներ՝ Բաներէգես (հմմտ. Մարկ. 3։ 17)). «Յովհաննէսը պատասխանեց եւ ըսաւ. «Վարդապե՛տ, տեսանք մէկուն, որ քու անունով դեւեր կը հանէ, բայց մեզ հետ չէր շրջեր, եւ արգիլեցինք անոր»» (Մարկ. 9:37, Ղուկ. 9:49)։ Նախանձախնդրութեան մէկ այլ դրսեւորում ցոյց տրուած է Ղուկասի Աւետարանին մէջ. Սամարիայի մէջ անհյուրընկալ ընդունելութենէն ետք Յովհաննէս եւ Յակոբոս եղբայրները կ՝առաջարկեն Քրիստոսին ««Տէ՛ր, կը կամենաս, որ ըսենք, եւ երկինքէն կրակ իջնէ ու բնաջինջ ենէ անոնց»» (9:54)։ Այս միտքին համար առաքեալը Յիսուսի կողմէն կը հանդիմանեն։
Փոքրիկ հանդիմանութեան կ՝արժանանայ նաեւ Քրիստոսին մէկ այլ հարցով դիմելուս (ըստ Մատթէոս աւետարանչի` Քրիստոսին դիմած է առաքյալի մայրը (20։ 20-24)). «Զեբէդեոսի որդիները՝ Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, գացին անոր մօտ եւ ըսին անոր. «Վարդապե՛տ, ինչ որ քեզմէ պիտի խնդրենք, կը կամենանք, որ ընես մեզ համար»։ Եւ ան անոնց ըսաւ. «Ի՞նչ կը կամենաք ինձմէ, որ ընեմ ձեզ համար»։ Եւ անոնք ըսին անոր. «Շնո՛րհ ըրէ մեզ, որ նստինք մէկս՝ քու աջին եւ միւսս՝ ձախին, քու փառքիդ մէջ»։ Յիսուս պատասխանեց անոնց եւ ըսաւ. «Չեք իմանար, թէ ինչ կը խնդրեք. Կ՞րնաք խմել այն բաժակը, որ ես պիտի խմեմ, կամ մկրտուիլ այն մկրտութեամբ, որով ես պիտի մկրտուիմ»։ Եւ անոնք ըսին անոր. «Կրնանք»։ Եւ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Այն բաժակը, որ ես պիտի խմեմ, կը խմէք, եւ այն մկրտութիւնը, որով ես պիտի մկրտուիմ, անոր հետ կը մկրտուիք, բայց իմ աջիս եւ ձախիս նստեցնելը ես չէ, որ պիտի տամ, այլ պիտի տրուի անոնց, որոնց համար պատրաստուած է»։ Այդ լսելով՝ տասը առաքեալները սկսան բարկանալ Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի վրայ»(Մարկ. 10։ 35-40)։
Յովհաննէսը մշտապէս եղած է Քրիստոսի կողքին։ Վերջին ընթրիքի ժամանակ, երբ Յիսուս կ՝ կնարկէ իր մատնութիւնը. «Աշակերտներէն մէկը, որուն Յիսուս կը սիրէր, նստած էր անոր մօտ։ Սիմոն Պետրոսը այս մէկուն ակնարկ ըրաւ՝ հարցնելով, թէ այդ որո'ւ մասին կ՝ըսէ: Եւ այս Յիսուսի կրծքովը ինկաւ ու ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՞վ է»։ Յովհաննէսը կը հետեւի Քրիստոսին նաեւ անոր չարչարանքներու ընթացքին. «Յիսուսի ետեւէն կ՝երթային Սիմոն Պետրոսը եւ միւս աշակերտը։ Եւ քանի որ այդ աշակերտը քահանայապետին ծանօթ էր, Յիսուսի հետ մտաւ քահանայապետի տան գաւիթը։ Իսկ Պետրոսը կանգնած էր դրան մօտ, դուրսը։ Միւս աշակերտը, որ ծանօթ էր քահանայապետին, դուրս ելաւ, դռնապանին եսաւ եւ Պետրոսին ներս մտցուց»։ Անգամ մը խաչելութեան պահուն Յովհաննէսը կանգնած է Քրիստոսին շատ մօտ. «Իսկ Յիսուսի խաչին մօտ կանգնած էին անոր մայրը եւ անոր մօրաքոյրը՝ Կղեոպասի կին Մարիամը եւ Մարիամ Մագդաղենացին։ Երբ Յիսուս տեսաւ մօրը եւ այն աշակերտին, որ մօտ էր կանգնած էր, որուն ան կը սիրէր, մօրը ըսաւ. «Ո՛վ կին, ահա՛ քո որդին»։ Ապա աշակերտին ըսաւ. «Ահա՛ քո մայրը»։ Եւ այդ պահէն աշակերտը անոր իր մօտ առաւ» (Յովհ. 19։ 26-28)։
Հետհարութեան դրուագներուն մէջ ալ Յովհաննէս առաքեալը միւս առաքեալներուն հետ է (Հովհ. 21 գլուխ). ան առաջին ականատեսն է Քրիստոսի յարութեան՝ թափուր գերեզմանի (Հովհ. 20։ 1-10) եւ Տիբերիայի ծովեզերքի հայտնութեան (Հովհ. 21 գլուխ)։
== Յովհաննէս առաքեալը Գործք առաքելոցի մէջ ==
Գործք առաքելոցը Յովհաննէս առաքեալին շատ քիչ կ՝ անդրադարնայ՝ անոր միշտ ներկայացնելով Պետրոս առաքեալի հետ միասին։
Առաջին անգամ Յովհաննէսին կը տեսնենք Մատաթիա առաքեալի ընտրութիւնը կատարելու ժամանակ՝ 11 առաքեալներու հետ (1։ 13)։
Յովհաննէսը Պետրոսի հետ կը բժշկէ ի ծնէ անդամալոյծին, որուն համար առաքեալները կը յայտնուին ատյանին մէջ, բայց շուտով արդարացուելով ազատ կ՝ արձակուին (3։ 1-4։ 22)։
Վերջին անգամ Յովհաննէսին դարձեալ կը հանդիպինք Պետրոս առաքեալի հետ Սամարիոյ մէջ աւետարանին մէջ. «Երբ Երուսաղէմի մէջ գտնուող առաքեալները լսեցին, թէ Սամարիոյ մէջ ալ ընդունած են Աստծոյ խօսքը, անոնց մօտ ուղարկեցին Պետրոսին եւ Յովհաննէսին, որոնք, իջնելով, կ՝աղօթէին անոնց համար, որպէսի ստանան Սուրբ Հոգին» (8։ 14-15)։Յովհաննէսը համարուած է Եկեղեցւոյ երեք սիւներէն մէկը, որուն Պողոսը հանդիպած է Երուսաղէմի մէջ. «երբ Յակոբոսը, Կեփասը եւ Յովհաննէսը, որոնք սիւներ կը համարուէին, իմացան այն շնորհներու մասին, որ տրուած էին ինձ, հաւանութեան ձեռք մեկնեցին ինձ եւ Բառնաբասին, որպէսզի մենք երթանք հեթանոսներու մէջ, իսկ իրենք՝ հրեաներու մէջ» (Գաղ. Բ 9)։
== Յովհաննէս առաքեալը Սրբազան աւանդութեան մէջ ==
Համաձայն եկեղեցական աւանդութեան՝ Երուսաղէմի առաջին ժողովէն ետք առաքեալները կը ցրուին զանազան երկիրներ։ Յովհաննէսը կ՝ երթայ ԵփԷսոս, ուր կ՝ ընդարձակէ Պօղոս առաքեալի հիմնած համայնքը, երկար ժամանակ կը մնայ ԵփԷսոսի մէջ, ապա կ՝ աքսորուի Պատմոս կղզի։ Աւանդութենէն կ՝ իմանանք ՅովհաննԷս առաքեալի մահուան որոշ մանրամասներ։
== Յովհաննէս առաքեալի մահը ==
Առաքեալներու շարքին մէջ են Յովհաննէսը միակն է, որ չէ մահացած նահատակութեամբ։ Յովհաննու աւետարանին մէջ փոքրիկ ակնարկ կայ անոր մահուան վերաբերեալ. «Պետրոսը դարձաւ եւ տեսաւ, որ այն աշակերտը, որուն Յիսուս կը սիրէր, կու գայ ետեւէն. ան, որ ինկած էր անոր կրծքով ու ըսած. «Տէ՛ր, ո՞վ է, որ պիտի մատնէ քեզ»։ Պետրոսը, անոր տեսնելով, ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, իսկ այս ի՞նչ կ՝ըլլայ»։ Յիսուս անոր ըսաւ. «Եթէ ես կը կամենամ, որ ան ապրի, մինչեւ որ ես գամ, այդ քեզի ի՞նչ հոգ, դուն եկո՛ւր իմ ետեւէն»։ Եւ այս խօսքը տարածուեցաւ եղբայրներու մէջ. եւ կարծեցին, թէ այդ աշակերտը պիտի չմեռնին։ Բայց Յիսուս անոր չըսաւ, թէ չպիտի մեռնի, այլ թէ՝ ես կը կամենամ, որ ան ապրի, մինչեւ որ ես գամ։ Այս աշակերտն է, որ կը վկայէ այս բաներու մասին, որ եւ գրեց իսկ անոնց. եւ գիտենք, որ անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է» (Հովհ. 21։ 21-25)։ Աւանդութիւնը կը նշէ, որ առաքեալը մահացած է շուրջ 100 թ., Եփեսոսի մէջ, 95 տարեկան հասակին։ Աւանդութեամբ մեզ հասած տեղեկութեան համաձայն՝ մահէն առաջ շատ չարչարանքներ տեսած է, բայց մահացած է խաղաղ պայմաններուն մէջ։ Պատմութեան մը համաձայն՝ ծերութեան տարիներուն, երբ խօսիլ չէ կրցած, եկեղեցի մտած է ըսելու համար միայն «Մանուկներ, սիրեցեք միմեանց»։
== Յովհաննէսը հեղինակ նորկտակարանեան գիրքերու ==
Աւանդաբար Նոր Կտակարանին մէջ եղած գիրքերէն Յովհաննու աւետարանը, Յովհանի ընդհանրական երեք նամակները եւ Յայտնութեան գիրքի հեղինակ համարուած է Յովհաննէս առաքեալը։ Յովհաննու աւետարանի ներքին վկայութիւնները կը հաստատեն Յովհաննէսի հեղինակ ըլլալը (Հովհ. 21։ 25)։ Շնորհիւ այս մօտեցման, որոշ արտաքին ապացուցներ կան եւս. վաղ եկեղեցւոյ հայրերէն Իրենեոս Լուգդոնացին (+202) եւ Կղեմես Հռոմէացին (+101) կը փաստեն, որ աւետարանը գրած է Զեբէդեոսի որդի Յովհաննէսը։ Հերապոլսի եպիսկոպոս Պապիասը (60-130) սակայն կը նշէ, որ յայտնի եղած են երկու Յովհաննէսներ՝ առաքեալը, որ այլեւս ողջ չէր, եւ Երեց Յովհաննէսը, որ տակավին ողջ էր։ Այս վկայութենէն ելլելով որոշ գիտնականներ աւետարանի հնարաւոր հեղինակ կը համարեն Յովհաննէս Երեցին։ Այնուամենակնիւ եկեղեցական աւանդութիւնը կը պնդէ, որ գիրքը գրուած է Եփեսոսի մէջ։ Մէկ այլ, երրորդ եւ աւելի հաւանական տեսակէտի համաձայն՝ Աւետարանի շարադրման համար տեղեկութիւնները տուած է Յովհաննէս առաքեալը, իսկ գրի առած է Յովհաննէս Երեցը։ Այսօր մէկ բան յստակ է, որ այս աւետարանը Յովհաննէս առաքեալի հիմնած աստուածաբանական դպրոցի ծնունդ է։ Այսպես է պարագան նաեւ Յովհանի առաջին նամակի, որ ոճական եւ բովանդակային խիստ նմանութիւն ունի Աւետարանի հետ համեմատած։ Յովհաննու Բ. եւ Գ. նամակներու հաւանական հեղինակ կը համարուի Յովհաննէս Երեցը։
=== Յովհանի Յայտնութիւն ===
Յովհաննէսը աւանդաբար համարուաղ է նաեւ Յայտնութեան գրքի հեղինակ, բայց եթէ Դ Աւետարանը եւ երեք թուղթերը կրնային ներագրոպիլ Զեբէդեոսի որդի Յովհաննէսի կողմէն գրուած, ապա Յայտնութեան հեղինակի հարցը աւելի խրթին է։ Եթէ հաշուի առնենք այն, որ Յովհաննէսը ապրած է մինչեւ հռոմէական Դոմետիանոս կայսրին (81-96) ժամանակները, ապա հաւանական է, որ ան է Պատմոսի տեսանողը, որուն տեսիլքները գրի առնուած են Յայտնութեան գիրքին մէջ։
== Յովհաննէս առաքեալի կերպարը արուեստի մէջ ==
Յովհաննէս առաքեալը նկարչութեան, մանրանկարչութեան եւ քանդակագործութեան՛ մէջ ներկայացուած է արծիւի կերպարանքով։ Արծիւը կը խորհրդանշէ առաքեալի ունեցած հզօր ու բարձր թռչող միտքը, որով ան շարադրած է իր Աւետարանը։ Պատկերագրութեան մէջ Յովհաննէսը կը ներկայացուի առանց մորուքի՝ ցոյց տալու համար անոր երիտասարդ տարիքը։ Աւելի յաճախ «սիրելի աշակերտը» կը պատկերուի Քրիստոսին աւելի մօտ կանգնած, առջեւը կամ կողքին նստած։
== Յիշատակութեան օրը ==
Յովհաննէս առաքեալը կը համարուի քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն մէկը։ Անոր անունով կան բազմաթիւ եկեղեցիներ։ Աւետարանիչի տօնը կը նշուի բոլոր աւանդական եկեղեցիներու կողմէն. Հայ Առաքելական Եկեղեցին Յովհաննէս Աւետարանչի յիշատակը կը տօնէ Ս. Ծնունդին նախորդող Աւագ տօներու ժամանակ, Յունական եկեղեցին՝ 26 սեպտեմբերին եւ 8 մայիսին, իսկ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին՝ 27 դեկտեմբերին եւ 6 մայիսին։
== Այցելէք նաեւ ==
Ընդհանրական նամակներ
Յովհաննէս առաքեալի առաջին թուղթը
Յովհաննէս առաքեալի երկրորդ թուղթը
Յովհաննէս առաքեալի երրորդ թուղթը
== Աղբիւրներ ==
Աստուածաշունչ Մատեան Հին եւ Նոր Կտակարաններու, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւն, 2004։
Մաղաքիա արք. Օրմանյան, Համապատում, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, 1997։
Շնորհք արքեպիսկոպոս Գալույտեան, Աստուածաշնչական սուրբեր, Երեւան, 1997։
Աւետարաններու գործող անձինք, Սուրբ Էջմիածին, 2010։
== Արտաքին յղումներ ==
Սուրբ Յովհաննէս առաքեալը
Խորհրդավոր ընթրիք |
1,390 | Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ | Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ, հիմնուած 1963-ին, Պէյրութ, Լիբանան։
== Պատմական ակնարկ ==
Դպրոցը սկսած է գործել Մարտիկեան մանկապարտէզ - նախակրթարան անուան տակ, ունենալով վաթսուն աշակերտներ։
Սահակ Ա. Խապայեան Կաթողիկոսի օրով, 1930-ական թուականներուն, Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին կից, շրջակայքի հայութեան զաւակներուն համար բացուած է փոքր դպրոց մը՝ Մեսրոպեան Վարժարան անունով։
1963-ին, Խորէն Ա. Բարոյեան Կաթողիկոսի օրով, Մարտիկեան նախակրթարանի առաջին տեսուչը կ’ըլլայ Պետրոս Վրդ. Պէրպէրեան։
1965-ին, տեսուչի պարտականութիւնը կը ստանձնէ Ներսէս Ծ. Վրդ. Բախտիկեանը։
1966-ին, Մարտիկեան Վարժարանի տեսչութիւնը կը ստանձնէ Մեսրոպ Արք. Աշճեան, որուն իբրեւ փոխ տեսուչներ կ’օգնեն Օշական Աբղ. Չոլոյեան եւ այդ օրերուն Աբեղայ Արամ Քէշիշեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ այժմու Կաթողիկոս)։
1969 -ին, Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդի կողմէ Վարժարանը ղեկավարելու պարտականութեան կը հրաւիրուի Սարգիս Չոլոյեան, որ նախ իբրեւ աւագ ուսուցիչ, ապա՝ տնօրէն, կը գործէ մինչեւ 1984 -1985 ուսումնական տարեշրջանի աւարտը։
1981-էն սկսեալ, Մարտիկեան նախակրթարանը քայլ առ քայլ կը բարձրանայ միջնակարգ վարժարանի աստիճանին։Այդ տարիներուն, վարժարանին աշակերտութեան թիւը զգալի աճ կ’արձանագրէ եւ Մայրավանքի շրջափակէն ներս գտնուող դպրոցին շէնքը՝ իր դասարաններով եւ խաղավայրով անբաւարար էր։
1984 -1985 տարեշրջանին, դժուարին այդ կացութենէն դուրս կու գայ Մարտիկեան Վարժարանը, շնորհիւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կարգադրութեան։ Արդարեւ, Վաչէ Մանուկեանի իշխանական նուիրատուութեամբ գնուած եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ դրուած Տըպպայէի ընդարձակ հողաշերտը (10,000 քառ. մեթր) եւ անոր վրայ գտնուող դպրոցական շէնքերը կը տրամադրուին Լիբանանի Ազգային Իշխանութեանց՝ այնտեղ փոխադրելու համար Ազգ. Մարտիկեան Վարժարանը։ Այս կարգադրութենէն ետք, Վարժարանը կ’անուանուի բարերար Վաչէ Մանուկեանի հօր անունով, եւ 1985-1986 տարեշրջանէն սկսեալ կը դառնայ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Երկրորդական Վարժարան։
1993 Հոկտեմբերին, պաշտօնապէս բացումը կը կատարուի արդիական մանկապարտէզին, որ կը կառուցուի բարերարութեամբ Վաչէ Մանուկեանի, որու մօր անունով կը կոչուի Ազգային Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզ։
1985-1986 տարեշրջանին, տնօրէնի պաշտօնին կը հրաւիրուի Տօքթ. Բաբգէն Փափազեան, եւ յաջորդ տարուան աւարտին, վարժարանը կու տայ իր առաջին հունձքը եւ կը դառնայ քոլէճ։
1990 Փետրուարէն սկսեալ, Բաբգէն Փափազեանի մահէն ետք, Օրդ. Մանուշակ Պոյաճեան կը վարէ տնօրէնութեան պաշտօնը, մինչեւ իր մահը՝ 2005 Մարտ։Սեպտեմբեր 2005-ին, Օրդ. Սեդա Պոյաճեան կը նշանակուի տնօրէն։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանին, Րաֆֆի Մանուկեանի նուիրատուութեամբ կարելի կը դառնայ ներկել քոլէճի ամբողջ կառոյցը, կառուցել տարրալուծարանը, փակ մարզասրահն ու համադրումներու եւ հոգեբանական խորհրդատուի սենեակը։ Հիմնովին կը բարեփոխուին ուսուցչարանները, կը վերանորոգուին բակն ու կառատունը։
Սեպտեմբեր 2011-ին, Զոհրապ Ղազարեան կը նշանակուի տնօրէն։
2011-2012 տարեշրջանին, կը սկսի բոլոր դասարաններու հիմնական վերանորոգութեան եւ արդիականացման աշխատանքը։ Նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններէն ներս, հանգրուանային կերպով կը տեղադրուին' «Interactive Board»-եր, մանկապարտէզի դասարանները կը ներկուին, կը վերանորոգուի նաեւ կահոյքը։ Կը կառուցուի եւ արուեստական խոտով կը ծածկուի քոլէճի ֆութպոլի դաշտը։ Կը վերանորոգուի Պասքէթի դաշտը։
2012-ի ամռան, կը հաստատուի «Ուրախ Ամառ 1» անուանումով ամառնային դպրոցի ծրագիրը, որու կը յաջորդեն «Ուրախ Ամառ 2»ն եւ 3ը։
Դեկտեմբեր 2014-ին, բացումը կը կատարուի քոլէճի «Ժան Ապաճեան» արդիական գրադարանին։
2014-2015 տարեշրջանին կը հաստատուի յետմիջօրէի սերտարանի դրութիւնը։
2014 -2015 տարեշրջանի տուեալով, քոլէճը ունի 600 աշակերտ, 57 ուսուցիչ եւ 17 պաշտօնեայ։
== Աղբիւրներ ==
Դպրոցի պաշտօնական կայքէջ.
Դպրոցի պաշտօնական դիմատետրի էջ.
== Տե՛ս նաեւ ==
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճ
Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարան
Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարան |
3,796 | Կարէն Քալանթար | Կարէն Քալանթար (30 Յուլիս 1928, Երեւան - 1 Յունուար 2000, Երեւան), շարժապատկերի դեսպան եւ քննադատ:
Կարէն Լեւոն Քալանթար, ծնած է Երեւան 30 Յուլիս, 1928-ին: Շարժապատկերի դեսպան եւ քննադատ, բեմադրիչ հօրմէ եւ դերասանուհի մօրմէ:
1946-ին միջնակարգի դպրոցը աւարտեց, ապա յաճախեց Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղը, ուրկէ շրջանաւարտեց 1951-ին:
1951-1961 տարիներուն Քալանթար Կոմունիստ խմբագրութեան մէջ գործած է իրբեւ գրական աշխատող եւ բաժնի վարիչ, ապա 1961-ին այնտեղ պաշտօնավարեց որպէս խմբագիր եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1967:
Միեւնոյն ժամանակ 1964-2000 տարիներուն Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի արուեստի ճիւղին մէջ աւագ գիտաշխատող էր:
Մինչեւ այդ, 1964-ին Հայկական ազգային շարժապատկերի ասպարէզին նուիրուելով, ան դարձաւ Հայֆիլմ հաստատութեան Ացենարական Բաժնի պետը, ապա՝ գլխալոր խմբագիրը:
1971-ին, Քալանթար Է. Մանուկեանի հետ գրեց իր առաջին ռուսերէն Արմենիա Կինօմատոգրաֆիչեսկայա (կինօմատոգրաֆիական Հայաստան) (Երեւան-Մոսկոսայ) գրքոյկը, ապա 1973-ին ստացաւ արուեստագիտութեան թեգնածուի գիտական աստիճան:
1974-1976 տարիներուն Քալանթար նշանակուեցաւ ՀայՖիլմ հաստատութեան տնօրէն, ապա 1976-ին ընտրուեցաւ Հայաստանի կինօմատոգրաֆիական միութեան վարչութեան առաջին քարտուղար, յետագային՝ նախագահ:
Հարկ է նշել, թէ Հայաստանի մէջ, Քալանթար առաջին փարաջանովագէտն էր, որ ռուսերէնով հրատարակեց Օչերկիօ Փարաչանով (ակնարկներ Փարաջանովի մասին) (Երեւան,պ 1998) գիրքը, որուն նդմէջ էն ներկայացուցած էր Սերկէյ Փարջանովի արուեստն ու անոր իւրայատկութիւնները, բեմադրիչին ստեղծագործական երեւակայութիւնն ու մտածողութիւնը եւ վերջինիս բեմադրական ձեռագրին պատկանող չորս հիմնական երկարերիզ ֆիլմերը:
Քալանթար մահացած է Երեւան 1 Յունուար 2000 թուականին:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր Ի., Պէյրութ 2000, էջ 513 |
22,173 | Ասպետներու Աւագ Պետին Պալատ (Ռոտոս) | Ասպետներու Աւագ Պետին Պալատ կամ Քասթելօ (Ռոտոս) (յուն․՝ Παλάτι του Μεγάλου Μαγίστρου (Ρόδος)), Եունեսքոյի համաշխարհային ժառանգութեան յուշարձան։ Կը գտնուի Ռոտոսի միջնադարեան քաղաքին (հին քաղաքը) հիւսիս-արեւմտեան մասը, բերդին բարձրագոյն կէտին վրայ։
== Հակիրճ տեղեկութիւններ ==
Ասպետներու Աւագ Պետին Պալատը կառուցուած է ԺԴ․ դարուն, հին Բիւզանդական Աքրոփոլիսին (Է․ դար) տեղը Ռոտոս իշխող Ասպնջական Ասպետներուն Ordo Hospitalis Sancti Johannis կողմէ։ Ըստ պատմական նոր տուեալներու, պալատին տեղը կը գտնուէր Արեւ աստուծոյ տաճարը եւ հաւանաբար հոն կանգնած էր Ռոտոսի Քոլոսոսը եւ ոչ Մանտրաքի (Ռոտոս քաղաքին երեք նաւակայքերէն մին)։
== Պատմական ակնարկ ==
=== Օսմանեան գերիշխանութիւն ===
Օսմանցիները երբ կղզին կը գրաւեն (1522), պալատը իբրեւ բերդ, վարչական կեդրոն եւ բանտ կը գործածեն։ 1856-ին որոտումի հարուածի պատճառով մօտակայ Այիոս Իոանիս եկեղեցւոյ ստորերկրեայ մառաններուն մէջ պահուած ռազմամթերքը կը պայթի, քանդելով պալատին մէկ մասը։
=== Իտալական գերիշխանութիւն ===
1912-ին Ռոտոս կը գտնուի Իտալիոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ։ Իտալացիները կը վերականգնեն պալատին քանդուած մասը (1937 - 1940)։ Պալատը կը դառնայ Իտալիոյ Վիքթոր Էմանուիլ Գ․ թագաւորին ամառուան բնակարանը ու աւելի ետք Պենիթօ Մուսոլինի բռնակալին արձակուրդի վայրը։
=== Ժամանակակից ժամանակաշրջան ===
Իտալական գերիշխանութիւնը կը վերջանայ Բ․ Աշխարհամարտի աւարտին․ 27 Յունիս 1946-ին Յունաստանին կը միանան։
== Պալատ - թանգարան ==
Յունական պատկան մարմինները պալատը թանգարանի կը վերածեն․ կը հիւրասիրէ տարբեր արուեստագիտական ստեղծագործութիւններ, հնադարէն եւ միջնադարէն ժողովրդային արուեստի իրեր, զէնքեր, միջնադարեան տապանաքարեր, զարդեր, գիրքեր, նկարչութեան գործեր, արձաններ, եւայլն։
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,521 | Լիւպլեանայի Համալսարան | Լիւպլեանայի համալսարան (Կաղապար:Լեզու sl, լատ.՝ Universitas Labacensis), Սլովէնիոյ ամենահին եւ ամենախոշոր համալսարանն է եւ Եւրոպայի ամենախոշորներէն մեկը:
== Պատմութիւն ==
Սլովէներէնով ուսուցանող համալսարան ստեղծելու պահանջը կ'զգացուեր 19րդ դարու երկրորդ կէսին, երբ զգալի թիւով սլովէնացի աքատեմիականներ կ'աշխատէին Կեդրոնական Եւրոպայի ամբողջ տարածքին, երբ աւելի մեծաթիւ սլովէնացի ուսանողներ ներգրաւուած էին Աւստրիա-Հունկարիոյ օտարալեզու համալսարաններէն ներս, գլխաւորապէս՝ Աւստրիոյ եւ Չեխական հողերու (Փրակի Քարլի համալսարան կամ Օլոմոուցի Համալսարան, որուն սլովէն փիլիսոփայ Ֆրանք Սամուէլ Քարփէն Franc Samuel Karpe 1781-ին դարձաւ ռեկտոր):
1890-ականներուն արդէն ձեւաւորուած էր սլովէնական համալսարան հիմնելու համար միացեալ խորհուրդ, որուն առաջնորդներն էին Հէնրիք Թուման եւ Ալեշ Ուշէնիչնիքը: 1898-ին Քարնիոլայի տարածքային կառավարութիւնը հիմնեցաւ կրթաթոշակներ բոլոր այն ուսանողներու համար, որ պատրաստ էին ուսանելու բացուելիք Լիւպլեանայի համալսարանէն ներս:
Սակայն, քաղաքական որոշ աննպաստ հանգամանքներու պատճառաւ համալսարանի հիմնումը կանխուեցաւ մինչեւ Աւստրիա-Հունկարիոյ կայսրութեան անկումը: 1918-ին Սլովէններու, Խրուաթներու եւ Սերպերու Պետութեան ստեղծումով հնարաւոր դարձաւ համալսարանի բացումը: 23 Նոյեմբեր 1918-ին կայեացաւ Լիւպլեանայի համալսարանի հիմնադիր խորհուրդի առաջին հաւաքը: Համալսարանի առաջին դասախօսութիւնը կայեացաւ 1919-ի Դեկտեմբեր 2-ին:
=== Առաջին Տասնամեակները ===
1919-ին համալսարանը կազմուած էր հինգ փաքուլթիներէ՝ իրաւաբանութեան, փիլիսոփայութեան, մեքենաբանութեան, աստուածաբանութեան եւ բժշկագիտութեան: Համալսարանի տեղը Լիւպլեանայի կեդրոնական Քոնկրեսի ասպարէզին էր, շէնքին մը մէջ, որ 1902-էն մինչեւ 1918-ը ծառայած էր որպէս Քարնիոլայի պետական առանձնատուն:
1920-ականներու կէսերուն համալսարանը վերանուանուեցաւ «Լիւպլեանային մէջ Ալեքսանտր թագաւորի համալսարան» (Universitas Alexandrina Labacensis) եւ կը շարունակեր աճել, չնայած ֆինանսական դժուարութիւններուն եւ Իւկոսլաւիոյ կեդրոնապաշտ իշխանութիւններու մշտական ճնշումներուն:
1941-ի ներխուժումէն ետք համալսարանը կը շարունակեր իր գործունէութիւնը Իտալիոյ եւ Նազիական Գերմանիոյ գերիշխանութեան ներքոյ:
== Համալսարանին Հետ Կապ Ունեցած Նշանաւորներ ==
Համալսարանի նշանաւոր աւարտածներնէն է Մելանիա Թրամփը, Միացեալ նահանգներու առաջին տիկինը: Նէ համալսարան ընդունուած, սակայն չէ աստիճանաւորուած:: Սլավոյ Ժիժէքը Slavoj Žižek սլովենացի հոգեվերլուծական փիլիսոփայ է եւ հեկելական մարքսիստ: Ճանչուած գործարար եւ քաղաքական գործիչ է Զորան Եանքովիչը (Կաղապար:Լեզու sl, Կաղապար:Լեզու sb, ծն.1953)
Եոժէ Փլէչնիք Jože Plečnik ճարտարապետ
Տիմիթրիյ Ռուփէ Dimitrij Rupel դիւանագէտ
Ալեշ Տեպելեաք Aleš Debeljak
Եանքոյ Փրունք Janko Prunk պատմագէտ
Տանիլոյ Թիւրք Danilo Türk միջազգային իրաւագէտ
Եոսիփ Փլէմել Josip Plemelj
Վոյցիեխ Ռուպինովիչ Wojciech Rubinowicz բնագիտութեան տեսաբան
Միլան Վիտմար Milan Vidmar ելեկտրագէտ
քաղաքական գործիչներ
2002-2007-ին Սլովէնիոյ նախագահ՝ Եանէզ Տրնովշէք Janez Drnovšek (ծն.1953)
2004-08, 2012-13-ին Սլովէնիոյ վարչապետ Եանէզ Եանշա Janez Janša (ծն.1958)
1991-2002-ին Սլովէնիոյ առաջին նախագահ՝ Միլան Քուչան Milan Kučan (ծն.1941)
2012-էն Սլովէնիոյ նախագահ Պորութ Փահոր Borut Pahor (ծն.1963)
Սլովէնիոյ առաջին վարչապետ Լոիզէ Փէթերլէ Lojze Peterle (ծն.1948)
2002-04-ին Սլովէնիոյ չորրորդ վարչապետ Անթոն Ռոփ Anton Rop (ծն.1960)
2017-էն Միացեալ նահանգներու առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ Melania Trump
== Ծանթագրութիւններ == |
6,403 | Վաչէ Ռոստոմեան | Վաչէ Ռոստոմեան, (30 Ապրիլ 1961, Կրիբոյետով (Արմաւիրի մարզ), Հայաստան - 16 Դեկտեմբեր, 1991, Արցախ), ազատամարտիկ, երկրաբան, ուսուցիչ, ՀՅԴ անդամ)։
Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ական շարժումի ստեղծումէն անմիջապէս ետք, ան մաս կազմած է միութեան եւ «Միշտ պատրա՛ստ» նշանաբանով եղած է Արցախեան պայքարի առաջին գիծերուն վրայ։
Շուշիի առանձնակի գումարտակին հետ, Վաչէ մասնակցած է բազմաթիւ կռիւներու եւ իր զինակից ու գաղափարակից Վարդան Բախշեանի եւ Գագիկ Գրիգորեանի հետ նահատակուած է 16 Դեկտեմբեր 1991-ին, Հասանապատի ազատագրման կռիւներուն։
Վաչէ Ռոստոմեանին անունով կը կոչուին Կրիբոյետովի միջնակարգ վարժարանը, տեղւոյն Հ.Յ.Դ. Կոմիտէն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի նորաբաց գրասենեակը։
== Պարգեւներ ==
1995 թուականին՝ յետմահու, պարգեւատրուած է Լեռնային Ղարաբաղի «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով։
2002 թուականին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արիութեան մետալով։
== Աղբիւրներ ==
Արցախեան երիտասարդ հերոսներ։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կենսագրական արխիւ։ |
18,064 | Ֆրափէ | Ֆրափէ (յուն․՝ καφές φραπές կամ պարզապէս՝ φραπέ - frappé coffee, Greek frappé, frappé), յունական հնարք՝ փրփրոտ պաղ սուրճ խմելու համար։ Անոր հիմնական բաղադրութիւններն են՝ լծուող սուրճ Instant coffee - soluble coffee եւ ջուր։ Իսկ ըստ ճաշակի կ'աւելցուի շաքար եւ կամ նաեւ կաթ։
Պատահաբար կը հնարուի 1957-ին Սելանիկ, սուրճի ընկերութեան մը մէջ աշխատող Տիմիթրի Վաքոնտիօ անունով պաշտօնեայի մը կողմէ։
Ֆրափէն զովարար եւ հաճելի սուրճ մըն է, մանաւանդ ամառը, սակայն բաւական գրգռիչ է:
== Պատրաստութիւն ==
Ֆրափէին բաղադրութիւններն են՝ լծուող սուրճը, ջուր, շաքար եւ ըստ քմահաճոյքի՝ կաթ։ Ֆրափէ սուրճը կը նկարագրուի «պարզ» σκέτος (skétos), «միջակ» μέτριος (métrios) եւ կամ «անուշ» γλυκός (glykós), ըստ հիմնական բաղադրիչներուն համեմատութեան։
Հարիչի մը shaker եւ կամ բարձր գաւաթի մը մէջ կը դրուի սուրճի եւ շաքարի փափաքելի համեմատութիւնը։ Գաւաթին կամ հարիչին յատակէն մէկ սանթիմեթր բարձրութեամբ ջուր կ՛աւելցուի։ Խառնուրդը շատ լաւ կը զարնուի մինչեւ կայուն փրփուր ստացուի (եթէ գաւաթի մէջ կը պատրաստուի, կ՛առաջարկուի գործածել ելեկտրական զօրաւոր խառնիչ մը)։ Յաջորդաբար կ՛աւելցուի պաղ ջուր եւ ըստ կամեցողութեան սառի կտորիկներ եւ կամ նաեւ՝ կաթ։ Կը հրամցուի եղէգով (straw)։
== Պատմութիւն ==
Պատահաբար կը հնարուի 1957-ին Սելանիկի Միջազգային Ցուցահանդէսին ընթացքին։ Զուիցերիական Nestlé ընկերութեան Յունաստանի ներկայացուցիչ Եանիս Տրիցաս կը ներկայացնէ փոքրիկներու յարմար արտադրում մը՝ շոքոլայէ օշարակ, որ վայրկենական կը պատրաստուէր, հարիչի մը մէջ զարնելով շոքոլան եւ կաթը։ Անոր պաշտօնեան՝ Տիմիթրի Վաքոնտիօ, յաճախ կը խմէ Nescafé սուրճը։ Ցուցահանդէսին, դադարի մը ընթացքին կը փափաքի սուրճ խմել, սակայն տաք ջուր չգտնելուն պատճառով, կը մտածէ հարիչը գործածել, որպէսզի պաղ ջուրին մէջ վայրկենական սուրճը եւ շաքարը հալին։ Այսպէս, կը ստեղծէ առաջին ֆրափէ սուրճը։ Ան, տարիներ ետք, կը յայտնէ թէ չէր կրնար գիտակցիլ որ պարզ փորձ մը պիտի ստեղծէ Յունաստանի ամենահռչակաւոր խմելիքը։ Այնուհետեւ, ֆրափէ սուրճը Nestlé ընկերութեան վաճառանիշը կը դառնայ։
== Ֆրափէ բառին ստուգաբանութիւնը ==
Ֆրափէ frappé բառը ֆրանսերէն է եւ զարնուած կը նշանակէ։ Յոյներուն խօսակցական լեզուին մէջ, յաճախ կը հանդիպինք ֆրափետիա φραπεδιά ասացուածքին․- «Πιάσε μια φραπεδιά» (այսինքն բառացի թարգմանութեամբ՝ ֆրափէ մը բռնէ (պատրաստէ))։
Յունաստանի մէջ ֆրափէն շատ տարածուած է, նա մանաւանդ տաք ամիսներուն՝ գարունէն մինչեւ աշուն։ Ընդհանրապէս կը խմուի բարեկամներու, ընկերներու հետ խօսակցելով եւ կամ մտային խաղեր խաղալով, օրինակ՝ նարտ, սեղանի խաղեր, նաեւ գործի ընթացքին եւ կամ՝ դիպուածաբար, «անհոգ ժամերու»։
== Ֆրափէ սուրճին տարածումը ==
=== Յունալեզու երկիրներ, ընկերութիւններ ===
Ֆրափէն Յունաստանի ամբողջ տարածքին կը սպառի տարուան բոլոր եղանակներուն եւ գագաթնակէտին կը հասնի տաք ամիսներուն։ 1990 թ․ տասնամեակէն սկսեալ Կիպրացիներն ալ կը սպառեն։
Յունաստանէն եւ Կիպրոսէն զատ, կը սպառուի նաեւ աշխարհի տարածքին գործող յունական ընկերութիւններուն, պետական կամ անձնական ներկայացչական տուներուն, յունական դրօշակին հովանիին տակ ճամբորդող ամէն տեսակի նաւերուն մէջ, ուր յոյն նաւաստիք կայ։ Նոյնպէս օդանաւային ընկերութիւններուն մէջ, որոնց օդանաւերը յունական օդակայանները կը մօտենան։
=== Յունաստանէն դուրս ===
Վերջին տարիներուն, նկատի առնելով թէ հարիւր հազարներով յոյներ արտագաղթած են (Յունաստանի տնտեսական տագնապին պատճառով) եւ գաղութներ կազմած, ֆրափէ սուրճն ալ անոնց մօտ՝ անպակաս է․ Գերմանիա, Անգլիա, Սպանիա, Նորվեկիա, Շուէտ եւ Սենթ Պետրսպուրկ։ Կոստանտնուպոլսոյ մէջ, կարգ մը ծանօթ սրճարաններ յոյն զբօսաշրջիկներուն համար միշտ ֆրափէ կ՛ունենան։
Չեխիոյ Քարլովա քաղաքին տարեկան hip hop երաժշտահանդէսին, ամէն Օգոստոսին, կը հրամցուի նաեւ ֆրափէ։
Ֆրափէի նոյնանման սուրճ մը Frappucino անունով սկսած է հրամցուիլ Յունաստանի տարածքին կարգ մը Starbucks սրճարաններու մէջ։
Ֆրափէն սկսած է տարածուիլ նաեւ Թայլանտ, Մալէզիա եւ Թունիս։
Պալքանեան երկիրներէն Յունաստան ապաստանած գաղթականներ, ֆրափէն սկսած են տարածել նաեւ իրենց երկիրներուն մէջ։
=== Ֆրափէին նոր տարբերակները ===
Յունաստան այցելող զբօսաշրջիկներ, ֆրափէն քիչ մը օղիով (յունարէն՝ ούζο) կը խառնեն։
Ֆրետօ էսփրեսօ Freddo Espresso․ Յունաստանի մէջ հնարուած իտալական էսփրեսօ սուրճին պաղ տարբերակը։
Ֆրափուչինօ Frappucino․ Յունաստանի Սթարպաքս Starbucks վաճառանիշին ֆրափէն։
Օտար երկիրներ, ֆրափէ սուրճը կը յարմարցնեն իրենց տեղական պայմաններուն։ Օրինակ․ Սերպիա chantilly կ՛աւելցնեն, իսկ ջուրի փոխարէն Հոլանտա՝ կաթ եւ Պուլկարիա՝ Coca-Cola Blak կը գործածեն։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Տե՛ս նաեւ ==
Սելանիկ
== Արտաքին յղումներ ==
Սելանիկի Միջազգային Ցուցահանդէս(անգլերէն)
Յունական օղի(յունարէն)
Վայրկենական սուրճը (անգլերէն) |
5,322 | Ուիլիըմ Հ. Մէյսի | Ուիլիըմ Հոլ Մէյսի (անգլերէն՝ William Hall Macy, Jr., ծնած 13 Մարտ, 1950), ամերիկացի դերասան, թատերագիր, ուսուցիչ եւ թատերական բեմադրիչ մըն է: Իր հռչակը ստացած է փոքր դերերով ֆիլմերու մէջ, մանաւանդ զգայացունց ֆիլմերու մէջ երկրորդական դերերով:
Մէյսի ստացած է 2 Էմմի մրցանակներ եւ 2 հատ ալ Screen Actors Guild Award, ինչպէս նաեւ Օսքարի Best Supporting Actor բաժամունքին մէջ, 2011-ին, ստացած է պաշտօնակարգում մը: Իր ամէնէն սիրուած դերը եղած է Ֆրենք Կալակըրի դերը Showtime կայանի Shameless: Մէյսին եւ դերասանուհի Ֆելիսիթի Հաֆմընը ամուսնացած են 1997էն ի վեր:
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,108 | Գէորգ Փափազեան | Գէորգ Փափազեան 1882, Ռոտոսթօ (Tekirdag), Արեւելեան Թրակիա - 10 Նոյեմբեր 1953, Աթէնք, Յունաստան). Իրաւաբան, ազգային գործիչ, երեսփոխայ (նկարը՝ )։
== Կրթութիւն ==
Կը յաճախէ Ռոտոսթոյի հայական նախակրթարանը, որուն տնօրէնն էր Թովմաս Աճէմեան։ Կրթութիւնը կը շարունակէ յաջորդաբար՝ Կէլլիպոլի Միջնակարգը ու 1908 Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանը, ուր կը գերազանցէ գրականութեան, լեզուաբանութեան եւ արուեստի դասերուն մէջ։ Ուսման շրջանը կը բոլորէ աւարտելով Պոլսոյ համալսարանի Իրաւաբանութեան բաժինը։
== Կեանքը Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին ==
Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, կը ծառայէ Հարպիյէի (Շիշլի) շրջանը, իբրեւեւ ռազմական իրերու պատասխանատու։ Զինուորութենէն կ՛արձակուի ու երբ տուն կը վերադառնայ, կը ձեռբակալուի ուրիշ հայերու հետ «շնորհիւ» կեղծ ամբաստանութիւններու՝ իբրեւեւ թէ հրկիզած են լքուած թրքական տուները։ Բանտարկութենէն ենք, կ՛աքսորուի Դամասկոս, ուր իբրեւ թարգմանիչ կ՛աշխատի գաղթականներուն նպաստող կազմակերպութիւններուն քով։ Կ՛իմանայ թէ ընտանիքը աքսորուած է ու կ՛ապրի հարաւային Սուրիոյ Տումա գիւղաքաղաքը․ կը միանայ անոնց։ Պատերազմի աւարտին, կը հաստատուին Դամասկոս։ Հոն կարգ մը այլ երիտասարդներու հետ կը հիմնէ «Արարատեան եղբայրակցական Միութիւնը» ու կը կարգաւորէ Տէր Զօրէն փրկուած հայերուն համար պատսպարան մը։
== Կեանքը՝ Յունաստան ==
=== Երեսփոխան ===
1919-ին կը վերադառնայ Ռոտոսթօ։ Կը նշանակուի հայերուն ներկայացուցիչը յառաջացուած պետական յանձնախումբին՝ շրջանին մէջ լքուած հարստութեանց համար։
Կարճ ժամանակի համար Պոլսոյ մէջ կը զբաղի իրաւաբանութեամբ ու երբ արեւելեան Թրակիան Յունաստանին կը միանայ, շրջանի հայկական համայնքները իրաունքը կը ստանան ունենալ ընտրեալ երեսփոխայ մը Յունաստանի Խորհրդարանին մէջ։ Գէորգ Փափազեան կ՛ընտրուի քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ։ Կ՛ըլլայ առաջին հայազգի երեսփոխան Յունաստանի Խորհրդարանին մէջ 1920-էն մինչեւ 1922 ՝ երբ արեւլեան Թրակիան կը վերագրաւուի թուրքերէն։ Այս երկու տարիները շարունակ պայքար մըն են։
Յունաստանի մէջ Հայաստանի նորանկախ պետականութիւնը կ՛ունենայ իր պաշտօնական դիւանագիտական ներկայացչութիւնը գլխաւորութեամբ դեսպան Տիգրան Չայեանին*։ Կը պահէ երկու հիւպատոսարաններ․ Սելանիկին մէջ՝ հիւպատոս Գալուստ Ասլանեան** եւ Աթէնքի մէջ՝ հիւպատոս Յարութիւն Գըլըճեան***։ Վերջինս կը պահէ իր պաշտօնը Հ․Հ․ Խորհրդականացումէն ետքն ալ, մինչեւ 1925։
Անմիջական, գործնական եւ սերտ է Փափազեանին գործակցութիւնը Հ․Հ․ դիւանագիտական ներկայացչութեան հետ․ կը շարունակուի՝ 1922-էն ետքն ալ։ Հակառակ թէ կ՛ապրի Սելանիկ, մէկ ոտքը միշտ Աթէնք կ՛ըլլայ․ տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներու խնամատարութեան, տեղաւորման կամ փոխադրութեան գործերով։ Յանդուգն կեցուածք կ՛ունենայ Յունաստանի Խորհրդարանին մէջ, երբ 1921-ին, Մեծ Ուժերը կը մտադրեն վերանայիլ Սեւրի Դաշնագիրը։ 1921 Փետրուար 15-ին յունական խորհրդարանին նիստին, ի միջի այլոց կը յայտարարէ․- «․․․իբրեւ ընտրեալ ներկայացուցիչ Թրակիոյ հայութեան,․․․․ կը բողոքեմ եւ հակառակութիւնս կը յայտնեմ Սեւրի Դաշնագրի վերաքննման․․․․ յուսամ թէ մարդկութեան խիղճը պիտի գերադասէ ու պիտի համոզուին աշխարհի զօրաւորները թէ այս հողերուն վրայ Թուրքիոյ գերիշխանութեան վերահաստատումը՝ պիտի դառնայ համաշխարհային պատմութեան սեւ էջերէն մին»։
Ազատամիտ ըլլալով հանդերձ, սիրուած է թագաւորականներուն կողմէն։ Անոնք նեցուկ կը կանգնին զանազան հարցերու եւ առաւել գումարներ կը յատկացնեն հայ համայնքներուն։Այսպէս տնտեսական օգնութիւն կը տրուի հայկական վարժարաններուն եւ Թրակիոյ հայերը մէկ տարուայ համար կը ձերբազատուին հարկ վճարելէ։
*Տիգրան Չայեան․ Ծնած է Պոլիս, 1880-ին․ հանրային գործիչ քաղաքագէտի յատկութիւններով։ Ֆրանսերէնով գրող ձեռնհաս հրապարակագիր։ 1918-ի զինադադարէն ետք կը հրապարակէ «Ռընեսանս» օրաթերթը։ Աթէնք կը ժամանէ 1921 Մայիսին, երկաթուղիով եւ Սելանիկի վրայով։ Աթէնքի կայարանին մէջ կը դիմաւորուի Յունաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան եւ աթենահայ համայնքի ներկայացուցիչներէն։ Բազմաթիւ կապեր կը հաստատէ հելլէն եւ օտար բարձր շրջանակներուն հետ։ Կը յարգուի հելլէն թագաւորական եւ դիւանագիտական շրջանակներէն շնորհիւ իր հմտութեան, ուղղամիտ քաղաքական մտքին եւ կարողութիւններուն համար։ 1923-ի Յուլիսին, հրաժեշտ կ՛առնէ Աթէնքէն ու կը մեկնի Փարիզ։ Կը մահանայ 15 Նոյեմբեր, 1952-ին։
**Գալուստ Ասլանեան․ Ծնած է Վան, 1865-ին․ շրջանաւարտ տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանէն, ապա Փարիզի համալսարանէն՝ բժշկական վկայականով։ 1895-էն կը հաստատուի Սելանիկ, ուր կը դառնայ անուանի իր վիրաբուժական կարողութիւններով։ Յարգուած ըլլալով թէ՛ հայ համայնքէն, թէ՛միջազգային շրջանակներէն, Հ․Հ․ կառավարութիւնը զայն կը նշանակէ Սելանիկի պատուակալ հիւպատոս։ Կը մահանայ Սելանիկ, 6 Մարտ, 1932-ին։
***Յարութիւն Գըլըճեան․ Ծնած է Պոլիս 1891-ին, Աթէնք կը փոխադրուի 1896-ի տեղւոյն կոտորածներէն անմիջապէս ետք։ Բազմազաւակ ընտանիքի 4-րդ զաւակն է։ Կը յաճախէ ու կ՛աւարտէ յունական նախակրթարանը, կիմնազիոնը ու ապա երկու տարուայ համար կը հետեւի Աթէնքի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը։ Կը մտնէ առեւտրական ասպարէզ, եղբայրներուն մօտ։ Միաժամանակ կը սկսի իր հանրային գործունէութիւնը։ Նախ՝ փոքրաթիւ հայ համայնքին, ապա յունահայ հոծ գաղութին․․։ Քաջ յունագէտ, լայն կապեր կը հաստատէ պետական բոլոր շրջանակներուն հետ, լաւագոյնս կ՛օգտագործէ ի օգուտ հայ գաղութին թէ՛ Հ․Հ․ հիւպատոս նշանակուելէն առաջ, թէ՛ ետքը։
==== 1922 ====
1922թ․ կը կազմուին՝
Հելլէն եւ Հայ բարեկամական լիկան։ Հայերուն կողմէն կ՛անդամակցին զօրավար Թորգոմ եւ Գաբրիէլ Լազեան։ Յոյներուն կողմէն՝ նախարար Ֆիլիփոս Տրաղումիս, փաստաբան Տիմիդրիոս Տամասկինոս։ Կը կատարեն հայանպաստ ձեռնարկներ եւ կ՛օգնեն զանազան հարցերու հետապնդման։ Շուրջերնին կը բոլորուին ուրիշներ ալ։
Յունական բանակին կից Հայկական Լէգէոնը, զօրավար Թորգոմին հրամանատարութեամբ։ Սպաներէ եւ զինուորներէ կամաւորագրեալներու հոսք մը կ՛առաջանայ մանաւանդ Պոլսէն, Նիքոմիտիոյ եւ Հաճընի շրջաններէն։ Շուտող Լէգէոնը Իզմիր կը փոխադրուի։ Կը ձուլուի 1927-ին։Փափազեան կը գործակցի հետերնին, կը յաջողի դիւրացնել եւ լուծել զանազան փաստագրման հարցեր։
=== Փոքր Ասիոյ աղէտը ===
Յունական բանակին նահանջը հետեւանք կ՛ունենայ հարիւր հազարաւոր յոյներ եւ 80․000-100․000 հայեր Իզմիրէն եւ արեւելեան Թրակիայէն հասնին Յունաստան։ Փափազեան, Սելանիկ կը հաստատուի ու անմիջապէս գաղթականներուն ի նպաստ աշխատանքին կը լծուի։ Հայերուն եւ յունական կառավարութեան միջեւ գլխաւոր կապն է։
1923-ին կը հրատարակէ Սելանիկի առաջին հայկական լրագիրը՝ «Ալիք»ը, Լեւոն Մոզեանի խմբագրութեամբ․ անխաբան կը հրատարակուի մինչեւ 1927։ Կ՛աշխատակցի նաեւ Պոլսոյ հայական օրաթերթերու հետ եւ կը զբաղի համայնքին գործերով։
=== Բ․ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք ===
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, կնոջ Սիրային եւ աղջկան՝ Ռիթային (հետաքային տիկին Հայկ Զաքեան) հետ կը հաստատուի Աթէնք։ Կը գործակցի «Ազատ Օր» օրաթերթին հետ․ յօդուածներ կը գրէ, կը թարգմանէ նաեւ՝ ֆրանսական թերթերէ։
1948-1950 Յունաստանի «Համազգային»ի ատենապետութիւնը կը ստանձնէ։
Կը մահանայ 1953 Նոյեմբեր 10-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։ Թաղման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Աթէնքի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ու մարմինը կ՛ամփոփուի Քոքինիոյ 3-րդ գերեզմանատան մէջ;
== Ծանoթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
«ԱՄԷՆՈՒՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔԸ», 1960 Կարօ Գէորգեան
«Արմենիքա» պարբերաթերթ, Յունուար-Մարտ 2014,թիւ՝80,(յօդ/գիր՝Մ․Չիլինկիրեան)
Կարօ Մինասեանի Արխիւ
== Տե՛ս նաեւ ==
Կարօ Գէորգեան
Քոքինիոյ (Գոքինիա) հայկական գաղութը, Յունաստան
Օննիկ Զաքարեան
Գէորգ Ծ. Վ. Թուրեան
== Արտաքին յղումներ ==
Արմենիքա պարբերաթերթ,Գէորգ Փափազեանյուն․՝ {{{1}}}
Պէրպէրեան Վարժարան - Պոլիս
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐԸ ՓԱՐԻԶԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ
ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՆ
Օսմանյան կայսրության պատմության մեջ XIX դարավերջը (արեւելահայերէն) |
21,576 | Վարդի իւղ | Վարդի իւղ, վարդի տարբեր տեսակներու թերթիկներէ ստացուած վարդաբոյր դեղնորակ հիմնական իւղ՝ քաղուած ջրաթորումի գործողութեան ընթացքին։ Կ՛ օգտագործուի յատկապէս բարձրորակ օծանելիք պատրաստելու համար։
== Հակիրճ տեղեկութիւններ ==
Վարդի տարբեր տեսակներու մշակումը հաւանաբար ծագում ունի Պարսկաստանի Սասանեան Հարստութեան շրջանէն․ վարդը կը մշակուէր, որպէսզի վարդի իւղ, անուշահոտ եւ վարդաջուր ստացուի։
Մինչեւ այսօր, աշխարհի չորս ծագերուն, վարդի իւղը անուշահոտերու հիմնական բաղադրութիւնն է։
Վարդի իւղը վարդաջուրին կողմնակի արտադրութիւն մըն է։
Վարդաբոյրի գլխաւոր մոլեքիւլը «citronellol» (C10H20O) է։ Վարդի իւղը կը պարունակէ նաեւ ուրիշ մասնիկներ՝ մոլեքիւլներ, որոնցմէ գլխաւորներն են «β-Damascenona», «beta-Damascone», «ionone» եւ վարդի թթուիտ (ոքսիդ)։
Մօտաւորապէս 3.000 քիլօ ձեռքով քաղուած վարդի ծաղիկ անհրաժեշտ է, որպէսզի մէկ լիթր վարդի իւղ ստացուի։
=== Բաղկացուցիչներ ===
Վարդի իւղ արտադրելու համար, վարդի երկու գլխաւոր տեսակներ կը մշակուին․-
Տամասքենա վարդ Rosa damascena, տամասքեան վարդ․ անոր մշակումը լայնօրէն տարածուած է Պուլկարիա, Սուրիա, Թուրքիա, Ռուսիա, Փաքիստան, Հնդկաստան, Ուզպեքիստան, Պարսկաստան եւ Չինաստան։
Հարիւր թերթիկներով վարդ Rosa centifolia, կաղամբի նման վարդ․ մշակումը լայնօրէն տարածուած է Մարոք, Ֆրանսա եւ Եգիպտոս։
Պուլկարական վարդի իւղը իր յատկանիշներով կը տարբերի մնացեալ վարդի իւղերէն։ Ան ունի մօտաւորապէս 283 յատկանշական բաղկացուցիչներ, ինչպէս օրինակ՝
Բաց դեղին գոյն ունի, կանանչագոյն երանգով,
Խտութիւնը կը նմանի նուշի իւղին,
Զօրաւոր բիւր ունի եւ սուր բալասանային համ,
Հեղուկ եւ հաստատուն բաղակցուցիչներուն բաղադրութիւնը հիանալի է։
=== Արտադրութիւն ===
Վարդի իւղի արտադրումին համար, անհրաժեշտ է բանուորներու մեծ թիւ մը․ բազմաթիւ ձեռքեր, որովհետեւ վարդի ծաղիկները ձեռքով կը հաւաքուին առաւօտ կանուխ՝արեւածագին, եւ նոյն օրը թորումը կը կատարուի։
== Տե՛ս նաեւ ==
Վարդաջուր
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,207 | Ս. Գէորգ Եկեղեցի (Հալէպ) | Սուրբ Գէորգ Եկեղեցի (Հալէպ), Հալէպի մէջ կառուցուած առաջին եկեղեցին, հիմնուած է 1923-ին:
== Հիմնադրման Պատմութիւն ==
Ս. Գէորգ Եկեղեցին Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Հալէպի մէջ կառուցուած առաջին եկեղեցին եղած է: Հիմնուած է 1923-ին, Սուլէյմանիէ-Րամ շրջանի հայկական հիւղաւաններուն մէջ` իբրեւ Ս. Խաչ եկեղեցի:
1936-ին, հիւղաւաններուն վերացումէն ետք, Նոր Գիւղ հայաւանին մէջ 1937-ին կառուցուած է Ս. Գէորգ եկեղեցին` որ թերաւարտ մնացած է մինչեւ 1955: Եկեղեցւոյ շրջանը Նոր Գիւղի մէջ էր, այդ շրջանը հետագային արաբերէն կը կոչուի Սուլէյման ալ-Հալապի: 1955-ին, եկեղեցին հիմնականօրէն հայկական ոճով վերակառուցուած է, եւ հանդիսաւոր օծումը տեղի ունեցած է 25-26 Սեպտեմբեր 1965-ին, ձեռամբ` օրուան Առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի:
== Հիմնական կառոյցներ եւ յուշարձան-որմնաքանդակներ ==
Եկեղեցին ունի երեք խորան, վերնատուն, զանգակատուն եւ մկրտութեան աւազան: Զանգակատունը կառուցուած է 1985-ին, մկրտութեան աւազանը` 1987-ին, 1986-ին` Ս. Գէորգ Զօրավարի սրբանկարի խորանը, 1987-ին` Ս. Աստուածածինի սրբանկարին խորանը եւ 1990-ին` Ս. Սարգիս Զօրավարին սրբանկարին խորանը:
Փետրուար 1990-ին, շրջափակին արեւելեան կողմը իրագործուած է Մարաշի Աղէտին նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը:
23 Ապրիլ 1994-ին, դարձեալ շրջափակին արեւելեան կողմը, իրագործուած է Զէյթունի նահատակներուն նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը (նախագիծ եւ իրագործում` հայրենի արուեստագէտներ Մկրտչեան եղբայրներու), իսկ 20 Մայիս 1998-ին, կանգնած է Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի կիսանդրին:Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գործած է Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանը, Կիրակնօրեայ դպրոցներու Ս. Գէորգ բաժինը:
Ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը նշուի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
2011-ին սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջանը կը դառնայ անապահով: Այնուհետեւ, Հոկտեմբեր 2012-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ Ս. Գէորգ եկեղեցին հրոյ ճարակ կը դառնայ: Կը հրկիզուի եկեղեցւոյ ներքնամասը, քարտուղարութեան, դպրաց դասի եւ յարակից այլ սենեակներ, եկեղեցւոյ սրբանկարներն ու սրբազգեստները: Բաւական լուրջ վնասներ կը կրէ նաեւ Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը՝ իր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Հալէպի Հրոյ Ճարակ Դարձած Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Մէջ Աղօթք. Ս. Գէորգի Անուանակոչութեան Տօնին Առթիւ
Ս. Գէորգ Զօրավարի Տօնին Յիշատակումը` Հալէպի Ս. Գէորգ Հրկիզուած Եկեղեցւոյ Մէջ |
7,282 | Շահնազար Քէօթահեան | Շահնազար Քէօթահեան ծնած է 6 Դեկտեմբեր, 1902-ին Շապին Գարահիսարի Թամզարա աւանը։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Արամեան Ազգ. վարժարանին մէջ, իսկ եկրորդական ու բարձրագոյն ուսումը՝ Պէյրութի մերձաւոր արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանին եւ ամերիկեան համալսարանի մէջ։ Աւարտած է կրօնական դասատիարակութեան եւ մանկավարժութեան ճիւղերը, 1934-ին։
== Կենսագրութիւն ==
Շահնազար Քէօթահեան վարած է ուսուցչական եւ տեսչական պաշտօններ, Սեբաստիոյ Արամեան ազգային, ամերիկեան որբանոց-դպրոցներուն, Քերքիրայի եւ Աթէնքի (Յունաստան) ազգային եւ յարանուանական վարժարաններուն մէջ։
Ան պաշտօնավարած է Աթէնքի շրջանի ամերիկեան մերձաւոր արեւելքի նպաստամատոյցի (American Near East Relief) որբանոցներէն արձակուած հայ աշխատող եւ չափահաս որբերու իբրեւ ընդհանուր վերահսկիչ-խորհրդատու (1924-1930):
25 տարի Շահնազար Քէօթահեան ծառայած է Հ.Բ.Ը.Միութեան Յունական կեդրոնին, իբրեւ վարիչ-քարտուղար։ Սատանձած է կրթական քննիչի պաշտօնը, սոյն միութեան կողմէ հովանաւորուած ազգային եւ յարանուական դպրոցներուն, եւ կազմակերպած է ուսացիչներու յատուկ դասախոսական ժողովներ։
Լոս Անճելըսի մէջ Շահնազար Քէօթահեան եւս կամաւորապէս ստանձնած է Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի ատենադպրութեան պաշտօնը, ինը տարի շարունակաբար։
Շահնազար Քէօթահեան 25 տարի ծառայած է Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի (Լոս Անճելըս) առաջնորդարանին, որպէս դիւանապետ-քարտուղար։
Աթէնքի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հրաւէրին ընդառաջելով, ան ստանձնած է, առանց հովիւի մնացած թեմին ամբողջական պատասխանատուութիւնը, աւելի քան երեք տարի։
Պատանի հասակէն (1920) սկսեալ Շահնազար Քէօթահեան աշխատակացած է սփիւռքահայ մամուլին, ստորագրելով եկեղեցական, ազգային, հայրենակցական, դաստիարակչական եւ այլ նիւթերու շուրջ արձակ եւ չափածոյ գրութիւններ։
== Գնահատանք եւ մրցանակ ==
Շահնազար Քէօթահեան Արժանացած է գնահատանքի եւ մրցանակներու.
«Պայքար» շաբաթաթերթի կազմակերպած մրցման, Ա. մրցանակ. «Որո՞նք են Արժանաւոր եկեղեցականներ պատրաստելու միջոցները» նիւթին շուրջ իր պատրաստած յօդուածով։
Գնահատական յուշատախտակ, Լոս Անճելսի թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ։
Առաջին մրցանակ՝ «Հայրին Հայոց» չափածոյ գրութեան համար, Լոս Անճելըսի ամերիկահայ միացեալ արուեստի ընկերակցութեան կողմէ։
Յուշատախտակ, Լոս Անճելըսի նորակազմ Յունահայ Միութեան վարչութեան կողմէ, առ ի գնահատանք սոյն միութեան մատուցած ծառայութեան՝ իբրեւ նախագահ։Իր կարգ մը բանաստեղծութիւնները ձայնագրուած են երգահաններու կողմէ։
Զգայուն եւ յուզիչ է իր պատմելու ոճը, եւ խիստ շահեկան։ Ճշմարիտ հերոս մըն է ինքն իսկ, որ շնորհիւ իր կորովին ու ջանասիրութեան, կը հասնի հայ գրչի ու մշակոյթի գործիգի դիրքին, եւ պաշտպանկը կանգնի իրեն նման որբերու՝ որպէս խորհրդատու եւ վերահսկիչ։ Իր արժանաւոր կողակիցին հետ գլուխ գլխի, կը հետապնդեն իրենց ազգասիրական վեհ նպատակները. նաեւ իրենց զաւակները կ'օժտեն հայու ոգիով:
25 Հոկտեմբեր 1999-ին իր մահկանացուն կը կնքէ Լոս Անճելըսսի մէջ:
== Գրականութիւն ==
Իր անձնական միջոցներով Շահնազար Քէօթահեան հրատարակած է.
Մանուկները դպրոցէն դուրս կամ ծնողները ինչպէս դաստիարակելու են իրենց զաւակները:
երգեր հայու՝ հայուն համար, քերթուածներու հաւաքածոյ:
Յուշեր ու Նիշեր - Անձեր ու անցքեր նախաեղեռնէն մինչեւ ներկայս (1990) Կենսագրական (վաւերագրական տուեալներով եւ անտիպ ու հազուագիւտ լուսանկարներով պատմական հատոր մը):
Գողգոթայէն Յաւերժութիւն (պոէմա)՝ Շահնազար Քէօթահեան Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ (1915֊1965). Ձօն մեր բիւրաւոր նահատակաց:Հրատարակութեան համար պատրաստ ունի արձակ երկերու հաւաքածոներ եւ ուսումնասիրութիւններ։
== Աղբիւրներ ==
Շահնազար Քէօթահեան
Los Angeles: Keotahian, 1965. Գողգոթայէն Յաւերժութիւն:Շահնազար Քէօթահեան Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի յիսնամեայ յուշատօնի առթիւ (1915֊1965). Ձօն մեր բիւրաւոր նահատակաց
SHAHNAZAR KEOTAHIAN
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,638 | Գրիգոր Օտեան | Գրիգոր Օտեան, (1834, Սկիւտար, Կ. Պոլիս - 1887, Փարիզ) Օսմանահայ հասարակական քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած՝ 1834-ին, Սկիւտարի մէջ (Պոլիս): Նախնական կրթութիւնը ստացած է տան մէջ. ուսուցիչները եղած են Գաբրիէլ եւ Խաչատուր Պարտիզպանեաններ (ուսողութիւն),«Մասիս»ի խմբագիր՝ Կարապետ Իւթիւճեան եւ Խաչատուր Միսաքեան (հայերէն), Յովհաննէս Տէրոյենց (հոգեբանութիւն), Օգսէն Շահինեան (թրքերէն), Անտոն Փերթեւ (ֆրանսերէն):
Տասնեօթ տարեկանին կը հրատարակէ իր առաջին գրքոյկը՝ «Առաջարկութիւն՝ աշխարհաբար լեզուն կանոնաւորելու եւ հասարակաց լեզու ընելու վրայ» (1851): Նոյն տարին իսկ կը մեկնի Փարիզ, ուր կը մնայ մինչեւ 1854:
Կը հաւատար որ գրաբարը հասարակաց լեզու չի կրնար ըլլալ եւ անհրաժեշտ է ստեղծել ժողովրդական լեզուն՝ պոլսահայ աշխարհաբարի զարգացումով։
== Գործունէութիւն ==
Օտեանի գործին ու կեանքին մէջ, անհատական թէ ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ՝ անկարելի է անջատել միտքն ու սիրտը, տրամաբանութիւնն ու զգացումը, դատողութիւնն ու զգայնականութիւնը։ 1850-ական թուականներու Պոլիսը՝ իր հանրային եռուզերով, սահմանադրական պայքարներով, հակամիրայական խիզախումներով, յեղաշրջական շարժումներով ու զարթօնքեան խմորումներով, Օտեա՛ն ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն։
Ունեցած է հրապարակագրական եւ գրական բեղուն գործունէութիւն։ Ազդուած է Լամարթինէն եւ Վ. Հիւկոյէն:
Կ'աշխատակցի «Մեղու»ի, զոր Յարութիւն Սվաճեան կը հրատարակէր 1856-էն ի վեր։
1860-ի ազգային սահմանադրութեան վերջնական մշակումին մէջ, կարեւոր դեր ունեցած է նաեւ ինք՝ Նիկողայոս պէյ Պալեանի, Տոքթ. Սերվիչէնի, Ռուսինեան]]Ռուսինեանի, Զօրայեանի, Կարապետ Իւթիւճեանի, Գրիգոր Աղաթոնի եւ ուրիշներու հետ։
1864-ին, իբրեւեւ պետական պաշտօնեայ, Միտհաթ փաշայի հետ կը մեկնի Պուլկարիա:
1867-ին, դարձեալ Պոլիս կը գտնուի։
1876-ին, պետութեան կողմէ կը կոչուի պետական խորհուրդի անդամակցութեան։ Հեղինակութիւն մը կը դառնայ պետական շրջանակներու մէջ, եւ խորհրդականը՝ Միտհաթ փաշայի, որոնք կը հաւատային ազատական գաղափարներու։ Նոյն տարուան մէջ, Սուլթան Համիտի գահ բարձրացումով, Սուլթան Ազիզի կողմէ հաստատուած սահմանադրական կարգերը կը ջնջուին եւ տարագիր Միտհաթ փաշայի աքսորէն քիչ ետք, երբ մտաւորականութիւնը հալածանքի կ'ենթարկուի, խոհեմութիւն կը համարէ հետեւիլ իր բարեկամներու խորհուրդին, ու գաղտնօրէն կ'անցնի Փարիզ, ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը՝ 1887:
== Աղբիւրներ ==
Մանկավարժ ամսագիր 12, 1990:
Մ. Չերազ, Կենսագրական միւզիոններ, Գրիգոր Օտեան, Փարիզ, 1929:
Մ. Կազմարարեան, Գրիգոր Օտեանի գոհարները, Կ. Պոլիս, 1931:
«Դիմաստուերներ», Հրանդ Ասատուր, 1921, էջ 74-103։ |
3,121 | Գէորգ Թամանեան | Գէորգ Թամանեան (13 Փետրուար 1910, Սան Փեթերսպուրկ - 4 Հոկտեմբեր 1993, Երեւան), ճարտարապետ, ՀԽՍՀ վաստակաւոր շինարար (1957), ՀԽՍՀ վաստակավոր ճարտարապետ (1968)։
Ալեքսանտր Թամանեանի որդին է, Եուրի Թամանեանի եղբայրը։
== Կենսագրութիւն ==
1932 թուականին աւարտած է Երեւանի Փոլիթեքնիքի Հիմնարկը։
Աշխատած եւ կատարելագործած է Երեւանի մէջ՝ հօր արուեստանոցին մէջ։ Անոր մահէն ետք աւարտին հասցուցած է շինարարական ընթացքի մէջ գտնուող կառոյցները'
Կառավարական տունը,
Օփերայի եւ պալէի թատրոնի,
Ազգային գրադարանի շէնքերը։
1948-1955 թուականներուն եղած է Երքաղխորհուրդի, 1955-1958 թուականներուն՝ Հայպետնախագիծ, 1958-1962 թուականներուն՝ Երեւանի նախագիծ հիմնարկներու ճարտարապետական արուեստանոցներու ղեկավար։
=== Գործունէութիւնը ===
Գէորգ Թամանեանի նախագիծերով Երեւանի մէջ իրականացուած է Քիեւեան փողոցի կառուցապատումը (1953-1956 թուականներուն, հեղինակային խումբի հետ), կառուցուած է Սայեաթ-Նովայի անունով երաժշտական դպրոցը եւ պարարվեստի ուսումնարանի միացեալ շէնքը (1948-1950 թուականներուն, նոր կողաշէնքը՝ 1976), Կոմիտասի անունով երաժշտանոցը (1975), Ջերմուկի մէջ` առողջարան եւ հանքային ջուրերու տաղավարը (1950-1956)։
Գէորգ Թամանեանը ստեղծած է 1400 նստատեղով ներկայիս Արամ Խաչատուրեանի անունով համերգային մեծ դահլիճը (աւարտած է 1953 թուականին), որ անոր ստեղծագործութեան գլուխգործոցն է։
Գէորգ Թամանեանի հսկողութեամբ մշակուած եւ իրականացուած է նաեւ կառավարական տունի 800-տեղանոց նիստերու դահլիճը։
Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական մրցականերով (1970, Հանրապետութեան հրապարակի կառուցապատման, 1980, Ալեքսանտր Սփենտիարեանի անունով օփերայի եւ պայլէդ թատրոնի համալիրին վերակառուցման համար)։
Երիտասարդ ճարտարապետներու ստեղծագործութեան համամիութենական (1947), «Տարուայ լաւագոյն կառոյց» հանրապետական նշանակիր (1953)։
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
23,870 | Կարտեսական Մտախոհութիւններ (Հօսարլ) | Կարտեսական Մտախոհութիւններ կամ Տէքարթական Մտորումներ կամ երբեմն ալ Գարդէսիական Խորհրդածութիւններ ամբողջական անուանումով Կարտեսական Մտախոհութիւններ՝ Երեւութապաշտութեան* Ներածութիւն (Ֆրանսերէն՝ Méditations cartésiennes: Introduction à la phénoménologie)։ Գիրք մըն է Աւստրիացի իմաստասէր՝ «Էթմունտ Հօսարլ»-ի (Գերմաներէն՝ Edmund Husserl, Գերրմանարերէն զատ լեզուներէն թարգմանուած ատեն, տառադարձութիւնը կրնա ուրիշ ձեւով կատարուիլ) գրիջով գրուած, հիմնուած Սորպոնի Համալսարանի Տեքարթի անունը կրող աստիճանաւոր սրահին մէջ, 1929-ի Փետրուարի 23-ին եւ 25-ին անոր մատուցած չորս դասախօսութիւններու վրան։ Դասախօսութեանցն յաջորդած երկու տարիներու ընթացքին «Հօսարլ»-ը՝ իր օգնական՝«Այկըն Ֆինք»-ին (Eugen Fink) հետ միասին անոնց բնագիրը մշակեց ու ընդարձակեց։ Այս ընդլայնուած դասախօսութիւնները առաջին անգամ հրատարակուեցան 1931 թուականի Ֆրանսերէն թարգմանութեամբ («Հօսարլ»-ի բնագիրը Գերմաներէնով էր) մը։
{Նայած համաբնագիրին, «Phénoménologie» եզրոյթը, բացի «Երեւութապաշտութիւն» թարգմանութենէն, կրնայ «բներեւութապաշտութիւն» կամ «Երեւութաբանութիւն» ալ թարգմանուիլ}։Կարտեսական Մտախոհութիւնները Գերմաներէնի թարգմանուեցան միայն «Հօսարլ»-ի մահանալէն ետք։ Այս մէկը կարգ մը մեկնաբաններուն մղեց որ եզրակացնեն թէ «Հօսարլ»-ը դժգոհ էր այս աշխատութենէն, իր նպատակին չծառայելու համար որպէս «Վերանցական Երեւութապաշտութեան Ներածութիւն»։ Աշխատութիւնը կը ներկայացնէ «Հօսարլ»-ի վերանցական երեւութապաշտութեան գլխաւոր յատկութիւնները: Չորորդ խորհրդածութեան մէջ, «Հօսարլ»-ը կ՛առարկէ թէ Վերանցական Երեւութապաշտութիւնը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ Վերանցական Գաղափարապաշտութիւնը (իտէալապաշտութիւն, երբեմն ալ կը կոչուի գաղափարականութիւն)։
«Կարտեսական Մտախոհութիւններ» անուանումը կը վերաբերի «Ռընէ Տէքարթ»-ի «Մտախոհութիւններ Առաջին Փիլիսոփայութեան Մասին» գիրքին, արդ «Հօսարլ»-ը կ՛ըսէ․Ֆրանսայի մեծագոյն մտածող՝ «Ռընէ Տէքարթ»-ը, վերանցական երեւութապաշտութեան նոր թափ մը տուաւ իւր «Մտախոհութիւններ»-ուն միջոցաւ, անոնց ուսումնասիրութիւնը ուղակի ազդեցութիւն ունեցաւ արդէն զարգացող բներեւութապաշտութեան փոխակերպութեան վրան, վերանցական իմաստասիրութեան նոր տեսակի մը։ Էթմունտ Հօսարլ
== Բովանդակութիւն ==
Այս գործը կը բաժնուի հինգ մտախոհութիւններու (խորհրդածութիւններու)․
Առաջին Մտախոհութիւնը՝ Ճանապարհ դեպի վերանցական (Ֆրանսերէն՝ Transcendantale) անձնականութիւն (Անգլերէն՝ Ego)։
Երկրորդ Մտախոհութիւնը՝ Վերանցական (Անգլերէն՝ Transcendental) փորձառութեան դաշտը, եւ ատոր ընդհանուր շինուածքը։
Երրորդ Մտախոհութիւնը՝ Կազմական (կառուցուածքային, hիմնարար) խնդիրները․ ճշմարտութիւն եւ իրականութիւն։
Չորորդ Մտախոհութիւնը՝ Վերանցական անձնականութեան վերաբերող կազմական խնդիրներ
Հինգերորդ Մտախոհութիւնը՝ Վերանցական էութիւնը որպէս մենատարրական միջենթակայականութիւն։ Կամ Ֆրանսերէն բնագրէն թարգմանուած․ Վերանցնական դաշտին սահմանումը որպէս մենատարրական միջենթակայականութիւն»։
== Տե՛ս Նաեւ ==
Կարտեսականութիւն։
Նախա-Իսլամական Բանաստեղծութեան Մասին։
Կարտեսական Կասկած։Կարտեսական Փիլիսոփայութեան Սկզբունքները (Սպինոզա)։
Մենատարր (Իմաստասիրութիւն)։
Զոյգ (Իմաստասիրութիւն)։
Փիլիսոփայութեան Սկզբունքներ (Տեքարթ)։
Նախա-Իսլամական Բանաստեղծութեան Մասին։
Հնդկաստանի Սերտումը։
Երեսուն Ամեայ Ցեղասպանութիւնը։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Տըրմօթ Մօրա՛ն, Րօտնի Ք․ Պ․ Փարքըր, Վաղ Երեւութապաշտութիւն, (Dermot Moran, Rodney K. B. Parker (eds.). 2016. Studia Phaenomenologica: Vol. XV / 2015. Early Phenomenology. Zeta Books. p. 150.)։ |
3,187 | Գէորգ Թէրճիմանեան | Գէորգ Թէրճիմանեան (1886, Կեսարիա - 1915), մանրամարզական միութեան հիմնադիր։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Պատանի տարիքին՝ ընտանիքին հետ կու գայ Պոլիս ու կը յաճախէ Գատըքէօյի Արամեան եւ Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարանները։ Ապա կը մտնէ առեւտրական ասպարէզին մէջ։ Սիրահար մարզական կեանքին՝ կը հիմնէ «Մասիս» մարմնամարզական միութիւնը, ու կը դառնայ անոր արտօնատէրն եւ ատենապետը․ այդ պատճառով 1915-ին կը ձեռբակալուի։ Բացի բանասիրութան եւ լեզուագիտութեան գծով իր ունեցած հակումէն, կը սիրէր գրականութիւնը։ Ունի հետաքրքրական էջեր։ Զոհ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան։
== Աղբիւր ==
Յուշարձան Ապրիլ սասնմէկ, Թէոդիկ, Կ. Պոլիս, 1919 «Արզուման» հրատարակչութիւն
== Արտաքին յղումներ ==
ARMENIAN NOTABLES DEPORTED FROM THE OTTOMAN CAPITAL IN 1915: |
22,286 | Գորշուկ | Գորշուկ (լատիներէն՝ Meles meles), կզաքիսներու ընտանիքին գիշատիչ կաթնասունը։ Սովորական գորշուկը տարածուած է Եւրասիոյ մէջ, Հայաստանի մէջ տարածուած է գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ։
Կը բնակի գետնափոր որջերու մէջ, զորս կը փորեն քարակոյտերու, ժայռերու, ձորերու լանջերուն, բաց տարածութիւններու, անտառներու եւ այլ վայրերու մէջ։ Ստորգետնեայ որջերը ունին մինչեւ 1 մ խորք եւ լայն բնուղիներ, ուր կը պատրաստուին պահեստներ։
Գորշուկները ունին երկու ցեղ, մէկը՝ սովորական գորշուկն է երեք տեսակներով, միւսը՝ Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ գորշուկներն են՝ չորս տեսակներով։
Միսը կ'ուտուի, մորթը՝ անարժէք է։
Միակ ձմեռող կզաքիսայինն է։
Ստորոգում:Կզաքիսներ
Ստորոգում:Միջին Արեւելքի կաթնասուններ
Ստորոգում:Ասիոյ կաթնասուններ |
22,846 | Փիղանուսա, Լերոս | Փիղանուսա (յուն․՝ Πηγανούσσα), հարաւային Էգէականի անբնակ կղզիակ, Տոտեքանիսա, Յունաստան։
== Հակիրճ տեղեկութիւններ ==
Փիղանուսա կղզիակը կը գտնուի Լերոս կղզիակին Տիափորի հրուանդանին արեւելքը եւ անոնց միջեւ նեղուցը կը կոչուի Փիղանուսայի նեղուց։ Տարածութիւնն է 0,376 քլ․²։ Կը պատկանի Լերոսի քաղաքապետութեան։
== Բնապահպանում ==
Կղզիակը յայատարարուած է NATURA 2000 Բնապահպանման շրջան․ բազէ (Falco eleonorae եւ Falco naumanni տեսակներ) եւ Էգէականի ճայ (αιγαιόγλαρος), թռչուններուն համար։
== Աղբիւրներ ==
Նէա Տոմի հանրագիտարան «Νέα Δομή», Աթէնք, Թեղոփուլոս - Մանիաթէաս, 1996, հատոր 28, էջ 74,
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,539 | Ականջաբզզիւն | Ականջաբզզիւնը ականջին մէջ կամ ականջին շուրջը լսուած ձայն մըն է: Tinnitus բառը կու գայ լատիներէն, tinire բառէն, որ կը նշանակէ՝ զանգել (ring): Ականջաբզզիւնը հիւանդութիւն մը չէ, այլ ան ախտանշանն է շատ մը հիւանդագին երեւոյթներու եւ ան կրնայ ըլլալ առաջին եւ միակ ախտանշանը վտանգաւոր եւ լուրջ հիւանդութեան մը: Ան յաճախ անբաժան մէկ ընկերն է լսողութեան տկարութեան եւ գլխապտոյտին:
== Յաւելեալ ==
Ականջաբզզիւնը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, սակայն առաւելաբար տարեցներու մօտ: Տեսնուած է որ մարդկութեան մէկ երրորդը կը գանգատի ականջաբզզիւնէ: Հիւանդներուն 80 տոկոսը կ'ունենան զուգահերաբար լսողութեան տկարացում: Յայտնի փաստաբան եւ գծագրիչ՝ Ժորժ Քադլին, որ տառապած է լսողութեան տկարացումէ եւ ականջաբզզիւնէ ըսած է. «Ինչ որ կը փափաքիմ լսել չեմ լսէր եւ այն ինչ որ չեմ ուզեր լսել պարտադրուած եմ լսել»:
Ականջաբզզիւնը կրնայ ըլլալ միակողմանի կամ երկկողմանի համաձայն անոր դրդապատճառներուն: Ան կրնայ ըլլալ շարունակական կամ ընդմիջումներով ու տարբեր ուժգնութեամբ՝ մեղմ կամ զօրաւոր: Երբ ան մեղմ է՝ լսելի կ'ըլլայ միայն շրջապատի լռութեան պարագային. երբ ան զօրաւոր է եւ շարունակական՝ լսելի կը դառնայ նոյնիսկ աղմկոտ շրջապատի մէջ եւ կը պատճառէ ջղագրգռութիւն ու կը դառնայ նեղացուցիչ:
== Նկարագրում ==
Հիւանդներ իրենց ականջաբզզիւնը կը նկարագրեն իբրեւ՝ թաւ, մեղմ, զօրաւոր, զիլ, մնայուն, ընդմիջումներով, ժամանակաւոր, սուլող (hissing), զանգակային-հնչող (ringing ), թեթեւ, բաբախող (pulsating), տրոփող (throbing) եւ ֆշշացող եւ ելեւէջային (fluctuating) ձայն:
Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը առաւելաբար կը գանգատին ականջաբզզիւնէ գիշերները, երբ շրջապատի ձայները եւ աղմուկը նուազագոյն ուժգնութիւն ունին. իսկ օրուայ ընթացքին անոնք աւելի հանգիստ կը զգան եւ չեն նշմարէր ականջաբզզիւնը՝ շրջապատի աղմուկին գոյութեամբ:
Ականջաբզզիւնը յաճախ կ'անտեսուի որոշ հիւանդներու կողմէ՝ վարժութիւն դարձած ըլլալուն պատճառով: Շարունակական, զօրաւոր եւ անտանելի ականջաբզզիւնի պատճառով շատ քիչ հիւանդներ կը զարգացնեն իրենց մէջ՝ ջղային վիճակ եւ հոգեբանական խանգարումներ ու հազուադէպօրէն անձնասպանութիւն կը պատահի:
== Տեսակներ ==
Ականջաբզզիւնը ընդհանրապէս ենթակայական է, լսելի՝ միայն հիւանդին կողմէ. իսկ առարկայական ականջաբզզիւնը՝ լսելի է նաեւ զինք քննող բժիշկին կողմէ:
=== Ենթակայական ականջաբզզիւն ===
Ենթակայական ականջաբզզիւնը կը յառաջանայ ներ-ականջային եւ արտա-ականջային հիւանդութիւններով:
==== Ներ-ականջային հիւանդութիւններ ====
Արտաքին ականջի հիւանդութիւններ՝Արտաքին ականջացնցուղին մէջ գէջի (wax) եւ կամ այլ օտար մարմնի մը գոյութիւն.
Արտաքին ականջացնցուղի լաւորակ-պարզ եւ չարաղէտ-վտանգաւոր ուռեր.
Ականջաթմբուկի վիրաւորանք՝ պատռուածք կամ ծակ.Միջին ականջի հիւանդութիւններ՝Շիճուկային կամ թարախային բորբոքում: Ականջաբզզիւնը կ'ըլլայ մեղմ զօրութեամբ, ընդմիջումներով եւ բաբախող:
Միջին ականջի երեք ոսկրիկներու ոսկրապնդացում (otosclerosis): Այս պարագային երրորդ ոսկրիկը՝ ասպանդակ (stapes) կ'անշարժանայ ներքին ականջի սկզբնաւորութեան ձուաձեւ պատուհանին (oval window) վրայ։ Ականջաբզզիւնը զանգակային, սլոցային եւ մնայուն է:
Լաւորակ կամ չարաղէտ ուռեր եւ պոլիպներ: Ականջաբզզիւնը միակողմանի եւ հարուածային է:
Միջին ականջի արիւնահոսում գանկային հարուածի հետեւանքով: Ականջաբզզիւնը կը պատահի սրտի զարկին հետ զուգահեր:
Միջին ականջի զարկերակային պզտիկ ուռ մը (glomus tumor): Ականջաբզզիւնը կը պատահի սրտի զարկին հետ զուգահեր:Վերոյիշեալ հինգ պարագաներուն ականջաբզզիւնը տեղի կ'ունենայ լսողութեան տկարացումին հետ:
Ներքին ականջի հիւանդութիւններ եւ լսողական ջիղի տկարացում.
== Ազդակներ ==
Լսողութեան ջիղը կը տկարանայ հետեւեալ ազդակներով՝
Զօրաւոր աղմուկի ենթակայութիւն՝ աղմկարար գործարաններ, բարձրաձայն-զօրաւոր ճազ-ռոք երաժաշտութիւն եւ ռումբերու պայթումներ: Ասոնք կը յառաջացնեն լսողական ջիղի տկարացում՝ լսողութեան տկարացում եւ ականջաբզզիւն, որ կ'ըլլայ զանգակային, զօրաւոր, զիլ, մնայուն եւ երկկողմանի:
Հրացանի գործածութիւն զինուորներու եւ որսորդներներու կողմէ: Ականջաբզզիւնը միակողմանի կամ երկկողմանի, զիլ, մնայուն եւ զանգակային է:
Որոշ դեղերու գործածութիւն՝ Aspro, Aspirine, Quinine, Streptomycin, Kanamycin եւ Neomycin ինչպէս նաեւ հակագերզգայնութեան, հանդարտեցուցիչ, քնաբեր, եւ միզամղիչ (diuretic) դեղեր: Ականջաբզզիւնը երկկողմանի, բարձր, զիլ եւ ժամանակաւոր է: Այս դեղերու կասեցումով ականջաբզզիւնը ամբողջութեամբ կ'անհետանայ:
Ներքին ականջի զարկերակներու մասնակի խցում-պնդերակութիւն, որ կը յառաջանայ արեան գերճնշումով, ծխախոտի չափազանց գործածութեամբ եւ շաքարախտով:
Սրտի գերհոգնութիւն, գերաշխատանք եւ ձախողանք, արիւնանուազում, վահանագեղձի գերաշխատանք, մարմնական գերհոգնութիւն, գերմարմնամարզ, որոնց պատճառով նուազ արիւն կը մատակարարուի ականջի լսողութեան ջիղին եւ տեղի կ'ունենայ լսողութեան ջիղի տկարացում՝ լսողութեան տկարացում եւ ականջաբզզիւն:
Արեան տկարացում (anemia), արեան ճնշումի նուազում (hypo-tention). Ականջաբզզիւնը երկկողմանի եւ մեղմ է:
== Տե'ս Նաեւ ==
Ականջ
Ականջապնդագարութիւն
Փայծաղ
Ականջային Արիւնահոսութիւն
Գլխապտոյտ
Մանկական Անդամալուծութիւն
Ողնայարի Կողմնածռութիւն
Ջղային Անախորժակութիւն
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
«Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 20 Փետրուար 2015:
== Արտաքին յղումներ ==
Մ.Վ.Խանբաբեան, Ա.Մ.Խանբաբեան «Լսողութեան, խօսքի, տեսողութեան օրգանների անատոմիայ, ֆիզիոլոգիայ եւ պաթոլոգիայ» Երեւան 2008 թ, «Հիւանդի ականջների խնամքը»: |
17,206 | Աւալեան | Աւալեան, հայկական մականուն։
== Մականունը կրողներ ==
Անանի Աւալեան (1855-1910), դերասանուհի։
Արմենակ Աւալեան (1905-?), թղթակից։
Գառնիկ Արմենակի Աւալեան (1962), ֆութպոլիստ, յարձակող։
Էտուարտ Հայկի Աւալեան (1925-1982), զինուորական, Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակից։
Հ. Աւալեան (?-20-րդ դար), թղթակից։
Մկրտիչ Ներսէսի Աւալեան, (1850-1909), դերասան, թարգմանիչ։
Տաճատ Մկրտչի Աւալեան (1880-1921), դերասան, թատերական, կուսակցական գործիչ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,926 | Մեղու Հայաստանի | «Մեղու Հայաստանի», հայկական քաղաքական, բանասիրական եւ առեւտրային շաբաթաթերթ, որ 1873 թուականէն հրատարակուած է որպէս օրաթերթ։ Լոյս տեսած է 1858-1886 թուականներուն Թիֆլիս քաղաքին մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ս․ Մանդինեան, Պ․ Սիմոնեան (1863 թ.-ից)։ Ունեցած է կղերապահպանողական, ուղղութիւն, պայքարած է «Հիւսիսափայլ»-ի եւ Մ․ Նալպանտեանի դէմ, սուր բանավէճերու մէջ մտած «Մշակ»-ի եւ անոր խմբագրին հետ։ Երկրորդ խմբագրի օրօք դարձած է հայ ազգային-պահպանողական հոսանքի գաղափարախօսը, քննադատած ցարիզմի ազգաձուլման քաղաքականութիւնը։ Այդ շրջանին տպագրած է Նալպանտեանի, Ռափայէլ Պատկանեանի, Ղազարոս Աղայեանի, Գաբրիէլ Սունդուկեանի, Մուրացանի, Վիքթոր Հիւկոյի, Շանտոր Փետեֆիի եւ այլոց գործերը։ Պարբերականին աշխատակցած են Ա․ Հայկունին, Ծերենցը եւ այլք։
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,624 | Օձուն (գիւղ) | Օձուն, գիւղ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռիի մարզին մէջ՝ մարզի կեդրոն Վանաձորէն 47 ք.մ. հիւսիս-արեւելք, բնակչութիւնը՝ 5812 մարդ։ Գիւը կը գտնուի Դեբեդի ձորի արեւմտեան ափի բարձր սարաւանդին վրայ. հոն կը գտնուի Սուրբ Յովհաննէս Օձնեցիի եկեղեցին։ Մատենագրական աղբիւրներու մէջ Օձունը կը յիշատակուի 8-րդ դարէն սկսած։
Բնակչութիւնը կը զբաղի անասնապահութեամբ, բանջարաբուծութեամբ եւ պտղաբուծութեամբ։
== Պատմամշակութային կոթողներ ==
Գիւղի կեդրոնը կը գտնուին Օձունի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին (Խաչգունդ եկեղեցի), Օձունի տաճարը (6-7 դդ.), Սուրբ Յովհաննէս (Խաչգունդ) (717-728 թթ.) եւ Ծիրանաւոր (Ծաղկեվանք) եկեղեցիները (5-7 դդ.), Հոռոմայրի վանական համալիրը (18 դ.), Օձունի կոթող-մահարձանը (5-6 դդ.)։
== Բնակչութիւն ==
Օձունի ազգաբնակչութեան փոփոխութեւնը.
== Ծանօթագրութիւններ == |
594 | 1877 թուական | 1877 թուական, ոչ նահանջ տարի, 19րդ դարու 77րդ տարին
== Դէպքեր ==
Ապրիլ 24՝ Ռուսիան պատերազմ կը յայտարարէ Օսմանեան Կայսրութեան
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1877 ծնունդներ
Օգոստոս 2՝ Տիգրան Աբգարեան (մ.անյայտ), խմբագիր եւ գրող
Մայիս 9՝ Յովսէփ Փուշման (անգլերէն՝ Hovsep Pushman, մ.1966, Նիւ Եորք), ամերիկացի հայազգի նկարիչ
Սեպտեմբեր 15, (Շուշի)՝ Լեւոն Աթաբեկեան (մ.1918, Պաքու), բանաստեղծ, բժիշկ, հասարակական գործիչ
Օրը յայտնի չէ՝
Առանձար (Միսաք Գույումճեան, մ.1913), երգիծաբան գրող
Մալխաս (Արտաշէս Յովսէփեան, մ.1962), վիպասան գրող եւ քաղաքական գործիչ
Միքայէլ Մանուէլեան (մ.1944), դերասան եւ արձակագիր
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1877 մահեր
Նոյեմբեր 15՝ Երեմիա Արծրունի (ծն.1804, Վան), հասարակական գործիչ
== Ծանօթագրութիւններ == |
17,198 | Զաւէն Արքեպիսկոպոս Չինչինեան | Զաւէն Արքեպիսկոպոս Չինչինեան ծնած է 28 Հոկտեմբեր 1929-ին, Հալէպ, Սուրիա կիլիկեցի ծնողներէն (Մարաշ): Աւազանի անունն է Գէորգ:
== Կրթութիւն ==
Ուսումը ստացած է Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանի մէջ։ Այնուհետեւ ընտանեօք Պաղեստին հաստատուելով, ուսանած է Երուսաղէմի Հայոց Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը եւ դասընթացը աւարտելով 1945 թուականին, ընդունուեր Ժառանգաւորաց վարժարանը:
1949 թուականին փայլուն յաջողութեամբ աւարտելով իր ուսումը, սարկաւագ ձեռնադրուեր է:
1951-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեր Տէր Խորէն եպիսկոպոս Բարոյեանէն Երուսաղէմի մէջ:
== Գործունէութիւն ==
Այնուհետեւ երիտասարդ եւ խոստումնալից հոգեւորականի առջեւ կը բացուի վանական-վարչական, մանկավարժական, հովուական բեղուն գործունէութեան ասպարէզ, որպէս ուսուցիչ Սրբոց Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց վարժարաններուն մէջ, որպէս տեսուչ տպարանի, անդամ «Սիոն» ամսագրի խմբագրական մարմնին, քարտուղար Ս. Տեղեաց եւ դիւանապետ:
1958-ին ի վեր ձեռնհասօրէն կը վարէ Աղեքսանդրիոյ հայոց առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը:
7 Նոյեմբեր 1965-ին եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Ս. էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետէն:
Գերշ. Տէր Զաւէն Արքեպիսկոպոս Չինչինեան սրբազանը հաւատաւոր, պատրաստուած եւ նուիրեալ հոգեւորական էր:
Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդն էր Զաւէն արքեպիսկոպոս Չինչինեանը (1977 թուականէն - մինչեւ իր վախճանը՝ 20 Յունուար 2004-ին Գահիրէ, Եգիպտոս:
== Վախճանը ==
Երջանկայիշատակ Գերշ. Տէր Զաւէն Արքեպիսկոպոս Չինչինեան թաղման եւ յուղարկավորութեան արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ 25 Յունուարին Գահիրէի, Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Մայր Աթոռ Սբ Էջմիածնէն արարողութիւններուն կը մասնակցին Ռումինիայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տիրայր արքեպիսկոպոս Մարտիկեանը, Տ. Ներսէս արքեպիսկոպոս Պոզապալեանը եւ Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Գրիգորեանը: Հ25 Յունուարին, Մայր Աթոռ Սբ Էջմիածնի մէջ, յաւարտ Սբ Պատարագի աղօթք կը բարձրացուի սրբազան հօր հոգու հանգստութեան համար։
== Աղբիւրներ ==
Վախճաներ է Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Զաւէն արքեպիսկոպոս Չինչինեանը
Տ. Զաւէն արքեպիսկոպոս Չինչինեանի քարոզը՝ խօսուած Ս. էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ուխտի Ս. Պատարագին քարոզը: Էջմիածին. Պաշտօնական ամսագիր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Մայր Աթոռոյ Սրբոյ Էջմիածնի
Տ. Զաւէն արքեպիսկոպոս Չինչինեանի քարոզը՝ խօսուած Ս. էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ուխտի Ս. Պատարագին
Գերշ. Տէր Զաւէն եպիսկոպոս Չինչինեան
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Տե՛ս նաեւ ==
Եգիպտոսի հայոց թեմ |
22,116 | Ազգային Գաղափար | «Ազգային Գաղափար» (ռուսերէն՝ Национальная идея), Երեւանի մէջ տպագրուող երկլեզու (հայերէն եւ ռուսերէն) ամսագիր։ Կը տպագրուի «Քաղաքական հետազօտութիւններու կենտրոն» ՍՊԸ-ի կողմէ եւ կը հանդիսանայ տուեալ կեդրոնի նախագիծերէն մէկը։ Տպագրել սկսած է Ապրիլ 2008-էն։ 2009-ին լոյս տեսած է միայն յունուարեան համարը, շարունակած է հրատարակուիլ Փետրուար 2010-էն։ Գլխաւոր խմբագիրը Արտիոմ Խաչատրեանն է։
Ամսագրի իւրաքանչիւր համար հաւասարապէս բաժնուած է երկու մասի. միեւնոյն յօդուածները կը տպագրուին ե՛ւ հայերէն, ե՛ւ ռուսերէն։ Ամսագրի հիմնական խորագրերն են՝
Յետահայեաց
Ամսուայ քրոնիկա եւ համարի տեսութիւն
Աշխարհն ամսուայ ընթացքին
Քաղաքականութիւն
Աշխարհաքաղաքականութիւն
ԱՊՀ
Պետութիւն եւ իրաւունք
Հասարակութիւն եւ իշխանութիւն
Տնտեսութիւն
Բանավէճեր
Գիտութիւն եւ կրթութիւն
Մշակոյթ եւ արուեստ
Պատմութիւն
Քաղաք եւ գաւառ
Քաղաքական դիմանկարներ
Մեջբերումներ դասականներէն
Մամուլ. հետաքրքիրը ամսուայ ընթացքինԱմսագիրը ունի նաեւ ելեկտրոնային տարբերակ, ուր, բացի ամսագրին մէջ տեղ գտած նիւթերէն, գոյութիւն ունի նաեւ ամէնօրեայ լրահոս։
== Արտաքին յղում ==
Ամսագրի օնլայն տարբերակը Archived 2012-02-15 at the Wayback Machine. |
1,097 | 74 (թիւ) | 74 (եօթանասունչորս) զոյգ երկնիշ բնական թիւ է 73-ի եւ 75-ի միջեւ
== Թուագիտութիւն ==
A001358 քսանհինգերորդ կիսապարզ թիւն է
իր հակադարձի հետ գումարը քառսի է՝ 74+47=112
== Գիտութիւն ==
74-ը Վողփրամի ատոմային թիւն է
== Օրացոյց ==
Տարուայ 74րդ օրը Մարտ 15-ն է (նահանջ տարիներուն՝ Մարտ 14-ը)
1974 թուական
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,941 | Հայկական Սօսի | Հայկական Սօսի, Հռոմէացիները Platanieum armeniacum (Հայկական Սօսի) կոչած են պատմական Արմաւիրի (Սարդարապատի դաշտին մէջ) սօսիները՝ հայ պատմութեան մէջ շատ ծանօթ եւ ժողովրդական «Սօսեաց անտառը»։ Հայկական սօսին եղած է հեթանոսական շրջանի հայերուն պաշտամունքի առարկան։ Այդ ծառերուն նուիրուած էր Անուշաւանը, որ այդ պատճառով ալ կոչուած էր Սօսանուէր։ Այսօր այս սօսիները գոյութիւն չունին վերոյիշեալ անտառին մէջ, ուր հիմա կ'աճին բարտիներ (կաղամախի տեսակ) եւ ուռիներ։
== Գրականութիւն ==
Պապէսեան Յովհաննէս (1961), «Հանրագիտակ», Կաթողիկութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, էջ 9։ |
22,445 | Վարդգէս Սուրէնեանց | Վարդգէս Սուրէնեանց (27 Փետրուար 1860(1860-02-27), Ախալցխա, Ռուսական Կայսրութիւն - 6 Ապրիլ 1921(1921-04-06), Եալթա, Տաւրիկեան նահանգ, Խորհրդային Ռուսաստան), հայ նկարիչ եւ հայ ազգային պատմանկարչութեան հիմնադիր։
== Կենսագրական գիծեր ==
Ծնած է Վրաստանի Ախալցխա քաղաքիը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ուսումը շարունակած Լազարեան ճեմարանին մէջ:
Աւարտելէ ետք ուսումը հետեւած է Մոսկուայի մէջ մեծ հեղինակութիւն ունեցող գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժնի դասընթացքներուն:
Սուրէնեանց իր նկարչական ուսումը կատարելագործած է Միւնիխի Կայսերական ակադեմիայէն ներս: Ժամանակակիցներու համաձայն, ան տիրապետած է բազմաթիւ լեզուներու, ինչ որ առիթ տուած է արուեստագէտին աւելիով ուսումնասիրելու օտար մշակոյթներն ու արուեստները. ան տիրապետած է պարսկերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ այլ լեզուներու։
== Գործերը ==
Սուրէնեանցի նկարչութեան թեմաները եղած են Հայոց Պատմութիւնն ու հայրենասիրութիւնը. անոր յայտնի գործերէն են՝
«Ոտնահարուած սրբութիւնը»,
«Շամիրամը Արա Գեղեցիկի դիակի մօտ»,
«Հռիփսիմէ»,
«Զապէլ Թուգուհու վերադարձը գահին»,
«Ասպետ կինը» եւ այլ բազմաթիւ նկարներ, որոնցմէ շատեր մինչեւ այսօր կը ցուցադրուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ:Նկարչութեան կողքին Սուրէնեանց զբաղած է նաեւ գիրքի ձեւաւորման աշխատանքով, ճարտարապետութեամբ, քանդակագործութեամբ, թատերական նկարչութեամբ, թարգմանութեամբ ու բեմայարդարմամբ եւ որմանկարչութեամբ. Սուրէնեանցի կը պատկանին Ղրիմի հայկական եկեղեցիներէն մէկուն պատերուն գծագրուած որմանկարները:
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,742 | Պետրոս Դուրեան | Սուրբ Պետրոս Դուրեան (Զըմպայեան, 1 Յունիս 1851, Սկիւտար, Կ. Պոլիս – 2 Փետրուար 1872, Կ. Պոլիս), հայ պոետ, թատերագիր։
== Գրական անուն ==
Պետրոս Դուրեանի իսկական ազգանունը եղած է Զըմպաեան, սակայնան թարգմանած է «զըմպա»-ն եւ մականունը դարձուցած է Դուրեան։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Պոլիս, համեստ բայց մշակոյթով հարուստ Սկիւտար արուարձանը, երկաթագործի ընտանիքի մէջ։ Հայրը՝ Զմպայեան, մականունը ինք հայացուցած է՝ վերածելով Դուրեանի։ Սկիւտարի մէջ, ուսուցիչ ունեցած է Յակոբ Պարոնեանը։ 1868֊ին, ճեմարանը հազիւ աւարտած, կը նետուի գործի ասպարէզ՝ ընտանիքին օգնելու համար, բայց վատառողջ ըլլալով կը ստիպուի ձգել գրագիրի իր գործը։ Կը շարունակէ գրել, որ սկսած էր աշակերտական գրասեղաններէն իր վիպապաշտ թատերական բուռն գործունէութեան այդ տարիներուն եւ գտած լայն ընդունելութիւն։ Պահ մը ունեցած է բեմական գործունէութիւն, սիրուած է իբր դերեսան (մինչ արդէն համակրանք կը վայելէր Պոլսոյ ուսեալ երիտեսարդութեան մօտ՝ շնրհիւ իր բանաստծութիւններուն եւ ազնիւ ու եռանդուն նակարգիրին)։ Միայն վերջին մէկ-երկու տարին է որ, հիւանդութենէն ընկճուած, պիտի դառնար տխուր ու մռայլ։ Խնամքի պակասն ու չքաւորթիւնը արդէն տող պատրաստած էին թոքախտին իր տկար մարմինին մէջ։ 1870էն առողջական վիճակը կը ծանրանայ ու հազիւ մէկ տարի անցած, Պ.Դուրեան կը մահանայ։
Յարգանքի վեջին տուրք մը տալու համար կատարուած է փառաւոր յուղարկաւորթիւն մը։ Սկիւտարի գերեզմանատունը, ուր թաղուած է Դուրեան, շուտով դարձած է երիտասարդներու ուխատավայր։
Դուրեանի տապանագիրը գրուած է իր կրտսեր եղբօր Միհրանին կողմէ, որ յետագային պիտի ըլլար ծանօթ հոգեւորական եւ իր կարգին՝ բանաստեղծ։
== Գրական գործունէութիւն ==
Գրել է բանաստեղծութիւններ, տրամաներ, զբաղուած է հրապարախօսութեամբ (եղած է «Օրագիր Ծլին Աւարայրւոյ» թերթի օգնական խմբագիր), կատարած թարգմանութիւններ (Վիքթոր Հիւկօ` «Թագաւորը Զուարճանում Է», Շէյքսփիր` «Մաքպէթ» եւ այլն)։ 1869 եւ 1871 թուականներուն «Օրագիր Ծլին Աւարայրւոյ», «Մեղու», «Եփրատ», «Մամուլ» պարբերականներուն մէջ տպագրուած է տաղեր։ Գրական ժառանգութեան զգալի մասը (երգիծական ոտանաւորներ, «Տիգրան Բ․», «Կործանումն Հռովմա», «Շահատակութիւնք Հայոց» ողբերգութիւնները, թարգմանութիւններ, բազմաթիւ նամակներ) չեն պահպանուած։
1871 թուականի սկզբներուն, ի յայտ կու գան բանաստեղծի մահացու հիւանդութեան՝ թոքախտի աոաջին նշանները։ Նախապէս՝ կեանքով լեցուն պատանին, հիւանդութեան ուշադրութիւն չէր դարձներ եւ կը շարունակէր ստեղծագործել։ Այդ ժամանակ ան իր բարեկամներուն երկտող մը ուղղած էր ՝ «Մէկ պատառ թուղթերու վրայ արցունքոտ տողեր գրեր եմ. անշուշտ բարեկամքս զանոնք պիտի պատուեն եւ անոնց արեւ տեսցնեն»։ Անոր լաւագոյն երգերու մեծ մասը ստեղծուած է ուղիղ նոյն թուականի ընթացքին։ «Բանաստեղծ մը մահուանն չը սոսկար,- գրում է նա այդ օրերուն,- այն ատեն իրաւունք ունէի ցաւելու, երբ ամէնքն անմահ ըլլային եւ ես միայն մահկանացու»։
Բայց որքան ալ բանաստեղծը մահէն չի սարսափեր, դաժան հիւանդութիւնը կը կատարէր իր սեւ գործը։ Տարուան վերջաւորութեան, Դուրեանն արդէն գամուած էր անկողին։ Իսկ յաջորդ 1872 թ. 21 Յունուար-ի գիշերը, բանաստեղծը կը կնքէ իր մահկանացուն։ Անոր մահէն ետք, լոյս կը տեսնէ անոր առաջին գիրքը։
== Երկերի մատենագիտութիւն ==
Տաղք եւ թատերգութիւնք, Կ. Պոլիս, 1872, 493 էջ:
Տաղք եւ թատերգութիւնք: Նամականի: Դամբանական: Տապանագիր, Կ. Պոլիս, 1893, 260 էջ:
Բանաստեղծութիւններ, Բագու, 1900, 60 էջ:
Բանաստեղծութիւններ, Վաղարշապատ, 1904, 60 էջ:
Բանաստեղծութիւններ, Շուշի, 1905, 66 էջ:
Սեւ հողեր կամ յետին գիշեր Արարատեան (թատերգութիւն), Կ. Պոլիս, 1908, 40 էջ:
Տաղք եւ նամականի, Նիւ Եորք, 1918, 112 էջ:
Ընտիր քերթուածներ, Վիեննա, 1922, 48 էջ:
Քերթուածներ, Պէյրութ, 1926, 64 էջ:
Սեւ հողեր կամ յետին գիշեր Արարատեան (թատերգութիւն), Կ. Պոլիս, 1928, 64 էջ:
Տաղեր, ՅԵրեւան, 1932, 92 էջ:
Տաղեր, ՅԵրեւան, 1936, 92 էջ:
Տաղեր: Նամակներ: Դամբանական, Պէյրութ, 1940, 96 էջ:
Ընտիր քերթուածներ, Հալէպ, 1945, 28 էջ:
Տաղեր: Նամակներ: Հատուածներ, Վենետիկ, 1945, 96 էջ:
Երկեր, Երեւան, 1947, 442 էջ:
Հատընտիր էջեր, Հալէպ, 1951, 24 էջ:
Քերթուածներ եւ նամակներ, Պէյրութ, 1952, 76 էջ:
Տաղեր, Երեւան, 1954, 64 էջ:
Քերթուածներ եւ նամակներ, Պէյրութ, 1956, 108 էջ:
Տաղեր, Նամակներ: Հատուածներ, Վենետիկ, 1959, 94 էջ:
Քերթուածներ, Պէյրութ, ա. թ., 65 էջ:
Տաղեր, Երեւան, 1963, 84 էջ:
Տաղեր, Երեւան, 1967, 108 էջ:
Տաղք, Երուսաղէմ, 1967, 157 էջ:
Նամականի, Երուսաղէմ, 1967:
Տաղք եւ թատերգութիւնք, Երուսաղէմ, 1968:
Երկերի ժողովածու, հատ. 1. Տաղեր, Հրապարակախոսություն, Նամականի, Երեւան, 1971, 368 էջ:
Երկերի ժողովածու, հատ. 2. Թատերգություններ, Երեւան, 1972, 564 էջ:
Տրտունջք (բանաստեղծություններ), Երեւան, 1973, 84 էջ:
Երկեր. Տաղեր, Այլ բանաստեղծություններ, Թատերգություններ, Հրապարակախոսություն, Նամակներ, Երեւան, 1981, 456 էջ:
Երկեր, Անթիլիաս, 1987, 210 էջ:
Տաղեր, Երեւան, 2003, 80 էջ:
Ստեղծագործությունների ժողովածու, Երեւան, 2011, 104 էջ:
Տրտունջք (բանաստեղծություններ), Երեւան, 2011, 112 էջ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւր ==
Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 34:
== Արտաքին յղումներ ==
Կենսագրութիւնը եւ ստեղծագործութիւնները hayeren.hayastan.com-ի մէջ
Ստեղծագործութիւնները armenianpoetry.com-ի մէջ |
2,319 | Բժշկագիտութիւնը Հին Հայաստանի մէջ | Հայաստանի մէջ գործող բժշկական հաստատութիւններու եւ անուանի բժիշկներու մասին յիշատակութիւն կայ 5-րդ դարու հայկական, եւ հետագայ ժամանակներուն՝ նաեւ օտար աղբիւրներու մէջ։ Բժշկագիտութիւնը Հայաստանի մէջ մեծ ծաղկում ապրած է 11-րդէն 15-րդ դարերու ընթացքին, երբ ապրած եւ ստեղծագործած են մեծ բժիշկ գիտնականներ Մխիթար Հերացին, Ապու Սայիտը, Գրիգորիսը, Ֆարաճը, Ամիր Տովլաթ Ամասիացին եւ ուրիշներ։
Այս բժիշկները եղած են համակողմանի գիտելիքներու տէր մարդիկ։ Ընդհանրացնելով իրենց փորձը եւ օգտուելով յոյն եւ արաբ բժշկապետներու աշխատութիւններէն, անոնք գրած են ինքնուրոյն գիրքեր եւ առողջապահական ուղեցոյցներ, որոնք դարեր շարունակ կիրարկուած են գործնական բժշկութեան մէջ։
== Իրագործումներ ==
ԺԲ. դարէն սկսեալ, Հայաստանի մէջ արտօնուած էր ուսումնական նպատակներու համար կատարել դիահերձում։ Եւրոպայի մէջ դիահերձումը արտօնուեցաւ միայն ԺԶ. դարուն, այսինքն 400 տարի ետք։ Հայաստանի զանազան բնակավայրերու մէջ յայտնաբերուած են բժշկական գործիքներ, որոնք կը վկայեն զանազան կարգի վիրահատումներու մասին։
Օրինակ, ԺԲ.-էն ԺԴ. դարերուն, Հայաստանի մէջ կատարուած են կեսարեան հատումներ (սեզարիէն գործողութիւններ), ներքին ուռուցքներու հեռացումներ, կանանց զանազան հիւանդութիւններու վիրահատական բուժումներ եւ այլն։ Վիրահատման ընթացքին, իբրեւ ընդհանուր եւ տեղական զգայազրկման նպատակով օգտագործուած է մանտրակոտա նիւթը, ծննդաբերութիւնը ցաւազրկելու համար օգտագործուած է զետուար նիւթը, իսկ վէրքերը կարելու համար օգտագործուած է մետաքսէ թելը։
Միջնադարուն հայ բժշկութիւնը տեսական եւ գործնական հարցերու մէջ կը գտնուէր ժամանակի զարգացած բժշկագիտութեան առաջին դիրքերուն վրայ։ ԺԲ. դարուն ապրած Մխիթար Հերացին իր «ջերմանց մխիթարութիւն» գիրքին մէջ, օրինակ, կը խօսի փոխանցիկ եւ ալերժիք հիւանդութիւններու մասին, բացատրելով, որ շատ հիւանդութիւններ կը յառաջանան դուրսէն մարդու մարմին թափանցող՝ հիւանդութիւն հարուցանող մասնիկներու պատճառով։ Այլ հայ գիտնական բժիշկ մը, Գրիգորիս անունով, իր գրած մէկ գիրքին մէջ կը բացատրէ, որ մարդու վերին եւ ստորին վերջաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ ներքին գործարաններու անդամալուծութեան պատճառը ջղային համակարգի վիճակն է։ «Գլխուղեղը ամբողջ մարմինի թագաւորն է. անիկա զգայարաններու զգայարանն է», կը գրէ այս հայ բժիշկը։
== Ամիրտովլաթ Ամասիացի ==
Հիմնական յօդուած՝ Ամիրտովլաթ Ամասիացի
ԺԵ. դարուն, հայ բժշկութեան պարծանքը կը հանդիսանայ Ամիրտովլաթ Ամասիացին, որ կը տիրապետէր աւելի քան 6 լեզուներու։ «Օգուտ բժշկութեան» գիրքին մէջ Ամասիացի կը նկարագրէ մարդու մարմինին կազմութիւնը եւ առանձնաբար կը բնութագրէ աւելի քան 100 հիւանդութիւն, նշելով անոնց բուժման միջոց հանդիսացող դեղերը։ Այս մեծ բժիշկը կատարած է ընդհանուր հաշուով 3700 դեղի նկարագրութիւն։
Այդ նկարագրութիւնները մինչեւ այսօր ալ կը պահեն իրենց նշանակութիւնը եւ կ'օգտագործուին յատկապէս բուսադեղերու պատրաստութեան ատեն։
== Արտաքին յղումներ ==
https://hovhannesikhtiayan.wordpress.com |
9,071 | Զարթօնք (այլ կիրառումներ) | Զարթօնք՝
Զարթօնք (օրաթերթ), լիբանանահայ օրաթերթ
Զարթօնք (վէպ), վեց հատոր կազմող վէպ, հեղինակ՝ Մալխաս
Զարթօնքի շարժում, ինքնագիտակցութեան եւ ազգա–մշակութային վերելքի շարժում
== Տես նաեւ ==
Նոր Զարթօնք, հայ ժողովուրդի ինքնակազմակերպուածութիւնն է: Թուրքիոյ Հայերէ սկսեալ, աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն հաւասար, ազատ ու եղբայրաբար ապրելուն համար կը պայքարի: |
22,835 | ՀՌՀ լրաբեր. Հումանիտար եւ ընդհանուր գիտութիւններ | Հայ-ռուսական (սլաւոնական) համալսարանի լրաբեր. Հումանիտար եւ ընդհանուր գիտութիւններ, ընդգրկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն որակաւորման յանձնաժողովի (ՀՀ ԲՈՀ) սահմանած դոկտորական եւ թեկնածուական ատենախօսութիւններու հիմնական արդիւնքներու եւ դրոյթներու հրատարակման համար ընդունելի պարբերական գիտական հրատարակութիւններու ցուցակին մէջ։
== Աղբիւր ==
Գիտական տեղեկատուական վերլուծութեան եւ մոնիթորինգի կեդրոն, Հայաստանի մէջ հրատարակուող գիտական պարբերականներու ցանկ |
5,531 | Պարոյր Սկայորդի | Կաղապար:Տեղեկաքարտ միապետ
Պարոյր Սկայորդի, Ք.Ա. VII դարու Հայոց թագաւոր, կը նշուի Մովսէս Խորենացիի կողմէն։ Ըստ Պատմահոր տուեալներու, Պարւյր «ոչ փոքր օգնութիւն ցոյց տուած է մարացի Վարբակեսին՝ թագաւորութիւնը Սարդանապալէն վերցնելու» գործին մէջ, որովհետեւ Վարբակես իր կողմը գրաւած է «քաջ նախարար Պարոյրին՝ անոր խոստանալով թագաւորութեան պատիւ եւ ձեւ»։ Խորենացի այնուհետեւ նշելով, որ մարացի Վարբակեսը Պարոյրին թագադրած է, անոր Հայոց առաջին թագաւորը։ Ան մեծ օգնութիւն ցոյց տուած է մարերու թագաւորին Ասորեստանը գրաւելու համար։
Հայ ժամանակակից ուսումնասիրողներէն ոմանք Պարոյրը կը նմանցնեն Ք.Ա. VII դարու 70-ական թթ. Հայաստան եւ Ասորեստան արշաւած սկիւթներու առաջնորդ Պարտատուա յի հետ, որ յոյն պատմիչ Հերոդոտոսի կողմէն յիշուած է, ինչպէս նաեւ ասորեստանեան արձանագրութիւններուն մէջ։ Կ՛ենթադրուի, որ այս մէկը եղած է Արմէ Շուպրիա ցեղային միութեան առաջնորդը եւ առաջին հայկական պետական միաւորումը հիմնադրած է։
== Ծանօթագրութիւններ == |
16,277 | Սելանիկ | Սելանիկ կամ՝ Թեսաղոնիկէ (յուն․՝ Θεσσαλονίκη), դիրքին գեղեցկութեան պատճառաւ, կ՛անուանուի նաեւ Թերմայիքոսին Գեղուհին)։ Քաղաք-նաւահանգիստ Յունաստանի հիւսիսը, Կեդրոնական Մակետոնիոյ Շրջանը, Էգէական Ծովուն Թերմայիքոս ծոցի հիւսիսային ափին։ Կեդրոնական Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Ապակեդրոն վարչատարածքին վարչական կեդրոն․ Հիւսիսային Յունաստանի մայրաքաղաքը եւ Յունաստանի երկրորդ մայրաքաղաքը։Սելանիկի Վարչական Շրջանային Քաղաքատարածքին բնակչութեան թիւը 1․030․338 է, Քաղաքային Տարածքինը (արուարձաններով միասին)՝ 824․676, իսկ բուն քաղաքապետութեան շրջանը՝ 325․182։Սելանիկը համբաւ ունի իբրեւ փառատօներու քաղաք։ Յունաստանի մշակոյթի մայրաքաղաքը կը նկատուի։
Հիմնուած է Ք․ա․ 315/6 թուականներուն։Քաղաքը իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով, Հռոմէական գերիշխանութեան շրջանին եւ յատկապէս Ղալերիոս Galerius Կասրին որոշումով Կայսրութեան մայրաքաղաքը կը նշանակուի։ Ք․Ա․ 120-ին, երբ Էղնանտիա Ճամբուն Via Egnatia շինութիւնը կ՛ամբողջանայ, Սելանիկը գլխաւոր կապը կը հանդիսանայ Արեւելքին եւ Արեւմուտքին միչեւ։ Հռոմէական Կայսրութեան բաժանումէն ետք, Արեւելեան Կայսրութեան մայրաքաղաք ըլլալու թեկնածու է, սակայն կ՛ընտրուի Բիւզանդիոնը եւ իրեն կու տան Արքայական Երկրորդ Մայրաքաղաք տիտղոսը․ այս անունով ծանօթ է Բիւզանդական Կայսրութեան եւ Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին։
== Հիմնադրութիւն, Անունի ստուգաբանութիւն ==
Սելանիկը (Թեսաղոնիկէ) կը հիմնուի Ք․Ա․ 315/6 թուականին, Քասանտրօ Մակետոնացիէն Κάσσανδρο ο Μακεδόνας (Մեծն Աղեքսանտրի զօրավարներէն եւ հետաքային Մակետոնիոյ թագաւոր)․ Թեսաղոնիկէ կ՛անուանէ ի պատիւ տիկնոջը․ կինը՝ Թեսալոնիքի*, Մեծն Աղեքսանտրի խորթ քոյրն էր, Փիլիպոս (Ֆիլիփոս) Բ․ի զաւակը եւ Մակետոնիոյ իշխանուհին։
Թեսալոնիքի․ ըստ կարգ մը աղբիւրներու անունը յառաջ եկած է Թեսալոս յուն․՝Θεσσαλός Յունաստանի համանուն շրջանի եւ Նիքի յուն․՝Νίκη (յաղթանակ) բառերէն․ անունը տրուած է Փիլիպոս Բ․-էն ի պատիւ Մակետոնական բանակին տարած յաղթանակին Ք․Ա․ 353 թ․ Քրոքիու Ռազմավայրի Կռիւին (Μάχη του Κρόκιου Πεδίου - Battle of Crocus Field)։Սելանիկ անունին կը հանդիպինք 14-րդ դարուն գրուած «Մորէա ժամանակագրութիւն» պատմական գիրքին մէջ Chronicle of the Morea (յուն․՝ Το χρονικόν του Μορέως)։ Այս անունը նաեւ ընդհանրացած կը հանդիպինք ժողովրդային երգերու մէջ։ Նաեւ՝ թրքախօսները, հրիաները եւ Օսմանցի քաղաքացիները քաղաքը Սելանիկ կ՛անուանեն, իսկ Իտալացիները՝ Սալոնիկ Salonicco։
== Աշխարհագրութիւն ==
=== Դիրքը ===
Քաղաքին աշխարհագրական դիրքը՝ հիւսիսային Յունաստանի տարածքին, անոր նաւահանգիստին գոյութիւնը իբրեւ բնական ելք դէպի ծով, ինչպէս նաեւ՝ շրջապատող լեռներուն ընծայած բնական ամրացումը, հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերուն Սելանիկը կը հանդիսացնեն ռազմական, առեւտրական, քաղաքական եւ մշակութային խաչմերուկ մը։
Սելանիկին նաւահանգիստը Յունաստանի առեւտուրի գլխաւոր կեդրոններէն է։
Սելանիկը Կեդրոնական Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Ապակեդրոն վարչատարածքին արեւմտեան մասին կը գտնուի, Թերմայիքոս Ծոցին խորքին։ Շրջաթատերային դիրք ունի․ շրջապատուած է՝
Արեւելքէն Քետրինօ Լոֆօ-էն (յուն․՝ Κέδρινος Λόφος, Cedar Hill, թրքերէն անունը՝ Σέιχ Σου, Şeyh Su այսինքն՝ Շէյխին Ջուրը)։
Հարաւին կը գտնուին օդակայանը, Թերմիին Θέρμη շրջանը։
Հարաւ արեւելքը կը գտնուի Փանորամայի Πανοράμα շրջանը եւ Խորդիադի Χορτιάτη լեռը (քաղաքին բնական ամրացումը եւ ջրամատակարարման կարեւոր վայրերէն մին)։
Հիւսիս արեւմուտքին կը տարածուի Սելանիկի դաշտը, որ կը լրացնէ քաղաքին ջրամատակարարումը։
Հիւսիսը կը բարձրանայ Սիվրի Σιβρί լեռը․ Խորդիադի լեռէն կը բաժնուի Տերվենի Δερβένι անցքով։Սելանիկին դաշտատարածքը գլխաւոր դեր կը խաղայ քաղաքին տնտեսական զարգացման։ Հողը բարեբեր է շնորհիւ գետերուն։
Թերմայիքոս Ծոցը կը թափին արեւմուտքէն՝ Աքսիոս Αξιός, Լուտիաս Λουδίας եւ Էհետորոս Εχέδωρος երեք գետերը, իսկ քիչ մը անդին հարաւէն` Ալիաքմոնաս Αλιάκμονας գետը։ Այս գետերը, դժուարանցելի ըլլալով, պատմութեան ընթացքին քաղաքը զանազան պաշարողներէ պաշտպանեցին։
Աքսիոս գետին Տելդան, 22․000 խոնաւ բնավայր արտավարի տարածք կը կազմէ․ կը պաշտպանուի Ռամսարի Դաշինքով Ramsar Convention։
=== Կլիման ===
Սելանիկը Միջերկրականի կլիմայի յատկանիշները ունի եւ քաղաքին դիրքին պատճառով ցամաքային ալ է (ծովէն կ՛ազդուի)։ Ձմեռը ձիւնը յաճախակի է, իսկ ամառները աւելի խոնաւ են Յունաստանի մնացեալ մասէն։Սելանիկը նաեւ ենթակայ է յաճախակի զօրաւոր երկրաշարժներու։ Վերջին դարաշրջաններուն արձանագրուած են՝ 1759, 1902, 1978, 1995, 2019 թուականներուն ցնցումները։
== Պատմական անդրադարձ ==
Սելանիկը իր հիմնումէն, Ք․Ա․ 315/6 թուական մինչեւ Օսմանեան գրաւման շրջանին հարատեւ կը զարգանայ, կ՛օգտագործէ եւ կ՛արժեւորէ իր աշխարհագրական դիրքը․ բազմամշակութային քաղաք կը դառնայ։
1912 թուականէն ետք, Պալքանեան պատերազմներու վերջաւորութեան, կը վերամիանայ մայր Յունաստանին․ այդ օրէն ասդին, Յունաստանի երկրորդ մեծ քաղաքն է, մայրաքաղաք Աթէնքէն ետք (կ՛որակուի երկրորդ մայրաքաղաք, բնակչութեան թիւով եւ ճարտարարուեստի, առեւտուրի աճով)։
=== Հելլենիստական Ժամանակաշրջան ===
Ժամանակաշրջան որ կ՛ընթանայ Մեծն Աղեքսանտրի նուաճումներուն շրջանէն մինչեւ յունական հելլենիստական թագաւորութիւններուն անկման, Հռոմէական Կայսրութեան վերելքին շրջանին (Ք․Ա․ 323 - Ք․Ա․ 30)։Հելլենիստական ժամանակաշրջանի ընթացքին է որ Սելանիկը կը հիմնուի, Մեծն Աղեքսանտրի զօրավարներէն եւ հետագային Մակետոնիոյ Թագաւոր Քասանտրոսին կողմէն, Ք․ա․ 315/6։
Մինչեւ Ք․Ա․ Զ․ դարուն, Սելանիկի Շրջանային Տարածքին մէջ յոյները մեծամասնութիւն կը կազմեն, իսկ յունական ցեղերէն՝ գլխաւորաբար Թրակիացիները Θράκες-Thracians։ Նաեւ հոն կը բնակին ուրիշ ցեղեր ալ՝ Ֆրիքիացիներ Φρύγες -Phryges, Փէոնես Παίονες-Peoni, Միղտոնես Μύγδονες-Migdons եւայլն․։ Ք․Ա․ Զ․ դարուն, շրջանի յունական ցեղերէն Մակետոնացիները կը փոխադրուին Թերմայիքոս Ծոցին ափերուն։
Քաղաքը պարսիկները կը գրաւեն՝ Ք․Ա․ 510 - Ք․Ա․ 480։ Այս ժամանակին, Թերմին Θέρμη կարեւոր կեդրոններէն է եւ դիրքով՝ ապահով նաւահանգիստ (կը գտնուի Թերմայիքոս Ծոցին հիւսիս արեւելքը, Սելանիկ քաղաքին հարաւ-արեւելքը)։ Պարսիկ արքայ Քսերքսես Ա․ հոն կը հաւաքէ իր նաւատորմիղը։ Տե՛ս Յունաստան#Յունապարսկական պատերազմներ
Մեծն Աղեքսանտրի մահէն ետք, կը յաջորդեն երկարատեւ կռիւները զօրավարներուն միջեւ կայսրութեան տիրութեան համար։ Ի վերջոյ հսկայ կայսրութիւնը իրար միջեւ կը բաժնուին։ Մակետոնիոյ շրջանը, ինչպէս եւ Յունաստանի մնացեալ շրջանները կ՛անցնին Մեծն Աղեքսանտրի զօրավարներէն Անդիղոնոս Ա․ Միակնանիին Ἀντίγονος Μονόφθαλμος -Antígonos Monóphthalmos ու անոր յաջորդներուն իշխանութեան տակ։
Քասանտրօ Մակետոնացին, կը զգայ շրջանին կարեւոր ռազմական դիրքը՝ միջերկրեային կապը ծովուն հետ։ Պայմանները կան ամրացած շրջանին մէջ առեւտուրի ապահով բարգաւաճման համար։ Ան, ունենալով մեկնակետ Թերմի հին քաղաքը, շրջանի ծովեզերիայ եւ արեւմտեան Խալքիտիքիի Χαλκιδική 26 գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու բնակիչները բռնի կը տեղափոխէ եւ կը հիմնէ նոր քաղաք մը որ Թեսաղոնիկէ (Սելանիկ) կ՛անուանէ ի պատիւ իր տիկնոջ՝ Թեսալոնիքիին։
Քաղաքը արագօրէն կը զարգանայ։ Անոր առեւտրական կարեւորութիւնը տարբեր ազգութեան պատկանող գաղթականներ (եգիպտացիներ, ասորիներ, հրիաներ) կը հրապուրէ։ Անմիջական հետեւանքն է՝ բնակչութեան թիւի աճ, տեղագրական տարածում եւ արեւելքի նաւահանգիստներուն հետ կապ։ Պատմական տուիալներու համաձայն, քաղաքը կ՛ունենայ մնայուն պահակագունդ, բաղկացած գաղիացի վարձկաններէ։Ք․Ա 187-ին, Սելանիկը կ՛ ունենայ իր դրամը, ΘΕΣΣΑΛΟΝΙΚΗΣ (ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷ) արձանագրութեամբ։
Նոյն ժամանակաշրջանին, Հռոմէացիները արդէն մտած են Հիւսիսային Յունաստան։ Ք․Ա․ 169-ին, Յունիսին, տեղի կ՛ունենան Մակետոնացիներուն եւ Հռոմէացիներուն միջեւ կռիւները։ Մակետոնացիներուն օգնութեան կը հասնին դրացի յունական իշխանութիւններ, ինչպէս նաեւ Փոքր Ասիոյ յունական թագաւորութիւններէն (Վիթինիա եւ Փերղամօ) բանակներ եւ մարտանաւեր։
Ք․Ա․ 168-ին, Յունիս 24-ին, Սելանիկը վերջնականապէս կ՛իյնայ հռոմէացիներուն իշխանութեան տակ․ Փիտնայի Կռիւ Battle of Pydna։
=== Հռոմէական շրջան ===
Անդիղոնիտես Հարստութեան տապալումէն ետք, Սելանիկը (Ք․Ա․ 148) Հռոմէական Մակետոնիա նահանգին մայրաքաղաքը կը նշանակուի։ Իսկ Ք․Ա․ 41-ին, Մարք Անտոնիի օրով Հռոմէական Հանրապետութեան ազատ քաղաք ελεύθερη πόλη - Civitas Libera կը դառնայ։ Հռոմի Հանրապետականներուն եւ Կայսերականներուն ներքին վէճերուն ընթացքին, Սելանիկը վերջիններուն կողմը կ՛առնէ, ու երբ անոնք յաղթական դուրս կու գան, անոր լայն իրաւասութիւններ կու տան։ Քաղաքը կը շարունակէ աճիլ ու բարգաւաճիլ, շնորհիւ իր դիրքին եւ մանաւանդ Ք․Ա․ 120-ին կառուցուած Էղնանտիա Ճամբուն Εγναντία Οδός -Via Egnatia եւ գլխաւոր խաչմերուկ կը դառնայ։ Էղնանտիա Ճամբան Տիրախիոն (նաւահանգիստ, այժմ՝ արեւմտεան Ալպանիա) Բիւզանդիոնին կը կապէ, կը դիւրացնէ Հռոմի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ առեւտուրը։ Հռոմէական արեւելեան վարչամեքենային գլխաւոր անցքն է եւ Ատրիադիք ծովը Տարտանելին (Էլիսփոնտօ) ու Փոքր Ասիոյ կը կապէ։Մակետոնիոյ շրջանը Հռոմէական Անտոնեան Հարստութեան ընթացքին, խաղաղութեան եւ բարգաւաճութեան շրջան մը կը բոլորէ, շնորհիւ «Հռոմէական Խաղաղութեան» Pax Romana (հռոմէական կայսրութեան մէջ մօտաւորապէս 200 տարուայ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման շրջան)։ Սելանիկին բազմաթիւ քաղաքացիներուն Հռոմի Քաղաքացիի տիտղոսը civitas Romana կը շնորհուի։Այս ժամանակաշրջանին, Սելանիկցիները կը պաշտեն բազմաթիւ չաստուածներ։ Բացի 12 (երկոտասան) աստուածներէն Δωδεκάθεο, կը պաշտեն նաեւ Տիոնիսոսը Διόνυσος -Dionysos, եգիպտական կրօնէն՝ Սերափիս, Իսիտա եւ Արփոքրադի չաստուածները։
Նախաքրիստոնէական վերջին դարուն, Սելանիկի մէջ հրեաները զանգուածային բնակութիւն կը հաստատեն․ կ՛առաջանայ հրէական մեծ համայնք մը նաւահանգիստին մօտ։
Սելանիկի մէջ քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչը Պողօս Առաքեալը կ՛ըլլայ, 50 թուականին։ Արագօրէն Սելանիկի եւ Յունաստանի բնակչութեան մեծ մասը քրիստոնէութեան կը հետեւին։ Քաղաքին քրիստոնէական համայնքը կը զօրանայ եւ օրինակ կը դառնայ Յունաստանի ուրիշ քաղաքներու քրիստոնեաներուն․ Պողօս Առաքեալ կը գովէ Սելանիկի տեղական եկեղեցին իր Ա․ նամակին մէջ։
Հաւատքի ազատութիւնը կամ անաստուածութեան վիճակը կը դադրի, երբ Ղալերիոս Galerius Կասրը Սելանիկ կը հաստատուի։ Քրիստոնեաներուն դէմ բուռն հալածանք մը կը սկսի, Սուրբ Տիմիթրիսը (305-ին) առաջին զոհերէն կ՛ ըլլայ։ Ի պատիւ անոր, Ե․ դարուն Սուրբ (Այ․) Տիմիթրիս եկեղեցին կը կառուցուի․ այժմ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մէջն է։
Սակայն, հալածանքներուն հակապատկերն է Սելանիկի Կայսրութեան Վարչական կեդրոն դառնալը, Ղալերիոս Կայսրին կողմէն։ Քաղաքը կը հարստանայ բազմաթիւ պետական շէնքերով, յուշարձաններով։ Հետագայ տարիներուն անոր զարգացումը կը շարունակուի։ Կոստանտինոս Ա․ Կայսրը քաղաքին պատերուն առջեւ նաւահանգիստ մը կը կառուցէ․ կը գործածուի մինչեւ Բիւզանդական Կայսրութեան անկումը։
=== Բիւզանդական Կայսրութեան շրջան / Արքայական երկրորդ մայրաքաղաք ===
Բիւզանդական կայսրութեան առաջին օրերէն իսկ, Սելանիկ գլխաւոր դեր կը խաղայ կայսրութեան մէջ։
Մեծն Թէոտոսիոս կայսրը, Սելանիկ կը հաստատուի եւ կը դիմադրէ Գոթերու (Ղոթ) յարձակումներուն։ Ան, 378-ին քրիստոնեայ կը դառնայ եւ Սելանիկէն կայսերական հրովարտակով Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք կը հռչակէ։ Այս բոլորին հանդերձ, Սելանիկի բնակիչները իրմէ դժգոհ են, որովհետեւ բիւզանդական բանակին եւ կայսերական պահակագունդին մէջ վարձկան Գոթեր կը թափանցեն։ Ու երբ գոթերու պահակագունդին հրամանատարը ժողովուրդին համբաւ վայելող սայլարշաւի մարզիկ մը կը ձեռբակալէ, խռովութիւններ կ՛առաջանան եւ Թէոտոսիոն 7․000 Սելանիկցիներու սպանդը կը հրամայէ Ձիարձակարանին մէջ։ Այդ օրէն ասդին սոյն վայրը այլեւս չ՛օգտագործուիր։
Բիւզանդական կայսրութեան ուրիշ կայսրեր ալ Սելանիկը իբրեւ վարչական կեդրոն կը գործածեն, որպէսզի ետ քշեն պետութեան սահմանները ներխուժողներուն եւ կամ բարբարոս ցեղերու արշաւները։ Գոթերու յարձակումները կը շարունակուին մինչեւ Ե․ դարու վերջաւորութեան, սակայն քաղաքը կը կարողանայ շարունակել իր բնականոն կեանքը։ Այս կանոնաւորութեան մասնաւոր դեր կը խաղայ Յուստինեանոս Ա․ (Իուստինիանոս) կայսրը Ιουστινιανός Α´-Justinien․ ան ծագումով Մակետոնացի ըլլալով, յատուկ ուշադրութիւն կու տայ Սելանիկի հարցերուն վրայ եւ քաղաքը Իլիրիքի կուսակալութեան (Պալքանեան թերակղզիին) մայրաքաղաքը կը յայտարարէ։ 527-688 երկարող ժամանակաշրջանին, Սելանիկ կը դիմագրաւէ հիւսիսէն արշաւող ցեղերուն յարձակումները․ Սլաւներ եւ անոնց ազգակից այլ սլաւ ցեղեր Σλάβοι-Slavs, Ավարներ Άβαροι-Pannonian Avars, Պարսիկներ եւայլն։ Սլավները քանիցս կ՛արշաւեն, սակայն միշտ ետ կը քշուին եւ 688-ին Յուստինեանոս Բ․ կայսրը անոնց արշաւանքներուն վերջ կը դնէ ու մեծ շուքով Սելանիկ կը մտնէ։
904-ին, Սելանիկին վրայ Սարաքիները (արեւմուտքի արաբները) Σαρακηνοί Saracen կ՛արշաւեն․ անոնց առաջնորդն է իսլամացած Լէոն Թրիփոլիդին Λέοντα τον Τριπολίτη - արաբերէն՝ Rashīq al-Wardāmī (رشيق الوردامي),ժ եւ Ghulām Zurāfa (غلام زرافة) ։ Յարձակումի սաստկութիւնը եւ Սելանիկի անպատրաստութիւնը դիմագրաւելու նման պաշարում, պատճառ կ՛ըլլան քաղաքի գրաւման եւ կողոպուտին։ Բնակչութենէն հազարներով կը ջարդուին, գերի կը տարուին ու իբրեւ ստրուկ կը ծախուին։ Յաջորդող դարերը կը յատկանշուին շարունակի յարձակումներով եւ Բիւզանդական կայսրութեան տարած պատերազմներով, որոնք տեղի կ՛ունենան Պալքանեան թերակղզիին հողերուն վրայ։ Սակայն Ժ․ դարուն եւ ԺԱ․ դարսկիզբին, Սելանիկը վերանորոգման շրջան մը կը բոլորէ։ Կայսրութիւնը Թեմերու (թեմ՝ զինուորական/վարչական բաժանում) կը բաժնուի։ Սելանիկը այս Թեմերէն մէկուն մայրաքաղաքը կը դառնայ։
=== Նորմանտիներու եւ Խաչակիրներուն կարճատեւ գերիշխանութեան շրջան ===
1185 թուականին, Նորմանտիները Տիրախիոն կը գրաւեն ու յաջորդաբար Սելանիկը։ 1185, 15 Օգոստոսին ցամաքէն եւ ծովէն քաղաքին պաշարումը կը սկսի․ պաշարողները կ՛ունենան 200 նաւ եւ 80․000 զինուոր։ Սելանիկին բնակիչներուն սնունդի հայթայթումը անբաւարար ըլլալով եւ կառավարիչի Դաւիթ Կոմնինոս չկարողանալով պատրաստել պէտք եղած ձեւով քաղաքին պաշտպանումը (Կոստանտնուպոլիսէն օգնական ուժերը շատ ուշ կը հասնին), պատճառ կ՛ըլլան քանի մը օրուան ընթացքին, 24 Օգոստոսին, Նորմանտիները քաղաք ներխուժեն ու սպանդի տալ 7․000 անզէն բնակիչներ։
1204 թուականին, Խաչակիրներուն Դ․ արշաւանքին ընթացքին, Սելանիկը եւ այլ հիւսիսային շրջաններ կ՛իյնան անոնց գերիշխանութեան տակ։ Խաչակիրները հիւսիսային շրջանները միացնելով կը հիմնեն Սելանիկի Թագաւորութիւնը (1204-1224)։ 1230 թուականին Սելանիկի Թագաւորութիւնը կը հպատակի Պուլկարիոյ Երկրորդ Կայսրութեան եւ կ՛ազատագրուի Նիքէայի* Կայսրութենէն։
Նիքէայի Կայսրութիւն․ Երբ Խաչակիրները 4րդ արշաւանքին ընթացքին Բիւզանդական կայսրութեան մայրաքաղաք Կոստանտնուպոլիսը կը գրաւեն (13/04/1204), վերջինին կողմէն կը ստեղծուին ժառանգական պետութիւններ։ Նիքէայի Կայսրութիւնը անոնցմէ մէկն է։1261 թուականին, Նիքէայի կայսրերը կը կարողանան Կոստանտնուպոլսոյ վերատիրանալ, լուծել Լատինական Կայսրութիւնը եւ վերակազմել Բիւզանդական Կայսրութիւնը։
ԺԴ․ դարուն Սելանիկը կը վերագտնէ իր հմայքը․ նկատելով թէ Բիւզանդական կայսրութիւնը այլեւս կը կեդրոնանայ Պալքանեան թերակղզիին մէջ, Սելանիկը ընդհանրապէս կը կառավարուի կայսրին զաւակ/ներէն (բիւզանդական կայսրութեան գահաժառանգներէն)։
1354 թուականին, Կէլլիպոլի գրաւումը օսմանցիներէն, կ՛արագացնէ անոնց տարածումը Պալքանեան թերակղզիին հարաւային շրջանները։ 1369 թուականին, անոնք Ատրիանուպոլիսը (Ատրիանուփոլի, ներկայ անունով՝ Էտիրնէ) կը գրաւեն եւ զայն իրենց կայսրութեան մայրաքաղաքը կը դարձնեն մինչեւ Կոստանտնուպոլսոյ գրաւումը՝ 1453։1383 -1387 թուականներուն Սելանիկը երկար պաշարումէ ետք, կառավարիչ Մանուէլ Փալէոլողոս քաղաքը օսմանցիներուն հսկողութեան կը յանձնէ, յանձն առնելով վճարել տարեկան տուրքը χαράτσι kharaj։
1403-էն մինչեւ 1423, օգտուելով օսմանցիներու ներքին կռիւներէն, Սելանիկը խաղաղ շրջան մը կը բոլորէ։ 1423-ին, օսմանցիները քաղաքը կը պաշարեն։ Կառավարիչ Անտրոնիքոս Փալէոլողոս կը նախընտրէ քաղաքը դնել Վենետիկի Հանրապետութեան իշխանութեան հսկողութեան տակ․ այդպէս ալ կը մնայ մինչեւ 1430 թուականին, երբ վերջնականապէս Սելանիկը կը գրաւէ Սուլթան Մուրատ Բ․ Մարտ 29-ին։
=== Զիլոթիներուն շարժումը եւ Բիւզանդական արուեստը (Փալէոլողոսեան Վերածնունդ) ===
Սելանիկը իբրեւ Կայսրութեան երկրորդ մայրաքաղաք, երկու ներքին քաղաքացիական կռիւներուն մէջ կը մխրճուի․ 1320-1328, Անտրոնիքոս Բ․ եւ Անտրոնիքոս Գ․ միջեւ եւ 1341-1354, Յովհաննէս Ե․ եւ Յովհաննէս Զ․ Քադաքուզինոներուն միջեւ։ 1342 թուականին կը պայթի Զիլոթիներուն շարժումը․ հակա-ազնուական շարժում, առաջացած քաղաքին միջին եւ աղքատ դասակարգերէն։ Անոնք կը յաջողին եւ կարճ ժամանակի համար քաղաքին ղեկը կը ստանձնեն։ 1349 թուականին, երբ Սելանիկին կը շնորհուի ինքնակառավարում, Զիլոթիները կը փորձեն կապի մէջ մտնել Սերպ կառավարիչին հետ, որպէսզի զօրացնեն իրենց դիրքը։ Սակայն բնակիչները, ազնուականներուն ղեկավարութեամբ կը հակազդեն եւ Զիլոթիներուն կը տապալեն։
1350 թուականին, Սելանիկ կը հաստատուի Սավուայի Աննա-ն Anna of Savoy (1327-1341 Բիւզանդիոնի կայսրուհի)․ ան կը կառավարէ իր տղուն հաշւոյն, Յովհաննէս Ե․ Բիւզանդիոնի կայսր։ Այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական խռովութիւնները, արգելք չեն ըլլար քաղաքին հոգեմտաւոր զարգացման։ ԺԴ․ դարուն, Սելանիկ կ՛ապրին բազմաթիւ մտաւորականներ, կը կառուցուին եկեղեցիներ, վանքեր եւ պետական շէնքեր։ Սելանիկի արուեստի դպրոցները կ՛ազդեն պալքանեան քրիստոնիայ աշխարհը եւ Ռուսիան։
Այս ամբողջ շարժումը «Փալէոլողոսեան Վերածնունդ» կը կոչուի․ Սելանիկը կայսրութեան հոգեմտաւոր կեդրոնն է։
=== Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջան ===
1354 թուականին, Օսմանցիները Արեւելեան Թրակիոյ սահմանները կը հասնին, գրաւելով Կէլլիպոլը Καλλίπολη, Gallipoli: Այս գրաւումով, անոնք արագօրէն Պալքանեան թերակղզին կը ներխուժեն ու յաջորդող քանի մը տարիներուն ընթացքին կը գրաւեն զայն։ 1369 թուականին, օսմանցիները Ատրիանուպոլիսը Ανδιανούπολη, Edirne իրենց կայսրութեան մայրաքաղաքը կը հռչակեն մինչեւ 1453 թուականին, երբ վերջնականապէս Կոստանտինուպոլիսը կը գրաւեն։
1383 - 1387 թուականներուն, չորս տարուան պաշարումէ ետք, Սելանիկի իշխան Մանուէլ Բ․ Փալէոլողոս կը ստիպուի քաղաքը օսմանցիներուն յանձնել, իսկ ինքը Կոստանտնուպոլիս կը փախչի եւ հոն կայսր կը հռչակուի, յաջորդելով իր հօրը։
Այս ժամանակաշրջանին, օսմանցիներուն կողմէ գրաուած քաղաքները ինքնիշխան են։ Սակայն ծանր տուրք կը վճարեն, խարաճը*։ Նաեւ, օսմանեան տարածքին քրիստոնիայ բնակչութիւնը մանկահաւաքի* Devshirme կ՛ենթարկուի։
խարաճ Kharaj ՝ հողատարածքի եւ անշարժ գոյքի տուրք։
մանկահաւաք Devshirme՝ մօրը գիրկէն մանուկները բռնի կ՛առնեն եւ անոնց մոլի օսմանցի զինուորի՝ Ենիչարի Janissaries կը վերածեն։1403 թուականին, Մանուէլ կայսր, օսմանցիներուն ներքին ժառանգական փախումներուն ընթացքին, Պայազիտ սուլթանին մեծ տղուն՝ Սուլէյմանին կողմը կ՛առնէ։ Սուլէյման, երբ գահ կը բարձրանայ, իբրեւ գնահատանք, Սելանիկը եւ քանի մը շրջաններ իբրեւ Սեփականութիւն Appanage Բիւզանդական կայսրութեան կը շնորհէ։
1423 թուականին, օսմանցիները կրկին քաղաքը կը պաշարեն։ Անոր մենատէր կառավարիչը՝ Անտրոնիքոս Փալէոլողոս, քաղաքը Վենետիկի Հանրապետութեան կը յանձնէ եւ այսպէս Սելանիկը Օսմանցիներուն ձեռքը չ՛իյնար։
1430 թուականին Սուլթան Մուրատ Բ․ ի օրով, Սելանիկը վերջնականապէս կ՛իյնայ Օսմանցիներուն ձեռքը։
Օսմանցիները քաղաքին պարիսպը կ՛ամրացնեն։ Քաղաքը հսկելու եւ իշխելու համար բերդեր կը կառուցեն եւ կամ կը վերանորոգեն․ օրինակ՝ բիւզանդական շրջանին կառուցուած Սպիտակ Բերդը՝ այսօր քաղաքը յատկանշող յուշարձան-թանգարան։ Սպիտակ Բերդը կը հիմնուի 12-րդ դարուն Բիւզանդական Կայսրութեան ատեն․ հետագային Օսմանցիները Ենիչարիներու բնակատեղի կը վերածեն, ապա՝ մահուան դատապարտեալներու բանտ։
Գրաւումէն անմիջապէս ետք, քաղաքին բնակչութեան 1/5ը գերի կը բռնուի․ ասոնցմէ մեծամասնութիւնը կ՛ազատուի ազգականներէն, որոնք կը վճարեն փրկագինը, իսկ մնացեալները կը հեռացուին քաղաքէն։ Քաղաքին գրաւումէն ետք, բնակչութեան թիւը զգալիօրէն կը նուազի․ 2․000 բնակիչ միայն։ Բնակչութենէն լուրջ թիւ մը քաղաքէն անդարձ կը մեկնի․ անոնց կալուածները Սուլթանը կ՛իւրացնէ եւ կը բաժնէ թուրք եւ այլ իսլամ բնակիչներուն (իսլամացած յոյներ, պուլկարներ եւ ալպանացիներ) որոնց Սելանիկ կը բերէ ու կը տեղաւորէ լքուած բնակարաններուն մէջ։ Քաղաքին մտաւորականներէն շատեր կը յաջողին փախչիլ։ Կը բռնագրաւին եկեղեցիներ եւ վանքեր ու անոնց հարստութիւնը․ ասոնցմէ շատեր մզկիթի եւ իսլամ կրօնի դպրոցի կը վերածուին։
Քաղաքին բնակչութեան դիմագիծը բոլորովին կը փոխուի երբ Սելանիկ կը հաստատուին (Սուլթանին հրաւէրով) կեդրոնական եւրոպայէն Ասքենազի հրիաներ Ashkenazi Jews եւ 1492 թուականէն Սպանիայէն Սեֆարտի հրէական ցեղախումը Sephardi Jews։ Մինչեւ ԺԵ․ դարավերջը, Սելանիկ կը հաստատուին մօտաւորապէս 20․000 հրիաներ։ Ըստ 1519 թուականի մարդահամարին, Սելանիկին բնակչութեան թիւը 29․220 հոգի կը հաշուէ․ 53,8% հրիայ, 23,5% իսլամ եւ 22,7% քրիստոնիայ։ Քաղաքը, դանդաղ քայլերով ինքզինքը կը գտնէ եւ կը շարունակէ պահել առեւտուրի կարեւոր կեդրոնի իր համբաւն ու գործունէութիւնը։ Կարգ մը պատմաբաններ կ՛ենթադրեն թէ հրիաներուն ուղղուած հրաւէրը՝ գալ ու հաստատուիլ Սելանիկ, Օսմանցիներուն ռազմաքաղաքականութիւնն է․ արգիլել յոյն բնակչութեան քաղաքին ղեկը առնել։
Այս համայնքները կ՛ունենան մարն մունր ներքին խնդիրներ։ Սակայն շատ աւելի լուրջ են իսլամներուն միջեւ ծագած հարցերը, որոնք հետեւանքն են ընկերային անարդարութեան եւ օսմանեան վարչակարգին դէմ Ենիչարիներուն ապստամբութիւններուն։1520-էն, քաղաքին տնտեսութիւնը կը սկսի բարգաւաճիլ։ Ձերարհեստը (հիւսք, ոսկերչութիւն, գորգաշինութիւն, կաշեգործութիւն) եւ միջազգային առեւտուրը կը զարգանան։ Տնտեսական այս աճը կը շարունակուի մինչեւ ԺԷ․ դարուն կէսերը, երբ համաշխարհային վաճարականութիւնը կը տեղափոխուի Ադլանտեան Ովկիանոսին կողմը եւ Օսմանեան Կայսրութիւնը կը նուաղի։ Այս վիճակը կը դադրի ԺԸ․ դարուն երրորդ տասնամեակին, որովհետեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, մանաւանդ եւրոպական մասին, առեւտուրը կրկին թափ կ՛առնէ դէպի Աւստրիա եւ Ռուսիա (գլխաւորաբար ծխախոտի, բուրդի եւ փամպակի վաճառք)։
ԺԹ․ դարուն սկիզբներէն իսկ, յունական համայնքը կը սկսի իր բնակչութեան թիւով ե՛ւ տնտեսական վիճակով մրցակցիլ հրէական համայնքին։ Սակայն համաշխարհային գետնի վրայ, Սելանիկը միակ քաղաքն է որ ունի հսկայ հրէական համայնք մը, որ հրիաները կ՛անուանեն «Պալքաններուն Երուսաղեմը» եւ «Մայր Իսրայէլի»։
Նաեւ, մինչեւ ԺԸ․ դար, բնակչութեան թիւը ելեւէջներ կ՛ունենայ․ հետեւանք՝ քաղաքին մէջ ծագած հրդեհներուն եւ համատարած հիւանդութիւններուն։
Սելանիկը, Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին, վարչական, տնտեսական եւ կրօնական կարեւոր կեդրոն կը հանդիսանայ, նման Բիւզանդական Կայսրութեան ընթացքին։ Կը կառուցուին բաղնիքներ, իսլամ կրօնի վանքեր, իսկ բազմաթիւ եկեղեցիներ մզկիթի կը վերածուին։ Ե․ դարուն կառուցուած Սուրբ (Այ․) Տիմիթրիս եկեղեցին 1491 թուականէն մինչեւ 1912 (քաղաքին ազատագրութեան թուական) մզկիթի կը վերածուի։ Մինչեւ 1856 թուականը, ուր որ եկեղեցին չկայ, նոր եկեղեցիի կառուցումը կ՛արգիլուի։ 1669 թուականին ֆրանսացի կրօնաւոր Ռոպեր Տը Տռօ իր արձանագրութիւններուն մէջ կը նշէ թէ Սելանիկը Յունաստանի ամենագեղեցիկ եւ համբաւաւոր քաղաքներէն է։ 1737 թուականին, նոյնպէս Ֆրանսացի կրօնաւոր Ժօզէֆ Տը լա Փորդ կը նշէ որ Սելանկը ունի 48 մզկիթ, 30 եկեղեցի եւ 36 հրէական ժողովատուն։
Մինչեւ 1826 թուականին Թեսաղոնիկէն մայրաքաղաքն է Սելանիկի Սանճակին Sanjak of Selanik եւ մինչեւ 1867 թուական՝ Սելանիկի Վիլայէթին։
==== Յունաստանի 1821-ի ապստամբութեան տարիներ ====
Յունաստանի ապստամբութեան ծագումին առաջին իսկ օրէն, Սելանիկի կառավարիչ Եուսուֆ Պէյ Yusuf Bey քաղաքին երեւելիներէն 400 հոգի կը բանտարկէ իբրեւ պատանդ։ Ան, երբ կ՛իմանայ թէ Խալքիտիքիի գիւղերը ապստամբութեան դրօշ պարզած են, սպանդի կ՛ենթարկէ պատանդներուն կէսը, կը զինէ քաղաքին թուրք բնակչութեան 16-60 տարեկան տղամարդիկը եւ քաղաքին մէջ սարսափ կը տարածէ։ Երկու տարուան ընթացքին, մինչեւ 1823՝ երբ օսմանցիները վերջնականապէս կը սանձեն Մակետոնիոյ տարածքին ծագած ապստամբութիւնները, կը սպանուին 25․000 յոյն բնակիչներ, նաեւ յոյն բարձրաստիճան կրօնաւորներ եւ մտաւորականներ, հրոյ ճրագ կը դառնան վանքերն ու վանականները։ Մնացեալ յոյն բնակչութիւնը, որպէսզի կարողանայ վճառել իրեն պարտադրուած ծանր տուրքերը եւ կեանքը ազատէ, կը պարտաւորուի ծանր փրկագին տալ․ ծախել անշարժ եւ շարժական գոյքը չնչին գինով եւ կամ փրկագինին վճարման համար բարձր՝ 30-50%, տոկոսով դրամ փոխ առնել։ Սակայն հազարներով չեն կարողանար դիմագրաւել այս կացութիւնը․ հետեւանքն է՝ տղամարդիկ բանտարկուին կամ սպաննուին, կիներ եւ երեխաներ ծախուին իբրեւ ստրուկ։ Արեւելեան Սելանիկի եւ Խալքիտիքիի շրջանները կ՛ամայանան, յոյն բնակչութիւնը գրեթէ կ՛ոչնչանցուի։ Սելանիկը 60 տարի ետք միայն, պիտի կարողանայ բուժել իր վէրքերը։ 1826 թուականին, Սուլթան Մահմուտ Բ․ օսմանեան բանակին վերակազմութիւնը կ՛որոշէ։ Սելանիկի 10․000է աւելի Ենիչարիները Janissaries վախնալով թէ պիտի կորսնցեն իրենց լայն իրաւասութիւնները եւ ինչքը կ՛ապստամբին։ Սուլթանի հրամանով Յունիս ամսուն օսմանեան բանակի զինուորներ կը յարձակին անոնց կեդրոնը եւ բոլորը կը սպաննեն։ Այս դէպքը կը կոչուի Ուրախ Պատահար, Vaka-i Hayriye Auspicious Incident։
=== Բարգաւաճման ընթացք ===
Ռուս-թրքական պատերազմին (1828–1829) աւարտով եւ Թանզիմադի՝ (Սուլթանի «դիւանագիտական» մուրհակ - Կայսրութեան Վերանորոգումի Հրովարտակ - «պահանջուած» Եւրոպայի Մեծ Ուժերէն) 1839 թուականէն ետք Օսմանեան տարածքին եւրոպական հողերուն վրայ խաղաղութիւնը կը վերատիրէ եւ կը սկսի տնտեսական աճը։ Սելանիկը Օսմանեան կայսրութեան հայելին է եւրոպային համար․ առեւտրական գլխաւոր կեդրոն կը դառնայ, միաժամանակ վարչական, կրթական եւ անձնական շէնքերու վերակառուցումը կը սկսի։ ԺԹ․ դարավերջին բնակչութեան թիւը շարունակ կ՛աճի, յոյն բնակչութիւնն ալ։ Ռուսական կայսրութենէն վտարուած հազարներով հրիաներ Սելանիկ կը հաստատուին։ Քաղաքին բնակչութեան թիւը 1865-ին 50․000 է, 1880-ին 90․000, 1895-ին 120․000, հասնելով 1917-ին 135․000։
1869-1889 թուականներուն քաղաքին պարիսպները մաս առ մաս կը փլուին, որպէսզի Սելանիկը կարողանայ ընդարձակուիլ։
1888 թուականին Սելանիկ կ՛ունենայ իր տրամուղին tramway, իսկ 1908-ին՝ ելեկտրականութիւն։ 1888-ին «Արեւելեան Երկաթուղին» Սելանիկը Կեդրոնական Եւրոպային կը կապէ Պելկրատի (Սերպիոյ մայրաքաղաք) միջոցաւ։ Իսկ անոր կցուղին՝ Կոստանտնուպոլսոյ հետ 1986-ին։
ԺԹ․ դարուն, Սելանիկը Օսմանեան Կայսրութեան չորրորդ գլխաւոր քաղաքն է (վարչականօրէն եւ քաղաքականօրէն)․ հոն է ուր պիտի ծնի Երիտասարդ թուրքերու շարժումը՝ Young Turks -İttihat ve Terakki Cemiyeti։
=== Երիտասարդ Թուրքերու շարժումը եւ Ազգային շարժումներ ===
1871-1872 թուականներուն, Սելանիկին յունական համայնքը եւ փոքրաթիւ պուլկարական համայնքը իրարու կ՛ընդհարին երբ Սուլթանի հրովարտակով, քաղաքին մէջ կը հիմնուի անջատ պուլկարական ուղղափառ եկեղեցիի կեդրոն․ յոյները այս քայլը բնակչութեան պուլկարացման միջոց կը համարեն (տե՛ս Աղբիւրներ թիւ՝ 16)։ Այս ընդհարումները ալ աւելի կը զարգանան 1903-իԱպրիլի դէպքերով Boatmen of Thessaloniki - յուն․՝ Απριλιανά του 1903- ու կը տարածուին 1904-1908 թուականներուն, Մակետոնական Պայքարի Macedonian Struggle Μακεδονικός Αγώνας ընթացքին։Այս ազգային շարժումներուն զուգահեռ, 1896-էն սկսեալ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, Պոլսոյ եւ Սելանիկի մտաւորական (անձնաւորութիւններ գլխաւորաբար թուրք ազգութեամբ եւ մասամբ մակետոնիոյ մէջ ապրող ազգերէն եւ նաեւ հայեր) եւ զինուորական խաւին մէջ արագ զարգացումով հանդէս կու գայ այլ շարժում մը որ կուսակցութեան կը վերածուի․ Երիտասարդ Թուրքեր (Իթթիհատ Վէ Թէրաքքի) İttihad ve Terakki Cemiyeti ։ Անոր գաղափարախօսութիւնը սկզբնական քայլերուն հակակայսերապաշտութիւնն ու ժողովուրդի քաղաքականացումն է եւ նպատակը՝ տկարացած ու խաբեպատիր օսմանեան կայսրութեան արդիականացումը եւ անոր վարչակարգի վերածումը՝ ժողովրդավարական եւ եւրոպական տիպի սահմանադրական մենատիրութեան։
Երիտ-Թուրքերուն Յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք, Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ․ (ծանօթ նաեւ իբրեւ Կարմիր, Ջարդարար կամ Արիւնարբու սուլթան - հայ ժողովուրդին զանգուածային ջարդերուն համար-) 1908-ին Յուլիս 24-ին Սահմանադրութիւն կը շնորհէ, սակայն 1909-ին ետ կ՛առնէ զայն պահպանողական դասակարգին օգնութեամբ։ Շուտով երկրին ղեկը վերստին Երիտ-թուրքերուն ձեռքը կ՛անցնի. անոնք 26 Ապրիլին սուլթանը կը տապալեն ու գահ կը բարձրացնեն անոր եղբայրը՝ Մեհմետ Ե․ Mehmed V։
Ապտուլ Համիտը Սելանիկ կը բերեն, Երիտ-թուրքերուն կեդրոնը եւ զայն «կը բանտարկեն» Ալլադինի ընտանիքին առանձնատան մէջ․ հոն կը մնայ մինչեւ 1912 թուականին։
1911, 31 Մայիսին, Սուլթան Մեհմետ Ե․ կայսրութեան եւրոպական տարածքներուն իր շրջապտոյտին առթիւ Սելանիկ կ՛այցելէ ։
=== Օսմանեան Տիրապետութենէն Ազատագրում ===
Շատ ժամանակ չանցած, յայտնի կ՛ըլլայ Երիտ-թուրքեր կուսակցութեան բուն նպատակը․ Օսմանեան կայսրութեան բնակչութեան թրքացումը՝ փոքրամասնութիւններու հանդէպ պետական քաղաքականութեան կարծրացումով։
Այս քաղաքականութիւնը կ՛առաջացնէ Պալքանեան Ա․ Պատերազմը (Հոկտ․ 1912 - Մայիս 1913)։ Պալքանեան 4 երկիրներ՝ Յունաստան, Սերպիա, Պուլկարիա եւ Մոնթէնեկրօ, Օսմանեան Կայսրութեան դէմ պատերազմ կը յայտարարեն նպատակ ունենալով տիրանալ վերջինին եւրոպական հողերուն՝ ուր կը բնակին իրենց ազգակիցները։
Սելանիկին օսմանեան բանակի պետը՝ Հասան Թահսին Փաշա, տեսնելով թէ անիմաստ է դիմադրել յունական բանակին, բանակցութիւններէ ետք քաղաքը յոյներուն կը յանձնէ․ համաձայնութեան դաշինքը կը ստորագրուի 26 Հոկտեմբերի իրիկուան դէմ մինչեւ 27 Հոկտեմբերի արեւածագին (քաղաքին բարեխօս Ս․ Տիմիթրի տօնին օրը)*։
1912 Հոկտեմբեր 29-ին (հին օրացոյցով), յունական բանակին մաս մը, գլխաւորութեամբ Յունաստանի թագաւոր Ղիորղոս Ա․ին, Սելանիկ կը մտնէ։
Պատերազմը կը վերջանայ Լոնտոնի Դաշինքի (30 Մայիս, 1913) ստորագրութեամբ․ Օսմանեան կայսրութիւնը վերջնականապէս կը քաշուի եւրոպական հողերէն եւ դաշնակցած երկիրները կը տիրանան եւ իրար մէջ կը բաժնուին Քոսովօն, Մակետոնեան եւ Թրակիոյ մեծ մասը։ Նաեւ, այս պատերազմին ընթացքին Ալպանացիները կ՛ապրին իրենց զարթօնքը․ ինչ որ պիտի առաջացնէ Ալպանիոյ պետութեան հիմնումին։
Պուլկարներն ալ աչք ունէին Սելանիկին վրայ, սակայն յունական բանակը աւելի արագ կը հասնի շնորհիւ վարչապետ Էլէֆթերիոս Վենիզելոսի դրդումներուն․ երբ Վենիզելոս կը հարցուի թէ յունական բանակը դէպի ո՞ւր շարժի, Սելանիկ կամ Մոնասդիրի (այժմ Վիդոլա, Հիւսիսային Մակետոնիա), ան կը պատասխանէ․- «Սելանիկ ամէն գնով!»։
=== Նորագոյն պատմութիւն ===
==== Մինչեւ Բ․ Համաշխարհային Պատերազմ ====
===== Պալքանեան Բ․ եւ Ա․ Համաշխարհային պատերազմներ =====
Սելանիկը իր ազատագրումէն ետք կը պահէ օսմանեան կառավարական վարչաձեւը, որպէսզի քաղաքին ընկերային եւ տնտեսական վիճակը չլուծուի։ Իսկ քաղաքապետը՝ Օսման Սայիդ պաշտօնը կը պահէ մինչեւ 1922, փոքր դադարներով։Պուլկարիան դժգոհ Պալքանեան Ա․ պատերազմի արդիւնքներէն, պատերազմ կը յայտարարէ Յունաստանի եւ Սերպիոյ դէմ։ Վերջիններուն կը միանան Ռումանիան եւ Օսմանեան Կայսրութիւնը։ Այս Պալքանեան Բ․ Պատերազմը (21 Յունիս - 31 Յուլիս 1913) կ՛աւարտի Պուքրէշի Դաշինքի Treaty of Bucharest ստորագրութեամբ, 10 Օգոստոս, 1913-ին․ ի միջի այլոց, յունական Մակետոնիոյ շրջանը Յունաստանին կը կցուի, իսկ Կոստանտնուպոլսոյ դաշինքի Treaty of Constantinople ստորագրութեամբ, 29 Սեպտ․ 1913, Էտիրնէն (Անտրիանուպոլիսը) վերստին Օսմանեան Կայսրութեան կը կցուի։
1913-ին, Մարտ ամսուն, թագաւոր Ղիորղոս Ա․ Սելանիկ այցելութեան ընթացքին կը սպաննուի։
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի պայթումի ժամանակ Յունաստան կարճ տեւողութեամբ կ՛ունենայ երկու կառավարութիւն՝ գերմանամէտ թագաւորականը, որուն նստատեղին Աթէնքն է եւ բրիտանամէտը (կամ ԱՆՏԱՆՏնանամետը) նստատեղին՝ Սելանիկը (վարչապետ Էլեֆթերիոս Վենիզելոս)։ Տես Յունաստան, Պատմութիւն - Նորագոյն շրջան - Ա․ Համաշխարհային Պատերազմ
Պալքանեան Ճակատը (կամ՝ Մակետոնական Ճակատը Macedonian Front) կը կազմուի․ տասնեակ հազարներով մարդուժ կ՛ունենայ եւ նպատակն է Սերպիոյ եւ Ռուսիոյ դիկունք կանգնիլ։
1915, 30 Դեկտեմբերին, Սելանիկի վրայ Աւստրիոյ օդային յարձակումին իբրեւ հետեւանք, Դաշնակցած (ԱՆՏԱՆՏ) ուժերը կը ձեռբակալեն Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ փոխ-հիւպատոսները եւ իրենց ընտանիքներն ու հարազատները։ Անոնց կը դնեն ռազմանաւի մը մէջ, իսկ դատարկ հիւպատոսարաններուն մէջ կ՛օթեւանեն իրենց ուժերը։
1917-ին, վերոնշեալ երկու կառավարութիւնները կը միանան։ Յունաստան կը կռուի ԱՆՏԱՆՏ-ի կողքին եւ Պատերազմի աւարտին կը գտնուի յաղթականներուն հետ։
Այս ժամանակաշրջաններուն, Սելանիկ կ՛ապաստանին մեծ թիւով գաղթականներ, գլխաւորաբար արեւմտեան Թրակիոյ շրջանէն, որոնք փախուստ կու տան պատերազմի գօտիէն։
===== Սելանիկի Մեծ Հրդեհը =====
Սելանիկի Մեծ Հրդեհը Μεγάλη πυρκαγιά της Θεσσαλονίκης - 1917 Incendie de Thessalonique, Սելանիկի պատմութեան կարեւոր դէպքերէն մէկն է։
1917, 5 Օգոստոսին (հին օրացոյցով`18 Օգոստոս), Շաբաթ օր, կ․ե․ ժամը 5։00ին, Սելանիկի աղքատ գաղթական ընտանիքի մը բնակարանին մէջ ծագած հրդեհը (հետագային պիտի կոչուի Սելանիկի Մեծ Հրդեհը) արագօրէն կը տարածուի եւ 32 ժամուան մէջ, 1.000.000ք․մ․ տարածքաշրջան մը կ՛այրէ ( 9.500 տուն եւ բազմաթիւ շէմքեր) եւ անտուն կը ձգէ 70․000 հոգի։ Քաղաքին տնտեսական, վարչական, առեւտրական սպասարկութիւնները, զբօսավայրերը եւ համայնքներու գլխաւոր հոգեւոր, կրօնական կառոյցները իրենց արխիւներով հրոյ ճրագ կը դառնան։ Մարդկային զոհերը քիչ են՝ քանի մը ֆրանսացի զինուորներ։
Պետական սպասարկութիւնները արագօրէն կը հակազդեն, ու շաբաթ մը ետք 11 Օգոստոսին, կ՛որոշուի քաղաքին այրած մասին վերակառուցումը կազմակերպուած քաղաքային նոր ըմբռնումով եւ կը ստեղծուի արդի քաղաք մը։
===== Միջպատերազմեան շրջան =====
1922-ին Փոքր Ասիոյ աղէտէն եւ 1923-1924 տարիներուն ընթացքին յոյն եւ թուրք բնակչութեանց փոխանակումէն ետք (Լոզանի Դաշնագիր Treaty of Lausanne) Սելանիկ կը տեղաւորուին գաղթականներ Փոքր Ասիայէն, արեւելեան Թրակիակէն եւ Պոնտոսէն, իսկ իսլամ բնակչութիւնը (թուրք եւ իսլամացած յոյներ) կը փոխադրուի Թուրքիա։ Քաղաքին կառոյցները բաւարար չեն եւ գաղթականներուն զանգուածային հոսանքը կը պարտաւորէ կառուցումը զուտ գաղթականական թաղամասերու, շէնքերու, ինչպէս օրինակ՝ Նէափոլի, Քալամարիա։1925-ին Սելանիկի Համալսարանը կը հիմնուի եւ 1954-ին կ՛անուանուի Արիստոթելեան Համալսարան, ի պատիւ Արիստոթելի յոյն պատմաբան, գիտնական եւ փիլիսոփային, որ Մեծն Աղեքսանտրի ուսուցիչն ալ եղած էր։
1926, 3 Հոկտեմբերին Սելանիկի Ա․ Միջազգային Ցուցահանդէսին Thessaloniki International Fair բացումը կը կատարուի։
Միջպատերազմեան շրջանը կը յատկանշուի բանուորական շարժման աշխուժութեամբ։ Գաղթական բանուորները մեծ մղում կու տան այս շարժումներուն։ 1930-ական թուականներու սկիզբէն եւ մինչեւ Իոաննիս Մեթաքսասի ազգայնամոլ վարչակառքին կերտումին (1936), Սելանիկի մէջ ամենօրեայ երեւոյթ են բանուորական բողոքի ցոյցերը եւ գործադուլները։ Բանուորական զօրաշարժը իր գագաթնակետին կը հասնի Մայիս 1936-ին ծխախոտի գործարաններու բանուորներուն մեծ գործադուլով եւ 9 Մայիսի արիւնահեղ բողոքի ցոյցով․ բռնատիրական վարչակառքի բիրտ դիմադրումը պատճառ կ՛ըլլայ 12 զոհերու․ առաջին զոհը՝ 25 տարեկան շարժավար Թասոս Թուսիս։ Անոր դիակին վրայ մօրը ողբէն ներշնչուած, յոյն միջազգային համբաւի արժանացած բանաստեղծ Ղիանի Ռիցոս կը գրէ «Դամբանագիրը» Ο Επιτάφιος The Epitaph ։
==== Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի շրջան ====
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբին, Իտալացիները կը ռմբակոծեն Սելանիկը․ 232 հոգի մեռեալ, 871 վիրաւոր եւ 800-է աւելի քանդուած կամ լրջորէն վնասուած շէնքեր։ Յունաստան կը դիմադրէ ու կը յաղթէ, սակայն կը յաջորդէ գերմանացիներուն ներխուժումը։ Վերջինները Սելանիկը կը գրաւեն, 9 Ապրիլ, 1941-ին։ Ներխուժումէն ամիս մը ետք, 15 Մայիսին Յունաստանի առաջին դիմակալ (գերիշխանութեան դէմ ընդիմութիւն) կազմակերպութիւնը կը հիմնուի՝ «Ազատութիւն» "Ελευθερία" , կ՛ունենայ համանուն թերթը եւ քաղաքին առաջին ապօրինի տպարանը։
Գերմանացիները հրիաները յառաջատաբար կը սահմանափակեն Հիրս համայնքին մէջ, անոնց հարստութիւնը կը գրաւեն։ Վերջապէս, քաղաքին ամբողջ հրիայ բնակչութիւնը Աուշվիցի եւ Պերկըն-Պելսըն կեդրոնացման կայանները կ՛առաջնորդեն։ Սելանիկին 46․000-ի հաշուող հրիայ բնակչութիւնը կ՛անհետանայ, կը սպաննուի։
1944 11 Մայիսին, Նացի-գերմանացիներուն կողմէն 20-30 տարեկան 8 դիմակալ (ընդիմութեան պայքար տանող) երիտասարդներ կը սպաննուին Քայիսթրի շրջանը։
Քաղաքը կ՛ազատագրուի 1944 30 Հոկտեմբերին։ Տե՛ս Յունաստան#Բ․ Համաշխարհային Պատերազմ
=== Ժամանակակից շրջան ===
Պատերազմէն ետք, Սելանիկը կը վերակառուցուի, ճարտարարուեստը թափ կ՛առնէ 1950, 1960 եւ 1970 թուականներուն։ Քաղաքին ճարտարապետական հարստութիւնը զբօսաշրջիկներ կը ներգրաւէ։ 1988-ին Սելանիկին Քրիստոնէական եւ Բիւզանդական յուշարձաններէն շատերը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ կը ներառնուին։
1978, 20 Յունիսին կը պատահի մեծ երկրաշարժը․ 49 մեռեալ, 220 վիրաւոր եւ 1,2 միլիառի նիւթական վնասներ։
1997-ին, Սելանիկը Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաքը կը դառնայ եւ 2014-ին՝ Եւրոպայի Երիտասարդութեան Մայրաքաղաքը։
2004-ին, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական Խաղերուն ընթացքին, Սելանիկը կը հիւրասիրէ ոտնագնդակի մարզախաղերը։
2014-ին Սելանիկը Եւրոպայի Երիտասարդութեան մայրաքաղաքը կը դառնայ։
Այժմ Սելանիկը Յունաստանի, հարաւ արեւելեան Եւրոպայի եւ Էգէական Ծովուն գլխաւոր նաւահանգիստներէն է եւ կը դիւրացնէ Պալքանեան երկիրներուն առեւտուրը։ Նաեւ հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի ուսանողներու կեդրոնն է։
== Վարչական բաժանում եւ Բնակչութիւն ==
Սելանիկ քաղաքը կազմուած է 6 քաղաքապետութիւններէ եւ մէկ Քաղաքապետական Միաւորումէ՝ Փիլէա Πυλαία եւ Խորդիադի Χορτιάτη քաղաքապետութիւններ․ անոնք Սելանիկի Քաղաքային Տարածքը կը կազմեն․-
=== Սելանիկին պատմական կեդրոնը (ոստայնը) ===
Սելանիկի Մեծ Հրդեհէն (1917) ետք, պետական սպասարկութիւնները արագօրէն հակազդելով, քաղաքին վերակառուցումը կը յանձնեն խումբ մը ճարտարապետներու, որոնց կը գլխաւորեն՝ Թոմաս Մաուսոն Thomas Mawson եւ Էրնեսդ Հեպրարտ Ernest Hebrard ։ Քաղաքին պատմական կեդրոն կը զարգանայ Հանրապետութեան հրապարակին Πλατεία Δημοκρατίας հիւսիս արեւմտեան կողմը․ հրապարակը աւանդաբար Սելանիկին կեդրոնը եւ անոր ազգային պողոտաներու ցանցին քիլոմեթրաչափի մեկնակետը կը համարուի։
Քաղաքին պատմական կեդրոնին շուրջը հաւաքուած են խանութներուն մեծամասնութիւնը, պետական սպասարկութիւնները, տեսարժան վայրերը եւ զբօսայգիները։ Այս շրջանը կը յատկանշուի իր բազմաթիւ պատմական շէնքերով, կամարաշարքերով, փակուղիներով եւ որոշ շէնքերու Art Nouveau եւ Art Deco ճարտարապետական ոճով։
=== Վերին Քաղաքը ===
1980-էն ի վեր, Վերին Քաղաքը Ano Poli Սելանիկի Մեծ Հրդեհէն (1917) փրկուած ու պահպանուած ըլլալով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մաս կը կազմէ։ Հին քաղաքին հիւսիսային եւ ամենաբարձր մասին կը գտնուի։ Կը յատկանշուի նեղ, փոքր եւ քարայատակ փողոցներով, հին հրապարակներով եւ բնակարաններով, որոնք հին յունական եւ Օսմանեան ճարտարապետութեան պատկերն են։
=== Հիւսիս-արեւմտեան Սելանիկ ===
Այս շրջանը քաղաքին գլխաւոր մուտքն է, շնորհիւ «Մոնասթիրիու», «Լակատա» եւ «26 Հոկտեմբեր» պողոտաներուն, ինչպէս նաեւ մայրուղիին (Ա1) որ կը հանգի քաղաքին կեդրոնը։
Հիւսիս-արեւմտեան Սելանիկին տարածքին մէջ կը գտնուին՝ Երկաթուղագիծի Հին Կայանը, Երկաթուղագիծի Նոր Կայանը, Նաւահանգիստին առուտուրի եւ ճամբորդներուն բաժինը, 1898-ին կառուցուած Կազի Ընկերութեան շէնքը (այժմ Շրջանային Կեդրոնական Մակետոնիոյ կեդրոնական համալիրը), Արտաքաղաքային Հանրակառքերու Կայանը ΚΤΕΛ Μακεδονία, 1894-ին կառուցուած Երկաթուղագիծի Փոքր Կայանը (այժմ Սելանիկի Երկաթուղագիծի Թանգարանը) եւ 200-է աւելի դարաւոր ձիթենիներէ ստեղծուած է Յիշատակի Պուրակը։
Նաւահանգիստին կողմը բազմաթիւ պանդոկներ եւ հին պահպանուած ճարտարարուեստական շէնքեր կը գտնուին։ Պահպանուած ճարտարարուեստական շէնքերը վերանորոգուած են ու կը գործածուին իբրեւ բազմատիպ մշակութային կեդրոններ, ինչպէս օրինակ՝ հինգ յարկանի Ջաղացքը (1924), քաղաքին ջրաբաշխական կեդրոնը որ այժմ Ջրամատակարարման Թանգարանն է եւ քարաշէն կաշեգործարանը՝ այժմ՝ պանդոկ (1913)։
=== Հարաւ-արեւելեան Սելանիկ ===
Հարաւ-արեւելեան Սելանիկը կը տարածուի «Վասիլիսիս Օլկա» պողոտային շուրջը եւ ըլլալով Թերմայիքոս Ծոցին մօտիկը կը կոչուէր նաեւ Էքսոհես Exochès (թարգ․՝ արձակուրդի վայր), որովհետեւ մինչեւ 1920-ին քաղաքին ամենահարուստներուն արձակուրդի բնակարանները հոն կը գտնուէին. օրինակ Villa Allatini, Villa Bianca, Villa Mehmet Kapanci, Villa Modiano, Villa Mordoch եւայլն։Ներկայիս Սելանիկի կեդրոնէն ասդին ընթարձակուած մասերէն մէկն է։
=== Սելանիկի բնակչութեան թիւին աճը ԻԱ․ դարուն սկիզբին, ըստ մարդահամարներուն․- ===
=== Սելանիկի Քաղաքապետութեան կարեւոր տեսարժան վայրերը ===
== Մշակութային քաղաք ==
Սելանիկի կեդրոնը բաւական ընդարձակ է եւ հոն հաւաքուած են շուկայի գլխաւոր մասը, պետական սպասարկութիւնները, տեսարժան վայրերը եւ զբօսայգիները։ Հարուստ է հնագիտական վայրերով եւ յուշարձաններով․ հին յունական, հռոմէական, Հէլլենիստական, բիւզանդական, օսմանեան եւ արդի ժամանակներէն։ Ինչպէս նաեւ՝ թատրոններով (պետական թէ անձնական), համերգասրահներով, պատկերասրահներով, թանգարաններով։ Ասոնցմէ մի քանին, ինչպէս նաեւ Վերին Քաղաքը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մաս կը կազմեն։
=== Յուշարձաններ ===
==== Մակետոնական Գերեզմաններ ====
Սելանիկի շրջանին մէջ գտնուած Մակետոնական գերեզմանները կը ցուցնեն Հելլենիստական ժամանակներու հարստութիւնն եւ բնակիչներուն գեղարուեստական զգայնութիւնը։
==== Հռոմէական շրջան ====
Բ․ - Գ․ դարաշրջանին կառուցուած Հռոմէական Շուկան զոյգ սրահով․ Սիւները քանդակուած են զանազան ներկայացումներով։ Սիւները յժմ կը գտնուին Լուվրի թանգարանը։ Նշանաւոր են հրապարակը, բաղնիքներն եւ երաժշտանոցը․ վերջինը ներկայիս իբրեւ ամրան թատրոն կը գործածուի։
===== Ղալերիոս Կայսրին համալիրը =====
Կը բաղկանայ չորս յուշարձաններէ՝
Ղալերիոս Կայսրի Բոլորաձեւը 4րդ դար, Rotunda of Galerius
Ղալերիոս Կասրին Կամարը
Ղալերիոս Կասրին Պալատը
Ղալերիոս Կասրին Ձիարձակարանը
===== Արուսեակ աստուածուհիին Տաճարը =====
==== Բիւզանդական Սելանիկը ====
Սելանիկի Պաշտպանութեան / ամրացման համար կառուցումներ՝ Բիւզանդական Պարիսպ, Եռանկիւնային Աշտարակը, Եօթնաշտարակը։
Բիւզանդական շրջանի եկեղեցիներ եւ վանքեր։ Քաղաքը հարուստ է Բիւզանդական շրջանէն կառուցուած եկեղեցիներով եւ վանքերով։
Բիւզանդական բաղնիքը․ միակ պահպանուած բաղնիքը կը գտնուի Վերին քաղաքը (13-րդ դար)։
Բիւզանդական Ջրամատակարարման Դրութիւնը
==== Օսմանեան Շրջան ====
Սելանիկի ամրացման համար կառուցումներ՝ Սպիտակ Աշտարակը եւ Վարտարիին ամրոցը (1546)։Օսմանեան Սրբավայրեր․ նորակառոյց մզկիթներ եւ կամ մզկիթի վերացուած եկեղեցիներ։ Սելանիկի Մեծ Հրդեհին ժամանակ, ասոնց մեծամասնութիւնը հրոյ ճրագ դարձաւ․ այժմ կըպահպանուին՝ Hamza Bey Mosque,Yeni Mosque, Alaca Imaret Mosque, Τζαμί του Λεμπέτ։ Բաղնիքներ․ 1444 կը կառուցուի Սելանիկի առաջին օսմանեան բաղնիքը, Յունաստանի տարածքին ամենամեծը՝ Համամ Պէյը Bey Hamam։ Պահպանուած ուրիշ բաղնիքներ՝ Փասա Համամ Πασά Χαμάμ , Եահուտի Համամ Γιαχουντί Χαμάμ, Ենի Համամ Γενί Χαμάμ։
==== Յետ Բիւզանդական շրջանի եկեղեցիներ ====
18-րդ եւ 19-րդ դարերուն ընթացքին բազմաթիւ եկեղեցիներ կը կառուցուին։
==== Ուրիշ յուշարձաններ ====
Օձերու Սիւնը, Էղնանտիա ճամբուն վրայ գտնուող շինութիւն։
==== Նորագոյն եւ ժամանակակից շրջանի յուշարձաններ ====
Բացի վերոնշեալ ժամանակաշրջաններու յուշարձաններէն, Սելանիկը հարուստ է ճարտարապետական ԺԹ․, Ի․ դարերու եւ ժամանակակից շրջանի կառոյցներով․ բնակարաններ, գործատեղեր, կամարաշարքեր, փակուղիներ, որոնցմէ շատեր՝ Art Nouveau եւ Art Deco ճարտարապետական ոճով։
=== Բացօթեայ թանգարան մը ===
Սելանիկը լի ու լի կ՛օգտագործէ իր հարուստ եւ բազմատեսակ մշակութային ժառանգութիւնը։
Տարեկան հերթականութեամբ զանազան եղելութիւններ կը պատահին, օրինակ՝ Սելանիկի Միջազգային Ցուցահանդէսը, Սելանիկի Շարժապատկերի Փառատօնը, Փաստագրային ֆիլմերու փառատօնը, Տիմիդրիա, Գիրքերու փառատօնը եւայլն․։ Ասոնց զուգահեռ տեղի կ՛ունենան նաեւ քաղաքապետութեան եւ կամ Շրջանային Տարաշքաշրջանին կողմէն ծրագրուած զանազան ձեռնարկներ։
Ստորեւ Սելանիկի իտալացի ճարտարապետ Վիդալիանօ Փոզելիի Vitaliano Poselli գործերը․ Սելանիկ ապրեցաւ ու գործեց 1886-1918 թուականներուն։ Նաեւ քաղաքին մէջ ապրեցաւ եւ գործեց ճարտարապետ եւ ճարտարագէտ՝ Փիետրօ Առիկոնի Pietro Arrigoni (1856-1940)
=== Սնունդը Սելանիկին մէջ ===
=== Զբօսաշրջիկութիւն ===
Վերջին տասնամեակին թափ առած է զբօսաշրջիկութիւնը, տարիէ տարի կը կրկնապատկուին Սելանիկ եւ անոր յարակից շրջանները այցելող զբօսաշրջիկները։ Միայն 2018 թուականին, այցելած են մօտ 3․000․000 միլիոն զբօսաշրջիկներ։
== Կրթական Հաստատութիւններ ==
Սելանիկի մէջ կը գործէ Արիստոթելեան Համալսարանը իր բոլոր ճիւղերով՝ Գրական, Գիտական, Բժշկական, Բազմարուեստի, Ճարտարագիտական, Փիլիսոփայական, Մանկավարժական, Համակարգիչի Ճարտարարուեստի, Արուեստագիտութեան, մարզական։ Կան նաեւ քիչ թիւով անձնական համալսարաններ եւ ուսումնարաններ։
== Փոխադրական միջոցներ ==
=== Ցամաքային փոխադրամիջոցներ ===
Սելանիկը ունի խիտ, ընդարձակ, իրարու հաղորդակցող լայնածաւալ հանրային փոխադրամիջոցներ։ Արագընթացը՝ métro պատրաստ պիտի ըլլայ 2022-ին։ Իսկ երկաթուղագիծը կը կապէ զայն ամբողջ Յունաստանին հետ եւ նաեւ Պալքանեան երկիրներուն հետ։ Ասոնք կապուած են նաւային եւ օդային փոխադրամիջոցներուն։
==== Հեծանիւի ճամբաներ ====
Սելանիկը ունի 12 քմ․ երկարութեամբ հեծանիւի ճամբայ։
=== Նաւային փոխադրամիջոցներ ===
Նաւային փոխադրամիջոցը Սելանիկը կը կապէ Յունաստանի կղզիներուն եւ նաւահանգիստներուն հետ։ Նաեւ կ՛ընդունի մեծ թիւով զբօսանաւեր։
=== Օդային փոխադրամիջոց ===
Սելանիկի Միջազգային Օդակայանը: Սելանիկի Միջազգային Օդակայանը Διεθνής Κρατικός Αερολιμένας Θεσσαλονίκης (իր ներքին ու արտաքին համաշխարհային ծաւալի թռիչքներով) կը գտնուի քաղաքէն 15քմ․ դէպի հարաւ։
== Հիւպատոսարաններ ==
Բոլոր երկիրները որ ունին դեսպանատուն Աթէնքի մէջ, ունին նաեւ համապատասխան Հիւպատոսարանը Սելանիկի մէջ։
== Լրատուական միջոցներ ==
Սելանիկին մէջ կը հրատարակուին քաղաքական, մարզական, զանազան նիւթերով օրաթերթեր, պարբերաթերթեր։ Նաեւ կը գործեն ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բազմաթիւ կայաններ։
== Սելանիկին հետ եղբայրացած քաղաքներ ==
Սելանիկը ստորագրած է ուրիշ քաղաքներու հետ նաեւ Բարեկամութեան եւ Գործակցութեան համաձայնագրեր։
== Սելանիկի հայկական գաղութը, համառօտ տեղեկութիւններ ==
Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Սելանիկի հայկական գաղութը
Շատ հիմ ժամանակներէն, Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններուն մէջ ապրած են հայեր։ Անոնց թիւը կ՛աւելնայ ԺԱ․ եւ ԺԵ․ դարերուն, իսկ ԺԸ․ դարուն որոշ տեղեկութիւններ կ՛ունենանք Էջմիածնի Աբրահամ Կաթողիկոսին կողմէն, 1737-ի Յունուարի «Թէքիրտաղու (Ռոտոսթօ-Արեւելեան Թրակիա) Առաջնորդութեան» ղրկած կոնդակին մէջ։ Սելանիկին մէջ, տեղւոյն հայկական գաղութին կազմութեան մասին արձանագրութիւններ կամ հետքեր կան ԺԸ․ դարէն սկսեալ։ Հայկական համայնքը կը կազմակերպուի ԺԹ․ դարուն վերջաւորութեան։ Ի․ դարասկիզբի առաջին տասնամեակին արդէն կ՛ունենան եկեղեցի եւ ազգապատկան շէնք մը։ Փոքր Ասիոյ աղէտին հետեւանքով, յոյներուն հետ 10․000 հաշուող հայ գաղթականներ կը հասնին քաղաքը եւ Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ ուրիշ քաղաքներուն մէջ ալ, ուր արդէն կ՛ապրէին քիչ թիւով հայ ընտանիքներ, կը տեղաւորուին 8 - 9․000 հայ գաղթականներ։
Համայնքին թիւը կ՛աճի եւ հիւսիսային Յունաստանի հայկական համայքները կարգաւորելու համար, Սելանիկին մէջ Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Թեմը կ՛առաջանայ իր Ազգային թեմական իշխանութեամբ։
Սելանիկի գաղութը բեղուն շրջան մը կը բոլորէ։ Ազգային իշխանութեան կողքին կ՛ունենայ դպրոցներ, հարուստ մամուլ, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններ։
Միջպատերազմեան շրջանին եւ Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին վերջաւորութեան համայնքին թիւը կը նուազուի ներգաղթի եւ արտագաղթի պատճառով։ Համայնքին թիւը մեծ անկում կը կրէ․ կը նուազի 5/6-ով եւ անմիջական անդրադարձ կ՛ունենայ համայնքի ազգային, կրթական, մարզական եւ մշակութային կեանքին մէջ։
Յունահայերու զանգուածային ներգաղթէն եւ արտագաղթէն ետք, Յունաստանի հայկական գաղութը կը վերակազմուի եւ կը վերածուի 1 թեմի, 15 համայնքներով, (30 Մարտ 1958-ի Յունահայոց Թեմական Ժողովին ընթացքին)։
=== Համայնքին ներկայ վիճակը ===
Խորհրդային Միութեան փլուզումով եւ Հ․Հ․ վերահաստատման առաջին դժուար տարիներուն, մասնաւորաբար 1991 - 2001 թուականներուն, Սելանիկ կը հասնին տնտեսական գաղթականներ։ Այժմ մօտ 15․000 հայեր կ՛ապրին Սելանիկի քաղաքային տարածքաշրջանը, սակայն համայնքին մէջ արձանագրուած են միայն 1․200 հոգի, մնացեալը դժբախտաբար հեռու կը մնայ հայ գաղութին կեանքէն։
1956-էն, եկեղեցւույ կից շէնքին մէջ, կը վերաբացուի հայկական վարժարանը «Մալաքեան-Գասպարեան Ծաղկոց» անունով, սակայն շաբաթօրիայ բնոյթով․ կը գործէ շաբաթ օրերը եւ ունի մօտ 90 աշակերտներ։
==== Միութիւններ ====
Ներկայիս աշխուժ ներկայութիւն ունին հետեւեալ միութիւնները՝
Հայ Գթութեան Խաչին Սելանիկին «Անի» մասնաճիւղը․ հիմնուած 1928, 15 Դեկտեմբեր (Հայ Գթութեան Խաչ․ Հիւսիսային Յունաստանի մէջ Հ․Օ․Մ․ի միաւոր։Հ․Մ․Ը․Մ․ի Սելանիկի մասնաճիւղը․ հիմնուած 1924-ին)։
«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի (Սելանիկ) «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղ․ աշխուժ գործունէութիւն ունի։ Իր հովանաւորութեան տակ կը գտնուի «Մասիս» Պարախումբը, բեղուն աշխատանքով։
Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական եւ Պատանեկան խումբերը։
Բարեգործականի Սելանիկի մասնաճիւղ։
==== «Թեսաղոնիկէ 97» Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաք, «Հայկական Ամիս» ====
1997-ին, Սելանիկը կը հանդիսանայ «Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաք»ը։ Շնորհիւ քաղաքին Թաղային Մարմնոյ եւ Համազգայինի մասնաճիւղի վարչութեան տարած հետեւողական աշխատանքներուն Թեսաղոնիկէի «Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաք»ի կազմակերպիչ յանձնախումբին մօտ, ծրագիրներուն ցանկին մէջ կը ներառնուի «Հայկական Ամիս»ը։ Ելոյթները տեղի կ՛ունենան 1997 Հոկտեմբեր ամսուն բացառիկ յաջողութեամբ։
== Աղբիւրներ ==
Թեսաղոնիկէ - Սելանիկ, քաղաքին անունին պատմականը․ Սելանիկի պատմութեան Հիմնարկ, Սելանիկի քաղաքապետութիւն, 1985, էջ՝ 5-21․"Θεσσαλονίκη - Σαλονίκη. Η ιστορία του ονόματος της πόλης", στο "Η Θεσσαλονίκη", Κέντρο Ιστορίας Θεσσαλονίκης, Δήμος Θεσσ/νίκης, 1985, σ. 5-21.
Samuel N. C. Lieu, Dominic Montserrat, From Constantine to Julian: A Source History, 1996, Routledge Կոստանտինէն Յուլիանոսին՝ Պատմական Աղբիւր, 1996, էջ՝ 59
Explorer (2004) Սելանիկ, էջ 16 - Θεσσαλονίκη
2․300 տարի Սելանիկի հիմնումէն - Աթէնքի Կաճառի Արձանագրութիւններ, 1985, հատոր 60, 2-րդ գլուխ, հեղ․ Մ․ Սաքելարիու
Սելանիկը Ազատ Քաղաք Հռոմէական Կայսրութեան մէջ - Plinius Secundus, Naturalis Historia, Liber IV, 33: "Thessalonice liberae condicionis"
Սուրբ Պողօսին Կեանքն ու Նամակները, էջ՝ 304-314 - W. J. Conybeare, J. S. Howson, The Life and Epistles of St. Paul, 1987, Wm. B. Eerdmans Publishing,
Սելանիկի քաղաքային զարգացումը, անոր հիմնումէն մինչեւ Ղալերիոսի ժամանակ․ Հնագիտական Ընկերութիւն, Աթէնք, 1996 M.Vitti, Η πολεοδομική εξέλιξη της Θεσσαλονίκης από την ίδρυσή της ως το Γαλέριο
Պատահարը ծանօթ իբրեւ՝ «Սելանիկի ջարդը»․ Το γεγονός έχει μείνει στην ιστορία ως «Σφαγή της Θεσσαλονίκης» David Stone Potter, The Roman Empire at Bay: Ad 180-395, - 2004, Routledge էջ՝ 567-570
Գիտական կոչունքաճառ, հովանաւորութեամբ Մակետոնական Ուսումներու Ընկերութեան․ Ա․ արձանագրութիւններ, էջ 87-95 «Նիղրիդա - Վիսալդիան պատմութեան ընդմէջէն» Նիղրիդա, 1995, Տիմիդրիցայի Կռիւը, 1185թ․, Պետրոս Վլախաքոս․ Πέτρος Βλαχάκος, Η μάχη στο Δημητρίτσι (1185 μ.Χ.), Πρακτικά Α΄ Επιστημονικού Συμποσίου «Η Νιγρίτα – Η Βισαλτία δια μέσου της Ιστορίας» (υπό την αιγίδα της Εταιρείας Μακεδονικών Σπουδών). Νιγρίτα 1995, σελ. 87-95
Գ․ Գոցիոփուլոս - Զիլոթիներուն շարժումը, Սելանիկ (1342-1349)․ Աստուածաբանական եւ Ընկերային գիտաշխատութիւն, գլուխ 4․ «Ապստամբութեան Աստուածաբանութիւնը-Ազատագրում եւ Զիլոթիներուն Շարժումը» ,էջ՝ 156-163 եւ գլուխ 5՝ «Քրիստոնէութիւն եւ Ընկերային հարցեր» էջ 164-169, Սելանիկ 1997, Κ. Κωτσιόπουλος, Το κίνημα των Ζηλωτών στην Θεσσαλονίκη (1342-1349): Θεολογική και Κοινωνιολογική διερεύνηση, κεφάλαιο 4 «Η Θεολογία της Επανάστασης–Απελευθέρωσης και το Ζηλωτικό κίνημα» σελ. 156-163 και κεφάλαιο 5 «Χριστιανισμός και Κοινωνικά Προβλήματα» σελ. 164-169, Θεσσαλονίκη (1997)
«Բիւզանդիոն եւ Վենետիկ» ուսումնասիրութիւն՝ Դիւանագիտական եւ Մշակութային կապեր․ Քեմպրիճի համալսարանի մամուլ, էջ 371։ Byzantium and Venice: A Study in Diplomatic and Cultural Relations. Cambridge University Press. p. 371.
«Մակետոնիոյ պատմութիւնը», 1354-1833, Ափոսթոլոս Վաքալոփուլոս․ Սելանիկ, 1992, էջ 99։ Απόστολος Βακαλόπουλος, Ιστορία της Μακεδονίας, 1354-1833, σελ. 99, εκδόσεις Βάνιας, Θεσσαλονίκη (1992), σελίδα 99
Մէջբերում Mark Mazower-ի գիրքէն «Ուրուականներու քաղաքը», Սելանիկ -2006, էջ՝ 75․ - Քաղաքը արագօրէն կը մեծնար ու կը տարածուէր Սպանիայէն եկող գաղթականներով․ 1520 թուականին 30․000 բնակիչներունկէսէն աւելին հրիաները կը կազմէին եւ Սելանիկը դարձած էր Արեւելեան Միջերկրականի գլխաւոր նաւահանգիստներէն մին-։ «Καθώς οι Ισπανοί πρόσφυγες έφταναν στις προβλήτες κατά διαδοχικά κύματα, η πόλη μεγάλωνε αλματωδώς. Το 1520 περισσότεροι από τους μισούς από τους 30.000 κατοίκους της ήταν Εβραίοι και η ίδια είχε μεταβληθεί σε ένα από τα σπουδαιότερα λιμάνια της Ανατολικής Μεσογείου», Mark Mazower, Θεσσαλονίκη, Η πόλη των φαντασμάτων, σελ. 75, Εκδόσεις Αλεξάνδρεια (2006)
Ռոզամոնտ Մաք Քիդդըրիք, Քրիստոֆըր Ալլմանտ, Քեմպրիճի նոր Միջնադարեան Պատմութիւնը, էջ 779 - Rosamond McKitterick, Christopher Allmand, The New Cambridge Medieval History, p. 779
Սեֆարտի հրիաներ․ սպանահրէկան համայնքի պատմութիւն, 14րդ -20րդ դար, Քալիֆորնիոյ Համալսարանի մամուլ, 2000, էջ 8 - Esther Benbassa, Aron Rodrigue, Sephardi Jewry: A History of the Judeo-Spanish Community, 14th-20th Centuries, σελ. 8, University of California Press (2000)
Richard J. Crampton, A Concise History of Bulgaria, 1997, Cambridge University Press σσ. 75-76 και John Meyendorff, The Orthodox Church: Its Past and Its Role in the World Today, «1871 թ․ Փետրուարին, Սուլթանի հրովարտակով, Պուլկարիոյ ուղղափառ եկեղեցին կ՛անջատուի Պոլսոյ Տիէզերական Կաթողիկոսութենէն Ecumenical Patriarchate of Constantinople (կեդրոնը Ֆանարի, Պոլիս) եւ կը հիմնուի ինքնավար Պուլկարական էկզարքութիւնը Bulgarian Exarchate , որ տարրական կապ կը պահէ Տիէզերական Կաթողիկոսութեան հետ։ 1872թ․ Տիէզերական Կաթողիկոսը Անթիմօ Ե․ եկեղեցական Ժողով կը հրաւիրէ։ Հոն կը դատապարտուի կրօնական ազգայնամոլութիւնը եւ Պուլկարական էկզարքութիւնը հերձուածական կը յայտարարուի։ 1945 թուականին Պուլկարիոյ Եկեղեցին ներողամտութեան դիմուն կը կատարէ Պոլսոյ Տիէզերական Կաթողիկոսութեան Գահին եւ այնուհետեւ կանոնաւոր ընթացքի մէջ կը մտնէ։» 1981, St Vladimir's Seminary Press էջ 153
«Հայ Դատ» - 11րդ դասարանի պատմութեան դասագիրք․ Երիտ-թուրքերու շարժումը եւ անոնց յեղափոխութիւնը, էջ 16-17, 23-24, հեղինակ՝ Ռուբինա Փիրումեան, Լոս Անճելըս, 1994
Ամենուն Տարեգիրքը, 1960, Կարօ Գէորգեան, «Հիւսիսային Յունաստանի գաղութը - Թեսաղոնիկէ»
Ազատ Օր - 1997ի բացառիկ, Հիւսիսային Յունաստանի Թեսաղոնիկէ գաղութը էջ՝ 34-46, Դեկտ․ 31, 1997
== Տես նաեւ ==
Կրետէ
Էգէական Ծով
Սելանիկի հայկական գաղութը
Կրետէի հայերը
Քերքիրայի հայերը
Յունաստան#Յունապարսկական պատերազմներ
Յունաստան
Աթէնք
Փիրէա
Աղեքսանտրիա
Մեծն Աղեքսանտր
Քոքինիոյ հայկական գաղութը
Կարօ Գէորգեան
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Էղնանտիա ճամբան(անգլերէն)
Քրոքիու Ռազմավայրի Կռիւը (անգլերէն)
Յունաստան#Բիւզանդական Կայսրութեան շրջան
Միջերկրական Ծով#Ստորաբաժանումներ
Հռոմէական Խաղաղութիւն, PaxRomana (անգլերէն)
Սավուայի Աննա (անգլերէն)
Ուրախ Պատահար(անգլերէն)
Թանզիմադ(ֆր.)
1903ի Ապրիլեան Դէպքեր(անգլերէն)
Մակետոնական Պայքար(անգլերէն)
Մակետոնական Պայքար(յունարէն)
Երիտ-թուրքեր(անգլերէն)
Պալքանեան ա․ պատերազմ(անգլերէն)
Լոնտոնի Դաշինք, 1913(անգլերէն)
էլէֆթերիոս Վենիզելոս(ֆր.)
Թագաւոր Ղիորղոս Ա․(անգլերէն)
Պուքրէշի Դաշինքը(ֆր.)
Կոստանտնուպոլսոկ Դաշինք(անգլերէն)
Լոզանի Դաշնագիր(անգլերէն)
Սելանիկի Միջազգային Ցուցահանդէսը(անգլերէն)
Επιτάφιος Դամբանագիրը, Ղիանիս Ռիցոս(յունարէն)
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմ(անգլերէն)
Բնաջնջման բանակավայրեր(անգլերէն)
Եւրոպայի Մշակութային Քաղաքներու ցուցակ(անգլերէն)
Եւրոպայի Երիտասարդութեան Մայրաքաղաք(անգլերէն)
Աուշվիցի կեդրոնացման կայան
Սելանիկի Շարժապատկերի Փառատօնը(ֆր.)
Փաստագրային ֆիլմերու փառատօնը (յունարէն)
Տիմիդրիա(յունարէն) |
5,556 | Տիմիթրի Պաքրաձէ | Տիմիթրի Պաքրաձէ (վրաց.՝ დიმიტრი ზაქარიას ძე ბაქრაძე, (7 Նոյեմբեր, 1826, Խաշմի, Թելաւի գաւառ, Վրաստանի նահանգ, Ռուսական կայսրութիւն (այժմ՝ Սակարեճոյի շրջան, Կախեթի մարզ, Վրաստան) - 22 Փետրուար, 1890, Թիֆլիս, Ռուսական կայսրութիւն), վրացի եւ ռուս պատմաբան, հնագէտ, էթնոգրաֆ, Սանկտ Պետերբուրգի գիտութիւններու ակադեմիոյ թղթակից անդամ(1879 թուականին):
== Կենսագրութիւն ==
Տիմիդրի Պաքրաձէն ծնած է 1826 հոկտեմբեր 26-ին (նոյեմբեր 7-ին) Խաշմի գիւղին մէջ, հոգեւորական ընտանիքի մէջ:
1851-ին կ'աւարտէ Մոսկուայի հոգեւոր ակադեմիոյ:
1861 թուականէն կ'աշխատի Ռուսական աշխարհագրական միութեան Կազանի բաժանմունքին մէջ։ Կը մասնակցի Կովկասի՝ Ռուսական կայսրութեան միանալուն վերաբերող փաստաթղթերու հրապարակմանը (հրատարակութիւնն կ'իրականացուի Կովկասի հնագրագիտական հանձնաժողովի կողմէն 1873-1875 թուականներուն): 1874 թուականին կ'առաջարկէ կազմակերպել Կովկասի հնագիտութեամբ հետաքրքրուողներու միութիւն:
Տիմիդրի Պաքրաձէի աշխատութիւններու շարքին մէջ կ'առանցնանան վրացերէն հրատարակուած «Վրաստանի պատմութիւն» (1889), «Վրաստանն ու վրացիները» (1854), ինչպէս նաեւ ռուսերէն հրատարակուած «Կովկասը քրիստոնեական հանգոյն հուշարձաններուն մէջ» (1875), «Հնագիտական ճանապարհորդութիւն Վրաստանի ու Աջարիոյ մէջ» (1878), «Յօդուածներ Վրաստանի պատմութեան ու հնութիւններու մասին» (1887):
Տիմիդրի Պաքրաձէի նախաձեռնութեամբ Թիֆլիսի մէջ՝ Սիոնի եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ, կը կազմակերպուի «հնապահոց» (թանգարան):
Տիմիդրի Պաքրաձէն կը մահանայ 1890 փետրուար 10-ին (22-ին) Թիֆլիսի մէջ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին Յղումներ ==
Տիմիդրի Պաքրաձէի էջը Ռուսաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ կայքին մէջ |
3,095 | Տիգրան Թապիպեան | Տիգրան Թորոսի Թապիպեան (13 Դեկտեմբեր 1858, Կեսարիա, Անգարայի նահանգ - անյայտ), հայ բժիշկ։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնախ է 1858 թուականի Դեկտեմբեր 13-ին Անգարայի նահանգի Կեսարիոյ գաւառի կեդրոն՝ Կեսարիա քաղաքոին մէջ։ Նախնական ուսումն ստացած է Կեսարիոյ Աւետիսականաց վարժարանէն ներս։ Աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու Այնթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի բժշկական բաժինը։ Այնուհետեւ մեկնած է ԱՄՆ եւ ուսանածէ Վերմոնթի բժշկական համալսարանէն ներս։ 1890 թուականին, ուսումն ավարտելով՝ վերադարձած է ծննդավայր։ Կարճ ժամանակ Կեսարիոյ մէջ մնալէ ետք նշանակուած է Անգարայի քաղաքապետարանի բժիշկ։ Բացի այս պաշտօնէն, դարձած է նահանգապետ Ապետին փաշայի ընտանեկան բժիշկն ու բարեկամը։ Փաշայի միջնորդութեան շնորհիւ, խափանած է Անգարայի հայերու՝ Եըլտըզէն հրահանգուած ջարդը, որուն պատճառով փաշան պաշտօնանկ եղած է։ Մեծ դեր կատարած է Գաղատիոյ (Անգարա) դատավարութեան հարցին մէջ։ Երբ ձերբակալուածներ պրոֆ. Թումայեանն ու Հայայեանը բերուած են Անգարա, անոնց մարմինները ամբողջովին ծածկուած եղած են ոստիկաններու խարազաններէն առաջացած կապտուկներով։ Ձեռքերու ու ոտքերու երկաթեայ շղթաները, քայքայելով փափուկ հիւսուածքները, հասած էին ոսկորներուն, որմէ՝ վերջոյթներու գանգրենայի վտանգ առաջացած էր։ Բժիշկը՝ Ապետին փաշայի հրամանով, անոնց վէրքերը բուժելու եւ բանտի պարտեզին մէջ անոնց ազատ շրջելու թոյլտուութիւն ստացած է։ Բժիշկի խնդրանքին ի պատասխան՝ փաշան խոստացած է ամէն ինչ ընել բանտարկեալներու կեանքը փրկելու համար։ Սակայն Պատերազմական ատեանը անոնց մահուան դատապարտած է։
1895 թուականին ԱՄՆ կառավարութիւնը բժշկին նշանակած է Գաղատիայի պատուոյ հիւպատոս, սակայն սուլթան Ապտուլ Համիտ երկրորդ-ը մերժած է այդ նշանակումը՝ հաշուի առնելով անոր հայկական ինքնութիւնը։ 1895 թուականէն սկսած՝ բժիշկը, Անատոլիոյ զանազան կողմերէն ստացած հարստահարութիւններու եւ ջարդերու տեղեկագրերը կանոնաւոր ձեւով յանձնած է եւրոպական երկրներու հիւպատոսներուն։ Բժիշկի միջնորդութեամբ՝ Անգարայի հայերու ջարդը չիրականացնելու պատճառով, Ապետին փաշան պաշտօնանկ եղած է, զոր վտանգած է նաեւ բժիշկի դիրքը։ Այդ պատճառով բժիշկը տեղափոխուած է Կ. Պոլիս եւ զբաղած միայն բժշկութեամբ։
1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ Կ. Պոլսոյ զինուորական հիւանդանոցին մէջ բժիշկ ծառայած՝ հարիւրապետի աստիճանով։ 1915 թուականին Ամասիոյ մէջ, տեղի կառավարիչի հրամանով, դաժանօրէն սպանուած է բժշկի կրտսեր եղբայրը՝ բժիշկ Հայկազուն Թապիպեանը։
1918 թուականին՝ պատերազմի աւարտէն ետք՝ բժիշկ Տիգրանը, դատական գործ յարուցած է եղբօր սպանութեան համար եւ հասած է անոր, որ Պատերազմական ատեանը 1920 թուականին մահուան դատապարտած է Ամասիոյ ոճրագործ կառավարիչին, սակայն դատավճիռը չէ գործադրուած։ Ուստի բժիշկ Տիգրանը մահափորձի ենթարկուած է, որմէ հրաշքով փրկուած է։ Այդ դէպքը վերջնականապէս յուսալքած է բժիշկին եի ան մեկած է ԱՄՆ։ 1937 թուականի դրութեամբ՝ կը բնակէր ԱՄՆ-ի մէջ։
== Գրականութիւն ==
Ալպօյաճեան Արշակ, Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ, Բ. հատոր, Գահիրէ, 1937։
== Աղբիւրներ ==
Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։ |
910 | 337 (թիւ) | 337 (երեք հարիւր երեսունեօթ) կենտ եռանիշ բնական թիւ է 336-ի եւ 338-ի միջեւ
== Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ ==
A000040 վաթսունութերորդ պարզ թիւն է
A006567 տասնեօթներորդ զրապ թիւն է
պարզ են նաեւ 337 պարզի նիշերով ստացուածները՝ 373, 733
Alt 337 գործադրելիս կը ստացուի Q գլխատառը
տարուայ 337րդ օրն է Դեկտեմբեր 4-ը (նահանջ տարիներուն՝ Դեկտեմբեր 3-ը)
337 Տեւոսէ աստեղնեակի կարգային թիւն է
== Ծանօթագրութիւններ == |
21,753 | Սիքինոս | Սիքինոս (յուն․՝ Σίκινος ), Էգէական ծովու կղզի, Քիքլատես, Յունաստան։ Կը գտնուի Իոս եւ Ֆոլեղանտրոս կղզիներուն միջեւ։ Մաս կը կազմէ Թիրա Շրջանային Միաւորին։ Տեղացիները Սիքինիոթես կը կոչուին։ Գլխաւոր բնակավայրն է (մայրաքաղաք) Հորա* կամ Սիքինոս։ Բնակչութեան թիւն է 260։
Հորա․ յունական կղզիներու մայր գիւղին կամ քաղաքին տրուած անուն, որ կ՛ ընկերակցի տուեալ գիւղին կամ քաղաքին բուն անունին (մայրաքաղաքի իմաստ ունի)։
== Աշխարհակագրական տեղեկութիւններ ==
Տարածութիւնն է 41,676 քլ․², իսկ կղզիին ծովեզրն է 40 քլ․։ Սիքինոսին շուրջը կը գտնուին հետեւեալ կղզիները․ հիւսիս-արեւմուտք՝ Ավոլիատա, Այիոս Եորղոս եւ Քարտիոթիսա, իսկ հարաւ-արեւմուտք՝ Քալողերոս, որ իր կարգին շրջախատուած է փոքր ժայռակղզեակներով։ Բոլորը միասին կը կազմեն Սիքինոս քաղաքապետութիւնը, 42,507 քլ․² տարածութեամբ, իսկ բնակչութեան ընդհանուր թիւը 273 է։ Գլխաւոր լեռներն են՝ Թրուլոս 553 մ․, Այիոս Մամաս 549 մ․, Այիա Մարինա 450 մ․ եւ Ֆրուտի թու Մոնասթիրիու 350 մ․՝ ուր կը գտնուի նաեւ Հրիսոփիղի վանքը։ Կղզիին հարաւ-արեւելեան կողմը կը գտնուի Ալոփրոնիա ծոցը եւ նաւահանգիստը։
== Տեղական արտադրութիւն ==
Բնակիչները հողագործ, հովիւ, ձկնորս, մեղրագործ եւ պանրագործ են։ Կղզին կը յատկանշեն յատկապէս վարունգի եւ լուբիայի «ամպելոֆասուլօ» տեսակին արտադրութիւնները։ Արտադրուած ձէթը, քացախը եւ գինին կը գոհացնեն տեղական կարիքները։
== Առասպել ==
Ըստ յունական առասպելին, կղզին անունը առած է Լիմնոսի Թոանտաս թագաւորին տղուն՝ Սիքինոս, անունը։ Ըստ Փլինիոս եւ Ստեփան Բիւզանդացի պատմաբաններուն կղզիին հին անունը «Ինոի» Οινόη եղած է («ինոս»՝ οίνος=գինի)։
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |