id
int64
43
24k
title
stringlengths
2
92
article
stringlengths
5
147k
17,189
Աւետիքեան
Աւետիքեան, հայկական մականուն: == Մականունը կրողներ == Ամիկ Աւետիքեան (1915-1988), գիւղատնտես։ Արմենակ Կարապետի Աւետիքեան (19-20-րդ դարեր), մշակութային գործիչ։ Գաբրիէլ Աւետիքեան (1750 կամ 1751-1827), բանասէր, թարգմանիչ, լեզուաբան, քերական-բառարանագիր, աստուածաբան: Երուանդ Մելիքի Աւետիքեան (1904-1980), լրագրող, զինուորական։ Յակոբ Դանիէլի Աւետիքեան (1945) լրագրող, վերլուծաբան, հրապարակախօս, խմբագիր: Ղուկաս Աւետիքեան (1847-1909), հայագէտ, պատմաբան: Ռուզան Աւետիքեան (1978), երգչուհի: Սերժ Աւետիքեան (1955), կինոռեժիսոր, դերասան, սցենարիստ եւ փրոտիւսէր։ Աղաջան Աւետիքեան Պարսկաստանցի հայ վաճառական։ == Ծանօթագրութիւններ ==
5,389
Նուպար Չարխուտեան
Նուպար Չարխուտեան, ծնած է Մարաշ (Կիլիկիա). մանկական-պատանեկան տարիներու կազմաւորման եւ գրական սկզբնական փորձերու շրջանը ապրած է Հալէպի ու Դամասկոսի նման նոր բոյներու մէջ, իր ազգային վէյայտնութեան մաքառումի հանգրուանը բոլորող մեր ժողովուրդի զրկանքներուն եւ գոյապայքարի ճիգերուն հետ (1920-1930ական թուականներ), ընտանեկան տոհմաշունչ՝ տառապանքով ազնուացած եւ աղօթքով ու հաւատքով թերմացած մթնոլորտի մը մէջ։ Նախակրթութիւնը առաջին երեք տարիները Հալէպի մէջ բոլորելէ ետք, 1929-ին ընտանիքին հետ կը հաստատուի Դամասկոս եւ ֆրանսացի կրօնաւորներու երկրորդական վարժարանի դասընթացքը աւարտելէ վերծ 1936-ին, հօրը մահուան հետեւանքով հարկադրաբար կ'ընդմիջէ ուսումը ու մինչեւ 1949 ուսուցչական, հաշուապահական եւ շրջուն քննիչի պաշտօններ վարելէ յետոյ Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ, գրականագիտական պատրաստութիւն կը ստանայ Լիբանանի Սէն Ժոզէֆ եւ Լիոնի ֆրանսական համալսարանէն: Միջնակարգ ուսման տարիներուն իսկ՝ ւրական իր առաջին փորձերը կատարած է ֆրանսերէնով։ Մեզի տրամադրած կենսագրական իր գիծերուն մէջ Նուպար Չարխուտեան յուզումով կը պատկերացնէ իր մանկական եւ պատանեկան տարիներու կեանքի պայմանները եւ կը ճշդէ որ երկար ատեն ֆրանսերէնը եղած է գրական իր լեզուն՝ որովհետեւ տարրական քանի մը տարիներու ընթացքին սորված հայերէնը գրեթէ մոռցած էր, երբ ընթացաւարտ կ'ըլլար ֆրանսական երկրորդական վարժարանէն։ Երկրորդ Աշվարհամարտի ընթացքին Պէյրութի մէջ կը հրատարակուի ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը՝ Poemes, 1949-ին երկրորդը՝ Salome, իսկ 1953-ին՝ Berceuses pour les cadavres: 1952-ին է որ հայերէնով իր թարգմանածոյ եւ ինքնագիր պատմուածքները, բանաստեղծութիւններն ու գրական յօդուածները կը սկսին երեւիլ նախ Ա. Ծառուկեանի «Նայիրի» զաբաթաթերթին, ապա սփիւռքեան պարբերական եւ առօրեայ մամուլի մէջ։ Ուսուցչի, ֆրանսերէն լեզուի եւ ֆրանսական գրականութեան դասախօսի իր պաշտօնավարութեան առընթեր, հայ թէ օտար վարժարաններու, ինչպէս նաեւ Անթիլիասի եւ Զմմառի դպրեվանքերուն մէջ։ Չարխուտեան բեղուն գրիչ մը եղած է վերջին երեսնամեակի գրական մեր կեանքին մէջ, «գրականութիւնը՝ ապրում» դաւանող մարդու մը հրայրքով, ամբողջական նուիրումով եւ գուրգուրանքով՝ հանդէպ գրական գործերու եւ գրագէտներու, ո՛չ այն դասէն՝ որ ենթակայական ծայրայեղութիւններով եւ այլամերժութիւնը խստակրօնութիւն համարող քննադատական ուղղութեան կը յարի, այլ անոնցմէ որոնք, գրական որեւէ իրագործման հանդէպ արուեստի բծախնդրութեան չափ նաե՛ւ յարաբերական պայմաններու նկատառութիւնը արդար արժեւորման մեկնակէտ կը դաւանին։ 1952-էն մինչեւ այսօր, հայերէնով իր քերթողական ու արձակ ստեղծագործութիւններուն կարեւոր մէկ մասը հրատարակած է հետեւեալ հատորներով. «Կայէն՝ անմեղը», «Օրօր՝ դիակներու վրայ», «Արդարներու ոճիռը» եւ «Ունայնութեան ափերը» Քերթողութեան թէ արձակի մէջ, Չարխուտեան՝ մարդ էակին, մարդուն, կեանքին, մարդկայնութեան եւ տմարդութեան, տեսլականին եւ իրականին, իմաստասիրական խորացումներու եւ առարկայականի ներկայացման ճամբով՝ ի՛ր իսկ մտքին ու հոգիին տեւական խռովքը պատմող բանաստեղծն ու վիպագիրն է. բարիին, ազնիւին, մարդկայնականին դաւանող՝ սակայն հակադիր իրականութիւններու ցնցումով յոռետեսութեան հակող գրագէտը, որ համոզուած է թէ մարդը արաչագործութեան հրաշալիքն է, սակայն կը թուի որ «կեանք» կոչուող իրականութեան մէջ սգեղութիւններու եւ անարդարութիւններու սահմանուած զոհն է ան, մի՛շտ սայթաքումի եւ անկումի տրամադիր. «Աստուծոյ պատկերով»՝ սակայն «հիղեղէն»-ի ճակատագրով...: == Ծանօթագրութիւններ ==
4,054
Հաւով ասիական աղցան
Հաւով ասիական աղցան (անգլերէն՝ Chinese chicken salad), հաւու միսով աղցան, համեմուած եւ յարդարուած ըստ չինական խոհարարական բաղադրիչներու եւ արհեստագիտութեան։ Այն տարածուած է Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներուն մէջ։ == Բաղադրութիւն == Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են՝ կարմիր սոխ՝ բարակ շերտերու վերածուած, սխտոր` մանրուած, թարմ կոճապղպեղ (ճինճըր), շաքար, բրինձի ճերմակ քացախ, կծու ձէթ, սոյա թացան, աղ (ըստ փափաքի), հաւու կուրծք` կիսուած, վարունգ` կեղւուած, կուտերը հանուած եւ լուցկիի ցպիկի նման բարակ կտրուած, կարմիր պղպեղ` առանց կուտի եւ ցպիկի նման բարակ կտրուած, լուբիայի ծիլեր, խոշոր մանրուած կարմիր կաղամբ, մանրուած թարմ քըզպարա, մանրուած եւ խարկուած պիստակ։ == Պատրաստութիւն == Փոքր խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնել սոխը, սխտորը, կոճապղպեղը եւ շաքարը: Աւելցնել քացախը, պիստակի իւղը, կծու ձէթը եւ սոյա թացանը եւ լաւ մը խառնել, մինչեւ որ լուծուին: Համեմել աղով`ըստ փափաքի եւ մէկդի ձգել: Ջուր եւ աղ լեցնել՝ ամանի (քասըրոլ) մը մէջ եւ եռացնել: Աւելցնել հաւու կուրծքը, թեթեւցնել կրակը եւ հանդարտօրէն եփել 15 վայրկեան: Մակերեսէն վերցնել փրփուրը, մարել կրակը, գոցել կափարիչը եւ մէկդի ձգել 15 վայրկեան: Հաւու կուրծքը ձգել, որ պաղի, ապա հանել մորթը եւ ոսկորը: Երիզանման կտրել հաւու միսը եւ զետեղել աղցանի ամանին մէջ: Աւելցնել վարունգը, պղպեղը, լուբիայի ծիլերը, վրան տարածել համեմունքը (թացան) եւ խառնել ու դնել մանրուած կաղամբին վրայ: Ցանել քըզպարան եւ պիստակը: == Ծանօթագրութիւններ ==
5,516
Պատրանք
Պատրանք, արտաքին աշխարհի առարկաններու եւ երեւոյթներու աղճատուած արտացոլման տեսակներէն մէկը: Պատրանքները զառանցանքներէն (hallucinations) (զգայապատրանքներէն, զգայախաբկանքներէն) կը տարբերին անով, որ այս դէպքին ընկալուող առարկաները իսկապէս կան եւ կը գտնուին մարդու առջեւ: Պատրանքները ամէնէն առաջ կ'ըլլան ընկալման գործընթացքներուն մէջ։ == Ընդհանուր Նկարագիր == Պատրանքները հոգեկան այն պատկերներն են, որոնք առաջ կու գան որոշակի առարկաներ ընկալելէ եւ անոնց պատկերներու աղճատումներն են։ Պատրանքային պատկերները կը տեղորոշուին անձէն դուրս, շատ ցայտուն են եւ մարդիկ առանց յատուկ բացատրութիւններու եւ զննումներու չեն կրնար գիտակցիլ, իրենց ունեցած հոգեկան պատկերը իրականութեան ճիշդ արտացոլումը չէ։ (Օրինակ, գիշերը ճամբու մը վրայ հեռուէն հազիւ նշմարուող ծառը կրնայ մարդ թուիլ): == Տեսակները == Տեսողական Լսողական Հոտառական Ճանաչման Յիշողութեան Դատողութեան Որոշ պատրանքներ, օրինակ օդացլութիւնը (միրաժ), պայմանաւորուած են ֆիզիքական պատճառներով, միւսները, օրինակ տեսողական պատրանքներու խումբը, բնախօսական (physiological) եւ հոգեբանական պատճառներով, որոնք կապուած են քննարկողներու կառուցուածքի եւ աշխատանքի իւրայատկութիւններու հետ։ == Տե՛ս Նաեւ == Հոգեբանութիւն Բժշկութիւն Ականջ == Աղբիւրներ == Նալչաջեան ԱՅ. ԱՅ. (1984 թ.)։ հոգեբանական բառարան (լոյս հրտրկթն․)։ երեւան։ էջ 240 էջ Նալչաջեան Ա․ Ա․ (1991)։ ընդհանուր հոգեբանութեան հիմունքներ («լոյս» հրտրկթն․)։ երեւան։ էջ 512 ISBN 5-545-00785-7 == Ծանօթագրութիւններ ==
21,246
Հենրիկ Մամեան
Հենրիկ Մամեան (24 Ապրիլ 1934(1934-04-24), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն - 17 Յուլիս 2014(2014-07-17), Երեւան, Հայաստան), հայ ժողովրդական նկարիչ: == Կեանք եւ գործոuնէութիւն == Հենրիկ Մամեան ծնած է Երեւան: 1953 թուականին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստի ուսումնարանը, 1959-ին՝ Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը։ 1960-1964 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի պոլիտեխնիկական հիմնարկին մէջ, 1963-էն՝ Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ․ փրոֆէսոր՝ 1990-էն, 1991-էն՝ ԵՊՃՇԻ-ի մէջ, ամպիոնի վարիչ 1991-էն Հենրիկ Մամեանի աշխատանքները կը ցուցադրուին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ։ Աշխատած է գիրքի ձեւաւորման, քանդակագործութեան եւ գեղանկարչութեան ասպարէզներուն մէջ: == Կոչումներ == 1983-ին՝ Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչ, 2010-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ: == Ծանօթագրութիւններ ==
15,585
Ոդիսական
Ոդիսական (հին յուն․՝ Ὀδυσσεία), Հոմերոսին վերագրուող դիցաբանութիւններէն երկրորդը (Իլիականէն ետք)։ Գրուած է, հաւանաբար, Ք.Ա. 8-րդ դարուն։ Ի տարբերութիւն «Իլիականի»`«Ոդիսականի» նիւթը հերոսական չէ, այլ հեքիաթային, արկածային եւ կենցաղային։ Կը պատմէ Իթաքի կղզիի արքայ Օտիսեւսի`Տրոյեան պատերազմէն ետք տուն վերադառնալու ճանապարհին տասը տարի տեւած արկածախնդրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Իթաքիի մէջ Ոդիսեւսին (Օտիսէաս) սպասող հաւատարիմ կնոջը՝ Փինելոփիին բաժին ինկած փորձութիւններուն մասին։ «Ոդիսականը» նոյնպէս բաժնուած է 24 գիրքերու կամ երգերու։ Կառուցուածքի առումով «Իլիականի» համեմատ «Ոդիսական»ը աւելի բարդ է։ Դիւցազներգութիւնը կը սկսի պատմութեան կէսէն, իսկ նախորդող իրադարձութիւններուն մասին կը տեղեկանանք կեդրոնական երգերէն։ Գլխաւոր հերոսի կերպարը աւելի վառ արտայայտուած է։ == Համառօտ տեղեկութիւններ == Ըստ առասպելին, Տրովադայի պատերազմը (The Trojan War) կը սկսի, երբ չաստուած-արքայ Զեւսը կ'որոշէ նուազեցնել Երկիրի մահկանացու բնակչութեան թիւը` պատերազմ կազմակերպելով յոյներուն (Հոմերոս զանոնք կ'անուանէ աքայացիներ (Achaeans) եւ տրովադացիներուն միջեւ: Ան այդ մէկը կ'ընէ` խառնուելով անոնց քաղաքական եւ զգացական գործերուն: Աքիլլէսի (Ախիլլէաս) ծնողներուն հարսանեկան խնճոյքին ընթացքին, Զեւս կը հրաւիրէ Տրովադացի Բարիս անունով պատանի մը, իբրեւ դատախազ` Հերա (Իրա), Աթինա եւ Աֆրոտիթի աստուածուհիներուն գեղեցկութեան մրցոյթին: Աստուածուհիներէն իւրաքանչիւրը սիրաշահելու համար Բարիսը, կաշառք կ'առաջարկէ անոր: Աֆրոտիթի ամէնէն գրաւիչն էր, ան կը խոստանայ պատանիին տալ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ կինը: Սակայն, խնդրոյ առարկայ կինը` Հելլենը, Զեւսի դուստրը, արդէն ամուսնացած էր ուրիշի մը հետ` Սփարթայի թագաւոր Մենելաոսի հետ: Տարիներ ետք, այլեւս արքայազն Բարիս, Աֆրոտիթիի յորդորով Սփարթա կ՛ երթայ, կը գրաւէ Հելլենի սիրտը եւ անոր հետ միասին, կը փախչին Տրովադա: Մենելաոս կ'երդնու վրէժ լուծել: Ան եղբօր (Աղամեմնոնաս՝ Միկինեսին թագաւոր) օգնութիւնը կը խնդրէ։ Աղամեմնոնաս կը հաւաքէ Յունաստանի մեծագոյն ռազմիկներն ու թագաւորները եւ անոնց բանակները, ներառեալ`Ախիլլէաս (Աքիլլէս) եւ անոր միրմիտոնները, ու կ'ուղղուի նուաճելու Տրովադան եւ Մենելաոսին վերադարձնել կինը՝ Հելլենը: Ըստ Հոմերոսի, այս արիւնալի պատերազմը կը տեւէ 10 տարիներ: Պատերազմին յունական միացեալ զօրքերուն հրամանատարը Աղամեմնոնասն էր։ Յոյներու կողմէ պատերազմին կը մասնակցէին Ախիլլէաս Αχιλλέας, Փաթրոքլոս Πάτροκλος, հնարամիտ Օտիսէաս Οδυσσέα եւ ուրիշներ։ Օտիսէաս (Ոդիսեւս) իր հնարամտութեամբ վերջ կը դնէ Տրոյան պատերազմին։ Անոր խորհուրդով կը պատրաստեն փայտէ հսկայ ձի մը, որուն մէջ կը թաքնուին յոյն զինեալներու լուրջ թիւ մը՝ Ոդիսեւսը անոնցմէ մէկը։ Ձին կը ձգեն քաղաքի դարպասներուն առջեւ, իսկ յունական զօրքը կը թաքնուի հարեւան կղզիներուն մէջ, ձգելով այնպիսի տպաւորութիւն մը, որ յոյները ընդունած են իրենց պարտութիւնը եւ վերադարձած տուն։ Տրոյացիները փայտէ ձին ներս կը տանին եւ կը տօնեն իրենց «յաղթանակը»։ Գիշերով սակայն, երբ խրախճանքէն հարբած տրոյացինեը կը քնանան, յոյն զինեալները ձիէն դուրս կու գան, կը կոտորեն քաղաքին պահակազօրքը եւ կը բանան դարպասները։ Յունական զօրքը կը ներխուժէ Տրովադա, որուն բնակչութիւնը կամ սուրէ կ'անցնի, կամ կը գերի կը տարուի։ Հինաւուրց քաղաքը կրակի կը մատնուի եւ կ'աւերուի։ Հելլէն կը վերադարձուի ամուսնոյն, իսկ յոյները տուն կը մեկնին հսկայական աւարով։ == Համառօտ բովանդակութիւն == Օտիսէասի տուն վերադարձը որ 10 տարի կը տեւէ, լեցուն է արկածախնդրութիւններով։ 20 տարի ետք (10 տարի մասնակցած ըլլալով տրոյեան պատերազմին առաւել 10 տարի տեւած վերադարձը) կը հասնի հայրենիքը՝ Իթաքի կղզին։ Օտիսէասի (Ոդիսեւսի) բացակայութեան առաջին ամիսներուն ծնած էր անոր որդին՝ Թիլեմախոսը Τηλέμαχος։ Միաժամանակ 108 փեսացուներ (μνηστήρες «նշանածներ») կը խնդրէին Փինելոփիին ձեռքը, բայց կը մերժուէին։ Փինելոփի, որպէսզի պահպանէ ամուսինին թագաւորութիւնը, իբրեւ փեսացուի որոշման ժամկէտ կը յայտարարէ որմագորգին լրանալը: Սակայն հնարամիտ Փենելոփին դանդաղ կը գործէր եւ ամէն գիշեր ան, գործածը կը քակէր եւ առաւօտեան նորէն կը սկսէր բանել: Տուն վերադարձած Ոդիսեւսի խորհուրդով, Փինելոփին մրցոյթ մը կը կազմակերպէ։ Փեսացուները Ոդիսեւսի աղեղէն պէտք է նետ արձակեն, որ պիտի անցնէր 12 օղակներու մէջէն։ Ոչ ոք կրնայ նոյնիսկ լարել այդ աղեղը։ Այդ մէկը կը յաջողի իրականացնել Ոդիսեւս, որ ծերունի կերպարանափոխուած էր եւ որդիին հետ մէկտեղ կը կոտորէ բոլոր ներկայ գտնուողները։ Այնուհետեւ որդիին եւ կնոջ հետ կը շարունակէ թագաւորել։ === Օտիսէասին արկածախնդրութիւնները === Օտիսէասի տուն վերադարձը 10 տարի կը տեւէ․ ան ծովերը կը թափառի եւ մինչեւ տուն հասնի, կը կորսնցնէ իր ընկերները։ ==== Քալիփսոսի կղզին ==== Տիաս Էրմիսին միջոցով Քալիփսոսին իր կամքը կը փոխանցէ․ Օտիսէասը ազատ արձակել։ Նաեւ մնացեալ աստուածներուն կը յայտնէ թէ 20 օր ետք Օտիսէաս ապահով, սակայն թափառական Իթաքի պիտի հասնի առանց աստուածներուն օգնութեան, այլ Ֆէաքեսներուն տուած նուէրներով։ Քալիփսօ աստուածները կ՛ այպանէ թէ կը նախանձին որ ան սիրահարուած է պարզ աշխարհական մը, սակայն Զեւսին զայրոյթէն վախնալով, կը յօժարի։ Երբ Քալիփսօ անկամ, Զեւսին կամքը Օտիսէասին կը յայտնէ, ան ծովը սեւեռելով կու լայ, միաժամանակ անոր երդնում ընել կու տայ թէ ուրիշ գէշութիւն ընելու մտադիր չէ։ Անոնք վերջին իրիկունը միասին կ՛ անցընեն։ Յաջորդող չորս օրերուն ընթացքին Ոդիսեւս լաստ մը կը պատրաստէ եւ հինգերորդ օրը Քալիփսօ անոր պարէն կու տայ, ուղղութիւններ եւ ճամբորդութեան համար զօրաւոր հով։ 17 օր ետք սակայն, երբ կը հասնէր Ֆէաքեսներուն երկիրը, Փոսիտոնաս Եթովպիացիներու երկրէն վերադարձին զայն կը տեսնէ եւ զայրացած ծովու խռովութիւն կ՛ առաջացնէ։ Լաստը կը քայքայուի եւ Օտիսէաս ալիքներուն դէմ կը պայքարի։ Լեֆքոթէա աստուածուհին կը մեղքնայ եւ անոր կը նուիրէ փրկարար թաշկինակ մը։ Իսկ Աթինա աստուածուհին ծովը կը հանդարտեցնէ եւ Ոդիսեւս երկու օր ետք Ֆէաքես կղզին կը հասնի, ցամաք կ՛ ելլէ սակայն մերկ ըլլալով թուփերու ետեւ կը պահուըտի։ ==== Օտիսէաս Ֆէաքես կղզիին վրայ ==== Ոդիսեւս, յոգնած կը քնանայ։ Աթինա աստուածուհին Ֆէաքեսի թագաւորին (Ալքինոս) աղջկան՝ Նաֆսիքային երազին մէջ կը յայտնուի կերպանափոխուած անոր ընկերուհիներէն մէկուն։ Նաֆսիքային կը յիշեցնէ թէ հարսնցուի տարիքին հասած է եւ պէտք է գետափ իջնէ ու հագուստները լուայ։ Նաֆսիքա ընկերուհիներուն հետ գետափ կ՛ իջնեն։ Հագուստները կը լուան, կը լոգնան, կը ճաշեն եւ գնդակով կը խաղան ու կ՛ երգեն։ Օտիսէաս ձայներէն կ՛ արթննայ եւ կը փորձէ գուշակել թէ ուր կը գտնուի։ Կ՛ որոշէ թուփերէն դուրս գալ փորձելով մերկութիւնը պահել։ Աղջիկները անոր տեսքին կը շուարին ու կը փախչին։ Նաֆսիքա Աթինային յորդորումով կը մնայ։ Օտիսէաս կը գովէ անոր գեղեցկութիւնը եւ կը մաղթէ ունենայ երջանիկ ամուսնութիւն մը։ Նաֆսիքա կը գնահատէ անոր ազնուութիւնը եւ կը հաւաստիացնէ թէ իրենց երկրին մէջ բարով պիտի ընդունուի։ Ընկերուհիներուն կ՛ ըսէ չվախնան անորմէ։ Օտիսէաս անդին կը լոգնայ եւ Աթինա զայն կը շրջապատէ աստուածային գեղեցկութեամբ։ Նաֆսիքա կը զմայլի եւ Օտիսէասին պալատ կը հրաւիրէ։ Իրիկնամուտին պալատ կը հասնի։ ==== Օտիսէասին յանձնարարութիւնը Ֆէաքեսներուն ==== Ալքինոս թագաւորը Օտիսէաս պալատականներուն կը ներկայացնէ։ Կը հրահանգէ նաւ մը պատրաստուի եւ բոլորին կերուխումի կը հրաւիրէ։ Ան, նաեւ կ՛ երգէ երգ մը Տրոյեան պատերազմէն․ Ախիլէասի եւ Օտիսէասի վիճաբանութիւնը։ Օտիսէաս ինքնութիւն չի յայտնէր, կը յուզուի, սակայն կը յաջողի արցունքները պահել։ Ապա բոլորը միասին շուկայ կ՛ իջնեն, ուր երիտասարդները կը մրցին։ Ոդիսեւսին ալ կը հրաւիրեն՝ քանի ան երիտասարդի ու յաղթանդամի երեւոյթը ունի։ Էվրիալոս զայն կը գրգռէ։ Օտիսէաս կը զայրանայ եւ ամենածանր սկուտեղը բոլորէն հեռու կ՛ արձակէ։ Տեղացիները անխօս կը մնան եւ ան կը յայտնէ թէ Տրոյան պատերազմին առաջիններէն էր։ Ալքինոս թագաւորը կը պատասխանէ վեր առնելով իր հպատակներուն նաւագնացութեան, քէֆի եւ լաւ ժամանցի առաքինութիւնը։ Թագաւորը, հասկնալով թէ Ոդիսեւս պատահական մէկը չէ, իր ազնուականներուն կ՛ առաջարկէ անոր արժէքաւոր նուէրներ նուիրեն։ Խրախճանքի իրիկունը, Տիմոքիքոս կ՛ երգէ «Փայտէ Ձի»ն։ Օտիսէաս կը յուզուի լսելով թէ կ՛ երգուին իր քաջագործութիւնները։ Ալքինոս կը դադրեցնէ խրախճանքը եւ կը սկսի անոր հարցաքննել։ ==== Օտիսէասի խոստովանութիւնը ==== Օտիսէաս կը խօսի Ֆէաքեսներուն։ Կը խոստովանի թէ ով է եւ արկածախնդրութիւններն ու թափառումները կը պատմէ․- Քամիները նաւերը Տրովատայէն Քիքոնես կը տանին։ Ընկերներուն հետ կը կողոպտեն անոնց քաղաքը սակայն գինովցած կը մերժեն մեկնիլ։ Քիքոնեսները կը հակայարձակին եւ Օտիսէաս ընկերներով հազիւ կը հասնին փախչիլ։ Զօրաւոր քամիները անոնց Լոթոֆաղոսներուն կղզին (յունապի ուտողներուն կղզին) կ՛ ուղեն։ Ընկերներէն երեքը յունապի կը համտեսեն եւ կը մոռնան իրենց հայրենիքը եւ կը նախընտրեն հոն մնալ։ Կը ստիպուի անոնվ բռնի առնել եւ հոնկէ մեկնիլ։ Ապա կը հասնին Կիկլոփներուն կղզին։ Օտիսէաս եւ ընկերները կը մտնեն Փոլիֆիմոս կիկլոփին քարայրին մէջ, ուր կիկլեփը ընկերներէն վեցին կուլ կու տայ։ Ի վերջոյ, Օտիսէաս կը յաջողի զանազան խաբէութիւններով Փոլիֆիմոսը գինովցնել ու կուրցնել եի ընկերներուն հետ կղզիէն փախչիլ։ Կը հասնին Էոլոսին (հովերու աստուած) կղզին։ Ան զանոնք կը հիւրասիրէ եւ մեկնումի ատեն Օտիսէասին կու տայ պարկ մը որուն մէջ քամին ամբարած է, ազատ ձգած է միայն արեւմտեան քամին, որպէսզի հանդրատ առանց խնդիրներու իրենց կղզին վերադառնան։ Կը շեշտէ թէ պէտք չէ պարկը բացուի։ Սակայն, ընկերներուն ագահութիւնը պատճառ կ՛ ըլլայ անոնց նաւաբեկութեան․ երբ Օտիսէաս կը քնանար, անոնք պարկը կը բանան, քամիները կ՛ արձակուին եւ ծովու ալիքները զանոնք մարդակերներուն կղզին կը նետեն։Ապա կը շարունակէ պատմել մինչեւ որ մինակ մնացած Ֆէաքես կը հասնի։ == Հայերէն թարգմանութիւնները == 1848-ին Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակչութիւնը գրաբարով լոյս կ՛ընծայէ «Ոդիսական»-ը՝ Հ. Եղիա Վ. Թոմաճանի թարգմանութեամբ։ Գոյութիւն ունի «Ոդիսական»ի երկու աշխարհաբար թարգմանութիւն, որոնք կատարած են Սիմոն Գրքաշարեանը եւ Համազասպ Համբարձումեանը։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Ոդիսականը գրապահարանին մէջ
7,695
Ֆրանսերէն
Ֆրանսերէնը (ֆրանսերէն՝ français, արտասանութիւնը՝ lə fʁɑ̃sɛ կամ la langue française, արտասանութիւնը՝ la lɑ̃ɡ fʁɑ̃sɛz) կը պատկանի Հնդեւրոպական լեզուաընտանիքի Ռոմանական, արեւմտա-իտալական լեզուախումբին։ Ֆրանսերէն կը խօսին աշխարհին 284.4 միլիոն մարդ, ֆրանսերէնը մայրենի լեզու է 110 միլիոն մարդու համար։ Ֆրանսերէնը պաշտօնական լեզու է Ֆրանսայի եւ 29 այլ երկիրներու մէջ։ Լայնօրէն տարածուած է նաեւ ֆրանսական եւ բելգիական նախկին գաղութներուն մէջ՝ Ալճերիա, Թունիս, Սուրիա, Մարոք եւ այլն։ Ըստ աշխարհի լեզուներու դասակարգման ֆրանսերէնը 9-րդն է։ ՄԱԿ-ի պաշտօնական եւ աշխատանքային 6 լեզուներէն մէկն է։ Ֆրանսերէնը մեծաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու պաշտօնական լեզուն է եւ օտար լեզուներու շարքին մէջ ամենաուսումնասիրուածներէն է։ == Պետական Կարգավիճակը == Պետական Կարգավիճակ Ֆրանսայի Մէջ Ըստ Ֆրանսայի սահմանադրութեան՝ ֆրանսերէնը պետական լեզուի կարգավիճակ ստացած է 1992 թուականին։ Բոլոր պաշտօնական փաստաթուղթերը եւ համաձայնագրերը պետք է կազմուի ֆրանսերէնով։ Պետական Կարգավիճակը Քանատայի Մէջ Կը հանդիսանայ Քեպեք փրովինսի պաշտօնական լեզուն եւ ամբողջ Կանադայի ու Նիւ Պրանսուիք գաւառի (ֆրանսերէն՝ Le Nouveau-Brunswick) երկու պաշտօնական լեզուներէն մէկը։ Քեպեքին մէջ, ֆրանսերէնի մասին օրէնքը կը պահանջէ, որ պետական դպրոցներուն մէջ բոլոր աշակերտներու (բացի անգլախօս քանատացի քաղաքացիներու երեխաները) ուսուցումը կը կատարուի ֆրանսերէնով։ Ներկայիս, կը նկատուի ֆրանսերէնի՝ միջազգային կառոյցներուն մէջ գործածման կտրուկ անկում։ Թէեւ ֆրանսերէնը կը պահպանէ աշխարհին մէջ, իր դրական «պատկերը», այնուամենայնիւ այն աւելի ու աւելի քիչ կը գործածուի։ 1995-էն Ֆրանքոֆոնիոյ գրասենեակը ՄԱԿ-ի մէջ ունի դիտորդի դեր։ Այդուհանդերձ անգլերէնը, որպէս աշխատանքային լեզու, ունի գերիշխող դիրք, թէեւ ՄԱԿ-ի անդամ 185 երկիրներէն 56-ը կը հանդիսանան Ֆրանքոֆոնիոյ անդամ, եւ անոնց մեծամասնութիւնը կը խնդրէ ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան իրենց հետ շփումը իրականացնել ֆրանսերէնով։ Ֆրանսերէնի նուազ գործածութիւնը մեծամասամբ պայմանաւորուած է անձնակազմի համալրման պայմաններով (ֆրանսերէնի իմացութիւնը պարտադիր պայման չէ), անգլախօս շրջապատի գերակայութեամբ եւ պիւտճետային կրճատումներով։ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) մէջ, ֆրանսերէնը կը հանդիսանայ պաշտօնական լեզու։ Այս լեզուի ապագան կախուած է անոնցմէ, թէ ինչպիսի դիրք այն կը գրաւէ փոխուող Եւրամիութեան մէջ։ Այստեղ Ֆինլանտայի, Աւստրիոյ, Շուետիոյ անդամագրումը զգալիօրէն նուազեցուց ֆրանսերէնի դիրքերը, որովհետեւ վերոնշեալ երկիրները որպէս յաղորդակցման լեզու կ'օգտագործեն անգլերէնը։ Եւրամիութեան ընդլայնումը աստիճանաբար կը հանգեցնէ Հռոմի համաձայնագրի դրոյթներու իրագործման անհնարինութեան։ Ըստ այս համաձայնագրի՝ բոլոր անդամ-երկիրներու լեզուները կը համարուին Եւրամիութեան պաշտօնական լեզուներ։ Ֆրանսայէն յայտնի լեզուաբան Ռ. Շոտանսոնը առաջ քաշեց կտրուկ առաջարկութիւն. պահպանել երեք պաշտօնական լեզու՝ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն։ Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Լիոնել Ժոսփենի կարծիքով՝ Եւրամիութեան մէջ, լեզուական բազմազանուիւնը կը հանդիսանայ կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը։ Հենց Եւրամիութեան մէջ, ֆրանսերէնի զբաղեցուցած դիրքէն կախուած է՝ որքանով այս լեզուն կը պահպանի աշխարհին իր առաջատար դիրքերը։ Բայց Եւրամիութեան կառոյցներուն մէջ մէկ լեզուն չի կրնար կատարել միակ յաղորդակցման լեզուի գործառոյթներ։ Հենց այդ պատճառով ալ Ֆրանսայի մէջ, աշխատանքներ կը տարուին ՝ ուղղուած ֆրանսերէնի՝ որպէս աշխատանքային լեզուի գործառոյթի ուժեղացման։ == Ծանօթագրութիւններ ==
5,546
Լեւոն Պարտիզպանեան
Լեւոն Ղունկիանոսի Պարտիզպանեան (1887 թուական, Խարբերդի նահանգի, Խարբերդի գաւառի՝ Մեզիրէ քաղաքին մէջ), հայ բժիշկ նաեւ հասարակական-քաղաքական գործիչ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է 1887 թուականին, Խար­բեր­դի նահանգի, Խարբերդի գաւառի՝ Մեզիրէ քաղաքին մէջ։ Հայրը՝ Ղունկիանոս Պարտիզպանեան, երկար տարիներ եղած է Պաքըր-Մատենի քաղաքապետութեան բժիշկը եւ 1907 թուականին մահացած խորհրդաւոր պայմաններու մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Մեզիրէի Կեդրոնական վարժարանէն ներս, այնուհետեւ՝ նոյն քաղաքի Սուլթանի՝ վարժարանէն ներս։ Բնակած է Կոստանդնուպոլսոյ Գատը Գիւղ թաղամասին մէջ։ Եղած է ՀՅԴ Գատը Գիւղի կոմիտէի եռանդուն անդամ։ 1912 թուականին, երբ Արտակարգ դատարանը դադրեցուցած է ՀՅԴ օրկան «Ազա­տա­մար­տ»ի հրատարակութիւնը, ՀՅԴ տպագիր օրկանի դերը կատարած է «Ազ­դա­րա­րը», որուն արտօնատէրն էր Լեւոնը։ 1914 թուականին աւարտած է Կոստանդնուպոլ­ոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը եւ բժիշկի վկայական ստացած։ 1914 թուականին, Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսուելուն պէս, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած` հարիւրապետի աստիճանով։ 1915 թուականի Ապրիլին, զինուորական համազգեստը հագին ձերբակալուած է եւ բանտարկուած Կոստանդնուպոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած Չանղըրը։ Այնուհետեւ շարք մը դաշնակցական մտաւորականներու հետ աքսորուած է Այաշ եւ պահուած տեղի բանտին մէջ։ Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչի՝ 99 հատիկներէն մէկուն վրայ։ Թէոդիկի «Յու­շար­ձան…» գիրքին մէջ ըսուած է, թէ՝ սպանուած է 1915 թուականին, Այաշի ճամբուն վրայ, ի թիւս խումբ մը հայ մտաւորականներու՝ 28 տարեկան հասակին։ Այլ աղբիւրու մէջ յիշատակուած է, որ սպանուած է Տէր Զօրի մէջ։ Մինչդեռ, Գրիգորիս ծ. վրդ. Պալաքեան, զինք կը յիշէ Չանղըրըի աքսորէն վերապրողներու շարքին մէջ։ == Գրականութիւն == Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կոստանդնուպո­լիս, 1919։ Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Վի­են­նա, 1922։ Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատ գամները),Պոսթըն, 1957։ Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։ Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Երեւան, 1991։ Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ալպոմ-ատլաս, Բ. հատոր, Գոյամարտ, 1914-1925, Լոս Անճելըս, 2001։ Աւագեան Կարինէ, Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի, Երեւ­ան, 2002։ Խաչատրեան Լուսինէ եւ Բաբլումեան Արփինէ (կազմողներ), Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923 թուականներ), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Երեւան, 2004։ Աւագեան Կարինէ, «Չան­ղը­րըի 1915 թուական Ապ­րի­լի 11, Յի­շա­տակ»… Թանգարանային ցուցանմոյշը, «Հան­դէս Ամ­սօ­րե­այ», 2008, հ. 1-1։ == Աղբիւրներ == Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։ == Արտաքին յղումներ == Հայ Բժիշկներու Նահատակութիւնը Մեծ Եղեռնի Ընթացքին:
1,824
Ապարանի Դաշտ
Ապարանի դաշտը կամ սարահարթը, տարածուած է Արագածի եւ Ծաղկունեանց լեռներուն միջեւ, Քասաղ գետի հովիտին մէջ՝ ՀՀ Արագածոտնի մարզին մէջ։ == Աշխարհագրական Տուեալներ == Տարածքը մօտ 200 քմ², տարածուած է հիւսիս-արեւմուտքից հարաւ-արեւելք։ Բարձրութիւնը 1800-2000 մ է։ Մակերեւոյթը բլրաալիքավոր է՝ տեղ-տեղ դարաւանդներով ու արտաբերման կոներով։ Ապարանի դաշտի հարաւը կը գտնուի Ապարանի ջրամբարը։ Կան ստորերկրեայ ջուրերու պաշարներ, բազմաթիւ աղբիւրներ։ Տեսարանը լեռնատափաստանային է։ Կը մշակեն գլխաւորաբար ցորեն, գարի եւ բանջարեղէն. զարգացած է անասնապահութիւնը, պանրագործութիւնը եւ թռչնաբուծութիւնը։ Բնորոշ կենդանիներէն են դաշտամուկը, ճագարամուկը, գայլը, աղուէսը, նապաստակը, գորշուկը, դաշտային արտոյտը եւ լորը։ == Կլիմայ == Կլիման չափաւոր ցամաքային է, Յունուարին միջին ջերմաստիճանը՝ -9.6 °C, Յուլիսին՝ 16.6 °C, Ամառը մեղմ է. միջին ջերմաստիճանը՝ 16-էն 32, տարեկան տեղումները՝ 550-650 մմ։ widths="700px" == Ծանօթագրութիւններ ==
19,349
Կարինէ Թորոսեան
Կարինէ Թորոսեան (21 Մայիս 1970(1970-05-21), Պէյրութ, Լիբանան), շարժապատկերի բեմադրիչ: == Կենսագրական գիծեր եւ գործեր == Ծնած է Պէյրութ։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին՝ 1979-ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Քանատա եւ հասակ նետած Թորոնթոյի մէջ, ապա անցած է Փարիզ: Անոր առաջին կարճ ֆիլմը՝ «Վիժընզ»ը (Visions), զոր նկարահանած էր 22 տարեկանին, մաս կազմած է Փարիզի Ճորճ Փոմփիտու (Centre Georges Pompidou) կեդրոնին մէջ, ֆիլմերու ցուցադրութեան յետադարձ (retrospective) ծրագիրին: Անոր հետագայ ֆիլմերը, երբ ան 25 տարեկան էր, ցուցադրուած են «New York Museum of Modern Art»ի «Cineprobe»ի շրջանակէն ներս: 1999-ին, անոր պատուիրած են «experimental» երաժիշտ «Sparklehorse»ի երաժշտութեան հիմամբ իրականացնել կարճ տեսաերիզ մը, որ ստացած է 2000-ի Պերլինի փառատօնի պատուոգիրը: Երկու տարի ետք, վերոյիշեալ երաժիշտի երաժշտութիւնը ներկայացնող «Babies on the Sun»ը, Պերլինի միջազգային փառատօնին ստացած է «Լաւագոյն կարճ ֆիլմ» մրցանակը: Անոր գործերը ընդգրկած են տեսաերիզ մը՝ «System of a Down» խումբին նուիրուած, եւ «Stone, Time, Touch» երկար ժապաւէնը, որ 2007-ին արժանացած է Վարշաւիոյ միջազգային ֆիլմի փառատօնի «Լաւագոյն երկար ֆիլմ» մրցանակին: Նոյն տարին, ան Պերլինի մէջ DAAD արուեստագէտներու բնակութեան (residency) մրցանակը կը ստանայ: == Ծանօթագրութիւններ ==
1,940
Ատել
Ատել Լորի Պլու Էտքինզ (5 Մայիս 1988(1988-05-05)[…], Թոթնըմ, Հերինկէյ), անգլիացի երգչուհի, երգահան, Կրեմմիի բազմակի մրցանակակիր։ == Կենսագրութիւն == Ատել Լորի Պլու Էտքինզ ծնած է 5 Մայիս 1988-ին, Լոնտոն։ Առաջին անգամ հանդէս եկած է դպրոցական բեմին վրայ եւ կատարած՝ երգիչ Գաբրիէլին «Ռայզ» երգը։ Այնուհետեւ ան կը կրէ իր սիրելի երգիչներուն՝ Էթթա Ճեյմսի եւ Թաստի Սփրինկֆիլտի ազդեցութիւնը, խոստովանելով, որ անոնց ձայնագրութիւնները պատահաբար յայտնուած են իր ձեռքը։ Աւարտած է Լոնտոնի ներկայացման արուեստի եւ արուեստագիտութեան դպրոցը։ 2006-ին, ստորագրած է ձայնագրութեան պայմանագիր մը «Էքս Էլ Ռիքորտինկզ»ի հետ երբ իր ընկերներէն մէկը Մայսփէյսի վրայ տեղադրած էր անոր ձայնագրութենէն բաժին մը։ Ուսումը կ'աւարտէ Մայիս 2006-ին։ Երկու ամիս ետք, ան իր երկու յօրինումները կը հրապարակէ PlatformsMagazine.com օնլայն մշակութային ամսագիրին մէջ։ Իր բրիտանական շրջագայութեան կը սկսի Հոկտեմբեր 2007-ին։ Միաժամանակ «Մայ Սփէյս»ի մէջ կը հրապարակուի վաղ տարիքի իր ձայնագրութիւններէն մէկը, ընդ որում իր ձեռք բերած յաջողութեան շնորհիւ, շուտով կը ստանայ իր առաջին պայմանագիրին առաջարկը «Փէյս Մէյքըր Ռեքըրտինկզ»-ի կողմէ եւ կը հրապարակուի իր առաջին մեներգը՝ «Հոմ Թաուն Կլորի»ն։ Երգը իր քաղաքին՝ Թոթնըմի մասին էր, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը շահի։ «Այ Թյունզ»ի կողմէ կ'ընտրուի «շաբթուան լաւագոյն մեներգը», Ապրիլ 2008-ին երգը կը յայտնուի բրիտանական լաւագոյն 40 հիթ-շքերթներուն մէջ։ «Էքս Էլ Ռիքորտինկզ»ի հետ իր կնքած պայմանագիրին իբրեւ արդիւնք՝ Ատել կը հրապարակէ իր 2-րդ երգը՝ «Չէյսինկ Փէյվմինթս», որ մէկ ամիս բրիտանական հիթ-շքերթին երկրորդ հորիզոնականին վրայ կը գտնուի։ 2007-ին կը շահի «Պրիթի քրիթիքս չոյս»ը եւ 2008-ին կը դառնայ Պի Պի Սի-ի «Լաւագոյն ձայն»ի մրցանակակիրը։ Անոր առաջին ձայնասկաւառակը՝ «19»-ը, լոյս կը տեսնէ Յունուար 2008-ին։ Այս ձայնասկաւառակը կ'արժանանայ 4 անգամ լուսնոսկեայ տիտղոսին՝ Անգլիոյ մէջ եւ երկու անգամ՝ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր կը գրաւէ 10-րդ հորիզոնականը։ Կը վաճառուի 500 հազար օրինակով: Մարտ 2008-ին «Քոլումպիա Ռեքըրտս»ի հետ Ատել պայմանագիր մը կը կնքէ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ յաջող շրջագայութիւն մը կ'իրագործէ ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի մէջ։ 2009-ին «Կրեմմի» մրցանակին կ'արժանանայ՝ «Հոմթաուն Կլորի» երգին համար։ 2010 Սեպտեմբերին Պոպ Տիլանի հանրայայտ «Մէյք Եու Ֆիլ Մայ Լաւ» երգին տարբերակը կը կատարէ բրիտանական «Էքս Ֆեքթոր» նախագիծին ընթացքին, որուն շնորհիւ երգը կ'արժանանայ 4-րդ հորիզոնականին։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, 51-րդ Կրեմմիի ընթացքին կ'արժանանայ «Լաւագոյն արուեստագէտ»ի, ինչպէս նաեւ «Տարուան լաւագոյն իգական փոփ ներկայացումի արուեստագէտ»ի տիտղոսներուն։ Սակայն Ատել աւելի հանրայայտ կը դառնայ, երբ կը հրապարակէ իր երկրորդ ձայնասկաւառակը՝ «21»-ը, 2011-ին։ Այս ձայնասկաւառակը 2012-ին շատ մեծ ժողովրդականութիւն կը շահի եւ գնահատանքի կ'արժանանայ: Այս ձայնասկաւառակը Անգլիոյ մէջ 16 անգամ լուսնոսկեայ մրցանակի կ'արժանանայ, իսկ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը մնայ ամէնէն բարձր դիրքին վրայ, երեւոյթ մը, որ 1985-էն ի վեր չէր պատահած։ Ձայնասկաւառակէն աշխարհի տարածքին կը վաճառուի 30 միլիոն կրկնօրինակ։ Երգչուհին ընդհանուր առմամբ կը վաճառէ 40 միլիոն ձայնասկաւառակ եւ 50 միլիոն մեներգ։ «21» ձայնասկաւառակին յաջողութիւնը «ԿԻՆԵՍ»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ կը նշուի իբրեւ պատմութեան մէջ «Պիլպորտ հաթ 100»ի մէջ երեք հետեւողական լաւագոյն երգեր ունեցող առաջին կինը։ 2012-ին Թայմզ ամսաթերթը Ատելը կը նշէ իբրեւ տարուան «Աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ կինը»։ 2013-ին կը ստանայ երեք համաշխարհային գնահատանքներ՝ «Սքայֆոլ» երգին գերազանց յաջողութեան համար։ 22 Հոկտեմբեր 2015-ին կը hրապարակէ իր նոր խտասալիկին՝ «Ատել 25»-ին, առաջին երգը՝ «Հելլօ»ն։ == Անձնական կեանք == 2012-էն Ատել ամուսնացած է Սայմըն Քոնեքիի հետ։ Ունի մէկ զաւակ՝ Անճելօ Ճէյմս Քոնեքի, որ ծնած է 19 Հոկտեմբեր 2012-ին։ == Ծանօթագրութիւններ ==
5,169
Նոքալաքեւի
Նոքալաքեւի (վրաց.՝ ნოქალაქევი, բառացի՝ վայր, ուր եղած է քաղաք, հին յուն․՝ ἀρχαῖος πόλις — հին քաղաք), քաղաք-ամրոց արեւմտեան Վրաստանի մէջ՝ Սենակիի մունիցիպալիտետի մէջ։ Եղած է Լազիկէի մայրաքաղաքը։ Այս վայրին մէջ գտնուած է Այա լեգենդար քաղաքը, ուր, ըստ աւանդութեան, եկած են արգոնաւորդները։ == Պատմութիւն == Նոքալաքեւիի մէջ հինէն տեղակայուած է, որ եղած վրացական մեծ քաղաք։ Վրացի հեղինակները զայն կոչած են Արքեոպոլիս, սակայն աւելի հին վրացական ժամանակագրութիւններուն մէջ ան յայտնի է Ցիխէ Գոջի անուամբ։ Պատմական ժամանակագրութեան համաձայն՝ քաղաքը հիմնադրուած է Լազիկէի էրիսթաւի Քուջիի կողմէն մ.թ. III դարուն։ Ցիխէ Գոջին Լազիկեի մայրաքաղաքը եղած է IV—VIII դարերուն։ Բիւզանդիոնի ու Սասանեան Պարսկաստանի միջեւ մղուող Լազիկէի պատերազմի հիմնական գործողութիւնները տեղի ունեցած են հենց մայրաքաղաքի շրջակայքին մէջ։ Պատերազմի ժամանակ քաղաքը դիմակայած է երկու պաշարման, սակայն երրորդի ժամանակ գրաւուած է պարսիկներու կողմէն (554 թուական)։ Լազիկէի ու բիւզանդական միացեալ զօրքերը շուտով կը վերագրաւեն քաղաքը։ 697 թուականին քաղաքին մէջ կը տեղակայուին Լազիկէի մէջ արաբական հիմնական կայազորները։ 737/738 թուականին քաղաք կը ներխուժէ արաբ զօրավար Մարուան II-ը եւ կ՛աւերէ զայն։ Այդ ժամանակ քաղաքի բնակչութեան մեծ մասը կը կոտորուի կամ ստիպուած կ՝ ըլլայ փախչիլ դէպի հիւսիս՝ Ինգուրի գետի ափամերձ տարածքները։ Արաբական տիրապետութեան շրջանին քաղաքը կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին կորսնցուց իր նախկին նշանակութիւնը ու վերածուեցաւ փոքրիկ գիւղի։ Նոքալաքեւին նորէն սկսաւ զարգանալ XVI—XVIII դարերուն, երբ քաղաքը դարձաւ Օդիշիի տիրակալներու նստավայր։ == Պատկերասրահ == == Գրականութիւն == ზაქარაია პ., ლომოური ნ., ლიქვინაძე ს., ნოქალაქევის ექსპედიციის 1973 წლის მუშაობის მოკლე ანგარიში, წიგნ.,։საქართველოს სახელმწიფო მუზეუმის არქეოლოგიური ექსპედიციები, ტ. 4, თბ., 1975 ლომოური ნ., ეგრისის სამეფოს ისტოyhiyრია, ტბ., 1968 ყაუხჩიშვილი ს., ლექციები ბიზანტიის ისტორიიდან, ტ. 1, თბ., 1948 == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Веб-страница музея Археополис // Энциклопедический словарь Брокгауза и Ефрона ։ в 86 т. (82 т. и 4 доп.). — СПб., 1890—1907.
20,493
Նապոլեոն I
Նապոլեոն Բոնապարտը, ծնվել է 1769 թ. Օգոստոսի 15-ին Այաչյոյում և մահացել է 1821 թ. Մայիսի 5-ին Իլ Սենտ-Հելենում 22 Յունիս 1815, Նապոլէոն Ա անունով: Չարլզ Բոնապարտի և Լետիցիա Ռամոլինոյի երկրորդ երեխան ՝ Նապոլեոն Բոնապարտը 1793 թ.-ին դարձավ հեղափոխությունից ծնված Ֆրանսիայի Առաջին Հանրապետության բանակի գեներալը, որտեղ նա, մասնավորապես, Իտալիայի, ապա նաև Արևելքի բանակի գլխավոր հրամանատարն էր: , Իշխանության գալով 1799 թվականին Բրումերի պետական ​​հեղաշրջմամբ, նա առաջին հյուպատոսն էր ՝ ցմահ հյուպատոս 1802 թվականի օգոստոսի 2-ից - մինչև 1804 թվականի մայիսի 18-ը, երբ կայսրությունը հռչակվեց սենատ-հյուպատոսի կողմից, որին հաջորդեց պլեբիսցիտ Նա պսակվեց կայսր, Փարիզի Աստվածամոր տաճարում, 1804 թվականի դեկտեմբերի 2-ին, Պիոս VII պապի կողմից: Նրա կինը ՝ կայսրուհի osոզեֆին դը Բոհարնան, նույնպես սուրբ է: Նա գլխավորեց ֆրանսիական բանակները Իտալիայից Նեղոս և Ավստրիայից մինչև Պրուսիա և Լեհաստան. Բոնապարտի (Արկոլ, Ռիվոլի, Պիրամիդես, Մարենգո, Աուստերլից, Յենա, Ֆրիդլենդ) բազմաթիվ և փայլուն հաղթանակները արագ ռազմական արշավներում տեղաբաշխեց առաջին չորսը կոալիցիաներ Հաջորդական խաղաղությունը, որը վերջ տվեց այս կոալիցիաներից յուրաքանչյուրին, ամրապնդեց Ֆրանսիան և Նապոլեոնին տվեց իշխանության այնպիսի աստիճան, որը մինչ այժմ հազվադեպ էր հավասարվում Եվրոպայում ՝ Թիլսիտի խաղաղության ժամանակ (1807): Նապոլեոնը ընդմիշտ բարեփոխեց Պետությունը ՝ վերականգնելով նրա հեղինակությունն ու առաջնահերթությունը: Ֆրանսիան լուրջ բարեփոխումների է ենթարկվում, որոնք Նապոլեոնին դարձնում են ժամանակակից ֆրանսիական հաստատությունների հիմնադիր հայրերից մեկը: Այս իմաստով, Նապոլեոնի կոդավորումները, ներառյալ 1804 քաղաքացիական օրենսգիրքը, հնարավորություն տվեցին ամրապնդել անհատական ​​ազատությունները կամ քաղաքացիների հավասարությունը օրենքի առջև ՝ օգտագործելով սինթեզ որոշակի հեղափոխական շահերի երաշխավորմամբ և ավանդական սկզբունքների վերսկսմամբ հին ռեժիմը: Ֆրանսիայի վարչակազմը վերակազմավորվում է ՝ բաժանմունքներում պրեֆեկտների ստեղծմամբ: Նմանապես, առաջացավ նոր արժույթ ՝ ֆրանկ, մինչ ստեղծվեց Ֆրանսիայի դահլիճը: Պետական ​​խորհուրդը նույնպես ստեղծվում է, ինչպես ավագ դպրոցները: Նապոլեոնը նաև փորձեց ուժեղացնել արտերկրում գտնվող Անսիեն Ռեգիմեի ֆրանսիական գաղութատիրական ռեժիմը, մասնավորապես ստրկության վերականգնումը 1802 թվականին, որն առաջացրեց Սեն-Դոմինգու պատերազմը (1802-1803) և այս գաղութի վերջնական կորուստը: Նապոլեոնը 1812 թվականին իր առավելագույն տարածքով հասցրեց ֆրանսիական տարածքը 134 բաժանմունքներով ՝ Հռոմը, Համբուրգը, Բարսելոնան կամ Ամստերդամը վերափոխելով ֆրանսիական գերատեսչությունների մայրաքաղաքների: Նա նաև Իտալիայի Հանրապետության Նախագահն էր 1802-1805 թվականներին, Իտալիայի թագավորը 1805-1814 թվականներին, Շվեյցարիայի Համադաշնության միջնորդ 1803-1813 թվականներին և Հռենոսի Համադաշնության պաշտպան 1806-1813 թվականներին: Հաղթանակները նրան հնարավորություն տվեցին կցվել Հսկայական տարածքների Ֆրանսիա և կառավարել մայրցամաքային Եվրոպայի մեծ մասը ՝ իր ընտանիքի անդամներին մի քանի թագավորությունների գահին դնելով. Josephոզեֆը Նեապոլում, ապա Իսպանիայում, Լուիը ՝ Հոլանդիայում, éերոմը ՝ Վեստֆալիայում և նրա խնամին ՝ Յոահիմ Մուրատը Նեապոլում , Նա նաև ստեղծեց Վարշավայի Դքսություն ՝ առանց պաշտոնապես վերականգնելով Լեհաստանի անկախությունը և ժամանակավորապես ենթարկվեց իր ազդեցությանը պարտված տերություններին, ինչպիսիք էին Պրուսիայի Թագավորությունը և Ավստրիայի կայսրությունը: Իր կյանքի ընթացքում ոսկե լեգենդի առարկա լինելը որպես սև լեգենդ, նա իր մեծ հեղինակության համար պարտական ​​է բազում հաղթանակներով պարգևատրված ռազմական հմտությանը, ինչպես նաև զարմանալի քաղաքական հետագծին, բայց նաև բռնապետական ​​և շատ կենտրոնացված ռեժիմին, քան նրա հավակնություններին: , ինչը հանգեցնում է մահացու պատերազմների (Պորտուգալիայում, Իսպանիայում և Ռուսաստանում) հարյուր հազարավոր զոհվածների և վիրավորների, զինվորականների և քաղաքացիական անձանց ամբողջ Եվրոպայի համար: Նա համարվում է պատմության մեջ ամենամեծ հրամանատարներից մեկը, իսկ նրա պատերազմներն ու արշավանքները ուսումնասիրվում են աշխարհի ռազմական դպրոցներում:
2,568
Գնդակ (մարզական)
Գնդակ, առանձգական նիւթէն պատրաստուած հաւկթաձեւ կամ կլոր մարզակիր, որուն երբ դպչինք ետ կը թռչի։ Հիմնականը, կ'օգտագործուի խաղային մարզաձեւերուն (ոտնագնդակ, կողովագնդակ, Վոլլիպոլ, հանպոլ, թենիս, ջրագնդակ եւ այլն), ինչպէս նաեւ՝ գեղարուեստական մարմնամարզութիւններուն։։ == Գնդակներու Տեսակներ == == Ծանօթագրութիւններ ==
23,117
Վոլթեր
Վոլթեր (ֆրանսերէն՝ Voltaire, 21 Նոյեմբեր 1694(1694-11-21), Փարիզ, Ֆրանսայի Թագաւորութիւն - 30 Մայիս 1778(1778-05-30)[…], Փարիզ, Ֆրանսայի Թագաւորութիւն, բուն անունով՝ Ֆրանսուա-Մարի Արուէ, ֆրանսերէն՝ François Marie Arouet, Voltaire բառը իր ազգանունին լատինացած ձեւով եւ ֆրանսերէն le jeune (երիտասարդ) բառակապակցութեան սկզբնատառերով կազմուած AROVET LI արտայայտութեան շրջագրութիւնն է), ԺԸ. դարու ֆրանսացի մեծագոյն լուսաւորիչ-փիլիսոփաներէն մէկն է, ծանօթ է նաեւ իբրեւ բանաստեղծ, արձակագիր, երգիծաբան, պատմաբան, հրապարակախօս, փաստաբան, վոլթերականութիւն փիլիսոփայական ուղղութեան հիմնադիր։ Ան ունեցած է բեղուն գրիչ, ձգած է աւելի քան 20,000 նամակ եւ 2,000 գիրք։ Եղած է ֆրանսական կաճառին անդամ (1746)։ Եղած է ընկերային բարեփոխումներու ջատագով, Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մոլի քննադատ (թէեւ անոր կը պատկանի նշանաւոր արտայայտությունը. «Եթէ Աստուած չ'ըլլար, ապա պէտք պիտի ըլլար զայն յօրինելը»)։ Ըստ կարգ մը տուեալներու անոր IQ-ի ցուցանիշը մօտաւորապէս 190 եղած է ։ == Կեանք եւ գործունէութիւն == Ֆրանսուա-Մարի Արուէ՝ Վոլթերը ծնած է Փարիզի մէջ: Ան իրաւաբան Ֆրանսուա Արուէի ընտանիքին հինգ երեխաներէն ամէնէն փոքրն էր։ Մայրը՝ Մարի Մարկարիթ տ'Օմարը ունեցած է ազնուական ծագում։ Ուսած է ժէզուիթական քոլէճին մէջ 1704-1711, ուր սորված է լատիներէն եւ յունարէն։ Հետագային տիրապետած է նաեւ իտալերէն, սպաներէն եւ անգլերէն լեզուներուն։ Հակառակ հօր փափաքին, որ կ'ուզէր, որ Վոլթեր իրաւաբան դառնար, ան կը սկսի զբաղիլ գրական գործունէութեամբ։ Վոլթերին սրամտութիւնը կը նպաստէ, որ ան հանրածանօթ դառնայ որոշ ազնուական ընտանիքներու մէջ, որոնց հետ շփումներ կ'ունենար։ Հայրը կը միջամտէ, որ ան իբրեւ քարտուղար աշխատի Նիտըրլենտի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ։ Աւարտած է Ժիզուիթական քոլէճը։ 1717-ին իր գրութիւններուն համար բանտարկուած է Պասթիլի մէջ, 1726-ին, արտաքսուած է Անգլիա։ Հոնկէ ստացած իր տպաւորութիւնները արտացոլող «Փիլիսոփայական նամակներ»-ուն մէջ (1733) Վոլթեր ցոյց տուած է, որ Անգլիոյ հասարակարգը նախընտրելի է ֆրանսիականէն, ուր կ'իշխէ բացարձակ միապետութիւնը։ Ֆրանսական խորհրդարանին որոշումով գիրքը այրած է (1734)։ Վոլթեր 10 տարի ապրած է Մարքիզ տիւ Շաթլէի տան մէջ, 1745-էն՝ Լուդովիկոս ԺԵ.-ի, 1750-էն մինչեւ 1753՝ պրուսական թագաւոր Ֆրետերիք Բ.-ի արքունիքին մէջ։ 1758-էն հաստատուած է Ֆեռնէի կալուածին մէջ (Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ սահմանագիծին )։ 1760-ական թուականներուն սրած է պայքարը ընդդէմ կաթոլիկ եկեղեցւոյ, «ճզմեցէք սողունը» (այսինքն՝ կաթոլիկ եկեղեցին) բառերը դարձել են Վոլտերի նշանաբանը։ Այդ տարիներուն ան հանդէս եկած է կրօնական մոլեռանդութեան զոհերու պաշտպանութեամբ (Կալասի գործը, 1762)։ Աննա Մարիա 16 տարեկանին քանդակած է իր առաջին մոմէ արձանը, որ կը մարմնաւորէր ֆրանսացի գրագէտ-փիլիսոփայ Ֆրանսուա Վոլթերը: == Վոլթերի խօսքերէն == == Ծանօթագրութիւններ ==
5,786
Մօրիս Ռաւէլ
Մօրիս Ռաւէլ (ֆրանսերէն՝ Joseph Maurice Ravel, 7 Մարտ, 1875, Սիպուր - 28 Դեկտեմբեր, 1937, Փարիզ), ֆրանսացի երգահան, նուագավար, տպաւորչական (իմփրեսիոնիստ), 20-րդ դարի երաժշտութեան բարեկարգիչներէն։ == Կենսագրութիւն == Ֆրանսացի երգահան-իմփրեսիոնիստ, նուագավար Մօրիս Ռաւէլ ծնած է 1875 թ. Մարտ 7-ին։ Ան 20-րդ դարու խոշորագոյն արուեստագետներէն է, դաշնամուրային նոր ոճի սկզբնաւորողներէն, երաժշտութեան մէջ զարգացուցած է իմփրեսիոնիզմի սկզբունքները։ Մօրիս Ռաւէլի հայրը զուիցերիացի էր, մայրը՝ պասքացի։ 1882 թ. աշակերտած է Անրի Կիզին (դաշնամուր), 1887 թ.՝ Շառլ Ռընէին (ներդաշնակագիտութիւն)։ 1905 թ. աւարտած է Փարիզի երաժշտանոցի դաշնամուրի (դասատու՝ Շառլ Ուիլֆրիտ տը Պերիօ) եւ ստեղծագործական (դասատու՝ Գաբրիէլ Ֆօրէ) բաժինները։ Անոր վաղ շրջանի գործերը կրեր են Էրիք Սաթիի, Քլօտ Տեպիւսիի, Նիքոլայ Ռիմսքի-Քորսաքովի, Մոտեսթ Մուսորկսքիի, Ալեքսանդր Պորոտինի ազդեցութիւնը: 1900-ական թուականներուն ճանչցուած է երաժշտական փոքր ստեղծագործութեանց վարպետ։ 1905-1914 թուականներուն՝ ստեղծագործական առաւել բեղուն շրջանին, հաստատուեր են Ռաւէլի արուեստի սկզբունքները, բիւրեղացեր է անոր ինքնատիպ, վառ ու գունեղ ոճը։1915–1917 թթ. ան կամաւոր մասնակցած է Առաջին համաշխարհային պատերազմին (1914–1918 թթ.)։ 1917 թուականին Ռաւէլ գրած է «Կուպերէնի դամբարանը» դաշնամուրային շարքը, որ նուիրած է պատերազմին զոհուած իր ընկերներու յիշատակին։ Յետպատերազմեան տարիներուն նուագայարդարն իր ստեղծագործութեան մէջ առաւել կարեւորած է տրամաթիկական խստաշունչ կերպարներու դերը, աւելի զուսպ դարձուցած արտայայտման եղանակը։ Իբրեւ դաշնակահար եւ նուագավար՝ Ռաւէլ մեծ յաջողութեամբ ելոյթներ ունեցած է Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի մէջ։ Դաշնամուրային նոր՝ իմփրեսիոնիստական ոճի ստեղծագործութիւններէն են «Ջուրի խաղը» երաժշտական երկը, «Արտացոլումներ» եւ «Գիշերային տեսիլներ» շարքերը։ «Սպանական ժամ», «Մանուկն ու հրաշքը» օփերաներուն, «Բնական պատմութիւններ» վոկալ շարքին մէջ դրսեւորուած են անոր նուաճումները երաժշտական արտասանութեան ոլորտին մէջ։ «Դափնէ եւ Քլովէ», «Վալս», «Պոլերօ» պալէներով եւ նուագախմբային «Սպանական ռափսոտիայով» Ռաւէլ ճանչցուած է տաղանդաւոր սիմֆոնիստ եւ գործիքաւորման չգերազանցուած վարպետ (լաւագոյններէն է նաեւ Մ. Մուսորկսքիի «Պատկերներ ցուցահանդէսէն» դաշնամուրային սիւիթներու շարքի նուագախմբային փոխադրումը)։ 1925 թ. Ռաւէլ ավարտած է «Մանուկն ու հրաշքը» նորարարական օփերան, ուր առաջին անգամ օգտագործած է իր ստեղծած գործիքը՝ էլիոֆոնը (նմանակած է քամիի ձայները)։ 1932 թ. ան անուանի դաշնակահարուհի Մարկըրիթ Լոնկի հետ հիւրախաղերով շրջագայած է Եւրոպայի մէջ։ Ինքնաշարժի վթարի պատճառով անաւարտ թողած է «Ժանն տ՛Արք» պալէն։ Երգահանն իր վերջին՝ «Երեք երգ» ստեղծագործութիւնը գրած է «Տոն Քիխոթ» ֆիլմի (1933 թ.) գլխաւոր դերակատար, ռուս նշանաւոր երգիչ Ֆեոտոր Շալիափինի համար։ Ռաւէլի երկերուն մեծ մասը սերտօրէն կ՛առնչուի սպանական թեմատիկային եւ երաժշտութեանը։ Անոր գործերուն բնորոշ է պարային ժանրերու եւ ռիթմերու ուրոյն վերաիմաստաւորումը։ Ճազային երաժշտութեան տարրեր կան ձախ ձեռքին համար գրած դաշնամուրի քոնչերթոյի մէջ (նվիրած է պատերազմին աջ ձեռքը կորսնցուցած աւստրիացի դաշնակահար Փաուլ Վիթկենշթայնին) եւ ջութակի ու դաշնամուրի սոնաթին մէջ։ Կեանքի վերջին տարիներուն ծանր հիւանդութռան պատճառով գրեթէ չէ ստեղծագործած։ Ռաւէլ եղած է Օքսֆորտի համալսարանի պատուաւոր տոքթոր (1928 թ.): == Հիմնական ստեղծագործութիւնները == «Պաւան Ինֆանթայի մահուան կապակցութեամբ» (1899) «Ջուրի խաղը» դաշնամուրի համար (1901) «Արտացոլումները» դաշնամուրի համար (1905) «Սպանական ռափսոտիա» սիմֆոնիկ նուագախումբի համար (1907) «Սպանական ժամ», օփերա (1907) «Գիշերային Գասպար», կամ «Գիշերուան ուրուականները» դաշնամուրի համար (1908) «Դափնէ եւ Քլովէ», պալէ (1912) «Կուպերէնի շիրիմը» (1917) «Մանուկը եւ կախարդանքը», օփերա (1925) «Պոլերօ» սիմֆոնիկ նուագախումբի համար (1928) Համերգ № 1 սոլ մաժոր դաշնամուրի եւ նուագախումբի համար Համերգ № 2 րէ մաժոր դաշնամուրի (միայն ձախ ձեռքով) եւ նուագախումբի համար, նուիրված է Փաուլ Վիթկենշթայնին «Գնչուհի», համերգային ռափսոտիա ջութակի եւ դաշնամուրի (նուագախումբի) համար (1924) == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Ռաւէլ Մօրիս Ռաւէլ Մօրիս, կենսագրական Ravel's Trio for Piano, Violin and Cello
15,297
Հին Հայաստանի Քաղաքակրթութիւնն ու Մշակոյթը
Հայկական մշակոյթին արմատները շատ հին են, անոնք սկիզբ կ'առնեն նախահայկական ժամանակներէն եւ մեզի ծանօթ են հերոսներու մասին պատմուած առասպելներէն, կրօնական հաւատալիքներէն եւ հին բնակավայրերու պեղումներէն յայտնաբերուած արուեստի գործերու միջոցով: Յայտնի են Հայկի ու Բէլի, Արամ նահապետի, Արա Գեղեցիկի ու Շամիրամի, Վահագնի եւ Տորք Անգեղի մասին յօրինուած առասպելախառն պատմութիւնները, որոնք մեզի հասած են շնորհիւ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի: === Հնագոյն Ակունքներ === Հայաստան շատ հարուստ է պատմական արժէք ներկայացնող հնութիւններով, որոնք բաց թանգարանի մը երեւոյթը կու տան մեր երկրին: Նոր քարի եւ պրոնզի դարերէն մնացած են բազմաթիւ բնակավայրեր (Շէնգաւիթ, Շրէշ բլուր), դամբարաններ (Լճաշէն, Վանաձոր), ժայռապատկերներ (Արագածի, Գեղամայ եւ Զանգեզուրի լեռներ), ամրոցներ եւ այլն: Պեղումներէն հանուած են առատ նիւթեր՝ քարէ, փայտէ, կաւէ եւ մետաղէ զէնքեր, զարդեր, արձանիկներ, կուժեր, գործիքներ եւ կենցաղային ուրիշ իրեր: Մեծամօրի մետաղաձուլարանը եղած է հին Արեւելքի մետաղամշակման առաջնակարգ կեդրոններէն մէկը: Ժայռապատկերները՝ իրենց աշխատանքի, որսորդական կեանքի, կրօնական-ծիսական արարողութիւններու տեսարաններով՝ կը ցոլացնեն Հայաստանի հին բնակիչներուն կենցաղն ու հաւատալիքները: Հայկական մշակոյթի զարգացման մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւէ Վանի թագաւորութեան ժամանակաշրջանը (Թ.-Է. դարեր): Շինարարական արուեստը, կաւէ ու մետաղեայ զէնքերու, զարդերու պատրաստութիւնը իրենց բարձր որակով հասան այն աստիճանին, որ անոնք կը մրցէին Ասորեստանի, Բաբելոնի եւ հին Արեւելքի միւս երկիրներու քաղաքակրթութեանց հետ: Վանի ուրարտական թագաւորութեան քայքայումէն ետք արուեստներն ու մշակոյթը եւս որոշ ատեն մը անկում կրեց, բայց յաջորդ դարերուն Հայաստանի քաղաքակրթութիւնը հետզհետէ վերականգնեցաւ: Այդ մասին մենք ունինք Քսենոֆոնի վկայութիւնները հայկական գիւղական բնակավայրերու եւ սատրապական աշտարակաւոր պալատներու մասին: Արին բերդի եւ Արմաւիրի պեղումներէն ցարդ յայտնաբերուած կաւէ սափորները եւ արծաթէ զարդեղէնները որոշ փաստեր են, որ գէթ երկրի իշխող խաւի շրջաններուն մէջ վառ կը պահուէին հինէն ժառանգուած քաղաքակրթութիւնն ու աւանդութիւնները: Աղեքսանդր Մակետոնացիի նուաճումներէն ետք (Դ. դար) Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ կը սկսի Հելլենիզմի դարաշրջանը: Աղեքսանդրի յաջորդներուն հիմնած պետութեանց մէջ գործածական կը դառնայ յունարէնը՝ մասնաւորաբար իշխող խաւի եւ քաղաքային բնակչութեանց շրջանակներուն մէջ։ Տարբեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցական լեզու դարձած յունարէնին հետ լայն չափերով մուտք կը գործէ նաեւ հելլենական բարձր մշակոյթը, որուն տարածման կը սատարեն Յունաստանէն եւ Մակեդոնիայէն եկող բազմաթիւ պաշտօնեաներ, զինուորականներ, վաճառականներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ: Տեղական-արեւելեան եւ յունական մշակոյթներու տարրերուն միաձուլումով հետզհետէ կը ստեղծուի նոր մշակոյթ մը, որուն կու տանք հելլենիստական անունը: Արեւելքի շատ մը երկիրներ հելլենիզմի եւ յունարէնի ազդեցութեան ենթարկուելով ժամանակի ընթացքին կորսնցուցին իրենց ինքնուրոյնութիւնը եւ հելլենացումը: Նման ճակատագիր ունեցան մասնաւորաբար Փոքր Ասիոյ հին երկիրները, որոնք Հելլենիզմի դարաշրջանին կը պահէին տակաւին իրենց պատմական անունները (Կապադովկիա, Պոնտոս, Կիիկիա, Գաղատիա, Բիւթանիա եւ այլն), բայց անոնց յունախօս բնակչութիւնը մեծ մասով հելլենացած էր: Հայաստանի մէջ եւս ստեղծուեցաւ հելլենիստական մշակոյթ: Սելեւկեան պետութեան կեդրոններուն մերձակայ շրջաններուն՝ Ծոփքի, Քոմմակէնի եւ Փոքր Հայքի մէջ անոր ազդեցութիւնը աւելի զօրաւոր էր քան Մեծ Հայքի թագաւորութեան մէջ։ Հոս, հելլենիզմի ազդեցութիւնը զգալի էր գերազանցապէս արքունիքին, ազնուանականութեան եւ քաղաքներու բնակչութեան վերնախաւին մէջ, մինչ գաւառի ժողովուրդը կը շարունակէր ապրիլ իր նահապետական հինաւուրց կեանքով, պահելով հայ ժողովուրդին ազգային մշակոյթն ու աւանդութիւնները: Այս եղաւ պատճառը, որ հելլենիստական մշակոյթը իւրացնելով հանդերձ, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր սեփական դիմագիծը: Ընդհակառակն, նոր մշակոյթին տարրերը օգտագործուեցան հարստացնելու համար հայկական ինքնուրոյն մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը: == Ծանօթագրութիւններ == Հայոց Պատմութիւն, Երուանդ Փամպուքեան եւ Վլադիմիր Բարխուդարեան, Է. Կարգերու, Պէյրութ, 1998
7,138
Ալեքս Փիլիպոս
Ալեքս Փիլիպոս (1888-1966) ցցուած մարդասէր, առեւտրական, մեծ քանակով աճեցնող սեխ եւ հիմնադիրը Րոզ Եւ Ալեկս Հայկական Դպրոց։ Հաւատարուած էր թէ ինք ամենամեծ արտադրող կանտալուպը Գալիֆօրնիայի մէջ։ == Կենսագրութիւն == Հայկական արշաւանքին, Ալեքս Փիլիպոս ծնած է Խարբերդ, Մամուրեդ Ալ Ազիզ Վիլայէթը, Օսմանեան կայսրութեան 1888 ։ 1905-ին Փիլիպոս բնակեցաւ Ֆրեզնօ, Գալիֆօրնիա։ Ալեքս Փիլիպոսի հայրը ըսաւ իրեն թէ հող գնէ Սան Ճոագին Ձորը։ Հողը գնելէն եւ սկսիլ ցանելէն ետք, Փիլիպոս սորվեցաւ ճարտարապետութիւն Հարաւային Գալիֆօրնիայի Համալսարանը, Լոս Անճելոսի մէջ։ Նաեւ ան գնաց կանոնի դպրոց USC, ուր իր սենեակիցը էր Ուիլիըմ Սարոյեանին հօրեղբայրը՝ Արամ Սարոյեան։ Փիլիպոս մտաւ երկրագործական առեւտրականութեան մէջ Արքայութեան Ձորին մէջ իր ընկերակիցներուն հետ՝ Արբաքսատ Սեդրակեան եւ Հերի Քարեան, երկուքէն ալ ետքը եշան մեծ հողատէրեր անձնական (Քարեան Գոչելա Ձորին մէջ եւ Սեդրաքեան Սան Ճոագի Ձորին մէջ)։ 1940-ին վերջերը, Փիլիպոս եւ իր պզտիկ եղբայրը՝ Ստեփան հաստատեցին յաջող սեխի արտադրութեան գործարան Մենտօդայի մէջ։ Իր ագարակը հաստատուած էր Էլ Սենդօյի մօտը, Գալիֆօրնիա եւ 400 ակր էր։ Եղբայրները ծանօթացուցին նոր տեսակի հունտեր որ գնեցին Սուրիայէն։ Իրենք զարգացուցին նոր փաթեթաւորմեր սեխերու եւ բարելաւումներ ըրին տեսակի սեխերուն եւ փաթեթաւորմը որ հանդիպիմ շուկայի պահանջները։ Ստեփան Փիլիպոս զարգացուց գնահատումը եւ դասաւորումը մեքենաներուն որ բարելաւեն փաթեթաւորումին ընթացքը։ Ինք խնամակալ յանձնաժողովին անդամ էր Աեւմտեան Աճեցնող Ընկերակցութիւնը։ Տենչացող խորունկ ձկնորս եւ զօրաւոր նաւու խանդաւարեալ, ինք պահպանեց տուն մը Լիտօ Այսլ, Գալիֆօրնիայի մէջ։ Ան մեռաւ Ֆրեզնօ, Գալիֆօրնիայի մէջ 1966-ին։ == Մարդասիրութիւն == Ալեքս Փիլիպոս մարդասէր էր որ հաստատեցին Հայկական Ուսումնական Հիմնադրութինը եւ օգնեցին Գալիֆօրնիա Հայկական Տունը եւ Հայկական որբանոցը Սուրիոյ, Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ։ Ալեքս Փիլիպոսի մահէն ետք, իր տիկինը, Րոզ օգնեց հիմնադրութիւնը հաստատութեան Րօզին եւ Ալեքս Փիլիպոս Հայկական Դպրոց 1969-ին։ Իր եղբայրը՝ Ստեփան եւ քենը՝ Լուսիլ երկուքըն ալ օգնեցին դպրոցը։ == Ծանօթագրութիւններ ==
202
15 Սեպտեմբեր
15 Սեպտեմբեր, տարուան 258-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 259-րդ) օրն է Տարուան աւարտին կը մնայ 137 օր == Դէպքեր == 1988․ Թորոնթոյի Մափլ Լիֆ Կարտընս մարզադաշտին մէջ (Քանատա) տեղի կ՛ ունենայ Մարդու Իրաւունքներ, Հի՛մա շարժումին նուիրուած համաշխարհային շրջապտոյտին 8-րդ համերգը == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:15 Սեպտեմբերի ծնածներ 1877՝Լեւոն Աթաբեկեան (մ.1918), բանաստեղծ, բժիշկ 1890՝ Ակաթա Քրիսթի (անգլերէն՝ Agatha Christie մ.1976), անգլիացի կին գրող 1905՝ Վարդան Աճեմեան (մ.1977), թատերական խմբավար 1915`Շաւարշ Քահանայ Պալըմեան, (մ․ 1993)․ հոգեւորական, հասարակական գործիչ, ուսումնասիրող եւ յօդուածագիր 1954՝ Հրանդ Տինք (թրք.՝ Hrant Dink, ծն.2007, Իսթանպուլ), պոլսահայ լրագրող == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:15 Սեպտեմբերի մահացածներ 1991՝ Տոլորես Զօհրապ-Լիպման (անգլերէն՝ Dolores Zohrab Liebmann, ծն․1896), ամերիկահայ հասարակական գործիչ == Տօներ == Ակախութեան օր (Սպանիայէն, 1821)՝ Սալուատոր, Կուաթեմալայ, Հոնտուրաս, Նիքարակուա, Քոսթա Ռիքայ ԱՄՆ Միացեալ նահանգներ՝ սպանական մշակոյթային ժառանգութեան ամսուայ սկիզբը == Ծանօթագրութիւններ ==
1,063
6 Յունուար
6 Յունուար, տարուան 6-րդ օրն է։ 5 Յունուար 6 Յունուար 7 Յունուար == Դէպքեր == 1198, Լեւոն Բ.-ի թագադրութիւնը Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ 1912, Նիւ Մեքսիքոն (անգլերէն՝ ) դարձաւ 47-րդ միացեալ նահանգը 1929, Մայր Թերեզան ժամանեց Կալկաթա, Հնդկաստան՝ հիւանդները եւ աղքատները խնամելու 1992, յեղաշրջումի պատճառաւ Վրաստանի նախագահ Զվիատ Կամսախուրտիան հեռացաւ երկիրէն == Ծնունդներ == 1412, Ժանն տ'Արք (ֆրանսերէն՝ Jeanne d'Arc, մ.1431) Ֆրանսայի ազգային հերոս 1822, Գաբրիէլ Սեւեան (մ.1900) հայ բժիշկ 1920, Կարպիս Ճանճիկեան (մ.1946) == Մահեր == 1944, Արսէն Պալեան (ծն․1889), կրթական մշակ, յօդուածագիր, ազգային գործիչ 1969, Շալվա Նուցուպիձէ (վրաց.՝ შალვა ნუცუბიძე, ծն.1888) վրացի փիլիսոփայ, գրականագէտ == Տօներ == Սբ.Ծնունդ (Հայ Առաքելական Եկեղեցի)
5,867
Ս. Ստեփանոս Նախավկայ
Ս․ Ստեփանոս Նախավկայ, Ստեփանոս անունը յունարէն է, կը նշանակէ պսակ), Ա. դարու քրիստոնեայ, հելլենական հրեայ. անդրանիկ վկան, որ իր արիւնը թափած է՝ Յիսուս Քրիստոսը Աստուծոյ Որդի վկայելով։ Մէկը Յիսուսի եօթանասուներկու աշակերտներէն, զոր, ուրիշ վեց հոգիներու հետ, նախնական եկեղեցին Պետրոս առաքեալի առաջնորդութեամբ կարգած է եկեղեցւոյ սեղանի սպասաւոր (սարկաւագ)։ == Վաղ Պատանութիւն == Վարքագրական աղբիւրներու համաձայն` Ստեփանոս սերած էր Յուդայի թագաւորական զարմէն։ Յիսուսի մահուան դատավճիռին կայացման ատեն, դեռ պատանի ըլլալով, Կայիափա քահանայապետին ծառան էր։ Երբ Տիրոջ տունը կը տանին, Ստեփանոսն իր գլխու վարշամակը կը փռէ Երկնաւոր Վարդապետին ոտքերուն տակ եւ կը մօտենայ անոր` ցոյց տալով իր անդաւաճան ու անկեղծ սէրը: Բայց ատիկա կը զայրացնէ քահանայապետը, որ կը վտարէ Ստեփանոսը: Պատանին ականատես կ'ըլլայ Տիրոջ մահուան ու թաղման, բայց Աստուածորդիին հրաշափառ յարութեամբ վերստին ուրախութիւն կ'ապրի առաքեալներուն հետ: Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին` սուրբը կ'երթայ առաքեալներուն քով` մկրտուելով Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն կողմէ: Մկրտութեան պահուն, ջուրին վրայ կ'երեւի լուսապսակ մը, որ կու գայ կը հանգչի սուրբին վրայ։ Այս զարմանահրաշ դէպքէն ետք անոր կու տան «Ստեփանոս» անունը, որ կը նշանակէ պսակաւոր: == Ստեփանոս Յիսուս Քրիստոսի Քարոզիչ == Ստեփանոսին համար տաճարը շէնք մը չէր, այլեւ՝ կառուցուածք մը, ուր պէտք էր բան մը փոխուէր տիրող մտայնութեան մէջ։ Սակայն նախանձախնդիր հրեաներուն համար բաւական չէր, որ նման միտքեր արտայայտողը առաջնորդուէր դատարան, ուր պիտի կրկնէր ան իր համոզումները։ Ս. Գիրքը Ստեփանոս Նախավկային մասին կը վկայէ, որ ան լցուած էր աստուածային «շնորհներով եւ զօրութեամբ» եւ «... ժողովուրդին մէջ զարմանալի գործեր եւ մեծամեծ նշաններ կ'ընէր»։ Ս. Ստեփանոսն Աստուծմէ տրուած շնորհներով եւ զօրութեամբ հրաշքներ կը գործէր: Ժողովարանէն շատերը կը վիճէին անոր հետ, բայց ոչ ոք կրնար դէմ կանգնիլ այն իմաստութեան ու Հոգիին, որմով ան կը խօսէր: Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ քարոզած է Յիսուս Քրիստոսը, որուն պատճառով արտասահմանէն եկած հրեաները Ստեփանոս Նախավկային դէմ գրգռած են Երուսաղէմի հրեայ ժողովուրդը, քահանաներն ու օրէնսգէտերը եւ զինք յանձնած բարձրագոյն ատեանին, ուր Ս. Ստեփանոսին պատիժը սահմանուած էր արդէն։ == Հալածանք Եւ Մահ == Ի պատասխան այդ բանսարկութեան՝ Ստեփանոս Նախավկան ատեանին մէջ սկսած է Ս. Հոգիով մեկնել Հին կտակարանը, թէ՝ բոլոր մարգարէները նախապէս վկայած են Արդարին՝ Մեսիային՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստը։ Եւ եզրափակելով՝ ըսած է. «Ձեր հայրերը մարգարէներէն զո՞վ չհալածեցին։ Եւ սպաննեցին անոնք, որոնք նախօրօք պատմած էին Արդարին գալստեան մասին, որուն մատնիչներն ու սպաննողները եղաք դուք այժմ, դուք, որ հրեշտակներու հրամաններու միջոցով օրէնքն ստացաք, բայց զայն չպահեցիք»։ Ս. Ստեփանոսն ատեանին մէջ արտասանած իր պաշտպանական այս ճառով կ'ապացուցէ ներկաներուն, որ Յիսուս է խոստացեալ Մեսիան, իսկ հրեաները կը յանդիմանէ իրենց խստասրտութեան համար: Այդ պատճառով Զինք քաղաքէն դուրս կը տանին քարկոծելու` իրենց զգեստները դնելով Սաւուղ անունով երիտասարդի մը ոտքերուն առջեւ: (Սաւուղը Պօղոս առաքեալն է, որ սկիզբը կը հալածէր քրիստոնեաները: Սակայն ան ալ Աստուծոյ ողորմութեամբ կը ճանչնայ ճշմարիտ Աստուածը` Յիսուս Քրիստոսը` հետագային դառնալով Աւետարանի ամէնէն եռանդուն քարոզիչը): Երբ Երուսաղէմի շրջակայքը, զայն քարկոծելով կը սպաննէին, ան բացագանչած է. «Ահա կը տեսնեմ երկինքը բացուած եւ մարդու Որդին, որ կանգնած է Աստուծոյ աջ կողմը»։ Ստեփանոս Նախավկան, Աստուծմէ թողութիւն խնդրելով զինք քարկոծողներուն համար, ըսած է.«Տէր թող այս մեղքը գործողները չծանրանայ անոնց վրայ», ապա մահացած է։ Անոր սպաննութեան ականատես եւ կամակից Սօղոսը (ապագայ Պօղոս առաքեալը) հետագային, դարձի գալէն ետք, գրած է. Ըստ վկայագիրներու՝ Ստեփանոս Նախավկան թաղած են Գամաղիէլը (Պօղոս առաքեալին ուսուցիչը) եւ Նիկոդեմոսը (Յիսուսին ծածուկ աշակերտներէն)՝ իրենց ագարակին մէջ, ուր հետագային թաղած են նաեւ զիրենք։ Այնուհետեւ Ստեփանոս Նախավկային տապանակը Յուլիանէ իշխանուհին (նահատակուած է Դ. դարու սկիզբը) ամփոփած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Հետագային անոր մասունքները տեղափոխած են Վենետիկ եւ դրած՝ Ս. Գէորգ կղզիին Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ամէն տարի կը տօնեն անոր Ս. յիշատակը։ == Ս. Ստեփանոս Նախավկային Տօնը == Ս. Ստեփանոս քրիստոնէութեան հաւատքին առաջին նախավկան ըլլալուն, Հայ եկեղեցին անոր շնորհած է նախավկայ կոչումը եւ ամէն տարի յատուկ արարողութեամբ կը յաւերժացնէ անոր յիշատակը՝ Դեկտեմբեր ամսուան վերջին շաբաթը, 25 Դեկտեմբերին կամ յաջորդ օրը (եթէ 25 Դեկտեմբերը Կիրակի կամ պահոց ըլլայ), յունադաւան եկեղեցիները՝ 27 Դեկտեմբերին եւ 2 Օգոստոսին, Կաթոլիկ եկեղեցին՝ 26 Դեկտեմբերին, 7 Մայիսին եւ 3 Օգոստոսին։ Ստեփանոս Նախավկան անդրանիկ վկան է, որ իր նահատակութեամբ ճամբայ բացած է հետագայ վկաներուն ու մարտիրոսներուն։ Եկեղեցւոյ հայրերն ու վարդապետները ներբողականներ հիւսած են Ս. Ստեփանոս Նախավկային մասին, որոնցմէ նշանաւոր են Եփրեմ Ասորիի, Պրոկղի, Գրիգոր Նիւսացիի եւ Օգոստինոսի ներբողեան ճառերը։ == Ս. Ստեփանոս Նախավկային Անունով Վանքեր == Ստեփանոս Նախավկայի անունով Հայաստանի մէջ վանքեր ու մատուռներ կառուցուած են, որոնցմէ նշանաւոր են Ջուղայի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ, Դարաշամբի Ս.Ստեփանոս Նախավկայ, Դողսի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ, Աստապատի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքերը։ === Ատրպատականի Վանքը === Ս. Ստեփանոս նախավկային վանքը կը գտնուի Ատրպատականի հայոց թեմի հոգեւոր իշխանութեան տակ, Ճուլֆայէն 16 քմ. դէպի արեւմուտք եւ ծովու մակերեսէն 890 մ. բարձրութեան վրայ, Դարաշամբ շրջանին մէջ, ուր նաեւ կը գտնուի համանուն հայկական գիւղը: Եկեղեցւոյ անունը, որ նաեւ վանքին անունն է, կնքուած է ի յիշատակ քրիստոնէութեան համար նահատակուած Ս. Ստեփանոս նախավկային: Վանքին հիմնադրութեան մասին կան տարբեր կարծիքներ: Հայ պատմիչներէն շատեր կ'ըսեն, թէ անիկա հիմնուած է Քրիստոսի 12 առաքեալներէն Ս. Բարթողիմէոսի կողմէ, Ա. դարուն, Քրիստոսի յարութենէն ետք, երբ աշակերտները սկսած են քարոզել Աւետարանը: Եկեղեցին ունի երեք մաս` զանգակատունը, բուն եկեղեցին եւ նախկին Ս. Պօղոս-Պետրոս մատուռ: Վանքը պաշտպանուած է բարձր պարիսպներով, որոնք ունին նաեւ եօթը աշտարակ: Դարպասը կը գտնուի արեւմտեան կողմը, իսկ դպրեվանքը` շրջափակին մէջ, ուրկէ աւարտած շրջանաւարտները կը ծառայեն եկեղեցւոյ` իբրեւ հոգեւորականներ: Ամէն տարի Ս. Ստեփանոսի տօնին եւ վանքին անուանակոչութեան առիթով թեմի առաջնորդը հոգեւորականութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ կ'այցելեն վանք, ուր կը մատուցուի Ս. պատարագ` ի յիշատակ քրիստոնէութեան առաջին մարտիրոս Ս. Ստեփանոս նախավկային: Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնին տնօրէնը հայալեզու մամլոյ ներկայացուցիչներուն բացատրութիւն տալով ըսած է, թէ Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, որ կը պատկանի Սէֆեան դարաշրջանին, 500-400 տարուան անցեալ ունի: Վերջերս պարզուած է, որ Ս. Ստեփանոսի մէջ աշխատող վարպետը, երբ տեղափոխուած է Նոր Ջուղա, Սպահան, աշխատած է որոշ եկեղեցիներու մէջ, ուր կարելի է տեսնել նոյն բարձրաքանդակները եւ նոյն մանրանկարչութիւնները: Իւրայատուկ է Դարաշամբ գիւղին գմբէթը: Աշխարհի վրայ նման բան գոյութիւն չունի, որովհետեւ թէ՛ մզկիթաձեւ է եւ թէ՛ եկեղեցաձեւ է: === Շիկահող Գիւղին Ս. Ստեփանոս Վանքին Վերակառուցումը === 2016-ի ամառը «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ կ'իրականացնէ վերականգնողական ծրագիր մը։ Կամաւորներու կողմէ իրականացուած ամառնային երեք արշաւներէ եւ հնագէտներու, տեղացիներու եւ արուեստագէտներու աջակցութեամբ չորս տարիներու վրայ երկարող ջանքերու շնորհիւ, կարելի եղած է ամբողջացնել Շիկահող գիւղի ԺԶ. դարէն մնացած Ս. Ստեփանոս Նախավկայ եկեղեցւոյ վերաշինութիւնն ու վերաօծումը։ Ամբողջ ծրագիրին ընթացքին, Սփիւռքէն մօտաւորապէս 60 կամաւոր մասնակցած է վերաշինութեան աշխատանքին։ == Աղբիւրներ == Արեւելք Լրատուական 11 Դեկտեմբեր, 2016 Ազատ օր, Կիրակի 11 Դեկտեմբեր, 2016 == Ծանօթագրութիւններ ==
21,562
Վարդաջուր
Վարդաջուր, գեղաբոյր ջուր, ստացուած վարդի թերթիկներէն։ Կը գործածուի անուշահոտերու պատրաստութեան, զանազան անուշեղէններու եւ ճաշերու մէջ։ Ունի նաեւ բժշկական եւ կրօնական գործածութիւն։ == Պատմական Անդրադարձ == Հաւանական է, որ Պարսկաստանի Սասանեան Հարստութեան շրջանին, Վարդի տարբեր տեսակներ կը մշակուէին՝ ստանալու համար վարդի իւղ, անուշահոտ եւ վարդաջուր: Պարսկաստանի մէջ ծանօթ էր «կոլապ» golāb անունով, իսկ Բիւզանդական կայսրութեան մէջ՝ «զուլափին» (zoulápin)։ Հին ժամանակներէն վարդը ունեցած է բժշկական եւ սննդական գործածութիւն, ինչպէս նաեւ եղած է անուշահոտի պատրաստութեան գլխաւոր բաղկացուցիչներէն։ Հին յոյները, հռոմէացիներն ու փիւնիկեցիները մեծ կարեւորութիւն կու տային վարդի պարտէզներու մշակման։ == Հակիրճ Տեղեկութիւններ == Վարդաջուրը կը ստացուի վարդի թերթիկներու թորումով․ այս գործառնութիւնը առաջին անգամ զարգացած է Պարսկաստանի մէջ։ === Վարդաջուրի Գործածութիւնը === ==== Ուտելիք ==== Վարդաջուրը նրբահոտ ըլլալով, կը գործածուի Պարսկաստանի, Միջին Արեւելքի եւ Միջերկրականի աւազանի արեւելեան շրջաններու խոհանոցներուն մէջ․ անուշեղէններու պատրաստութեան՝ մատոլաթօ, հրուշակի ծաղ, պտղամածնիտ, հանգստապատառ, մահլեպի (կիպրական, պահքի անուշեղէն), նուշի հայս, եւ այլն։ Պարսկաստանի, Հնդկաստանի, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն մէջ պաղպաղակի, թէյի, լիմոնի օշարակի եւ կարգ մը կաթնեղէններու բաղկացուցիչ տարրերէն է, իսկ Մալեզիա եւ Սինկափուր վարդաջուրով կաթը կը լուծուի ալքոլով եւ կը վերածուի՝ պանտունկ bandung ըմպելիի։ Անգլիոյ Եորքշայր շրջանին մէջ, վարդաջուրը կը գործածուի ծանօթ եւ սիրուած քըրտ (curd) կաթնեղէնի պատրաստութեան համար։ ==== Վարդի Օշարակ ==== Վարդի օշարակը կը պատրաստուի վարդաջուրով եւ շաքարով։ ==== Գեղադեղ ==== Վարդաջուրը անուշահոտերու եւ ծեփուկներու գլխաւոր բաղադրիչն է։ Միջնադարեան Եւրոպայի մէջ, վարդաջուրը կ'օգտագործուէր անուշահոտերու, ձեռքերը լուալու եւ ճաշասեղանը մաքրելու համար։ Հնդկաստանի աւանդական բժշկութեան մէջ վարդաջուրի կաթիլները կ'օգտագործուին աչքերու մաքրութեան համար, իսկ իբրեւ հեղուկի ցայտուկ՝ կը սրսկեն դէմքին եւ մարմինին վրայ։ Անցեալին, հնդկական հարսանիքներուն հիւրերուն վարդաջուր կ'առաջարկէին։Վարդաջուրը օգտագործուած է նաեւ Հին Եգիպտոսի մէջ: Անիկա կղէոպատրա թագուհիին գեղեցկութեան գաղտնիքն էր՝ կանանց գեղեցկութեան մեծ կերպարը: Վարդաջուրը ունի հակաօքսիտան, հակաբորբոքային յատկութիւններ։ Վէրքեր եւ կտրուածքներ վիրակապելու պարագային, անիկա կը բուժէ վէրքերը եւ կը մաքրէ զանոնք մանրէներէն։ Կը բուժէ սպիները։ Կ'օգնէ մազերու արագ եւ առողջ աճին: Կ'օգտագործուի ծակոտիները մաքրելու համար։ Ձմրան վարդաջուրը կարելի է օգտագործել ցուրտ եղանակին մաշած, չոր ու ճաքճքած մաշկը պաշտպանելու համար։ Անիկա կը փափուկցնէ մաշկը եւ զայն կը պահէ ​​խոնաւ: Վարդաջուրը կը նուազեցնէ մաշկային հիւանդութիւններու ախտանիշները, ինչպէս՝ էկզեման եւ սունկերը: Վարդի ջուրը կը նուազեցնէ աչքերու տակ գտնուող պարկերը: Վարդի ջուրը բնական միջոց է դիմայարդարումէն ետք դէմքը մաքրելու համար։ Գլխացաւի լուծում է։ Արդիւնաւէտ է շնչառական հարցերը մեղմելու համար՝ հանգստացնելով կոկորդի ցաւը: Վարդաջուրը կ'օգտագործուի ակռաներու եւ լինտերու վարակներու, ինչպէս նաեւ բերանի տհաճ հոտը լուծելու համար: Անիկա կը վերացնէ լինտերու ցաւը։ Կը խոնաւցնէ եւ կը սնուցանէ շուրթերը: Կ'օգնէ պնդութեան: ==== Կրօնք ==== Վարդաջուրը իբրեւ անուշահոտ կը գործածուի մահմետական, հինտուիզմ, քրիստոնէական արեւելեան (եկեղեցիներու) եւ զրադաշտական ծէսերուն։ == Վարդաջուրի Փառատօն == Ամէն տարի գարնան, կեդրոնական Կոլապկիր Պարսկաստան կը կատարուի վարդերու փառատօնը․ այցելուներ եւ զբօսաշրջիկներ ձեռքով վարդի ծաղիկներ կը քաղեն եւ վարդաջուրի՝ «կոլապ» golâb (պարսկ․՝ گلاب) պատրաստութեան կը մասնակցին։ Պարսկաստան կ'արտադրէ աշխարհի վարդաջուրի 90% : Ամէն տարի Մայիսի սկիզբին, Իրանի Ֆարս եւ միւս նահանգներէն մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կը մասնակցին Մեյմանտի ծաղիկներու եւ վարդերու փառատօնին, որուն ընթացքին կ'այցելեն դամասկեան վարդի այգիներ եւ կը հետեւին ծաղիկները քաղելու ընթացքին, ինչպէս նաեւ կը ծանօթանան այնպիսի աւանդական արարողութիւններու հետ, ինչպէս վարդաջուրի թորումը: == Տե՛ս նաեւ == Վարդի իւղ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Կոլապկիրի(անգլերէն) Վարդերու հովիտը, Պուլկարիա(յունարէն) Վարդաջուրի Փառատօն
4,856
Յակոբ Ալխազեան
Ալխազեան Յակոբ (1 Յունուար 1826 – 2 Նոյեմբեր 1896, Փեթերսպուրկ), հայ զինուորական։ == Կենսագրութիւն == Ռուսաց պետութեան հայազգի նշանաւոր զինուորական, չքաւոր ծնողներու որդի, ծնած է 1826 թուականին։ Ուսումն ստացած է Տփխիսի (Թիֆլիս) «Զինուորական վարժարան»ին մէջ եւ զինուորական ծառայութեան մտած։ 1863 թուականին մասնակցելով Լեհական ապստամբութեան դէմ մղած գործողութիւններուն՝ աչքի ինկած է քաջութիւններով եւ սկսած՝ արագութեամբ առաջանալ, իսկ 1874 թուականին՝ Կովկասի 19-րդ զօրաբաժինի հրամանատար նշանակուած։ 1877 թուականին, նախ՝ Քութայիսի եւ ապա՝ Սուխումի զօրաբաժինի հրամանատար եղած է, իսկ 1877-78 Ռուս-Տաճկական պատերազմի ժամանակ մեծ քաջութիւններ ցուցաբերած՝ եւ միեւնոյն ժամանակ Աբխազ, Ուբուխ, Շափաղ եւ այլ լեռնականներու մէջ մղած գործողութիւններուն գլխաւոր կարգադրիչ զօրապետի պաշտօն կատարած է։ 1885 թուականին Ռուսական 3-րդ զօրաբանակի հրամանատար անուանուած է՝ Ռուսիոյ առեւմտեան սահմաններուն վրայ։ 1894 թուականին հրաժարելով պաշտօնէն, նշանակ Փեթերսպուրկի արքունի «Զինուորական խորհրդ»ի անդամ, որ պաշտօնին մէջ մեռած է 1896 թուականին՝ Փեթերսպուրկի մէջ։ Մարմինը բերուած է Տփխիս եւ թաղուած՝ Վանք-մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ։ == Աղբիւր == Բառարան Հայ Կենսագրութեանց, Հայկ ՏԷր-Աստուածատուրեանց, Ա. հատոր, Թիֆլիս 1904, էջ 58:
19,011
Արա Տարզի Թերզեան
Լորտ Արա Տարզի Թերզեան Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, փրոֆեսոր։ Բրիտանահայ ականաւոր վիրաբոյժ, Առողջապահական համաշխարհային նորարարութիւններու հիմնարկի նախագահ, Մեծն Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախկին նախարար : Արա մասնագէտ մըն է յատկապէս մարդամեքենաներով եւ նուազագոյն բացուածքներէ կատարուող վիրաբուժական գործողութիւններու: Հայաստանի Գիտութեան եւ Արհեստագիտութիւններու հիմնադրամի (FAST) կառավարման խորհուրդի անդամ է: == Կենսագրութիւն == Լորտ կամ ասպետ (սըր) Արա Տարզի Թերզեան ծնած է 7 Մայիս 1960-ին, Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատ։ Հայրը՝ Վարդգէս Տարզին, 1915 թ., ցեղասպանութիւնէն մազապուրծ, հասեր էր Իրաք։ Ան մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ Է, կրթութիւն ստացեր էր Քալիֆորնիա, Պըրքլիի համալսարանէն: === Մանկութեան շրջանը === Մանկության մեծ մասը Արա Տարզին անցուցած է Իրլանտայի Տապլին քաղաքին մէջ, ուր հաստատուեր էր Թերզյեններու ընտանիքը։ Տապլինի մէջ ալ «Թերզեան» մականունը կամ ազգանունը իրլանդացիներու թեթեւ ձեռքով վերափոխուեցաւ «Տարզիի»։ Վարդգէս Տարզին իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Մեր ընտանիքը իսկական հայկական ընտանիք է, շատ համերաշխ ու համախմբուած, եւ ես իմ որդիին դաստիարակեր եմ հայկական ոգիով»։ Արա Տարզին նախնական կրթութիւնը Տապլինի մէջ ստանալէն յետոյ յստակ որոշեց իր մասնագիտական ուղղութիւնը. այդ բժշկագիտութիւնն էր։ Մինչդեռ հայրը շատ կ'ուզէր ու կ'երազէր, որ որդին երթայ իր հետքերով։ === Կրթութիւն === Լորտ Արա Տարզի Թերզեան ստացեր է բժշկական փայլուն կրթութիւն։ Ստացեր է Տապլինի բժշկական համալսարանի վիրաբուժութեանան կաճառը, Մեծ Բրիտանիայի վիրաբուժութեան արքայական համալսարանի, վիրաբուժութեան Ամերիկեան համալսարանի, Կլազկոյի վիրաբուժութեան եւ բժշկագիտութեան արքայական համալսարանի, Էտինպըրկի վիրաբուժութեան համալսարանի, Լոնտոնի բժշկագիտութեան ակադեմիայի, Արքայական գիտաարուեստներու ակադեմիայի տիպլոմներ։ === Առողջապահութեան նախարար === Յունիս 2007ին, Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն յայտնի վիրաբոյժ Արա Տարզին (Թերզեան) նշանակեց առողջապահութեան նախարար: Ան Բրիտանիոյ նախորդ կառավարութեան վիրաբուժական հարցերու խորհրդատուն էր:իր իրագործումներուն համար ասպետի (սըր) կոչում ստացած է Բրիտանիոյ թագուհիէն 2003ին: Ան նոյն տարին Բրիտանիոյ քաղաքացիութիւն ստացած էր : === Լորտ Արա Տարզի Կոչ Կ՛ուղղէ Մեծն Բրիտանիոյ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը === «The Guardian»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ, Տարզի նշած է, որ կ՛ողջունէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը եւ մտահոգուած է նման գործընթացի բացակայութեամբ՝ Բրիտանիոյ կառավարութեան կողմէ: === Բրիտանական Գիտութեան ընկերակցութեան նախագահ === 26 Օգոստոս 2020ին, Մեծն Բրիտանիոյ հեղինակաւոր British Science Association-ը կը տեղեկացնէ, թէ 2020 Սեպտեմբերէն ընկերակցութեան նախագահ կը դառնայ աշխարհահռչակ վիրաբոյժ փրոֆ. լորտ Արա Տարզի աֆ Տենհամ (Արա Վարդգէս Թերզեան): Տարզի, որ նախապէս վարած է Միացեալ Թագաւորութեան Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը, ծանօթ անուն մը դարձած է յատկապէս մանր մարդամեքենաներու (robots) միջոցով վիրահատութեան ռահվիրայի իր հանգամանքով:, == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Pioneering surgeon and former health minister, Professor Ara Darzi, announced as incoming President of the British Science Association Լորտ Արա Տարզի կոչ կ՛ընէ Մեծ Բրիտանիոյ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը November 8, 2019 ԱՐՍԷՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ, ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ, ԼՈՐՏ ԱՐԱ ՏԱՐԶԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ COVID-19-Ի ԹԵՄԱՅՈՎ ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐԻՆ 2020-03-31
5,806
Ռիատ
Էր Ռիատ կամ Ռիատ (արաբերէն՝ الرياض‎), Սաուտեան Արաբիոյ մայրաքաղաք։ Էր Ռիատը համանուն երկրին վարչական կերրոնն է, ինչպէս նաեւ թագաւորութեան ամենաբարձր շինութեան՝ Kingdom Centre-ի գտնուելու վայրը։ Ըստ 2010 թուականի բնակչութեան գնահատման Էր Ռիատի բնակչութիւնը կը կազմէ 4 878 473 մարդ։ == Անուանում == Քաղաքի անուանումը ծագած է հին արաբերէնով rawdha բառէն, որ կը նշանակէ այգիներու եւ ծառերու վայր։ Իրականութեան մէջ նաեւ քաղաքի փողոցներուն մէջ շատ են կանաչ տարածուիւնները։ == Պատմութիւն == Մոտ 4 հազար տարի առաջ ժամանակակից Էր Ռիատի տարածքին մէջ կ'ապրէին արաբական քոչուոր ցեղեր։ 18-րդ դարի սկիզբներուն Էր Ռիատը դարձաւ ուահհաբիտներու կեդրոն։ 1821 թուականին դարձաւ ուահհաբիտներու էմիրայութեան մայրաքաղաք Սաուտցիներու թագաւորութեան օրով։ 1902 թուականին Նաճտ շրջանի կեդրոնն էր։ 1932 թուականի աստիճանական միաւորման արդիւնքով ստեղծուեցաւ պետութիւն Էր Ռիատ մայրաքաղաքով։ == Բնակչութիւն == == Ծանօթագրութիւններ ==
6,919
Կրեմմի Մրցանակ
«Կրեմմի» (անգլ.՝ Grammy), Ամերիկեան ձայնագրման ակադեմիական երաժշտական մրցանակն է, հիմնուած է 1958 թուականի 14 Մարտին ԱՄՆ ձայնագրման ընկերութիւններու կազմակերպութեան կողմէ։ Կը հանդիսանայ ժամանակակից երաժշտական արդիւնաբերութեան ամենահեղինակաւոր մրցանակը, որու հեղինակութիւնը կարելի է համեմատել սինեմաթոկրաֆիք Օսքար մրցանակի հետ։ «Կրեմմի» ամենամեայ մրցանակը կը պարգեւատրէ 108 բաժամունքներու՝ 30 երաժշտական ժանրերով, ձայնագրման ակադեմիայի լիազօրուած անդամներու քուէարկութեան արդիւնքով։ Կրեմմի մրցանակաբաշխութեան առաջին արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 1959 թ. Մայիս 4-ին: 2011 թ. Ապրիլ 6-ին ձայնագրման ակադեմիան յայտարարեց մրցանակաբաշխութեան բաժանմունքներու փոփոխութիւններու մասին, որու հետեւանքով բաժամունքներու թիվը 108-էն պակսեցաւ մինչեւ 78։ 2012 թ. Փետրուար 12-ին Լոս Անճելոսի «Staples Center» համալիրին մէջ կայացաւ Կրեմմիի 54-րդ մրցանակաբաշխութիւնը այդ օրէնքներով։ === Մրցանակակիրներ === Թիւով 31 Կրեմմի մրցանակներով մրցանակակիրներու առաջատարն է Ճորճ Սոլթին։ Էլիսոն Քրաուսը երկրորդն է իր 27 մրցանակներով։ Իրլանտական հանրաճանաչ U2 ռոք խումբը իր 22 Կրեմմիի արձանիկներով առաջատարն է խումբերու դասակարգին մէջ։ === Մեծ քառեակ === ==== Մեծ քառեակ (անգլ.՝ The Big Four) - Կրեմմիի ամենահեղինակաւոր մրցանակներն են` ==== Տարուան ձայնագրութիւնը (անգլ.՝ Record of the Year) Տարուան ալպոմը (անգլ.՝ Album of the Year) Տարուան երգը (անգլ.՝ Song of the Year) Լաւագոյն սկսնակ երաժիշտ (անգլ.՝ Best New Artist) === Պարգեւատրման բաժամունքներ === ==== Այլընտրանքային երաժշտութիւն ==== Լաւագոյն այլընտրանքային ալպոմ (Best Alternative Album) ==== Քաունթրի ==== Լաւագոյն քաունթրի մենակատարում (Best Country Solo Performance) Լաւագոյն քաունթրի կատարում՝ զուգերգով կամ խմբային (Best Country Performance, Duo or Group) Լաւագոյն քաունթրի երգ (Best Country Song) Լաւագոյն քաունթրի ալպոմ (Best Country Album) ==== Պարային երաժշտութիւն ==== Լաւագոյն պարային ձայնագրութիւն (Best Dance Recording) Լաւագոյն ելեկտրոնիք/պարային ալպոմ (Best Electronic/Dance Album) ==== Ռեկկի ==== Լաւագոյն Ռեկկի ալպոմ (Best Reggae Album) ==== Ռոք ==== Լաւագոյն Ռոք կատարում (Best Rock Performance) Լաւագոյն Հարտ-ռոք/Մեդալ կատարում (Best Hard Rock/Metal Performance) Լաւագոյն Ռոք երգ (Best Rock Song) Լաւագոյն Ռոք ալպոմ (Best Rock Album) ==== R&B ==== Լաւագոյն R&B կատարում (Best R&B Performance) Լաւագոյն աւանդական R&B (Best Traditional R&B Performance) Լաւագոյն R&B երգ (Best R&B Song) Լաւագոյն R&B ալպոմ (Best R&B Album) Լաւագոյն Ուրպան/Այլընտրանքային կատարում (Best Urban/Alternative Performance) ==== Ռափ ==== Լաւագոյն Ռափ կատարում (Best Rap Performance) Լաւագոյն Ռափ համատեղ կատարում (Best Rap/Sung Collaboration) Լաւագոյն Ռափ երգ (Best Rap Song) Լաւագոյն Ռափ Ալպոմ (Best Rap Album) ==== Փոփ երաժշտութիւն ==== Լաւագոյն ձայնային կատարում (Best Vocal Performance) Լաւագոյն կատարում զուգերգով կամ խմբային (Best Pop Duo/Group Performance) Լաւագոյն ձայնային փոփ ալպոմ (Best Pop Vocal Album) Լաւագոյն գործիքային փոփ ալպոմ (Best Pop Instrumental Album) ==== Աւանդական Փոփ ==== Լաւագոյն Աւանդական փոփ ալպոմ (Best Traditional Pop Vocal Album) ==== Ճազ ==== Լաւագոյն սոլո ճազ կատարում (Best Improvised Jazz Solo) Լաւագոյն վոքալային ճազ ալպոմ (Best Jazz Vocal Album) Լաւագոյն գործիքային ճազ ալպոմ (Best Jazz Instrumental Album) Լաւագոյն ճազ ալպոմ մեծ նուագախումբով (Best Large Jazz Ensemble Album) Լաւագոյն լատինական ճազ ալպոմ (Best Latin Jazz Album) ==== Լատինամերիկեան երաժշտութիւն ==== Լաւագոյն լատինական փոփ ալպոմ (Best Latin Pop Album) Լաւագոյն Արեւադարձային Լատինական ալպոմ (Best Tropical Latin Album) Լաւագոյն Լատինական Ռոք/Ուրպան կամ ալպոմ (Best Latin Rock, Urban or Alternative Album) Լաւագոյն մեքսիքական ալպոմ (Best Regional Mexican Album) ==== Էթնիք երաժշտութիւն ==== Էթնիք երաժշտութեան լաւագոյն ալպոմ (Best World Music Album) ==== Պլուզ ==== Լաւագոյն աւանդական պլուզ ալպոմ (Best Traditional Blues Album) Լաւագոյն ժամանակակից պլուզ ալպոմ (Best Contemporary Blues Album) ==== Դասական երաժշտութիւն ==== Լաւագոյն նուագախմբային ալպոմ (Best Orchestral Performance) Լաւագոյն օփերայի ձայնագրութիւն (Best Opera Recording) Լաւագոյն երգչախմբային կատարում (Best Choral Performance) Լաւագոյն դասական վոքալ (Best Classical Vocal Solo) Փոքր համոյթով լաւագոյն կատարում (Best Small Ensemble Performance) Լաւագոյն դասական գործիքային կատարում (Best Classical Instrumental Solo) Լաւագոյն ժամանակակից դասական երգագրութիւն (Best Classical Contemporary Composition) Լաւագոյն դասական հաւաքածոյ (Best Classical Compendium) ==== Ստեղծագործութիւն/Գործիքաւորում ==== Լաւագոյն գործիքային երգագրութիւն (Best Instrumental Composition) Լաւագոյն գործիքաւորում (Best Arrangement) Լաւագոյն երաժշտային գործիքաւորում (Best Instrumental Arrangement) Լաւագոյն գործիքաւորում ձայներգիչի հետ (Best Instrumental Arrangement Accompanying Vocalist(s)) Լաւագոյն ձայնային գործիքաւորում երկու կամ աւելի ձայներով (Best Vocal Arrangement for Two or More Voices) ==== Ֆիլմ, Հեռստատեսութիւն, Միտիա ==== Լաւագոյն երգ գրուած հեռուստատեսութեան կամ այլ հանդէսի համար (Best Song Written for a Motion Picture, Television or Other Visual Media) Լաւագոյն ալպոմ գրուած հեռուստատեսութեան կամ այլ հանդէսի համար (Best Score Soundtrack Album for a Motion Picture, Television or Other Visual Media) Լաւագոյն սաունտթրեքի ալպոմ, գրուած հեռուստատեսութեան կամ այլ հանդէսի համար (Best Score Soundtrack Album for a Motion Picture, Television or Other Visual Media) ==== Մանկական երաժշտութիւն ==== Լաւագոյն ալպոմ երեխաներու համար (Best Album for Children) ==== Կատակերգութիւն ==== Լաւագոյն կատակերգական ալպոմ (Best Comedy Album) ==== Աւետարանային ==== Լաւագոյն Աւետարանային/Ժամանակակից քրիստոնէական ալպոմ (Best Gospel/Contemporary Christian Music Performance) Լաւագոյն Աւետարանային երգ (Best Gospel Song) Լաւագոյն ժամանակակից քրիստոնէական երաժշտութեան երգ (Best Contemporary Christian Music Song) Լաւագոյն Աւետարանային ալպոմ (Best Gospel Album) Լաւագոյն ժամանակակից քրիստոնէական երաժշտութեան երգ ալպոմ (Best Contemporary Christian Music Album) Լաւագոյն օփերայի ձայնագրութիւն (Best Opera Recording) Լաւագոյն երգչախմբային կատարում (Best Choral Performance) Լաւագոյն դասական վոքալ (Best Classical Vocal Solo) Փոքր համոյթով լաւագոյն կատարում (Best Small Ensemble Performance) Լաւագոյն դասական գործիքային կատարում (Best Classical Instrumental Solo) Լաւագոյն ժամանակակից դասական երգագրութիւն (Best Classical Contemporary Composition) Լաւագոյն դասական հաւաքածոյ (Best Classical Compendium) ==== Երաժշտական թատրոն ==== Երաժշտական թատրոնի լաւագոյն ալպոմ (Best Musical Theater Album) ==== Տեսահոլովակ ==== Լաւագոյն կարճատեւ տեսահոլովակ (Best Short Form Music Video) Լաւագոյն երկարատեւ տեսահոլովակ (Best Long Form Music Video) ==== New Age ==== Լաւագոյն Նիւ Էյճ ալպոմ (Best New Age Album) ==== Փոլքա ==== Լաւագոյն Փոլքա ալպոմ (Best Polka Album) ==== Խօսակցական ==== Լաւագոյն խօսակցական ալպոմ (Best Spoken Word Album) == Արտաքին յղումներ == Պաշտօնական կայք Կրեմմի մրցանակակիրներ == Ծանօթագրութիններ ==
1,475
Ալեքսանտրիայի Սենկորի Անուան Համալսարան
Ալեքսանտրիայի Սենկորի Անուան Համալսարան, համալսարան, որ պաշտոօնապէս ծանօթ է իբրեւ Ֆրանսերէնի Ափրիկեան Զարգացման Միջազգային Համալսարան։ Հիմնադրուած է 1990-ին Ալեքսանտրիա՝ Եգիպտոսի մէջ։ == Պատմութիւն == Ֆրանսերէնի Ափրիկեան Զարգացման Համալսարանի հիմնադրման յատակագիծը ներկայացուած եւ ընդունուած է գագաթնաժողովին։ Սենկորի համալսարանի բացումը կատարուած է Հոկտեմբեր 1990-ին եւ այն միջազգային հանրութեան կողմէ անմիջապէս ընդունուած է իբրեւ միջազգային ուսումնական հաստատութիւն։ Անոր անունը յարգանքի տուրք է Սենեկալի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Լեոբոլտ Սետար Սենկարին, ով եղած է Ֆրանքոֆոնիայի ջատագովներէն ու իրականացնողներէն մէկը։ Սետար Սենկորի կողքին, համալսարանին իմնադիրներն են Մուրիս Տրուոնը, Պութրոս Պութրոս Ղալին եւ Ռենէ-Ճին Տուպուն։ Ութ տարի շարունակ համալսարանը ղեկավարած է Ալպէր Լուրտէ, իսկ 21 Յունիս 2016-ին Հանիա Հելալի համալսարանի փրոֆեսոր, Եգիպտոսի բարձրագոյն կրթութեան ու գիտութեան հետազօտութեան նախկին նախարար փրոֆեսոր Թերրի Լերտելը նշանակեցաւ Սենկարի համալսարանի տնօրեն։ == Նկարագրութիւն == Սենկոր համալսարանը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն է, որ կը կրթէ ուսանողներուն՝ հարաւային երկիրներու զարգացման առնչուող դասանիւթերու միջոցով եւ իր երիտասարդ շրջանաւարտներուն կը պատրաստէ տարբեր բնագաւառներու մէջ գործունէութիւն ծաւալելու համար (սնունդ, առողջապահութիւն, կառավարում, գիտութիւն, շրջակայ միջավայր)։ Ըստ համալսարանի ծրագիրին, Սենկոր համալսարանը կը ձգտի դառնալ միջազգային ֆրանսալեզու համալսարան՝ ապահովելով Ափրիկէի զարգացումը։ Իր տարբեր ծրագիրներուն միջոցով համալսարանը կ՛ուղղորդէ աշակերտներուն զարգացումը, ստեղծելով հմտութիւններու ցանց եւ գիտելիքներ։ Համալսարանին 10 մասնագիտութիւնները կ՛ուսուցանուին հինգ բաժանումներու մէջ։ Առաջին բաժանում Վարչական կառավարման բաժին Ծրագրային կառավարում Կառավարում եւ համայնքային կառավարում Երկրորդ բաժանում Շրջակայ միջավայր Շրջակայ միջավայրի կառավարում Շրջաններու պահպանման կառավարում Առողջապահութեան բաժանում Միջազգային առողջապահութիւն Քաղաքականութիւն սնունդի բնագաւառէն ներս Մշակութային ժառանգականութեան բնագաւառ Մշակութային ժառանգականութեան կառավարում Կապ եւ հաղորդակցութիւն Մշակութային ճիւղերու կառավարում Համակարգչային կառավարման բաժանում Հեռակարավարման ուսուցում == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == http://www.usenghor-francophonie.org Université Senghor official website
4,695
Սիլվա Միքայէլեան
== Կենսագրութիւն == ՄԻՔՍՅԷԼԵԱՆ ՍԻԼՎԱ Ծնած է Իսթանպուլ, 1925-ին։ Յաճախած է Անարատ Յղութիւն, Տամ տը Լուրտ եւ իտալական վարժարանները։ == ՀՐԱՏԱՐԱԿՈԻԱԾ ԳՈՐԾԵՐ == ===== Արտիս Խորերէն (բանաստեղծութիւններ) - Իսթանպուլ, 1990։ ===== ===== Կեանքիս Վայրկեանները (բանաստեղծութիւններ) - Իսթանպուլ 1991։ =====
1,313
Աբգար (անձնանուն)
Աբգար, ասորական ծագումով հայկական արական անուն։ Անունէ ստեղծուած տարածուած ազգանուն է Աբգարեան Լատինագիր ձեւը՝ APKAR == Անունը կրողներ == Աբգար Գէորգ (ծն.1845 Նոր Ջուղա) գործարար Աբգար Դպիր (1520-1572) հրատարակիչ Աբգար Մինաս (ծն.1955 Ալլահապատ Հնդկաստան) օփերայի երգիչ եւ դերասան Աբգար Պալթազար (ռում.՝ Apcar Baltazar 1880-1909) ռումանացի նկարիչ == Երկրորդ անուն == Մկրտիչ Աբգար (1884 Սպահան-1967 Թեհրան) եկեղեցական Տիանա Աբգար (1859 Ռանկուն-1937 Եոքոհամա, Ճափոն) գրող, դեսպան == Այլ լեզուներով == Ասորերէն՝ ܒܓܪ == Ծանօթագրութիւններ ==
4,421
Իվանէ Մաչապելի
Իվանէ Մաչաբելի (վրաց.՝ ივანე მაჩაბელი , 27 Յունուար (8 Փետրուար) 1854, Թիփղիսի նահանգ, Ռուսիոյ կայսրութիւն—26 Յունիս (8 Յուլիս) 1898, Թիփղիս, Ռուսիոյ կայսրութիւն), վրացի գրագետ, լրագրող եւ հասարակական գործիչ, յայտնի Ուիլիըմ Շէյքսփիրի ստղծագործութիւններու թարգմանութիւններով։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Մաչապելի վրացական ազնուականներու ընտանիքին մէջ, Թամարաշէնի գիւղին մէջ (ներկայիս՝ Հարաւային Ովսիոյ տարածքին՝ Ցխինուալիի մօտ): Սորված է Սէն Բեթերբուրկի մէջ, Գերմանիոյ եւ Փարիզի մէջ։ Վրաստան վերադառնալէ ետք Իլեա Ճավճաուաձէին կ՛առաջարկէ համագործակցիլ հանուն վրացական մշակոյթի վերածնունդի ու ընդդէմ Ռուսաստանի կայսերական իշխանութեան: Որպէս գլխաւոր խմբագիր աշխատած է Վրաստանի առաջատար «Իվերիա» եւ «Դրոեբա» ազգային ամսագիրերու մէջ։ Իր ամբողջ կեանքին աշխատած է Շէյքսփիրի ստեղծագործութիւններու թարգմանութեան վրայ։ == Աղբիւրներ == Большая советская энциклопедия. — М.: Советская энциклопедия. 1969—1978 Rayfield, Donald (2000), The Literature of Georgia: A History: 1st edition, p. 181. Routledge, ISBN 0-7007-1163-5 Georgian Monument Blown up in South Ossetia, The Jamestown Foundation Monitor, Volume 3, Issue 145 (July 25, 1997). International Organization Affirms that Machabeli Museum is Destroyed in Tamarasheni. The Georgian Times. January 30, 2009.
4,217
Մարգար Ղարաբէգեան (Դեւ)
Մարգար Ղարաբէգեան (ծնած է 1901-ին, Թեհրան) == Կենսագրութիւն == Նկարիչ եւ բանաստեղծ, զաւակը՝ հանրային գործիչ Աւետիս խան Ղարաբէգեանի (Ղարաբաղի Մելիքներու շառաւիղ), Մարգար Ղարաբէգեան ծնած է Թեհրանի մէջ եւ նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին ու Նոր Ջուղայի ազգային վարժարաններուն մէջ։ Դէպի գրականութիւն ու արուեստ շեշտուած հակումներով եւ յամառ ինքնաշխատութեամբ՝ յիսնամեայ իր ստեղծագործական վաստակը բարձրացուց որակի, ջրաներկ նկարչական գործերով եւ քերթողական երկու հատորներով՝ «Իմ երգերը» (1974) եւ «Այս երկար Ճամբան (1963), առաջինը հրատարակուած Թեհրանի մէջ, իսկ երկրորդը՝ Երեւան: Նկարիչին ներկայութիւնը տիրական է իր երգերուն մէջ՝ որոնք գոյն, գիծ ու մթնոլորտ ունին։ Կը խօսի պատկերներով. կը տպաւորէ՝ արագ, կտրուկ, հպանցիկ մտածումներով։ Հաղորդական է, իր պարզութեան մէջ։ Թելադրական է իր պատկերներէն փոխանցուող զգայնութեամբ եւ ապրումներով : == Ծանօթագրութիւններ ==
15,407
Արաքս Մանսուրեան
Արաքս Մանսուրեան (1 Օգոստոս 1946, Պէյրութ) Օփերային երգչուհի, սոփրանօ: Արաքս Մանսուրեան իր քաղցրահունչ կարկաչով դիւթած է հանդիսատեսի սիրտը եւ դարձած հայ ազգային օփերայի առաջնակարգ մենակատարներէն մէկը, շնորհիւ իր ձայնի գեղեցիկ հնչերանքին եւ բեմական վառ շնորհին, երգեցողութեան եւ տրամադիկական խաղի գեղարուեստականօրէն համոզիչ համադրութեան, կանացի բազմազան եւ խոր զգացումներու ազնուազարմ դրսեւորումին: == Կենսագրութիւն == Արաքս Մանսուրեան ծնած է Լիբանան, ուրկէ մէկ տարեկան հասակին, ան իր կիլիկեցի արմատներով եւ Պէյրութի որբանոցի կեանքը ճաշակած ծնողներուն հետ բռնած է գաղթականութեան ճամբան: Հայաստան հաստատուած Մանսուրեաններու ընտանիքը առաջին տարիներուն ապրած է սոսկալի պայմաններու մէջ, սակայն շուտով տարիները բացայայտած են Աննա մայրիկի եւ իր անուշ ձայնով յայտնի Եղիա հայրիկի խնամած զաւակներուն տաղանդը: == երաժշտական ուսումնարան եւ պետական երաժշտանոց == Արաքս Մանսուրեան միջնակարգ դպրոցը աւարտելէն ետք, ընդունուած է Երեւանի Ռ.Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարան, ուր չորս տարի ուսանելէն ետք, ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց եւ աւարտած 1977-ին: Ուսանողական տարիներուն նախկին ԽՍՀՄ քաղաքներու մէջ մասնակցած է երիտասարդ երգահաններու փառատօներուն` կատարելով երիտասարդ երգահաններու վոկալ գործերը, որոնք կը գրուէին յատուկ իր ձայնին համար: Եղած է շատ հեղինակներու գործերուն առաջին կատարողը` Գ.Չտչեան, Ռ.Սարգսեան, Իւ.Յարութիւնեան, Հ.Մելիքեան, Մ.Վարդազարեան, Մ. Իսրայէլեան, նաեւ եղբօր` Տիգրան Մանսուրեանի վոկալ շարքերու առաջին կատարողն է: Բազմիցս ելոյթներ ունեցած է փրոֆէսր Ռ. Աթայեանի նուագակցութեամբ` ըլլալով կոմիտասեան շարք մը երգերու առաջին մեկնաբանողը, նաեւ առաջին եւ միակ կատարողը Կոմիտասի անաւարտ «Անոյշ» օփերայի: 1974-ին աւարտած է երաժշտանոցը եւ ընդունուած Հայաստանի օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնը` իբրեւ մեներգչուհի: Երգած է շարք մը դերերգեր, որոնցմէ են` Էլիզապէթ («Տոն Կարլոս»), Նեդդա («պայացներ»), Լէոնորա («տրուբադուր»), Աիտա («Աիտա»), Շուշան («Դաւիթ-Բեկ»), Անոյշ («Անոյշ»): Վերջին դերերգը կատարած է նաեւ Թիֆլիսի օփերային թատրոնէն ներս, թումանեանի ծննդավայր Լոռիի մէջ եւ 1989-ին` ԱՄՆ-ի մէջ։ == Մենահամերգներ == Բազմիցս մենահամերգներ ունեցած է Հայաստանի եւ արտասահմանեան շարք մը երկիրներու մէջ` երգացանկի մէջ եւրոպական երգահաններու կողքին ունենալով Կոմիտաս, հոգեւոր միջնադարեան երգեր, հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ: == Աւսրտրալիոյ Սիտնի քաղաքի Օփերա Հաուզի մենակատար == Արաքս Մանսուրեան 19 տարի է, որ կը բնակի Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի մէջ։ 1992-էն ի վեր Սիտնիի Օփերա Հաուզի օփերային թատրոններու մենակատարն է՝ հանդէս կու գայ այնպիսի դերերգերով, ինչպիսիք են’ Լիու («Տուրանդոտ»), Աիտա («Աիտա»), Ֆլորիա Թոսկա («Թոսկա»), Տէզդեմոնա («Օթելլo»), Միմի («Պոհեմ»), Կատիա Կաբանովա («Գաթիա Գապանովա»), Սանթուցցա («Գեղջկական ասպետութիւն»), Ֆաթա Միրգանա («Սէրն առ երեք նարինջներ»), Էլիզապէթ Վալուա («Տոն Կառլոս»), եւ այլն: == Դասաւանդում Սիտնիի երաժշտանոցէն ներս == Արաքս Մանսուրեան Զուգահեռաբար կը դասաւանդէ Սիտնիի երաժշտանոցէն ներս` օտարները ծանօթացնելով հայկական երգարուեստի հետ: Անոր շնորհիւ բազմաթիւ օտար երիտասարդ երգիչներու երգացանկերուն մէջ տեղ կը գտնեն Կոմիտասի, Կանաչեանի, Մելիքեանի, Սպենդիարեանի եւ այլ հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ: == Իր Առաքելութիւնը Աւստրալիոյ մէջ == Արաքս Մանսուրեան մեծ առաքելութիւն կը կատարէ Աւստրալիոյ մէջ։ Անոր չինացի եւ աւստրալիացի ուսանողները մեծ սիրով կ՚երգեն Կոմիտասի «Հոյ Նազան»ը, «Քելէ, քելէ»ն, եւ կ’երգեն այնքան հարազատ, որ Ա. Մանսուրեանի առաջնորդութեամբ անոնք համերգներով հանդէս եկան Հայաստանի մէջ։ == Պարգեւատրում == 2015 թուականին Հանրապետութեան տօնի առթիւ Արաքս Մանսուրեան պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի մետալով։ Ան պարգեւատրուած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս»-ի անուան մետալով։ == Աղբիւրներ == Արաքս Մանսուրեան անուններ Մենք կանք… Արաքս Մանսուրեան Կոմիտասեան երգը ամենուր ինձ հետ է
7,110
Յակոբ Փափազեան (հայագէտ)
Յակոբ Դաւիթ Փափազեան, (1 Սեպտեմբեր 1919(1919-09-01), Թաւրիզ, Իրան - 1997, Երեւան, Հայաստան), խորհրդային հայագէտ, արեւելագէտ, պատմաբան։ Պատմական գիտութիւններու դոկտոր (1968), փրոֆէսոր (1972)։ == Կենսագրութիւն == Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի արեւելեան բաժինը (1950)։ 1954-1959 թուականներուն՝ ՀԽՍՀ ԳԱ պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող։ 1959 թուականէն Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի միջնադարեան մատենագրութեան եւ դիւանական վաւերագիրներու ուսումնասիրութեան բաժինի վարիչն է։ 1956 թուականէն դասաւանդած է Երեւանի համալսարանէն ներս։ 1962 թուականին ընտրուած է ԽՍՀՄ Գիտութիւններու Ակադեմիայի արեւելեան բնագրագիտութեան կեդրոնական յանձնաժողովի անդամ։ Գիտական ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին 15-18-րդ դարերու Արեւելեան Հայաստանի սոցիալ–տնտեսական եւ քաղաքի պատմութեան, ազատագրական շարժման, հայ–իրանական յարաբերութիւններուն, պատմական աղբիւրագիտութեան։ Հրապարակած է պարսկական, արաբական, թրքական, պատմութեան վաւերագիրներու բնագրեր եւ հայերէն ու ռուսերէն, թարգմանութիւններ («Մատենադարանի պարսկերէն վաւերագրերը», 1956-1959, 1968), Լ․ Ս․ Խաչիկեանի հետ՝ «Յովհաննէս Տէր-Դաւթեան Ջուղայեցու հաշուետոմարը» (1984)։ Մասնակցած է Հայ ժողովուրդի պատմութեան ակադեմական բազմահատորեակի ստեղծման։ == Ծանօթագրութիւններ ==
1,833
Ափոլլօ Թատրոն
Կաղապար:Տեղեկաքարտ թատրոն «Ափոլլօ» թատրոն (անգլ.՝ Apollo Theater), համերգային դահլիճ Նիւ Եորքի Հարլեմ թաղամասին մէջ, նշանակալի դէր խաղացած է ափրrիկաամերիկեան երաժշտական մշակոյթի զարգացման գործին մէջ եւ ներառուած է պատմական վայրերու ազգային գրանցիչին մէջ։ == Պատմութիւն == === Հիմնադրումը եւ վերելքը === Ափոլլօ Հոլը հիմնադրուած է 19-րդ դարու կէսերուն քաղաքական պատերազմի նախկին զօրավար Էտուարտ Ֆերերոյի կողմէն որպէս պարահանդէսային պարերու դահլիճ։ Շէնքի վարձակալութեան աւարտէն ետք՝ 1872-ին, շէնքը վերափոխուեցաւ թատրոնի, սակայն փակուեցաւ 19-րդ դարու վերջը։ 1913 կամ 1914-ին կառուցուեցաւ նոր շէնք՝ ճարտարապետ Ճորճ Կեյստերու նախագիծով եւ Նիւ Եորքի առաջին մկրտչական եկեղեցւոյ օրինակով։ Թատրոնը կը ղեկավարէին Ճուլս Հարտիգը եւ Հարրի Սիմոնը, որոնք 30 տարուայ վարձակալութեան իրաւունք ստացան։ 1928-ին թատրոնի ղեկավարութիւնը ստանձնեց Պիլ Մինսկին։ 1932-ին «Ափոլլօ»-ն ձեռք բերաւ Սիդնի Կոէնը, սակայն 1934-ին վաճառեց զայն Ֆրենկ Շիֆմանին եւ Լէօ Բրեչերին, որոնք կրկին բացին թատրոնը 26 Յունուար 1934-ին՝ ներկայացնելով զայն որպէս Հարլեմի լաւագոյն թատրոն։ Կոէնի մահէն ետք «Ափոլլօ»-ն եւ Հարլեմի օբերային թատրոնը միաւորուեցան։Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք «Հարլեմեան Վերածնունդը» նկատուեցաւ, երբ սկսաւ ԱՄՆ-ի հարաւային նահանգներէն սեւամորթներու վերաբնակեցման ժամանակաշրջանը։ Շիֆմանը եւ Բրեչերը վարձեցին սեւամորթ արուեստագէտներու ոչ միայն այն պատճառով, որ Հարլեմի մէջ այդ աստիճանական վերաբնակեցման արդիւնքին մէջ սեւամորթներու թիւը կը գերակշռէր, այլեւ այն պատճառով, որ սեւամորթ դերասաններու աշխատանքը զգալիօրէն աժան էր, եւ Շիֆմանը կ՛րնար խելամիտ գինով որակեալ ցուցադրութիւն բեմադրել։ Երկար տարիներ շարունակ «Ափոլլօ»-ն Նիւ Եորքի միակ թատրոնն էր, ուր սեւամորթները կ՛ըրնային աշխատանք գտնել իրենց համար։Տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին թատրոնին մէջ հանդէս եկած են Էլլա Ֆիցջերալտը, Պիլլի Հոլիդեյը, Ճէյմս Պրաունը, Տայանա Ռոսը, Գլեդիս Նայթը, Պատի Լաբելը, Մարուին Գէյը, Լիւթեր Վանդրոսը, Սթիվի Ուոնդերը, Արետա Ֆրանքլինը, Լորին Հիլը եւ Սարա Վոնը։ === Անկումը եւ վերականգնումը === Թատրոնը անկում ապրեցաւ 1960-1970-ական թուականներուն մինչեւ 1975-ին չվերափոխուեցաւ կինոթատրոնի։«Ափոլլօ» թատրոնը վերածնուեցաւ, երբ 1983-ին Inner City Broadcasting ընկերութիւնը շէնքը գնեց։ Թատրոնը դաշնային եւ պետական կարգավիճակ ստացաւ եւ լիովին վերականգնեցաւ աշխատանքը 1985-ին։ Թատրոնի մեծ բացման ելոյթ ունեցան Hall & Oates երաժշտական երկանուագը, ինչպէս նաեւ The Temptations խումբի մենակատարներ Էտի Կենդրիքսը եւ Ճիմի Ռաֆինը։ 1991-ին Նիւ Եորք նահանգը գնեց «Ափոլլօ» թատրոնը։ 15 Դեկտեմբեր 2005-ին թատրոնի վերակառուցման առաջին փուլը սկսաւ, որ 65 միլիոն տոլար արժեց։ Վերակառուցման սկիզբը ազդարարող հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին ԱՄՆ-ի նախագահ Պիլ Քլինթոնը, Նիւ Եորք քաղաքի քաղաքապետ Մայքլ Պլումպերկը եւ Time Warner-ի գլխաւոր տնօրրն Ռիչարտ Պարսոնսը։ 2009-էն թատրոնը կը գտնուէր Apollo Theater Foundation Inc. ոչ առեւտրային ընկերութեան ենթակայութեան ներքեւ։ Թատրոնը այցելողներու թիւը տարեկան կը կազմէ 1,3 միլիոն մարդ։ 2001-էն սկսած Ամերիկեան ճազի հիմնադրամը ամենամեայ «Մեծ գիշեր Հարլեմում» համերգը կը կատարէ։ == Յղումներ == «Ապոլլո» թատրոնի պաշտոնական կայքը == Ծանօթագրութիւններ ==
2,178
Արփիար Արփիարեան
Արփիար Արփիարեան (21 Դեկտեմբեր 1851, Սամսոն - 12 Փետրուար 1908, Գահիրէ), գրող, գրական քննադատ, հրապարակախօս եւ խմբագիր։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Սամսոնի նաւահանգիստը, երբ ծնողքը Ակնէն Պոլիս կը փոխադրուէր։ Աւարտած Է Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը։ Պոլիս վերադարձին նուիրուած է լրագրութեան։ Հիմնադրած է «Արեւելք» եւ «Հայրենիք» օրաթերթերը, որոնք մեր իրապաշտ գրականութիւնը սկզբնաւորեցին ու տարածեցին։ Եղած է նաեւ ազգային երեսփոխան։ Որոշ շրջան մը որպէս յեղափոխական բանտարկուելէ ետք, անցած է Եւրոպա, ապա Գահիրէ, ուր սպաննուած է իր հակառակորդներուն կողմէ։ == Գործունէութիւն == Արեւմտահայ ղեկավարութիւնը 1877-78-ին մեծ պետութիւններուն ներկայացած էր բարենորոգումներու պահանջով։ Բայց դիւանագիտական խաղերու բերումով՝ այդ քայլը եղած էր ապարդիւն. աւելին՝ դարձած էր պատրուակ նոր ու անպատիժ հալածանքներու։ Իսկ 1880-ական տարիներէն՝ հայութեան մէկ մասը կը մղուէր դէպի զինեալ պայքար, դէպի Խրիմեանի «երկաթէ շերեփը»։ Նպատակ՝ զանգուածները դուրս բերել զոհի վիճակէն, զայն լծել տարրական իրաւունքներու զինեալ պաշտպանութեան։ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, գրեթէ միաժամանակ, խումբեր եւ կառոյցներ ստեղծեցին նաեւ Պոլիս մայրաքաղաքին մէջ։ Հնչակեանները, ցոյցերու ոճ մը որդեգրելով, 1890-ին հոն կազմակերպեցին Գում Գաբուի ցոյցը։ Հայութիւնը ամէն տեղ չունէր նոյն դիրքորոշումը։ Այդ բնական էր. զինեալ պայքարը բացառիկ յատկութիւններ ու զոհողութիւն կը պահանջէր։ Ապա՝ քաղաքներու ունեւոր եւ «ղեկավար» խաւը, մեծ մասամբ այդ գիծը հակառակ կը նկատէր իր անմիջական շահերուն։ Այս երկուութիւնը կը տիրէր 1890-ի շուրջ, երբ յեղափականները Պոլսոյ մէջ գործի կանցնէին։ Արփիարեան, իբրեւ մաս հնչակեան ղեկավարութեան, մօտէն կը տեսնէր, Գում-Գաբուի ցոյցի շարժման հետ՝ նաեւ հետեւող ճնշումն ու հալածանքը, ինչպէս եւ զանազան խաւերուն կեցուածքը։ Եւ տասնամեակ մը ետք, ալ Պոլսէն հեռացած ու Եւրոպա տարագրուած, այդ փորձառութիւնը կը վերածէր «Կարմիր Ժամուց»ին։ == Գլխաւոր գործեր == Բացի իր հրապարակագրական բազմաթիւ յօդուածներէն գրած է նաեւ վիպակներ. «Դատապարտեալը» «Երազի Մը Գինը», «Կտակ Մը» «Ապուշը» «Ոսկէ Ապրնջան» «Կարմիր ժամուց» «Օրհնեալ Գերդաստան» «Ապուշը» «Մինչեւ Ե՞րբ» «Սրտին յաղթանակը» եւ այլն։Արփիարեան իրապաշտ շարժումի առաջին եւ լաւագոյն ներկայացուցիչներէն եղած է։ Որպէս հրապարակագիր թարմ շունչ բերաւ մեր լրագրութեան իր սուր միտքով, ազատամիտ ու համարձակ գաղափարներով եւ ժողովուրդը լուսաւորելու ձգտող իր յօդուածներով։ == Երկերի մատենագիտութիւն == Կարմիր ժամուց, Կ. Պոլիս, ա. թ., 45 էջ: Կեանքի պատկերներ, Կ. Պոլիս, 1885, 144 էջ: Ապուշը (Կեանքի պատկերներ), Կ. Պոլիս, 1886, 108 էջ: Կարմիր ժամուց, Վառնա, 1909, 104 էջ: Կարմիր ժամուց, ա. տ., 1920, 92 էջ: Խնդամոլիկ աղջիկը, Կ. Պոլիս, 1928, 74 էջ: Պատմուածքներ եւ վիպակներ, Փարիզ, 1931, 248 էջ: Կարմիր ժամուց, Պէյրութ, 1937, 96 էջ: Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիո հայոց գրականութեան, Գահիրէ, 1943, 232 էջ: Կարմիր ժամուց, Գահիրէ, 1950, 96 էջ: Հատընտիր, Պէյրութ, 1950, 420 էջ: Ընտիր երկեր, Երեւան, 1951, 336 էջ: Կարմիր ժամուց, Պէյրութ, 1956, 88 էջ: Կարմիր ժամուց, Վենետիկ, 1956, 88 էջ: Կարմիր ժամուց, Պէյրութ, 1966, 92 էջ: Ամբողջական երկեր, Երուսաղէմ, 1972, 256 էջ: Կարմիր ժամուց, Պէյրութ, 1979, 92 էջ: Ժամանակակից պատմութեան էջեր, Պոսթըն, 1979, 416 էջ: Երկեր. Պատմվածքներ, Կյանքի պատկերներ, Մինչեւ ե՞րբ, Ոսկի ապրանջան, Կարմիր ժամուց, Գրականագիտական հոդվածներ, Երեւան, 1987, 524 էջ: Ոսկի ապրանջան, Պէյրութ, 1988, 109 էջ: Ոսկի ապրանջան, Պէյրութ, 2011, 109 էջ: == Աղբիւրներ == Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 88: Գառնիկ Ստեփանեան, Արփիար Արփիարեան, Երեւան, ՀԽՍՀ ԳԱ հրատ., 1955, 289 էջ։ Հակոբ Մարգարեան, Արդարութեան ոգեշունչ մունետիկը, տես Արփ. Արփիարեան, Երկեր, Երեւան, 1987, էջ III-XIV: Հայ քննադատութեան պատմութիւն, հատ. 1, Երեւան, 1985: Հայ գրական քննադատութեան քրիստոմատեա, հատ. 2, Երեւան, 1984:
23,550
Յովհաննէս Սարգիսեան
Յովհաննէս Յովսէփ Սարգիսեան (ծննդեան մականունը Հաթութեան, (25 Մայիս 1890, Քեսապ - ․․․), այնթապցի ուսուցիչ եւ գրող: == Կենսագրութիւն == Ծնած է Քեսապ, 25 Մայիս 1890-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի դպրոցին մէջ, ապա մեկնած է Այնթապ, ուր Վարդանեան կրթարանէն ներս միջնակարգ կրթութիւն ստացած է, աշակերտելով Ա. Ն. Նազարի: 1910-ին, մուտք գործած է Տարսոնի Ամերիկեան գոլէճը: Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին պատճառով չորս տարի ընդհատուած է իր ուսումը: Ան եղած է թրքական բանակի զինուոր: Պատերազմի ատեն կորսնցուցած է իր ամբողջ ընտանիքը։ Ան ուսումը շարունակած է Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն ներս, ուր հետեւած է հոգեբանական, մանկավարժական եւ իմաստասիրական ճիւղերուն: == Ուսուցչական կեանք == Պատերազմի աւարտին, հրաւէր ստացած է ուսուցչութեան պաշտօնով դասաւանդելու գոլէճին մէջ եւ նոյն ատեն ստանալու իր վկայականը 1920-ին: Ֆրանսացիներու կողմէ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, ան անցած է Իսկենտերոն, ուր տարիներ պաշտօնավարած է Անգլիական բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ Յովհաննէս Սարգիսեան կանուխէն զգացած է ուսուցչութեան կոչումը։ Անոր նախասիրած նիւթերը եղած են պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը, ընկերաբանութիւնը եւ մանկավարժութիւնը։ Սարգիսեան քանի մը տարի պաշտօնավարած է Անգլիական եւ ֆրանսական գրաւող բանակներուն մէջ իբրեւ թարգման-քարտուղար։ == Գրական վաստակ == Երկար տարիներ աշխատակցած է տեղական եւ այլ թերթերու` գրելով ազգային, քաղաքական, պատմական, ընկերային եւ կրօնաբարոյական նիւթեր: == Աղբիւրներ == Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց», Բ. Հատոր, Լոս Անճէլըս, Գալիֆորնիա, 1953։
18,896
Վերա Յակոբեան
Վերա Յակոբեան (13 Ապրիլ 1928(1928-04-13), Փարաքար, Երևանի գավառ, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն - 24 Յուլիս 2017(2017-07-24), Երեւան, Հայաստան), անուանի ասմուքող եւ հաղորդավար: Ան 89 տարեկան էր: == Կենսագրութիւն եւ գործունէութիւն == Յակոբեան ծնած է Փարաքար: 1946-1951 ուսանած է Երեւանի թատերական հիմնարկի դերասանական բաժանմունքի Արմէն Գուլակեանի արուեստանոցին մէջ: Ուսումնառութեան տարիներուն մասնագիտական դասընթացքներ ստացած է բեմական խօսքի վարպետներ Հրաչուհի Ջինանեանէն եւ Հայկուհի Գարագաշէն: 1951-ին կը սկսած է աշխատիլ Հայաստանի ռատիոյի եւ հեռատեսիլի պետական խորհուրդի կազմին մէջ: Հաղորդավարական աշխատանքին զուգահեռ զբաղած է ասմունքով: Անոր անուան հետ կապուած են հայկական հեռատեսիլէն հեռարձակուած առաջին բանաստեղծութիւնները: Բարեկամութիւն հաստատած է հայ մեծերու՝ Սիլվա Կապուտիկեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Պարոյր Սեւակի եւ այլոց հետ, դառնալով անոնց բանաստեղծութիւնները առաջին ներկայացնողը: Հայաստանի ազգային ձայնասփիւռը իր երկրորդ տունը եղած է: Իրեն հետ կապուած է «Երեւանն է խօսում» բառակապակցութիւնը: 1980-ականներուն ասմունքած է սփիւռքահայ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծութիւնները: 1972-էն Պելլա Դարբինեանի հետ Լիբանան մենահամերգի երթալէ ետք պարբերաբար ելոյթներով հանդէս եկած է հայաշատ գաղութներու մէջ` տարածելով հայ քնարերգութեան շունչն ու բարձր արուեստը: Երեւանի մէջ յետ երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է՝ 24 Յուլիս 2017-ին։ == Մրցանակներ եւ պարգեւներ == 1972-ին արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի կոչման, 2013-ին, «Հայրենիքի մատուցած ծառայութիւններուն համար» արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին աստիճանի մետալին: == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Մահացել է անուանի հաղորդավար, ասմունքող Վերա Յակոբեանը։ ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԷՋԸ 19-12-19։
21,022
Կարօ Հալապեան
Կարօ Սէմյոնովիչ Հալապեան (կամ՝ Կարո Հալաբյան, ռուս.՝ Каро Семёнович Алабян, 14 (26) Յուլիս 1897, Գանձակ, Ռուսական Կայսրութիւն - 5 Յունուար 1959(1959-01-05), Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն) Սովետացի Հայ ճարտարապետ մըն էր: Սովետական Հայաստանի վաստակաւոր ճարտարապետի տիտղոսը ստացած է 1940 թուականին: == Ծանօթագրութիւններ ==
5,657
Պիքսէն Լիզարազու
Պիքսէն Լիզարազու (Լիսարասու), (պասք.՝ Bixente Lizarazu [biˈʃente lisaˈrasu], ֆր.՝ Bixente Lizarazu) (9 Դեկտեմբեր 1969, Saint-Jean-de-Luz), ազգութեամբ պասք ֆրանսացի ֆութպոլիստ, եզրային պաշտպան, հանդէս եկած է Պորտօ, Աթլետիկ Պիլպաօ, Պաւարիա, Մարսէյի Օլիմփիք խումբերուն մէջ։ 1998-ի Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան եւ 2000-ի Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեան։ Ան ճանչցուած է իբրեւ ֆութպոլի պատմութեան մէջ լաւագոյն եզրային պաշտպաններէն մէկը։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Պասքերու ֆրանսական երկրամասին մէջ։ Ծնողքը զայն անուանած է Պիշէնտէ (ֆր.՝ Bixente), սակայն տեղի պետական պաշտօնեան կը հրաժարի անոր փաստաթուղթին մէջ գրանցել պասքական անուն, հետեւաբար փոքրիկին տղային կը գրանցեն ֆրանսացիի անունով՝ Վենսան (ֆր.՝ Vincent)։ Հետաքրքրուած է սըրֆինկով, դայուինկով, երաժշտութեամբ։ Սերտ յարաբերութիւններու մէջ եղած է բնապահպանական կազմակերպութեան հետ։ Ֆութպոլային ասպարէզին աւարտէն ետք զբաղած է պրազիլական ջուջուցուով եւ 2009-ին դարձած է իր տարեկիցներու Եւրոպայի ախոյեան։ Կ՛աշխատի ֆրանսական հեռուստատեսութեան մէջ որպէս ֆութպոլի մեկնաբան, միաժամանակ կը վարէ մէկ այլ ֆութպոլային հաղորդում։ Քանի մը անգամ սպառնալիքներ ստացած է պասքեան ձախ ծայրայեղական, ազգայնական անջատողականներու կազմակերպութեան՝ ԷԹԱ-ի կողմէ, որմէ ետք ան կը սկսի օգտուիլ թիկնապահներու ծառայութիւններէն։ Ունի երկու զաւակ, տղան՝ Չիմիստա, եւ աղջիկը՝ Ուխաինա։ Հետագային Լիզարազն բնակութիւն կը հաստատէ Սիպուր քաղաքին մէջ։ Անոր ֆութպոլիստ ընկերներն են Զինետին Զիտանը եւ Քրիստոֆ Տիւկարին։ == Ասպարէզ == Ֆրանսայի հաւաքականին հետ իր առաջին խաղը եղած է 14 Նոյեմբեր 1992-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսա- Ֆինլանտա խաղի ժամամակ (2:1)։ Հաւաքականին հետ իր վերջին խաղը եղած է 25 Յունիս 2004-ին՝ Եւրոպայի առաջնութեան մէջ, Յունաստանի դէմ խաղի ժամանակ (0:1)։ == Նուաճումներ == === «Պավարիա» === Գերմանիոյ ախոյեան (1999, 2000, 2001, 2003, 2005, 2006) Գերմանիայի բաժակակիր (1998, 2000, 2003, 2005, 2006) Ախոյեաններու լիկայի յաղթող (2001) Միջմայրցամաքային բաժակակիր(2001) Գերմանական լիկայի բաժակակիր (1999, 2001)Ֆրանսայի հաւաքական Աշխարհի ախոյեան (1998) Եւրոպայի ախոյեան(2000) Կոնֆետերացիաներու բաժակ (2001, 2003) == Ծանօթագրութիւններ ==
6,524
Վիկտոր Տոլիձէ
Վիկտոր Իսիտորի Տոլիձէ (վրաց.՝ ვიქტორ ისიდორეს ძე დოლიძე, 18 (30) Յուլիս, 1890, Օզուրգեթ, Վրաստան - 24 Մայիս, 1933, Թիֆլիս, Վրացական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ), վրացի երգահան։ == Կենսագրութիւն == Վիկտոր Տոլիձէ ծնած է Քութայիսի նահանգի Օզուրգեթ քաղաքին, աղքատ ընտանիքի մը մէջ։ Ուսանած է Թիֆլիսի առեւտրական ուսումնարանին մէջ։ 1910-ին գրաւած է մանտոլինահարներու մրցոյթին առաջին դիրքը ։ Ուսումնարանը աւարտելէ ետք, ընդունուած է Քիեւի առեւտրական հիմնարկը, ուր ուսանելու զուգահեռ յաճախած է երաժշտական դպրոց եւ հետեւած՝ ջութակի եւ երգահանի դասարաններու։ 1917-ին աւարտած է ուսումնարանը եւ վերադարձած՝ Վրաստան, ուր սկսած է զբաղիլ երաժշտութեամբ։ Վիկտոր Տոլիձէ գրած է շարք մը օփերաներ, որոնցմէ են՝ վրացական առաջին կատակերգական օփերան՝ «Քեթօ եւ Կոտէ», զորս գրած է 1919-ին, «Աւքսենտի Ցագարելիի Խանումա» կատակերգութեան հիման վրայ։ Մասնագիտական գրականութեան մէջ այդ ստեղծագործութիւնը կը կոչուի «նաեւօպերետ»։ 1920-ական թուականներուն վերջը եւ 1930-ական թուականներուն սկիզբը զբաղած է օսեթական երաժշտական բանահիւսութեան նմուշներու հաւաքման ու ձայնագրման աշխատանքներով։ Գրած է նուագախմբային մանրակերտներ («Օսեթական լեզգինկա», «Հրաւէրի պար»՝ «Խոնկա-կաֆթ» եւ այլն)։ 1931-ին սկսած է աշխատիլ «Զամիրա» օփերային վրայ, զորս գրած է օսեթական «Չերմեն» ու «Զամիրա» ազգային բանահիւսութիւններու հիման վրայ (օփերան մնացած է անաւարտ)։ Մահացած է 24 Մայիս 1933-ին Թիֆլիսի մէջ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
3,085
Ընկերային Ցանց
Ընկերային ցանց (անգլերէն՝ Social Networking Service, SNS), համացանցային հարթակ, ծառայութիւն կամ կայք, որն նախատեսուած է ընկերային փոխհարաբերութիւններու կառուցման համար։ == Կառուցուածքը == Սուորաբար, ընկերային ցանցի օգտատէրը կրնայ նշել իր մասին որոշակի տեղեկութիւն (ծննդեան ամսաթիւը, դպրոցը, սիրած զբաղունքները, գրքերը, ֆիլմերը եւ այլն), որոնց միջոցով ցանցի այլ օգտատէրերը կրնան գտնել իրեն։ Գոյութիւն ունին բաց եւ փակ ընկերային ցանցեր։ Ընկերային ցանցի բնութագրիչ հատկութիւններէն կարելի է նշել «ընկերներու» եւ «խումբերու» համակարգերը։ == Զարգացումը == Web 2.0 Արուեստագիտութեան զարգացման զուգընթաց ընկերային ցանցերը դարձան բաւական հանրայայտ։ Օգտատէրը, գրանցուելով ընկերային ցանցին մէջ եւ այնտեղ աւելացնելով գոնէ մէկ ծանօթի, ինքաբերաբար կը դառնայ ծանօթներու հսկայական շղթայի մի մասը։ Այդ շղթան կը կապէ ցանցի բոլոր օգտատէրերուն հետ։ Այսպիսով, օգտատէրը ցանցին վրայ ցանկացած այլ օգտատիրոջ հետ կապուած է միջանկեած ծանօթներով։ Ընկերային ցանցերը համացանցին վրայ իրենց հաղթական քայլերգը սկսած են 1995 թ․։ Այդ ժամանակ հիմնադրուած է ամերիկեան Classmates.com կայքը (Օդնոկլասնիկի կը համարուի այդ կայքի ռուսական տարբերակը)։ Նախագիծը բաւական յաջող էր, եւ հետագայ տարիներու ընթացքին ստեղծուեցան շարք մը այլ նմանատիպ նախագծեր։ Ընկերային ցանցերն ալ աւելի պահանջարկ ունեցան 2003-2004 թուականներուն, երբ ստեղծուեցան LinkedIn, Ֆէյսպուք եւ MySpace ընկերային ցանցերը։ Եւ եթէ LinkedIn ընկերային ցանցը ստեղծուած է գործնական հարաբերութիւններու սահմանման եւ աջակցման համար, ապա MySpace-ն ու Ֆեյսբուքը առաջին հերթին նախատեսուած են սովորական օգտատէրերու համար։ == Ամենամեծ ընկերային ցանցերը == Աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ այս կամ այն ցանցի տարածուածութիւնը տարբեր է։ Այսպէս, MySpace, Ֆէյսպուք, Twitter եւ LinkedIn ցանցերը առաւել տարածուած են Հիւսիսային Ամերիկաի մէջ, Nexopia-ը՝ Կանադայում,, Bebo-ն՝ Մեծ Բրիտանիայում, Ֆէյսպուքն ու dol2day-ը՝ Գերմանիաի մէջ, Tagged-ը, XING-ն ու Skyrock-ը՝ Եւրոպական տարբեր երկրներու մէջ, Public Broadcasting Service-ը, Orkut-ը, Ֆէյսպուքն ու Hi5-ը՝ Հարաւային եւ Կեդրոնական Ամերիկաներուն մէջ (ընկերային ցանցերու պրազիլցի օգտագերերու 55%-ը կը նախընտրէ օգտուիլ Orkut ցանցէն), Friendster-ը, Multiply-ը, Orkut-ը, Renren-ն ու Cyworld-ը՝ Ասիայի (Ֆիլիպիններին, Մալազիաի, Ինտոնեզիաի, եւ Սինկաբորի մէջ)։ Հայաստանի ամենատարածուած ցանցերն են Օդնոկլասնիկին, Ֆէյսպուքն ու VK-ը։ Օգտագործողներու քանակով առաջատար են Ֆէյսպուքը (901 միլիոն օգտատէրեր), Twitter-ը (623 մլն), VK-ը (177 մլն), Օդնոկլասնիկին (140 մլն), Habbo Hotel-ը (243 մլն), Friendster-ը (115 մլն), Tagged.com-ը (100 մլն), MySpace-ը (25,1 մլն). Անգլալեզու կայքեր == Ծանօթագրութիւններ ==
905
332 (թիւ)
332 (երեք հարիւր երեսուներկու) զոյգ եռանիշ բնական թիւ է 331-ի եւ 333-ի միջեւ == Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ == Alt 332 գործադրելիս կը ստացուի L գլխատառը տարուայ 332րդ օրն է Նոյեմբեր 29-ը (նահանջ տարիներուն՝ Նոյեմբեր 28-ը) 332 Սիրի աստեղնեակի կարգային թիւն է == Ծանօթագրութիւններ ==
2,163
Արտաւազդ Բ.
Արտաւազդ Բ. (ՔԱ 1-ին դար, Մեծ Հայք - ՔԱ31 կամ ՔԱ34, Աղեքսանդրիա), Հայոց թագաւոր (Ք.ա. 55 - 34)։ Յաջորդած է հօրը՝ Տիգրան Մեծին։ Տիգրան Մեծի կառավարման վերջին տարիներուն Արտաւազդը եղած է անոր գահակիցը։ Տիգրան Մեծին յաջորդեց թագաժառանգ Արտաւազդ Բ․-ը (Ք.ա. 55 - Ք.ա. 34), որ բազմակողմանի զարգացած, օտար լեզուներու գիտակ, մտաւորական անձնաւորութիւն էր։ Յոյն պատմիչ Պլուտարքոսը կը վկայէ, որ Արտաւազդը «կը յօրինէր ողբերգութիւններ, կը գրէր ճառեր ու պատմական երկասիրութիւններ»։ Ան նաեւ հմուտ դիւանագէտ էր, իրատես քաղաքագէտ եւ, ինչպէս ցոյց տուին հետագայ իրադարձութիւնները, ռազմական գործիչ։ Ան եւս կը կոչուէր «արքայից արքայ», քանի որ անոր իշխանութեան տակ էր հարեւան Ատրպատականը։ Արտաւազդ Բ.-ը գահ բարձրացած է Մեծ Հայքի համար բարդ քաղաքական իրավիճակի մէջ։ Արտաշատի պայմանագիրը արմատապէս փոխեց ուժերու յարաբերակցութիւնը Առաջաւոր Ասիոյ մէջ։ Հայոց թագաւորութիւնը, որ երկար տարիներ յաջողութեամբ պայքար կը մղէր Հռոմի նուաճողական քաղաքականութեան դէմ, այժմ իր դիրքերը զիջեցաւ Պարթեւստանին։ Մեծ Հայքը յայտնուեցաւ երկու հզօր տէրութիւններու միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ջանք չէր խնայեր ապահովելու անոր դաշնակցութիւնը։ Մեծ Հայքի դիրքորոշումը կը դառնար չափազանց կարեւոր, քանի որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէր տիրապետող դիրք ստանալ տարածաշրջանին մէջ եւ իշխել Արեւ ելքին վրայ։ Արտաւազդ Բ․-ը կողմնակից էր չէզոքութեան քաղաքականութեան։ Ան կը փորձէր երկու տէրութիւններուն հետ ալ բարի դրացիական յարաբերութիւններ պահպանել եւ թոյլ չտալ, որ Մեծ Հայքը ներքաշուի պատերազմներու մէջ։ Հակառակ դէպքին Արտաւազդը հակած էր ընտրելու Մեծ Հայքի համար առաւել անվտանգ դաշնակցութիւնը։ Արտաւազդ Բ.-ը, գահ բարձրանալէ ետք, յենելով երկրի ռազմական ուժերուն վրայ եւ օգտագործելով հռոմէա-պարթեւական հակասութիւնները, կ'աշխատի Հայաստանը դուրս բերել Հռոմի նկատմամբ ունեցած կախումէն եւ վերականգնել անոր ինքնուրոյնութիւնը։ Այդ երբեմն կ'ըլլար Հռոմը, երբեմն՝ Պարթեւաստանը։ Սակայն Հռոմը որպէս առաւել հզօր ուժ պակաս ցանկալի էր որպէս դաշնակից, քանի որ բացայայտօրէն կը սպառնար Մեծ Հայքի անկախութեանը։ Ուստի Արտաւազդ Բ․-ը աւելի յաճախ կը հակէր դէպի Պարթեւաստան։ == Մարքոս Քրասսոսի Արեւելեան Արշաւանքը == Ք.ա. 60 թուականին Հռոմի երեք ականաւոր գործիչներ՝ Պոմպէոսը, Յուլիոս Կեսարը եւ Մարքոս Քրասսոսը, ստեղծեցին դաշինք մը, որ պատմագիտութեան մեջ յայտնի է «Առաջին եռապետութիւն» անունով։ Եռապետերը Հռոմէական հանրապետութիւնը բաժնեցին ազդեցութեան գօտիներու։ Մարքոս Քրասսոսը ստացաւ արեւելքը եւ միաժամանակ պարթեւներու դէմ պատերազմելու իրաւունքը։ Ք.Ա. 54 թուականին ան ժամանեց Արեւելք եւ սկսաւ նախապատրաստուիլ պարթեւներու դէմ արշաւանքին։ Փառասէր եւ մեծամիտ Քրասսոսը, ինչպէս կը գրէ ժամանակակից պատմիչը, կ'երազէր կրկնել Ալեքսանտր Մակեդոնացիի սխրանքը եւ հասնիլ մինչեւ Հնդկաստան։ Քրասսոսը պահանջեց, որ իրեն ներկայանան Հռոմի բոլոր դաշնակից երկիրներու արքաները եւ զօրք տրամադրեն։ Անոր ներկայացաւ նաեւ Արտաւազդ Բ․-ը։ Հաւատարիմ մնալով Ք.ա. 66 թուականի հայ-հռոմէական պայմանագիրին՝ ան, որպէս «հռոմէական ժողովուրդի բարեկամ եւ դաշնակից», Քրասսոսին խոստացաւ տալ նշանակալից քանակութեամբ զինուած ուժեր (16 հազարնոց այրուձի եւ 24 հազարնոց հետեւազօրք)։ Արտաւազդը միաժամանակ առաջարկեց պարթեւներու դէմ արշաւանքը կազմակերպել Մեծ Հայքի տարածքով։ Հայոց արքան այդ կը հիմնաւորէր այդ արշաւանքի յիշեալ ուղիին, թէեւ աւելի երկար, սակայն միանգամայն անվտանգ ըլլալով, քանի որ Մեծ Հայքի լեռնային տեղանքը կը զրկէր պարթեւական հեծելազօրքին իր բոլոր առաւելութիւններէն։ Աւելորդ է ըսել, որ Արտաւազդը մտադիր էր հռոմէական բանակի ուժերով Մեծ Հայքը զերծ պահել Պարթեւներու հնարաւոր ներխուժումէն։ Սակայն, ցաւօք, Քրասսոսը ընտրեց արշաւանքի թէեւ կարճ, սակայն վտանգաւոր ուղին, որ կ'անցնէր Միջագետքի դաժան, չոր եղանակ ունեցող անծայրածիր անապատներով եւ տափաստաններով։ Տուն վերադառնալու ճանապարհին Արտաւազդը լուր ստացաւ, որ Պարթեւներու Օրոտես թագաւորը ներխուժած էր Մեծ Հայք եւ կ'ասպատակէր երկրին հարաւային տարածքները։ Արտաւազդը, բնականաբար, այլեւս չէր կրնար օգնական զօրք տրամադրել Քրասսոսին. ան պարտաւոր էր պաշտպանել հայրենիքը։ Իմանալով այդ մասին՝ Քրասսոսը Արտաւազդին կը մեղադրէ դաւաճանութեամբ եւ կը սպառնայ պարթեւական արշաւանքը աւարտելէն ետք պատժել հայոց արքան։ Արտաւազդը՝ ցուցաբերելով ճկուն քաղաքական միտք եւ հեռատեսութիւն, փոխեց իր դիրքորոշումը եւ Օրոտեսին առաջարկեց դաշինք կնքել եւ համատեղ ռազմական գործողութիւններ ծաւալել հռոմէացիներուն դէմ։ Պարթեւներու թագաւորը սիրով ընդունեց այս առաջարկը, եւ Ք.ա. 54 թուականի վերջերուն Արտաշատի մէջ կնքուեցաւ հայ-պարթեւական համաձայնագիր մը, որ ամրապնդուեցաւ հայոց թագաւորի քրոջ եւ պարթեւներու թագաժառանգ Բակուրի ամուսնութեամբ։ Այդ ընթացքին Քրասսոսը, հսկայական կորուստներ տալով, Ք.ա. 53 թուականի գարնան 45.000-նոց զօրքով անցաւ Եփրատ գետը, հասաւ Միջագետքի Խառան քաղաքը։ Քրասսոսը Միջագետքի տափաստաններով կը շարժի Պարթեւներու դէմ։ Պարթեւաստանի թագաւոր Օրոտեսը իր զօրքէն մաս մը զօրավար Սուրէնի հրամանատարութեամբ կ'ուղարկէ Քրասսոսի դէմ, իսկ ինքը միւս մասով կու գայ Հայաստան։ Պարթեւական բանակը դանդաղ կը նահանջէր՝ երկրի խորքը ներքաշելով հռոմէական զօրքերուն։ Սակայն շուտով Պարթեւները դադրեցան նահանջելէ, եւ Ք.ա. 53 թուականի 6 Մայիս-ին Պարթեւ զօրավար Սուրէնը մեծ բանակով յանկարծակի ու շեշտակի հարուածով գլխովին ջախջախեց հռոմէական զօրքը։ ՍպանՆուածներու թիւը կ'անցնէր 20 հազարը, գերիներունը՝ 10 հազար։ ՍպանՆուեցան նաեւ Քրասսոսն ու անոր որդին։ Խառանի ճակատամարտը աւարտեցաւ պարթեւներու յաղթանակով։ Յոյն պատմիչ Պլուտարքոսը կը վկայէ, որ Սուրէնը սպանուած Քրասսոսի գլուխը կ'ուղարէ Մեծ Հայք։ Այդ ժամանակ հայ եւ պարթեւ արքաները, իրենց մերձաւորները Արտաշատի թատրոնի մէջ կը դիտէին յոյն նշանաւոր թատերագիր Եւրիբիտէսի «Բաքոսուհիները» ողբերգութիւնը։ Յոյն դերասան Եասոնը եղջերուի պուտաֆորային գլուխի փոխարէն բեմ դուրս կու գայ Քրասսոսի գլուխով եւ կ'արտասանէ. «Մենք կու գանք սարերէն եւ բերեր ենք մեր հետ հարուստ որս», ինչ որ մեծ ցնծութեամբ կ'ընդունուի հանդիսականներուն կողմէ։ Նոյն պատմիչի խօսքերով՝ == Մարքոս Անթոնիոսի Պարթեւական արշաւանքը == Քրասսոսի պարտութիւնը ծանր տպաւորութիւն ձգեց Հռոմի մէջ, սակայն ներքաղաքական բարդ իրադարձութիւնները խանգարեցին նոր արշաւանքներու կազմակերպութիւնը եւ Պարթեւներէն վրէժխնդրութիւնը։ Աւելին, Յուլիոս Կեսարի սպանութիւնը (Ք.ա. 44) երկիրը ներքաշեց քաղաքացիական պատերազմներու յորձանուտը։ Օգտագործելով յարմար պահը՝ պարթեւա-հայկական միացեալ բանակը Ք.ա. 40 թուականին, Պարթեւ թագաժառանգ Բակուրի եւ հայ զօրավար Վասակի գլխաւորութեամբ անցաւ Եփրատը եւ ներխուժեց Ասորիք։ Փիւնիկէի, Ասորիքի, Պաղեստինի եւ Միջերկրական ծովու ափին գտնուող քաղաքները, որոնք դժգոհ էին հռոմէական ծանր տիրապետութենէն, հայերուն եւ պարթեւներուն կը դիմաւորեն ցնծութեամբ՝ իրար ետեւէ իրենց դարպասները բանալով անոնց առջեւ։ Այդ երկիրներէն Հայաստան տեղափոխուեցան հազարաւոր ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը հմուտ արհեստաւորներ ու առեւտրականներ էին։ Անոնք բնակեցուեցան Հայաստանի քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ եւ որոշ ժամանակ անց հայացան։ Պարթեւներու եւ հայերու յայտնուիլը Միջերկրական ծովու ափերուն սթափեցուց Հռոմին եւ ստիպեց դիմել կտրուկ միջոցներու։ Արեւելք ուղարկուեցաւ Բասոս զօրավարը, որ վճռական ճակատամարտի մը մէջ պարտութեան մատնեց դաշնակիցներուն։ Կռիւներու ժամանակ սպանուեցաւ նաեւ թագաժառանգ Բակուրը։ Անսպասելիօրէն խզուեցաւ հայ-պարթեւական դաշինքը՝ Պարթեւաստանի մէջ սկսուած գահակալական պայքարի պատճառով։ Հռոմէացիները անմիջապէս օգտագործեցին այս յարմար պահը։ Ք.ա. 43 թուականին Հռոմի մէջ իշխանութեան գլուխ եկած Երկրորդ եռապետութեան (Մարքոս Անթոնիոս, Մարքոս Լեփիտոս եւ Օգտաւիանոս Օգոստոս) որոշումով Արեւելք ուղարկուեցաւ Մարքոս Անթոնիոսը, ան որ Ք.ա.38 թուականին մեծ զօրքով կու գայ Արեւելք։ Ք.ա. 38 - Ք.ա. 37 թուականներուն Անթոնիոսը դէպի Պարթեւաստան մեծ արշաւանքի նախապատրաստութիւններ սկսան։ Այս անգամ արշաւանքի երթուղին պիտի անցնէր Մեծ Հայքով։ Ուստի հռոմէացիներուն անհրաժեշտ էր ձեռք բերել Մեծ Հայքի դաշնակցութիւնը։ Արտաւազդը կանգնած էր երկընտրանքի առջեւ։ Ստեղծուած ծանր պայմաններուն մէջ Արտաւազդը ստիպուած եղաւ կրկին դաշնակցել հռոմէացիներուն։ Հայոց թագաւորն Անթոնիոսին խոստացաւ 11.000-նոց օգնական զօրք տրամադրել եւ թոյլատրել պարթեւներու դէմ ռազմարշաւը Մեծ Հայքի տարածքով։ Ք.ա. 37 թուականին Արտաւազդի դաշնակից Օրոտես Բ․ թագաւորի դաւադրական սպանութենէն, ինչպէս նաեւ Ատրպատականի թագաւոր Արտաւազդի ու Պարթեւաց նոր թագաւոր Հրահատ Դ.-ի հակահայկական դաշինքէն ետք, հայ-պարթեւական յարաբերութիւնները կը դառնան թշնամական։ Ք.ա. 36 թուականի ամրան Անթոնիոսը 100 հազարանոց բանակով եւ երեք հարիւր սայլերու վրայ բարձած պաշարողական արհեստական միջոցներով սկսաւ իր արշաւանքը։ Հռոմէական բանակն այս անգամ անցաւ Մեծ Հայքի տարածքով, մտաւ Տիգրան Մեծի օրօք Մեծ Հայքին ենթակայ, իսկ այժմ պարթեւներուն դաշնակից Ատրպատական։ Անթոնիոսը կը շտապէր օր առաջ գրաւել Ատրպատականի մայրաքաղաք Փրասպան, ուստի, պաշարողական մեքենաներու համար առանձնացնելով երկու լեգէոն, ինքը հիմնական ուժերով շարժեցաւ երկրի խորքերը։ Պարթեւներն անմիջապէս օգտագործեցին այդ պահը եւ, յարձակելով ոչնչացուցին պաշարողական մեքենաները։ Պարզ դարձաւ, որ առանց այդ մեքենաներուն անհնարին էր գրաւել պարթեւական քաղաքները։ Իր հերթին լաւ հասկնալով արշաւանքի հնարաւոր ձախողումը՝ Արտաւազդը որոշեց վերադառնալ Մեծ Հայք եւ հրաժարեցաւ ռազմական հետագայ գործողութիւններուն մասնակցելէ։ Հետագային իրեն արդարացնելու համար Անթոնիոսն օգտագործեց այդ հանգամանքը՝ Արտաւազդին հռչակելով դասալիք եւ իր պարտութեան հիմնական մեղաւոր։ Ք.ա. 36 թուականի աշնան Անթոնիոսի բանակը ստիպուած էր նահանջել։ 27 օր տեւած նահանջի ընթացքին հակառակորդն անընդհատ յարձակումներով ուժասպառ կ'ընէր հռոմէացիներուն։ Անոնք կորսնցուցին 32.000, իսկ դաշնակիցները՝ 12.000 զինուոր։ Հայկական կողմը թագաւորի հեռատեսութեան շնորհիւ կորուստներ չունեցաւ։ Միայն Մեծ Հայք հասնելէն ետք Անթոնիոսը կրցաւ հանգիստ շունչ առնել, բուժել զինուորներուն վէրքերը եւ կարգի բերել բարոյալքուած բանակը։ Այնուհանդերձ, Մեծ Հայքի մէջ ան զգալի կորուստներ ունեցաւ հայկական սառնամանիքներու պատճառով։ Մեծ Հայքէն ան մեկնեցաւ Աղեքսանդրիա։ == Մարքոս Անթոնիոսի Հայկական Արշաւանքը == Հռոմէական սենատին ուղարկուած զեկուցագիրին մէջ Անթոնիոսը, իր ապաշնորհութիւնն ու մեղքը քօղարկելու նպատակով, ռազմական վիթխարի ծախսերն ու մարդկային ահռելի կորուստները կը բացատրէ հայոց թագաւորի դաւաճանութեամբ։ Իր վարկաբեկուած հեղինակութիւնը ինչ որ չափով վերականգնելու համար ան կը ծրագրէ գրաւել ու կողոպտել Մեծ Հայքը։ Սկիզբը ան կը փորձէ Արտաւազդին ծուղակ ձգել։ Դիմելով խորամանկութեան՝ անոր կը հրաւիրէ Աղեքսանդրիա՝ իբրեւ պարթեւներու դէմ նոր արշաւանքի ծրագիրը քննարկելու։ Կանխազգալով վտանգը՝ Արտաւազդը հրաւէրը մերժեց։ Ապա Անթոնիոսը խնամախօս ուղարկեց Արտաշատ՝ Արտաւազդին հրաւիրելու Աղեքսանդրիա՝ հայոց արքայադստեր եւ իր ու Եգիպտոսի թագուհի Կղէոպատրայի որդի Ալեքսանտրի ամուսնութեան հարցը քննարկելու։ Մերժում ստանալով՝ Անթոնիոսը Ք.ա. 34 թուականի ամրան անակնկալ արշաւեց դէպի Հայոց թագաւորութիւն եւ մօտեցաւ Արտաշատին։ Արտաւազդը իր 70 հազարնոց բանակը մարտի չհանեց հռոմէական 60 հազարանոց բանակին դէմ։ Ան կը փորձէր վէճը լուծել խաղաղութեամբ։ Նման դէպքի պարագային, թերեւս, երկիրը կրնար զերծ մնալ աւերածութիւններէ, բայց անմիջականօրէն կը վտանգուէր թագաւորի անձը։ Բանակցութիւններ վարելու փոխարէն Անթոնիոսը ձերբակալեց հայոց թագաւորին, անոր ընտանիքը եւ կողոպտեց արքունի գանձերը։ Անթոնիոսի այս քայլը դատապարտած են անգամ իրենք՝ հռոմէացիները։ Այսպէս, Տիոն Քասսիոսը կը գրէ, թէ Անթոնիոսը Արտաւազդին Այսուհանդերձ հռոմէացիներն իրենց նպատակին չհասան։ Հռոմէական գերութենէն խուսափած թագաժառանգ Արտաշէսը փորձեց հակահարուած տալ հակառակորդին եւ ազատել կալանուած արքային, սակայն հապշտապ եւ լաւ չկազմակերպուած գործողութիւններով որեւէ արդիւնքի չհասաւ։ Ան պարտութիւն կրեց եւ փախաւ Պարթեւաստան։ Մեծ Հայքի քաղաքներուն մէջ ձգելով հռոմէական կայազօրներ, Անթոնիոսը վերադարձաւ Եգիպտոս՝ իր հետ տանելով Արտաւազդ Բ-ին եւ անոր ընտանիքը։ Ան Ալեքսանտրիայի մէջ յաղթահանդէս կազմակերպեց, որուն ժամանակ բոլորին ուշադրութեան կեդրոնին մէջ ոսկէ շղթաներով շղթայուած հայոց թագաւորն ու անոր ընտանիքն էին։ Գերիներուն յորդորած էին խոնարհիլ Կղէոպատրային եւ անոր մեծարանքի խօսքեր շռայլել։ Սակայն հայոց արքան եւ անոր հարազատներն անցան հպարտօրէն ու արժանապատիւ։ Ինչպէս կը գրէ ժամանակակից յոյն պատմիչը՝ «անոնք ցոյց տուին իրենց ոգիի արիութիւնը»։ Հայերու նման կեցուածքը մեծ տպաւորութիւն ձգեց։ Վիրաւորուած Կղէոպատրան չներեց Արտաւազդին եւ զնտան նետել տուաւ զինք։ Անթոնիոսի ինքնագլուխ գործողութիւնները խիստ սրեցին անոր յարաբերութիւնները պաշտօնական Հռոմի հետ։ Քաղաքացիական պատերազմը դարձաւ անխուսաբելի, որ եւ շուտով բռնկեցաւ։ Ք.ա. 31 թուականի 2 Սեպտեմբեր-ին Աքթիումի ճակատամարտին Անթոնիոսը լիակատար պարտութիւն կրեց եռապետ Օքտաւիանոս Օգոստոսի բանակէն եւ փախաւ Աղեքսանդրիա։ Հոկտեմբերին՝ Կղէոպատրայի կարգադրութեամբ Արտաւազդ Բ.-ը մահապատիժի ենթարկուեցաւ Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Շատ չանցած, Օգտաւիանոսի կողմէն գերի տարուելու վտանգը ստիպեց Անթոնիոսին եւ Կղէոպատրային՝ ինքնասպանութեամբ, վերջ տալ իրենց կեանքին։ Արտաւազդը ստացած է հելլենական կրթութիւն։ Պլուտարքոսը կը վկայէ, որ Արտաւազդը գրած է ճառեր, պատմութիւններ ու ողբերգութիւններ, որոնք սակայն, չեն հասած մեզի։ == Արտաշէսեան հարստութիւն == Կաղապար:Նիմնական Արտաշէսեան արքաայատոհմը Հայաստանի մէջ կառավարած է 2 դար։ Անոր հիմնադիրը՝ Արտաշէս Ա․-ը, իշխանութիւնը օրինական դարձնելու նպատակով իրեն կը ներկայացնէր Երուանդունիներու ներկայացուցիչ՝ որդի Զարեհի, Երուանդեան։ Իրականին մէջ, ան հիմնադրած է նոր թագաւորական հարստութիւն։ == Աղբիւրներ == Կենսագրական տուեալներ armenians.com կայքում == Ծանօթագրութիւններ == Կաղապար:Տեղեկաքարտ Հաջորդականութիւն2
3,810
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան ԱՄՆ-ի Մասնաճիւղեր
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) ԱՄՆ-ի մասնաճիւղեր, 1918 թուականին Կ. Պոլիսի մէջ ծնունդ առած ՀՄԸՄ-ի առաջին մասնաճիււղը ԱՄՆ-ի մէջ հիմնուած է 1921 թուականին, Նիու Եորքի՝՝ Մ. Խուբեսերեանի, Օ. Քեմանճեանի, Հ. Գարապեկեանի նախաձեռնութեամբ։ Նպատակը հայ պատանիներու եւ աղջիկներու ֆիզիքապէս առողջ դաստիարարկութիւն է, անոնց հայրենասիրութեան ոգով տոկորելը։ Կազմակերպութիւն կը ծաւալի մարզական, սկաուատական, ըկերային գործունէութիւն։ 1968 թուականէն սկսած են կազմակերպուիլ Գալիֆոռնեայի մասնաճիւղերը։ Կը գործեն ՀՍԸՄ Գալիֆոռնեայի եւ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնները։ Կազմակերպուած են միջմասնաճիւղային, համագաղութային ամենամեայ մարզական միջոցառումներ (նաւասարդեան խաղեր), Հայաստանի եւ Գալիֆոռնիայի ՀՄԸՄ մասնաճիւղերու սկաուատական բանակումներ։ Մասնաճիւղեր են գործում Լոս Անճելեսի, Ֆրեզնոյի, Սան Ֆրանջիսքոյի, Փասադենայի, Գլենդելի, Օրինջ Քաունթիայի, Սան Դինգոյի, Սան Ֆեռնանտոյի, Պոսդընի, Նիու Եորքի, Նիու Ջերսիյի, Դետրոյտի, Ֆիլատելֆիայի, Փրովիդենսի, Ուաշինգդոնի, Հարաւային Ֆլորիտայի։ Գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերը ունին ֆութպոլի, պասկեդպոլի, վոլեյբոլի, թենիսի, քոնգֆու-կարադէյի, թեթև աթլեդիքայի, դաշտային խաղերու խմբակներ։ Հրատարակած է «Լրատու» (1986, Լոս Անճելըս), «Կոչնակ» (1980-1982, Գլենդել) պարբերականները, «Ասպարեզ» օրաթերթի «Հայասա» հաուելվածը:
2,075
Արծուիկ (անձնանուն)
Արծուիկ, հայկական իգական անուն։ Հայկական Արծիւ անուան փաղաքշական ձեւն է։ Յայտնի չէ, թէ որ թուականէն սկսեալ գործածուած անուն է։ == Ծանօթագրութիւններ ==
476
1780 թուական
1780 թուական, նահանջ տարի, 18րդ դարու 80րդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1780 ծնունդներ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1780 մահեր
6,019
Սեղէն
Սեղէն, (լատ.՝ Selenium), Se կարգահամարը՝ 34, ատոմական զանգվածը՝ 78.96: == Պատմություն == Սեղէնը 1817-ին յայտնաբերած է Եոնս Եաքոպ Պերզելիւսը (շուէտ.՝ Jöns Jacob Berzelius) Ծծմբական թթուի արտադրութեան թափոններուն մէջ։ === Անուանում === Անուանումը ստացած է Լուսինէն (յուն․՝ σελήνη՝ լուսին)։ == Նշանակութիւնը == Սեղէնը կ'օգտագործեն կիսահաղորդչային ուղղիչներ, լուսաելեկտրական սարքեր, ամորֆ սեղէնը՝ ելեկտրալուսանկարչական պատճէնահանող սարքեր պատրաստելու համար։ Սեղէնը կ'օգտագործուի նաեւ կանաչ ապակին գունազրկելու, սուտակապակի ստանալու, պողպատի մեքենայական յատկութիւնները լաւացնելու համար։ Սեղէնը եւ նամանաւանդ անոր միացութիւնները թունաւոր են։ Սնունդի մէջ սեղէնի մեծ պարունակութիւնը (2 մկ/քկ) կը յառաջացնէ սուր եւ տեւական թունաւորում։ Չնայած ատոր, Մարդուն, անասուններուն եւ որոշ բույսերու համար սեղէնը անհրաժեշտ մանրատարր է, կը մեծացնէ աչքի ցանցաթաղանթի լուսազգայնութիւնը, որպէս հակաօքսիտիչ կը ներգործէ ֆերմենթային գործակցութիւններուն վրայ։ Կենդանի հիւսուածքները կը պարունակեն 0,01-1 մկ/քկ սեղէն։ == Բնագիտական Յատկութիւններ == Պինդ սեղէնը կը յառաջացնէ բիւրեղական (α, β, γ) եւ անձեւական ձեւափոխութիւններ, որոնք կիսահաղորդիչներ են։ Ամէնէն կայուն է՝ հեքսակոնայի, մուգ մոխրագոյն ձեւափոխութիւնը, հալման ջերմաստիճանը՝ 217 °С, եռմանը՝ 685 °С, խտութիւնը՝ 4807 քկ/մ3։ Լուսազգայուն է, ելեկտրահաղորդականութիւնը (10−2- 10−12 օհմ−1·սմ−1, 20 °С մթութեան մէջ) լուսաւորելիս՝ կ'աճէ մինչեւ 1000 անգամ։ Սովորական պայմաններին սեղէնը քիմիապէս կայուն է՝ թթուածինը, ջուրը, չօքսիտացնող թթուները եւ մյուս քիմիական տարրերը (բացառութեամբ F2) անոր հետ չեն փոխազդեր։ Սեղէնը կը լուծուէ բորակածինի թթուին մէջ, արքայաջուրին մէջ։ Արժէքականութիւնը՝ II, IV եւ VI, միացութիւններուն կը ցուցաբերէ մինչեւ +6 օքսիտացման աստիճաններ: Ոչ մետաղ է։ == Բնութեան մեջ == Երկրակեղեւին պարունակութիւնը 5•10−6 % է՝ ըստ զանգուածի (տարածուածութեամբ 68րդ տարրն է)։ Կը յառաջացնէ 38 հազւագիւտ հանդիպող միներալ։ Կ'ուղեկցէ ծծումբին։ Սեղէն կը պարունակեն (6-10−5 %) կաւերը եւ թերթաքարերը։ Կենսոլորտին մէջն արագ տեղաշարժուող տարր մըն է։ Յատկութիւններով կը նմանի ծծումբին։ Սեղէնը երկիրի ընդերքին մէջ կը պարունակուէ մօտ 500 մկ/թ։ Սեղէնի խտացուածութիւնը ծովի ջուրին մէջ 4·10−4 մկ/լ է: == Ստացում == Սեղէնը կը ստանան ծծմբական թթուի, թաղանթանիւթի, թուղթի արտադրութեան թափոններէն եւ պղինձի ելեկտրաժողովման զտամաքրեցման անոտային նստուածքներէն։ Կիսահաղորդչային բնագաւառին օգտագործուող սեղէնը կը մաքրեն վաքուումային թորումով։ Աւելի մաքուր սեղէն կը ստանան սեղէնաջրածնի ջերմային քայքայմամբ։ == Քիմիական Յատկութիւններ == Տարրերու պարբերական համակարգի 4-րդ պարբերութեան 6-րդ խումբի քիմիական տարր է: Սեղէնը p-տարր է, հիիլէի դուրսին ելեկտրոնային թաղանթի կաոուցուածքն է 4s24p4, K,L եւ M թաղանթները լրացուած են։ Աթոմները կը պարունակեն երկուական չզոյգուած ելեկտրոններ։ Բնական սեղէնը բաղկացած է 74Se (0,87%), 76Se (9,02), 77Se (7,58), 78Se (23,52), 80Se (49,82) և 82Se (9,19) կայուն իզոթոփներէ։ Ստացուած են սեղէնի՝ թիւով 16 ռատիոաշխոյժ իզոթոփները, որոնցմէ կարեւոր է 75Se-ը (կիսատրոհման պարբերութիւնը 121 օր է)։ == Ծանօթագրութիւններ ==
23,527
Հենրի Մորկընթաու Գ.
Հենրի Մորկընթաու Գ. (11 Յունուար 1917(1917-01-11), - 11 Յուլիս 2018(2018-07-11) կամ 10 Յուլիս 2018(2018-07-10), Ուաշինկթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի գրող եւ հեռատեսիլի յայտագիրներու ծանօթ արտադրող։ 1913-1916 Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի թոռը։ Մորկընթաու պայքարած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Ան Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան մանրամասնութիւնները լսած է ականատեսէն` իր մեծ հօրմէն եւ իբրեւ օրինակ ունեցած է անոր կեանքի պայքարը` յանուն արդարութեան հաստատման եւ մարդասիրութեան: Իր ելոյթներէն մէկուն մէջ ան նշած է. 1999-ին ան այցելած է Հայաստան եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` մասնակցելով իր մեծ հօր գերեզմանէն բերուած հողը յուշապատին մէջ ամփոփելու արարողութեան: 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ բացուած է Մորկընթաուի անունը կրող աշխատասենեակ մը: == Ծանօթագրութիւններ ==
2,595
Գուգարք
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Մեծ Հայքի աշխարհ Գուգարք, Մեծ Հայքի տասներրորդ նահանգը։ == Վարչական բաժանում == Գուգարքը կազմուած էր հետեւեալ 13 գաւառներէն. Ձորոփոր- կեդրոնը՝ Մանից գոմ Կողբոփոր- կեդրոնը՝ Կողբաքար Ծոբոփոր- կեդրոնը՝ Ծոփաբերդ Տաշիր- կեդրոնը՝ Լոռի բերդ Թռեղք- կեդրոնը՝ Ծաղկայ (Ծաղկայ) Կանգարք- կեդրոնը՝ Կեչուտ Արտահան- կեդրոնը՝ Արտահան Վերին Ջաւախք (Վերին Ջաւախք)- կեդրոնը՝ Քաջատուն Կղարջք- կեդրոնը՝ Արտանուջ Քվիշափոր (Քուիշափոր)- կեդրոնը՝ Քվեշ (Քուէշ) Բողնոփոր- կեդրոնը՝ Բողնիս Շավշեթ (Շաւշէթ)- կեդրոնը՝ Շատբերդ Մանգլեաց փոր (Մանգլեաց փոր)- կեդրոնը՝ Սակվրեթ (Սակուրէթ) == Պատմական ակնարկ == Յոյն պատմիչները կը յիշատակեն Գոգարեն՝ անուանաձեւով։ Ունի հեթանոսական ծագում։ Արեւելքէն սահմանակից եղած է Ուտիքին, հարաւէն՝ Այրարատին, արեւմուտքէն՝ Տայք նահանգներուն, հիւսիսէն՝ Վիրքին։ Գուգարքը Ք․Ա․ VIII դ․ մտած է Ուրարտական, Ք․Ա․ IV-II դդ․՝ Երուանդունիներու հայկական պետութեան կազմին մէջ։ Արտաշեսեան եւ Արշակունի թագաւորներու ժամանակ Գուգարքը Մեծ Հայքի չորս սահմանապահ բդեշխութիւններէն մէկն էր։ 387–ին, Բիւզանդիոյ եւ Իրանի միջեւ Մեծ Հայքի բաժանմամբ՝ Գուգարքը, բացառութեամբ Տաշիր գաւառի, միացուեցաւ Վիրքին։ 652–ի հայ–արաբական համաձայնագրով [[Թէոդորոս Ռշտունի]]ն վերամիաւորած է նաեւ Գուգարքը։ VIII դ․ Գուգարքի արեւմտեան գաւառները մտած են Տփղիսի (Թիֆլիս) արաբական ամիրայութեան, IX դ․ կէսէն՝ վրաց Բագրատունիների տիրույթների մեջ, իսկ արեւելյան գավառները՝ հայ Բագրատունիների։ 969-970–ին արեւելեան Գուգարքի՝ Հայոց թագաւոր Աշոտ Գ․ Ողորմածի որդի Գուրգէնը, հիմնած է թագաւորութիւն՝ Շամշուլտէ կեդրոնով։ 1065–ին այս թագաւորութեան կեդրոնը տեղափոխուած է Լոռի բերդաքաղաքը, որուն հետեւանքով այն կոչուած է նաեւ Լոռիի թագաւորութիււն։ XI դ․ վերջին եւ XII դ․ սկզբին, Լոռիի թագաւորութեան տիրած են սելճուք նուաճողները։ Իսկ 1118 - 1123–ին այն սելճուքներէն գրաւած է՝ Դաւիթ Շինարար թագաւորը եւ տուած վրաց Օրբելիներուն։ Ճնշելով Օրբելիներու խռովութիւնը 1177–ին՝ վրաց Գէորգի III թագաւորը Լոռի բերդաքաղաքը յանձնած է ղփչաղներուն, իսկ 1185–էն՝ Զաքարեաններուն։ XII-XIII դդ․ Գուգարքի մէջ կալուածներ ունեցած են նաեւ Մամիկոնեանները եւ Արծրունիները։ Կիւրիկեաններու եւ Զաքարեաններու օրոք, արեւելեան Գուգարքը եղած է հայ մշակոյթի ու գիտութեան կեդրոն։ Զարգացած էր գորգագործութիւնը, փայտամշակութիւնը, մետաղագործութիւնը։ Արեւելեան Գուգարքի մէջ ապրած եւ ստեղծագործած են միջնադարեան ականաւոր գիտնականներ՝ Յովհաննէս Սարկաւագը, Գրիգոր Տուտեորդին եւ Մխիթար Գոշը։ Մոնղոլներու նուաճումներէն յետոյ, Զաքարեաններու տիրոյթ արեւելեան Գուգարքը, մտած է Կիւրճիստանի վիլայէթի մէջ։ Կաղապար:Մեծ Հայքի վարչական բաժանում
19,556
Տրդատ ճարտարապետ
Տրդատ ճարտարապետ (շուրջ 940 - մահուան թուականը անյայտ է, հաւանաբար՝ 1020-էն ետք), Բագրատունեաց հարստութեան դարաշրջանին հայ ճարտարապետ եւ քանդակագործ։ Շինարարական գործերը ծաւալած են գլխաւորաբար Շիրակի մէջ։ Անկէ ետք, երբ Աշոտ Գ. թագաւոր 961-ին մայրաքաղաքը Կարսէն Անի կը տեղափոխէ, հոն կը տեղափոխէ նաեւ կաթողիկոսական աթոռը։ Տրդատ կը կառուցէ Անիի մայր տաճարը եւ կաթողիկոսարանին շէնքը։ Ըստ հայ պատմիչներու (Ստեփանոս Տարօնեցի եւ այլք) վկայութեան, Կ. Պոլսոյ երկրաշարժէն ետք փլած է Ս. Սոֆիա մայր տաճարին գմբէթը, Տրդատ կը հրաւիրուի զայն վերականգնելու համար։ Ան գմբէթը կը կառուցէ 4 մոյթերու (սիւներու) վրայ, անոր տալով հայկական ճարտարապետական ոճ մը։ Այդ աշխատանքները կ'աւարտին 994-ին։ == Կեանքը == Տրդատի կեանքին մասին մեզի հասած են խիստ սահմանափակ տեղեկութիւններ: Առանձին եւ կցկտուր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ ԺԱ. դարու պատմիչ Ստեփանոս Ասողիկ Տարօնեցին՝ իր «Տիեզերական պատմութեան» մէջ: Տրդատին կեանքը կը զուգադիպի Հայաստանի բարգաւաճման ժամանակաշրջանին, երբ Հայաստան ազատած էր արաբական խալիֆաթի գերիշխանութենէն, եւ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած էին երկրին զարգացման համար: Այս ընթացքին, Բագրատունեաց Հայքի մայրաքաղաքը կը դառնայ Անին, ուր մեծ թափով կը սկսին շինարարական աշխատանքները: Մինչ այդ, արաբական արշաւանքներէն աւերուած երկիրը արագօրէն կը վերականգնի, եւ կը կառուցուին ու կը վերակառուցուին զանազան շինութիւններ: Տրդատ Ճարտարապետ իր գործուն մասնակցութիւնը կը բերէ երկրին մէջ ծաւալող շինարարութեան՝ յատկապէս Անիի եւ Շիրակի մէջ, ուր ինք կը բնակէր: == Տրդատի ճարտարապետական գործունէութիւնը Հայոց թագաւորութեան ընթացքին == Տրդատ առաջին շէնքը կառուցած է Արգինայի մէջ: Այդ վայրը 965-ին դարձած էր Հայոց եկեղեցւոյ կաթողիկոսանիստը, երբ Անանիա Ա. Մոկացի կաթողիկոս, ձգելով Վանայ լիճին Աղթամար կղզին, բնակած է Անիի մօտերը: Հայոց նորընտիր կաթողիկոս Խաչիկ Ա. Արշարունի կ'որոշէ նոր աթոռանիստին համար այդ վայրին մէջ հիմնել մեծ եկեղեցի մը, որու կառուցումն ալ կը յանձնարարէ Տրդատ Ճարտարապետին: Այդ եկեղեցիէն այսօր, պահպանուած են հիւսիսային պատը եւ արեւմտեան պատին մէկ մասը, իսկ մնացեալ մասերը ամբողջութեամբ ցիր ու ցան եղած են: Այս պատճառով այսօր կարելի չէ յստակ նկարագրել այդ եկեղեցւոյ արտաքին տեսքը, սակայն տեղեկութիւններ կը հաղորդեն պարսիկ պատմիչ Մովլանա Իտրիս, որ Շահ-Իսմայիլի զօրքերուն հետ հասած էր հոն, եւ իր մատեանին մէջ մեծ հիացումով կը խօսի շինութեան մասին: Անկէ ետք Տրդատ ճարտարապետ նոր յանձնարարութիւն մը կը ստանայ Սմբատ Բ. Տիեզերակալ արքայէն (977-989): Անիի մէջ պիտի կառուցուէր մեծ չափերով եկեղեցի մը, որ պիտի նուիրուէր Քրիստոսի ծննդեան 1000-ամեակին: Անիկա Անիի հռչակաւոր Մայր Տաճարն էր, որ հետագային նշանաւոր կը դառնայ իր հոյակերտ ճարտարապետութեամբ: Արքային մահուան պատճառով տաճարին կառուցման աշխատանքները որոշ շրջան մը կը դադարին: == Կոստանդնուպոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարի գմբէթին վերակառուցումը == Մայր տաճարին կառուցման ժամանակաւոր դադարը Տրդատ կ'օգտագործէ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիս մեկնելու համար, ուր զինք հրաւիրած էին վերականգնելու կայսրութեան գլխաւոր եկեղեցւոյ՝ Ս. Սոֆիա տաճարին գմբէթը: Անիկա Բիւզանդական կայսրութեան ճարտարապետութեան ծաղկման ժամանակաշրջանին երեւելի յուշարձան մըն է, որ 532-537 թուականներուն վերակառուցած են նշանաւոր ճարտարապետներ՝ տրալեսցի Անթիմոս եւ միլեթցի Իսիդոր՝ Հուստինիանոս Ա. կայսեր օրով եւ անոր գործուն մասնակցութեամբ: 1 Մայիս 558-ին ուժեղ երկրաշարժ մը տեղի կ'ունենայ որմէ փուլ կու գայ տաճարին շուրջ 31.5 մեթր տրամագիծով գմբէթը: Հուստինիանոս կ'որոշէ նոր գմբէթ մը կառուցել, եւ քանի որ արդէն մահացած էին Անթիմոսն ու Իսիտորը, գործը յանձն կ'առնէ վերջինիս եղբայրը՝ Իսիտոր Կրտսերը: Անոր կառուցած գմբէթը կանգուն կը մնայ բաւական երկար, եւ կը դիմանայ 869-ի երկրաշարժին, բայց փուլ կու գայ 986-ի երկրաշարժին: Անկէ ետք, Տրդատ կը հրաւիրուի Կոստանդնուպոլիս՝ դարձեալ վերակառուցելու համար Ս. Սոֆիա գմբէթը: Այս մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Ստեփանոս Ասողիկ Տարօնեցի պատմիչը: Յայտնի է, որ կառուցման աշխատանքները կարգաւորելու համար Տրդատ նախապէս կը պատրաստէ եկեղեցւոյ յատակագիծը, որու վրայ նախ ան կը լուծէ ճարտարապետական հարցերը: Այնուհետեւ Տրդատ բարձր փայտամածներ կը կանգնեցնէ մինչեւ գմբէթը՝ այդ լուծումները տաճարին վրայ կիրարկելու համար: Տեղեկութիւններ պահպանուած են, որ այդ փայտամածներուն համար արքունի գանձարանը ծախսած է 1000 ոսկի լիվեր: Բացի գմբէթէն, Տրդատ վերականգնման այլ աշխատանքներ ալ կատարած է, քանի որ, ինչպէս յայտնի է, կառոյցը վերէն վար ճաթած էր: Տրդատ կը կատարելագործէ իրեն վստահուած յանձնարարութիւնը՝ ցուցադրելով իր փայլուն վարպետութիւնը, որու մասին կը վկայեն յուշարձանին ոչ միայն ներկայ վիճակը, այլեւ Ասողիկի վկայութիւնն այն մասին, որ տաճարը վերականգնումէն ետք, նախկինէն աւելի վայելչագեղ տեսք մը կը ստանայ: Կառուցումէն ի վեր իր բազմաթիւ փլուզումներէն ետք Տրդատ ճարտարապետին վերակառուցածը ամուր կը պահպանուի մինչեւ մեր օրերը՝ աւելի քան 1000 տարի: Ս. Սոֆիա տաճարին մէջ Տրդատին կատարած վերականգնումը լիովին կ'արտացոլէ Ժ.-ԺԱ. դարերու հայոց շինարարական մշակոյթի զարգացման աստիճանը: Թէեւ այդ օրերուն Հայաստանի մէջ այդպիսի մեծ գմբէթներ չէին կառուցեր, սակայն ասիկա ցոյց կու տայ, որ անոնց կառուցման եղանակներն ու ճարտարապետական լուծումները խորթ չէին հայ ճարտարապետներուն: Իսկ որպէսզի Բիւզանդական կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ այդպիսի պատասխանատու պատուէր ստանար, պարզ է, որ Տրդատ պէտք է առաջնակարգ ճարտարապետի մեծ համբաւ ունենար: Ստեփանոս Ասողիկ կը յայտնէ, որ մինչեւ Տրդատը հրաւիրելը, հմուտ յոյն ճարտարապետները շատ կը յոգնէին վերականգնման համար, բայց յստակ լուծումներ չէին կրնար առաջարկել: == Անիի Մայր տաճարին կառուցման աւարտը == Այս աշխատանքը աւարտելէ ետք Տրդատ կը վերադառնայ Անի, ուր նոր արքայ Գագիկ Ա.-ի կինը՝ թագուհի Կատրանիտէն, որ Սիւնեաց Վասակ իշխանին դուստրն էր, անոր կը յանձնարարէ դարձեալ ձեռնարկել Մայր տաճարին կառուցումը: Տաճարին կառուցումը կ'աւարտի 1001-ին եւ կը նուիրուի Քրիստոսի ծննդեան 1000-ամեակին: Անիկա կը դառնայ Անիի աշխարհիկ ու հոգեւոր բնոյթի հոյակերտ շինութիւններու պսակը եւ մեծ համբաւ կը բերէ իր ճարտարապետին: == Աղբիւրներ == Թորամանեան Թ․, Նիւթեր հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան, հ.2, Ե․, 1948։ Լեւոնեան Գ., ճարտարապետ Տրդատ Անեցին եւ իր գործերը, էջմիածին, 1949։ Մնացականեան Ս․ Խ․, Վարպետաց վարպետներ, Ե․, 1982։
5,545
Պարտիզակ
Պարտիզակ, գիւղ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Խարբերդի վիլայէթի Չմշկածագ գաւառին մէջ։ Բնակչութեան մասին տուեալներ չեն պահպանուած։ Անոնք բռնութեամբ տեղահանուած են 1915 թուականին՝ Մեծ Եղեռնի ժամանակ։ Անոնց մեծ մասը զոհուած է աքսորի ճամբուն վրայ։ == Աղբիւրներ == «Հայաստանի եւ հարակից շրջանների տեղանունների բառարան» (5 հատորով), 1986 - 2001 թթ., Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն
5,511
Պատմողական սեռ
Պատմողական սեռ, արձակի նոր նուաճումներէն գլխաւորը այն է, որ պատմողականը կը հարստանայ ներքին եզրով՝ հոգեբանական խորութեամբ։ Զ․ Եսայեանի գործը հաւանօրէն յարակագոյն օրինակները կու տայ մեզի այս տիպի հարստացման։ «Նկարագիր մը» խորագրեալ առաջին հատուածը կը նկարէ գրագիտուհիին Երանիկ մօրաքրոջ հոգեբանական կերպարը՝ հարուստ երկուութիւններով, դրուած՝ անցեալ ու ներկայ բարքերու եւ իր մանկութեան վայրերուն խորքին վրայ։ «Հոգիներու Աքսորը» կը խորացնէ դէպի վերլուծում անիկա երկու արուեստագէտ կիներու հանդիպումը կը դարանէ առիթ՝ կարդալու ճակատագիրը փոքրամասնական համայնքի մը՝ Պոլսոյ հայութեան, անոր մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն ընդմէջէն։ == Աղբիւր == Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 119:
18,907
Կալա Արթ (ցուցասրահ)
«Կալա Արթ» ցուցասրահը, ցուցասրահ Երեւանի մէջ: Հիմնադրուած է 13 Հոկտեմբեր 2012-ին։ Ցուցասրահի հիմնադիր տնօրէններն են ամուսիններ Աւետիս Պէրպէրեանն ու Նուշիկ Միքայէլեանը։ == Նպատակներ == «Կալա Արթ» ցուցասրահի հիմնական նպատակներէն է միջազգային արուեստի շուկային մէջ հայկական կերպարուեստի մնայուն տեղը հաստատել, հայ արուեստագէտներու աշխատանքներով հանդէս գալով լաւագոյն միջազգային ցուցահանդէսներուՆ։ ԳործունԷութեան հիմնական մաս կը կազմէ նաեւ երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտներու բացայայտումն ու միջազգային ասպարէզին մէջ անոնց աշխատանքներու տարածումը։ == Ցուցադրութիւններ == Ցուցասրահին մէջ կը ներկայացուին 19-րդ դարէն՝ մինչեւ ժամանակակից, պատմականօրէն յայտնի արուեստագէտներու գեղանկարներ եւ քանդակներ։ «Կալա Արթը» կը ներկայացնէ ազգային եւ միջազգային ճանաչում վայելող շուրջ 100 գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու, որոնց աշխատանքները կը զարդարեն լաւագոյն հաւաքածոները՝ հայ դասական մեծագոյն վարպետներու (Մարտիրոս Սարեան, Մինաս Աւետիսեան, Գէորգ Բաշինջաղեան, Յարութիւն Կալենց, Յակոբ Յակոբեան) եւ ժամանակակից արուեստագէտներու՝ Այվազ Աւոյեան, Արեւ Պետրոսեան, Արկադի Պետրոսեան, Աշոտ Պաղտասարեան, Կարէն Պաղտասարեան, Յարութիւն Յակոբեան, Հերիքնազ Գալստեան, Վաւ Յակոբեան եւ շատ ուրիշներու գործեր։ === Հիմնական ծառայութիւններ === Յատուկ միջոցառումներու եւ հաւաքոյթներու համար արուեստի գործերու տրամադրում, ցուցադրութեան կազմակերպում, մասնագիտական տեղափոխում եւ տեղադրում Արուեստի գործերու խորհրդատուութիւն եւ ընտրութիւն «Կալա Արթ» ցուցասրահի տարածքի վարձակալին մէջ մշակութային բարձրակարգ միջոցառումներու, հանդիպումներու եւ ընկերական յատուկ հաւաքոյթներու համար == Ցուցահանդէսներ == 2014 «Պէյրութ Արթ Ֆէր» միջազգային ցուցահանդէս 2014 «Արթ Քոքթէյլ» ցուցահանդէս 2014 «Արուեստի գլուխկոտրուկ» 29 արդի եւ ժամանակակից արուեստագէտներու աշխատանքներու ցուցահանդէս 2013 «Համաշխարհային մոդեռնիստ վարպետներ», ցուցահանդէս նուիրուած Փիքասոյի, Մարք Շակալի, Միրոյի, Մատիսի եւ Դալիի օրիգինալ լիտոգրաֆիաներուն 2013 «Տիեզերքը մենք ենք», 19-րդ դարէն մինչեւ 2014՝ շուրջ 150 աշխատանքներու ցուցադրութիւն 2013 «Ժամանակը սէր է», ցուցահանդէս նուիրուած Սուրբ Սարգիսի տօնին 2012 «Դու եւ գոյնը», Նոր տարուան յատուկ տօնական արուեստի հաւաքածոյի ցուցահանդէս 2012 «Բացման ցուցահանդէս», 40 արուեստագէտներու մասնակցութեամբ == Հասցէ == Ցուցասրահը կը գտնուի Երեւանի Բայրոնի փողոցի 12 հասցէին վրայ։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Կալա Արթ ցուցասրահի պաշտօնական կայքը
7,635
Արշա Օվանեսովա
Արշա Համբարձումի Օվանեսովա (23 Դեկտեմբեր, 1906, Պաքու, Ազրպէյճան – 6 Մայիս, 1990 Մոսկուա, ՌԴ), փաստագրական ֆիլմերու խորհրդային հայ բեմադրիչ, բեմագիր, ՌԽՖՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ (1947), Ստալինեան մրցանակի առաջին աստիճանի դափնեկիր (1950), ԽՄԿԿ անդամ 1943 թուականէն։ == Կենսագրութիւն == Արշա Օվանեսովա, ծնած է 1906 թուականին Պաքու քաղաքին մէջ։ 1932 թուականին աւարտած է ՎԳԻԿ-ի բեմադրիչի բաժինը։ 1931-1961 թուականներուն եղած է Փաստագրական ֆիլմերու կեդրոնական սդիւտիոյի բեմադրիչը։ 1931 թուականին հրապարակած է Պիոներիա կինոամսագրի առաջին համարը, որ ղեկավարեց 15 տարի։ 1928-1961 թուականներուն դասաւանդած է ՎԳԻԿ-իի մէջ, 1959-1961 թուականներուն եղած է փաստագրական ֆիլմերու արուեստանոցի հիմնադիրն ու ղեկավարը։ Ամուսինը՝ խորհրդային ֆիլմ նկարահանող Սեմէոն Շեյնինն եղած էՆկարահանուած է «Հաշիմ» ֆիլմին մէջ (1928), համահեղինակ է «Լեռնային լիճի գաղտնիքը» (1954, Մարօ Երզինկեան) կինոնկարի (երկուքն ալ՝ Հայֆիլմ)։ Մահացած է 1990 թուականին Մոսկուայի մէջ, թաղուած է Տրոեկուրովսկի գերեզմանոցը։ == Մրցանակներ եւ պարգեւներ == Ստալինի առաջին աստիճանի մրցանակ (1950)՝ «Աշխարհի պատանեկութիւնը» ֆիլմի համար (1949) Խաղաղութեան միջազգային մրցանակ (1950)՝ «Աշխարհի պատանեկութիւնը» ֆիլմի համար (1949) ՌԽՖՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ (1947) 2 շքանշան եւ մետալ == Ֆիլմագրութիւն == === Բեմադրիջ === === Սենարիստ === == Ծանօթագրութիւններ == == Գրականութիւն == Кинословарь в 2-х томах, М., «Советская энциклопедия», 1966-1970 «Кино». Энциклопедический словарь, М., «Советская энциклопедия», 1987
3,809
Հայ Մարզիկները՝ Հին Ողիմպիականներուն
Սկսած 1952 թուականէն, հայ մարզիկները Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած են Խորհրդային Միութեան հաւաքականներու որպէս անդամ, իսկ 1994էն ետք՝ կը մասնակցին անկախ Հայաստանի եռագոյն դրօշին տակ։ Սակայն հայ մարզիկներու մասնակցութիւնը ողիմպիականներուն աւելի հինէն կու գայ։ Ողիմպիական խաղերը ունեցած են երկու շրջան՝ հին եւ արդի։ Հինը սկսած է հելլենական շրջանին եւ աւարտած է ք. ե. 394 թուականին, իսկ նորը սկսած է 1896-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Ըստ պատմագիտական տուեալներու, հայոց Տիգրան Բ. արքան մասնակցած է հին շրջանի 170րդ խաղերուն, իսկ Արշակ Ա. թագաւորը՝ 202րդ խաղերուն։ Անոնք երկուքն ալ արժանացած են «Ձիթենիի ճիւղեր»ու։ ժամանակին անոնցմո`վ կը զարդարէին մրցումներու յաղթականներու ճակատները։ Ագաթանգեղոս պատմիչը եւ մեր պատմահայրը` Մովսէս Խորենացին գրած են նաե Հայոց Տրդատ Գ. արքային մասնակցութեան մասին։ Ըստ այդ տուեալներուն, Տրդատ Գ. պէտք է, որ մասնակցած ըլլայ Ողիմպիական հին շրջանի 265րդ խաղերուն, որոնք տեղի ունեցած են մօտաւորապէս 280 թուականին։ Խորենացի վկայութիւններ ունի նաեւ ողիմպիական այլ դիւցազնի մը մասին, որ հայոց Վարազդատ թագաւորն էր. ահաւասիկ այդ վկայութիւնը.«(Վարազդատ) նախ Բիասայի մէջ յաղթեց բոլոր բռնցքամարտիկներուն, յետոյ հելդացիներու Արեկ քաղաքին մէջ կէս օրուան մէջ քանի մը առիւծ սպանեց, որուն համար ողիմպիական հանդէսի ըմբիշներու խաղերուն փառք եւ յարգանք վայելեց»: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ Վարզդատ մասնակցած է հին շրջանի վերջին՝ 293րդ խաղերուն, որոնք տեղի ունեցան 394 թուականին։ Այդ տարի, Հռոմի Թէոդոս Օգոստոս Մեծն կայսրը հրամայեց արգիլել ողիմպիական խաղերը, զանոնք համարելով հեթանոսական շրջանէն մնացած երեւոյթներ։ == Աղբիւրներ == Լրաբեր հանդէս
1,599
Գրիգորիս Աղուանեան
Գրիգորիս Աղուանեան (302 կամ 8 Դեկտեմբեր 1827(1827-12-08), Կեսարիա, ԹուրքիաՎան - 335, 330 կամ 8 Դեկտեմբեր 1893(1893-12-08), ԴերբենդՋուղա, (Նախիջեւան)), Վանի առաջնորդ։ == Կենսագրական գիծեր == Ծնած Վանի մէջ 1827 թուականին (ըստ Կ․ Պոլսոյ Ս․ Փրկչեան Օրացոյցի 1832)։ Ժամանակի ալֆաներուն քով եկեղեցական գիրքերը բերանացի սորվելով սկսաւ եկեղեցիին մէջ դպրութիւն ընել։ 1862 թուականին աբեղայ ձեռնադրուեցաւ, իսկ 1879 Ապրիլ 13-ին եպիսկոպոս։ 1874-ին հրաժարած է եւ իբրեւ փոխանորդ անոր յաջորդած է Լիմ անապատի միաբան Թադէոս վարդապետ: Ինչպէս տաճկահայքի, այնպէս ալ ռուսահայքի մէջ վարած է պաշտօններ եւ ամէն տեղ ալ ձգած փառաւոր գործունէութեան հետքեր։ Վախճանած է 1893 Դեկտեմբեր 8-ին Հին Ջուղայի մէջ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
5,783
Ռատիօ ԵԱՆ
Ռատիօ Եան (անգլերէն Radio Yan) հայատրոփ համացանցային ձայնասփիւռի կայան ՝ հայկական, աշուղական, սիրային, ազգագրական, գաւառական, եւ յատկապէս, ազգային յեղափոխական տարրերով։ Ռատիօ Եանը սկսած է սփռուիլ համացանցի վրայ Փետրուար 2011-էն ի վեր, եւ նախաձեռնութիւնն է խումբ մը երիտասարդներու, որոնք մտահոգ են հայկական երգերու եւ մշակոյթի աղաւաղման ընթացքէն եւ իրենց այս քայլով կը փորձեն տարածել իսկական հայկական երաժշտութիւն եւ ազգային յեղափոխական մթնոլորտ։ Ռատիոն մինչ օրս նշանակալի ժողովրդականութիւն ապահոված է իր աշխատանքին եւ յատկապէս բարեգործական նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ, որոնց կրնաք ծանօթանալ Ռատիոյի համացանցային կայքի միջոցավ՝ Ռատիօ Եան։ Ռատիոն իր համացանցի էջին վրայ ունի նաեւ արխիւի բաժին ուր կը գտնէք երգարան, կը տեղադրուին ազգային հետաքրքրական քարոզչական եւ պատմական նիւթեր, ու ինչպէս նաեւ յայտնի դէմքերու մասին տեղեկութիւն եւ կենսագրութիւն։ == Արտաքին յղումներ == Ռատիօ Եան
5,926
Սանա Ալ Սայէհ
Սանա Ալ Սայէհ, Պաղեստինի համալսարանի Գիտութեան եւ արուեստագիտութեան բաժնի ատենապետ: Իբրեւ համալսարանին ներկայացուցիչը հանդէս եկած է տարբեր երկիրներու մէջ: == Դաւանափոխութիւն == Օգոստոս 2007-ին Ալ-Սայէհի՝ քրիստոնէութենէն իսլամի դաւանափոխութիւնը տարաձայնութիւններ առաջացուց: Ֆաթահի պաշտօնեաները մեղադրած են իրենց քաղաքական մրցակից Համասին՝ ալ-Սայէհին առեւանգելու եւ ստիպելու դաւանափոխուիլ եւ իսլամ ընդունիլ: Համաս հերքած է այդ պնդումը: Համասի անդամներէն մէկուն տան մէջ հանդիպելով իր մօրը, Ալ-Սայէհը անոր ըսած է. «Այո, Աստուած առաջնորդած է զիս ճիշդ ճանապարհով»: Սակայն մայրը, հետագային պնդած է, որ իր դուստրը ստիպուած եղած է հանդէս գալ այդ յայտարարութեամբ: Ընտանիքին մօտիկ աղբիւրներ կը պնդեն, որ Ալ-Սայէհը կոչ ըրած է իրենց ըսել, որ ստիպուած եղած է ամուսնանալ համալսարանի իսլամ դասախօսներէն մէկուն հետ: Ղազա քաղաքի աւագ իսլամ հոգեւոր հովիվ Ալա Աքլուկ յայտնեց, որ հանդիպած է դասախօսին հետ եւ եզրակացուցած, որ Ալ Սայէհը իսլամութիւն ընդունած է ազատ կամքով: Ան հերքած է մեղադրանքները, որ Ալ Սայէհը ստիպուած եղած է կրօնափոխուիլ իսլամ տղամարդու հետ ամուսնութեան պատճառով: Ան պնդած է, որ դասախօսը «կը վախնար» իր ընտանիքին պատմել Ա -Սայէհի կրօնափոխութեան մասին: Ղազայի Մարդու իրաւունքներու պաղեստինեան կեդրոնի (արաբ․՝ المركــز الفلسطيني لحقــوق الإنســـان‎‎) ակտիվիստ Հանան Մաթարը ըսած է, որ ինքը հանդիպած է Ալ Սայէհի հետ, որ հերքած է, որ դաւանափոխուած է ամուսնութեան պատճառով: Ակտիվիստը Ալ Սայէհի վարքագիծը բնութագրած է որպէս «հաւատացեալ իսլամ կնոջ» վարքագիծ: == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == OneNewsNow.com - ACLJ Probes Forced Conversions to Islam
3,136
Միհրան Թապագեան
Միհրան Թապագեան, (1878, Ատաբազար - 1915, Մեծ Եղեռնի զոհ), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին մէջ, ապա կը փոխադրուի Արմաշ, ուր մուտք կը գործէ ուսուցչական ասպարէզ։ Պաշտօնավարած է Դպրեվանքի, Օրթաքէօյի, Պալաթի եւ այլ վարժարաններու մէջ։ Աշխատակցած է պոլսահայ բազմաթիւ թերթերու։ Երկերն են՝ «Հանդէս հայ եւ ընդհանուր գրականութեան», «Գանձ ոսկեղէն դպրութեան», «Ատանայի ծննդեան ծառը», «Հայոց գիրերու գիւտը»։ == Աղբիւրներ == Թէոդիկ, Յուշարձան ապրիլ տասնմէկ, Կ․ Պոլիս, 1919, «Արզուման» հրատարակչատուն:
17,823
Կապրիէլա Պեսանցոնի
Կապրիէլա Պեսանցոնի (20 Սեպտեմբեր 1890(1890-09-20), Հռոմ, Իտալիա - 8 Յուլիս 1962(1962-07-08), Հռոմ, Իտալիա), իտալացի օփերային երգչուհի, մեցցօ սոփրանօ եւ քոնթրալթօ։ == Վաղ կեանք == Ծնած է Հռոմ եւ կրթութիւն ստացեր սուրբ Ցեցիլիայի անուան ազգային ակադեմիոյ մէջ։ == Ասպարէզ == 1911 թուականին զուգերգով հանդէս եկեր է Իտալիայի Վիթերպօ քաղաքին մէջ, իսկ 1918 թուականէն Պուենոս Այրեսի Քոլոն թատրոնի աստղն էր եւ կանոնաւորապէս հանդէս կու գար նաեւ հարաւամերիկեան այլ քաղաքներու մէջ, յատկապէս՝ Ռիօ Տէ Ժանէյրօ մէջ։ ԱՄՆ-ի մէջ զուգերգը տեղի ունեցեր է 1919 թուականին, երբ Ամներիսի դերերգով հանդէս եկած է «Աիտա» օփերայի մէջ Քլաուտիա Մուցիոյի, Ջովաննի Մարթինելլիի եւ Ռենաթօ Զանելլիի հետ։ Նոյն համերգաշրջանին Մեթրոփոլիթէն օփերայի մէջ երգեր է Էնրիքօ Քարուզոյի հետ «Սամսոն եւ Տալիլա» ու «Ճակատագրի ուժը» օփերաներու բեմադրութիւններու մէջ։ 1920 թուականին Հաւանայի մէջ միասին կը կատարէին «Աիտա» օփերան, երբ վերջին հատուածի երկրորդ արարի ժամանակ դահլիճին մէջ ռումբ պայթեր է։ 1935 թուականին հեռացեր է Քոլոն թատրոնէն, 1939 թուականին հրաժեշտի համերգ կազմակերպեր Հռոմի մէջ՝ Քարաքալլայի բաղնիքներու մէջ երգելով Քարմէն։ Ամերիկեան «Victor» ձայնագրման տաղաւարի հետ քանի մը ձայնագրութիւններ կատարած է, 1916 թուականին նկարահանուեր իտալական «Stefania» համր շարժապատկերի մէջ։ Պրազիլիոյ մէջ ամուսնութեան ընթացքին դասաւանդեր է երիտասարդ երգիչներու, իսկ կեանքի վերջին տարիներուն Հռոմի մէջ վոքալի դասեր տուեր է։ Թենօր Ջաքոմօ Լաուրի-Վոլփին իր «Voci parallele» գիրքին մէջ յիշատակեր է Պեսանցոնիին որպէս իր ասպարէզի ընթացքին իրեն հանդիպած երեք իրական քոնթրալթոներէն մէկը (միւս երկուքը Մարկարեթ Մաթցենաուերն ու Մաթիլտա Պլանքօ Սատունն էին)։ == Անձնական կեանք == Դաշնակահար Արթուր Ռուպինշթէյնի հետ սիրային յարաբերութիւններու մէջ եղեր է 1918 թուականին, երբ երկուքն ալ կ՛աշխատէին Մատրիտի, Պուէնոս Այրեսի եւ Նիւ Եորքի մէջ։։ 1925 թուականին ամուսնացեր է Պրազիլիացի արդիւնաբերող Էնրիքէ Լէյժի հետ։ Զոյգը ապրեր է Ռիօ Տէ Ժանէյրօ մէջ․ անոնց շքեղ առանձնատունն ու այգիները այժմ յայտնի են որպէս «Փարք Լէյժ» ու հանրային զբօսայգի են։ Պեսանցոնին այրիացել է 1941 թուկանին, կրկին ամուսնացեր 1956 թուականին։ Մահացեր է Իտալիա 74 տարեկանին 1962 թուականին։ Յուղարկաւորուեր է Քարմէնի հագուստներով։ == Ծանօթգրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Gabriella Besanzoni's page on CantabileSubito.de, with biographical notes, sound clips, and many photographs.
20,986
Ալպերթ Ազարեան
Ալպերթ Ազարեան (11 Փետրուար 1929(1929-02-11), Վանաձոր, Խորհրդային Միութիւն), Խորհրդային Հայաստանի մարմնամարզիկ, օղակներու վարժութեան ախոյեան ու մասնագէտ, «Օղակներու թագաւոր», մարմնամարզութեան զանազան վարժութիւններու քանիցս ախոյեան՝ Ողիմպիական խաղեր (1956, 1960), համաշխարհային ախոյեանութեան խաղեր (1954, 1958), Ասիական խաղեր (1963), Եւրոպայի խաղեր (1955), եւ այլն։ == Կենսագրական գիծեր == === Առաջին տարիները === Ծնած է 1929-ին, հայազգի արհեստաւորի ընտանիքի մէջ։ 1939-ին ընտանեօք Վանաձոր կը տեղափոխուին, իսկ 1947-ին՝ Երեւան։ 1944-ին, հօր մահէն ետք, կը ստիպուի աշխատիլ իրեւ դարբինի աշկերտ, միաժամանակ երեկոյեան ժամերուն դպրոց յաճախելով։ === Մարմնամարզիկ === 1946-ին կը սկսի մարմնամարզումով զբաղիլ՝ ըմբշամարտով եւ ծանրամարտով։ 1948-ին կ'ընդունուի Մարմնակրթութեան հայկական պետական դպրոցը (Հայկական մարմնակրթութեան հիմնարկին մէջ), ուրկէ շրջանաւարտ կ'ըլլայ 1952-ին։ Ուսման զուգահեռ, մարմնամարզութեամբ կը զբաղի։ === Մարմնամարզութեան ախոյեան === 1953-ին Հայաստանի հաւաքականին հետ կը մասնակցի Լենինկրատի մէջ կայացած Խորհրդային Միութեան միջ-մարմնամարզական մրցումներուն եւ ԽՍՀՄ ախոյեան կը դառնայ օղակի վարժութեան մէջ։ Այնուհետեւ, ԽՍՀՄ հաւաքականին հետ կը մասնակցի բազմաթիւ ախոյեանական մրցաշարքերու, որոնք տեղի ունեցած են 49 պետութիւններու մէջ՝ Ողիմպիական խաղեր, Համաշխարհային Ախոյեանութեան խաղեր, Ասիական խաղեր, Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարքեր, Խորհրդային Միութեան միջ-երկիրներու ախոյեանութեան խաղեր, Միջազգային մրցաշարքեր, նուաճելով 45 ոսկեայ, 42 արծաթեայ եւ 10 պղինձէ մետալներ։ ==== Ողիմպիական Խաղեր ==== Մարմնամարզումի օղակներու վարժութեան պատմութեան մէջ, Ազարեան երկու մարզիներէն մէկն է, որ երկու Ողիմպականներու ոսկեայ մետալակիր է։ Երկրորդը, Ճափոնցի Աքինորի Նաքայաման է, որ յաջողած է Ազարեանէն 12 տարի ետք՝ (1968, 1972)։ 1956, (Մելպուրն, Աւստրալիա)․ 2 ոսկեայ՝ օղակներու վարժութիւն եւ ընդհանուր հաւաքական: 1960, (Հռոմ)․ 1 ոսկեայ մետալ՝ օղակներու վարժութիւն եւ 1 արծաթեայ ընդհանուր հաւաքական: ==== Մարմնամարզի Համաշխարհային ախոյեանութեան մրցաշարքներ ==== 1954, (Հռոմ)․ 2 ոսկեայ մետալներ՝ 1 օղակներու վարժութեան եւ 1 հաւաքական ընդհանուր: 1958, (Մոսկուա)․ 2 ոսկեայ մետալներ՝ 1 օղակներու վարժութիւն ու 1 ընդհանուր հաւաքական եւ 1 արծաթեայ՝ զուգաձողեր: ==== Եւրոպային Ախոյեանութեան մրցաշարքներ ==== 1955, (Ֆրանքֆուրթ)․ 2 ոսկեայ մետալներ՝ օղակներու վարժութեան ու զուգաձողեր, 2 արծաթեայ՝ ընդհանուր անձնական ու բարձրաձողեր: ==== Ասիական երկիրներու միջազգային մրցաշարք ==== 1963, (Ճաքարթա, Հնդկաչին)․ 2 ոսկեայ մետալներ՝ օղակներու եւ զուգաձողերու վարժութիւններ: === Մարմնակրթութեան ասպարէզ === 1964-ին կը քաշուի մարմնամարզումի մարզիկի գործունէութենէն եւ յանձն կ'առնէ «Երեւանի քաղաքային ժողովակրթութեան մարմնամարզութեան մասնագիտացած Դպրոց»ին տնօրէնութիւնը։ 1964 -2000 թուականներուն ընթացքին կայացող Ողիմպիական խաղերուն պատուաւոր հիւրը կ'ըլլայ։ 2004-ի (Աթէնք) եւ 2008-ի (Փեքին) Ողիմպիական Խաղերուն բացման շքերթին, Հայաստանի հաւաքականին դրօշակակիրն է։ 27 Յուլիսին Լոնտոնի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած «Լոնտոն 2012»ի Ողիմպիական խաղերուն բացման հանդիսաւոր հանդիսութեան Հայաստանի պատուիրակութեան դրօշակակիրը կ'ըլլայ Ալպերթ Ազարեանը: 2012-ին գլխաւորած է Հայաստանի մարմնամարզութեան եւ աքրոպաթիքի ֆետերասիոնը: == Պարգեւներ == 2000-ին կը հռչակուի Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի։ 2000-ին կ'արժանանայ «Լոռուայ ասպետ» շքանշանին։ 1964-ին հիմնուած Երեւանի մարմնամարզութեան ողիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոցը կը վերանուանուի Ալպերթ Ազարեան մարմնամարզութեան ողիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոց։ 2000-ին Հայաստանի Մարզական Մամուլի Լրագրողներու Դաշնակցութեան կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ Ի․ դարու Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը։ 2007-էն, ամէն տարի Երեւան կը հիւրասիրէ «Ալպերթ Ազարեան մարմնամարզումի մրցաշարք»ը։ 2009-ին, Ազարեանի ի պատիւ դրոշմաթուղթ կը հրատարակուի։ 2013-ին կ'արժանանայ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» Ա․ աստիճանի մետալին։ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պատուոյ նախագահն է եւ Հ․Հ․ մարմնամարզութեան դաշնակցութեան նախագահը։ == Անձնական կեանք == Ալպերթ Ազարեան բախտաւորուած է երեք զաւակով՝ երկու աղջիկ եւ մէկ տղայ։ Տղան՝Էդուարդ, հետեւած է հօր հետքերուն եւ դարձած է 1980-ին Մոսկուայի Ողիմպիական խաղերուն մարմնամարզումի հաւաքական մրցումներուն ոսկեայ մետալակիր, իսկ 1978-ին Համաշխարհային Ախոյեանութեան խաղերուն անձնական ընդհանուր վարժութիւններուն պղինձէ մետալակիր եւ հաւաքական ընդհանուր վարժութիւններուն՝ արծաթեայ մետալակիր։ == «Ազարեանական խաչ» == 1953-ին Հայաստանի հաւաքականին հետ Լենինկրատի մէջ կայացած Խորհրդային Միութեան միջ-մարմնամարզական մրցումներուն մասնակցած ատեն, օղակներու վարժութեան ոսկեայ մետալը կը նուաճէ։ Օղակներու վարժութեան ունեցած ներկայացման ընթացքին, անգիտակցաբար կը յաջողի անկարելին՝«խաչի վարժութեան» կանգուն մնալ անհրաժեշտ երեք վայրկեանը եւ մարմինը շրջել դէպի աջ ու դէպի ձախ։ Այս երեք վայրկեանուան ընթացքին կատարած վարժութիւններուն ամբողջութիւնը, Մարմնամարզումի Միջազգային Ֆետերասիոնը (դաշնակցութիւնը) կ'անուանէ «Ազարեանական խաչ» Azaryan Cross,։ == Ազարեանին կիսանդրին == 1 Դեկտեմբեր 2022-ին, Երեւանի Ալպերթ Ազարեանի անուան մարմնամարզութեան ողիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոցին մէջ տեղադրուած է ողիմպիական խաղերու եռեակի, աշխարհի, ասիական խաղերու, Եւրոպայի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանին կիսանդրին: Կիսանդրիին հեղինակը քանդակագործ, Նկարիչներու միութեան անդամ Գերասիմ Շահվերտեանն է: == Տե՛ս նաեւ == Հրանդ Շահինեան == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Մարմնամարզի համաշխարհային Ախոյեաններու ցուցակ(անգլերէն) Մարմնամարզի համաշխարհային Մրցաշարքի հաւաքականներու Ախոյեաններ(ֆր.) Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիներու ցանկ Ալպերթ Ազարեանի անուան մարմնամարզութեան օլիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոց Ողիմպիական Խաղերուն բացման շքերթին, Հայաստանի հաւաքականի դրօշակակիրներ(անգլերէն)
1,699
Անանիա Շիրակացիի Յուշարձան (Երեւան, Մատենադարան)
Անանիա Շիրակացիի յուշարձանը, կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի պողոտայի վերջամասին՝ Մատենադարանի հարակից հրապարակին, տեղադրուած է 1963-ին։ Կ՝ընդգրկէ Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի պատմուլեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկը։ == Հեղինակներ == Քանդակագործ՝ վաստակաւոր նկարիչ Գրիգոր Բադալեան == Տուեալներ == Յուշարձանը կառուցուած է բազալտից, բարձրութիւնը 3,5 մեթր է։ Մատենադարանի գլխաւոր մուտքի դռնէն դէպի ձախ առաջին արձանն է։ == Տե՛ս նաեւ == Մեսրոպ Մաշտոցի հուշարձան (Երեւան) ‎Գրիգոր Տաթևացու հուշարձան (Երեւան) ‎Թորոս Ռոսլինի հուշարձան (Երեւան) ‎Մխիթար Գոշի հուշարձան (Երեւան) ‎Մովսես Խորենացու հուշարձան (Երեւան) ‎Ֆրիկի հուշարձան (Երեւան)
15,792
Քուալա Լամփուր
Քուալա Լումփուր (մալայ․՝ Wilayah Persekutuan Kuala Lumpur, անգլերէն՝ Federal Territory of Kuala Lumpur, չին.՝ 吉隆坡联邦直辖区), Մալեզիայի մայրաքաղաքը ու ամենաբնակեցուած քաղաքը։ Քաղաքի մակերեսը կը կազմէ 243 քմ2, բնակչութիւնը՝ 1 982 100 մարդ (2020)։: Մեծ Քուալա Լումփուր քաղաքային համախմբումը բնակչութիւնը 2012-ի տուեալներով կը կազմէ 7,5 միլիոն մարդ: Քուալա Լումփուրը Մալեզիայի խորհրդարանի նստավայրն է։ Քաղաքը ժամանակին դաշնային կառավարութեան դատական եւ գործադիր մարմիններու նստավայն էր, սակայն անոնք1999-ին տեղափոխուած են Փութրաճայա: Դատական համակարգի որոշ բաժիններ դեռ կը գտնուին Քուալա Լումփուրի մէջ։ Այստեղ կը գտնուի նաեւ Մալեզիայի արքայի պաշտօնական նստավայր Իսթանա Նեկարան։ Քուալա Լումփուրը Մալեզիայի մշակութային, նիւթական եւ տնտեսական կեդրոնն է։ Foreign Policy-ի 2010-ի համաշխարհային քաղաքներու սանդղակին մէջ կը գրաւէ 48-րդ հորիզոնականը իսկ 2010-ին ըստ 2thinknow-ի՝ տնտեսական եւ ընկերային նորարարութեան համաշխարհային քաղաքներու ցանկին մէջ գրաւած է 67-րդ տեղը: == Աշխարհագրութիւն == Քաղաքը կը գտնուի Մալաքքա թերակղզիի հարաւ-արեւմուտքը, ցածրադիր հովիտի մէջ, ուր կը միախառնուին Քլանկ եւ Կոմպաք գետերը։ == Պատմութիւն == Քուալա Լումփուրը հիմնադրուած է 1857-ին։ 1880 -1978-ականները եղած է Սելանկորի մայրաքաղաքը։ 1946-1957-ականները եղած է բրիտանական գաղութի վարչական կեդրոնը, 1957-1963-ականները՝ անկախ Մալայայի դաշնութեան մայրաքաղաք, 1983-էն՝ Մալեզիայի մայրաքաղաք։ Փետրուար 1972-էն կը կրէ քաղաքի կարգավիճակը, 1974-էն՝ Դաշնային տարածքի կարգավիճակ: == Ազգային կազմ == Քաղաքին մէջ կը բնակին մալայացիներ, չինացիներ, թամիլներ, մալայալներ, թելուգիի, պենկալացիներ եւ այլ ազգեր։ == Տնտեսութիւն == Քուալա Լումփուրը կը համարուի երկրի առեւտրա-արդիւնաբերական եւ տնտեսական կեդրոնը: Քաղաքին եւ անոր արուարձաններուն մէջ կը գտնուին քաուչուկի վերամշակման, արմաւենիի իւղի եւ այլ սննդամթերքներու արտադրութեան ձեռնարկութիւններ։ == Կլիմա == Քուալա Լումփուրը ունի հասարակածային կլիմա, տեղումներու մեծ քանակով (տարեկան միջին քանակը կը կազմէ 2627 մմ)։ Ամբողջ տարին շոգ է եւ խոնաւ։ Առատ տեղումները գրեթէ հաւասարաչափ կը թափին ամբողջ տարուան ընթացին, բացի Յունիս-Օգօստոս ամիսներէն, երբ անոնք համեմատաբար աւելի քիչ են։ Օդի ջերմաստիճանը քաղաքին մէջ երբեք չի բարձրանար 38,5 °C-էն եւ երբեք չիջներ 17,8 °C-էն: Միջին օրական առաւելագոյնը կը կազմէ 30-33 °C, իսկ նուազագոյնը՝ 23-25 °C: == Ծանօթագրութիւններ ==
6,208
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Վանք (Մեսրոպաւան)
Սուրբ Գրիգոր Լուսավորիչ վանք կամ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց վանքը, կը գտնուի Մեսրոպաւան գիւղը, պատմական Գողթն գաւառի մէջ, ներկայիս Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն, Ազրպէյճան: == Պատմութիւն == Վանքը կառուցուած է 456 թուականին, Գողթնի կառաւարիչ Շաբիթ իշխանի հրամանով: Վանքը կը ներկայացնէ գթմբեթաւոր բազիլիկա։ Կառուցուած է մշակուած եւ կիսամշակուած քարերով։ Առաջին մեզի հայտնի վերանորոթումը եցած է 15-րդ դարուն, հետագային 17-րդ դարուն։ Մուտքը կը գտնուի արեւնտեան հատուածը։ 1980-ական թուականներուն կիսավեր վիճակը մէջ էր, սակայն ներկայիս վիճակu անհայտ է: == Ծանօթագրութիւններ ==
1,574
Էդուարդ Աղաեան
Էդուարդ Աղաեան (16 Մարտ 1913(1913-03-16), Մեղրի - 29 Դեկտեմբեր 1991(1991-12-29), Երեւան, Հայաստան), հայ լեզուաբան, բանասիրական գիտութիւններու մասնագէտ (1942), մասնագէտ (1946), ՀԽՍՀ ԳԱ ակադեմիոյ անդամ (1982), ՀԽՍՀ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1970)։ == Կենսագրութիւն == Էտուարտ Աղաեան, ծնած է 16 Մարտ 1913-ին Մեղրիի մէջ։ 1928-ին աւարտած է տեղի 7-ամեայ դպրոցը։ 1930-1932-ններուն աշխաած է Մեղրիի քոլխոզի մէջ՝ սկիզբը որպէս հաշուետար, ապա՝ հաշուապահ։ 1933-էն ի վեր, ուսանած է ԵՊՀ պատմագրական յիմնարկին մէջ՝ միաժամանակ աշխատելով ծխախոտի գործարանին մէջ որպէս հաշուապահ։ 1938-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը եւ 1939-ին ընկերութիւն ընդունուած է։ 1941-ին պաշտպանած է թեկնածուական («Մեղրիի բարբառը»), 1945-ին՝ մասնագիտական ատենախօսութիւն («Հայ լեզուաբանութեան պատմութիւն»)։ 1942-ին անոր շնորհուած է միանալու իրաւունքը, 1946-ին՝ մասնագէտի կոչում։ 1953-ին ընտրուած է ՀԽՍՀ ԳԱ թղթակից անդամ, 1982-ին՝ ակադեմիոյ անդամ։ 1932-1991-ին ԵՊՀ-ի մէջ աշխատած է, 1956-1985-ններուն եղած է համալսարանի ընդհանուր լեզուաբանութեան բաժինի վարիչ, 1968-1991-ններուն՝ հայագիտական կեդրոնի ղեկավար, 1986-1989ններուն «Բանբեր Երեւանի համալսարանի» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր, 1953-1956՝ ԵՊՀ գիտական աշխատանքներու գծով փոխ ատենակալ, 1948-1950՝ բանասիրութեան հիմնարկի դեկան։ Հայաստանի համալսարանին մէջ սորված է ընդհանուր լեզուաբանութիւն, լեզուաբանական ուսմունքի պատմութիւն, լեզուաբանութեան ներածութուն, հայերէնի համեմատական քերականութիւն, հայոց լեզուի պատմութիւն, գրաբարի, պարսկերէնի, լատիներէնի քերականութիւններ, արեւելեան բանասիրութիւն եւ այլ դասընթացներ։ Էտուարտ Աղաեան, տասնամեակներ շարունակ աշխատած է նաեւ ՀԽՍՀ ԳԱ Հրաիա Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մէջ։ 1950-1953-ններուն եղած է փոխտնօրէն, 1963-1991-ններուն` ընդհանուր եւ համեմատական լեզուաբանութեան բաժինի վարիչ, 1947-1948-ններուն` ՀԽՍՀ լուսաւորութեան նախարարութեան համալսարաններու վարչութեան պետ։ Էտուարտ Աղաեան քանիցս մասնակցած է միջազգային գիտաժողովներու (Երեւան, Մոսկուա, ԱՄՆ, Հնդկաստան եւ այլն)։ 1979-էն մինչեւ կեանքի վերջը եղած է լեզուաբանութեան գիծով գիտական աստիճաններ շնորհող մասնագիտական խորհուրդի նախագահ։1953-ին ընտրուած է Երեւանի քաղխորհրդի, 1980-ին եւ 1985-ին՝ ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր։ Էտուարտ Աղաեանի պրոնզաձոյլ կիսանդրին ԵՊՀ կեդրոնական մասնաշէնքի նախասրահին մէջ ականաւոր գիտնական-մանկավարժի դերը կը խորհրդանշէ համալսարանական գիտութեան զարգացման գործին մէջ: == Գործունէութիւնը == Էտուարտ Աղաեանի գործունէութիւնը կը վերաբերի ընդհանուր լեզուաբանութեան, հայ լեզուաբանութեան պատմութեան, հայոց լեզուի պատմութեան, քերականագիտութեան (համեմատական քերականութիւն, նկարագրական քերականութիւն, պատմական քերականութիւն), բառագիտութեան (բառաքննութիւն եւ ստուգաբանութիւն), բարբառագիտութեան, ժամանակակից հայոց լեզուի, Արեւելքի գրականութեան պատմութեան, գրաբանութեան (նաեւ ուղղախօսութիւն, ուղղագրութիւն) եւ այլ հարցերու մասին։ Նշանակալից են անոր «Լեզուաբանութեան ներածութիւն» (Եր., 1952, 1963, 1967) աշխատութիւնը, որ ԽՍՀՄ բարձրագոյն նախարարութեան կողմէն երաշխաւորուած է որպէս միութենական համալսարանի դասագիրք եւ հրատարակուած է Ռուսերէն 1959 թվականին, «Պատմահամեմատական մեթոդը լեզուաբանութեան մէջ» (Ե., 1957), «Գրաբարի քերականութիւն», հատոր 1 (Ե. 1964), «Ժամանակակից հայերէնի հոլովումը եւ խոնարհումը» (Ե., 1967), «Ընդհանուր եւ համեմատական բառագիտութիւն» (Ե., 1984) աշխատութիւնները. վերջինը 1957-ին վերամշակուած հրատարակուած է «Լեզուաբանութեան հիմունքներ» խորագրով։ Ընդհանուր լեզուաբանութեան նուիրուած աշխատութիւնները նշանաւոր են նիւթի բազմակողմանի դիտարկումներով, ինքնատիպ հարցադրումներով ու փաստարկումներով, շարադրանքի պարզութեամբ ու թարմութեամբ։ Անոնց մէջ ան նոր խօսք կ՛ըսէ լեզուի բնորոշման, անոր տարբերակներու առանձնացման, լեզուի ծագման ու զարգացման օրինաչափութիւններու, լեզուի կառուցուածքային մակարդակներու, լեզուաբանական շարք մը հասկացութիւններու (օրինակ, վանկի, հնչոյթի, ձեւոյթի, խօսքի մասերու, լեզուական կառուցուածքի ու համակարգի եւ այլն)։ Աղաեան նաեւ հնչիւնաբանական, բառագիտական-բառակազմական, ձեւաբանական արժէքաւոր վերլուծութիւններ կատարած է հայերէնի գիտական քերականութեան խնդիրներու գծով, նկարագրութեան ժամանակակի ձեւեր կիրառած է։ Կարեւոր հետազօտութիւններ կատարած է՝ նուիրուած հայրենի բառապաշարին,անոր շերտերուն, բառակազմական կաղապարներուն, սահմանաբանութեան եւ այլ խնդիրներ։ Էտուարտ Աղաեան մեծ աւանդ ունի նաեւ հայ բառարանագրութեան բնագաւառին մէջ. «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան» (Ե., 1976) երկհատոր գիրքը՝ հայերէնի բառապաշարի ընդգրկմամբ (136 հազար բառ եւ 11 հազար դարձուածք) եւ բառայօդուածներու ձեւի մասային բազմաբնոյթ դասդասումներով ու պարզաբանումներով որպէս բառարանագրական բացառիկ ձեռքբերումը կը մնայ։ Համահեղինակ է հանրակրթական դպրոցի 4-7-րդ դասարաններու հայոց լեզուի դասագրքերու, որոնք բազմաթիւ հրատարակութիւններ ունեցած են։ Անոր գիտական վաստակի մաս կը կազմէ իր ուսուցիչ Հրաչիա Աճառեանի բազմահատոր աշխատութիւններու խմբագրման, անաւարտ հատուածներու լրացման եւ հրատարակութեան պատրաստման շնորհակալ աշխատանքը, մասնաւորապէս «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի» բազմահատորեակի խմբագրման, «Արմատական բառարանի» տպագրութեան պատրաստման գործին մէջ: == Երկեր == Լեզուի ծագումը եւ զարգացումը, Ե., 1948: Լատիներէն լեզուի քերականութիւն, գիրք 1, Ե., 1950: Պատմա-համեմատական ձեւը լեզուաբանութեան մէջ, Ե., 1957: Բառաքննական եւ ստուգաբանական հետազօտութիւններ, Ե., 1974: Նախամաշտոցեան հայ գիրի ու գրականութեան, մեսրոպեան այբուբենի եւ հարակից հարցերու մասին, Ե., 1977: Ընդհանուր եւ հայկական բառագիտութիւն, Ե., 1984: Ակնարկներ հայոց տոմարներու պատմութեան, Ե., 1986: == Աղբիւրներ == Կենսագրական հանրագիտարան, Ե., ԵՊՀ համալսարան, 2009, էջ 73-75: Հ. Զ. Պետրոսեան, հայերէնագիտական բառարան, Ե., «Հայաստան», 1987, էջ 20-22: Գառնիկ Ստեփանեան, Կենսագրական բառարան, Ա. հատոր, Ե., «Հայաստան», 1973, էջ 66: == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Արդի հայերէնի Բացատրական Բառարան, գրեց՝ Էդուարդ Բագրատի Աղայան։ «Հայաստան» Հրատարակչություն, Երեւան, 1976:
2,999
Զմիւռնիոյ Աղէտը (1922)
Զմիւռնիոյ աղէտ, Զմիւռնիոյ (Իզմիր) յոյն եւ հայ խաղաղ բնակչութեան կոտորածը՝ թուրքական զօրքերու կողմէ 1919-22 թուականներու յոյն-թուրքական պատերազմի ժամանակ։ Թուրքիոյ քեմալական կառավարութեան զօրքերը, ստանալով մեծ տէրութիւններուեւ յատկապէս խորհրդային Ռուսաստանի նիւթական, ռազմական, քաղաքական եւ բարոյական օգնութիւնն ու աջակցութիւնը՝ պատերազմի ընթացքին, պարտութեան մատնեցին Փոքր Ասիոյ խորքերը թափանցած եւ հին յունական տարածքներն ազատագրած յունական զօրքերուն, իսկ 1920 թուականի Սեպտեմբեր 9-ին ներխուժեցին Զմիւռնիա ու թուրքական խաժամուժ զանգուածին հետ սկսան յոյն եւ հայ խաղաղ բնակչութեան կոտորածն ու ունեցուածքի թալանը։ Այդ ժամանակ Զմիւռնիոյ մէջ գտնուող զօրավար Թորգոմը, ընդհանուր խառնաշփոթի մէջ, ի վիճակի չըլլար կազմակերպել բնիկ հայերու եւ Զմիւռնիոյ մէջ հաստատուած մեծ թիւով հայ գաղթականներու ինքնապաշտպանութիւնը։ Կոտորածէն խուսափելու համար հազարաւոր հայեր ապաստանեցան Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարածքին։ Սեպտեմբեր 13-ին քաղաքէն ներս ծայր առաւ վիթխարի հրդեհ, որ քեմալականներու ձեռքի գործն էր (ըստ թուրք եւ խորհրդային պատմաբաններու պնդման՝ քաղաքը հրդեհած են նահանջող յոյները)։ Հրդեհի հետեւանքով այրուեցան աւելի քան 50 հազար տուն, 24 եկեղեցի, 28 դպրոց, պանքեր, հիւպատոսարաններ, հիւանդանոցներ։ Քրիստոնեաներու կոտորածը կատարուեցաւ ոչ միայն քաղաքին մէջ, այլեւ ծովափին. եւրոպական մարտանաւերու անձնակազմերու աչքի առջեւ, որոնք ի շահ քաղաքականութեան, ոչինչ կատարեցին զոհերուն փրկելու համար։ Զմիւռնիոյ մէջ որպէս թղթակից գտնուող ամերիկացի գրող՝ էռնեստ Հեմինկուէյը, մռայլ գոյներով կը նկարագրէ թուրքերու գործողութիւնները քրիստոնեաներու նկատմամբ։ Թուրքերը կոտորեցին նաեւ Զմիւռնիոյ շրջակայ տարածքներու յոյներուն եւ հայերուն, ինչպէես նաեւ ջրասոյզ ըրին այն նաւերը, որոնց վրայ ապաստանած էին բազմաթիւ փրկուածներ։ Կոտորածներէն փրկուեցան սակաւաթիւ յոյներ եւ հայեր, որոնց յունական կառավարութիւնը նաւերով տեղափոխեց Յունաստան։ Կոտորածը թուրքական կառավարութեան կազմակերպած ցեղասպանութեան վճիռն էր յոյն եւ հայ ժողովուրդներու նկատմամբ։ == Ծանօթագրութիւն == == Գրականութիւն == Housepian М., «The Smyrna Affair», N. Y., 1971.
4,483
Մարկրէթ Թաչըր
Մարկրիթ Հիլտա Թաչըր, (անգլերէն՝ Margaret Hilda Thatcher, Պարոնէս Թաչըր, ծնեալ Ռոպերթս, 13 Հոկտեմբեր 1925, Կրանթհամ-8 Ապրիլ 2013, Լոնտոն) եղած է Անգլիոյ վարչապետ 1979-1990, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ Պահպանողական կուսակցապետը՝ 1975-1990: 20-րդ դարու ամէնէն երկար ժամանակ Անգլիան կառավարող վարչապետը եղած է ինչպէս նաեւ միակ կին վարչապետը՝ պատմութեան մէջ։ Խորհրդային լրագրող մը զինք կոչած է «Երկաթեայ Կին», անոր քաղաքական ղեկավարութեան գերազանց կարողութիւններուն համար։ Ան զարգացուցած է օրէնքներ, որոնք հետագային դարձած են Թաչերիզմ: Մասնագիտութեամբ հետախուզող քիմիագէտ եղած է, յետոյ ընտրուած է խորհրդարանի անդամ Ֆինչլիի համար 1959-ին։ Էտուարտ Հիթ զինք նշանակած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար 1970-ին։ 1975-ին, Հիթի յաղթանակով՝ կը դառնայ Ընդդիմադիր Կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ առաջին կին կուսակցապետը՝ Անգլիոյ մէջ։ 1979-ին, վարչապետական ընտրապայքարէն յաղթական դուրս կու գայ։ 2002-էն սկսեալ Թաչըր քանի մը անգամ սրտի տագնապներ անցուցած է, սակայն 2013-ին այդ մահաբեր եղած է: Թաչըր երկրորդ անգամ վարչապետ կ'ընտրուի 1983-ին, իսկ երրորդ անգամ՝ 1987-ին։ == Ծանօթագրութիւններ ==
3,385
Իրանի Քայլերգ
«سرود ملی جمهوری اسلامی ایران» («Sorude Melliye Jomhuriye Eslâmiye Irân»), Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պաշտօնական քայլերգ։ Երաժշտութեան հեղինակը Հասան Րիյահին է, բառերը գրուած են քանի մը հեղինակներու կողմէ։ Քայլերգը ընդունուած է 1990-ին։ == Գրութիւն == == Նոթաներ == == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Իրանի պաշտօնական քայլերգը YouTube-ի վրայ
22,697
Սերկեւիլ
Սերկեւիլը կը պարունակէ Vit. C եւ B, փէքթինային նիւթեր, տապաղանիւթեր, բջջաթաղանթ եւ մրգաթթուներ: Սերկեւիլը ունի լաւ արտայայտուած միզամուղ յատկութիւն, օգտակար է սրտի եւ երիկամունքի հիւանդութիւններու ժամանակ: Անոր մէջ քիչ է շաքարի պարունակութիւնը, ինչ որ օգտակար է շաքարախտ ունեցող հիւանդներուն: Պարունակած բարձր փոթասիումի շնորհիւ, ան ունի միզամուղ յատկութիւն: Սերկեւիլը, պարունակած թանինի շնորհիւ կարեւոր է յատկապէս ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններու, փորհարութեան բուժման համար։ Անոր կուտերու եփուկը ունի խորխաբեր յատկութիւն, իսկ կուտերէն ստացուած լորձը կ'օգտագործուի այրուածքներու, մորթային ճաքերու բուժման համար: Անոր տերեւները կը պարունակեն բաւարար քանակով ֆիթոցիտներ, հետեւաբար մորթային հիւանդութիւններու ժամանակ կ'օգտագործուին անոր եփուկը թրջոցներու ձեւով: == Աղբիւրներ == Ճիշդ Անունդ՝ Առողջ Կեանք, Բժշկուհի Գոհար Վարդանեան, էջ 61:
2,850
Երեխաներու Պաշտպանութեան Միջազգային Օր
Երեխաներու Պաշտպանութեան Միջազգային Օր (անգլերէն՝ ), Յունիս 1-ը Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է, որ սահմանուած է 1924-ին` Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ երեխաներու պաշտպանութեան համար հրաւիրուած համաշխարհային համաժողովին ընթացքին: 4 Նոյեմբեր 1949 թուականի Կանանց ժողովրդավարական միջազգային դաշինքը՝ Մոսկուա մէջ, երեխաներու պաշտպանութեան օր իրականացնելու որոշում ընդունած է: ՄԱԿ-ը, հաւանութիւն տալով այս նախաձեռնութեան, յայտարարած է երեխաներու կեանքի եւ առողջութեան պաշտպանութեան հարցը իր գործունէութեան գերակայ ուղղութիւններէն մէկը: Առաջին անգամ Յունիս 1-ը նշուած է որպէս երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օր 1950-ին: Աշխարհի մէջ երեխաներու պաշտպանութիւնը նախատեսող բազմաթիւ միջազգային փաստաթուղթեր ստորագրուած են, ներառեալ` 1959 թուականի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի կողմէն ընդունուած Երեխայի իրաւունքներու հռչակագիրը, Երեխաներու համաշխարհային օրը՝ Նոյեմբեր 20-ին (ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի առաջարկոըթեամբ), ինչպէս նաեւ 1989 թուականի ընդունուած Երեխաներու իրաւունքներու մասին համաձայնագիրը: == Երեխաներո Համաշխարհային Օր == Երեխաներու համաշխարհային օրը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի Նոյեմբեր 20-ին: Առաջին անգամ հռչակած է Միացեալ Թագաւորութիւնը 1954 թուականին։ Այն հիմնուեցաւ խրախուսելու բոլոր երկրները՝ հաստատելու օր մը, առաջին հերթին խթանելու փոխադարձ փոխանակումն ու փոխըմբռնումը երեխաներիու միջեւ, երկրորդը՝ նախաձեռնել գործողութիւն մը՝ ապահովելու եւ նպաստելու աշխարհի երեխաներուն բարեկեցութիւնը: Հայաստանը Երեխաներու իրաւունքներու մասին համաձայնագիր վաւերացուցած է 1992 թուականին, իսկ 1996-ին ընդունուած է «Երեխայի իրաւունքներու մասին» Հայսատանի Հանրապետութեան օրէնքը: == Երեխաներու Պաշտպանութեան Միջազգային Օրեր == Երեխաներու պաշտպանութեան պաշտօնական ամսաթիւը կը տարբերի երկրէ երկիր: Այստեղ ներկայացուած է կարգ մը երկիրներու կողմէ պահպանուած ամսաթիւը, որպէս ապացոյց եւ նշանակալի օրինակ: == Ծանօթագրութիւններ ==
283
162 (թիւ)
162 (հարիւր վաթսուներկու)՝ զոյգ եռանիշ բնական թիւ մըն է 161-ի և 163-ի միջեւ == Յատկութիւններ == A005349 յիսուներկուերորդ բերկրալի թիւն է աւելցուկային թիւ է, քանի որ 1+2+3+6+9+18+27+54+81=201>162 կիրառութիւններ՝ 162 Լաւրենթիա աստեղնեակի կարգային թիւն է Microsoft Windows-ի Alt + 162 -ի գործադրումով կը ստացուի կիւրեղեան в (վէ) տողատառը Տարուայ 162րդ օրն է Յունիս 11-ը (նահանջ տարիներուն՝ Յունիս 10-ը) == Ծանօթագրութիւններ ==
4,535
Ռոմանոս Մելիքեան
Ռոմանոս Յովակիմ Մելիքեան (1 Հոկտեմբեր 1883-ին, Ղզլար - 30 Մարտ 1935, Թիֆլիս, թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնի մէջ), հայ երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար եւ մանկավարժ։ ==== Կենսագրութիւն ==== Ռոմանոս Մելիքեան ծնած է Ռուսական կայսրութեան Տաղստանի Ղզլար քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է այդ տեղի ծխական դպրոցին մէջ։ 1900 թուականին ստանձնած է Նոր Նախիջեւանի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավարի պաշտօնը։ Դպրոցը աւարտելէ ետք, ընդունուած է Ռոստովի երաժշտական ուսումնարանը։ Ուսումնառութեան տարիներուն հայկական ժողովրդական երգեր եւ շարականներ մշակած է երգչախումբի համար։ 1902 թուականին աւարտած է Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցը, ուր անոր երաժշտութեան առաջին ուսուցիչը Գէորգ Չորեքչեանն էր (1945–1954 թուականներուն՝ Գէորգ Չ. Ամենայն հայոց կաթողիկոս): 1905 թուականին մեկնած է Մոսկուա եւ մէկ տարի անձնական դասեր ստանալէ ետք, ընդունուած է ժողովրդական երաժշտանոց։ Մոսկուայի մէջ ղեկավարած է Լազարեան ճեմարանի երգչախումբը, որուն համար մշակած է շարք մը ժողովրդական երգեր՝ «Վարդ Կօշիկս», «Արազը ՀեշտացելԷ», «Գնաց Գարուն» եւ այլն։ Մէկ կողմէն՝ վատառողջութիւնը, միւս կողմէն՝ նիւթական ծանր վիճակը, անոր ստիպած են կէս ձգել ուսումը եւ վերադառնալ Նոր Նախիջեւան, ապա՝ Թիֆլիս։ Աշխատած է Յովնանեան դպրոցին մէջ՝ որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ։ 1908 թուականին իր շուրջը համախմբած է դպրոցներու հետ կապուած երիտասարդ երաժիշտներուն և ստեղծած է «Երաժշտական Լիգա» ընկերութիւնը։ 1912 թուականին, անոր աջակցութեամբ, Ազատ Մանուկեան հրատարակած է «Փնջիկ» մանկական երգերու ժողովածուն եւ հրատարակած է «Երաժշտական Այբբենարան»ի աոաջին մասը։ Ուսանողութեան համար գրած է «Աշուն» եւ «Վարդը» երգ-ռոմանսները, «Ուռենի» զուգերգը եւ այլն։ 1910-1914 թուականներուն սորված է Փեթերսպուրկի երաժշտանոցին մէջ։ Գրած է ռոմանսներ, որոնցմէ՝ «Աշնան Տողեր», «Պալլատը», «Մուրիկի Վիշտը» երգը, մշակած է վեց հայկական ժողովրդական երգ։ 1920 թուականին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած է անոր հեղինակային անդրանիկ համերգը։ 1921 թուականին Հայաստանի կառավարութիւնը զայն հրաւիրրած է Երեւան՝ երաժշտանոց հիմնելու, որ 1923 թուականին հասած է իր աւարտին: 1924 թուականին մեկնած է Ստեփանակերտ` երաժշտական ուսումնարան հիմնելու, ապա՝ Թիֆլիս, ուր երկու տարի գլխաւորած է Հայաստանի երաժշտական բաժանմունքներ եւ աշխատանքներ, որմէ ետք՝ կրկին Երեւան, ուր բարեկամական յարաբերութիւններ ստեղծուած են իր եւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի միջեւ։ Մասնակցած է Սպենդիարեանի «Ալմաստ» օբերայի բեմադրութեան աշխատանքներուն եւ Երեւանի օբերային թատրոնի հիմնադրման: Քաջալերած է Կոմիտասի երաժշտական ժառանգութիւնը Հայաստանի մէջ կեդրոնացնելու գաղափարը: 1928 թուականին յղկած ու հրատարակութեան յանձնած է «Զմրուխտ»ի երգաշարը, աւարտած է «Զառ-վառ» երգաշարը, հրատարակած երկու ժողովածու՝ «Մանկական Երգեր» եւ «Պիոներական Երգեր»ը եւ այլն։ Անոր անունը կը կրէ Երեւանի երաժշտական ուսումնարաններէն մէկը։ Մահացած է Թիֆլիսի մէջ։ == Ծանօթագրութիւններ == == Տե՛ս նաեւ == Ռոմանոս Մելիքեանի Անուան Երաժշտական Ուսումնարան == Արտաքին յղումներ == Ռոմանոս Մելիքյանի մասին Հայկական հանրագիտարանում Ռոմանոս Մելիքյան Ռոմանոս Մելիքյան
2,179
Արփինէ (անձնանուն)
Արփինէ, հայկական իգական անուն։ Կազմուած է հայերէն արփի՝ «արեգակ» բառէն եւ -ինէ իգական վերջաւորութեամբ։ Նորակերտ անուն է։ Տարածուած անձնանուն եղած է նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Նման ծագումով անուններ են՝ Արփենիկ, Արեւիկ, Արեւհատ եւ Շողեր: Նոյն ծագումը ունէ նաեւ Արեւշատ արական անունը: == Այլ Լեզուները == Լատինական գրելաձեւը ARPINEH Արեւէն ծագած անուն մը կայ նաեւ վրացիներու քով՝ მზია Մզիա որ կը ծագէ վրացերէն მზე [մզէ] (արեւ)-էն եւ կը նշանակէ՝ «արեւային» == Անունը Կրող Անձեր == Արփինէ Աբրահամեան (*1908)՝ բանաստեղծ Արփինէ Հեռլեան (1913-89, Իսթանպուլ)՝ դաշնակահար Արփինէ Փեհլիվանեան՝ երգչուհի == Ծանօթագրութիւններ ==
21,740
Իրաքլիա
Իրաքլիա (յուն․՝ Ηρακλειά), Էգէական ծովու կղզի, Փոքր Քիքլատես, Քիքլատես, Յունաստան։ == Տեղեկութիւններ == Տարածութիւնն է 17,795 քլ․²։ Կը գտնուի Նաքսոս եւ Իոս կղզիներուն միջեւ, Սհինուսային արեւմուտքը։ Իրաքլիա Փոքր Քիքլատեսի ամենաընդարձակ կղզին է։ Կը գտնուի կղզեխումբին արեւելեան կողմը, Նաքսոսին հարաւը։ Նաւահանգիստն է՝ Այիոս Եորղոս, իսկ գլխաւոր գիւղը (մայրաքաղաքը)՝ Փանայիա։ Քիքլատեսի ամենամեծ քարայրները Իրաքլիա կը գտնուին։ Ամենօրեայ հերթականութեամբ՝ ծովու ճամբով, կապուած է Փիրէային, Սիրոս, Նաքսոս եւ Փարոս կղզիներուն։ Կղզիին տարածքին գտնուած են 5000 տարուայ բազմաթիւ պարուրաձեւ արձանագրութիւններ․ կը կոչուին «պուսուլես»։ Նաեւ Լիվատի վայրը յայտնաբերուած են Ք․Ա․ 4-րդ - 2-րդ շրջանի պատկանող բերդի մը աւերակները։ Նորագոյն պատմութեան մէջ կղզին Ամորղոսի Հոզովիոթիսա վանքին սեփականութիւնն է։ Իրաքլիայի մշակուած տարածքները 1960-ական թուականներուն 1000 սդրեմադա էր (1 ստրեմա=1000մ․)։ === Բնակավայրեր === Իրաքլիա ունի երկու բնակուած բնակավայրեր․ Փանայիա, կղզիին մէջտեղն ու մայրաքաղաքը եւ Այիոս Եորղոս՝ նաւահանգիստը։ Անոր երեք բնակավայրերը՝ Այիոս Աթանասիոս, Այիոս Եորղոս եւ Փանայիա անկախ համայնք մը կազմելով՝ Իրաքլիա, մաս կը կազմեն Թիրա (Սանթորինի) նահանգին։ == Բնակչութիւն == Բնակչութիւնը կը հաշուէ 141 հոգի․ 1940-ին կը հաշուէր 227, իսկ 2001-ին՝ 151։ Վերջին տարիներուն Այիոս Աթանասիոս բնակավայրը ամայացած է, սակայն կը գործածուի կղզիին անասնապահութեան գործունէութեան համար։ == Նորարար ճարտարարուեստ == Այիոս Եորղոս ծոցին, 2007 Յունիսին, կը զետեղուի աշխարհի առաջին ծփուն ինքնաշարժ հովանիւը (automatic floating wind turbine), որ լուսաելեկտրական սարքերու համակցութեամբ միաժամանակ վերածուած է ջուրի աղազտումի գործարան։ Կը կոչուի «Իտրիատա» Υδριάδα։ Բնապահպանման տեսանկիւնէն, կենսուժ կը հայթայթէ առանց շրջապատը ապականէ․ կղզիին ջուրի սակաւութեան հարցը լուծած է, մանաւանդ ամրան ամիսներուն, երբ Իրաքլիա զբօսաշրջիկներով կը լեցուի։ == Բուսական եւ կենդանական աշխարհ == Կղզին հարուստ է կենսաբազմազանութեամբ։ Անոր դարվար անդունդներուն ժայռոտ սրածայրերուն խորշերը յարմար են գիշատիչ թռչուններու բոյներուն համար։ 2010-ին արձանագրուած էին թռչուններու 175 տեսակներ, որոնցմէ շատեր վտանգուած եւ պահպանման միջազգային օրէնքներու ենթակայ են․ 26 գիշատիչներու տեսակներ են, ինչպէս օրինակ՝ Օրնիօ անգղ (Gyps fulvus), Սեւ մեծ բազէ («Մավրոփեթրիդիս» Falco eleonorae) եւ Սփիզայթոս՝ արծիւի մեծ տեակ մը (Hieraaetus fasciatus) ։ == Հնադարէն նորագոյն տարիներ == Հնագիտական պեղումներուն յայտնաբերուած են նիւթեր եւ իրեր, որոնք կը փաստեն թէ կղզին Ք․Ա․ 3-րդ հազարամեակին՝ Քիքլատեան մշակոյթ, մեծ ծաղկում ապրած է։ Միջնադարին ծովահէններու կայան դարձած է։ Լիվատի վայրը հնադարեան բերդի աւերակներ գտնուած են։ Օսմանեան գերիշխանութեան ընթացքին ծովահէններու թաքստոց եղած է։ == Պատկերասրահ == == Տե՛ս նաեւ == Տոնուսա Քուֆոնիսիա Սհինուսա Քերոս == Ծանօթագրութիւններ ==
7,788
1961 թուական
1961 թուական, ոչ նահանջ տարի, 20րդ դարու 61րդ տարին է 1958 • 1959 • 1960 • 1961 • 1962 • 1963 • 1964 == Դէպքեր == ==== Անծանօթ ամսաթիւով՝ ==== Պոլիս, Հայ Աւետարանական Եկեղեցույ հիմնադրամը (Կետիկփաշա շրջանի եկեղեցական խորհուրդ) կը գնէ Պոլսոյ Թուզլայի շրջանին մէջ 8․552 ք․ քմ․ տարածք մը, որպէսզի ծառայէ իբրեւ ամառնային ճամբար հայկական դպրոցի հայ աղքատ եւ որբ սաներու համար (Արմէն Ճամբար) Պոլիս, կը ներկայացուի էտկար Մանասի «Երգեցողութիւն Ս․ Պատարագի» գործը ==== Փետրուար ==== 03 Փետրուար՝ Չինաստանը Քանատայէն գնեց 60 մլն ԱՄՆ տոլլարի ցորեն 15 Փետրուար՝ Արեգակի խաւարում տեղի ունեցաւ Եւրոպայի հարաւին ==== Մարտ ==== 13 Մարտ՝ Քիեւի մօտ պատուարի փլուզումի զոհ դարձաւ 145 մարդ ==== Ապրիլ ==== 12 Ապրիլ՝ խորհրդային տիեզերագնաց Եուրի Կակարինը դարձաւ Երկրի ուղեծիր հասած առաջին մարդը 24 Ապրիլ՝ խորտակուելէն 333 տարի անց շուէտական Վասա Նաւը հանուեցաւ ջուրի յատակէն ==== Յուլիս ==== 08 Յուլիս՝ Չեխոսլովաքիոյ մէջ հանքի մը պայթիւնէ զոհուեցաւ 108 հոգի ==== Օգոստոս ==== 06 Օգոստոս՝ Կերման Թիթովը դարձաւ երկրորդ մարդը, որ Երկրի ուղեծիր հասած է 13 Օգոստոս՝ Պերլինին մէջ սկսաւ քաղաքի արեւմտեան մասէն բաժնող պատի կառուցումը պատը գոյութիւն ունեցաւ մինչեւ 1989 թուականը, փախուստի փորձ ընելէն զոհուեցաւ 140 հոգի ==== Սեպտեմբեր ==== 14 Սեպտեմբեր՝ Թուրքիոյ մէջ ռազմական նոր ղեկավարները մահուան դատեցին նախկին կառավարութեան 15 անդամները 17 Սեպտեմբերին կախաղան հանուեցաւ նախկին վարչապետ Ատնան Մէնտերեսը ==== Հոկտեմբեր ==== 27 Հոկտեմբեր՝ Մոնկոլիան եւ Մաւրիտանիան դարձան ՄԱԿ անդամներ ==== Նոյեմբեր ==== 14 Նոյեմբեր՝ Սթալինկրատը վերանուանուեցաւ Վոլկոկրատ ==== Դեկտեմբեր ==== 17 Դեկտեմբեր՝ Պրազիլի մէջ կրկեսի գմբեթի վառուելէն զոհուեցաւ 323 մարդ == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1961 ծնունդներ ==== Յունիս ==== 15 Յունիս Վահրամ Պաղտասարեան պետական գործիչ ==== Աւգոստոս ==== 04 Օգոստոս Պարաք Օպամա Barack Hussein Obama Միացեալ նահանգներու 44րդ նախագահ (2009-17) ==== Դեկտեմբեր ==== 03 Դեկտեմբեր Մովսէս Գորգիսեան (մ.1990) հայ քաղաքական գործիչ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1961 մահեր ==== Մայիս ==== 13 Մայիս Կէրի Քուփըր Gary Cooper (ծն.1901) ամերիկացի դերասան ==== Սեպտեմբեր ==== 18 Սեպտեմբեր Տակ Համարխեոլտ Dag Hammarskjöld (ծն.1905) շուէտացի քաղաքական գործիչ ==== Նոյեմբեր ==== 06 Նոյեմբեր Հրաչեայ Ներսիսեան (ծն.1895 Կ.Պոլիս) հայ դերասան Անստոյգ օրով՝ Եղիշէ Պահլաւունի == Նոպէլեան Մրցանակ == Խաղաղութեան՝ Տակ Համարխեոլտ (մահէն ետք) == Արտաքին յղումներ == 1961-ը Պատմութեան մէջ(անգլերէն)Աշխարհի Պատմութեան Ժամանակագրութիւն՝ 1961(անգլերէն)
22,542
Լուսարձակ (թերթ, Վառնա)
«Լուսարձակ», պուլկարահայ հասարակական-քաղաքական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1920—1924 թուականներուն, Վառնայի մէջ։ Խմբագիր՝ Տիգրան Մարտիրոսեան։ Հանդիսացած է ՌԱԿ-ի հրատարակութիւնը։ Ծանօթացուցած է գաղթավայրի կեանքին, լայնօրէն լուսաբանած պուլկարահայ կեանքի իրադարձութիւնները, անդրադարձած սփիւռքի համախոհ կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը զարգացնելու հարցին։ Տեղեկացուցած է Հայաստանի վերաշինութեան, ՀՕԿ-ի գործունէութեան մասին։
4,808
Մուրատեան Վարժարան
Մուրատեան վարժարան՝ սփիւռքի մէջ գործող հայկական վարժարան է։ Վարժարանը որոշակի դեր կը կատարէ հայ-ֆրանսական մշակութային կապերու զարգացման գործին մէջ։ Սերտ կապի մէջ է Հայաստանի հետ։ Հիմնադրուած է 1832-ին, Իտալիոյ Պադուա քաղաքին մէջ, եւդոկացի մեծահարուստ Սամուէլ Մուրատեանի կտակով, Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ (կը կոչուի նաեւ Սամուէլ Մուրատեանի վարժարան)։ 1846-ին տեղափոխուած է Փարիզ։ 1870-ին միացած է Վենետիկի Ռափայէլեան վարժարանին՝ Մուրատ-Ռափայէլեան ընդհանուր անունով։ 1929-ին նորէն բացուած է Փարիզի մէջ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ փակուած է, վերաբացուած 1946-ին։ 1848—1970 թուականներուն այստեղ կիրառուած է ֆրանսական միջնակարգ դպրոցի ծրագիրը (ուսման տեողութիւնը 6 տարի), ընդունուած են նախակրթարանը աւարտողները։ Այժմ Մուրատեան վարժարանին մէջ կը գործէ ժամանակակից ֆրանսական լիսէյի ծրագրով։ Շրջանաւարտները կը ստանան Պաքալորիայի աստիճան եւ իրաւունք՝ առանց քննութեան ընդունուելու համալսարան։ Վարժարանը որոշակի դեր կը կատարէ հայ-ֆրանսական մշակութային կապերու զարգացման գործին մէջ։
16,987
Զատիկ Մուրատեան
Զատիկ Համբարձում Մուրատեան, (ծնած է Ռումանիա, Պուխարեսթ 10 Յուլիս 1930-ին - մահացած է Փարիզ, Ֆրանսա 22 Յունուար 2020-ին) Նշանաւոր աստղաբնագէտ հայազգի աստղաֆիզիկոս: Ֆիզիկամաթեմատիկական գիտութիւններու դոկտոր (1965): Ռումանիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս (1994): Անոր անունը սերտօրէն առնչուած պիտի մնայ նաեւ Ֆրանսայի աստղաբնագիտական աշխարհին հետ։ Արդարեւ, ինք էր, որ նախագծած էր Փիրենեաններու շրջանին մէջ հաստատուած Փիք տիւ Միտի աստղադիտարանին համար մինչ օրս գործող 8 մեթրնոց արեգակնային հեռադիտակը եւ ղեկավարած՝ անոր կառուցման աշխատանքները։ == Կենսագրութիւն == Զատիկ Մուրատեանը ծնած է 1930 թուականին, Ռումանիա Պուխարեսթ: 1954 թուկանին աւարտեր է Պուխարեսթի համալսարանը: 1957-1980 թուականներուն եղեր է Պուխարեսթի աստղագիտական հիմնարկի, 1959-1997 թուականներուն՝ Փարիզի աստղադիտարանի Մետոնի մասնաճիւղի գիտական խումբի ղեկավար, 1997 թուականէն՝ գիտաշխատող: Աշխատանքները կը վերաբերին Արեգակի ֆիզիկային, մասնաւորապէս՝ Գոյնոլորտէն արեւապսակ նիւթի արտահոսքին (արեւային քամի), տաքնալու ժամանակ հրուիվիժակներու անհետացմանը, մագնիսական հոսքեր յառաջացնող պինդ մարմնի պտոյտ ունեցող տիրոյթներուն: Անոր բացահայտած «Մուրատեանի էֆեքթը» թոյլ կու տայ շառաւիղային արագութիւններու միջոցով բացայայտել Արեգակի վերին շերտի ընթացող երեւոյթները: == Գիտական ժառանգութիւն == Զատիկ Մուրատեանը 200-է աւելի գիտական յօդուածի հեղինակ եւ համահեղինակ էր եւ շատ ծանօթ անուն տեսաբան-աստղագէտներու եւ արեգակի բնոյթով զբաղող մասնագէտներու շրջանակին մէջ: Զատիկ Մուրատեանը թողած է կարեւորագոյն գիտական ժառանգութիւն։ Բազմաթիւ գիտական արդիւնքներու շարքին հարկ է նշել անոր բացայայտած տեսողական խիտ լուսապատկերային (spectral) գիծերու «Մուրատեանի էֆեքթը», որը թոյլ կու տայ շառաւիղային արագութիւններու միջոցով բացայայտել Արեգակի վերին շերտի ընթացող երեւոյթները, Արեգակի աշխուժ տիրոյթի մագնիսական դաշտի (evolution) եղափոխութեան եւ բնաշրջումի առաջին դիտումը արեգակնային բռնկումէն առաջ, բռնկման ընթացքին եւ բռնկումէն յետոյ, Արեգակի գոյնոլորտէն դեպի արեւապսակ (speculum) ցոլարկուներու միջոցով նիւթի տեղափոխման` արեգակնային քամիի հիմնական պատճառի յայտնաբերումը, Արեգակի ծայրահեղ եզրի (լիմպի) մթնեցման չափումը, տաքնալու ժամանակ արեգակնային հրուիժակներու ջերմային անհետացման յայտնաբերումը, Փիք տիու Միտի աստղադիտարանի (Փիրենեան լեռներ, Ֆրանսա) համար մինչեւ օրս աշխատող 8 մեթրնոց արեգակնային հեռադիտակ նախագիծը եւ ղեկավարած՝ անոր կառուցման աշխատանքները։ «Արեգակնային աշխուժութեան համատեսակ (synoptic) քարտէզներու» թուային արձանագրութեան, վերլուծութեան, գծագրման եւ հրատարակման համակարգչային ծրագիրի սկզբունքի մշակումը եւ ղեկավարումը (աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող համակարգչային կառավարմամբ միակ համատեսակ (synoptic) քարտէզները), արեգակնային աշխուժութեան պտտման արագութեան չափի նոր մեթոտի առաջարկումը, որը կը բացայայտէ արեգակնային աշխուժութեան նոր փարամեթրեր: Զատիկ Մուրատեան կը մահանայ 22 Յունուար 2020-ին, Փարիզեան մերձաւոր արուարձաններէն Պուլոնեի մէջ == Անդամակցութիւն == Միջազգային աստղագիտութեան միութեան անդամ (1970): Ֆրանսայի աստղագիտութեան եւ աստղաֆիզիկայի անդամ (1978): Եւրոպական աստղագիտական ընկերութիւններու անդամ (1990): Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արտասահմանեան Անդամ (2008)-էն ի վեր Հայկական Աստղագիտական Ընկերութեան Անդամ (2009)-էն ի վեր == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == հեռացեր է անուանի աստղաֆիզիկոս Զատիկ Մուրատեանը
10,318
Կիրառական Արուեստի Թանգարան (Վիեննա)
Կիրառական Արուեստի Թանգարան (գերմ.՝ Museum für angewandte Kunst), գեղարուեստական եւ մշակութային թանգարան Վիեննայի մէջ: Բացուած է 1864-ի սկիզբը, Պարահանդեսային տան («Balhaus»)՝ Վիեննայի Հոֆպուրկին մէջ, Ներքին քաղաքը: Բացի կիրառական արուեստի աւանդական ոլորտի հաւաքածոյէն, թանգարանը կը հաւաքէ եւ մշտապէս կը համալրէ ժամանակակից արուեստի եւ ճարտարապետութեան ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն: == Պատմութիւն == «Աւստրիական արուեստի ու արդիւնաբերութեան կայսերական եւ թագաւորական թանգարանը» հիմնադրուած է 7 Մարտ 1863-ին կայսր Ֆրանց Իոսիֆ Ա.-ի կողմէ: Անոր առաջին տնօրէնը դարձաւ Վիեննայի համալսարանի պատմութեան եւ արուեստի փրոֆեսոր Ռուտոլֆ ֆոն Այթելպերկըրը: Թանգարանի բացումը կայացաւ 12 Մայիս 1864-ին, սկիզբը ցուցադրութիւնը ժամանակաւորապէս տեղակայուեցաւ վիեննական Հոֆպուրկի Պարահանդէսային տան, որ ճարտարապետ Յենրիք ֆոն Ֆերստելի կողմէ յարմարեցուած էր իբրեւ ցուցասրահ: 15 Նոյեմբեր 1871-ին թանգարանը բացուեցաւ նոր (ներկայիս) շէնքին մէջ, որ կառուցուած էր Յենրիք ֆոն Ֆերշթելի նախագծով: Գեղարուեստական ձեւաւորումը իրականացուած է գեղանկարիչ Ֆերտինանտ Լաուֆպերկըրի կողմէ: 1865-1897 թուականներուն թանգարանը կը հրատարակէ իր ամսագիրը «Տեղեկութիւններ կայսերական եւ թագաւորական կիրառական արուեստի թանգարանէն» անուանումով, 1898-1921 թուականներուն ամսագիրը կը հրատարակուի «Արուեստ եւ կիրառական արուեստ» անուանումով: 1955-1986 թուականներուն թանգարանը կը հրատարակէ «Հին եւ ժամանակակից արուեստ» ամսագիրը: 1907-ին Կիրառական արուեստի թանգարանին կ՛անցնի Առեւտուրի թանգարանի հաւաքածոյի զգալի մասը: 1897-ին թանգարանի տնօրէն կը դառնայ Արթուր ֆոն Սքալան, որ մինչ այդ կը ղեկավարէր Արեւելեան թանգարանը: Անոր օրով Կիրառական արուեստի թանգարանի աշխատակիցներ կը դառնան այնպիսի վարպետներ, ինչպիսին են Օթթօ Վագները, Կոլոման Մոզերը, Ֆելիսյէն ֆոն Միրբախը, Ժոզզէֆ Հոֆմանը, Ալֆրետ Ռոլլերը եւ ուրիշներ: Աւստրիական հանրապետութեան ստեղծումէն ետք, 1919-ին թանգարանին կը փոխանցուին աւստրիական կայսրերու սեփականութիւնը համարուող գոյքի մէկ մասը, մասնաւորապէս արեւելեան գորգերու հաւաքածոն: 1936 եւ 1840 թուականներուն Գեղարուեստա-պատմական թանգարանի հետ քանդակագործական եւ անթիք հաւաքածոյի մէկ մասի փոխանակման դիմաց թանգարանը ստացաւ Ֆիկթորի հաւաքածոյի կիրառական արուեստի ստեղծագործութիւնները: 1938-ին թանգարանը վերանուանուեցաւ «Վիեննայի կիրառական արուեստի պետական թանգարան» (Staatliches Kunstgewerbemuseum in Wien): 1939-1945 թուականներու ընթացքին թանգարանի հաւաքածոն համալրուեցաւ նացիստներու կողմէ բռնագրաւուած արուեստի բազմաթիւ գործերով: Յետագային անոնց մէկ մասը վերադարձուեցաւ սեփականատէրերուն եւ ժառանգներուն: 1947-ին թանգարանը վերանուանուեցաւ` կոչուելով «Կիրառական Արուեստի Աւստրիական Թանգարան»: Ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հասցուած վնասները վերականգնելէն ետք 1949-նի թանգարանը նորէն վերաբացուեցաւ հանրութեան առջեւ: 1965-ին որպէս մասնաճիւղ թանգարանին միացուեցաւ Վիորնինկ-Շթրասէ 18 հասցէին վրայ գտնուող շէնքը: Անոր հետ մէկտեղ թանգարանի տնօրինութեան տակ անցան 1750-էն մինչեւ 19-րդ դարի երկրորդ կէսի Ֆրանց Սոպեքի հին ժամացոյցներու հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ 1800-1840-ականներու կահոյքի առանձին կտորներ: 1994-ին վիեննական Արենպերկ պարկի աշտարակներուն մէջ հիմնադրուեցաւ թանգարանի երկրորդ արտաքին մասնաճիւղը, սակայն 2011-էն ետք այս մասնաճիւղը փակուեցաւ այցելութիւններու համար: 2000-ին թանգարանը ստացաւ գիտա-հետազօտական հաստատութեան կարգավիճակ: 2015-ին Վիեննայի Թանգարանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ արուեստի ճարտարապետութեան բնագաւառին մէջ առաջին բիենալէն: Սեպտեմբեր 2011-էն Կիրառական արուեստի Վիեննայի թանգարանը կը ղեկավարէ Քրիստոֆ Տուն-Խոէնշտէյնը: 2016-ին առաջիկայ հինգ տարիներուն համար ան հաստատուեցաւ, որպէս թանգարանի գլխաւոր տնօրէն եւ գիտական ղեկավար: == Պարգեւներ == Եւրախորհրդի մրցանակ, 1996 == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
3,350
Ինտիա Բէյլ Էյլ (IPA)
IPA կը նշանակէ Ինտիա Բայլ Էյլ (India Pale Ale) այսինքն Հնդկաստան, բաց գոյն եւ քարեջուր, Ան Անգլիական ծագումով քարեջուրի տեսակ մըն է որ կ'արտադրուի բարձր աստիճանի խմորումով (18-21 °C) նշանակաւոր է իր քայլուկի մեծ քանակութեամբ: == Պատմութիւն == Այս գարեջուրները արտադրուեցան եւ զարքաձան 18-րդ դարուն արտածման համար, մանաւանդ Հնդկաստանի Անգլիական քաղիւդին պետքերը հոգալու նպատակով: Իր ալքոհոլի ու քայլուկի ուժեղ պարունակութիւնը դոյլ կու տար քարեջուրին որ լաւագոյն ձեւով պահպանուի 6 ամսուան ճամբորդութեան ատեն: Քայլուկը նաեւ կու տայ լեղի բոյր մը խմիչքին: Հնդկաստանի մէջ օդերեւութաբանական պայմանները աննպաստ ըլլալով քարեջուրի արտադրութեան, Հոկսօն անունով գարեջուր պատրաստողը կ'արտադրէ ուժեղ ու քայլուկով հարուստ գարեջուր մը որը կը կոչէ "Օքդոպեր" (Հոկտեմբեր): == Տեսակներ == Այսօր կը բաժնենք "Այ Բի Էյ" քարեջուրները 3 ընտանիքի որոնք կը տարբերին հոտով, տեսոքով ու համով.՝ Անգլիական Այ Բի Էյ (English IPA) Ամերիկեան Այ Բի Էյ (American IPA) Կայսերական Այ Բի Էյ (Imperial IPA) == Ծանօթ == == ագրութիւն ==
21,178
Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան (Քարտիֆ, Ուէյլս)
Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-խաչքար, յուշարձան-խաչքար Ուէյլսի Քարտիֆ քաղաքի Խաղաղութեան տաճարի հարակից այգիին մէջ։ == Պատմութիւն == Յուշարձան-խաչքարը տեղադրուած է 2 Նոյեմբեր 2007-ին՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն։ Խաչքարի համար հողատարածքը տրամադրուած է Միջազգային յարաբերութիւններու Ուէյլսի կեդրոնի կողմէն եւ պատրաստուած է ուէյլսցի վարպետներու կողմէն Ուէյլսի մէջ բնակող փոքրաթիւ հայերու միջոցներով։ Խաչքարի տեղադրման նպաստած է Ուէյլսի մէջ գործող «Wales-ArmeniaSolidarity» կազմակերպութեան նախագահ Ջոն Թորոսեանը եւ ազգութեամբ ուէյլսցի Էլիան Ուիլիամսը։ Խաչքարի բացման արարողութեան մասնակցած են Մեծ Բրիտանիոյ Թագաւորութեան Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանը, Ուէյլսի խորհրդարանի նախագահ լորտ Տաֆիտ Էլիս-Թոմասը, ՄԹ-ի մէջ հայկական եկեղեցւոյ առաջնորդ սրբազան Նաթան Յովհաննիսեանը։ Միջոցառման ներկայ գտնուած են Միացեալ Թագաւոութեան տարբեր վայրերէն ժամանած շուրջ 300 հայեր, Ուէյլսի խոհրդարանի, եկեղեցւոյ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ 28 Յունուար 2008-ին՝ Հոլոքոսթի օրը յուշարձանի վրայի խաչը վնասած են։ Այգիի տարածքին յայտնաբերուած է մուրճ, եւ կ՚ենթադրուի, որ անով պղծած են յուշարձանի խաչը։ == Տուեալներ == Յուշարձանի վրայ մակագրուած է. == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
6,078
Սթելլա Վանտէր
Սթելլա Վանտէր (Stella Vander) (ծննդեան անունը՝ Սթելլա Զելսէր ֆր.՝ Stella Zelcer, նշանաւոր է նաեւ իբրեւ Սթելլա, 12 Դեկտեմբեր 1950, Փարիզ, Ֆրանսա), ֆրանսացի երգչուհի, երաժիշտ: == Կենսագրութիւն == Սթելլա Վանտէր ծնած է Փարիզ, 1950-ին Լեհաստանէն ներգաղթածներու ընտանիքի մը մէջ։ Երաժշտութիւն գրած է 1960-ականներու սկիզբը իր հօրեղբօր՝ Մորիս Շորենսլափի հետ: Անոնց երգերը իրենց ժամանակին համահունչ Yé-yé ոճի կատակերգեր էին: Սթելլայի առաջին փոքր ալպոմը, ուր ներառուած էր "Pourquoi pas moi" երգը, հրապարակուած է Նոյեմբեր 1963-ին, երբ ան տասներկու տարեկան էր։ 1966-ին «Un air du folklore Auvergnat» («Օվերնյէ բարբառով ժողովրդական երգ», ծաղրելով Շեյլայի «Le Folklore Américain»), զինք հռչակաւոր դարձուցած է։ Անոր յաջորդած է Օվերնյէ Ընկերակցութեան բողոքի ցոյցերը, որոնք երգի ճամբով կ'արտայայտէին կազմակերպութեան դժգոհութիւնը: 1967-ին Վանտէր իր Սթելլա անունով ձայնասկաւառակը հրապարակած է : == Մակմա == Հետագային Սթելլա Վանտէր ամուսնացած է Magma-ի ռոք խումբի թմբկահար Քրիստիան Վանտէրի հետ եւ յայտնուած է Մակմայի բազմաթիւ ալպոմներու մէջ։ 1990-ականներու վերջաւորութեան Մակմայի բարեփոխումներէն ետք ան աւելի մեծ դերակատարութիւն ունեցած է խումբին արուեստանոցական եւ կատարողական աշխատանքներուն մէջ, եւ հանդիսացած է Magma-ի ամէնէն նշանաւոր երգչուհին: == Իր մենակատարութեամբ ալպոմներ == 1991-ին հրապարակած է իր մենակատարութեամբ առաջին ալպոմը իբրեւ Սթելլա Վանտէր` D'épreuves d'amour (Seventh A-VIII), Le coeur allant vers (Ex-Tension, with Sophia Domancich) հրապարակուած՝ 2004-ին, Passage du Nord Ouest (Seventh AKT XVII 2 CD) հրապարակուած՝ 2011-ին (Ձայնագրուած է Փարիզի մէջ, 29/12/1991), 1963-1968 տարիներուն հրապարակուած՝ 40 շարք, Pourquoi pas moi հրապարակուած՝ 1997-ին (Magic records 2 C): == Ծանօթագրութիւններ ==
19,274
Կատարոյ վանք (Կատարավանք)
Կատարոյ վանք, հոգեւոր կառոյց Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի մէջ, ծովու մակերեւոյթէն 2400 մեթր բարձրութեան վրայ՝ Դիզափայտ լերան (2478) գագաթին։ Ինչպէս Արցախի միւս շրջանները, Հադրութը եւս հարուստ պատմամշակութային ժառանգութիւն ունի, հոս կը գտնուին 400-է աւելի պատմաճարտարապետական յուշարձաններ, որոնցմէ շատերը մինչեւ օրս չեն ուսումնասիրուած։ Կատարավանքը Արցախի տարածքին գտնուող բարձրադիր կառոյցներէն մէկն է, ունի ուղղանկիւն յատակագիծ մը՝ երկթեք ծածկոյթով (չափերը՝ 11,7 x 6,7մ)։ Միանաւ պազիլիքով՝ կառուցուած կիսամշակ տեղական կրաքարով։ Միակ մուտքը կը բացուի արեւմուտքէն, պատուհանները՝ արեւելեան եւ հարաւային կողմերէն։ Ըստ դրան շրջանակին վերի սեմին վրայի արձանագրութեան Ս. տաճարը կը վերաբերի Յակոբին եւ վերաշինուած է ԺԹ. դարուն։ Բուն յուշարձանը, մեկնելով հոն պահպանուած խաչքարերու մնացորդներէն, կը վերաբերին ԺԷ. դարուն։ Եկեղեցւոյ հարաւի կից շինութեան (չափերը՝ 9,8 x 3,8մ) ստորին լեռնալանջին կը պահպանուին շարք մը շինութիւններու մնացորդներ: Քոշի աղբիւրէն մինչեւ Կատարոյ վանք՝ ճամբան կ'անցնի լերան ուղղագիծ լանջերով, Դիզափայտի «Յայսմաւուրք»ին մէջ յիշուող Աստղաբլուրին քովէն, ապա կը թեքի դէպի արեւմուտք՝ Արջի աղբիւր, յետոյ դարձեալ օձագալար կը բարձրանայ վեր եւ կը հասնի լերան կատարը։ Դիզափայտին Կատարոյ վանք կոչուող այս կոթողը Ղարաբաղի տարածքին գտնուող ամենաբարձր յուշարձանն է։ Կատարոյ վանքին եկեղեցւոյ կտուրէն դիտողին աչքին առջեւ կը բացուի համայնապատկեր մը, որուն մէջ ինկած են Արաքս գետը, Ղարատաղի լեռները, Արցախի դաշտը, Զանգեզուրի լեռները, Մեծ Մռաւի կատարները։ Ըստ աւանդութեան, լերան գագաթին, Կատարոյ վանքին տեղը, 330-ականներուն նահատակուած են մազքութներու արքայ Սանեսանի զաւակները՝ Դանիէլը, Եղիան եւ Մովսէսը ու բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնց դարձի բերած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին թոռը՝ Արցախ աշխարհի առաջին եպիսկոպոս Ս. Գրիգորիսը։ Դարձի եկող քրիստոնեաները փայտի նման դիզած եւ այրած են (այս դրուագէն ալ յառաջացած է լերան անունը): Ի պատիւ նահատակներուն` Վաչական թագաւորը 343-ին կառուցել տուած է եկեղեցին: == Վկայութիւններ եւ Աւանդութիւններ == Ըստ պատմաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, Դիզափայտը, ինչպէս եւ Մռաւն ու Քիրսը, կը համարուին արցախահայութեան սրբացած վայրերէն: Հոս ուխտի կու գային ոչ միայն Դիզափայտի ստորոտի գիւղերէն, այլեւ Շուշիէն, Մարտակերտէն եւ Արցախի հեռաւոր վայրերէն: Մարդիկ կը հաւատային անոր զօրութեան: Դիզափայտի մասին առաջին յիշատակութիւնը տուած է Փաւստոս Բիւզանդ, որ կը վերաբերի 335-ին՝ Սանեսան թագաւորին հայաստանեան արշաւանքներուն հետ կապուած: Աւելի հանգամանօրէն անդրադարձած է նաեւ Մովսէս Կաղանկատուացին: Դիզափայտի նահատակներու վարքը տեղ գտած է հայոց միջնադարեան մատենագրութեան մէջ Մովսէս Կաղանկատուացիի շնորհիւ: Ըստ ուսումնասիրողներու՝ վաղ միջնադարուն Կատարոյ վանքը եղած է գաւառի առաջնորդանիստ կեդրոնը եւ հոս նստած է եպիսկոպոսը: Կաղանկատուացի կը նշէ նաեւ, որ թշնամիները յարձակած եւ աւերած են վանական համալիրին մատուռ վկայարանները եւ փաստօրէն՝ Կատարոյ վանքն է միակ վկան: Հայ Առաքելական եկեղեցին, ի պատիւ Դիզափայտի նահատակներուն, յատուկ պատարագի օր ունէր: Դիզափայտը սուրբ լեռ համարած են նաեւ արաբները իրենց յիշատակութիւններուն մէջ եւ պատահական չէ, որ անոնք զայն կոչած են «Զիարաթ», այսինքն՝ սրբավայր: Տարեց կիներ կը պատմեն, որ Կատարոյ վանքին հարաւային պատին ճեղք մը կայ, ուր ժամանակին հող, ցորեն եւ գարի կը լեցնէին: Նորապսակ կիներ հոնկէ բուռ մը հող կը վերցնէին եւ եթէ հողին մէջ ցորեն գտնէին, ատիկա նշան էր, որ տղայ զաւակ պիտի ունենային, իսկ եթէ գարի գտնէին, ուրեմն՝ աղջիկ պիտի ունենային: Կը պատմուի նաեւ, որ անոնք որոնք զաւակ չէին ունենար, կը բարձրանային Կատարոյ վանք, երբեմն ալ օրերով հոն կը մնային: Մինչեւ այսօր մարդիկ կը հաւատան ու կու գան` ապաւինելու Կատարոյ վանքին` զաւակ պարգեւելու զօրութեան: == Ծանօթագրութիւններ == == Գրականութիւն == The Epic Histories: Attributed to P'awstos Buzand. Columbia University Press, Department of Near Eastern Languages and Civilizations, 1989 Movses Kalankatuatsi. History of the Land of Aluank, translated from Old Armenian by Sh. V. Smbatian. Yerevan: Matenadaran (Institute of Ancient Manuscripts), 1984, Book I, chapter 14, in Russian.
18,747
Խաչէնի իշխանութիւն
Խաչէնի իշխանութիւն, հայ աւատական վարչա-քաղաքական կազմաւորում Հայաստանի մէջ, Ժ-Ժէ. դարերուն՝ նախկին Ծավդեք-Արցախի նախարարական-իշխանական տան տոհմաճիւղերու գլխաւորութեամբ։ Արաբական տիրապետութեան վերջին շրջանին (Թ դարու վերջը) Գանձակի մէջ գոյացած քիւրտ-իսլամական ամիրայութիւնը իւրացուցած էր Ուտիքի շարք մը գաւառներն ու Արցախի Մուխանք գաւառը, եւ Բագրատունիներու թագաւորութեան օրով արդէն նախկին Արցախի նախարարական տունը, բաժնուած երկու ճիւղի, գլխաւորաբար կ'իշխէր նահանգին լեռնային ու նախալեռնային տարածքին մէջ։ Եթէ նահանգին արեւելեան եզրը կը հասնէր Մուխանք (Միլ-Մուղան) դաշտին, ապա արեւմուտքէն անիկա կ'ընդգրկէր Գեղամայ (Սեւանայ լիճի) ամբողջ արեւելեան ափը՝ Սոդք գաւառով։ Թ.դարու կէսէն Խաչէնի իշխանութիւնը կը տարածուէր նաեւ Ուտիքի հարաւային եւ արեւմտեան գաւառներուն վրայ։ Մահլ Սմբատեանի (Թ. դարու առաջին կէս) գրաւումներու շնորհիւ Մեծ Սիւնիքի հիւսիսարեւմտեան մասը (Գեղամայ գաւառ) նոյնպէս կ'անցնի Խաչէնի իշխանութեան տակ։ Ժ. դարէն սկսեալ մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ նահանգին կեդրոնական, բերդ-ամրոցներով հարուստ մասը՝ Խաչէնը (Թարթառ, Խաչէն ու Կարկառ գետերու հովիտները), որու ընդհանուր անունով ալ կոչուած էր ամբողջ իշխանութիւնը։ Անկախ տոհմաճիւղերու քանակէն՝ Խաչէնի իշխանութիւնը միշտ հանդէս եկած է որպէս մէկ ամբողջութիւն։ Կոստանդին Ծիրանածինը, թուարկելով Հայաստանի պետական կարեւորագոյն կազմաւորումները, որոնց հետ բիւզանդական արքունիքը գրագրութիւն ունէր, կը յիշէ նաեւ Խաչէնի իշխանը։ Այս կը նշանակէ, որ Մեծ Հայքի Ծավդեք-Արցախի նախարարութեան չընդմիջուող ժառանգորդ Խաչէնի իշխանութիւնը կը շարունակէր մնալ Հայաստանի ամենաազդեցիկ վարչական միաւորներէն մէկը։ Մխիթար Գոշ յանձինս Խաչէնի իշխանութեան ու Կիլիկեան (Ռուբինեան) իշխանապետութեան կը տեսնէր հայրենի թագաւորութեան այն հզօր բեկորները, որոնց հետ կը կապէր հայ ժողովուրդի քաղաքական միասնութեան վերականգնման բաղձանքները։ Սելճուք-թուրքերու տիրապետութեան դէմ մղած մարտերու եւ Զաքարեաններու ձեռնարկած ռազմաքաղաքական միջոցառումներու հետեւանքով Խաչէնի իշխանութիւնը կը բաժնուի նոր ճիւղաւորումներու։ Ժէ. դարու վերջը անոնք արդէն երեքն էին՝ Ներքին Խաչէն, Հաթերք, Վերին Խաչէն (Ծառ)։Այս ճիւղերու գործարար հովանաւորութեամբ շէն ու բարգաւաճ կը մնային հոգեւոր-մշակութային կեդրոններ Գանձասարը, Դաթի եւ Խադարի վանքերը, որոնց մէջ ստեղծուած գրչութեան կեդրոններն ու դպրանոցները մեծ համբաւ ունէին Հայաստանի մէջ եւ յաջողութեամբ կը գլխաւորէին Խաչէնի իշխանութեան եւ յարակից շրջաններու մշակութային կեանքը։ Մոնկոլական տիրապետութեան տեւական շրջանը ծանր ազդեցութիւն կ'ունենայ Խաչէնի իշխանութեան քաղաքական ու մշակութային կեանքին վրայ։ Ժը. դարու առաջին կէսին կը վերանայ Հաթերքի իշխանութիւնը, եւ անոր տիրոյթները կ'անցնին Ներքին Խաչէնի Հասան-Ջալալեաններուն ու Վերին Խաչէնի Դոփեաններուն։ Հակամոնկոլական շարժումները գլխաւորելու համար 1261-ին զազանաբար կը սպաննուի շուրջ 40 տարի Խաչէնի իշխանութեան գահերեց իշխան Հասան- Զալալը, որ կը հովանաւորէր ամբողջ Հիւսիս-Արեւելեան Հայաստանի մշակութային գործը, իսկ մոնկոլներու տիրապետութեան առաջին շրջանին աչքի ինկած էր հայրենի իշխանութիւնները միաւորելու, մոնկոլ տիրակալներուն հետ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարելու շրջահայաց քաղաքականութեամբ։ Գիտակցելով Վերին ու Ներքին Խաչէններու իշխաններուն ազդեցիկ դերը Արեւելեան Հայաստանի քաղաքական կեանքին մոնկոլ կուսակալները կը ջանային գլխատել Խաչէնի իշխանութիւնը, մոնկոլ մեծ խանի մօտ պարբերաբար դաւեր կը նիւթէին անոնց դէմ, անոնցմէ աւելի ուժեղներուն։ 1387-ին Լենկթեմուրի հորդաները կը կոտորեն հայրենիքի պաշտպանութեան համար ոտքի ելած Ծառի տէր Հասանն ու անոր վեց որդիները։ Այսուհանդերձ, Խաչէնի իշխանութիւնը չի վերանար։ Ակ-կոյունլու եւ կարա-կոյունլու թուրքերուն տիրապետութեան շրջանին ամբողջ Հայաստանի մէջ Խաչէնի իշխանութիւնն անընդմեջ գոյատեւած միակ պետական կազմաւորումն էր։ Օտար տիրակալներուն կործանարար հարուածներէն թոյլցած ու մանրացած Խաչէնի իշխանութիւնը կառչած կը մնար հայրենի երկրին՝ գերագոյն ջանքերով պահպանելով ազգային ինքնութիւնը։ Ժզ. դարու երկրորդ կէսին պարսկա-թրքական պատերազմներու շրջանին Խաչէնի իշխանութեան կազմին գոյատեւող գաւառական մանր տոհմակից իշխանութիւններն արդէն ունէին որոշակի սահմաններ եւ քաղաքական֊տնտեսական կեանքի ինքնուրոյն բնագաւառներ։ կը մնար գերագոյն տիրապետողի վաւերացումը, որ կը կատարէ շահ Աբբաս Ա.-ը 1603-ին՝ Խաչէնի իշխանութեան գաւառներու իշխանաւորները օժտելով մելիքական տիտղոսներով եւ իրաւունքներով։ == Ծանօթագրութիւններ ==
5,243
Շիրվանզադէ
Շիրվանզադէ (Ալեքսանդր Մովսիսեան) (18 Ապրիլ 1858, Շամախ – 7 Օգոստոս 1935), հայ թատերագիր։ Ծնած է Շամախի, Պաքուի մօտակայքը։ Ունեցած է դժուար պատանեկութիւն մը, ցնցուած՝ յատկապէս, ծննդավայր քաղաքը քանդող երկրաշարժներէն եւ հօրը սնանկութենէն։ == Կենսագրութիւն == Նախնական դպրատունէ մը ետք ռուսական վարժարան կը յաճախէ: Պատանի՝ կը լքէ ուսումը, կ'երթայ Պաքու՝ ազգականներու մօտ ու կը դառնայ պաշտօնեայ, միաժամանակ ընթերցումներով կը ջանայ ինքնազարգացում ձեռք բերել։ Շուտով մամուլի մէջ կը սկսին երեւիլ իր առաջին թղթակցութիւններն ու պատմուածքները։ 1883-ին Շիրվանզադէ կը հրաժարի պաշտօնեայի կեանքէն ու կը փոխադրուի Թիֆլիս՝ զբաղելու համար առաւելաբար գրականութեամբ։ Կը ծանօթանայ Րաֆֆիի եւ այլ երէց գրագէտներու։ Հոն կը մնայ աւելի քան քսան տարի, կը գրէ իր գլխաւոր վէպերը, նաեւ բազմաթիւ պատմուածքներ, իբր գլխաւոր նիւթ ունենալով քաղաքաբնակ (առաւելաբար՝ քաղքենի խաւի) հայութիւնը եւ զայն շրջապատող ուրիշ ազգի տիպարներ, նկարագիրներ ու կենցաղ։ 1898-ին՝ իբր յեղափոխական, ցարական ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած՝ տարի մը կ'աքսորուի Օտեսա՝ Սեւ Ծովու վրայ, ապա կը դառնայ Կովկաս։ 1905-ին կ'անցնի Փարիզ, ուր հնգամեակ մը կը հետեւի Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն։ 1911-ին, արեւելահայ եւ արեւմտահայ շրջաններուն մէջ կը նշուի Շիրվանզադէի գրական գործունէութեան 30-ամեակը, իբր արտայայտութիւն իր վայելած համահայկական ճանաչման։ Նոյն տարին, ան կը վերադառնայ Կովկաս (նախ՝ Թիֆլիս, ապա 1917-էն 1919՝ Երեւան)։ Տասնամեայ գործունէութեան ընթացքին, Շիրվանզադէ յատկապէս կը գրէ եւ կը բեմադրէ իր գլխաւոր թատերգութիւնները։ Քանի մը տարի կրկին արտասահման (Եւրոպա ու Ամերիկա) ապրելէ ետք, Շիրվանզադէ 1926-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Հայաստան, ուր խորհրդային վարչակարգը՝ իր կարգին, անոր կը շնորհէ անհրաժեշտ ճանաչումը։ 1930-ին, յոբելեանին առիթով, Երեւանի մէջ կը հրատարակուին իր ամբողջական երկերը։ == Գործեր == Պատմուածքներ՝ «Հրդեհ Նաւթագործարանում», «Օրիորդ Լիզա» Վիպակներ, վէպեր՝ «Արտիստը», «Նամուս», «Քաոս» Թատերգութիւններ՝ «Պատուի Համար», «Կործանուածը» == Գրականութիւն Շիրվանզադէի ու անոր ստեղծագործութեան մասին == Սարգիս Մելիքսեթեան, Մտերմական Շիրվանզադէն, Երեւան, Հայպետհրատ, 1964։ Գուրգէն Վանանդեցի, Շիրվանզադէի ստեղծագործութեան հիմնական գիծերը, Երեւան, Պետհրատ, 1930։ Յարութիւն Սուրխաթեան, Շիրվանզադէի 50-ամեայ գրական գործունէութեան յոբելեանը, 1880-1930, Պաքու, 1930, 42 էջ։ Արսէն Տէրտէրեան, Շիրվանզադէ, Հայ ընտանիքի ինտելեգենտի վիպասանը (երեսնամեայ գրական գործունէութեան առթիւ), Թիֆլիս, տպարան «Կուլտուրա», 1911, 198 էջ (հրատարակութիւն «Գեղարուեստ» հանդէսի)։ Արսէն Տէրտէրեան, Շիրվանզադէի գրական տիպերի հանրագիտարանը, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ, 1959, 427 էջ։ == Աղբիւր == Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 102: == Արտաքին յղումներ == Ալեքսանդր Շիրվանզադէն Հայկական Հանրագիտարանին մէջ Շիրվանզադէ ստեղծագործութիւններու թեքսթերը
3,756
Գանյար
Կանյար (սպ.՝ Cáñar)՝ քաղաք եւ համայնք Իսպանիաի մէջ, կը մտնէ Անդալուզիա ինքնավար համայնքի Գրանատաի մարզի մեջ։ Համայնքը կը գտնուի Ալխուպարա-Գրանադինա շրջանին մէջ։ կը զբաղեցնէ 26 քկմ տարածքը։ 2010 թվականի մարդահամարի տուալներով բնակչությունը կազմել է 412 մարդ։ Հեռավորութունը մարզի վարչական կէտրոնից կը կազմէ 66 կմ։ == Բնակչութիւն == == Ծանօթագրութիւններ ==
22,433
Յարութիւն Սուրխաթեան
Յարութիւն Սուրխաթեան (Յարութիւն Թումանեան, 5 Մայիս 1882(1882-05-05) - 9 Ապրիլ 1938(1938-04-09)), հայ գրականագէտ, թարգմանիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ։ == Կենսագրական գիծեր == Ծնած է Խրիմ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցէն ներս, սակայն փոքր տարիքէն կորսնցնելով իր հայրը ուսումը կիսատ ձգելով անցած է աշխատանքի: Փոքր տարիքէն ծանր աշխատանքներ կատարելով Սուրխաթեան բռնուած է թոքախտի հիւանդութեամբ. այդ վիճակով որոշ ժամանակ աշխատելէ ետք մեկնած է Թիֆլիս՝ մաս կազմելու Կարա-Մուրզայի երգչախումբին, ինչ որ հիւանդութեան պատճառով չէ կրցած շարունակել: Սուրխաթեան ապա մեկնած է Աշխապատ եւ տեղի հայկական դպրոցէն ներս ստանձնած ուսուցչութեան պաշտօն. առողջական վիճակի պատճառով երկար չմնալով ուսուցչութեան պաշտօնի վրայ դարձեալ վերադարձած է Թիֆլիս, ուր սկսած է ուսուցչագործել Յովնանեան դպրոցին մէջ: == Գործունէութիւն == Սուրխաթեան 1918 թուականէն սկսած է աշխատակցիլ «Պահակ» եւ «Կարմիր Ծիլեր» պարբերականներուն: Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք նշանակուած է Վրաստանէն ներս Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ արտասահմանի հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ: == Աշխատութիւններ == Մեծ աշխատանք տարած է դասագիրքերու պատրաստման աշխատանքին մէջ. 1930-ական թուականներուն հայկական գրեթէ բոլոր վարժարանները օգտագործած են Սուրխաթեանի պատրաստած դասագիրքերը: Սուրխաթեան հրատարակած է իր գործերէն «Մելքոն աղայի սթորիան», «Մելքոն աղայի վերջաբանութիւնը», «Մեր մայրերն ու աղջիկները», «Հոմերոս-Շէյքսփիր», «Հին յունական գրականութիւն» եւ այլ աշխատութիւններ: Սուրխաթեան զոհ դարձած է Ստալինեան հալածանքներուն եւ բռնադատուելով գնդակահարութեամբ մահուան դատապարտուած է: == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Գրական տեղեկատու, Եր., 1981, 544 էջ։
7,825
1994 թուական
1994 թուական, ոչ նահանջ տարի, 20րդ դարու 94րդ տարին է 1994-ը նշուեր է որպէս «Ընտանիքի համաշխարհային տարի» == Դէպքեր == ==== Փետրուար ==== 12 - 27 Փետրուար՝ Նորվեկիոյ Լիլեհամերին մէջ կայացան ձմեռնային ողիմպիական խաղերը ==== Ապրիլ ==== 07 Ապրիլ՝ Ռուանտայի ցեղասպանութեան սկիզբը Քիկալիին մէջ 16 Ապրիլ՝ Ֆինլանտային մէջ ընտրողները քուէարկեցին Եւրոմիութիւն մտնելու օգտին ==== Մայիս ==== 05 Մայիս՝ Պիշքէքին մէջ կնքուած համաձայնագրով սառեցուեցաւ Արցախի հակամարտութիւնը ==== Յունիս ==== 28 Յունիս՝ Աում Շինրեւիքեոն Տոքիոյին մեթրոյէն ներս մէջ ձեռնարկեցաւ կազային գրոհ մը, եղաւ 8 զոհ ==== Յուլիս ==== 18 Յուլիս՝ Պուէնոս Այրեսին մեջ ահաբեկիչին գրոհի աւերուեցան քանի մը հրէական կազմակերպութիւններու կառոյցներ, զոհերը՝ 85 հոգի ==== Սեպտեմբեր ==== 28 Սեպտեմբեր՝ «Էսթոնիա» լաստանաւը խորտակուեցաւ Պալթեան Ծովուն մէջ, զոհերը՝ 852 հոգի ==== Նոյեմբեր ==== 03 Նոյեմբեր՝ ֆրանսական հանդեսը հրապարակեցաւ նախկին նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի գաղտնի դստեր լուսանկարը 13 Նոյեմբեր՝ առաջին ճամբորդներն անցան Նեղուցի թիւնելով 28 Նոյեմբեր՝ Նորվեկիոյ ընտրողները դէմ քուէարկեցին Եւրոմիութեանն անդամակցելուն ==== Դեկտեմբեր ==== 11 Դեկտեմբեր՝ Պորիս Ելցինի հրամանով ռուսական զօրքը մտաւ Չեչնիա == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1994 ծնունդներ ==== Մարտ ==== 01 Մարտ Ճասթին Պիպըր Justin Drew Bieber գանատացի երգիչ եւ երգահան ==== Դեկտեմբեր ==== 6 Դեկտեմբեր․ Եանիս Անթեթոքունպօ․ «Միլուոքի Պաքս» կողովագնդակի ակումբին (Ա․Մ․Ն)․ եւ Յունաստանի կողովագնդակի ազգային խումբին յոյն մարզիկ, ΝΒΑ ախոյեան եւ քանիցս ախոյանութեան MVP` ամենաթանկագին մարզիկ == Մահեր == ==== Արցախի պատերազմին զոհուած ==== 03 Մայիս Սերիոժա Սուքիաս Յարութիւնեան (ծն.1940, Երեւան) ==== Փետրուար ==== 06 Փետրուար Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեան Aurora (Arshaluys) Mardiganian (ծն.1901, Խարբերդ) հայ գրող, դերասանուհի ==== Մարտ ==== 04 Մարտ Ռոպերթ Աթայեան (ծն.1915, Թեհրան) հայ երաժիշտ, երգահան 6 Մարտ․ Մելինա Մերքուրի, (ծն․1920) յոյն դերասանուհի, մեկնաբանող եւ քաղաքական գործիչ ==== Ապրիլ ==== 15 Ապրիլ Վարդգէս Պետրոսեան (ծն.1932, Երեւան) խորհրդային, հայ արձակագիր, էսսէներու հեղինակ ==== Յունիս ==== 15 Յունիս Մանոս Խածիտաքիս, յոյն երգահան, յօրինող, դաշնակահար ==== Օգոստոս ==== 18 Օգոստոս Վազգէն Ա. (Լեւոն-Կարապետ Աբրահամ Պալճեան, ծն.1908, Պուխարեսթ) Ամենայն Հայոց 180րդ կաթողիկոս ==== Հոկտեմբեր ==== 20 Հոկտեմբեր Յակոբ Կարապենց (ծն.1925, Թաւրիզ) արձակագիր == Ծանօթագրութիւններ ==
17,293
Էլտա Էմմա էնտերսըն
Էլտա Էմմա էնտերսըն (5 Հոկտեմբեր 1899(1899-10-05), Green Lake, Վիսկոնսին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 17 Ապրիլ 1961(1961-04-17), Oak Ridge, Անդերսոն շրջան, Թենեսի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) ամերիկացի ֆիզիկոս եւ առողջութեան գիտաշխատող էր։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ան աշխատեր է Մանհեթենի ծրագիրի վրայ Փրինսթոնի համալսարանը եւ «Լոս Ալամոս» ազգային տարրալուածարաններուն մէջ, ուր տարրալուծարանին մէջ պատրաստեր է մաքուր ուրանի-235-ի առաջին նմոյշը: Վիսքոնսինի համալսարանի շրջանաւարտ, 1929 թուականին դարձաւ ֆիզիքայի փրոֆեսոր Միլվուքի-Տաուներ քոլէճին մէջ։ Պատերազմէն յետոյ ան հետաքրքրուեցաւ առողջութեան ֆիզիքայով: Ան աշխատած է Oak Ridge ազգային տարրալուծարանի առողջութեան ֆիզիքայի բաժինը եւ հիմնած մասնագիտական վկայագրման եւ վաւերացման գործակալութիւնը, որ յայտնի է որպէս Առողջութեան ֆիզիքայի ամերիկեան խորհուրդ: == Կենսագրութիւն եւ կրթութիւն == Էլտա Էմմա էնտերսըն ծնած է Վիսքոնսին նահանգի Կրին լիճի շրջանը, 1899 թ. Հոկտեմբերի 5-ին, Էտուին Ա. էնտերսընը երեք երեխաներէն մէկն էր։ Հակառակ անոր, որ կանուխ տարիքէն կլանուած էր թիւերով, Անդերսոնը, փաստօրէն, կը ձգտէր դառնալ մանկապարտէզի ուսուցիչ: Այդ հետագային կը վերածուէր գիտութեան հետաքրքրութեան, որ մասամբ կապ ունէր իր աւագ քրոջ ազդեցութեամբ, որ քիմիայի դասախօսի օգնական էր։ Ընդհանուր առմամբ, հակառակ անոր, որ իր ընտանիքը որոշակի մեծ ակնկալիքներ ունէր իրենց կրտսեր դուստրի նկատմամբ, անոնք բոլորը կ'աջակցէին անոր իր գիտական ջանքերուն մէջ։ էնտերսընը 1922-ին Ռիփոնի քոլէճէն ստացաւ Պսակաւոր Արուեստի աստիճան (AB), այնուհետեւ ֆիզիքայի մագիստրոսի կոչում (AM) 1924-ին Վիսքոնսինի համալսարանէն ֆիզիքայի մէջ։ 1924-1927 թուականներուն դասաւանդեր է Այովայի Էսթերվիլ կրտսեր քոլէճին մէջ, ուր ֆիզիքա կաճառի ատենապետն էր: == Ասպարէզ եւ հետազօտութիւններ == 1941 թուականին Էլտա Էմմա էնտերսընը աւարտեց իր դոկտորի աստիճանը Վիսքոնսինի համալսարանին մէջ ՝ գրելով իր «Աթոմային լուսապատկերներ ցածր ուժի մակարդակները Co VII և Ni VIII» թեմայով թեզը: Դոկտորականը աւարտելէն անմիջապէս յետոյ էնտերսընը դիմեց Միլվուքի-Տաուներ քոլէճի մէջ իր պաշտօնը դադրեցնելու համար, որպէսզի Մանհեթընի նախագիծին վերաբերող պատերազմական հետազօտութիւններ կատարէ Փրինսթոնի համալսարանի գիտական հետազօտութիւններու եւ զարգացման գրասենեակին մէջ։ Շատ ժամանակ անց էնտերսընը զօրակոչուեցաւ աշխատանքի շարունակելու յատուկ «Լոս Ալամոսի» տարրալուծարանը: Իր նոր վայրին մէջ Էլտա Էմմա էնտերսընը ուսումնասիրեց ճեղքման հիմնական փարամեթրերը, ներառեալ նեյթրոններու կլանման եւ արտանետման հետ կապուած ժամանակի յետաձգումներու վերլուծութիւնը: Նման աշխատանքը յաճախ կ'ենթադրէր աշխատիլ տասնուեց ժամուայ ընթացքէն վեր: Լոս Ալամոսի «Լոս Ալամոս» -ի այլ ձեռքբերումներէն ՝ էնտերսընը տարրալուածարանին մէջ պատրաստեց մաքուր ուրանի-235-ի առաջին նմոյշը: Մինչ այնտեղ էր, ան կ'ապրէր հանրակացարանը եւ, ըլլալով աւելի մեծ, քան միւս բնակիչներու մեծ մասը (ան հիսուն տարեկան էր), անոր պատասխանատուութեան ենթարկեցին: Ան յաճախ կ'աշխատէր գիշերը՝ հագնելով ճինզէ հագուստներ եւ շղարշ վերնաշապիկ՝ այդ ժամանակ կնոջ համար սովորական հագուստ չէր Պատերազմի սկիզբը՝ 1947 թ.-ին Էլտա Էմմա էնտերսընը հեռացաւ Լոս Ալամոսէն եւ կը վերադառնայ դասաւանդման Միլվուքի-Տաուներ քոլէճ, բայց անոր մասնակցութիւնը աթոմային ֆիզիքայի մէջ բերաւ հետաքրքրութիւն ճառագայթահարման առողջութեան հետեւանքներու նկատմամբ: 1949-ին ան ձգեց դասաւանդումը ՝ սկսելու ասպարէզը առողջութեան ֆիզիկայի ոլորտին մէջ։ Թենեսիի Oak Ridge ազգային տարրալուծարանի առողջութեան ֆիզիքայի բաժնին մէջ, որուն միացեր էր ընդամէնը երբ հինգ տարեկան, ան դարձաւ կրթութեան եւ վերապատրաստման առաջին ղեկավարը: Ան իր ասպարէզը անցուց ՝ օգնելով հաստատել նոր ուսումնական ծրագիրը առողջութեան ֆիզիքայի ոլորտին մէջ, դասաւանդելով եւ խորհրդատուելով առողջութեան ֆիզիքայի շրջանաւարտներու հետ 1949 թուականէն: 1949 թ.-ին էնտերսընը տեղափոխուեցաւ Թենեսի Օք Ռիճ, որպէսզի դառնայ կրթութեան եւ վերապատրաստման առաջին ղեկավարը Oak Ridge ազգային տարրալուծարանի առողջութեան ֆիզիքայի բաժնին մէջ։ էնտերսընը նաեւ աշխատեր է փրոֆեսորադասախօսական կազմի անդամներու հետ Թենեսի նահանգի Նաշվիլ քաղաքի Վանտերպիլթ համալսարանը ՝ այդ հաստատութեան մէջ առողջութեան ֆիզիքայի մագիստրոսի կոչման ծրագիր ստեղծելու համար: Բացի այդ, ան պատասխանատու էր զինուորական անձնակազմի, նահանգի եւ ֆետերալ սպաներու եւ համալսարանական դասախօսներու հանդարտեցման համար, որոնք ներկայիս առողջութեան ֆիզիքայի առաջատարներն են: Էլտա Էմմա էնտերսընը անհրաժեշտ պարտականութիւններէն դուրս նաեւ յայտնի էր այն բանով, որ կ'օգնէր ուսանողներու խնդիրներուն ինչպէս՝ ակադեմական, այնպէս ալ անձնական, օգտակար վարկեր տրամադրելով: Որոշ պարագաներուն Էլտա Էմմա էնտերսընը յայտնի էր, որ ուսանողներուն վարկեր տուած էր, ինչպէս նաեւ խմիչք կը բաժնէր անհանգստացնող ժամանակներուն: Էլտա Էմմա էնտերսընը 1955 թ.-ին Սթոքհոլմի մէջ կազմակերպեց իր ոլորտի մէջ առաջին միջազգային դասընթացը; ան նման դասընթացներ կազմակերպեր է Պելճիքայի մէջ 1957-ին, իսկ 1958-ին՝ Մումպայի մէջ։ Ան աջակցեցաւ Առողջութեան Ֆիզիքայի Ընկերութեան հիմնադրմանը 1955 թ.-ին՝ ծառայելով որպէս քարտուղար, ապա՝ որպէս կանոնադրութեան քարտուղար, եւ, ի վերջոյ, որպէս Հասարակութեան Նախագահ 1959-1960 թթ.: 1960-ին ստեղծեց մասնագիտական վաւերացման գործակալութիւնը, որ յայտնի է որպէս Ամերիկեան Առողջապահութեան խորհուրդ Ֆիզիքա. հակառակ 1956-ին պայմանագրային սպիտակ արիւնութեան, էնտերսընը մնաց անգերազանցելի իր ասպարէզին մէջ եւ քանի մը տարի պահպանեց իր դիրքերը մինչեւ 1961 թ. իր վերջնական մահը: == Մահը եւ կտակը == 1956 թուականին Էլտա Էմմա էնտերսընը, որ երբեք ամուսնացած եւ երեխաներ չունէր, սպիտակ արեան քաղցկեղը զարգացաւ: Ան մահացաւ գրեթէ հինգ տարի ետք Թենեսի նահանգի Օք Ռիճ քաղաքին մէջ ՝ կրծքագեղձի քաղցկեղէն եւ սպիտակ արիւնի զարգացումէն, հնարաւոր է՝ ռատիոաշխոյժ նիւթերու հետ աշխատանքի պատճառաւ, 1961 թուականի Ապրիլի 17-ին: Էնդերսոնը թաղուած է Վիսքոնսին նահանգի Կրին լիճի գերեզմանատունը: Ողջ էին Իր քոյրը՝ Լիւսիլ Մաքրոնն ու զարմուհին՝ Նաթալի Թար Միլլմանը: Դոկտոր Անդերսոնի գանձարանը լաւ լուսաբանուեցաւ մամուլի եւ գիտական հանդեսներուն մէջ։ Յարգանքի իբրեւ տուրք գրած են գործընկերները եւ նախկին ուսանողները: Էլտա Էմմա էնտերսըն ամէն տարի կը պատուեն Առողջութեան ֆիզիքայի ընկերութեան ամենամեայ ժողովին, երբ Էլտա Է. էնտերսընը մրցանակը կը յանձնուի Հասարակութեան երիտասարդ անդամին: == Հրատարակութիւններ == Ph.D. աւարտաճառ: Anderson, Elda E. (1941). Low Energy Levels in the Atomic Spectra of Cobalt VII and Nickel VIII. University of Wisconsin—Madison. Mack, J. E., & Anderson, E. E. (1944). A 21‐Foot Multiple Range Grazing Incidence Spectrograph. Review of Scientific Instruments. 15(2): 28–36. Anderson, E. E., Lavatelli, L. S., McDaniel, B. D., & Sutton, R. B. (1944). Boron cross sections for neutrons from 0.01 to 1000 eV. Atomic Energy Commission. Anderson, E. E., Lavatelli, L. S., McDaniel, B. D., & Sutton, R. B. (1944). MEASUREMENTS ON THE CROSS-SECTION OF 94 Pu-239 AS A FUNCTION OF NEUTRON ENERGY IN THE RANGE FROM 0.01 eV TO 3.0 eV (No. LA-91). Los Alamos Scientific Laboratory. New Mexico. Anderson, E. E., McDaniel, B. D., Sutton, R. B., & Lavatelli, L. S. (1945). ABSORPTION AND FISSION CROSS SECTIONS OF 94 Pu-239 IN THE NEUTRON ENERGY RANGE 0.01 eV TO 100 eV (No. LA-266). Los Alamos Scientific Laboratory. New Mexico. Sutton, R. B., McDaniel, B. D., Anderson, E. E., & Lavatelli, L. S. (1947). The Capture Cross Section of Boron for Neutrons of Energies from 0.01 eV to 1000 eV. Physical Review. 71(4): 272. McDaniel, B. D., Sutton, R. B., Lavatelli, L. S., & Anderson, E. E. (1947). The Absorption Cross Section of Gold for Neutrons of Energies from 0.01 to 0.3 eV. Physical Review. 72(8): 729. Sutton, R. B., T. Hall, E. E. Anderson, H. S. Bridge, J. W. DeWire, L. S. Lavatelli, E. A. Long, T. Snyder, and R. W. Williams. (1947). Scattering of Slow Neutrons by Ortho- and Parahydrogen. Physical Review. 72(12): 1147. Sutton, R. B., T. Hall, E. E. Anderson, H. S. Bridge, J. W. DeWire, L. S. Lavatelli, E. A. Long, T. Snyder, and R. W. Williams. (1947). Neutron diffraction studies of NaH and NaD. Physical Review. 72: 1147–56. Anderson, Elda E. (1950). Manual on Radiological Protection for Civilian Defense (No. M-4514). Oak Ridge National Laboratory. Anderson, E. E. (1952). Units of radiation and radioactivity. Public Health Reports. 67(3): 293. Anderson, E. E. (1954). Education and Training of Health Physicists. Radiology. 62(1): 83–87. Lukens Jr, H. R., Anderson, E. E., & Beaufait Jr, L. J. (1954). Punched Card System for Radioisotopes. Analytical Chemistry. 26(4): 651–652. Kohl, J., Newacheck, R. L., & Anderson, E. E. (1955). Gaseous and Liquid Tracers for Underground Studies. In Proceedings. University of California. Kohl, J., Newacheck, R. L., & Anderson, E. E. (1955). Locating Casing Shoe Leaks with Radioactive Argon. Transactions of the American Institute of Mining and Metallurgical Engineers. 204(12): 213–216. Newacheck, R. L., Beaufait, L. J., & Anderson, E. E. (1957). Isotope Milker Supplies 137Ba from Parent 137Cs. Nucleonics. 15(5): 122. Beaufait Jr, L. J., Anderson, E. E., & Peterson, J. P. (1958). Development and Preparation of Set of Gamma Spectrometer Standards. Analytical Chemistry. 30(11): 1762–1764. Anderson, Elda E. (1959). Assignment report on training course for health physicists. Bombay, India. November–December 1958. Zumwalt, L. R., & Anderson, Elda E. (1960). Xe-133 Release Data Obtained to Date on Various Sample Fuel Bodies (No. GA-P-32-257). General Atomic Division. General Dynamics Corp. San Diego, CA. Anderson, E. E., Gethard, P. E., & Zumwalt, L. R. (October 1961). Use of the King Furnace in Fission-Product Retention Studies of Graphite Reactor Fuels. In Proceedings of the Second Conference on Nuclear Reactor Chemistry. Gatlinburg, Tennessee (pp. 171–192). Anderson, E. E., Gethard, P. E., & Zumwalt, L. R. (1962). Steady-State Release Fraction of Krypton and Xenon Fission Products at High Temperatures from (U, Th) C2-Graphite Fuel Matrix in Out-Of-Pile Experiments (No. GA-3211). General Atomic Div. General Dynamics Corp. San Diego, CA. Zumwalt, L. R., Anderson, E. E., & Gethard, P. E. (1962). Fission Product Retention Characteristics of Certain (Th, U) C2-Graphite Fuels. Proceedings. ANS Topical Meeting on Materials and Fuels for High-Temperature Nuclear Energy Applications. 11–13. Anderson, E. E., Wessman, G. L., & Zumwalt, L. R. (1962). Fission Product Trapping—Sorption of Cesium by Activated Charcoal. Nuclear Science and Engineering. 12(1): 106–110. Zumwalt, L. R., Gethard, P. E., & Anderson, E. E. (1963). Fission-Product Release from 'Single-Crystal' UC2 Particles. Transactions of the American Nuclear Society. 6(1): 132. Anderson, E. E., Gardner, J. O., Gethard, P. E., Goeddel, W. V., Hooker, J. R., Lonsdale, H. K., ... & Zumwalt, L. R. (1963). Advanced, Graphite-Matrix, Dispersion-Type Fuel Systems. Annual Report. April 1, 1962 – March 31, 1963 (No. GA-4022;(Pt. 1)). General Atomic Division. General Dynamics Corp. San Diego, CA. Anderson, Elda E., & Zumwalt, L. R. (1964). The Diffusion of Barium in Simulated High-Temperature Graphite Fuel Elements. Transactions of the American Nuclear Society. (US). 7. == Ծանօթագրութիւններ ==
22,431
Ղայտարոս (Թիլոս)
Ղայտարոս (յուն․՝ Γάιδαρος), Էգէականի անբնակ կղզի, Տոտեքանիսա, Յունաստան։ == Հակիրճ տեղեկութիւններ == Կը գտնուի Թիլոսի ափերուն մօտիկ, Մեղալօ Հորիոյին հիւսիս-արեւմուտքը, դէպի Նիսիրոս։ Տարածութիւնն է 0,802 քլ․²։ Ժայռոտ եւ թուփերով լեցուն կղզիակ է։ Անտիթիլոս ժայռակղզիակին հետ Թիլոս շրջապատող 16 կղզիակներէն ամենամեծերն են։ == Ծանօթագրութիւններ ==
6,099
Սիմէոն Աւդալեան
Սիմէոն Աւդալեան, Նոր Ջուղայեցի հայ վաճառական։ 1676-ին Աստրախանի ճամբով Մոսկուա կ՛երթայ իր հետ տանելով մետաքսեղէն։ Այնտեղէ կ՛անցնի արտասահման՝ Շուէտ եւ եւրոպական ապրանքով Պարսկաստան կը վերադառնայ։ Մինչեւ 1692, ան մի քանի անգամ Ռուսաստան եւ արտասահաման կ՛երթայ։ == Աղբիւր == Բառարան Հայ Կենսագրութեանց, Ա. հատոր, Թիֆլիս 1904, էջ 172:
11,013
«Խոստումը» Ֆիլմը («The Promise»)
ՎԵՐԱՀՂՈՒՄ Խոստումը (ֆիլմ)
4,270
Ճէյմս Թագաւորին Աստուածաշունչը
Ճէյմս Թագաւորին Աստուածաշունչը (անգլերէն՝ The King James Version (KJV), արաբերէն՝ نسخة الملك جيمس, ֆրանսերէն՝ Bible du roi Jacques), յայտնիէ նաեւ իբրեւ՝ «Արտօնեալ Թարգմանութիւն» (Authorized Version (AV)): Ճէյմս Ա. թագաւորի պահանջով պատրաստուած անգլերէն Աստուածաշունչը. թարգմանակն աշխատանքը սկասծ է 1604 թուականին եւ ամբողջացած՝ 1611 թուականին: Անգլիոյ Ճէյմս Ա. թագաւորը պահանջած է Աստուածաշունչի նոր թարգմանութիւն մը եւ անձամբ վերահսկած թարգմանական աշխատանքին: Այս թարգմանութեան հզօր ներգործութիւնը տակաւին զգալի է խօսակցական եւ գրաւոր անգլերէնին վրայ: 18-րդ դարու առաջին կէսին, Անկլիքան եկեղեցիւոյ մաս կազմող 54 գիտաշխատողներ ընտրուած են այս գործին համար եւ անոնցմէ 47-ը ամբողջացուցած են աշխատանքը: Անոնք աշխատած են 6 յանձնախումբերու բաժնուած. իւրաքանչիւրը պատասխանատու եղած է Աստուածաշունչի տարբեր մէկ մասին թարգմանութեան: Աշխատանքը կեդրոնացած էր Օքսֆորտի, Քէյմպրիճի եւ Լոնտոնի մէջ եւ իբրեւ գլխաւոր հիմք` ունէր Ուիլիըմ Թայնտէյլի թարգմանութիւնը. Թայնտէյլ առաջին անձերէն եղած է, որ Աստուածաշունչը անգլերէնի թարգմանած է յունարէնէ եւ եբրայերէնէ: Այս բոլորը տեղի ունեցած են Ճէյմս Ա. թագաւորին շնորհիւ, որ այն ժամանակ դժգոհ էր գոյութիւն ունեցող թարգմանութիւններէն: Ան յաճախ այցելած է գիտաշխատողներուն եւ հետեւած՝ անոնց աշխատանքին: == Սխալ Թարգմանութիւններ == Ճէյմս Թագաւորին Աստուածաշունչը կը պարունակէ մի քանի սխալ թարգմանութիւններ, յատկապէս Հին Կտակարանի մէջ, ուր գիտելիքը այն ժամանակ տակաւին ստոյգ չէին նոյնինքն եբրայերէն եւ համանամն լեզուներով գրուած օրինակներուն մէջ. Մեծ մասը, աննշան են եւ էապէս իմաստը չեն փոխեր՝ նիւթական աղբիւրին համեմատած: Սխալ մէջբերումներով ամենատարածուածը եբրայերէն աշխատանքն ու Երկրորդ Օրինացնէ: Ոարգմանիչները նշած են Փոխընտրական թարգմանութիւն մը՝ "rhinocerots" [sic]-ի Եսայի 34:7 եզրին: Համանման նշմում նաեր կատարած է Մարթին Լութըր գերմաներէն թարգմանութեան մէջ, ապաւինելով նաեւ «Vulgate» Ս. Գրոց լատին թարգմանութեան: == Ներգոծրութիւնը == === Կրօնական լեզուին վրայ === «shipoffools.com» համացանցի կայքի խմբագիր Սայմըն Ճենքինզ կը վիճի ըսելով, թէ՝ քրիստոնէական թարգմանիչները երբեք պիտի չփափաքէին նման բան մը- Հեգնականը այն է, թէ անոնց ժամանակներուն շատ աւելի պաշտօնական էր «եու»ի գործածութիւնը` իբրեւ Բ. դէմքի դերանուն, քան` «տաու»ը: Սակայն թարգմանիչները որոշած են պաշտօնական յատուկ լեզու մը չգործածել` Աստուծոյ մասին գրելու համար: Ան պարզապէս «տաու» էր` ոեւէ մէկուն պէս. «Սակայն, երբ մանուկ էի, մարդիկ տակաւին Աստուծոյ կը դիմէին «տաու»ով: Ասիկա յուսահատական աստիճանի հնաբոյր է եւ օտարումի կ՛առաջնորդէ: Թարգմանիչները ճիշդ որոշումը կայացուցած են ժամանակին, սակայն հետագային եկեղեցիին կեցուածքը ոչ մէկ ձեւով արձագանգած է անոնց նպատակին», կ՛ըսէ ան:: === Տարբեր խաւերու լեզուին վրայ === Ոչ մէկ այլ գիրք, կամ մշակոյթի ոչ մէկ այլ գործ նոյնքան ներգործութիւն ունեցած է անգլերէնին վրայ, որքան` Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը: Անոր մէջ գործածուած ըսելաձեւերը թափանցած են անգլիախօսներու առօրեայ լեզուին մէջ: «Տը Սան» թերթը Էսթըն Վիլլայի մասին գրած է, թէ ան «կը մերժէ յանձնել իր ոգին» (այսինքն` մեռնիլ»): Ուենտի Ռիչըրտ պատկերասփիւռի «Իսթենտըրզ» ժապաւէններու շարքին մէջ Փոլին Ֆաուլըրի տիպարը կը կոչէ «երկրին աղը»: Անգլիոյ քրիքեթի մարզիչը լրագրողներուն կը յայտնէ. «Չէք կրնար բառեր դնել բերնիս մէջ»: «Տէյլի Միրըր» թերթը Թիլտա Սուինթընը կը կոչէ «ինքն իր օրէնքը» (այսինքն` անկախ գործող): Անգլերէնի մէջ մինչեւ այսօր կարելի է լսել Ճէյմս Աստուածաշունչէն մեծ թիւով ըսելաջեւեր, օրինակ հետեւեալ ըսելաձեւերը. «Աշխարհը գլխիվայր շրջեց», «Արմատանալ», «Կոյրերը կ՛առաջնորդեն կոյրերը» եւ այլն: Միացեալ Նահանգներու ազգային ղեկավար Տանիէլ Ուեպսթըր ըսած է. «Եթէ գնահատելի որեւէ բան կայ մտածումներուս կամ ոճիս մէջ, այդ մէկը կը պարտիմ ծնողներուս, որոնք կանուխ տարիքէս մէջս ներարկեցին սէր` սրբազան գրականութեան նկատմամբ: Նոյնքան անուանի բրիտանացի ճարտասան Թ. Պ. Մըքոլի ըսած է, թէ Աստուածաշունչի այս թարգմանութիւնը ցոյց կու տար անգլերէնին «գեղեցկութեան եւ ուժին ամբողջ տարողութիւնը»: == Ծանօթագրութիւններ ==
22,090
Ազնիւ Հրաչեայ
Ազնիւ Հրաչեայ (բուն անունով Ազնիւ Մինասեան, 25 Յունիս 1853(1853-06-25) կամ 20 Մայիս 1859(1859-05-20), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1919 կամ 20 Մայիս 1920(1920-05-20), Դիլիջան, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն), պոլսահայ դերասանուհի։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Պոլիս։ Մինասեան՝ 1869 թուականին բեմ բարձրանալով, իբրեւ բեմական անուն ընտրած է «Հրաչեայ» մականունը։ Ան խաղցած է նշանաւոր թատրոններու մէջ, ինչպէս՝ Կ.Պոլսոյ «Արեւելեան թատրոն»ը, Պետրոս Մաղաքեանի գլխաւորած «Արեւելեան», ապա՝ Յակոբ Վարդովեանի «Օսմանեան» թատերախումբերը: Խաղցած է պատմահայրենասիրական ողբերգութիւններու, իտալական, ֆրանսական ներկայացումներու մէջ, իսկ 1880-ական թուականներուն բեմ բարձրացած է Թիֆլիսի հայկական թատերախումբին հետ։ 1896 թուականին իր զաւակներով գաղթած է Թիֆլիս։ Այնուհետեւ, նիւթական ծանր վիճակին պատճառով տեղափոխուած է Պաքու՝ Պերճուհի դստեր քով, որ հոն ամուսնացած էր: Ազնիւ Հրաչեայ իր յուշերը գրած է Պաքուի մէջ: == Մահ == Ծանր հիւանդութեան պատճառով տեղափոխուած է Դիլիջան, ուր իշխանուհի Մարիամ Թումանեանի ամարանոցին մէջ դերասանուհին խնամած են Դիլիջանի համքարական ընկերութեան կողմէ երկու բուժքոյր՝ Անահիտ Աղաջանեանը եւ Վարսենիկ Զաքարեանը։ Մահացած է Դիլիջան, նոյն համքարական ընկերութիւնը կազմակերպած է անոր յուղարկաւորութիւնը, իսկ տեղւոյն դարբինները, իրենց իսկ նախաձեռնութեամբ, անոր գերեզմանին շուրջը երկաթեայ ցանկապատ մը սարքած եւ վրան փակցուցած են երկաթատառ տապանագիրը. Յետագային, Դիլիջանի թատերական ընկերութիւնը դերասանուհիի գերեզմանին վրայ կանգնեցուցած է սեւ մարմարեայ յուշաքար մը, ուր զետեղուած է Ազնիւ Հրաչեայի կիսադէմը՝ կերտուած ճերմակ մարմարով: == Ծանօթագրութիւններ ==
5,259
Շոնդել
Շոնդել Լէյն (4 Հոկտեմբեր 1985(1985-10-04), Saint James, Բարբադոս), ճանչցուած է իբր Շոնդել, Պարպատեան երգչուհի եւ երգահան։ Ան արձակեց իր ալպոմը Շոնդելիկենս Նոյեմբեր 2008-ին։ Իր երկրորդ ալպոմը, Ոչ Ծանրութիւն, արձակեց Սեպտեմբեր 2010-ին։ «T-Shirt», եւ «Impossible», յաջողեցաւ համեստ միջազգային յաջողութիւն։ == Ընթացքը == === Շոնդելիկենս (2008-2009) === Շոնդել սկսաւ աշխատիլ իր արուեստանոց ալպոմ 2008-ի սկիզբը, եւ շարունակեց ալպոմը 6 ամսուայ մէջ։ Ալպոմին վերնագիրը տրուած էր իրենք իր ալպոմ ճարտարագէտ որ գործածեց Շոնդելիկենս իբր կատակ Շոնդըլին եւ իր արտադրողին հետ երբ խաղ կը խաղային որ պիտի շինեն անուներ իր անունով ։ «T-Shirt», Շոնդել իր մեներգ երգը արձակած է Յուլիս 2008-ին եւ հասաւ թիւ 36-րդ Միացեալ Նահանգներու ամենալաւ երգի։ Սակայն, սրածայր առաջին 10 էր Պելճիքայի եւ Անգլիոյ մէջ։.Շոնդելին երկրորդ ալպոմը, Շոնդելիկենս արձակուած է 18 Նոյեմբեր 2008-ին։ Ալպոմը հասաւ 115 թիւին ծանուցման տախտակին վրայ Մ.Ն. ծախելու 6200 արձանագրութիւններ առաջին շաբթուայ մէջ, եւ հասաւ 24-րդ թիւին հիփ-հօփ ալպոմ ծանացումին It was re-released on 10 March 2009, and has since sold 30,000 records in the US.։ Արձակուած էր 10 Մարտ 2009-ին եւ ծախած է 30000 արձանագրութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Իր երկրորդ մեներգը իր ալպոմէն, «Stuck With Each Other», հատկանշուի Էյքոն, արձակուած է Փետրուար 2009-ին Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւ Մայիս 2009-ին անգլիոյ մէջ։ Մեներգը ձախողեցաւ ծանացումին մէջ Մ.Ն., բայց հասաւ 23-րդ թիւը Անգլիոյ մէջ։ Շոնդել պտտեցաւ աջակցելով Անգլիոյ Նոր Պզտիկներուն Պլոգ Աշխարհի Պտոյտին Յունուար 2009-ին։ Շոնդել Պիյոնսէին հետ էր Ես Եմ-ի մէջ... Պտոյտը Մայիսէն մինչեւ Յունիս 2009։Շոնդել հիւրընկալն էր Իմ Հաւագոյթ Գրոց. եւ Ընդհանրական Մոդոյն 2009-ին Ծանրագոյն Պրոմ Նորաձեւութիւն Իսկական շարք։ Ինք կատարեց Բարձր դպրոցի Հաւագոյթին Նիու Եորք Քաղաքին Յունիս 2009-ին, բայց նախ ձգեց 3 աշակերտներ մրցումի որ գծեն հագուստ որ երգչուհի Գեթ Տէ Լունա գլխաւոր դերակատար հագուեցաւ Ծանրագոյն Հաւագոյթին համերգին։2012-ին, Շոնդելիկենս ծախեց 50000 օրինակ Մ.Ն. մէջ։ === Ոչ Ծանրութիւն (2009-2010) === Շոնդելին երկրորդ ալպոմը, Ոչ Ծանրութիւն արձակուեցաւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ 21 Սեպտեմբեր 2010-ին։ Շոնդել հաստատեց որ ալպոմը գործնական է որ ուզեց փոխել իր իսկական ձայնը արձանագրութեան համար։ Մինչդեռ վերնագիրը «Ոչ Ծանրութիւն» կը խորհրդանշուի աղօթք, Շոնդել հաստատեց ինք հարմարեցուած իր կեանքին եւ ընթացքին, դրդեց ինզինքը որ մագլցի աւելի բարձր եւ չունենայ բան մը որ կը ձգէ իրեն վար կամ բռնէ իրեն։ Շոնդել համագործակցեց Պրունո Մարսին, Դոնի Գանալ եւ Տարգչիլտի հետ ուրիշ արձանագրութիւններու հետ։ Իր առաջին շաբթուայ արձակաց երգին, Ոչ Ծանրութիւն եղաւ թեւ 81-րդ ծանագման տախտակին վրայ, ծախելով 7000 օրինակ։ Վերջը նոյն տարին Շոնդել կրցաւ գրել Րիհանային հետ երգը «Man Down» 5-րդ արուեստանոցէն ալպոմ, Բարձր (2010): Մեներգ երգը ալպոմէն, «Impossible», արձակուած էր Փետրուար 2010-ին մատնային բեռնել, բայց ձախողեցաւ յաջողիլ մինչեւ Մայիս 2010-ին: Մինչ այդ ատենէն եղած է իր յաջող մեներգը, որ հասաւ թիւ 13 ծանուցման տախտակին: Երկրորդ մեներգ ալպոմը, «Perfect Nightmare», արձակուած է Օգոստոս 2010-ին։ «Say Hello To Goodbye» ղրկուած էր փօփ ձայնասփիւռի 15 Մարտ 2011-ին, իր երրորդ մեներգը։ Երկուքն ալ ձախողեցան, բայց երկուքն ալ հասցրեցին ծանացման տախտակին Փօփ երգերու վրայ։ Ոչ Ծանրութիւն ծախած է շուրջ 150000 օրինակ 2012-ին Մ.Ն. մէջ։ === Փոխադրուիլ Դէպի Հանրապետութիւն Արձանագրութեան եւ Երրորդ Արուեստանոց Ալպոմ (2011- մինչեւ հիմա) === Շոնդել երգեց Ճումպո Գանալ Սենեակ Նիու Եորք Քաշաքին մէջ 15 Յուլիս 2011-ին, ուր բացայայտեց լուրեր իր նոր մեներգին եւ երրորդ արուեստանոց ալպոմին։ Եւ բացայայտուեցաւ որ մեկնեցաւ Ընդհանրական Մադայն եւ միացաւ Ընդհանրական Հանրապետութեան։ Մեներգը իր գալիք ալպոմէն կը կոչուի Ցոլացում եւ կատարեց Սուայն Գլոյտ Սեպտեմբեր 2011-ին։ Երգեր ալպոմէն կը սպասուէր որ ցցուէր Շոնդելին տարեդարձին։ Ի մէջ ասոնք հաստատեցին կ'աշխատին ալպոմին վրայ էին Րոքուիլտըր, Դոնի Գանալ եւ Տը Րաններզ.։ Հետեւող վերակառուցումը Ընդհանրական Երգ Խումբին ուր Մաթայն Արձանագրութիւնները բաժնուած էր Ընդհանրական Մաթայն Հանրապետութեան Խումբին եւ միացուած է Կղզի Տեֆ Ճամ Երգ Խումբի։ Յետոյ ձգեց, Ընդհանրական Հանրապետութեան գոցուեցաւ եւ տեղը բոլոր արուեստագէտները փոխադրուեցան նոր արթնացել Հանրապետութեան Արձանագրութեան։ Շոնդել հիմա կ'աէձանագրէ Հանրապետութեան Արձանագրութեան։ Դեկտեմբեր 2012-ին, Շոնդել կը հաստատէ որ «Put Me On Blast» կրնայ մեներգել իր երրորդ գալիք արւեստանոց ալպոմին, եւ ինք արդէն նկարահանած է երգը իր մեներգը Լոս Անճելոս, Գալիֆօրնիայի մէջ։ Իր երրորդ ալպոմը նախատեսուած է իր արձակած 2013-ին, բայց, չէր արձակուած, եւ ոչ ապագայ օր որոշուած էր։ == Մարդասիրութիւն == Շոնդել նաեւ ճանցուած է ներակցումը բարեսիրութեան գործին մէջ։ Ան տուած է իր տաղանդը բարձրացում ֆոնդին հիւանդներուն որ ունին Ալզհայմըր, Միասին Օգնենգ համերգին,, աղջիկներու ուսման որ Ան Առաջին Հիշեց Երգը հիմքը,, եւ կուրծքի հիւանդութեան հետազոտութեան բարեգործութեան.։ == Տիսքօկրաֆի == Գլխաւոր յօդուած- Շոնդել տիքօկրֆիԱրուեստանոց ալպոմներ 2008- Շոնդելիկենս 2010- Ոչ Ծանրութիւն == Պտոյտներ == 2009- Ես եմ... Պտոյտ (Օգնող դեր) 2010-Դէպի Երկինք Պտոյտ Քեւին Րուտոլֆի (օգնող դեր) 2010/11-Ճէյսոն Տերուլո Աշխարհի Պտոյտ (օգնող դեր) === Ուրիշ Կատարումներ === 2 Դեկտեմբեր 2010, Շոնդել վերնագրեց Ելեկտրական 94.9-ի Լսողական Կաղանդի 3OH! Թագաւորական մարզանքի մէջ։ 27 Փետրուար 2011, Շոնդել խաղցաւ վերշագրող կիկ 90 աստիճան բապ Հարաւային Էբդոնի մէջ։ 28 Փետրուար 2011, Շոնդել խաղցաւ վերնագրող կիկ գիշերային ակումբի Գարտիֆի մէջ։ 15 Մայիս 2011, Շոնդել խաղցաւ վերնագրող ցուցման Աստղ 102.1 Աստղ Ճամ Բիճերո Ֆորկի մէջ։ 3 Յուլիս 2011, Շոնդել կատարեց Ալդամոնդ Գարուն, Ֆլորիտա Կարմիր, Տաք եւ անցարգել շղթայ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
1,896
Յակոբ Ասլանեան
Յակոբ Ասլանեան, (, Եւդոկիա)։ 11 տարեկանին գաղթած է Պոլիս եւ սկսած է աշխատիլ ոսկերշական շուկային մէջ, իբր յօրինող արուեստագէտ։ Մինչեւ այսօր կը շարունակէ այս ասպարէզը։ Մեծ հիացում ունեցած է գրականութեան հանդէպ, եւ այս ուղղութեամբ ինքզինքը զարգացուցած։ Ինքնաշխատութեամբ սորված է հայերէն կարդալ-գրել։ Երիտասարդ տարիքին գրած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ եւ պատմուածքներ թրքերէն լեզուով։ Իր ամենամեծ փափաքը իրականացած է 1985-ին, երբ իր մէկ գրութիւնը տարած է «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի, խնդրելով որ հրատարակէ զայն։ Վեհոգի գրագէտը սիրով ընդառաջած է անոր խնդրանքին եւ քաջալերած է որ շարունակէ գրել։ Եւ այսպէսով Յակոբ Արսլանեան ցարդ կը շարունակէ գրել թրքերէնով, եւ իր գրութիւնները կը թարգմանուին հայերէնի։ Տպաւորիչ կերպով կը պատմէ իր յուշերը: == Ծանօթագրութիւններ ==
22,480
Երկիր (թերթ)
«Երկիր», հասարակական-քաղաքական, տնտեսական եւ գրական շաբաթաթերթ, Հնչակեան կուսակցութեան օրգան։ Հրատարակուած է Ադաբազարի եւ Կ. Պոլսոյ մէջ, 1910-1911-ին։ Արտօնատէր՝ Մ. Թէրզեան, խմբագիրներ՝ Ասօ (Տ. Օտեան), Ա. Կէնճեան, Բանուոր (Ե. Թոփուզեան)։ Քարոզած է ցարիզմի եւ թուրքական բռնատիրութեան դէմ ազգային յեղափոխութեան գաղափարը։ Քննադատած է «Հայաստանն առանց հայերի» ռուսական յետադիմական քաղաքականութիւնը, հանդէս եկած է յօգուտ Օսմանեան կայսրութեան կազմի մէջ մտնող ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ իրաւահաւասարութեան իրաւունքի, դատապարտած երիտթուրքական կառավարութեան հակահայկական ձեռնարկումները, մասնաւորապէս՝ հայ գիւղացիութեան հողազրկման ասպարէզին մէջ։ «Երկիր» ժողովուրդի տնտեսական ինքնուրոյնութենէն բխեցուցած է քաղաքական անկախութիւնը, անդրադարձած է հայաբնակ գաւառներու տնտեսական եւ հասարակական կացութեան, մասամբ՝ քաղաքներու բանուորութեան հետաքրքրող խնդիրներուն։Յեղափոխական պայքարի քարոզին զուգընթաց միամտօրէն ակնկալած է Օսմանեան կայսրութեան վերածնուիլը «նորագոյն պետութեան, ուր տիրեր բաղկացուցիչ ազգերի հաւասարութիւնը եւ եղբայրակցութիւնը»։ Տպագրութիւնը վերսկսած է 1919-1922 թուականներուն։ Խմբագիրներ՝ Վ․ Զէյթունցեան, Տ․ Գալճեան, Է․ Չոփուրեան։ Արտացոլած է Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական իրավիճակը, յոյն-թրքական պատերազմը, Կիլիկիոյ ու Զմիւռնիոյ դէպքերը, Կ․ Պոլսոյ հայութեան արտագաղթը, քննադատած արեւմտեան երկիրներու դիւանագիտութիւնը։ «Երկիր»-ը ողջունած է սովետական կարգերու հաստատումը Հայաստանի մէջ, օգնած ամրապնդելու գաղութի կապը հայրենիքի հետ, հանդէս եկած է դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան եւ գործունէութեան դէմ։ Տպագրած է Վլատիմիր Իլիչ Լենինի ճառը Սովետներու 9-րդ համագումարին, «Մարտնչող մատերիալիզմի մասին» յօդուածը, նիւթեր Անդրկովկասի Ֆետերացիայի կազմաւորման վերաբերեալ, հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ, թարգմանութիւններ։
520
181 (թիւ)
181 (հարիւր ութսունմեկ)՝ կենտ եռանիշ բնական թիւ մըն է 180-ի եւ 182-ի միջեւ == Յատկութիւններ == A000040 քառասուներկուերորդ պարզ թիւն է հինգ հատ յաջորդական պարզ թիւերու գումար է՝ 181=29+31+37+41+43 երկու քառակուսիներու գումար է՝ 181=92+102 երկու քառակուսիներու տարբերութիւն է՝ 181=912-902 կիրառութիւններ 181 Եւքարիս աստեղնեակի կարգային թիւն է Alt + 181 -ի գործադրումով կը ստացուի ╡ նշանը Տարուայ 181րդ օրն է Յունիս 30-ը (նահանջ տարիներուն՝ Յունիս 29-ը) == Ծանօթագրութիւններ ==
227
1580 թուական
1580 թուական, նահանջ տարի, 16րդ դարու 80րդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1580 ծնունդներ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1580 մահեր
23,902
Սուրբ Կարապետ եկեղեցի (Ալմաթի)
Սուրբ Կարապետ եկեղեցի, հայկական եկեղեցի Ալմա Աթայի մէջ։ Այն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջին ծուխն է Ղազախստանի մէջ։ Ալմայ Աթայի համայնքին մէջ կը գործէ կիրակնօրեայ դպրոց, աւանդոյթներու ուսումնասիրման խմբակներ, վոկալի ու պարի ստուդիաներ։ == Պատմութիւն == Ալմայ Աթայի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին բացուած է 7 Հոկտեմբեր 2006-ին։ Այն կառուցուած է Ղազախստանի Հանրապետութեան հայակական մշակութային կեդրոններու «Նայիրի» միութեան (նախագահ՝ Արտուշ Կարապետեան)։ Եկեղեցին օծած են Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդը եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսաստանի թեմի եպիսկոպոս Եզրաս Ներսիսեանը։ Հայաստանէն այնտեղ տեղափոխուած եւ օծուած է խաչքար։ == Հայկական համայնք == Ղազախստանի հայկական սփիւռքը գոյութիւն ունի 1937 թուականէն։ Ներկայիս անոր թուաքանակը չի գերազանցեր 25 հազարը (ըստ 2009-ին Ղազախստանի մէջ տեղ ունեցած մարդահամարի տուեալներուն)։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Первый армянский православный приход открылся в Казахстане Ղազախստանի Հանրապետութեան հայակական մշակութային կեդրոններու «Նաիրի» միութիւն Archived 2009-09-26 at the Wayback Machine. Аппарат Акима Турксибского района