id
int64 43
24k
| title
stringlengths 2
92
| article
stringlengths 5
147k
⌀ |
---|---|---|
12,911 | 25 Յունուար | 25 Յունուար, տարուան 25-րդ օրն է։
24 Յունուար 25 Յունուար 26 Յունուար
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
1884/1885, Սարգիս Չիլինկիրեան, հայ բժիշկ (մահ․՝ 1916, Կոշհիսար)։
1889, Պօղոս Արիս, Լիբանանի Կաթողիկէ Հայոց կղերականութեան մէջ եզական դիրք գրաւողներէն մին:
== Մահեր ==
1980, Զատիկ Խանզատեան, ֆրանսահայ քարտէսագէտ (ծն․՝ 1886, Մանիսա):
2000, Մանուէլ Ասատրեան, հայ գիտնական (ծն․՝ 1926, Արագած)։
2015, Տեմիս Ռուսոս, յոյն երգիչ, երաժիշտ
== Տօներ == |
3,087 | Ընկերութիւն | Ընկերութիւն (մարդկային յարաբերութիւններ), փոխադարձ սիրով լեցուն յարաբերութիւն մըն է որ զօրաւոր կապ կը հաստատէ անձերու միջեւ: Ընկերութիւնը ուսումնասիրուած է տարբեր ճիւղերու ու ասպարէզներու, ինչպէս՝ ընկերաբանութեան, հոգեբանութեան, մարդաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան կողմէ: Տարբեր ակադեմական տեսականութիւններ կը փաստեն թէ մտերիմ ընկերութիւններ ու բարեկամութիւններ կը պատճառեն ուրախութիւն եւ միաբանութիւն:
Կը գտնուին զանազան ընկերութեան կերպեր ու ձեւեր որոնք կը տարբերին մէկ շրջանէ միւսը՝ սակայն բոլոր ընկերութիւններուն մէջ կը գտնուին նոյնանման յատկանիշեր: Այս յատկանիշերէն են՝ սէր, համակրութիւն, համակրական հասկացողութիւն, անկեղծութիւն, այլասիրութիւն, փոխադարձ հասկացողութիւն, հաճոյք, վստահութիւն եւ ազատ արտայայտութիւն անձին զգացումներուն մասին:
Բոլոր անձերը կարող են կազմել տարբեր ընկերութիւններ առանց որեւէ սահմանի, սակայն ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ մարդիկ կը ցանկանան կազմել ընկերութիւններ այդ անձերուն հետ, որոնք կը բաժնեկցին նոյն դասակարգը, արհեստը եւ կամ հետաքրքրութիւնները:
== Զարգացական հոգեբանութիւն ==
Ըմկերութիւնը կը խաղայ մեծ դեր իւրաքանչիւր անձի սովորական հոգեկան զարգացման գործունէութեան մէջ: Հոգեբանութիւնը ցոյց կու տայ թէ այդ ընկերութիւնները, որոնք կը կազմուին անձի մը մանկութեան ժամանակ ու անոնց կերպը, կարեւոր դերեր կը խաղան այդ անձին ապագայի յարաբերութիւններուն մէջ:
=== Մանկութիւն ===
Մանկութեան ընթացքին կազմուած ընկերութիւնները հիմնուած կ'ըլլան խաղերու կամ խաղալիքներու ու խաղալու հաճոյքին վրայ: Այս ընկերութիւնները կը պահպանուին ու կը շարունակուին երբ կը պարունակեն սէր եւ ստեղծագործական խաղեր: Երբ մանուկները կը մեծնան, անոնք կը սկսին շրջապատուիլ տարբեր անձերու կողմէ ու նկատի կ'առնեն իրենց ընկերներուն հետաքրքրութիւնները: Անոնք նաեւ կ'ունենան ընկերային մերժումներ, որոնք կ'ազդեն իրենց մանկական տարիները: Զօրաւոր ընկերային կապ մը հաստատելը մանուկ տարիքէն, օգտակար կը դառնայ անձին ապագայ յարաբերութիւններուն: 1975 թուականի ուսումնասիրութիւն մը որ կատարուած է Պիկելոյի եւ Լա Կայփայի կողմէ ցոյց կու տայ թէ «մտերիմ բարեկամ»-ի հասկացողութիւնները կը դառնան աւելի բարդ երբ մանուկը կը մեծնայ: Ուսումնասիրութիւն մը որ կատարուած է Պերնտթի կողմէ կը փաստէ թէ մանուկները կը նախընտրեն այդ ընկերութիւնները որ իրենց վրայ կ'ունենան դրական ազդեցութիւններ եւ իրենց կը պատճառեն ուրախութիւն, սակայն այս ընկերութիւնները կը խանգարուին անձերու կողմէ որոնք ունին ժխտական յատկանիշեր, օրինակ՝ վիճաբանութիւն, տիրապետութիւն, մրցակցութիւն եւ այլն:
Սակայն զօրաւոր ընկերութիւնները կ'ազդեն մանուկին ընկերային կեանքին դրական ձեւով, անոր ապահովելով յաջողութիւն եւ անձնահաճութիւն: Մանուկը յատուկ ընկերութենէ կամ մտերիմ բարեկամէ մը կը սորվի արտայայտուիլ, հաճոյք զգալ եւ բաժնեկցիլ: Ծնողքը նաեւ կ'օգնէ զաւակին անոր ծանօթացնելով ընկերային կանոններու:
=== Պատանեկութիւն ===
Թեքսասի համալսարանը կատարեց ուսումնասիրութիւն մը, ուր քննեց 9,000 Ամերիկացի պատանիներ, որպէսզի գիտնայ եթէ անոնց անստոյգ վարուելակերպը (օրինակ՝ գողնալ, կռուիլ եւ այլն...) կապ ունի անոնց ընկերային շրջանակին հետ: Ուսումնասիրութիւնները մատնանշեցին թէ այդ պատանիները որոնց ընկերները լաւ վարուելակերպ ունին դպրոցական կեանքին մէջ, կը քաշուին այսպիսի վատ յատկանիշերէ: Ուսումնասիրութիւնները նաեւ փաստեցին, թէ այդ պատանիներուն վատ վարուելակերպերը ներշնչուած կ'ըլլան իրենց ընկերներէն: Եւ այս վարուելակերպին հիմնական պատճառը այդ է թէ պատանիները կ'ուզեն ընդունուիլ յատուկ ընկերական շրջանակներու կողմէ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Ասոյթներ ընկերութեան մասին |
19,909 | Զենոբ Գլակ | Զենոբ Գլակ նաեւ Զենոբ Գլակ Ասորի, Զենոբ Ասորի (300, Կեսարիա, Կապադովկիա - 350), Դ. դարու ասորի եկեղեցական գործիչ եւ պատմիչ, Տարօնի եպիսկոպոս, Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի վանքին վանահայրը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աշակերտներէն: Գրած է «Պատմութիւն Տարօնոյ» գիրքին առաջին մասը:
== Կենսագրութիւն ==
Զենոբ Գլակ Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաքէն Մեծ Հայք եկած է Գրիգոր Լուսաւորիչին հետ, եղած է անոր աշակերտներէն մէկը, ձեռնադրուած է Մամիկոնեաններու նախարարութեան տիրոյթ Տարօնի եպիսկոպոս եւ նշանակուած՝ Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի վանքին վանահայր, եւ իր անունով ալ հետագային վանքը կոչուած է Գլակայ վանք ։
== Պատմութիւն Տարօնոյ ==
Զենոբ Գլակ «Պատմութիւն Տարօնոյ» գիրքը գրած է Գրիգոր Լուսաւորիչի յանձնարարութեամբ, ասորերէն կամ յունարէն: Այդ պատմութիւնը Է. դարուն հայերէնի թարգմանած եւ իր պատմութեան կցած է Յովհան Մամիկոնեան: Այդ պատճառով ալ ուսումնասիրողները (Գ. Խալաթեան եւ ուրիշներ) Զենոբ Գլակը համարած են Է. դարու պատմիչ: Ան իր գործին մէջ կը պատմէ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման, հեթանոսական մեհեաններու կործանման եւ քրիստոնէական եկեղեցիներու հիմնադրման մասին: Իբրեւ ականատես` Զենոբ Գլակ մանրամասն նկարագրած է Տարօնի քրմապետ Արձանին եւ անոր որդիին՝ Դեմետրին յամառ կռիւները Գրիգոր Լուսաւորիչին ու անոր սատարող ուժերուն դէմ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
23,951 | Վարազդատ Ղազանչեան | Վարազդատ Ղազանչեան (18 Մարտ 1879(1879-03-18), Երզնկա, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 19 Հոկտեմբեր 1974(1974-10-19), Բելմոնտ, Միտըլսէքս Գաւառ, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ վիրաբոյժ-ատամնաբոյժ։ Կազմողական վիրաբուժութեան հայր։ Կազմողական վիրաբոյժներու ամերիկեան ընկերակցութեան նախագահ։
== Կենսագրական գիծեր ==
Ծնած է Երզնկա։ 12 տարեկանին կորսնցուցած է հօրն ու ստիպուած եղած է աշխատելու` ընտանիքին օգնելու համար:
15 տարեկանին փախչած է համիտեան ջարդերէն եւ ապաստան գտած Մարսէլի մէջ, կարճ ժամանակ անց տեղափոխուած է Նիւ Եորք, այդտեղէն ալ` Կեդրոնական Մասաչուսէթս:
Գոյատեւելու համար Վարազդատ աշխատած է տարբեր գործարաններու մէջ, իբրեւ բանուոր:
Ծանր աշխատանքը չէ խանգարած զինք զբաղելու ինքնակրթութեամբ: Ան երեկոյեան դպրոց յաճախած է, անցած է անգլերէնի մասնաւոր դասեր:
Քանի մը տարի անց տեղափոխուած է Պոսթըն եւ ընդունուած է Հարվըրտի Ատամնաբուժական դպրոց: Կարճ ժամանակուան մէջ Ղազանչեան յաջողած է տաղանդաւոր ուսանողի համբաւ ձեռք բերել եւ աշխատանքի անցնիլ Հարվըրտի մէջ սկիզբը իբրեւ օգնական, այնուհետեւ 1915-ին դարձած է Հարվըրտի գլխաւոր ատամնաբոյժը:
== Գործունէութիւն ==
Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն, ան ամերիկացի բժիշկներու խումբի կազմի մը հետ մեկնած է Ֆրանսա` պատերազմի հետեւանքով վիրաւոր զինուորներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Այդ տարիներուն Ղազանչեան սկսաած է համատեղել արհեստական ատամներու ու դիմածնօտային վերականգնողական եւ կազմողական վիրահատութիւնները:
Ան դարձած է դաշնակիցներու բանակի ամենաճանչցուած վիրաբոյժը: Ֆելտմարշալ սըր Ճոն Ֆրենչը բարձր գնահատած է անոր ծառայութիւնը եւ այդ փաստաթուղթն անձամբ Ուինսթըն Չերչըլը ստորագրած է:
Ղազանչեան Եւրոպայի մէջ ծառայութիւնը շարունակած է մինչեւ 1918 եւ իր օգնականին հետ միասին Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն իրականացուցած է գրեթէ 3000 դիմածնօտային վիրահատութիւններ․ զինք անուանած են Արեւմտեան ճակատի «հրաշագործ (վունտեր) բժիշկ»:
Բժիշկ Ղազանչեան շարունակած է իր բժշկական ուսումնասիրութիւնները Հարվըրտի մէջ: Յայտնի բժիշկ Մարտին Տէրանեան Վարազդատ Ղազանչեանի մասին գիրք գրած է` վերնագրելով «Արեւմտեան ճակատի հրաշագործը». իր յիշողութիւններուն մէջ ան գրած է, որ Ղազանչեան պարզապէս սովորական ուսանող էր մինչեւ այն օրը, երբ բրիտանացի երկու անուանի վիրաբոյժներ եկան Հարվըրտ, փորձի փոխանակման, ինչպէս հիմա կ’ըսեն` սեմինարի, որուն ընթացքին ցուցադրեցին նաեւ իրենց կողմէ կիրառուող բժշկական նորարարական մեթոտները․«Երբ անոնք հանդիսատեսի շարքերուն նկատեցին Ղազանչեանը, բառին բուն իմաստով նետուեցան անոր վրայ եւ քաշեցին բեմ` ըսելով, որ այն տեխնիկան, որ հէնց նոր ցուցադրեցին, իրենց սորվեցուցած է բժիշկ Ղազանչեանը: Այդ օրուընէ ան Հարվըրտի մէջ հերոս դարձաւ»1940-ին ան ընտրուած է կազմողական վիրաբոյժներու ամերիկեան ընկերակցութեան նախագահ: Իր վայելած հեղինակութեան շնորհիւ Ղազանչեան երկու յայտնի հիւանդ ունեցած է` մէկը օդաչու Ֆրենք Հոուքսը, միւսը` յայտնի հոգեբան Զիգմունտ Ֆրոյտը․ բժիշկ Ղազանչեան յարդարած է քաղցկեղի հետեւանքով վնասուած Ֆրոյտի ծնօտը: Յայտնի հոգեբանը բժիշկին «հրաշագործ» անուանած է:
Բժիշկ Ղազանչեան շարունակած է աշխատիլ մինչեւ 85 տարեկան եւ կեանքէն հեռացած է 1974-ին` 95 տարեկանին:
Գրեթէ 50 աշխատանքային տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր վիրահատութենէ ետք ան հաւաքած է ծնօտի, ոսկորներու գաճաքարէ կրկնօրինակներ. հիմա ամբողջ հաւաքածուն, որ կ’ընդգրկէ գրեթէ 5000 ցուցանմուշ, ներկայացուած է Հարվըրտի համալսարանի Ղազանչեանի անունը կրող սրահին մէջ:
== Հայաստանի համար ==
Յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները բժիշկ Ղազանչեանին չեն մոռցուցած հայկական ծագումը: 1920-ին ան քաղաքական առաքելութեամբ մեկնած է Ուաշինկթըն` ներկայացնելու Հայաստանը, քանի որ ԱՄՆ կառավարութեան մէջ կը քննարկուէր Հայաստանի Հանրապետութեան տէ ֆակտօ ճանաչման հարցը:
== Կոչումներ եւ մրցանակներ ==
1916-ին՝ հրամանատար մայորի կոչում,
1916-ին՝ Սուրբ Միքայէլի եւ Սուրբ Գէորգի շքանշանի ասպետի կոչում,
1979-ին՝ Նիլ Ոուէնի մրցանակ, կազմողական եւ վերականգնողական վիրաբուժութեան ոլորտին մէջ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,659 | Արփիար Տէր Մարգարեան | Արփիար Տէր Մարգարեան (1889, Պիթլիս-1970) մէկն է այն բարձր հոգիներէն, որոնց շնորհիւ Ազգային Կեդրոնական վարժարանը շունչ ու ոգի ստացած է եւ մատղաշ սրտերու մէջ ներմուծած ընտանեկան, ազգային եւ համամարդակային սիրոյ վսեմ զգացումը։
== Կենսագրութիւն ==
Մարգարեան ծնած է Պիթլիսի Խուլթիկ գիւղը։ 1902-ին աւարտելով Պիթլիսի Ամերիկեան Հայ-Սքուլը, իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է նոյն վարժարանին մէջ եւ Մուշի Ամերիկեան վարժարանին մէջ՝ յաջորդաբար մէկական տարեշրջան։
1905-էն մինչեւ 1909 յաճախած է Խարբերդի Ամերիկեան Քոլէճը, որուն ընթացքը նոյն տարին աւարտելով տարի մը վարած է Պիթլիսի Ամերիկեան վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Ապա երկու տարի հետեւած է Իսթանապուլի Իրաւաբանական վարժարանի դասընթացքներուն վերջին տարեշրջանին՝ միեւնոյն ատեն աւարտած՝ Պահեստի Սպայից Զինուորական վարժարանը։
Մասնակցած է Պալքանեան եւ Ազգային Ընդհանուր պատերազմներուն, որոնց ընթացքին ստացած է հարիւրապետի աստիճան: Շրջան մը վարած է Ոստիկանական Զօրաց վարժարանի փոխ-տնօրէնութիւնը եւ կեդրոնի հրամանատարութիւնը։
1918-ին վերադառնալով, մինչեւ 1921 Ետիգուլէի Ս․ Փրկիչ եւ Օրթագիւղի որբանոցներուն մէջ աւանդած է հայերէն եւ անգլերէն։ 1921-1933 տարեշրջաններուն, նախ ուսուցիչ, ապա իբրեւ տնօրէն, պաշտօնավարած է Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ։ Հոնկէ անցած է Կեդրոնական վարժարան, որպէս դաստիարակ եւ հայերէնի ուսուցիչ։ 1939-41, երկու տարեշրջան՝ փոխ-տնօրէնութիւնը վարած է Կեդրոնականի։ Կեդրոնականէն բաժնուած է 1946-ին։
Վերջին անգամ պաշտօնավարած է Պէզազեան վարժարանին մէջ 1950-53։ Այնուհետեւ վերջնականապէս քաշուած է ասպարէզէն։
Ունի դասագիրքներու շարք մը՝ Ե․ եւ Զ․ դասարաններուն համար՝ Աղբերակ անունով։ Վերահրատարակած է Արամ Անտոնեանի Գանձարանի»ները, Ա․, Բ․, Գ․, Դ․, յաւելեալ եւ ճոխացեալ պարունակութեամբ։
Գրած է պատմուածքներ, որոնք ամփոփուած են երկու հատորներու մէջ՝ «Արձագանգ» (Պոլիս, 1946), եւ «Անցորդը» (Պոլիս, 1962)։
1932-1949 վարիչ խմբագիրը եղած է Ս․ Փրկիչ Ազգային Հիւադանոցի տարեգիրքերուն։ Աւելի ուշ երբ տարեգիրքը վերածուած է ամսաթերթի, վեց ամիս շարունակած է իր վարիչ-խմբագիրի պաշտօնը։
Հայերէնի թարգմանած է «Կիւզիտէ Սապրիի Նէտրէտ» վէպը։
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,207 | Հոլիուըտ Ֆորէվըր | Հոլիուըտ Ֆորէվըր, (անգլերէն՝ Hollywood Forever թարգմանաբար՝ Հոլիուուտ Ընդմիշտ)՝ Լոս Անճելըսի ամենահին գերեզմանատուներէն մեկն է:
Գերեզմանատան մէջ հիմնականին ամփոփուած են նշանաւոր շարժապատկերային արտադրութեան գործիչներու՝ դերասաններու, բեմադրողներու, թատերագիրներու, երաժիշտ-երգահաններու մարմինները: Գերեզմանատունը գործուն է եւ պարբերաբար կ'ընդունէ հանրային միջոցառումներ, ներառեալ երաժշտական եւ ամառային ֆիլմերու դիտումներ: 2011-ին գերեզմատունը որպէս համատեղ ընկերութիւն մասնակցած է ամերիկեան Silent Life համր ֆիլմի արտադրութեանը, որ հիմնուած էր Հոլիուուտի կուռք Ռուտոլֆ Վալենթինոյի պատմութեան վրայ:
== Պատմութիւն ==
Սա գերեզմանատունը Հոլիուուտին միակ գործողն է, հիմնուած է 1899-ին: 1920-ին գերեզմանատունն իր տարածքէն կտոր մը 40 աքր մակերեսով, վաճառած է Paramount Pictures-ին: Ձեռք բերուած հողակտորի մի մասը յատկացուած է հրէական Պէթ Օլամ հանգստարանին մոտակայ հրէական համայնքին համար:
== Նշանաւոր թաղուածներ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,370 | Ֆիլիփ Գաբրիէլեան | Ֆիլիպ Գաբրիելեան, Ծնած Պէյրութ 1874-ին եւ շարունական հօրը առեւտրական գործը։ Ա.Ընդհ. Պատերազմին կը փոխադրուի Դամասկոս, ուր հայ գաղթականներու օգնող յանձնախումբերու մաս կը կազմէ, կը կատարէ նաեւ Դամասկոսի մէջ Երուսաղէմի Սբ.Յակոբեանց Միաբանութեան պատկանող կալուածներու հսկիչ- գործակալի պաշտօնը։
== Ծանօթագրութիւններ == |
19,068 | ՅովհաննԷս Մասեհեան | ՅովհաննԷս Մասեհեան (ՅովհաննԷս Խան-Մասեհեան, 11 Փետրուար 1864(1864-02-11), Թեհրան, Իրան - 19 Նոյեմբեր 1931(1931-11-19), Հարպին, Eastern Provinces Special Region, Չինաստանի Հանրապետութիւն), իրանահայ թարգմանիչ, պետական հասարակական գործիչ, դիւանագէտ, հրապարակախօս, մանկավարժ եւ խմբագիր: Առաւել յայտնի է որպէս Ուիլիըմ Շէյքսփիրի եւ Ճորճ Պայրոնի ստեղծագործութիւնները հայերէն առաջին լուրջ եւ մինչ օրս ամենայաջողը համարուող թարգմանող։ Տիրապետեր է հայերէն, պարսկերէն, թրքերէն, յունարէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներուն: Ան թարգմաներ է նաեւ Կէօթէէն, Հայնէէն, Օմար-Խայեամէն, Թակորէն, նշանաւոր այլ գրողներէն: Մասեհեանը ոչ միայն գեղարուեստական երկեր թարգմանած է, այլեւ գիտութեան եւ արուեստին վերաբերող ուրիշ գիրքեր:
== Կենսագրութիւն ==
ՅովհաննԷս Մասեհեանը ծնած է Թեհրան, արքունիքի ոսկերչապետի ընտանիքի մէջ: Հայրը՝ Ծերունի աղա Մասեհեանը, պարսից Նասրետտին շահի արքունի ոսկերչապետն էր։ ՅովհաննԷսը հինգ տարեկանին յաճախեր է դպրոց։ Իր առաջին կրթարանը եղեր է Մկրտիչ վարդապետի Սուրբ Թադէոս-Բարթիղոմէոսի եկեղեցւոյ կից վարժարանը։ Միջնակարգ կրթութիւնն ստացեր է Թեհրանի Հայկազեան դպրոցին մէջ (1870-1878 թթ.) եւ Թաւրիզի մէջ (1879-1881 թթ.): Բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու նպատակով մեկներ է Փարիզ եւ 1884 թուականին աւարտեր Փարիզի ֆրանսական քոլեճը: Նոյն թուականին վերադառնալով Թեհրան՝ նշանակուեր է շահի պալատական թարգմանիչ, միաժամանակ ուսուցչութիւն ըրած է տեղի Հայկազեան դպրոցին մէջ: 1887 թուականին, որպէս շահի պատուիրակութեան աւագ թարգմանիչ, մեկներ է Լոնտոն: 1888-1896 թուականներուն եղած է Հայկազեան դպրոցի տնօրէնը, 1892 թուականին ընտրուեր «Ուսումնասիրաց ընկերութեան» նախագահ:
1894 թուականին մեկներ է Սեն Փեթերսպուրկ՝ որպէս շահի պատուիրակութեան թարգմանիչ, 1897 թուականին՝ Լոնտոն՝ որպէս պատուիրակութեան առաջին քարտուղար: 1895-1901 թուականներուն Պարսկաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ վարած է մամուլի բաժնի վարիչի, արեւելեան երկիրներու բաժնի պետի, գործնական տեսուչի պաշտօնները՝ շարունակելով մնալ շահի թարգմանիչը: Մեծ է իր երախտիքը պարսկական դպրոցներու հիմնադրման եւ ընդարձակման գործին մէջ: 1899 թուականին իր նախաձեռնութեամբ Թեհրանի մէջ բացուեր է քաղաքական գիտութիւններու դպրոցը, ուր ան եղած է միջազգային իրաւունքի եւ ընդհանուր պատմութեան ամպիոնի վարիչը ու դասախօս: 1901 թուականէն կը սկսի է իր կեանքի եւրոպական փուլը, որը նշանակալից էր ոչ միայն դիւանագիտական աշխատանքի, այլեւ գրական-ստեղծագործական եւ ազգային-հասարակական գործունէութեան տեսակետէն: 1901 թուականին նշանակուեր է Պերլինի մէջ Պարսկաստանի դեսպանի խորհրդական, 1905 թուականին՝ գործերու հաւատարմատար: Պարսկաստանը ներկայացուցած է միջազգային շարք մը խորհրդաժողովներուն՝ Պերլինի, Փարիզի, Լոնտոնի մէջ եւ այլուր: 1911 թուականին վերադարձեր է Թեհրան՝ շահի խնամակալի խորհրդականի պաշտօնով:
== Գործունէութիւն ==
1912 թուականէն սկսած ան եղած է Պարսկաստանի դեսպանը Գերմանիայի մէջ, իսկ 1927-1929 թուականներուն՝ Մեծ Բրիտանիայի մէջ: Եղած է նաեւ Պարսկաստանի առաջին դեսպանը Ճափոնի մէջ:
1894 թուականի աշնանը Հայոց հրատարակչական ընկերութիւնը լոյս ընծայեց «Համլեթը»՝ Մասեհեանի թարգմանութեամբ: ՅովհաննԷս ՅովհաննԷսեանը եւ ՅովհաննԷս Թումանեանը բարձր գնահատեր են այս թարգմանութիւնը: Անդրադառնալով Մասեհեանին, ՅովհաննԷս Թումանեանը գրախօսականին մէջ գրած է.
Ըստ Գէորգ Էմինի՝ Մասեհեանի թարգմանութիւնները «գերազանց են» եւ «հրաշալի կը հնչեն հայերէնով»: Մասեհեանի թարգմանութիւնները միշտ եղած են հայկական թարգմանչական գործունէութեան երկար պատմութեան մեծագոյն գանձերու թուով:
1894 թ. հիմներ եւ խմբագրեր է պարսկահայ առաջին տպագիր օրկանը՝ «Շաւիղ» շաբաթաթերթը, Թեհրան:
Որպէս դիւանագէտ` ան պատասխանատուութիւն կը կրէր Իրանի մէջ ներկայացնել Արեւմտեան երկիրներու քաղաքական միտքերը եւ գիտարուեստական նորարարութիւնները:
Մահացեր է 1931 թուականի 19 Դեկտեմբերին (Harbin) Հարպինի մէջ՝ [[Թոքիո]]յէն Թեհրան վերադառնալու ճանապարհին:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Մասեհեանի կողմէն «Համլեթի» թարգմանութեան վերաբերեալ Թումանեանի գրախօսականը |
17,541 | Կարապետ Հաննէսեան | Կարապետ Հաննէսեան (1925, Պէյրութ, Լիբանան - 18 Փետրուար 2019(2019-02-18), Պէյրութ, Լիբանան), Սփիւռքի մէջ հայ երգի տարածման եւ հրատարակման ինքնուրոյն դերը ստանձնած «Շիրակ» հրատարակչատան «Շիրակ երգարան»-ի հեղինակ եւ հրատարակիչ:
Սփիւռքի մէջ հայ գիրքին հանդէպ սէր եւ նուիրում ունեցող անհատները իրենց աշխատանքով, զոհողութիւններով եւ անանձնական պահուածքով շնորհակալ դեր ունեցած են, եւ Կարապետ Հաննէսեանը այդ անձերէն մէկն է:
== Կենսագրութիւն ==
Կարապետ Հաննէսեան յաճախած է իր ծննդավայր Նոր Հաճնոյ Սահակեան Գոլէճը մինչեւ վեցերորդ դասարան, հայերէնի ուսուցիչ ունենալով Յակոբ Պուճիգանեանը: Նախակրթարանի վեցերորդ դասարանը աւարտելէ ետք, կ'անցնի գրաշարական աշխատանքի՝ Տօնիկեան Տպարանին մէջ։ Մինչեւ աւարտելը, սակայն, դպրոցական տարիներուն իսկ, ան կ'երթար իր բնակած թաղամասին մէջ գտնուող եւ Հնչակեան Կուսակցութեան պատկանող «Արարատ Օրաթերթ»-ին տպարանը... գրաշարութիւն սորվելու համար: Նախ սնտուկներուն մէջը գտնուող տառատեսակները ճշդելէ ետք, գիրերը շարելու կը ձեռնարկէի, կարծես գրաշար ըլլայի: Ամառները մանաւանդ, կ'աշխատէի հայկական տպարաններէն ներս, զարգացնելու համար գրաշարութեան արհեստս»12: Հաւանաբար 1940-ականներու կէսերուն, Կարապետ կը ձեռնարկէ ինքնուրոյն տպագրութեան աշխատանքի, հիմնելով իր «տպարանը»: Ան կը բացատրէ, որ այդ շրջանին տպարան հաստատել կը նշանակէր գրաշարութեան մեքենան ձեռք անցընել: Ինք պահ մը Արարատ Օրաթերթի գրաշարական մեքենայ կը գործածէ իբրեւ տպագրական մեքենայ եւ, հետեւաբար, իր տպարանը կը հաստատէ Նոր Հաճընի մէջ (ուր կը գտնուէին Արարատի խմբագրատունն ու տպարանը), Շիրակ անունով, Սահակեան Գոլէճի դիմացը: «Տպարանը երկու սենեակէ կը բաղկանար, ուր կային գրաշար մեքենայ մը եւ տպագրող մեքենայ մը»: Կարապետ ի՛նք կը կատարէր գրաշարութիւնը Յակոբ Սարաֆեանի հետ, իսկ տպագրիչը մասնակի ժամանակով կ'աշխատէր, մինչ Կարապետին եղբայրը՝ Յովհաննէս, կը կատարէր սրբագրութիւնները: Միառժամանակ ետք, Արարատ եւ Շիրակ տպարանները կը բաժնուին, եւ Հաննէսեանները կ'ունենան իրենց տպարանը` դարձեալ Նոր Հաճնոյ մէջ։ Տպարանի գործունէութեան նոր հանգրուանը կը սկսի 1952-ին15, երբ այդ ամռան սկիզբը Կարապետ Հաննէսեան եւ Յովսէփ Փանոսեան «միասնաբար, որպէս գործի արհեստակից ընկերներ, կը վարձեն...[Պէյրութի հայաշատ] Նահր Պողոտայի մայր գիծին վրայ գտնուող [կալուած մը]...որպէս ՏՊԱՐԱՆ, բաղկացած սենեակներէ, նրբանցքներէ...: Տպարանը վարձուելէն ետք սկսած էր իր աշխատանքին իր սկզբնական մեքենայով: 1954-ին տպարանը կ'օժտուէր [տպագրական] նոր մեքենայով մը եւս, 25x35 չափով, F.L. մարքայով»: 28 Փետրուար 1956-ին Կարապետ եւ Յովսէփ «համաձայնաբար կը բաժնուին իրարմէ: Կարապետ Հաննէսեան եւ իր եղբայրը՝ Յովհաննէսը կը գնեն Յովսէփ Փանոսեանի բաժինը»: Նոյն տարին, թիւ 8989 պետական հրամանագրով կ'օրինականանայ այս հաստատութիւնը: 1964-ին Պէյրութի քաղաքապետարանի թիւ 63-2467 հրամանագրով տպարանը կը դասուի «բարձր»: 1972-ին, տպարանին կից կը հիմնուի Շիրակ Գրատունը: 1974-ին տպարանին կալուածը կը ծախուի այլ անհատի: 1994-ին տպարանը կը փոխադրուի մօտակայ Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանը, ուր կը բանի ան՝ տպագրական ամբողջական եւ կազմարարական մասնակի համակարգով: Այդ տարին տպարանին տնօրինութիւնը կը ստանձնէ Կարապետ Հաննէսեանի անդրանիկ զաւակը՝ Վիգէնը, որ ձեռնհասօրէն կը վարէ տպարանը, անոր ապահովելով թէ՛հայ եւ թէ՛ոչ հայ մեծաթիւ յաճախորդներ:
== Հրատարակիչի Հրաժեշտը ==
18 Փետրուար 2019-ին հրաժեշտ կու տար այս աշխարհին` 94 տարեկան հասակին: Ան հրատարակչական, հրապարակագրական եւ մշակութային նշանակալից վաստակ մը կը թողու իր ետին: Կարապետ Հաննէսեան եղաւ, ապրեցաւ եւ մնաց համեստ մարտիկը հայ մամուլին, գիրին, տիպ ու տառին:
== Վկայութիւն Կարապետ Հաննէսեան Մարդուն Մասին ==
== «Շիրակ» հրատարակչատունը ==
1952-ին Կարապետ Հաննէսեան եւ Յովհաննէս Հաննէսեան եղբայրներ հիմը կը դնեն տպարանի մը, որ պիտի դառնար լիբանանահայ տիպ ու տառին ջերմ օճախներէն մին: Տպարանը իր մամուլի գլաններէն հայ ընթերցողին պիտի հրամցնէր արեւմտահայ, սփիւռքահայ թէ հայրենի գրողներէ բազմահարիւր գիրքեր, բառարաններ, երազահաններ, զուարճալի պատմութիւններու հատորներ, լեզուներ սորվելու զրուցարաններ, մանկապատանեկան հրատարակութիւններ եւ այլն:
Յովհաննէս Հաննէսեան կը գաղթէ ԱՄՆ` Քալիֆորնիա, ուր կը զբաղի նաեւ գրականութեամբ` վէպեր եւ գիրքեր ընծայելով հայ գրականութեան: Ան աւելի հակուած էր գեղարուեստական գործերու վրայ:
Կարապետ Հաննէսեան կը մնայ Պէյրութ, կառչելով Լիբանանին` հաւատալով անոր կայունացման եւ վերելքին: Տպարանը 1994-էն կը ստանձնէ իր որդիներէն մին` Վիգէնը: Գրատունը կը բանեցնէ միւս որդին` Յակոբը: Կ. Հաննէսեան յառաջացեալ տարիքի բերումով աստիճանաբար կը քաշուի հրապարակէն: Վերջին տարիներուն համարեա հիւծած էր ան եւ 18 Փետրուար 2019-ին հրաժեշտ կու տար այս աշխարհին` 94 տարեկան հասակին: Ան հրատարակչական, հրապարակագրական եւ մշակութային նշանակալից վաստակ մը կը թողու իր ետին: Ան եղաւ, ապրեցաւ եւ մնաց համեստ մարտիկը հայ մամուլին, գիրին, տիպ ու տառին:
Կարապետ Հաննէսեանը իր հրապարակագրական յօդուածներով, գիրքերու հրատարակութեամբ եւ մասնաւորապէս «Շիրակ երգարան»-ի շարունակական տարիներու լոյս ընծայման առումով մեծ վաստակ ունի:
«Շիրակ» հրատարակչատունը նաեւ սփիւռքահայ կեանքին մէջ հայ գիրքի հրատարակութեան եւ ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու առումով իր ներդրումը ունեցած է:
== «Շիրակ երգարան»-ը ==
Կարապետ եւ Յովհաննէս Հաննէսեան եղբայրներուն նախաձեռնութեամբ 1952-ին Լիբանանի մէջ սկսած է լոյս տեսնել «Շիրակ» երգարան։ Տասնեակ տարիներ «Շիրակ երգարան»-ը բոլոր սփիւռքահայերուն տուները մուտք գործած է, այդ ալ այն տարիներուն, երբ հայ երգի տարածման եւ պահպանման ի խնդիր ընդհանուր ճիգ մը ի գործ կը դրուէր: Պէտք է ընդգծել, որ ինչպէս Ատիս Հարմանտեանը, Լեւոն Գաթրճեանը, Մանուէլ Մէնէնկիչեանը հայ երգը տարածեցին, Կարապետ Հաննէսեանի «Շիրակ երգարան»-ն ալ այդ աշխատանքը ամբողջացնող մեծ գործ կատարեց եւ գալիք տարիներուն ալ այս երգարանները իրերայաջորդ սերունդներուն համար կարեւոր պիտի ըլլան:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Դոկտոր Անդրանիկ ՏԱԳԷՍԵԱՆ ՇԻՐԱԿ ՏԵՂԱՆՈՒՆՆ ԻԲՐԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ
== Տե՛ս նաեւ ==
Շիրակ Երգարան
Շիրակ տպարան-հրատարակչատուն |
6,502 | Վիզի Ցաւ | Վիզի ցաւը հիւանդութիւն մը չէ, այլ` ախտանշան մը, որ կը յայտնուի շատ մը հիւանդութիւններու եւ անբնական երեւոյթներու պատճառով: Ժողովուրդին 25 տոկոսը կը գանգատի վիզի ցաւէ: Անիկա կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ երկու սեռերու մէջ, առանց խտրութեան:
Վիզի ցաւը լաւապէս հասկնալու համար պէտք է գիտնանք վիզի կազմուածքը:
== Յաւելեալ ==
Վիզը կազմուած է ողնայարի պարանոցային (cervical) եօթը ողնոսկրներէ (vertebra) եւ անոնց միջողնոսկրային սկաւառակներէ (intervertebral disc), պարանոցային ողնածուծէ, ջիղերու, երակներու եւ զարկերակներու հարուստ ցանցէ մը, խումբ մը մկաններէ եւ մկանաձգաններէ (tendon), աւշագեղձերէ եւ խումբ մը օրկաններէ` վահանագեղձ, յարվահանագեղձեր, որկորի սկզբնաժին եւ խռչափող: Այս բոլորը ծածկուած են եւ պաշտպանուած են մորթով: Այս բոլորին հիւանդութիւններով եւ անբնական երեւոյթներով կը յառաջանայ վիզի ցաւը:
Ցաւը կը յայտնուի վիզի որեւէ մէկ մասին մէջ: Անիկա կ'ըլլայ ժամանակաւոր կամ մնայուն, մեղմ կամ սաստիկ, անակնկալ կամ յարաճուն (progressive), տեղային կամ տարածուն-արտաուղղուած (radiated): Վիզի ցաւը երբեմն կը սաստկանայ գլխու շարժումով:
Վիզի ցաւին կ'ուղեկցին յաճախ այլ ախտանշաններ, օրինակ` բազուկի եւ ձեռքի տկարութիւն, մատներու թմրութիւն, ասղնտուք եւ տկարութիւն, բազուկի մկանային ցաւ, կլլելու դժուարութիւն, գլխապտոյտ եւ գլխացաւ եւ ուսերու ու դէմքի ցաւ:
== Պատճառներ ==
Վիզի ցաւը կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով.
Վիզի հարուած եւ վնաս (head trauma), որ կրնայ ըլլալ արտաքին ուղղակի հարուած, մարզանք, ինքնաշարժի արկած,
Վիզի մկանային ճնշում եւ պրկուածութիւն (sprain, strain),
Վիզի աւշագեղձերու ծաւալում եւ խլիրդ,
Վիզի սխալ դիրքաւորում` քնանալու եւ աշխատելու ընթացքին,
Սխալ բարձի գործածութիւն քունի ընթացքին,
Երկար ժամանակ վիզը պահել մէկ դիրքի վրայ անշարժ, մանաւանդ` համակարգիչի դիմաց,
Սաստիկ պաղ օդի եւ հովի ենթակայութիւն եւ, հետեւաբար, վիզի մկանաձգաններու պրկուածութիւն,
Վիզի ողնայարի յօդակապաններու (joint ligaments) վնաս-հարուած. մասնաւորապէս` ինքնաշարժի ցնցումային վնաս-արկած (whiplash),
Սկաւառակահիւծիչ հիւանդութիւն (degenerative intervertebral disc disease),
Միջողնոսկրային սկաւառակի ճողուածք (intervertebral disc herniation),
Ողնայարի-ողնոսկրներու բորբոքում (vertebral osteoarthritis),
Շարահիւսուածքային յօդաբորբ (rheumatoid arthritis),
Բնաթելամկանատապ (fibromyalgia),
Բազմամկանատապ (polymyalgia),
Կոկորդի բորբոքումներ,
Ուղեղապատեանաբորբ (meningitis),
Վահանագեղձի ծաւալում (hyperthyroidism) եւ խլիրդ,
Յարվահանագեղցի (parathyroid) խլիրդ,
Վահանալեզուածորի պարկի (thyroglossal duct cyst) բորբոքում,
Վիզի ողնայարի կողմնածռութիւն (scoliosis),
Ծուռվզութիւն (torticollis),
Վիզի մորթային զանազան հիւանդութիւններ:
Վիզի ցաւը ընդհանարապէս կ'ըլլայ ժամանակաւոր եւ անցողակի: Այս կը նշանակէ, որ լուրջ հարց մը գոյութիւն չունի: Վիզի ցաւին ուղեկցող հետեւեալ ախտանշանները` բազուկի եւ ձեռքի տկարութիւն, մատներու թմրութիւն, ասղնտուք եւ տկարութիւն, կը մատնանշեն մտահոգիչ հիւանդութեան մը գոյութիւնը:
== Տարածման Պատճառներ ==
Վիզի ցաւը կրնայ արտաուղուիլ դէպի ուս, բազուկ, ձեռք, մատներ եւ գանկի ստորոտը հետեւեալ ախտաբանական պատճառներով.
Միջողնոսկրային սկաւառակի ճողուածք,
Միջողնոսկրային ջիղերու անցքերու նեղացում:Այս երկու պատճառներով ողնածուծէն դէպի վիզ գացող ջիղերը կը ճնշուին, եւ տեղի կ'ունենայ վիզի ցաւ եւ վիզէն դուրս արտաուղղուած ցաւ:
Պարանոցային ողնայարի խողովակի (vertebral canal) նեղացում, որուն պատճառով ողնածուծը եւ ողնածուծէն դէպի վիզ գացող ջիղերը կը ճնշուին: Այս պատճառ կը դառնայ վիզի ցաւի եւ վիզէն դուրս արտաուղղուած ցաւի:Սուր եւ անակնկալ վիզի ցաւը կը պատահի` վիզի մկաններու անակնկալ պրկուածութեամբ, յօդակապաններու վնաս-հարուածով, մկանաձգաններու պրկուածութեամբ, ինքնաշարժի արկած-ցնցումով, սխալ պառկելու դիրքով, սխալ բարձի գործածութեամբ:
== Քննութիւններ ==
Զանազան տեսակի քննութիւններ կը կատարուին հասնելու համար վիզի ցաւի հիմնական ախտապատճառին: Կը կատարուին վիզի Քէ. ճառագայթային պարզ նկարում, համակարգչային շերտագրական նկարում (CT Scan), մկանագրութիւն (myelogram), մագնիսարձագանգային (MRI) նկարում, ելեկտրամկանանկարում(EMG) եւ ջղահաղորդումի արագութեան քննութիւն (nerve conduction velocity test, NCVT): Հիմնական ախտը գիտնալէ ետք կը կատարուի այդ ախտին դարմանումը: Մինչ այդ անշուշտ ցաւաբեկ դեղերը ժամանակաւորապէս մեծ օգտակարութիւն կ'ունենան Both cervical manipulation and cervical mobilisation produce similar immediate-, and short-term changes; no long-term data are available.Կաղապար:Update inlineLow level laser therapy has been shown to reduce pain immediately after treatment in acute neck pain and up to 22 weeks
after completion of treatment in patients with chronic neck pain.:
== Ցաւի Մեղմացում ==
Անցողակի եւ ոչ մտահոգիչ վիզի ցաւը կը մեղմանայ հետեւեալ դարմանամիջոցներով.
Վիզը հանգիստ եւ անշարժ պահել,
Վիզի մարձում եւ մեղմ մարզանք,
Վիզի ջերմադարմանում (պաղ կամ տաք),
Հագստաւէտ բարձի գործածութիւն,
Վզաձգում (neck traction),
Ցաւաբեկ, մկանահանդարտեցուցիչ դեղեր,
Քորթիզոնի գործածութիւն, որ պէտք է կատարուի բժշկական լուրջ հսկողութեամբ: Քորթիզոնը կը գործածուի զանազան ձեւերով` տեղային, մորթային, ներմկանային, ներմորթային եւ ներերակային,
Բնաբուծութիւն (physiotherapy),
Մտախոհութիւն-խոհականութիւն (yoga),
Ասեղնաբուժութիւն (acupuncture) :
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,280 | Սահակ Վրդ. Քէշիշեան | Սահակ Վրդ. Քէշիշեան, Հալէպի Յիսուսեան Հայրերու Սուրբ Վարդան վարժարանի տնօրէն: Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ ան եղած է նաեւ Սկաուտական շարժումի հոգեւոր հայր։ Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի տնօրէն: Ուսուցիչ, դաստիարակ, հայր, ղեկավար, առաջնորդ ու հովիւ:
== Կենսագրութիւն ==
Սահակ Վրդ. Քէշիշեան ծնած է 15 Դեկտեմբեր 1917-ին, Կիլիկիոյ Մարաշ Քաղաքին մէջ։ Մարաշի Աղէտէն ետք, 1922-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Հալէպ, ապա՝ Դամասկոս։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Դամասկոսի Յիսուսեան Հայրերու Ֆրանսահայ Վարժարանին մէջ (1926-1931)։ Ան ապա կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը յաճախէ Յիսուսեաններու Սէն Ժոզէֆ համալսարանի նորընծայարանը (193) -1936)։
Աւարտելէ ետք համալսարանական ուսումը, քահանայ կը ձեռնադրուի 31 Հոկտեմբեր 1948-ին ձեռամբ երջանկայիշատակ Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Ի. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին։ 1952-ին կը նշանակուի Հալէպի Յիսուսեան Հայրերու Սուրբ Վարդան վարժարանի տնօրէն եւ իր պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1960 թուականը, երբ կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը ստանձնէ 1923-ին Մայիս մէկին հիմնուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնը, զոր կը վարէ մինչեւ 1998 թուական, միաժամանակ հայագիտութիւն դասաւանդելով Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Հայագիտական Ամբիոնին մէջ։
Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ եղած է նաեւ Սկաուտական շարժումի հոգեւոր հայր։
Խորհրդային Միութեան շրջանին Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան այն հազուագիւտ հոգեւորականներէն էր, ով 23 անգամեր այցելած է Հայաստան։
Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան մահկանացուն կնքած է 2005-ի Օգոստոս 24-ին, Պէյրութի մէջ։
== Գրականագիտական, պատմական ու թարգմանչական աշխատութիւններ ==
Սահակ Վրդ. Քէշիշեան ունեցած է մտաւորականի բեղուն կեանք մը։ Կատարած է զանազան երկերու թարգմանութիւններ՝ գրաբարէ եւ ֆրանսերէ, որոնցմէ գլխաւորներէն նշենք՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս Որդի», «Ողբ Եդեսիոյ» եւ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնցաիի «Պատարագի մեկնութիւնը»։
Ֆրանսերէնէ թարգմանած է նախ Նարեկացիի աղօթամատեանին (հրատարակուած 1961-ին, Փարիզ) ապա Ներսէս Շնորհալիի հետեւեալ ստեղծագործութիւններուն.
-«Յիսուս, Հօր Միածին Որդի» (հրատարակուած 1973-ին, դարձեալ Փարիզ)
-«Ողբ Եդեսիոյ», «Հաւատոյ խոստովանիմ»
-«Առաւօտ լուսոյ» (հրատարակուած յաջորդաբար 1984-ին, 1985-ին եւ 1987-ին Սբ. Ղազարի մէջ, Վենետիկ)
-Ասողիկ եպիսկոպոսի «Տիրամայր Յուսոյ» ստեղծագործութեան (հրատարակուած 1996-ին, Էջմիածին)
-Սբ. Ներսէս Լամբրոնացիի «Մեկնութիւն Սբ. Պատարագի» գործին (2000-ին, Պէյրութ):
Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան ֆրանսերէնի թարգմանած է նաեւ Վահագն Դաւթեանի «Ռեքուիեմ»-ը, որ հրատարակուած է 1986-ին Պէյրութ, Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան եօթանասունամեակի ոգեկոչումին առիթով:
Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան մասնակցած է գիտաժողովներու, կարդացած՝ զեկուցումներ եւ տուած՝ դասախօսութիւններ: Ան աշխատակցած է նաեւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին (հտ. ԺԳ.):
Իր այս թարգմանչական աշխատանքներուն համար, տարիներով ձեռագրային պրպտումներ կատարած է յատկապէս Երեւանի Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին մէջ։ Հայաստան կատարած իր 23րդ ու վերջին ճամբորդութենէն հազիւ վերադարձած, վախճանած է Պէյրութ, 24 Օգոստոս 2005-ին:
== Աղբիւրներ ==
Սահակը, Բոլորին Սիրոյն Ու Յարգանքին Առարկան Դարձած Սրբակեաց Մարդն Էր»
Յիշատակի Ս. Պատարագ` Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի ծննդեան 100-ամեակի առիթով
Մեր ժամանակակից թարգմանիչը՝ Հ. Սահակ վրդ. Քէշիշեան (1917-2005)
Յիշատակի Համաշխարհային օր նուիրուած Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանին։
Հայր Սահակ Վարդապետ Քէշիշեանի Ծննդեան 100-ամեակին Առթիւ
Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Անթառամ Յիշատակին
Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Նախկին Աշակերտներուն Հետ |
4,352 | Մաղզմայ | Մաղզման եկեղեցական մետաղէ հարթ կլոր ափսէ մըն է, որ սկիհին բերանը ծածկելու կը ծառայէ: Անոր վրայ, պատարագի ատեն, նուիրական նշխարը կը դրուի:
== Խորհրդանշում ==
Կը խորհրդանշէ խաչը որուն վրայ խաչուեցաւ Յիսուս, մարդկութեան փրկութեան համար:
Կը խորհրդանշէ գերեզմանը, ուր դրուեցաւ Յիսուսի մարմինը յարութենէն առաջ:
Կը խորհրդանշէ նաեւ գերեզմանին առջեւ դրուած քարը, որ յարութեան օրը տապալեցաւ:
Անոր կլորութիւնը կը խորհրդանշէ կատարելութիւնը ու կը նմանի արեւու:Ս. Աւետարանին մէջ չէ յիշուած թէ Յիսուս գործածեց մաղզմայ մը, այլ «առաւ հացը իր սուրբ ձեռքերուն մէջ օրհնեց, բեկանեց ու բաժնեց իր աշակերտներուն ըսելով…» (Մատթ. 26, 26):
=== Շինութիւն ===
Մաղզման կը շինուի սկիհբաժակին մետաղէն:
== Աղբիւրներ ==
Աւետաբեր, 1997, Պէյրութ, Լիբանան. |
15,124 | Կաունաս | Կաունաս (նախկինում՝ Կովնո), քաղաք Լիտվայի մէջ։
Նավահանգիստ Նյամունաս գետի ափին։ Արդյունաբերական կեդրոն է, երկաթուղային եւ ավտոխճուղային հանգոյց։ Ունի 370 հազար բնակիչ (1979)։ Արդյունաբերութեան հիմնական ճիւղերն են մեքենաշինութիւնն ու մետաղամշակումը, թեթեւ եւ սննդի արդյունաբերութիւնը։ Կաունասը գեղարուեստական արհեստագործութեան հնագոյն կեդրոններեն է։ Առաջին անգամ հիշատակուած է XI դարուն։ Հին քաղաքի մէջ պահպանուած ճարտարապետական հուշարձաններեն են՝ դղեակը (XIII-XVII դարեր), Վիտաուտո եկեղեցին (հիմնադրուած է 1400-ին), կաթողիկե տաճարը (15 դար, ավարտուած է 17-րդ դարուն), Մասալսկիներու պալատը (17-րդ դարի սկիզբ), ռատուշան (1542, վերակառուցուած է 18-րդ դար)։ 19-րդ դարուն հին քաղաքեն ծնունդ առած է Կաունասիի նոր շրջանը (համաձայն 1847-ին եւ 1871-ին մշակուած գլխավոր հատակագծերու)։ 1920-40-ական թուականներուն քաղաքը բուռն զարգացած է։ Սովետական ժամանակաշրջանին Կաունասի մէջ գլխաւոր հատակագծերով (1952, ճարտարապետ Բուչաս, 1970, ճարտարապետ՝ Տանուլիս) կառուցուած են բնակելի զանգուածներ, հասարակական շենքեր։ Կաունասի մէջ են՝ Ձերժինսկիի (բրոնզ, բետոն, 1947, քանդակագործ՝ Մերկուրով) եւ Ներիսի (բրոնզ, գրանիտ, 1955, քանդակագործ Բուչաս (հուշարձանները, Չուռլյոնիսի պատկերասրահը (1969, ճարտարապետ Վիտաս)։
== Բնակչութիւն ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
21,193 | Յովսէփ Օրբելի | Յովսէփ Աբգար Օրբելի, հայ արեւելագէտ, հնագէտ, հասարակական գործիչ։ ԽՍՀՄ ԳԱ ակադեմիկոս (1935), ՀԽՍՀ ԳԱ ակադեմիկոս եւ առաջին նախագահը (1943-1947)։ Լոնտոնի հնագիտական ընկերութեան պատուաւոր անդամ (1944), Իրանի ԳԱ թղթակից անդամ (1945)։
== Կենսագրութիւն ==
Յովսէփ Օրբելին ծնած է 20 Մարտ 1887-ին Քութայիս քաղաքին, Աբգար Օրբելիի ընտանիքէն ներս։ Եղած է ընտանիքին կրտսեր որդին։
1904-ին աւարտած է Թիֆլիսի արական 3-րդ Գիմ վարժարանը, ուր ուսուցիչ ունեցած է Ս. Ժեբելյեւը, Մ. Ռոստովցեւը, Ֆ. Զելինսկին, արեւելագէտ Եա. Սմիռնովը, բիւզանդագէտ Վ. Բենեշեւիչը՝ զուգահեռաբար հետեւելով նաեւ արեւելագիտութեան հայ-վրաց-պարսկական բաժինի դասընթացքներուն։
Ուսանողական տարիներուն զբաղած է գիտական գործունէութեամբ. Պրոքհաուզի եւ Եֆրոնի նոր հանրագիտական բառարանի համար գրած է հայկական, վրացական եւ իսլամական արուեստին վերաբերող յօդուածներ, Նիկողայոս Մառի ղեկավարութեամբ մասնակցած է Անիի պեղումներուն եւ այլ հնագիտական արշաւախումբերու։
1909-ին ուսումնասիրած է Լեռնային Ղարաբաղի հայկական արձանագրութիւնները։
1911-էն աշխատած է Սեն Փեթերսպուրկի համալսարանի հայ-վրացական բանասիրութեան ամպիոնին։ 1911-1912, ԳԱ գործուղմամբ, ուսումնասիրած է Սոկսի հայերու եւ քիւրտերու բարբառն ու բանահիւսութիւնը, Էրզրումի, Բայազիտի, Վանի, Աղթամարի եւ Բագաւանի ճարտարապետական յուշարձանները, հնագիտական պեղումներ կատարած է Թոփրաք քալէի եւ Հայկաբերդի մէջ։
1912-ին ընտրուած է Սեն Փեթերսպուրկի Ռուսաստանի հնագիտական ընկերութեան անդամ։
1914-էն Սեն Փեթերսպուրկի համալսարանի արեւելագիտական մասնաճիւղին մէջ դասաւանդած է հնագիտութիւն եւ Հայաստանի պատմութիւն, հայկական արձանագրագիտութիւն եւ քրտերէն։
1916-ին Նիկողայոս Մառին հետ Վանի մէջ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերած է Սարդուրի Բ.-ի մեծածաւալ սեպագիր արձանագրութիւնը։
1917-1918 շարունակած է աշխատանքը Փեթրոկրատի համալսարանին մէջ, դասաւանդած է նաեւ Հնագիտութեան հիմնարկէն ներս, Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն ներս, ընտրուած է Պետական հնագիտական յանձնաժողովի խորհուրդի անդամ, Մոսկոֆեան հնագիտութեան ընկերութեան իսկական անդամ։
1919-ին՝ Խորհրդային Ռուսաստանի լուսժողկոմատի՝ թանգարաններու քարտուղար, մեծ աշխատանք տարած է մասնաւոր հաւաքածոներու թանգարանային նմուշները պետական սեփականութիւն դարձնելու ուղղութեամբ։
Մասնակցած է Նիւթական մշակոյթի պատմութեան ռուսաստանեան (հետագային՝ պետ.) ակադեմիոյ հիմնադրմանը, 1919-ի Օգոստոսին ընտրուած է այդ ակադեմիոյ անդամ, գլխաւորած է Հայաստանի եւ Վրաստանի հնագիտութեան ու արուեստի բաժինը։
1920-ին՝ Փեթրոկրատի Էրմիթաժի (կերպարուեստի եւ կիրառական արուեստի թանգարանին) աւանդապահը,
1926 -ին հիմնած եւ գլխաւորած է Արեւելքի բաժինը,
1934-1951 ՝ Էրմիթաժի տնօրէն։
Հայրենական պատերազմի (1941- 1945) սկիզբին կազմակերպած է Էրմիթաժի գեղարուեստի արժէքներու տարհանումը Սվերդլովսկ (այժմ՝ Եկատերունպուրկ), այնուհետեւ պաշարուած մնալով Լենինկրատի մէջ՝ ապահոված է էրմիթաժի եւ շարք մը այլ հաւաքածոներու՝ քաղաքին մէջ գտնուող թանգարանային նմուշներու պահպանումը։
1946-ին Նիւրնպերկի դատավարութեան մասնակցած է իբրեւ մեղադրող կողմի վկայ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
865 | 302 (թիւ) | 302 (երեք հարիւրերկու) զոյգ եռանիշ բնական թիւ է 301-ի եւ 303-ի միջեւ
== Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ ==
A007770 ուրախ թիւ է
A001358 իննսունվեցերորդ կիսապարզ թիւն է
Alt 302 գործադրելիս կը ստացուի . նշանը
տարուայ 302րդ օրն է Հոկտեմբեր 30-ը (նահանջ տարիներուն՝ Հոկտեմբեր 29-ը)
302 Քլարիսա աստեղնեակի կարգային թիւն է
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,837 | Ապտալլահ Պըն Ապտուլ-Ազիզ-Ալ-Սաուտ | Ապտալլահ Պըն Ապտուլ-Ազիզ-Ալ-Սաուտ (1 Օգոստոս 1924(1924-08-01), Ալ-Ռիատ, Էև-Ռիյադ, Սէուտական Արաբիա - 23 Յունուար 2015(2015-01-23)[…], Ալ-Ռիատ, Էև-Ռիյադ, Սէուտական Արաբիա), Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր (2005 - 2015)։ Գրաւելով աշխարհի Ամենաազդեցիկ մարդոց ցուցակին 11-րդ դիրքը։
== Կենսագրութիւն ==
Ապտալլահ Պըն Ապտուլ-Ազիզ-Ալ-Սաուտ ծնած է 1 Օգոստոս 1924-ին Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ար-Ռիյատի մէջ` արքայի ընտանիքին։
== Ընտանիք ==
Անոր ամենափոքր երեխան ծնած է 2003 թուականին, երբ ան 79 տարեկան էր։ Անոր որդին՝ արքայազն Միշաալը, 2013 թուականէն սկսեալ Մեքքայի մարզպետն է։ Միւս արքայազն Խալըտ Ալ ֆայսալը Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարն է՝ մինչ այդ, 2009 թուականին ան ծառայած է որպէս Նաժրան նահանգի կառավարիչ։ Անոր որդին՝ արքայազն Աբտուլ ազիզը, արտաքին գործերու նախարարի տեղակալն է։ Անոր դուստրը՝ արքայադուստր Ալիան, սոցիալական սպասարկման ծրագիրներու նախագահն է։
== Քննադատութիւն ==
Փետրուար 2008-ին՝ Ամերիկեան Վաշինգտոն Փոստը Հրապարակեց աշխարհի ամենադաժան բռնապետներ վերնագրով հոդուածը՝ որտեղ Ապտալլահ Պըն Ապտուլ-Ազիզ-Ալ-Սաուտ կը գտնուէր 4-րդ դիրքին վրայ՝ զիջելով միայն Հիւսիսային Քորեայի նախագահ՝ Քիմ Չեն Իրին, Սուտանի նախագահ՝ Օմար Ալ Պաշիրին, Միյանմարի սպարապետ՝ Թան Շուէյին։
== Ծանօթագրութիւններ == |
18,089 | Հերի Թրուման | Հերի Թրուման (8 Մայիս 1884(1884-05-08)[…], Լամար, Միզուրի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 26 Դեկտեմբեր 1972(1972-12-26)[…], Քանսաս Սիթի, Միզուրի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Միացեալ Նահանգներու 33-րդ նախագահը, 1945-1953 թուականներ։ Նախ ծառայած է իբրեւ փոխնախագահ, ապա յաջորդած է Ֆրանքլին Ռուզվելթիին։ Ան ամբողջովին գործադրած է «Մարշալ» ծրագիրը` վերակառուցելու համար արեւմտեան Եւրոպայի տնտեսութիւնը, եւ հիմնած՝ «Թրուման գաղափարաբանութիւն»ը եւ «ՆԱԹՕ»ն:
Հերի Թրուման իր կեանքին մեծամասնութիւնը անցուցած է ելեւմտական, դրամական տագնապներու մէջ: Ան մեծցած է համեստ եկամուտով ընտանիքի մը մէջ: Տարիներու վատ ներդրումները եւ առեւտրական ձախող գործունէութիւնը զինք պարտքերու մէջ թաղած են, թէեւ ան յաջողած է սնանկութիւն յայտարարելու քայլին երբեք չդիմել:
Նախագահի պաշտօնը աւարտելէ ետք Թրուման եւ կինը փոխադրուած են իր զոքանչին տունը: Թրուման առաջին նախագահներէն մէկը, որ ստացած է կենսաթոշակ` տարեկան 25 հազար տոլար:
Հերի Թրուման եւ իր կինը առողջապահական խնամքին առաջին ստացողներէն եղած են, որ այդ օրերուն իբրեւ օրէնք վաւերացուեցաւ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,603 | Սթիրա, ժայռակղզիակ (Էվիա) | Սթիրա (յուն․՝ Στύρα )․ անբնակ ժայռակղզիակ, Սթիրոնիսիա, Էվոյիքոս ծոց, Յունաստան։
== Ընդհանուր տեղեկութիւններ ==
Սթիրոնիսիա կղզեխումբին մեծագոյն ժայռակղզիակն է։ Անբնակ է։ Կը գտնուի Էվոյիքոս ծոցին հարաւային մասը, Նեա Սթիրայի (Էվիայ) դիմացը։ Տարածութիւնն է 1,7 քլ․²։ Կը պատկանի Նեա Սթիրա (Էվիա) քաղաքապետութեան։
Հին անունն է Էղիլիա կամ Էղլիին։ Ըստ Իրոտոթոսին (Հերոտոթոս), պարսկական առաջին Յունաստան ներխուժման ընթացքին (Ք․Ա․ 492/490), Էրեթրիայի պաշարման (Ք․Ա․ 490) գերիները Մարաթոնասի ճակատամարտին (Ք․Ա․ 490) ընթացքին Սթիրա կը պահուին։ Ճակատամարտէն ետք, անոնք Սուսա (Պարսկաստան) Դարեհ Ա․-ին մօտ կը ղրկուին։
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,800 | Աշոտ Երկաթի Ձիարձան (Իջեւան) | Աշոտ Երկաթի ձիարձան, Աշոտ Բ. Երկաթ հայոց թագաւորին (914-929 թթ․) նուիրուած ձիարձան Հայաստանի Տաւուշի մարզի Իջեւան քաղաքին մէջ:
== Պատմութիւն ==
Յուշարձանը տեղադրուած է Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարեդարձին Իջեւանին մէջ իրականացուած միջոցառումներու շրջանակին մէջ։ Կը գտնուի Իջեւանի մարզպետարանի դիմաց՝ Սահմանադրութեան հրապարակին մէջ:
== Նկարագրութիւն ==
Աշոտ Երկաթի ձիարձանի բարձրութիւնը 6 մեթր է, պատուանդանի հետ միասին՝ 9 մեթր: Աշոտ Երկաթը ձիու վրայ է, ձիու աջ ոտքը բարձրացուած է, արքայի գլուխին թագն է, աջ ձեռքին՝ խաչը: Արձանին կը նայի դէպի Մ 3 մայրուղի, որու շնորհիւ այն տեսանելի է միջպետական ճանապարհով երթեւեկողներու համար:
== Հեղինակներ ==
Քանդակագործ (ներ)՝ Արմէն Դաւթեան, օգնական՝ Գոռ Դաւթեան
== Ծանօոթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
2017 թ. Իջեւանի համայնքապետարանի կատարած աշխատանքները |
19,463 | Սարգիս Մանասեան | Սարգիս Մանասեան (, Չարտախլու, Ելիզավետպոլի գավառ - 1920), հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, քաղաքական-պետական գործիչ, ուսուցիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Գանձակի Չարտախլու գիւղը: Ծննդեան ճշգրիտ թուականը անյայտ է։ Նախնական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ: Աշակերտական տարիներուն` 1895-ին անդամակցած է նորակազմ ՀՅԴաշնակցութեան Թիֆլիսի «Հայկազեան եղբայրութիւն» անունով գործող աշակերտական շարժումին:
Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Թիֆլիսի ռուսական ուսուցչանոցին մէջ, ապա կոչուած է ուսուցչական աշխատանքի` նախ Շուշիի հեղինակաւոր թեմական վարժարանին, ապա` Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ:
== Գործունէութիւն ==
1903-ին մասնակցած է «Փոթորիկ»-ի գործունէութեան:
Մանասեան եղած է Դաշնակցութեան մարտական ուժերուն զինման գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը՝ ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյի կողքին ստեղծուած Զինուորական Ֆոնտի անդամ։ Ներդրում ունեցած է 1905-1906 թուականներուն ցարական գաղտնի սպասարկութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումները դիմագրաւելու դժուարին գործին մէջ:
Ան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ Պաքուէն մինչեւ Երեւան տարածուած հայ մարտիկները զէնք ու զինամթերքով ապահովելու գործին գլխաւոր պատասխանատուներէն եղած է:
1909-ին ցարական իշխանութիւններու կողմէ, բազմահարիւր հայ մտաւորականներու ու հասարակական գործիչներու շարքին, ձերբակալուած եւ իբրեւ դաշնակցական` ծանրագոյն պատիժ ստացած եւ դատապարտուած է: Հետագային ընդհանուր ներումէն օգտուած եւ բանտարկութենէ ազատ արձակուած է:
Բանտէն ազատ արձակուելէ անմիջապէս ետք լծուած է հայ կամաւորական շարժման կազմակերպման եւ զինման աշխատանքներուն:
Փետրուար 1917-էն ետք Մանասեան մաս կազմած է Անդրկովկասը ներկայացնող հայ պատգամաւորներու խմբակին: Այդ առաքելութիւնը շարունակած է մինչեւ 28 Մայիս 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու հիմնադրումը:
== Վարած պաշտօններ ==
Սարգիս Մանասեան նուիրուած է հայոց պետականութեան կերտումին ու հզօրացման: Հետեւաբար․
Ընտրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր,
27 Ապրիլ 1919-ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար,
28 Մայիս 1919-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարար,
Եղած է Ազրպէյճանի մէջ Հայաստանի դեսպան:Մայիս 1920-ին սկիզբը ան իբրեւ լիազօր բանագնաց ուղարկուած է Իջեւան` պոլշեւիկներու հակապետական ընդհանուր խռովութիւնը լուծելու: Ս. Մանասեանին ընկերացած է յատուկ պատուիրակութիւն մը: Բանագնացներուն առաքելութիւնը եղած է երկխօսութեան ճամբով դադրեցնել խռովութիւնը:
Պոլշեւիկները դաւադրաբար զինք եւ ամբողջ պատուիրակութիւնը գերի բռնած եւ Պաքու տեղափոխած են, ուր բանտային չարչարանքներու եւ հարցաքննութեանց կարճատեւ շրջանէ մը ետք` 29 Մայիս 1920-ին, Պաքուի մերձակայքը` Կասպից ծովուն բացերը, գնդակահարած եւ ծով նետած են անոր խոշտանգուած մարմինը:
== Ծանօթագրութիւններ == |
23,379 | Սմբատ Սպարապետ | Սմբատ Սպարապետ (1208[…] - 1276[…] կամ 6 Մարտ 1276), Կիլիկեան Հայաստանի յայտնի զօրավար, պատմիչ, դիւանագէտ, օրէնսգէտ եւ բանաստեղծ։
== Կենսագրութիւն ==
Սմբատ Սպարապետը Կոստանդին պայլի աւագ որդին է եւ Հեթում Ա (1226-1270 թթ.) արքայի աւագ եղբայրը։
Պատմական ասպարէզ մուտք գործած է Լեւոն Բ. արքայի (1187-1219 թթ.) կառավարման վերջին շրջանին։ Ան, իր եղբօր՝ Հեթում Ա-ի գահ բարձրանալէն ետք ստանձնած է սպարապետի պաշտօնը՝ վարելով զայն կէս դար։
Սմբատ Սպարապետի նախնիները Կիլիկիա տեղափոխուած են 11-րդ դարուն Մեծ Հայքէն, հաստատուած են Լամբրոնի մէջ, ապա իրենց իշխանութիւնը տարածած են Կիլիկիոյ որոշ բերդերու վրայ՝ հիմք դնելով Հեթումեաններու իշխանութիւնը։
== Սմբատ Սպարապետը որպէս զօրավար ==
Ան բազմաթիւ յաղթական մարտեր վարած է՝ առաջնորդելով հայոց բանակը (Ռումի սուլթանութեան զօրքերու դէմ՝ 1246-ին Տարսոն քաղաքի մօտ, 1259-ին Առակլի քաղաքի մօտ)։ Սմբատ Սպարապետի վարած մարտերէն վերջինը տեղի ունեցած է 1276-ին, երբ Եգիպտոսի սուլթանութեան զօրքերը կրկին ներխուժած են Կիլիկիա, վճռական ճակատամարտ տեղի ունեցած է՝ Մարաշի շրջանի Ջահան հովիտի Սարուանդիքարի մօտ։ Լարելով իր ուժերը՝ հայոց բանակը Սմբատ Սպարապետի գլխաւորութեամբ այս մարտը աւարտած է փայլուն յաղթանակով։ Սակայն այստեղ սպարապետը, ձիէն վար իյնալով, վնասուած է եւ շուտով իր մահկանացուն կնքած է։
== Սմբատ Սպարապետի դիւանագիտական գործունէութիւնը ==
Սմբատ Սպարապետը մեծ աւանդ ունեցած է դիւանագիտական ասպարէզէն ներս։ Երբ 1243-ին մոնղոլները սկսան սպառնալ Կիլիկիան Հայաստանի անվտանգութեան, Հեթում Ա-ը Սմբատ Սպարապետի եւ Կոստանդին պայլի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն ուղարկեց Կեսարիա՝ մոնղոլ զօրքերու գլխաւոր հրամանատար Բաչու Նոյինի մօտ։ Սմբատ Սպարապետի վարած յաջող բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, մոնղոլ զօրահրամանատարի հետ ստորագրուեցաւ համաձայնութիւն մը, որուն համաձայն Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը պարտաւոր էր մոնղոլական զօրքին պարենամթերք մատակարարել, ինչպէս նաեւ հարկ եղած պարագային օժանդակ զօրք տրամադրել։ Մոնղոլներն ալ իրենց կարգին ստիպուեցան պահպանել Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ինքնուրույնութիւնը՝ միաժամանակ պահանջելով յատուկ պատուիրակութիւն ուղարկել Մեծ Խանի մօտ՝ պայմանագիրը վաւերացնելու համար։
1248-ին Սմբատ Սպարապետը ուղեւորուած է մոնղոլներու տէրութեան մայրաքաղաք՝ Ղարաղորում, ուր նախապատրաստած է Հեթում Ա-ի այցելութիւնը մեծ խանին։ 1250 թուականին վերադարձած է հայրենիք, իսկ 1254-ին ուղեկցած է Հեթում Ա-ին՝ դէպի Մոնղոլիա, մասնակցած է Մանգու խանի հետ հայ-մոնղոլական պայմանագիրի կնքման։
== Սմբատ Սպարապետի գրական ժառանգութիւնը ==
Սմբատ Սպարապետի գրական ժառանգութիւնը բազմատեսակ է։ Ան հեղինակած է իրաւական, պատմական բնոյթի երկեր, կատարած է թարգմանութիւններ եւ գրած է բանաստեղծութիւններ։
=== Դատաստանագիրք ===
Սմբատ Սպարապետը 1265-ին հեղինակած է «Դատաստանագիրք» օրէնքներու ժողովածուն, որ արժէքաւոր սկզբնաղբիւր է Կիլիկիոյ հայկական պետութեան հասարակական-քաղաքական կարգերու ուսումնասիրութեան համար։ Այն բաղկացած է 202 յօդուածներէ, որոնք լուսաբանած են պետութեան 13-րդ դարու ընկերային-իրաւական յարաբերութիւնները։ «Դատաստանագիրք»-ին մէջ արտացոլուած են արքայի ու անոր վասալներու, աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութեան ներկայացուցիչներու, տէրերու եւ ճորտերու իրաւական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ օրէնքներ առեւտրականներու եւ արհեստաւորներու վերաբերեալ։
=== Անտիոքի Ասիզներ ===
«Անտիոքի ասիզները» միջնադարեան իրաւագիտական մտքի արժէքաւոր յուշարձաններէն մէկն է։ Սմբատ Սպարապետը Անտիոքի խաչակիր իշխանութեան օրէնքներու այս ժողովածուն թարգմանած է 1253 թուականին։ «Անտիոքի Ասիզներ»-ու ֆրանսերէն ինքնագիրը չէ պահպանուած։ Հին ֆրանսերէնէն Սմբատ Սպարապետի թարգմանած «Անտիոքի Ասիզները» պահպանուած է երկու խմբագրութեամբ։ «Անտիոքի ասիզները» առաջին անգամ հայերէնէն ֆրանսերէնի թարգմանած է Ղեւոնդ Ալիշանը։ «Անտիոքի Ասիզները» բաղկացած է երկու մասերէ. առաջին մասը՝ 17, երկրորդ մասը՝ 21 յօդուած։ Գիրքը բովանդակած է սենիորի եւ վասալի իրաւական յարաբերութիւնները, ունեցուածքային, քրէական, ինչպէս նաեւ ընտանեկան, ժառանգական եւ շարք մը այլ յօդուածներ։
=== Տարեգիրք ===
Սմբատ Սպարապետին վերագրում են նաեւ Ռուբինեան թագաւորութեան պատմութեան՝ «Տարեգրքի» հեղինակումը, որ երկար ժամանակ անյայտ էր։ 1848 թուականին Մ. Ֆ. Պրոսեն Էջմիածնի վանքի գրադարանին մէջ յայտնաբերեց այդ ժամանակագրութեան երկու ձեռագիր օրինակեր, որոնց հիման վրայ 1856 թուականին լոյս տեսաւ «Տարեգրքի» առաջին հրատարակութիւնը Ոսկան Յովհաննէսեանցի կողմէ «Սմբատայ Սպարապետի եղբօր Հեթմոյ առաջնոյ արքայի Հայոց Պատմութիւն Յունաց ի Կոստանդնուպոլիս եւ Հայոց Մեծաց ըստ կարգի ժամանակաց» խորագիրով, ապա 1859 թուականին Կարապետ վ. Շահնազարեանցի կողմէ Փարիզի մէջ լոյս տեսաւ երկրորդ հրատարակութիւնը՝ «Տարեգիրք արարեալ Սմբատայ Սպարապետի հայոց որդւոյ Կոստանդեայ կոմսին Կոռիկոսոյ» վերնագիրով։ Աւելի ուշ, 1876-ին, ի յայտ եկաւ մէկ ձեռագիր օրինակ եւս, որ հրատարակուեցաւ 1956-ին, Սերովբէ Ագլեանի կողմէ՝ անհրաժեշտ որոշ նշումներով։ Այս աշխատութեան մէջ արժէքաւոր եւ հարուստ տեղեկութիւններ հաղորդուած են Կիլիկիոյ հայկական պետութեան, հարեւան երկիրներու յարաբերութիւններու, հայ-մոնղոլական զինակցութեան եւ շարք մը այլ հարցերու վերաբերեալ։
=== Չափածոյ գրութիւններ ===
Սմբատ Սպարապետի գրական ժառանգութենէն մեզի հասած են նամակներ, որոնցմէ 1247-ին Կիպրոսի արքայ Հենրիխին գրած նամակը պատմական կարեւոր նիւթեր կը պարունակէ։ Սմբատ Սպարապետը այդ նամակին մէջ կը նկարագրէ այն աւերուածութիւնները, որոնք կատարած էին մոնղոլները կեդրոնական Ասիոյ խոշոր մուսուլմանական քաղաքներուն մէջ եւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ կայսրութեան մէջ քրիստոնեայ տարրի նշանակալից դերին մասին։ Սմբատ Սպարապետի գրիչին կը պատկանին նաեւ շարք մը բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ 1269-ին գրուած «Ի ճաշոց գիրս» բանաստեղծութիւնը, որ նուիրուած է Մառի ճակատամարտին, պատմական նշանակութիւն ունի։
== Սմբատ Սպարապետի տնտեսագիտական գաղափարները ==
Ըստ Սմբատ Սպարապետի աշխատութիւններուն, եկեղեցւոյ եկամուտներու գլխաւոր աղբիւրներ կը համարուին սեփական կալուածներու ընդլայնումը եւ ժողովուրդէն կատարուող գանձումները։ Հեղինակը անդրադարձած է նաեւ գանձուած եկամուտներու պահպանման, բաշխման եւ օգտագործման ձեւերուն։ Ինչպէս պետական, այնպէս ալ եկեղեցական ունեցուածքի յափշտակութեան համար Դատաստանագիրքին մէջ մահապատիժ սահմանուած է։ Սմբատ Սպարապետը անդրադարձած է նաեւ հողային ռենտայի բոլոր ձեւերուն, ինչպէս նաեւ արտադրութեան շարք մը միջոցներու վաճառքի պայմաններուն։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
Ա. Գ. Գալստեան, Սմբատ Սպարապետ, Երեւան, 1961։
Խ. Սամուէլեան, Հին հայ իրաւունքի պատմութիւն, Երեւան, 1939։
Տ. Ա. Աթայեան, Քաղագրական եղանակի առանձնայատկութիւնները Սմբատ Սպարապետի «Տարեգրքում», Պատմութիւն եւ մշակոյթ, Երեւան, 2014, էջ 279-292։
Տ. Ա. Աթայեան, Սմբատ Սպարապետի «Տարեգրքի» ձեռագրերը, Հանդէս ամսօրեայ, Վիեննա-Երեւան, 2015, 1-12, էջ 53-88։
Տ. Ա. Աթայեան, Սմբատ Սպարապետի «Տարեգրքի» սկզբնաղբիւրներու մասին, Հանդէս ամսօրեայ, Վիեննա-Երեւան, 2016, 1-12, էջ 57-82։
Տ. Ա. Աթայեան, Սմբատ Սպարապետը եւ «Տարեգրքի» հեղինակային պատկանելիութեան հարցը, «Հայաստանը եւ արեւելաքրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը» միջազգային գիտաժողովի նիւթեր, Երեւան, 2016, էջ 3-7։
Տ. Ա. Աթայեան, Սմբատ Սպարապետի «Տարեգրքի» ժանրային պատկանելիութեան շուրջ, Հայագիտութեան հարցեր, Երեւան, 2017 էջ 29-38։
Sirarpie der Nersessian, The Armenian Chronicle of the Constable Smpad or of the "Royal Historian",- Dumbarton Oaks Papers, Vol. 13, (1959), pp. 141+143-168.
== Աղբիւրներ ==
Գրիգոր Ակներցի, Պատմութիւն թաթարաց, Երուսաղէմ, 1974
Կիրակոս Գանձակեցի, Պատմութիւն Հայոց, Թիֆլիս, 1909
Մխիթար Այրիվանեցի, Պատմութիւն Հայոց, Ս. Պետերբուրգ, 1882
Ալիշան Ղ., Սիսուան, Վենետիկ, 1885
Ալիշան Ղ., Հայապատում, Վենետիկ, 1901
Հայերէն ձեռագրերի յիշատակարաններ ԺԳ դար, կազմեց Ա. Մաթեւոսեան, Երեւան, 1984
Յովսէփեան Գ., Յիշատակարանք ձեռագրաց, հատ. Ա, Անթիլիաս, 1951 |
21,684 | Նախաճաշ | Նախաճաշ, օրուան առաջին սնունդի ընդունումն է, ինչպէս կարգն է՝ արթննալէն մինչեւ կէսօր։ Որոշ փորձագէտներ կը համարեն, որ նախաճաշը ամենակարեւոր սնունդի ընդունումն է, անոր բաց թողնելը կարող է լուրջ խնդիրներ առաջացնել։
== Նախաճաշ եւ առողջութիւն ==
ԱՄՆ-ի մէջ բժիշկներու հետազօտութիւնները պարզած են, որ անոնք ոորոնք նախաճաշած են ամէն օր, այդքան գէր չէն քան ան, ով բաց թողած է առաւօտեան սնունդի ընդունումը։
== Նախաճաշի աւանդոյթներ ==
Տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին նախաճաշի տարբեր աւանդոյթներ.
Եւրոպական նախաճաշ
Եւրոպական երկիրներուն մէջ նախաճաշին կ՚ըլլան՝ տաք խմիչքներ (ոչ ալկոհոլային) եւ թխուածքներ։ Խմիչքներէն հիմնականը կ՚ըլլայ կաթը։
== Անգլիական նախաճաշ ==
Մեծ Բրիտանիոյ մէջ դասական նախաճաշ կ՚ըլլայ՝ խաշած կամ եփած ձուեր եւ այլ ուտեստներ, որոնց մէջ կայ ձու։
== Հնդկական նախաճաշ ==
Հնդկական խոհանոցին յատուկ շեշտ կը դրուի բուսական ուտեստներուն վրայ՝ սաբջի։ Լոբիով եւ բանջարեղէններով համեմուած աւանդական համեմունքներով, որոնց շարքին առաջնային տեղ կը զբաղեցնէ կերասի համեմունքները։
== Ճափոնական նախաճաշ ==
Ճափոնական նախաճաշը կը կազմուի թեթեւ սնունդէ, որ ճափոնական թէյի մշակոյթին մէջ սեղաններուն կը մատուցուի ճափոնական պուեր թէյ, ինչպէս կարգն է ճաշէն ետք։
== Ռուսական նախաճաշ ==
Այնտեղ նախաճաշը շատ ժամանակ չի խլեր։ Այնտեղ միշտ նախաճաշի սեղանին կը դնեն ապուր տարբեր համեմունքներով եւ ձուեր։ Նախաճաշին կը խմեն սեւ թէյ կամ կ՚ըլլայ նաեւ սուրճ, թէյին հետ կարելի է ուտել մեղր, անուշ, խտացած կաթ, թթուասեր։ Ամառնային օրերուն նախաճաշին կարող են ուտել նաեւ միրգեր։
== Նախաճաշ եւ գեղանկարչութիւն ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Նախաճաշը՝ սննդակարգի ամենակարեւոր բաղադրիչ Archived 2015-10-05 at the Wayback Machine. |
598 | 1880 թուական | 1880 թուական, նահանջ տարի, 19րդ դարու 80րդ տարին
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1880 ծնունդներ
Յունուար 22՝ Փրիտիեշ Րիս (հունգարերէն՝ Riesz Frigyes, մ.1956), հունկար թուաբանագէտ
Փետրուար 4(16)՝ Մարտիրոս Սարեան (մ.1972), նկարիչ
Փետրուար 20՝ Սարգիս Սէլեան (մ.անյայտ), ազգային գործիչ
Յունիս 20՝ Գրիգոր Ամիրեան (մ.1964, Լոս Անճելըս), հասարակական գործիչ
Հոկտեմբեր 29՝ Ալմա Եոհանսոն (շուէտ.՝ Alma Johansson, մ.1974), շուէտացի միսիոնարուհի
Օրը յայտնի չէ՝
Հրանդ Ալեանաք (մ.1938, Փարիզ), նկարիչ
Աւետիս Աֆարեան (անյ.կ.1915), բժիշկ
Լեւոն Մեսրոպ (մ.1960, Փարիզ), գրող, բանասէր
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1880 մահեր
Ապրիլ 20՝ Գաբրիէլ Այվազովսկի (ծն.1812), եկեղեցական եւ հասարակական գործիչ, բանասէր-պատմաբան
Փետրուար 5՝ Միքայէլ Միանսարեանց (ծն.1830, Թիֆլիս), լրագրող, հասարակական գործիչ
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,408 | Շարլ Ազնաւուր | Շարլ Ազնաւուր (22 Մայիս 1924(1924-05-22)[…], Փարիզի 6-րդ շրջան, Ֆրանսա - 1 Հոկտեմբեր 2018(2018-10-01)[…], Մուրիես, Ֆրանսա, իսկական անունը՝ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան), ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, երգահան, դերասան եւ հասարակական գործիչ։ 2009 թուականի Մայիսին Զուիցերիոյ Հայաստանի դեսպանն ընտրուած է, եւ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը։
Մահացած է 1 Հոկտեմբեր, 2018-ին։
== Կենսագրութիւն ==
Շառլ Ազնաւուր ծնած է 22 Մայիս,-ին Սէն Ճէրմըն Տէ Բրէ, Փարիզ՝ հայ գաղթականներ Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեաններու ընտանիքին մէջ, ծննդեան անունը՝ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան։ Ազնաւուրի հայրը ծնած է Ախալցխա, արմատներով Էրզրումէն էր, իսկ մայրը՝ Քնար Պաղտասարեան, Իզմիրէն էր, Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես փրկուածներէն։ Շարլի հայրը երիտասարդ տարիներուն ապրած էր Թիֆլիս, ուր աշխատանքի համար տեղափոխած էր ընտանիքը (Շարլի մեծ հայրը Թիֆիլիսի գլխաւոր կառավարիչի անձնական խոհարարն էր)։ Հետագային Ֆրանսա տեղափոխուելէ ետք, Միշա Ազնաւուրեան կ'երգէ ճաշարաններու մէջ, մինչ կը հիմնէր իր սեփական կովկասեան ճաշարանը՝ զայն կոչելով Le Caucase («Կովկաս»)։ Միսաք Մանուշեանը՝ Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման առաջնորդը, որ մահապատիժի կ'ենթարկուի ֆաշիստներու կողմէ 1944-ին, Ազնաւուրեաններու տան մշտական հիւրն էր, եւ Ազնաւուրեանները կ'աջակցէին անոր եւ կնոջը՝ Մելինէին, երբ անոնք պահուըտած էին։ Միշան Շարլը կը ծանօթացնէ թատրոնի աշխարհին վաղ տարիքէն։ Շառլ դպրոցը կը ձգէ 9 տարեկանին՝ արդէն տարուած ըլլալով արուեստագէտի կեանքով։ Ան կը սկսի հանդէս գալ այդ ժամանակէն եւ շուտով կը ստանայ «Ազնաւուր» բեմական անունը։ 1940-ականներուն Փիէռ Ռոշի հետ հանդէս կու գայ գարեջրատան մէջ։ Առաջին երգը՝ «Ես հարբած եմ» (1944), Ժորժ Ուլմիէրի կատարմամբ, արժանացած է «Տարուան ձայնապնակ» մրցանակին։ Շարլի հռչակաւոր կը դառնայ 1946-ին, երբ Էտիթ Փիաֆը, լսելով անոր երգեցողութիւնը, կ'որոշէ զինք իրեն հետ տանիլ Ֆրանսա եւ ԱՄՆ շրջագայութիւններու։
Համաշխարհային հռչակ կը շահի 1956-ին, Փարիզի «Օլիմպիա» դահլիճի մէջ յաջող ելոյթէ մը ետք։ «Ֆրանսա ազնաւուրացուած է»,- գրած է ֆրանսական մամուլը։ Շուրջ հազար երգի հեղինակ է /մաս մը՝ երգահան Ժորժ Կառվարենցի հեղինակութեամբ/, այդ թուականին՝ բազմաթիւ միջազգային երաժշտութիւններու՝ «Մաման», «Պոհէմը», «Դեռ երէկ», «Երիտասարդութիւն», «Պէտք է գիտնալ», «Նա», «Երկու կիթառ», «Ինչպէս ասում են», «Յաւերժական սէր», «Ավէ Մարիա» եւ այլն։ Անոնց կատարողներէն են՝ Էտիթ Փիաֆը, Լայզա Մինէլլին, Մստիսլավ Ռոստրոպովիչը, Պլասիտօ Տօմինկօն, Խուլիօ Իկլեսիասը, Շէրը, Ճօ Տասէնը, Ռէյ Չարլզը եւ այլք։ Ցայսօր վաճառուած է Ազնաւուրի շուրջ հարիւր միլիոն ձայնապնակ։ Ամերիկեան «Թայմս» հանդէսի հարցման համաձայն Ազնաւուրը ճանչցուած է «Դարու արուեստագէտ»՝ 149 հազար ձայնով։ Արժանացած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարձրագոյն պետական պարգեւներու, «Պատուոյ սեզարի» (1997)։
Նկարահանուած է հետեւեալ ֆիլմերը՝ «Գլուխը պատին» (1958), «Կրակեցէք դաշնակահարի վրայ» (1960), «Սատանան եւ տասը պատուիրանները» (1962), «Արարատ» (2002) եւ այլն։ Ազնաւուրը կը հպարտայ իր հայկական ծագումով, մշտապէս սատար կանգնած է Հայաստանին։ Հայկական թեմաներով են անոր «Քեզի համար, Հայաստան», «անոնք ընկան» (Ցեղասպանութեան վաթսունամեակին), «Ինքնակենսագրութիւն», «Քնքուշ Հայաստան» երգերը։ Դստեր՝ Սեդա Ազնաւուրի հետ հայերէն կատարած է Սայեաթ-Նովայի «Աշխարհումս» երգը։ 1988-ի սպիտակեան աւերիչ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք հիմնադրած է «Ազնաւուրը Հայաստանին» բարեգործական հիմնադրամը։ Հայաստանի մշտական դեսպանն է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ։ 1964, 1996, 2006 եւ 2014 թթ. համերգներ տուած է Հայաստանի մէջ։ Գիւմրիի մէջ կանգնեցուած է Ազնաւուրի արձանը, անոր անունով կոչուած էԵրեւանի հրապարակներէն մէկը։
4 Մայիս,2009-էն՝ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ,
5 Մայիս, 2009-էն՝ Շուէտի Համադաշնութեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։
2011-էն սկսեալ Ազնաւուրի նոր համաշխարհային շրջագայութիւնը՝ Aznavour en Toute Intimité խորագրով։ Նոյն թուականին լոյս տեսած նոր՝ "Aznavour toujours" ալպոմը Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի հիթ-շքերթներու մէջ զբաղեցուց 4-րդ հորիզոնականը։
Ուիլիըմ Սարոյեանը առիթով մը ըսած է. «Երբ ձայնասփիւռի կոճակը կը սեղմեմ եւ հեռու-հեռուներէն կը լսեմ Ազնաւուրի երգերը, միտքէս կ'ըսեմ. «Ապրի՛ս, եղբայր, դուն ալ յաղթեցիր, դուն մեծ ու տոկուն հայ մըն ես...»։
Շառլ Ազնաւուրը միջազգային ասպարէզին մէջ 180 մլն ձայնասկաւառակ վաճառած է: 70 տարուան ընթացքին ան 1400 երգ ձայնագրած է, որոնցմէ 1300-ի հեղինակը ինքն է: Շանսոնյէն ունի 390 ալպոմ բազմաթիվ լեզուներով՝ ֆրանսերէն, հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ սպաներէն:
== Անձնական կեանք եւ մշակութային ազդեցութիւն ==
Ազնաւուրը ամուսնացած է երեք անգամ. առաջին անգամ տասնեօթամեայ Միշէլին Ռիւգելի հետ (16 Մարտ,1946-ին), երկրորդ անգամ Էվլին Պլէսիսի հետ (28 Հոկտեմբեր,1955-ին) եւ երրորդ անգամ շուէտուհի Ուլլա Տորսէլի հետ (11 Յունուար,1967-ին)։ Այս ամուսնութիւններու արդիւնքով ունեցած է 6 զաւակ՝ Սեդան, Շարլը, Փաթրիքը, Քաթիան, Միշան եւ Նիքոլան։ 1990-ին ան գրող-ռեժիսոր Մայքըլ Ֆինի Կալանին կ'առաջարկէ անդրադառնալ իր կեանքին հեռուստատեսային My Riviera շարքին, որու նկարահանումները տեղի կ'ունենան Հարաւային Ֆրանսայի Պորտ Գրիմօ վայրի մէջ գտնուող Ազնաւուրի տան մէջ։ Նախ քան մահանալը ան կը բնակէր Ս. Սիւլպիսի մէջ, Վօ, Շուէտ։
Անոր երաժշտականութիւնը եւ փառքը արտերկրի մէջ առկայ եղած են փոփ մշակոյթի շատ այլ ոլորտներու մէջ եւս։ Ազնաւուրի անունը ինկած է Եօշիյուկի Տօմինոյի 1979. մեխա անիմէ Mobile Suit Gundam սերիալի Char Aznable հերոսի անուան հիմքի մէջ։ Անոր "Parce Que Tu Crois" երգը նմուշօրինակ եղած է հիփ-հոփ պրոդյուսեր Dr. Dre-ի "What's the Difference" երգի համար (մասնակցութեամբ Էմինեմի եւ Xzibit-ի) 2001 թ. ալպոմէն։ Ազնաւուրի անունը կը յիշատակուի The Psychedelic Furs անգլիական ռոք խումբի "Sister Europe" («Քոյր Եւրոպա») երգի մէջ ("The radio upon the floor/ is stupid, it plays Aznavour" «Ռատիօն յատակին է/Յիմարութիւն է, ան Ազնաւուր կ'երգէ»)։
Ազնաւուրը յաճախ կը կատակէր իր ֆիզիքական թերութիւններու վերաբերեալ, յատկապէս իր տխրահռչակ առանձնայատկութեան՝ կարճ հասակին 160 սմ. (5 ֆտ 3 դյ)։
== Ֆիլմեր ==
Շառլ Ազնաւուր, Հայաստան 1989 (1989) ռեժիսոր Լեւոն ՄկրտչեանՀԱՅՖԻԼՄ կինոստուդիա, գունաւոր՝ 35mmՖիլմը կը պատմէ նշանաւոր երգիչի երկրաշարժէն տուժած Հայաստան, իր այցելութեան մասին։Շառլ Ազնաւուրը այս ֆիլմին մէջ հիմնականին կը խօսի հայերէն։
== Յետ Մահու ==
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուր կը յուղարկաւորուի Փարիզէն ոչ հեռու գտնուող Մոնֆոր -լ’Ամորի համայնքին մէջ,որ եղած է անոր վերջին փափաքը:
Այդ համայնքին մէջ տեղակայուած է երգիչին տուներէն մէկը, ուր ան յաճախ ժամանակ կ'անցընէր իր ընտանիքին հետ:
«Իմ հողը` ֆրանսական հողն է: Իմ Մոնֆոր-լ’Ամորի համայնքին` 12-րդ դարու վանքին մէջ, կառուցուած է յատուկ ոչ մեծ ընտանեկան գերեզման»,- ըսած է Ազնաւուր:
Շառլ Ազնաւուրի վերջին լուսանկարը եղած է ֆրանսացի դերասան Ժան-Փոլ Պելմոնտոյի հետ:
«Իմ յաւերժական ընկեր Ժան-Փոլ»,- գրուած է լուսանկարին տակ:
Համաշխարհային մեծութեան երկու աստղերու լուսանկարին հեղինակն է Մարք տէ Տոմինիքոն:
== Պարգեւներ եւ ճանաչում ==
1963, 1971 and 1980 – Էդինսոնի մրցանակ
1971 – Ոսկեայ առիւծ պատուաւոր մրցանակ «Mourir d'aimer» երգի իտէալական տարբերակի համար
1995 – Ֆրանսական ակադեմիայի մեծ մետալ
1995 – UNESCO-ում Հայաստանի բարի կամքի մշտական դեսպան
1996 – Երգահաններու Փառքի սրահի մրցանակ
1997 – Ֆրանսական Victoire մրցանակ, տարուան տղամարդ արտիստ
1997 – Պատուաւոր Ցեսար մրցանակ
1997 – Սպայի եւ պատուի լեգեոնի
2004 – «Հայաստանի ազգային հերոս» կոչում
2006 – Պատուաւոր մրցանակ Գահիրէի 30-րդ կինոփառատօնին
2008 – Քանատական կարգի պատուաւոր սպայ
2008 – Հայաստանի քաղաքացիութեան շնորհում
2009 – MIDEM Կեանիք ընթացքում նվաումներու մրցանակ
2009 – Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գրիգոր Լուսաւորչի շքանշան
2009 – Քվեբեկի ազգային սպայի կոչում
2010 – Պատուոյ շքանշան Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ մշակութային կապերու ամրապնդման համար
2014 – Ռուբէն Մամուլեանի անուան յատուկ մրցանակ «Հայակ» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ, Ազնաւուրի՝ համաշխարհային շարժապատկերի ունեցած դերին համար
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Պաշտօնական կայքը
ԱԶՆԱՒՈՒՐԸ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՄԱՍԻՆ (ԹԱՐԳՄ. ՍՈՒՐԷՆ ԲՈՒՐՍԱԼԵԱՆԻ)
ԱԶՆԱՒՈՒՐԸ ԾԱՆՕԹ ԵՎ ԱՆԾԱՆՕԹ-ՍԱՄՈՒէԼ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ |
950 | 371 (թիւ) | 371 (երեք հարիւր եօթանասունմեկ) կենտ եռանիշ բնական թիւ է 370-ի եւ 372-ի միջեւ
== Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ ==
A001358 հարիւրտասնվեցերորդ կիսապարզ թիւն է
A034962 երեք յաջորդական պարզերու գումար է՝ 371=113+127+131
A127334 եօթ յաջորդական պարզերու գումար է՝ 371=41+43+47+53+59+61+67
A005188 տասներկուերորդ ինքնասիրահարուած թիւն է` 371=33+73+13
A055333 իր ամենափոքր եւ ամենամեծ պարզ բաժանարարներու եւ անոնց միջեւ եղածներու գումարն է
Alt 371 գործադրելիս կը ստացուի s տողատառը
371 Պոհեմիա աստեղնեակի կարգային թիւն է
+371-ը Լաթվիա զանգելու միջազգային քոտն է
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,167 | Թիսէաս | Թիսէաս (յուն․՝ Θησέας, հին յուն․՝ Θησεύς Թիսեւս)․ Աթէնքի առասպելական արքայ։ Աթէնացիներու սիրելի հերոսը եղած է: Աթենացիները անոր մասին կ'ըսէին՝ «Ոչ մէկ բան կը կատարուի առանց Թիսէասին»: Պատճառն այն է, որ Թիսէաս մասնակցած է անհամար արկածախնդրութիւններու եւ ճամբորդութիւններու:
== Առաջին տարիները ==
Թիսէաս Աթէնքի արքայ էգէասի զաւակն էր ըստ առասպելին, (հաւանական է նաեւ հայրը Փոսիտոնաս աստուածը ըլլայ, քանի նախապէս նոյն իրիկունը Էթրա յարաբերուած էր անոր հետ), սակայն կը բնակէր Թրիզինա, Փիթէաս թագաւորին պալատը, իր մօր՝ Էթրային հետ: Հայրը վերադարձած էր Աթէնք նախքան զաւակին ծնունդը: Մինչ այդ, ան հողին մէջ թաղած էր իր թուրը եւ տրեխները։ Պատանութեան վերջաւորութեան, Էթրա տղուն կը յայտնէ անոր ծագումը եւ Թիսէաս կը տեղաշարժէ ժայռը եւ կը հանէ իր հօր իրերը: Ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Աթէնք, հայրը հանդիպելու համար:
=== Դէպի Աթէնք ===
Դէպի Աթէնք ճամբուն վրայ, Թիսէաս կը հանդիպի կարգ մը դժուարութիւններու եւ արգելքներու, յաջորդաբար՝ Փերիֆիթիս աւազակին, Ֆէա վայրի խոզին, Սքիրոնաս եւ Փրոքրուսթիս աւազակներուն, որ սակայն դիւրութեամբ զանց կ՛ընէ։ Աթէնք չհասած, Քիֆիսոս գետի ջուրերուն մէջ Ֆիթալոսին (յունական դիցաբանութեան մէջ Ատիկէի հերոսներէն մէկն է) տղոցմէ մաքրում կը ստանայ (աւազակները սպաննելու համար), որպէսզի հօրը հետ առաջին հանդիպումին ներկայանայ իբրեւ մաքրուած՝ սրբացուած հերոս։
=== Աթէնք ===
Հօրը առջեւ կը ներկայանայ առանց ինքնութիւնը յայտնելու։ Սակայն Միտիա, կը հասկնայ անոր ով ըլլալը եւ կը վախնայ թէ ան իր զաւկին (որ ունեցած է Էգէասին հետ) տեղը պիտի առնէ՝ իբրեւ գահաժառանգ։ Այս պատճառով, ան թագաւորին կը համոզէ ձերբազատուիլ օտարէն եւ թոյն մը կը պատրաստէ։ Սակայն, երբ ընթրիքի պահուն, Թիսէաս թուրը կը քաշէ, որպէսզի միսը կտրէ, հայրը կը ճանչնայ զէնքը որ Թրիզինա թաղած էր (Էգէաս թուրը իր հօրմէն՝ Քեքրոփասէն ժառանգած էր) եւ անմիջապէս կը միջամտէ ու զաւկին կեանքը կը փրկէ։ Միտիա իր զաւկին Միտոսին հետ Աթէնքէն կը հեռանան։
Էգէասին եղբայրը՝ Փալանտաս, եւ իր 50 զաւակները կը փորձեն Աթէնքի գահին տիրանալ, սակայն Թիսէաս կ՛ընդմիջէ, կը խափանէ անոնց ծրագիրները եւ կը հաստատէ հօրը իշխանութիւնը։
== Թիսէաս եւ Մինոթաւրոս ==
Մինոթաւրոսի դէմ տարած յաղթանակը Թիսէասի սխրագործութիւններէն ամենակարեւորն է: Այս պատմութեան մէջ դերակատար են յունական դիցաբանութեան բազմաթիւ յայտնի անձեր՝ Կրետէի ահեղ տիրակալ Մինոաս, որ Աթէնքէն ինը տարի անգամ մը եօթ պատանի եւ եօթ աղջիկ կ'առնէր, որպէսզի Մինոթաւրոս Լապիրինթոսին մէջ զանոնք բզիկ-բզիկ ընելով լափէ։ Արիատնի, Մինոասին դուստրը որ Թիսէասին կ՛օգնէ եւ Տիոնիսոս աստուածը։
=== Թիսէաս եւ Արիատնի ===
Թիսէաս կ՛որոշէ վերջ տալ Մինոասի այս վայրագութեան եւ ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Կրետէ, եօթը տղոցմէ մէկուն փոխարինելով։ Կրետէ, Արիատնիին կը հանդիպի ու կը սիրահարուին։ Արիատնի երբ վստահ կ՛ըլլայ թէ Թիսէաս զայն հետը Աթէնք պիտի տանի ու պիտի ամուսնանան, անոր կը յանձնէ թելի կծիկը, որպէսզի չկորսուի լապիրինթոսին մէջ եւ գործը կատարելէ ետք, կարողանայ դուրս գալ: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ, Թիսէաս Մինոթաւրոսը կը սպաննէ եւ օգտուելով գիշերուան մութէն, Արիատնիին հետ նաւահանգիստ կը հասնին եւ վերադարձի ճամբան կ՛առնեն։
=== Արիատնի եւ Տիոնիսոս ===
Վերադարձի ճամբուն վրայ, Նաքսոս կղզին կանգ կ՛առնեն։ Իրիկունը, Թիսէասի երազին մէջ Տիոնիսոս աստուածը կը յայտնուի ու անոր կը յայտնէ թէ պէտք է կղզիէն մեկնի առանց Արիատնիին, որովհետեւ ճակատագիրը այդպէս գրուած է եւ Արիատնի իր կինը պիտի դառնայ։ Արիատնի Նաքսոս կը մնայ, կ՛ամուսնանայ Տիոնիսոսին։ Այդպէս կը զարգանայ կղզիին բնակիչներուն մօտ Արիատնիին պաշտամունքը իբրեւ աստուածուհի։
== Թիսէասի վերադարձը Աթէնք ==
Աթէնքէն մեկնելէն առաջ Էգէաս զաւկին պատուիրած էր, որ Մինոթաւրոսին յաղթած ըլլալու պարագային Թիսէաս վերադարձի նաւուն վրայ պիտի պարզէ ճերմակ առագաստները, հակառակ պարագային՝ սեւ: Թիսէաս սակայն, մոռցած էր պայմանը եւ նաւը Աթէնք կը հասնի սեւ առագաստներով:
Էգէաս ամէն օր Սունիոյի հրուանդանէն (ըստ կարգ մը պատմաբաններու Աքրոփոլիսի ժայռէն) ծովը կը դիտէր։ Տեսնելով սեւ առագաստները ինքզինքը ծովը կը նետէ։ Ծովը, ուրկէ Թիսէաս Կրետէէն մինչեւ Աթէնքի նաւահանգիստը՝ Փիրէա կը ճամբորդէ, էգէասի անունով՝ Էգէական ծով կ՛անուանուի։
== Թիսէաս թագաւոր ==
Թիսէաս Աթէնքի ամենակարող թագաւորներէն մէկը եղած է։ Ան կը հաստատէ Աթէնքի մեծութիւնը միացնելով Ատիկէի բնակավայրերը։ Այդ պատճառով, աթենացիները 16 Էքաթոմվէոնային կը տօնէին «Սինիքիա» կամ «Սինիքեսիա»։
Թիսէաս Աթէնքի քաղաքացիները կը բաժնէ 3 դասակարգի․ ազնուականներու, հողատէրերու եւ ստեղծագործներու (շինականներ եւ արհեստագործներ)։ Բազմաթիւ են անոր յաջողութիւնները։ Ամենակարեւորներէն են՝ Մեղարիտային գրաւումը (Մեղարայի շրջան), Ամազոնեսներուն եւ Քենտաւրոսներուն դէմ տարած յաղթանակները, Փիրիթոոսին հետ 12 տարեկան Գեղեցիկ Հելենիին առեւանգումը Սպարթիէն (կամ Սփարթի)։ Իսկ երբ Փիրիթոոսին հետ կը փորձեն վարի աշխարհէն (Ատիս աստուծոյ բնակավայրը) Փերսեֆոնին առեւանգել Ատիսին կողմէ տարիներ հոն քարացած կը մնան մինչեւ ազատագրուին Հերակլիսին (Իրաքլիս) կողմէ։ Ատկէ ետք, երբ Աթէնք կը վերադառնայ, իր դէմ կը գտնէ աթենացիներուն եւ քաղաքը կը լքէ։ Ըստ դիցաբանութեան ան կը մահանայ Սքիրոս կղզին։ Անոր զաւակներէն Տիմոֆոն եւ Աքամաս կը մասնակցին Տրոյեան պատերազմին։
== Հերոսին յիշատակումը ==
Պատմական շրջանին, Փիսիսթրաթոսն է որ աթենացիներուն կը յիշեցնէ անոնց պարտականութիւնը հերոսին հանդէպ (Ք․Ա․ 6-րդ դար)։ Իսկ Ք․Ա․ 475-ին Քիմոն (Քիմոն Միլթեատու) կ՛արշաւէ Սքիրոսին դէմ, զայն կը գրաւէ ու կը սկսի բնտռել Թիսէասին գերեզմանը։ Վերջապէս բլուրի մը գագաթը պեղելէ ետք հին հսկայ վիմադամբան մը կը գտնէ ու անոր մօտ նիզակի մը ծայրը եւ թուր մը։ Կը հաւատայ թէ Թիսէասինն են եւ եռակարգ ցռկանաւով Աթէնք կը բերէ։ Աթենացիները կը պատուեն իրենց հերոս թագաւորին «վերադարձը» եւ անոր աճիւնները կը թաղեն յատուկ կառուցուած յուշարձանին՝ Թիսիոնին (Θησείον) մէջ։ Նաեւ կ՛որոշեն ամէն տարի 8 Փիանեփսիոնայի զոհաբերութիւններ ընել․ այդ օրը Թիսէասին Կրետէէն վերադարձի թուականն էր, իսկ 8 Էքաթոմվէոնային (այդ թուականն է երբ առաջին անգամ Աթէնք կու գայ) կը պատուեն անոր յիշատակը։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
(Theoi Project)Փլուտարհոս «Թիսէասի Կեանքը»
Greek Myth Comix: The Story of Theseus, pt.1 Pt.2 Pt.3 The story of Theseus in comic-strip format, by Greek Myth Comix (անգլերէն) |
21,166 | Թահիթի | Թահիթի, հրաբխային կղզի Խաղաղական ովկիանոսին, Ֆրանսական կղզիախումբին մէջ եւ ամէնէն մեծը: Ֆրանսական տիրոյթ է։ Տարածութիւնը 1042 Քմ² է, բնակչութիւնը՝ 95, 6 հազար (1977-ի տուեալներով):
Վարչական կեդրոնը եւ գլխաւոր նաւահանգիստը՝ Պապեեթէն է։
Բնակչութեան մեծամասնութիւնը թահիթցիներ են։ Կը բնակին նաեւ չինացիներ եւ ֆրանսացիներ։
Պաշտօնական լեզուն ֆրանսերէնն է, կրօնը՝ քրիստոնէութիւնը։ Կղզին բաղկացած է լեռնային երկու զանգուածներէ (բարձրութիւնը՝ մինչեւ 2241 մ)։ Կազմուած է պազալթներէ։ Կլիման արեւադարձային, ծովային է։ Տարեկան տեղումները 1400 մմ են։ Կան խոնաւ արեւադարձային անտառներ, մերձափնեայ հարթավայրերուն մէջ՝ արմաւենիի, պանանի, շաքարեղէգի, վանիլի եւ արքայախնձորի ծառեր։ Կ'արտադրեն՝ մարգարիտ։ Վերջին երեսուն տարիներուն Թահիթին դարձած է ոստրէներու մշակումի ամէնէն ճանչցուած շրջաններէն մէկը:
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,170 | Coffeeshop | Coffeeshop (հոլ.՝ coffeeshop), կանեփի եւ կանեփէ ստացուած արտադրանքի հրապարակային վաճառքի թոյլտուութիւն ունեցող հաստատութիւններու տեսակ (առաւելաբար Հոլանտայի տարածքին): Coffeeshop-երու գործունէութիւնը կը կարգաւորուի «Ապիոնի մասին» օրէնքով եւ Հոլանտայի թմրամիջոցներու քաղաքականութեամբ:
Հակառակ Հոլանտայի արդիւնաբերական արգելքին, Coffeeshop-երուն մէջ թեթեւ թմրամիջոցներու վաճառքը, սեփականութիւնը եւ օգտագործումը փաստացի չի հետապնդուիր՝ հետեւեալ սահմանափակումներու առկայութեամբ.
չտեղադրելլ արգելուած նիւթերու գովազդ,
կազմակերպութեան մէջ չարտօնել ծանր թմրամիջոցներու վաճառք,
չարտօնել հասարակական կարգի խախտում,
վաճառել միայն 18 տարեկանէն բարձր անձերու եւ արգլիել այդ տարիքէն ցածր անձերու մուտքը,
մէն մարդուն որոշուած չափաբաժինէն (5 կրամէն) աւելի չվաճառել,
Coffeeshop-երը չտեղադրել դպրոցներէն 250 մեթրէն աւելի մօտ տարածութեան վրայ:
== Կարեւորութիւն ==
Թեթեւ թմրամիջոցներու (Coffeeshop-երու) վերահսկուող վաճառքի կէտերու օգտագործումը նպատակ ունի առանձնացնելու թեթեւ թմրամիջոցներ օգտագործողներուն այնպիսի միջավայրերէ, ուր կ՛օգտագործուին ծանր թմրամիջոցներ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
What Can We Learn from the Dutch Cannabis Coffeeshop Experience? / RAND, 2010
Cannabis policy in the Netherlands: moving forwards not backwards / Transform Drug Policy Foundation, 2014 |
3,842 | Հայաստանի Երկրաբանական Կառուցուածք | Հայաստանի տարածքը կը գտնուի Ալպ-հիմալայեան ծալքաւոր մարզի Տաւրոս-կովկասեան հատուածին ներքին խոշոր կերտուածական կառոյցի՝ Հայկական լեռնաշխարհի հիւսիս-արեւելեան մասին մէջ եւ կը բնորոշուի բարդ երկրաբանական առանձնայատկութիւններով (particularaties) (special featrures)։ Վաղ անցեալին Լաւրասիա (Lavrasia), Կոնտուանա (Gondwana) ընդարձակ մայր ցամաքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցած է Թեթիս (The Tethys Ocean - Greek: Τηθύς) ովկիանոսը՝ Ալպ-հիմալայեան կամարաեայ ծալքերով իջուածքը։ Յետագային, բազմիցս անգամ կրկնուող լեռնակազմական շարժընթացներուն հետեւանքով, Կոնտուանայի արաբական ելուստի եւ Լաւրասիոյ արեւելա-եւրոպական սալի միջեւ ձեւաւորուած են մարզի ծալքաւոր եւ բեկորային համակարգերը։ Երկրակեղեւի հաստութիւնը այստեղ կը կազմէ 38-40 քմ-էն (իջուածքները) մինչեւ 52-53 քմ (բարձրացումները), հրաբուխանստուածքային շերտի հաստութիւնը 3-8 քմ է, որձաքարային («կրանիթ» անգլ.՝ granite) շերտինը՝ 20-30 քմ սեւակուճային (պազալթային անգլ.՝ basaltic) շերտինը՝ 20-25 քմ։
=== Լեռնակազմութիւն ===
Հայկական լեռնաշխարհի հիւսիսային թեւը կը կազմէ Փոքր Կովկասի, Կարատաղի, Թալիշի բեմակողմնային տեսքով զուգորդուող կամարածալքերու շարքը, իսկ հարաւային եւ կենդրոնական թեւերը՝ Հայկական Տաւրոսի եւ Զագրոշի լեռնաշղթաները։ Ասոնք, որպէս ծալքաւոր համակարգեր, ձեւաւորուած են մասամբ «պալէոլիթ»ի եւ «մեզոլիթ»ի՝ հիմնականօրէն «Բէյլէօզոյիքի» (The Paleozoic (or Palaeozoic) Era) լեռնակազմական շարժումներու հետեւանքով։
Հայկական լեռնաշխարհի տարածքը «Քայնոզոյիք» վերջաւորութեան կերտուած շարժումներու հետեւանքով ենթարկուած է տարբերակուած խոշոր կամարաձեւ բարձրացումներուն։
Հայկական լեռնաշխարհով կ՝անցնին կամ կերկարաձգուին Երզնկա-Կարս-Ամասիա-Սեւան-Հաքարիի, Հանքաւան-Զանգեզուրի եւ մերձերեւանեան ուղղութեամբ երկարող խորքային խորտակումներու համակարգերը եւ անոնց յարող «օֆիոլիթային» (Ophiolite) գօտիները։ Շատ տեղեր ապառաժ շերտերը կերտուածական լարումներու ազդեցութեամբ խզուած են եւ երկրակեղեւի կոտրուածքներու ուղղութեամբ առաջացած է ծալքերու ճզմում եւ տեղաշարժ, խզումները ու կոտրուածքները ծալքաւոր լեռներու մեծ մասը բեկորահատելով առաջացրած են ծալքաբեկորաւոր լեռներ։
Հայկական լեռնաշխարհի ձեւաւորման գործին չափազանց կարեւոր դեր խաղցած են ալպեան լեռնակազմական շարժումները, որոնց հետ կապուած «նէոկենեան» (neogenini) եւ «անթրոբոկենեան» (anthropogenic) մարդոց ձեռքով բնութեան վրայ ներգործող փոփոխութիւններ հրաբխային ոյժը ընդգրկած է լեռնաշխարհի ողջ կեդրոնական մասը՝ գոյացնելով հրաբուխային բարձր լեռներ ու լեռնավահաններ եւ լաւային սարաւանդներ։
Երկրաբանական կառուցուածքի առումով Հայկական լեռնաշխարհը մայր ցամաքի անզուգական տարածքներէն է։ Այստեղ կան գրեթէ բոլոր երկրաբանական ժամանակաշրջաններու գոյացումները՝ սկսած մինչքեմպրի հնագոյն փոխակերպային համալիրներէն մինչեւ «անթրոբոկենի» հրաբուխային ու լճագետային առաջացումները։ Մինչքեմպրի փոխակերպային ապարները Հայաստանի տարածքին կը բացայայտուին տեսանելի դառնալով Ծաղկունեաց, Լոռի, Տաւուշի կամարածալքերու միջուկներուն մէջ։
Վերին «Փալէոզոյիք» ապարները առաւել տարածութիւն ունին Մերձարաքսեան կերտուածական գօտիին մէջ եւ Զանգեզուրի հարաւ արեւմուտքը․ ներկայացուած են աւազաքարերով, քաւարզիդներով, կաւերով, աւազակաւային թերթաքարերով, կրաքարերով, հնամիացած կենդանիներու մնացորդներով։ Փերմի կրաքարերը վերին Դեւոնի եւ ստորին քարպոնի վրայ տեղադրուած են աններդաշնակ։ Տրիասը Վետի գետի աւազանին մէջ կը պարունակէ ածուխներ։
== Արտաքին յղումներ ==
ԵՊՀ Գիտական տեղեկագիր «Հայաստանի հիմնական տեկտոնական միավորները»
Ա․ Հ․ Գաբրիելյան «Հայաստանի երկրաբանությունը 50 տարում»
Հայաստանի երկրաբանությունը |
5,891 | Սահակ Օտապաշեան | Սահակ Ծ. Վրդ. Օտապաշեան (1875, Սվազ - 1915, Մեծ Եղեռնի զոհ) Հայ եկեղեցական եւ մանկավարժ։
== Կենսագրութիւն ==
Վարդապետ ձեռնադրուած է 1901 թուականին:
Կեդրոնական եւ «Նոր Դպրոց» վարժարաններէն ներս դասաւանդած է հայկական մատենագրութիւն եւ կրօնք, ան նաեւ ստանցնած է ծննդավայրին Արամեան վարժարանի տեսչութիւնը:
1905էն ի վեր վարած է տեղապահի եւ առաջնորդի պաշտօններ Սվազ, Ամասիա, Մարզուան, Սամսոն եւ Պրուսա մինջեւ 1912-1914, որմէ յետոյ անձնուիրաբար գաւառ մեկնած՝ պատրիարքական հրահանգի մը համաձայն:
Պարտականութեան ճամբուն վրայ ինկած, Օտապաշեան եղած է Պոլսոյ եւ գաւառի բոլոր աշխարհականներուն ու եկեղեցականներուն մէջէն առաջին զոհը:
== Աղբիւրներ ==
Թէոդիկ, Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի, Արզուման հրատարակչատուն, Կ. Պոլիս, 1919, էջ 84 |
2,093 | Արմաւ | Արմաւ, անգլերէն Palm իր պարունակած կենսանիւթերու եւ միքրօտարրերու շնորհիւ կը համարուի լման սնունդ ընտանիքի բոլոր անդամներու համար, անոնց պարգեւելով ուժ, աշխուժութիւն եւ կանխարգիլելով կարգ մը հիւանդութիւններ: Բուսակերներու եւ արեան տկարութիւն ունեցողներու համար ան անփոխարինելի է շնորհիւ իւրաքանչիւր 100 կրամի մէջ պարունակած 1.6մլկ. երկաթի, քանի որ հասուն մարդու պահանջը օրական 0.9մլկ. է: Պարունակած շաքարի տոկոսը կը հասնի 70-ի, իսկ 100կրամը ունի 250 ջերմուժ: Հարուստ ըլլալով բնաթելերով , ունի լուծողական յատկութիւն, կը պայքարի պնդութեան դէմ , ինչով եւ պայմանաւորուած է անոր դիւրամարս ըլլալը: Կը տարբերենք արմաւի 1500 տեսակ, դեղինէն ոսկեգոյն եւ մինչեւ մութ սրճագոյն: Արմաւը կը պարունակէ փրոթէին, ածխաջրատներ, երկաթ, ֆոսֆոր, քալսիում, բոլոր կենսանիւթերը բացի Vit. Eէն: Պարունակած ամինաթթուներու քանակով ,ան կը գերազանցէ պանանը եւ խնձորը: կը պարունակէ ֆլիւոր, որ անհրաժեշտ է առողջ ակռաներ ունենալու համար , եւ սէլենիում օրկանիզմի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու համար: Արմաւը կը նպաստէ սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու կանխարգիլմանը : Արմաւէն պէտք է զգուշնան սննդականոնի հետեւողները, սակայն բնական կշիռքի ժամանակ , զայն կարելի է օգտագործել քաղցրաւենիքի փոխարէն : Արմաւները կը համարուին հնագոյն բժշկութեան ամենալաւ միջոցը ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններու բուժման համար: Տեւական օգտագործման պարագային, աղիքներու մէջ կը ստեղծուի օգտակար մանրէներու կազմ: Աղիքներու աշխատանքը խթանելու համար կէս լիթր ջուրի մէջ եռացնել 5 արմաւ , խմել առտու եւ իրիկուն , կամ ուտել 5արմաւ, ապա խմել մէկ գաւաթ գաղջ ջուր : Արմաւը կ'օգնէ եւ կերակրափողի այրոցի պարագային եւ պարունակած կլութամինաթթուի շնորհիւ կը չէզոքացնէ աւելորդ ստամոքսահիւթը : Արմաւը ուղղակի ուժանիւթի աղբիւր է , բառացիօրէն կը լիցքաւորէ մարմինը: Օգտակար քաղցրաւենիք է , որ կ'ապահովէ մարմնի ֆրուքթոզը եւ կլուքոզը: Ան կը պարունակէ մեծ քանակով Vit.B5 ապահովելով մկաններու աշխատունակութիւնը, մանաւանդ մարզիկներու մոտ: Ուղեղի մտային լարումներու ժամանակ անփոխարրինելի է շնորհիւ իր պարունակած կլուքոզի եւ B խումբի կենսանիւթերու : Երբ յղի կամ դիեցնող կինը իր սննդաբաժնի մէջ, արմաւ կը սպառէ, երեխան կը ստանայ աճի համար անհրաժեշտ լիարժէք կենսանիւթեր եւ միքրօտարրեր:
== Աղբիւրներ ==
Առողջութիւնն Ու Սնունդը Գոհար Վարդանեան Քեշիշեան Պէյրութ 2007 |
3,901 | Հայկական Երաժշտութիւն | Հայկական Երաժշտութիւն, հայ ժողովուրդի դարաւոր երաժշտական մշակոյթը։ Այն սկիզբ առած է Ք.Ա. II հազարամեակին։ Պատմական տուեալները մեզի հասած են՝ հնադարեան հայ պատմաբաններ Մովսէս Խորենացիի եւ Փաւստոս Բիւզանդի աշխատութիւններուն շնորհիւ։
== Հին Դարեր եւ Միջնադար ==
Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակին ձեւաւորուած էր հայկական երաժշտութեան որակային իւրայատկութիւնը։ Մովսէս Խորենացին կը յիշատակէ «փանդիռ» երաժշտական գործիքը։ Փաւստոս Բիւզանդ կը յիշատակէ թմբուկը, սրինգը, քնարը եւ շեփորը։ Պահպանուած են նախքան քրիստոնէական Հայաստանի երգերու բնագիր հատուածները, որոնք կը պատմեն Արա Գեղեցիկի եւ Շամիրամի, Արտաշէս թագաւորի մասին։ Այդ հնագոյն երգերէն մէկը, որ կը վերաբերուի Ք.Ա. 2-րդ դարուն, կը պատմէ հայ արքայ Արտաշէսի եւ ալաններու արքայադստեր՝ Սաթենիկի մասին․
Ք.Ե. 301 թուականէն, երբ Հայաստանը ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պաշտօնական կրօն, հիմք կը ստեղծուի հայկական քրիստոնէական եկեղեցւոյ երաժշտութեան զարգացման համար։ Ագաթանգեղոսը կը յայտնէ, որ 4-րդ դարու վերջի շրջանին բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ երգեցողութիւն ուսուցաներ են։ Միեւնոյն ժամանակ յայտնի է հայկական հոգեւորականութեան բացասական վերաբերմունքը հեթանոսական երաժշտական ժառանգութեան հանդէպ։
Հայ հնադարեան երաժշտութեան զարգացման կը նպաստէ նաեւ աւատատիրութեան ձեւաւորումը։ Սակայն գուսանական արուեստը կ՝ ենթարկուի հալածանքներու (այսուամենայնիւ շարունակելով իր զարգացումը)։ Հայ եկեղեցական երաժշտութեան զարգացման նպաստեց 406 թուականի հայկական այբուբենի ստեղծումը։ Վարդապետարաններուն մէջ (հայկական դպրոցներուն, որոնք, ինչպէս կը յայտնէ Մովսէս Խորենացին, առաջին անգամ կը հիմնադրէ Մեսրոպ Մաշտոցը) ուսուցանուած են երաժշտութիւն եւ երգ։
5-րդ եւ 6-րդ դարերուն կը ստեղծուին առաջին հոգեւոր երգերը, որոնց հեղինակներն են՝ Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւը, Յովհաննէս Ա․ Մանդակունին, Ստեփանոս Սիւնեցին, Կոմիտաս Ա․ Աղցեցին։ Եկեղեցական երաժշտութեան զարգացման ընթացքին ձեւաւորուած են շարականները (5-րդ դար)։ 7-րդ դարուն երաժիշտ Բարսեղ Ճոն կը կազմէ շարականներու առաջին ժողովածոն։ 7-րդ դարու հիմնադիրներէն յայտնի է նաեւ կաթողիկոս Սահակ Գ․ Ձորոփորեցին։ Ձայներու երկրորդ համակարգումը կատարեց Ստեփանոս Սիւնեցին՝ 8-րդ դարու առաջին կէսին։ Վերջինս եկեղեցական երաժշտութեան մէջ ներմուծեց նաեւ կանոնը։ Հին հայկական երաժշտութեան զարգացման մէջ նոր ձեռք բերում կամ կատարում էր երաժշտական նոթագրութեան՝ խազերու ստեղծումը 8-9-րդ դարերուն։ Խազերու հնագոյն ձեռագիրը կը վերաբերի 9-րդ դարուն։ Ընդհանուր առմամբ պահպանուած է խազերու աւելի քան 2000 ձեռագիր։ Հնադարեան Հայաստանի երաժշտական մշակոյթի մասին կը յայտնէ նաեւ Դաւիթ Անյաղթը (5-6 դարեր)։
Հայկական երաժշտութիւնը նշանակալիօրէն կը բարգաւաճի զարգացած ֆիոտալիզմի դարաշրջանին՝ 10-13-րդ դարերուն։ Անոր կը նպաստէ հայկական ազգային պետութեան վերականգնումը 9-րդ դարու կէսերուն։ 10-րդ դարուն կը ստեղծուի մասնագիտացած եւ արհեստավարծ երաժշտութեան նոր ուղղութիւն՝ տաղը։ Տաղերը խոշոր հասարակական կամ հոգեւոր ձայնաւոր կամ հնչական ներկայացումներ են, որոնք ունին թատերական, վիպական, ինչպէս նաեւ քնարական բնոյթ։ Այդ ստեղծագործութիւնները իրենց սկզբնաղբիւրներով ծագում առած են գուսանական եւ գիւղական երաժշտութենէն։ Տաղերու առաւել յայտնի հեղինակներէն են Գրիգոր Նարեկացին (10-րդ դար), Խաչատուր Տարօնեցին (11-րդ դար) եւ այլք։ Հայկական Վերածնունդի գուսանական գաղափարները արտացոլուած էին ինչպէս տաղերուն մէջ, այնպէս ալ «Սասունցի Դաւիթ» էպոսի մէջ, որ վերջանականապէս ձեւաւորուած է 9-10-րդ դարերուն։ Արդարեւ, հայկական երաժշտական մշակոյթի հիմնական զարգացումը կապուած է տաղերուն հետ։ Երաժշտական նոթագրութեան համակարգը կը կատարելագործուի 11-րդ դարուն՝ խազերու ի յայտ գալով։ Այն թոյլ կու տայ աւելի ճշգրիտ հաստատել մեղեդին։ Կը ստեղծուին «Խազգիրք» ժողովածոները, որոնք կը հանդիսանային նաեւ իւրօրինակ ուսումնական ձեռնարկներ։ Հին հայկական երաժշտութեան զարգացման գործին մէջ մեծ դեր ունեցած է Ներսէս Շնորհալին (12-րդ դար), որ գրեց բազմաթիւ երգեր, տաղեր եւ շարականներ։ Յովհաննէս Իմաստասէրը (11-12-րդ դարեր), Յովհաննէս Երզնկացին (13-րդ դար) եւ այլք․ իրենց գործերուն մէջ անոնք կ՝ ուսումնասիրէին երաժշտա-գեղագիտական բնոյթ ունեցող թեմաներ։ Առաքել Սիւնեցին, Յակոբ Ղրիմեցին գրած են տուեալ ժամանակաշրջանի երաժշտական գործիքներու մասին։ Մեծ արժէք կը ներկայացնեն Կիլիկիոյ թագաւորութեան շրջանին ստեղծուած պատմական երգերու բառերը (Հեթում Ա․ արքայի որդի Լեւոնի կալանուման մասին եւ այլն)։ 14-րդ դարուն հասարակական տաղերը զգալիօրէն դուրս կը մղեն շարականները եւ այլ հոգեւոր ստեղծագործութիւնները։ Յատկապէս սկսած 16-րդ դարուն՝ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ բաժնուելէ ետք, կ՝ամրապնդուին ընկերային թեմաները եւ կը գերակայեն ողբերգական երգերը։
Միջնադարեան երգերու ժողովածոներէն են՝ Շարակնոցը, Գանձարանը, Մանրուսմունքը եւ Տաղարանը։
== Հին Հայկական Երաժշտական Նոթագրութիւն ==
Ըստ 5-րդ դարու պատմիչ Ղազար Փարպեցիի՝ հայերը սկզբնապէս կ՝ օգտագործէին այբուբենի տառերը՝ երաժշտութիւնը հաստատելու համար։ Հին հայկական երաժշտական նոթագրութիւնը՝ խազերը, ստեղծուած են 8-9-րդ դարերուն։ Խազերու ստեղծման նախաձեռնողը հաւանաբար եղած է Ստեփանոս Սիւնեցին։ 12-րդ դարուն խազերը կը զարգանային նաեւ Կիլիկիոյ մէջ, Ներսէս Շնորհալին, Գրիգոր Խուլը (12-րդ դար), Գէորգ Սկեռացին (13-րդ դար) եւ այլք կը բարելաւէին խազերու համակարգը եւ խազային նշանները գործադրելու մեկնաբանական ճարտարուեստը։ Յայտնի են աւելի քան 40 հիմնական եւ մինչեւ 20 կամ 30 լրացուցիչ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ածանցեալ նշաններ։ Խազերը կը բաժնուին 3 հիմնական կարգերու։ Բացի այդ, հայկական խազերը հին-բիւզանդական նշանային համակարգէն կը տարբերէին նաեւ իրենց գծանկարչական գրելու ձեւով, անուանումներով եւ նշաններու փոխյարաբերութեամբ։ Պահպանուած են ծաւալուն ձեռագիր հատորներու հսկայական ներառութիւն, որոնք կը պարունակեն միջնադարեան հասարակական եւ հոգեւոր ստեղծագործութիւններու խազային գրառումներ։ 9-րդ դարէն յայտնի են նաեւ ձեռագիրներ, որպէս հնչիւնական նոթագրութիւն։
== Հին Հայկական Երաժշտական Ժանրերը եւ Բնութագիրը ==
=== Գուսանական Երաժշտութիւն ===
Գուսանները հայ ժողովրդական երգիչներն են։ Անոնց ստեղծագործութիւնները բացարձակապէս հասարակական բնոյթ կը կրեն։ Նախաքրիստոնէական Հայաստանի մէջ հելլենիզմի դարաշրջանին գուսանները կը ծառայէին Գիսանէ աստուածուհիի տաճարին մէջ, կը մասնակցէին զաւեշտերու եւ երգիծական ներկայացումներուն։ Գուսանական երաժշտութիւնը ծագում առած է ստրկատիրական ժամանակաշրջանին Հայաստանի «վիպասաններու» ստեղծագործութիններէն։ Զարգացած աւատատիրական ժամանակաշրջանին առաջացան «գուսանները» եւ «վարձակնները»։ Գուսանական երգերու մասին կը վկայեն 5-րդ դարու հայ պատմիչներ Ագաթանգեղոսը, Փաւստոս Բիւզանդը, Մովսէս Խորենացին, Եղիշէն եւ այլք։ Ժողովրդական երգիչներ եւ գուսանները երգերը կը կատարէին հիմնականօրէն խնճոյքներուն, հարսանիքներուն եւ այլն։ 301 թուականէն ետք հայկական եկեղեցին կը հետապնդէր զանոնք։ Հայ պատմաբան Փաւստոս Բիւզանդը, որ ապրած է 4 - 5 դարերուն, նկարագրելով 4-րդ դարու իրադարձութիւնները, գրած է․
Անոնք մէկ անգամ եղած էին Տարօն՝ Աշտիշատ եկեղեցական աւանի մէջ, ուր առաջին անգամ եկեղեցի կառուցուած էր իրենց նախապապ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէն։ Երկու եղբայրները՝ Պապը եւ Աթանագինէսը, ժամանեցին այդ գիւղ։ Խիստ յարբած՝ անոնք սկսան ծաղրել Աստուծոյ տաճարը․ երկու եղբայրները մտան եպիսկոպոսական հանգստավայր եւ սկսան այնտեղ գինի խմել մարմնավաճառներու, երգչուհիներու, պարուհիներու, գուսաններու հետ։
Հին գուսանական արուեստը գոյատեւեց մինչեւ 15-16-րդ դարերը։ Այդ ժամանակաշրջանի յայտնի բանաստեղծ -գուսաններն էին Գրիգոր Խլաթեցին եւ Նահապետ Քուչակը՝ հայրեններու հեղինակները։
=== Շարական ===
Շարականները հոգեւոր երգեր են։ Մեծ քանակութեամբ շարականներ պահպանուած են 5 - 15-րդ դարերուն։ Հին հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը կազմուած է 4 հիմնական ժանրերէն՝ կցուրդ, կացուրդ, կանոն եւ տաղ։ Շարականները հին հայկական մշակոյթի՝ մասնաւորապէս բանաստեղծութեան, երաժշտութեան եւ արհեստավարժական երգարուեստի համադրութիւնն է։ Արդէն 7-րդ դարուն Բարսեղ Ճոնը կաթողիկոս Ներսէսի յանձնարարութեամբ կազմեց «Շարակնոց» ժողովածուն։ Համաձայն Կիրակոս Գանձակեցիի․ «Այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ այնքան շատ էին կանոնաւոր եկեղեցական երգերը, որ մէկ խումբի երգիչները չէին գիտեր միւս խումբին երգերը» Վարդան Արեւելցին կը գրէ․
Շարականներու բազմադարեան արուեստը միշտ կը գտնուէր հասարակական երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան ուժեղ ազդեցութեան տակ եւ հազարաւոր տարիներու ընթացքին զգալի շրջափոխութիւն ապրեցաւ։ Շարականներու խօսքերուն հիմնական բանաստեղծական չափը բարդ չորսոտնեայ եամպ է (մեծավերջ) (iamb) (4+4+4+4)։ Կ՝ օգտագործուին նաեւ այլ չափեր, որոնց մէջ յաճախակիօրէն կը գտնենք չորսոտնեայ վերջատանջը (Anapaest) (З+З+З+З)։ Շարականներու երաժշտութիւնը կը վերաբերի տուներու սկզբունքին։ Շարականները կը գրուէին որպէս կատարեալ երաժշտա-բանաստեղծական ստեղծագործութիւններ։
Շարականները հաւաքուած են «Շարակնոց» ժողովածուին մէջ, ուր ներառուած են աւելի քան 1166 երգեր։
=== Տաղ ===
Տաղերը, շարականներու պէս, երաժշտական եւ բանաստեղծական արուեստի համադրոյթ են։ Տաղը արուեստավարժ երաժշտութեան իւրայատուկ ժանր է։ Անոնք համեմատաբար ծաւալուն երգեր կամ տաղեր են, որոնք իրենց բովանդակութեամբ եւ մեղեդայնութեամբ կը յիշեցնեն յաջորդող դարաշրջանի ձայնական եւ գործիքային արիաներ։ Տարբերակ ունենալով՝ հոգեւոր եւ պարզ տաղեր։ Առաջինները աւելի ծաւալուն են, քան պարզ տաղերը։
Տաղը, որպէս երաժշտական ժանր, հիմնականօրէն զարգացած է 10-րդ դարուն՝ գլխաւորապէս Գրիգոր Նարեկացիի շնորհիւ։
Հոգեւոր տաղերը ի տարբերութիւն շարականներու՝ կանոնաւոր երգեր չէին․ տօնախմբութիւններուն եւ արարողութիւններուն կը կատարուէին տուեալ իրադարձութեան աւելի տօնական տեսք տալու համար։
Պարզ տաղը աւելի ցայտուն կերպով կը զարգանայ Ֆրիկի ստեղծագործութիւններուն մէջ (13-րդ դար)։ Տաղերու ուշ միջնադարեան հեղինակներէն յայտնի են Յովհաննէս Թլկուրանցին, Մկրտիչ Նաղաշը, Մինաս Թոխատեցին, Պետրոս Կապանցին, որոնց ստեղծագործութիւններէն մի քանին պահպանուած են խազերու տեսքով։ Ամենայայտնի հասարակական տաղերէն մէկը՝ «Կռունկ»-ը, որ ստեղծուած է ուշ միջնադարուն, պահպանուած է 17-րդ դարու թեքսթերուն մէջ։ Կրօնական տաղերգու եւ գանձերու ուշ միջնադարեան հեղինակներէն առաւել յայտնի են Առաքել Սիւնեցին, Մաթէոս Դուուգայէցին, Գրիգոր Խլաթեցին, Առաքել Բաղիշեցին եւ այլք։ Հասարակական տաղերու հնադարեան ժողովածուն տպագրուած է Վենետիկ 1513 թուականին։
== 15—18 դարեր ==
Տաղերու ականաւոր կատարողներէն մէկը Պետրոս Կապանցին էր։ Անոր ստեղծագործութիւնները իրենց արմատներով կապուած են զարգացած ֆէոտալական ժամանակաշրջանի հայկական երաժշտական մշակոյթի աւանդոյթներու հետ։
Այդ ժամանակաշրջանին կը շատնան թէ՛ երաժիշտները, թէ՛ երաժիշտ-կատարողները։ Միեւնոյն ժամանակ 17 -18 դարերու հայ գիտնականները կը շարունակէին ուսումնասիրել միջնադարեան ձեռագիրներու եւ բնագիրներու երաժշտական ժառանգութիւնը։
Այդ շրջանի յայտնի երաժշտական տեսաբաններէն էին Աւետիք Պաղտասարեանը, Զենէ-Պօղոսը, Խաչատուր Էրզրումցին եւ Մխիթար Սեբաստացին։
Հին հայկական երաժշտութեան ուսումնասիրութեան զուգընթաց՝ Գրիգոր դպիր Գապասկալեանը (4 երաժշտագիտական աշխատութիւններու հեղինակ) կը փորձէ ստեղծել խազերու նոր համակարգ։
=== Աշուղական Երաժշտութիւն ===
Աշուղական երաժշտութիւնը կը հանդիսանայ երաժշտական եւ գրական մշակոյթի համադրոյթ, որ առաջացած է 16-րդ դարուն Աշուղները ժողովրդական երգիչ-պոետներ են,, ովքեր մեծ դեր են խաղացել հայկական երաժշտության պատմության մեջ։: Աշուղները ժողովրդական երգիչ-ասմունքողներ են, որոնք մեծ դեր խաղցած են հայկական երաժշտութեան պատմութեան մէջ։ Աշուղական արուեստի զարգացումը կը սկսի 17-րդ դարուն: 17-18-րդ դարերու նշանաւոր հայ աշուղներէն էին Էկազը, Կուլ Յարութիւնը, Ղազարի որդի Պաղերը եւ այլք: Աշուղական երաժշտութիւնը հինուած է ժողովրդական արուեստի բազմադարեան աւանդոյթներու վրայ։ Սորվելով միջնադարեան տաղասացներու աւանդոյթները՝ հայ աշուղները իրենց ստեղծագործութիւններուն համար կը ստեղծէին իւրօրինակ մեղեդիներ: Արդէն 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն այդ մեղեդիները արձանագրուեցան եւրոպական երաժշտական նոթագրութեամբ: Այդ երգերուն բառերը կը նուիրուէին սիրային, հասարակական, երգիծական եւ այլ թեմաներու: Չնայած այս արուեստի իւրօրինակութեան՝ աշուղական երաժշտութեան համար յատուկ են նաեւ ընդհանուր գիծեր: Աշուղական հիմնական երաժշտական գործիքները լարային-կսմիթային գործիքներն են՝ սազը եւ չոկուրը: 17-18-րդ դարերու հայ ականաւոր աշուղներէն են Նաղաշ Յովնաթանը, Պաղտասար Դպիրը եւ Սայեաթ-Նովան: 18-րդ դարուն աշուղական արուեստը «կուլ կու տար» տաղասացներու արուեստը:
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,537 | Կարապետ Մելիքեան | Կարապետ Մելիքեան Գէորգի (1883, Արաբկիր, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915), հայ բժիշկ։
== Կենսագրութիւն ==
Կարապետ Մելիքեան ծնած է 1883 թուականին, Խարբերդի նահանգի Խարբերդի գաւառի Արաբկիր քաղաքին մէջ։ Աւարտած է ծննդավայրի ուսումնարանը։ 1901 թուականին աւարտել է ամերիկացի միսիոներներու՝ Խարբերդի Եփրատ գոլէճը։
1901-1907 թթ. ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական ֆակուլտետէն ներս։ 1907 թուականին բժշկական վկայական ստանալով վերադարձած է հայրենի Արաբկիր։ 1907-1910 թթ. տեղափոխուած է Կարնոյ նահանգի Կարնոյ գաւառի Քղիի գաւառակի կեդրոն Քղի աւանը եւ թաղապետարանի բժիշկ աշխատած։
Քղիի մէջ ամուսնացած է Նիկողոս էֆենտի Օհանեանի աղջկայ հետ։
Պալքանեան պատերազմի ժամանակ, որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է Օսմանեան բանակին մէջ, եղած է Ատրիանապոլիս եւ այլուր։
1915 թուականի Ապրիլին, Քղիի մօտակայքը զոհ դարձած է թրքական յաթաղանին՝ 32 տարեկան հասակին։
== Գրականութիւն ==
«Տեղեկատու», 1951, 36, էջ 1901։
Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
Փոլատեան Ս., Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի, Նիւ Եորք, 1969։
Խաչատրեան Լ. եւ ուրիշ., Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923 թթ.), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Երեւան, 2004։
Քէստենեան Հ., Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռն ին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազդակ», 1.11.2012
== Աղբիւր ==
Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։ |
5,410 | Չինական Վարդ | Չինական վարդ կամ չինական հիպիսքուս (լատ.՝ Hibiscus rosa-sinensis), կը պատկանի տուղտազգիներու ընտանիքին, ցած ծառեր են, թուփեր, խոտաբոյսեր։ Ցեղը կ'ընդգրկէ շուրջ 150 տեսակ։
Մշտադալար թուփ է մինչեւ երեք մ. բարձրութեամբ, հարթ փայլուն մուգ կանաչ տերեւներով, ծաղիկներու տրամագիծը կը կազմէ 16 սմ։
Չինական վարդի հայրենիքը հարաւային Չինաստանն է եւ հիւսիսային Հնդկաստանը։
== Կենսաբանական նկարագիր ==
Մինչեւ 4 մ. բարձրութեամբ ծառ է կամ թուփ։ Ծաղիկները մեծ են, մէկ հատիկ, վառ կարմիր, նարնջագոյն կամ դեղին, թոյլ բուրաւէտ։ Ծաղկաթերթիկները թիւով հինգ են, ձագարաձեւ՝ միաձուլուած, բազմաթիւ ոսկեգոյն առէջները կը կազմեն սնամէջ գլան, որ աւելի երկար է, քան ծաղիկի տրամագիծը՝ 10 - 16 սմ.։
Սենեկային բոյսերու բարձրութիւնը կրնայ հասնիլ 11,5 մ.-ի։ Բոյսին գեղեցիկ ծաղիկներուն կեանքի տեւողութիւնն է ընդամէնը 36 ժամ։ անոնց գրեթէ անմիջապէս կը փոխարինեն նորերը։
== Պատմութիւն ==
Մալիզիոյ մէջ կը համարեն, որ սերտ աճած ծաղկաթերթիկները կը խորհրդանշեն իսլամական հինգ պատուիրանները, կը համարուին ազգային ծաղիկ, որ կը խորհրդանշէ երկիրը, նկարազարդուած է մետաղադրամի վրայ, հնդիկները կը հիւսեն ծաղիկը հարսանեկան պսակի մէջ։ Բոյսի տարածման մասին կը վկայեն բազմաթիւ այլ անուանումները՝ «փարաւոններու ըմպելիք», «Սուտանի վարդ», «Վենետիկի տուղտ», «Կարմիր աւելուկ»։
== Կազմուածք ==
Չինական վարդերը կը պարունակեն սպիտակուցներ, կիտրոնաթթու եւ խնձորաթթու, կենսանիւթ, մեծ քանակութեամբ հականեխիչ նիւթեր, բուսական ներկանիւթեր եւ հակաօքսիտաններ։ Տերեւը նոյնպէս հարուստ է օգտակար նիւթերով. կը պատրաստեն աղցաններ։
=== Կիրառութիւն ===
Չինական վարդի ծաղկաթերթիկները կը պատրաստեն Եգիպտոսի մէջ կարկաթէ թէյը։ Ըստ «ֆենշույ» ուսուցման՝ չինական վարդը բնակարանը կը լեցնէ դրական ուժով, կը պաշտպանէ ընտանիքը անախորժութիւններէ, կ'ամրացնէ ամուսնական կապերը։ Անիկա կը խթանէ ընտանիքեւ մտաւոր գործունէութիւնը, կը տրամադրէ ստեղծագործ աշխատանքի։ Յայտնի է, որ բոյսերը կը հաղորդակցին իրարու հետ որոշակի յաճախականութիւն եւ երկարութիւն ունեցող ելեկտրական ալիքներու միջոցով։
Սերմերը կ'օգտագործեն հրուշակեղէնի վրայ ցանելու համար, կը խառնեն սուրճին եւ ապուրներուն։ Ունի լուծողական ներգործութիւն։
== Բժշկութեան մէջ ==
Տերեւը եւ ծաղիկները հնագոյն ժամանակներերէն կիրարկուած են աղեստամոքսային համակարգի հիւանդութիւններուն, թութքի, փորհարութեան, մաշկի սուր բորբոքումներուն բուժման համար։ Թէյի կանոնաւոր օգտագործումը կը պարգեւէ հանգիստ քուն եւ բարի երազներ։ Տաք թէյը կը հանգստացնէ նեյարդային համակարգը, կը մաքրէ Լեարդը եւ երիկամները։ Այն անփոխարինելի է գերզգայուն անձերու համար՝ զայն կարելի է խմցնել նոյնիսկ 1,5 - 2 տարեկան երեխաներուն։
Պատկերասրահներու մէջ՝ ծաղիկին տարբեր գոյները կ'օգտագործուին որպէս զարդարիչ բոյսեր։
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
Ya Tang, Michael G. Gilbert & Laurence J. Dorr։ Malvaceae in der Flora of China, Volume 12, S. 264։ Hibiscus rosa-sinensis - Online.
Sultanul Abedin։ Malvaceae in der Flora of Pakistan։ Beschreibung von Hibiscus rosa-sinensis - Online.
== Արտաքին յղումներ ==
Уход за Гибискусом китайским
The American Hibiscus Society.
The Australian Hibiscus Society Inc. |
2,710 | Դեղագործական Քիմիագիտութիւնը Հայաստանի Մէջ | Դեղագործական քիմիագիտութիւնի Հայաստանի մէջ
== Դեղագործական Քիմիագիտութեան Հիմնադրումը Հայաստանի մէջ ==
Դեղագործական քիմիագիտութեան հիմնադիրը Հայաստանի մէջ Արմենակ Մնջոեանն է։ Հայրենական մեծ պատերազմի (1941-1945 թուականներ) տարիներուն ԵԲԻ-ի մէջ անոր ղեկավարութեամբ արտադրութեան մեջ ներդրուած են ռազմաճակատին ու թիկունքին անհրաժեշտ դեղանիւթեր։ Կենսաբանօրէն աշխոյժ նիւթերու համադրումը հետագային ծաւալած է Արմենակ Մնջոեանի ղեկաւարած քիմիագիտութիւն-դեղագործական տարրալուծարանին մէջ, որու հիման վրայ 1955 թուականին ստեղծուած է Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի նուրբ գործարանական (organic) քիմիագիտութեան համակարգը (Նուրբ Օրքանիգ Քիմիագիտութեան Ինստիտուտ) (ՆՕՔԻ, 1971 թուականից՝ Արմենակ Մնջոեանի անուան, 2006 թուականէն՝ ՀՀ ԳԱԱ գործարանական եւ դեղագործական քիմիագիտութեան կեդրոն)։ Այստեղ կը համադրուին նոր նպատակային գործարանական միացութիւններ, կ'ուսումնասիրուին իրենց կենսբանական աշխոյժութիւնը, կը բացայայտուի գործարանական միացութիւններու կառուցուածքի եւ կենսբանակսն աշխոյժութեան միջեւ եղած կապը, կը կատարուին կլինիկական փորձարկումներ։
== Հովհաննես Մնջոեանի Յայտնագործութիւնները ==
Ցոյց կը տրուի, որ երկհիմն կարբոնաթթուներու ածանցեալները կենսաբանօրէն աշխոյժ նիւթեր են. սաթաթթուի երկմեթիլամինաէթիլէսթերը՝ դիթիլինը, կ'օգտագործուի բժշկութեան մեջ՝ կրծքավանդակի վիրահատութիւններու ժամանակ՝ որպէս մկանները թուլացնող միջոց, խցանաթթուի երկմեթիլամինաէթիլէսթերու երկյոդմեթիլատը՝ սուբեխոլինը՝ որպէս շնչառութեան խթանիչ։ Տեղակալուած քացախաթթուներու եւ ֆենոլաթթուներու ամինաէսթերներու խոլինաքայքայիչ եւ հանգուցամեկուսիչ հատկութիւններու հետազոտութիւններով կը բացայայտուի, որ ամինասպիրտային բաղադրիչի կառուցուածքի փոփոխութիւնը կրնայ հանգեցնել իրենց կենսաբանական աշխոյժութեան ի յայտ գալուն, ինչպէս նաեւ մեծցնել երենց ներգործութեան տեւողութիւնը։
1998 թուականէն Երեւանի Պետական Համալսարանի դեղագործական քիմիայի ամպիոնին մէջ Ա. Սաղեանի ղեկավարութեամբ համադրուած են նոր սերունդի տարացիկլներ պարունակող օպտիկապէս աշխոյժ ամինաթթուներ, որոնք նոյնպէս լուրջ հետաքրքրութիւն կը հառաջացնեն հակաքաղցկեղային դեղապատրաստուկներու արտադրութեան մեջ։ Այդ աշխատանքները համատեղ կը կատարեն ԵՊՀ-ի, Ռոստոկի (Գերմանիա) համալսարանի գործարանական քիմիայի ամպիոնները եւ ՀՀ ԳԱԱ գործարանական եւ դեղագործական քիմիայի գիտատեխնոլոճիական կեդրոնը։ Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանին մէջ Մ. Օրդեանի ղեկավարութեամբ համադրուած են հակաուռուցքային, պսակային անոթներու դիմադրողականութիւնը եւ արեան ճնշումը նուազեցնող, հակաջղաձգային եւ մանրէասպան հատկութիւններով օժտուած միացութիւններ։ |
6,948 | Նուրի Հալէպլեան | Նուրի Յարութիւնի Հալէպլեան (նաեւ՝ Հալէպեան), հայ ատամնաբոյժ։ Վիրաբոյժ Լութֆի Լեւոն Հալէպլեանի եղբայրնը։
Նուրի Հալէպլեանն ունեցած է ատամնաբուժական կրթութիւն եւ աշխատած է որպէս ատամնաբոյժ։ Տարագրութեան օրերուն նահատակուած է Մելիտինէի շրջակայքը։ Եղած է շատ երիտասարդ եւ ամուրի։ Քոյրը եւ փեսան՝ տեր եւ տիկին Լ. Լեւոնեանները, տարագրութեան՝ գողգոթայէն վերապրելով, բնակութիւն հաստատած են ԱՄՆ-ի Մասաչուսեթսի Ուոթըրթաուն քաղաքին մէջ։
== Գրականութիւն ==
Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
== Աղբիւրներ ==
Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։Կաղապար:Bio-stub |
255 | 16 Յունուար | 16 Յունուար, տարուան 16-րդ (նահանջ տարուան 16-րդ) օրն է։
15 Յունուար 16 Յունուար 17 Յունուար
== Դէպքեր ==
1492, սպաներէնի առաջին քերականութիւնը կը ներկայացուի Իսապելլա I թագուհին
1547, Իւան Կրոզնին դարձաւ Ռուսիոյ առաջին ցարը
1581, Անգլիոյ փարլըմենթի կողմէ կաթոլիկութիւնը կը յայտարարուէ օրենքէն դուրս
1969, չեխ ուսանող Եան Փալախը ինքնահրկիզուեցաւ Փրակին մէջ
1989, Մոնթէ Մելքոնեանը Ֆրանսային մէջ ազատուեցաւ բանտէն
== Ծնունդներ ==
1894, Մատթէոս Զարիֆեան (մ.1924), բանաստեղծ
== Մահեր ==
== Տօներ ==
Աշխարհի մէջ՝ Պիթըլզի օր
Իսրայէլ՝ Դրաւշի օր կամ՝ Դաւթի աստղի օր։ |
5,442 | Յակոբ Պալեան | Յակոբ Կարապետի Պալեան (Յակոբ բէյ Պալեան, 4 օգոստոս,1837 Կոստանդնուպոլիս - 30 հոկտեմբեր, 1875 Փարիզ, թաղուած է Պեր Լաշեզ գերեզմանոցին մէջ), հայ ճարտարապետ։ Ճարտարապետ Կարապետ Պալեանի որդին։
== Կենսագրութիւն ==
Յակոբ Պալեան ծնած է Կոստանդնուպոլս։ 1855-ին մեկնած է Փարիզ։ 1858-ին աւարտած է Սէն Պարպ քոլէճի ճարտարապետական բաժինը։ Եղբօր՝ Նիկողոսի վաղաժամ մահուան պատճառով վերադարձած է Կ.Պոլիս, աշխատակցած է հօրը եւ եղբորը՝ Սարգիս Պալեանին հետ։ 1866-ին, հօր մահէն ետք, եղբօր հետ նշանակուած է պալատական ճարտարապետ՝ հիմնականին նախագծման հարցերով զբաղելուն պատճառով։
== Շէնքերն ու Կառոյցները ==
Պեյքոզի Թոքաթի, Սկիւտարի Քոշուեոլուի Մայր թագուհիի, Չուպուքլիի Խտիւ Իսմայիլ փաշայի, Մերճանի Ալի փաշայի ապարանքները
Աքսարայի Պերթենիեալ մայր թագուհիի մզկիթը
Չրաղանի պալատը (եղբայրներուն հետ), Պեյլերբեյի պալատըՊալեանի Օրթագիւղի ապարանքը եղած է Կ.Պոլսոյ հայ գրականութեան եւ արուեստի գործիչներու՝ Նահապետ Ռուսինեանի, Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի, Նար Պէյի, Ծերենցի, Թովմաս Թերզեանի, Պետրոս Ադամեանի, Ազնիւ Հրաչեայի, Տիգրան Չուխաճեանի եւ այոց մշտական հաւաքատեղին։ Անոր միջոցներով՝ վերաշինուած է Օրթագիւղի Բարեսիրաց թատրոնի շէնքը (1870, ճարտարապետ՝ Պ.Նեմցէ), կառուուած է Արեւելեան թատրոնը (1861-1962)։
== Տես Նաեւ ==
Պալեան Ընտանիք
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին Յղումներ ==
Պալյան ընտանիքի մասին
Բալյան ընտանիք |
2,832 | Տիգրան Եսայեան | Տիգրան Եսայեան (Յունուար 1874, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 10 Օգոստոս 1921(1921-08-10), Փարիզ), հայ նկարիչ։ Զապէլ Եսայեանի ամուսինը։
== Կենսագրութիւն ==
Դարասկիզբի հայկական գեղանկարչութեան յայտնի դէմքերէն։ Ծնած է Կ.Պոլիս, ապրած ու գործած է Փարիզի մէջ, սակայն կանխահաս մահը հարուածած է զինք։
Եսայեանն մասնագիտական կրթութիւնն ստացած է Պոլսոյ գեղարուեստներու վարժարանէն ներս։ Երիտասարդ հասակէն եղած է գծագրութեան ուսուցիչ Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ 1896-ին անցնելով Փարիզ, կատարելագործած է արուեստը, հետեւած Գեղարուեստի ազգային վարժարանի դասընթացքներուն՝ աշակերտելով Ժան Փոլ Լօրանին (Jean-Paul Laurens, 1838-1921), եւ ուսանած Ժիւլիէն ակադեմիոյ մէջ։
Անոր ուշագրաւ նկարներէն են «Բիւզանդական գերեզմանատունը», «Սկիւտարի սեմին վրայ», «Պոլսի փողոցներէն մէկը», «Արեւելեան պէյզաժ» եւ այլն։ Հեղինակ է նաեւ գիրքի ձեւաւորումներու, թարգմանութիւններու։ Զբաղած է նաեւ քանդակագործութեամբ։
Եսայեան տէր էր ուրոյն տպաւորապաշտ ոճի մը։ Իրնէ ունինք քաղաքային բնանկարներ։
Քանի մը տասնեակ գործեր կը պահուին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւր ==
Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 213։
Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939 Պուքրէշ, Դ. հատոր, էջ 694: |
1,094 | 72 (թիւ) | 72 (եօթանասուներկու) զոյգ երկնիշ բնական թիւ է 71-ի եւ 73-ի միջեւ
== Թուաբանագիտութիւն ==
A005349 բերկրալի թիւ է
A052486 ամենափոքր Աքիղեւսի թիւն է
A034963 չորս յաջորդական պարզ թիւերու գումար է՝ 72=13+17+19+23
A127333 վեց յաջորդական պարզ թիւերու գումար է՝ 72=5+7+11+13+17+19
A002378 ուղղանկիւնի թիւ է 72=8×9
== Այլ ==
ամենաերկար գրառուող թիւն է՝ 15 տառ
== Օրացոյց ==
Տարուայ 72րդ օրը Մարտի 13-ն է (նահանջ տարիներուն՝ Մարտի 12-ը)
1972 թուական
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,540 | Ականջահոսք | Ականջահոսք, ականջէն դուրս հոսող հեղուկը կը կոչուի ականջահոսք: Ականջահոսքը հիւանդութիւն մը չէ, այլ՝ ախտանշան մը, որ կը յայտնուի ականջի զանազան հիւանդութիւններով:
Ներքին ականջի հիւանդութիւնները կը հարուածեն լսողական օրկանը՝ խխունջը եւ հաւասարակշռութեան օրկանը՝ կիսաբոլոր խողովակներն ու անդաստակի երկու պզտիկ տոպրակները։ Երկու օրկանները կրնան վնասուիլ միասնաբար կամ անջատաբար. անոնց վնասումով կը յառաջանան լսողական ընկալական կորուստ, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։
== Ականջի Ընդհանուր Կազմախօսութիւն ==
Ականջը կազմուած է երեք բաժիններէ՝ արտաքին ականջ, միջին ականջ եւ ներքին ականջ:
=== Արտաքին ականջ ===
Արտաքին ականջը կազմուած է ականջակոնքէ-ականջախեցէ (pinna) եւ արտաքին անցուղի-ցնցուղէ (external canal), որ կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear drum).:
=== Միջին ականջ ===
Միջին ականջը կազմուած է օդով լեցուն ականջախոռոչէ (middle ear cavity) եւ լսափողէ-Եւստաքեան խողովակէ (Eustachian tube), որ առաձգական խողովակ մըն է եւ կը բացուի քթաըմբանին (nasopharynx) մէջ։ Անիկա կ՛օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկի արտաքսումին դէպի քթաըմբան: Ականջախոռոչի արտաքին պատն է թմբկաթաղանթը, իսկ անոր ներքին պատին վրայ կան երկու պզտիկ բացիկներ-պատուհաններ, որոնք կը կազմեն ներքին ականջին սկզբնաւորութիւնը: Այս պատուհանները կը կոչուին ձուաձեւ պատուհան (oval window) եւ կլոր պատուհան (round window): Ականջախոռոչին մէջ կը գտնուին երեք ոսկրիկներ, որոնք կը կոչուին մուրճ (maleus), սալ (incus) եւ ասպանդակ (stapes): Երեք ոսկրիկները իրարու միացած են շարժական յօդերով: Մուրճը առաջին ոսկրիկն է եւ նստած է թմբկաթաղանթին վրայ, իսկ ասպանդակը երրորդ ոսկրիկն է եւ նստած է ձուաձեւ պատուհանին վրայ:
=== Ներքին ականջ ===
Ներքին ականջը բարդ կառուցուածք մըն է եւ անոր համար կը կոչուի բաւիղ (labyrinth): Ներքին ականջը կազմուած է անդաստակէ (vestibule), խխունջէ (cochlea) եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals): Խխունջը ինքն իր վրայ պարուրուած է 2.5 անգամ: Անոր մէջ կը գտնուի լսողութեան Քորթեան օրկանը (organ of Corti), որ ծածկուած է տարբեր երկարութեամբ եւ հաստութեամբ շուրջ 30,000 լարերով, որոնց վրայ կը գտնուին ձայնազգաց թելանման մազային եւ յենարան բջիջները: Այս բջիջներուն միացումով կը կազմուին լսողութեան ջղային թելիկները, որոնց միացումով կը կազմուի լսողութեան ջիղը: Բարձր ձայները կ՛ընկալուին խխունջի յատակի լայն բաժինին կողմէ, իսկ մեղմ ձայները կ՛ընկալուին խխունջին գագաթի բաժինին կողմէ: Կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ զետեղուած են թելանման բջիջներ, որոնք մարմինի շարժումի ուղղութիւնը եւ արագութիւնը փոխուելու միջոցին կը գրգռուին: Ասոնք հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական բջիջներ են:
== Ներքին ականջի տեսնուած հիւանդագին երեւոյթները ==
Ա.- Լսողական ընկալական կորոստ եւ ականջաբզզիւն, որոնք կը յառաջանան լսողական ջիղի՝ քորթեան օրկանի մազմզուկներուն ախտահարումով։ Այս հիւանդագին երեւոյթը կը յայտնուի հետեւեալ պատճառներով.
Խխունջի ժահրային կամ մանրէական բորբոքումներ, որոնք կրնան ըլլալ շիճուկային եւ կամ թարախային։ Այս բորբոքումները կը յառաջացնեն միակողմանի կամ երկկողմանի լսողական ընկալական կորուստ եւ ականջաբզզիւն.
Խխունջի զարկերակային խցումներ, որոնք կը յառաջացնեն միակողմանի կամ երկկողմանի լսողական ընկալական կորուստ։
Խխունջի ժառանգական-ծինային լսողական մազմզուկներու անբնական եւ թերի կառուցուածքային զարգացում, որ կը դրօշմուի յղութեան առաջին ամիսներէն իսկ եւ կը յայտնուի որպէս երկկողմանի ընդոծին եւ կամ յետծննդեան լսողական ընկալական կորուստ։ Այս երեւոյթը ընդհանրապէս կը տեսնուի մարմնի զանազան օրկաններու եւ հիւսուածքներու տարբեր արատներով եւ կամ ախտանշաններով։ Լսողական կորուստին հետ միատեղ կրնայ պատահիլ նաեւ գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։
Յղութեան առաջին երեք ամիսներու շրջանին որոշ դեղերու գործածութիւն, ուր կը տեսնուի երկկողմանի լսողական կորուստ ։ Այս դեղերէն կարելի է յիշել՝ kanamycin, garamycin, quinine:
Յղութեան շրջանին որոշ ժահրային հիւանդութիւններ, որոնք կը յառաջացնեն երկկողմանի լսողական կորուստ։ Այս հիւանդութիւններուն կարեւորագոյնն է՝ գերմանական հարսանիթը։
Խխունջի մեքենական հարուած-վնաս, որ կը յառաջացնէ միակողմանի կամ երկկողմանի լսողական ընկալական կորուստ: Որոշ դեղերու գործածութիւն, ուր կը տեսնուի լսողական ընկալական ժամանակաւոր կամ մնայուն կորուստ։ Լսողական կորուստը կը վերադառնայ բնական վիճակի կարգ մը դեղերու դադրեցումով, իսկ ուրիշներու պարագային լսողական կորուստը կը դառնայ մնայուն։
Աղմուկի ներգործութիւն. Աղմուկը անմիջականօրէն կամ աստիճանաբար կը վնասէ լսողութեան մազմզուկներուն եւ կը յառաջացնէ զանազան աստիճանի լսողական կորուստ։ Զօրաւոր պայթումներ, աղմկարար գործարաններ եւ արդի անախորժ երաժշտական հաւաքավայրերու բարձր ձայները ուղղակիօրէն կը վնասեն լսողական մազմզուկներուն եւ կը յառաջացնեն անոնց մէջ կենսաբանական խանգարումներ ու փոփոխութիւններ, որոնք կը յառաջացնեն մնայուն եւ միակողմանի կամ երկկողմանի լսողական կորուստ ու ականջաբզզիւն: Բ. Լսողական ընկալական կորուստ որ կը յառաջանայ լսողական ջիղի ախտահարումով։ Այս հիւանդագին կացութիւնը կը յայտնուի հետեւեալ պատճառներով՝
Լսողական ջիղի ժահրային եւ մանրէական բորբոքումներ. լսողական կորուստը կրնայ ըլլալ միակողմանի եւ կամ երկկողմանի.
Տարեցութիւն. լսողական կորուստը ընդհանրապէս երկկողմանի է.
Շաքարախտ, պնդերակութիւն եւ արեան քոլեսթերոլի բարձրացում. լսողական կորուստը միշտ երկկողմանի է.Մեքենական հարուած-վնասներ. լսողական կորուստը կրնայ ըլլալ երկկողմանի կամ միակողմանի.
Գ.- Գլխապտոյտ, որ կը յառաջանայ կիսաբոլոր խողովակներու եւ անդաստակի հիւանդագին երեւոյթներով՝
ա. Ժահրային եւ մանրէական բորբոքումներ.
Զարկերակային ամբողջական կամ մասնակի խցումներ.
Մեքենական հարուած-վնաս.
Գլխու դիրքաւորման գլխապտոյտ. Այս պարագային գլխու որոշ մէկ շարժումով կամ դիրքաւորումով ներքին ականջի անդաստակին երկու պզտիկ տոպրակներուն կրակիրային մասնիկները անակնկալօրէն կը տեղափոխուին եւ կը հաստատուին կիսաբոլոր խողավակներուն մէջ. այս տեղափոխութիւնը կը յառաջացնէ անակնկալ գլխապտոյտ, որ դարմանելի է որոշ դեղերու գործածութեամբ եւ գլխու մարզանքներով։Դ.- Մէնիէրեան հիւանդութիւն որ կը յայտնուի գլխապտոյտով, լսողական ընկալական կորուստով եւ ականջաբզզիւնով։
Այս հիւանդութեան պարագային ականջաջուրը չի ներմուծուիր արեան շրջագայութեան մէջ եւ կը կուտակուի ներքին ականջին մէջ. այս կացութիւնը կը յառաջացնէ ներքին ականջի ընդլայնում եւ ուռեցք, որ կը ճնշէ լսողական եւ հաւասարակշռութեան օրկաններուն վրայ եւ կը յառաջացնէ անակնկալ եւ կրկնուող գլխապտոյտ, ինչպէս նաեւ միակողմանի լսողական կորուստ եւ ականջաբզզիւն։ Այս երեք ախտանշանները կրնան պատահիլ միասնաբար կամ առանցնաբար, ընդհատումներով կամ շարունակական ձեւով։ Լսողական կորուստը եւ ականջաբզզիւնը ժամանակի ընթացքին կը դառնան մնայուն երեւոյթներ, իսկ գլխապտոյտը կը պատահի միայն ու միայն հիւանդութեան իւրաքանչիւր անակնկալ յայտնաբերումով։
Լսողական կորուստը եւ ականջաբզզիւնը հիմնական դարման չունին. իսկ գլխապտոյտը կը հակակշռուի որոշ դեղերով։ Յաճախակի եւ ուժգին գլխապտոյտը կ՛անհետանայ վիրաբուժական գործողութեամբ մը, ուր հաւասարակշռութեան օրկանը ամբողջութեամբ կը բնաջնջուի։
Ներքին ականջի բորբոքումներով յառաջացած լսողական կորուստը, գլխապտոյտը եւ ականջաբզզիւնը ընդհանրապէս կ՛անհետանան ամբողջական դարմանումէ ետք. իսկ մնացեալ պարագաներուն լսողական կորուստը, գլխապտոյտը եւ ականջաբզզիւնը անդարմանելի են եւ չեն անհետանար, այլ կը դառնան մնայուն երեւոյթներ։
== Յայտնում ==
Ականջահոսքը կը յայտնուի ախտաբանական տարբեր ձեւերով.
Շիճուկային (serous)
Շիճուկա-արիւնային (serosanguineous)
Թարախային (purelent)
Ջրանման մաքուր հեղուկ-ուղեղաջուր (cerebral fluid):
== Ախտանշաններ ==
Ականջահոսքին կրնան ուղեկցիլ հետեւեալ ախտանշաններէն մէկը կամ մէկէն աւելին.
Ականջացաւ
Ջերմ եւ դող
Ականջի քերուըտուք
Գլխապտոյտ
Ականջաբզզիւն
Լսողութեան մասնակի կորուստ
Դէմքի անդամալուծութիւն
Քթահոսք եւ քիթի խցում:
== Յաւելեալ ==
Ականջահոսքը կը յառաջանայ ականջի զանազան հիւանդութիւններով եւ գանկի հարուածային կոտրուածքով:
Ականջի զանազան հիւանդութիւններ.
=== Արտաքին ականջ՝ ականջակոնքի եւ ականջացնցուղի հիւանդութիւններ ===
Ականջակոնքի վերի բաժինին մէջ ընդոծին (congenital) խլուակի (fistula) բորբոքում. ականջահոսքը թարախային է.
Մորթի ժահրային բշտիկաւոր բորբոքումներ. ականջահոսքը շիճուկային կամ թարախային է. այս բորբոքումներէն են՝ սողնախտը (herpes simplex) եւ սողնախտագօտին (herpes zoster), երկուքն ալ կը յատկանշուին ջրաբշտիկներով.
Մորթի մանրէական բորբոքում. ականջահոսքը թարախային է.
Ականջակոնքի մանրէական աճառապատատապ (perichondritis). ականջահոսքը թարախային է:
Արիւնային ուռեցքի (hematoma) վիրաւորում եւ բորբոքում. ականջահոսքը արիւնաթարախային է.
Ականջացնցուղի սնկային, մանրէական եւ սնկային բորբոքումներ. ակաջահոսքը թարախային կամ շիճուկային է.
Ականջացնցուղի վիրաւորում եւ բորբոքում. ականջահոսքը թարախային է. ականջացնցուղի վիրաւորումը տեղի կ՛ունենայ.Օտար մարմինի մը գոյութեամբ.
Ականջացնցուղը շարունակ ուժգին մաքրելով.
Արտաքին ֆիզիքական հարուածով.
Լողալով եւ սուզուելով:
=== Թմբկաթաղանթի հիւանդութիւններ ===
Թմբկաթաղանթի մանրէական բորբոքում, որ կը յառաջանայ ականջացնցուղի կամ միջին ականջի բորբոքումներու հետեւանքով. ականջահոսքը թարախային է:
Թմբկաթաղանթի այտուցային բորբոքում (myringitis bullosa), որ ժահրային բորբոքում մըն է. ականջահոսքը շիճուկային է:
=== Միջին ականջ ===
Ականջախոռոչի ժահրային կամ մանրէական բորբոքումներ, որոնք կ՛ըլլան սուր կամ յարատեւ. անոնք ընդհանրապէս կը յառաջանան հետեւեալ ախտապատճառներով.Լսափողի մասնակի կամ ամբողջական խցում.
Քթաըմբանի բորբոքումներ.
Քթաըմբանի գեղձուռուցք (adenoids).
Քթաըմբանի խլիրդ եւ անօթային ուռեր (vascular tumors).
Քիթի խցում եւ վատառողջ վիճակ, որ կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով՝ քթաբորբ (rhinitis), քիթի խորշապատի-միջնեպատի ծուռութիւն (septal deviation), ցցօններ (polyps) եւ խլիրդ.
Ժահրային մանկական ընդհանուր հիւանդութիւններ, օրինակ՝ հարսանիթ (measles), ունկնագեղձի բորբոքում-գայլացաւ (mumps, parotitis).
Մթնոլորտային օդի ճնշումի անակնկալ փոփոխութիւն.
Նշիկներու (tonsils) բորբոքում.Վերոնշեալ ախտապատճառներով միջին ականջի բորբոքումային ականջահոսքը կ՛ըլլայ թարախային կամ շիճուկային, սուր կամ յարատեւ:
Միջին ականջի սուր բորբոքումի զարգացումով միջին ականջը կը կուտակուի շիճուկային կամ թարախային հեղուկով, թմբկաթաղանթը կը բորբոքի եւ կը ցցուի դէպի դուրս ներխոռոչային ճնշումի բարձրացումով: Այս հանգրուանին թմբկաթաղանթը կը ծակի եւ տեղի կ՛ունենայ ականջահոսք:
Միջին ականջի բորբոքումի եւ անոր ախտապատճառներու հիմնական դարմանումի ձախողութեամբ կը յառաջանայ միջին ականջի յարատեւ բորբոքում, որուն ախտանշաններն են՝ թմբկաթաղանթի մնայուն բացուածք-ծակ (perforation) եւ յարատեւ թարախահոսք:
=== Քունքոսկր ===
Քունքոսկրի սուր եւ յարատեւ բորբոքումները կը զարգանան միջին ականջի սուր եւ յարատեւ բորբոքումներու հետեւանքով: Քունքոսկրի բորբոքումով տեղի կ՛ունենայ սուր կամ յարատեւ ականջահոսք նախապէս ծակած թմբկաթաղանթէն:
=== Ներքին ականջ ===
Ներքին ականջի բորբոքումը կը զարգանայ, երբ միջին ականջի բորբոքումը տարածուի ներքին ականջ:
Ականջահոսք տեղի կ՛ունենայ նախապէս ծակած թմբկաթաղանթէն:
=== Գանկային պատճառներ ===
Գանկի հարուած-վնասով կը յառաջանայ գանկային եւ ներքին ականջի ոսկրային կոտրուածք, որուն հետեւանքով տեղի կ՛ունենայ ուղեղաջուրի կուտակումը ներքին եւ միջին ականջներուն մէջ։ Ուղեղաջուրի կուտակումով կը բարձրանայ ականջախոռոչային ճնշումը, որ պատճառ կը դառնայ թմբկաթաղանթի ծակելուն եւ ուղեղաջուրի ականջահոսքին:
== Ականջահոսքի Տարբեր Հետեւանքներ ==
== Ախտաճանաչում ==
Ականջահոսքին ախտաճանաչումը բացայայտ է: Սակայն պէտք է կատարուի անոր ախտապատճառին ախտաճանաչումը: Հետեւաբար պէտք է կատարուի ախտաճանաչումի հետեւեալ գործընթացքը.
Լսել հիւանդին պատմականը, որ խիստ կարեւոր է, օրինակ՝Ականջացաւ՝ որ կ'անյետանայ ականջահոսքէ ետք, կը մատնանշէ միջին ականջի բորբոքում.
Ականջահոսք՝ որ կը պատահի լողալէ ետք, կը մատնանշէ ականջացնցուղի բորբոքում.
Ականջահոսք՝ որ կը պատահի օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին եւ լեռ մագլցելու եւ լեռէն իջնելու ընթացքին, կը մատնանշէ միջին ականջի անակնկալ եւ սուր բորբոքում.
Ջրանման մաքուր ականջահոսք՝ որ կը պատահի գլխու ուժգին հարուածէ ետք, կը մատնանշէ գանկային կոտրուածքի հետ ուղեղաջուրի կամ արիւնանախառն ուղեղաջուրի հոսք.
Երկարատեւ, անցաւ եւ թարախային ականջահոսք՝ կը մատնանշէ միջին ականջի եւ կամ քունքոսկրի յարատեւ բորբոքում (mastoiditis),
Յարատեւ ականջահոսք, ուռեցք ականջին ետեւը, ականջացաւ եւ դէմքի անդամալուծութիւն՝ կը մատնանշեն միջին ականջի եւ քունքոսկրի միատեղ յարատեւ բորբոքում:Քննել՝Հիւանդին ականջը ականջադիտակով (otoscope)՝ տեսնելու համար ականջացնցուղի եւ թմբկաթաղանթի անբնական երեւոյթները.
Հիւանդին քիթը, կոկորդը եւ բերանը:Կատարել՝Ականջահոսքի ախտաբանական քննութիւն.
Գլխու եւ ականջի տեսակաւոր նկարահանումներ, օրինակ՝ պարզ Ք-ճառագայթային (x-ray), մագնիսարձագանգային (MRI) եւ համակարգչային շերտագրական (CT scan) նկարահանումներ:Ականջահոսքի դարմանումը կը հիմնաւորուի անոր հիմնական ախտապատճառին դարմանումովը: Այսինքն՝ հիմնական ախտապատճառին ախտաճանաչումը նախ կը կատարուի եւ ապա անոր դարմանումը կը կիրարկուի, որպէսզի վերջ դրուի ականջահոսքին:
Ականջահոսք, Ականջէն դուրս հոսող հեղուկը կը կոչուի ականջահոսք:
Ականջահոսքը հիւանդութիւն մը չէ, այլ` ախտանշան մը, որ կը յայտնուի ականջի զանազան հիւանդութիւններու պատճառով:
== Արտաքին, միջին եւ ներքին ականջ ==
Ականջը կազմուած է երեք բաժիններէ` արտաքին ականջ, միջին ականջ եւ ներքին ականջ:
=== Արտաքին ականջը ===
Կազմուած է ականջակոնքէ (pinna) եւ անցուղիէ (canal): Ականջակոնքի ստորին բաժինը կը կոչուի ականջի բլթակ (ear lobe), որ կակուղ եւ փափուկ է: Անցուղին ունի 25-28 մմ. երկարութիւն. անոր արտաքին երկու երրորդ մասը կռճիկային (car-tilagenous) հիւսուածքէ կազմուած է, իսկ ներքին մէկ երրորդ մասը ոսկրային է: Անցուղին ծածկուած է մորթով, որ հարուստ է ճարպ արտադրող գեղձերով: Արտադրուած ճարպը կը կոչուի գէջ (wax): Արտաքին ականջը կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ մը թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear drum).
==== Միջին ականջը ====
Կազմուած է թմբկախոռոչէ (ear cavity) եւ լսափողէ`- եւստաքեան խողովակէ (Eustachian tube): Անիկա կը բացուի քթաըմբանին մէջ։ Ականջախոռոչը լեցուն է օդով: Անիկա հաղորդակցութեան մէջ է քունքոսկրի (mastoid bone) օդակիր պզտիկ խոռոչներուն (air cells) հետ բարակ անցքով մը եւ քթաըմբանին հետ` լսափողով: Թմբկ-ախոռոչին մէջ կը գտնուին երեք ոսկրիկներ` մուրճ (malleus), սալ (incus) եւ ասպանդակ (stapes), որոնք ձայնի ալիքները կը փոխանցեն թմբկաթաղանթէն դէպի ներքին ականջ: Ականջախոռոչը ծածկուած է խլնաթաղանթով մը, որ կը շարունակուի լսափողին մէջ։ Լսափողը կ՛օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկին արտաքսումին դէպի քթաըմբան: Թմբկախոռոչի պատերուն մէջէն կ'անցնի դէմքի ջիղը (facial nerve): Անիկա դէմքի մկաններուն շարժիչ ջիղն է, որ դուրս ելլելէ ետք միջին ականջէն, կ՛ուղղուի դէպի դէմքի մկանները:
=== Ականջախոռոչի ժահրային կամ մանրէական ===
Այդ բորբոքումները կ՛ըլլան սուր կամ յարատեւ. անոնք ընդհանրապէս կը յառաջանան հետեւեալ ախտապատճառներով.
1. Լսափողի մասնակի կամ ամբողջական խցում.
2. Քթաըմբանի բորբոքումներ.
3. Քթաըմբանի գեղձուռուցք (adenoids).
4. Քթաըմբանի խլիրդ եւ անօթային ուռեր (vascular tumors).
5. Քիթի խցում եւ վատառողջ վիճակ, որ կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով` քթաբորբ (rhinitis), քիթի խորշապատի-միջնեպատի ծուռութիւն (septal deviation), ցցօններ (polyps) եւ խլիրդ.
6. Ժահրային մանկական ընդհանուր հիւանդութիւններ, օրինակ` հարսանիթ (measles), ունկնագեղձի բորբոքում-գայլացաւ (mumps, parotitis).
7. Մթնոլորտային օդի ճնշումի անակնկալ փոփոխութիւն.
8. Նշիկներու (tonsils) բորբոքում.
Վերոնշեալ ախտապատճառներով միջին ականջի բորբոքումային ականջահոսքը կ՛ըլլայ թարախային կամ շիճուկային, սուր կամ յարատեւ:
Միջին ականջի սուր բորբոքումի զարգացումով միջին ականջը կը կուտակուի շիճուկային կամ թարախային հեղուկով, թմբկաթաղանթը կը բորբոքի եւ կը ցցուի դէպի դուրս ներխոռոչային ճնշումի բարձրացումով: Այս հանգրուանին թմբկաթաղանթը կը ծակի եւ տեղի կ՛ունենայ ականջահոսք:
Միջին ականջի բորբոքումի եւ անոր ախտապատճառներու հիմնական դարմանումի ձախողութեամբ կը յառաջանայ միջին ականջի յարատեւ բորբոքում, որուն ախտանշաններն են` թմբկաթաղանթի մնայուն բացուածք-ծակ (perforation) եւ յարատեւ թարախահ
==== Միջին ականջի ոսկրիկներ ====
Ներքին ականջը կազմուած է անդաստանէ (vestibule), խխունջէ (cochlea) եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals): Խխունջը ինքն իր վրայ պարուրուած է 2.5 անգամ: Բարձր ձայները կ՛ընկալուին խխունջին յատակի լայն բաժինէն, իսկ մեղմ ձայները կ՛ընկալուին խխունջին գագաթի բաժինէն:
Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ` մարմինի դիրքին, կացութեան եւ շարժումներուն մասին. հետեւաբար ուղեղը կ՛որոշէ համադրել մարմինի յարմարագոյն ձեւը եւ հաւասարակշռութիւնը:
== Ինչպէ՞ս կը յայտնուի ականջահոսքը ==
Ականջահոսքը կը յայտնուի ախտաբանական տարբեր ձեւերով
Ա. Շիճուկային (serous)
Բ. Շիճուկա-արիւնային (serosanguineous)
Գ. Թարախային (purelent)
Դ. Ջրանման մաքուր հեղուկ-ուղեղաջուր (cerebral fluid)
==== Ականջահոսքին կրնան ուղեկցիլ հետեւեալ ախտանշաններէն մէկը կամ մէկէն աւելին. ====
Ա. Ականջացաւ
Բ. Ջերմ եւ դող
Գ. Ականջի քերուըտուք
Դ. Գլխապտոյտ
Ե. Ականջաբզզիւն
Զ. Լսողութեան մասնակի կորուստ
Է. Դէմքի անդամալուծութիւն
Ը. Քթահոսք եւ քիթի խցում:
Ականջահոսքը կը յառաջանայ ականջի զանազան հիւանդութիւններով եւ գանկի հարուածային կոտրուածքով:
== Ականջի զանազան հիւանդութիւններ ==
=== Ա. Արտաքին ականջ` ականջակոնքի Եւ ականջացնցուղի հիւանդութիւններ ===
ա. Ականջակոնքի վերի բաժինին մէջ ընդոծին (congenital) խլուակի (fistula) բորբոքում. ականջահոսքը թարախային է.
բ. Մորթի ժահրային բշտիկաւոր բորբոքումներ. ականջահոսքը շիճուկային կամ թարախային է. այս բորբոքումներէն են` սողնախտը (herpes simplex) եւ սողնախտագօտին (herpes zoster), երկուքն ալ կը յատկանշուին ջրաբշտիկներով.
գ. Մորթի մանրէական բորբոքում. ականջահոսքը թարախային է:
դ. Ականջակոնքի մանրէական աճառապատատապ (perichondritis). ականջահոսքը թարախային է:
ե. Արիւնային ուռեցքի (hematoma) վիրաւորում եւ բորբոքում. ականջահոսքը արիւնաթարախային է:
զ. Ականջացնցուղի սնկային, մանրէական եւ սնկային բորբոքումներ. ակաջահոսքը թարախային կամ շիճուկային է:
է. Ականջացնցուղի վիրաւորում եւ բորբոքում. ականջահոսքը թարախային է:
=== Ե՞րբ տեղի կ'ունենայ ականջացնցուղի վիրաւորումը ===
1. Օտար մարմինի մը գոյութեամբ.
2. Ականջացնցուղը շարունակ ուժգին մաքրելով.
3. Արտաքին ֆիզիքական հարուածով.
4. Լողալով եւ սուզուելով.
== Թմբկաթաղանթի Հիւանդութիւններ ==
ա. Թմբկաթաղանթի մանրէական բորբոքում, որ կը յառաջանայ ականջացնցուղի կամ միջին ականջի բորբոքումներու պատճառով. ականջահոսքը թարախային է:
բ. Թմբկաթաղանթի այտուցային բորբոքում (myringitis bullosa), որ ժահրային բորբոքում մըն է. ականջահոսքը շիճուկային է:
=== Քունքոսկր ===
Քունքոսկրի սուր եւ յարատեւ բորբոքումները կը զարգանան միջին ականջի սուր եւ յարատեւ բորբոքումներու պատճառով: Քունքոսկրի բորբոքումով տեղի կ՛ունենայ սուր կամ յարատեւ ականջահոսք նախապէս ծակած թմբկաթաղանթէն:
== Ներքին Ականջ ==
Ներքին ականջի բորբոքումը կը զարգանայ, երբ միջին ականջի բորբոքումը տարածուի ներքին ականջ:
Ականջահոսք տեղի կ՛ունենայ նախապէս ծակած թմբկաթաղանթէն:
=== Գանկային Պատճառներ ===
Գանկի հարուած-վնասով կը յառաջանայ գանկային եւ ներքին ականջի ոսկրային կոտրուածք, որուն պատճառով տեղի կ՛ունենայ ուղեղաջուրի կուտակումը ներքին եւ միջին ականջներուն մէջ։ Ուղեղաջուրի կուտակումով կը բարձրանայ ականջախոռոչային ճնշումը, որ պատճառ կը դառնայ թմբկաթաղանթի ծակելուն եւ ուղեղաջուրի ականջահոսքին:
Ականջահոսքին ախտաճանաչումը բացայայտ է: Սակայն պէտք է կատարուի անոր ախտապատճառին ախտաճանաչումը: Հետեւաբար պէտք է կատարուի ախտաճանաչումի հետեւեալ գործընթացը.
ա. Լսել հիւանդին պատմականը, որ խիստ կարեւոր է, օրինակ`
1. Ականջացաւ, որ կ'անհետանայ ականջահոսքէ ետք, կը մատնանշէ միջին ականջի բորբոքում.
2. Ականջահոսք, որ կը պատահի լողալէ ետք, կը մատնանշէ ականջացնցուղի բորբոքում.
3. Ականջահոսք, որ կը պատահի օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին եւ լեռ մագլցելու եւ լեռնէն իջնելու ընթացքին, կը մատնանշէ միջին ականջի անակնկալ եւ սուր բորբոքում.
4. Ջրանման մաքուր ականջահոսք, որ կը պատահի գլխու ուժգին հարուածէ ետք, կը մատնանշէ գանկային կոտրուածքի հետ ուղեղաջուրի կամ արիւնախառն ուղեղաջուրի հոսք.
5. Երկարատեւ, անցաւ եւ թարախային ականջահոսք` կը մատնանշէ միջին ականջի եւ կամ քունքոսկրի յարատեւ բորբոքում (mastoiditis).
6. Յարատեւ ականջահոսք, ուռեցք ականջին ետեւը, ականջացաւ եւ դէմքի անդամալուծութիւն` կը մատնանշեն միջին ականջի եւ քունքոսկրի միատեղ յարատեւ բորբոքում:
բ. Քննել`
1. Հիւանդին ականջը ականջադիտակով (otoscope)` տեսնելու համար ականջացնցուղի եւ թմբկաթաղանթի անբնական երեւոյթները.
2. Հիւանդին քիթը, կոկորդը եւ բերանը:
===== գ. Կատարել` =====
1. Ականջահոսքի ախտաբանական քննութիւն.
2. Գլխու եւ ականջի տեսակաւոր նկարահանումներ, օրինակ` պարզ Ք-ճառագայթային (x-ray), մագնիսարձագանգային (MRI) եւ համակարգչային շերտագրական (CT scan) նկարահանումներ:
Ականջահոսքի դարմանումը կը հիմնաւորուի անոր հիմնական ախտապատճառին դարմանումովը: Այսինքն հիմնական ախտապատճառին ախտաճանաչումը նախ կը կատարուի եւ ապա անոր դարմանումը կը կիրարկուի, որպէսզի վերջ դրուի ականջահոսքին:
== Միջին ականջը եւ կամ թմբկախոռոչը կը տեսնուի հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով ==
===== Ա. Միջին ականջի բորբոքումներ. =====
===== Միջին ականջի եւ կամ թմբկախոռոչի բորբոքումը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, բայց եւ այնպէս ան շատ աւելի տեսնուած է երեխաներու մօտ։ Անոր ախտապատճառը լսափողի, քիթի եւ քթաըմբանի վատառողջ վիճակն է, ինչպէս նաեւ մանկական ժահրային զանազան հիւանդութիւնները։ Քիթի, քթաըմբանի եւ լսափողի մանրէական բորբոքումները տարածուելով միջին ականջ՝ կը յառաջացնեն թմփկախոռոչի բորբոքում։ Մանկական ժահրային հիւանդութիւններուն մեծամասնութիւնը կը հարուածեն մանուկներուն միջին ականջը եւ կը յառաջացնեն միջին ականջի ժահրային բորբոքում։ =====
Որեւէ մէկ հիւանդագին կացութիւն եւ կամ երեւոյթ, որ կը տեսնուի քիթի եւ քթաըմբանի մէջ, կ՛ունենայ իր վատ անդրադարձը լսափողին վրայ. ան կը խցուի եւ եւ միջին ականջի օդաճնշաչափը կը բարձրանայ ու կարճ ժամանակաշրջանէ մը ետք, կը յառաջանայ միջին ականջի բորբոքում։ Քիթի եւ քթաըմբանի խցումը տեղի կ՛ունենայ գերզգայնութեամբ, զանազան տեսակի բորբոքումներով, խլիրդով, պարզ ուռերով, գեղձուռոյցքով (adenoids) եւ խորշապատի (nasal septum) ծուռութեամբ։ Յաճախ նշիկներու եւ գեղձուռոյցներու բորբոքումը կը հարուածէ լսափողն ու միջին ականջը, եւ տեղի կ՛ունենայ լսափողաբորբ եւ միջին ականջի բորբոքում։ Լսափողի երկարատեւ բորբոքումը պատճառ կը դառնայ անոր խցումին։ Մանուկներու մօտ լսափողին բորբոքումը յաճախակի է, որովհետեւ անոնց լսափողը փոխանակ շեղակի ըլլալու, կը գտնուի հորիզոնական դիրքի վրայ, եւ այս իսկ պատճառով, մանուկին քթաըմբանէն սննդանիւթերու կտորիկներ դիւրաւ կը մտնեն լսափող եւ կը յառաջացնեն լսափողաբորբ, ինչպէս նաեւ միջին ականջի բորբոքում։ Սրուակով սնանուող մանուկներ աւելի հակամէտ են միջին ականջի բորբոքումներու։
=== Միջին ականջի բորբոքումները կրնան ըլլալ՝ ===
ա. Թարախային եւ կամ ոչ թարախային.
բ. Սուր եւ կամ մնայուն-երկարատեւ.
գ. Մանրէական, սնկային եւ ժահրային.
Միջին ականջի պարզ բորբոքումը կրնայ զարգանալ եւ վերածուիլ հեղուկային բորբոքումի, որ կրնայ ըլլալ թարախային եւ կամ ոչ թարախային։ Հեղուկային բորբոքումի զարգացումով թմբկախոռոչը կը կուտակուի շիճուկային եւ կամ թարախային հեղուկով եւ օդի պղպջակներով. ականջաթաղանթը կը կորսնցնէ իր բնական երեւոյթը. ան կը կարմրի եւ կը ցցուի դէպի դուրս. հիւանդը կը տառապի ցաւէ, լսողական կորուստէ, ականաջաբզզիւնէ, գլխապտոյտէ, ջերմութենէ, դողէ, փսխուքէ եւ ծամելու դժուարութենէ։ Յաճախ միջին ականջին մէջ կուտակուած հեղուկին ճնշումով թմփկաթաղանթը կը ծակի եւ տեղի կ՛ունենայ շիճուկային, արիւնաշիճուկային եւ կամ թարախային ականջածորանք-հոսք։
Սուր բորբոքումի պարագային, դարմանումը կ՛ըլլայ դեղերով՝ թմբկաթաղանթի ծակումով (myringotomy), միջին ականջի շիճուկային եւ կամ թարախային հեղուկի վերացումով եւ ստեղծուած թմփկաթաղանթի ծակին մէջ արուեստական պզտիկ խողովակի մը զետեղումով։ Ստեղծուած թմբկաթաղանթի ծակը ընդհանրապէս կը սպիանայ եւ որոշ ժամանակ մը ետք ինքնաբերաբար կը գոցուի։
Միջին ականջի բորբոքումի եւ անոր ախտապատճառներու հիմնական դարմանումի ձախողութեամբ կը յառաջանայ մնայուն-երկարատեւ ականջաբորբ, որուն ախտանշաններն են՝ թմբկաթաղանթի մնայուն բացուածք-ծակ, յարատեւ թարախահոսք, միջին ականջի ոսկրիկներու անշարժացում եւ կամ փտտում ու լսողական մնայուն կորուստ, նաեւ ականջաբզզիւն եւ գլխապտոյտ։ Մնայուն ականջաբորբի դարմանումը կը կարօտի երկարաշունչ եւ հետեւողական միջոցառումի՝ հակամանրէական դեղերու եւ վիրաբուժական գործողութեան։ Թմբկաթաղանթի մնայուն ծակը կը վերակազմուի վիրաբուժական գործողութեամբ՝ կատարելով մաշկային պատուաստում (myringoplasty)։
Մնայուն ականջաբորբը կրնայ տարածուիլ ներքին ականջ եւ հարուածել լսողական եւ հաւասարակշռութեան օրկանները, որոնք կը յառաջացնեն խլութիւն, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։ Քիչ պարագաներու, բորբոքումը կը տարածուի պտկաձեւ ելուստ (mastoid) եւ կը յառաջանայ պտկաձեւ ելուստի բորբոքում ու փտտում, որ կը դարմանուի միայն վիրաբուժական գործողութեամբ։ Շատ քիչ պարագաներու նաեւ բորբոքումը կը տարածուի ականջի սահմաններէն դուրս եւ կը հասնի ուղեղ, ուր կրնայ տեղի ունենալ խելապատատապ (meningitis) եւ ուղեղատապ։
Երկարատեւ ականջաբորբի հետեւանքով, միջին ականջի երեք ոսկրիկները կը փտտին, կ՛անջատուին իրարմէ եւ կամ կ՛անշարժանան. այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, հիւանդը կ՛ունենայ զանազան աստիճանի եւ զօրութեամբ լսողական փոխանցման կորուստ։
Միջին ականջի բորբոքումը կրնայ յառաջանալ նաեւ մեր շրջապատի օդաճնշումի անակնկալ փոփոխութեամբ, որ կը պատահի սուզուելու, ընկղմելու, լեռ մագլցելու եւ օդանաւով ճամբորդելու ընթացքին։ Բոլոր պարագաներուն ալ, լսափողը կը խցուի եւ կը յառաջանայ միջին ականջի անակնկալ սուր բորբոքում։
Միջին ականջի սուր բորբոքումը եւ երկարատեւ ականջաբորբը վերջնականապէս կը վերանան միայն ու միայն հիմնականօրէն դարմանելով լսափողի, քիթի եւ քթաըմբանի հիւանդագին երեւոյթները ու գերզգայնութիւնը։
===== Բ. Միջին ականջի երեք ոսկրիկներու հարուածային վնասով տեղի ունեցած ձայնային ալիքներու հաղորդակցութեան խանգարում եւ լսողական կորուստ։ =====
Այս կացութիւնը կարելի է դարմանել վիրաբուժական գործողութեամբ մը։
===== Գ. Միջին ականջի ոսկրիկներու ոսկրապնդացում (otosclerosis). =====
Միջին ականջի երեք ոսկրիկները կրնան վնասուիլ ոսկրապնդացումով, սակայն առաւելաբար երրորդ ոսկրիկն է, որ կ՛անշարժանայ ձուաձեւ պատուհանին վրայ, ապա տեղի չունենար ձայնային ալիքներու փոխանցումը դէպի ներքին ականջ ու կը յառաջանայ լսողական փոխանցման կորուստ։ Ոսկրապնդացումը կը հարուածէ ժողովուրդին 1%ին մէկ կամ երկու ականջները։ Ան առաւելաբար կը տեսնուի միջին տարիքի մարդոց քով եւ հաւասարապէս երկու սեռերուն մէջ։ Լսողական կորուստը կը վերականգնի վիրաբուժական գործողութեամբ մը, ուր անշարժացած ոսկրիկը կը փոխարինուի կերպնկալ արուեստական ոսկրիկով մը։
===== Դ. Ոսկրիկներու ընդոծին անբնական արատներ, որոնցմէ կարելի է յիշել ոսկրիկներէն մէկ կամ մէկէ աւելի ոսկրիկի չգոյութիւնը, ինչպէս նաեւ ոսկրիկներու անբնական եւ այլանդակ զարգացումը։ Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, կը յառաջանայ լսողական փոխանցման կորուստ։ Վիրաբուժական գործողութեամբ մը կարելի կ՛ըլլայ վերակազմել ոսկրիկներու բնական շարուածքը։ =====
===== Ե. Լաւորակ ուռեր, պոլոպներ, որոնք կը զարգանան միջին ականջի բորբոքումներով եւ գերզգայնութեամբ։ Այս ուռերը արգելք կը հանդիսանան ոսկրիկներու ազատ շարժումներուն եւ ձայնային ալիքներու դէպի ներքին ականջ փոխանցման, որոնք պատճառ կը դառնան լսողական փոխանցման կորուստի։ =====
===== Զ. Չարաղէտ ուռեր-քաղցկեղ, որոնք կը գործեն լաւորակ ուռերու նման։ =====
Վերոնշեալ բոլոր ուռերու վիրահատումով կարելի կ՛ըլլայ վերահաստատել լսողութիւնը եւ չէզոքացնել ականջաբզզիւնը։
===== Է. Զարկերակային պզտիկ ուռեր, որոնք կը տեսնուին թմբկաթաղանթին ետին՝ իբրեւ փափախուն ուռեր. անոնք կը յառաջացնեն ականջաբզզիւն եւ քիչ պարագաներու՝ լսողական կորուստ։ Այս զարկերակային ուռերուն վիրահատումով կ՛անհետանայ ականջաբզզիւնը եւ լսողութիւնը կը վերադառնայ բնականին։ =====
===== Ը. Մթնոլորտի ճնշումի փոփոխութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած խխունջի վնաս-հարուած, որ կը պատահի սուզուելու եւ կամ լեռ մագլցելու, ինչպէս նաեւ օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին։ Ծովեզերեայ օդի ճնշումը կը կրկնապատկուի, երբ ծովու մակերեսէն 10 մեթր վար իջնենք, իսկ երբ ծովու մակերեսէն 600 մեթր վեր բարձրանանք, օդի ճնշումը կը նուազի կէսով։ Այս փոփոխութիւններուն հետեւանքով կը յառաջանայ միջին ականջի սուր բորբոքում, ականջացաւ, լսողական փոխանցման եւ ընկալական կորուստ, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։ =====
== Օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին տեղի կ՛ունենան երկու տարբեր կացութիւններ՝ ==
ա. Ելքի ընթացքին՝ միջին ականջի ճնշումը կամաց-կամաց կը բարձրանայ, թմբկաթաղանթը կը ցցուի դէպի դուրս եւ միջին ականջի օդը եւստաքեան խողովակէն կ՛ուղղուի դէպի քթաըմբան։
բ. Էջքի ընթացքին՝ միջին ականջի ճնշումը կամաց-կամաց կը նուազի, թմբկաթաղանթը կը քաշուի դէպի ներս եւ օդը դժուարութեամբ կ՛անցնի եւստաքեան խողովակէն։
Երկու պարագաներուն ալ ենթական կրնայ ունենալ ականջացաւ, միջին ականջի սուր բորբոքում, թմբկաթաղանթի պատռուածք եւ շիճուկային եւ կամ արիւնաշիճուկային ականջահոսք։ Այս բոլորը աւելի զգալիօրէն կը տեսնուին էջքի ընթացքին։ Օդանաւային ճամբորդութեան առնչութեամբ յանձնարարելի է ճամբորդութեան ընթացքին շարունակ կլլելու փորձ ընել եւ կամ ձիւթ ծամել. իսկ հարբուխ եւ զանազան պատճառներով քիթի խցում ունեցողներ՝ օդանաւով պէտք չէ ճամբորդեն։
== Աղբիւր ==
Հայրենիք շաբաթաթերթ, Տօքթ. Կարպիս Հարպոյեան, 6 Ապրիլ 2018
== Տե'ս նաեւ ==
Ականջ
Ականջապնդագարութիւն
Փայծաղ
Ականջային Արիւնահոսութիւն
Գլխապտոյտ
Մանկական Անդամալուծութիւն
Ողնայարի Կողմնածռութիւն
Ջղային Անախորժակութիւն
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
«Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 20 Փետրուար 2015:
== Արտաքին յղումներ ==
Մ.Վ.Խանբաբեան, Ա.Մ.Խանբաբեան «Լսողութեան, խօսքի, տեսողութեան օրգանների անատոմիայ, ֆիզիոլոգիայ եւ պաթոլոգիայ» Երեւան 2008 թ, «Հիւանդի ականջների խնամքը»: |
3,295 | Ժահր | Ժահր (լատ.՝ virus՝ թոյն), ոչ բջիջային կառուցուածք ունեցող հարուցիչ, որ կը բազմանայ միայն կենդանի բջիջներուն մէջ։ Ժահրերը կը վարակեն կեանքի բոլոր բջիջային տարրերը՝ անասուններէն ու բոյսերէն մինչեւ պակտէրիաներ եւ արքէաներ։
Ժահրերը առաջին անգամ կը նկարագրուին 1892-ին Տմիթրի Իւանովսքիի կողմէ իբրեւ ծխախոտի բոյսերը վարակող ոչ բջիջային ախտածիններ։ Ծխախոտի խճանկարի ժահրը կը յայտնաբերէ Մարթին Պէյըրինկը 1898-ին։ Այդ ժամանակէն ի վեր կը յայտնաբերուին ու մանրամասնօրէն կը նկարագրուին շուրջ 5000 տարբեր տեսակի ժահրեր, հակառակ անոր, որ յայտնի են ժահրերու միլիոնաւոր ձեւեր։ Ժահրեր յայտնաբերուած են գրեթէ բոլոր կենսոլորտային համակարգներուն մէջ եւ կենսական տարրերէն ամենաբազմաքանակն են։ Ժահրերու մասին գիտութիւնը ժահրաբանութիւնն է, որ մանրէաբանութեան (microbiology) ենթաճիւղերէն է։
Ժահրերը բաղկացած են երկու կամ երեք մասերէ (վիրիոններէ)։
բոլոր ժահրերը ունին ծննդական նիւթ՝ DNA-ի կամ RNA-ի, որոնք երկար մոլեքուլներ են եւ կը կրեն ծննդական տեղեկատուութիւնը,
բոլոր ժահրերը ունին սպիտակուցէ պատեան, որ կը պաշտպանէ ծիները,
որոշ ժահրեր նաեւ ունին ճարպային պատեան, որ կը շրջապատէ սպիտակուցը բջիջէն դուրս գտնուելու ժամանակԺահրերու ձեւերը տարբեր են՝ հասարակ պարուրաձեւէ եւ իկոսաեդրէն (քսանանիստէն) մինչեւ աւելի բարդ կառոյցներ։ Վիրուսի միջին մեծութիւնը կը կազմէ պակտէրիայի մեծութեան մօտ 1/100-րդը։ Ժահրերու մեծ մասը շատ փոքր են լուսային մանրադիտակով յայտնաբերուելու համար։
Ժահրերու հոլովոյթին ծագումը ամբողջութեամբ պարզ չէ։ Հաւանաբար, անոնց մէկ մասը ծագած է պակտէրիաներէ։ Զարգացման ընթացքին ժահրերը կարեւոր դեր կը խաղան ծիներու հօրիզոնական տեղափոխման մէջ՝ նպաստելով ծննդական բազմազանութեան։ Որոշ գիտնականներ ժահրերը կը նկատեն կենդանի էակներ, քանի որ վերջիններս կը կրեն ծննդական նիւթ, կը վերարտադրուին եւ բնական ընտրութեամբ կ'ենթարկուին զարգացման։ Այնուամենայնիւ, ժահրերու մօտ կը բացակային կենդանի օրկանիզմներուն բնորոշ որոշ կարեւոր յատկանիշներ (ինչպիսին օրինակ բջիջային կազմութիւնն է), որոնց պատճառով ժահրերը կը կոչուին «կեանքի ոչ բջիջային էակներ»։
Ժահրերը կը տարածուին բազմաթիւ ձեւերով. բոյսերու ժահրերը կը փոխանցուին բոյսէ բոյս բուսահիւթով սնուող միջատներու միջոցով (օրինակ՝ լուիճներ), կենդանական ժահրերը կը փոխանցուին արնախում միջատներու միջոցով։ Այս եղանակով հիւանդութիւնը փոխանցող օրկանիզմները կը կոչուին վեկտորներ (փոխանցողներ)։ Հարբուխի ժահրերը կը տարածուին օդակաթիլային եղանակով՝ հազի եւ պռշտոցի միջոցով։ Ռոտաժահրերը կը փոխանցուին երեխաներու հետ անմիջական շփման հետեւանքով։ ՍԻՏԱ-ն (AIDS) սեռական յարաբերութեամբ եւ վարակուած արեան ներառումով փոխանցուող ժահրերէն է։ Ժահրի կողմէ վարակուող բջիջները կը կոչուին թիրախներ։
Ժահրային վարակը կենդանիներու մօտ կ'առաջացնէ ախտամերժ պատասխան, որ սովորաբար կ'ոչնչացնէ վարակող ժահրը։ Ախտամերժ պատասխան կրնայ առաջանալ նաեւ պատուաստանիւթի նկատմամբ, որով կարելի կը դառնայ առաջացնել արհեստական ձեռքբերովի Ախտաբանութիւն տուեալ ժահրային հարուցիչին դէմ։ Սակայն շատ վիրուսներ (ՍԻՏԱ-ի եւ ժահրային հեփատիտի), կկրնան խուսափիլ ախտամերժ պատասխանէն՝ առաջացնելով քրոնիկական վարակներ։ Մանրէասպանները ոչ մէկ ազդեցութիւն կ'ունենան ժահրերուն վրայ։ Մշակուած ու ստեղծուած են որոշ հակաժահրային դեղամիջոցներ։
== Պատմութիւն ==
Վարակիչ հիւանդութիւններու ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ոչ բոլոր հիւանդութիւնները պայմանաւորուած են պակտէրիաներով, նախակենդանիներով եւ մանրադիտակային սունկերով։ Լուի Փաստիորին այդպէս ալ կարելի չըլլար գտնել կատաղութեան հարուցիչը՝ ենթադրելով, որ հարուցիչը չափէն դուրս փոքր է լուսային մանրադիտակով յայտնաբերելու համար։ Չարլզ Շամպերլանտը կը ստեղծէ զտիչ մը (Շամպերլանտի Զտիչ կամ Շամպերլանտ-Փաստիորի զտիչ), որուն անցքերը պակտէրիաներէն փոքր էին։ 1892-ին ռուս կենսաբան Տմիթրի Իւանովսքին կ'օգտագործէ այս զտիչը ծխախոտի խճանկարի ժահրի ուսումնասիրութիւններուն համար։ Ան ցոյց կու տայ, որ վարակուած ծխախոտի բոյսի տերեւներէն ստացուած հիւթը կը շարունակէ պահպանել իր վարակունակութիւնը նոյնիսկ Շամպերլանտի զտիչով զտուելէն ետք։ Իւանովսքի կ'ենթադրէր, որ հիւանդութեան պատճառը պակտէրիաներու արտադրած թոյներն են։
1898-ին հոլանտացի մանրակենսաբան Մարթին Պէյըրինկ կը կրկնէ Իւանովսքիի փորձերը եւ կ'եզրահանգէ, որ զտիչէն անցնող վարակիչ նիւթը կը պարունակէ թերեւս անյայտ հարուցիչներ։ Ան կը նկատէ, որ այս հարուցիչները կը բազմանան միայն բաժնուող բջիջներու մէջ, սակայն չի բացայայտեր հարուցիչի իսկութիւնը։ Պէյըրինկ այս նիւթն կը կոչէ Contagium vivum fluidum (բառացի թարգմանութեամբ՝ լատ.՝ լուծուող կենդանի մանրէ) եւ դարձեալ գործածութեան մէջ կը դնէ ժահր եզրը։ Պէյըրինկ կը կարծէր, որ ժահրը իր բնոյթով հեղուկ է։ Այս տեսութիւնը կը մերժէ Ուենտել Սթենլին, որ կ'ապացուցէ, թէ ժահրերը մասնիկներ են։ Նուն թուականին Ֆրիտրիխ Լիոֆելը եւ Փաուլ Ֆրոշը կը յայտնաբերեն առաջին կենդանական ժահր՝ տապպղի հարուցիչը (ինքնաժահր)։
Ի. դարու սկիզբը անգլիացի մանրէաբան Ֆրետերիք Թուերթը կը յայտնաբերէ պակտէրիաները վարակող ժահրերու խումբ մը եւ զանոնք կը կոչէ «պակտէրիոֆակեր» (ֆակեր)։ Ֆրանս-քանատացի մանրակենսաբան Ֆելիքս Տ'Էրել կը նկարագրէ ժահրերու տեսակ մը, որոնք ագարի վրայ աւելնալու պարագային կը ձեւաւորեն մահացած պակտէրիաներու շերտ։ Փորձ կը կատարուի ֆակերը օգտագործելու տիֆի եւ քոլերայի բուժման համար, բայց զանոնք փոխարինելու եկաւ փենեսելինը։ Հաշուելով մահացած պակտէրիաներու մակերեսը՝ Տ'Էրելի կարելի կ'ըլլայ որոշել սկզբնական դադարի ժահրային մասնիկներուն քանակը։
ԺԹ. դարու վերջաւորութեան ժահրերը կը նկարագրուէին իրենց վարակունակութեամբ, զտումի ընդունակութեամբ եւ կենդանի թիրախներու առկայութեան անհրաժեշտութեամբ։ Ժահրերն կ'աճեցուէին միայն կենդանիներու եւ բոյսերու մէջ։ 1906-ին Ռոսս Հարիսըն կը մշակէ ժահրերու աւիշային հիւսուածքի մէջ աճեցման մեթոտ, իսկ 1913-ին այս մեթոտը կ'օգտագործուի եւ կը կիրարկուի իբրեւ պատուաստ՝ ժահրը ծովախոզուկի եղջերաթաղանթի հիւսուածքի բջիջներուն մէջ աճեցման նպատակով։ 1928-ին Կ. Պ. Մէյտլանտը եւ Մ. Կ. Մէյտնլանտը մանրացած հաւի երիկամի ընդհատման կ'աճեցնեն ծաղիկի ժահրը։ 1950-ականներու վերջաւորութեան այս մեթոտը կը սկսի լայնօրէն կիրարկուիլ փոլիոժահրի եւ պատուաստներու ստեղծման նպատակով։
Հետազօտութիւններու յաջորդ քայլը 1931-ին ամերիկացի ախտաբան Էրնեստ Ուիլեամ Կուտպաստոորի կողմէ բեղմնաւորուած հաւի հաւկիթներուն մէջ հարբուխի ժահրի աճեցումն էր։
Ժահրերու առաջին նկարները կը ստեղծուին ելեկտրոնային մանրադիտակի յայտնաբերումէն ետք։ Ծխախոտի խճանկարի ժահրը կը դառնայ առաջինը, որ կ'առանձնացուի, կը բիւրեղացուի եւ կը բաժնուի սպիտակուցներու եւ RNA-ի։ 1967-ին ժահրերը առաջին անգամ արհեստականօրէն կ'արտադրեն Ա. Քորենպերկը եւ Մ. Քուլայեանը (ԱՄՆ)։ 1949-ին Ճոն Ֆրանքլին Էնտերսը, Թոմաս Ուելլըրը եւ Ֆրետերիք Ռոպինսը փոլիոժահրը կ'աճեցնեն մարդու սաղմի զարգացման վրայ։ Ասիկա կենդանիներու հիւսուածքներու վրայ ժահրի աճեցման առաջին փորձն էր։ Այս հետազօտութիւններու հետեւանքով, Ճոնաս Սոլք կը ստեղծէ փոլիոմիելիտի առաջին արդիւնաւէտ պատուաստը։
Ի. դարու երկրորդ կիսուն ժահրերը կը դառնան ծննդական ճանրտարագիտութեան հիմնական առարկաները, կը յայտնաբերուին աւելի քան 2000 կենդանական, բուսական եւ պակտէրիալ ժահրեր։ 1957-ին կը յայտնաբերուին ձիու արտերիժահրերը եւ կովերու ժահրային լուծի հարուցիչները՝ պեստիժահրերը։ 1963-ին Պարուխ Պլամպըրկ կը յայտնաբերէ հեփատիտ B-ի ժահրը, իսկ 1965-ին Հուարտ Թեմին կը նկարագրէ առաջին ռետրոժահրերը։ 1970-ին Թեմինը եւ Տէյւիտ Պալթիմորը իրարմէ անկախ կը նկարագրեն հակառակ պատճէնը։ 1983-ին խումբ մը գիտնականներ Լիուք Մոնթանիէի գլխաւորութեամբ Ֆրասնայի Փաստիորի Հիմնարկէն, առաջին անգամ կ'առանձնացնեն ռետրոժահր մը, որ այժմ յայտնի է ՍԻՏԱ անունով.
1887-ին Պրիւստը լուսնային մանրադիտակով կը տեսնէ կովերու ծաղիկի ժահրը։ Վերջինս իր չափերով ամենամեծն է, որուն պատճառով այն ժամանակ կարծած էին, որ հիւանդութեան այս հարուցիչը ժահր չէ։ 1935-ին ամերիկացի կենսաքիմիագէտ եւ ժահրաբան Ուենտըլ Մերետիթ Սթենլին մանրամասնօրէն կ'ուսումնասիրէ ծխախոտի խճանկարի ժահրը եւ կը յայտնաբերէ, որ անիկա առաւելապէս կազմուած է սպիտակուցներէ։ Կարճ ժամանակ ետք այս ժահրէն կ'առանձնանան սպիտակուցային եւ նուկլէինաթթուային բաղադրամասերը։ Ծխախոտի խճանկարի ժահրը առաջին բիւրեղացուած ժահրն է։ Անոր առաջին ծննդային նկարը կը պատրաստեն Պերնալը եւ Ֆունկուխենը 1930-ականներու վերջաւորութեան։ Այս պատկերներու հիման վրայ Ռոզալինտ Ֆրանքլին 1955-ին կը սահմանէ ժահրի ամբողջական կառուցուածքը։ Նոյն ժամանակաշրջանին Հայնց Ֆրենքըլ Կոնրատ եւ Ռոպլի Ուիլիամզ ցոյց կու տան, որ ծխախոտի խճանկարի ժահրի RNA-ը եւ թաղանթի սպիտակուցը գործնական ժահրին մէջ կրնան ինքնահաւաքուիլ։ Հետազօտողները կ'եզրակացնեն, որ բոլոր ժահրերը ունին բջիջներու մէջ հաւաքման նմանատիպ մեքանիզմներ։
2002-ին Նիւ Եորքի Համալսարանին մէջ կը ստեղծուի առաջին արհեստական ժահրը (փոլիոմելիտի ժահր)։
=== Ժահրաբանութիւնը Հայաստանի Մէջ ===
Հայաստանի մէջ ժահրերը ուսումնասիրող գիտական կառույցներն են Հայաստանի Հանրապետութիւն Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Մոլեքուլային Կենսաբանութեան Հիմնարկը եւ Ա. Բ. Ալեքսանեանի անուան Համաճարակաբանութեան, Վիրուսաբանութեան Եւ Բժշկական Մակաբուծաբանութեան Գիտահետազօտական Հիմնարկըը։ Մոլեքուլային կենսաբանութեան հիմնարկին մէջ կը զբաղին մարդու համար ոչ վտանգաւոր ժահրերու, մասնաւորապէս կենդանական հիւանդութիւններու ժահրերու հետազօտութեամբ։ Օրինակ՝ մարդու եւ կենդանիներու բջիջային զարգացումներու ուսումնասիրութիւններով բացայայտուած են կայուն բջիջներու առաջացման ժամանակ ժահրերու ընտրողական ազդեցութեան մեքանիզմները։ Ցոյց կը տրուին, որ անէուփլոիտ գենոմով բազմակորիզակային բջիջներու մէջ ժահրերը կ'առաջացնեն ափոփտոզ եւ կրնան ձեւափոխել բջիջները՝ առաջացնելով տիփլոիտ էակներ։
Համաճարակաբանութեան, վիրուսաբանութեան եւ բժշկական մակաբուծաբանութեան գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ զբաղած են ու կը զբաղին շարք մը ժահրային հիւանդութիւններու՝ բնական ծաղիկի, ժահրային A, B, C, E հեփատիտներբւ, արբոժահրային վարակիչ հիւանդութիւններու ախտորոշման, կանխարգիլման եւ պայքարի միջոցառումներու մշակման հարցերով։
== Ծագում ==
Ժահրերը կը հանդիպին ամենուր, ուր կայ կեանք եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, գոյութիւն ունեցած ու զարգացած են առաջին կենդանի բջիջներու հետ միաժամանակ։
Ժահրերու ծագման վարկածները միանշանակ չեն. ժահրերը չեն ձգեր բրածոյ մնացորդներ, ժառանգական յարաբերութիւնները կրնան պարզել միայն մոլեքուլյին փիլիծննդաբանութեամբ։ Ժահրերու զարգացման հիմնական մեթոտը մոլեքուլային կենսաբանական մեթոտն է՝ ժահրի DNA-ի կամ RNA-ի համեմատութիւնը։
=== Առաջացման Տեսութիւններ ===
Ժահրերու ծագման վերաբերեալ գոյութիւն ունի երեք հիմնական տեսութիւն՝ յետաշրջութեան, բջիջային ծագման եւ միասնական զարգացման տեսութիւնները։
==== Յետաշրջութեան Տեսութիւն ====
Կը կարծուի, որ ժահրերը ժամանակին եղած են մանր բջիջներ, որոնք մակաբուծած են աւելի մեծ բջիջներու մէջ։ Ժամանակի ընթացքին, այն ծիները, որոնք անմիջականօրէն կապուած չեն եղած մակաբուծութեան հետ՝ անհետացած են։ Ոսկրաթեքութեան պակտէրիան եւ քլամիտիան ժահրերու պէս կը վերարտադրուին միայն տիրոջ բջիջներուն մէջ։ ժահրերու՝ ինչպէս մակաբոյծի զարգացումը պատճառ դարձած է որոշ ծիներու կորուստին եւ թոյլ տուած է անոնց գոյատեւել բջիջէն դուրս։ Այս տեսութիւն կը կոչուի նաեւ «այլասերման տեսութիւն»։
==== Բջիջային Ծագման Տեսութիւն ====
Կը կարծուի, որ որոշ ժահրեր զարգացած են DNA-ի եւ RNA-ի այն հատուածներէն, որոնք «ազատած են» աւելի մեծ կենդանի օրկանիզմի ծիներէն։ Այսպիսի հատուածներ կրնային ձեւաւորուիլ փլազմիտներէ կամ թրանսփոզոններէ։ Թրանսփոզոնները (նախկին անունը՝ «թռչող ծիներ») շարժուն ծննդային տարրերու օրինակներ են, որոնք կը յայտնաբերուին 1950-ին Պարպարա Մաք Քլինտոքի կողմէ եգիպտացորենի ծիներուն մէջ։ Այս վարկածն անվանում են նաեւ «թափառման» կամ «փախուստի վարկած»։
=== RNA-ի Աշխարհ ===
RNA-ի աշխարհի վարկածը եւ տիրոջ ու ժահրային RNA-ի ու DNA-ի համակարգչային վերլուծումը թոյլ կու տայ աւելի լաւ հասկանալու ժահրերու տարբեր խումբերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ծագումային կապերը եւ կ'օգնէ ժամանակակից ժահրերուն նախնիներուն որոշման հարցին մէջ։ Մինչեւ օրս, սակայն, յայտնի չէ, թէ վերոնշեալ երեք վարկածներէն, որն է ճիշդը։ Կ'ենթադրուի, որ գրեթէ հաւանական չէ բոլոր ժահրերու մէկ ընդհանուր նախնիի մը գոյութիւնը. ամենայն հաւանականութեամբ անցեալին ժահրերու որոշակի խումբեր յառաջացած են իրարմէ անկախ, քանի որ ժահրերու խումբերը ունին ծնային նիւթի կազմակերպման զգալիօրէն տարբերող մեքանիզմներ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,575 | Snap (Ռոզա Լին երգ) | Snap, երգ հայ երգչուհի Ռոզա Լինի: 11 Մարտին, երգը պաշտօնապէս յայտարաուեցաւ իբր Հայաստանի ներկայացուցիչ երգ 2022 Եւրատեսիլ Երգի Մրցոյթին: Երգը հրապարակուեցաւ 19 Մարտին, իր տեսահոլովակով. Ռոզա Լին երգը պիտի ներկայացնէ Մայիս 2022 թուականին, Թորինօ, Իտալիա: Երգը գրած են Լինը, Թամար Գաբրիէլեան, Լարզ Փրինսիփաթօ, Ճերմի Տուսուլէթ, Էլի Քրիսթըլ եւ Քորթնի Հէրըլ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,102 | Սիմոն Աբգարեան | Սիմոն Աբգարեան (5 Մարտ 1962(1962-03-05), Կոնէս, Վալ տ՛Ուազ, Ֆրանսա), Ֆրանսահայ յայտնի դերասան:
== Կենսագրութիւն ==
=== Դերասանական Ասպարեզ ===
1971-1977 տարիներուն, երիտասարդ Աբգարեան իր հօր ու մօր հետ ապրած է Լիբանան, ուր յաճախած է հայկական վարժարան, միաժամանակ սորվելով նաեւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուները: 1977-ին Աբգարեան վերստին տեղափոխուած է Փարիզ: Քանի մը տարի ետք ան փոխադրուած է Նիւ Եորք, ուր պարի եւ դերասանութեան իր դասերը շարունակած է Նիւ Եորքի Անդրանիկ Թատերախումբին հետ: Ապա տեղափոխուած է Լոս Անճելոս, Քալիֆորնիա:
1983-1985 ան ուսանած է դերասանութիւն եւ մաս կազմած է ՀԲԸՄ-ի Արտաւազդ Թատերախումբին, Ժերալտ Փափազեանի ղեկավարութեամբ:
1984-ին ան մասնակցած է աշխատանքային հանդիպումներուն հռչակաւոր Թէաթր տիւ Սոլէյի, որ Օլիմփիքս Արթ Ֆեսթիվըլի ծիրին մէջ կ'այցելէր Լոս Անճելոս:
1985-ին Սիմոն Աբգարեան կը վերադառնայ Փարիզ, ուր ձեռք կը բերէ թատերական դերասանական յաջողակ ասպարէզ եւ ութ տարի կը համագործակցի Արիան Մնուշքինի՝ Թէաթր տիւ Սոլէյի հռչակաւոր բեմադրիչին հետ:
2001-ին Աբգարեան կը տիրանայ ֆրանսական թատրոնի դերասանի ամէնէն բարձր մրցանակին՝ Մոլիէրի մրցանակին, ««Հրէշը լուսնի վրայ» թատերախաղին մէջ իր ստանձնած դերին համար::
1993-ին Աբգարեան եւ իր դերասանուհի-բեմադրիչ կինը՝ Քաթրին Շչոպը, Փարիզի մէջ հիմնեցին իրենց սեփական թատերախումբը՝ «T.E.R.A.» Թ.Ե.Ր.Ա. (Թէաթր Էսփաս Ռըշերշ Աքթէոր), ուր Սիմոն Աբգարեան դերեր ստանձնած եւ բեմադրած է դասական եւ ժամանակակից թատերախաղեր:
=== Շարժապատկերի Ասպարեզ ===
Աբգարեան առաջին անգամ ժապաւէնի մէջ դեր ստանձնած է 1989-ին:
Շարժապատկերի իր ասպարէզի սկզբնական շրջանին Աբգարեան արդիւնաբեր համագործակցութիւն ունեցաւ Սետրիք Քլափիշչի հետ, ֆրանսական վեց ժապաւէններու մէջ, հռչակ ստանալով մրցանակակիր «Շաքէոն շերշ սոն շա» (1996) ժապաւէնով:
Ան արժանացաւ քննադատներու բարձր գնահատանքին Ատոմ Էկոյեանի մրցանակակիր «Արարատ» (2002) ժապաւէնին մէջ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի կերպարը մարմնաւորելու համար:
Սիմոն Աբգարեան մրցանակներ շահած է «Թու թէյք է ուայֆ» (2004) ժապաւէնին մէջ Էլիահուի դերը կատարելու համար (բեմադրիչ՝ Ռոնիթ Էլքապէց):
Իր շարժապատկերի ասպարէզին մէջ Սիմոն Աբգարեան մեծ ոստում արձանագրեց «Քազինօ Ռուայալ» (2006) ժապաւէնին մէջ Ալեքս Տիմիթրոսի երկրորդական դերով հանդէս գալով եւ Տանիէլ Քրէյկի կողքին քանի մը ուժեղ տեսարաններու մէջ խաղալով:
Ֆրանսական հեղինակաւոր «Մոլիէր» թատերական մրցանակաբաշխութեան, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2020-ին, Սիմոն Աբգարեան արժանացաւ երեք «Մոլիէր»ներու:
=== Հայ Դատ ===
Սիմոն Աբգարեան մեծապէս մասնակից է հայ ժողովուրդին առնչուող մարդասիրական դատերուն: Բազմաթիւ բարեսիրական եւ հայ դատի ձեռնարկներու ու հանդիսութիւններու ընթացքին, ան եղած է յաճախակի մասնակից, հիւրընկալ եւ հաղորդավար: 2006-ի Հոկտեմբերին ան նաեւ մաս կազմած է Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի հետ Հայաստան այցելող պատուիրակութեան:
== Տե՛ս նաեւ ==
1915 (ֆիլմ)
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Հակիրճ կենսագրութիւնը ֆրանսերէնով. |
4,242 | Ճաշուա Մալինա | Ճաշուա Չարլզ Մալինա (անգլերէն՝ Joshua Charles Malina, ծնած 17 Յունուար, 1966) Ամերիկացի ֆիլմի դերասան եւ թատերական դերասան մըն է։ Ան ունէր Ուիլ Պէյլիի դերը NBC կայանի տրամա հեռուստաշար The West Wing-ի վրայ, Ճըրմի Կուտուին դերը Sports Night-ի վրայ եւ Տէյվիտ Ռոզըն Scandal-ի վրայ։
== Անձնական կեանք ==
Մալինա ծնած է Նիւ Եորք, ԱՄՆ: Անոր ծնողքը, Ֆրէն եւ Ռոպըրթ Մալինա, հիմնադիրներն էին Young Israel of Scarsdale կազմակերպութեան Նոր-Ռոշէլի մէջ, Նիւ Եորք, ուր ապրած է իր կեանքին մեծամասնութիւնը«The Vindicator - Google News Archive Search»։ google.com։ արտագրուած է՝ 4 October 2015 </ref>: Իր հայրը փաստաբան էր, ինչպէս նաեւ դրամատուներու դրամարկող եւ Պրոտուէյի թատերական արտադրիչ։ Ճաշուայի մականուն «Մալինա»ն միշտ հարցցազրոյց տուողներուն մէջ շփոթ արթնցուցած է, որոնք կը կարծէին, թէ մականունը լատիներէնէ կու գայ, մինչդեռ իր ընտանիքը եղած է Հրէայ եւ մականունը կու գայ Լեհ արմատներէ:
== Տե՛ս նաեւ ==
Գայթակղութիւն (հեռուստաշար)
Քէրի Ուաշինկթըն
Հենրի Այըն Քուսիք
Քոլամպըս Շորթ
Տարպի Սթանչֆիլտ
Քէյթի Լոուզ
Կիլէրմո Տիազ
Ճէֆ Փէրի
Թոնի Կոլտուին
Պէլըմի Եանկ
Սքոթ Ֆոլի
Փորշա Տը Ռոսի
Քորնիլիըս Սմիթ
Ճո Մորթըն
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,661 | Ֆետերիքօ Կարսիա Լորգա | Ֆետերիքօ տէլ Սակրատօ Գորազոն տէ Խեզուս Կարսիա Լորգա (սպ.՝ Federico del Sagrado Corazón de Jesús García Lorca) որ կը գիտնուի իբր Ֆետերիքօ Կարսիա Լորգա, (5 Յունիս 1898(1898-06-05)[…], Ֆուենտա Վակերոս[…] - 19 Օգոստոս 1936(1936-08-19)[…], Վիսնար), սպանացի բանաստեղծ, թատերագիր եւ բեմադրիչ մըն է:
Այս անունը սպաներէն անուանման օրէնքներով կազմուած է: Առաջին մականունը Կարսիա է՝ որ հայրենի մականունն է, իսկ երկրորդ մականունը Լորգա է՝ որ մայրենի մականունն է:
Լորգան՝ որ '27-նի սերունդին խորհրդաւոր անդամ մըն է, ճանչցուած է միջազգայնօրէն: Իբր '27-նի սերունդի անդամը, Եւրոպայի ամէնայ ազդեցիկ շարժումները (զորօրինակ Խորհրդապաշտութիւն, ապագայապաշտութիւն ու գերիրապաշտութիւն) Սպանական գրականութիւնը ներկայացնող այս խոումբին բազմաթիւ արուեստագէտ ու բանաստեղծներէն մէկն է:Սպանիայի քաղաքային պատերազմի (սպ.՝ Guerra Civil Española) սկիզբին Ազգայնականներու կողմէ սպաննուած է: Իր դիակը կորսուած է եւ չէ գտնուած: 2008-ին, սպանական դատաւոր մը Լորգային մահուան գծով խուզարկութիւններու կը սկսի: Կարսիա Լորգա ընտանիքը երկար ատեն, մեծ հաւանականութեամբ Լորգային գերեզմանը եղող Ալֆակարի շուրջը փորելու արտօնութիւն չէ տուած: Սակայն արտօնութիւնը ստանալէ վերջ մարդկեղէն մնացորդ մը չէ գտնուած:
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,377 | Իվանեան | Իվանեան, համայնք, Արցախի Ասկերանի շրջանին մէջ, տեղաբաշխուած է հանրապետութեան կեդրոնական հատուածին մէջ։ Ասկերան շրջակեդրոնէն կը գտնուի 6 քմ անդին, իսկ Ստեփանակերտէն` 10 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Համայնքին մէջ կը գործեն գիւղապետարան, մշակոյթի տուն, առողջապահական կեդրոն, աշակերտները կը սորվին միջնակարգ դպրոցի մէջ` 198 աշակերտներ: Հեռուստատեսութիւնը եւ ռատիօն համայնքին մէջ հասանելի են: Կը գործէ 2.5 G բջիջային կապի համակարգ, անլար հեռախոսակապն առկայ է: Համացանց ծառայութիւնը հասանելի է` ապահովուած WI-FI համացանց կապով:
== Անուանում ==
Գիւղը անուանուած է հայ ռազմական գործիչ, գեներալ-լեյտենանտ, արցախեան ազատամարտի հերոս Քրիստափոր Իվանեանի անունով։
== Աշխարհագրութիւն ==
Համայնքը հարթավայրային է, ունի 1077 8 հա տարածք, որմէ 75. 16 հա գիւղատնտեսական նշանակութիւն ունի:
== Տնտեսութիւն ==
Իվանեան համայնքի բնակչութեան թուաքանակը 1397 մարդ կը կազմէ, կայ 346 տնտեսութիւն: Իվանեան համայնքի հիւսիս-արեւելքէն կը հոսի Կարկառ գետը: Ջրամատակարարումը պետութեան կողմէ կ՛իրականացուի` կեդրոնացուած ինքնահոս եղանակով, համակարգը կը սնուի 1 ակունքով: Համայնքի տարածքին առկայ են 4 աղբիւրներ` Զինուորի, Հոյսի, Շինամեջի եւ Յիշատակի: Ոռոգման ջուրի համար գործած են, այօր չգործող, պարտէզեան երկու ջրհորներ:
Համայնքը ապահովուած է ելեկդրային ուժով, առկայ է նաեւ գազամատակարարման համակարգ:
== Պատմութիւն ==
Ինչպէս կը վկայեն, XX դարավերջին եւ 1950-ական թուականներուն Կատարուած հնագիտական ուսումնասիրութիւնները (Ռեոսլեր, Կուչնարյովա եւ ուրիշներ) այդտեղ նախկին ժամանակներուն նշանաւոր բնակավայր մը եղած է, որուն պատմութիւնը կը սկսի մ.թ.ա 2-րդէն 1-ին հազարամեակիէն: Խոջալուի կուրգանը կառուցուած է ողորկ գետաքարերէ, որուն մէջ քարարկղ (սարկոֆակ) էր։ Եղած են պրոնզէ իրեր, թռչուն, մուրճ, մատանի, որուն վրայ թռչնի գլուխ, հագուստներու ու ամաններու զարդարանք, գոտիի թիթեղներու մնացորդներ` նուրբ խորագրութիւններով, ոսկէ զարդարուն կտորներու մնացորդներ, մարգարիտ, որուն վրայ նշաններ (ըստ էութեան արձանագրութիւն, որ Ռեոսլերի կարծիքով մովաբերէն կամ նաբաթերէն է): Գտնուած են նաեւ օբսիդիսնէ եւ եղջիւրաքարէ պատրաստուած նետերու ծայրեր, գարնելօէ եւ այլ քարերէ բազմաթիւ մարգարիտներ, ուլունքներ, կենդանիի ոսկորներ, կենդանական կմախք, որուն վրայ իբրեւ զարդարանք` պրոնզէ թիթեղ: Ըստ Ռեոսլերի` տեղի բնակիչները կենդանիներուն կը պաշտէին, ինչպէս եգիպտացիները իրենց Ապիսին: Ռեոսլերի կարծիքով` այդտեղ` Կուր-Արաքս գետերու միջնամասին, հին ժամանակներուն մշակութային մեծ տերութիւն մը եղած է: Ռեոսլի պեղած հնագիտական նիւթերու մէկ մասը ժամանակին տեղ գտած է Թիֆլիսի Կովկասեան թանգարանին մէջ: Ներկայիս բնակավայրը կազմուած է երկու թաղամասերէ, որոնք առանձին գիւղեր էին: 1897-ին Համառուսաստանեան առաջին ընդհանուր մարդահամարի տուեալներով կը հաստատուի այդ իրողութիւնը:
Ս. Սարգսեանի կարծիքով` Խոջալուն հնագոյն Կասակ-Կասալայի ձեւախեղումն է Կասալ-Խասալ-Խաչալ-Խաջալ-Խոջալ անցումներով եւ կը վերաբերի ներկայիս Պատար գետակին, որ Կուսանաց լեռներէն սկզբնաւորուելով, կը հասնի բնակավայրը եւ կը թափի Կարկառ գետ:
== Փոխադրամիջոցը ==
Համայքային ենթակայութեան ճամբաները ասֆալթապատ են, խճէ եւ կոպճէ, ճմշակուած կապակցող նիւթերէ: Փոխադրամիջոցային կապը կարգաւորուած է: Ուղեւորափոխադրումները կ՛իրականացուին Ասկերան-Ստեփանակերտ-Ասկերան թիւ 101 եւ Նորագիւղ-Ստեփանակերտ-Նորագիւղ թիւ 118 միջշրջանային կանոնաւոր հանրակառքի երթուղիներով:
Գիւղին մօտ կը գտնուի Ստեփանակերտի օդակայանը:
== Պատմամշակութային Յուշարձաններ ==
Կան պատմամշակութային յուշարձաններ` դամբարանադաշտ (մ.թ.ա 2-1-ին հազ) սելճուքեան դամբարան (14-րդ դար), հաշուառուած է 7 յուշարձան:
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Հ. Ղահրամանեան Տեղեկատու Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան վարչատարածքային միաւորներու սոցիալ- տնտեսական բնութագիրներու Երեւան Ճարտարագէտ |
18,477 | Սաքրամենթօ | Սաքրամենթօ (անգլերէն՝ Sacramento), քաղաք ԱՄՆ-ի արեւմուտքին, Քալիֆորնիա նահանգի եւ Սաքրամենթօ շրջանի մայրաքաղաքը, հիմնադրուած է 1848 թուականի Դեկտեմբերին (John Sutter Jr.) Ճոն Սաթըր-կրտսերի կողմէ, որ Զուիցերիայէն ներգաղթողի որդի էր եւ առաջինն էր, որ այդ տարածաշրջանին հիմնած է սպիտակամորթներու առաջին բնակավայրը։
== Պատմութիւն ==
Եւրոպական գաղութացումէն առաջ գետահովիտի տարածքը բնակեցուած եղած է հնդիկ ցեղերով, որոնք կը զբաղուէին որսորդութեամբ եւ հաւաքչութեամբ:
(Wildcrafting) (Foraging) 1799 թուականին (այլ տեղեկութիւններով՝ 1808 թուականին) հովիտը հետազօտուեր է Սպանացի ճանապարհորդող (Gabriel Moraga) Գաբրիէլ Մորակայի կողմէ։ Հիացած ըլլալով բնութեան գեղեցկութեամբ եւ հարստութեամբ, Գաբրիէլ Մորական բացականչեր է «Es como el sagrado sacramento!» («Այս նման է սուրբ ընծայի»), այստեղէն ալ առաջացեր է բնակավայրի անուանումը:
Մեքսիքայի կառավարութիւնը, որուն ձեւականօրէն կը պատկանէր տարածքը, անոր զարգացմանը ուշադրութիւն չէր դարձներ։ 1839 թուականին Լիսթալէն ներգաղթած Ճոն Սաթըրը հիմնադրած է առաջին բնակավայրը։
== Աշխարհագրութիւն եւ կլիմայ ==
=== Աշխարհագրական տուեալներ ===
ԱՄՆ-ի վիճակագրութեան բիւրոյի տուեալներուն համաձայն, Սաքրամենթօն կը զբաղեցնէ 259 քմ² տարածք, որմէ 97,81%-ը ցամաք է, իսկ 2,19%-ը՝ ջրային տարածքներ։
Քաղաքը կը գտնուի Սաքրամենթօ գետի հովիտին մէջ, (Sacramento River and the American River) Ամերիքըն Ռիվըր եւ Սաքրամենթօ գետերու միախառնման վայրին մէջ, Սիեռա Նեւատայի նախալեռներու մէջ։ Քաղաքի ամբողջ պատմութեան ընթացքին ջրհեղեղները լուրջ վտանգ կը ներկայացնէին անոր բնակիչներուն համար, այդ պատճառով Սաքրամենթոյի պատմական կեդրոնէն դէպի արեւմուտք ինկած տարածքը կառուցապատուած չէ (կանոնաւոր հեղեղումներու պատճառով)։ Սաքրամենթօ քաղաքի արուարձանները կ'երկարին 50 քմ դէպի արեւելք, մինչեւ Սիեռա Նեւատայի լանջը, եւ ընդամէնը 6 քմ դէպի արեւմուտք։
Գետնային ջուրերու մակարդակը հովիտին մէջ բաւականին բարձր է եւ կը կազմէ միջինը 9 մ։
=== Կլիմայ ===
Սաքրամենթօն կը գտնուի բնատիպ (Mediterranean climate) միջերկրածովեան կլիմայական գօտիի մէջ (ըստ Քիւփփենի կլիմայի դասակարգման՝ (Köppen climate classification)Csa), հով, անձրեւոտ ձմեռներով եւ տաք, չոր ամառներով։ Ձմռրանը եւ գարնան սկիզբը յաճախակի կ'ըլլան մառախուղներ, մինչդեռ, Յունիսէն Սեպտեմբեր ինկած ժամանակահատուածին քաղաքը կը համարուի ԱՄՆ-ի ամենաարեւոտ քաղաքներէն մէկը։ Ամրանը, հակառակ սաստիկ տաքին, գիշերները միշտ զով կ'ըլլայ։ Տարուան ընթացքին երբեմն՝ մօտ 2-3 անգամ, ձիւն կը տեղայ։ Յաճախակի են ցրտահարութիւնները:
== Բնակչութիւն ==
2014 թուականի դրութեամբ բնակչութիւնը կը կազմէր 485 199 մարդ (6-րդ խոշոր քաղաքը Քալիֆորնիոյ մէջ): Բնակչութեան խտութիւնը կը կազմէր 1800 մարդ/քմ²:
2012 թուականին բնակչութիւնը կը կազմէր 477 891 մարդ (36-րդը Քալիֆորնիոյ մէջ, 35-րդը ԱՄՆ-ի մէջ)։ Կը գտնուի 174 624 տնային տնտեսութիւն եւ 103 730 ընտանիք։
Բնակչութեան ցեղային կազմը հետեւեալն է՝
սպիտակամորթներ՝ 34,5 % (1970 թուականին՝ 71,4 %)
լատին-ամերիկացիներ՝ 26,9 %
ասիացիներ՝ 17,8 %4
ափրիկ-ամերիկացիներ՝ 16,6 %ˌ
հնդիկներ՝ 1,1 %Քաղաքի բնակչութեան գրեթէ ¼-րդը (22,6 %) կը կազմեն մեքսիքացիները: Սաքրամենթոյի չինական համայնքը կը համարուի ԱՄՆ-ի ամենահիներէն մէկը։ Անոր մեծ մասը կազմաւորուեր է Ափիոնային առաջին պատերազմի ժամանակ։
== Քաղաքային կառավարում եւ քաղաքականութիւն ==
Քաղաքային կառավարումը կը ներառէ քաղաքապետին եւ Քաղաքապետական խորհուրդը։ Քաղաքապետը կ'ընտրուի համաքաղաքային ընտրութիւններու միջոցով։ Սաքրամենթոյի Քաղաքապետական Խորհուրդը բաղկացած է ութ անդամներէ, որոնք կ'ընտրուին ըստ քաղաքի շրջաններու։
== Մշակոյթ եւ տեսարժան վայրեր ==
Սաքրամենթոյի մէջ կը գտնուի աշխարհի ամենամեծ երկաթուղային թանգարանը՝ «The California State Railroad Museum», ինչպէս նաեւ (The Crocker Art Museum) Քրոքըրի գեղարուեստական թանգարանը: Սաքրամենթօն ունի իր սեփական պալեթի խումբը, սիմֆոնիք նուագախումբ եւ քանի մը թատրոն: Քաղաքը ունի 80 զբօսայգի: Ատոնցմէ ամենամեծը «William Land Park» զբօսայգին է, որ ունի 96 հա տարածք եւ կը ներառէ կոլֆի համար դաշտեր եւ կենդանաբանական այգի, ուր հաւաքուած են 450 տեսակի զանազան կենդանիներ եւ թռչուններ:
== Մարզական աշխարհ ==
Քաղաքի մէջ տեղակայուած է «Սաքրամենթօ Քինկս» պասքեթպոլային ակումբը, որ մաս կը կազմէ Պասքեթպոլի Ազգային Միութեան մէջ:
== Քոյր-քաղաքներ ==
Սեուլ (քորէայերէն՝ 용산구; 龍山區), Հարաւային Քորէա
Քիշնեւ (մոլդ.՝ Chişinău), Մոլտովա
Զուիցերիա Լիստալ (գերմաներէն՝ Liestal), Զուիցերիա
Կաղապար:Country data Ֆիլիիններ Մանիլա (անգլերէն՝ Manila), Ֆիլիփիններ
Ճափոն Մացույամա (ճափ.՝ 松山市), Ճափոն
Չինաստան Ցզինան (济南|濟南|Jǐnán), Չինաստան
Համիլթըն (անգլերէն՝ Hamilton), Նոր Զելանտա
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին հղումներ ==
Պաշտօնական կայք
== Տե՛ս նաեւ ==
ՔալիֆորնիաՓասատինաՄիշիկըն |
4,003 | Լեւոն Հայրապետեան | Լեւոն Գուրգէն Հայրապետեան (1949, Վանք գիւղ (Մարտակերտ), Մարտակերտի շրջան, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ, Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն - 18 Հոկտեմբեր 2017(2017-10-18)), հայ բարերար:
== Կենսագրութիւն ==
Երկար տարիներ որպէս լրագրող աշխատակցած է «Օկոնեոք» ամսագիրին եւ «Քոմսոմոլսքայեայ Փրաւտա» պարբերականին: Յետագային Հայրապետեան նաւթ մատակարարելու գործունէութեամբ զբաղիլ սկսած է։
== Բարեգործութիւն ==
Լեւոն Հայրապետեանը ԼՂՀ կառավարութեան՝ ծնելիութեան խթանման եւ նորաստեղծ ընտանիքներու աջակցութեան ծրագիրին իր կարեւոր աջակցութիւնը բերած է: Լեւոնի մտայղացումն էր հաւաքական հարսանիքի մը կազմակերպումը: Ան նորաստեղծ ընտանիքներուն հովանաւորութիւնն ստանձնեցաւ: Արցախի մէջ բազմաթիւ ծրագիրներ իրագործած է՝ Ստեփանակերտի եւ Մարտակերտի Վանք գիւղին մէջ (Վանքի մէջ կը շարունակուին բոլոր ծրագիրները)։
Գործարարին ջանքերով՝ 2000-2002 թուականներուն, վերակառուցուած է Գանձասարի վանական համալիրը (13-րդ դար), որ ներկայիս կը նկատուի որպէս Արցախի ամենաբարեկարգուած սրբավայրերէն մէկը։
== Ձեռբակալութիւն ==
Մոսկուայի «Տոմոտետովօ» օդակայանին մէջ՝ 2014 թուականի 15 Յուլիսին, ձերբակալուած է արցախցի յայտնի գործարարը, որ Ռուսիոյ մայրաքաղաք գացած էր Մոնաքոյէն:
== Պարգեւներ ==
Պատուոյ շքանշան (2011 թուական)
== Մէջբերումներ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
5,452 | Եղիշէ Պահլաւունի | Եղիշէ Պահլաւունի (1 Օգոստոս 1884(1884-08-01), Իգտիր - 3 Փետրուար 1961(1961-02-03), Թեհրան, Իրան), հայ յեղափոխական մարտիկ, վաշտապետ ֆետայի, Պաքուի հայոց զօրային 20–րդ գումարտակի հրամանատար։
== Կենսագրական գիծեր ==
Ծնած է Իգդիր։ Միացած է ֆետայական շարժման, գործակցելով Անդրանիկի, Ռոստոմի եւ Սեպուհի։ 20–րդ դարու սկզբնական շրջանին, Սուրմալու գաւառի դէպքերուն կարեւոր դեր ունեցած է, որպէս՝ Անդրանիկի եւ Իշխան Արղութեանի կամաւորական գունդերու մարտիկ։ 1918–ի ամրան ու աշնան, Գանձակի եւ Պաքուի հայութեան ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներէն մէկը հանդիսացաւ, որպէս Պաքուի հայոց զօրային 20–րդ գումարտակի հրամանատար։
Պաքուի հերոսամարտի ընթացքին, դաշնակցական ղեկավարներ՝ Ռոստոմ, Աբրահամ Գիւլխանդանեան, Եղիշէ Պահլաւունի եւ յայտնի բոլշեւիկներ՝ Ստեփան Շահումեան, Ալիոշա Չափարիձէ, մէկ դի դրած գաղափարական տարակարծութիւններ, համագործակցեցան ճակատագրական մարտերուն թուրքերու եւ թաթարներու դէմ։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Եղիշէ Պահլաւունի որոշեց մնալ հայրենիքի մէջ։ Սակայն նախկին դաշնակցականներու դէմ չեկայական հալածանքները իր կեցութիւնը դարձուցին վտանգաւոր։
Եղիշէ Պահլաւունի երրորդ անգամ ըլլալով ձերբակալուեցաւ 22 Սեպտեմբեր 1922–ին։ Իր վաղեմի բարեկամ, յայտնի համայնավար գործիչ Գայի՝ Հայկ Բժշկեանցի երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուեցաւ։ Բժշկեանցի խորհուրդին անսալով, փախաւ Հայաստանէն եւ ապաստանեցաւ Պարսկաստան ։
Մահացած է Պարսկաստան, 1961–ին։
== Նշում == |
543 | 1830 թուական | 1830 թուական, ոչ նահանջ տարի, 19րդ դարու 30րդ տարին
== Դէպքեր ==
1830․ Թիւրքմէնչայի դաշնագրով Ռուսիոյ միացած Երեւանի, Նախիջեւանի, Ղարաբաղի եւ Գանձակի 4 խանութիւնները, կը կազմեն «Հայկական Նահանգը» կամ՝«Հայկական Մարզ»
3 Փետրուար․ պաշտօնապէս կը ճանչցուի Յունաստանի Անկախութիւնն ու Յունաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1830 ծնունդներ
Օգոստոս 18՝ Յակոբ Վարդովեան (թրք.՝ Güllü Agop, մ.1898), հայ բեմադրիչ, դերասան եւ թատերական գործիչ
Նոյեմբեր 8՝ Ռափայէլ Պատկանեան (մ.1892), գրող եւ մտաւորական
Անյայտ օրով՝
Միքայէլ Միանսարեանց (մ.1880), լրագրող եւ հասարակական գործիչ
Զմիւռնիա ապրած՝
Հոկտեմբեր 17՝ Մատթէոս Մամուրեան (մ.1901), վիպասան եւ լրագրող
Անյայտ օրով՝ Մարկոս Աղաբէգեան (մ.1908), խմբագիր
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1830 մահեր
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,288 | Ստեփան (անձնանուն) | Ստեփան
, յունական ծագումով տարածուած հայկական անուն մըն է։ Սերած է յունարէն "στέφανος"-էն, կը նշանակէ՝ պսակ կամ գլխազարդ։
Լատինագիր ձեւը՝ STEPAN
Անունէ կազմուած մականուն՝ Ստեփանեան
== Անունը Կրողներ ==
Ստեփան Ակայեան (1870, Կ.Պոլիս-1937) մանրանկարիչ, ճարտարապետ
Ստեփան Արսլանեան (1822, Կ.Պոլիս-1901) բժշկապետ, զօրավար, բանասէր
Ստեփան Բաբելեան (1875, Կ.Պոլիս-1960, Իսթանպուլ) երգահան, դաշնակահար
Ստեփան Դեմուրեան (1892, Թիփղիս-1934, Երեւան) երաժիշտ, երգիչ
== Ստեփան Զօրեաններ՝ ==
Ստեփան Զօրեան (1890, Ղարաքիլիսէ-1967, Երեւան) հայրենի արձակագիր
Ստեփան Զօրեան (1867-1919) քաղաքական գործիչ
Ստեփան Էլմաս (Stéphan Elmas, 1864-1937, Ժընեւ) դաշնակահար, երգահան
Ստեփան Էմմիեան (ծն.1930, Լիբանան) դաշնակահար
Ստեփան Էքշեան (1834, Կ.Պոլիս-1901, Կ.Պոլիս) դերասան եւ բեմանկարիչ
Ստեփան Թարեան (1899, Թիփղիս-1954, Երեւան) բեմանկարիչ եւ քանդակագործ
Ստեփան Թովմասեան (1923, Երեւան-96, Երեւան) փիլիսոփայ
Ստեփան Ծաղիկեան (1886, Արեւմտեան Հայաստան-անյայտ) վրիժառու
Ստեփան Կանայեան (1860, Իգտիր-1936, Երեւան) բանասէր, պատմաբան
Ստեփան Մալխասեանց (1857, Ախալցխա-1947, Երեւան) հայագէտ, բանասէր, բառարանագիր
Ստեփան Ոսկանեան (1825-1901) հրապարակագիր եւ թարգմանիչ
Ստեփան Սաթունց (1910, Թիփղիս-1985, Մոսկուա) հայ խորհրդային ճարտարապետ
Ստեփան Սարեան (1865, Կ.Պոլիս-1915, Տրապիզոն) Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, բնագէտ, մշակոյթի գործիչ
Ստեփան Տեմիրճեան (ծն.1959, Երեւան) քաղաքական գործիչ
Ստեփան Փափազեան (1839, Կ.Պոլիս-88) կրթական գործիչ
Ստեփան Փուչինեան (ծն.1927, Պաթում) դերակատար, բեմադրիչ
== Ստեփանոս, Փանոս ==
Սկիզբը տարածուած էր Ստեփանոս ձեւը, որմէ կազմուած է Փանոս անունը: Երկուքն ալ ներկայիս գործածական չեն:
Փանոս Թէրլէմէզեան (1865, Վան-1941, Երեւան) նկարիչ եւ հանրային գործիչ
Փանոս Ճերանեան (ծն.1942, Պէյրութ) բանաստեղծ
== Անուան Տարբերակները Այլ Լեզուներով ==
ալպաներէն՝ Stefan, Shtjefën
անգլերէն՝ Stephen, Steven Սթիւըն
գերմաներէն՝ Stefan, Stephan, Steffen
եբր.՝ סטיבן Սթիվէն
թրք.՝ İstefanos, Stefan
իտալ.՝ Stefano Սթեֆանոյ
լաթիշ․՝ Stepans, Stepons
լեհ.՝ Szczepan
լիթ.՝ Steponas, Stepas
յուն․՝ Στέφανος Սթեփանոս
հունգարերէն՝ Istvan Իշթվան
ճափ.՝ スティーブ Սթիիվուն
շուէտ.՝ Staffan Սթաֆան
ուքրաիներէն, ռուս.՝ Степан Ստեպան
չեխ․՝ Štěpán
պելառուսերէն՝ Сцьяпан Սցեափըն
պուլկար․՝ Стефан Чефо, Стефчо, Стефо
ռում.՝ Ştefan Շթեֆան
Կաղապար:Lang-sb Շչեֆան
սպ.՝ Esteban Էսթեպան
փորթ.՝ Estêvão Էշթեւան
վրաց.՝ სტეფანე Սթեփանէ
քորէայերէն՝ 스티븐 Սէութիպէուն
ֆիններէն՝ Tapani, Teppana, Teppo
ֆրանսերէն՝ Étienne Էթիեն Stéphane, Stefane, Stephanne
== Ազգանուններ ==
Ստեփան անունով կազմուած ազգանուններ՝
Անգլիական՝
Սթիւընսըն
Հայկական՝
Ստեփանեան
Ռուսական
Սթեփանով
Սթեփաշին
== Ծանօթագրութիւններ == |
21,165 | Ջերմուկ (գաւառ) | Ջերմուկ․ Արեւմտեան Հայաստանի Տիարպեքիր նահանգի Արղն գաւառի գաւառակ։ Ջերմուկ եւ Չնքուշ գաւառակները մաս կը կազմէին Պատմական Հայաստանի Ծոփք նահանգին։ Ջերմուկ հարուստ եղած է տաք հանքային աղբիւրներով։
== Հակիրճ տեկեղութիւններ ==
=== Դիրքը ===
Ջերմուկ կը գտնուի Տիարպեքիր նահանգի հիւսիս արեւմտեան, Եփրատ գետի հարկատուններէն՝ Ջերմիկ գետակի աւազանը։ Վարչական կեդրոնը եղած է Ջերմուկ գիւղաքաղաքը․ կը գտնուի Չնքուշի դիմացի բարձր բլուրին վրայ։ Տուտան կոչուած կիրճը իրարմէ կը բաժնէ երկու պատմական հայահոծ գիւղաքաղաքները՝ Ջերմուկ եւ Չնքուշ։
=== Անուանում ===
Հին ժամանակին, Ջերմուկ գիւղաքաղաքը անուանուած էր Շողջուր (շոգ ջուր)։ Անունը յառաջ եկած է շրջանը գտնուող հանքային բուժիչ աբիւրներէն։
=== Բանկչութիւն ===
Մինչեւ 1915, Ջերմուկ գաւառակին հայ բնակչութեան թիւն էր 12 418, որոնցմէ 2 000 Ջերմուկ գիւղաքաղաքին մէջ։
Հայ բնակչութիւնը կը զբաղէր այգեգործութեամբ, երկրագործութեամբ (բամպակ, հացահատիկ, բրինձ, միրգեր) եւ զանազան արհեստներով՝ դարբին, կոշկակար եւ ջրաղացպան։
== Ջերմուկ գաւառի երբեմնի հայաբնակ գիւղերու ցանկ ==
Ագրակ (թրք․ Ekrek), Ալոս (կամ Ալիվոս), Աղրմատ (կամ Գոնաքի), Աղմատ, Անկաճ (կամ Էնգեչ), Բագվենք կամ Բաղվանք (թրք․՝ ՝ Bağvenk), Բաղնիք (թրք.՝ Pağnik կամ Panik), Բեդվան կամ Բերդվան (Վերին եւ Ներքին, թրք.՝ Bedvan), Բեդրոս կամ Պետրոս (թրք.՝ Bedros), Բոկսոր կամ Բոխ(ե)ձոր (թրք.՝ Poksor), Բուրուտ (թրք.՝ Bürüt), Զերգյոզ (թրք.՝ Zergöz) կամ Ծառկոց եւ կամ Ծառկից, Զիմմեկ կամ Ծմակ (թրք.՝ Zemayek կամ Zimmek), Թիրվիրեկ կամ Տիրավերակ (թրք.՝ Tirvirek), Թթենիկ (ամայի), Խանդակ (թրք.՝ Handek), Խաչմելիք կամ Խաչմեռուկ (թրք.՝ Hacımelik), Կիրակոս (թրք.՝ Giregös կամ Giregöz), Հաբըրման կամ Հավուռման (ունէր աւերակ եկեղեցի, թրք.՝ Haburman), Հասնօ (թրք.՝ Hasno) կամ Հասարան, Հացուտ կամ Հասութ (ուներ աւերակ եկեղեցի), Հաստօ կամ Հացտուն (թրք.՝ Hasto), Նշենիկ (թրք.՝ Nişenik), Շինտոօ կամ Շենտուն (թրք.՝ Şinto), Շեյխան կամ Շեխլար (Վերին եւ Ներքին), Սարսափ, Սզնուկ (թրք.՝ Süznük) կամ Սզնիք եւ կամ Սզենիք, Սինակ կամ Սինեկ (թրք.՝ Sinek), Տերտերիգեղ (թրք.՝ Derdereköy), Փոխսոր (թրք․՝ Pohsur)։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Ջերմուկ |
6,610 | Մկրտիչ Տարագճեան | Մկրտիչ Տարագճեան (անգլերէն՝ Megerditch Tarakdjian) Դեկտեմբեր 1952, Հալէպ, որտեղ ստացած է իր ուսումը. ապա ան հաստատուած է Մոնրէալ, Գանատա: Բժիշկ, օժտուած արուեստագէտ եւ քանդակագործ հրաշալի ստեղծագործութիւններով:
== Կենսագրութիւն ==
Մկրտիչ Տարագճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա ուր ստացած է իր ուսումը՝ Հայկազեան Վարժարան (1960-1966), Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան (1966-1972),Հալէպի Համալսարանի Բժշկական կաճառ (1972-1978), ապա ան հաստատուած է Մոնրէալ, Գանատա եւ աւարտած է (McGill University Medical School) post graduate training (1985-1986):
Փոքր տարիքէն Մկրտիչ յատուկ սէր ունեցած է արուեստի հանդէպ եւ շատ կանուխ, շրջան մը յաճախած է Հալէպի Սարեանի Անուան Արուեստի Ակադեմեան։ Թէեւ ան որպէս ասպարէզ ընտրած է բժշկութիւնը, սակայն արուեստի նուիրումը միշտ վառ մնացած է իր մէջ:
Աւելի ուշ, առողջապահական մարզի մէջ ներգրաւուածութեան կողքին, Մկրտիչ ըլլալով ինքնուս արուեստագետ մը, զարգացուցած է իր ձիրքերը եւ հմտացած քանդակագործութեան մէջ։ Մոնրէալաբնակ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքչեանի հետ իր սերտ գործակցութիւնը յաւելեալ զարկ տուած է իր ստեղծագործութիւններուն:
== Մկրտիչ Տարագճեանի արուեստի ոճը եւ ինքնատիպութիւնը ==
Մկրտիչ Տարագճեան թէեւ գերիրապաշտ մըն է, սակայն այս մէկը չի խանգարեր զինք, որպէսզի իրագործէ նաեւ իրապաշտական բնոյթի դիմաքանդակներ, որոնք կը դրսեւորեն անոր ծեփակերտելու հմտութիւնն ու կատարողական մակարդակը:
Իսկ անոր յղացքները (որոնք երեսունէ աւելի են) գրաւականն են անոր հզօր երեւակայութեան եւ տաղանդին:
Անոր գլխաւոր կերպարը Մարդն է` Գլխագիր մարդը, տարօրինակ, երբեմն նոյնիսկ` արտակեդրոն միջավայրի մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ գոյատեւման պայքարն ու մարդու մարդկայնացման տագնապահար գործընթացը: Ան կ՛աշխատի մարդու մարմնի մասերու հանման սկզբունքով, որուն նախակարապետներէն են Օկիւստ Ռոտէնն ու Արշիլ Կորքին:Մեր օրերուն բազմաթիւ են այն կերպարուեստագէտները, որոնք ազատօրէն կը վարուին մարդու մարմինի հետ, սակայն քիչ են յաջողածները: Այդ քիչերէն կարելի է համարել Տարագճեանը եւս, որուն «Քրոսինկ տը ուոլ» ստեղծագործութիւնը այս առումով լաւագոյն օրինակը կրնայ հանդիսանալ:
Ան այն յանձնառու արուեստագէտներէն է, որոնց ստեղծագործութիւններէն իւրաքանչիւրը պատգամ մը կը պարունակէ իր մէջ։ Այս պատճառով ալ անոր արուեստը առաւելագոյնս բացայայտելու համար կարիքը կը զգացուի համապատասխան վերլուծումներու եւ մեկնաբանութեան:
Տարագճեան թէեւ գերիրապաշտ մըն է, սակայն այս մէկը չի խանգարեր զինք, որպէսզի իրագործէ նաեւ իրապաշտական բնոյթի դիմաքանդակներ, որոնք կը դրսեւորեն անոր ծեփակերտելու հմտութիւնն ու կատարողական մակարդակը: Իսկ անոր յղացքները (որոնք երեսունէ աւելի են) գրաւականն են անոր հզօր երեւակայութեան եւ տաղանդին:
== Մկրտիչ Տարագճեանի արուեստի գործերը ==
Մասնագիտութեամբ բժիշկ, սակայն էութեամբ արուեստագէտի խառնուածքի տէր, քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի արուեստի գործերը կը գտնուին Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի զանազան հանրային հաստատութիւններու մէջ։ Իր կերտած,Գանատահայ համբաւաւոր լուսանկարիչ Յուսուֆ Քարշի յուշարձանը, կանգնեցուած է Գանատայի մայրաքաղաք Օթաուայի կեդրոնը. իսկ Մոն Ռոյալ քաղաքապետարանի հանրային գրադարանին առջեւ զետեղուած է «Ընթերցողը» կերպարին մեծադիր արձանը։
Տարագճեան, որպէս արուեստագէտ բժիշկ, համոզուած է որ արուեստը՝ մարդու ստեղծագործական ներուժը դրսեւերելու կողքին նաեւ բուժիչ գործօն մըն է մարդկային կեանքին մէջ։
Ան ունի շուրջ քառասուն ստեղծագործութիւններ, որոնք արուեստասէրներուն ընդհանուր գաղափար մը կու տան Տարագճեանի ստեղծագործական անցած ուղիի մասին:
== «Ազատութիւն» քանդակը ==
Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 20 ամեակի ցուցահանդէսին Մկրտիչ Տարագճեան ուղարկեց իր «Ազատութիւն» քանդակը, գործ, որ կը ներկայացնէ շիշի մէջէն դուրս եկող հսկային, ով վերջապէս ազատութիւն ձեռք բերած է, ազատուելով իր շղթաներէն։ Այժմ այդ գործը Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան գրասենեակին մեջ է:
== Յուսուֆ Քարշի կիսանդրի Քանդակը ==
Յուսուֆ Քարշի կիսանդրի Քանդակի հեղինակը բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանն է: Յուշարձանի ինժեներական նախագիծը կատարուած է Սուրէն Հաճեանի կողմէն:
Գանատահայ լուսանկարիչ Յուսուֆ Քարշին նուիրուած յուշարձան Գանատայի Օթթաուա քաղաքին մէջ։ Յուշարձանը հայ-Գանատական բարեկամական յարաբերութիւններու խորհրդանիշերէն է: Գանատայի ժառանգութեան նախարարութեան եւ Մայրաքաղաքային յանձնաժողովի հետ համագործակցութեամբ բացուած Յուսուֆ Քարշի յուշարձանը նուէր է հայ ժողովուրդէն Գանատային` Հայ-Գանատական դիւանագիտական Յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի եւ Գանատայի Համադաշնութեան 150-ամեակի կապակցութեամբ:
Յուշարձանը կը գտնուի Օթթաուայի կեդրոն՝ «Confederation square» Համադաշնութեան հրապարակ:
Յուշարձանի բացումը կատարած են Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Արմեն Եգանյանը, Գանատայի Սենաթի նախագահ ՃորՃ Ֆիւրին եւ յուշարձանի հեղինակ, Գանատահայ քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանը, բացման արարողութեանը ներկայ գտնուած են Գանատայի արտաքին գործերու եւ ժառանգութեան նախարարություններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ, հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, բազմաթիւ Գանատահայեր, լրագրողներ::
== «Ընթերցողը» կերպարին մեծադիր արձանը ==
«Ռեճինալտ Տաուսըն գրադարան»-ի «Reginald J. P. Dawson Library» հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով, օժտուած քանդակագործ բժիշկ Մ. Տարագճեան Մոնրէալ քաղաքին կը նուիրէ պրոնզաձոյլ մեծ չափի հոյակապ գործ մը` «Ընթերցողը»: Ողջունելի յաւելում մը` քաղաքի հանրային արուեստի հաւաքածոյին, որ կը զարդարէ գրադարանի գլխաւոր մուտքը «Կրահամ պուլվար»-ի եւ «Քինտըրսլէ Աւենիւ»-ի անկիւնը:Այս յատկանշական յուշարձանին բացումը տեղի ունեցաւ Մայիս 26-ին, խուռներամ արուեստասէրներու ներկայութեան, որոնց շարքին` հեղինակաւոր դէմքերու, ինչպէս` ուժանիւթի նախարար Փիեռ Արքան, Քանատայի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Արմէն Եկանեան, քանատահայ թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, քաղաքապետ` Ֆիլիփ Ռոյ, քաղաքապետութեան անդամ Յարութ Շիթիլեան եւ այլն: Սոյն ցուցասրահը անցեալ տարի ամրան ցուցադրած էր դոկտ. Տարագճեանի աւելի փոքր չափի գործերէն, որոնք դրուած էին իբրեւ մէկ մասը խիստ ժողովրդական եւ ժամանակից ցուցահանդէսի մը: Անոնցմէ մէկը` «Ի՞նչ նորութիւն» խորագրեալ քանդակը նախատիպը հանդիսացաւ այս կոթողին` «Ընթերցող»-ին, որ ունի 1,7 մեթր բարձրութիւն:
== Մկրտիչ Տարագճեանի Ցուցահանդէսները ==
Քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակագործութեան ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են անհատական ցուցահանդէսներով։
3 Օգոստոս - 17 Օգոստոս, 2017, Մկրտիչ Տարագճեան ունեցաւ իր անհատական ցուցահանդէս Երեւանի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանին մէջ:
28 Յուլիս, 2016, Քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի մէկ յատկանշական ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ «Մոն Ռոյալ» քաղաքապետարանի «Ռեճինըլտ Տոուսըն» հանրային գրադարանի արուեստի ցուցասրահին մէջ, ներկայութեամբ` Մոն Ռոյալ տարածաշրջանի քանատական խորհրդարանի անդամ` Անթընի Հաոսֆատըրի: Ցուցադրութեան դրուած էին շուրջ քառասուն ստեղծագործութիւններ: Ցուցահանդէսը փակուեցաւ 25 Օգոստոսին:
Սեպտեմբեր 2016 Հանրապետական Ցուցահանդէս Նուիրուած Հայաստանի Անկախութեան 25 ամեակին։ Երեւան
Սեպտեմբեր 2015 ԱՐՈՒԵՍՏ եւ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ Ցուցահանդէս Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին Arta Gallery Թորոնթօ, Գանատա
Ապրիլ 2015 Հանրապետական Ցուցահանդէս, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին։ Կազմակերպուած Մշակոյթի Նախարարութեան եւ Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան կողմէ: Երեւան
Հոկտեմբեր 2014 (Scvlptvre), Քեպէքի Քանդակագործներու Առաջին Ցուցահանդէս։ Մոնրէալ, Գանատա
Սեպտեմբեր 2011 Համահայկական Ցուցահանդէս, կազմակերպուած Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան կողմէ, նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 20 ամեակին:Երեւան,
Մայիս 2011 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւս. Գարոլինայի Միջազգային Մանրարուեստի 20-րդ Ցուցահանդէս (20th International Miniature Art Show)
Ապրիլ 2010 Թեքէեան Մշակութային Միութեան Ցուցահանդէս։ Մոնրէալ, Գանատա
2001 Գանատահայ Արուեստագետներու շրջուն ցուահանդէս, կազմակերպուած Համազգային Մշակութային Միութեան կողմէ, նուիրուած Հայաստանի Քրիստոնէութեան 1700 ամեակին։ Տիթրոիթ, ԱՄՆ. Թորոնթօ եւ Մոնրէալ, Գանատա
Մարտ 2001 Քէպէքի Արուեստագէտ Բժիշկներու Միութեան Ցուցահանդէս։ Մոնրէալ, Գանատա
Մարտ 2000 (L’Actualité Médicale) ի հրատարակչութեան կազմակերպած արուեստի ցուցահանդէս։ Մոնրէալ, Գանատա
=== ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ ===
4 Սեպտեմբեր 2020-ին, Քանատայի մէջ, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի մուտքին մօտ, տեղի ունեցաւ Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրիի բացման արարողութիւնը, որուն ընթացքին ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Կիսանդրիի հեղինակը քանդակագործ բժիշկ Մկրտիչ Տարաքչեանն է:
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
«Արուեստի նուիրեալը» Մկրտիչ Տարագճեան
քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի քանդակները Հայաստանի մէջ November 04, 2019
Ուաշինկթընի Մէջ Արմէն Գարոյի Կիսանդրիի Բացում
ԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԻՋՈՑՈՎ՝ ԴԷՊԻ ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆԸ. ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՏՈՔԹՈՐ ՄԿՐՏԻՉ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆԻ ՀԵՏ
Մոնթրէալի Մէջ Կոմիտաս Վարդապետի Կիսանդրիի Բացման Առիթով Հարցազրոյց` Քանդակագործ Տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեանի Հետ |
5,281 | Ողիմպիական Խաղեր | Ողիմպիական խաղեր (անգլերէն՝ Olympic Games, Olympics, ֆրանսերէն՝ Jeux olympiques աշխարհի ամենամեծ միջազգային մարզական իրադարձութիւններէն մէկն է՝ իր ամառնային եւ ձմեռնային մարզաձեւերու մրցաշարքերով, որոնց ընթացքին աշխարհի տարբեր երկիրներ ներկայացնող հազարաւոր մարզիկներ կը մասնակցին բազմատեսակ մրցումներու։ Ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցի աւելի քան 200 երկիր։ Խաղերը տեղի կ'ունենան չորս տարին մէկ անգամ: Ամառնային եւ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան հերթականութեամբ՝ իրարմէ երկու տարի տարբերութեամբ։
Ժամանակակից Ողիմպիական Խաղերու ստեղծումը ոգեշնչուած է հին Ողիմպիական խաղերէն, որոնք տեղի կ'ունենային Հին Յունաստանի Ողիմպիա բնակավայրին մէջ՝ Ք.ա. 8-րդ դարէն սկսեալ: Սակայն Ք.ե. 4-րդ դարուն այդ խաղերը կ'արգիլուին։
1894-ին, Փիեռ տը Քուպերթենի ջանքերով կը հիմնադրուի Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն (ՄՈԿ), որու գլխաւորութեամբ 1896-ին, Աթէնքի մէջ տեղի կ'ունենան ժամանակակից առաջին Ողիմպիական խաղերը։
ՄՈԿ-ը Ողիմպիական շարժման ղեկավար մարմինն է։
20-րդ եւ 21-րդ դարերու ընթացքին Ողիմպիական շարժումը զարգացում կ'ապրի։ Կը ստեղծուին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը, Պարալիմպիկ խաղերը՝ հաշմանդամութիւն ունեցող մարզիկներուն համար, ինչպէս նաեւ Պատանեկան Ողիմպիական խաղերը՝ պատանի մարզիկներուն համար։ Տեֆլիմպիկ՝ լսողութեան հարցեր ունեցողներու յատուկ ողիմպիական խաղերը նոյնպէս կը հաստատուին ՄՈԿ-ի կողմէ։ Վերջինս ժամանակի ընթացքին կը ստիպուի յարմարիլ կատարուող տնտեսական, քաղաքական ու արհեստագիտական փոփոխութիւններուն հետ։
Արեւելեան երկիրներու մէջ պետութեան կողմէն նիւթական օժանդակութիւն ստացող եւ ամսաթոշակով «մարզիկ աշխատող սիրողականներու» ի յայտ գալը կը վնասէ զուտ սիրողականի գաղափարախօսութեան, քանի որ ոչ նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ արեւմտեան երկիրներու մէջ իրենց նիւթական ծախսերը անձնապէս հոգացող մարզիկներուն համար։
Խորհրդային Միութիւնը կը ներկայացնէր մարզիկներու խումբ մը, որոնք պաշտօնապէս ուսանողներ, զինուորներ կամ բանուորներ էին, բայց իրականութեան մէջ անոնցմէ շատերուն նիւթական ծախսերը պետութիւնը կը հոգար, որովհետեւ իրենց ամբողջ ժամանակը մարզումներու կը տրամադրէին։ Այսպիսով, Ողիմպիական խաղերուն զուտ սիրողական մակարդակի մարզիկներուն փոխարէն, ինչպէս նախատեսած էր Քուպերթէն, մասնագիտացած մարզիկներ կը սկսին մասնակցիլ։
Զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ խաղերուն նկատմամբ աճող ուշադրութիւնը կը ստեղծէ Ողիմպիական խաղերու հովանաւորութեան ու առեւտրայնացման խնդիր մը։
Համաշխարհային պատերազմներուն պատճառով կը չեղարկուին 1916, 1940 եւ 1944 թուականներու Ողիմպիական խաղերը։ Պաղ պատերազմի տարիներուն լայնածաւալ բողոքներու արդիւնքով, կը սահմանափակուի որոշ երկիրներու մասնակցութիւնը 1980 եւ 1984 թուականներու Ողիմպիական խաղերուն, սակայն վերջինին կը մասնակցին 140 Ողիմպիական ազգային կոմիտէներ, որ մրցանիշ մըն էր այդ օրերուն համար։
Ողիմպիական շարժումը իր մէջ կը ներառէ Միջազգային մարզական միաւորները, Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէները (ԱՕՄ) եւ կը կազմակերպէ յատուկ կոմիտէներ բոլոր Ողիմպիական խաղերուն համար։ Իբրեւ որոշումներ տուող մարմին՝ ՄՈԿ-ը պատասխանատու է Ողիմպիական խաղերու կայացման մայրաքաղաքի ընտրութեան, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ եւ նիւթապէս կը հովանաւորէ Ողիմպիական խաղերը։ ՄՈԿ-ը նաեւ կ'որոշէ Ողիմպիական ծրագիրը, որ կազմուած է այն մրցոյթներէն, որոնք պէտք է ըլլան Խաղերու ընթացքին։
Կան Ողիմպիական շարք մը արարողութիւններ ու խորհրդանիշներ, որոնցմէ են՝ Ողիմպիական դրօշն ու ջահը, ինչպէս նաեւ Ողիմպիական խաղերու բացման ու փակման արարողութիւնները։ Աւելի քան 13,000 մարզիկ կը մասնակցի Ամառնային եւ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն 33 տարբեր մարզաձեւերէն շուրջ 400 մրցումի։ Ամէն մէկ մրցոյթի արդիւնքով առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղերը գրաւած մարզիկները կ'արժանանան համապատասխան ոսկեայ, արծաթեայ եւ պրոնզէ մետալներու։
Ժամանակի ընթացքին Ողիմպիական խաղերուն կը սկսին մասնակցիլ բոլոր երկիրները։ Մասնագէտներու թիւին աճը կը յառաջացնէ շարք մը խնդիրներ ու վէճեր, ներառեալ բողոքները, խթանիչ դեղերու օգտագործումը, կաշառակերութիւնը եւ 1972-ին ահաբեկչական յարձակումը։ Երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող Ողիմպիական խաղերը, մեծապէս լուսարձակի տակ առնուելով զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ, անյայտ մարզիկներուն հնարաւորութիւն կու տան ձեռք բերելու ազգային, երբեմն ալ՝ միջազգային ճանաչում։ Ողիմպիական խաղերը ընդունող երկիրին ու քաղաքին նաեւ հնարաւորութիւն կու տան ներկայանալ աշխարհին.
== Հին Ողիմպիական խաղեր ==
Հին Ողիմպիական խաղերը կրօնական ու մարմնամարզական փառատօններ էին, որոնք տեղի կ'ունենային ամէն չորս տարին մէկ անգամ Հին Յունաստանի Ողիմպիա բնակավայրին մէջ՝ Զեւսի նուիրուած սրբավայրին տարածքին։ Մրցումները տեղի կ'ունենային Հին Յունաստանի տարբեր քաղաք-պետութիւններու ու թագաւորութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Այդ խաղերուն ընթացքին տեղի կ'ունենային մարզական մրցումներ, սակայն կային նաեւ մարտական մարզաձեւեր, ինչպիսին էին՝ ըմբշամարտը, պանկրատիոնը, ձիավարութեան ու կառք վարելու մրցումները։ Ողիմպիական խաղերու ընթացքին մասնակից քաղաք-պետութիւններու միջեւ եղած բոլոր հարցերն ու բախումները առկախ կը կացուցուէին մինչեւ խաղերուն աւարտը։ Ռազմական գործողութիւններու այս դադարները ծանօթ էին իբրեւ Ողիմպիական խաղաղութիւն։ Զինադադարը Ողիմպիա գացող կրօնական ուխտագնացներուն թոյլ կու տար անվնաս անցնիլ պատերազմող տարածքներով, քանի որ անոնք կը գտնուէին Զեւսի պաշտպանութեան տակ։
Ողիմպիական խաղերու ստեղծման պատմութիւնը պարուրուած է խորհրդաւորութեամբ ու առասպելներով։ Ամենատարածուած առասպելներէն մէկուն համաձայն, Ողիմպիական խաղերու ստեղծումը կը վերագրուի Հերակլէսին ու անոր հօրը՝ Զեւսին։ Ըստ առասպելին, առաջինը Հերակլէսն է, որ խաղերը կոչած է Ողիմպիական եւ սկիզբ դրած անոնց իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ ըլլալու աւանդոյթին։ Ըստ առասպելին, իր տասներկու սխրագործութիւնները աւարտելէ ետք, Հերակլէս կառուցած է Ողիմպիական մարզաւանը՝ ի պատիւ Զեւսի։ Կառուցման աւարտէն ետք ան ուղիղ գծով անցած է 200 քայլ եւ այդ տարածութիւնը կոչած «ասպարէզ» (յուն․՝ στάδιον - ստադիոն, լատիներէն՝ stadium, «փուլ, ընթացաշրջան»), որ հետագային դարձած է չափման միաւոր։
Առաջին Ողիմպիական խաղերուն ընդունուած թուականը մ.թ.ա. 776 թուականն է, ըստ Ողիմպիային մէջ գտնուած արձանագրութիւններուն, որոնց մէջ նշուած են նաեւ վազքի մրցումներուն յաղթողներուն անունները։ Հին Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին կազմակերպուած են վազքի, հնգամարտի (ներառեալ ցատկել, սկաւառակի եւ նիզակի արձակում, վազք եւ ըմբշամարտ), բռնցքամարտի, ըմբշամարտի, պանկրատիոնի եւ ձիավարութեան մրցումներ։ Ըստ աւանդութեան, առաջին Ողիմպիական ախոյեանը եղած է Քորեպուս, որ խոհարար էր՝ Էլիս քաղաքէն։
Ողիմպիական խաղերը ունեցած են կրօնական կարեւորութիւն եւ մարզական միջոցառումներէն բացի կատարուած են զոհաբերութեան ծիսակարգեր ի պատիւ Զեւսի (որուն նշանաւոր արձանը՝ ստեղծուած Ֆիտիասի կողմէ, տեղադրուած էր Ողիմպիա քաղաքին մէջ գտնուող իր տաճարին մէջ) եւ Պելոպսի Ողիմպիայի առասպելական թագաւորին։ Պելոպսը յայտնի էր Պիսատիսի թագաւոր Օէնոմուսի հետ կառք վարելու մրցման շնորհիւ։ Մրցումներուն յաղթողները փառաբանուած են, անոնց պատուին ստեղծուած են բանաստեղծութիւններ ու կանգնեցուած արձաններ։ Խաղերը տեղի ունեցած են իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ անգամ, եւ այդ ժամանակաշրջանը, որ ծանօթ է իբրեւ Ողիմպիատա, յոյները օգտագործած են իբրեւ ժամանակի չափման միաւոր։ Ողիմպիական խաղերը եղած են Պանհելենական խաղերուն մէկ մասը, որոնց շարքին ներառուած են Պիթոնեան խաղերը, Նեմէական խաղերը եւ Իշտմիական խաղերը։
Ողիմպիական խաղերը իրենց գագաթնակէտին հասած են Ք.ա. 6-5-րդ դարերուն, սակայն հետագային անոնց նշանակութիւնը աստիճանաբար նուազած է Յունաստանի մէջ Հռոմէական իշխանութեան ու ազդեցութեան տարածման զուգահեռ։ Թէեւ գիտական որեւէ յստակ եզրահանգում չկայ այն մասին, թէ երբ եղած է պաշտօնական դադրեցումը Հին Ողիմպիական խաղերուն, ամենատարածուած թուականը Ք.ե. 393-ն է, երբ Թէոդոսիոս Ա. կայսրը կը հրամայէ, որ հեթանոսական բոլոր պաշտամունքներն ու ծէսերը վերցուին։ Կը նշուի նաեւ Ք.ե. 426 թուականը, երբ Թէոդոսիոս Բ. կը հրամայէ ոչնչացնել յունական բոլոր տաճարները։
== Ժամանակակից Ողիմպիական խաղեր ==
=== Հիմնադիրներ ===
ժամանակակից մարզական միջոցառումներու ընթացքին «Ողիմպիական» բառին կիրառման վերաբերեալ բազմաթիւ փաստաթուղթերու մէջ կը հանդիպինք 17-րդ դարէն սկսեալ։ Առաջին դէպքը պատահած է «Քոթսուոլտի խաղերը» կամ «Քոթսուոլֆի Ողիմպիական խաղերը»(cotswold olympics), որոնք ամէն տարի տեղի ունեցած են Անգլիոյ Չիփինկ Քեմփտըն քաղաքին մօտ եւ ներառած են մրցումներ տարբեր մարզաձեւերէ։ Անոնք առաջին անգամ կազմակերպուած են փաստաբան Ռոպըրթ Տովըրի կողմէ եւ տեղի ունեցած են 1612-1642 թուականներուն։ Անկէ ետք քանի մը անգամ եւս տեղի ունեցած են այդ խաղերը մինչեւ մեր օրերը։ 2012-ին Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերու յայտին մէջ Բրիտանական Ողիմպիական դաշնութիւնը այդ խաղերը յիշատակած է իբրեւ Բրիտանիոյ Ողիմպիական շարժման առաջին հանգրուանը։
Յեղափոխական Ֆրանսայի մէջ 1796-1796-ականներուն տեղի ունեցած L'Olympiade de la République ամէնամեայ ազգային Ողիմպիական փառատօներուն ընթացքին նոյնպէս փորձեր եղած են պահպանելու Հին Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերու աւանդոյթները։ Մրցաշարքերուն մէջ ներառուած են քանի մը մարզաձեւեր հին յունական Ողիմպիական խաղերէն։ 1796-ի խաղերը կարեւոր են անով, որ այդ օրերուն որդեգրուած է մեթր-ի համակարգը։1850-ին Ուիլիամ Փեննի Պրուքսի կողմէ հիմնադրուած է Ողիմպիական դասարան (անգլերէն՝ Olympian Class) Միւխ Ուէնլոքու (Շրոփշայր, Անգլիա)։ 1859-ին Պրուքս զայն վերանուանած է Ուէնլոքի Ողիմպիական խաղեր (անգլերէն՝ Wenlock Olympian Games)։ Ամէնամեայ մարզական այդ փառատօնը տեղի կ'ունենայ մինչ օրս։ Ուէնլոքի Ողիմպիական Կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է Պրուքի կողմէ, 15 Նոյեմբեր 1860-ին։
1862-էն մինչեւ 1867-ը Լիվըրփուլի մէջ տեղի ունեցած է Մեծ Ողիմպիական փառատօնը (անգլերէն՝ Grand Olympic Festival)։ Ճոն Հալիի եւ Չարլզ Մելիի կողմէ հիմնադրուած այդ խաղերը եղած են ամբողջութեամբ սիրողական մակարդակի, թէեւ միայն «ճենթլմէն ոչ փրոֆեսիոնալները» կրնային մասնակցիլ մրցումներուն։
1865-ին Հալին, Պրուքսը եւ Ե. Գ. Ռավենշթէյնը հիմնադրած են Ազգային Ողիպիական Դաշնութիւնը Լիվըրփուլի մէջ, որ դարձած է Մեծն Բրիտանիոյ Ողիմպիական դաշնութեան նախատիպը։ Անոր հիմնադիր փաստաթուղթին կէտերը հետագային հիմք դարձած են Միջազգային Ողիմպիականին։
1866-ին Մեծ Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած են ազգային Ողիմպիական խաղերը, որոնք կազմակերպուած են Բիւրեղապակեայ պալատին մէջ։
1896-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած առաջին ժամանակակից Ողիմպիական խաղերուն ծրագիրը գրեթէ կրկնութիւնն է Լիվըրփուլի Ողիմպիականի ծրագիրին։
=== Վերածնունդ ===
Ողիմպիական խաղերուն վերստեղծման գաղափարին մասին Յունաստան կը սկսի հետաքրքրուիլ 1821-ին Օսմանեան կայսրութեան դէմ մղուած անկախութեան պատերազմին ընթացքին։ Այս միտքը առաջին անգամ կ'առաջարկէ բանաստեղծ եւ խմբագիր Պանայոտիս Սուցոս 1833-ին հրատարակուած իր «Մեռածներու երկխօսութիւն» բանաստեղծութեան մէջ։ Յունահռոմէական հարուստ բարեգործ Էւանկելիս Զապաս նախ 1856-ին կը գրէ Յունաստանի թագաւոր Օտտօն Ա.-ին՝ առաջարկելով հովանաւորել Ողիմպիական խաղերուն վերստեղծումը։ Զապաս կը հովանաւորէ 1859-ին Աթէնքի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած առաջին Ողիմպիական խաղերը։ Կը մասնակցին մարզիկներ Յունաստանէն եւ Օսմանեան կայսրութենէն։ Զապաս նիւթապէս կը հովանաւորէ նաեւ հնագոյն Պանաթենաիկ մարզադաշտը, որպէսզի անիկա կարենայ հիւրընկալել ապագային տեղի ունենալիք բոլոր Ողիմպիական խաղերը։
Մարզադաշտը կը հիւրընկալէ Ողիմպիական խաղերը 1870 եւ 1875 թուականներուն։ 1870-ին խաղերու հանդիսատեսներուն թիւը կը հասնի երեսուն հազարի, իսկ 1875-ին խաղերու հանդիսատեսներուն թիւին մասին պաշտօնական տուեալներ չկան։ 1890-ին, Ուենլոքի Ողիմպիական կազմակերպութեան կազմակերպած Ողիմիպիական խաղերուն ներկայ գտնուելէն ետք, Փիեռ տը Քուպերթեն կ'որոշէ ստեղծել Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն (ՄՈԿ)։ Քուպերթենը, հիմնուելով Պրուքսի եւ Զապասի գաղափարներուն ու աշխատանքներուն վրայ, կը մտադրէ հիմնադրել միջազգային մակարդակի Ողիմպիական խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենային իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ անգամ։ Ան այդ գաղափարները կը ներկայացնէ նորաստեղծ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէի Առաջին Համագումարին, որ տեղի կ'ունենայ 16-23 Յունիս, 1894-ին Փարիզի համալսարանին մէջ։ Համագումարին վերջին օրը կ'որոշուի, որ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէին հովանաւորութիւնը վայելող Ողիմպիական խաղերը տեղի ունենան Աթէնքի մէջ, 1896-ին։ ՄՈԿ-ի առաջին նախագահ կ'ընտրուի յոյն բանաստեղծ Տիմիթրիուս Վիքէլաս։
=== 1896-ի Ողիմպիական խաղեր ===
Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէին հովանիին տակ կազմակերպուած Առաջին Ողիմպիական խաղերը տեղի կ՛ունենան 1896-ին, Աթէնքի Պանաթենաիկ մարզադաշտին մէջ։ Խաղերուն կը մասնակցի 14 երկիր եւ 241 մարզիկ՝ մրցելով 43 մարզաձեւերու մէջ։ Զապասն ու իր զարմիկ Քոնսթանթինոս Զապասը դիմած էին Յունաստանի կառավարութեան Ողիմպիական խաղերը հովանաւորելու համար, եւ այդ դիմումին հիման վրայ անոնց կը վստահուի 1896-ի խաղերը հովանաւորելու պատասխանատուութիւնը։։ Ճորճ Աւերոֆ մեծ ներդրում ունեցած է մարզադաշտի վերակառուցման աշխատանքներուն մէջ։ Յունաստանի կառավարութիւնը նոյնպէս յատկացուցած է որոշ նիւթական օժանդակութիւն ՝ յոյս ունենալով, որ ծախսերը կը փոխհատուցուին տոմսերու վաճառքէն գոյացած հասոյթով եւ առաջին Ողիմպիական խաղերուն նուիրուած դրոշմաթուղթերու հաւաքածոյի վաճառքին շնորհիւ։
Յունաստանի պաշտօնատար անձինք եւ հասարակութիւնը կը հիանան Ողիմպիական խաղերու բարձր մակարդակով։ Նոյն կարծիքին եղած են նաեւ շատ մարզիկներ, որոնք նոյնիսկ պահանջած են, որ Ողիմպիական խաղերը մշտապէս տեղի ունենան Աթէնքի մէջ։ Սակայն Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն ծրագրած էր, որ հետագային խաղերը տեղի ունենան աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ։ Երկրորդ Ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցած են Փարիզի մէջ։։
=== Փոփոխութիւններ ===
1896-ին ունեցած յաջողութենէն ետք Ողիմպիական խաղերը կը յայտնուին լճացման մէջ։ 1900-ին Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան Փարիզի մէջ եւ մաս կը կազմեն Համաշխարհային ցուցահանդէսին։ 1904-ին Սենթ Լուիսի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերը նոյնպէս կը կազմակերպուին Համաշխարհային ցուցահանդէսին շրջանակներուն մէջ, եւ երկուքն ալ ցուցադրական խաղերու բնոյթ կ'ունենան։ Փարիզի Ողիմպիական խաղերը մարզադաշտ չունէին, սակայն անոնք յատկանշական կը դառնան անով, որ խաղերուն առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէին նաեւ կիներ ու աղջիկներ։ Սենթ Լուիսի Ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցի շուրջ 650 մարզիկ, որոնցմէ 580-ը՝ Միացեալ Նահանգներէն։ Այդ խաղերը եղած են Ողիմպիական շարժման ամենացած մակարդակ ունեցող խաղերը։
Ողիմպիական խաղերուն համբաւը կրկին կը վերականգնի 1906-ին, երբ Աթէնքի մէջ տեղի կ'ունենան արտակարգ Ողիմպիական խաղեր (անգլերէն՝ Intercalated Games), որոնք երրորդ Ողիմպիականի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցող երկրորդ խաղերը կը հանդիսանային։ Այդ խաղերը ճանաչում չեն գտած ՄՈԿ-ի կողմէն, եւ հետագային նման խաղեր այլեւս չեն կազմակերպուած։ Արտակարգ Ողիմպիական խաղերը, որոնց մասնակցած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ բազմաթիւ մարզիկներ, արժանացած են միջազգային ուշադրութեան։ Անոնք նպաստած են Ողիմպիական խաղերուն ժողովրդականութեան ուռճացման։
==== Ձմեռնային Ողիմպիական խաղեր ====
Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը կը ստեղծուին սառոյցի եւ ձիւնի վրայ տեղի ունեցող մարզաձեւերու համար, որոնց մրցումները տրամաբանական տեսնակիւնէն անհնար էր, որ Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ընթացքին տեղի ունենային։ Սակայն, գեղասահքը (1908 եւ 1920) եւ տափօղակով հոքին (1920) ներառուած են Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն մարզաձեւերուն շարքին։ ՄՈԿ-ի ցանկութիւնն էր ընդլայնել անոնց ցանկը՝ ներառելով ձմեռնային այլ մարզաձեւեր։ 1921-ին Լոզանի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական համագումարին կ'որոշուի Ողիմպիական Խաղերու ձմեռնային տարբերակը։ 1924-ին Ֆրանսայի Շամոնի քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ ձմեռնային մարզաձեւերու շաբաթը (11 օր), որոնք առնչութիւն ունէին երեք ամիս ետք տեղի ունեցած Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն հետ։ Այդ իրադարձութիւնը ծանօթ է իբրեւ Առաջին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղեր։ Թէեւ սկիզբը նախատեսուած էր, որ Ամառնային եւ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը պիտի հիւրընկալէր նոյն երկիրը մէկ տարուան ընթացքին, սակայն շուտով այդ տարբերակը փոփոխութեան կ'ենթարկուի։ ՄՈԿ-ը կ'որոշէ, որ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը պէտք է կազմակերպուին իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ անգամ՝ նոյն տարին, որուն ընթացքին կը կազմակերպուին Ամառնային Ողիմպիական խաղերը։ Այդ աւանդոյթը կը պահպանուի մինչեւ 1992, երբ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան Ֆրանսայի Ալպերվիլ քաղաքին մէջ։ Անկէ ետք, 1994-էն սկսեալ, Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ անգամ, Ամառնային Ողիմպիական խաղերէն երկու տարի ետք։
==== Փարալիմփիկ խաղեր ====
1948-ին Սըր Լութուիկ Կուտմըն (Sir Ludwig Guttmann), որոշելով նպաստել Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք զինուորներուն վերականգման, կազմակերպած է տարբեր մարզաձեւերու մրցումներ քանի մը հիւանդանոցներու միջեւ, որոնք պէտք է համապատասխանէին նոյն թուականին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն։ Կուտմընի կազմակերպած միջոցառումը, որ այդ օրերուն ծանօթ էր իբրեւ «Սթօք Մանտեւիլեան խաղեր», վերածուած է ամէնամեայ մարզական փառատօնի։ Հետագայ տասներկու տարիներուն ընթացքին, Կուտմըն եւ ուրիշներ շարունակած են նպաստել մարզանքը՝ իբրեւ ապաքինման միջոց օգտագործելու նպատակին։ 1960-ին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Ողիմպիական խաղերուն ժամանակ, Կուտմըն տարած է 400 մարզիկ՝ մասնակցելու «Զուգահեռ Ողիմպիական խաղերուն» (անգլերէն՝ Parallel Olympics), որոնք յայտնի դարձած են որպէս առաջին Փարալիմփիք խաղեր։ Այդ ժամանակէն ի վեր Փարալիմփիք խաղերը տեղի կ'ունենան իւրաքանչիւր Ողիմպիականի տարին։ 1988-ին Սէուլի (Հարաւային Քորէա) տեղի ունեցած Ամառնային Ողիմպիական խաղերէն ի վեր, խաղերը հիւրընկալող քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենան նաեւ Փարալիմպիկ խաղերը։ 2001-ին Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն եւ Միջազգային Փարալիմպիկ Կոմիտէն ստորագրած են համաձայնութիւն մը, որ կ'երաշխաւորէ հիւրընկալող քաղաքին հետ պայմանագիր մը կնքել թէ՛ Ողիմպիական, թէ՛ Փարալիմպիկ խաղերը ընդունելու վերաբերեալ։ Այդ համաձայնութիւնը ի զօրու կը դառնայ 2008-ին Փեքինի մէջ տեղի ունեցած Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն եւ 2010-ին Վենքուվըրի մէջ տեղի ունեցած Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին։ Լոնտոնի կազմակերպչական յանձնաժողովի Լորտ Քոուն 2012-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող Ամառնային Փարալիմպիկ խաղերու եւ Ամառնային Ողիմպիական խաղերու մասին ըսած է.
==== Պատանեկան խաղեր ====
2010-ին Ողիմպիական խաղերուն աւելցած են Պատանեկան խաղերը, որոնք 14-18 տարեկան մարզիկներուն հնարաւորութիւն կու տային մրցելուլ ուրիշներու հետ։ Պատանեկան Ողիմպիական խաղերուն ստեղծման գաղափարը կ'առաջարկէ ՄՈԿ նախագահ Ժագ Ռոկէ 2001-ին եւ կը հաստատուի ՄՈԿ 118-րդ համագումարին։ Առաջին Ամառնային Պատանեկան Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան Սինկափուրի մէջ, 14-26 Օգոստոս 2010-ին, իսկ անկէ երկու տարի ետք Աւստրիոյ Ինսպրուք քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենան առաջին Ձմեռնային Պատանեկան Ողիմպիական խաղերը։ Այս խաղերը աւելի կարճատեւ են, քան՝ Ողիմպիական խաղերը. ամառնային խաղերը կը տեւեն տասներկու, ձմեռնայինը՝ ինն օր։ ՄՈԿ-ը Ամառնային Պատանեկան խաղերուն թոյլ կու տայ 3500 մարզիկի մասնակցութեան եւ 875 պաշտօնական անձերու, իսկ Ձմեռնային խաղերուն՝ 970 մարզիկի եւ 580 պաշտօնական անձերու։ Մարզաձեւերը կը համապատասխանեն չափահասակներու համար նախատեսուած Ողիմպիական խաղերուն, բայց կան որոշակի տարբերութիւններ։ Մասնաւորապէս, մրցումներուն կրնան մասնակցիլ տարբեր ազգերու եւ տարբեր սեռերու ներկայացուցիչներէ կազմուած խումբեր, իսկ մարզաձեւերուն ու մրցոյթներուն թիւը աւելի քիչ է։
=== 21-րդ դարու Ողիմպիական խաղեր ===
1896-ին 14 երկիրներ ներկայացնող 241 մասնակիցներու փոխարէն 2012-ին Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած է արդէն շուրջ 10,500 մարզիկ աշխարհի 204 երկիրներէ։ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու մասնակիցներուն թիւը աւելի քիչ է։ Օրինակ, 2014-ի Սոչիի Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած է 2873 մարզիկ 88 երկիրներէ, 98 տարբեր խաղերու համար։ Ողիմպիական խաղերու ընթացքին մարզիկներու եւ պաշտօնական անձերու մեծ մասը կը բնակի Ողիմիպիական գիւղին մէջ։ Վերջինս նախատեսուած է Ողիմպիական խաղերու բոլոր մասնակիցներու առանին բնակութեան համար եւ ապահովուած է սրճարաններով, հիւանդանոցներով եւ կրօնական ծէսերու կատարման համար անհրաժեշտ վայրերով։
ՄՈԿ-ը թոյլ կու տայ Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէներ ստեղծել նաեւ այն ազգերուն, որոնք չեն համապատասխաներ քաղաքական ինքնիշխանութեան խիստ դրոյթներուն, ինչպէս կը պահանջեն այլ կազմակերպութիւններ։ Իբրեւ արդիւնք՝ գաղութներն ու կախեալ տարածքները նոյնպէս իրաւունք կը ստանան մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն։ Այդպիսի տարածքներ են Փորթօ Ռիքօ, Պերմուտեան կղզիները եւ Հոնկ Քոնկ, որոնք բոլորն ալ մրցումներուն կը մասնակցին որպէս առանձին երկիրներ, հակառակ անոր որ իրաւաբանական տեսանկիւնէ կը գտնուին այլ պետութեան կազմի մէջ։ Ողիմպիական խարտիայի (փաստաթուղթերու) ներկայի տարբերակը թոյլ կու տայ ստեղծել նոր Ազգային Ողիմպիական կոմիտէներ այն ազգերու ներկայացման համար, որոնք կը դասակարգուին որպէս «միջազգային հանրութեան կողմէ ճանչցուած անկախ պետութիւն»։ Այնուամենայնիւ, թոյլ չի տրուիր ստեղծել Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէներ Սենթ Մաարտենի եւ Քիւրասաոյի համար, երբ անոնք հասած են նոյն սահմանադրական կարգավիճակին, որ Արուպան 2010-ին հասած էր, թէեւ ՄՈԿ-ը Արուպայի Ողիմպիական Կոմիտէն ճանչցած է 1986-ին։ 2012-էն ետք Հոլանտայի Անտիլեան կղզիներու մարզիկներուն իրաւասութիւն կը տրուի իրենց ցանկութեամբ ներկայացնելու կա՛մ Հոլանտան, կա՛մ Արուպան։
=== Խաղերուն արժէքը ===
Ըստ 2016-ի Օքսֆորտի ուսումնասիրութիւններուն, 1960-էն սկսեալ Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն մարզական ծախսերը կը կազմեն շուրջ 5,2 միլիար տոլար, իսկ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերունը՝ 3,1 միլիար։ Այդ թիւերը չեն ներառեր աւելի լայն ենթակառոյցները, ինչպիսիք են ճամբաները, քաղաքային երկաթուղին եւ օդակայանները, որոնք կրնան նոյնքան կամ աւելի ծախսալից ըլլալ։
Յաճախ Ողիմպիական խաղերու ընթացքին ծախսերը կը գերազանցեն նախատեսուած պիւտճէն։ 1960-էն ետք կազմակերպուած խաղերու համար միջին գերածախսը կը կազմէ 156% , այսինքն՝ ծախսերուն միջինը 2,56 անգամ կը գերազանցէ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու դիմումին ներկայացման ատեն նախատեսուած պիւտճէն։ 1976-ին Մոնրէալի Ողիմպիական խաղերուն կատարուած է ամենաշատ գերածախսը (720 %)։ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն գերածախսը կատարուած է 1980-ին Նիւ Եորքի գիւղերէն՝ Լէյք Փլէսիտի (Lake Placid) Ողիմպիական խաղերուն եւ կազմած է 324 %։ 2012-ին Լոնտոնի խաղերուն գերածախսը կազմած է 76 %, 2014-ի Սոչիի խաղերուն՝ 289 %։
Ամենածախսալից Ամառնային Ողիմպիական խաղերը եղած են 2008-ի Փեքինի խաղերը, որոնք արժած են 40-44 միլիար ամերիկեան տոլար, իսկ ամենածախսալից Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը եղած են 2014-ի Սոչիի խաղերը, որոնք արժած են 51 միլիար ամերիկեան տոլար։
Ամառնային Ողիմպիական Խաղերու ընթացքին, մէկ մարզիկի համար միջին հաշուով կը ծախսուի 0,6 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ 1,3 միլիոն՝ Ձմեռնային խաղերուն։ 2012-ին, Լոնտոնի Ողիմպիական Խաղերու ընթացքին մէկ մարզիկի համար ծախսուած է 1,4 միլիոն, իսկ 2014-ի Սոչիի Ողիմպիական խաղերու ընթացքին՝ 7,9 միլիոն տոլար։
1976-ին Մոնրէալի եւ 1980-ին Մոսկուայի Ողիմպիական խաղերու ժամանակ հիւրընկալող երկիրը, ձգտելով կարելի եղածին չափ լաւ ներկայանալ, կատարած է այնպիսի ծախսեր, որոնք մեծապէս գերազանցած են եկամուտը։ Այդ պատճառով ալ 1984-ի Լոս Անճելոսի Ողիմպիական խաղերուն նախապատրաստուելու ատեն հիւրընկալող կողմը որոշած է վերահսկել կատարուող ծախսերը՝ օգտագործելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող մարզադաշտեր ու այլ կառոյցներ, բացառութեամբ լողի մրցահրապարակին ու հեծանիւահրապարակին, որոնց համար վճարած են գործարար ոլորտի հովանաւորներ։ Ողիմպիական Կոմիտէն, Փիթըր Եուպէրրոթի (Peter Ueberroth) գլխաւորութեամբ, եկամուտին մէկ մասը օգտագործած է LA84 Հիմնադրամին, որպէսզի նպաստէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ պատանեկան մարզաձեւերու զարգացման, օժանդակէ մարզիչներու ուսման եւ օգնէ մարզական գրադարանին։ 1984-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերը ժամանակակից Ողիմպիական խաղերուն մէջ կը նկատուին նիւթական տեսնակիւնէ ամենայաջողը ։
=== Տնտեսական եւ ընկերային ազդեցութիւն՝ հիւրընկալող քաղաքին եւ երկիրին վրայ ===
Մեծ թիւով տնտեսագէտներ ժխտական վերաբերմունք կը ցուցաբերեն Ողիմպիական խաղերուն հիւրընկալման տնտեսական օգուտին՝ նշելով, որ նմանօրինակ իրադարձութիւնները կը պահանջեն մեծ ծախսեր եւ կու տան համեմատաբար քիչ եկամուտ։ Ընդհակառակը, հիւրընկալումը (կամ միայն դիմումի ներկայացումը) կ'աւելցնէ այդ երկիրի արտահանման ծաւալը, քանի որ հիւրընկալող կամ դիմում ներկայացուցած երկիրը իր դիմումով իսկ ցոյց կու տայ, որ պատրաստ է բաց առեւտուրի։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն հիւրընկալումը դրական ազդեցութիւն կ'ունենայ այն մարդասիրական կազմակերպութիւններուն վրայ, որոնք գրասենեակներ ունին տուեալ քաղաքին մէջ, որոնք կը նպաստեն տեղի ոչ առեւտրային մասին զարգացման։ Այս դրական ազդեցութիւնը կը սկսի խաղէն տարիներ առաջ եւ կրնայ շարունակուիլ եւս քանի մը տարի։
Խաղերը ժխտական ազդեցութիւն կրնան ունենալ հիւրընկալող երկիրին բնակիչներուն վրայ, այսպէս՝ Բնակարանի Ապահովման Իրաւունքի եւ Վտարման Կեդրոնի ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն, երկու տասնամեակի ընթացքին, Ողիմպիական խաղերուն պատճառով, իրենց տուներէն տեղափոխուած են աւելի քան երկու միլիոն հոգի։
2014-ին Սոչիի Ողիմպիական խաղերը եղած են ամենածախսալիցը պատմութեան մէջ. անոնք արժած են աւելի քան 50 միլիար ԱՄՆ տոլար։ Վերակառուցման եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատան հաշուետուութեան համաձայն, այդ ծախսերը չեն նպաստեր Ռուսաստանի ազգային տնտեսութեան զարգացման, սակայն կրնան ապագային գործարարներուն հայեացքները ուղղել դէպի Սոչի եւ Կրասնոտարի երկրամաս։ Սակայն Դեկտեմբեր 2014-ին The Guardian պարբերականը գրած է, թէ Սոչին կը նմանի «քաղաք-ուրուականի» բնութեան գիրկը տարածուած մարզադաշտերով ու արենաներով, ինչպէս նաեւ անաւարտ կառոյցներով։ 2022-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու իրենց դիմումները ետ վերցուցած են նուազագոյնը չորս քաղաք՝ մեծ ծախսերն ու աջակցութեան բացակայութիւնը պատճառաբանելով։ Այսպիսով, խաղերը հիւրընկալելու համար մրցակցած են երկու քաղաք՝ Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր-Սուլթանը եւ Չինաստանի մայրաքաղաք՝ Փեքինը։ Յուլիս 2016-ին The Guardian պարբերականը նշած է, որ Ողիմպիական խաղերու ապագային սպառնացող մեծագոյն վտանգը այն է, որ շատ քիչ քաղաքներ ցանկութիւն պիտի յայտնեն զանոնք հիւրընկալելու։
== Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէ ==
Ողիմպիական շարժման մաս կը կազմեն մեծ թիւով ազգային եւ միջազգային մարզական կազմակերպութիւններ եւ դաշնութիւններ, նշանաւոր մետիա գործընկերներ, ինչպէս նաեւ մարզիկներ, պաշտօնատար անձնաւորութիւններ, դատաւորներ եւ ցանկացած այլ անձինք ու հիմնարկութիւններ, որոնք կը համաձայնին ենթարկուիլ Ողիմպիական խարտիայի կանոններուն։ Իբրեւ Ողիմպիական շարժումը հովանաւորող կազմակերպութիւն՝ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն (ՄՈԿ) պատասխանատու է Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող քաղաքի ընտրութեան, Ողիմպիական խաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն վերահսկման, մարզական ծրագիրի թարմացման ու հաստատման, հովանաւորման ու հեռարձակման իրաւունքներու մասին բանակցութիւններու վարման համար։
Ողիմպիական շարժումը կազմուած է երեք հիմնական կառավարող օղակներէ.
Միջազգային միաւորումները ղեկավար մարմիններ են, որոնք կը վերահսկեն մարզանքը միջազգային մակարդակի վրայ։ Օրինակ՝ Ֆութպոլի Միջազգային Ընկերակցութիւններու դաշնութիւնը (ՖԻՖԱ) ֆութպոլի միջազգային միաւորում է, իսկ Վոլիպոլի միջազգային դաշնութիւնը (ֆրանսերէն՝ Fédération Internationale de Volleyball)՝ վոլիպոլի համար։ Ողիմպիական շարժումը ներկայիս կը ներառէ 35 միջազգային դաշնութիւն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ Ողիմպիական մարզաձեւերէն մէկը։
Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէները (ԱՈԿ) կը ներկայացնեն եւ կը վերահսկեն Ողիմպիական շարժումը տուեալ երկրի սահմաններուն մէջ։ Օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական Կոմիտէն Միացեալ Նահանգներու Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէն է։ Ներկայիս գոյութիւն ունին 205 Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէներ, որոնք ճանչցուած են ՄՈԿ-ի կողմէ։
Ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէները ժամանակաւոր կոմիտէներ են, որոնք պատասխանատու են տուեալ Ողիմպիական խաղերու կազմակերպման։ Անոնք կը կազմալուծուին Ողիմպիական խաղերու աւարտէն եւ ամփոփիչ հաշուետուութիւնը ՄՈԿ-ին ներկայացնելէ ետք։Ողիմպիականի պաշտօնական լեզուներն են անգլերէնն ու ֆրանսերէնը։ Ողիմպիական խաղերու ընթացքին կ'օգտագործուի նաեւ հիւրընկալող երկրին լեզուն (կամ լեզուները, եթէ տուեալ երկիրը ունի մէկէ աւելի պաշտօնական լեզու, բացի անգլերէնէն ու ֆրանսերէնէն)։ Իւրաքանչիւր յայտարարութիւն (օրինակ՝ բացման արարողութեան ընթացքին մասնակցող երկիրները) կ'ըլլայ երեք (կամ աւելի) կամ երկու հիմնական լեզուներով, եթէ հիւրընկալող երկիրին պաշտօնական լեզուն անգլերէնը կամ ֆրանսերէնն է։
=== Քննադատութիւն ===
Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն յաճախ քննադատութիւններու կ'արժանանայ դժուար վերահսկուող կազմակերպութիւն մը ըլլալուն համար, որուն շարք մը անդամները կոմիտէի կազմին մէջ կը մնան իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Էյվերու Պրենտէժի եւ Խուան Անթոնիօ Սամարանչիի նախագահութեան տարիները յատկապէս արժանացած են հակասական գնահատականներու։ Պրենտէժ նախագահած է աւելի քան 20 տարի, եւ այդ ընթացքին Ողիմպիական խաղերը զերծ պահած է քաղաքական միջամտութիւններէ ու գովազդի ազդեցութենէ։ Ան մեղադրուած է ցեղապաշտութեան (Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան ցեղական մեկուսացումին վերացման դիմադրելուն համար) եւ հակասեմականութեան համար։ Սամարանչիի նախագահութեան ընթացքին գրասենեակը մեղադրուած է ընտանեվարութեան ու կաշառակերութեան մէջ։ Սամարանչիի կապերը Սպանիոյ մէջ տիրող Ֆրանքոյի ռեժիմի հետ նոյնպէս քննադատութեան տեղ տուած են։
1998-ին յայտնի դարձած է, որ ՄՈԿ-ի քանի մը անդամներ կաշառուած են 2002-ի Ողիմպիական խաղերու դիմում ներկայացուցած Սոլթ Լէյք Սիթի Կոմիտէէն։ ՄՈԿ-ը դիմած է հետաքննութեան, որուն հետեւանքով չորս հոգի հրաժարական տուած է, իսկ վեցը՝ հեռացուած են։ Այս դէպքէն ետք կատարուած են որոշակի փոփոխութիւններ հիւրընկալող քաղաքի ընտրութեան կարգին մէջ, որպէսզի կանխարգիլուի ապագային նմանատիպ իրավիճակներու ստեղծումը։
1999-ին յայտնի դարձած է, որ 1998-ին Նականոյ մէջ Ողիմպիական խաղերը ընդունելու համար յայտ ներկայացուցած ողոմպիական կոմիտէն ծախսած է շուրջ 14 միլիոն տոլար ՄՈԿ-ի 62 անդամներու ու անոնց բազմաթիւ գործընկերներուն իրենց կողմը գրաւելու համար։
Ստոյգ թիւերը յայտնի չեն, որովհետեւ ծախսերուն վերաբերող փաստաթուղթերը ոչնչացուած են երբ ՄՈԿ-ը խնդրած է չհրապարակել միջոցառման կազմակերպման համար ծախսած գումարները։
BBC հեռատեսիլի կայանի Panorama: Buying the Games վաւերագրական ֆիլմին մէջ, որ հեռարձակուած է Օգոստոս 2004-ին, կը հետաքննուի 2012-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերու մայրաքաղաքի ընտրութեան ընթացքին կաշառք տալու հարցը։ Ֆիլմը կը պնդէ, որ հնարաւոր է կաշառել ՄՈԿ-ի անդամը, որպէսզի ան քուէարկէ յօգուտ որոշ քաղաքի մը։ Լոնտոնի՝ 2012-ի Ողիմպիական խաղերու մայրաքաղաք ընտրուելէ ետք Փարիզի քաղաքապետ Պերտրան Տելանոյէն Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլէրին եւ Լոնտոնի համար դիմում ներկայացուցած կոմիտէին (որուն նախագահն էր Ողիմպիական նախկին ախոյեան Սեպաստիան Քոուն) մեղադրած է դիմումներու ներկայացման կանոնները խախտելու մէջ։ Ան Ֆրանսայի նախագահ Ժագ Շիրաքը ներկայացուցած է իբրեւ վկայ։ Վերջինս զգուշաւոր հարցազրոյցներ տուած է իր մասնակցութեան վերաբերեալ։ Այդ յայտարարութեան վերաբերեալ լիարժէք հետաքննութիւն չէ եղած։ 2006-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար Թուրինի դիմումը նոյնպէս վէճերու առիթ տուած է։ ՄՈԿ-ի ականաւոր անդամ Մարք Հոտլեր, որ խիստ կողմնակից էր խաղերը Զուիցերիոյ Սիոն քաղաքին մէջ կազմակերպելու, պնդած է, թէ Թուրինի կազմակերպիչ կոմիտէն կաշառած է ՄՈԿ-ի անդամները։ Այդ մեղադրանքներուն պատճառով տեղի ունեցած է խոր հետաքննութիւն։
== Առեւտրականացում ==
=== Ազգային կազմակերպչական կոմիտէներու ներքոյ ===
Ողիմպիական խաղերը տարբեր չափերով սկսած են առեւտրականացուիլ 1896-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած առաջին Ողիմպիական խաղերուն, երբ գովազդի համար վճարած են շարք մը ընկերութիւններ, որոնց կարգին էր Kodak-ը։ 1908-ին Oxo, Odol mouthwash եւ Indian Foot Powder ընկերութիւնները եղած են Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն պաշտօնական հովանաւորները։ Coca-Cola ընկերութիւնը հովանաւորած է 1928-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերը եւ ցարդ կը շարունակէ հանդէս գալ իբրեւ հովանաւոր։ Նախքան ՄՈԿ-ի կողմէ հովանաւորութեան վերահսկողութիւն ստանձնելը ազգային կազմակերպչական կոմիտէները իրենք պատասխանատու էին հովանաւորութեան վերաբերեալ պայմանագիրներու կնքման եւ Ողիմպիական խորհրդանիշներու օգտագործման։
=== ՄՈԿ-ի վերահսկողութիւն ===
Սկիզբը ՄՈԿ-ը դէմ էր հովանաւորներու կողմէ նիւթական հովանաւորութեան ընդունման։ 1972-ին ՄՈԿ-ի նախագահ Էյվերու Պրենտէժի՝ պաշտօնէն հեռանալէն ետք ՄՈԿ-ը սկսած է ուսումնասիրել հեռուստատեսութեան եւ գովազդային շուկայի ընձեռած առիթները։ Խուան Անթոնիօ Սամարանչիի նախագահութեան ընթացքին սկսած են համագործակցիլ միջազգային հովանաւորներու հետ, որոնք կը ձգտէին իրենց վաճառանիշերը կապել Ողիմպիական վաճառանիշերու հետ։
=== Պիւտճէ ===
20-րդ դարու առաջին կիսուն ՄՈԿ-ը գործած է փոքր պիւտճէով։ 1952-1972-ականներուն ՄՈԿ-ի նախագահ Էյվերու Պրենտէժ մերժած է Ողիմպիական խաղերը առեւտրային հետաքրքրութիւններու հետ կապելու բոլոր փորձերը։ Պրենտէժ կը հաւատար, որ հետաքրքրութիւնները բացասաբար կ'անդրադառնան ՄՈԿ-ի կողմէ որոշումներու կայացման վրայ։ Սակայն ՄՈԿ-ը կազմակերպչական կոմիտէներուն թոյլ կու տար հովանաւորութեան պայմանագիրեր կնքել եւ օգտագործել Ողիմպիական խորհրդանիշները։ Երբ Պրենտէժ պաշտօնէն կը հեռանար, ՄՈԿ-ի աշխուժ դրամագլուխը կը կազմէր 2 մլն տոլար, իսկ ութ տարի ետք ՄՈԿ-ը արդէն ունէր 45 մլն տոլար։ Այս մէկը տեղի ունեցած է գլխաւորաբար Ողիմպիական խաղերու հովանաւորութեան եւ հեռուստատեսութեամբ հեռարձակման իրաւունքներու վաճառքի առումով։ 1980-ին, երբ ՄՈԿ-ի նախագահ ընտրուած է Խուան Անթոնիօ Սամարանչը, անոր փափաքը եղած է ՄՈԿ-ը դարձնել նիւթապէս անկախ։
1984-ի Ողիմպիական խաղերը պատմական են նիւթական առումով։ Լոս Անճելըսի կազմակերպչական կոմիտէն, զոր կը գլխաւորէր Փիթըր Եուպըրոթ,
կրցած է խնայել 225 մլն տոլար, որ աննախադէպ գումար էր այդ ժամանակի համար։ Այդ կարելի դարձած է նաեւ ընկերութիւններու ընտրութեան յատուկ հովանաւորական իրաւունքներու վաճառքին շնորհիւ։ ՄՈԿ-ը փորձած է վերահսկել այդ հովանաւորական իրաւունքները։ 1985-ին Սամարանչ օգնած է մշակելու Ողիմպիական ծրագիր մը , որպէսզի Ողիմպիական վաճառանիշ ստեղծուի։ Ողիմպիական ծրագիրի անդամակցութիւնը եղած է եւ կը շարունակուի մնալ թանկարժէք։ Չորս տարուան անդամակցութեան գումարը կը կազմէ 50 միլիոն տոլար։ Ողիմպիական ծրագիրի անդամները կը ստանան համաշխարհային բացառիկ գովազդային իրաւունք իրենց ապրանքներուն համար եւ կ'օգտագործեն Ողիմպիական խորհրդանիշ հանդիսացող միահիւսուած օղակները իրենց գովազդներուն մէջ։
=== Հեռուստատեսութեան ազդեցութիւն ===
1936-ին Պերլինի Ամառնային Ողիմպիական խաղերը հեռատեսիլով ցուցադրուած առաջին խաղերը եղած են, բայց միայն Պերլինի բնակչութեան համար։ 1956-ին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը եղած են միջազգային ցուցադրութիւն ունեցած առաջին Ողիմպիական խաղերը, իսկ 1960-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը եղած են առաջինը, որոնց հեռարձակման իրաւունքը վաճառուած է. CBS հեռուստառատիոցանցը վճարած է 394,000 տոլար խաղերը Ամերիկայի մէջ ցուցադրելու համար, իսկ Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը յատկացուցած է 660,000 տոլար։ Հետագայ տարիներու Ողիմպիական խաղերը դարձած են Պաղ Պատերազմի գաղափարական ռազմաճակատներէն մէկը։ Գերտէրութիւնները պայքարած են իրենց քաղաքական գերազանցութիւնը ցուցադրելու համար, եւ ՄՈԿ-ը փորձած է օգտուիլ զանգուածային լրատուամիջոցներու չափազանց հետաքրքրութենէն։ Հեռարձակման իրաւունքներու վաճառքը ՄՈԿ-ին թոյլ տուած է բարձրացնել Ողիմպիական Խաղերու մակարդակը, որ իր հերթին գրաւած է աւելի մեծ հետաքրքրութիւն եւ աւելի շատ գովազդատուներ։ Իբրեւ արդիւնք՝ ՄՈԿ-ը աւելի մեծ եկամուտ կը ստանայ հեռարձակման իրաւունքներու վաճառքէն։ Օրինակ՝ CBS-ը վճարած է 375 մլն. տոլար 1998-ին Նականոյի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերը Ամերիկայի մէջ ցուցադրելու համար, իսկ NBC-ը ծախսած է 3,5 մլն. տոլար 2000-2012-ականներուն կայացած բոլոր Ողիմպիական խաղերը Ամերիկայի մէջ ցուցադրելու իրաւունքի ձեռքբերման համար։
Հանդիսատեսի քանակը նոյնպէս մեծացած է 1960-ականներէն մինչեւ 20-րդ դարու վերջը։ Ատիկա տեղի ունեցած է 1964-ին ուղիղ հեռարձակման եւ 1968-ին գունաւոր հեռատեսիլի ստեղծման շնորհիւ։ 1968-ին Մեխիկոյի մէջ տեղի ունեցած Ամառնային Ողիմպիական խաղերու հանդիսատեսներու քանակը ամբողջ աշխարհի տարածքին կազմած է 600 մլն. 1984-ին Լոս Անճելըսի մէջ կայացած Ողիմպիական խաղերուն՝ 900 մլն., իսկ 1992-ին Պարսելոնայի խաղերուն՝ 3,5 միլիար։ Սակայն 2000-ին Սիտնիի Ողիմպիական խաղերուն ցուցադրումը NBC-ով ունեցած է ամենացած վարկանիշը Ամառնային եւ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու շարքին 1968-էն սկսեալ։ Անոր պատճառ դարձած են երկու գործօններ. մէկը եղած է արբանեակային հեռուստաալիքներու հետ աճող մրցակցութիւնը, երկրորդը՝ համացանցը, որ թոյլ կու տայ տեսնել արդիւնքներն ու տեսանիւթերը ճիշդ ժամանակին։ Հեռուստաընկերութիւնները կը գործէին ժապաւէնային եղանակով՝ ետ մնալով զարգացող արհեստագիտութենէն։ Վարկանիշներու անկումը ազդած է նաեւ գովազդներուն վրայ։ Ողիմպիական խաղերուն հեռարձակման համար կատարուող մեծ ծախսերու, համացանցի կողմէն ճնշման ու հեռուստատեսութեան հետ մրցակցութեան պայմաններուն հեռուստաընկերութիւնները պահանջած են ՄՈԿ-էն միջոցներ ձեռնարկել վարկանիշի բարձրացման ուղղուած։ Անոր ի պատասխան՝ ՄՈԿ-ը կատարած է շարք մը փոփոխութիւններ Ողոմպիական ծրագիրին մէջ։ Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ մարմնամարզիկներու մրցումները եօթի փոխարէն սկսած են երկարիլ ինն գիշեր, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած է ախոյեաններու կալա աւելի մեծ հետաքրքրութիւն գրաւելու համար։ ՄՈԿ-ը ընդլայնած է նաեւ լողի ու ջրացատկի մրցումներուն ծրագիրները, որոնք երկուքն ալ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն եւ ունին մեծաքանակ հեռուստադիտողներ։ Եւ ի վերջոյ ամերիկեան հեռուստատեսային լոպպին եւ մասնաւորապէս NBC-ը կրցած են պարտադրել, թէ երբ պէտք է տեղի ունենան որոշ մրցումներ, որպէսզի իրենք կարենան զանոնք ուղիղ հեռարձակմամբ ցուցադրել Միացեալ Նահանգներու տարածքին։ Արդիւնքները եղած են հակասական. 2006-ին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու վարկանիշը եղած է շատ աւելի ցած, քան 2002-ին, սակայն հեռուստադիտողներու թուաքանակի մեծ աճ նկատուած է 2008-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ, իսկ 2012-ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերը դարձած են ամենամեծ դիտումները ունեցած իրադարձութիւնը ԱՄՆ հեռուստատեսութեան ողջ պատմութեան ընթացքին «London Olympics 2012 Ratings: Most Watched Event In TV History»։ The Huffington Post։ 13 August 2012։ արտագրուած է՝ 12 July 2013 </ref>։ Ողիմպիական վաճառանիշի վաճառքը եղած է խնդրայարոյց։ Փաստարկումը այն է, որ Ողիմպիական խաղերը այլեւս չեն տարբերիր այլ առեւտրային մարզական ներկայացումներէն։ Յատկապէս քննադատուած է ՄՈԿ-ի կողմէն շուկայի յագեցումը 1996-ին Աթլանթայի եւ 2000-ին Սիտնիի Ողիմպիական խաղերուն ատեն, երբ քաղաքները լի էին Ողիմպիական խաղերուն վերաբերող իրեր առաջարկող ընկերութիւններով։ ՄՈԿ-ը նշած է, որ իրենք հաշուի կ'առնեն այդ՝ նման երեւոյթներու թոյլ չտալու նպատակով։ Քննադատութեան մէկ այլ պատճառ դարձած է այն հանգամանքը, որ Ողիմպիական խաղերու կազմակերպումը նիւթապէս կը հովանաւորուի հիւրընկալող քաղաքի ու երկրի կառավարութեան կողմէն, սակայն ՄՈԿ-ը կը վերահսկէ Ողիմպիական խորհրդանիշներու օգտագործման իրաւունքներն ու անկէ ստացուած շահոյթները։ ՄՈԿ-ը որոշակի տոկոսներ կը ստանայ նաեւ հովանաւորներու տրամադրած եւ հեռարձակման համար վճարուած գումարներէն։ Քաղաքները կը շարունակեն պայքարիլ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար, թէեւ ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ իրենք կրնան վերադարձնել իրենց ներդրումները։
== Խորհրդանիշեր ==
Ողիմպիական շարժումը կ'օգտագործէ խորհրդանիշեր՝ Ողիմպիական խարտիային մէջ ամրագրուած գաղափարները ներկայացնելու համար։ Ողիմպիական խորհրդանիշը, որ ծանօթ է իբրեւ Ողիմպիական օղակներ, բաղկացած է հինգ միահիւսուած օղակներէ եւ կը խորհրդանշէ հինգ ցամաքամասերը (Ափրիկէ, Ամերիկա, Ասիա, Աւստրալիա եւ Եւրոպա)։ Սպիտակ ֆոնի վրայ նկարուած Ողիմպիական գունաւոր օղակները (կապոյտ, դեղին, սեւ, կանաչ եւ կարմիր) կը կազմեն Ողիմպիական դրօշը։ Այդ գոյները ընտրուած են այն պատճառով, որ ամէն մէկ ազգ իր ազգային դրօշին վրայ ունի անոնցմէ առնուազն մէկը։ Ողիմպիական դրօշը հաստատուած է 1914-ին, սակայն առաջին անգամ օգտագործուած է 1920-ին Անտուերպենի (Պելճիքա) Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ատեն։ Անկէ ետք անիկա կը բարձրացուի բոլոր Ողիմպիական խաղերու ատեն Lennartz Karl (2002)։ «The Story of the Rings»։ Journal of Olympic History 10: 29–61 </ref>։։
Ողիմպիական նշանաբանը՝ Citius, Altius, Fortius, որ լատիներէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ «Արագ, բարձր, ուժեղ», առաջարկուած է Փիեռ Տը Քուպերթենի կողմէ 1894-ին եւ պաշտօնապէս ընդունուած է 1924-ին։ Նշանաբանը յօրինած է Քուպերթենի ընկերը՝ տոմինիկեան վանական Հենրի Տիտոնը 1891-ին Փարիզի երիտասարդական ժողովին համար։
Քուպերթենի ողիմպիական գաղափարները արտայայտուած են Ողիմպիական Հանգանակին մէջ.
Ողիմպիական խաղերու մեկնարկէն ամիսներ առաջ յատուկ արարողութեամբ մը Ողիմպիական ջահը կը վառի Ողիմպիոյ մէջ, որ կը յիշեցէ հին յունական ծիսակարգերը։ Կրակը վառողը, որ կը մարմնաւորէ քրմուհին, ջահը կը դնէ արեւու ճառագայթները կեդրոնացնող փարապոլային հայելիին մէջ։ Ապա քրմուհին կը վառէ առաջին ջահակիրին ջահը, որմէ ետք ջահակիրները, մէկը միւսին փոխանցելով, կրակը կը հասցնեն մարզադաշտ, ուր պէտք է տեղի ունենան Ողիմպիական խաղերը։ Ողիմպիական կրակը կարեւոր դեր կը կատարէ Ողիմպիական խաղերուն բացման արարողութեան ատեն։ Թէեւ կրակը Ողիմպիական խաղերու խորհրդանիշ եղած է 1928-էն սկսեալ, սակայն ջահերով փոխանցելու աւանդոյթը ներդրուած է 1936-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերու։
Ողիմպիական յուռութքները, որոնք հիւրընկալող երկիրի մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող անասունի կամ մարդու կերպարներ են, օգտագործուած են 1968-էն սկեալ։ Սակայն անոնք Ողիմպիական խաղերու կարեւոր մաս դարձած են 1980-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերէն ետք, երբ միջազգային ժողովրդականութիւն ստացած է Մոսկուայի Ողիմպիական խաղերուն Միշա արջուկը։ Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերու յուռութքը կոչուած է Վենլօք ի պատիւ Շրոպշայրի Մաչ Վենլօք քաղաքի, որ կը շարունակէ հիւրընկալել Վենլօքի Ողիմպիական խաղերը, որոնք Փիեռ Տը Քուպերթենին ոգեշնչած են ստեղծել արդի Ողիմպիական խաղերը։
== Արարողութիւններ ==
=== Բացում ===
Ողիմպիական խարտիայի համաձայն՝ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւնը պէտք է ներառէ շարք մը տարրեր։ Բացումը տեղի կ'ունենայ նախքան մրցումներուն սկսիլը։ Այդ արարողութիւններու մեծ մասը սկիզբ առած է 1920-ի Անվէրի Ողիմպիական խաղերէն։ Սովորաբար բացման արարողութիւնը կը սկսի հիւրընկալող երկիրին դրօշակի բարձրացմամբ ու քայլերգի հնչեցմամբ։ Ապա կը ներկայացուին հիւրընկալող երկիրը ներկայացնող երաժշտական, պարային ու թատերական բեմադրութիւններ։ Բացման արարողութեան գեղարուեստական մասը ժամանակի ընթացքին դարձած է աւելի բարդ, քանի որ իւրաքանչիւր երկիր կը ձգտի կազմակերպել նախորդէն աւելի յիշարժան միջոցառում մը։
Փեքինի Ողիմպիական խաղերուն բացման արարողութեան համար ծախսուած է 100 միլիոն տոլար, ընդ որուն՝ այդ գումարին մեծ մասը յատկացուած է գեղարուեստական մասին։ Գեղարուեստական մասէն ետք տեղի կ'ունենայ մարզիկներու շքերթ ըստ երկիրներու։ Ըստ աւանդութեան՝ առաջինը մարզադաշտ կը մտնէ Յունաստանի Ողիմպիական խումբը, որով յարգանքի տուրք կը մատուցուի Ողիմպիական խաղերու ստեղծման համար։ Ապա մարզադաշտ կը մտնեն միւս երկիրներու ներկայացուցիչները՝ ըստ այբբենական կարգի (լեզուն կ'ընտրէ հիւրընկալող երկիրը), իսկ հիւրընկալող երկիրին խումբը կը ներկայանայ վերջինը։ 2004-ի Աթէնքի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն, Յունաստանի դրօշակը մարզադաշտ բերուած է առաջինը, սակայն երկրին Ողիմպիական խումբը մտած է վերջինը։ Անոր կը հետեւին ելոյթները, որոնցմով պաշտօնապէս կը բացուին խաղերը։ Ամէնէն վերջը մարզադաշտ կը բերուի ջահով կրակը եւ կը փոխանցուի անոր (սովորաբար կ'ըլլայ տուեալ երկիրին ամենայաջողակ մարզիկը), որ պէտք է վառէ մարզադաշտին մէջի Ողիմպիական կրակը։
=== Փակում ===
Ողիմպիական խաղերու փակման արարողութիւնը տեղի ունեցած է մարզական բոլոր մրցումներու աւարտէն ետք։ Մարզադաշտ կը մտնեն դրօշակակիրները, որոնց կը հետեւին բոլոր երկիրները ներկայացնող մարզիկները մէկ խումբով՝ առանց բաժանուած ըլլալու ըստ երկրի։ Համապատասխան օրհներգի հնչեցման զուգահեռ կը բարձրացուին երեք երկիրներու դրօշներ՝ տուեալ Ողիմպիական խաղերը ընդունած երկիրին, Յունաստանի, ինչպէս նաեւ այն երկիրին դրօշակը, ուր տեղի պիտի ունենան յաջորդ Ամառնային կամ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը։ Կազմակերպչական յանձնաժողովին ու ՄՈԿ-ի նախագահները հանդէս կու գան եզրափակիչ ելոյթներով, Ողիմպիական խաղերը պաշտօնապէս կը փակուին եւ կը հանգեցուի Ողիմպիական կրակը։ Ապա տեղի կ'ունենայ, այսպէս կոչուած, «Անտուերպենի արարողութիւնը». տուեալ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած քաղաքի քաղաքապետը յատուկ Ողիմպիական դրօշը կը փոխանցէ ՄՈԿ նախագահին, որ զայն յանձնէ այն քաղաքի քաղաքապետին, որ պիտի ընդունի յաջորդ Ողիմպիական խաղերը։ Անկէ ետք յաջորդ Ողիմպիական խաղերը ընդունող երկիրը սովորաբար կը ներկայացուի իր մշակոյթը արտացոլող պարային ու թատերական կարճատեւ ներկայացումով մը։
Ըստ աւանդութեան, տղամարդոց մարաթոնեան վազքի (Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ատեն) եւ տղամարդոց մեծաթիւ մեկնարկով 50 քմ. դահուկավազքի (Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու ատեն) մետալներու յանձնումը կը կատարուի փակման արարողութեան ատեն եւ կը դառնայ տուեալ Ողիմպիական խաղերու մետալներու յանձնման վերջին արարողութիւնը։
=== Մետալներու յանձնում ===
Մետալներու յանձնման արարողութիւնը կը կատարուի Ողիմպիական իւրաքանչիւր մարզաձեւի մրցումներու աւարտէն ետք։ Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղը գրաւած մարզիկները կամ խումբերը կը կանգնին երեք աստիճաններէ կազմուած պատուոյ հարթակի մը վրայ, որպէսզի ստանան իրենց մետալները։ Մետալները կը յանձնէ ՄՈԿ-ի անդամներէն մէկը, որմէ ետք կը բարձրացուին մետալակիրներու ներկայացուցած երեք երկիրներու դրօշակները, եւ կը հնչէ ոսկեայ մետալի արժանացած մարզիկի երկրին քայլերգը։ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող երկրին քաղաքացիները՝ իբրեւ կամաւոր, նոյնպէս կը մասնակցին մետալներու յանձնման արարողութեան. անոնք կ'օգնեն մետալները ներկայացնող ՄՈԿ-ի անդամին եւ հանդէս կու գան իբրեւ դրօշակակիր։
== Մարզաձեւեր ==
Ողիմպիական խաղերու ծրագիրը կը ներառէ 35 մարզաձեւ, դասակարգ եւ 408 մրցոյթ։ Օրինակ՝ Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ ըմբշամարտի մրցումները տեղի կ'ունենան երկու դասակարգով՝ յունահռոմէական եւ ազատ ոճի։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին պարագային տեղի կ'ունենայ տղաներու տասնչորս մրցումներ եւ աղջիկներու չորս մրցումներ, որոնք բաժնուած են ըստ մարզիկներու կշիռքին։
Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ծրագիրը կ'ընդգրկէ 26 մարզաձեւ, Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերունը՝ 15 մարզաձեւ։ 1924-էն սկսեալ աթլէթի, լողի, սուսերամարտի ու գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցումները միշտ կ'ընդգրկուին Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ծրագիրներուն մէջ։ Դահուկավազքը, գեղասահքը, տափօղակով հոգիյը, դահուկային երկամարտը, դահուկացատկը եւ չմշկավազքը միշտ կ'ընդգրկուին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու ծրագիրին մէջ։ Ներկայիս Ողիմպիական խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկուող որոշ մարզաձեւեր, ինչպիսիք են պատմինթոնը, պասքէթպոլը, վոլիպոլը, նախապէս Ողիմպիական խաղերուն ներառուած են իբրեւ ցուցադրական մարզաձեւեր, ապա ընդգրկուած հիմնական ծրագիրին մէջ։ Որոշ մարզաձեւեր, ընդհակառակը, ժամանակի ընթացքին դուրս մնացած են Ողիմպիական ծրագիրէն։
Ողիմպիական մարզաձեւերը կը վերահսկեն միջազգային մարզական դաշնութիւնները, որոնք ճանչցուած են ՄՈԿ-ի կողմէ։ ՄՈԿ-ը կը ներկայացնէ 35 դաշնութիւն։ Կան մարզաձեւեր, որոնք ճանչցուած են ՄՈԿ-ի կողմէ, սակայն ներառուած չեն Ողիմպիական ծրագիրին մէջ։ Սակայն, անոնք կրնան ստանալ Ողիմպիական մարզաձեւի կարգավիճակ ծրագիրին վերանայման ատեն, որ տեղի կ'ունենայ վերջին Ողիմպիական խաղերուն յաջորդող ՄՈԿ-ի առաջին նիստին։ Այդ վերանայումներու ատեն մարզաձեւերը կրնան ընդգրկուիլ Ողիմպիական ծրագիրին մէջ կամ դուրս գալ անկէ ՄՈԿ-ի անդամներու երկու երրորդին կողմ քուէարկելու պարագային։ Կան ՄՈԿ-ի կողմէն ճանչցուած մարզաձեւեր, որոնք երբեք չեն ընդգրկուած Ողիմպիական ծրագրին մէջ. անոնց կարգին են շախմատն ու սըրֆինկը։
Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր 2004-ին ՄՈԿ-ը ստեղծած է Ողիմպիական ծրագիրի յանձնաժողով մը, որ պէտք է վերանայէր Ողիմպիական ծրագիրին մէջ ընդգրկուած մարզաձեւերը ու ոչ Ողիմպիական ճանչցուած բոլոր մարզաձեւերը։ Անոր նպատակն էր ստեղծել համակարգուած մօտեցում Ողիմպիական խաղերու ծրագիրի կազմութեան մէջ։ Յանձնաժողովը ձեւակերպած է եօթը չափանիշ, որոնց հիման վրայ պէտք է որոշուէր տուեալ մարզաձեւին ընդգրկումը Ողիմպիական ծրագրին մէջ։ Այդ չափանիշներն են մարզաձեւի պատմութիւնն ու աւանդոյթները, համաշխարհային բնոյթը, ժողովրդականութիւնը, ձեւը, մարզիկներուն առողջութիւնը, այդ մարզաձեւը վերահսկող միջազգային դաշնութեան զարգացումը եւ այդ մրցոյթին համար պահանջուող ծախսերը։ Այդ ուսումնասիրութեան արդիւնքով հինգ ծանօթ մարզաձեւեր առաջարկուած են 2012-ի Ողիմպիական խաղերու ծրագրին մէջ ընդգրկուելու համար. այդ մարզաձեւերն են կոլֆը, քարաթէն, ռեկպի 15-ը, անուաչմշկասահքը եւ սքուոշը։ Այդ մարզաձեւերը քննարկուած են ՄՈԿ-ի Գործադիր Խորհուրդին կողմէ եւ ներկայացուած՝ Յուլիս 2005-ին Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցած ընդհանուր նիստին։ Հինգ մարզաձեւերէն եզրափակիչ փուլ անցած են միայն երկուքը՝ քարաթէն եւ սքուոշը։ Սակայն անոնցմէ ոչ մէկը ստացած է ՄՈԿ-ի անդամներու ձայնին երկու երրորդը եւ չէ ընդգրկուած Ողիմպիական ծրագիրին մէջ։ Հոկտեմբեր 2009-ին ՄՈԿ-ը քուէարկած է ի նպաստ կոլֆին ու ռեկպիին 2016 եւ 2020 թուականներու Ողիմպիական խաղերու ծրագիրերուն ընդգրկման։
ՄՈԿ-ի 114-րդ նիստը, որ կայացած է 2002-ին, Ամառնային Ողիմպիական Խաղերու ծրագիրը սահմանափակած է առաւելագոյնը 28 մարզաձեւով, 301 մրցոյթով ու 10, 500 մարզիկով։ Երեք տարի ետք՝ ՄՈԿ-ի 117-րդ նիստին, Ողիմպիական ծրագիրին մէջ տեղի ունեցած է առաջին մեծ փոփոխութիւնը, որու հետեւանքով 2012-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն պաշտօնական ծրագիրէն դուրս եկած են պէյսպոլն ու սոֆթպոլը։ Քանի որ այդ ժամանակ նոր մարզաձեւեր չեն ներառուած ծրագիրին մէջ, 2012-ի Ողիմպիական ծրագիրին մէջ եղած է 26 մարզաձեւ։ 2016 եւ 2020 թուականներու Ողիմպիական խաղերու ծրագիրերուն մէջ կրկին ընդգրկուած են առաւելագոյն թիւով մարզաձեւեր, քանի որ աւելցուած են ռեկպին ու կոլֆը։
=== Սիրողական եւ մասնագիտական մակարդակներ ===
Ազնուական բարքերը, որոնք կը տիրէին Անգլիոյ սեփական դպրոցներուն մէջ, մեծապէս ազդած են Փիեռ տը Քուպերթենի վրայ։ Անձնական դպրոցներուն մէջ տարածուած էր այն համոզումը, որ մարզանքը կրթութեան անբաժանելի մասն է։ Այդ վերաբերումը կը ձեւակերպուէր «mens sana in corpore sano» (առողջ հոգի՝ առողջ մարմինի մէջ) արտայայտութեամբ։ Ըստ այդ համոզումներուն, տղամարդը պէտք է ըլլար բազմակողմանի օժտուած մարդ, եւ ոչ թէ միայն մէկ ոլորտի մէջ լաւագոյնը։ Գոյութիւն ունէր նաեւ գերակշռող համոզում մը, ըստ որուն՝ արհեստավարժ մարզուիլը կը նկատուէր խաբէութիւն։ Մասնագիտական մակարդակով որեւէ մարզաձեւով զբաղողներուն գերազանցութիւնը անոնց նկատմամբ, որոնք մարզանքով կը զբաղէին միայն իբրեւ նախասիրութիւն, կը նկատուէր անարդար։
Մասնագէտ մարզիկներու մասնակցութեան բացառումը խաղերէն վէճերու առիթ տուած է ժամանակակից Ողիմպիական խաղերու ամբողջ ընթացքին։ 1912-ին հնգամարտի եւ տասնամարտի Ողիմպիական ախոյեան Ճիմ Թորփ զրկուած է իր մետալներէն, երբ պարզուած է, որ Ողիմպիական խաղերէն առաջ ան մասնագիտական մակարդակով պէյսպոլ խաղացած է ։ Անոր մետալները 1983-ին, յետմահու վերականգնուած են ՄՈԿ-ի կողմէ։ Զուիցերիացի եւ աւստրիացի դահուկորդները բողոքած են 1936-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն՝ իբրեւ զօրակցութիւն դահուկավազքի իրենց ուսուցիչներուն, որոնց թոյլ չէր տրուած մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն, քանի որ անոնք իրենց ապրուստը կը շահէին մարզանքի միջոցով, որու պատճառով նկատուած են մասնագէտներ։
20-րդ դարուն սիրողական մարզիկի բնորոշումը իբրեւ ազնուական տղամարդ արդէն ժամանակավրէպ էր։ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ պետութիւնը կը սկսի նիւթապէս հովանաւորել մարզիկներուն, որպէսզի անոնք միայն մարզանքով զբաղին։ Ասիկա ժխտական անդրադարձ կ'ունենայ սիրողական մարզանքի գաղափարախօսութեան վրայ, քանի որ անհաւասար պայմաններու մէջ կը դնէր Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրները ներկայացնող սիրողական մակարդակի մարզիկները։ 1970-ականներէն սկսեալ, մասնակիցներու՝ ոչ մասնագէտ ըլլալու պահանջները աստիճանաբար դուրս եկած են Ողիմպիական խարտիայէն։ 1988-ի Ողիմպիական խաղերէն ետք ՄՈԿ կ'որոշէ արտօնել բոլոր մասնագէտ մարզիկներու մասնակցութիւնը խաղերուն՝ միջազգային մարզական միաւորումներու համաձայնութեամբ։
==== Քանատայի խումբ ====
1960-ականներու աւարտին, Քանատայի Սիրողական Հոքիի Ընկերակցութիւնը հասկացած է, որ իրենց ոչ մասնագիտական խաղացողներն այլեւս չեն կրնար մրցակցիլ Խորհրդային Միութեան խումբին՝ ամբողջ ժամանակը մարզուող խաղացողներու եւ մշտապէս կատարելագործուող եւրոպական միւս խումբերուն դէմ։ Անոնք պնդած են, որ առիթ տրուի խումբին մէջ ներառել մասնագիտական լիկաներու խաղացողներ, սակայն անոր դէմ հանդէս եկած են Տափօղակով Հոքիի Միջազգային Դաշնութիւնը ու ՄՈԿ-ը։ Էյվերու Պրենտէժ, որ 1952-1972-ականներուն եղած է ՄՈԿ-ի նախագահը, դէմ եղած է սիրողական ու մասնագիտական մակարդակներու մարզիկներու՝ ուրիշներուն հետ մրցելուն։ 1969-ին կայացած Տափօղակով Հոքիի Միջազգային Դաշնութեան համագումարին որոշուած է Քանատային թոյլ տալ իր խումբը ընդգրկել ինն մասնագիտական մարզիկներ, բայց ոչ Հոքիի ազգային։ 1970-ին Մոնրէալի ու Վինիբեկու (Մանիթոպա, Քանատա) տեղի ունեցող աշխարհի առաջնութիւններուն։ Այդ որոշումը չեղարկուած է Յունուար 1970-ին, երբ Պրենտէժը ըսած է, թէ այդ փոփոխութիւնը կատարելու պարագային վտանգի տակ կը դրուի հոքիի կարգավիճակը որպէս Ողիմպիական մարզաձեւ։ Անոր ի պատասխան՝ Քանատան դուրս եկած է տափօղակով հոքիի միջազգային մրցոյթէն, եւ պաշտօնական անձեր յայտարարած են, որ երկիրը չի վերադառնար, մինչեւ չհաստատուի «բաց մրցակցութիւն» «Summit Series '72 Summary»։ Hockey Hall of Fame։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 7 August 2008-ին։ արտագրուած է՝ 2 March 2009 արտօն։ Կիւնթէր Սապեթցկի 1975-ին դարձած է Տափօղակով Հոքիի Միջազգային Դաշնութեան նախագահ եւ օգնած հարթել վէճը Քանատայի Սիրողական Հոքիի Ընկերակցութեան հետ։ 1976-ին Տափօղակով Հոքիի Միջազգային Դաշնութիւնը համաձայնած է թոյլ տալ «բաց մրցակցութիւն» բոլոր խաղացողներուն միջեւ աշխարհի առաջնութիւններուն մէջ։ Սակայն, Հոքիի ազգային լիկայի խաղացողները դեռ իրաւունք չեն ստացած մասնակցիլ Ողիմպիական Խաղերուն մինչեւ 1988-ը, քանի որ, ըստ ՄՈԿ-ի քաղաքականութեան, միայն սիրողական մակարդակի մարզիկները կրնային մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն։
== Վէճեր ==
=== Բողոքներ ===
Յունաստան, Աւստրալիա, Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա այն միակ երկիրներն են, որոնք մասնակցած են ժամանակակից բոլոր Ողիմպիական խաղերուն՝ 1896-էն ի վեր։ Երբեմն երկիրները բաց ձգած են Ողիմպիական խաղերը որակաւորուած մարզիկներ չունենալնուն պատճառով, իսկ որոշ երկիրներ նախընտրած են բողոքել Ողիմպիական խաղերուն տարբեր պատճառներով։ Իրլանտայի Ողիմպիական Կոմիտէն բողոքած է 1936-ի Պերլինի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն, որովհետեւ ՄՈԿ-ը պահանջած է, որ անոր խումբը ներկայացնէ Իրլանտայի Ազատ Պետութիւնը, ոչ թէ ամբողջ Իրլանտական կղզին։
Երեք բողոք յայտարարուած է 1956-ին Մելպուռնի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն. Հոլանտա, Սպանիա եւ Զուիցերիա հրաժարած են մասնակցիլ՝ բողոքելով Խորհրդային Միութեան կողմէն Հունգարական յեղափոխութեան ճնշման դէմ, սակայն այդ երկիրներու ձիավարութեան խումբերը մասնակցած են Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն։ Քամպոտիա, Եգիպտոս, Իրաք եւ Լիբանան բողոքած են Ողիմպիական խաղերուն Սուէզի ճգնաժամին պատճառով, իսկ Չինաստան (Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն) բողոքած է այն պատճառով, որ Թայուանին թոյլ տրուած է մասնակցիլ իբրեւ Չինաստանի Հանրապետութիւն։
1972 եւ 1976-ականներուն ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներ ՄՈԿ-ին սպառնացած են բողոքել եթէ չարգիլուի Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան եւ Ռոտէզիոյ մասնակցութիւնը այնտեղ տիրող խտրականութեան քաղաքականութեան պատճառով։ Ափրիկեան երկիրները պահանջած են հանել նաեւ Նոր Զիլանտայի մասնակցութիւնը, որովհետեւ վերջինիս ռեկպիի ազգային խումբը մեկնած էր Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւն։ ՄՈԿ-ը կատարած է առաջին երկու պահանջները, սակայն մերժած է վերջինը՝ պատճառաբանելով, որ ռեկպին Ողիմպիական մարզաձեւ չէ։ Հետագային ափրիկեան 20 երկիրներուն միացած են Գայանան ու Իրաքը՝ ձգելով Մոնրէալի Ողիմպիական խաղերը , իրենց քանի մը ներկայացուցիչներուն մրցումներուն մասնակցութենէն ետք «Africa and the XXIst Olympiad» (PDF)։ Olympic Review (International Olympic Committee) (109–110): 584–585։ November–December 1976։ արտագրուած է՝ 6 February 2009 </ref>։
Թայուան հեռացուած է 1976-ի Ողիմպիական խաղերէն Քանատայի վարչապետ Փիեռ Էլիոթ Տրիւտոյի հրամանով։ Տրիւտոյի արարքը լայնօրէն քննադատուած է, եւ Քանատան մեղադրած են քաղաքական ճնշում գործադրելու մէջ։ Քանատային կղզի ճանչցուած չըլլալուն պատճառով որոշուած է արգիլել խումբին մասնակցութիւնը, սակայն մարզիկներուն առաջարկուած է սահմանափակուիլ պետական խորհրդանիշներու մասնաւոր օգտագործմամբ։ Սակայն, Թայուան որոշած է բողոքել Ողիմպիական խաղերուն եւ չէ մասնակցած մինչեւ 1984, երբ վերադարձած է Չինական Թայփէ անունով եւ յատուկ դրօշով ու օրհներգով։
1980 եւ 1984-ականներուն Պաղ Պատերազմի մասնակիցները բողոքած են ուրիշ երկիրներու մէջ տեղի ունեցող Ողիմպիական խաղերուն։ Միացեալ Նահանգներն ու վաթսունհինգ այլ երկիրներ բողոքած են 1980-ի Մոսկուայի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն Խորհրդային Միութեան կողմէ Աֆղանիստան ներխուժման պատճառով։ Այդ բողոքին պատճառով 1980-ի Ողիմպիականին մասնակցած է 80 երկիր, որ մասնակից երկիրներու ամենափոքր թիւն է 1956-էն ի վեր։ Խորհրդային Միութիւնը եւ 15 երկիրներ բողոքած են 1984-ին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն՝ պատճառաբանելով, թէ անոնք չեն կրնար երաշխաւորել իրենց քաղաքացիներու անվտանգութիւնը։ Հակառակ անոր՝ այդ Ողիմպիականին մասնակցած է 140 Ազգային կոմիտէ, որ մրցանշային թիւ էր այդ ատենուան համար։ Վարշաւայի պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ Ռումանիոյ խումբը, հակառակ ԽՍՀՄ պահանջին, որոշած է մասնակցիլ եւ արժանացած է ջերմ ընդունելութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ատեն Ռումանիոյ խումբը արժանացած է բուռն ծափահարութիւններու հանդիսատեսին կողմէն, որ հիմնականին ԱՄՆ քաղաքացիներ էին։ Արեւելեան միաւորումի՝ Ողիմպիական խաղերը բողոքած երկիրները Յուլիսին եւ Օգոստոսին ունեցած են իրենց այլընտրանքային մրցութիւնը, որ կոչուած է Բարեկամութեան խաղեր։
Կոչեր եղած են բողոքելու չինական արտադրութիւններուն ու 2008-ին Չինաստանի մէջ կայանալիք Ողիմպիական խաղերը իբրեւ բողոք Չինաստանի մէջ մարդու իրաւունքները խախտելու դէմ եւ ի պատասխան Թիպէթեան անկարգութիւններուն։ Սակայն վերջնական արդիւնքով ոչ մէկ երկիր միացած է բողոքին։ Օգոստոս 2008-ին Վրաստանի կառավարութիւնը կոչ ուղղած է բողոքելու 2014-ին Սոչիի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն Հարաւային Օսիայի պատերազմին Ռուսաստանի միջամտութեան պատճառով։
=== Քաղաքականութիւն ===
Ժամանակակից Ողիմպիական խաղերը սկզբնական ժամանակաշրջանին օգտագործուած են իբրեւ քաղաքական գաղափարախօսութիւններու տարածման հարթակ։ 1936-ի Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող Նացիստական Գերմանիան փափաքած է ազգային-ընկերային կուսակցութիւնը ներկայացնել իբրեւ բարեացակամ ու խաղաղասէր, սակայն միաժամանակ խաղերը օգտագործած է արիական ցեղի գերազանցութիւնը ցուցադրելու նպատակով։ Գերմանիա եղած է այդ խաղերու ամենայաջողակ մասնակից երկիրը, սակայն անոր յաջողութիւնը «մթագնած են» չորս ոսկեայ մետալ նուաճած Ափրոամերիկուհի Ճէսսի Օվէնսի եւ ոսկեայ մետալի արժանացած հունգարացի հրեայ Իպոյյա Չաքիի յաղթանակները։ Մինչեւ 1952, Խորհրդային Միութիւնը չէ մասնակցած Ողիմպիական խաղերուն։ Սակայն, անոր փոխարէն 1928-էն սկսեալ Խորհրդային Միութիւնը կազմակերպած է միջազգային մրցոյթներ, որոնք կոչուած են «Սպարտակիատաներ»։ Համաշխարհային երկու պատերազմներու միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին՝ 1920-ական եւ 1930-ականներուն, տարբեր երկիրներու, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու համայնավարներն ու ընկերվարականները փորձած են իրենց կողմէն «պուրժուական» կոչուած Ողիմպիական խաղերուն հակադրել Բանուորներու Ողիմպիական խաղերը։ 1956-ի Ողիմպիական խաղերուն Խորհրդային Միութիւնը հասած է մեծ յաջողութեան՝ նուաճելով ամենաշատ թիւով մետալները, որ նպաստած է երկիրի միջազգային հեղինակութեան բարձրացման։
Առանձին անհատներ նոյնպէս օգտագործած են Ողիմպիական խաղերը իրենց քաղաքական գաղափարները քարոզելու համար։ 1968-ի Մեքսիքոյի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն ամերիկացի վազողներ Թոմի Սմիթ եւ Ճոն Քարլոս, որ 200 մեթր մրցատարածութիւնով գրաւած էին համապատասխանաբար առաջին եւ երրորդ տեղերը, մետալներու յանձնումէն ետք, երբ հնչած է ամերիկեան քայլերգը, խոնարհած են գլուխներն ու վեր բարձրացուցած բռունցքները (սեւ ձեռնոցներով)՝ ցուցադրելով «Black Power» (սեւերու հզօրութիւն) յայտնի նշանը՝ անով արտայայտելով իրենց բողոքը Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող ցեղապաշտութեան դէմ։ Արծաթէ մետալակիրը՝ աւստրալացի Փիթր Նորման, կը կրէր «Ողիմպիական նախագիծ մը՝ յանուն մարդու իրաւունքներու» (անգլերէն՝ Olympic Project for Human Rights, OPHR) նշանը՝ ցոյց տալով իր աջակցութիւնը Սմիթին ու Քարլոսին։ Անոր ի պատասխան՝ ՄՈԿ-ի նախագահ Էյվերու Պրենտեժ Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական Կոմիտէէն պահանջած է կա՛մ տուն ուղարկել այդ երկու մարզիկները, կա՛մ պայքարէն հանել թեթեւ աթլէթի ամբողջ խումբը։ Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական Կոմիտէն ընտրած է առաջինը։ Նոյն Ողիմպիական խաղերուն Չեխոսլովաքիան ներկայացնող մարմնամարզուհի Վերա Չասլաւսքան արտայայտած է իր բողոքը ընդդէմ Խորհրդային Միութեան կողմէն իր հայրենիքին կատարուած ներխուժման. մարզագերանի վրայ վարժութիւններու համար արծաթեայ եւ ազատ վարժութիւններու համար ոսկեայ (ԽՍՀՄ ներկայացուցիչ Լարիսա Փեթրիքի հետ միասին) մետալներու արժանանալէ ետք, Չասլաւսքան ԽՍՀՄ օրհներգի հնչեցման ատեն գլուխը թեքած է աջ եւ քիչ մը խոնարհած։ Հայրենիք վերադառնալէն ետք Վերա Չասլաւսքային Չեխոսլովաքիայի համայնավար ղեկավարութիւնը արգիլած է դուրս գալ երկիրէն։
Ներկայիս Իրանի կառավարութիւնը քայլեր կը ձեռնարկէ իր մարզիկներուն թոյլ չտալու մասնակցիլ որեւէ մրցոյթի ընդդէմ Իսրայէլի մարզիկներուն։ 2004-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ պարսիկ ճիւտոիստ Արաշ Միրեսմաեիլի չէր մասնակցած Իսրայէլը ներկայացնող մարզիկին դէմ մարտին ։ Թէեւ Արաշ Միրեսմաեիլին պաշտօնապէս որակազրկուած է աւելորդ կշիռքի պատճառով, սակայն ան Իրանի կառավարութեան կողմէ ստացած է 125,000 տոլար դրամական պարգեւ, որ կը տրուէր Ողիմպիական խաղերուն ոսկի մետալներ նուաճած բոլոր իրանցիներուն։ Միջազգային մակարդակով կը համարուի, որ ան դիտմամբ չէ, որ խուսափած է մարտէն, սակայն այդ գումարին ընդունումը կասկածի պատճառ դարձած է։
=== Արդիւնաւէտութիւնը խթանող դեղամիջոցներու (խթանիչներու) օգտագործում ===
20-րդ դարու սկիզբը Ողիմպիական խաղերուն մասնակցող բազմաթիւ մարզիկներ սկսած են օգտագործել դեղանիւթեր՝ բարելաւելու համար իրենց մարզական ունակութիւնները։ Օրինակ՝ 1904-ին մարաթոնեան վազքին ոսկեայ մետալ ստացած Թոմաս Հիքսին մարզիչը մեղադրուած է ստիխնինի (strychnine) գործածութեան համար։ Ողիմպիական խաղերու ատեն խթանիչներու օգտագործման պատճառով մահացու միակ դէպքը պատահած է 1960-ին Հռոմի մէջ։ Դանիացի հեծանիւորդ Քնուտ Ենսէն ինկած է իր հեծանիւէն եւ աւելի ուշ՝ մահացած։ Դատաքննչական քննութիւնը ցոյց տուած է, որ ան եղած է amphetamineններու ազդեցութեան տակ։ 1960-ականներու կէսերուն մարզանքի դաշնութիւնները սկսած են արգիլել արդիւնաւէտութիւնը խթանող դեղամիջոցներու օգտագործումը։ 1967-ին ՄՈԿ-ը հետեւած է անոնց։
Ըստ բրիտանացի լրագրող Էնտրու Ժենինկսի՝ Պետական Անվտանգութեան Կոմիտէի գնդապետը յայտարարած է, թէ գործակալութեան սպաներ նշանակուած են ՄՈԿ-ի մարմիններուն մէջ, որպէսզի չկեղծեն խթանիչի քննութիւնները, եւ այդ հսկայական ջանքերուն շնորհիւ «փրկուած են» խորհրդային մարզիկները։ 1980-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն նուիրուած աւստրալական ուսումնասիրութեան մէջ, որ կատարուած է 1989-ին, ըսուած է. «Հազիւ թէ Մոսկուայի խաղերուն գտնուի մետալակիր մը, աւելի ստոյգ՝ ոսկեայ մետալակիր մը, բացի քանի մը հոգիիէ՝ խթանիչի ազդեցութեան տակ։ Մոսկուայի խաղերը կրնան կոչուիլ Դեղագործներու խաղեր»։
Ողիմպիական խաղերու մասնակից առաջին մարզիկը, որու քննութիւնը դրական արդիւնք տուած է, եղած է շուէտ հնգամարտիկ Հանս Գունար Լիլենվալը, որ կորսնցուցած է 1968-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն ստացած պրոնզէ մետալը ալքոլ օգտագործելուն պատճառով։ Խթանիչներու օգտագործման պատճառով տեղի ունեցած ամենայայտնի որակազրկումներէն մէկը տեղի ունեցած է 1988-ի Ողիմպիական խաղերէն ետք, երբ քանատացի ցատկող Պէն Ճոնսընի (որ յաղթած էր 100 մեթր մրցատարածութեան մէջ) քննութեան արդիւնքով պարզուած է, որ ան օգտագործած է ստանոզոլոլ։ Անոր ոսկեայ մետալը փոխանցուած է ամերիկացի Քարլ Լուիսին, որու արգիլուած նիւթերու օգտագործման վերաբերեալ քննութեան արդիւնքները նոյնպէս դրական եղած էին Ողիմպիական խաղերէն առաջ։
1999-ին ՄՈԿ-ի կողմէ ստեղծուած է Համաշխարհային հակատոպինկային գործակալութիւնը, որուն նպատակն էր համակարգել խթանիչներու օգտագործման ստուգումն ու յայտնաբերումը։ Խթանիչներու օգտագործման քննութիւններու դրական արդիւնքներու քանակի կտրուկ աճ գրանցուած է 2000-ի Ամառնային եւ 2002-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն։ Ծանր մարզախաղերուն ու դահուկավազքին մետալներու արժանացած շարք մը մարզիկներ որակազրկուած են խթանիչներու օգտագործման պատճառով։ 2006-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ միայն մէկ մարզիկ զրկուած է մետալէ խթանիչի օգտագործման պատճառով։ ՄՈԿ-ի կողմէն ստեղծուած խթանիչներու քննութեան համակարգը (ներկայիս յայտնի է որպէս Ողիմպիական համաչափ) սահմանած է համաշխարհային չափանիշներ, որոնք կը փորձեն ընդօրինակել մարզանքի դաշնութիւնները։ Փեքինի Ողիմպիական խաղերու ժամանակ 3667 մարզիկներ ստուգուած են ՄՈԿ-ի կողմէ Համաշխարհային հակատոպինկային գործակալութեան հովանիին ներքոյ։ Ստուգուած է մէզի եւ արեան մէջ արգիլուած նիւթերու առկայութիւնը։ Բազմաթիւ մարզիկներու չէին թոյլատրած խաղերուն մասնակցիլ իրենց Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէները, եւ միայն երեք մարզիկներ տապալած են խթանիչի օգտագործման քննութիւնը Փեքինի մէջ «Doping: 3667 athletes tested, IOC seeks action against Halkia's coach»։ Express India Newspapers։ 19 August 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 1 December 2008-ին։ արտագրուած է՝ 28 August 2008 </ref>։ Լոնտոնի մէջ քննութենէ անցած են Ողիմպիական ու Փարալիմփիկ խաղերու աւելի քան 6000 մարզիկներ։ Մրցոյթներէն առաջ արգիլուած նիւթերու օգտագործման քննութեան արդիւնքը դրական եղած է 107 մարզիկներու մօտ, որոնց թոյլ չէ տրուած մասնակցիլ մրցոյթներուն։ Խաղերու ընթացքին եւ անոնցմէ ետք եւս ութ մարզիկներու քննութիւնները ցոյց տուած են դրական արդիւնք. անոնց կարգին էր Նատժէա Օսթափչուկ, որ զրկուած է ոսկեայ մետալէ։
==== Ռուսաստանի թմրեցուցիչի հարցը ====
Խթանիչներու օգտագործման ծրագիրին՝ պետութեան կողմէ հովանաւորուելուն պատճառով 2016-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն մասամբ, իսկ 2018-ի Ձմեռնային խաղերուն բոլորովին արգիլուած է Ռուսիոյ Ողիմպիական կոմիտէի մասնակցութիւնը։
=== Սեռական խտրականութիւն ===
Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու արտօնութիւն առաջին անգամ կիները ստացած են 1900-ին Փարիզի մէջ, բայց մասնակից 35 երկիրներ ուղարկած են միայն տղամարդոցմէ կազմուած հաւաքականներ: Հետագային այդ թիւը նուազած է: 2000-ին Պահրէյն առաջին անգամ ուղարկած է երկու մարզուհիներ՝ Ֆաթիմա Համիտ Գերաշին ու Մարիամ Մուհամէտ Հատի Ալ Հիլին: 2004-ին Ռոպինա Մուկիմեարը եւ Ֆարիտա Ռեզային դարձած են առաջին մարզուհիները, որոնք ներկայացուցած են Աֆղանիստանը ողիմպիական խաղերուն: 2008-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները առաջին անգամ Ողիմպիական խաղերուն ուղարկած է երկու մարզուհիներ (Մաիտա Ալ Մաքթումը մասնակցած է թեքուանտոյի, Լաթիֆա Ալ Մաքթումը՝ ձիավարութեան մրցումներուն): Երկու մարզուհիներն ալ եղած են Տուպայի շէյխերու ընտանիքներէ:
Մինչ 2010-ը միայն երեք երկիրներ ոչ մէկ մարզուհի չեն ուղարկած մասնակցելու Ողիմպիական Խաղերուն. այդ երկիրներն են Պրունէյը, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը: Պրունէյը մասնակցած է միայն երեք Ողիմպիական խաղերու՝ ամէն անգամ ուղարկելով մէկական մարզիկ, իսկ Սէուտական Արաբիան ու Քաթարը կը մասնակցին պարբերաբար, սակայն կ'ուղարկեն միայն տղամարդ մարզիկներ: 2010-ին Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն յայտարարած է, որ պէտք է այդ երկիրներուն ստիպել, թոյլ տալ եւ խրախուսել կանանց մասնակցութիւնը 2012-ի ողիմպիական խաղերուն: Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէի՝ Կանանց եւ մարզանքի հարցերով Կոմիտէի ղեկավար Անիթա Տեֆրանցը առաջարկած է երկիրներուն թոյլ չտալ մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն, եթէ անոնք չեն ուղարկեր կիներ եւ աղջիկներ: Կարճ ժամանակ ետք Քաթարի Ողիմպիական Կոմիտէն յայտարարած է, որ իրենք «յոյս ունին ուղարկել մինչեւ չորս կին մարզիկներ»՝ մասնակցելու հրաձգութեան եւ սուսերամարտի մրցումներուն 2012-ին Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն:
2012-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն պատմութեան մէջ առաջին անգամ մասնակից բոլոր երկիրներու հաւաքականներուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ կանայք: Սէուտական Արաբիան իր Ողիմպիական հաւաքականին ընդգրկած էր երկու, Քաթարը՝ չորս, Պրունէյը՝ մէկ մարզուհի: Քաթարի ներկայացուցչուհիներէն մէկը՝ Պահիյա ալ Համատ, դարձած է Ողիմպիական ախոյեան (հրաձգութիւն) եւ եղած է անոնց դրօշակակիրը 2012-ի Ողիմպիական խաղերուն, իսկ Պահրէյնը ներկայացնող վազքի մրցումին մասնակից Մարիամ Եուսուֆ Ճամալը արժանացած է պրոնզէ մետալի 1500 մեթր մրցատարածութեան մէջ:
Ողիմպիական ծրագիրին մէջ ընդգրկուած միակ մրցումը, որուն կը մասնակցին կանայք ու տղամարդիկ միասին, ձիավարութիւնն է: 2008-ի տուեալներով՝ աւելի շատ մետալներու հաւաքածոներ խաղարկուած են տղամարդոց, քան թէ կանանց համար: 2012-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն ծրագրին մէջ կանանց բռնցքամարտի աւելացումէն ետք կանայք կրնան մասնակցիլ այն նոյն մրցոյթներուն, ինչպէս տղամարդիկ: Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ կանայք չեն կրնար մասնակցիլ մէկ մարզաձեւի՝ դահուկային երկամարտի մրցոյթներուն: Տղամարդիկ չեն մասնակցիր երկու մարզաձեւերու՝ գեղալողի ու գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցոյթներուն:
=== Գաղութացում ===
Ողիմպիական խաղերը քննադատուած են հիւրընկալող երկիրներու ու քաղաքներու գաղութային քաղաքականութեան սատարելուն (իսկ որոշ պարագաներու նաեւ ուժեղացնելու) համար, որ տեղի կ'ունենայ Ողիմպիական խաղերու հետ կապուած կազմակերպութիւններու կամ ուղղակիօրէն Ողիմպիական խաղերու պաշտօնական մարմիններուն կողմէ, ինչպիսիք են Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն, հիւրընկալող կազմակերպչական կոմիտէները եւ պաշտօնական հովանաւորները։ Քննադատները նշած են, որ Ողիմպիական խաղերուն կը ներկայացուին ժողովրդագրական ու գաղութային սխալ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ կ'օգտագործուին բնիկ ժողովուրդին մշակութային արժէքները, որոնց հողերը գրաւուած են, եւ որոնց համար ստեղծուած են ապրելու վատ պայմաններ։ Նման դէպքեր եղած են 1904-ի Սենթ Լուիսի (Միսսուրի, ԱՄՆ) ու 1976-ի Մոնրէալի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն եւ 1988-ին Քալկարիի (Ալպերթա, Քանատա) ու 2010-ին Վենքուվըրի (Բրիտանական Քոլոմպիա, Քանատա) Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու ընթացքին։
== Քաղաքացիութիւն ==
=== ՄՈԿ-ի կանոնները քաղաքացիութեան մասին ===
Ողիմպիական խարտիան կը պահանջէ, որ մարզիկը ըլլայ այն երկիրի քաղաքացին, որ կը ներկայացնէ։ Երկքաղաքացիութիւն ունեցող անձեր կրնան ներկայացնել այն երկիրը, որ կը ցանկան, եթէ նախորդ երկիրը ներկայացնելէ ետք անցած է երեք տարի։ Սակայն ՄՈԿ-ի եւ Միջազգային մարզական միաւորման համաձայնութեամբ այդ ժամկէտը կրնայ կրճատուիլ կամ չեղարկուիլ։ Այդ ժամկէտը պահպանելը պարտադիր է այն մարզիկներուն համար, որոնք նախապէս ներկայացուցած են երկիր մը եւ կը ցանկան հանդէս գալ այլ երկիրի դրօշակով։ Եթէ մարզիկը ստանայ նոր կամ երկրորդ քաղաքացիութիւն, ապա ան պարտաւոր չէ սպասել որոշակի ժամանակ մը եւ կրնայ հանդէս գալ յօգուտ նոր կամ երկրորդ երկիրին։ ՄՈԿ-ը սկսած է հետաքրքրուիլ քաղաքացիութեան հարցերով, երբ որոշ երկիրներ սկսած են մարզիկներուն քաղաքացիութիւն տալ։
=== Քաղաքացիութիւնը փոխելու պատճառներ ===
Մարզիկները երբեմն ձեռք կը բերեն այլ երկրի քաղաքացիութիւն, որպէսզի կարենան մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն այդ երկիրի դրօշակով։ Ասիկա յաճախ տեղի կ'ունենայ այն պատճառով, որ մարզիկները կը գրաւեն աւելի լաւ հովանաւորներ կամ մարզուելու աւելի լաւ պայմաններ ունենալու հնարաւորութիւնները այնպիսի երկիրներու մէջ, ինչպիսին է ԱՄՆ-ը։ Անոր պատճառ կրնայ ըլլալ նաեւ այն, որ մարզիկը չի յաջողիր իր հայրենի երկիրը որակաւոր ձեւով ներկայացնելու, մանաւանդ երբ իր երկիրին մէջ արդէն որակաւորուած են ուրիշ մարզիկներ։ 1992-էն մինչեւ 2008-ը նախապէս այլ երկիրի դրօշակով Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած շուրջ 50 մարզիկներ տեղափոխուած են Միացեալ Նահանգներ՝ նպատակ ունենալով հանդէս գալ ԱՄՆ Ողիմպիական խումբի կազմին մէջ։
=== Քաղաքացիութեան փոփոխութիւններ եւ վէճեր ===
Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու համար քաղաքացիութիւնը փոխելու ամենայայտնի դէպքերէն մէկը հարաւափրիկեցի վազող Զոլա Պատտի դէպքն է, որ տեղափոխուած է Մեծն Բրիտանիա, քանի որ Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւնը չէր կրնար մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն։ Ան իրաւունք ունէր ստանալ բրիտանական քաղաքացիութիւն, քանի որ իր մեծ հայրը ծնած էր Բրիտանիոյ մէջ, սակայն երկրին քաղաքացիները կառավարութիւնը մեղադրած են անոր քաղաքացիութիւն շնորհելու գործընթացը արագացնելուն համար։
Այլ յայտնի օրինակ է քենիացի վազող Պերնարտ Լակատի դէպքը, որ դարձած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Մայիս 2004-ին։ Քենիայի Սահմանադրութիւնը կը պահանջէ, որ անձը հրաժարի իր երկրի քաղաքացիութենէն՝ այլ երկիրի քաղաքացիութիւն ստանալու պարագային։ Լակատ Քենիայի դրօշակով հանդէս եկած է Աթէնքի մէջ կայացած 2004-ի Ողիմպիական խաղերուն, թէեւ արդէն Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի էր։ Ըստ քենիական կողմին՝ Լակատ արդէն Քենիայի քաղաքացի չէր, որ վտանգի տակ կը դնէր անոր նուաճած արծաթեայ մետալը։ Լակատ ըսած է, թէ ինքը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը սկսած է 2003-ի վերջը եւ չէր ակնկալեր, որ քաղաքացիութիւն ստանար նախքան Աթէնքի Ողիմպիական խաղերը։
Պասքէթպոլուհի Պեքի Համոն (անգլերէն՝ Becky Hammon) չէ ընդգրկուած Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական խումբին մէջ, սակայն փափաքած է մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն, այդ պատճառով ալ տեղափոխուած է Ռուսիա, ուր ան արդէն խաղացած էր տեղի լիկային մէջ WNBA միջմրցաշրջանի ընթացքին։ Համօն քննադատութիւններու արժանացած է շարք մը ամերիկացիներէ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ ազգային խումբի մարզիչին կողմէ եւ նոյնիսկ համարուած՝ ոչ հայրենասէր։
== Ախոյեաններ եւ մետալակիրներ ==
Իւրաքանչիւր մրցումի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղը գրաւած մարզիկները կը ստանան մետալներ։ Յաղթողները կ'արժանանան ոսկեայ մետալներու, որոնք մինչեւ 1912 ամբողջովին եղած են ոսկի, յետոյ ոսկեզօծ արծաթ, իսկ աւելի ուշ՝ ոսկիի բարակ շերտով պատուած արծաթեայ։ Ամէն մէկ ոսկեայ մետալ պէտք է պարունակէ առնուազն վեց կրամ մաքուր ոսկի։ Երկրորդ տեղը գրաւողները կը ստանան արծաթեայ, իսկ երրորդ տեղը գրաւողները՝ պրոնզէ մետալներ։ Այն մարզաձեւերուն մէջ, որոնց մէջ կը գործէ փլէյ օֆֆ համակարգը (առաւելապէս բռնցքամարտին մէջ), երրորդ տեղը որոշելու անհնարինութեան պատճառով կիսաեզրափակիչ պարտուած երկու մարզիկներն ալ կ'արժանանան պրոնզէ մետալներու։ 1896-ի Ողիմպիական խաղերուն մետալներ ստացած են միայն առաջին երկու տեղերը գրաւողները. առաջինները ստացած են արծաթեայ, երկրորդները՝ պրոնզէ մետալներ։ Երեք մետալ ներառող ներկայի համակարգը կը գործէ 1904-ի Ողիմպիական խաղերէն սկսեալ։ 1948-էն սկսեալ չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ տեղերը գրաւող մարզիկները կը ստանան հաւաստագիրներ, որոնք պաշտօնապէս ծանօթ են իբրեւ յաղթանակի վկայականներ։ 1984-էն ի վեր նման վկայականներ կը տրուին նաեւ եօթներորդ եւ ութերորդ տեղերը գրաւողներուն։ 2004-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն ոսկեայ, արծաթեայ եւ պրոնզէ մետալներու արժանացած մարզիկներուն տրուած են նաեւ դափնեպսակներ։ ՄՈԿ-ը չի պահպաներ մետալակիրներու վիճակագրութիւնը, սակայն Ազգային Ողիմպիական կոմիտէներու ու լրատուամիջոցներու կողմէ Ողիմպիական մրցանակները կը դիտարկուին իբրեւ յաջողութեան չափանիշ։
== Մասնակից երկիրներ ==
=== Ամառնային Ողիմպիական խաղերու մասնակիցներ ===
2012-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած են ներկայիս գոյութիւն ունեցող բոլոր 204 Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէները, որոնք մասնակցած են Ամառնային Ողիմպիական խաղերու առնուազն մէկ մրցոյթի, իսկ Աւստրալիա, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Յունաստան եւ Զուիցերիա մասնակցած են բոլոր Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն։ Միացեալ Նահանգները բաց թողած են 1980-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերը երկիրի նախագահ Ճիմի Քարթըրի բողոքին պատճառով։
=== Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու մասնակիցներ ===
119 Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէներ (ներկայիս 204 Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէներէն 110-ը եւ նախապէս գործած 9 Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէներ) առնուազն մէկ անգամ մասնակցած են Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու, իսկ 12 պետութիւններ (Աւստրիա, Իտալիա, Լեհաստան, Քանատա, Հունգարիա, Մեծն Բրիտանիա, Միացեալ Նահանգներ, Նորվեկիա, Շուէտ, Զուիցերիա, Ֆինլանտա, Ֆրանսա) մասնակցած են ցարդ տեղի ունեցած բոլոր Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն։ Հաշուի առնելով Չեխոսլովաքիայի մասնակցութիւնը՝ Չեխիան եւ Սլովաքիան նոյնպէս մասնակցած են տեղի ունեցած բոլոր Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն։
=== Հիւրընկալող երկիրներ եւ քաղաքներ ===
Ողիմպիական խաղերու մայրաքաղաքը սովորաբար կ'ընտրուի միջոցառման տեղի ունենալէն եօթը կամ ութ տարի առաջ։ Ընտրութիւնը կազմուած է երկու փուլէ, որ կը տեւէ երկու տարի։ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալել փափաքող քաղաքները դիմում կը ներկայացնեն իրենց երկիրին Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին. եթէ երկիրի մը մէկէ աւելի քաղաք դիմում ներկայացուցած է, ապա Ազգային Կոմիտէն կը կատարէ ներքին ընտրութիւնը, քանի որ իւրաքանչիւր երկիր կրնայ միայն մէկ քաղաքի համար դիմում ներկայացնել Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէին։ Դիմումներու ներկայացման համար նախատեսուած ժամկէտին աւարտէն ետք կը սկսի առաջին փուլը, որուն ընթացքին դիմում ներկայացուցած քաղաքները կը լրացնեն որոշակի հարցաթերթիկ մը՝ պատասխանելով Ողիմպիական խաղերու կազմակերպման վերաբերող հարցումերու: Դիմում ներկայացուցած քաղաքները պէտք է վստահեցնեն, որ իրենք կը հետեւին Ողիմպիական կանոններուն, որոնք սահմանուած են ՄՈԿ-ի Գործադիր Կոմիտէին կողմէ։ Ամբողջացած հարցաթերթիկները կը գնահատուին մասնագէտներու յատուկ խումբի մը կողմէ, որուն հիման վրայ պատկերացում կը կազմուի երկիրներու ներկայացուցած առաջարկներուն ու խաղերը հիւրընկալելու անոնց կարողութեան մասին։ Այդ գնահատման հիման վրայ ՄՈԿ-ի Գործադիր Կոմիտէն կ'ընտրէ այն թեկնածուները, որոնք կ'անցնին յաջորդ փուլ։
Թեկնածու ընտրուած քաղաքները պէտք է աւելի ծաւալուն ու մանրամասն ներկայացնեն իրենց նախագիծը ՄՈԿ-ին։ Իւրաքանչիւր նախագիծ կը քննարկուի գնահատող յանձնաժողովի մը կողմէ։ Վերջինս կ'այցելէ թեկնածու քաղաքներ, հարցազրոյցներ կ'ունենայ տեղի պետական պաշտօնեաներուն հետ, կը ստուգէ այն վայրերը, ուր կը նախատեսուի կատարել միջոցառումները։ Ապա, յանձնաժողովը կը ներկայացնէ իր հաշուետուութիւնը ՄՈԿ-ի վերջնական որոշումէն մէկ ամիս առաջ։ Հարցազրոյցներու հանգրուանին թեկնածու քաղաքը պէտք է նաեւ երաշխաւորէ, որ կրնայ նիւթապէս հովանաւորել Ողիմպիական խաղերուն կազմակերպումը։ Գնահատող յանձնաժողովի աշխատանքին աւարտէն ետք թեկնածուներու ցանկը կը ներկայացուի ՄՈԿ-ի ընդհանուր նիստին, որ տեղի կ'ունենայ այն երկիրին մէջ, որմէ քաղաք չկայ թեկնածուներու ցանկին մէջ։ ՄՈԿ-ի անդամներու քուէարկութեամբ կ'որոշուի այն քաղաքը, որ պէտք է հիւրընկալէ Ողիմպիական խաղերը։ Ընտրուելէն ետք հիւրընկալ քաղաքին դիմումը ներկայացուցած կոմիտէն (համապատասխան երկիրի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի հետ միասին) կը ստորագրէ հիւրընկալող քաղաքի պայմանագիր մը ՄՈԿ-ի հետ՝ պաշտօնապէս դառնալով Ողիմպիական խաղերը ընդունող քաղաք։
Մինչ 2016, Ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցած են 23 երկիրներու 44 քաղաքներու մէջ, որոնցմէ միայն ութն կը գտնուի Եւրոպայէն ու Հիւսիսային Ամերիկայէն դուրս։ 1988-ին Սէուլի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունեցած Ամառնային Ողիմպիական խաղերէն սկսեալ՝ Ողիմպիական խաղերը չորս անգամ տեղի ունեցած են Ասիոյ եւ Օքիանիայի մէջ, որ մեծ առաջընթաց է ժամանակակից Ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ։ 2006-ի Ռիօ տէ Ժենէրոյի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերը եղած են առաջինը Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Ափրիկէի երկիրներուն մէջ Ողիմպիական խաղեր դեռ տեղի չեն ունեցած։
Միացեալ Նահանգներ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած են ութ անգամ (չորս անգամ Ամառնային Ողիմպիական խաղերը, չորս անգամ՝ Ձմեռնային), որ ամենաշատն է բոլոր երկիրներու ցանկին մէջ։ Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոն Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած է երեք անգամ (բոլորն ալ Ամառնային), որ աւելի շատ է, քան որեւէ այլ քաղաք։ Երկու անգամ Ամառնային Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած երկիրներն են Գերմանիա, Աւստրալիա, Ֆրանսա եւ Յունաստան։ Երկու անգամ Ամառնային Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած քաղաքներն են Լոս Անճելըս, Փարիզ եւ Աթէնք։ 2020-ին տեղի ունենալիք Ամառնային Ողիմպիական խաղերէն ետք Ճափոնն ու Թոքիօն պիտի համալրեն այդ ցանկը։
Միացեալ Նահանգներէն բացի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը երեք անգամ հիւրընկալած է նաեւ Ֆրանսան։ Երկու անգամ այդ խաղերը հիւրընկալած են Զուիցերիա, Աւստրիա, Նորվեկիա, Ճափոն, Քանատա եւ Իտալիա։ Քաղաքներու շարքին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը երկուքական անգամ հիւրընկալած են Լէյք Փլեսիտը, Ինսպրուքը եւ Սան Մորիսը։
=== Ողիմպիական խաղերու կազմակերպման տարեթիւեր եւ վայրեր ===
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Beaster-Jones Jayson (2013)։ «Commodification»։ The Grove Dictionary of American Music։ Oxford University Press։ doi:10.1093/acref/9780195314281.001.0001/acref-9780195314281-e-1827։ արտագրուած է՝ 15 March 2014
Buchanon Ian, Mallon Bill (2006)։ Historical Dictionary of the Olympic Movement։ Lanham, MD: Scarecrow Press։ ISBN 978-0-8108-5574-8
Burkert Walter (1983)։ «Pelops at Olympia»։ Homo Necans։ University of California Press։ ISBN 978-0-520-05875-0
Cooper-Chen Anne (2005)։ Global entertainment media։ Mahwah, New Jersey: Lawrence Erlbaum Associates։ ISBN 978-0-8058-5168-7։ արտագրուած է՝ 21 March 2009
Coubertin Pierre de, Philemon Timoleon J., Politis N.G., Anninos Charalambos (1897)։ The Olympic Games: BC 776 – AD 1896 (PDF)։ The Olympic Games in 1896 – Second Part (Athens: Charles Beck)։ արտագրուած է՝ 2 February 2009
Crowther Nigel B. (2007)։ «The Ancient Olympic Games»։ Sport in Ancient Times։ Greenwood Publishing Group։ ISBN 978-0-275-98739-8
Darling Janina K. (2004)։ «Panathenaic Stadium, Athens»։ Architecture of Greece։ Santa Barbara, California: Greenwood Publishing Group։ ISBN 978-0-313-32152-8։ արտագրուած է՝ 30 January 2009
Eassom Simon (1994)։ Critical Reflections on Olympic Ideology։ Ontario: The Centre for Olympic Studies։ ISBN 978-0-7714-1697-2
Findling John E., Pelle Kimberly D. (2004)։ Encyclopedia of the Modern Olympic Movement։ Westport CT: Greenwood Press։ ISBN 978-0-313-32278-5։ արտագրուած է՝ 30 March 2009
Gershon Richard A. (2000)։ Telecommunications Management:Industry structures and planning strategies։ Mahwah, NJ: Lawrence Erlbaum Associates։ ISBN 978-0-8058-3002-6։ արտագրուած է՝ 21 March 2009
Girginov Vassil, Parry Jim (2005)։ The Olympic Games Explained: A Student Guide to the Evolution of the Modern Olympic Games։ Routledge։ ISBN 978-0-415-34604-7։ արտագրուած է՝ 3 July 2012
Golden Mark (2009)։ «Helpers, Horses, and Heroes»։ Greek Sport and Social Status։ University of Texas Press։ ISBN 978-0-292-71869-2
International Olympic Committee։ «All Games since 1896»։ արտագրուած է՝ 20 February 2013
Krüger Arnd, Murray William J. (2003)։ The Nazi Olympics: sport, politics and appeasement in the 1930s։ University of Illinois Press։ ISBN 978-0-252-02815-1։ արտագրուած է՝ 3 July 2012
Lee Jeff (24 November 2007)։ «Hyper-Hush Surrounds 2010 Games Mascots 'Til Tuesday»։ The Vancouver Sun։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 4 November 2014-ին։ արտագրուած է՝ 16 March 2014
Maraniss David (2008)։ Rome 1960։ New York: Simon & Schuster։ ISBN 978-1-4165-3407-5
Matthews George R. (2005)։ America's first Olympics: the St. Louis games of 1904։ University of Missouri Press։ ISBN 978-0-8262-1588-8
«Olympic Charter» (PDF)։ International Olympic Committee։ 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 23 July 2011-ին։ արտագրուած է՝ 19 September 2012
Olympic Museum (2007)։ «The Olympic Games in Antiquity» (PDF)։ International Olympic Committee։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 26 April 2009-ին։ արտագրուած է՝ 2 February 2009
Pausanias (1 January 1926)։ «Elis 1»։ Description of Greece։ Loeb Classical Library։ Vol. 2։ translated by W. H. S. Jones and H. A. Ormerud։ London: W. Heinemann։ ISBN 978-0-674-99207-8։ OCLC 10818363։ արտագրուած է՝ 9 January 2009
Pindar (1997)։ «Olympian 10»։ Olympian Odes։ Loeb Classical Library։ translated by William H. Race։ Harvard University Press։ ISBN 978-0-674-99564-2։ արտագրուած է՝ 25 March 2009
Porterfield Jason (2008)։ Doping:Athletes and Drugs։ New York: Rosen Publishing Group։ էջ 15։ ISBN 978-1-4042-1917-5։ արտագրուած է՝ 30 January 2009
Richardson N.J. (1992)։ «Panhellenic Cults and Panhellenic Poets»։ in Lewis, D.M., Boardman, John, Davies, J.K.։ The Fifth Century BC։ Cambridge University Press։ ISBN 978-0-521-23347-7։ արտագրուած է՝ 2 February 2013
Roche Maurice (2000)։ Mega-Events and Modernity։ New York: Routledge, Taylor & Francis Group։ ISBN 978-0-415-15711-7։ արտագրուած է՝ 30 January 2009
Schaffer Kay, Smith Sidonie (2000)։ Olympics at the Millennium։ New Jersey: Rutgers University Press։ ISBN 978-0-8135-2819-9։ արտագրուած է՝ 30 January 2009
Schantz Otto J. (2008)։ «Pierre de Coubertin's Concepts of Race, Nation, and Civilization»։ in Susan Brownell։ The 1904 Anthropology Days and Olympic Games: Sport, Race, and American Imperialism։ Lincoln and London: University of Nebraska Press։ ISBN 978-0-8032-1098-1
Shachar Ayelet (2011)։ «Picking Winners: Olympic Citizenship and the Global Race for Talent»։ Yale Law Journal 120 (8): 2088–2139
Slack Trevor (2004)։ The Commercialisation of sport։ New York: Routledge։ ISBN 978-0-7146-8078-1։ արտագրուած է՝ 31 March 2009
Spivey Nigel Jonathan (2004)։ «Olympia: the Origins»։ The Fifth Century BC։ Oxford University Press։ ISBN 978-0-19-280433-4
Swaddling Judith (1999)։ The Ancient Olympic Games։ University of Texas Press։ ISBN 978-0-292-77751-4
Swaddling Judith (2000)։ The Ancient Olympic Games (2 հրտրկթն․)։ Austin: University of Texas Press։ ISBN 978-0-292-70373-5։ OCLC 10759486։ արտագրուած է՝ 6 June 2009
Tomlinson Alan (2005)։ Sport and leisure cultures։ Minneapolis MN: University of Minnesota Press։ ISBN 978-0-8166-3382-1։ արտագրուած է՝ 2 April 2009
Vancouver Organizing Committee for the 2010 Olympic and Paralympic Winter Games (27 November 2007)։ «Vancouver 2010 Mascots Introduced to the World»։ Canadian NewsWire։ արտագրուած է՝ 10 March 2014
Weiler Ingomar (2004)։ «The predecessors of the Olympic movement, and Pierre de Coubertin»։ European Review (Cambridge University Press) 12 (3)
Woods Ron (2007)։ Social Issues in Sport։ Champaign IL: Human Kinetics։ ISBN 978-0-7360-5872-8։ արտագրուած է՝ 2 April 2009
Young David C. (2004)։ «The Beginnings»։ A Brief History of the Olympic Games։ Wiley-Blackwell։ ISBN 978-1-4051-1130-0
Young David C. (1996)։ The Modern Olympics: A Struggle for Revival։ Baltimore: Johns Hopkins University Press։ ISBN 978-0-8018-7207-5
== Գրականութիւն ==
== Արտաքին յղումներ ==
"Olympic Games". Encyclopædia Britannica Online.
Կաղապար:Dmoz
New York Times Interactive of all the medals in the Modern Olympics
insidethegames – the latest and most up to date news and interviews from the world of Olympic, Commonwealth and Paralympic Games
ATR – Around the Rings – the Business Surrounding the Olympics
GamesBids.com – An Authoritative Review of Olympic Bid Business (home of the BidIndex™)
Database Olympics
History of Olympics to the Present Day
Reference book about all Olympic Medalists of all times
Days left until the next Olympic Games | The Olympic Games Countdown | 2012 | Sochi 2014 | Rio 2016 | PyeongChang 2018 | Tokyo 2020
Olympic and Asian games records |
3,845 | Հայաստանի Թուղթ | Հայաստանի Թուղթ, ֆրանսացիներ papier d'Armenie (Հայաստանի Թուղթ) կոչած են յատուկ կերպով պատրաստուող այն թուղթը, որմէ փոքրիկ կտոր մը այրուելով՝ կ՛արձակէ անուշաբոյր հոտ մը։ Փարիզի փողոցներուն մէջ կը ծախուի երիզներու վերածուած ձեւով եւ ունի բաց սրճագոյն գոյն մը։ Երբ անոր մէկ ծայրը կրակին դպչի, թուղթի կը սկի այրիլ դանդաղօրէն՝ առանց բոց արձակելու։
== Գրականութիւն ==
Պապէսեան Յովհաննէս (1961), «Հանրագիտակ», Կաթողիկութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, էջ 8։ |
16,095 | Հանրային Սեփականութեան Օր | Հանրային սեփականութեան օր (անգլ.՝ Public Domain Day), միջազգային ոչ պաշտօնական տօն, կը նշուի ամէն տարի 1 Յունուարին, սկսած 2004-էն։
Տօնը եւ անոր օրուան ընտրութիւնը կապուած են այն փաստի հետ, որ շատ երկիրներու օրէնսդրութեամբ ամէն տարուան առաջին օրը հանրային սեփականութիւն կը դառնան ստեղծագործութիւններ, որոնց հեղինակային իրաւունքներու ժամկէտը կը լրանայ այդ օրը։ Բացառութիւն կը կազմէ միայն ԱՄՆ-ն, ուր մինչեւ 2019 ոչ մէկ հեղինակային իրաւունք փոխուելու է հանրային սեփականութեան։
Տօնի առաջին յիշատակումը կապուած է քանատացի Ուոլէս Մակլինի անուան հետ(անգլ.՝ Wallace McLean), որու գաղափարը կիսեց իրաւունքի պրոֆեսոր, ոչ առեւտրային Քրեաթիւ Քոմոնս (անգլ.՝ Creative Commons) կազմակերպութեան հիմնադիր, Լոուրենս Լեսինկը։ Աւելի ուշ գաղափարին միացան այլ անձեր, ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններ եւ համացանցային նախագիծեր։
1 Յունուար 2010-էն Հանրային սեփականութեան օրուան կայքին մէջ կը տպուին այն ստեղծագործութիւններու հեղինակներու անունները, որոնց աշխատանքները կը դառնան հանրային սեփականութիւն։ 1 Յունուար 2010-էն ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն Ազատ գիտելիքի հիմնադրամը (անգլ.՝ The Open Knowledge Foundation (OKF)) թողարկեց առցանց լրագիր «Հանրային սեփականութեան նկարագիր» (անգլ.՝ The Public Domain Review), որ նման ցուցակ կը ներկայացնէ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,951 | Հալէպի բերդը | Հալէպի բերդ, հազարամեայ ամրոց, կառուցուած է միջնադարուն։ Կը համարուի աշխարհի ամենահին եւ ամենամեծ միջնաբերդերէն մէկը։ Բլուրը կառուցուած է Ք.ա. 3–րդ հազարամեակին։
Բնակավայրը պատմութեան ընթացքին գրաւուած է շատ մը երկիրներու եւ կամ կայսրութիւններու կողմէ․ Հայաստան, Յունաստան, Բիւզանդական կայսրութիւն, Մամլուքեան եւ Այյուպեան սուլթանութիւններ, Օսմանեան Կայսրութիւն։ Ներկայիս կանգուն մնացած են Այյուպեան ճարտարապետութեան շինութիւնները։ 2000 թուականին Աղա խանի մշակութային հաստատութիւնն ու հնագոյն խմբակը պահպանելու համար կատարուեցան համապատասխան գործողութիւններ։
2012 - 2016 թուականներուն, Հալէպի Կռիւին ժամանակ, բերդը լուրջ վնասներ կ'ունենայ։
20 մ․ խորութեամբ եւ 30 մ․ լայնք ունեցող խրամ մը Միջնաբերդը կը շրջապատէ։
Բերդը կը գտնուի քաղաքի կենդրոնը։ 1986 թուականին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
== Պատմական անդրադարձ ==
Հալէպը Եամհատ թագաւորութեան մայրաքաղաքը կը դառնայ «Հատատին Քաղաք» անունով (Ք․ա․ 2-րդ հազարամեակ)։ Ապա յաջորդաբար կ'իյնայ Ասորիներուն իշխանութեան տակ (Ք․ա․ 8-րդ - Ք․ա․4-րդ դար), Բաբելոնի եւ Պարսիկներուն (Ք․ա․ 539–333)։ Հետագային մաս կը կազմէ Մեծն Աղեքսանտրի հիհմնած կայսրութեան։
Մեծն Աղեքսանտրի մահէն ետք, Հռոմէացիները կը նուաճեն Սելեւկեան կայսրութիւնը, (Ք․ա․ 64)։ Բերդը կը շարունակէ բնակչութեան կրօնական կեդրոնը ըլլալ։ 395-ին, Հռոմէական կայսրութեան բաժանումով, բերդը Հռոմէական արեւմտեան կայսրութեան իշխանութեան (Բիւզանդական կայսրութիւն) տակ կ'անցնի։
Իսլամական ջոկատներ շրջանը կը գրաւեն 636-ին։ Համտանիներու հարստութեան (حمدانيون) Սէյֆ ալ Տաուլա իշխանը քաղաքը կը գրաւէ 944-ին։ Հալէպի տնտեսութիւնը կը բարգաւաճի։ 962-ին բիւզանդացիները Հալէպ կ'արշաւեն։ Կը յաջորդէ անորոշութեան եւ անկայունութեան շրջան մը։ Հալէպ բիւզանդացիներուն եւ Պետեուիններուն յարձակումներուն ենթակայ է։
Խաչակիրներու արշաւանքներուն ընթացքին, բերդը իր դիրքին պատճառով յաճախակի յարձակումներու թիրախ կը դառնայ։ Զենգիտ իշխան Իմադ ատ-Տին Զենկի եւ անոր յաջորդող զաւակը՝ Նուր ատ-Տին (1147-1174) կը յաջողին միացնել Հալէպը եւ Դամասկոսը եւ խաչակիրները Հալէպէն դուրս դնել։ Անոնք կը զօրացնեն բերդը, կ'ամրացնեն քաղաքին պարիսպները։ Բերդը կ'ունենայ համբաւաւոր բանտարկեալներ, ինչպէս օրինակ՝ Եդեսիոյ Կոմս Ժոզելին Բ․ (բերդին մէջ կը մահանայ), Շաթիյոնի Րայնալտ իշխանը եւ Երուսաղէմի թագաւոր Պալտուին Բ․ (երկու տարի բերդին մէջ բանտարկուած կը մնայ)։
Սալահետինի զաւակը՝ Ալ Զահիր ալ Ղսղի, 1193 - 1215 իշխանութեան ժամանակ, բերդը կը վերանորոգուի, կ'ամրացուի եւ նոր կառոյցներով կը հարստանայ (1213)․ միջնաբերդի կը վերածուի։ Բերդը կը դառնայ արքունիքին կեդրոնը։ Կ'ընդգրկէ պալատներ եւ բաղնիքներ, կրօնական կառոյցներ՝ մզկիթ եւ սրբարաններ, զինուորական կառոյցներ, եւայլն։
1260-ին Մոնկոլական արշաւանքներուն ընթացքին, բերդը կ'աւերուի, սակայն Մեմլուքները նոյն տարին կը տիրանան անոր եւ 1292-ին բերդը վերակառուցուած է, տալով անոր ներկայ պատկերը։
1400-ին Թամերլանի յարձակումները բերդին մեծ վնասներ կը պատճառեն։ Միջնաբերդը կը վերանորոգուի Մեմլուքներէն եւ ապա Օսմանցիներէն, երբ 1516-ին Հալէպը կը գրաւեն։
1822-ի պատահած երկրաշարժին պատճառով միջնաբերդը կը վնասուի եւ 1850 - 1851 տարիներուն անգամ մը եւս կը վերակառուցուի։
Սուրիոյ միջ-քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, միջնաբերդը բանակին ռազմական կեդրոնը կը հանդիսանայ։ Միջնաբերդէն կարեւոր մաս մը կը քանդուի, երբ ընբոստներու բանակը Հին Հալէպին մէջ գտնուող ներքնուղի մը կը պայթեցնէ։
== Պատկերասրահ ==
Նկարներ միջնաբերդէն
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Հալէպի կռիւը(անգլերէն)
Սաֆարին դաշինքը(յունարէն) |
5,244 | Շիքակոյի Հայերը | Շիքակոյի Հայերը հիմնականօէն արհեստաւորներ, ծառայողներ, առեւտրականներ, մտաւորականներ են։ Շիքակոյի մէջ եւ անոր արուարձաններուն մէջ կը գործեն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ամենայն Սրբոց, Սուրբ Պօղոս, Սուրբ Փրկիչ առաքելական եկեղեցիները, Շիքակոյի հայ աւետարանական եկեղեցին, որոնց կից՝ Դանիէլ Վարուժան, ՀԲԸՄ-ի Վարժապետեան, Մեսրոպեան միօրեայ դպրոցները։ Համայնքի ձեւավորումէն ի վեր այստեղ կը գործեն հայ ազգային կուսակցութիւններու տեղական կազմակերպութիւնները, Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղը, ՀՕՄ-ի «Անահիտ» կրտսերաց մասնաճիւղը, Շիքակոյի համալսարանի հայ ուսանողներու ընկերակցութիւնը, համագաղութային այլ կազմակերպութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու տեղական մարմինները, տիկնանց եւ երիտասարդաց միութիւնները։ 1922-ին Շիքակոյի մէջ կազմակերպուած է «Շանթ» թատերախումբը, որ ներկայացումներ տուած է Յովհաննէս Աբելեանի եւ Յովհաննէս Զարիֆեանի մասնակցութեամբ։ Շիքակոյի մէջ լոյս տեսած է 10-էն աւելի պարբերականներ, առաջինը՝ «Դաստիարակը»՝ 1903-ին։ |
1,077 | 68 (թիւ) | 68 (վաթսունութ)՝ զոյգ երկնիշ բնական թիւ մըն է 67-ի եւ 69-ի միջեւ
== Յատկանիշներ ==
A001608 երկու քառակուսիներու գումար է՝ 68=22+82
A007770 ուրախ թիւ է, քանի որ 68→62+82=100→12+02+02=1
A003401 68=22×(222+1) բաղդատումը կը ցուցնէ, որ կանոնաւոր 68-անկիւնին հնարաւոր է կառուցել կարկինով եւ քանոնով
երկու ձեւերով որպէս երկու պարզ թիւերու գումար ներկայացուող ամենամեծ թիւն է՝ 68=7+61=31+37
երպիոն քիմիական տարրի 68Er ատոմային թիւն է
Լեթոյ (68 Leto) աստեղնեակի կարգահամարն է
Microsoft Windows-ի Alt + 68 -ի գործադրումով կը ստացուի D տառը
68րդը Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան» վերջին՝ ԿԸ գլուխն է, որուն անունն է՝ Ողբ հայոց թագաւորութեան Արշակունեաց ցեղէն դադրելու մասին
68-ը Ֆրանսայի Վերին Հռէյնոս տարածքի կարգային թիւն է
տարուայ 68րդ օրն է Մարտ 9-ը (նահանջ տարիներուն՝ Մարտ 8-ը)
1968 թուական
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,290 | Վազգէն Ամիրբեկեան | Վազգէն Ամիրբեկեան (24 Մարտ 1915(1915-03-24), Վանաձոր, Ալեքսանդրապոլի գավառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 18 Հոկտեմբեր 1984(1984-10-18), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ արձակագիր, լրագրող, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Գրողներու միութեան անդամ՝ 1958 թուականէն։
== Կենսագրական գիծեր ==
Ծնած է Վանաձոր։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ անմիջապէս ետք սկսած է ուսուցչագործել:
=== Վարած պաշտօններ ===
Որոշ ժամանակ ետք դուրս գալով ուսուցչութեան պաշտօնէն իբրեւ քարտուղար աշխատած է «Քիմիայի ճակատում» թերթին մէջ։
1934-1940 թուականներուն եղած է «Աւանգարտ» թերթի վարիչ, 1940-1944 թուականներուն՝ Կիրովականի շրջանային կոմիտէի քարտուղար, իսկ 1944-1949 թուականներուն՝ «Սովետական Հայաստան» թերթի արդիւնաբերութեան բաժնի վարիչ:
Երկու տարի՝ 1949-1950 թուականներուն եղած է «Բանուոր» քաղաքական թերթի խմբագիր: Որոշ ժամանակ եղած է Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան մամուլի վարիչ։
1960-1974 թուականներուն իբրեւ հայ պարբերական մամուլի պատմութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող աշխատած է Գիտութեան ակադեմիայի պատմութեան կաճառին մէջ:
Ամիրբէկեան 1965 թուականին պաշտպանելով «Սովետական տեղական մամուլը» խորագրեալ թեզը՝ ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան:
=== Աշխատութիւններ ===
Գիտական ուսումնասիրութիւններու կողքին Ամիրբէկեան գրած է նաեւ վիպակներ. անոր առաջին գործը՝ «Անքուն գիշերներ»ը առաջին անգամ հրատարակուած է 1949 թուականին, որուն յաջորդած են «Վաչէ Չինարեան» վիպակը, «Մենաւոր ծառը» եւ ուրիշներ:
Ամիրբէկեան 1958 թուականին դարձած է Գրողներու միութեան անդամ: Մահացած է Երեւանի մէջ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,759 | Եաշ | Եաշ, գլխաւոր քաղաք Ռումանիոյ, հին ատեն մայրաքաղաք Մոլտաւիոյ՝ համանուն նահանագին: Բնակչաց թիւն է 90000 (անձ) յորոց միայն 70 տունք հայ են. շրջակայ դիւզօրէիւք 315 անձ կը հաշուուի: Ի Եաշ հայկազունք երբեմն ունէին մի քանի եկեղեցիներ եւ մի առանձին եպիսկոպոս, հոն տեսնուած է սոյն յիշատակարանն. «կատարեցաւ գիրքս տումարագրութե ի թվին ՌԾԶ ի Եաշ քաղաքն. Որոյ արհիեպիսկոպոսն է Տէր. Յովհաննէս Սիջովեցի»: Նոյնպէս ի Սնեադին (Լեհաստան) դեռ կէս գար առաջ կար հին ճաշոց մը հետեւեալ յիշատակարանաւ. «Աւարտեցաւ քսահիմն եւ առաքելախաս մարգարէաշէն հոգիաբուղխ այս տառ. Ձեռամբ ոգնամեղ եւ անարհեստ գրչի ար. Սարգիս քհնյ. ի, ի խնդրոյ ածասէր եւ բարեպաշտօն երկու եղբարց խճյ. Վասիլին եւ խճյ. Պաւղոսին. ի թուաբերութես. հայկական սեռին տովմարի ռղբ.ին ի հայրապետուեն. Հայոց տն. տր. Փիլիպպոսին եւ առաջնորդութեան տր. Անդրէաս արհեպսկոպոսին Պուզտանաց երկրի: Եւ թագաւորութեան Վասիլ բարեպաշտ վովոտային.մայրաքաղաքն Եաշ ընդ հովանեաւ Սբ. Ածածնին եւ Սբ. Լուսաւորչին. եւ Քհնյութենար. Մովսէսին սր. Խչարին, Սբ. Ղուկասին, եւ գրչիս, եւ երեցփոխնուեն. խճյ. Ակսենին»:
Հայք ի Եաշ ունին Ս. Աստուածածին անուամբ եկեղեցի մը եւ մի քահանայ: Եկեղեցւոյ դրան ճակատի վրայ արձանագրեալ կայ յետագայ յիշատակարանն. «1395 Շնորհօք եւ ողորմութեամբն Աստուծոյ հիմնարկեցաւ Եաշու սբ. Ածածնայ եկեղեցին ձեռամբ եկեղեցպան Խաչգոին եւ Սիսեանցի Տէր Յակոբին, Ջուղայեցի մհսի. Մարգարին եւ մհսի. Գրիգորին: Թ. Հայոց պճխդ: (այսինքն տոմարական թուականին ազգիս 844): Եւ այժմ նորոգեցաւ ի ձեռն բարեպաշտօն իշխանաց եւ համայն ժողովրդոց աշխատանօք եւ ծախիւք ի թուականին Փրկչին 1803-ին»:
Ս. Աստուածածին 500 տարուն եկեղեցի լինելով իւր հիմնարկութեան հինգ դարերու յոբելեանն պիտի տօնուի այս տարի 1895 Սեպտեմբերին:
Որպէս ի Սնեաղին գտնուած ճաշոցի վերոգրրալ յիշատակարանէն կ’երեւի, ի Եաշ կար երբեմն եւ մի եկեղեցի, յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչեայ՝ որ 16րդ դարուն կառուցեալ կը թուի, քանզի նորա դրան ճակատն քարի մը վրայ փորագրեալ է «թռկեին Եշ. Ս. Լուսաւորչայ եկեղեցին Սիսեանցի Արաբկերցիի յշկ.է»: Ռ Կ Ե ազգիս ասմարական թուականն լինելով կը պատասխանէ Փրկչայ 1616 թուին:
Յամի Տեառն 1828 ի Եաշ մեծ հրդեհ մը պատահելով՝ Ս. Լուսաւորիչ հրոյճարակ դարձած է, վասն որոյ Եաշեցի ազգայինք 1862-ին զայն բոլորովին քանդելով սկսած են վերստին կառուցանել, երկու կողմերն աւելցնելով սենեակներ իգական սեռի կրթութեան յատկացնելոյ համար, սակայն առ ի չգոյէ պատրաստ դրամի եւ միանգամայն վարժարան յաճախող աղջկանց՝ շէնքն անկատար մնացած է:
Ս. Աստուածածին ունի կալուածներ որոնց եկասուտէն կը հոգայ տեղւոյն Պատ. Հոգաբարձութիւնն եկեղեցւոյ ծախքերն, պաշտօնէից թոշակները, կարօտելոց նպաստներ. կը վճարէ հետզհետէ հին պարտուց տոկոսներն եւ յաջորդաբար պարտքերն ալ:
Եաշեցի մերազնեայք ունին գերեզմանատուն մը 1876-ին գնեալ ազգային դրամով. 1882-ին անդ կառուցուած է մատուռ մը ջանիւք այժմեան Խնամակալաց Մեծ. Տեարց Գրիգոր Յհ. Պույուգլեանի, Եփրեմ Մագլըմեանի եւ Յով Յկ. Պույուգլեանի: Սոյն մատրան մէջ սովորաբար տարին երկու անգամ պատարագ կը մատուցուի, Ս. Զատկի Գ. օրը եւ նոյնպէս Ս. Լուսաւորչի Գիւտ նշխարաց տօնին օրը: Մասնաւոր պատարագ ուզող ուխտաւորաց համար բացառութիւն կ’ըլլայ:
Ցաւօք սրտի կ’ըսեմք թէ Եաշ այժմ չունի վարժարան. Մինչդեռ երկար տարիներ կանգուն պահած է «Հայկազեան» կրթարանն որ գաղթականութեան տուած է ուսեալ աշակերտներ: Աստարժան կը համարիմք յիշատակել թէ՝ այժմու Ռումանահայոց ծանօթ ուսուցիչ, Տիար Լուսիկ Սրմագաշեան, Հայկազեան վարժարանի աշակերտելով՝ իւր շրջանն աւարտելէ զկնի 1843-1846 նոյն կրթարանի մէջ հսկողի պաշտօն վարած է. 1848-ի մեծ հնտախտի պատճառաւ՝ վարժարանին մինչ 1850 գոց մնալէ վերջն ալ 1 Մայիս 1850-ին վերաբանալով զայն երախտաւոր ուսուցիչ Պապիկեանի եւ Գաբգաչեանի հետ պաշտօնավարած է մինչ 1854 երբ յիշատակաց արժանի Պապիկեանի մահուան վրայ իւր սիրեցեալ դասընկերի Խ. Գարագաշեանի հետ կը դասախօսեն մինչեւ 1866, յորում Գարագաշեան ուրոյն կրթարան կը բանայ որով եւ Լ. Սրմագաշեան իբր առաջին դասատու օգնական վարժապետի մը հետ դեռ տասն տարիներ եւս լաւ վիճակի մէջ կը պահէ ազգային դպրոցն, հանրային շնորհապարտութեան իրաւունք ստանալով: Նա՝ իր շուրջ քառասնամեայ պաշտօնավարութեան մէջ ազգի եւ Կրօնի նախանփախնդիր լինելով՝ օտարազգի Զոյիլներու, զրպարտիչներու դէմ գրած է:
Դեռ անցեալ տարիներն երկու ռումէն դասատուներ կրօնական վարդապետութիւնքն բացատրող դասական գրքերու մէջ Հայոց դաւանանքի նկատմամբ խել մը թիւրիմաց տեղեկութիւններ տուած էին, նոյն իսկ զրպարտութիւններ արած: Լ. Սրմագաշեան արդար կայրոթով վառուած հրապարակ հանեց գրքոյկ մը ռումաներէն լեզուաւ պատասխանելով վերոյիշեալ ուսուցչաց զրպարտութեանց եւ յայտնելով մեր Ս. Եկեղեցւոյ ուղղափառութիւնը:
Սրմագաշեանի հրատարակութիւնն ունեցաւ իւր ազդեցութիւնն. զի ուշադրութիւն գրաւեց, եւ երկրի կրօնային Պետք իսկոյն վերցուցին այդ գրեանքն վարժարաններէն, այսպէս անոնց տեղ ի լոյս ընծայուած են նոր տպագրութիւններ որ հայոց նկատմամբ եղած զրպարտութիւններ այլեւս չեն պարունակեր: Յիշեալ քաջ ռումանագէտ եւ հայկաբան ուսուցիչն նմանապէս ռումանագէտ եւ հայկաբան ուսուցիչն նմանապէս ռումաներէն լեզուաւ Ռումանահայոց համար օրացոյց պատրաստեց անցեալ տարի եւ այս տարի դարձեալ պիտի հրատարակեն Կալացի Արժ. Փափազեան Տ. Ղեւոնդ քահանայի հետ:
Մինչեւ 1840 թուականը Եաշի Հոգաբարձրութիւնը որոշ կանոնագրութիւն մը չունէր ազգային ներքին գործերը մատակարարելու: Այն ատեն բարեյիշատակ Պըյըգլեանը տաճկերէն լեզուաւ կանոնագրութիւն մը կը յօրինէ, որուն հայերէնի գրաբար թարգմանութիւնը հանգուցեալ Սերովբէ Պապիկեանը կ’ընէ:
Այս կանոնագրութեան նպատակն էր դպրատան եւ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան եւ պայծառութեանը հսկել, հասոյթները եւ ծախքերը լաւ մատակարարել. Կ. Պոլսոյ պատկառելի պատրիարքարանէն այցելու ղրկուած կարգաւորները ըստ արժանաւորութեանցն հիւրնկալել եւայլն. սակայն ասոնց երկրիս մէջ կենալու ժամանակակէտը սահմանուած էր 40-60 օր ըստ կարգաւորաց աստիճանին, այսինքն այս միջոցին մէջ պարտական էին ամէն հայաբնակ քաղաքներուն այցելութեան շրջանը լմնցնել եւ վերադառնալ անդրէն առանց ուշանալու: Այս կանոնադրութիւնը Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանէն ալ վաւերացուեցաւ 1841 թուականին:
Եւ որպէս զի մեր դպրատունէն ելած աշակերտները երկրիս ամէն իրաւունքներէն ուրախանալու օգուտը քաղեն, շատ աշխատանքով ջանաց ազգային դպրոցը տէրութեան պաշտպանութեան տակ դնել, որ եւ յաջողեցաւ ալ մեծամեծ արտօնութիւններ ստանալով իշխանական հրովարտակաւ, որ 1841-ին մեծ հանդիսիւ շնորհուեցաւ Մոլտավիա բնակող Հայոց ազգին: Իսկ 1842-ին Յկ. Պըյըգլեան դպրատան համար նոր կարգադրութիւն մ’ալ յօրինեց, որուն մէջ կը պարունակուէր ուսման բրօկրամն ալ, ուր հայկական լեզուն նախադասելի էր բուն իսկ ռումէնական լեզուէն: Ըստ այս կարգադրութեան եւ համեմատ իշխանական հրովարտակին, հայոց դպրատան վերատեսուչը ուղղակի անդամ էր նաեւ ռումէն վարժարանաց Ուսումնական Խորհրդոյ, հայոց դպրոցը եւ ուսուցիչները Հասարակաց անուն գործածելու իրաւունք ունէին. Իսկ ուսումնաւարտ աշակերտները ուղղակի կ’անցնէին տէրութեան վարժարանը ուսումնին շարունակելու, առանց երկրորդ քննութեան ենթարկուելու:
Չորս տարուան փորձառութենէ ետքը, տեսնելով թէ 1840-ին յօրինած կանոնադրութիւնը գործադրութեան մէջ ինչ ինչ կէտերու վրայ դժուարութիւններ կը յարուցանէ, 1844 թուականին ուրիշ կարգադրութիւն մ’ալ յօրինեց ռումաներէն լեզուաւ իբր յաւելուած հայերէն կանոնադրութեան:
Ըստ այս կանոնադրութեան տրամադրութեանց, Ազգային Հոգաբարձրութեան խորհուրդը որ հինգ անդամներէ կը բաղկանար, այնպիսի արտօնութիւններ ստացաւ, որ հայ հասարակութիւնները, կարծես թէ, առանձին իշխանութիւններ կը կազմէին երկրիս մէջ։ Եկեղեցւոյ պայծառութեան դպրատան յառաջադիմութեան եւ ելումտից գործոց մատակարարութենէն զատ, Ազգային Հոգաբարձութիւնները իրաւունք ունէին նաեւ ազգայնոցս մէջ եղած ամէն տեսակ յարաբերութիւններու վաւերացումը ընել. ինչպէս՝ օժտեգրերու, պայմանագրերու, մուրհակներու եւ ամէն տեսակ գրուածոց ստորագրութիւնները հաստատել, որոնք հայի մը եւ այլազգի մը միջեւ կը կատարուէին, ասոնցմէ զատ ներքին վէճերը կը քննէին եւ հաշտարար միջոցներով պաշտօնապէս կը վճռէին, եւայլն. որոնք ամենն ալ տէրութեան առջեւ յարգուած էին առանց վերաքննութեան:
Ռումէնաց պատմութեան մէջ կը կարդանք թէ հին ատեններն ալ Հայերը մեծամեծ արտօնութիւններ եւ ինքնօրինութիւն իսկ ունէին երկրիս մէջ:
Ընդհանուր պատերազմէն առաջ հազիւ քանի մը տուն գաղթական հայեր կային, մինչդեր տեղացի հայոց թիւը մինչեւ 100 ընտանիքի կը հասնէր:
Ներկայիս այդ թիւը պակսած է որովհետեւ հին հայերը աւելի թիւով կը վախճանին քան կը ծնին: 30 ընտանիքի չափ գաղթական հայեր կ’ապրին ներկայիս Եաշի մէջ, որոնք ընդհանրապէս խանութպաններ են, կան նաեւ գորգի գործարանատէրեր:
== Աղբիւրներ ==
Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 649: |
371 | 1698 թուական | 1698 թուական, ոչ նահանջ տարի, 17րդ դարու 98րդ տարին է
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1698 ծնունդներ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1698 մահեր |
2,982 | Զեփիւռ Շանթ | Զեփիւռ Շանթ, Արուեստասէր եւ արուեստագէտ ծնոցներու զաւակ՝ Տիկ. Զեփիւռ Շանթ երգի ու դերակատարութեան հանդէպ բնափին տաղանդով մը օժտուած է։ Անիկա տասնամեակներ զարդը կազմեց -եւ տակաւին կը կազմէ- Պէյրութահայ գեղարուեստական ձեռնարկներու, խանդավառելով ժողովուրդը։
Ծնած է Ռոստոսթոյ (Թէվիր Տաղ) 1912 թուականին եւ դուստրն է քաղաքիս ծանօթ ազգայիններէն հանգուցեալ Միհրան ապէլ Տատիքօզեանի։ տակաւին Փոքրիկ աղջնակ, ընտանիքի հետ կ՝ աքսորուի Տէր Զոր, ուրկ հրաշքով կ՝ ազատի։ Ընտանիքը ժաշմանակ մը կը մնայ Դամասկոս։ Զինադադարի կը վերադառնան հայրենիք եւ հուսիկ յետոյ յունական պատերազմին կ՝ ապաստանի Յունաստան։
1922 թուականին վերջնականապէս կը հաստատուինն Լիբանան։ Յաճախած է Ս. Նշան ազգային նախակրթարանը եւ ուսումը մինչեւ «պրվէ» շարունակած է «Սէօր Վենսան տը Փոլ» վարժաԵրեք տարի դասաւանդած է Ալ-Ահլիէ վարժաէանի մէջ Ֆրանսերէն եւ ուսողութիւն։
Հօրը ցուցմունքներուն վրայ որ արուեստագէտ լուսանկարիջ մըն էր եւ մասնագիտացած կարգ մը նուագարաններու մէջ, երաժշտութեան հանդէպ սէր կ՝ արթննայ իր մէջ։ Երեք տարի Պէյրութի երաժշտանոցը ըւ Ամերիկեան Համալսարանի մէջ կը հետեւի երգեցողութեան ուրկէ կը վկայուի։ Սակայն հայերէն երգելու շունչը ու ոգին կը պարտի Հօրը եւ աւելի ուշ Նիկոլ Աղբալեանին, մասնաւորաբար մեր աշուղական երգերէն Սայեաթ-Նովայի ստեղծագործութիւններ երգելու ոճին եւ մեկնարկութեան մէջ։
Իր մասնակցութիւնը բերած է բազմաթիւ հանդէսներու եւ գեղարուեստական ձեռնարկներու մեներգներով եւ երգչախումբի մասնակցելով։ Գոսան Երգչախումբի մասնակցած է հիմնադրութենէն մինչեւ վերջը եւ հանդիսացած անոր լաւագոյն մեներգներէն մէկը մին։ Օգտուած է նաեւ մեծանուն Բարսեղ Կանաչեանի ցուցմունքներէն հայեցի շունչով արտայայտուելու մարզին մէջ։
Մեծանուն գրագէտ Լեւոն Շան թելադութեամբ եւ քաջալերութեամբ՝ շրջագայութեան կ՝ ելլէ դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ ելոյթներ կ՝ ունենայ գլխաւոր քաղաքներուն մէջ ինջպէս Նիւ Եորք, Պոսթոն, Ուաշիկթոն, Լոս Անժէլս, Ֆրէզնօ, եւն., ուր ջերմ ու խանդավառ բնութեան կ՝ արժանանայ։
Իր յայտագիրները կազմուած են ընդհանրապէս լոկ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններէն ինչպէս Կոմիտաս, Կանաչեան, Ալէմշհ, Սիւնի, Մեհբապետն, Սայեաթ-Նովա եւն.:
Քանի մը երգահանդէսներ տուած է նաեւ Պէյրութ Ամերիկ. Համալսարանի «Ուէսթ Հոյ» սրահը եւ այլուր։ Ունի երգապնակներ Սայեաթ-Նովայէն, Կանաջեանէն եւ Կոմիտասէն։
Տիկ. Շանթ ունի նաեւ շնորհք դերակատարութեան։ Եղած է Համազգային Գասպար Իփէկեան թատերախումբի հիմնադիրներէն 1942 թուականին եւ միութիւն նախագահուաւելի դերեր։ Խումբին հետ շրջագայած է Մերձ. Արեւելեան երկիրներ, Հիւս եւ Հարաւային Ամերիկաներ։
1937 թուականին ամուսնացած է Լեւոն Շանթի զաւակին Պդն. Սուրէն Շանթի հետ։ Ունին զաւակ մը՝ Լեւոն, ծնած 1939 թուականին։
1970 թուականին պարգեւատրուած է Կիլիկիոյ Գահակալին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Կաթողոկոսին կողմէ Կիլիկեան Աոպետի շքանշանով։
Տիկ. Շանթ Լիբանանահայ երգի ու թատրոնի լաւագոյն ուժերէն մին էր:
= = Ծանօագրութիւններ = |
4,259 | Ճեսիքա Ճոն | Ճեսիքա Սոյոն Ճոն (քորէայերէն՝ 제시카, անգլերէն՝ Jessica Sooyoun Jung, ծնած է 18 Ապրիլ 1989-ին, ինչպէս նաեւ յայտնի է իր Ճոն Սոյոն քորէական անունով), քորէական ծագումով ամերիկացի երգչուհի, դերասանուհի, պարուհի եւ նորաձեւութեան տիպար: Ծնած է Սան Ֆրանցիսքօ, Գալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ: Ազատ կը խօսի անգլերէն եւ քորէայերէն լեզուներով։ Girls’ Generation խումբի նախկին անդամ է։
== Վաղ կեանք ==
Ճեսիքան ծնած է Սան Ֆրանցիսքոյի մէջ, Գալիֆորնիա, ԱՄՆ։ 2000 թուականին Քորէայի մէջ հանգստանալու ժամանակ, իր եւ իր քրոջն առաջարկած են միանալ S.M. Entertainment ընկերութեանը։ 7 տարի պատրաստուած է առաջին ելոյթի՝ աշխատելով ձայնի եւ պարերու վրայ: Անոր փոքր քոյրը՝ Քրիսթալ Ճոնը, f(x) քորէական խումբի անդամ է։
== Գործունէութիւն ==
=== Girls’ Generation ===
Ճեսիքան խումբին մէջ առաջինն էր, որ համագործակցած է S. M Entertaiment գործակալութեան հետ։ 5 Օգոստոս 2007-ին կատարեց իր առաջնաելոյթը, որու կազմի մէջ կար 9 մարդ։ 2014-ի Հոկտեմբերէն Ճեսիքան չի հանդիսանար Girls’ Generation խումբի անդամը։
=== Միայնակ Գործունէութիւն ===
Ճեսիքան Սոհիոնի եւ Թիֆֆանիի հետ հրապարակեց 2 առանձին՝ «Oppa Nappa» եւ «Mabinogi»: 3 Մարտ 2008-ին դուրս եկաւ խումբի ալպոմ 8Eight-ը, ուր Ճեսիքայի հետ երգ կար. երգ՝ I Love U: Սակայն երգի տեսահոլովակին մէջ Ճեսիքան չնկարահանեց։
Ճեսիքան մի քանի զուգերգ երգեց Shinee խումբի Լի Ճին Կիի «One, One Year Later» եւ Բակ Միոն Սուի հետ՝ «Naengmyeon»: 13 Հոկտեմբերին Ճեսիքան թողարկեց թուային առանձին «Sweet Delight»ը։
Ինչպէս նաեւ ան կատարած է «Վայրի սիրավէպ» թատերախաղի ձայնահետքը, որուն մէջ ան կը խաղար։ Գիմ Չին Բյոյի հետ կատարած է զուգերգ «What To Do»ն դուրս եկած է 19 Յունուար 2012-ին։ Օգոստոս 15ին հրապարակեց «Butterfly» ձայնահետքը՝ SBS-ի «Քեզ համար՝ ամբողջ հմայքով» թատերախաղի, որ ձայնագրուած էր իր քրոջ հետ։ Ան հարազատ քոյրերու կատարած առաջին պաշտօնական զուգերգն էր, որ շատ ուշադրութիւն գրաւած է : Ճեսիքան կատարեց «Հզօր թագաւորի երազանքը» թատերախաղի «Heart Road» ձայնահետքը։ 7 Սեպտեմբերին երգը անցաւ վաճառքի: 18 Սեպտեմբերին Ճեսիքան թողարկեց «My Lifestyle» երգը քորէացի ռափեր Dok2-ի հետ։ Երգը դարձաւ Hyundai i30 գովազդի հիմնական նիւթը:
=== Դերասանական Գործունէութիւն ===
Ճեսիքայի առաջին ելոյթը թատերական աշխարհին մէջ դարձաւ «Օրէնքով շիկահերը» ցուցադրութեան ներկայացումը Լի Հա Նըի եւ Գիմ Չի Ուիուի հետ, որու առաջինը տեղի ունեցած է 14 Նոյեմբեր 2009-ին:
23 Դեկտեմբերին «Վայրի սիրավէպ» տրամայի նկարահանման խումբը հաստատեց Ճեսիքայի մասնակցութիւնը թատերախաղի մէջ։ Ան կատարեց գլխաւոր հերոս Գան Ճոն Հիի նախկին ընկերուհիի դերը։ Յայտարարեց, որ Ճեսիքան կը նկարահանէ 8 դրուագներու մէջ։ «Վայրի սիրավէպը» հեռարձակուած ՝ 4 Յունուար 2012-էն 23 Փետրուար 2012-ը։
=== Նորաձեւութեան տիպարային գործունէութիւն ===
Girls Generation-ի հետ Ճեսիքան դարձաւ շարք մը գովազդային տեսահոլովակներու նորաձեւութեան տիպար, ինչպիսի են՝ Haptic Motion, LG, Samsung, Domino’s Pizza, Elite Uniform, J.ESTINA եւ շատ ուրիշներ։ 2011-ի սկիզբը Ճեսիքան դարձաւ Dior ընկերութեան նորաձեւութեան տիպարը Հիոյոնի, Եուրիի, Թիֆֆանիի, Սուինի եւ Սաննիի հետ։ 2011-ին ան եղած է Levis-ի նորաձեւութեան տիպարը «Marie Claire» ամսագիրի համար։ Ճեսիքան յայտնուեցաւ «Dazed & Confused» ամսագիրի շապիկին, ինչպէս նաեւ «Elle Girl» ամսագիրին մէջ։ 2012-ին Ճեսիքան դարձաւ Coming Step հագուստներու տարբերանիշի նորաձեւութեան տիպարը։ Մէկ տարուան ընթացքին ան յայտնուեցաւ «Star Magazine»-ի Մարտի եւ Յուլիսի մէջ հրատարակուող համարներուն, «Voge Girl» ամսագիրի Մարտին հրատարակուող համարին Թիֆֆանիին հետ Chanel-ի գովազդի համար, «Marie Claire»-ի Յուլիսին հրատարակուած համարին (եւ շապիկին, իր քոյր Քրիսթալի հետ), ինչպէս նաեւ «W Korea» ամսագիրի Սեպտեմբերին հրատարակուող համարին: 2012-ին աշնան Ճեսիքան ընտրուած է զարդադեղայի տարբերանիշ «banila co»-ի նորաձեւութեան տիպար:
=== Հեռուստատես եւ ցուցադրութիւն ===
2009-ին Ճեսիքան եղած է «Անաւարտ կոչ» (ամառային թողարկել)ու հիւրը։ Ծրագիրի ներսը Ճեսիքան ցուցադրութեան հաղորդավարներէն մէկուն՝ Բակ Միոն Սուի հետ զուգերգ երգեց «Naengmyun» անունով։ 2010-ին Ճեսիքան եւ Եուրին եղած են «Աստղային թագաւոր» հաղորդման մշտական հիւրը։ 2010 թուականի Մայիսին ան դարձաւ «Ծնունդդ շնորհաւոր» ցուցադրութեան մշտական անդամը, սակայն 7 Յունիսին ան ձգեց ցուցադրութիւնը արտասահմանեան աշխատանքի պատճառով:
=== 2014: OnStyle’s Jessica & Krystal: ===
2014-ի Ապրիլին Ճեսիքան եւ իր քոյրը Քրիսթալը յայտարարած են իրական ցուցադրութեան մէջ նկարահանուելու մասին։ Jessica & Krystal -ի առաջինը տեղի ունեցաւ 2014-ի 3 Յունիսին, ընդամէնը 10 շարքերով։ Ցուցադրութեան նպատակը երկու քոյրերու բնաւորութիւնը յայտնաբերած էր եւ անոնց ամէնօրեայ կեանքին ընթացքը:
== Սկաւառակագրութիւն ==
== Ֆիլմագրութիւն ==
=== Հեռուստասերիալներ ===
=== Ֆիլմեր ===
=== Երաժշտական տեսահոլովակներ ===
== ծանուցում ==
Ճեսիքան տուեալ վաճառանիշերու նորաձեւութեան տիպար է.
2008: Anycall Haptic
2010: Dior Snow
2012: Banila Co
2012: Hyundai Motors
2012: Cartier
2013: Stonehenge
2013: SOUP
2013: Pierre Balmain (совместно с Кристал из f(x))
2014— առ այժմ։ Blanc & Eclare (Ճեսիքան կը հանդիսանայ վաճառանիշի հիմնադիրը)։
== Ծանօթագրութիւններ ==
Կաղապար:S.M. Entertainment
Կաղապար:Girls' Generation |
6,430 | Սիլվի Վարդան | Սիլվի Վարդան (Սիլվի Վարդանեան, , Իսկրեց, Պուլկարիա), ֆրանսահայ փոփ երգչուհի եւ դերասանուհի։
== Կենսագրութիւն ==
Սիլվի Վարդան ծնած է Պուլկարիա, 1944-ին՝ հայ հօրմէ եւ պուլկարուհի մօրմէ: Ան, 1952-ին, իր ծնողներուն հետ տեղափոխուած է Փարիզ:
Ֆրանսական բեմական արուետսին մէջ իր առաջին քայլերը կատարած է 16 տարեկանին եւ բաւական շուտ ճանաչում ձեռք բերած. ան յատկապէս յայտնի դարձած է Շարլ Ազնաւուրի` La plus belle pour aller danser (Պարի դուրս եկող ամենագեղեցիկ աղջիկը) երգով:
Առաջին ամուսինն է յայտնի ռոքըր Ճոնի Հոլիտէյ (ֆրանսերէն՝ Johnny Hallyday), իսկ երկրորդը ամերիկացի ռեժիսոր Թօնի Սքոթի (անգլերէն՝ Tony Scotty):
1960-ականներուն մինչեւ 1970-ականներու կէսերուն ամուսնին՝ Ճոնի Հոլիտէյին հետ ունեցած ելոյթներուն ընթացքին, Փարիզի Օլիմպիա եւ Քոնկրես դահլիճները լեցուած են ներկաներու հոծ բազմութեամբ։ 2004 թուականին, երկարատեւ ընդմիջումէ ետք ան կը սկսի ձայնագրել եւ ելոյթներ ունենալ Ֆրանքոֆոն երկիրներու մէջ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,010 | Պարոյր Հայրիկեան | Պարոյր Արշաւիր Հայրիկեան (5 Յուլիս 1949(1949-07-05), Երեւան, Նուբարաշեն վարչական շրջան), Հայաստանի քաղաքական գործիչ, խորհրդային նշանաւոր այլախոհ,, 1968-էն գաղտնի գործող Ազգային Միացեալ Կուսակցութեան անդամ, այնուհետեւ՝ ղեկավար, Ազգային Ինքնորոշում Միաւորում կուսակցութեան առաջնորդ, Խորհրդային Միութեան ժողովրդավարական շարժումներու հիմնադիր եւ ղեկավար, գրող, երգահան։Չորս անգամ դատապարտուած է քաղաքական գործունէութեան համար, շուրջ 17 տարի (1968-1987-ին) անցուցած է կալանավայրերու մէջ։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է 5 Յուլիս 1949-ին, Նուպարաշէնի մէջ։ 1956-ին ընդունուած է Նուպարաշէնի միջնակարգ դպրոցը, ուր գերազանցութեամբ աւարտած է 1966-ին։ Դեռ դպրոցական տարիքին Պարոյր Հայրիկեանը կը հիմնէ «Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը» (ՀԵՄ), որու անունով թռուցիկներ կը տարածուէին Երեւանի եւ Կիրովականի մէջ։ Պետական Անվտանգութեան Կոմիտէի (ՊԱԿ) աշխատակիցները Երեւան-Կիրովական գնացքին վրայ կը ձերբակալեն թռուցիկներ տարածող դպրոցական աղջիկներու, որոնց միջոցով կ'իմանան Հայրիկեանի մասին։ Այդ կազմակերպութեան բացայայտումէն ետք ան կը հիմնէ «Շանթ» կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն էր Հայաստանի տարածքային վերամիաւորումը։
7-րդ դասարանէն ամառնային արձակուրդներուն կ'աշխատէր հօր հետ եւ կ'օգնէր մօրը հաշուապահութեան մէջ։ Մեծ սէր ունէր երաժշտութեան հանդէպ: Շեփոր կը նուագէր Նուպարաշէնի մանկատան մէջ։ Կը գրէր պատմուածքներ, վիպակներ, բանաստեղծութիւններ։ Այն ժամանակ տարածուած էր պատանի բանաստեղծի «Հայի վիշտը» բանաստեղծութիւնը, որ կը վերջանար «Մասիս սարը այն կողմ կանգնած հանգիստ չի բաշխի» բառերով։
=== Ընտանիք ===
Հայրիկեանի հայրը՝ Արշաւիր Յովհաննէս Հայրիկեանը, ծնած է Պոլսոյ մէջ՝ մտաւորական ընտանիքի մէջ, 1946-ին ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։ Արշաւիրի հօրեղբայրը՝ Աբրահամ Հայրիկեան, եղած է աշխարհագրութեան, թրքերէնի եւ հին ազգերու պատմութեան ուսուցիչ, հիմնադրած է Հայրիկեան վարժարանը, որ այնուհետեւ վերանուանուած է Արդի վարժարան։ Աբրահամ Հայրիկեանը մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր Պոլսոյ կրթադաստիարակչական կեանքին մէջ։ Նահատակուած է 24 Ապրիլ 1915-ին, պոլսահայ այլ մտաւորականներու հետ։ Պարոյր Հայրիկեանի մայրը՝ Զարուհի Սեդրակ Աբրահամեանը, ծնած է Ռուսաստանի Քրասնոտարի մէջ, ուր գաղթած էին անոր ծնողները Մեծ Եղեռնի ժամանակ։ Վեց տարեկանէն ծնողներուն հետ տեղափոխուած է Երեւան։ Զարուհի Աբրահամեանի հայրը՝ Սեդրակ Սահակ Աբրահամեանը (Կռեյանց), ծնած է Վանի Հայոց Ձոր գիւղին մէջ՝ աւանդական սովորոյթներով մեծ գերդաստանի նահապետ Կռեյանց Սահակի ընտանիքին մէջ։ Անոնց նախնիները դարերով ապրած են Վանի մէջ ու զբաղած՝ գիւղատնտեսութեամբ։ Զարուհի Աբրահամեանի մայրը՝ Փիաստոս Ասատուր Աճէմեանը, ծնած է Վան՝ մեծահարուստ արհեստաւորներու ընտանիքի մէջ, որուն նախնիները նոյնպէս ապրած են Վանի մէջ։
== Այլախոհական Գործունէութիւնը ԽՍՀՄ-ի Մէջ ==
Հայրիկեանի ուսանողական տարիներուն «Շանթ»ը նոր վերելք կ'ապրի։ Կը տպագրուի «Երկունք» թերթը եւ «Ցասում» թռուցիկը։ ՊԱԿ-ը կը բացայայտէ «Շանթի» անդամները։ Կազմակերպութեան բացայայտուած անդամներուն խստօրէն կը նախազգուշացնեն եւ կը սպառնան նման գործունէութիւն շարունակելու պարագային ենթարկել պատիժի։ 1967-ին Հայրիկեանը կ'անդամագրուի 1966-ի նկարիչ Հայկազ Խաչատրեանի ստեղծած Ազգային Միացեալ Կուսակցութեան (ԱՄԿ)։ 1968-ին Հայրիկեանը կը ծանօթանայ Ազգային Միացեալ Կուսակցութեան ղեկավարներուն հետ եւ այդ ժամանակ ալ «Շանթ»ը կը տեղափոխէ ԱՄԿ։ Հայրիկեանը ԱՄԿ-ի շարքերուն մէջ կը մասնակցի Փարոս-1-ի տարածման, կը կատարէ կազմակերպչական աշխատանք եւ կը դառնայ ԱՄԿ-ի ամենագործուն անդամներէն մէկը։ 24 Ապրիլ 1968-ին, Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձանին մօտ Հայրիկեանը կը կազմակերպէ 15 վայրկեան տեւողութեամբ ռատիօհաղորդում, որուն թեման անկախ Հայաստանն էր։ Կազմակերպողի՝ Հայրիկեանի մասին ՊԱԿ-ը իմացաւ 1969-ին դատաքննութեան ժամանակ՝ անոր կցուած մատնիչի միջոցով։ 1968-ին ԱՄԿ-ի ղեկավարներու կալանաւորումէն ետք Հայրիկեանը կը դառնայ կուսակցութեան ամենագործուն անդամը։ ԱՄԿ-ին կ'անդամագրուին նորանոր մարդիկ։ Կը մշակուի գաղտնի գործունէութեան յուսալի համակարգ. անդամները կը ստորաբաժնուին ըստ խումբերու եւ մասնաճիւղերու, որոնք իրար հետ կ'առնչուին իրենց ղեկավարներու կամ կապաւորներու միջոցով։ Առաջին անգամ Հայրիկեանը կը ձերբակալուի 1969-ի գարնան, երբ 20 տարեկանը դեռ չէր բոլորած։ Երիտասարդ գործիչին կը բնութագրէ նախաքննութենէն հետեւեալ դրուագը. Հայրիկեանը կը հրաժարի ցուցմունքներ տալէ եւ կը պահանջէ, որ իրեն տանին ՊԱԿ-ի նախագահ գեներալ Լեյտենանտ Բադամեանցի մօտ։ Յաջորդ օրը իրեն կ'ուղեկցին գեներալի առանձնասենեակ։ Հայրիկեանը անկէ կը խնդրէ, որ մնան երկուքով, սակայն գեներալը կը մերժէ՝ ըսելով, որ իր աշխատակիցներուն կը վստահի։ Հայրիկեանը կ'առաջարկէ.«Մենք երկուքս ալ հայ ենք, երկուքս էլ մեր հայրենիքի լաւը կը ցանկանանք։ Եկէք, ես ներքեւէն, Դուք՝ վերեւէն համագործակցինք եւ ազատենք մեր հայրենիքը»: Ցնցուած գեներալը կը գոռայ. «Կորիր այստեղէն»։1970-ին Հայրիկեանը կը դատապարտուի 4 տարուան ազատազրկման՝ Հայաստանի խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութեան քր. օրէնսգիրքի 65 եւ 67 յօդուածներով։ Դատարանին մէջ ինքզինք մեղաւոր չճանչցաւ, հրաժարեցաւ դատապաշտպանէն եւ ինքը պաշտպանեց՝ ոչ իրեն, այլ գերուած հայրենիքը։ Առաջին ազատազրկման ժամկէտը Հայրիկեանը կ'անցընէ Մորտովայի Բարաշեւօ գիւղի քաղաքական կալանաւորներու համար նախատեսուած ճամբարին մէջ։ Իբրեւ քաղաքական կալանաւոր անբասիր էր, ունէր մեծ հեղինակութիւն։ Ճամբարէն կապ կը հաստատէ չբացայայտուած ընկերներու հետ, յօդուածներ կը գրէ եւ կ'ուղարկէ ընդյատակին մէջ տպագրելու համար։ Պատժախցերուն մէջ եղած ժամանակ կը գրէր երգեր եւ բանաստեղծութիւններ։
1973-ին, վերադառնալով ազատազրկումէն, Պարոյր Հայրիկեանը կը շարունակէ քաղաքական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսումը պոլիտեխնիկի մէջ։ Կ'աշխատի Նուպարաշէնի գործուածքներու գործատան մէջ։ Հայրիկեանի բացակայութեան 4 տարիներու ընթացքին ԱՄԿ-ը կը շարունակէ գործել ընդյատակին մէջ՝ հաւատարիմ մնալով Ազատ ու Անկախ Հայաստանի գաղափարին։ Հայրիկեանը կալանավայրէն կ'ոգեշնչէր ընկերները։ Ճամբարին մէջ կը մշակէ «ՓԱՐՈՍ-2»ը եւ կ'ուղարկէ դուրս. ԱՄԿ անդամները զայն կը տպագրեն եւ կը տարածեն։ 1973-ին Հայրիկեանի վերադարձէն ետք ԱՄԿ ծրագիրը փոփոխութիւններու կ'ենթարկուի. անոր առաջարկով կը հանուին բոլոր այն դրոյթները, որոնք կը հակադրուէին ԽՍՀՄ սահմանադրութեան։ Հայրիկեանի անմիջական ղեկավարութեամբ բազմահազար տպաքանակով կը տարածուին «ՓԱՐՈՍ-2» ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ թերթն ու բազմաթիւ թռուցիկներ ու կոչեր։
ԱՄԿ-ի հիմնադիր Հայկազ Խաչատրեանի եւ միւս ղեկավարներու ձերբակալութենէն ետք Հայրիկեանը կը դառնայ ԱՄԿ-ի փաստական ղեկավարը։ 1973-ին կը ստեղծուի ԱՄԿ-ի գործադիր խորհուրդ, որուն նախագահ կ'ընտրուի Հայրիկեանը։ Ազատութեան մէջ մնալով ընդամէնը 9 ամիս՝ ան ԱՄԿ-ը բարձրացուց նոր աստիճանի. այդ ժամանակահատուածը կազմակերպութեան ամենաարգասաբեր շրջանն էր, քաղաքական նոր մտածելակերպի շրջան։
1974-ին անձնագրային կարգը խախտելու կեղծ մեղադրանքով Հայրիկեանը կը կալանաւորեն՝ դատապարտելով 2 տարուան ազատազրկման։ Սակայն 2 ամիս ետք յօդուածը կը փոխեն եւ կը դատապարտեն ՀԽՍՀ Քր. օրէնսգիրքի 65 յօդուածի 2-րդ մասով եւ 67 յօդուածով։ Այս ապօրինի քայլը հիմնազուրկ էր, քանի որ ՊԱԿ-ը չկարողացաւ որեւէ ցուցմունք կորզել կալանաւորուած վկաներէն։ Դատարանը յենուեցաւ միայն Ռուբէն Խաչատրեանի ցուցմունքի վրայ։ Նախաքննութեան ընթացքին Հայրիկեանն ու իր ընկերները կը գտնուէին ՊԱԿ-ի մեկուսարանի տարբեր խուցերուն մէջ։ Սակայն ան կը կարողանար ոչ միայն իրենց հետ գաղտնի նամակագրական կապ ստեղծել, այլեւ հաստատել իր մշակած՝ ԱՄԿ-ի ծրագիրը։ Ծրագիրի հիմնական դրոյթը հետեւեալն էր. ԽՍՀՄ սահմանադրութեան ընձեռած իրաւունքով հանրաքուէի միջոցով հասնիլ Խորհրդային Հայաստանի անկախացման։ Այս ծաւալուն փաստաթուղթը մեկուսարանէն դուրս ուղարկելու փորձը կը ձախողի եւ Հայրիկեանը այս անգամ կը դատապարտուի 7 տարուան կալանքի եւ 3 տարուան աքսորի։ Ի դէպ, նախաքննութեան ընթացքին, բացի ԱՄԿ-ի ծրագիրէն, կը գրէ նաեւ մի քանի երգեր ու բանաստեղծութիւններ։ Այս եւ այլ երգերով Պարոյր Հայրիկեանը կը դառնայ ազգային-հայրենասիրական արդի երգարուեստի հիմնադիրը Հայաստանի մէջ։
ԱՄԿ նոր ծրագիրի եւ կանոնադրութեան հիման վրայ գրուած եւ 1976-ին մորտովական կալանավայրէն գաղտնի դուրս ուղարկուած՝ Հայրիկեանի «ԱՄԿ-ը իր գործունէութեան 10-րդ տարիին» տեսական կազմակերպական յօդուածաշարը էական նշանակութիւն կ'ունենայ հայ եւ այլ ազգային-ժողովրդավարական շարժումներու զարգացման համար։ Նոյն թուականին Հայրիկեանի բանտային ընկերները՝ ուքրանացի բանաստեղծ Վասիլ Ստուսը եւ հրեայ գրող Միխայիլ Հեյֆեցի նախաձեռնութեամբ՝ ԱՄԿ գաղափարները ընդունելու եւ ԱՄԿ համակիր անդամներ դառնալու մասին յայտարարութիւններ կ'ընդունին եւ հանրաքուէի պահանջով ԱՄԿ գործողութիւններուն կը մասնակցին նաեւ ուքրանացի, ռուս, հրեայ, լաթուիացի, մոլտովացի, լիթուանիացի եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչ քաղկալանաւորներ։ Ասիկա ազգամիջեան համերաշխութեան իսկական օրինակ է։ Այս կալանքը Հայրիկեան կ'անցընէ Փերմի եւ Մորտովիայի քաղաքական ճամբարներուն մէջ։ 1977-ին կալանավայրին մէջ ինք կ'ընտրուի ԱՄԿ-ի քարտուղար, որուն մասին կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ ԽՍՀՄ իշխանութիւններուն։ Հայրիկեանը, այսպիսով, կը դառնայ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան շարժման հիմնադիրը ԽՍՀՄ-ի մէջ։ Ան կը համարուէր ամենագործուն քաղաքական կալանաւորը եւ մօտ 400 օր անցուցած է միայն պատժախուցերուն մէջ։ Փիթըրսպուրկցի պատմաբան, գրող, ազգութեամբ հրեայ Միխայիլ Հեյֆեցը, որուն վիճակուած էր դառնալ այդ օրերու տարեգիրը, գրած է «Ռազմագերի քարտուղարը. պատմութիւն Պարոյր Հայրիկեանի մասին» գիրքը (առաջին անգամ լոյս տեսած է 1985-ին, Լոնտոնին մէջ, ռուսերէն)։ Հեյֆեցը հիացմունքով կը խօսի տարիքով իրմէ շատ երիտասարդ Հայրիկեանի «խարիզմայի», առաջնորդի բնատուր տաղանդի, ազգային-ազատագրական պայքարին անոր անվերապահ նուիրման, իսկական եւ ոչ թէ մոսկովեան պատկերացումներով միջազգայնականութեան մասին։1980-ի Հոկտեմբերէն Հայրիկեանը Ուրալի Փերմ քաղաքի քննչական բանտին մէջ է, այնուհետեւ՝ Նովոսիպիրսկի, ապա՝ Իրկուտսկի բանտերուն մէջ։ 1981-ին, ազատազրկման ժամկէտը լրանալէն 3 ամիս առաջ, Հայրիկեան կ'ամբաստանուի կաշառատուութեան մէջ եւ Փերմի մէջ սարքուած խայտառակ դատավարութիւն-ներկայացումէն ետք կը դատապարտուի 3 տարուան ազատազրկման եւ կ'ուղարկուի Իրկուտսկի մարզի հիւսիսը տեղակայուած թմրամոլներու համար նախատեսուած յատուկ ճամբար։ Ընդհանուր առմամբ, կարցերներուն մէջ անցուցած է շուրջ 300 օր։ Հրաշքով ողջ մնալով, 1984-1987 թուականներուն աքսորավայրին մէջ՝ Իրկուտսկի Ուստ-Կուտ շրջանին մէջ կ'աշխատի որպէս ելեկտրիկ։ Բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու նպատակով Հայրիկեան կ'ընդունուի Փրատսկի պոլիտեխնիկական ինստիտուտի հեռակայ բաժինը. 20 հնարաւորէն հաւաքելով 18 միաւոր՝ կը գրաւէ առաջին տեղը, սակայն կը պարզուի, որ ինստիտուտի ղեկավարութիւնը «սխալմամբ մոռցած է» Հայրիկեանի անունը գրել հրամանի մէջ եւ այդ «սխալը ուղղել հնարաւոր չէ»։ 1985-ին Հայրիկեան կ'ընդունուի Իրկուտսկի պոլիտեխնիկական ինստիտուտ։ Որպէս շատ լաւ ուսանողի, անոր կը թոյլատրուի յանձնել յաջորդ դասընթացքի քննութիւնները։ Հազիւ հասցուցած էր յանձնել 2 քննութիւն, երբ զայն 1987-ին Յունիսին երկրորդ դասընթացքէն կը հեռացնեն ՊԱԿ-ի յանձնարարութեամբ։ Հետագային Հայրիկեան կ'աւարտէ Երեւանի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը։
1987-ի Մայիսին Հայրիկեանի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ կը ստեղծուի «Քաղկալանաւորներու պաշտպանութեան հայկական յանձնախումբը»։ Օգոստոսին վերադառնալով Հայաստան, Հայրիկեանը Սեպտեմբերին կը հիմնէ Ազգային Ինքնորոշում Միաւորում (ԱԻՄ) կազմակերպութիւնը։ Վերջինս ԽՍՀՄ ամբողջ տարածքին մէջ բացայայտ պայքարող առաջին ազգային-քաղաքական-ժողովրդավարական կազմակերպութիւնն էր՝ իր «Անկախութիւն» շաբաթաթերթով։ «Անկախութիւնը» Խորհրդային Միութեան մէջ առաջին բացայայտ հրատարակուող այլընտրանքային քաղաքական պարբերականն էր, որ Հայաստանի մէջ ազատ մամուլի հիմը դրաւ։ 1973-74 թուականներուն ԱՄԿ խորհուրդի անդամներէն ոչ մէկը 1987-ի պայքարը շարունակելու տրամադրութիւն ունէր, սակայն այդ մէկը չէր կրնար թեւաթափ ընել Հայրիկեանը։ Անոր հետ էին հին ԱՄԿ-ականներ Ռազմիկ Մարկոսեանը, Սուսաննա Աւագեանը, Մովսէս Գորգիսեանը (հետագային՝ ազգային հերոս) եւ Մեխակ Գաբրիէլեանը։ Ազատ Արշակեանը, Աշոտ Նաւասարդեանը եւ Յակոբջան Թաթեւոսեանը ԱԻՄ-ին անդամագրուեցան միայն 1989-ին։ Այդ ժամանակ ալ ԱՄՆ-ու մէջ գտնուող ԱԻՄ առաջնորդ Հայրիկեանը՝ Աշոտ Նաւասարդեանին կը նշանակէ Մովսէս Գորգիսեանի նախաձեռնութեամբ ԱԻՄ-ի կազմին մէջ որպէս ապագայ ազգային բանակի նախատիպ ստեղծուած «Անկախութեան բանակի» հրամանատար։
ԱԻՄ-ի նպատակն էր ազգային պետականութեան վերականգնումը, առաջնահերթ խնդիրը՝ Հայաստանի անկախացումը հանրաքուէի միջոցով։ ԱԻՄ գործունէութեան ուշադիր կը հետեւէին Ուքրանիոյ, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ ԽՍՀՄ-ի միւս հանրապետութիւններուն մէջ։
12 Յունուար 1988-ին՝ Ուքրանական քաղկալանաւորներու պաշտպանութեան օրը, Երեւանի մէջ Հայրիկեանի հրաւէրով կայացաւ հայ, ուքրանացի եւ վրացի այլախոհ ղեկավար դէմքերու հանդիպումը, որմով սկիզբ դրուեցաւ ազատութեան համար պայքարող ազգերու գործակցութեան։ Մասնակիցներէն էին յետմահու Ուքրանիոյ հերոս Վիաչեսլաւ Չորնովիլը, յետմահու Վրաստանի ազգային հերոս Մերապ Կոստաւան եւ յետմահու Հայաստանի ազգային հերոս Մովսէս Գորգիսեանը։
Ինքնորոշման շարժումը իր արձագանգն ու զարգացումը գտաւ Արցախի մէջ, որուն ժողովուրդը, մարզային խորհուրդի՝ Ազրպէյճանի կազմէն դուրս գալու եւ Հայաստանին վերամիաւորուելու փետրուարեան որոշումով վերջ դրաւ Մոսկուա խնդրագիրներ ուղարկելու գործելակերպին եւ Քրեմլին դրաւ ծանր իրավիճակի մէջ։ Հայրիկեանը արցախեան ինքնորոշման, ատոր յաջորդած սումկայիթեան ջարդերու, ատոնց մէջ Քրեմլին յանցաւոր դերակատարութեան վերաբերեալ տեղեկատուութեան վստահելի աղբիւր էր արտերկրի լրատուամիջոցներու համար։ «Ժողովրդավարութեան ու հրապարակայնութեան» վայ-բեմադրիչ Միխայիլ Կորպաչովը, որ ազատ արձակած էր բոլոր քաղկալանաւորները, յանձնարարեց կրկին (չորրորդ անգամ) կալանաւորել Հայրիկեանին։ Ատիկա տեղի ունեցաւ 1988-ի Մարտին, Մոսկուայի մէջ, արտերկրի լրագրողներու հետ Հայրիկեանի հանդիպումէն ետք։ Յաջորդ օրը՝ 23 Մարտին զայն տեղափոխեցին Երեւան՝ ՊԱԿ-ի բանտ։ 20 Յուլիսին մոսկովեան իշխանութիւնները Հայրիկեանը յատուկ օդանաւով, ձեռնակապերով տեղափոխեցին նախ Մոսկուա, այնուհետեւ, յատուկ այլ օդանաւով մը՝ Եթովպիա։ Ատկէ ետք ան անցաւ Եւրոպա, այնուհետեւ՝ ԱՄՆ։ Բռնի տարագրեալի վիճակի մէջ Հայրիկեանը մնաց մինչեւ 1990-ի Նոյեմբերը, որմէ ետք, միջազգային հանրութեան ճնշման տակ Կորպաչովը հարկադրուած էր վերականգնել Հայրիկեանի քաղաքացիութիւնը եւ թոյլատրեց վերադառնալ հայրենիք։ Նոյն թուականին, դարձեալ տարագրութեան մէջ, Հայրիկեան ընտրուեցաւ Հայաստանի այն ժամանակուան խորհրդարանի՝ Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր։
Տարագրութեան ժամանակ՝ 1989-ին Հայրիկեանը ընտրուեցաւ, իսկ 1990-ի Յուլիսին Փրակի մէջ վերընտրուեցաւ Փարիզի մէջ հիմնադրուած «ԽՍՀՄ ժողովրդավարական շարժումներու ժողովրդավարութիւն եւ անկախութիւն համակարգիչ կեդրոնի» նախագահը։ ԱՄՆ քոնկրէսի արձանագրութիւններուն եւ համաշխարհային մամուլին մէջ բազմաթիւ վկայութիւններ կան Հայրիկեանի այդ շրջանի գործունէութեան, մասնաւորապէս՝ արտերկրի բարձր քաղաքական շրջանակներու հետ հանդիպումներու, Արեւմուտքին մոլորեցնելու Կորպաչովի ջանքերը ձախողելու մասին։
== Յետանկախութեան Շրջան ==
1991-ին իրականութիւն դարձաւ 1973-ին Ազգային միացեալ կուսակցութեան 24-ամեայ առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեանի յայտարարած՝ Անկախութիւն՝ հանրաքուէի ճանապարհով ռազմավարական նպատակը։ Պատգամաւոր Հայրիկեանը կը պայքարէր անյապաղ ազգային բանակ ստեղծելու, ժողովուրդի կողմէ ընտրուած գործադիր իշխանութեան հաստատելու, սահմանադիր ժողովի միջոցով՝ սահմանադրութիւն ընդունելու եւ կարեւոր այլ նպատակներու համար։ Ազգային բանակը ստեղծուեցաւ 1992-93 թուականներուն, առաջին ազգային սահմանադրութիւնը՝ 1995-ին։ Ուշացումով, բայց ի վերջոյ այս նպատակները իրողութիւն դարձան։ Այդ նպատակներուն հասնելու ճանապարհին Հայրիկեանն ու իր համախոհները ստիպուած էին յաղթահարել կոմունիստական իշխանութիւններէն մնացած ու նոր իաշխանակիրներ դարձած բացայայտ ու գաղտնի գործակալներու դէմ, որոնք ամէն ջանք կը գործադրէին նորանկախ երկիրը Քրեմլին յաւելուածի կարգավիճակին մէջ պահելու համար։
1990-98 թուականներուն Հայրիկեանը ՀՀ խորհրդարանի անդամ էր, 1998-99 թուականներուն՝ ՀՀ նախագահի խորհրդական եւ Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովի նախագահ, 1998-2002 թուականներուն՝ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի նախագահ։ Օմբուտսմենի պարտականութիւնները այդ բարդ տարիներուն Հայրիկեանը կատարած է հասարակական կարգով։
1998-ին Հայրիկեանը, որպէս Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀ իշխանութիւններուն ստիպեց ընթացք տալ սահմանադրական բարեփոխումներու իր ծրագիրին, մասնաւորապէս՝ կեանքի կոչել երկքաղաքացիութեան իրաւունքը, վերացնել նախագահի բացարձակ իշխանութիւնը, գործող կառոյցներ դարձնել ՀՀ խորհրդարանն ու Սահմանադրական դատարանը։ Այդ փուլին մէջ Հայրիկեանը սկսաւ կատարեալ ժողովրդավարութեան համակարգի որոնումները՝ լոյս ընծայելով ընտրական համակարգի վերաբերեալ բազմաթիւ գրքոյկներ ու յօդուածներ։ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ու հեղինակային իրաւունքի պաշտպանութեան կազմակերպութիւններուն մէջ գրանցուած է անոր «Պետութիւններու ժողովրդավարականութեան բանաձեւը» գիւտը։ Կատարեալ ժողովրդավարական համակարգի վերաբերեալ աշխատանքները աւարտեցան 2012 թուականին։
2013-ի Յունուարին ՀՀ նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանը ընտրութիւններէն երեք շաբաթ առաջ փողոցին վրայ մահափորձի ենթարկուեցաւ, որմէ ետք ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց։ ՀՀ դատարանը մահափորձի կազմակերպման մէջ մեղաւոր ճանչցաւ նախագահի մէկ այլ թեկնածու Վարդան Սեդրակեանը եւ դատապարտեց 14 տարուան ազատազրկման։ 2013-ին ՀՀ նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներով Հայրիկեանը ստացաւ ընտրողներու 1,23 % ձայները։
=== Արցախեան Պատերազմ ===
1992-ին Հայրիկեանի ղեկավարութեամբ ձեռնարկուեցաւ նախկին Լաչինի, այժմ Բերձորի շրջանի փախստականներու համար բնակավայրեր ստեղծելու գործը։ Թէեւ այս գործը տեղի կ'ունենար կամաւորական հիմունքներով, բայց ՀՀ նախագահի հրամանագիրով Հայրիկեանը նշանակուեցաւ Գորիսի եւ Գորիսի շրջանի արտակարգ դրութեան պարետ։ Արցախի հիւսիսային շրջաններէն հեռացող տասնեակ հազարաւոր փախաստականներ կը հեռանային Արցախի հիւսիսային շրջաններէն եւ, Հայրիկեանի բնորոշմամբ, կ'երթային դէպի անյայտութիւն։ ԱԻՄ-ականներու հիմնած բնակավայրերը կ'օգնէին իրենց մնալ հայրենիքի մէջ։ Հայրիկեանը ստեղծեց Սիւնիքի աշխարհազօրը, որուն գրանցուած 627 անդամներուն 43-ը զոհուեցան՝ կեանքի գնով պաշտպանելով ԱԻՄ աւաններուն մէջ հաստատուած նորաբնակները՝ կանոնաւոր ազգային բանակի բացակայութեան եւ «օրուան պատասխանատուներու յետին նկատառումներու» պատճառով։ Թէեւ Հայրիկեանը երկու ամիսով պարետ նշանակուած էր, բայց աշխատանքները շարունակուեցան մինչեւ 1995-96 թուականներ, ընդ որուն այստեղ ալ ան աշխատած է հասարակական կարգով, աշխատանքները իրականացուած են հիմնականօրէն ԱԻՄ-ի արտասահմանեան մասնաճիւղերու եւ համակիրներու օժանդակութեամբ։ Հայրիկեանի այս՝ ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման նախաձեռնութիւնը նոյնպէս ի վերջոյ, 1994-ին դարձաւ պետական քաղաքականութիւն։
== Գրական Գործունէութիւնը ==
Պարոյր Հայրիկեանը հրատարակած է բանաստեղծութիւններու երկու ժողովածու, «Լոյսի ճանապարհին» վէպը, «Հաւատով եւ սիրով» թատերական ուրուագիծը, քնարական եւ հայրենասիրական երգերու 3 ալպոմ։ 2001-ին Հայրիկեանի «Սիրոյ թռչուն» երգը համահայկական երգի մրցոյթին մէջ գրաւեց առաջին տեղը։ Հինգ վաւերագրական շարժանկարներու, ինչպէս՝ «Յարութիւն» գիտահանրամատչելի շարժանկարի հեղինակ է։
== Գիրքեր ==
Հայրիկեան, Պարոյր Արշաւիր, Դէպի բացարձակ ժողովրդավարութիւն. 2013
Հայրիկեան, Պարոյր Արշաւիր, Անառողջ անցեալի գունազարդումով պայծառ ներկայ չես կերտի / 2012
Հայրիկեան, Պարոյր Արշաւիր, Ժողովրդավարականութեան բանաձեւը եւ կատարեալ ժողովրդավարութիւն կամ ինչպիսին պէտք է լինի ժողովրդավարական խորհրդարանական համակարգը / 2007
Հայրիկեան, Պարոյր Արշաւիր, Հաւատով եւ սիրով / 2004
Հայրիկեան, Պարոյր Արշաւիր, Լոյսի ճանապարհին / 2004
Հայրիկեան, Պարոյր Արշաւիր, Հայ ժողովուրդը 2003-2004 թուականներուն սահմանագիծին / 2004
Հայրիկեան, Պարոյր Արշաւիր, Անկախության ճանապարհի երեք վաւերագիրեր։ 1997
Հայրիկեան, Պարոյր Արշաւիր, Սեպտեմբեր, 1996, Երեւան / 1997
Հայրիկեան, Պարոյր Արշաւիր, Եւ այսպէս՝ ցմահ / 1997
Հայրիկեան, Պարոյր Արշաւիր, Ազատութիւն երգեր / 1996
Հայրիկեան, Պարոյր Արշաւիր, Անկախութեան եւ հանրաքուէի մասին / 1990
On a Quest of the Light, by Paruyr Hayrikyan, US, Xlibris, 2015, 192 p. ISBN 978-1-5144-1787-4
The formula of democraticity and complete democracy or necessary features of a democratic parlamentary system, by Paruyr Hayrikyan, Yerevan : UNSD publishing house, 2007, 16 p.
== Իր Մասին ==
Խանզադեան, Նորայր։ Խորհրդային միութեան ժողովրդավարական շարժումներու հիմնադիրն ու առաջնորդը. Երեւան, 2003. 62 էջ
Բեզոյեան, Զոյա։ Պարոյր Հայրիկեանի որոնումներու եւ մաքառումներու 50 տարիները /Զ. Բեզոյեան, Ա. Պօղոսեան. Երեւան։ Դաւիթ Մարտիրոսեան, 2015. 44 էջ
Овсиенко, Василий. Наш друг Паруйр Айрикян; Ред. Л. Погосян. Ереван : ОНС, 2015. 28 с.
Хейфец М.Р. Военнопленный секретарь: Повесть о Паруйре Айрикяне: (Отрывки из кн.). — Ереван : ОНС, 1997. — 96 с.
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին Յղումներ ==
Պաշտօնական կայք
«ԽՍՀՄ ՎԵՐՋԻՆ ԱՐՏԱՔՍԵԱԼԸ» - ՊԱՐՈՅՐ ՀԱՅՐԻԿԵԱՆ (տեսանիւթ) |
23,793 | Մինաքշիի տաճարը | Մինաքշիի տաճարը (հնդ.՝ மீனாக்ஷி அம்மன் கோவில்) կը գտնուի Հնդկաստանի մէջ։
== Պատմութիւն ==
Մինաքշիի տաճարը շինուած է 17-րդ դարուն, անոր շինութիւնը տեւած է 100 տարի, 1560-1660 թուական: Անոր շրջափակը ունի նուազագոյնը 11 «Կօփուրամ»՝ աշտարակներ, որոնք կը ծառայեն նաեւ իբրեւ մուտք:
Տաճարը եւ աշտարակները զարդարուած են 33 հազար արձաններով: Այս հինտու տաճարը նուիրուած է Շիվայի կնոջ` Փարվաթիի:
== Ծանօթագրութիւններ == |
5,337 | Ուղղաձեւ ութանիստ | Ուղղաձեւ ութանիստ՝ ուղղաձեւ ուռուցիկ բազմանիստ մըն է:
== Նկարագրութիւն ==
Ուղղաձեւ ութանիստը հինգ կանոնաւոր բազմանիստերէն մեկն է: Ութ նիստերէն իւրաքանչիւրն իրմէ կը ներկայացնէ հաւասարակողմ եռանկիւնի եւ, այդպիսով եռանկիւնանիստ է: Կողերը 12-ն են, գագաթները՝ 6-ը:
Պղատոնի հինգ յայտնի ուռուցիկ բազմանիստերէն մեկն է:
== Բնորոշող Բանաձեւերը ==
Կողի
a
{\displaystyle a}
երկարութեան պարագային՝
Արտագծուած ոլորտի շառաւիղը՝
r
u
=
a
2
2
≈
0.7071067
⋅
a
{\displaystyle r_{u}={\frac {a}{2}}{\sqrt {2}}\approx 0.7071067\cdot a}
Ներգծուած ոլորտի շառաւիղը՝
r
i
=
a
6
6
≈
0.4082482
⋅
a
.
{\displaystyle r_{i}={\frac {a}{6}}{\sqrt {6}}\approx 0.4082482\cdot a.}
Կողին կից երկնիստ անկիւնը՝
α
=
2
ϕ
≈
109
,
47
∘
{\displaystyle \alpha =2\phi \approx 109,47^{\circ }}
, ուր
ϕ
=
a
r
c
c
o
s
(
3
3
)
{\displaystyle \phi =arccos({\frac {\sqrt {3}}{3}})}
Մակերեւոյթի մակերեսը՝
S
=
2
a
2
3
≈
3.46410162
a
2
{\displaystyle S=2a^{2}{\sqrt {3}}\approx 3.46410162a^{2}}
Ծավալը՝
V
=
1
3
2
a
3
≈
0.471404521
a
3
{\displaystyle V={\begin{matrix}{1 \over 3}\end{matrix}}{\sqrt {2}}a^{3}\approx 0.471404521a^{3}}
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,194 | Harry Potter and The Chamber of Secrets | Harry Potter and The Chamber of Secrets-ը Հէրի Փոթըրի վիպաշարի երկրորդ գիրքն է: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ գիրքին կազմը ձեւաւորուած է «Warner Bros. Animation» ընկերութեան հիման վրայ։
== Նիւթը ==
=== Տըրսլիներու տան մէջ ===
Harry Potter and The Chamber of Secrets վէպը կը սկսի Հէրիին ծննդեան 12-րդ տարեդարձով։ Ամռան սկզբը Հէրին նամակ չստանար իր ընկերներեն՝ Ռոնէն եւ Հըրմայոնիէն։ Ծննդեան առթիւ նոյնպէս մէկը չշնորհաւորեր անոր։ Վերնոնը, չյիշելով նոյնիսկ անոր տարեդարձը, կը պահանջէ որ Հէրին ամբողջ երեկոն լուռ նստի իր սենեակին մէջ որովհետեւ այդ օրը Տըրսլի ընտանիքը պիտի դիմաւորէր շատ կարեւոր գործընկերներ որոնց հետ Վերնոնը առիթը ունէր ստորագրելու իր կեանքի ամենայաջող գործի դաշինքը:
Այդ նոյն գիշերը, Հէրիին սենեակին մէջ կը յայտնուի գաճաճ պարիկ մը Տոպպի անունով, ու կը խնդրէ Հէրիէն որ չվերադառնայ Hogwarts որովհետեւ հոն իրեն սարսափելի վտանգ մը կը սպասէ: Հէրին կը մերժէ այս մէկը կատարել, ըսելով թէ Hogwarts-ը իր տունն է: Տոպպին պաշտպանելու ու զրկելու Հէրիին որ երթայ Hogwarts, կախարդանք մը կը կատարէ ու կարկանդակը կը նետէ Վերնոնի կարեւոր հիւրերուն գլուխին վրայ եւ յանձաւորը կ'ըլլայ Հէրին: Այս պատճառով, Վերնոն կը պատժէ Հէրիին, անոր կղպելով իր սենեակին մէջ:
Հէրին երեք օր կը մնայ այդ բանտի նման սենեակին մէջ։ Յաջորդ օրը, գիշերը՝ իրեն կ'այցելեն Ռոնը ու իր երկու մեծ եղբայրները՝ Ֆրետն ու Ճորճը: Անոնք օգտագործելով իրենց հօր թռչող ինքնաշարժը կը կոտրեն Հէրիին սենեակի պատուհանի ձողերը ու կ'ազատեն անոր Տըրսլիներէն: Ճանապարհին ընթացքին անոնք Հէրիին կը պատմեն թէ Տոպպին Տրաքօ Մալֆոյ ընտանիքին կը ծառայէ ու Տրաքոյի հայրը եղած է Voldemort-ի մօտիկ օգնականներէն մէկը:
=== Հիւր Ուիզլիներուն քով ===
Արձակուրդին մնացած մասը Հէրին կ'անցնէ Ուիզլիներուն հետ: Ընտանիքը կ'ընդունի Հէրիին: Անոնց Մայրը՝ Մոլի Ուիզլին շատ հոգատար վերաբերմունք ցոյց կ'ուտայ Հէրիին հանդէպ. Իսկ անոնց Հայրը՝ Արթուր Ուիզլին որ կ'աշխատի Անգլիոյ կախարդական նախարարութեան մէջ, կ'ըլլայ որպէս Հէրիին մօտիկ բարեկամ ու անոր կը հարցնէ ոչ-կախարդ քաղաքացիներու յայտնագործութիւններուն մասին: Ճիննի Ուիզլին, որ պիտի յաճախէր իր առաջին տարին Hogwarts-ին մէջ,կը կարմրի ու կը շփոթի երբ կը տեսնէ Հէրիին:
Հէրին եւ Ուիզլիները դպրոցը չսկսած մի քանի օր առաջ կ'երթան կատարելու գնումներ ու հոն կը ծանօթանան Լոքհարթին որ պիտի ըլլայ Hogwarts-ի նոր պաշտնանութեան պարոնը:
Անոնք նաեւ կը հանդիպին Տրաքոյին ու իր հօրը եւ Լուսիոս գաղտնօրէն, առանց մէկը նկատելու, տետրակ մը կը դնէ Ճիննիին պայուսակին մէջ:
Մի քանի օր ետք անոնք կ'երթան Քինկզ Քրոս կայարանը որպէսզի հասնին Hogwarts: Սակայն, այդ կայարանը հասնելու համար բոլոր կախարդները պէտք է անցնին պատի մը մէջէն: Երբ Հէրիին ու Ռոնին հերթը կը հասնի, պատը կը վերադառնայ իր կարծր կերպարին ու անոնք չեն կրնար մտնել կայարան: Ռոնը նորէն կ'առնէ իր հօր ինքնաշարժը ու երկուքը թռչելով կը հասնին Hogwarts: Աակայն անոնք կ'իյնան վայրի կախարդական ծառի մը վրայ որ կ'ուզէ իրենց ջարդել: Երբ կը փորձեն ազատիլ, Ռոնը կը կոտրէ իր կախարդական փայտիկը ու ինքնաշարժը կ'անհետանայ արգիլուած անտառին մէջ։ Սեւերուս Սնէյփը իրենց կը յանդիմանէ որ ոչ-կախարդ ժողովուրդը տեսած է անոնց թռչող ինքնաշարժը ու կ'ուզէ անոնց Hogwarts-էն դուրս դնել բայց Մաքկոնակալը կը սահմանափակուի այդ նկատողութեամբ:
=== Hogwarts-ին մէջ ===
Hogwarts դպրոցին մէջ բոլորը կը սկսին բամբասել թէ նոր պաշտպանութեան պարոնը՝ Լոքհարթը բան մը չգիտեր: Իր դասերուն ժամանակ, ան աշակերտներուն իր գիրքէն հատուածներ կը կարդար, որ սխալ կ'ըլլար: Հէրին եւ Ռոնը չէին սիրեր անոր, բայց Հըրմայոնին շատ կը սիրէր:
Դպրոցին մէջ Հէրիին կը հետեւէր 11 տարեկան տղայ մը Քոլին անունով ու ան շատ կը սիրէր Հէրիին որովհետեւ ան յաղթած է Voldemort-ին ու միշտ լուսանկարով կը շրջէր եւ կը նկարէր Հէրիին:
Միւս կողմէն՝ Տրաքօ Մալֆոյը ուզելով մաս կազմել Slytherin-ի Quidditch խումբին, անոր հայրը բոլոր անդամներուն կը գնէ նոր աւելփայտեր աւելի լաւ թռչելու համար: Gryffindor-ի եւ Slytherin-ի անդամները կը վիճին ու Հըրմայոնին կ'ըսէ թէ հակառակ Slytherin խումբին, Gryffindor-ի անդամները տաղանդաւոր են իսկ Տրաքօ լսելով այս մէկը, անոր կը վիրաւորէ խօսքերով ու կ'ըսէ թէ Հըրմայոնին արժանի չէ կախարդութիւն սորվելու որովհետեւ անոր ծնողքը կախարդներ չեն: Այս խօսքերը լսելէ ետք, Ռոնը կը զայրանայ ու իր կոտրուած կախարդական փայտիկով կը փորձէ վնաս հասցնել Տրաքոյին բայց չյաջողիր ու ինքը կը վնասուի եւ այս պատճառով երեքը կը դիմեն Հակրիտին:
=== Գաղտնի Սենեակի հանելուկը ===
Հէրին կը լսէ ձայն մը պատերուն մէջէն որ կը խօսի սպանութեան մասին։ Հէրիէն զատ ուրիշ ոչ մէկը կը լսէ այդ ձայնը։ Հըրմայոնին կը թելադրէ որ մէկը չգիտնայ թէ Հէրին այսպիսի ձայն մը կը լսէ։ Գիշեր մը ան նորէն կը լսէ այդ ձայնը ու իր ընկերներուն հետ կը հետեւի անոր ու կը հասնին միջանցք մը որ լեցուած էր ջուրով։ Այնտեղ կախուած էր Պարոն Ֆիլչի կատուն՝ Նորիսը, իսկ պատին վրայ կար արիւնոտ գրութիւն մը որ կ'ըսէր՝ «Գաղտնի սենեակը բաց է: Ժառանգորդի թշնամիներ՝ ուշադիր եղէք:»: Ֆիլչը Հէրիին կը մեղադրէ որ ան իր կատուն սպանած է: Անսպասելիօրէն Սնէյփը կը պաշտպանէ Հէրիին։
Կախարդանքի պատմութեան դասի ընթացքին Հերմայոնին Մաքկոնակալին կը հարցնէ տեղեկութիւններ «գաղտնի սենեակին» մասին։ Մաքկոնակալ կը պատմէ որ Սալազար Սլիզերինը միշտ կողմնակից եղած է որ դպրոցին մէջ միայն սորվին կախարդներուն զաւակները, սակայն մնացած կախարդները անոր հետ չեն համաձայնած։ Ի վերջոյ Սալազարը կը մահանայ: Սակայն աւանդավէպին համաձայն, Hogwarts-ին մէջ սենեակ մը պահած է, որ օր մը կրնայ բացուիլ միայն անոր ժառանգորդին կողմէ ու այն ժամանակ կրնայ դպրոցը ազատել սովորական մարդոցմէ: Աւանդավէպը կ'ըսէ թէ այդ սենեակին մէջ կը գտնուի հրեշ մը, ու անոր կրնայ կառավարել միայն Սալազարի ժառանգորդը: Մաքկոնակալ նաեւ կ'ըսէ թէ այդ սենեակը մէկ անգամ բացուած է 50 տարի առաջ ու սպաննուած է աշակերտուհի մը:
Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը կասկածին թէ Մալֆոյ ընտանիքը կապ մը ունի այս գաղտնի սենեակի բացման մէջ։ Անոնք կ'որոշեն ստեղծել կախարդական խոտ ու Քրապին եւ Կոյլին կերպարանքը ստանալ, որպէսզի գաղտնի սենեակին մասին մի քանի բան գիտնան Տրաքօ Մալֆոյէն։ Հըրմայոնին ու Հէրին խաբեութեամբ կ'առնեն այս կախարդական խոտին նիւթերը եւ բաղադրիչները ու Հըրմայոնին կը ստեղծէ «Ուժեղ ազդեցութեամբ խոտը» որ երկար ժամանակ կը խլէ՝ մօտ 1 ամիս:
Gryffindor-ի եւ Slytherin-ի quidditch խաղին ընթացքին, գնդակը կը յարձակի միայն Հէրիին վրայ։ Ան կ'իյնայ ու կը կոտրէ ձեռքը, սակայն միւս ձեռքով կը բռնէ գնդակը։ Գիշերը Հէրին կը մնայ մինակ հիւանդանոցին մէջ ու անոր մօտ կ'ուգայ Տոպպին եւ կը խոստովանի թէ ինքն էր որ կախարդածէր 9¾-ի կայարանի պատը ու արգիլած էր Հէրիին հասնի Hogwarts, ու ինքն էր որ այդ գնդակը կախարդած էր որպէսզի յարձակի Հէրիին վրայ։ Տոպպին գիտէ ով բացած է գաղտնի սենեակը, սակայն կարող չէ այդ մէկը Հէրիին ըսել։ Տոպպիին հետ խօսակցությունէն յետոյ հիւանդանոցի սենեակին մէջ կը տեղափոխեն Քոլինին որ քարացած վիճակի մէջ էր, (ինչպէս Ֆիլչի կատուն) ու իր ձերքը կար նաեւ իր լուսանկարչական գործիքը, բայց հալած էր։
Լոքհարթը եւ Սնէյփը դպրոցին մէջ կը հիմնեն ակումբ մը որ աշակերներուն սորվեցնեն ինքնապաշտպանութիւն: Կը սկսին մենամարտերը եւ Հէրին ու Տրաքոն կը պատրաստուին իրար դէմ կռուելու որ կ'աւարտի անյաջող ձեւով: Տրաքոն օձ մը կը նետէ Հէրիին վրայ, բայց օձը կը փորձէ յարձակիլ աշակերտի մը վրայ, (Ճասթընին) եւ Հէրին շուտով կը խօսի օձին հետ ու այդ կը հեռանայ Ճասթընէն: Սնէյփը շուտով կը մեռցնէ օձը ու բոլոր աշակերտները ապշած ձեւով Հէրիին կը նային: Երբ սրահէն դուրս կ'ելլեն Ռոնը եւ Հըրմայոնին Հէրիին կը բացատրեն թէ ան օտար լեզու մը խօսեցաւ եւ այդ օձերու լեզուն է: Անոնք նաեւ կ'ըսեն թէ այս լեզուն միայն Սալազարը եւ իր ժառանգորդները կրնան խօսիլ, ինչպէս նաեւ Voldemort-ը:
Դպրոցի աշակերտները կը սկսին կասկածիլ թէ Հէրին է Սալազարի ժառանգորդը եւ ան է որ բացած է գաղտնի սենեակը: Անոր հանդէպ բամբասանքները կը սկսին եւ բոլորը իրեն կը մօտենան վախով ու ատելութեամբ: Ճասթընը բնաւ չխօսիր Հէրիին հետ կարծելով թէ ան օձին հրամայած է որ իրեն սպաննէ որովհետեւ Ճասթընին հայրը ու մայրը կախարդներ չեն:
Բամբասանքները նաեւ կ'ըսէին թէ Հէրին էր որ Քոլինին ու Ֆիլչի կատուին քարացած վիճակի մէջ դրած էր ու Voldemort-ը չէ կարողացած յաղթել Հէրիին միայն այդ պատճառով թէ Հէրին էր ամենազօրաւոր գէշ կախարդը:
Մի քանի օր ետք, Ճասթընը եւ 'գրեթէ անգլուխ' Նիքը (որ ոգի է) կը գտնուին նոյն քարացած վիճակին մէջ ու բոլորը կը կարծեն թէ Հէրին կատարեց այս մէկը: Dumbledore-ը կը խորհրդակցի Հէրիին հետ ու վստահ կ'ըլլայ թէ Հէրին չէ այս յարձակումներուն պատճառը: Հէրին Dumbledore-ի գրասենեակին մէջ կը ծանօթանայ անոր փիւնիկ թռչունին՝ Հաուքսին որ կը վերածնի մոխիրէ եւ Dumbledore կը բացատրէ Հէրիին թէ փիւնիկի արցունքը կրնայ բուժել ամէնէն գէշ վէրքերը:
Կախարդական խոտը, որ Հըրմայոնին կը պատրաստէր աղջիկներու լքուած բաղնիքին մէջ ամբողջացաւ ամանորին: Այդ բաղնիքը լքուած էր որովհետեւ հոն կը մնար աղջկայ ոգի մը որ մահացած էր 50 տարի առաջ ու անունն էր՝ ողբացող Մըրթիլը: Այդ բաղնիքին մէջ Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին իրենց ազատ ժամերը կ'անցնէին այս խոտը պատրաստելով: Կաղանդի արձակուրդին, երեքը կը պատրաստուին Քրապին, Կոյլին եւ ուրիշ Slytherin-ի աղջկայ կերպարը առնելու, անոնց մազէն թել մը կախարդական խոտին մէջ դնելով ու այդ խմելով: Սակայն, սխալ մը կը կատարուի ու Հըրմայոնին կ'առնէ կատուի մը կերպարը:
Հէրին եւ Ռոնը, որպէս Քրապ եւ Կոյլ, Տրաքոյի ամէնէն մօտիկ ընկերները, կը մտնեն Slytherin-ի սենեակը ու կը խօսին Տրաքոյին հետ. Իրենց զարմանքին՝ Տրաքօն կ'ըսէ թէ ան ոչինչ գիտէ գաղտնի սենեակին մասին:
=== Թոմ Ռիտլի օրագիրը ===
Հէրին այդ լքուած բաղնիքին մէջ կը գտնէ տարօրինակ գիրք մը որուն էջերը դատարկ են: Գիրքին վրայ գրուած է որ այս Թոմ Ռիտլի կը պատկանի: Հէրին կը սկսի գրել այդ դատարկ օրագիրին մէջ՝ «Բարեւ իմ անունս Հէրի Փոթըր է» յանկարծակիօրէն գրութիւնը կ'անհետանայ ու ան կը ստանայ պատասխան մը ըսելով՝ «Բարեւ, Հէրի Փոթըր: Իմ անունս Թոմ Ռրիտլ է»: Անոնք միասին այսպէս կը խօսին եւ Հէրին Թոմին կը հարցնէ եթէ ան գիտէ թէ ով բացած է գաղտնի սենեակը 50 տարի առաջ:
Թոմը իրեն կը տանի 50 տարի առաջ ու Հէրին կը տեսնէ ինչպէս ուսուցիչները կը տեղափոխեն մահացած աղջկան դիակը ու նաեւ կը տեսնէ երիտասարդ Թոմ Ռիտլը որ կը մեղադրէ Հակրիտին (որ այն ժամանակ ուսուցիչ էր) ու իր խոշոր սարդին, ըսելով թէ սարդն է այդ հրեղը որ սպաննեց աշակերտուհիին եւ այս պատճառով կ'արգիլուի Հակրիտին կախարդութիւն գործածել կամ ըլլալ ուսուցիչ, ու ան ժամանակ մը կ'անցնէ Ազքապան՝ կախարդական բանտին մէջ:
Մի քանի օր ետք, Հէրիէն քովէն կը գողցուի այդ օրագիրքը:
=== Հէրիին եւ Ռոնին հետապնդումը ===
Օր մը, Մաքկոնակալը Հէրիին եւ Ռոնին հիւանդանոց կը կանչէ ու անոնց ցոյց կ'ուտայ Հըրմայոնին, քարացած, անկողինին վրայ եւ իր քովը հայելի մը: Շուտոձ բոլոր բամբասանքները Հէրիին հանդէպ կը դադրին, որովհետեւ բոլորը գիտեն թէ Հէրին եւ Հըրմայոնին լաւ ընկերներ են եւ Հէրին չվիրաւորեր Հըրմայոնիին:
Որոշ ժամանակ մը ետք Հէրին ըեւ Ռոնը կը նկատեն թէ, անհասկնալի պատճառով, դպրոցին մէջ շատ սարդեր կան, ու անոնք շարքով կը քալեն դէպի արգիլուած անտառ: Հէրին եւ Ռոնը կը հետեւին անոնց, ու կը հանդիպին Արակոկին՝ հսկայ ու ամենամեծ սարդը: Արակոկը կ'ըսէ թէ ինք այդ հրեշն է որ Հակրիտը hogwarts-ին մէջ կը պահէր, բայց ինքը Սալազարի հրեշը չէր որ կը գտնուեր գաղտնի սենեակին մէջ, եւ Հակրիտը չէր բացած գաղտնի սենեակը, այլ միայն նկատուած է յանձաւոր: Ան նաեւ կ'ըսէ թէ Հակրիտ իրեն պաշտպանած է ու շատ մեծ յարգանք ունենալով անոր հանդէպ, ան որոշած է մարդոց չսպաննել, սակայն միւս բոլոր սարդերը այդպէս չեն եւ կը սկսին յարձակիլ Հէրիին եւ Ռոնին վրայ։
Անսպասելիօրէն կը յայտնուի Ռոնին հօր ինքնաշարժը ու անոնց կ'ազատ է արգիլուած անտառէն: Անոնք կ'այցելեն քարացած Հըրմայոնին հիւանդանոցին մէջ, ու Հէրին անոր ձերքը կը բռնէ եւ կը նկատէ թուղթ մը: Կարդալով այդ մէկը, Հէրին եւ Ռոնը կը գիտնան թէ գաղտնի սենեակի հրեշը Պասիլիք օձն է եւ ան կ'օգտագործ է խողովակները որ շրջի դպրոցին շուրջ ու այս պատճառով Հէրին այդ ձայները կը լսէ ու կը հասկնայ պատերուն մէջէն որ օձի լեզուի ձայներէն: Նաեւ ով որ այս օձին աչքերուն մէջ նայի կը մեռնի, բայց ոչ մէկ աշակերտ մահացաւ, անոնք միայն քարացան, որովհետեւ անոնք ուղղակիօրէն օձին աչքերուն մէջ չնայեցան՝ Հըրմայոնին, հայելիով: Ճասթընը՝ 'գրեթէ անգլուխ' Նիք ոգիին մէջէն (Նիք արդէն ոգի է ու կարելի չէ նորէն մահանայ) իսկ Քոլինը՝ իր լուսանկարչական գործիքին միջոցով:
Շուտով Հէրին եւ Ռոնը կը նկատեն թէ այդ գաղտնի սենեակին մէջ գտնուող օձին նահատակն էր Մըրթիլը որ մահացած էր 50 տարի առաջ, ու միայն ինք իրենց կրնայ պատմել ճշմարտութիւնը գաղտնի սենեակին վայրին մասին:
=== Գաղտնի սենեակին մուտքը ===
Դպրոցին մէջ լուր մը կը յայտարարուի թէ հրեշը աշակերտ մը գերի բռնած է ու հիմա անոնք կը գտնուին գաղտնի սենեակին մէջ, որուն տեղը անյայտ է: Կը տարածուի որ այդ աշակերտը Ճիննի Ուիզլին է: Բոլոր ուսուցիչները կը պատրաստուին դպրոցը փակելու: Հէրին եւ Ռոնը, կը փորձեն Լոքհարթէն օգնութիւն խնդրել սակայն կը յայտնուի թէ Լոքհարթը կը պատրաստուի փախչելու ու իր գրասենեակը կը հաւաք է: Հէրին եւ Ռոնը իրենց կախարդական փայտիկներով կը ստիպեն Լոքհարթին իրենց հետը երթայ աղջիկներուն լքուած բաղնիքը: Հոն կը հանդիպին Մըրթիլին, ու իրեն կը հարցնեն ինչպէս մահացաւ: Մըրթիլ կը պատմէ թէ ինքը բաղնիքին մէջն էր երբ ձայն կը լսէ ու դառնալով կը տեսնէ երկու հսկայ դեղին աչքեր ու վայրկեանին կը մահանայ: Ան ցոյց կ'ուտայ թէ լուացարանին մօտ տեսած է այդ աչքերը ու դառնալով Հէրին ծորակին վրայ կը տեսնէ օձի նշան: Կը գիտնայ թէ հոն է գաղտնի սենեակին մուտքը ու օձի լեզուով կ'ըսէ «Բացուի՛ր»: Վայրկեանին, փոս մը կը բացուի ու Հէրին, Ռոնը եւ Լոքհարթը կը ցատկեն վար: Քարայրի պէս տեղ մը կը հասնին եւ Լոքհարթը կը խլէ Ռոնին կախարդական փայտիկը ու կը փորձէ անեծքով ջնջել Հէրիին եւ Ռոնին յիշողութիւնը որպէսզի ինքը գաղտնի սենեակը գտնելու պատիւը շահի: Սակայն Ռոնին կախարդական փայտիկը կոտրած է եւ անեծքին հակառակը կը պատահի ու Լոքհարթը կը կորսնցնէ իր յիշողութիւնը, նաեւ վերէն քարեր կ'իյնան ու Հէրին կը մնայ մինակը գաղտնի սենեակին մէջ։
Ան շուտով կը տեսնէ Ճիննիին ու կը փորձէ անոր օգնել, բայց ան տկարացած գետինը պարկած էր։ Յանկարծակիօրէն կը յայտնուի Թոմ Ռիտլը ու Հէրին իրմէ օգնութիւն կը խնդրէ որ ազատեն Ճիննիին: Բայց Թոմ Ռիտլը կ'առնէ Հէրիին կախարդական փայտիկը ու կ'ըսէ թէ ինքն է Սալազարի ժառանգորդը: Ինքն է որ սպաննած է Մըրթիլին եւ ամբողջ տարին Ճիննիին հետ օրագիրին միջոցով խօսած է ու ստիպած է գաղտնի սենեակը բանալ, եւ արիւնով այդ գրութիւնը գրել: Իսկ Ճիննին այս ըրածներէն ոչ մէկը չյիշեր: Թոմ Ռիտլը Voldemort-ին պատանեկան եւ իսկական անունն էր, ու իրեն այդ բաժինը կ'ապրի օրագիրին մէջ։ Այսինքն՝ Հէրիին դիմացը կեցած էր Voldemort-ը իր պատանի կերպարով: Ան կը կանչէ Պասիլիքին եւ կը յարձակի Հէրիին վրայ։ Ան իր թոյնով կը վիրաւորէ Հէրիին եւ Հէրին կը գիտնայ թէ ինք շիւտով պիտի մահանայ: Յանկարծ կը յայտնուի Dumbledore-ին փիւնիկը եւ իր հետը կայ Gryffindor-ի թուրը: Հէրին դժուարութեամբ, այդ թուրով կը սպաննէ Պասիլիքին, իսկ ետքը առնելով Պասիլիքի թուանաւոր ժանիքը իր ուսին վրայէն, զայն կը խոցէ Թոմին օրագիրին մէջ ու այսպիսով, Թոմը կ'անհետանայ: Հէրին վիրաւոր, կը պարկի Ճիննիին քով ու կը սպասէ իր մահը: Dumbledore-ին փիւնիկը կը յայտնուի ու իր արցունքով կը բուժէ Հէրիին մահացու վէրքը: Թոմի մահին պատճառով, Ճիննին ալ նաեւ կ'արթննայ ու երկուքը միասին փիւնիկին օգնութեամբ գաղտնի սենեակէն դուրս կ'ելլեն:
=== Իրականութիւնը ===
Հէրին, Ռոնը, Ճիննին եւ Լոքհարթը կը վերադառնան Dumbledore-ին գրասենեակը եւ բոլոր ճշմարտութիւնը կը պատմեն: Dumbledore-ը կը հաւատայ իրենց ու Ճիննին կը խոստովանի թէ ան օրագիրը գտած է իր դպրոցի գիրքերուն մէջ (Լուսիուս Մալֆոյը հոն տեղադրած էր զայն): Dumbledore-ը կը պարգեւատրէ Հէրիին եւ Ռոնին «դպրոցին համար յատուկ ծառայութեան» շքանշանով եւ 400 միաւոր կ'ուտայ Gryffindor տան:
Ետքը երբ բոլորը դուրս կ'ելլեն սենեակէն, Dumbledore-ը կ'օգնէ Հէրիին որ հասկնայ մի քանի բան:
Հէրին գիտէ օձերու լեզու խօսիլ որովհետեւ անոր կը կառավարէ Voldemort-ը:
Voldemort-ը փորձելով սպաննել Հէրիին, իր ուժերէն մաս մը փոխանցած է Հէրիին:
Գլխարկը Հէրիին դրած է Gryffindor տան մէջ (եւ ոչ Slytherin) միայն այդ պատճառով որ Հէրին ուզած է հոն պատկանիլ:
Gryffindor-ի թուրը որ Հէրին գործածեց սպաննելու Պասիլիքին միայն իսկական Gryffindor-ի անդամը կարող է վերցնել գխարկին մէջէն, որուն կարողացաւ Հէրին:Բոլոր քարացած աշակերտները կը բուժուին եւ Հըրմայոնին կը վերադառնայ Հէրիին եւ Ռոնին մօտ: Տոպպին ալ կ'ազատի Մալֆոյներու տառապանքէն, ու տարուայ վերջին քննութիւնները չեղեալ կը նկատուին: Լոքհարթը կը խելագարուի ու կը մտնէ հիւանդանոց որպէսզի վերականգնի իր յիշողութիւնը: Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը խոստանան ամառը տեսնուին:
== Հրատարակութիւնը ==
=== Զարգացումը ===
Ռոուլինկը Harry Potter and The Chamber of Secrets-ի աւարտելը կը նկատէ դժուար որովհետեւ ան կը վախնար թէ գիրքը, Harry Potter and The Philosopher's Stone-ի յաջողութեան մակարդակին չհասնի: «Bloomsbury»-ին ճիշդ ժամանակահատուած տալէն յետոյ, այդ կը վերցնէ 6 շաբաթով վերանայելու համար:
Գիրքի սկզբնական նախագածին Նիքը երգ մը կ'երգէ որ կը նկարագրէ իր վիճակը եւ մահուան հանգամանքները: Այս բաժինը գիրքի հեղինակին կողմէն ջնջուած է սակայն ետքը տեղադրուած է Ռոուլինկի պաշտօնական կայքէջին վրայ:
Հէրի Փոթըրի ընտանեկան կեանքին մասին բաժինը նոյնպէս ջնջուած է որովհետեւ հեղինակը այդ կարեւոր չէ նկատած, եւ Ճոան աւելցուցած է Նեւիլին կերպարին յայտնաբերութիւնը որովհետեւ հիմնական նիւթին աւելի կարեւոր է:
=== Հրատարակումը ===
Harry Potter and The Chamber of Secrets-ը հրատարակուած է Մեծ Պրիթանիոյ մէջ, 2 Յուլիս, 1998 թուականին: Այդ մէկ անգամէն անցած է Մեծ Պրիթանիոյ ամենաշատ վաճառուող գիրքերու ցանկին, գրաւելով առաջին դիրքը եւ անցնելով այլ հեղինակներու, օրինակ՝ Ճոն Կրիշամ, Թոմ Քլենսըն եւ Տերրի Պրատչատ։: Այս գիրքը Ռոուլինկիին դարձուցած է պաշտօնական հեղինակ որ յաղթած է Անգլիական գիրքերու փառատօնի «տարուայ մանկական գիրք»ի անուանակարգումը երկու տարիներ շարունակ: 1999 թուականին ան յայտնուած է Ամերիկիոյ ամենավաճառուած գիրքերու ցանկին:
Առաջին հրատարակութիւնը ունէր մի քանի սխալներ, որոնք ուղղուեցան եւ գիրքը վերարտադրուեցաւ:
=== Հրատարակութեան արձագանքը ===
Գիրքը ընդունուեցաւ համաշխարհային ծափահարութիւններով ու ողջոյններով: Հեղինակ՝ Չարլզ Տէ Լինտը համաձայն է որ Harry Potter and The Chamber of Secrets-ը, ինչպէս նաեւ Harry Potter and The Philosopher's Stone գիրքերը մեծ յաջողութիւններ են ամբողջ Հէրի Փոթըր վիպաշարին համար: Կիլտերօ Լոխարտը հաստատած է թէ այս գիրքը յատուկ է: Տեմմի Նեզոլը, Harry Potter and The Chamber of Secrets-ը աւելի մտահոգիչ կը գտնէ քան Harry Potter and The Philosopher's Stone գիրքը: Բայց Ռոուլինկը երկրորդ գիրքը ստեղծած է այնքան հաճելի, որքան առաջինը:
Բոլոր 7 գիրքերը հրատարակուեէլէն ետք Կրիմ Տէյվիսը Harry Potter and The Chamber of Secrets գիրքը կը նկատէ ամէնէն տկար ու վակ գիրքը բոլոր վիպաշարին մէջէն որովհետեւ անոր նիւթը կը նմանի առաջին գիրքին նիւթին, եւ կ'ըսէ թէ գիրքին մէջ չէ բացատրուած ինչպէս փիւնիկը գիտցած է Հէրիին վայրը ու հասած է անոր օգնութեան:
=== Պարգեւներ եւ մրցանակներ ===
Ճոանին Harry Potter and The Chamber of Secrets գիրքը ստացած է մի քանի մրցանակներ: Ամերիկեան գրական կազմակերպութիւնը, այս գիրքը համարած է բոլոր ժամանակներու մանկական եւ մեծերու գրականութեան 2000 լաւագոյն գիրքերու շարքին: Այս գիրքը նաեւ յաղթած է Անգլիական «տարուայ մանկական գիրք» անուանակարգումըref>http://web.archive.org/web/20071221191008/http://www.raincoast.com/harrypotter/rowling.html</ref>:
Գիրքը ստացած է յատուկ պարգեւ մը «Nestlé» ընկերութեան կողմէն 1998 թուականին։ Գիրքը 2001 թուականին ստացած է «Whitaker's Platinum Book Award» մրցանակը։ 2003 թուականին վէպը հասած է «The Big Read» ցուցակի առաջին քսան շարքերուն մեջ:
== Ֆիլմը ==
Harry Potter and The Chamber of Secrets գիրքին ֆիլմի տարբերակը հրատարակուած է 2002 թուականին։ Քրիս Քոլոմպոսը ղեկավարած է ֆիլմին նկարահանումները, իսկ անոնց խօսքերը գրուած է Սթիւ Կլովսի կողմէն։ Այն դարձած է երրորդ ֆիլմը, որ գերազանցած է 600 միլիոն տոլարի շահը։ Անոր կը նախորդէ Titanic՝ հրատարակուած 1997 թուականին եւ Harry Potter and The Philosopher's Stone ֆիլմը՝ հրատարակուած 2001 թուականին։ Ֆիլմը պաշտօնակարգուած է «Saturn Award»-ներուն որպէս երեւակայութեան վէպի լաւագոյն ֆիլմ։ Համաձայն «Metacritic»-ի տուեալներուն՝ ֆիլմը արժանացած է «հիմնականին բարենպաստ վերադիտումներու»՝ 63% միջին ցուցանիշով, իսկ Ռոտտեն Թոմաթոսի տուեալներով՝ այդ ցուցանիշը հասած է 82%-ի։
== Համակարգիչի խաղը ==
Շատ խաղեր արտադրուած են տարբեր ընկերութիւններու կողմէն՝
== Արտաքին յղումներ ==
Հարրի Փոթերը եւ գաղտնի սենյակը (Ռուսերէն)
Սխալներ գրքում
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,575 | Տաթեւեր | Տաթեւեր կամ Տաթեւի Թեւեր (անգլերէն՝ Wings of Tatev, ֆրանսերէն՝ Téléphérique de Tatev), աշխարհի ամենաերկար յետադարձ ճոպանուղին։ 2010 թուականի Հոկտեմբեր 16-ին գործարկուած է աշխարհի ամենաերկար յետադարձ ճոպանուղին` անցնելով Որոտանի կիրճի վրայով եւ հնարաւորութիւն ընձեռելով Հալիձորէն Տաթեւի միջնադարեան վանական համալիր հասնիլ կարճ, յարմարաւէտ օդային ճանապարհով: Հալիձորը եւ Տաթեւի վանքը իրար հետ կապող ճոպանուղի, Հայաստան։
«Տաթեւեր» ճոպանուղին կառուցուած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ծիրէն ներս:
«Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ արձանագրուած է որպէս աշխարհի ամենաերկար յետադարձ ճոպանուղի (5752 մ), 11 րոպե անմոռանալի թռիչք Որոտանի կիրճի վրայով, երկնային մայրուղի 320 մեթր բարձրութեան վրայ:
Տեղացիք ճոպանուղին կը գործածեն անվճար: Ճոպանուղիի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը յատկապէս մեծ է տօնական եւ հանգստեան օրերուն, որոնց ընթացքին ճոպանուղին կը սպասարկէ օրական 700- 800 ուղեւոր:
«Տաթեւեր» ճոպանուղին նաեւ տեղի բնակիչներուն համար աշխատատեղերու, գիւղմթերքի իրացման, զբօսաշրջային առաջարկներու մշակման նոր հնարաւորութիւններ ստեղծած է: Ճոպանուղիի շուրջ 60 աշխատակիցներուն մեծ մասը տեղացիներ են:
Ճոպանուղին իւրօրինակ խթան դարձած է տարածաշրջանի զարգացման համար: Զբօսաշրջային հոսքերու աճը նաեւ նպաստած է համապատասխան ենթակառուցուածքներու զարգացման. վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին Գորիսի մէջ բացուած է 10 նոր հիւրանոց, վանական համալիրի յարակից համայնքներուն մէջ կը գործեն շուրջ երկու տասնեակ հիւրատուներ եւ սպասարկման այլ կառոյցներ:
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Պաշտօնական կայքէջ։ |
3,043 | Ստեփան Էմմիեան | Ստեփան Էմմիեան, (ծն.՝Ապրիլ 2 1930, Սարպա, Լիբանան): Լիբանանցի դաշնակահար է եւ յօրինող։ Մահացած է Յունուար 24 1994-ին։
== Կենսագրութիւն ==
Ստեփան Էմմիեան, ուսանած է Լիբանանի Գեղարուեստից Կաճառին մէջ։ Աշակերտած է երաժիշտ Պարոն Էրաստ Պելինկի, ղեկավար Փեթերզպուրկի ցարական Ֆիլհարմոնիայի նուագախումբին։ Դաշնակի ուսուցիչ ունեցած է՝ Միշէլ Չեսքինոֆ եւ Միշէլ Պուրժօ: Վկայուած է Ֆրանսական Մշակութային Առաքելութեան Պէյրութի երաժշտական Ուսմանց Կեդրոնէն, Լիբանան։
Պէյրութի պետական Երաժշտանոցին ընկերակցող դաշնակահար 1968-էն մինչեւ 1994: Դաշնակի ուսուցիչ եւ դասախօս Քասլիքի Համալսարանի Երաժշտութեան Ամպիոնի։ Ելոյթներ ունեցած է Լիբանանի եւ արտասահմանի մէջ։
Հրատարակած է՝ հինգ բրելիւտ, երեք բրելիւտ‚ «Նոէլ Սիրիաք դաշնամուրի համար», «Կիլիկիա»‚ ”Դիւցազներգութիւն”:
Հեղինակ անտիպ երաժշտական գործերու։
Վարձատրուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զոյգ վեհախառներու կողմէ՝ Կիլկիան Ասպետի շքանշանով‚ ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահ Ամին Ժեմայէլի կողմէ՝ Լիբանանի Արժանեաց շքանշանով։
== Աղբիւրներ == |
4,355 | Ռուբէն Մամուլեան | Ռուբէն Մամուլեան (անգլերէն՝ Rouben Mamoulian, 8 Հոկտեմբեր 1897(1897-10-08), Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն - 4 Դեկտեմբեր 1987(1987-12-04)[…], Վուդլենդ Հիլզ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ բեմադրիչ, կը համարուի 20-րդ դարու աշխարհի մեծագոյն թատերական եւ սինեմայի բեմադրիչներէն մէկը։
== Կենսագրութիւն ==
Ռուբեն Մամուլեան ծնած է Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան), 1897-ին, հայ մեծահարուստ ընտանիքի մէջ։ Ուսանած է Մոսքուայի եւ Լոնտոնի համալսարաններու իրաւաբանական կաճառներուն մէջ։ Որոշ ժամանակ յաճախած է Եւկենի Վախթանկովի թատերական սթիւտիոն։ 1920 թուականէն սկսեալ Լոնտոնի եւ Փարիզի, 1923 թուականէն՝ Նիւ Եորքի թատրոններուն մէջ իրականացուցած է շուրջ 60 տրամաթիքական եւ երաժշտական բեմականացումներ, որոնք մեծ ազդեցութիւն ձգած են ամերիկեան թատրոնի եւ սինեմայի ձեւաւորման եւ զարգացման վրայ։ 1929 թուականէն սկսեալ նկարահանած է շարժանկարներ, որոնց մէջ իրագործած է շարք մը նորարարութիւններ։ 1964 թուականին կը գրէ եւ կը հրատարակէ մանկական Ապիկայլ գիրքը։ Կեանքի վերջաւորութեան ժամանակակից անգլերէնի թարգմանած է Շէյքսփիրի «Համլետը»: 1968 թուականին այցելած է Հայաստան։ Մահացած է 1987 թուականի Դեկտեմբեր 4 -ին Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ)։
== Նորարարութիւնները ==
Առաջին անգամ օգտագործած է երկու խօսափողով ձայնագրումը եւ մոնթաժը մէկ ձայներիզի վրայ։
Առաջին անգամ է նկարահանած է սթիւտիոյէն դուրս, շարժական տեսագրիչով, օգտագործած է միաժամանակ քանի մը տեսագրիչ։
Քաղաքի փողոցները ֆիլմին մէջ է, որ առաջին անգամ հնչած է ձայնը քատրէն դուրս։
Բեքքի Շարփ շարժանկարը սինեմայի պատմութեան առաջին գունաւոր երկար շարժանկարն է։
== Մրցանակներ ==
«Ուրախ աւազակը»՝ 1936-ին Նիւ Եորքի սինեմայի քննադատներուն կողմէ համարուած է տարուայ լաւագոյն շարժանկարը։
«Արիւն եւ աւազ»՝ 1940-ին Վենետիկի ֆիլմի փառատօնին արժանացած է ժիւրիի յատուկ մրցանակի որպէս լաւագոյն գունաւոր շարժանկար։
1980-ին Մամուլեանի անունը արձանագրուեցաւ է Պրոտւոէյի փառքի դահլիճին մէջ։
1983-ին ստացած է ամերիկեան սինեմայի բեմադրիչներու բարձրագոյն՝ Կրիֆֆիթի մրցանակը սինեմայի ասպարէզին մէջ մեծագոյն աւանդի համար։
Մամուլեանի անունով աստղ տեղադրուած է Հոլիուտի փառքի ծառուղիին վրայ։
== Թատերական Գործերը ==
Դռան թակոց (Օսթին Փեյճ) 1922, Լոնտոն
Ֆաուսթ (Կեօթէ) 1925, Ռոչեսթըր (Միացեալ Նահանգներ)
Գարմեն (Պիզէ) 1926, Ռոչեսթըր (Միացեալ Նահանգներ)
Քոյր Պէաթրիս (Մեթերլինք) 1926, Ռոչեսթըր (Միացեալ Նահանգներ)
Բորկի (Հէյուորտ) 1927, Նիւ Եորք (Միացեալ Նահանգներ)
Բորկի եւ Պես (Կերշուին), 1927 Նիւ Եորք (Միացեալ Նահանգներ)
Ամիս մը գիւղին մէջ 1929, Նիւ Եորք (Միացեալ Նահանգներ)
Օգլահոմա (Ռոճըրս, Համմերսթայն) 1943, Նիւ Եորք (Միացեալ Նահանգներ)
Գարուսել (Ռոճըրս, Համմերսթայն) 1945, Նիւ Եորք (Միացեալ Նահանգներ)
== Ֆիլմագրութիւն ==
== Աղբիւրներ ==
Theater Programs, Playbills and Miscellany from the Rouben Mamoulian Collection at the Library of Congress |
18,338 | Մասքաթ | Մասքաթ (արաբերէն՝ مسقط), Օմանի մայրաքաղաքն է եւ խոշորագոյն քաղաքը։ Մասքաթ նահանգապետութեան գլխաւոր քաղաքը։ Նաւահանգիստ է Օմանի ծոցի ափին։
2005 թուականի դրութեամբ բնակչութիւնը կազմեր է 650 հազար մարդ, իսկ 2015 թուականի Մայիսին տեղի ունեցած մարդահամարի տուեալներու համաձայն՝ 1.56 միլիոն մարդ:
== Պատմութիւն ==
Հին ժամանակներուն Մասքաթը եղեր է Խունկի ճանապարհի աննշան կէտը, որով խունկը կը տեղափոխուէր Հռոմէական կայսրութիւն: Ռազմավարական նշանակութիւնը ձեռք բերեր է XVI դարուն, Փորթուկալցիներու կողմէ բնակավայրը գրաւելէն յետոյ։ Համեմունքներու եւրոպական առեւտրային գործարանները եւ պահեստները Մասքաթի մէջ գոյատեւեցին մինչեւ 1649 թուականը, երբ քաղաքին տիրացեր է Օմանի արաբ շէյխը եւ այն դարձուցեր է իր մայրաքաղաքը։ Օմանի իշխանութիւններու կալուածները, տիրութիւնները կը տարածուէին դէպի հեռու հարաւ, ընդհուպ մինչեւ Մոզամպիք: Հարստութեան աղբիւրը ստրկավաճառութիւնն էր։
1803 թուականին տեղական սուլթանը յետ կը մղէ վահապիներ ու յարձակումը։ 19-րդ դարու կէսերուն ստրկութիւնը պաշտօնապէս վերցուեր է, քաղաքը անկում ապրեր է, իսկ սուլթանը իր մայրաքաղաքը տեղափոխեր է Զանզիպար:
== Տնտեսութիւն ==
Օմանի արդիկանացումը սկիզբ առնելէն յետոյ 1970 թուականին Մասքաթի մէջ տեղի կ'ունենայ ենթակառուցուածքի եւ քաղաքայնացնումի արագ զարգացում, եւ, ինչպէս այդ տեղի կ'ունենայ աշխարհի այլ քաղաքներուն մէջ, հարեւան քաղաքները միաւորուեր են՝ ստեղծելով (Megapolis) մեկափոլիս:
Հիմնական կեդրոնները կրնան բաժնուիլ երեք խումբերու՝ Արեւմտեան Մասքաթ, Կեդրոնական Մասքաթ եւ Արեւելեան Մասքաթ։
== Փոխադրամիջոց ==
Քաղաքին մէջ կը գործէ Մասքաթ միջազգային օդանաւակայանը:
== Տեսարժան վայրեր ==
Քաղաքի միակ գործող մզկիթը Սուլթան Քապուսի մզկիթն է։
== Աշխարհագրութիւն ==
Մասքաթի տարածքը իր արուարձաններու հետ միասին կը կոչուի Մայրաքաղաքային շրջան։ Կը զբաղեցնէ մօտ 1500 քմ² տարածք:
== Կլիմա ==
== Քոյր-քաղաքներ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,914 | Օթթօպոթ» Մարդամեքենայ Առաքիչներ | «Օթթօպոթ» Մարդամեքենայ Առաքիչները, քառանիւ ինքնավար մարդամեքենաներ են, զորս Ամերիկեան «Օթթօնոմի» ընկերութիւնը Սինսինաթիի (Հիւսիսային Քենթաքի) օդակայանին մէջ գործարկած է ապրանքներու առաքման համար:
== Օգտագործում ==
«Օթթօպոթ» քառանիւ մարդամեքենայէն առաքում ստանալու համար, ճամբորդը պէտք է տեղադրէ յատուկ բջիջային յաւելուած մը, որուն միջոցով կարելի է ապսպրել սննդամթերքներ, ըմպելիք եւ յուշանուէրներ, որոնք կը վաճառուին օդակայանին քանի մը խանութներուն մէջ: Ապսպրանքը ստանալով` խանութներուն վաճառողները ապրանքները կը տեղաւորեն մարդամեքենային բեռնախցիկին մէջ եւ զայն կը ճամբեն դէպի ապսպրողը:
Օդակայանին սրահին մէջ «Օթթօպոթ»ը կը կողմնորոշուի տարածութեան մէջ` զանազան համակարգերու օգնութեամբ: Խօսքը «Պլութութ»-փարոսներու, «Ուայ-Ֆայ» ազդանշաններու եւ սրահին մէջ ցրուած «Քիւ.Առ» օրինակարգերու մասին է:
Յաճախորդը իրական ժամանակին մէջ կը տեսնէ մարդամեքենային գտնուելու վայրը եւ կը ստանայ լրացուցիչ տեղեկութիւն, երբ մեքենան արդէն մօտեցած է: Այնուհետեւ գնորդը յաւելուածով «Քիւ.Առ» օրինակարգը կը մօտեցնէ առաքիչին «սքենըր»ին, իսկ ասիկա, ի պատասխան, կը բանայ ծածկը, որպէսզի հոնկէ կարելի ըլլայ առնել ապրանքները:
Առաքման համակարգը ներկայ տեսքով ստեղծուած է` նկատի առնելով գնորդներու արձագանգները նախագիծին մասին, որ իրականացուած էր նոյն օդակայանին մէջ, շուրջ տարի մը առաջ: Ծառայութիւնը կը շարունակէ հաւաքել նոր յաճախորդներու արձագանգները` անհրաժեշտութեան պարագային իր աշխատանքը հետագային կատարելագործելու նպատակով:
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,884 | Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութիւն | Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւն, Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցի, Կոստանդնուպոլսոյ աթոռ, Ընդհանրական եկեղեցւոյ հինգ տիեզերական պատրիարքութիւններէն կամ Աթոռներէն։ VI դարէն կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան հիմնադրումը, ան առաքելական յայտարարելու մտահոգութեամբ, վերագրուած է Անդրէաս առաքեալին:
== Ստեղծումը ==
Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցւոյ առաքելական ըլլալուն հանգամանքը մերժած է Հռոմի եկեղեցին, որ պնդած է, թէ Բիւզանդիոնը (հետագային՝ Կոստանդնուպոլիս) միայն 3-րդ դարուն դարձած է եպիսկոպոսանիստ քաղաք։ Կոստանդնուպոլսի Բ տիեզերական ժողովի (381) ընդունած 3-րդ կանոնի (հայերէն թարգմանութեան մէջ՝ 2-րդ) համաձայն, Կոստանդնուպոլսոյ աթոռը ճանաչցուած է երկրորդը՝ Հռոմի աթոռէն ետք։ Քաղկեդոնի ժողովի (451) 28-րդ կանոնը եւս Կոստանդնուպոլսոյ աթոռը ճանաչցած է երկրորդը Հռոմի աթոռէն ետք՝ ընդունելով, սակայն, որ ան կը վայելէ Հռոմի աթոռի հետ աւագութեան հաւասար պատիւ։ Երկու ժողովներու որոշումներն ալ ուղղուած էին Ալեքսանդրիոյ աթոռի դէմ, որ գերիշխող դիրք եւ հեղինակութիւն ձեռք բերած էր քրիստոնեայ Արեւելքին մէջ։ 691 թուականի Կոստանդնուպոլսոյ ժողովի 36-րդ կանոնով հաստատած են նախորդ երկու ժողովներու ընդունած որոշումները։ Ըստ այդ կանոնի, քրիստոնեայ աշխարհին մէջ հաստատուած է 5 տիեզերական աթոռներու հետեւեալ աստիճանակարգը՝ Հռոմ, Կոստանդնուպոլիս, Ալեքսանդրիա, Անտիոք եւ Երուսաղէմ: Ձգտելով հասնիլ Կոստանդնուպոլոլսոյ պատրիարքութեան գերագահութեանը՝ բիւզանդացի Յուստինիանոս Ա կայսրը (527–565 թուականներ) Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցին անուանած է «գլուխ համայն եկեղեցիների»:
Երբ 7-րդ դարէն արաբներն ու իսլամը տիրած են արեւելքի երեք պատրիարքութիւններուն վրայ (Ալեքսանդրիա, Անտիոք, Երուսաղէմ), Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւնը Արեւելքի մէջ մնացած է «ուղղափառութեան» միակ պատուար։ 9-րդ դարու կէսէն կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցին ընդհարուած է Հռոմի եկեղեցւոյ հետ։ Վերջինս ձգտած է իր գերագահութիւնը հաստատել բոլոր եկեղեցիներու հանդէպ՝ պահանջելով ճանչնալ իրեն Ընդհանրական եկեղեցւոյ միակ ղեկավար։ Կոստանդնուպոլսոյ Փոտ պատրիարքը (858–867 թուականներ, 877–886 թուականներ) մերժած է այդ պահանջը, որ առաջ բերած է խզըւմ, այսպէս կոչուած՝ «սխիզման» Հռոմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցիներու միջեւ։ Երկու եկեղեցիները վերջնականապէս առանձնացած են 1054 թուականին, երբ միմեանց նզոված են Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքն ու Հռոմի պապը։ Խզումը աւելի խորացած է դաւանական վէճերու պատճառով։ Սուրբ Հոգիի բխման (լատ.՝ Filioque) վարդապետութիւնը, որ 10-րդ դարուն պաշտօնապէս ընդունած էին Հռոմի եկեղեցին եւ ամբողջ Արեւմուտքը, քաղաքականէն զատ, դաւանապէս եւս բաժանած է երկու եկեղեցիները։
== Գործունէութիւնը ==
Մինչեւ Կոստանդնուպոլսոյ անկումը (1453 թուական) ութ փորձ կատարուած է Հռոմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցիներու միջեւ առաջացած վիհը կամրջելու համար, բայց բոլորն ալ՝ անյաջող։ Երբ թուրքերը գրաւած են Կոստանդնուպոլիսը եւ սուրբ Սոֆիայի տաճարը վերածած մզկիթի (1453 թուական), պատրիարքարանը բազմիցս տեղափոխուած է, իսկ 1600 թուականէն հաստատուած Ֆանար թաղամասի դարպասի մօտ՝ Սուրբ Գէորգ տաճարին մէջ, ուր կը գտնուի մինչեւ �օրս։ Թրքական տիրապետութեան շրջանի առաջին պատրիարք Գեննադիոս Սքոլարիոսը ջանքեր թափած է շարունակելու Կոստանդնուպոլսոյ փիլիսոփայական դպրոցի գործունէութիւնը։ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի շարք մը քաղաքներուն մէջ հիմնադրուած են բազմաթիւ դպրոցներ, որոնք վառ պահած են յոյներու մէջ քրիստոնէական կրօնը եւ ազգային նկարագիրը թրքական երկարատեւ տիրապետութեան ժամանակ։
=== Պատրիարքի ընտրութիւն ===
Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքին ընտրած են անոր ենթակայութեան տակ գտնուող մետրոպոլիտութիւններու ղեկավարները, որոնց վերապահուած էր նաեւ պատրիարքին գահընկեց ընելու իրաւունքը։ Գործնականին մէջ վերջին խօսքը պատկանած է կայսրին։ V դարէն սկսած Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը կարեւոր դեր խաղցած վ կայսրի թագադրութեան հանդէսին։ Մինչեւ 1453 թուականը (երբ թուրքերը գրաւած են քաղաքը) Կոստանդնուպոլսոյ աթոռը ունեցած է 135 պատրիարք։ Թրքական նուաճումէն ետք Տիեզերական պատրիարքը համարուած է բարձր պաշտօնեայ եւ հաստատուած սուլթանական բերատով։ Չնայած Լոզանի խորհրդաժողովին մէջ (1923 թուական) թրքական պատուիրակութիւնը չէ կրցած պատրիարքութիւնը հեռացնել քաղաքէն, բայց զայն զրկած է շարք մը իրաւասութիւններէն։
Ներկայիս անոր ենթակայ են յունական սփիւռքը, իսկ Յունաստանը ունի իր արքեպիսկոպոսը։ Այժմ՝ Թուրքիոյ տարածքին մնացած են Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան ենթակայ չորս մետրոպոլիտութիւններ, որոնք կը կրեն հին մետրոպոլիտութիւններու անուանումները՝ Քաղկեդոնի, Խալդիոյ, Լաոդիկիայի, Սարդիսի եւ Փիլադելփիոյ, բայց չունին հոտ։ Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւնը իր շուրջ 1700-ամեայ գոյութեան ընթացքին ունեցած է յարաբերութիւննր Հայոց կաթողիկոսութեան հետ։
Բիւզանդական կայսրութեան սահմաններէն դուրս գտնուող քրիստոնէական եկեղեցիներու հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւնը գործած է քաղաքական իշխանութիւններու հետ ձեռք ձեռքի տուած։ Կայսրերը դաւանական հարցերը օգտագործած են քաղաքական խնդիրները սքօղելու համար։ Դեռ 417 թուականին Սահակ Ա Պարթեւ Հայոց կաթողիկոսը գրագրութիւն հաստատած է Կոստանդնուպոլսոյ Ատտիկոս պատրիարքի (406–425 թուականներ) հետ, խնդրելով անոր միջնորդութիւնը կայսրէն թոյլտուութիւն ստանալու՝ Հայաստանի բիւզանդական մասին հայկական դպրոցներ բանաելու, ինչպէս նաեւ իր իրաւասութիւնները այստեղ եւս տարածելու համար։ Եփեսոսի Գ տիեզերական ժողովէն (431 թուական) ետք Կոստանդնուպոլսոյ Պրոկղ (Պրոկլոս) պատրիարքը (434–446 թուական), Հայաստանին մէջ նեստորականութեան տարածումը կանխելու նպատակով, նամակագրութիւն ունեցած է Սահակ Ա Պարթեւի, Մեսրոպ Մաշտոցի հետ եւ զգուշացուցած նեստորականութեան վտանգի մասին։
Միաժամանակ ուղարկած է Եփեսոսի ժողովի ընդունած վեց կանոնները եւ Սուրբ Գրոց ստուգուած բնագիրները։ Քաղկեդոնի ժողովի հետեւանքով, երբ տրոհուած է Ընդհանրական եկեղեցին, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը, որ ընդունած էր Քաղկեդոնի հանգանակը, քրիստոնեայ Արեւելքին մէջ որոշ ժամանակ մնացած է առանձնացած։ Քաղկեդոնի երկաբնակ դաւանութիւնը մերժած էին Ալեքսանդրիոյ, Անտիոքի եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնները։ Հայ եկեղեցին եւս, քիչ աւելի ուշ, իր յստակ հակաքաղկեդոնական դիրքորոշումը յայտնած է։ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը եւ բիւզանդական կայսրերը եկեղեցիներու միջեւ առաջացած վիհը կամրջելու բազմաթիւ փորձեր կատրած են 5-7-րդ դարերուն:
Պատրիարքութիւնը մեծ տեղ յատկացուցած է Հայ եկեղեցւոյ՝ ձգտելով անոր միջոցով իր ազդեցութիւնը տարածել Քաղկեդոնի ժողովը մերժած հայերու, ասորիներու, վրացիներու վրայ՝ ի հակակշիռ Պարսկաստանի։ Բիւզանդական Զէնոն կայսրի 482 թուականի հրապարակած «Հենոտիկոնը» (Միութեան գիր), 6-րդ դարու սկզբին անաստաս կայսրի՝ Արեւելքի ուղղափառներուն սիրաշահելու եւ քաղկեդոնականներուն հալածելու քաղաքականութիւնը, Կոստանդնուպոլսոյ սերգիոս պատրիարքի (610–638 թուականներ) եւ Հերակլիոս կայսրի առաջ քաշած միակամութեան վարդապետութիւնը, ինչպէս նաեւ 553 թուականի Կոստանդնուպոլսոյ ժողովի (անուանուած 5-րդ տիեզերական ժողով) որոշումները՝ ուղղուած նեստորականութեան պարագլուխներու (այսպէս կոչուած՝ «երէք գլուխներիէ դատապարտում») դէմ, կոչուած էին Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան կողմը գրաւած Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն եւ ուժեղացնել կայսրութեան քաղաքական ազդեցութիւնը Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու վրայ։ Արաբական տիրապետութեան շրջանին (7-9-րդ դարերուն) Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ փոխ յարաբերութիւնները գրեթէ ընդհատուած են։
=== Պիւրոսի գործունէութիւնը ===
Միայն մէկ անգամ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Պիւրոսը (638–641, 654 թուականներ) եւ Կոստանդ II կայսրը Հայոց Ներսէս Գ Տայեցի կաթողիկոսին եւ Հայոց սպարապետ թէոդորոս Ռշտունիին դիմած են երկու եկեղեցիներու միութիւն հաստատելու կոչով։ Ան քննարկուած է Դուինի 648 թուականի ժողովին մէջ եւ մերժուած։ Հայ-յոյն եկեղեցական յարաբերութիւնները վերսկսած են IX դարուն, Կոստանդնուպոլսոյ փոտ պատրիարքի եւ Հայոց կաթողիկոս Զաքարիայ Ա Ձագեցիի օրով։ Այդ ժամանակ՝ Արաբական խալիֆայութեան թուլացման պայմաններուն մէջ, բիւզանդական կայսրութիւնը ծրագրած է նիւթել, ամբողջ Հայաստանը նուաճելու համար։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ առաջ քաշուած է կայսրութեան քաղաքական նկրտումները շղարշող դաւանական հարցը։ Հայկակական թարգմանութեամբ եւ յունական բնագիրներով պահպանուած՝ Փոտ պատրիարքի բազմաթիւ նամակներն ու գրութիւնները (յատկապէս ուղղուած Զաքարիայ Ա Ձագեցիին) կը վկայեն Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան՝ քաղկեդոնականութիւնը Հայաստանի մէջ տարածելու եւ երկրի պաշտօնական դաւանանքը դարձնելու նոր փորձերու մասին։ 862 թուականին Հայոց իշխան աշոտ Բագրատունիին Փոտի գրած նամակէն կը պարզուի, որ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը այդ գործին մէջ որոշ յաջողութիւններու հասած էր Չորրորդ Հայքի եւ տարօնի մէջ։
=== Նիկողայոս Միստիկոսի գործունէութիւնը ===
Այդ քաղաքականութիւնը շարունակած է Նիկողայոս Միստիկոս (901–907 թուականներ, 912– 925 թուականներ) պատրիարքը, որ Հայաստանի համար քաղաքական դժուարին տարիներուն Հայոց թագաւոր Սմբատ Ա-ին եւ Հայոց կաթողիկոս Յովհաննէս Է Դրասխանակերտցիի ուղարկած է նամակներ, ուր դատապարտած է Հայ եկեղեցւոյ դաւանութիւնը եւ յորդորած ընդունիլ քաղկեդոնականութիւնը։ Բիւզանդական Յովհաննէս Չմշկիկ կայսրի օրով Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքի հետ նամակագրութիւն պահպանած է Վահան Ա Սիւնեցին, որ քաղկեդոնականութեան յարելու մեղադրանքով դատապարտուած է Անիի եկեղեցական ժողովին եւ կարգալոյծ եղած։ բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն (1045 թուական) ետք մայրաքաղաք Անին անցած է Բիւզանդիոնի տակ, որ Խաչիկ Բ Անեցի Հայոց կաթողիկոսի մահէն (1065 թուական) ետք արգիլած է Հայոց կաթողիկոսական աթոռի գոյատեւումը Անիի մէջ՝ պետական իշխանութիւնը կորսնցուցած հայ ժողովուրդին նաեւ հոգեւոր-եկեղեցական իշխանութենէն զրկելու նպատակով։ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան եւ Հայոց կաթողիկոսութեան փոխ յարաբերութիւնները աշխոյժ եղած են յատկապէս կիլիկիոյ Հայկական պետութեան գոյութեան ամբողջ ընթացքին։
Կիլիկիոյ մէջ նստող առաջին Հայոց կաթողիկոսը, որ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան հետ յարաբերութիւններ հաստատած էր, Գրիգոր Բ Վկայասէրն էր։ Անոր այդ գործունէութիւնը շարունակած են Գրիգոր Գ Պահլաւունի եւ Ներսէս Դ Կլայեցի (Ներսէս Շնորհալի) Հայոց կաթողիկոսները։ Բիւզանդական աղբիւրները հարուստ տեղեկութիւններ հաղորդած են Հռոմկլայի կաթողիկոսարանի, Սիսի կաթողիկոսարանի եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան ու բիւզանդական կայսրերու կապերու մասին։
Այդ շրջանին հայ-բիւզանդական եկեղեցական յարաբերութիւնները միշտ եղած են, մէկ կողմէն՝ Հայոց կաթողիկոսներու եւ թագաւորներու, միւս կողմէն՝ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներու ու բիւզանդական կայսրերու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ։ Հայ եւ յոյն վարդապետներու, աստուածաբաններու յաճախակի դաւանաբանական վէճերը, որպէս կանոն, տեղի ունեցած են Կոստանդնուպոլսոյ մէջ՝ Սուրբ Սոֆիայի ամպիոնէն։ Անոնց մասնակցած են նաեւ աշխարհիկ տէրերը։ Կոստանդնուպոլսոյ նման բանավէճեր ունեցած են Յակոբ Սանահնեցին, Գագիկ Բ Բագրատունին, Գագիկ Աբասեանը, Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին, Բագրեւանդի իշխան Ատրներսեհը եւ ուրիշներ։ Հայ կաթողիկոսներէն Բիւզանրիոն գացած է միայն Պետրոս Ա Գետադարձը, որուն պատրիարքն ու կայսրը ընդունած են փառք ու պատուով։ Կաթողիկոսը, հաւանաբար, առերես ստորագրած է եկեղեցիներու միութեան գիրը՝ կանխելու համար բիւզանդացիներու ներխուժումը Շիրակի Բագրատունիներու թագաւորութիւն։ Հայոց կաթողիկոսներէն ոմանք ալ (Յովհաննէս Է Դրասխանակերտցի, Ներսէս Շնորհալի), չնայած հրաւէրներուն, չեն մեկնած Կոստանդնուպոլիս՝ խուսափելով քաղկեդոնականներու հետ հաղորդակցուելէ եւ քաղկեդոնականութեանը յարելու մեղադրանքներէն։ 1700 տարուայ ընթացքին Կոստանդնուպոլսոյ միայն մէկ Տիեզերական պատրիարք՝ բարդուղիմէոս Ա այցելած է Հայաստան (1997 թուականին)` Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա Սարգիսեանի հրաւէրով, ի պատասխան վերջինիս Կոստանդնուպոլսոյ աթոռ կատարած այցելութեան: Թրքական տիրապետութեան սկզբը` 1461 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ստեղծուած է Հայ եկեղեցւոյ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը (տես կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութիւն):
Անկէ ետք հայ-յունական եկեղեցական յարաբերութիւնները թէեւ չեն աշխուժացած, բայց քաղաքական դժնդակ պայմաններու բերումով Կոստանդնուպոլսոյ հայոց եւ յունաց պատրիարքութիւնները շատ հարցերու մէջ համագործակցած են՝ մոռացութեան տալով դաւանական տարակարծրութիւնները։ Մեծ եղեռնի ժամանակ, երբ ցեղասպանութեան զոհ գացած են բազմաթիւ հայ հոգեւորականներ, փրկուած հայերը մնացած են առանց քահանաներու։ 29 Մայիս 1919 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցւոյ Սինոդը Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական աթոռին ենթակայ մետրոպոլիտներուն շրջաբերական գրութեամբ մը յայտնած է, որ հայոց Զաւէն պատրիարքի խնդրանքով դիմած է Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան, որպէսզի այդ վայրերուն մէջ, ուր չկան հայ քահանաներ, թոյլատրուի օրթոտոքս քահանաներուն ժամանակաւորապէս սպասարկել այդտեղի հայերու հոգեւոր կարիքները։ Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւնը համաձայնած եւ ընդառաջած է։ |
2,930 | Զամայի Ճակատամարտ | Զամայի ճակատամարտ, ճակատամարտ Հռոմէական Հանրապետութեան եւ Կարթագէնի միջեւ, որ տեղի ունեցած է 19 հոկտեմբեր մ.թ.ա. 202 թուականին։ Զամայի ճակատամարտը ազդարարեց Պունիկեան երկրորդ պատերազմի աւարտը։ Հռոմէական ուժերը կը գլխաւորէր Սկիպիոն Ափրիկէցին, իսկ Կարթագէնական զօրքերու հրամանատարն էր հին աշխարհի նշանաւոր զօրավար Հաննիբալ Բարկան։
Չնայած անոր, որ Հաննիբալի զօրքերը կը գերազանցէին Հոմէական լեգէոներներուն, սակայն Սկիպիոնը կ՛րցաւ շփոթեցնել Հաննիբալին եւ յաղթել Զամայի ճակատամարտին։ Զամայի ճակատամարտը նաեւ կը համարուի Հաննիբալի միակ ռազմական պարտութիւնը։
Ճակատամարտէն ետք, Կարթագէնի ծերակոցյտը վճռեց խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հռոմէականա Հանրապետութեան հետ։ Սակայն Հռոմի թելադրած պայմանները նուաստացուցիչ էին Կարթագէնի եւ Հաննիբալի համար։ Ի վերջոյ Կարթագէնի եւ Հռոմի միջեւ կնքուեց պայմանագիր, ըստ որուն աւարտեցաւ 17 տարի տեւած Պունիկեան պատերազմը։
== Նախապատմութիւն ==
Անցնելով Ալպեան լեռները` Հաննիբալի բանակը իջաւ Պո գետի հովիտը. հոս ապրող գալլերը, որոնք Հռոմի վաղեմի թշնամիներն էին, ուրախութեամբ միացան Հաննիբալի բանակին: մ.թ.ա. 218-ին սկսաւ Պունիկեան երկրորդ պատերազմը:
Հռոմէական զօրքերը կը պատարստուէին յարձակիլ Հաննիբալի վրայ Իսպանիոյ մէջ, սակայն իմանալով Հաննիբալի բանակի ներխուժման մասին, շտապեցին Հիւսիսյաին Իտալիա` անոր ընդառաջ։ Անկէ առաջ, Սկիպիոնը ինքը որոշած էր նախայարձակ ըլլալ Կարթագէնի վրայ, սակայն չէր կ՛րնար ծերակոյտի համաձայնութիւնը ստանալ։
Մի քանի ճակատամարտում Հաննիբալը ջախջաեխեց հռոմեական լեգեոներներին եւ ներխուժեց Միջին Իտալիա։ Մ.թ.ա. 216 թվականին Կաննե գյուղի մոտ տեղի ունեցավ ճակատամարտ, որում Հաննիբալի զորքերը ջախջախեցին հռոմեական լեգեոներներին։
Պարտութենէն ետք հռոմէացիները արագ ուշքի եկան եւ նոր բանակ կազմեցին։ Ծերակոյտը դիկտատոր նշանակեց Ֆաբիոս Մաքսիմոսին։ Մաքսիսոսը կը խուսափէր մեծ ճակատամարտներէն եւ թիկունքէն անընդհատ կը յարձակէր Հաննիբալի բանակի վրայ։
Հռոմէացիները շուտով յաղթեցին Հաննիբալի կողմը անցած իտալիկներուն եւ յոյներուն, գրաւեցին Սիրակուզան եւ ամբողջ Սիցիլիան։ Անկէ ետք հռոմէացիները իրենք յարձակեցան Կարթագէնի վրայ։ Հռոմէական լեգէոն մը, Սկիպիոնի գլխաւորութեամբ ափ իջաւ Ափրիկէյի մէջ եւ սկսաւ աւերել Թունիսի շրջակայքը։ Կարթագէնի ծերակոյտը Իտալիայէն ետ կանչեց Հաննիբալ Բարկային։
Հաննիբալը թէեւ ոչ մէկ պարտութիւն չէր կրած, սակայն ստիպուած էր հեռանալ Իտալիայէն:
== Սկիզբ եւ ընթացք ==
Մ.թ.ա. 203 -ին Սկիպիոնը ափ իջաւ Ափրիկէի մէջ։ Հաննիբալի զօրքերը ուղեւորեցին դէպի հիւսիս-արեւմուտք, մինչ տակաւին հռոմէացիները հարաւի մէջ տեղակայուած էին։ Զօրքերը միմիեանց հանդիպեցան 15 հոկտեմբեր մ.թ.ա. 202-ին ներկայիս Թունիս քաղաքէն 130 քմ հեռաւորութեան վրայ` Զամա քաղաքի մօտ։
Հաննիբալի բանակը բաղկացած էր 36,000 հետեւակներէ, 4,000 հեծելազօրէ եւ 80 մարտական փիղերէ, իսկ Սկիպիոնը ունէր 29,000 հետեւակային եւ 6,100 հեծելազօր։
Առաջինը յարձակումը սկսան հռոմէացիները։ Հռոմէական փաղանգը միաժամանակ ջախջախեց առաջին գիծին կանգնած անփորձ կարթագէնացի վարձկան հեծալազօրին եւ շարժեցաւ դէպի առաջ։ Երկրորդ գիծի վրայ կանգնած էին կարթագէնական մարտական փիղերը։ Հաննիբալը միաւորեց ետին կանգնած մնացած երեք գիծերը եւ շարժեցաւ փիղերու ետեւէն։ Փիղերուն առջեւը կանգնած էին խառը վարձկաններ եւ գալլեր, որոնք կ՛ուղղեւորէին փիղերը։
Սկիպիոնը եւս կեդրոնացուցած էր իր երեք գիծերը, որոնք փաղանգի տեսքով կը յարձակէին փիղերէն առջեւ կանգնած մակեդոնացիներու եւ գալլերու վրայ։ Այդ պարագային, Սկիպիոնի միակ մտահոգութիւնը մարտական փիղերն էին, որոնք անյաղթելի զօրքեր կը թուէին։ Փիղերը կը տապալէին առաջին գիծին կանգնած հռոմէացիներուն եւ Սկիպիոնը միաւորեց մնացած երկու լեգէոնները։
Հաննիբալը կը կարծէր թէ փիղերը կը տապալէին հռոմէական բանակի դիմային հատուածին մէջ կանգնածներուն, իսկ փիղերէն ետք կանգնած երկու գիծերը կը ոչնչացնէին հռոմէացիներուն եւ պատերազմը կ՛աւարտէր Հաննիբալի եւ իր զօրքի յաջողութեամբ։ Սակայն այդպէս չեղաւ։ Հռոմէացիները յաջողեցան փիղերու մէկ մասը ուղղել Կարթագէնի ուղղութեամբ։ Իսկ պատերազմի կէսերէն հռոմէացիներուն միացան նաեւ Սիցիլիայէն ժամանած հռոմէական ուժերը։
Հռոմէացիները կարողութիւնը ունեցան ջախջախել կարթագէնական զօրքերուն: Ընդհանուր առմամբ զոհուեցաւ 20,000 կարթագէնացի, եւ մօտաւորապէս նոյնքան քանակութամբ գերի ինկաւ։
Հռոմէացիները 2,500 զոհ տուին եւ 4,000 վիրաւոր։
== Մարտավարութիւն ==
== Արդիւնք ==
Սկիպիոնի յաղթանակէն անմիջապէս ետք, Կարթագէնի հաշտութիւն խնդրեց Հռոմէն։ Սակայն այս պայմանագիրը նման չէր Պունիկեան I պատերազմէն ետք կնքուած պայմանագիրին, որովհետեւ այս պայմանագիրի համաձայն Կարթագէնը վերածուեցաւ շարքային քաղաք-պետութեան։
Կարթագենը զրկուեցաւ նաւատորմէն, եւ վճարեց չափազանց մեծ ռազմատուգանք, որ երկիրը սնանկացուց։ Հաննիբալը ստիպուած էր Կարթագէնէն փախչիլ։ Փախուստի ճանապարհին Հաննիբալը ինքնասպան է լինում, քանի որ նա երդվել էր ողջ կյանքում լինել հռոմեացիների թշնամին, իսկ այս պայմանագիրը հակասում էր այդ երդմանը։
Կարթագէնին յաղթելով` Հռոմը դարձաւ Միջերկրածովային ամենազօրեղ պետութիւնը։
Քանի մը տասնամեակ ետք Կարթագէնը վերստին սկսաւ հարստանալ։ Վախնալով նոր մրցակցութենէ` հռոմէացիները յարձակեցան Կարթագէնի վրայ եւ մ.թ.ա. 146-ին, երեք տարուայ պաշարումէն ետք, կործանեցին քաղաքը։
== Գրականութիւն ==
Hans Delbruck, Hans Delbrück (1990)։ Warfare in antiquity։ University of Nebraska Press։ ISBN 978-0-8032-9199-7
Robert F. Pennel; Ancient Rome from the earliest times down to 476 A.D; 1890
Theodore Ayraul Dodge (2004-03-30)։ Hannibal: A History of the Art of War Among the Carthaginians and Romans Down to the Battle of Pydna, 168 B.C., with a Detailed Account of the Second Punic War։ Da Capo Press։ ISBN 978-0-306-81362-7
Polybius; The general history of Polybius, Volume 2; W. Baxter for J. Parker, 1823
Basil Henry Liddell Hart, Sir Basil Henry Liddell Hart (1926)։ Scipio Africanus: Greater Than Napoleon։ Greenhill Press։ ISBN 978-1-85367-132-6
Paul K. Davis (2001-06-14)։ 100 Decisive Battles: From Ancient Times to the Present։ Oxford University Press, USA։ էջ 47։ ISBN 978-0-19-514366-9
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Battle of Zama
Battle of Zama from UNRV History
Battle of Zama animated battle map by Jonathan WebbԿաղապար:Պունիկյան պատերազմներ |
17,698 | Ժիրայր Անանեան | Ժիրայր Անանեան (Տէր-Անանեան, 14 Յուլիս 1934(1934-07-14), Բերդ, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն - 24 Ապրիլ 2004(2004-04-24), Երեւան, Հայաստան), հայ թատերագիր, ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1980 թուականէն։ ԽՄԿԿ անդամ 1957 թուականէն:
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է ՀԽՍՀ Շամշադինի շրջանի Բերդ աւան (այժմ՝ քաղաք)։
1952 թուականին աւարտել է Միքայէլ Նալպանտեանի անուան թիւ 33 միջնակարգ դպրոցը, 1958 թուականին՝ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական հիմնարկի պատմա-բանասիրական կաճառը։ 1959-1980 թուականներուն աշխատեր է ՀԽՍՀ հեռուստատեսութեան եւ ռատիոհաղորդումներու պետական կոմիտէին մէջ: Սկիզբը որպէս խմբագիր, աւագ խմբագիր, ապա՝ գրականութեան եւ արուեստի բաժնի վարիչ։ Իր առաջին փիէսը «Տիպլոմի համար», բեմադրուեր է 1956 թուականին Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական հիմնարկի ուսանողական բեմի վրայ։
Անանեանի «Թաքսի, թաքսի» («Սէրը ճամպրուկի մէջ») կատակերգութիւնը բեմադրուեր է Արտաշատի Ամօ Խարազեանի անուան 1973), Ստեփանակերտի Մաքսիմ Կորքիի անուան, Թբիլիսիի Ստեփան Շահումեանի անուան (1974), Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգութիւն (1978), Ղափանի Ալեքսանդր Շիրվանզատէի անուան (1983) պետական թատրոններուն մէջ։ Նոյն տրաման տեղ գտած է «Թիաթր» հանդէսի 1973 թուականի Խորհրդային Միութեան պետական թատրոններու բեմերուն վրայ՝ մէկ խաղաշրջանին 100 անգամէն աւելի ներկայացուած փիէսներու ցանկին մէջ։
1978 թուականէնի վեր Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնն անընդմէջ կը ներկայացնէ անոր կատակերգութիւնները։ 1979 թուականին Արտաշատի Ամօ Խարազեանի անուան թատրոնը բեմադրեր է անոր «Անծանօթ ամուսիններ» կատակերգութիւնը։ Ժիրայր Անանեանի «Իմ տունը քո տունը չէ» («Հեռախօսային զանգ», «Բնակարանամուտ») փիէսը բեմադրեր է Գիւմրիի Ա. Մռավեանի անուան, Արտաշատի Ամօ Խարազեանի անուան, Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական (1983) պետական թատրոններուն մէջ։
Երեւանի Գաբրէել Սունդուկեանի անուան ակադեմիական թատրոնի՝ 1989-1990 թուականներու խաղացանկին մէջ միաժամանակ ներկայացուեր են անոր երեք փիէսներ՝ «Իմ տունը քո տունը չէ», «Իրարանցում», «Կարուսել»։ «Կարուսել» եւ «Թաքսի, թաքսի» կատակերգութիւնները 1989 թուականին հիւրախաղերու ժամանակ ներկայացուեր են ԱՄՆի մէջ։ Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնը երկրորդ անգամ «Թաքսի, թաքսին» ԱՄՆ-ի մէջ ներկայացուցեր է 1994 թուականին, իսկ «Ես եմ, եկել եմ» («Կարուսել») կատակերգութիւնը՝ 2001 թուականին Իրանի մէջ։
Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան պետական ակադեմական թատրոնի մէջ 1992 թուականին տեղի ունեցեր է թատերագիրի «Իմ տունը քո տունը չէ» փիէսի 500-րդ ներկայացումը, իսկ «Թաքսի, թաքսի» կատակերգութան 500-րդ ներկայացումը 1993 թուականին կայացեր է Երեւանի Յ. Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգութիւն պետական թատրոնի մէջ, 600-րդը՝ 1997 թուականին:
== Երկերու մատենագիտութիւն ==
Փիէսների ժողովածու (գիրքին մէջ տեղ գտած է նաեւ Ժ. Անանեանի «Հայրիկ, ու՞ր...» փիէսը), Երեւան, 1971, 419 էջ։
Կտակ (փիէս երկու մասէ), Երեւան, 1976, 40 էջ:
Գէորգ Յարութիւնեան (կեանքն ու ստեղծագործական ուղին), Երեւան, 1981, 76 էջ:
Սվեթլանա Գրիգորեան (բեմական գործունէութիւնը), Երեւան, 1985, 80 էջ:
Ստեփան Յարութիւնեան (վաստակաւոր արուեստագէտ մասին),Երեւան, 1986, 72 էջ:
Ստեփան Յարութիւնեան, Երեւան, 1987, 69 էջ:
Թաքսի, թաքսի (Փիէսներ), Երեւան, 1987, 216 էջ:
Թատերական էսքիզներ (ժողովածու), Երեւան, 1990, 160 էջ:
Թռչող ափսէէն իջած մարդը (Փիէսներ), Երեւան, 1992, 400 էջ:
Լոյս քսանեօթի գիշերը (Փիէսներ), Երեւան, 2002, 112 էջ:
Ընդունելութիւնը՝ երկուքէն մինչեւ վեցը (տրամա), Երեւան, 2003, 64 էջ:
Լոյս քեզ տեսնողին (Փիէսներ), Երեւան, 2003, 142 էջ:
Փիէսներ (ընտրանի), Երեւան, 2008, 426 էջ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,065 | Հենրի Գաբրիէլեան | Հենրի (Յարութիւն) Գաբրիէլեան (3 Նոյեմբեր 1903(1903-11-03), Պատականց, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 10 Ապրիլ 1981(1981-04-10), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ փիլիսոփայ
== Կենսագրություն ==
1915-ին՝ ծնողներուն հետ կը գաղթէ Պարսկաստան: Ապա ընտանեօք կը տեղափոխուին Դիլիջան: Տեղի միջնակարգ դպրոցին ուսումը շարունակելէ յետոյ, կ'անցնի Երեւան, ուր կը նուիրուի հասարակական ու խմբագրական աշխատանքի,միաժամանակ հետեւելով համալսարանական ուսման: 1923-ին Հ.Գաբրիէլեան կը հանդիսանայ «Ավանգարդ» թերթի առաջին խմբագիրը: Երեւանի պետական համալսարանի ընթացքը աւարտելէ ետք, 1930-ին մուտք կը գործէ Մոսկուայի Փիլիսոփայութեան ինստիտութը,ուրկէ շրջանաւարտ կ'ըլլայ 1933-ին: Ապա՝ վերադառնալով Երեւան, վերստին կը նուիրուի մանկավարժական ու խմբագրական աշխատանքի: 1936-1937 թուականերուն կը վարէ «Գրական թերթ» ի պատասխանատու խմբագրի պաշտօն: 1937-ին Հ. Գաբրիէլեան կը շնորհուի Փրոֆ-ի կոչում. նոյն տարին կը նշանակուի Երեւանի Պետական Համալսարանի նախագահ: 1945-ին կը պաշտպանէ դոկտորական իր աւարտաճառը, ու մինչեւ 1948, որպէս դասախօս կը պաշտօնավարէ Երեւանի Պետական Համալսարանի Փիլիսոփայութեան ամբիոնին մէջ։ 1948-1955 Հ.Գաբրիէլեան կը դասախօսէ վիլնիուսի համալսարանին մէջ։ 1955-ին կը նշանակուի Երեւանի Պետական համալսարանի Փիլիսոփայութեան ամբիոնի վարիչ պաշտօն,զոր կը պահէ մինչեւ 1970:
1970-1974 նոյն հաստատութեան մէջ ան կը վարէ Փիլիսոփայութեան պատմութեան եւ գիտական Աթէիզմի ամբիոնը, իսկ 1974-ին կը կոչուի Փիլիսոփայութեան պատմութեան ամբիոնի վարիչի պաշտօնին:
Բազմավաստակ դիտնական ու բեղուն գրիչ, փրոֆ Հ. Գաբրիէլեանի գրչին կը պատկանին բազմատեսնեակ աշխատասիրութիւններ: Առանձին հատորներով հրատարակուած են հեղինակին հետեւեալ մենագրութիւնները. ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ (Երեւան 1924), ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԵՆՇԵՒԻԶՄԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (Երեւան 1934)ԳԱԼՈԷՍՏ ԿՈՍՏԱՆԴԵԱՆ(Երեւան 1946), ՀԱՅ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՄՏՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ (Ա. Հտր.Երեւան, 1956:Բ.Հտր . Երեւան 1957 : Գ.Հտր 1957 : Դ.Հտր. Երեւան 1965): (Սոյն աշխատասիրութիւնը աւելի ամփոփ՝ նաեւ հրատարակուած է ռուսերէն լեզուով): ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԲՈՒՐԺՈՒԱԿԱՆ ՌԷԱԿՑԻՈՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (Երեւան 1960), ՀԱՅ ՊԱՏՄԱՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՄՏՔԻ ՔՆԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ (Երեւան 1966, ՄԱՐՔՍԻՍՏԱԿԱՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՈՒՆՔՆԵՐԸ-ռոէսերէն-(Երեւան 1970)ԱԶԳԵՐԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՒԼՏՈՒՐԱՆԵՐԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՕՐԻՆԱՉԱՓՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (Երեւան 1973), ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ (Երեւան 1976):
Հենրի Գաբրիէլեան կը մահանայ 1981 Յուլիսին:
== Աղբիւրներ ==
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր Թ. էջ 361-362 |
21,823 | Սամի Քլարք | Սամի Քլարք (արաբերէն՝ سامي كلارك, 19 Մայիս 1948(1948-05-19), Dhour El Choueir, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան - 20 Փետրուար 2022(2022-02-20), Saint George Hospital University Medical Center), լիբանանցի երաժիշտ եւ երգիչ։
74-ամեայ Սամի Քլարք, բուն անունով Սամի Հըպէյքա, իր ետին ձգած է երգարուեստի հարուստ աւանդ մը` տարբեր լեզուներով երգուած աւելի քան 700 երգեր:
Ան օտար լեզուներով երգող լաւագոյն լիբանանցի երգիչն է, որ մասնակցած է մեծ թիւով երգի փառատօներու Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Պուլկարիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Յունաստան եւ Աւստրիա:
Քլարք երգած է նաեւ ֆրանսերէն, իտալերէն, հայերէն, յունարէն, գերմաներէն եւ ռուսերէն:
Ան 80-ականներուն Լիբանանի մէջ սփռուող մանկական շարժական գծանկարներու երգերուն լաւագոյն մեկնաբանը եղած է, որ խանդավառած է սերունդներ:
Այդ շարժական գծանկարներէն ամէնէն աւելի հանրածանօթներն են «Կրենտայզըր»-ը եւ «Գանձերու կղզի»-ն։
Սամի Քլարք մահացած է սրտաբանական հարցերու հետեւանքով::
== Ծանօթագրութիւն == |
4,979 | Յունաբան Դպրոց | Յունաբան Դպրոցը, հայ մատենագրութեան մէջ գրական եւ իմաստասիրական շատ ուշագրաւ շարժում մըն է Յունաբան Դպրոցը, Ե դարու հայ մատենագիրները գլխաւորաբար զբաղեցան քրիստոնէական գրականութեան նուիրուած թարգմանութիւններով եւ հեղինակութիւններով ․հետզհետէ հայ մատենագիրները զարգացան, հայ եկեղեցականութիւնը տիրապետեց քրիստոնէական գրականութեան. անոնց մտքի հորիզոնները ընդարձակուեցան եւ պահանջ զգացուեցաւ քրիստոնէական կրօնական պարզ գիտելիքներէն անդին անցնելով ծանօթանալ եւ տեղեկանալ քրիստոնէական եւ հեթանոսական իմաստասիրութեան եւ բարձրագոյն գիտութեանց ․ եւ այսպիսի պահանջքի մը գոհացում տալու համար յառաջ եկաւ Յունաբան Դպրոց կոչուած շարժումը, որուն նպատակն էր ՀԱՅ ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՍՏԱՑՆԵԼ:
Իմաստասիրական
Գիտական
Ճարտասիրական
Քերականական, եւ այլ ուսումներով ․ այս տեսակէտով Յունաբան Դպրոցը, Հայ Գրականութեան Զարգացման Շարժում է ․․․․Յունաբան Դպրոցի շարժումին հետեւանքով հայ մատենագրութեան մէջ յառաջ եկան մատենագրական նոր սեռեր, եւ որպէսզի այդ նոր սեռերը կարենային մշակուիլ, պէտք էր նորութիւններ ներմուծէին գրական լեզուին մէջ. Հայերէն լեզուով սկսան գործեր թարգմանուիլ, հայ հեղինակները սկսան նոր բառեր յօրինել ու սահմանումներ եւ եզրեր ստեղծել: Ոսկեդարու հայերէնը չէր կրնար գոհացնել Յունաբան Դպրոցի շարժումը. Ուստի հայ հեղինակները սկսան շինել նոր բառեր, եւ ստեղծել գրելու բոլորովին նոր ոճ մը եւ այսպէս Յունաբան Դպրոցի ախոյեանները յեղաշրջում յառաջացուցին փոփոխութեան ենթարկելով զայն:Յունաբան Դպրոցի շարժումին մէջ կարելի է դիտել հետեւեալ գլխաւոր յատկանիշերը.-
իմաստասիրական բովանդակութեամբ գործերու եւ անոնց մեկնութեանց թարգմանութիւն
Քերականական զարտուղի ձեւերու որդեգրում ․
Բազմաթիւ նոր բառերու կերտում ․
Յոյն մատենագրութեան եւ լեզուին հետ ամենամեծ յարաբերութիւն ․
ՅՈՒՆԱԲԱՆ ԴՊՐՈՑԻ հետեւողները գլխաւորաբար կոչուեցան ՔԵՐԹՈՂ, ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ, ՀՌԵՏՈՐ, ՃԱՐՏԱՍԱՆ, որոնք իրենց նախորդներէն տարբեր ուղղութիւն որդեգրեցին:
Այսպէս,անոնք բազմաթիւ թարգմանութիւններ կատարեցին յունարէնէ, բայց ոսկեդարու թարգմանութիւններէն բոլորովին տարբեր մեթոտով:
ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹ կիրարկած է յունարէնին վրայ ձեւուած խրթին, դժուար հասկնալի հայերէն մը, որ հայ մատենագրութեան պատմութեան մէջ ծանօթ է Յունաբան կամ Հելլենաբան հայերէն կոչումով:
ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹ Ծնած է Տարօն կամ Հարք 470։ Ան հայ ժողովուրդի պարծանքներէն մէկն է, իր իմաստասիրական լայն ու խոր հմտութեամբ, իր միջազգային ու ազգային ազդեցութեամբ; Ան քերականական եւ շարահւիսական կանոններ որդեգրած է, բարդ եւ ածանցաւոր բառեր․ նախադաս եւ յետադաս մասնիկներու յաւելումով․ իրեն կը վերագրուի Սուրբ խաչի նուիրուած ճառ մը «ՆԵՐԲՈՂԱԿԱՆ Ի ՍՈՒՐԲ ԽԱՉՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸՆԿԱԼ» տիտղոսով, գրուած մասնաւոր խնդրանքով․ իսկ իմաստասիրական ինքնուրոյն գործերէն Դաւիթ Անյաղթի հեղինակութիւններն են.
Սահմանք Իմաստասիրութեան․
Վերլուծութիւն ներածութեան Պորփիւրի․
Մեկնութիւն ի Վերլուծականն Արիստոտէլի․
Մեկնութիւն Ստորոգութեանց Արիստոտէլի․Դաւիթ Անյաղթ մինչեւ վաղ ծերութիւն Հայաստանէն դուրս ապրած է եւ իր իմաստասիրական գործերը գրած է յունարէն լեզուով: Ան ունեցած է բուռն հակառակորդներ, որոնց հալածանքէն խոյս տալու համար քաշուած է հիւսիսային Հայաստան Հաղբատ եւ հոն ալ վախճանած շուրջ 550 - 560 -ին: իր գործերը հայերէնի վերածած է Հայաստան վերադարձին, անձնապէս կամ աշակերտներու միջոցաւ:
== Գրականութիւն ==
Մանանդեան Հ., Յունաբան դպրոցը եւ անոր զարգացման շրջանները, Վիեննա, 1928
Մուրադեան Ա.Ն., Յունաբան դպրոցը եւ անոր դերը հայերէնի քերականական տերմինաբանութեան ստեղծման գործում, Երեւան, 1971
Аревшатян С.С., Формирование философской науки в древней Армении (V–VI вв.), Ереван, 1973
Мирумян К.А., Становление естественнонаучной мысли в Армении,, 1991
== Աղբիւր ==
Հայկական համառօտ հանրագիտարան. Հատոր 4, 2003 |
3,112 | Թալինի Կաթողիկէ Եկեղեցի | Թալինի Կաթողիկէ եկեղեցի,
Թալինի Կաթողիկէ եկեղեցի, եռախորան գմբէթաւոր պազիլիկ տիպի եկեղեցի ՀՀ Արագածոտնի մարզի Թալին բնակավայրի հիւսիս-արևելեան եզրամասին մէջ։ Պազիլիկ և խաչաձեւ եկեղեցիներու իւրօրինակ զուգորդական նմուշ մըն է։ Տաճարի կառուցման վերաբերեալ մատենագրական և վիմագրական վկայութիւններ պահպանուած չեն, սակայն հատակագծային և ծաւալատարածական հորինվածքներու, ճարտարապետագեղարվեստական արտահայտչամիջոցներու և շինարարական առանձնահատկութիւններու վերլուծութիւնը ենթադրել կ'ուտան, որ ան կառուցուած է 7-րդ դարու երկրորդ կէսին։ Շինարարութիւնը կը վերագրուէ Կամսարական տոհմին։
== Հատակագիծ ==
Թալինի տաճարի արտաքին չափերն են 17,8 x 34,3 մէթր, աղօթասրահին չափերն են՝ 15,80 x 7,0 մէթր։ Տաճարն ունի ընդարձակ ու հանդիսաւոր, սակայն գմբեթաւոր մոյթերով մասնատուած ներքին տարածութիւն։ Ներսի պատերը ծեփուած են եղած կրաշաղախի բարակ շերտով մը, որու վրայ տեղ-տեղ պահպանուած են երբեմնի որմնանկարներու պատառիկներ։ |
1,754 | Աննա Սաղպազարեան/Ավազարկղ05 |
== Հնդկընկոյզ(Coconut) ==
Ան կը պարունակէ կապրիլաթթու որը ունի հակասնկային եւ հակամանրէական յատկութիւն: Հնդկընկոյզի պարունակած հեղուկը ունի կնոջ կաթի մօտ կազմութիւն: կը պարունակվ կենսանիւթեր, սոտիում եւ փոթասիում: Թարմ հնդկընկոյզի կաթը արժէքաւոր սնունդ է, հարուստ ամինոթթուներով, հոյակապ սնունդ է յղութեան ընթացքին: Ան կը մաքրէ արիւնը, կը կանոնաւորէ մարսողական ուղու աշխատանքը: Կարծր մասը կը պարունակէ 70% ճարպ, որմէ կը ստանանք հնդկընկոյզի իւղը:
== Աղբիւրներ ==
Առողջութիւնն Ու Սնունդը Գոհար Վարդանեան Քեշիշեան Պէյրութ 2007 |
3,732 | Կալուէյ | Կալուէյ (անգլերէն՝ Galway, իռլ.՝ Gaillimhe [ˈɡalʲɪvʲ]), քաղաք Իրլանտիայի արեւմտեան մասին մէջ, Կալուէյ կոմսութեան մէջ։ Տարածքը 6,148 ք.մ.² է, իսկ բնակչութիւնը՝ 72 414 մարդ (ըստ 2006-ի մարդահամարի տուեալներուն)։ Հիմնադրուած է 13-րդ դարուն եւ մշտապէս աշխոյժ առեւտուրի մէջ եղած է Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի հետ։
== Բնակչութիւն ==
== Քոյր քաղաքները ==
ԱՄՆ Շիքակօ (անգլերէն՝ Chicago), Իլինոյս, ԱՄՆ (1997)
ԱՄՆ Քեմպրիճ (անգլերէն՝ Chicago), Մասաչուսեց, ԱՄՆ
Ֆրանսիա Լորիան (Ֆրանսա)
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,340 | Մալտայվզ | Մալտայվզ
Մալդիվներ, պաշտոնապես Մալդիվներու Հանրապետութիւն, [1] նաեւ յաճախ կանուանի Մալդիվյան կղզիներ, Հնդկաստանէն դէպի հարաւ քսան վեց ատոլներու վրայ գտնուող պետութիւուն Հնդկական օվկիանոսին մէջ։ Մալդիվյան հանրապետութւունը գտնուում է աւելի քան 1192 կորալային կղզիների վրայ. հեշտ կառավարման նկատառումներով՝ երկիրը բաժանված է 19 "ատալների”. Մալդիվին փոքր կղզյակներուն հիանալի մոզայկա է, որոնք կը հիացան իրենց ձիւնափայլ աւազներով լողափերով, արավենիներով եւ մաքուր ու տաք ջրով։ Մեկ կղզին հնարաւոր է շրջանցել մի քանի րոպէի ընթացքին։ Այդ բազմաթիւ կղզիներուն միայն 70 ունեն հիւուրանոցներ եւ այլ անհրաժեշտ ինֆրաստրուկտուրաներ։ Շատ կղզիներ անմարդաբնակ են, եւ միայն տեղի ձկնորսներն կայցելեն այնտեղ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
15,227 | Մամռոտ քար ջրվէժ | Մարմառոտ քար ջրվէժ, բնապատմական արգելոց, կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի շրջանը: Այստեղ կը գտնուին պատմական, բնական եւ ճարտարապետական շարք մը գեղատեսիլ վայրեր:
== Ջդրդուզ ==
Կատարօտ կամ Ջդրդուզ կոչուող դաշտավայրը կը գտնուի Շուշի քաղաքի եզրին: Դաշտը ունի մօտ 5 հեկտար տարածք:
== Շուշիի պարիսպներ ==
Պաշտպանական ամրոցներու շինարարութիւնը սկսած է 18-րդ դարուն: Անոնք Շուշիին կ՛օգնէին պաշտպանուիլ Մխիթարաշէն եւ Քարինտակ գիւղերու կողմէ յարձակուող զաւթիչներէն: Ինչպէս նաեւ կ՛օգնէին պաշտպանել Հունոտի ջրաղացները, որոնք Շուշիի համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունէին:
== Զոնտիկներ ==
Մամռոտ Քար ջրվէժը աւելի յայտնի է (ռուս.՝ зонтики) Զոնտիկներ կամ Հովանոց անունով: Սկիզբ առնելով կիրճի ներսէն այն կը թափուի մամռապատ քարի վրայ եւ հովանոցաձեւ ջրվէժ կը ձեւաւորուի: Մամռոտ Քար ջրվէժը կը գտնուի Կարկառ գետի ափին՝ բնական լողաւազանի մօտ:
== Հունոտ գիւղ ==
Հունոտ գիւղը հիմնադրուած է 18-րդ դարուն: 1895-ին 130 բնակիչ ունեցող գիւղը մեծ դեր խաղցած էր Շուշիի համար: Բերդաքաղաքին ալիւր մատակարարող ջրաղացներու մեծամասնութիւնը կը գտնէին հէնց Կարկառ գետի վրայ՝ Հունոտի տարածքին: Գիւղը լքուած է 1930-ին:
== Հունոտի ջրաղացներ ==
Հունոտի կիրճին եւ անոր շրջակայքը 12 ջրաղացներու աւերակներ պահպանուած են: 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի սկզբին այս ջրաղացները Շուշի քաղաքին ալիւր մատակարարելու գործում մեծ դեր են խաղացել:
== Քարանձաւ Աւանա Կարան ==
Բերդաքաղաք Շուշիի կիրճը յայտնի է նաեւ քարանձաւներով, որու վրայ այն կառուցուած է: Անոնցմէ ամենամեծը եւ յայտնին Աւանայ Կարանքարանձաւն է: Աւանա Կարանը կը գտնուի Շուշիի հարաւ-արեւմուտքը, որ կը կոչուի Աւանի Քերծ: Քարանձաւը ունի մօտ 75 մ խորութիւն եւ մինչեւ 15 մ հասնող լայնութիւն, իսկ բարձրութիւնը 7-10 մ է: Քարանձաւի ուղղահայաց մուտքի մօտ կրնաք տեսնել մարդաշէն հատուածներ, քարէ պատեր եւ այլ կառոյցներ: Անոնք տարիներ շարունակ կառուցուած են տարբեր նպատակներու ծառայելու համար, քանի որ քարանձաւը մարդոց կողմէ օգտագործուած է Ք.ա. 2-րդ հազարամեակէն սկսած մինչեւ 18-րդ դարը:
== Քարանձաւ Ալեքսանա Ղուզէ ==
Ալեքսանա Ղուզէ քարանձաւը կը գտնուի Քարինտակ գիւղի հարաւ-արեւմուտքը՝ Կարպէն Քերծ սարի ստորոտը՝ Զառ գետի ձախ ափին: Այս քարանձաւը ունի մօտ 50 մ խորութիւն եւ շուրջ 7 առանձնացած սրահներ: Հելլենիստական դարաշրջանին բնակուած ըլլալով՝ Ք.ա. 1-ին դարէն մինչեւ Ք.Ե. 1-ին դարը քարանձաւը հանդիսացած է հեթանոսական պաշտամունքի վայր: Այսօր քարանձաւը կը հանդիսանայ Արցախին մէջ բնակուող սպիտակաթեւ չղջիկներու միակ հանգրուանը, որոնցմէ պէտք է խուսափիլ, քանի որ մարդոց ներկայութիւնը կրնայ մեծ վնաս հասցնել անոնց բազմացմանն ու զարգացմանը:
== Պըլը Պուղի յուշաքար ==
Յայտնի սրամիտ Պըլըն ծնած է 1731-ին, եւ չնայած մահացած է 1810-ին՝ ան դեռ կ՛ապրի ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ եւ ճանչցուած է արցախեան բոլոր ընտանիքներէն: Պըլը Պուղին կը զուարճացնէր Մելիքին եւ անոր հիւրերուն հանգստի եւ տօնակատարութիւններու ժամանակ: Այդ ժամանակ ան համարձակօրէն կը քննադատէր նաեւ Մելիքի սխալ որոշումները, յաճախ անով իսկ օգնելով վերջինիս լուծել դժուար խնդիրներ: Բանահիւսութեան համաձայն՝ Պըլը Պուղիի աճիւնը կը գտնուի Շոշ եւ Մխիթարաշէն գիւղերու արանքին տեղակայուած քարանձաւին մէջ, եւ այդտեղ ալ, 1976-ին կառուցուեցաւ Վարանդայի Մելիք Շահնազարի պալատական ծաղրածուի՝ Պըլը Պուղու յուշաքարը:
== Ծանօթագրութիւններ == |
23,756 | Արուս Ոսկանեան | Արուս Ոսկանեան (նախամուսնական անունով՝ Արուսեակ Դարպասեան, 28 Ապրիլ (10 Մայիս) 1889, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 20 Յուլիս 1943(1943-07-20), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ դերասանուհի եւ ժողովրդական արուեստագիտուհի։
== Կենսագրական գիծեր ==
Ծնած է Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Էսայեան վարժարանին մէջ, ուր աշակերտած է գրող եւ մանկավարժ Սիպիլին. ապա ընդունուած է տեղի ֆրանսական ուսումնարան:
Ուսումը աւարտելէ ետք Ոսկանեան Ազգային հիւանդանոցի որբանոցէն ներս ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն, սակայն նկատի ունենալով թատրոնի նկատմամբ փոքր տարիքէն ունեցած սէրը, ուզած է դուրս գալ ուսուցչութենէն եւ նուիրուիլ թատրոնի:
== Թատերական գործունէութիւն ==
Ոսկանեանի թատերական աշխարհ մուտք գործելու առաջին փորձը եղած է Պոլիս ժամանումով Վահրամ Փափազեանի, որ առաջարկած է «Օթելլօ»ի Էմիլիայի դերը: Այդ օրերուն Ոսկանեան նշանուած ըլլալով փեսացուն հրաժարած է իրմէ՝ այդ որոշումին համար, իսկ ընտանիքը զինք բեմէն հեռու պահելու նպատակով տարած են Պուլկարիա:
Ոսկանեան Պուլկարիայէն Պոլիս վերադարձած է 1908 թուականին եւ իբրեւ հանդիսատես սկսած է ներկայ գտնուիլ Աբէլեան եւ Արամեան թատերախումբերու ներկայացումներուն, ինչ որ մէջը դարձեալ վառած են թատրոնի նկատմամբ իր ունեցած սէրը:
Ժամանակի ընթացքին թատերախումբի հետ իր կապերը ամրացնելով վերջապէս ամուսնացած է նոյն թատրոնի մէջ իբրեւ դերասան գործող Յովսէփ Ոսկանեանի հետ, որմէ ետք սկիզբ առած է Ոսկանեանի դերասանական գործունէութիւնը:
Ոսկանեան թատերախումբին հետ միասին սկսած է շրջիլ քաղաքներ ու դերեր ստանձնել։ Պաքուի մէջ ծանօթացած է յայտնի դերասանուհի Ազնիւ Հրաչեային, որ ինքնակամ ստանձնած է Ոսկանեանի բեմական ուսուցիչը ըլլալու գործը:
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Ոսկանեան հաստատուած է Թիֆլիս, ուր Ալեքսանտր Շիրվանզատէի խորհուրդով մասնակցած է ներկայացումներու եւ մեծ յաջողութիւններ ձեռք բերած է:
Ոսկանեան իր վերջին դերը ստանձնած է 29 յունիս 1943 թուականին՝ «Դաւաճանութիւն» ներկայացման մէջ, որմէ 21 օրեր ետք՝ 20 Յուլիս 1943 թուականին մահացած է:
== կոչումներ ==
Ոսկանեան արժանացած է․
1927 թուականին՝ Վաստակաւոր արուեստագէտի,
իսկ 1935-ին՝ Ժողովրդական արուեստագէտի կոչումներուն:
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,137 | Յակոբ Արսէնեան | Արսէնեան Յակոբ (1881, Նիքոմետիա, Եալովա, Թուրքիա - անհայտ), դեղագործ։
== Կենսագրութիւն ==
ծնած 1881-ին Նիկոմիդիոյ Օվաճըգ, գիւղը: Նախնական ուսումը տեղւոյն Ազգ. վարժարանին մէջ առնելէ ետք 1904-ին Պոլսոյ բժշկական համալսարանին դեղագործական ճիւղին կը հետեւի եւ վկայական կը ստանայ 1907-ին: Մինչեւ տարագրութիւնը իր սեփական դեղարանը կը բանայ Ատապազարի եւ Իզմիտի մէջ։ Տարագրութեան ատեն ընտանեօք մահացու վտանքներէ ազատուելէ վերջ կը փորձէ Մէսքսնէէն Հալէպ փախչիլ եւ հազարումէկ դժուարութիւններով զինուորական դեղագործ կ’ըլլայ յիսնապետ աստիճանով եւ կը ղրկու Երուսաղէմ ուր փոխադրել կու տայ նաեւ իր ընտանիքին ողջ մնացած անդամները:
1918-ին, Անգլիական բանակին կողմէ Պաղեստինը գրաւուած ատեն՝ Թուլ- Քէրիմի մէջ գերի բռնուելով Եգիպտոս կը տարագրուի, վեց ամիս բանտարկուելէ ետք ազատ արձակուելով Երուսաղէմ իր ընտանիքին քով կը վերադառնայ: Երկու տարի կառավարութեան կողմէ պաշտօն կը վարէ Բեթղեհեմի մէջ, յետոյ դեղագործի նոյն պաշտօնով Գազա կը փոխադրուի, երեք տարի վերջ հրաժարելով՝ Գազայի Անգլիական C.M.S. հիւանդանոցին դեղագործութիւնկը կը ստանձնէ, զոր կը շարունակէ 1923էն ի վեր, յարգուած, սիրուած է անխտիր ամէն ազգի քաղաքացիներէ:
== Աղբիւրներ ==
Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 301: |
21,563 | Խաչապուրի | Խաչապուրի (վրացերէն՝ ხაჭაპური խաճապուրի), վրացական խոհանոցի կերակուր է, ազգային հացաբուլկեղէնի տեսակ, որ կը ներկայացնէ պանիրով բլիթ։
Անուանումը առաջացած է «թթուասեր» (ხაჭო — «խաճոյ») եւ «հաց» (პური ` կ՚արտասանուի «պուրի»։ Սակայն երբեմն թխուածքը կ՚ըլլայ միսով եւ ձուկի միսով, բայցեւայնպէս կրկին կ՚անուանեն խաչապուրի, որ սխալ է։
== Պատմութիւն ==
Բացի խաչապուրիէն Վրաստանի մէջ գոյութիւն ունի լոբիանի (լոբիով տափակ կարկանդակ), կուբդարի (համանման կարկանդակ միսով)։ Խաչապուրիի մօտիկ ազգականն է բալկարոկարաչեւեան խիչին (պանրագետնախնձորային լոշիկներ կամ մսային լցոնով) եւ օսեթական թխուածքի որոշ տեսակներ։
2010-ին Վրաստանի սեփականութեան ազգային ինտելեկտուալ կեդրոնը ընդունեց օրիանագիծ «խաչապուրիի» անուանման վերաբերեալ։ 2011-ի Սեպտեմբերին Վրաստանի կառավարութիւնը արտօնագրեց խաչապուրին եւ շարք մը այլ ազգային կերակուրներ։
== Պատրաստումը ==
Խաչապուրիի պատրաստման շատ տեսակներ կան՝ մեգրելական, իմերեթական եւ այլն։ Կան նաեւ տեսքով շատ տարբեր. իմերեթական խաչապուրին կլոր է, մեգրելականը նոյնպէս, բայց վերէն պատուած են սուլուգունի պանիրի շերտով, աջարական խաչապուրին նաւակաձեւ է ու ձուով լեցուած, ռաչինականը՝ կլոր, լոբիի լցոնով, եփուած ռաչինական բեկոնով։
Լցոնի դասական տարբերակը իմերեթական պանիրն է (չկինտի-քուելի)։ Չնայած ընդունուած կարծրատիպին՝ խաչապուրիի լցոնի մէջ սուլուգունի չի մտներ։
Խմորի աւանդական տեսակներէն կարելի է համարել անթթխմորը, «ամոքահունց խմոր». խմորիչի բացակայութիւնը որոշ չափով կը լրացնեն մածունի մէջ եղած կաթնաթթուային օրգանիզմներու հաշուով։ Բացի մածունով աւանդական խմորէն կան նաեւ կրօնական ծիսական տարատեսակներ՝ խմորիչով եւ աղի (ասոնք վերջին շրջանին նորամուծութիւններ են)։
Թխուածքը կը պատրաստուի թաւայի վրայ, եթէ պատրաստուած է մածունով ու կը թխուի ջեռոցի մէջ, եթէ խմորիչով է կամ աղի։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Պատրաստենք միասին. Խաչապուրի |
15,074 | 1729 (թիւ) | 1729 (հազար եօթ հարիւր քսանինը)՝ բնական թիւ մըն է, կը յաջորդէ 1728-ին եւ կը նախորդէ 1730-ին:
== Ճանչուած Անունը ==
Յայտնի է Հարտի-Ռամանուճանի թիւ անունով, շնորհիւ բրիտանացի թուաբանագէտ Կ.Հ.Հարտիի պատմածի, երբ ան հիւանդանոց տեսակցութեան գացած է իր հնդիկ գործընկեր Սրինիվասա Ռամանուճանը:
Ան կը մէջբերէ իրենց զրոյցը՝
Այդ երկու տարբեր եղանակներն էն՝
1729 = 13 + 123 = 93 + 103Մէջբերումին երբեմն կը նշուի «դրական խորանարդներ», քանի որ բացսականի թոյլտւութեան պարագային պիտի ունենայինք աւելի փոքր լուծում՝ 91-ը, որը 1729-ի բաժանարարն է՝
91 = 63 + (−5)3 = 43 + 33
== Այլ Յատկութիւններ ==
Հարշատ թիւ է, քանի որ կը բաժնուէ իր թուանշաններու գումարի վրայ: Նոյն յատկութիւնը կը պահպանէ նաեւ ութնիշային (1729 = 33018, 3 + 3 + 0 + 1 = 7) եւ տասնվեցային (1729 = 6C116, 6 + C + 1 = 1910) համակարգերուն, բայց ոչ երկնիշային համակարգի մէջ:
Մասահիքոյ Ֆուճիվարան ցուցնած է, որ 1729-ը չորս դրական ամբողջ թիւերէն մեկն է (միւսների հետ, որոնք են 81-ը, 1458-ը եւ պարզապէս 1-ը), որոնց թուանշանները գումարելով եւ ստացուածի հակադարձով բազմապատկելով կը ստանանք ելքային թիւը՜1 + 7 + 2 + 9 = 19
19 × 91 = 1729
== Տես նաեւ ==
1729 թուական
5040
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,578 | Լեւոն Մեսրոպ | Լեւոն Մեսրոպ (Մեսրոպեան, 1880, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 16 Ապրիլ 1960(1960-04-16), Փարիզ), հայ գրող, բանասէր եւ հասարակական-մշակութային գործիչ։
== Կենսագրութիւն ==
Կրթութիւնը ստացած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ (1904-ին աւարտած Ռոպերթ Քոլէճը):
Եւրոպա մեկնած, ապա պատերազմէն ետք վերջնականապէս Փարիզ հաստատուած, զբաղած է նախ՝ գորգի առեւտուրով, յետոյ վերջնականապէս նուիրուած է գրականութեան։ Ֆրանսահայ մամուլին եւ Միացեալ Նահանգներու «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ՝ հրապարակած է վիպակներ, բանասիրական աշխատանքներ, վէպեր, որոնցմէ անջատ հատորով լոյս տեսած են «Զարի», «Հաշիշին», «Քերպելայի գիշերները» եւ այլն։ Ինչպէս եւ թատերակներ՝ «Մատաթ Րէիս», «Օտարականը», «Շամիրամ Երկրորդ»:
Ուսումնասիրութիւններէն եւ ժողովածուներէն՝ «Քիւրտիստան եւ Քիւրտերը», «1915 - Աղէտ եւ Վերածնունդ», «Տէր-Զօր»՝ մեծ մասամբ կ'արտացոլացնեն հեղինակին խոր շահագրգռութիւնը հայկական ցեղասպանութեան հիմնահարցին հանդէպ։
Պարսկերէնէ հայերէն թարգմանած է Օմար Խայյամի քառեակները («Օմար Խայյամ», 1923)։
1946-ին եւ 1954-ին մասնակցած է Հայաստանի գրողներու համագումարներուն։
Լեւոն Մեսրոպ կը մահանայ 1960-ին, Փարիզի մէջ։
«Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ» հրատարակուած է «Հայրենիք» ամսագրին մէջ (1937-ի Օգոստոսէն սկսեալ): Իբր թերթօն վերահրատարակուած է «Ազդակ»ի մէջ, 1988-1989-ին:
== Երկեր ==
«Կախարդող Լեռը», Ե․, 1955:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
«Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ», Լեւոն Մեսրոպ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն։
«Կենսագրական Բառարան», Գառնիկ Ստեփանեան, Գ. Հատոր, Երեւան, 1990: |
525 | 1814 թուական | 1814 թուական, ոչ նահանջ տարի, 19րդ դարու 14րդ տարին
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1814 ծնունդներ
Ապրիլ 6՝ Միքլոշ Իպլ (հունգարերէն՝ Ybl Miklós, մ.1891), հունկարացի ճարտարապետ
Նոյեմբեր 6՝ Ատոլֆ Սաքս (ֆրանսերէն՝ Adolfhe Sax, մ.1894), բելգիացի երաժշտական գործիքներու վարպետ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1814 մահեր
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,932 | Զամպիա | Զամպիա, որ Հիւսիսային Ռոտեզիոյ նախկին բրիտանական հոգատարութիւնն է, կը գտնուի հարաւային Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ, սահմանակից ունենալով, հիւսիսէն՝ Քոնկոյի Հանրապետութիւնը եւ Թանզանիա, արեւելքէն՝ Մալաուի եւ Մոզամպիք, հարաւէն՝ Ռոտեզիա (հարաւային) եւ Պոցուանա, արեւմուտքէն՝ հարաւ-արեւմտեան Ափրիկէ եւ Անկոլա։
Հողը բարեբեր է եւ կան արօտավայրեր։
== Գլխաւոր քաղաքներ ==
Գլխաւոր քաղաքներն են՝ մայրաքաղաքը՝ Լուզաքա, Նտոլա, Քիթուէ։
== Պատմութիւն եւ Կառավարութիւն ==
Քրիստոնէութեան սկզբնական շրջաններուն, Զամպիա բնակավայրն էր հնդիկ գաղթականներու։ Արաբները հոն հաստատուիլ սկսան 740-էն։ 1888 - 1924 կառավարուեցաւ Բրիտանական Հարաւային Ափրիկէի ընկերութեան կողմէ, իսկ այդ թուականին բրիտանական կառավարութիւնը ստանձնեց երկրին վարչութիւնը։
Բրիտանական հասարապետութեան շրջագիծէն ներս Զամպիա Հիւսիսային Ռոտեզիա անուան տակ մէկ երկիրն էր Նիասալանտի եւ Հարաւային Ռոտեզիոյ հետ կազմուած դաշնակցային պետութեան։ Սակայն բնիկները ընդդիմացան այդ վարչաձեւին։ Մ. Բրիտանիա չյաջողեցաւ իր կամքի պարտադրել եւ երկիրը անկախութիւն ստացաւ 24 Հոկտեմբեր 1964-ին։ Նախագահ ընտրուեցաւ Ազգայնական կուսակցութեան պետ Քենեթ Քաունտա։ Նախագահը՝ կ՛ընտրուի ժողովրդային ուղղակի քուէարկութեամբ։ Խորհրդարանը ունի 80 անդամ, որոնց 75-ը կ՛ընտրուի ուղղակի քուէարկութեամբ, իսկ հինգը կը նշանակուին նախագահին կողմէ։
Սահմանադրութիւնը մասնաւոր տրամադրութիւն ունի հոն բնակող սպիտակամորթներուն համար։
Զամպիա անդամ է ՄԱԿին (1 Դեկտեմբեր 1964), Ափրիկէի Միութեան Կազմակերպութեան եւ Բրիտանական հասարակապետութեան։
Կը հետեուի չէզոք քաղաքականութեան։
Պաշտօնական լեզզուն է պասուքոն, կը խօսուին անգլերէն եւ Ափրիկէնտերներու լեզուն, ինչպէս նաեւ պանթու բարբառներ։
== Տնտեսական Պայմաններ ==
Գլխաւոր արտադրութիւնն է պղինձը, որուն համար աշխարհի Գ. երկիրն է։ Ունի նաեւ զինկ, կապար, քոպալթ եւ մանկանէզ։ Որպէս երկրագործական արտադրութիւն, ունի ծխախոտ, եգիպտացորեն, կաղին։ Կան հարուստ անտառներ։ Բաղդատաբար դրացի երկիրներուն, Զամպիա հարուստ է, շնորհիւ իր պղինձին։
== Աղբիւր ==
Երուանդ Մոնոֆարեան (1968), «Հանրագիտակ», Համազգայինի տպարան, Պէյրութ, էջ 101-103։ |
3,667 | Խոսրով Բ. | Խոսրով Բ, հայոց Արշակունի թագաւոր (279-287)։ Սպաննուած՝ 287 թուականին, պարթեւ Անակի կողմէն։ Անոր փոխարինած է որդին՝ Տրդատ Գ․ Մեծը։
== Կենսագրութիւն ==
Խոսրով Բ․-ը հայոց թագաւոր Տրդատ Բ․-ի (252-287) որդին էր։ Յաջորդած է հօրը եւ հռոմէացիներու օգնութեամբ հաստատուած հայկական գահին։ Երբեմն անուանումով կը շփօթեցնէ իր պապի՝ Խոսրով Ա-ի (211-252) կամ որդիին՝ Խոսրով Գ․ Կոտակի հետ (330-338)։
== Ընտանիք ==
Անձնական կեանքի մասին շատ տեղեկութիւններ չեն պահպանուած։ Մասնաւորապէս յայտնի է, որ հօր հետ մանսակցած է Արտաշիր Սասանեանի դեմ արշաւանքներուն։
Կնոջ անունը չէ պահպանուած։ Ունեցած է երկու զաւակ՝ Տրդատ եւ Խոսրովիդուխտ։
== Սպաննութիւն ==
Խոսրով Մեծը զրադաշտականութիւն կը դաւանէր, եւ քրիստոնէութեան տարածմանը կը խոչնդոտէր։ Սպաննուած է քրիստոնեաներու կողմէն, սակայն մահուան մասին տեղեկութիւնները ամբողջական չեն։ Անոր մասին կը գրէ նաեւ պատմահայր Մովսէս Խորենացին։
Սպաննուած է 287 թուականին՝ պարթեւ Անակի կողմէն՝ Վաղարշապատի մէջ։ Հայ ազնուականութիւնը վրէժ կը լուծէ անոնցմէ, կը սպաննուին Անակի ընտանիքի բոլոր անդամները, բացի երիտասարդ Գրիգորէն։
== Ծանօթագրութիւններ == |
17,269 | Էնտի Սերգիս | Էնտի Սերգիս Էնտրու Քլեմենթ Սերգիս՝ հայկական արմատներով, անգլիացի դերասան, բեմադրիչ եւ գրող։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է 20 Ապրիլ 1964 թուականին Անգլիոյ Ուեսթ Լոնտոն թաղամասին մէջ։ Մայրը՝ Լայլի Սերգիս անգլիացի էր եւ հաշմանդամ տղոց կու տար յատուկ դաստիարակութիւն։ Իսկ հայրը՝ Քլեմենթ Սերգիս, հայկական ծագումով իրաքցի կնախտաբոյժ էր։ Անոր ընտանիքին մականունը «Սերգիսեան» էր։ Հայրը յաճախ պաշտօն վարած էր Միջին Արեւելքէ դուրս։ Իսկ Էնտի եւ եղբայրները մեծցած են Անգլիոյ մէջ, մանկապահի մը հսկողութեամբ։ Ընտանիքի արձակուրդները շատ անգամ անցած է միջինարեւելեան երկիրներու մէջ՝ Սայտա, Դամասկոս եւ Պաղտատ։
Էնտի Սերգիս ուսանած է Սեն Պենետիքթ վարժարանին մէջ։ Ան յետոյ աւարտած է Լենչսթըրի համալսարանի տեսողական արուեստներու բաժինը։ Ան ընտրած է թատրոնը իբր երկրորդ մասնագիտութիւն։ Էնտի Սերգիս, Լենչսթըրի County College-ի անդամ եւ Bailrigg FM ուսանողական ձայնասփիւռի մասնակիցներէն էր։ Յետոյ սկսած է թատերակներու մէջ դեր ստանձնել։ Անոր առաջին բեմելը եղած է Պերի Քեֆէի «Կոչչա» թատրերգութեան մէջ։ Այս խաղէն վերջ ան փոխեց իր ուղղութիւնը եւ կեդրոնացաւ դերասանի մասնագիտութեան վրայ։
== Դերասանութիւն ==
Իր առաջին արհեստավարժ քայլը առած է դէպի դերասանութիւն, 1985 թուականին, Լենչսթըրի Duke՚s թատրոնին մէջ։ Հոն բեմադրած է տասնչորս խաղեր։
1989 թուականին դեր ստանձնած է Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Մաքպէթ» թատերախաղին մէջ։ Ժ. Ռ. Ռ. Թոլքիէնի կողմէ գրի առնուած Lord of the Rings վէպի նոյնանուն շարժանկարին մէջ մարմնաւորած է Gollum դերը։ Շարժապատկերի երրորդ եւ վերջին բաժինն է Lord of the Rings-ը:
The Return of the King արժանացած է տասնմէկ Օսքարի մրցանակի։ Շարժանկարի նկարահանումները տեղի ունեցած են Նոր Զելանտայի մէջ։ Այս պատճառով Էնտի Սերգիս պարտաւորուած է հեռու մնալ իր ընտանիքէն։
Էնտի Սերգիս ամուսնացած է դերասանուհի եւ երգչուհի Լորէն Էշպուռնի հետ։ Անոնք ունին մէկ դուստր եւ երկու մանչ զաւակ։ Էնտի Սերգիս եւ իր ընտանիքը կը բնակի Նորթ Լոնտոն՝ Անգլիոյ մէջ։
== Նկարչութիւն ==
Բացի այս բոլորէն, Էնտի Սերգիս ի հետաքրքրութիւնը գրաւած է նկարչութիւնը՝ իր մանկութեան շրջանէն ի վեր։ Ան իր պարապ ժամանակներուն կը զբաղի նկարչութեամբ։
== The Hope Foundation-ի անդամ ==
Էնտի Սերգիս, The Hope Foundation-ի անդամ դարձած է, ուր ջանք կը վատնէ քաղցկեղով տառապող փոքրիկներու դարմանման ուղղութեամբ։ Առաւել՝ պատերազմի պատճառով իրենց երկիրներէն գաղթող երեխաներուն առողջութեան եւ անոնց ապագային համար կը տանի տքնաջան աշխատանք։
== 2000-ական թուականներուն սկիզբէն սկսեալ դեր ստանձնած է շատ մը յայտնի շարժապատկերներու մէջ ==
ինչպէս՝
- «Օլիվըր Թուիսթ» (Oliver Twist, 1999)
- «Փայլուն» (Shiner, 2000)
- «Մատանիներու տիրակալը. Մատանիներու եղբայրութիւնը» (Lord of the Rings: The Fellowship of the Ring, 2001)
- «Մատանիներու տիրակալը. Երկու աշտարակ» (Lord of the Rings: The Two Towers, 2002)
- «Մատանիներու տիրակալը. Թագաւորին վերադարձը» (Lord of the Rings: Return of the King, 2003)
- «Երանի թէ 30 ըլլայի» (13 going to 30, 2004) - «Քինկ Քոնկ» (King Kong, 2005)
- «Փրեսթիժ» (Prestige, 2006) - «Թանաքէ սիրտ» (Ink Heart, 2008)
- «Սիրուն անասուններ» (Animals United, 2010)
- «Կապիկներու մոլորակը. Յեղաշըրջում» (Rise of the Planet of the Apes, 2011)
- «Թեն Թենի արկածները» (The Adventures of Ten Ten, 2011)
- «Հոպիթ. Անսպասելի ճանապարհորդութիւն» (Hobbit: An Unexpected Journey, 2012)
- «Կապիկներու մոլորակը. Արշալոյսի ժամանակ» (Dawn of the Planet of the Apes, 2014)
- «Չպարտուողներ. Ուլթրունի դարաշրջան» (Avengers: Age of Ultron, 2015)
- «Աստղերու պատերազմ. Ուժը կ՚արթննայ» (Star Wars: The Force Awakens, 2015)
== Իսկ յառաջիկային սպիտակ պաստառի վրայ պիտի դիտենք հետեւեալները ==
- «Աստղերու պատերազմ. Վերջին Ճետայ» (Star Wars: The Last Jedi, 2017)
- «Կապիկներու մոլորակը. պատերազմ» (War of the Planet of the Apes, 2017)
- «Սեւ յովազ» (Black Panther, 2018)
- «Անտառի գիրք» (Jungle Book, 2018) - «Աստղերու Պատերազմ. բաժին IX» (Star Wars: Episode IX, 2019)
== ՊԱՖԹԱի Դափնեկիր ==
Դերասան՝ Էնտի Սերգիս (Սարգիսեան), որ մեծ համբաւի տիրացած է «Հապիթ», «Մատանիներու Գահակալը», «Կապիկներու Մոլորակը» եւ «Քինկ Քոնկ» ժապաւէններուն մէջ իր ստանձնած դերերով, յատուկ մրցանակի արժանի նկատուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի արուեստներու ակադեմիոյ ¤ՊԱՖԹԱ) կողմէ, Բրիտանիոյ շարժապատկերի աշխարհին իր բերած յատկանշական ներդրումներուն համար։ Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ 2 Փետրուար 2020-ին։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Դերասան Էնտի Սերգիս՝ ՊԱՖԹԱի Դափնեկիր
Էնտի Սերգիս
Պաշտօնական կայք (անգլերէն)
Andy Serkis on Inkheart and Tintin at AMCtv.com (անգլերէն)
Andy Serkis Interview (անգլերէն)
The Jolly Boys Last Stand (անգլերէն) |
5,151 | Նոր Քարէ Դար | Նոր քարէ դար կամ Նէոլիթ (յուն․՝ νέος , նէոս՝ նոր, եւ յուն․՝ λίθος , լիթոս՝ քար), քարէ դարու վերջին դարաշրջանը, յաջորդած է մէզոլիթին։ Տեւած է մօտ երկու հազարամեակ՝ Ն.Ք. 10-րդ հազարամեակի կէսերէն մինչեւ Ն.Ք. 11-րդ հազարամեակի կէսերը։
Նէոլիթ դարաշրջանի սկիզբը կը բնութագրուի քարէ եւ ոսկորէ յղկուած գործիքներու օգտագործմամբ, խեցեգործութեան եւ երկրագործութեան առաջացմամբ Դարաշրջանի աւարտը կը յատկանշուի վաղ մետաղամշակութեամբ (էնեոլիթի սկզբնաւորմամբ)։
Նէոլիթեան մարդիկ, զարգացած հաւաքչական, որսորդական եւ ձկնորսական իւրացնող տնտեսութեան զուգահեռ, սկսած են զբաղուիլ արտադրող տնտեսութեամբ՝ նստակեաց երկրագործութեամբ (ցորենի, գարիի, ոսպի եւ այլ բոյսերու մշակութեամբ), կենդանիներու (շուն, այծ, ոչխար, խոզ, աւելի ուշ՝ մեծ եղջերաւոր անասուններ) ընտելացմամբ եւ բուծանումով։ Սկսած է զարգանալ մանածագործութիւնը, հիւսելը։ Մայրիշխանութիւնը հասած է իր ծաղկման եւ աստիճանաբար տեղի տուած հայրիշխանութեանը։ Զգալիօրէն աճած է բնակչութիւնը, աստիճանաբար կազմաւորուած են ցեղախումբերը, ձեւաւորուած ցեղային լեզուները։
Հանրութեան կեանքին մէջ կատարուած արմատական փոփոխութիւնները ընդունուած է անուանել «նէոլիթեան յեղափոխութիւն» (անգլիացի հնագէտ Գ․ Չայլդի հետեւութեամբ), իբրեւ մարդկութեան պատմութեան մէջ առաջին տնտեսական յեղաշրջում։
Ըստ նորագոյն տուեալներուն՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հնագոյն երկրագործական-անասնապահական մշակոյթը սկիզբ կ՛առնէ Ն.Ք. 8—7-րդ հազարամեակներուն (Երիքովը՝ Պաղեստինի, Ջարմոն՝ Հիւսիս-Արեւելեան Միջագետքի, Չաթալ-Հույուկը՝ Փոքր Ասիոյ մէջ եւն)։
Եւրոպայի մէջ նէոլիթեան մշակոյթը զարգացած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջերկրածովեան մշակոյթի զգալի ազդեցութեամբ, այդ երկրամասերէն Եւրոպա թափանցած են շարք մը մշակելի բոյսեր, ընտանի կենդանիներու տեսակներ եւ այլն։ Հայաստանի տարածքին նէոլիթեան կայաններ ու բնակավայրեր յայտնաբերուած են Թալինի շրջանին մէջ (Զաղաներ, Արեգունի բլուր, Բառոժ եւ այլն) եւ Արարատեան դաշտին մէջ (Կղզեակ բլուր, Մաշտոցի բլուր, Տէրտէրի ձոր եւ այլն)։ Գտնուած են քարէ (օբսիդիան, որձաքար եւ այլն) պրիզմայաձեւ միջուկներ, դանակներ, յղկուած, գայլիկոնուած կոթատեղի փորուածքով կացիններ, մուրճեր, գուրզեր, բրիչներ, աղօրիքներ, սանդեր, մանգաղներ, նետասլաքներ, ոսկորէ ասեղներ, ուլունքներ, իլիկի գլուխներ եւ այլն։ |
5,296 | Ոսպապուր | Ոսպապուրը ոսպով պատրաստուած ապուր մըն է, որ ունի թէ բուսակերային (պասային) տեսակներ եւ թէ մսային տարբերակներ: Կ՛օգտագործուին դեղին, շագանակագոյն, սեւ եւ կամ կարմիր ոսպի տեսակները՝ պատրաստելու համար թանձր ապուր մը։
== Պատմութիւն եւ գրականութիւն ==
Թրքական էզոլեղի ապուրը պատրաստուած է ձաւարէ եւ կարմիր ոսպէ։ Մարթէնները յայտնաբերած են Յունաստանի Ֆրանչթի քարանձաւային պալիոլիթի եւ մեսոլիտիկ շերտերուն մէջ (9,500-էն 13,000 տարի առաջ), վերջին մզոլիթի Մուրեյպէտի մէջ, Սուրիոյ Ապու Հուրէյրայի եւ Ք.Ա. 8000 Երիքովի տարածքին մօտակայքը: Հին յոյները սիրահար էին ոսպապուրի. այս մասին կը վկայէ Արիստոֆենը.
Ոսպապուրը նաեւ կը յիշատակուի Աստուածաշունչին մէջ. Ծննդոց 25: 30-34, Եսաւը պատրաստ է հրաժարիլ իր անդրանիկ իրավունքէն քաղցր կարմիր ոսպապուրի (որոշ տարբերակներու «խառնաշփոթ»), որ կը պատրաստէր իր եղբայրը՝ Յակոբը :
== Զանազանութիւն ==
Ոսպապուրը կարելի է պատրաստել բանջարեղէններով, ինչպէս՝ ստեպղին, գետնախնձոր, կարոս, ազատքեղ, լոլիկ, դդում, սոխ: Այս ճաշին համար ընդհանրապէս օգտագործուող համեմունքներն են սխտորը, փոշի կարմիր պղպեղը, քիմիոնը, ձիթապտուղի ձէթը եւ քացախը: Մատուցելու ժամանակ ճաշը երբեմն կը զարդարեն խոտաբոյսերով, կարագով, ձիթապտուղի ձէթով, սերով կամ մածունով: Հնդկական ոսպապուրը կը պարունակէ շարք մը անուշաբոյր համեմունքներ: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կիտրոնի հիւթ աւելցնելը սուր համ կու տայ ապուրին եւ թեթեւցնէ անոր ծանրութիւնը: Եգիպտոսի մէջ ոսպապուրը աւանդաբար կը սպառուի ձմռան։
== Սնունդը ==
Ոսպապուրը ընդունուած է իբրեւ սննդարար ճաշ, որ սպիտակուցի լաւ աղբիւր է եւ միաժամանակ կը պարունակէ բնաթելեր, երկաթ եւ փոթասիոմ: Հիպոկրատ ոսպը կը յանձնարարէր լէարդի հիւանդութիւն ունեցող հիւանդներուն:
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,511 | Ալճերիա | Ալճերիա (արաբերէն՝ الجزائر, ալ-ժազայիր) երկիր ՝ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, պաշտօնական անուանումը Ալճերիոյ Ժողովրդական Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն։ Ան կը գտնուի Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, Միջերկրական ծովու աւազանի արեւմտեան կողմը։ Ալճերիան արեւմուտքէն սահմանակից է Մարոքին, հարաւ-արեւմուտքէն Մորիթանիային եւ Մալիին, հարաւ-արեւելքէն՝ Նիժերին, իսկ արեւելքէն՝ Թունուզին։ Իր մեծութեամբ Ալճերիան երկրորդ պետութիւնն է Ափրիկէի մէջ։ Անոր մակերեւույթի մեծ մասը կը կազմէ Սահարա անապատը։ Մայրաքաղաքն է Ալճերիա քաղաքը։ XVI-XVIII դարերուն Ալճերիան կը գտնուէր Օսմանեան տիրապետութեան կազմի մէջ։ XIX դարու սկիզբէն սկսած է Ալճերիոյ գաղութացումը Ֆրանսայի կողմէն։ 1954 թուականին Ալճերիոյ մէջ կը ձեւաւորուի Ժողովրդական Ազատագրութեան Ճակատը։ Ֆրանսացի գաղութարարներու դէմ արիւնահեղ պատերազմի արդիւնքով, 1962 թուականին Ալճերիան կը դառնայ անկախ սոցիալիստական պետութիւն։ Հակասութիւնը աշխարհիկ կառավարութեան եւ մուսլիմաններուն միջեւ, 80-ական թուականներու վերջերաւորութեան, վերածուեցաւ քաղաքացիական պատերազմի, որ աւարտեցաւ կրօնական վարդապետութեան հետեւորդներու պարտութեամբ։
== Աշխարհագրութիւն ==
Ալճերիան կը զբաղեցնէ Աթլասի լեռներու արեւելեան եւ Սահարա անապատի հիւսիսային մասը (ամենաբարձր կէտը՝ 2918մ, Տահատ լեռ)։ Ծովափը բարձր է, ժայռոտ։ Ալճերեան Սահարայի մէջ շատ են սարաւանդները, հիսիս–արեւելքը կը գտնուի խոշոր ցածրավայր մը եւ Շոթ Մելհիր աղի լիճը, իսկ դէպի հարաւ–արեւելք՝ Ահագգար հրաբխային բարձրաւանդակը։ Ալճերիոյ տարածութեան մեծ մասը կը զբաղեցնեն Արեւմտեան Մեծ Էրկ, Էրկ–Իկիտի, Էրկ–Շեշ աւազային եւ Տանեզրուֆտ քարային խոշոր անապատները։
=== Ընդերք ===
Ալճերիոյ ընդերքը հարուստ է նավթի, բնական կազի, երկաթի, կապարի, զինքի, ֆոսֆորիտներու, սնդիկի, ուրանի հանքավայրերով։
=== Կլիմայ ===
Կլիման հիւսիսը մերձարեւադարձային է, միջերկրածովեան՝ տաք ձմեռով, տաք, չոր ամառով։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը ծովափին 12 °C է, միջլեռնային հարթավայրերուն մէջ՝ 5 °C, Յուլիսին՝ 25 °C։ Ջերմաստիճանի բացարձակ առաւելագոյնը ամենուրէք բարձր է 40 °C–էն։ Յաճախակի են ուժեղ երաշտները։ Տարեկան տեղումները՝ 400–1200 մմ եւ աւելի։ Սահարայի մէջ կլիման անապատային է (տարեկան 50մմ–էն ալ պակաս տեղումներ)։ Ջերմաստիճանի օրական տատանումները կը հասնին 30 °C-ի։ Չոր քամիները կ'առաջացնեն աւազային փոթորիկներ։ Գետերը, որոնք ուետներ կը կոչուին, հիւսիսի մէջ ռեժիմով մօտ են միջերկրածովային գետերու տիպին։ Վարարումները կարճատեւ են, բայց ուժեղ։ Ամենախոշոր ուետը Շելիֆն է (700 կմ)։ Սահարան ունի ստորերկրեայ ջուրերու հզօր պաշարներ, յատկապէս հիւսիսային մասը, ուր կը գտնուին խոշոր ովասիսները (Տիտիկելտ, Տուկկուրտ եւն)։ Հողերը Հիւսիսային Ա–ի մէջ շագանակագոյն են, նախալեռներուն մէջ աղի լիճերու՝ սեպհաներու շրջանը՝ աղուտներ։ Սահարայի մէջ կը գերակշռեն մերձարեւադարձային անապատներու խճալից հողերը, շարժուն եւ կիսաամրացած աւազները։
== Պատմութիւն ==
Ալճերիոյ տարածքին մէջ մարդ ապրած է 300-400 տարի առաջ։ Սակայն, Ալճերիոյ յայտնի ամենահին բնակիչները կը համարուին նումիտիական ցեղերը (ժամանակակից պերպերներու նախնիները), որոնց փիւնիկեցիները հանդիպեցան Ք.ա XII դարուն, երբ այդտեղ կը հիմնէին իրենց գաղութները։ Ք.ա 46 թ–ին գրաւեցին հռոմէացիները։ V դարուն ծովեզերեայ մասը նուաճեցին վանտալները, իսկ VI դարուն բիւզանդացիները, VII դարուն՝ արաբները։ VIII-XV դարերուն Ալճերիան զանազան պետական կազմաւորումներու (Տահերթի իմամութիւն, Ֆաթիմեաններ, Համմատեաններ, Ալմորաուաններ) մէջ էր, 1519–ին իշխանութիւնը անցաւ ծովահեն Հայրատտին Պապոսային։ 1830 թ–ին ֆրանսական զօրքերը գրաւեցին մայրաքաղաք Ալճերիան։ Ֆրասական գաղութարարները Ալճերիան վերածեցին ագրային–հումքային կցորդի։ Ֆրանսայի մէջ ժողովրդական ուժերու յաղթանակէն (1936) ետք Ալճերիոյ մէջ ռամկավարական ուժերու համախմբման շարժում սկսաւ, որ ընթացաւ մի քանի փուլերով։ 1 Նոյեմբեր 1954-ին հակակայսերական ապստամբութիւն սկսաւ։ 1 Յուլիս 1962-ին տեղի ունեցած հանրաքուէի ժամանակ բնակչութեան 99% յայտարարեց հօգուտ անկախութեան, որ անմիջապէս ճանչցուեցաւ Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ։ 5 Յուլիս-ին յայտարարուեցաւ անկախութեան օր։ 28 Օգոստոս 1962-ին սահմանադիր ժողովը ընդունեց Ալճերիոյ առաջին սահմանադրութիւնը։ Նախագահը Ապտըլազիզ Պուտեֆլիկան էր։
30 Դեկտեմբեր 1992 թ-ին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած է արձանագրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ալճերիոյ Ժողովրդական Ռամկավարական Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին։
2005-2010 թթ. Լեւոն Սարգիսեանը եղած է ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը Ալճերիոյ Ժողովրդական Ռամկավարական Հանրապետութեան մէջ (նստավայրը՝ Երեւան)։
2014 թ. ՀՀ-ի մէջ Ալճերիոյ Ժողովրդական Ժողովրդավարական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած է Սմայիլ Ալլաուն (նստավայրը՝ Մոսկուա):
== Պետական կառուցուածքը ==
Ալճերիան կ'անդամակցի ՄԱԿ–ին, ԱՄՀ–ին, ԱՄԿ–ին, ՆԱԵԿ–ին, ԱԵԼ–ին։ Պետական կարգը՝ հանրապետութիւն է։ Պետութեան ղեկավարը նախագահն է, որ կ'ընտրուի բնակչութեան կողմէ, 5 տարուան համար, կառավարութեան ղեկավարը՝ վարչապետը։ Կը բաժնուի 48 նահանգի։ Մայրաքաղաքը՝ Ալճերիա (2 562 000 մարդ)։ Խոշոր քաղաքներն են՝ Օրան (650 000 մարդ), Քոսթանթինա (480 000 մարդ), Աննապա (100 000 մարդ)։ Գլխաւոր նաւահանգիստներն են՝ Օրան, Աննապա։ Քաղաքական կուսակցութիւններն են՝ Հիւսիսափրիկեան աստղ, Ազգային ազատագրական ճակատ։ Նախագահը Ապտըլազիզ Պուտեֆլիկան էր։
== Բնութիւն ==
Բուսականութիւնը ծովափին միջերկրածովային է, լեռները՝ մինչեւ 800-1000մ մշտականաչ թուփերու գօտին է, աւելի բարձր՝ խցանածառի, մշտականաչ կաղնիի անտառներն են, անապատներուն մէջ աղուտաբոյսեր են։
Կան վայրի խոզեր, բորենիներ, այծքաղներ, աղուէսներ, ճագարներ, այծեամներ եւ այլն։
== Տնտեսութիւնը ==
Ալճերիան գիւղատնտեսական երկիր է, զարգացած հանքարդիւնաբերութեամբ։ Ալճերիան այսօր կ'ապրի նոր կեանքով, անապատներուն մէջ կը կառուցուին ճանապարհներ, բնակավայրեր, կ'արդիւնահանէ կազ (8-րդ տեղն է աշխարհի մէջ), եւ նաֆթ՝ խողովակաշարերով կը մղուի ծովափնեայ գործարաններ եւ Եւրոպա։ Զարգացած են մետաղամշակման, նավթավերամշակման, կազամշակման, քիմիական, թրծաշաղախի արտադրութեան, սնունդի, հիւսուածական արդիւնաբերութեան ճիւղերը։ Տնտեսական մեծ նշանակութիւն ունին խցանակաղնին (խցանի հումքի քանակով աշխարհի III տեղը կը գրաւէ) եւ փետրախոտը (I տեղը աշխարհի մէջ), որմէ կը պատրաստեն լաւագոյն տեսակի թուղթը, թաղանթանիւթ, հիւսկեն իրեր։ Կը մշակեն հացազգիներ, խաղող, ցիտրուսներ, բանջարեղէն, ովասիսներուն մէջ՝ փիւնիկեան արմաւենի։ Կը մեծցնեն ուղտեր, այծեր, ոչխարներ, խոշոր եղջերաւոր անասուններ, կը զբաղուին՝ ձկնորսութեամբ։ Կ'արտահանէ նաֆթ, հեղուկ կազ, կաշի, ծխախոտ, գինի, ցիտրուսներ, երկաթի հանքաքար, խցան եւ այլն։ Կը ներմուծեն մեքենաներ եւ սարքաւորումներ, սննդամթերք եւ այլ ապրանքներ։ Առեւտրական գլխաւոր գործընկերներն են՝ Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան, եւ Նիտերլանտները։ ՀՆԱ–ն՝ մէկ շունչի հաշուով 7224 ԱՄՆ տոլար։ Ազգային արժոյթը՝ Ալճերիոյ տինար (միջազգային նշանակումը DZD):
== Բնակչութիւնը ==
Բնակչութեան թիւը՝ 38 087 000 մարդ։ Բնակչութեան միջին խտութիւնը՝ 13,8 մարդ։ Կեանքի միջին տեւողութիւնը՝ 72,3 տարի։ Ազգային կազմը՝ արաբներ (83%), պերպերներ (16%), եւրոպացիներ (1%): Քաղաքայնացումի մակարդակը 60%: Պետական լեզուն՝ արաբերէն, այլ լեզուներ՝ պերպերերէն, ֆրանսերէն։
== Աղբիւրներ ==
1. Աշխարհի երկրներ–տեղեկատու։ Երեւան 2015
== Արտաքին յղումներ ==
Ալճերիոյ Ժողովրդական Ժողովրդավարական Հանրապետության պաշտօնական կայքը Կաղապար:Ar/(ֆր.)
Կաղապար:Dmoz
Ալճերիան BBC-ի լրատուամիջոց
Հայկական Սովետական Հանրագիտարան |
6,090 | Նուէր Սիլահլը | Նուէր Սիլահլը-Տատուրեան (1973), հայ բանաստեղծ:
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Պոլիս, ուսած տեղւոյն «Տատեան» եւ «Սահակեան-Նունեան» վարժարաններուն մէջ, ապա վկայուած որպէս ճարտարապետ՝ Պոլսոյ «Եըլտըզ Թեքնիք» համալսարանէն։
Փոքր տարիքէն սիրած է նկարչութիւնը եւ իր ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են անհատական ու հաւաքական ցուցահանդէսներու մէջ․ 1988-էն սկսեալ երեք տարի աշակերտած է արուեստագէտ Քրիստին Սալէրիի։ Ներկայիս կը շարունակէ հետեւիլ Համալսարանի նկարչութեան դասընթացքներուն։
Ամուսնացած է Նորայր Տատուրեանի հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով։ Անոնք այժմ կ'ապրին Փասատինա։
== Ստեծագործութիւններ ==
Գրել սկսած է նախակրթարանի տարիներէն։ Առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակուած է 1982-ին «Նոր Մարմարա» օրաթերթին, ինչպէս նաեւ «Նոր Սան» պարբերաթերթին մէջ, որուն խմբագրական մարմնին մաս կը կազմէ։
1990-ին, Տ. Շնորհք Ս. Պատրիարք Գալուստեան անուան, արձակ եւ չափածոյ գրութիւններու մրցոյթներուն՝ շահած է առաջնութեան երկու մրցանակներ։ Իսկ «Նոր Սան»ի կողմէ կազմակերպուած հարցրազրոյցի մրցանքին հանդիսացած է երկրորդ։
Ն. Սիլահլը պոլսահայ նոր սերունդի տաղանդաւոր բանաստեղծներէն մին է։ Ինքնատիպ ոճ, գաղափարի նորութիւններ, սրամտութիւն, եւլն. գլխաւոր յատկանիշերը կը կազմեն իր քերթողութեան։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ 50։ |
3,086 | Ընկերային Փիլիսոփայութիւն | Ընկերային փիլիսոփայութիւնը գոյութիւն ունի շատ հին օրերէ պատմութեան մէջ:
Մշակոյթի պատմութեան մէջ հասարակութեան մասին առաջին գիտելիքները ձեւաւորուած են հին աշխարհին մէջ, մինչդեռ հասրակութեան մասին գիտութիւնները ձեւաւորուած են շատ աւելի ուշ: Մինչեւ օրս կան որոշ մտածողներ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն հասարակութեան մասին գիտութեան գոյութեան հարցը եւ իրենց տեսակէտը կը հիմնաւորեն` ելլելով անոնցմէ, որ հասարակութիւնը կազմուած է ազատ կամքով եւ ստեղծագործական գործունէութեամբ օժտուած անհատներէ, որոնց գործունէութիւնը օրինաչափութեան չի ենթարկուիր: Այդ իսկ պատճառով ալ հասրակութեան մէջ չկան եւ չեն ալ կրնար ըլլալ առարկայական օրէնքներ եւ օրինաչափութիւններ, եւ նման պարագաներու մէջ խօսիլ հասարակական գիտութեան գոյութեան մասին անիմաստ է:
Գույութիւն ունի նաեւ հակառակ տեսակէտը (օրինակ՝ մարքսիսթներու), համաձայն որուն` հասարակութեան օրէնքները գոյութիւն ունին մարդոց կամքէն ու գիտակցութիւնէն անկախ, եւ հասարակական զարգացման օրէնքներն ու օրիաչափութիւնները նոյնքան առարկայական են եւ անհարժեշտ, որքան բնութեան օրէնքները: Ըստ այդմ ալ նոյնքան առարկայական են հասարակութեան մասին գիտութիւնները, որքանով որ առարկայական են բնութեան մասին գոյութիւն ունեցող գիտութիւնները:
Մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը, փիլիսոփայութեան մէջ գերակայողը եղած է հասարակութեան գաղափարապաշտական մեկնաբանութիւնը: Հասարակութեան զարգացման օրէնքներն ու օրինաչափութիւնները գաղափարապաշտօրէն կը բացատրուէին ոչ միայն գաղափարապաշտները, այլեւ նիւթապաշտները: Եւ ինչպէս յաճախ կ'ըսէին նիւթապաշտները՝ անոնք էինք ներքեւը, այսինքն բնութեան երեւոյթները բացատրելու համար, իսկ գաղափարապաշտները վերն են, այսինքն հասարակական երեւոյթներու բացատրման բնագաւարին մէջ:
== Ծանօթագրութիւններ == |