id
int64
43
24k
title
stringlengths
2
92
article
stringlengths
5
147k
1,105
8 Հոկտեմբեր
8 Հոկտեմբեր, տարուան 281-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 282-րդ) օրն է Տարուայ աւարտին կը մնայ 84 օր == Դէպքեր == 1480՝ Ուկրայ գետի մեծ դիմակայութիւնը Ռուսիոյ մէջ 1860՝ Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի միջեւ կը բացուէ հեռախօսագիծ 1962՝ Ալճերիան կը միանայ ՄԱԿ-ին 1906՝ Լեւ Թոլսթոյը կը յրաժարէ Նոպելեան մրցանակէն 1990՝ Երուսաղէմի «Լերան գմբէթ» մզկիթի մօտ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը կը սպաննէ 17 պաղեստինցիներու == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն: 8 Հոկտեմբերի ծնածներ 1897՝ Ռուբէն Մամուլեան (անգլերէն՝ Rouben Mamoulian, մ.1987), ամերիկահայ բեմադրիչ 1964՝ Վաչէ Տաղլեան (մ.1983), Լիզպոնի գործողութիւնը իրականացնողներէն մէկը 1985՝ Պրունօ Մարս (անգլերէն՝ Bruno Mars, իսկ.անունը՝ Փիթըր Ճին Հերնանտէս), ամերիկացի երգիչ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն: 8 Հոկտեմբերի մահացածներ 1935՝ Խնկօ Ապէր (Աթաբեկ Խնկոյեան, ծն.1870), մանկագիր, թարգմանիչ 1936` Ստեփան Մկրտիչ Կանայեան (ծն․1860), հայ բանասէր-պատմաբան, մանկավարժ == Տօներ == Խրուաթիա՝ Անկախութեան օր (Հարաւսլաւիայէն 1991)։ Հնդկաստան՝ Օդուժի օր Փերու՝ Նաւատորմի օր == Ծանօթագրութիւններ ==
15,473
Կոմիտասի կիսանդրի (Փարիզ)
Կոմիտասի կիսանդրի, կիսանդրի Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի՝ Վիլ-Ժուիֆ հոգեբուժարանի բակին մէջ։ == Պատմութիւն == Հայ մեծանուն երգահան, երգիչ, երաժշտական ազգաբան, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ դասատու Կոմիտասի կիսանդրիին բացումը տեղի ունեցած է 21 Հոկտեմբեր1995-ին, Փարիզի Պոլ Գիրօ հիւանդանոցի Վիլ-Ժուիֆ հոգեբուժարանի բակին մէջ։ Այդ հոգեբուժարանին մէջ մահացած է Կոմիտասը։ Քանդակի հեղինակն է ծագումով հայաստանցի, այժմ Շաւիլ ապրող եւ ստեղծագործող Արշաւիր Եղիազարեանը։ Բացման արարողութեան ներկայ եղած են շարք մը քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ մօտ 500 այլ հիւրեր։ == Տուեալներ == Կիսանդրին պատրաստուած է պրոնզէ, պատուանդանը՝ որձաքարէ։ == Պատուանդան == Պատուանդանին ֆրանսերէն փորագրուած է. Սկիզբը ֆրանսական իշխանութիւնները դէմ եղծ են բնագիրի նման տարբերակին, սակայն յետագային քաղաքական հեղինակութիւնները համարձակոած են ընդունելու ցեղասպանութեան յղմամբ այս բնագիրը։ == Տես նաեւ == Կոմիտասի մահարձան Կոմիտասի յուշարձան (Երեւան) Կոմիտասի յուշարձան (Փարիզ) Կոմիտասի Յուշարձան (Տիթրոյիթ) Կոմիտասի յուշարձան (Վաղարշապատ) Կոմիտասի Յուշարձան (Սան Փեթերսպուրկ) Կոմիտասի կիսանդրի (Քուբեկ) == Ծանօթագրութիւններ ==
5,669
Պոլոնիա
Պոլոնիա (իտալ.՝ Bologna, [boˈloɲɲa], լատ.՝ Bononia, Felsina), քաղաք Իտալիոյ հիւսիսը, Պոլոնիոյ նահանգի «Էմիլիա-Ռոմանիա» վարչական տարածաշրջանի կեդրոնը։ Եւրոպայի հնագոյն համալսարանական կեդրոններէն մէկն է։ Բնակչութիւնը կը կազմէ 374 հազար մարդ (ըստ 2004-ի կատարուած մարդահամարի տուեալներուն)։ Կը գտնուի Փօ գետի աւազանի մէջ։ Քաղաքի մակերեսը՝ 140 քմ.² է, իսկ բարձրութիւնը ծովու մակերեւոյթէն՝ 54-300 մ.։ == Բնակչութիւն == == Կլիմայ == Կաղապար:Եղանակի աղիւսակ == Ծանօթագրութիւններ ==
19,544
Գորիս
Գորիս, քաղաք Սիւնիքի մարզին մէջ, մայրաքաղաք Երեւանէն շուրջ 240 Քմ հեռաւորութեան վրայ, եւ 69 Քմ հիւսիս-արեւելք մարզին կեդրոնէն՝ Կապանէն։ Կը գտնուի Վարարակ գետի (Որոտանի վտակ) ափին։ Քաղաքը կը գտնուի Երեւան – Ստեփանակերտ ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող ճամբուն վրայ։ Գորիսը հիմնուած է 1870-ին՝ իբրեւ Ելիզավետպոլ նահանգի Զանգեզուր գաւառի կեդրոնը։ Քաղաքը կոչուած է 1885-ին Ռուսական Կայսրութեան կողմէ։ Սակայն կան փաստեր, որ Գորիսը իբրեւ քաղաք հիմնուած է աւելի ուշ՝ 1890ականներու կէսերուն։ Այդ մէկը կը փաստէ պատմաբան Լէօն, երբ 1888-ին Գորիս կ'այցելէ։ Ան կը գրէ, որ այդ թուականին Գորիսի մէջ կային քանի մը տասնեակ տուներ, եւ այդ պատճառով ան չէր ուզեր Գորիսը քաղաք անուանել, սակայն հմայուած էր տեսնելով Գորիսի փողոցներուն դասաւորումը։ Քաղաքը ունի շուրջ 20 հազար բնակիչ (2015) եւ կը գտնուի 1370 մ բարձրութեան վրայ։ Ունի 24 գիւղ։ Քաղաքի արեւելեան մասին մէջ կը գտնուի Հին Գորիսը (Կյորես) կամ Գորիս գիւղը՝ քարանձաւային բնակավայրերու ամբողջ շարք մը։ Ներկայիս բուն քաղաքին տեղը մինչեւ 1870-ական թուականները եղած է անբնակ տարածք մը։ Արեւելեան մասին մէջ կը գտնուի քաղաքին խորհրդանիշ համարուող բլուրը, որ տեղացիները կ'անուանեն Լաստի Խութ։ = Պատմություն = === Հին դարեր === Ժամանակագրական տեսակէտէն քաղաքը կարելի է կոչել Նոր Գորիս, որովհետեւ Հին Գորիսը, կամ ինչպէս կ'ըսեն՝ Կյորեսը կը գտնուի աւելի բարձր, չորս Քմ հեռու։ Կը նախատեսուի պահպանել այդ ժայռափոր բնակավայրը, որ ոչ միայն պատմական հնավայր է, այլ կարեւոր է նաեւ զբօսաշրջիկները սպասարկելու տեսակէտէն։ Գորիսի շրջակայքը լի է արտասովոր աշտարակներով, ամրոցներով, բուրգերով, քարանձաւներով, անդրջրհեղեղեան քարակերտ հրաշալիքներով։ Գորիս բնակավայր եղած է հնագոյն ժամանակներէն, մարդ հոս բնակութիւն հաստատած է քարէ դարու շրջանին։ 1980-ական թուականներու սկիզբը հոս իրականացուած պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են բարձրարժէք պրոնզէ իրեր՝ կանացի զարդեղէն, դաշոյն, տէգ, հմայիլներ եւ ամանեղէն։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ անոնք կը պատկանին Ք.Ա.2-րդ դարուն, ունին տեղական ծագում եւ կը խօսին տեղաբնակներու բարձր մշակոյթի եւ կենցաղի մասին։ Հին ժայռապատկերներ գտնուած են Իշխանասարի փէշերուն, որոնց թիւը կ'անցնի 1500-ը՝ հիմնականին մէջ մարդու եւ ընտանի կենդանիներու պատկերներով եւ կը վերաբերին Ք.Ա. 5-2 հազարամեակներուն։ 2000 տարի առաջ, Հայկական թագաւորութեան մէջ՝ Սիւնիք նահանգին մէջ, Գորիս ունեցած է տուեալ ժամանակներու կարեւորագոյն բանակավայր-քաղաքներուն բնորոշ հասարակական զարգացած ենթակառոյցներ։ === Նոր շրջան === Միջին դարերուն Գորիսը կարեւոր հանգոյց էր Նախիջեւանէն Զանգեզուրով դէպի Արցախ ու մերձկասպեան տափաստանները երկարող բանուկ այն ճամբուն վրայ, որմով կը տեղափոխուէր Նախիջեւանի աղը։ Ըստ Է. դարու պատմիչ Աբրահամ Կրետացիի՝ Գորիսէն մեծ քանակի մետաքս կ'արտահանէին Մեծ Մետաքսի Ճամբով դէպի Եւրոպա՝ քանի որ Մեծ մետաքսի ճամբու երթուղիներէն մէկը անմիջականօրէն կ'անցնէր Գորիսի մօտ գտնուող պատմական ճամբով։ Պահպանուած է քարերու մէջ եղած քարւանսարան։ ԺԶ. դարուն Գորիս կը մտնէ Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ. սկզբում՝ որպէս Ղարաբաղի կուսակալութեան, ապա՝ Ղարաբաղի խանութեան մաս։ Ելիզավետպոլի նահանգի Զանգեզուր գաւառը՝ ժամանակակից ՀՀ Սիւնիքի մարզը եւ նախկին Լաչինի շրջանը Գորիս ԺԹ. դարու սկիզբը՝ 13 Հոկտեմբերին Գիւլիստանի պայմանագիրով, կ'անցնի Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ 1823-ին Գորիս ունէր 119 ծուխ։ Մինչեւ 1841 Գորիս կը մտնէ Տաթեւի մահալի մէջ, այնուհետեւ դարձաւ անոր արեւելեան հատուածի գիւղերէն կազմուած Գորիսի գաւառամասի կեդրոն։ 1868-ին վարչական բաժանումով Գորիս կը դառնայ Ելիզավետպոլի նահանգի Զանգեզուրի գաւառի կեդրոնը։ Ձորի սահմանափակ տարածքը կը խոչընդոտէր անոր զարգացման։ Դեռ 1867-ին Խաչատուր Եոլունց իր որդւոյն՝ Սահակին հետ, քարանձաւներէն դուրս գալով, առաջին տունը կը կառուցէ ներկայիս Գորիս քաղաքին մէջ, դառնալով նոր Գորիսի հիմնադիրը։ Եոլունցները, որոնք հետագային կը դառնան Եոլյաններ Գորիսի առաջին բնակիչները։ 1870-ին գետի աջակողմեան հարթավայրին մէջ կը հիմնուի Գորիս քաղաքը, որ եւ կը ստանձնէ Գորիսի վարչական դերը։ Այդպիսով՝ ցարական ժամանակաշրջանին Գորիս ժամանակակից Հայաստանի տարածքին թիւով չորս քաղաքներէն մէկն էր (Երեւան, Ալեքսանդրապոլ, Նոր Բայազետ եւ Գորիս)։ ԺԹ. Գորիս ունէր շախմատաձեւ յատակագիծով ճարտարապետական յատուկ ոճ եւ կանոնաւոր կառուցուած երկյարկանի հասարակական կառոյցներ։ Իսկ աւանդական կարպետագործները, մետաղագործները, գարեջրագործներն իրենց արհեստանոցներով կը զբաղեցնէին քաղաքին հասարակական կեդրոնի կառոյցներուն մնացող մասը։ ԺԹ. դարուն Գորիս իր հասարակական կեանքի զարգացման բնոյթով կը համարուի Սիւնիք-Արցախի տարածաշրջանի ամենածաղկուն ու զարգացած քաղաքը։ Գորիսի քարայրները, քարանձաւներն ու բրգաձեւ ժայռերը մշտապէս գրաւած են զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը, եւ անոնցմէ շատերը Գորիսը կը համարէ գանձ, որ անպայման պէտք է ճանաչելի դարձնել եւ ներկայացնել աշխարհին։ === Խորհրդային շրջան === Գորիսը խորհրդային իշխանութեան տարիներուն ամբողջութեամբ վերափոխուած է, դարձած գեղեցիկ, բարեկարգ քաղաք։ Կառուցուած են առանձնատուներ, հասարակական շէնքեր, առողջապահական հիմնարկներ, մշակութալուսաւորական օջախներ։ Ունէր միջնակարգ դպրոցներ, գիւղատնտեսական, պետական թատրոն, մշակոյթի պալատ, հայրենագիտական թանգարան, գրադարաններ եւ Գորիսի պետական համալսարանը։ Գորիս դարձած է նաեւ ժամանակակից արդիւնաբերութիւն կեդրոն։ == Տեսարժան վայրեր == Հին Գորիսը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի «Եօթնաղբիւր» յուշարձանը Յուշարձան Բ. համաշխարհային պատերազմին զոհուածներուն Յուշարձան «Զանգեր» Ակսել Բակունցի տուն-թանգարանը Գորիսի պատկերասրահը Գորիսի երկրագիտական թանգարանը Մանկական գեղագիտական կեդրոնի Գորիսի մասնաճիւղը Կիսանդրի՝ Զօրավար Անդրանիկի Մշակոյթի կեդրոնը Կիսանդրի՝ Ակսել Բակունցի Կիսանդրի՝ Գուսան Աշոտի Գրիգոր Տաթեւացիի անուան հրապարակ Սպիտակի երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած յուշարձան === Գորիսի պատկերասրահ === Գորիսի պատկերասրահը ստեղծուած է 2001-ին քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ։ Այստեղ ներկայացուած են ինչպէս արտասահմանեան, այնպէս ալ սփիւռքահայ հեղինակներու գործեր: === Գորիսի երկրագիտական թանգարան === Գորիսի երկրագիտական թանգարանը բացուած է 1948-ին։ Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են 5000 ցուցանմոյշներ։ Պեղումներու ընթացքին գտնուած պրոնզէ զէնքերը, զարդերը, արձանիկներն ու մետաղեայ ցուցանմոյշները կը վկայեն տարածաշրջանին մշակութային հարուստ ժառանգութեան մասին: Ուշագրաւ է յատկապես Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակին թուագրուող հնգադէմ կուռքն ու Ք.Ա.7-րդ դարու պրոնզէ Առիւծի արձանիկ (առիւծի արձանիկը)։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
6,153
Սմբատաբերդ
Սմբատաբերդ (Ցաղաց Քարի բերդ), այս պաշտպանական համալիրը կը գտնուի Վայոց ձորի մարզին՝ Արտաբոյնք գիւղին արեւելքը։ Սմբատաբերդին մէջ պահպանուած են 5-րդ դարէն պատմական տեղեկութիւններ եւ պատմութիւններ, օրինակ՝ ամրոցին մօտ հայերուն եւ պարսիկներուն միջեւ տեղի ունեցած արիւնահեղութեան ճակատամարտին պատմութիւնը: Սմբատաբերդը ունի բարձր ու լայն (2-3 մեթր) պարիսպներ (որոնք կանգուն շարուած են սրածայր ու խոշոր քարերով), եւ պաշտպանուած է Արտաբունի եւ Եղեգիսի խոր ձորերով։ Ամրոցին հիւսիսային (գլխաւոր) եւ արեւելեանը մուտքերը ունին սրահներ, ինչպէս նաեւ անոնց տանիքը պաշտպանուած է պահակներով։ Բերդը պատով մը կը բաժնէ հիւսիսային եւ հարաւային մասերը, որոնց մէջ կը գտնուին միջնաբերդի, բնակելի շենքերու եւ ջրաւազաններու աւերակներ։ Ջուրը հոն կը հասնի Ցաղաց Քարի վանքին մօտիկ աղբիւրներէն: == Աւանդութիւն == Կ'ըսուի թէ այս բերդը կառուցուած է Սիւնիքի Սմբատ իշխանին կողմէ։ Այս պատճառով ալ այդ շրջանի բնակիչները ամրոցը կոչած են Սմբատի բերդ։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
1,505
Գրիգոր Ալիքսանեան
Ալիքսանեան Գրիգոր (ծն․՝ 1833, Արսլանպէկ), ատամնաբոյժ։ Ալիքսանեան ծնած է Արսլանմէկ 1833 թուականին, ուր ստացած է նախնական ուսում, յետոյ 1903-1905 Պարտիզակի Մխիթարեան վարժարանը, Արմաշի դպրոցը աւարտելէ ետք անցած է Պոլսոյ Կեդրոնականը ու մտած պետական համալսարանը իրաւաբանական ճիւղին հետեւելու։ Ընդհանուր պատերազմին 1914-1918 իբրեւ պահեստի սպայ ծառայած է բանակին եւ ծառայած է բանակին եւ հաստատուած է Սպանիա, ուր աւարտած է Մատրիտի ատամնաբուժական վարժարանի ընթացքը գործած է Աստուրիոյ մայրաքաղաքին Օվիէտոյի մէջ: == Աղբիւրներ == Հայ հանրագիտակ, Հ․ Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Ա. Հատոր, էջ 65։
5,400
Վահան Չերազ
Վահան Չերազ (16 Օգոստոս 1886(1886-08-16), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1928, Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն), յայտնի հայ մարզիկ, Պոլսոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սկաուտական շարժման հիմնադիրներէն մէկն էր: == Կենսագրութիւն == Վահան Չերազը եղբօրորդին է յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ, մտաւորական, խմբագիր եւ գրող Մինաս Չերազի։ Ան հիմնադիրներէն եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական շարժման։ Առաջինն էր, որ ֆութպոլը բերաւ Օսմանեան Կայսրութիւն. հիմնեց ֆութպոլի խումբեր եւ կազմակերպեց խաղեր։ 1920 թուականին, անսալով Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի կոչին՝ Պոլիսէն փոխադրուեցաւ Ալեքսանդրապոլ (այժմ՝ Գիւմրի), հայրենիքի մէջ մարզական կեանքին զարկ տալու համար։ Այդ շրջանին, Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերու մէկ մասը Ալեքսանդրապոլ կեդրոնացած էր։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, մինչ իր ընկերներէն շատեր կը փախչէին, ան նախընտրեց մնալ հայրենիք, իր սկաուտներուն մօտ, արհամարհելով իրեն սպառնացող վտանգը եւ ծանօթներու զգուշացումները։ Հակառակ որ Վահան Չերազ շարքային դաշնակցական չէր, 1927 թուականին՝ զինք այդպէս զրպարտելով, Թիֆլիսի մէջ Բերիան անձամբ սպաննեց զինք։ Չերազի կինը՝ Վարդանուշ Չերազը գնդակահարուեցաւ 1937 թուականին։ Վարդգէս Անդրէասեան՝ Վարդանուշի եղբայրը, որդեգրեց անոնց որբ մնացած դուստրը՝ Բիւրակնը։ Վախնալով հետապնդումներէ, ան փոխեց աղջկան ազգանունը, դարձնելով Անդրէասեան։ Բանասէր Բիւրակն Անդրէասեան-Չերազ այժմ կը բնակի Երեւանի մէջ։ == Նշումներ == == Գրականութիւն == Վազգէն Անդրէասեան «Վահան Չերազ եւ իր երգն Հայաստանի», 1977, Պէյրութ, տպ. Սեւան
581
1865 թուական
1865 թուական, ոչ նահանջ տարի, 19րդ դարու 65րդ տարին == Դէպքեր == Ապրիլ 14՝ մահացու վիրաւորուեացաւ Միացեալ նահանգներու նախագահ Ապրահամ Լինքոլնը Անյայտ օրով՝ Հիմնուեցաւ Nokia ընկերութիւնը Հրատարակուած գիրքեր՝ Յուլիս 4՝ Լուիս Քերըլ. Ալիսը Հրաշքներու Աշխարհին Մէջ == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1865 ծնունդներ Փետրուար 2՝ Լեւոն Թադէոսեան (մ.1935, Փարիզ), քաղաքական-պետական գործիչ Փետրուար 25՝ Անդրանիկ Օզանեան (Զօրավար Անդրանիկ, մ.1927), զօրահրամանատար, պետական գործիչ Մարտ 5՝ Մանուկ Աբեղեան (մ.1944), հայագէտ, գրականագէտ, լեզուաբան Մարտ 11՝ Փանոս Թէրլէմէզեան (մ.1941), հայ նկարիչ եւ հասարակական գործիչ Ապրիլ 28՝ Աղեքսանդր Ծատուրեան (մ.1917), բանաստեղծ, թարգմանիչ Նոյեմբեր 4՝ Յովհաննէս Աբէլեան (մ.1936), դերասան Դեկտեմբեր 28՝ Ֆելիքս Վալոթոն (ֆրանսերէն՝ Félix Edouard Vallotton, մ.1925), ֆրանսացի նկարիչ, քանդակագործ] Անյայտ օրով՝ Գէորգ Աբուլեան (մ.1933), մտաւորական եւ դաստիարակ Սիմոն Զաւարեան (մ.1913), հասարակական գործիչ Ստեփան Սարեան (մ.1915, Տրապիզոն), բնագէտ, մշակութային գործիչ Գեղամ Տէր Կարապետեան (Մշոյ Գեղամ, մ.1918, Կ.Պոլիս), ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ Կարապետ Ղազարեան, հայ հասարակական գործիչ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1865 մահեր Ապրիլ 15՝Ապրահամ Լինքոլն (անգլերէն՝ Abraham Lincoln, ծն.1809), Միացեալ նահանգներուն 16րդ նախագահը Օգոստոս 30՝Գրիգոր Անանեան (ծն.1770, Կ.Պոլիս), արքունի հայազգի բժիշկ Հոկտեմբեր 14՝ Յակոբ Կրճիկեան (ծն.1806), հանրային եւ ազգային գործիչ Սեպտեմբեր 2՝ Ուիլիամ Համիլթըն (անգլերէն՝ William Rowan Hamilton, ծն.1805), իրլանտացի թուաբանագէտ Անյայտ օրով՝ Մատթէոս Չուխաճեան (ծն.1802), եկեղեցական գործիչ == Ծանօթագրութիւններ ==
23,512
Պոլիվիա
Պոլիվիա, Հարաւային Ամերիկայի կեդրոնին գտնուող պետութիւն։ Մակերեստը լեռնային է։ Տարածքը կը կազմէ կեդրոնական Անդերի լեռնաճիւղերը եւ անոնց միջեւ գտնուող Պունա սարահարթը։ Յարթավայրերը կը գտնուին հիւսիս արեւելքին, աստիճանաբար իջած են դէպի Ամազոնի Դաշտավայրէն։ == Բնական Պաշարներ == Կան անագի, նավթի, գազի, պղնձի, ցինկի, կապարի, արծաթի հանքավայրեր։ == Կլիմա == Կլիման արեւադարձային է։ Գետերը՝ Բենին, Մամորեն եւ Գուապորեն, որոնք արագահոս են, ջրառատ։ Միախառնուելով կ՛անցնին Մարդեյրա Գետէն։ Խոշոր լիճերն են Պոպոն եւ Տիտիկակայի արեւելեան մասը։ == Բնակչութիւն == Հնդկական ցեղերը հին ժամանակներէ ի վեր կը բնակին Պոլիվիայի մէջ։ Գրեթէ 300 տարի Պոլիվիան, Սպանիայի գաղութն էր՝ Վերին Պերու անունով։ Ամերիկայի Սպանական գաղութներու անկախութեան պատերազմի ընթացքին Սիմոն Պոլիվարի զորքերը ազատեցին երկիրը (1825 թուականին) այս պատճառաւ երկիրը անուանեցին Պոլիվիայի Հանրապետութիւն։ Բնակչութեան %60-ը հնդիկ է՝ կեչուաներ, այմարաներ եւ այլք։ == Տնտեսութիւն == Տնտեսութեան հիմքը հանգարդիւնաբերութիւն է, գլխաւորապէս՝ անագի, նավթի, ծարիրի, կապարի եւ ցինկի արդիւնահանումը։ Կան սննդի եւ մալածագործութեան արդիւնաբերութեան ձեռնարկութուններ։ == Գիւղատնտեսութիւն == Գիւղատնտեսական գլխաւոր մշակաբոյսերն են սուրճ, եգիպտացորեն, շաքարի ճակնդեղ, ծխախոտ, կակաոն եւ այլն։ Անասնապահութեամբ կը զբաղին։ == Մշակոյթ == Երկիրը պահպանած է հնդիկներու մշակոյթի որոշ աւանդութիւնները։ Ազգային մշակոյթի ամենաորոշ երեւոյթը դիմակահանդէսներն են, որ Փետրուար-Մարտ ամիսներուն կը կազմակերպուին խոշոր քաղաքներուն։ Դիմակահանդէսների օրերուն ներկայացումներ (դիաբլադոս) տեղի կ՚ունենան, որոնց հիմքը բարի եւ չարի պայքարն է։ == Տես նաև == Հարավային Ամերիկայի երկրների ցանկ
22,415
Դարբնոց (ամսագիր)
Դարբնոց, խորհրդային վաղ շրջանի գրական-գեղարուեստական, քննադատական ամսագիր։ Հանդիսացած է Վրաստանի պրոլետարական գրողներու ասոցիացիայի հրատարակութիւնը։ Լոյս տեսած է 1922-1923 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ։ Տպագրած է բանաստեղծութիւններ եւ արձակ գործեր, գրախօսած հայ գրողներու երկերը։ Լուսաբանած է գրականութեան եւ գեղարուեստի հարցեր։ Լայն տեղ յատկացուցած է ֆուտուրիզմին։ Անդրադարձած է Վրաստանի պրոլետարական գրողներու ասոցիացիայի հայկական մասնաճիւղի աշխատանքներուն։
23,742
Ռ. Պոննի Կապրիէլ
Ռ. Պոննի Կապրիէլ (20 Մարտ 1994(1994-03-20), Հիւսթըն), ամերիկացի մանըքեն է, ոճաբան եւ կարի ուսուցչուհի: «Միսս տիեզերք» 2023 գեղեցկութեան միջազգային մրցոյթին յաղթականը՝ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Հիւսթըն, Թեքսաս։ == «Միսս տիեզերք» 2023 == Մրցոյթը տեղի ունեցած է ամերիկեան Լուիզիան նահանգի Նիւ Օրլիընզի մէջ, աշխարհի չորս ծագերէն 84 թեկնածուներ մասնակցեցած են մրցոյթին, որ 71-րդը եղած է իր տեսակին մէջ: 2012-էն ի վեր ոչ մէկ ամերիկուհի նուաճած էր այս տիտղոսը: 28 տարեկան Կապրիէլը դարձած է 9-րդ ամերիկուհին, որ արժանացած է «Միսս տիեզերք» տիտղոսին: == Ծանօթագրութիւններ ==
6,232
Ս. Սարգիս Եկեղեցի (Աշտարակ)
Արագածոտնի մարզի Աշտարակ քաղաքի Ս. Սարգիս եկեղեցին կառուցուած է Ժթ. դարուն, հին եկեղեցւոյ տեղը։ Մօտակայքը կը գտնուին 1664 -ի կամուրջի աւերակները։ Այս հովահարաձեւ գմբէթաւոր եկեղեցւոյ թմբուկը զարդարուած է չորս փոքրիկ պատուհաններով։ Եկեղեցւոյ ներքին քարերը փոխուած չեն, սակայն ճակատը վերջերս ենթարկուած է վերանորոգման։ Ս. Սարգիսը նոր տեսք ունի, սակայն հին քարերու արձանագրութիւնները եւ քանդակները կը վկայեն եկեղեցւոյ իրական տարիքը։ Ս. Սարգիս եկեղեցին կը գտնուի ձորի եզրին, ուրկէ գեղեցիկ տեսարան մը կը բացուի դէպի երեք եկեղեցիները՝ Կարմրաւորը, Սպիտակաւորը եւ Ծիրանաւորը։ == Արտաքին յղումներ == Սուրբ Սարգիս Եկեղեցի, Աշտարակ, Հայաստան
1,955
Արա Բարսեղեան
Արա Բարսեղեան, (21 Մայիս 1923(1923-05-21), Աքրոն, Օհայիօ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 2 Օգոստոս 2017(2017-08-02), Կրէյնճըր, Սէնթ Ժոզեֆ շրջան, Ինտիանա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եղած է ամերիկեան ոտնագնդակ խաղացող եւ մարզիչ։ Եղած է խմբապետ Նոթր Տէյմ համալսարանի ոտնագնդակի խումբին՝ 1966-ին եւ 1973-ին: == Կենսագրութիւն == Բարսեղեանը եղած է հայազգի հօրմէ եւ ֆրանսուհի մօրմէ Աքրոն, Օհայօ ծնած երեք զաւակներէն ամենակրտսերը: Անոր հայրը Միքայէլ, Միացեալ նահանգներ եկած է 1915-ին Թուրքիայէն, փրկուելով Ցեղասպանութենէն: Թէեւ իր մայրը դեմ էր, Արան մարզական աշխարհ մտաւ վաղ տարիքէն եւ իր դասարանին մէջ ձեռք բերաւ յամառ երեխայի համբաւը: == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == PARSEGHIAN, ARA
6,677
Յովհաննէս Տէրոյենց
Յովհաննէս «պատուելի» Զամուրճեան, Տէրոյենց, ծնած է 1801 թուականին Պրուսայի մէջ։ Վերջին ներկայացուցիչներէն մէկն է մինչեւ 1850-ական թուականներու սերունդին, որ տարբեր մտայնութիւններու, ճաշակներու եւ շրջապատի մէջ արժեւորեց իր շնորհները, առաւելաբար կրօնական հետաքրքրութիւններով։ Յարութիւն Գ. Մրմրեան, որ ամէնէն աւելի զբաղած է Տերոյենցի մարդը եւ անոր գործը ներկայացնելու աշխատանքով, զայն կը յորջորջէ «աշխարհիկ Վանական»: Արփիար Արփիարեան, զայն կը նկատէ «կրօնասիրութիւնը կրօնամոլութեան տարած հռչականուն աստուածաբան»: Կարելի չէ իր անունը անջատել ամիրաներու, հոգեւորականութեան եւ ԺԹ. դարու առաջին կիսու աւագանիի սերունդէն, որուն հաշտ եւ հաւատարիմ մնաց իր պահպանողական ոգիով եւ համոզումներով, եւ զորս պաշտպանեց՝ նոր գողափարներու ջատաքով երիտասարդութեան դէմ։ Հմուտ մարդու տիպարն էր այդ օրերուն, ոչ անշուշտ այն իմաստով, որով մենք կ'ըմբռնենք այդ բառը՝ այսօր։ Ինքնաշխատութեամբ, մինչեւ իր օրերու հայ կեանքը, ապրումները եւ պահանջները ճանչնալու գնով էր մանաւանդ՝ որ կը դառնար տոկուն արժէք, հեղինակութեան, վճռական տեսակէտներու եւ ամուր համոզումներու տէր մարդ։ Հարիւրյիսունէ աւելի կը նկատուին ինքնագիր թէ թարգմանածոյ, գրաբար թէ աշխարհաբար, տպագրեալ թէ անտիպ իր հատորները, որոնք, սակայն, չեն կարդացուիր այսօր։ Անոնց մեծամասնութիւնը դրդուած է Հայաստանեայց եկեղեցիի ուղղափառութեան խոր հաւատքէն ու զայն կաթոլիկութեան եւ բողոքականութեան դէմ պաշտպանելու փութկոտութենէն, կիրքի՝ համազօր գուրգուրանքէն։ Այս մաքրակրօնութիւնը առաքինութիւն պարտադրեց միշտ, նոյնիսկ իր հակառակորդներուն։ Կրթութեան, ընկերային պաշտպանութեանց եւ բարոյական կացութիւններու մասին ալ ունի խորհրդածական էջեր, աշխարհաբարի խակ ու նախնական որակով։ 1884 թուականին հրատարակած է «Բասքալայ խորհրդածութիւնք» թարգմանածոյ գործը, որ նիշ մըն է իր գրական նախասիրութեանց եւ ախորժներու տեսակէտով։ 1846-1852՝ տարուան մը ընդմիջումով (1849), վարած է խմբագրութիւնը «Հայաստան»ի, գործակցութեամբ Մկրտիչ Աղաթոնի։ Համաձայն ժամանակակիցներու, ծանօթ էր տասնէ աւելի լեզուներու, եւ հեղինակութիւն մըն էր դաւանական, աստուածաբանական եւ եկեղեցական հարցերու մէջ։ Անտեղիտալի աւանդապաշտ մը եւ պահպանողական մարդու տիպար մը մնաց՝ մինչեւ իր մահը: == Ծանօթագրութիւններ ==
1,877
Հերմինէ Ասատուր
Ասատուր Հերմինէ (26 Յունիս 1914(1914-06-26), Ռուսէ, Պուլկարիա - անհայտ), դաշնակահարուհի: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Կ.Պոլիս Հայ Կղզւոյ Ազգային դպրոցը, այնտեղէն իր ծնողացը հետ Պուլկարիա վերադառնալով մտած է Լօվէժի Ամերիկիան գոլէժը ուրկէ փայլուն վկայականով մը ընթարցաւարտ եղած է շատ մատաղատի հասակին մէջ: Կ.Պոլիս գտնուած միջոցին 8 տարեկան հասակին մեծ փափաք ունեցած է նուագի: Այս ճիւղին մէջ իր առաջին դաստիարակուհին եղած է Սիրաքեան Հայ-Կղզիէն, որը տեսնելով փոքրիկին նուաքի հանդեպ ունեցած տաղանդը յանձնարարած է որ չընդհադեն դասերը եւ Պուլկարիա վերադառնալնուն յանձնեն զայն լաւ ձեռքերու մէջ: Հերմինէ Ամերիկիան գոլէժը լրացունելէ վերջ մէկ տարի Սոֆիայի մէջ մասնաւոր դասընթացքի հետեւած է փրօֆ. Բէլէշէքի մոտ եւ յետոյ գոնգուրի քննութեան ներկայանալով ընդունուած է գօնսերվաթուարը, ուրկէ իր ընթունակութեանը շնորհիւ 3 տարիէն (1935-ին) շրջանաւարտ եղած է բազմաթիւ ուսանողուհիներու մէջ առաջին հանդիսանելով, իր անդրանիկ նուագահանդէսը տուած է Զինուորական Ակումբի սրահին մէջ նախարարներու, բրոֆէսորներու ներկայութեանը արժանանալով առաջնակարք վկայականի եւ բազմաթիւ ծաղկեփունջերու: Հերմինէ Ասատուր դաշնակի ճիւղը կատարելագործած է Վիեննայի մէջ նշանաւոր բրոֆէսորներու մօտ, եւ Պուլկարիա դարոցին Սոֆիայի մէջ մէկէ աւէլի անգամներ նուագահանդէս սարգած է ի նպաստ կարօտ ուսանողներու: Պուլկար ազգը կը ճանչնայ այլեւս այդ տաղանդաւոր հայուհին, որովհետեւ շատ անգամ գրուած է իր մասին թերթերու մէջ եւ լուսանկարն ալ հրատարակուած: Օր. Հերմինէ Ասատուր բացի միւզիքէն եւ մայրենի լեզուէն՝ տիրացած է Ֆրանսերէն, գերմաներէն, պուլկարերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: == Աղբիւրներ == «Հայ Հանրագիտակ», Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, Պուքրէշ,1938,էջ 221)
293
1628 թուական
1628 թուական, նահանջ տարի, 17րդ դարու 28րդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1628 ծնունդներ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1628 մահեր Ազարիա Սասնեցի (ծն.անյայտ), տաղասաց, աստղագէտ եւ տոմարագէտ
174
14 Մայիս
14 Մայիս, տարուան 134-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 135-րդ) օրն է: Տարուան աւարտին կը մնայ 231 օր: 13 Մայիս 14 Մայիս 15 Մայիս == Դէպքեր == 1900՝ Փարիզի մէջ տեղի կ'ունենայ 2րդ Ողիմպիական Խաղերու բացումը: 1948՝ Դաւիթ եՊն Կուրիոնը կը յայտարարէ Իսրայէլի անկախութիւնը: 1963՝ Քուէյթ կը դառնայ ՄԱԿի անդամ: == Ծնունդներ == resize|85%|Տես նաեւ՝ 14 Մայիսի ծնածներ}} 1941` Սթիվըն Քրաշըն, լեզուաբան 1952՝ Ռոպերթ Զեմեքիս resize|90%|(lang-en|Robert Lee Zemeckis}}) ամերիկացի շարժապատկերի բեմադրիչ}} 1969՝ Ֆրանսիս Քիւրքճեան resize|90%|, ֆրանսահայ գործարար, բուրագործ}} == Մահեր == resize|85%|Տես նաեւ՝ 14 Մայիսի մահացածներ}} 1998՝ Ֆրանք Սինաթրա resize|90%|(lang-en|Frank Sinatra}}, ծն.1915), ամերիկացի երգիչ, երաժիշտ, դերասան}} == Տօներ == դրօշ|Վրաստան}} Վրաստան՝ resize|90%|Թամարոպա, Թամար Թագուհիի Օր}}Անաւարտ Օր}} == Ծանօթագրութիւններ == Ծնթ․ցանկ}} == Արտաքին յղումներ == BBC: On This Day [1] Յղում en}}ՎՊԵ|14 May|14 Մայիս}} Տարուայ օրեր}}
1,965
Արաբական Ծով
Արաբական ծով (արաբերէն՝ بحر العرب‎), Հնդկական Ովկիանոսի հիւսիսային մասին մէջ գտնուող ծով։ Արեւմուտքի մէջ կը սահմանակցի Արաբական թերակղզիին, իսկ արեւելքէն՝ Հնդկաստան թերակղզիին։ Ընդհանուր մակերեսը՝ 3.832 հազար քմ² է։ Առաւելագոյն լայնութիւնը՝ 2.400 քմ.։ Առաւելագոյն խորութիւնը՝ 4.652 մ.։ Թափող նշանաւոր գետը՝ Ինտոսն է։ Նշանաւոր ծոցերն են՝ Ատէնի ծոցը արեւմուտքի մէջ, որ Կարմիր ծովուն կը միանայ Պապ էլ-Մանտեպի նեղուցով, եւ Օմանի ծոցը՝ հիւսիս-արեւմուտքի մէջ։ Արաբական ծովու ափերուն կը գտնուին՝ Սոմալին, Ճիպութին, Եմէնը, Օմանը, Իրանը, Փաքիստանը, Հնդկաստանը եւ Մալտիւեան կղզիները։ Նշանաւոր քաղաքներն են՝ Քարաչին, Ատէնը, Մասքաթը, Մումպայը եւ այլն։ == Սահմաններու Նկարագրութիւնը == Միջազգային ջրագրական կազմակերպութիւնը հաստատած է Արաբական ծովու սահմաններու հետեւեալ նկարագրութիւնը: Արեւմուտքէն՝ Ատէնի ծոցի արեւելեան սահմանը։ Հիւսիսէն՝ Արաբական թերակղզիի արեւելեան կէտէն ՝ Ռաս ալ-Հատէն մինչեւ Ռաս Ճիւանի՝ Փաքիստանի ափերուն։ Հարաւէն՝ Ատտուի քորալեան կղզիէն (Մալտիւեան կղզիներ) մինչեւ Ափրիկէի արեւելեան հրուանդանը՝ Ռաս Հաֆունը։ Արեւելքէն՝ Լաքատիւի ծովու արեւմտեան սահմանը։ == Անուանումը == Արաբական ծովը եւրոպացի եւ արաբ ծովագնացներուն յայտնի եղած է տարբեր անուանումներով՝ Էրիթրէայի ծով, Կանաչ ծով, Հնդկական ծով, Պարսկական ծով, Օսմանեան ծով։ == Պատկերասրահ == Կաղապար:Ծովերու Ցանկ
23,482
Մելիք Եգան
Մելիք Եգան (անյայտ - 1744), քաղաքական-ռազմական գործիչ, դիւանագէտ, Դիզակ գաւառի տիրակալ, Խամսայի մելիքութիւններու ընդհանուր կառավարիչ, Մելիք-Եգանեաններ տոհմի հիմնադիր։ («Մելիք» արաբերէն՝ տիրակալ։ «Եգանը»՝ Յովհաննէս յատուկ անուան աղաւաղուած ձեւն է սիւնեցիներու բարբառին մէջ): Խամսայի մելիքութիւններու կառավարիչ Դիզակի մելիք Եգան, Իրանի Նատիր շահի մօտիկ զինակիցը, վստահելին ու խորհրդատուն, մօտիկ կապեր ունէր նաեւ ռուսական արքունիքին հետ եւ ռուս պետական ու զինուորական շրջանակներու յարգանքը կը վայելէր: == Պատմութիւն == Մելիք Եգան Մեծն Պետրոսի պարսկական արշաւանքներուն ատեն մեծ ծառայութիւններ մատուցած էր ռուսական բանակին: Ներկայ եղած էր Աննա Իվանովնա կայսրուհիի թագադրութեան, փառաւոր ընդունելութեան եւ ցարուհիին յատուկ ուշադրութեան արժանացած էր: Ան ռուսական բանակին զօրավարի աստիճան ստացած էր եւ զանազան շքանշաններով պատուըւած: Աննա Իվանովնա կայսրուհին կը մահանայ Հոկտեմբեր 1740-ին եւ գահ կը բարձրանայ Աննա Լէոփոլտովնայի (որուն մայրը Իվան Ե. ցարին դուստր Եկատերինա Իվանովնան էր) եւ դուքս Անտոնի Ուլրիխի որդի Իվան Զ. Անտոնովիչ, որ երկու ամսու էր: Դուքս Էրնսթ ֆոն Պիրոն կը դառնայ խնամակալ, աւելի ուշ՝ Աննա Լէոփոլտովնան կը հռչակուի գահին խնամակալուհին: Բոլոր պալատականները դժգոհ էին Աննա Լէոփոլտովնայի խնամակալութենէն: Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ելիզաւետա Պետրովնան (Պետրոս Մեծի եւ Եկատերինա Ա.ի դուստրը) 25 նոյեմբեր (6 դեկտեմբեր) 1741-ին մասնայատուկ ուժերու 308 զինուորներով պալատական յեղաշրջում մը կը կազմակերպէ: Իվան Զ. եւ Աննա Լէոփոլտովնա Փեթերսպուրկի Ձմեռնային պալատէն կը հանուին եւ Լատոկա լիճի Օրեխովի կղզիին Շլիսելպուրկ ամրոցին մէջ կը բանտարկուին: Ելիզաւետա Պետրովնա ինքզինք նոր կայսրուհի կը հռչակէ եւ կ'որոշէ բացառիկ շքեղութեամբ թագադրութեան տօնակատարութիւն կազմակերպել: Մելիք Եգան նոր կայսրուհիին թագադրութեան տօնակատարութեան մասնակցելու յատուկ հրաւէր կը ստանայ: Ան ընտանիքը հետը առնելով կը մեկնի Ռուսաստան: Երեսուներեքամեայ Ելիզաւետա Պետրովնա կայսրուհի կը թագադրուի եւ կ'օծուի 25 Ապրիլ 1742-ին, Մոսկուայի Քրեմլինի Սոպորնայա հրապարակին վրայ գտնուող Վերափոխման մայր տաճարին մէջ: Թագադրութեան առիթով տարբեր տեսակի, ոճի եւ ազգային հագուստներ կարուած էին: Պալատի բակին մէջ դիմակահանդէսներ կը կազմակերպուին: Նոր կայսրուհին հանդէս կու գայ ֆրանսական, սպանական, անգլիական եւ ռուսական շքեղ հագուստներով: Մելիք Եգան եւ ընտանիքը, Մոսկուայի մէջ թագադրութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցելէ ետք կը մեկնին Փեթերսպուրկ, ուր կ'արժանանան փառաւոր ընդունելութեան: Ելիզաւետա Պետրովնա կայսրուհին կը փափաքի անձամբ տեսնուիլ ծերունի հերոս մելիք Եգանի եւ անոր ընտանիքին հետ: Ընդունելութեան յատուկ յայտագիր կը կազմուի: Մելիք Եգան եւ ընտանիքը պալատ կ'առաջնորդուին կոմսեր Ալեքսի Ռազումովսքիի եւ Պուրխարտ ֆոն Միւննիխի ընկերակցութեամբ: Կայսրուհին մելիք Եգանը Ռազումովսքիի եւ Միւննիխի հաւասար աստիճանի կը դասէ եւ շքանշաններ կու տայ անոր: Կոմս Ռազումովսքի գլխաւոր դերակատար եղած էր պալատական յեղաշրջման եւ Ելիզաւետա Պետրովնայի գահին տիրանալու իրադարձութեան մէջ եւ հոֆմարշալի բարձրագոյն կոչումին արժանացած: Իսկ գերմանացի կոմս Միւննիխ ռուսական բանակի մարաջախտ էր, բայց ապա կը շնորհազրկուի: Ընդունելութեան ընթացքին կայսրուհիին ուշադրութիւնը կը գրաւէ մելիք Եգանի գեղեցկուհի թոռնուհին: Ելիզաւետա Պետրովնա փափաք կը յայտնէ զայն իր արքունիքին մէջ պահել: Արցախցի գեղուհին կը մնաց պալատը, պալատական օրիորդի` ֆրէյինի կոչում կը ստանայ, եւ կայսրուհիին սիրոյն ու խանդաղատանքին կ'արժանանայ: Հայրենիք վերադառնալու նախօրեակին մելիք Եգան կայսրուհիէն կը խնդրէ, որ արտօնութիւն տայ թոռնուհին հետը տանելու: Ծերունի մելիքի կրկնակի թախանձանքներուն վրայ Ելիզաւետա Պետրովնա թոյլ կու տայ, որ օրիորդը իր ծնողներուն հետ հայրենիք վերադառնայ, եւ բազմաթիւ թանկագին նուէրներով զինք ճամբու կը դնէ: Հայրենի Դիզակ վերադառնալէն ետք մելիք Եգան կը մահանայ 1744-ին: Մարմինը կ'ամփոփուի Տողի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ տոհմական մատրան մէջ: Գերեզմանին վրայ արձանագրուած է. Մելիք Եգանի զինանշանին մեզի հասած օրինակը պահպանուած է Տողի մօտակայքը, Իշխանագետի բարձունքին գտնուող Կաքաւաբերդի եկեղեցւոյ մէջ: Զինանշանին վրայ պատկերուած է երկգլխանի արծիւ. արծիւին մարմինը վահանաձեւ է` աղեղնաձեւ երկար վիզերով, որոնք կ'աւարտին կլոր գլուխով, աչքերով ու սուր կտուցով: Արծուագլուխներուն վրայ եռաճիւղ թագեր են: Արծիւը յենած է եռանկիւնաձեւ պոչի մը վրայ: Թեւերը մարմինի վերնամասէն մինչեւ պոչը կ'իջնեն: Ձախ ոտքի ճանկերով արծիւը թեւին վրայ կը պահէ գնդաձեւ գլուխով իշխանութեան մականը, իսկ աջ ոտքի ճանկերով թեւին վրայ կը պահէ փոսիկաւոր խաչ` հոգեւոր նշանը: Մելիք Եգանին կը յաջորդէ երէց որդին` մելիք Արամ, որ սակայն մէկ տարի կ'իշխէ եւ կը մահանայ 1745-ին: == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Աբրահամ Երեւանցի, Պատմութիւն Թագաւորի Պարսից Յակոբ Փափազեան, Մելիք Եգանի ընդունարանին մուտքի վիմագիր արձանագրութիւնը Archived 2020-11-13 at the Wayback Machine. Թադէոս Յակոբեան, 1501-1746 քաղաքական իրադարձութիւնները Հայաստանում եւ Երեւանը Արտակ Մաղալեան, Առաքել վարդապետ Կոստանեանցի «Պատմութիւն Գտչայ վանուց» աշխատութիւնը ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր «Զբօսաշրջութեան վարչութիւն», «ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐՆ ԱՐՑԱԽՈՒՄ 2005-2010», Ստեփանակերտ, 2011
3,986
Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Պելորեչենսք)
Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան Ռուսաստանի Քրասնոտարի մարզի Պելորեչենսք քաղաքին մէջ։ == Պատմութիւն == Յուշարձանը նուիրուած է 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Տեղադրուած է 2015-ին, Պելորեչենսք քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարածքին։ Յուշակոթողը կը ներկայացնէ նորածին երեխան ձեռքին ողբացող կնոջ կերպար, ով կը դիմէ Աստուծոյ, որ այլեւս երբեք եւ ոչ մէկ տեղ նման ողբերգութիւն կրկնուի։ Յուշարձանին մօտ տեղադրուած են նաեւ Անդրանիկ Օզանեանի (Զօրավար Անդրանիկ) եւ Ֆելտմարշալ Իվան Պասքեւիչի կիսանդրիները։ == Ծանօթագրութիւններ ==
5,252
Ներսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)
Ս. Ներսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ. (Կլայեցի, Երգեցող)) (1102-Օգոստոս 13, 1173), հայ եկեղեցական գործիչ, աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժշտագէտ, երգահան, պատմիչ, 1166-էն՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Իր բազմատաղանդութեան շնորհիւ ժամանակակիցներուն կողմէ կոչուած է Շնորհալի։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Հայոց Միջագետքի Տլուք գաւառի Ծովք դղեակին մէջ, հօր՝ իշխան Ապիրատ Պահլաւունի ազնուական ընտանիքին մէջ։ Ներսէս Շնորհալի Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիի ծոռն է եւ Գրիգոր Գ. (Փոքր Վկայասէր) Պահլաւունիի կրտսեր եղբայրը։ Իր ժամանակի ամենակիրթ մարդոցմէ մէկը եղած է։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կարմիր վանքի դպրոցին մէջ՝ եպիսկոպոս Ստեփանոս Մանուկի քով։ 1166-էն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Վախճանած է 13 Օգոստոս 1173-ին, Հռոմկլայի մէջ։ Վախճանած է 1173-ին եւ թաղոած Հռոմկլա ամրոցին մէջ։ Հայ եկեղեցին զինք դասած է սուրբերու շարքին եւ անոր յիշատակը կը նշէ ամէն տարի Թարգմանչաց տօնին։ == Գրական ժառանգութիւն == Ներսէս Շնորհալի ձգած է հարուստ գրական եւ երաժշտական ժառանգութիւն մը (վիպերգեր, երգեր, հանելուկներ՝ հիմնուած հայ բանահիւսութեան շարժառիթներու եւ պատմական փաստերու վրայ)։ 1166-ին գրած է «Վանքային ուղերձ» դիմումը ժողովուրդին, որ կը պարունակէ շարք մը կրօնական հարցերու բացատրութիւններ, ամէնօրեայ կեանքի ուսուցումներ։ Հայ միջնադարեան մտածողութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է 1166-ին Շնորհալիի գրած «Թուղթ ընդհանրական» արձակ գործը։ Ներսէս Շնորհալի մշակած եւ լրացուցած է Շարակնոցը, Պատարագամատոյցը, կանոնաւորած է հայկական եկեղեցական երգերու տարուան իրադարձութիւնները՝ ամբողջացնելով իր սեփական ստեղծագործութիւններով։ Յատկապէս երաժշտական ասպարէզին մէջ ունեցած յաջողութիւններուն համար Ներսէսին շնորհուած է Երգեցող պատուանունը, որուն հազուագիւտ գործիչներ արժանացած են։ Շնորհալիի կը պատկանի նաեւ Աստուածաշունչի թեմաներու վրայ հիմնուած «Յիսուս որդի» (1152) վիթխարի բանաստեղծութիւնը, «Վիպասանութիւն», «Ողբ Եդեսիոյ» 1145-46)՝ հայ միջնադարեան բանաստեղծութիւններու լաւագոյն նմոյշներէն մէկը, հոգեւոր երգեր, շուրջ 300 հանելուկներ՝ բանաստեղծութեան ձեւով, վերցուած բանահիւսութենէն։ «Յաղագս երկնի եւ զարդուց նորա» տիեզերագիտական բանաստեղծութիւնը ստեղծուած է Մխիթար Հերացիի խնդրանքով։ Անոր շարականներուն, տաղերուն եւ գանձերուն թիւը կ'անցնի 100-ը։ Անոր լաւագոյն շարականներէն մէկ կը սկսի «Առաւօտ լուսոյ» տողով։ Շնորհալի գրած է պարզ ու մատչելի լեզուով, որպէսզի հասկնալի ըլլայ բոլորին։ Այս տեսակէտէն կարեւոր են նաեւ անոր հանելուկները, որոնց թիւը կը հասնի 300-ի։ Մեծ սիրով եւ յարգանքով կը գրէ Շնորհալին հայ ազգային հերոսներու, հայրենասէր թագաւորներու մասին. անոր ստեղծագործութեան միջուկը կը հանդիսանան հայրենասիրական մղումները եւ գաղափարները, իսկ հայրենիքի ազատումը՝ առաջնահերթ խնդիրը։ == Երկերու մատենագիտութիւն == Յիսուս որդի, Ամսթերտամ, 1661, 616 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, 44 էջ: Յիսուս որդի, Կ. Պոլիս, 1746, 432 էջ: Յիսուս որդի, Կ. Պոլիս, 1746, 484 էջ: Յիսուս որդի, Ս. Փեթերսպուրկ, 1785, 440 էջ: Ընդհանրական, Ս. Փեթերսպուրկ, 1788, 336 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Վենետիկ, 1815, 172 էջ: Գիրք, որ կոչի Յիսուս որդի, Կ. Պոլիս, 1824, 108 էջ: Թուղթ ընդհանրական, Կ. Պոլիս, 1825, 233 էջ: Մեկնութիւն Ս. Աւետարանին, որ ըստ Մատթէոսի, Կ. Պոլիս, 1825, 658 էջ: Ողբ Եդեսիոյ, Փարիզ, 1827, 112 էջ: Ողբ Եդեսիոյ, Տփղիս, 1829, 112 էջ: Բանք չափաւ, Վենետիկ, 1830, 621 էջ: Թուղթ ընդհանրական, Վենետիկ, 1830, 84 էջ: Հռչակաւոր աղօթք, Մոսկուա, 1830, 112 էջ: Ժամագիրք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Կ. Պոլիս, 1833, 597 էջ: Նամականի, Վենետիկ, 1838, 332 էջ: Ժամագիրք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Կ. Պոլիս, 1849, 649 էջ: Ժամագիրք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Վաղարշապատ, 1853, 452 էջ: Ընդհանրական թուղթք, Կ. Պոլիս, 1853, 152 էջ: Սրբոյն Ներսէս Շնորհալւոյ պատմութիւն վարուց, Վենետիկ, 1854, 88 էջ: Ժամագիրք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Կ. Պոլիս, 1856, 649 էջ: Ժամագիրք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Կ. Պոլիս, 1861, 652 էջ: Թուղթ ընդհանրական, Էջմիածին, 1865, 498 էջ: Թուղթ ընդհանրական, Երուսաղէմ, 1871, 336 էջ: Թուղթք, Վենետիկ, 1873, 332 էջ: Ժամագիրք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Երուսաղէմ, 1881, 680 էջ: Ժամագիրք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Վաղարշապատ, 1892, 792 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Վենետիկ, 1923, 52 էջ: Բանք չափաւ, Վենետիկ, 1928, 676 էջ: Ժամագիրք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Երուսաղէմ, 1955, 736 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Հալէպ, 1961, 32 էջ: Յաղագս երկնի եւ զարդուց նորա (Հանելուկներ, Ողբ Եդեսիոյ), Երեւան, 1968, 112 էջ: Ընդհանրական թուղթք, Իսթանպուլ, 1973, 93 էջ: Ողբ Եդեսիոյ, Երեւան, 1973, 168 էջ: Յիսուս որդի, ա. տ., 1974, 80 էջ: Թուղթ ընդհանրական, Անթիլիաս, 1977, 132 էջ: Յօդուածների ժողովածու, Երեւան, 1977, 228 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Պէյրութ, 1979, 32 էջ: Վիպասանութիւն (պոեմ), Երեւան, 1981, 164 էջ: Եդեսիոյ ողբը, Տաղեր, Երեւան, 1982, 216 էջ: Առաւօտ լուսոյ, Նիւ Եորք, 1983, 92 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Թորոնթօ, 1985, 48 էջ: Ժամագիրք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Նիւ Եորք, 1986, 736 էջ: Տաղեր եւ գանձեր, Երեւան, 1987, 448 էջ: Թուղթ ընդհանրական, Երեւան, 1991, 126 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Նիւ Եորք, 1991, 24 էջ: Յիսուս որդի, Երեւան, 1991, 224 էջ: Թուղթ ընդհանրական, Երեւան, 1995, 176 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Թեհրան, 2000, 33 էջ: Հաւատով խոստովանում եմ, Երեւան, 2003, 32 էջ: Տաղեր եւ շարականներ, Երեւան, 2003, 44 էջ: Առաւօտ լուսոյ (շարականներ), Երեւան, 2007, 74 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Իսթանպուլ, 2008, 144 էջ: Մեկնութիւն Մատթէոսի Աւետարանի, Էջմիածին, 2008, 300 էջ: Թուղթ ընդհանրական, Երեւան, 2009, 224 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Անթիլիաս, 2009, 550 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Էջմիածին, 2009, 56 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Բրբանք, 2011, 64 էջ: Նամականի, Էջմիածին, 2011, 320 էջ: Ժամերգեր, Երեւան, 2012, 252 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Անթիլիաս, 2012, 24 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Երեւան, 2012, 32 էջ: Հաւատով խոստովանում եմ, Երեւան, 2012, 608 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Երեւան, 2013, 598 էջ: Յիսուս որդի, Երեւան, 2013, 220 էջ: Հաւատով խոստովանիմ, Էջմիածին, 2015, 55 էջ: == Գրականութիւն Ներսէս Շնորհալի եւ անոր գործունէութեան մասին == Ղեւոնդ Ալիշան, Շնորհալի եւ պարագայ իւր, Վենետիկ, 1873։ Գրիգոր Յակոբեան, Ներսէս Շնորհալի, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ, 1964, 298 էջ։ Գրիգոր Յակոբեան, Ներսէս Շնորհալի (բնագրեր), Երեւան, «Հայաստան», 1969, 220 էջ։ Նիկոլ Թահմիզեան, Ներսէս Շնորհալին երգահան եւ երաժիշտ, Երեւան, 1973։ «Ներսէս Շնորհալի», յօդուածների ժողովածու, Երեւան, 1977։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Ներսէս Շնորհալի կենսագրութիւնը, հանելուկները եւ անգլերէն թարգմանութիւններ Ներսէս Շնորհալի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը
21,832
Սպիտակ Խաչ վանք
Սպիտակ Խաչ վանք, հայկական յուշարձան, Հադրութէն ոչ շատ հեռու՝ դէպի հաւար, Վանք գիւղի բլուրին վրայ։ == Անուանումը == Աւանդութեան համաձայն Վանքի Սպիտակ խաչ անուանումը կապուած է Սուրբ Գրիգորիսի լանջական բիւրեղեայ խաչի հետ: Նահատակութենէն ետք, անոր հայրապետական գաւազանը եւ բիւրեղեայ խաչը սկիզբը պահուած էին Ամարաս, ուր ամփոփուած էին անոր նշխարները։ Ամարասի ամայացոիմէն ետք, այդ սրբութիւնները տեղափոխուած են Գտչավանք, իսկ բիւրեղեայ սպիտակ խաչը` Հադրութին մօտ գտնուող վանքը, որմէ ալ անիկա ստացած է Սպիտակ խաչ անուանումը: Ըստ Սարգիս Ջալալեանցի, ի պատիւ այս խաչին, այստեղ կառուցւած է եկեղեցի՝ անիկա դարձուցած են եպիսկոպոսանիստ եւ յակացոիցած՝ ինքնուրոյն թեմ։ Անիկա դարձած էր ուխտատեղի, բազում հայ ուխտաւորներու համար․ գիւղն ալ իր անունը Վանք՝ ստացած է Սպիտակ խաչ վանքէն: == Հիմնադրութիւնը == Վանքին հիմնադրման ստոյգ թուականը յայտնի չէ, ամենավաղ արձանագրութիւնը թուագրուած է 14-րդ դարով, թուականով՝ 1333-ը: Արձանագրութիւնը պահպանուած է եկեղեցիին ներսը` հիւսիսային կամարին խաչքարին տակ․ Վանքն ու շրջակայքը հարուստ են արձանագրութիւններով, եւ այդ արձանագրութիւնները կւ պատմեն վանքին հետագայ վերանորոգումներուն մասին: == Կառոյցը == Վանքին երկարութիւնը նախասրահին հետ միասին կը կազմէ 15,75 մ․, լայնությիւնը՝ 7,1 մ․։ Յուշարձանը կը ներկայացնէ փոքր գմբեթաւոր շէնք մը՝ 6 սիւներէ եւ բուրգանման տանիքէ։ Եկեղեցին միանաւ թաղակապ սրահ է, որուն արեւմուտքէն կը միանայ ուղղանկիւն գաւիթը: Գաւիթն ու եկեղեցին իրարմէ բաժնուած չեն, ունի մէկ մուտք, որ կը բացուի արեւմուտքէն: Առկայ են երկու փոքր պատուհաններ՝ արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերը։ Արեւմտեան պատուհանին քարին վրայ նոյնպէս պահպանուած է արձանագրութիւն՝ Եկեղեցիին տանիքը տեղադրուած է վեց սիւններէ բաղկացած, բուրգաձեւ ծածկով զանգակատուն-գմբեթը, որուն մասին շինարարական արձանագրութիւնը պահպանուած է եկեղեցիին մուտքի հարաւային կողը … «Յիշատակ է զանգակատունս Սուրապի որդոյ Ովանես եպիսկոպոսին»: Եկեղեցիէն հարաւ-արեւելք հիւրատունն է մուտքին պահպանուած արձանագրութեամբ. Հիւրատան կողքը պահպանուած են երկու վիմափոր խուցեր: Եկեղեցիին շրջակայքը կան բազմաթիւ տապանաքարեր պահպանուած արձանագրութիւններով, որոնցմէ կարելի է ենթադրել, որ վանքը եղած է եպիսկոպոսանիստ, քանի որ այդտեղ թաղուած են նաեւ եպիսկոպոսներու աճիւններ: Կարգ մը դամբարանային քարերուն վրայ արտայայտուած են որսի, հողագործութեան, ցանքի եւ մարտերու տեսարաններ։ Գերեզմանատանը մնացած է կիսաքանդ շէնք, որ կառուցուած է 1735-ին եւ որոշ ժամանակ ուխտաւորներու համար իբրեւ ապաստարան ծառայած է։ Արցախի որմնափակ խաչքարերէն մէկը այստեղ կը գտնուի ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
8,270
Պերա Իվանիշվիլի
Պերա Իվանիշվիլի (վրացերէն՝ ბერა ივანიშვილი, լատինատառ Bera Ivanishvili,23 Դեկտեմբեր 1994(1994-12-23), Փարիզ) ծանօթ Պերա անձնանունով, վրացի երգիչ եւ երգահան եւ հանրածանօթ հիփ հոփ, «R&B» եւ «rap» երգերու մեկնաբան: Հիմնադիրն է Վրացական Երազ Սթիւտիոյին: Պերա երաժշտութիւն ուսանած է փոքր տարիքէն: Չորս տարեկան հասակէն սկսած է սորվիլ դաշնամուր, թմբուկ եւ սրինգ նուագել: Իր առաջին երգը յօրինած է 11 տարեկանին: 2012-ին հրապարակ հանած է իր սթիւտիօ ալպոմը՝ «Gpirdebi» (վրացերէն՝ გპირდები որ կը նշանակէ Կը խոստանամ): Կ'երգէ վրացերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Իր սինկըլները՝ «Untouchable» եւ«Parlez-vous français» յաջողութիւն գտած են Ֆրանսայի «SNEP» երգերու ցանկին վրայ 2017-ին: == Անձնական կեանք == Պերա որ ծնունդով ալպինօ է վրացի պիլիոնատէր Պիճինա Իվանիշվիլիի երեք զաւակներէն մէկն է: Ամերիկեան Ֆօրպզ պարբերաթերթի համաձայն, իր հայրը Վրաստանի ամենէ մեծ մեծահարուստն է 6,4 միլիառ տոլար դրամագլխով: Պիճինա Իվանիշվիլին հիմնադիրն է Վրացական Երազ (վրացերէն՝ ქართული ოცნება անգլերէն՝ Georgian Dream) Վրաստանի քաղաքական կուսակցութեան: Յաղթանակելով Վրաստանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, Պիճինա Իվանիշվիլին իշխանութեան գլուխ հասաւ իբր Վրաստանի վարչապետ: Ընտրութիւններու ընթացքին, Պերան աջակցութիւն յայտնեց իր հօր, հրապարակելով իր «Georgian Dream» երգը (վրացերէն՝ ქართული ოცნება որ Կ'արտասանուի Քարթուլի Օձնեպա): Պերա բաժնետէր է «GDS TV» վրացական կայանին եւ իր կարգին միլիոնատէր մըն է: == Սկաւառակագրութիւն == === Ալպոմներ === 2012: Gpirdebi === Սինկըլներ === 2011: «My Favourite Things» 2011: «Don't Worry» 2011: «Georgian Dream» [1] 2011: «Hip Hop Waltz» 2012: «გპირდები» 2012: «ოცნებების ღამე» 2013: «Summertime» (feat. Lil Playy) 2013: «სამუდამოდ» 2014: «Calypso Lover» 2015: «Don't Go» 2015: «I Look Good on You» 2016: «Shining Like a Star» (directed by Nash Grier) 2016: «Tickets to the Movies» 2016: «If This Isn't Love» (prod by Maejor) 2016: «Long Live» 2016: «I Can See It Now» (Christmas Song) 2017: «Three Words» 2017: «Untouchable» 2017: «Parlez-vous français» 2018: «Fire To The Sun» (feat. Patoranking) 2018: «Chemo dzma»o (with Zaza Nozadze) 2018: «Legalize» 2019: «She Said Yes» == Տես նաեւ == Պերա Իվանիշվիլի անգլերէն Ուիքիփետիա էջ == Արտագին յղումներ == Պաշտօնական Կայքէջ Թուիթըր
4,257
Ճենովայի Հայերը
Ճենովայի Հայերը, Հայերը ճենովայի մէջ։ ժենովայի առևտրականներու և հայերու առնչութիւնները սկիզբ սկսած են առնել XI դարէն, երբ ժենովայի նաւերը սկսած են երթևեկել Ղրիմի ափերը, ուր հոն գոյութիւն ունէր հոծ հայ համայնք, իսկ հարաւ-արևելքին մէջ ճենովան սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է Կիլիկեան Հայաստանի հետ։ 1201 թուականին Կիլիկիայի հայոց թագաւոր Լևոն Բ անոնց շնորհած է ազատ առևտուրի և այլ առանձնաշնորհումներ։ Կիլիկիայի հայկական պետութեան անկումէն յետոյ ատկէ ետք շարունակված են հայերու ու ճենովացիներու առևտրական սերտ յարաբերութիւնները յատկապէս Ղրիմի Կաֆա քաղաքին մէջ։ ճենովացիները թոյլ տուած են հայերուն բնակուած իրենց տնօրինութեան տակ գտնուող առևտրաավաններում։ Հայ վաճառականները նպաստած են ճենովացի գործընկերներու շահութաբեր առևտրական գործարքներուն՝ կապեր պահպանելով Սեւ ծովի կովկասեան ու փոքրասիական երկրներու հետ։ ճենովային մէջ կառուցած են նորոգել հայ վաճառականներու նաւերը։ XIV դարու սկզբէն հիշված է այստեղ հիմնուած Հայոց տունը։ 1307 թուականին ճենովայի Մուլտեդո կարեւարձանեն հայերը կառուցած են վանք ու եկեղեցի՝ Ս. Բարդուղիմեոս (գոյատևած է մինչև 1650 թուականը)։ Վանքին մէջ ընդօրինակած են հայերէն ձեռագիրեր։ ճենովային մէջ գտնուած են բազմաթիւ հայերէն վիմագրութիւններ, դամբարանագրեր (մի քանի հատ պահպանված են մինչեւ այսօր), որոնք կը վկայեն XVI-XVII դարերու հայերու ներկայութեան մասին։ == Ծանօթագրութիւններ ==
4,292
Ճոմոյ Քենեաթա
Ճոմոյ Քենեաթա (անգլերէն՝ Jomo Kenyatta, 20 Հոկտեմբեր 1893(1893-10-20), Gatundu, Kiambu County, Central Province - 22 Օգոստոս 1978(1978-08-22), Մոմբասա, Քենիա) քենիացի հակագաղութատիրական աշխուժակ եւ քաղաքական գործիչ մը եղած է: Ճոմոյ Քենեաթան Քենիան ղեկավարած է որպէս վարչապետ 1963-էն մինչեւ 1964-ը եւ ապա՝ որպէս առաջին նախագահ 1964-էն մինչեւ 1978-ը: Ան եղած է երկրի առաջին սեւ նախագահը եւ նշանակալի դեր խաղցած է Քենիան Անգլիականական կայսրութեան գաղութատիրութենէն անկախ հանրապետութիւն ստեղծելու ընթացքին: Ափրիկէցի ազգայնական գաղափարաբանութեամբ եւ պահպանողական ըլլալով, ան Քենիայի ափրիկեան ազգային միութիւնը (ՔԱԱՄ) Kenya African National Union (KANU) 1961-էն մինչեւ իր մահը գլխաւորած է: == Կենսագրութիւն == Քենեաթան ծնած է քիքուեու ցեղի գիւղացի ընտանիքի մը մէջ անգլիական արեւելեան Ափրիկէի Քիամպու բնակավայրին մէջ։ Ուսանած է Միսիոնարական դպրոցի մը մէջ, եւ զանազան աշխատանքներ կատարած է մինչեւ քաղաքականութեան մէջ մտնելը: 1929-ին Լոնտոն ճամբորդած է ցեղապատկան հողերու խնդիրները քննարկելու համար: 1930-ականներուն ան սորված է Մոսկուայի եւ Լոնտոնի տարբեր համալսարաններուն մէջ: == Գործունէութիւն == 1938-ին հրապարակած է քիքուեուներու կեանքի մարդաբանական ուսումնասիրութիւնը: ԵՀՊ-ին ընթացքին տարուած է հակագաղութատիրական եւ համայնափրիկեան գաղափարներով, կազմակերպելով Մանչեսթրի մէջ համայնափրիկեան համաժողովը: 1946-ին ան Քենիա վերադարձած եւ դպրոցի մը տնօրէն դարձած է: 1947-ին Քենիայի ափրիկեան միութեան նախագահ ընտրուած է, որուն միջոցաւ Անգլիական գաղութատիրութենէն անկախանալու շարժումը յառաջ տարած է: 1964-ի Դեկտեմբերին, Քենիան պաշտօնապէս հանրապետութիւն հռչակուեցաւ, Քենեաթան դարձաւ անոր գործող նախագահ, միաւորելով երկրի ղեկավարի եւ կառավարութեան գլխաւորի գործառոյթները: 1965-ին եւ 1966-ին կատարուած են սահմանադրական փոփոխութիւններ, որոնք նախագահին դիրքերը ուժեղցուցած են: Քենեաթան կոչ ըրաւ ներել եւ մոռնալ անցեալը, ինչը ներկայ կառավարութեան անկիւնաքարը պիտի ըլլար: Ան պահպանած է անցեալ գաղութատիրական կարգի տարրեր իր վարչարարութեան մէջ, մանսւորաբար, օրէնքի եւ կարգի հարցերուն մէջ։ Ոստիկանութիւնը եւ զինուած ոյժերը հիմնականին մէջ մնացին անձեռնմխելի: Ճերմակ քենիացիները մնացած են արդարադատութեան, քաղաքացիական ծառայութեան եւ խորհրդարանին մէջ ունեցած իրենց արտօնեալ դիրքերուն վրայ: Պրիւս ՄքՔենզին Bruce Mackenzie եւ Հըմփրի Սլէյտը Humphrey Slade կը գտնուէին Քենիաթայի բարձր պաշտօնեաներու դիրքերուն վրայ: == Գնահատում == Քենեաթան մեղադրուած է Քենիայի արդարադատութեան եւ հաշտեցման յանձնաժողովի կողմէ, երբ 2013 Մայիսին հրապարակած իր զեկոյցին մէջ յստակացած է որ ան օգտագործած է իր իշխանութիւնը որպէս նախագահի եւ իր ընտանիքին համար մեծ հողատարածք յատկացնելով Քենեաթայի ընտանիքը Քենիայի ամենախոշոր հողատերերու շարքին դասուած է: 1990-ական թուականներուն տարբեր ցեղային խումբերը յատկապէս՝ նանտի, նաքուրու, ուասին-կիշու եւ թրանս-նզոիա, մեծապէս հիասթափուած էին, որ Քենիայի իշխանութեան ժամանակ անոնք չեն վերականգնած եւրոպացիներու առած հողերը եւ հողն իրենց վաճառած են որպէս «օտարերկրացիներու»: Սա խումբերուն մէջ տարածուեցան հատուցումի կոչեր եւ 1991-ին եւ 1992-ին պատահեցան յարձակումներ հողերուն տիրացածներուն վրայ։ Խնդիրները պարբերաբար շարունակուած են մինչեւ 1996 թուականը, ըստ գնահատումներու այդ օրերուն 1 500 սպաննուածներ եւ 300 000 տեղահանուածներ եղած են այդ հարցերու հետեւան: Քենեաթայի կառավարութիւնը նաեւ թոյլ փոփոխութիւններ կատարաած է կիներու իրաւունքներու հարցերուն գծով, ուր կինը մնացած է որպէս երկրորդ կարգի էակ մը: == Տե՛ս նաեւ == Ուհուրու Քենեաթա == Ծանօթագրութիւններ ==
4,132
Հոգեբուժութիւն
Հոգեբուժութիւն (յուն.՝ ψυχή}}-հոգի եւ ιατρός- բժիշկ), բժշկական գիտակարգ, կ'ուսումնասիրէ հոգեկան հիւանդութիւններու պատճառները, էութիւնը, դրսեւորման ձեւերը, ընթացքը, բուժման եւ կանխարգիլման միջոցները, հիւանդներուն օգնութիւն կազմակերպելու համակարգը: == Պատմութիւն == Դարեր շարունակ հոգեկան հիւանդութիւնները դիտուած են որպէս գերբնական ուժերու ծնունդ, համարուած աստծոյ պատիժի կամ ողորմածութեան դրսեւորում: Անով ալ պայմանաւորուած է հոգեկան հիւանդներու նկատմամբ հասարակութեան վերաբերմունքը: Այսպէս, գրգռուած անձանց համարած են աստծոյ կողմէ պատժուած, անոնց նկատմամբ ցուցաբերած բացասական վերաբերմունք եւ յաճախ ալ ֆիզիքական հաշուէյարդար տեսած, իսկ լռակեաց, ինքնամփոփ հիւանդները համարուած են աստծոյ կողմէ սիրուած` արժանանալով հոգատար վերաբերմունքի: Հոգեկան հիւանդութիւններու մասին տեղեկութիւններ պարունակող հնագոյն աղբիւրներէն են եգիպտական փափիրուսները, չինական եւ հնդկական սուրբ գիրքերը, Աստուածաշունչը եւ այլն: Հոգեկան հիւանդութիւններու բուժմամբ զբաղած են քուրմերը. անոնց մէկ մասը հիւանդներուն քնացնելու եւ քունի ընթացքին տեսած երազներու միջոցով որոշած է հիւանդութեան բնոյթը եւ անոր բուժման միջոցները, միւսները հիւանդներու մարմինէն «դուրս մղած են» չար ուժերը, սատանաները եւ այլն: Ապրելով հին յունական մշակոյթի ծաղկման ժամանակաշրջանին մէջ (V դար)` Հիփոքրաթը ցոյց կու տայ էփիլեփսիայի ընդհանուր կապը հոգեկան հիւանդութիւններու հետ, նշած է մանիայի, մելամաղձութեան մասին: Ան հաստատած է նաեւ, որ հոգեկան հիւանդութիւնները ուղեղի ախտահարման արդիւնք են, որոնց ախտածագման մէջ կարեւոր դեր ունին ժառանգականութիւնը, ֆիզիքական եւ հոգեկան զգացմունքներու արտայայտութիւնները (յուզմունք, վախ, ծննդաբերութիւն եւ այլն), թունաւորումները, ծերունական հասակը: Ան կը գտնէր, որ այդ հիւանդութիւնները բուժելի են, այդ իսկ պատճառով կ'առաջարկէր պահպանել հանգիստի վիճակ, համապատասխան սննդակարգ, ընդունիլ լոգանքներ, թուլացնող եւ փսխեցուցիչ միջոցներ: Հին Հռոմի մէջ բժշկութեան բուռն զարգացման ժամանակաշրջանին հոգեբուժութեան ասպարէզին մէջ գիտական միտքը Հիփոքրաթի ուսումնասիրութիւններէն այն կողմ չանցաւ: Նոյնիսկ յունա-հռոմէական բժշկութեան ականաւոր ներկայացուցիչ Գալենը (II դար) էական ազդեցութիւն չունեցաւ հոգեկան հիւանդութիւններու ուսմունքին վրայ: == Ծանօթագրութիւններ ==
22,894
Ոսկեպտղի, Ժորի (Խարմա)
Ոսկեպտղին, Ժորին, կ'անուանուի նաեւ «Ճափոնի ծիրան»: Կ'աճի Չինաստանի մէջ: Անոր ծառը կը կոչուի Kaki-ի ծառ: Անոր մշակումը Միջերկրականի ափերուն` արդի ժամանակաշրջանին կը պատկանի: == Տեսակներ == Ժորիին տեսակները շատ են. կայ Ֆույուն (Fuyu), որ հարուստ է խէժով եւ աղաղով (tannin), հետեւաբար նախընտրելի է զայն սպառել, երբ պտուղը ամբողջութեամբ կը հասուննայ, կը քաղցրանայ, կը կակուղնայ եւ կը նուազին անոր դառնութիւնն ու կպչունութիւնը: Կայ ժորիի այլ տեսակ մը` Persimmon-ը, որ աւելի նուազ բնաթելեր կը պարունակէ եւ նուազ դառն է, հետեւաբար կարելի է զայն սպառել, երբ կիսովին հասուն է: == Պարունակութիւն == ժորիի իւրաքանչիւր պտուղ կը պարունակէ ութ կուտի հատիկ: ժորիին քաղցր համը արդիւնքն է անոր կլիւսիտներով կամ շաքարով հարուստ ըլլալուն: 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 15 կրամ կլիւսիտներ: ժորին աղքատ է բնական կիտրոնաթթուներէ` 100 կրամ ժորին կը պարունակէ միայն 300 միլլիկրամ կիտրոնաթթու: Իւրաքանչիւր ժորի կը պարունակէ հաւասար քանակութեամբ ֆրուքթոզեւկլուքոզ: Այս իսկ պատճառով անիկա հարուստ է ուժականութեամբ: Իւրաքանչիւր 100 կրամ ժորի կը պարունակէ 60 քիլոքալորի: Հասուն ժորին աղիքները կը կակուղցնէ, որովհետեւ հարուստ է բնաթելերով: Հետեւաբար շատ լաւ դարման է պնդութիւն ունեցողներուն: 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 2.5 կրամ բնաթել: Ժորին մուգ նարնջագոյն է, եւ այս փաստ է, որ հարուստ է բնական թոյրով եւ կենսանիւթ Ա.ի նախատեսակով` քարոթինով: 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 1.4-էն 3 միլլիկրամ քարոթին: Ժորին հարուստ է նաեւ քարոթինով, կը պարունակէ նաեւ լիքոպին եւ զանթին տարրերը, որոնք հականեխիչ տարրեր են, որոնք մարմինը կը պաշտպանեն ազատ արձակուած տարրերու վնասներէն, հետեւաբար երիտասարդ կը պահեն մարմինը: Ժորին կը պարունակէ նաեւ կենսանիւթ Սէ., որ նաեւ հականեխիչ տարր մըն է: 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 7 միլլիկրամ կենսանիւթ Սէ.: Որքան ժորին հասունանայ, այնքան կենսանիւթ Սէ.-ի քանակը կ'աւելնայ: Ժորին կը պարունակէ նաեւ հանքային աղեր, որոնց ընդամէնը հաւասար է 700 միլլիկրամի` իւրաքանչիւր 100 կրամ ժորիի մէջ: Հանքային աղերու տեսակներն են` փոթասիոմը, քալսիոմը եւ ֆոսֆորը: == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
16,736
Աճառեան
Աճառեան, հայկական մականուն։ == Մակոնւները կրողներ == Հրաչեայ Յակոբի Աճառեան (1876-1953), լեզուաբան, բառարանագիր, հայագէտ, մանկավարժ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
18,179
Սառնաղբիւր (Շիրակի մարզ)
Սառնաղբիւր (Շիրակի մարզ), գիւղ Հայաստանի Շիրակի մարզի հարաւ-արեւելեան կողմը, մարզի կեդրոնէն 34 քմ. հարաւ: Հին ժամանակ կոչուած է՝ Ուռենուտ, Սոգեուտլի։ Սառնաղբիւր վերակոչուած է 1940 թուականին: Գիւղը ունի արհեստական ջրամբար, որ կ'ոռոգէ Անիի տարածքի 1000 հեկտար հողատարածութիւնը: == Պատմութիւն == Գիւղին մէջ գոյութիւն ունի հնավայր: Կալաչի կամ Ղալաչի կոչուող բլուրին վրայ կան բազմաթիւ վկայութիւններ, որոնք կը փաստեն հնավայրի գոյութիւնը, սակայն առ այժմ այն ոչ մէկ հնագիտական ուսումնասիրութիւններու չէ ենթարկուած։ Գիւղի անուանացանկին մէջ կը նշմարուի նաեւ Գիոդիկենտի եւ Սիոգութլի կամ Սոգթլու անունները, որոնք տրուած են թուրքերուն կողմէ 1918 թուականի մայիսեան հերոսամարտերու ժամանակ: Գիւղը բաւականին լուրջ դիմադրութիւն ցոյց տուած է թուրքական ջարդարարներուն մայիսի 18–23 կամ 24 1918 ժամանակաշրջանին: Այս դէպքերուն վերաբերեալ կան բազմաթիւ վկայութիւններ։ Գիւղը բաւականին մեծ տարածք ունի։ == Բնակչութիւն == Նախնիները 1828-1829 թուականին գաղթած են Ալաշկերտէն, Կարսէն, Բասենէն եւ Մուշէն։ Սառնաղբիւրի ազգաբնակչութեան փոփոխութիւնը. == Տնտեսութիւն == Բնակչութիւնը կը զբաղի անասնապահութեամբ, հացահատիկի մշակմամբ: == Օգտակար հանածոներ == Սառնաղբիւրի մէջ կը գտնուի նաեւ քարահանք, ուր գոյութիւն ունին վարդագոյն տուֆ եւ աւազի հանք «Բողթլու» անունով։ Գիւղի տարածքին մէջ կան տուֆի եւպեմզայի հարուստ պաշարներ։ == Կրթութիւն == Գիւղը ունի մէկ դպրոց, ուր կը գործեն նաեւ արտադասարանային խմբակներ, բանավէճի ակումբ եւ տեղի կ'ունենան առողջ ապրելակերպի սեմինարներ։ 2016 թուականին, գիւղին մէջ Հայաստանի մանուկներ բարեգործական հիմնադրամի նիւթական օժանդակութեամբ տեղադրուած է մարզահրապարակ։ == Աղբիւրներ == Սառնաղբիւրի մէջ կը գտնուին շարք մը սառնորակ աղբիւրներ։ Անոնցմէ յիշարժան էն «Կաթնով աղբիւր», «Թմոյի աղբիւր», «Ձորի Աղբիւր», «Կանալ», «Պռտի աղբիւր» եւ այլ աղբիւրներ։ == Պատմամշակութային կառոյցներ == Գիւղը ունի շարք մը պատմական կոթողներ, որոնք կը վկայեն, որ գիւղի տարածքին մէջ հին ժամանակ մարդիկ բնակութիւն հաստատած են: Գիւղի կեդրոնը կը գտնուի Սուրբ Թադէոս (1883), Սուրբ Յակոբ (V-VI դարեր) եւ Սուրբ Կարապետ (1205) եկեղեցիները։ Գիւղին մօտ կը գտնուին V-XIII դարերու Հոգեվանքը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ուխտատեղին, իսկ 6 քմ. արեւելք՝ Սուրբ Ղազար եկեղեցին (V-VI դարեր), «Գնդաքար» (Ն.Ք. առաջին հազարամեակ) եւ «Բերդիկ» (Ն.Ք. 2-րդ հազարամեակ) ամրոցները։ 1883 թուականին կառուցուած է Թադէոս Առաքեալ եկեղեցին, որ մինչեւ օրս կը գործէ == Յայտնի անձինք == Հայկարամ Մխիթարեան, Նախկին ԱԺ պատգամաւոր, «Հայմամուլ» ՓԲԸ գլխաւոր տնօրէն, ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի գործերու կառավարիչ, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի գործերու կառավարիչ, վերջերս՝ ՀՀ ԱԻՆ փոխնախարար Արշալոյս Սարոյեան Գուրգէն Սահակեան Սամուէլ Նիկոյեան (ծ. 1958), ՀՀ Ազգային ժողովի նախկին նախագահ, քաղաքական գործիչ։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Սառնաղբիւր գիւղի էջը CAA կայքին մէջ Սառնաղբիւր գիւղի մասին Armeniapedia.org կայքին մէջ
17,458
Ֆրանսայի Դրօշ
Ֆրանսայի դրօշը (ֆրանսերէն՝ Drapeau français), կապոյտ, սպիտակ, եւ կարմիր (ձախէն աջ), հաւասարաչափ ուղղաձիգ շերտերով ուղղանկիւն պաստառ է։ Լայնքի եւ երկայնքի յարաբերակցութիւնը 2։3 է։ == Գոյներու ծագումը == Դրօշի կապոյտ գոյնը օգտագործուած է թերեւս Քլոտուիկ Ա.-ի կառավարութեան տարիներուն։ Ան կապ ունի Սուրբ Մարին Տուսրկիվյնի հետ (Մարտին Տուրսկին Ֆրանսայի հովանաւորն է)։ Ըստ առասպելի Սուրբը կիսած է իր թիկնոցը (կապոյտ գոյնի) Ամյէն քաղաքի աղքատներուն, իսկ Քլոտուիկը քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք մօտաւորապէս 498-ին ի պատիւ անոր դրօշի սպիտակ գոյնը փոխարինեց կապոյտով։ Սպիտակ գոյնը 1638-1790-ականներու ընթացքին համարուած էր в թագաւորական դրօշի գոյն եւ քանի մը ծովերու նշան։ 1814-1830-ին ան նաեւ եղած է թագաւորական բանակի դրօշի գոյնը։ Սպիտակ գոյնը կը խորհրդանշէ Ֆրանսան եւ այն ամէնը, որ կապուած է աստուածային կարգի հետ՝ Աստուծոյ հետ (այստեղէն ալ ընդունուած է այս գոյնը իբրեւ թագաւորական հիմնական խորհրդանիշ։ Ըստ պաշտօնական ուսմունքի թագաւորի իշխանութիւն ունէր աստուածային ծագում)։ Հուկու Կապետի կառավարութեան օրով եւ Ֆրանսայի թագաւորի հետնորդները Սուրբ Տիոնիսիայի պատուին ունէին կարմիր օրիֆլամմա, որ եղած է լեգենտար աբբայութեան հիմնադիրը։ == Գոյներ == == Գրականութիւն == Слейтер С. Геральдика. Иллюстрированная энциклопедия. — М.: Эксмо-Пресс, 2007. — 264 с. — ISBN 9785699178056 == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Ֆրանսայի դրօշի պատմութիւնը «Աշխարհի բոլոր դրօշներու» կայքումին մէջ Ֆրանսայի դրօշը «Flags of the World» կայքին մէջ (անգլերէն)
18,424
Անուշ Թորանեան
Անուշ Թորանեան ծնած է 1991-ին, Փարիզ, Ֆրանսա: Ան Փարիզի 15-րդ թաղամասի` վարչական շրջանի ղեկավարն է:: Ան կը ներկայացնէր Փարիզի գործող քաղաքապետ Անն Իտալկոյի քաղաքական ուժը: Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Ֆրանսայի գրասենեակի տնօրէնն է: === Ուսում եւ մասնագիտութիւն === Անուշ Թորանեան համալսարանական ուսումը ստացած է Փանթէոն-Ասսաս (Panthéon-Assas) համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած է Հանրային իրաւունքի եւ միջազգային յարաբերութիւններու մագիստրոսի կոչումը, իսկ փարիզի Քաղաքական հետազօտութիւններու (Political Studies) Հիմնարկէն Հանրային Կառավարման (Public Administration) մագիստրոսի կոչումը: === Գործունէութիւն === Թորանեան իր մասնագիտական ասպարէզը սկսած է զանազան հանրային կառավարման մարմիններու եւ Արտաքին Գործերու նախարարութեան մէջ: === Գործունէութիւն === Անուշ Թորանեանը Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Ֆրանսայի գրասենեակի տնօրէնն է, տարիներ շարունակ պայքարած է հայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ Հայաստանի, Արցախի զարգացման համար: == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Անուշ Թորանեան ընտրուած է Փարիզի 15-րդ վարչական շրջանի ղեկավար
22,749
Իոանինա
Իոանինա կամ Եանենա (յուն. ՝ Γιάννενα կամ Γιάννινα), Իփիրոս, Յունաստան։ Արեւմտեան Յունաստանի՝ Իփիրոս եւ դրացի արեւմտեան Մակեդոնիոյ շրջանային միաւորներուն ամենամեծ քաղաքն է ։ == Հակիրճ տեղեկութիւններ == Իոանինայի կլիման անձրեւոտ է։ Քաղաքը բոյսերով եւ լեռներով ծածկուած տեղ մըն է եւ կը գտնուի Հիւսիսային Իփիրոսի շրջանը։ Իոանինայի Փամվոթիտա (յուն.՝ Παμβώτιδα) լիճը որ կը գտնուի քաղաքին մէջ, իւրայատուկ գեղեցկութեամբ վայր մըն է։ Բնակչութեան թիւը 65 574 է։ Պատմութեան մէջ, 1821ին յունական ապստամբութեան ժամանակ, Ալի Փաշան (շրջանի օսմանցի կառավարիչը) կը բնակէր Իոանինայի լիճին մէջ եղող կղզիին վրայ։ Մինչեւ այսօր կայ իր տունը, ուր կրնանք այցելել։ Նաեւ Իոանինայի Իջ Քալէին մէջ (յուն.՝ Ίτς Καλέ) Ալի Փաշայի այլ մէկ բնակարանին մնացորդացը կայ։ Իոանինա ունի բազմաթիւ տեսարժան վայրեր, ուր կ՚արժէ այցելել․ինչպէս օրինակ՝ Իոանինայի բերդը, Տոտոնի թատրոնը եւ Վրելիի մոմէ կերպաններու թանգարանը։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
3,230
Քլէյ Թոմսըն
Քլէյ Ալէքսանտր Թոմսըն (8 Փետրուար 1990(1990-02-08), Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի արհեստավարժ պասքէթպոլիստ։ Ներկայիս կը խաղայ Պասքէթպոլի Ազգային հաւաքականի (NBA) «Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ» ակումբի մէջ, որպէս յարձակող պաշտպան եւ թեթեւ յարձակող։ Ծնած է Լոս Անճելըսի մէջ, մանկութիւնը անցուցած է Լադերա Ռանչ բնակավայրը (Գալիֆորնիա նահանգ)։ Յաճախած է Րէնչօ Սանդա Մարկարիթայի մէջ գտնուող «Սանդա Մարկարիթա» աւագ դպրոցը։ Դպրոցի աւարտական տարին Թոմսընը միջինը կը բերէ 21 կէտ, որու օգնութեամբ խումբը մրցաշրջանին ունեցած է 30 յաղթութիւն եւ ընդամէնը 5 պարտութիւն, որու շնորհիւ ալ դուրս եկան նոյնիսկ նահանգային առաջնութեամբ։ Նահանգային առաջնութեան ժամանակ Թոմսըն կը սահմանէ խաղային մրցանիշ՝ մէկ հանդիպման ընթացքին իրականացնելով եօթ 3-կէտնոց նետում։ Դպրոցը աւարտելով 2008 թուականին՝ Թոմսըն կ'ընդունուի Ուաշինկթընի նահանգային համալսարան։ Համալսարանի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տարիներուն Թոմսընը միջինը կը բերէ համապատասխանաբար 12, 5, 19, 6 եւ 21, 6 կէտ։ Ընտրուած է NBA-ի 2011 թուականի տրէֆթի առաջին ռաունտի 11-րդ ընտրութեամբ՝ «Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ»ի կողմէ։ 2014 թուականին խաղընկեր Սթէֆըն Քըրիի հետ (միասին յայտնի որպէս «Սփլէշ եղբայրներ», "Splash Brothers") սահմանիշ սահմանած է ընդամէնը 3-կէտնոց նետումներու ասպարէզին մէջ (484)։ 2015 թուականին, «Ուորիըրզ»ի կազմին ճանչցուած է NBA-ի ախոյեան։ Թոմսընի հայրը՝ Մայքըլ Թոմսընը ժամանակին խաղացած է NBA-ի՝ «Լոս Անճելըս Լեյքըրզ» ակումբէն 1987 եւ 1988 թուականներուն դառնալով NBA-ի ախոյեան։ == Ուսանողական Ասպարէզ == Թոմսըն աւարտած է «Սանթա Մարկարիթա» կաթոլիկական դպրոցը, որ կը գտնուի Գալիֆորնիա նահանգի համանուն քաղաքի մէջ։ Դպրոցը աւարտելէ ետք 3 մրցաշրջան անցուցած է Ուաշինկթընի նահանգային համալսարանի պասքէթպոլային հաւաքականի մէջ։ 2008-09 մրցաշրջանին Թոմսըն անցուցած է 33 հանդիպում՝ մանրայատակի վրայ միջինի մէջ անցուցած է 33 վայրկեան եւ արձանագրելով 12 կէտ, 4 արգելափակում, 1 խլում, 2 արդիւնաւէտ փոխանցում եւ 1 կորուստ։2009-10 մրցաշրջանին Թոմսըն անցուցած է ընդամէնը 3 հանդիպում՝ միջինի մէջ խաղալով 35 վայրկեան եւ գրանցելով 20 կէտ, 5 արգելափակում, 1 խլում, 2 արդիւնաւէտ փոխանցում եւ ունենալով ընդամէնը 3 կորուստ։2010-11 մրցաշրջանում Թոմսըն անցուցած է 34 մարզական հանդիպում՝ մանրայատակի վրայ միջինի մէջ անցընելով 35 վայրկեան եւ գրանցելով 21 կէտ, 5 արգելափակում, 1 խլում, 4 արդիւնաւէտ փոխանցում եւ ունենալով ընդամէնը 3 կորուստ։ == NBA-ի Ասպարէզը == Ընտրուած է 2011 թուականի NBA տրէֆթի առաջին ռաունտի 11-րդ ընտրութեամբ «Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ» ակումբի կողմէ։NBA-ի մէջ անցուցած առաջին մրցաշրջանին Թոմսընը մանրայատակի վրայ միջինի մէջ կ'անցընէր 24 վայրկեան, եւ իր հաշուին գրանցելով 12 կէտ, 2 արգելափակում եւ 2 փոխանցում։ Մեկնարկային մրցաշրջանի բարձրագոյն արդիւնքը Թոմսըն կ'ունենայ «Սաքրամենթօ Քինկզ» ակումբի հետ խաղին, որու ժամանակ հաշուին կը գրանցէ 31 կէտ։ Ընդհանուր առմամբ, Թոմսընը մեկնարկային մրցաշրջանին 10 անգամ հաւաքած էր 20-էն բարձր միաւոր։ 2015 թուականի Յունուարին Թոմսընը NBA-ի նոր մրցանիշ կը սահմանէ «Սաքրամենթո»յի հետ հանդիպման ժամանակ՝ մէկ խաղակէսի ընթացքին հաւաքելով 37 կէտ։ Հանդիպման երրորդ խաղափուլին Թոմսըն արդիւնաւէտ կերպով կ'արձակէ 13 նետում։ Հանդիպման աւարտին Թոմսըն իր հաշուին կը գրանցէ ասպարէզի բարձրագոյն՝ 52 կէտ։ == Ծանոթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Էջը NBA.com կայքում Էջը Պասկեթպոլ-ռեֆերանսում ESPN էջը
20,329
2001 թուական
2001 թուական, Ի․ դարու առաջին տարին 2001․ Կամաւորութեան Միջազգային Տարի եւ Մ․Ա․Կ․ Մշակոյթներու Երկխօսութեան Տարի == Դէպքեր == ==== Անծանօթ ամսաթիւ ==== Քեֆալոնիա կղզիին մէջ կ՛արտադրուի «Հրամանատար Քորելլիին մանտոլինը» Captain Corelli's Mandolin ժապաւէնը․ գլխաւոր դերակատարներն են՝ Նիքոլաս Քէյճ եւ Փինելոփէ Քրուզ ==== Յունուար ==== 1 Յունուար․ Յունաստան մաս կը կազմէ Եուրօգօտիին։ == Ծնունդներ == == Մահեր ==
3,883
Հայկազեան Ազգային Վարժարան
Հայկազեան ազգային վարժարան, հայկական կրթական հաստատութիւն Հալէպի մէջ (Սուրիա)։ == Պատմութիւն == Հիմնուած է 1850-ական թուականներուն, Հալէպի մէջ (Սուրբ Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ բակին մէջ)։ 1876-էն կոչուած է Ներսէսեան, 1919-էն՝ Հայկազեան։ Աղջկանց բաժինը կը գործէր 1950-ական թուականներուն եկեղեցւոյ կից կառուցուած շէնքին մէջ, որ ընդհանրապէս նեղ կու գար, քաղաքի կեդրոնական թաղերուն` Ազիզիէի, Սալիպէի, Նայեալի եւ Սուլէյմանիէի բնակիչներու զաւակներուն : Պետութեան կողմէ 1967 թուականին սեփական վարժարաններու մասին հաստատուած օրէնքէն ետք, Հայկազեան վարժարաններու երեք արտօնագիրները պահպանելու հեռանկարով, միւս կողմէ` ամբողջական եւ արդիական նոր կառոյցի մը երազը իրագործելու դժուարութիւններուն պատճառով, առժամեայ լուծումներէն էր Նայեալի շրջանին մէջ հոգեւոր եղբայրակցութեան «Կենաց» վարժարանի գնումը, որ յատկացուեցաւ` որպէս տղոց բաժին: ։ == Ներկայ == Այժմ բարձրագոյն նախակրթարան է։ Աղջիկներու (տնօրենուհի՝ օրիորդ Ֆ․ Տեր-Յակոբեան) եւ տղաներու (տնօրէն՝ պարոն Հ․ Յակոբեան) բաժինները տեղաւորուած են առանձին, տարբեր թաղամասերու մէջ։ Հայկազեան ազգային վարժարանը կ՝ առաջնորդուի սուրիական պետական ուսումնական ծրագրով։ Ուսուցումը արաբերէն է․ մայրենի լեզուով կ՝ աւանդուին հայոց լեզու եւ կրօն։ Կը պահուի աշակերտներու կրթավարձով, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան եւ բարեգործական այլ կազմակերպութիւններու յատկացումներով։ Տարեկան կ՝ ունենայ 80-100 շրջանաւարտ։ Սերտ կապերու մէջ Հայաստանի հետ, ուրկէ կը ստանայ դասագիրքեր, ձեռնարկներ, պարբերականներ եւ այլ գրականութիւն։ Աշակերտներու ընդհանուր թուաքանակը (արական, իգական եւ մանկապարտէզ) 1999 թուականին 1060 էր։
22,177
Իսաղոկի
Իսաղոկի (Յունարէն՝ Εἰσαγωγή) կամ «Ներածութիւն», նաեւ ծանօթ է «Ներածութիւն Պորփիւրի» կամ «Ներածութիւն Ստորոգութեանցն Արիստոտէլի» անունով։ Գրուած է ազգութեամբ Արամեացի (Սրեանի բայցն դեռ ոչ Քրիստոնեայ) Պորփիւր Տիւրոսեցիի (Սուր, صور Քաղաքը) գրիչով Սիցիլիոյ մէջ, այդ ժամանակուան գերիշխող Յունարէնով։ Անոր մահուընէն ետք, մէկ հազարամեակ շարունակ եղած է Տրամաբանութեան դասական դասագիրք։ Այս աշխատութիւնը կը բովանդակէ չափազանց ազդեցիկ դասակարգային կարգաւորում մը «Ցեղ»ին եւ «Տեսակ»-ին (կենսաբանական), սկսած ընդհանուր արմամբ «Նիւթ»-էն, հասնելով «Անհատ»-ին, «Պորփիւրեան Ծառ» անունով այս ներածումը կը յիշատակէ «Ընդհանրականներու» խնդիրները (Բնազանցութեան կամ Մեթաֆիզիքայի մէջ «Ընդհանրականներն» այն բաներն են որոնք հասարակ-հայտարար ունին, կամ կրկնուող ենթականեր են, որոնք կրնան դրսեւորուիլ շատ մասնաւոր բաներով): Պոէտիոսի Լատիներէն թարգմանութիւնը միջնադարուն Եւրոպական դպրոցներուն ու համալսարաններուն մէջ դարձաւ դասական դասագիրք, ճանապարհ յարթելով միջնադարեան փիլիսոփայա-Աստուածաբանական զարգացումներու՝ տրամաբանութեան եւ «Ընդհանրականներու խնդիրներուն» հետ կապուած։ Բազում գրողներ, ներառիալ Պոէտիոսը, Աւերոսը (Իպ-Րուշտը, ابن رشد) Եօհանէս Տունս Սքօթը, Փիեր Ապելարտը եւ այլք մեկնաբանած են այս գիրքը։ Այլք՝ ինչպէս Ուիլլիամ Օքքամեցին ներառած են զայն իրենց տրամաբանութեան դասագիրքերուն մէջ։ Մեր՝ Հայոց մեծ փիլիսոփան՝ Դաւիթ Անյաղթը անիկա վերլուծած է իր «Վերլուծութիւն ներածութեանն Պորփիւրի» գիրքին մէջ։ == Տարբերակներ == Ամէնահին Լատիներեն Թարգմանութիւնը, որն այլեւս գոյութիևն չունի, կատարուած էր Մարիոս Վիքթօրնիոսի կողմէն, չորորդ դարին, որուն վրայ Պոէտիոսը ծանրապէս ապաւինած է, իր թարգմանութիւնը ըրած ատեն։ Իսկ Ասորերէնի (Սրիաներէն նաև Արամերէն եւ ոչ թէ հին Ասորէստաներէն) առաջին թարգմանութիւնը կատարուած է եօթերորդ դարուն Ասորի ուղափառ Առաքելական եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Աթանասիոս Պալատեցիի կողմէն։ Վաղ Հայերէն թարգմանութիւն մըն ալ գոյութիւն ունի։Ներածութիւնը կամ Իսաղոկին Արաբերէի թարգմանուեցաւ Իպն Ուլ-Մուքֆֆաի գրիջով, իր Ասորերէն (Սրիանի) տարբերակէն։ Իր Արաբերէնացուած անուան տակ Իսաղոճին (إيساغوجي) երկար ժամանակ հանդիսացաւ դասական սկզնաւորական բնաբան մը Իսլամական աշխարհին մէջ, ու մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Աստուածաբանութեան, Փիլիսոփայութեան, Քերականութեան, եւ օրէնսգիտութեան ուսման վրայ։ Բացի այս աշխատանքին յարմարացումներէն եւ համառօտութիւններէն, Մուսուլման փիլիսոփաներու տրամաբանութեան մասին կատարած շատ մը անկախ աշխատութիւններ կրած են նոյն Իսաղոճի σῠμβεβηκός(إيساغوجي) անունը։ Պորփիւրի կամ ինչպէս Արաբերէն զայն կ'անուանէն Ֆէրֆերիոսի (فرفوريوس) «Դիպուած»-ի (Լատ․՝ Accidentia Յուն․՝ συμβεβηκός) քննութիւնը, «Դիպուած»-ի եւ «Էութեան» վերաբերող երկարաձիգ բանավէճ մը բռնկեց։ == Ստորոգելիները == Ստորոգելիները (Լատ․՝ praedicabilis, Այն բաները որոնք կարող են հաստատուիլ կամ կանխատեսուիլ, ատեններ կը կոչուին՝ «Հինգ բառեր»), դասական (Արիստոտէլեան) տրամաբանութեան մէջ գործածուող եզրոյթ է, զորս կը գործածուի հնարաւոր յարաբերութիւններու Դասաւորումին, ու Ստորոգելին անոր ենթական կրնայ հադնիսանալ։ Միջնադարեան վարժապետերու կողմէ դրուած, եւ ընդհանուր արմամբ արդի տրամաբաններու կողմէ որդեգրուած ցանկը հիմնուած է Արիստոտէլի բուն քառածալք դասաւորումին վրայ՝ Սահմանում (όρος՝ Հորօս) Ցեղ (γένος՝կինոս) Բնայատկութիւն (ῐ̓́δῐον՝ Իտիոն) Դիպուած (σῠμβεβηκός՝ Սամպէպէքոս)։ Դասական-Արիստոտէլեան դասաւորումը Իսաղոկիի մեզ հասած Պոէտիոսի տարբերակին մէջ փոփոխուած է՝ «Տարբերական»-ն (διαφορά՝ Տիաֆորա) ու «Տեսակ»-ը (εἶδος՝ Էիտոս) փոխարինած են «Սահմանում»-ին (όρος՝ Հորօս)։ == Պորփիւրեան Ծառը == Միջնադարեան դասագիրքերուն մէջ, ամէնակարեւորը համարւող «Պորփիւրեան Ծառը» կը լուսաբանէ անոր «նիւթին» տրամաբանական սահմանումը։ Մինչ օրս, Դասաբանութիւնը կ’օգտուի Պորփիւր-ի ծառի սկզբունքներէն: == Ծանօթագրութիւններ ==
19,212
Մոխրենես
Մոխրենես, գիւղ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հադրութի մէջ: Կը գտնուի հանրապետութեան հարաւային հատուածին մէջ, կեդրոնէն 28 քմ հեռաւորութեան վրայ, իսկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն՝ 61 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Համայնքը լեռնային է, ունի 1117,48 հա տարածք, որմէ 347,75 հա-ն գիւղատնտեսական տարածք է, իսկ 743,58 հա-ն՝ անտառային հողեր։ == Բնակչութիւն == Մոխրենես համայնքը ունի 180 բնակիչ։ Բնակչութիւնը գլխաւորաբար կը զբաղի գիւղատնտեսութեամբ՝ անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ։ == Պատմամշակութային յուշարձաններ == Համայնքին պատմամշակութային յուշարձաններն են՝ Ս. Սարգիս եկեղեցին (1840), գերեզմանոց (ԺԸ.-ԺԹ.դարեր), խաչքար (Ժ.-ԺԱ. դարեր), «Օխտը դռնի վանք» եկեղեցին (Ե.-Զ. դարեր), ինչպէս նաեւ 21 յուշարձան։ == Մոխրենեսի Օխտը դռնի վանքը == Կը գտնուի գիւղէն 3,5 քմ հիւսիս արեւմուտք, Եուղուսէն լերան անտառապատ լանջին: Վանքին եկեղեցին կառուցուած է Ե.-Զ. դարերուն, կոպտատաշ պազալթ քարով: Ունի քառախորան, չորս անկիւնները երեք քառորդ խորշերով կեդրոնագմբէթ յօրինուածք մը (գմբէթը քանդուած է), որ «Հռիփսիմէատիպ» եկեղեցիներու հնագոյն օրինակ է: Խորանները եւ խորշերը արտաքուստ բոլորաձեւ են, ներքուստ՝ շեշտուած պայտաձեւ, ինչպէս եւ գմթէթարդները: Եկեղեցւոյ հիւսիս արեւմտեան կողմը միանաւ թաղածածկ մատրան աւերակներն են: Պահպանուած են խորանը, պատերուն ստորին շարքերը եւ հիւսիսային մուտքը՝ վաղ միջնադարեան ճարտարապետութեան բնորոշ յենամահիկներով: Վանքին գերեզմանոցին մէջ գտնուող հնագոյն խաչքարը 997-էն է, իսկ եկեղեցւոյ հարաւ արեւմտեան կողմը կանգուն է միաբան Կանտիլիի խաչքարը՝ 1044-էն : == Արտաքին յղումներ == Յակոբ Ղահրամանեան, ՏԵՂԵԿԱՏՈւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչատարածքային միաւորների սոցեալ-տնտեսական բնութագրերի, Երեւան, Ճարտարագէտ, 2015: == Ծանօթագրութիւններ == World Gazetteer - World-Gazetteer.com(անգլերէն) Population of Nagorno-Karabakh Republic (2005)(հայ.)(անգլերէն)(ռուս.)
6,415
Վարակիչ Կակղամորթախտ
Վարակիչ կակղամորթախտը (Molluscum contagiousum) մորթային վարակիչ հիւանդութիւն մըն է։ Անոր յարուցիչը (causative agent) յատուկ ժահր մըն է, որ ունի չորս տարբեր խմբաւորումներ։ Այս ժահրը կը հարուածէ միայն մարդ արարածը եւ անիկա կ'ապրի առաւելաբար խոնաւ, տաք եղանակներուն եւ խճողուած վայրերու մէջ։ Ժահրը կը հարուածէ միայն մորթի մակերեսը, անիկա մարմինին մէջ չի տարածուիր: == Յաւելեալ == Վարակիչ կակղամորթախտը շատ տեսնուած մորթային հիւանդութիւն մըն է։ Անիկա կը պատահի անխտիր բոլոր երկիրներուն մէջ եւ որեւէ մէկ տարիքի՝ առանց սեռի խտրութեան, բայց առաւելաբար մանուկներու՝ 1-10 տարիքներուն միջեւ, տկար վարակամերժողականութիւն ունեցողներու, ձեռքբերովի վարակամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS), մարդկային վարակամերժութեան անբաւարարութեան ժահրով (HIV) տառապողներու եւ քաղցկեղի դարմանումի մէջ գտնուող հիւանդներուն։ Վարակիչ կակղամորթախտը կը յատկանշուի մորթի մակերեսի մէկ կամ մէկէ աւելի վէրքերով՝ թարախափշտիկներով (pustules), որոնք ցաւ չեն պատճառեր, սակայն կրնան յառաջացնել տեղային քերուըտուք։ Քերելով այս վէրքերը կը յառաջանայ երկրորդական բորբոքում, որ պատճառ կը դառնայ մորթի սպիացումին։ Վէրքերը կրնան յայտնուիլ մարմինի որեւէ մէկ բաժինին վրայ, մանաւանդ՝ իրանին (trunk), բազուկներուն, աճուկին (groin) եւ սրունքներուն վրայ։ Շատ հազուագիւտ պարագաներու, անոնք կրնան յայտնուիլ աչքին շուրջը, կոպերուն վրայ եւ բերանի ու քիթի խլնաթաղաթանթին (mucous membrane) վրայ։ Յաճախ այս վէրքերը ջրակոծիծ (water warts) կը կոչուին։ Վէրքերը կ'ըլլան գմբէթաւոր, մորթի գոյն, մարգարիտանման կամ բաց վարդագոյն։ Անոնք կը պարունակեն ճերմակ ճարպաթարախ, ուր կ'ապրին յարուցիչ ժահրերը։ Վէրքերը վարակիչ են մինչեւ որ անհետանան։ Իրաքանչիւր վէրքի մակերեսը կ'ունենայ փոսիկ մը։ Վէրքերուն մեծութիւնը կը տարուբերի գնդասեղի մը գլխու չափէն մինչեւ 5 մմ..: Վարակիչ կակղամորթախտը կը փոխանցուի անձէ անձ ուղղակիօրէն։ Փոխանցումը կ'ըլլայ դպնալով ախտահարուած անհատի վէրքերուն։ Անիկա կը փոխանցուի սեռային յարաբերութեամբ, եթէ վէրքը գտնուի տղամարդոց առնանդամին եւ կիներուն ու աղջիկներուն իգափողին-հեշտոցին (vagina), ամօթոյքին (vulva) վրայ։ Յաճախ վարակուած անհատը քերուըտուքի պատճառով կը քերէ մորթային վէրքերը եւ կը վիրաւորէ զանոնք ու պատճառ կը դառնայ վէրքերուն ժահրերով հարուստ հեղուկի արտահոսումին։ Այս պարագային տեղի կ'ունենայ ինքնավարակում (auto-inoculation), այսինքն նոր վէրքեր կը յայտնուին մարմինի այլ բաժիններուն վրայ։ Այս մէկը կը յառաջանայ դպնալով այդ հեղուկին եւ փոխադրելով թարախոտ հեղուկն ու ժահրերը մատներու միջոցաւ։ Այս թարախոտ հեղուկը կրնայ կեդրոնանալ կամ փոխադրուիլ անհատի սպասներուն կամ մանուկին խաղալիքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց բաղնիքը, աւազանը եւ լոգարանը։ Ուստի, առողջ անձ մը՝ դպնալով այս վարակուած սպասներուն, խաղալիքներուն կամ նոյն բաղնիքը կամ աւազանը գործածելով, կրնայ շատ դիւրաւ վարակուիլ այս հիւանդութեամբ: Վարակիչ կակղամորթախտը, բացի մորթի մակերեսային անցաւ վէրքերէն, հիւանդագին այլ հարցեր չի յառաջացներ։ Վէրքերը ինքնաբերաբար, ժամանակի ընթացքին կ'անհետանան, առանց որեւէ մէկ դեղի գործածութեան։ Վարակիչ կակղամորթախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի պարզապէս տեսնելով բացայայտ եւ յատկանշական մորթային վէրքերը։ Անոր յարուցիչ ժահրը կարելի չէ մշակել։ Սակայն կարելի է վէրքէն կտոր մը վերցնել-կենսահերձում կատարել (biopsy) եւ տեսնել ժահրը։ Վարակիչ կակղամորթախտը յատուկ դեղադարման չունի։ Անոր դէմ պատուաստ ալ չկայ։ Սակայն կան այլ դարմանամիջոցներ, որոնք երբեմն կը կիրարկուին։ Յանձնարարելի է ծածկել վէրքերը, որպէսզի վարակուած անհատը սխալմամբ չդպնայ իր վէրքերուն եւ չվիրաւորէ զանոնք։ Վարակուած մանուկը կրնայ դպրոց երթալ կամ մանկամսուր, պայմանաւ որ վէրքը ծածկուած ըլլայ կապօգնականով (band aid): Այս հիւանդութեամբ վարակուած անհատը ախտամերժութիւն չ'ունենար։ Ան կրնայ երկրորդ անգամ ախտահարուիլ այս հիւանդութեամբ, եթէ ուղղակի հպում ունենայ վարակուած անհատի մը հետ։ Այս հիւանդութեամբ վարակուած անհատը ինքնաբերաբար պէտք է հետեւի կարգ մը կանխազգուշական միջոցներու, ինչպէս՝ ձեռքերը յաճախ լուալ, վէրքերը մաքուր պահել եւ վէրքերը կապօգնականով ծածկել։ Իսկ առողջ մարդիկ, որպէսզի չվարակուին այս հիւանդութեամբ, նմանապէս պէտք է առնեն որոշ կանխազգուշական միջոցներ, ինչպէս՝ վարակուած անհատին հետ հպում եւ սեռային յարաբերութիւն չունենալ, անոր սպասները, անկողինը հագուստները եւ լոգարանը կամ աւազանը չգործածել։ == Տե'ս Նաեւ == Փայծաղ Ականջային Արիւնահոսութիւն Գլխապտոյտ Մանկական Անդամալուծութիւն Ողնայարի Կողմնածռութիւն Ջղային Անախորժակութիւն == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 3 Ապրիլ 2015:
3,592
Խամսայի Մելիքութիւնները
Խամսայի Մելիքութիւններ (Արաբերէն`«խամսա» կը նշանակէ՝ հինգ), Արցախ-Խաչէնի իշխանատոհմերուն ստեղծած զինական դաշնակցութեան անդամ հինգ հայկական իշխանութիւններուն ընդհանուր անունն է, որոնց տարածաշրջանները մօտաւորապէս կը համընկնին ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին (ներառեալ Արցախի եւ Սիւնիքի ազատագրուած տարածքներուն): Արցախի մելիքական տոհմերը անմիջական ժառանգներն ու յետնորդներն էին ուշ-միջնադարու Արցախի աւատական արքաներուն եւ իշխաններուն, որոնց օտար տիրապետողները ԺԵ. դարուն ճանչցուած էին իբրեւ մելիքներ. անոնք մելիքութիւններ էին։ Խամսայի մելիքները յատկապէս հզօր էին ԺԷ. դարու վերջը եւ ԺԸ. դարու սկիզբը, պատմական այդ շրջանին անոնք գլխաւորած են հայ ազգային ազատագրական շարժումը՝ ընդդէմ պարսկական եւ թրքական բռնակալութիւններուն: == Ընդհանուր Տեղեկութիւններ == Մելիքներու իշխանութիւնը շատ երկար տեւած է. Անդրկովկասի մէջ անոնք իշխած են մինչեւ ռուսերու տիրապետութեան հաստատուիլը: Խամսայի մելիքութիւնները կը բաղկանային հինգ փոքրիկ գաւառներէ, որոնք իրարու սահմանակից ըլլալով կը կազմէին ամբողջ նահանգ մը, որ այժմ կը կոչուի Ղարաբաղ, իսկ մեր պատմութեան մէջ ծանօթ է Արցախ կամ Փոքր Սիւնիք անունով: Աւելի առաջ, անիկա աղուաններու աշխարհին մէկ մասն էր: Յիշեալ հինգ գաւառները հետեւեալներն են.- Ա.- Կիւլիստան (Գիւլիստան) կամ Թալիշ․ կը սկսի Քիւրակչայ գետէն, այսինքն Գանձակի սահմաններէն, եւ կը տարածուի մինչեւ Թարթար գետը: Իշխանանիստը Թալիշն էր, որոնց մելիքութիւնը կը կոչուէր նաեւ Թալիշի մելիքութիւն, կամ Կիւլիստան (Գիւլիստան), (գլխաւոր ամրոցը, որ ներկայիս գրեթէ անխաթար է): Իշխող գերդաստանը Մելիք- Պէգլարեաններն էին: Բ.- Ջրաբերդ կամ Չարաբերդ․ կը սկսի Թարթառ գետէն եւ կը տարածուի մինչեւ Խաչէն գետը: Իշխողներն էին, Խաչէնի իշխանական տան մէկ ճիւղէն՝ Հասան-Ջալալեաններէն ընձիւղուած Մելիք-Իսրայէլեանները, իսկ աւելի ուշ (ԺԹ. դարուն) մելիք Աթաբեկեանները: Գ.- Խաչէն․ կը սկսի Խաչէն գետէն եւ կը տարածուի մինչեւ Բալլու-չայ գետը: Իշխանանիստը Թարխանաբերդն էր: Դ.- Վարանդա, կ'ընդգրկէր Կարկառ գետին հովիտը․ կը սկսի Բալլու-չայ գետէն եւ կը տարածուի մինչեւ Դիզափայտի լեռնային գօտին: Իշխողներն էին Մելիք-Շահնազարեանները, իշխանանիստը՝ Աւետարանոց բերդ-աւանը: Ե.- Տիզակ կամ Դուզախ․ կը սկսի Դիզափայտի լեռներէն եւ կը տարածուի մինչեւ Երասխ գետը: Խուդափերինի կամուրջին մօտ: Նստավայրն էր Տող աւանը, իշխողները՝ առանշահիկ նախարարական-իշխանական տան ժառանգորդ Եսայի Ապու-մուսայի յետնորդները՝ Մելիք-եկանեանները եւ (Մելիք-Աւանեաններ)ը: Երկիրին անմատչելի դիրքը կը նպաստէր, որ դժուար ժամանակներու փոթորիկներէն պահպանուի հայոց այս իշխանութիւնը: Վայրենի բնութիւնը, դարաւոր խուլ անտառներով պատուած հսկայ լեռները եւ անդնդախոր ձորերու մթութիւնը ստեղծած էին ժողովուրդ մը, որ զինք շրջապատող ժայռերուն նման ամուր կուրծք եւ իր անտառներուն գազաններուն նման, քարանձաւներուն խորքը, գետնին տակ, կը սնանէր իր անտառներուն պտուղներով, իր անասուններուն բարիքներով եւ գազանի նման թաքստոցին մէջէն յարձակումներ կը գործէր, երբ թշնամին կը յանդգնէր խանգարել իր խաղաղութիւնը: == Մելիքութիւններուն Իրաւաքաղաքական Դրութիւնը == Ըստ ձեռագիր ու վիմագիր աղբիւրներու, յիշեալ մելիքական տուները Արցախ-խաչէնի իշխանական տան շառաւիղներն էին, որոնք ԺԶ. դարու սկիզբէն հանդէս կու գային մելիք տիտղոսով, եւ որոնց իշխանութիւնը՝ մելիքական իրաւունքները, աւելի կը կանոնաւորուի պարսից շահ Աբբաս Ա.-ի օրով՝ 1603-էն սկսեալ: Իւրաքանչիւր մելիքութեան մէջ վարչա-քաղաքական միանձնեայ գլխաւորը մելիքն էր, իսկ զինական գործերը կը տնօրինէին հիմնականին մէջ Եուզպաշի-հարիւրապետերը, որոնք սովորաբար կը նշանակուէին մելիքական տան անդամներէն: Խամսայի մելիքութիւններուն զօրաւար-հարիւրապետերը եռանդով գործունէութիւն կը ծաւալեն յատկապէս ԺԸ. դարու սկիզբը, ազատագրական շարժումներուն ընթացքին: Իսրայէլ Օրիի բանակցութիւններով յառաջացած եւ անոր գործակից, Գանձասարի կաթողիկոս Եսայի Հասան-Ջալալեանի անմիջական ղեկաւարութեամբ բորբոքած ռուսական կողմնորոշումը ոգեւորած էր Խամսայի մելիքութիւններուն զինական ուժերը, որոնք 1720-էն արդէն ազատագրական մարտեր կը մղէին պարսկական եւ թրքական բռնագրաւիչներուն դէմ: === Մելիքներուն Նստավայրերը === Գիւլիստանի մելիքին ամրոցը կը գտնուէր Գիւլիստան գիւղին մօտ, անմատչելի լերան մը գագաթին վրայ, այլ ամրոց մըն ալ ունէր Թալիշ աւանին մօտ, Հոռեկաւանքին դիմաց: Ջրաբերդի մելիքին ամրոցը կը գտնուէր Թարթառ գետի ափին, Երիցմանկանց վանքին դիմաց: Այդ բերդը գրեթէ ջուրի մէջ կանգնած ըլլալով կոչուած է Ջրաբերդ եւ իր անունը տուած է ամբողջ գաւառին: Խաչէնի մելիքներուն բերդերը կը գտնուէին Խաչէն գետին մօտ: Անոնցմէ մէկը կանգնած է Գանձասարի հռչակաւոր վանքին դիմաց, բարձր, անտառապատ լերան մը գագաթին եւ կը կոչուի Թարխանաբերդ (Խոխանաբերդ): Այս բերդին մէջ է, որ ԺԳ. դարու սկիզբը, Հասան-Ջալալ իշխանը կը պաշտպանուէր թաթարական արշաւանքներէն: Ուրիշ բերդ մը, նոյն գաւառին մէջ, կը գտնուի Ս. Յակոբ վանքին դիմաց եւ կը կոչուի Կաչաղակաբերդ, որովհետեւ միայն կաչաղակները կրնան բարձրանալ մինչեւ անոր գագաթը, որ կը կորսուի ամպերուն մէջ: Վարանդայի մելիքին ամրոցը կը գտնուէր Չանախչի (Աւետարանոց) աւանին մէջ: Տիզակի մելիքին ամրոցը կը գտնուէր Տող աւանին մէջ, Գտիչի վանքին դիմաց:Այդ երկիրին մէջ, վանքերուն դիմաց կային իշխանական ամրոցները: Խաչին միացած էր սուրը: === Մելիքներուն Իշխանութիւնը === Մելիքներուն իշխանութիւնը Ժառանգական էր. հօր մահէն ետք կը տիրէր անդրանիկ որդին եւ կը կոչուէր մելիք, իսկ միւս եղբայրները կը կոչուէին բէկ: Օրէնքի փոխարէն տիրողին կամքը եւ պահպանուած ժողովրդական սովորութիւններն էին, որոնք կը կառաւարէին երկիրը: Մելիքները ունէին անսահման իրաւունքներ իրենց հպատակներուն վրայ՝ զանոնք դատելու, պատժելու, նոյնիսկ մահուան դատապարտելու: Մելիքները թէ՛ քաղաքական շահերով եւ թէ խնամիական կապերով միացած էին իրարու եւ այդպիսով խամսայի իշխանութիւնները կը կազմէին դաշնակցային միութիւն մը: Պատսպարուած իրենց անմատչելի լեռներուն եւ մութ անտառներուն մէջ, անոնք ոչ մէկ օտարականի թոյլ կու տային բնակիլ իրենց գաւառներուն մէջ. ամբողջ Ղարաբաղի ազգաբնակութիւնը բաղկացած էր միայն հայերէ: == Խամսայի Մելիքութիւններուն Դաշնութեան Քայքայումը == Խամսայի Մելիքութիւններուն դաշնակցային միասնութիւնը չի դիմանար ժամանակի փորձութիւններուն: Միասնութիւնը կը խաթարուի ներքին երկպառակութիւններէն, որոնք կը սկսին Վարանդայի մելիք Յովսէփին կրտսեր եղբօր՝ Մելիք Շահնազար Բ.-ի, անմարդկային արարքով: Յարձակելով Մելիք Յովսէփին տան վրայ եւ սպաննելով զինք եւ ոչնչացնելով անոր ընտանիքը՝ կը տիրանայ Վարանդային եւ կը սկսի դաշնակիցներ փնտռել՝ իրեն դէմ համախմբուած միւս մելիքներուն պատիժէն խուսափելու համար: Ինքնակոչ Մելիք Շահնազար Բ.-ի այս քայլէն մեծապէս կ'օգտուի վաչկատուն թուրք ճիւանշիր ցեղի ճիւղի մը՝ Սարըճալըներու ցեղապետ Փանահը, որ կ'որոշէ նստակեաց դառնալ եւ հիմնել մեծ իշխանութիւն մը: Անոր նախկին փորձերը՝ ամրանալու Դաշտային Արցախի Պայաթ վայրին մէջ, ապա՝ Արցախի հին Տիգրանակերտի (թառնագիւտ կամ թարանակիւրտ) աւերակներուն մէջ, ձախողութեան կը մատնուին՝ հարեւան իշխանութիւններուն, յատկապէս՝ Կիւլիստանի, Ջրաբերդի եւ Խաչէնի մելիքներու պարբերական յարձակումներուն պատճառով: Վերջիններս, կռահելով Փանահի ծրագիրները, կը ջանային թոյլ չտալ անոր իրենց սահմաններուն մէջ հաստատուելու: Սակայն մելիք Շահնազար կը շտապէ օգտուելու Փանահի ներկայութենէն՝ անոր առաջարկելով իր տարածքին մէջ գտնուող Շոշ կամ Շոշուա-քար (ներկայիս Շուշի քաղաքը) բերդ-ամրոցը: 1740-ական թուականներուն Շոշու բերդ փոխադրուելով՝ Փանահ, Մելիք Շահնազարին գործօն աջակցութեամբ կը հիմնէ առաջին այլակրօն եւ այլացեղ իշխանութիւնը Արցախ-Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Ապա ինքզինք Ղարաբաղի խան հռչակելով՝ ձեռնամուխ կ'ըլլայ անոր իրականացման. հպատակեցնելու եւ հարկատու դարձնելու համար, յարձակումներ կը սկսի Խամսայի մելիքութիւններուն վրայ, եւ երբ առաջին փորձերը կը ձախողին, կը դիմէ խարդաւանքի ու դաւերու: Անոր քաղաքականութիւնը կը շարունակէ որդին՝ Իպրահիմ խանը, որուն չընդմիջուող յարձակումները, կոտորածներն ու աւարառութիւնները կը ջլատեն Խամսայի մելիքութիւններուն ուժերը: Ջրաբերդի եւ Կիւլիստանի (Գիւլիստան) մելիքները իրենց բազմաթիւ հպատակներով կը գաղթեն Գանձակի կողմերն ու Վրաստան` փնտռելով հայրենի տարածքներէն հեռու Ղարաբաղի փրկութեան ճանապարհը, իսկ Դիզակ մելիքին փորձերը` պարսից շահին միջոցով կամ ռուսական արքունիքին օգնութեամբ սանձահարել Շոշիի բռնատէրը, ապարդիւն կ'անցնին: Իպրահիմ խան անհնազանդ մելիք Եկանի տոհմին կէսը բռնութեամբ կը մահմետականացնէ, հիմը դնելով թրքացած Մելիք-ասլանովներու տոհմին: == Խամսայի Մելիքութիւններուն Քաղաքական Դրութիւնը Մինչեւ Ռուսական Նուաճումները == Այսու ամենայնիւ, Խամսայի մելիքութիւններու տէրերու ջանքերը զուր չեն անցնիր, մանաւանդ ԺԸ. դարու վերջին քառորդին, երբ անոնց ազատասիրական պայքարները կը գլխաւորէր Յովհաննէս Հասան-Ջալալեան կաթողիկոսը: Անոր գործունէութիւնը, միաւորուած Խամսայի մելիքութիւններուն ու հարեւան միւս մելիքներուն, ինչպէս նաեւ Յովսէփ Էմինի, Յովսէփ Արղութեանի ու Լազարեաններու եռանդուն ջանքերուն, լայն հունի մէջ կը դնէ ռուս-հայկական յարաբերութիւնները՝ հաստատուն հիմք ստեղծելով Արեւելեան Հայաստանը պարսկական լուծէն ազատագրելու եւ Ռուսիոյ միացնելու համար: Խամսայի մելիքութիւններուն իշխանութիւնը վերջնականապէս կը վերցուի ԺԹ. դարու կէսերուն, Արեւելեան Հայաստանը Ռուսիոյ միանալէն (1828) ետք: Ջրաբերդի մելիքութեան վերջին Մելիք-Վանի Աթաբեկեանը, հակառակ Ռուսաստանի մատուցած իր բազմաթիւ ծառայութիւններուն, 1853-ին կը զրկուի իր իշխանութենէն եւ Կուսապատի շրջակայքին մէջ գտնուող տարածքներէն: Նախկին մելիքներուն ժառանգները կը մտնեն ռուսաց ծառայութեան մէջ՝ ճանչցուելով իբրեւ տոհմիկ ազնուականներ: == Ղարաբաղի երկու կաթողիկոսութիւները == Ղարաբաղի իրար հակադրուած կաթողիկոսութիւններէն մէկուն կեդրոնն էր Գանձասար վանքը իսկ միւսինը՝ Երիցմանկանց վանքը: Անոնք բաւական մեծ դեր ունեցած են Ղարաբաղի հայկական իշխանութիւններուն կործանման մէջ: Աղուաններու կաթողիկոսութիւնը, Գրիգորիսի (Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռան) օրերէն սկսեալ, աւանդական կերպով կը շարունակուի մինչեւ 1828: Այդ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները կ'ապրէին աղուաններու աշխարհի զանազան վանքերուն մէջ, իսկ վերջին շրջանին, անոնք կը հաստատուին Ղարաբաղի Խաչէն գաւառի Գանձասար վանքին մէջ: Խաչէնը Հասան-Ջալալեան իշխաններուն ժառանգութիւնն էր. կաթողիկոսներն ու մելիքները կ'ընտրուէին նոյն տոհմէն: 1651-ին, Խոտորաշէնցի Սիմոն անունով մէկը (Հասան Ջալալեաններու տոհմէն չէր, այլ քահանայի մը որդին էր) Մռաւ լերան ձորերէն մէկուն մէջ կը հիմնէ վանք մը, Երիցմանկանց անունով եւ կը դառնայ այդ վանքին կաթողիկոսը: Իրմով կը սկսի նոր եւ Գանձասարի կաթողիկոսութեան հակադրուած կաթողիկոսութիւն մը: Այս երկու վանքերը իրարու մօտ կը գտնուէին, սակայն մէկը կը գտնուէր Խաչէն գաւառին մէջ, իսկ միւսը՝ Ջրաբերդ գաւառին: Երիցմանկանց վանքին կաթողիկոսներուն աթոռակալութիւնը կը տեւէ 1651-էն մինչեւ 1800-ի վերջը: Այդ ժամանակամիջոցին էր որ արթնցած էին Ղարաբաղի մելիքներուն անկախութեան ձգտումները․ անոնք կը բանակցէին ռուսերուն հետ, կը պատերազմէին պարսիկներուն եւ օսմանցիներուն դէմ: Իսկ կաթողիկոսները զբաղած էին իրենց ներքին հարցերով: Վերջիններս ունէին իրենց համակիրները եւ այդ պատճառով ալ ներքին պառակտումը իր անդրադարձը կունենայ թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ մելիքներուն վրայ: Սակայն անոնց մէջ եւս կային օրինաւոր մարդիկ, ինչպէս՝ Եսայի եւ Ներսէս կաթողիկոսները, որոնք մելիքներուն միացած, կը գործէին հայրենիքի փրկութեան համար: == Զինուած ուժեր == Արցախի մելիքները իրաւունք ունէին զինուած ուժեր ունենալու։ Զինուորները կը հաւաքագրէին իրենց տիրոյթներուն բնակիչներէն, որոնց թիւը կը տարուբերէր։ Իւրաքանչիւր ընտանիք մելիքին կարգադրութեամբ պարտաւոր էր յատկացնելու մէկ զինուոր, իսկ խիստ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ բոլոր տղամարդիկ պէտք էր զէնք վերցնէին։ Անոնք պարտաւոր էին ապահովելու իրենց անձնական զէնքերն ու ձիերը, սակայն եթէ ընտանիքը չքաւոր էր, ապա սպառազինութիւնը կ'ապահովէր մելիքը։ Բացի ժամանակաւոր զօրքէն, մելիքները կը պահէին շուրջ 300 զինուորներէ կազմուած թիկնազօր մը, որոնք կը ծառայէին մշտական հիմունքներով։ Մելիքը կը հանդիսանար իր զօրքին գլխաւոր հրամանատարը։ Զօրքին առանձին ստորաբաժանումները կը գտնուէին հարիւրապետերու հրամանատարութեան ներքոյ։ Հարիւրապետի կոչումը ժառանգական էր, սակայն յատուկ պարագաներու մելիքին կողմէ անիկա կը շնորհուէր պատերազմներու ընթացքին լաւագոյնս հանդէս եկած զինուորներուն։ Մելիքներուն զօրքը ուժի եւ ապահովութեան գրաւական կը հանդիսանար։ Մելիքներուն զօրքին թիւը կը բարձրանայ 1720-ական թուականներուն, երբ տեղի կ'ունենան հայ ազատագրական կռիւները։ == Խամսայի Մելիքութիւնները Գեղարուեստական Գրականութեան Մէջ == Րաֆֆի, «Խամսայի Մելիքութիւնները», Երկերի ժողովածու, հ.10, Երեւան, 1964 Ապրէս Բեկնազարեան (Մակար Բարխուդարեանց), «գաղտնիք Ղարաբաղի», Ս. Փեթերսպուրկ, 1886 Առաքել Վարդապետ, «դիզակի մելիքութիւնը», Վաղարշապատ, 1913 (Նիւթեր հայ մելիքութեան մասին, պրակ 1) Լէօ, «Մելիքի աղջիկը» == Պատմագիտական Երկեր == Լէօ, Երկերի ժողովածու, հ. 3, գիրք 2, Երեւան, 1973 Կարապետ եպիսկոպոս (Տէր-մկրտչեան Կ.), Դոփեանք եւ Մելիք Շահնազարեանք, Էջմիածին, 1914 (Նիւթեր հայ մելիքութեան մասին, պրակ 2) Պօղոսեան Ֆ., Խամսայի մելիքներու իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն մասին, «բհա», 1966, N 1 Դիւան հայ վիմագրութեան, Պրակ 5. Արցախ: Կազմ.` Ս. Գ. Բարխուդարեան: ՀՍԱՀ ԳԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտ: Երեւան, ՀՍԱՀ ԳԱ հրատ., 1982: Արտակ Մաղալեան, «Արցախի մելիքութիւնները եւ մելիքական տները ԺԷ.- ԺԹ. դարերուն», Երեւան, 2007 Armen Aivazian, The Armenian Rebellion of the 1720s and the Threat of Genocidal Reprisal. Cyril Toumanoff. Manuel de gռnռalogie et de chronologie pour l'histoire de la Caucasie Chretienne (Armenie-Georgie-Albanie). Rome, 1970. Hewsen, Robert H. "The Meliks of Eastern Armenia: A Preliminary Study." Revue des etudes Armeniennes. NS: IX, 1972, pp.299–301. Hewsen, Robert H (2001). Armenia: A Historcial Atlas. Chicago: University of Chicago Press. ISBN 0-2263-3228-4. == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Լ. Մկրտչեան, «Արցախ - Ղարաբաղը՝ իր անցեալով եւ ներկայով»,«Յեղափոխական Գրադարան», թիւ 4,Աթէնք: Րաֆֆի, «Խամսայի Մելիքութիւնները» (1600-1827), Նիւթեր Հայոց Նոր Պատմութեան համար, Անթիլիաս-Լիբանան, 1998, էջ 10,13, 59-60: Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հ. 5, էջ 8-10։ == Արտաքին յղումներ == Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ Ջրաբերդի Եւ Գիւլիստանի Նուաճումը
17,609
Աքրոփոլիին Թանգարանը
Աքրոփոլիին թանգարանը Յունաստանի ամենակարեւոր հնագիտական թանգարաններէն մէկն է։ Թանգարանը կը հիմնուի պատսպառելու համար բոլոր հնագիտական իրերը որ գտնուած են Աքրոփոլիին սուրբ ժայռին (յոյները այսպէս կը կոչեն) վրայ եւ անոր ստորոտն ու շրջակայքը․ Մինոասեան եւ Միկինէեան քաղաքակրթութիւններուն ժամանակաշրջանէն մինչեւ Բիւզանդական ժամանակաշրջանը։ Նաեւ, թանգարանը կ՛ ընդգրկէ Աթէնքի Հռոմէական եւ Բիւզանդական շրջանէն աւերակներ։ Թանգարանը կը հիմնուի 2003 թուականին, իսկ անոր աշխատանքներուն հետեւութեան եւ լրացումին համար՝ «Թանգարանի Կազմակերպութիւնը» 2008։ Բացումը կը կատարուի Յունիս 20, 2009 թուականին։ Թանգարանի Շինութեան Կազմակերպութեան կը նախագահէ Սելանիկի Արիստոթելեան Համալսարանի Հնագիտութեան Պատուակալ Դասախոս պր․ Տիմիթրի Փանտերմալիս։ == Պատմութիւն == === Հին շէնքը === Աքրոփոլիին վրայ գտնուած հնագիտական իրերը պատսպառելու համար, առաջին թանգարանը կը հիմնադրուի ժայռին հարաւ-արեւելեան ցած մասին, 1865 թ․ 30 Դեկտեմբերին եւ կառուցման աշխատանքները կը վերջանան 1874 թ․։ Ճարտարապետն է՝ Փանաղի Քալքոս եւ թանգարանին առեւելումը արեւելքէն արեւմուտք է։ Կը կառուցուի գրեթէ գետնահաւասար, որպէսզի գեղագիտականօրէն չվնասէ հին յուշարձանները։ 1885-1890 թուականներուն կատարուած հնագիտական պեղումներէն կը յայտնուին քանդակներ, զոր պարսիկները աւերած էին իրենց Յունաստանի երկրորդ ներխուժման ընթացքին՝ Ք․ա․ 480-479 թ․։ 1888 թուականին թանգարանը կ՛ընդարձակուի։ 1953, թանգարանի ընդարձակման աշխատանքները հերթականութեամբ կը սկսին․ ճարտարապետն է՝ Փաթրոքլոս Քարանտինոս։ Հին շէնքին մեծ մասը կը քանդուի եւ նորը կը կառուցուի։ 1956, առաջին սրահները կը բացուին, իսկ 1964 վերակառուցումը կը լրանայ, Եանի Միլիատի ճարտարապետին կողմէն։ 1999 աշխատանքները կը սկսին նոր արդի թանգարանի շինութեան Աքրոփոլիին հարաւային կողմը եզերող Տիոնիսիու Աէրոփաղիդու փողոցին Մաքրիղեաննի նոր յայտնաբերուած հնագիտական վայրին վրայ։ Հոն, պեղումներուն ընթացքին մէջտեղ կու գան Դասական Ժամանակաշրջանէն եւ Բիւզանդական տարիներէն անձնական բնակարաններ եւ աշխատանոցներ։ Երբ պեղումները կ՛ամբողջանան ու վայրին խաւագրութիւնը կը ճշդուի, կ՛որոշուին տեղերը ուր պիտի բարձրանայ նոր թանգարանին շէնքը։ === Նոր շէնքը === 2003 թուականին նոր Թանգարանին հիմնադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ եւ 2009 առաջին ամիսներուն ընթացքին Աքրոփոլիի հին թանգարանին պարունակութիւնը կը տեղափոխուի նորաշէն համանուն թանգարը։ Միջազգային տարողութեամբ մրցոյթէ ետք, շինութիւնը կը ստանցնեն Պեռնար Չումի Bernard Tschumi եւ յունական Միխալի Ֆոթեատիս ճարտարապետական գրասենեակները։ Նկատի առնելով թէ Յունաստանը ընհանրապէս եւ Աթէնքը մշտական երկրաշարժներու ցնցումներու ենթակայ են, թանգարանը կը կառուցուի դիմանալու մինչեւ 10 Ռիխթըրի չափանիշի ցնցումի Richter magnitude scale։ 2009 Յուլիս 20-ին Աքրոփոլի թանգարանին փառաշուք բացումը կը կատարուի Յունաստանի Նախագահին կողմէն։ Բացման արարողութեան ներկայ կ՛ըլլան նաեւ Եւրոպական Միութեան նախագահը եւ բազմաթիւ օտար պետութիւններու ղեկավարներ։ Այդ օրերուն Յունաստանի Մշակոյթի նախարարը, յատկանշական շարժումով մը կը շեշտէ Փարթենոնաս տաճարի կողոպտուած քանդակներու «իրենց տունը» վերադարձի կարեւորութիւնը ու անոնց զետեղումը նոր թանգարանին մէջ․ թանգարանէն վերադարձուած մարմարի կտոր մը նախարարը կը զետեղէ Փարթենոնասի սիւնաճակատի մը վրայ։ Աքոփոլիին նոր թանգարանի տարածութիւնն է 25․000 ք․մ․ է եւ ցուցադրութեան սրահներունը՝ 14․000 ք․մ․։ ==== Թանգարանին դիրքը ==== Թանգարանը Աքրոփոլիին հարաւային կողմը կը գտնուի, Մաքրիղեաննի նախկին բանակավայրին (հնագոյն «արխայիք» տարիներուն) հողատարածքին վրայ։ Փարթենոնաս տաճարէն մօտաւորապէս 280 մեթր հեռու։ Թանգարանին մայր մուտքը Տիոնիսիու Աէրոփաղիդու Οδός Διονυσίου Αρεοπαγίτου փողոցին վրան է եւ յարակից է Աքրոփոլի մեթրոյի կայարանին Akropoli metro station։ Թանգարանը կը շրջապատեն Մաքրիղիաննի, Խածիխրիսդու եւ Միցէօն փողոցները։ ===== Շէնքը ===== Պեռնար Չումիին գաղափարը կ՛ընդգրկէ երեք մտապատկերներ․ լոյս, շարժում եւ ճարտարապետութիւն (յօրինուածական տարրածրագիր): Այս երեք յատկանիշները միասնաբար կը միտին՝ «վայրին հարկադրանքը դարձնել՝ ճարտարապետական առիթի մը հանրութեան մատուցանելու համար պարզ եւ ճշգրիդ թանգարան մը» եւ կը բնորոշեն Աքրոփոլիի նոր Թանգարանի շինութիւնը․ ուսողական եւ յղացական յստակութիւն, նման Հին Յունաստանի շինութիւններուն։ ===== Լոյս ===== Թանգարանը մեծապէս յենուած է բնական լուսաւորման, որովհետեւ մասնաւորաբար կը ցուցադրէ քանդակագործութիւններ, որոնք լուսաւորման այլ տեսակ, յատուկ պայմաններ կը պահանջեն, տարբեր՝ ուրիշ թանգարաններէ։ ==== Շարժում ==== Այցելողին ուղին 3D որմածակի (օղակ) մը կը նմանի։ Ճարտարապետութեան եւ տարածութեան փորձառութիւնը մը կ՛ընծայէ, որուն սկզբնակէտն է հնագիտական պեղումներուն վայրը մինչեւ Փարթենոնասի սրահը ու անոր ետեւը։ ===== Ճարտարապետութիւն ===== Թանգարանը կառուցուած է կրաձոյլի կորիզի մը վրայ, Փարթենոնասի գօտեքանդակին ճշգրիդ չափերով։ Կորիզին մէջ տեղադրուած են զօրավիգ տարածութիւնները, իսկ անոր շուրջը եւ գաւիթին որ կը ստեղծուի, կ՛առաջանան եւ կը զարգանան թանգարանին ցուցադրութեան սրահները։ Թանգարանին ներսի եւ դուրսի մասերուն մեծամասնութեանց յատակը թափանցիկ է, որպէսզի այցելողը կարենայ դիտել ենթակայ հնութիւնները։ Թանգարանը նաեւ ունի․- 200 հոգինոց աստիճանաւոր սրահ մը (ամփիթատրոն), Զօրութենական իրականութեան virtual reality սրահ մը, Պաշտօնական անցելուներու կէտ, Պարբերական ցուցադրութիւններու սրահ։ === Էլղինեան մարմարներուն վերադարձի հարցը === Էլղինեան մարմարներուն վերադարձի հարցը մեծապէս կը յուզէ յոյն ժողովուդը։ 1980-ական թուականներէն, Յունաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս կը դիմէ Անգլիոյ (Մեծն Բրիտանիոյ) կառավարութեան եւ յատկապէս Բրիտանական Թանգարանի ղեկավարներուն` մանաւանդ Աքրոփոլիի նոր Թանգարանին հիմնումէն ետք, որպէսզի 19-րդ դարուն ընթացքին Լորտ Էլղինին ու անոր գործակալներուն կողմէն Աքրոփոլիէն եւ Փարթենոնաս տաճարէն կողոպտուած թանգարժէք (հնագիտական եւ զգացական առումով) քանդակները, իրերը վերադարձուին իրենց «տունը»։ Վերջին տարիներուն Բրիտանական Թանգարանին եւ Յունաստանին միջեւ հասկացողութիւն մը կայ․ առաջինը որոշ ժամանակի մը համար կողոպտուած մարմարները Աքրոփոլի Թանգարանին փոխ տայ եւ իբրեւ փոխադարձ, Յունաստանը ընդունի թէ անոնք Բրիտանական Թանգարանին կը պատկանին։ Սակայն Մեծն Բրիտանիան կը մերժէ։ Այս պայքարին Յունաստանը մինակ չէ․ համաշխարհային աջակցութիւն ունի։ == Հաւաքածոյ == Թանգարանի կառոյցը կը դիւրացնէ անոր հնագիտական վայրին մէջ գտնուած հնութիւնները՝ 4-րդ մինչեւ 7-րդ դարեր, որոնք տեսանելի են։ Առաջին յարկ բարձրանալու ատեն, կը ցուցադրուին բազմաթիւ եւ տարբեր իրեր, որոնք Աքրոփոլիին վրայ եւ շուրջի սրբավայրերուն կը պատկանին։ Առաջին յարկը եւ վերելքը դէպի երկրորդ՝ յատկացուած են Միկինէական, Երկրաչաբական, Արխայիք ժամանակաշրջաններուն։ Երրորդ յարկը ամբողջովին վերապահուած է Փարթենոնաս տաճարին։ Ցուցադրութիւնը քառանկիւնային է, ինչպէս՝ տաճարը։ Այսպէս սիւնաճակատները, գօտեքանդակները եւ եռանկիւն ճակատները այցելուն կը տեսնէ անոնց բնական տեղադրուած ձեւով։ Ուրիշ թանգարաններուն մէջ գտնուող այս մասերը կրկնօրինակներ են։ Այցելուն, իջնելով կ՛անցնի առաջին յարկին միւս բաժինէն, որ յատկացուած է Էրեխթիոն տաճարին՝ յատկապէս Քարիադիտեսներուն, Ափդերու Նիքիս տաճարին ծոպագանդակներուն եւ կամրջակի նման բարձր եզերներուն ու՝ Ք․ա․ 5-րդ մինչեւ 5-րդ (Ք․ե․) դարերէն իրերուն։ == Պատկերասրահ == === Թանգարանին հաւաքածոյէն շատ փոքր մաս մը === ==== Փարթենոնաս ==== ==== Փարթենոնասին շուրջը ==== ==== Ափդերու Նիքիս եւ Աթինա Փոլիատա ==== ==== էքադոպետոս ==== ==== Էրեխթիօ ==== === Պարսկական Խրամ === Պարսկական Խրամ կը կոչուի Աքրոփոլիի այն հնագիտական վայրը, Փարթենոնասին կից, ուր գտնուած են բազմաթիւ արխայիք (Հին Յունաստանի) քանդակներ։ Պարսիկները Թերմոփիլես ճակատամարտէն յաղթական, Ք․ա․ 480, ամայի Աթէնքը կ՛աւերեն․ բնակարաններ, տաճարներ եւ սրբավայրեր։ Քանի մը տարի ետք, ազատ Աթէնքի ղեկավար՝ Փերիքլիս, Աքրոփոլին վերակառուցել կու տայ։ Աքրոփոլիին շուրջերը գտնուած բոլոր աւերակները կը հաւաքուին հետագային կոչուած՝ պարսկական խրամին մէջ եւ հողով կը ծածկուին։ Պարսկական Խրամը կը յայտնաբերուի 19-րդ դարու եղած հնագիտական պեղումներուն ընթացքին։ Պարսկական Խրամ - հաւաքածոյէն մաս մը - == Օգոստոսի Լիալուսին == Վերջին տարիներուն, ամառուան ամսուն Օգոստոսի լիալուսնի իրիկունը (լիալուսինը շատ գեղեցիկ կ՛երեւի) թանգարանը մինչեւ կէս գիշեր բաց կը մնայ եւ այցելուները անվճար կ՛ընդունի։ Նոյն իրիկուան թանգարանին շրջափակին մէջ համերգ կը կատարուի։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == [1] Փանաղիս Քալքոս(անգլերէն) [2] Պարսիկներու Յունաստանի երկրորդ ներխուժումը (ռուս.) [3] Փաթրոքլոս Քարանտինոս(յունարէն) [4] Պեռնար Չումի Bernard Tschumi(ֆր.) [5] Տիոնիսիու Աէրոփաղիդու Οδός Διονυσίου Αρεοπαγίτου փողոց(անգլերէն) [6] Պարսկական Խրամը (անգլերէն) == Տե՛ս նաեւ == Յունաստան Աթէնք Աթէնքի Հնագիտական ազգային թանգարանը Աղեքսանտրիոյ Գրադարան Աղեքսանտրիա Աքրոփոլիս
4,039
Ռիչարտ Հարիս
Ռիչարտ Ճոն Հարիս, (անգլերէն՝ Richard St. John Harris, 1 Հոկտեմբեր, 1930, Լիմերիք, Իռլանտա - 25 Հոկտեմբեր, 2002, Լոնտոն, Անգլիա), իռլանտացի դերասան, երաժիշտ, գրող եւ արտադրող։ Ան մասնակցած է բազմաթիւ ֆիլմերու, օրինակ՝ This Sporting Life եւ King Arthur 1967 թուականին: Ան նաեւ կատարած է Ալպըս Տապլտորին դերը Harry Potter and The Philosopher's Stone (2001) եւ Harry Potter and The Chamber of Secrets (2002) ֆիլմերուն մէջ: == Կենսագրութիւն == Հարիս 6-րդ զաւակն է Միլտրըտ Ժոսէֆինին եւ ունի 8 քոյրեր ու եղբայներ, որոնցմէ են՝ Փաթրիք Իվան (1929-2008), Նոէլ Ուիլլիամ Մայքըլ (1932-1996), Տիարմիտ (1939–1985), եւ Ուիլլիամ Ճորճ Հարիս (1942-2007): Դպրոցը աւարտելէ ետք, Հարիս կ'անցնի դէպի Անգլիա որպէսզի շարունակէ արտադրողի մասնագիտութիւնը: Աակայն ան չգտներ յարմար դասընթացքներ եւ կ'որոշէ դառնալ դերասան: Բայց Հարիս կը մերժուի ու կը ձախողի, որուն պատճառաւ ան 6 շաբաթ կը մնայ անտուն: 1956 թուականին, ան սկսաւ թատերախաղերու մէջ դերեր ունենալ, օրինակ՝ The Quare Fellow թատրոնին մէջ: Թատրոններու մէջ մաս կազմելէ ետք, ան սկսաւ դերեր ստանալ ֆիլմերու մէջ ու դարձաւ համաշխարհային նշանաւոր դերասան: 1957 թուականին, Հարիս ամուսնացաւ Էլիզապեթ Ուիլլիամզին հետ եւ անոնք ունեցաւ 3 զաւակներ՝ Ժարետ Հարիս (դերասան), Ճէյմի Հարիս (դերասան) եւ Տամայան Հարիս (արտադրող): Ռիչարտ եւ Էլիզապեթ ամուսնալուծուեցան 1969 թուականին, եւ ետքը Էլիզապեթ ամուսնացաւ Ռեքս Հարիսընին հետ, իսկ Ռիչարտը՝ Ան Թըրքելին: Սակայն 1982 թուականին Ռիչարտ եւ Ան ամուսնալուծուեցան: 1970 թուականին սկիզբին, Ռիչարտը ալքոհոլականէր եւ այս վատ ձեւով կ'ազդէր իր դերասանութեան գործընթացքին եւ մասնագիտութեան, ինչպէս նաեւ իր առողջութեան: Հարիս մահացաւ 25 Հոկտեմբեր, 2002 թուականին University College հիւանադանոցին մէջ, Լոնտոն, Անգլիոյ մէջ, հիւանդութեան պատճառով: Ան չկարողացաւ Տամպլտորին կերպարը շարունակել Հէրի Փոթըր ֆիլմերուն մէջ, եւ իր դերը կատարեց Մայքըլ Կամպընը: == Ալպոմներ == Camelot (1967) A Tramp Shining (1968) The Yard Went On Forever (1968) The Richard Harris Love Album (1970) My Boy (1971) Slides (1972) His Greatest Performances (1973) Jonathan Livingston Seagull (1973) The Prophet (1974) I, in the Membership of My Days (1974) Gulliver Travels (1977) Mack The Knife (1989) Little Tramp (1992) The Apocalypse (2004) == Երգեր == "Here in My Heart" (1963) "How to Handle a Woman" (1968) "MacArthur Park" (1968) "Didn't We?" (1968) "The Yard Went On Forever" (1968) "The Hive" (1969) "One of the Nicer Things" (1969) "Fill the World With Love" (1969) "Ballad of A Man Called Horse" (1970) "Morning of the Mourning for Another Kennedy" (1970) "Go to the Mirror" (1971) "My Boy" (1971) "Turning Back the Pages" (1972) "Half of Every Dream" (1972) "Trilogy" (1974) "The Last Castle" (1976) "Lilliput" (1977) == Ծանօթագրութիւններ == == Յղումներ == Ричард Харрис Internet Movie Database կայքէջին վրայ Ռիչարդ Հարրիսը peoples.ru կայքում Հարրիսի ֆան կայքը
292
1627 թուական
1627 թուական, ոչ նահանջ տարի, 17րդ դարու 27րդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1627 ծնունդներ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1627 մահեր
460
1766 թուական
1766 թուական, ոչ նահանջ տարի, 18րդ դարու 66րդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1766 ծնունդներ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1766 մահեր
6,557
Վրացական Խոհանոց
Վրացական խոհանոց (վրաց.՝ ქართული სამზარეულო), վրաց ժողովուրդի ազգային խոհանոց, շատ մը վրացական ուտելիքներ, օրինակ խարչօն, խաչապուրին դարձած են փաստօրէն միջազգային ուտելիքներ։ Վրացական խոհանոցի գրեթէ բոլոր ուտելիքները ունին կծու եւ սուր համ։ Անոնք լայնօրէն կ'օգտագործեն բանջարեղէնով ուտելիքներ եւ իբրեւ լրացում, կ'օգտագործեն մսային ուտեստը։ Կայ տարբերութիւն Արեւմտեան Վրաստանի խոհանոցի եւ Արեւելեան Վրաստանի խոհանոցներու միջեւ։ Արեւմտեան խոհանոցին մէջ, կ'օգտագործեն եգիպտացորեն, ուր կը գերիշխէ կորեկը, սուլուգունի վրացական պանիրը, որոնք կ'օգտագործուին մոգարի հետ միասին։ Արեւելեան խոհանոցին մէջ, կ'օգտագործուի ցորենի հացը։ Բացի այդ, Արեւելեան Վրաստանի խոհանոցին մէջ օգտագործուող միսի մեծմասը՝ կը կազմեն ընտանի կենդանիները: Ձկնային ուտելիքները Վրաստանի մէջ, հազուադէպ կ'ըլլայ, բացառութեամբ այն մասերէն, ուր զարգացած է ձկնորսութիւնը: == Նախուտեստներ == == Հացեր == Վրացական աւանդական հացերու տեսականիները բազմազան են, կրնայ ընդգրկել շոթին, խաչապուրին, թոնիս պուրին, մեսխուրի պուլին եւ այլ հացերու տեսակներ։ Վրացական հացերը հիմնականին մէջ, կը թխեն կլոր, ընդարձակ մէկ վառարանի մէջ, որ կը կոչուի թոնէ։ == Պանիրներ == Իմերուլի Նադուգի* Քարխուրլի Սուլուգունի Թուշուրի Թենիլի Լորի Դամբալի Խաչօ == Աղցաններ == == Պատկերասրահ == == Արտաքին Յղումներ == Վրացական խոհանոց Рецепты грузинской кухни Особенности грузинской кухни
20,308
Սիմոն Փայասլեան
Սիմոն Փայասլեան (ծնած 1950 թուականին, Հալէպ, Սուրիա), Ամերիկահայ հնագէտ, գրագէտ եւ խմբագիր մըն է որ Պոսթըն Համալսարանի Հայագիտութեան Չարլզ Ք. եւ Էլիզապէթ Մ. Քէնոսեանի ատենապետն է 2007 թուականէն ի վեր: 2002 թուականէն 2007 ան ատենապետն էր Հայոց Ցեղասպանագիտութեան եւ Արդի Հայ Պատմութեան Գալուստեան բաժանմունքի, Քլարք Համալսարանէն ներս:Փայասլեան Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին եղբօրորդին է: Իր առաջնի Դոկտորայի վկայականը ստացած է Քաղաքական Գիտութեան ոլորտին մէջ Ուէյն Սթէյթ Համալսարանէն ներս, որմէ ետք ստացած է երկրորդ Դոկտորայի վկայականը Քալիֆորնիոյ Համալսարան, Լոս Անճելըսէն, Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի հովանիին տակ, եւ իր թեզը վերնագրուած էր՝ «United States Policy toward the Armenian Question and the Armenian Genocide»: == Գիրքեր == The History of Armenia: From the Origins to the Present (2007) United States Policy toward the Armenian Question and the Armenian Genocide (2005) The Armenian Genocide, 1915-1923: A Handbook for Students and Teachers (2001) International Political Economy: Conflict and Cooperation in the Global System (գրած է Ֆրտէրիք Ս. Փիրսընի կողմէ) (1999; Չինական թարգմանութիւն, Peking University Press, 2006) U.S. Foreign Economic and Military Aid: The Reagan and Bush Administrations (1996). == Արտաքին յղումներ == NAASR Armenian Studies | Simon Payaslian | The Political Economy of Human Rights in Armenia Payaslian, Simon (2006) "The Destruction of the Armenian Church during the Genocide," Genocide Studies and Prevention: An International Journal: Vol. 1: Iss. 2: Article 6. NAASR Armenian Studies | Simon Payaslian | Mar 9, 2006 The History of Armenia. Payaslian, Simon. New York: Palgrave Macmillan, 2007, 304 pages. ISBN 978-1-4039-7467-9. Payaslian, S. (2007). Diasporan Subalternities: The Armenian Community in Syria. Diaspora: A Journal of Transnational Studies 16(2), 92-132. doi:10.1353/dsp.2007.0009. == Ծանօթագրութիւններ ==
22,562
Ծաղկունք (թերթ)
«Ծաղկունք», խորհրդային շրջանի երկօրեայ թերթ։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1965 թուականին, Ապարանի մէջ։ Տպագրած է ԽՄԿԿ, ՀԿԿ եւ շրջանային կազմակերպութիւններու որոշումները։ Ընդհանրացուցած է արտադրական ձեռնարկութիւններու նուաճումներն ու առաջաւոր համարուողներու փորձը, ներկայացուցած է շրջանի մշակութային եւ մարզական առօրեան, արծարծած մանկավարժութեան եւ երիտասարդ սերունդի կոմունիստական ագիտացիոն դաստիարակութեան հարցեր։ ՏԱՍՍ-ի եւ Արմէնպրեսի նիւթերով ծանօթացուցած է միջազգային եւ հանրապետական իրադարձութիւններուն (խորհրդային գաղափարախօսութեան սահմաններուն մէջ)։ «Ծաղկունք»-ին նախորդած են «Անասնապահ Կոլխոզնիկ» (1933-1954), «Անասնապահ Կոլտնտեսական» (1954-1962) եւ «Արագած» (1962-1965, միջշրջանային) թերթերը։
19,981
2021 Պողազիչի Համալսարանի Ցոյցեր
2021 Պողազիչի Համալսարանի (թրք.՝ Boğaziçi Üniversitesi, անգլ.՝ Boğaziçi University) ցոյցերը բողոքներ են որոնք սկսան 4 Յունուարին ընդդէմ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որոշման նշանակելու Մելի Պուլու իբր Պողազիչի Համալսարանի տնօրէն: Համալսարանը Թուրքիոյ ամէնէն լաւ համալսրաններէն մէկն է: == Հեռանկար == Մելի Պուլու, որ կապեր ունի տիրապետող Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան (թրք.՝ Adalet ve Kalkınma Partisi, կամ AKP) հետ, նշանակուեցաւ Պողազիչի Համալսարանին տնօրէնը 2 Յունուար, 2021 թուականին: Ըստ համալսարանին ուսումնական կազմին, Պուլուն առաջին տնօրէնն է որ ընտրուած էր համալսարանէն դուրս 1980 թուականի յեղաշրջումէն ի վեր: Յեղաշրջումէն ետք, Էրկիւն Թողրոլ, Իսթանպուլի Թեքնիք Համալսարանէն ակադեմիկոս մը, նշանակուած էր Պողազիչի Համալսարանի տնօրէնը: == Ցոյցերը == Հարիւրաւոր մարդիկ սկսան ցոյցերու եւ բողոքներու մաս կազմեր 4 Յունուարէն սկսեալ նախգահին նշանակումէն ետք, «Մելի Պոլուն մեր տնօրէնը չէ» եւ «մենք բանագող տնօրէն չենք ուզեր» բացականչութիւններով: Ուսումնական կազմը, միացեալ յայտարարութեամբ մը, նշանակումը կոչեց «ակադեմական ազատութեան եւ գիտական ինքնավարութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական արժէքներու» դէմ դրժում մը:Համալսարանի շէնքերէն մէկը աշակերտներուն կողմէ փակուեցաւ: Յետոյ, ցուցարարները ոստիկանութեան հետ բախաւ, կոտրելու համար խոչընդոտ մը որ կ'արգիլել իրենց համալսարան մտնելէ: Ոստիկանները աշակերտներուն դէմ կծու հեղուկ սրսկեցին բաժնելու համար ցուցարարներու խումբերը: Երկու աշակերտ ձերբակալուեցան այս պատահարէն ետք: 6 Յունոարին արդէն 36 աշակերտներ բանտարգելուած էին: Աշակերտներուն կողմէ ցոյցերը եւ ուսումնական կազմին կողմէ բողոքները տնօրէնին գրասենեակին դիմաց շարունակուեցան մինչեւ Փետրուար, եւ այլ Թուրքիոյ մէջ համալսարաններ, ինչպէս նաեւ Պողազիչի Համալսարանի արտերկրի աւարտական միութիւններ միացան աշակերտներուն բողոքի կանչերուն նշանակման դէմ:Ցոյցերը քաջալերող արուեստի ցուցահանդէս մը ցուցադրած էր Քաապան (Մեքքայի սուրբ Իսլամութեան Խորանարդը) սէրային փոքրամասնութիւններու դրօշակին քով, որուն հետեւանքն էր 4 կազմակերպիչ աշակերտներու ձերբակալումը: Թուրքիոյ Ներքին Նախարար Սուլէյման Սոյլու «չորս խոտորած սէրային փոքրամասնականներ» անուանեց չորս ձերբակալուած աշակերտները, ինչ որ Թուիթըրը յետոյ արգիլափակեց: Այս դէպքէն ետք, Պողազիչի Համալսարանի սէրային փոքրամասնութիւններու աշակերտական խմբակը փակուեցաւ Մելի Պուլույի հրահանքով: Պուլու ինքզինք պաշտպանեց, ըսելով թէ ինք սէրային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպան է:1 Փետրուարին, ոստիկանութիւնը փակեց համալսարանին հարաւային մուտքը կանխարգելու ցոյցեր: Ցուցարարներուն դէմ ջրցաններ, պատնէշներ եւ գոնէ մէկ դիպուկահար զետեղուեցան: Նոյն գիշերը, ոստիկանութիւնը մտաւ համալսարան եւ ձերբակալեց 159 աշակերտներ: Քանի մը ցուցարարներ Իզմիրի մէջ, եւ 69 ցուցարարներ Անքարայի մէջ նաեւ ձերբակալուեցան: 2 Փետրուարին, Թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց եւ բանտարգիլեց 104 ցուցարար Քատիքէոյի Համալսարանին մօտ, եւ արձունքաբեր կազերով ու քաուչու փամփուշտներով պատասխանեց ցուցարարներուն: Իսթանպուլի քաղաքացիները թմբկահարեցին կաթսաներու եւ տապակներու վրայ քաղաքին տարբեր թաղամասներուն մէջ իրենց քաջալերականը ցոյց տալու համար շարժման հետ: 3 Փետրուարին, 50 ցուցարար ձերբակալուեցան Իզմիրի մէջ: == Հակազդեցութիւններ == Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսաւ «վարժութիւն դարձած նշանակումը» կը գործածուի «համալսարանները գրգռելու համար»: Ան նաեւ ցուցարարները անուանեց «ահափեկիչներ» եւ դատապարտեց սէրային փոքրամասնութիւնները: Ազգայինական Շարժման Կուսակցութեան (թրք.՝ Milliyetçi Hareket Partisi, կամ MHP) ատենապետ Տէվլէթ Պահչելի գրաւոր յայտարարութեամբ մը նշեց, թէ տնօրէնին նշանակումը իրաւաբանական գետնի վրայ սխալ չէ, եւ վերջ: Պահչելի աւելցուց, թէ ցուցարարները պէտք չէ իրենց «տրուած առիթները շահագործեն», եւ «մասնակից չդարնան անիշխանական ծրագիրներու մէջ», նկարագրելով ցոյցերը իբր «դաւակցութիւն մը որ պէտք է խորտակուի»: Ներքին գործոց նախարար Սոյլու յայտնեց որ տնօրէնի նշանակումը պէտք չունի ժողովրդավարական ըլլալու:Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու, անդամ ձախակողմեան գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան (թրք.՝ Cumhuriyet Halk Partisi կամ CHP), քաջալերեց ցոյցերը: Չանան Քաֆթանչիօղլու, ատենապետը նոյն կուսակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղին, նաեւ յայտնեց իր քաջալերանքը ցոյցերուն հանդէպ, ինչ որ մղեց Նախագահ Էրտողան որ զինք անուանէ «ահափեկիչ մը Յեղափոխական Ժողովուրդի Ազատրագրութեան Կուսակցութեան (թրք.՝ Devrimci Halk Kurtuluş Partisi-Cephesi կամ DHKP-C) անդամ»: Քաֆթանչիօղլու նախագահին դէմ իրաւաբանական ոճրային գանգատ ներկայացուց:Պուլուն Պողազիչի Համալսարանի տնօրէն նշանակուելէն 23 օր ետք տակաւին ոչ մէկ ակադեմիկոս համաձայնած է դառնալ համալսարանին փոխ-տնօրէնը: == Ծանօթագրութիւններ ==
6,265
Սոֆիա
Սոֆիա (պուլկարերէն՝ Со́фия [ˈsɔfija], ծագած է յունարէն σοφία-էն՝ «վարպետութիւն», «իմաստութիւն»), Պուլկարիոյ մայրաքաղաքը, Սոֆիայի քաղաքային մարզի եւ իրեն միակ Սթոլիչնա համայնքի վարչական կեդրոնը։ Կը գտնուի Սոֆիայի գոգաւորութեան հարաւը, Վիթոշա լեռնազանգուածի ստորոտը։ Քաղաքի արեւելեան ծայրամասէն կը հոսի Իսքիր գետը։ == Անուան ծագումնաբանութիւնը == Այդպէս կոչուեցաւ Սուրբ Սոֆիային նուիրուած տաճարի անունով։ Իսկ Սոֆիա բառը Բիւզանդիոյ շրջանին կը նշանակէր «իմաստութիւն» եւ դարձած էր կրօնական եզր։ == Պատմութիւն == == Քոյր քաղաքներ == == Ծանօթագրութիւններ ==
21,176
Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան (Լոնտոն)
}}Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, խաչքար Անգլիոյ Լոնտոն քաղաքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ։ == Պատմութիւն == Խաչքարը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Յուշարձանի վրայ մակագրուած է. == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
6,114
Սինան Միմար
Միմար Սինան (արաբ.՝ معمار سينان, ծնած 15 Ապրիլ 1490, Կեսարիոյ գաւառի Աղրնաս Գիւղ, 8 Յունիս 1588, Կ. Պոլիս)՝ 1539-ին Սինան Աղա Օսմանեան կայսրութեան ատեն գործած է իբրեւ գլխաւոր ճարտարապետ, Սուլթան Սիւլէյման Ա.-ի շինարար ճարտարապետւ եղած է եւ պատասխանատո՝ աւելի քան 300 մեծագոյն շինարարութիւններու եւ ուրիշ պարզ նախագիծերու: 1502-ին, պատանի հասակին ուսանած է Կ. Պոլսոյ Աճեմի օղլաններու (քրիստոնեաներու) դպրոցէն ներս։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է 15 Ապրիլ 1490-ին, Թուրքիա, Կեսարիոյ գաւառի Աղրնաս գիւղին մէջ: Քարագործի զաւակ է, հասած է գիտարուեստական ուսման մակարդակի. 1503-ին ընդունուած է զինուորական դպրոց, սկիզբը ծառայած է ենիչերիներու զօրամասին մէջ իբրեւ սակրաւոր սպայ, ապա իբրեւ գլխաւոր հրամանատար, յայտնի դարձած է կամուրջներու եւ ռազմական կառոյցներու շինարարութեան ասպարէզներուն մէջ։ 1551-ին արժանացած է փաշայի (զօրավար) աստիճանին (աշխարհի առաջին հայ զօրավարն է)։ Մօտաւորապէս 50 տարեկանին, զինք արքայական գլխաւոր ճարտարապետ նշանակած են: == Գործերը == Ան գոր­ծած է ­Սիւ­լէյ­ման Ս­քան­չե­լիին իշ­խա­նու­թեան օ­րով։ Սինանի կը վերագրուի շուրջ 360 շինութիւն: Միայն Թուրքիոյ մէջ կառուցած է 81 մեծ եւ 50 փոքր մզկիթ, 55 «մետրեսէ» (դպրոց), 19 դամբարան, 7 գրադարան, 14 մինարեթ (շէնք), 3 հիւանդանոց, 8 կամուրջ, 17 «քարվանսարայ» (պանդոկ), 31 պալատ, 35 բաղնիք, պահեստներ եւ այլն։ Պաշ ԽալՖա տիտղոսը շահած այս ճարտարապետին կառուցած մզկիթներուն, մետրեսէներուն, պալատներուն, խաներուն եւ հրապարակներուն վրայ կամարակապ շինութիւններուն կը հանդիպինք ամէնուրեք այսօրուան Թուրքիոյ տարածքին։ == Կառոյցներ == Սարայեւոյի մէջ (Հուսրեւբեկի մզկիթը, 1531, Պոսնիա-Հերցեկովինա) Եւպատորիոյ մէջ (Ճումա Զամի մզկիթը, 1552, Ուքրանիա) Պիթոլայի (Bitola) մէջ (Հայտար Քադի Ճամէհ մզկիթը, 1561, Մակեդոնիա Դամասկոսի մէջ (Թաքիա Սիւլէյմանի մզկիթը, 1554, Սուրիա) Վիշեկրատի (Višegrad) մէջ (Մեհմետ փաշա Սոկոլովիչի կամուրջը՝ Թրինա գետին (Trina River) վրայ, 1571, Պոսնիա եւ Հերցեկովինա) եւ այլն։ === Ամենանշանաւոր գործերէն === Շեհզատէ (1543-48) Սիւլէյմանիյէ (1550-57, երկուքն ալ Կ. Պոլիս) Սելիմիյէ (1569-75, Ատրիանուպոլիս) մզկիթը։Սելիմիյէի մզկիթը իր գլուխ գործոցն էր, իւրայատուկ էր Օսմանեան կայսրութեան միօրինակ ճարտարապետութեան մէջ: Երբ Միմար Սինան կը սկսի կառուցել այս մզկիթը ճարտարապետերը կ'արտայայտուին, թէ անհնար է կառուցել այնպիսի մզկիթի գմբէթ մը, որ աւելի մեծ ըլլայ քան Ս. Սոֆիայի տաճարին գմբէթը եւ այս մէկը յատկապէս մահմետականներու կարծիքն էր. այս կարծիքները զինք աւելի կը քաջալերեն ու կ'ոգեւորեն այս նախագիծը իրականացնելու: Երբ յաջողութեամբ կ'իրագործէ Սելիմիյէ մզկիթին նախագիծը, շատ կը հպարտանայ, որ աշխարհի ամէնէն մեծ գմբէթը ունի: Գմբէթին բարձրութիւնը գետնի մակարդակէն աւելի ցած էր, իսկ իր տրամագիծը աւելի լայն էր (0,5 մ.), կեդրոնական գմբէթը ութանկիւն էր (31,28 մ. լայնք եւ 42 մ. բարձրութիւն) յենած յենարաններու վրայ պատուած մարմարով եւ հատաքարով, իսկ չորս մինարեթները՝ 83 մ. բարձրութեամբ: Այս մզկիթը կը դառնայ քաղաքին խորհրդանշական կառոյցը: Շեհզատէ մզկիթին համալիրը բաղկացած է աղօթասրահէ եւ գաւիթէ, յատակագիծերը քառակուսի են, ծաւալային յօրինուածքը՝ բրգաձեւ: Սինան առաջինն էր, որ յայտնաբերած է նոր երկրաչափական տեսքով յենարան մը, որ կ'օգտագործուէր եկեղեցիներու գմբէթը կապելու սիւներու հետ, ասիկա ակնյայտ է Սոքուլլու Մեհմէտ Փաշայի (Sokollu Mehmet Paşa) մզկիթին մէջ՝ Կ. Պոլսոյ (1571–1572) եւ Սալիմիյէի (Selimiye) մզկիթին մէջ՝ Էտիրնէի: Սուլէյմանիյէ մզկիթին մէջ նախօրինակ ունենալով Կ. Պոլսոյ Ս. Սոֆիայի տաճարը՝ Սինան յանգած է շինարարական եւ գեղագիտական իւրովի լուծումներու: Գմբէթին բարձրութիւնը՝ 53 մ., տրամագիծը՝ 27 մ. կը յենու 4 հսկայական մոյթերու վրայ։ Կողային նաւերը ծածկուած են հինգական տարբեր չափի գմբէթներով: Արտաքին ծաւալին չորս անկիւններէն վեր կը սլանան մինարէթներ: Սինանի կառուցած Սելիմիյէ մզկիթը համաշխարհային ճարտարապետութեան մէջ յայտնի է իբրեւ Օսմանեան ճարտարապետութեան գլուխ գործոցը: Բլուրի գագաթին կառուցուած համաչափ յօրինուածքով այս համալիրը շրջափակուած է ուղղանկիւն պատերով: Կեդրոնը իրարու կից գաւիթն ու աղօթասրահն են, մէկ անկիւնը քառակուսի յատակագիծով գերեզմանատունն է, իսկ պարսպապատի երկար կողի ողջ երկարութեամբ՝ շուկան: Սուլէյմանիյէ եւ Շեհզատէ մզկիթները արձանագրուած են Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։ Սինան՝ Կեսարիոյ հայ-յունական ճարտարապետական դպրոցին մեծագոյն ներկայացուցիչը ըլլալով, դարձած է հայկական բիւզանդական (Յուստինիանոսի շրջան) գմբէթաշինութեան աւանդները շարունակող մեծագոյն վարպետներէն մէկը, ԺԶ. դարու Օսմանեան ու եւրոպական ճարտարապետական տեսանկիւնէ տաղանդաւոր ճարտարապետ մը, որ մեծ դեր ունեցած է Օսմանեան ճարտարապետութեան զարգացման եւ որ կը ձգտէր գագաթնակէտին հասնիլ: == Ծանօթագրութիւններ ==
2,162
Արտաշէս Տէր Ստեփանեան
Արտաշէս Տէր Ստեփանեան (1882 Գըրգաղաճ - 1915), գրագրութիւն, ուսուցիչ, պաշտօնեայ: Ծնած է Գըրգաղաճ 1882-ին, տէրտիրոջ որդի, Իզմիրի Մեսոպեանէն ընթացաւարտ՝ գրագրութիւն կ՝ընէ մինչեւ 1902, որմէ յետոյ կը նետուի ուսուցիչ. Ասպարէզ, պաշտօնաւարելով Մանիսա եւ Տէնիզլի:-Դաշնակց.: 1905-ին կը ձերբակալուի եւ տանջանքներու ենթարկուելով կ՝ուղարկուի Պօտրումի թերթը: Սահմանադրութեան հռչակումին, կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ որպէսզի հասարակական գործիչ, տեսուչ Տէնիզլիի, Էօտէմիշի եւ Գարաթաշի վարժարաններուն: Վերջերը կրթական գործը լքած մտած էր առեւտր. Ասպարէզ: == Աղբիւրներ == Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի, Կ. Պոլիս, 1919, էջ 76, հատուած 368
6,531
Վոյէճըր Ծրագիր
Վոյէճըր ծրագիրը տակաւին գոյութիւն ունեցող եւ հարգուած ծրագիր մըն է Ամերիկեան ծագումով, որ տիեզերքի մէջ շրջակայող 2 արհեստական տիեզերական կայաններ ունի՝ Վոյէճըր-1 եւ Վոյէճըր-2 որոնք կ'ուսումնասիրեն տարբեր մոլորակներ, լուսիններ եւ տիեզերքը ընդահնրապէս: Կայանները արձակուեցան 1977-ին: Երկուքն ալ իրենց համար պատրաստուած ժամանակաշրջանէն աւելի մնացած են սիեզերք, ղրկելով շատ աւելի տեղեկութիւն քան ծրագրուած: == Վոյէճըր-1 == Վոյէճըր-1 (անգլ.՝ Voyager 1) տիեզերական կայան մըն է արձակուած ՆԱՍԱ-ի կողմէ 5 Սեպտեմբեր, 1977-ին: Իբրեւ բաժին մը Վոյէճըր ծրագրին, ճամբայ ելաւ 16 օր ետք իր երկւորեակ կայան Վոյէճըր-2-ի արձակումէն ետք: 38 տարիէ ի վեր Վոյէճըր-1-ը տակաւին կ'աշատի ղրկելով տարբեր տեսակի տեղեկութիւններ որոնք հաւագած կ'ըլլայ իր ճամբորդութիւններու ժամանակ: Ներկայիս 135 AU (2.02×1010 km) հեռու է արեւէն (Յունիս 2016-ի տեղեկութին), ամէնէն հեռու մեզմէ գտնուող տիեզերային կայանն է, եւ միակը որ միջաստղային տիեզերքի (interstellar space) մէջ կը գտնուի: Կայանին նախնական ու սկզբնական նպատակը թռիչքներ կատարել է Ճուփիթըրի, Սէթըրնի եւ Սէթըրնի հսկայ լուսնի Թայթընի շուրջ: Թեպէտ Վոյէճըր-1-ը կարէլիութիւնը ունէր Փլութոյի շուրջ դառնալ, պայմանաւ որ Թայթընի չի մօտենար, սակայն այդ գործողութիւնը չ'իրականացաւ, որովհետեւ Թայթընը աւելի կարեւորութիւն ունէր ՆԱՍԱ-ի համար: Կայանը ուսումնասիրեց օդային պայմանները, մակնիսային շրջանակները, եւ մատանիները. նաեւ եղաւ առաջին կայանը, որ հայթաթեց մեզի երկու մոլորակներուն բոլոր լուսիններուն լուսանկարները: Սէթըրնի շուրջ պտտումները կատարելէ ետք 20 Նոյեմբեր, 1980-ին, Վոյէճըր-1-ի ծրագիրը շատ աւելի երկարաձգուեցաւ եւ առիթը տրուեցաւ կայանին որպեսզի հասնի մինչեւ միջաստղային տիեզերք, ըլլալով առաջին կայանը հոն հասնելու եւ հոնկէ տեղեկութիւն հաւաքելու: Վոյէճըր-1-ի ծրագրի երկարաձգումը պիտի երկարի մինչեւ 2025, երբ ալ կայանը բաւարար ելեկրդրական ուժի որեւէ մէկ աղբիւր չ'ունի եւ բոլորովին կը դադրի աշխատելէ: == Վոյէճըր-2 == Վոյէճըր-2 (անգլ.՝Voyager 2) տիեզերական կայան մըն է արձակուած ՆԱՍԱ-ի կողմէ 20 Օգոստոս, 1977-ին: Իբրեւ բաժին մը Վոյէճըր ծրագրին, ճամբայ ելաւ 16 օր առաջ իր երկւորեակ կայան Վոյէճըր-1-ի արձակումէն: 38 տարիէ ի վեր Վոյէճըր-2-ը տակաւին կ'աշատի ղրկելով տարբեր տեսակի տեղեկութիւններ որոնք հաւագած կ'ըլլայ իր ճամբորդութիւններու ժամանակ: Ծրագրէն աւելի ժամանակ խլեց այս կայանը հասնելու համար Ճուփիթըր եւ Սէթըրն, բայց նաեւ ատոր կողքին ունեցաւ առիթը հանդիպելու Իւրանուսի եւ Նեփթունի հետ: Միակ տիեզերական արհեստական կայանն է, որ այցելած է Իւրանուսն ու Նեփթունը: Իր զկսբնական ծրագիրը ստացուեցաւ Նեփթունի հետազօտութեամբ 2 Հոկտեմբեր 1989-ին՝ հետազօտելէ ետք Իւրանուսը 1986-ին, Սէթըրնը 1981-ին, եւ Ճուփիթըրը 1979-ին: Վոյէճըր-2-ն հիմա իր երկարաձգուած ծրագրին մէջ է հետազօտելու արտաքին տիեզերքը Ծիր Կաթինին 38 տարիէ ի վեր: Տակաւին կապ կը պահէ ՆԱՍԱ-ի հետ: == Ծանօթագրութիւններ ==
5,785
Ռաւեննայի էկզարքութիւն
Ռաւեննայի կամ Իտալիոյ էկզարխութիւն, Իտալիոյ Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեան իշխանութեան կեդրոնը։ Ան գոյատեւեց 6-րդ դարու վերջէն մինչեւ 751 թուականը, երբ վերջին եկսարքոսը սպաննուեցաւ լոմբարդներու կողմէն։ == Ձեւաւորում == 402 թուականին, Հոնորիոս կայսին օրով Ռավեննան դարձած էր Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան մայրաքաղաք եւ մնաց այդ կարգավիճակին մէջ մինչեւ կայսրութեան կործանումը,476 թուականին։ Ան ընտրուած էր որպէս կայսրին նստավայր, որովհետեւ ունէր ելք դէպի Ադրիատիկ ծով եւ, ի շնորհիւ շրջապատող ճահիճներու, լաւ պաշտպանուած էր։ Հետագային Ռավեննան դարձաւ Օդոակրի եւ օստգոթերի թագաւորութիւններու մայրաքաղաք։ 540 թ-ին քաղաքը կ՝ ազատագրուի արեւելահռոմէական կայսր Հուստինիանոսի զորավար Բելիսարիուսի կողմէն եւ վերստին կ՝ ընդգրկուի կայսրութեան կազմին մէջ։ Շուտով ան դարձաւ Իտալիոյ կառավարչի նստավայրը։ == Լոմբարդներու ներխուժումը == 568 թուականին լոմբարդներն ու անոնց դաշնակից այլ գերմանական ցեղեր Ալբոին արքայի ղեկավարութեամբ ներխուժեցին հիւսիսային Իտալիա։ Տարածաշրջանը ընդամենը քանի մը տարի առաջ խաղաղացած էր եւ բաւականին տուժած էր Գոթական պատերազմի հետեւանքով։ Տեղական հռոմէական զօրքերը փոքրաքանակ էին եւ քանի մը քաղաք գրաւելէ ետք, 569 թ-ին լոմբարդները գրաւեցին Միլանը։ 572 թուականին, 3 տարուայ պաշարումէն ետք, ինկաւ Պաւիան, որ դարձաւ լոմբարդներու մայրաքաղաքը։։ Հետագայ տարիներու ընթացքին գրաւեց Տոսկանիան։ Լոմբարդներու այլ խումբ մը ներխուժեց կեդրոնական եւ հարաւային Իտալիա, ուր ստեղծուեցաւ Սպոլետոյի եւ Բենեվենտոյի դքսութիւնները։573 թուականին Ալբոինի սպանութեան հետեւանքով, լոմբարդական կեդրոնական պետութիւնը տրոհեց շարք մը դքսութիւններու։ 576 թուականին Հուստին Բ-ը, օգտուելով լոմբարդներու մասնատուածութիւնէն, զօրք ուղարկեց Իտալիա վերագրաւելու կորսնցուցած տարածքները։ Սակայն տեղի ունեցած ճակատամարտին հռոմէական զորքը պարտուեցաւ, իսկ հրամանատարը սպաննուեցաւ։ ։ Պալքաններուն եւ արեւելքի մէջ շարունակուող հակամարտութիւնները հնարաւորութիւն չտուին կրկին փորձելու վերագրաւել հիւսիսային Իտալիան։ 580 թուականին Տիբերիոս Բ. կայսրը հռոմական մասնատուած տիրոյթներէն ձեւաւորեց հինգ նահանագ կամ եպարքիա. Աննոնարիան, որ կ՝ ընդգրկէր Ռավեննան, Կալաբրիան, Կամպանիան, Եմիլիան ու Լիգուրիան եւ Հռոմն ընդգրկող Ուրբիկարիան։ Այսպիոսվ 6-րդ դարու վերջը ձեւաւորուցաւ շատ թէ քիչ կայուն իրավիճակ։ Հիմնական դեր ունէր քաղաքացիական, ռազմական ու նաեւ եկեղեցական իշխանութիւն ունեցող եկսարքոսը, որ կը կառավարէր Ռավեննան իր արուարձաններով հիւսիսի մէջ մինչեւ Պո գետը, որուն կողմը կը գտնուէր Վենետիկի դքսութեան տարածքը, եւ հարաւը մինչեւ Մարեքիա գետը, ուրկէ կ՝ ըսկսէր Պենտապոլիսի դքսութիւնը։ Երկու դքսութիւններն ալ անուանապէս կ՝ ենթարկուէին Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեանը։։ == Էկզարխութիւն == Էկզարխութիւնը կազմուած էր շարք մը դքսութիւններէ (օրինակ - Հռոմի, Վենեցիայի, Կալաբրիայի, Նեապոլի, Պերուգիայի, Պենտապոլիսոյ, Լուկանիայի եւ այլն), որոնք հիմնականին կ՝ ընդգրկէին Ապենինեան թերակղզիի ծովափնեայ շրջանները, քանի որ Իտալիոյ խորքը կը գտնուէր լոմբարդներու կայուն ենթակայութեան տակ։ Կայսերական այս տիրույթներու քաղաքացիական եւ ռազմական ղեկավար եկսարքոսը, որ կը նստէր Հռավեննայի մէջ, կը ներկայացնէր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գտնուող կայսրին։ Շրջապատող տարածքը, որ հիւսիս կը հասնէր մինչեւ Պո գետ, բաժնելով զայն Վենետիկէն եւ մինչեւ Պենտապոլիս Ռիմինի հարաւը, կը գտնուէր եկսարքոսի ուղիղ ղեկավարութեան տակ։ Նեղ իմաստով երբ այդ տարածքը կ՝ ընդգրկէր Ռավեննայի էկզարխութիւնը։ Կայսրութեան միւս իշխանութիւնները Իտալիոյ մէջ կը կառավարէին դքսերու եւ magistri militium-ներու կողմէն, որոնք շատ թէ քիչ ենթակայ էին եկսարքոսին։ Կոստանդնուպոլսոյ տեսակիւնէն էկզարխութիւնը կազմուած էր Իտալիոյ նահանգով։ Ռավեննայի էկզարխութիւնը արեւելահռոմէական միակ նահանգը չէր Իտալիոյ մէջ։ Սիցիլիան կը ղեկավարէր առանձին ադմինիստրացիայի կողմէն, իսկ Կորսիկան եւ Սարդինիան ընդգրկուած էին Ափիկայի էկզարխութեան կազմին մէջ։ Լոմբարդներու մայրաքաղաքը Պաւիան էր եւ անոնց կը պատկանէր նաեւ Պո գետի մեծ հովիտը։ Լոմբարդական սեպը կը տարածուէր մինչեւ հարաւ, ուր կը գտնուէին Սպոլետոյի եւ Բենեվանտոյի դքսութիւնները; անոնց ձեռքին մէջ ը գտնուէր Իտալիոյ խորքային շրջանները, իսկ ծովեզրեայ տարածքները կը գտնուէին Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեան հսկողութեան տակ։ Պյեմոնտը, Լոմբարդիան, Տոսկանիան, Վենետոյի եւ Կամպանիայի ներքին շրջանները կը պատկանէին լոմբարդներուն, եւ քիչ-քիչ կայսերական ներկայացուցիչը Իտալիոյ մէջ այդ շրջաններու նկատմամբ կորսնցուց ամբողջ իշխանութիւնը։ Ան դեռեւս կը կառավարէր (640 թ-ին ամբողջութեամբ նուաճուած լոմբարդների կողմէն), Նեապոլը եւ Կալաբրիան (կը մտնէին լոմբարդական Բենեուենտոյի դքսութեան կազմին մէջ)։ Իսկ Հռոմի մէջ իրական տերն ու տիրակալը Հռոմի Պապն էր։ Վերջիվերջոյ, 740 թ-ին, էկզարխութիւնը կազմուած էր Իստրիայով, Վենետոյով, Ֆեռերայով, Ռավեննայով (էկզարխութիւնը նեղ իմաստով), նաեւ Պենտապոլիսով եւ Պերուջիայով։ Այս տարածքներու մէկ մասը կորսուած էր արդէն 751 թուականին, երբ լոմբարդները գրաւեցին Ռավեննան, իսկ միւսը դուրս եկաւ կայսրութեան վերահսկողութենէն Հռոմի Պապի ապստամբութեան հետեւանքով։ Հռոմի Պապի եւ Ռավեննայի եկսարքոսի միջեւ յարաբերութիւնները կայսրութեան համար կարոց էին ըլլալ օգտակար եւ վնասակար։ Հռոմի Պապը ունէր մեծ հեղինակութիւն ժողովուրդի շրջանին մէջ։ Հին Հռոմի սենատորական դասակարգէն պահպանուած մնացորդները կը համարէին եկսարքոսին ոչ կարեւոր մէկ պաշտոնեան եւ չէին ցանկար ղեկավարուիլ անոր կողմէն։ Այսինքն էկզարխութիւնը ունէր արտաքին եւ ներքին բաւականին բարդ խնդիրներ։ Իր գոյութեան ընթացքին էկզարխութեան մէջ, ինչպէս եւ ամբողջ Եւրոպայիմէջ, աւելի ու աւելի ուժեղ կ՝ արտայայտուէր ֆերոդալիզմը։ Չնայած բիւզանդական կայսրերու ջանքերուն, քայլ առ քայլ կայսերական պաշտօնեաները կը վերածուէին խոշոր հողատերերու, իսկ անոնց բարեկամները՝ մանր հողատերերու։ Առաւել եւս լոմբարդներու դեմ պայքարելու համար, կը հաւաքուէին տեղական միլիցիաներ, որոնք երթալով աւելի կ՝ անկախանային կայսերական իշխանութիւենէն։ Այդ զօրաջոկատները հետագային հիմք հանդիսացան իտալական շատ քաղաք-պետութիւններու զօրաջոկատներու հիմքը։ == Էկզարխութեան կործանումը == 6-րդ եւ 7-րդ դարերուն լոմբարդներէն եւ ֆրանկներէն եկող վտանգն ու քրիստոնէութեան արեւելեան եւ արեւմտեան ճիւղերու հակակրանքի աճը պատկերամարտութեան պատճառով եկսարքոսի վիճակը կը դառնար օրհասական։ Ռավեննան մնաց եկսարքոսի նստավայրը մինչեւ 727 թուականի ապստամբութիւնը, պատկերամարտութեան պատճառով։ Ռավեննայի վերջին եկսարքոսը սպաննուեցաւ լոմբարդներու կողմէն 751 թուականին։ Էկզարխութիւնը վերածուեցաւ Իտալիոյ կատեպանութեան, որուն գլխաւոր քաղաքն էր Բարին։ Վերջինս գրաւեց արաբներու կողմէն 847 թիւականին եւ ետ վերադարձուց միայն 871 թուականին։ 756 թուականին, երբ ֆրանկները քշեցին լոմբարդներուն, Հռոմի Պապը համարեց, որ էկզարխութեան մէջ նախկին տարածքը իրեն կը պատկանի։ 774 թուականին Պապի դաշնակից Պիպին կարճահասակի տղան՝ Կառլոս Մեծը Պապին յանձնեց այդ տարածքները։ Այս կը համարուի Հռոմի Պապի աշխարհիկ իշխանութեան սկիզբը։ Սակայն քանի որ արքեպիսկոպոսները սորուած էին տեղական աշխարհիկ ինքնիշխանութեան, տարածաշրջանը մնաց խիստ տրոհուած։ Երբ էկզարխութիւնը վերացաւ, Նապոլին եւ Կալաբրիան մտան Իտալիոյ կատապանութեան կազմին մէջ։ Սիցիլիոյ գրաւմամբ 9-րդ դարուն արաբներուն կողմէն, կատապանութիւնը տրոհուեցաւ Կալաբրիոյ եւ Լանգոբարդիոյ բանակաթեմերու։ Իսկ Իստրիան մտաւ Դալմաթիոյի կազմի մէջ։ == Ծանօագրութիններ ==
23,470
Թուքան
Թուքան (անգլերէն՝ Toucan), «Ramphastidae» ընտանիքին պատկանող նորարեւադարձային թռչուն։ Հասարակ յատկանիշն է մեծ կտուցը։ Այս ընտանիքը կը բաղկանայ 5 սեռէ եւ 43 տարբեր տեսակներէ։ == Ընդհանուր տեղեկութիւններ == Թուքանները ծառաբնակ թռչուններ են եւ ընդհանրապէս իրենց բոյները ծառերու կոճղերու խոռոչներուն եւ կամ ուրիշ կենդանիներէ պեղուած ծակերուն մէջ (ինչպէս օրինակ փայտփորիկէն) կը շինեն եւ կ՛ածեն 2-4 ճերմակ հաւկիթներ։ Թխսումի վերջաւորութեան նորածինները մես-մերկ դուրս կու գան առանց վար իյնալու։ Թուքան թռչուններուն կը հանդիպինք զոյգ եւ կամ ալ փոքր խումբերու։ Անոնք չեն գաղթեր։ Ամենածանօթ տեսակն է Թոքօ թուքանը։ Թուքանները տարածուած են մասնաւորաբար կեդրոնական եւ հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ հարաւային Մեքսիքոյէն մինչեւ հիւսիսային Արժանթին։ Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ, եղնեղջիւր թռչունները կը գրաւեն թուքաններու բնապահպանական խորշերը, որ զուգամերձ բարերշրջութեան օրինակ մըն է։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
22,756
2022 Եւրատեսիլ Երգի Մրցոյթ
2022 Եւրատեսիլ Մրցոյթ (անգլ.՝ Eurovision Song Contest 2022, ֆրանս.՝ Concours Eurovision de la chanson 2022) գալիք 66րդ Եւրատեսիլ Երգի Մրցոյթն է: Տեղի կ'ունենայ Թորինօ, Իտալիա, որովհետեւ Måneskin խումբը յաղթեց մրցոյթը տարի մը առաջ: Կազմակերպուած է Եւրոպական Հեռարձակողներու Միութեան (EBU) եւ վարող հեռարձակող Radiotelevisione italiana (RAI) ընկերութիւններուն կողմէ: Մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ PalaOlimpico եւ պիտի ունենայ երկու եզրափակոչ փուլեր Մայիս 10 եւ 12ին, եւ վերջնական փուլը 14 Մայիսին: Երեք վարողներ պիտի ունենայ մրցոյթը՝ Իտալացի ներկայացնող Ալէսանտրօ Քաթէլան, երգչուհի Լաուրա Փաուսինի, եւ Լիբանանցի-Անգլիացի երգիչ Միքա:Այս մրցոյթը կը ներկայացնէ Իտալիոյ երրորդ անգամը հիւրընկալելու Եւրատեսիլը, ասկէ առաջ հիւրընկալելու Նափոլիի եւ Հռոմի մէջ: Քառասուն երկիրներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մրցոյթին, ուր Հայաստանն ու Մոնթէնէկրոն կը վերադառնան տարուան մը բացակայութենէ ետք: Ռուսաստանը պիտի մասնակցէր, սակայն երկրին մասնակցութիւնը արգիլուեցաւ Ռուսաստանի Ուքրանիա ներխուժումումէն ետք:Ուքրանիոյ ներկայացուցիչ Քալուշ Օրքեսթրան արժանացաւ մրցոյթին առաջնութեանը «Stefania» երգով: == Ծանօթագրութիւններ ==
1,098
75 (թիւ)
75 (եօթանասունհինգ) կենտ երկնիշ բնական թիւ է 74-ի եւ 76-ի միջեւ == Ընկերաբանութիւն == 75-ով կը սահմանափակուի Քանատայի սենատորներուն տարիքը == Օրացոյց == Տարուայ 75րդ օրը Մարտ 16-ն է (նահանջ տարիներուն՝ Մարտ 15-ը) 1975 թուական == Ծանօթագրութիւններ ==
23,241
Ղատամիս
Ղատամիս կամ Կետամ (պերպերերէն՝ ʕadémis, արաբ․՝غدامس, Լիպիոյ արաբ․՝ɣdāməs, լատին․՝ Cidamus, Cydamus, իտալ․՝Gadames)․ արեւմտեան Լիպիոյ քաղաք-ովասիս։ Կը գտնուի Թրիփոլիէն 340քլ․ հարաւ-արեւմուտք, Ալճերիոյ եւ Թունուզի սահմաններուն մօտ։ Հին քաղաքը 1986-ին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան։ Իսկ 2016-ին արձանագրուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային Վտանգուած Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։ == Ընդհանուր տեղեկութիւններ == Ղատամիս անունը լառաջացած է Լիպիոյ Ֆեզան շրջանի հին պերպեր Թիտամեսի ցեղախումբէն։ Կ՛ենթադրուի թէ Թիտամեսի անունը հռոմէացիներուն կողմէ աղաւաղուած է եւ տուած է այսօրուան Ղատամիս անումը։ Քաղաք-ովասիսի բնակչութեան թիւը 10 000 է եւ բաղկացած է գլխաւորաբար պերպերներէ (հիւսիսային Ափրիկէի բնիկ ժողովուրդ)։ Պարիսպով պատսպարուած հին քաղաքը յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան։ Եօթը ցեղախումբեր կը բնակին հին քաղաքին մէջ եւ իւրաքանչիւրը ունի իր շրջանը։ 1970-ական թուականներուն, Լիպիոյ կառավարութիւնը հին քաղաքին շուրջը նոր բնակարաններ կը կառուցէ եւ կը բնակեցնէ։ Սակայն բնակիչներուն մեծ մասը ամառուան շրջանին հին քաղաքը կը վերադառնան, որովհետեւ քաղաք-ովասիսի հին բնակարաններուն ճարտարապետական կառոյցը կիզիչ տաքը կ՛առանձնացնէ եւ բնակելու պայմանները աւելի նպաստաւոր են։ Կլիման անապատի յատուկ է, երկարատեւ ամառներով եւ կարճատեւ մեղմ ձմեռներով։ == Պատմական ակնարկ == Ղատամեսի մասին առաջին արձանագրութիւններու կը հանդիպինք հռոմէական շրջանին։ Հռոմէական անունը Կիտամուս էր։ Բիւզանդական ժամանակաշրջանի առաջին դարերուն ընթացքին քրիստոնեայ դարձած բնակչութիւնը Է․ դարուն մահմետականութիւնը կ՛ընդունի երբ արաբները քաղաքը կը գրաւեն։ Մինչեւ ԺԹ․ դարուն, Ղատամես Սահարայի շրջանի առեւտուրի գլխաւոր կեդրոնը եղած է։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
5,107
Նինօ Պուրճանաձէ
Նինօ Պուրճանաձէ (վրաց.՝ ნინო ანზორის ასული ბურჯანაძე, ծն. 16 Յուլիս 1964), վրացի պետական եւ քաղաքական գործիչ, Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ (2001-2008), Վրաստանի նախագահի պաշտօնակատար (2007-2008)։ == Կենսագրութիւն == Թերճոլայի շրջանի ղեկավար Անզոր Պուրճանաձէի ընտանիքին մէջ ծնած է։ 1981-ին Թիֆլիսիս պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժինը ընդունուած է։ 1986-ին համալսարանը աւարտելէն ետք ընդունուած է Մոսկուայի պետական համալսարանը։ 1990-ին միջազգային իրաւունքի մասնագէտի որակաւորում ստացած է: Հոկտեմբեր 2013-ին իբրեւ Վրաստանի նախագահի ընտրութիւններու մասնակից՝ երրորդ տեղը գրաւած է` հաւաքելով քուէներու 10%-էն քիչ մը աւելի։ 21 Մայիս 2011-ին առաջնորդած է Թիֆլիսի մէջ յուզումները տասը հազարէն աւելի մասնակիցներով, պահանջելով Միխէիլ Սաաքաշվիլիի հրաժարականը: Հարաւարեւմտեան Պաթում քաղաքին մէջ որոշ ցուցարարներ հեռատեսիլի շէնք ներխուժելու փորձ ըրած են Ոստիկանութեան հետ կարճ ընդհարումներ տեղի ունեցած են: 26 Մայիսին Վրաստանի ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ արցունքաբեր կազ եւ ռետինեայ փամփուշտներ կիրառած է: Լրագրողներուն, ինչպէս նաեւ տարիքաւորներուն դէմ ոյժ կիրառուած է ։ 1991-էն աշխատած է Թիֆլիսի պետական համալսարանի միջազգային իրաւագիտական բաժնին մէջ իբրեւ դոցենտ։ 1991-1992-ականներուն աշխատած է Միջավայրի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ՝ իբրեւ մասնագէտ-֊խորհրդատու։ 1992-1995-ականներուն եղած է Վրաստանի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի փորձագէտ-խորհրդատու։ Վրացերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով տպագրուած աւելի քան 20 աշխատութիւններու հեղինակ է, ինչպէս նաեւ 1 մենագրութեան՝ նուիրուած միջազգային միջկառավարական կազմակերպութիւններու նոր տեսակի իրաւական հարցերուն։ 1995-էն Վրաստանի խորհրդարանի անդամ է։ 1995-1998-երուն եղած է սահմանադրական, իրաւաբանական հարցերու ու օրինականութեան յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ, իսկ 1998-1999_ին՝ նշուած յանձնաժողովի նախագահ։ 2000-2001-ին եղած է խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, 1995-1998-ին՝ Վրասատանի խորհրդարանի՝ Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի հետ համագործակցութեան մշտական պատուիրակութեան ղեկավար, իսկ 1999—2002-ներուն՝ Եւրամիութեան ու Վրաստանի միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան համաներկայացուցիչ։ 1998-ին ընտրուած է ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական հարցերու յանձնաժողովի զեկուցող, 2000-էն անոր փոխնախագահն է։ Նոյեմբերէն մինչեւ Մայիս 2001-ին Նինօ Պուրճանաձէն Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահն էր, Նոյեմբեր 2001-էն մինչեւ 2008՝ Վրաստանի խորհրդարանի նախագահը։ 25 Նոյեմբեր 2007-էն մինչեւ 20 Յունուար 2008-ը կատարած է Վրաստանի նախագահի պարտականութիւնները։ Այնուհետեւ յայտարարած է մեծ քաղաքականութենէն հեռանալու մասին։ 27 Հոկտեմբեր 2008-ին Նինօ Պուրճանաձէն յայտնած է քաղաքականութիւն վերադառնալու եւ «Ժողովրդավարական շարժում Միացեալ Վրաստան» անուամբ կուսակցութիւն ստեղծելու մտադրութեան մասին։ 23 Նոյեմբեր 2008-ին տեղի ունեցած է կուսակցութեան առաջին համագումարը, ուր Պուրճանաձէն, ընտրուելով կուսակցութեան նախագահ, ըսած է, որ այն պէտք է ըլլայ «կտրուկ ընդդիմադիր»։ == Ծանօթագրութիւններ ==
3,701
Ծաղկաձոր լեռնադահուկային առողջարան
Ծաղկաձոր լեռնադահուկային առողջարանը տեղակայուած է հայկական Ծաղկաձոր քաղաքի լեռնային մասին մէջ, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանէն եւ Զուարթնոց օդակայանէն մօտ 60 Քմ հեռաւորութեան վրայ։ == Ծաղկաձորի պատմություն == Ծաղկաձոր քաղաքը տեղակայուած է ծովի մակերեւոյթէն 1750 մ բարձր Թեղենիս լերան հարաւ-արեւելյան լանջին։ Խորհրդային ժամանակաշրջանին կառուցուած են ճոպանուղին եւ այլ սպորտային սարքաւորումներ՝ խորհրդային մարզիկներուն 1988 Ձմեռային օլիմպիական խաղերուն նախապատրաստելու նպատակով։ Հետագային, քաղաքը զարգացաւ որպէս լեռնադահուկային առողջարան, իսկ վերջերս լիովին վերափոխուեցաւ եւ հին ճոպանուղին փոխարինուեցաւ նորով։ Ծաղկաձորը յայտնի է նաեւ Կեչառիսի վանքային համալիրի շնորհիվ։ == Ճոպանուղիները == ‎ Ճոպանուղին բաղկացած է երեք յաջորդական վերելակներէ եւ կ'երկարի լերան ստորոտէն (ծովի մակերեւոյթէն 1969 մ ) մինչեւ լերան գագաթը (2819 մ)։ 2006 թուականին, նոր՝ չորրորդ ճոպանուղին կառուցուեցաւ, որմով նոր դահուկային ուղի բացուեցաւ։Ճոպանուղիի առաջին հատուածը չորս տեղանի է, իսկ միւս հատուածները երկտեղանի են։ == Ծանօթագրութիւններ ==
15,264
Կեչառիսի Խաչքարեր
Կեչառիսի վանքին մէջ կան Ժբ.-Ժգ. դարերէն մնացած բազմաթիւ խաչքարեր, որոնք գունագեղութիւն կը հաղորդեն վանքային համալիրին՝ դառնալով անոր բաղկացուցիչ տարրերը։ Համալիրին կարեւոր կառոյցներէն է Վեցիկ ճարտարապետին մահարձան-խաչքարը (Ժգ. դար), զոր կանգնեցուցած են անոր ճարտարապետ եղբայրները։ Խաչքար մըն ալ պահպանուած է վանական համալիրին հարաւային մասին մէջ գտնուող Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ (1203-1214),որ եկեղեցիներէն ամենաշքեղն է: Ժբ. դարէն սկսեալ հանդէս եկած են խմբական խաչքարերը։ Անոնք երբեմն կանգնեցուած են մէկ ընդհանուր կամ քով-քովի դրուած պատուանդաններու վրայ։ Կարգ մը պարագաներու խաչքարերը կանգնեցուած են հանգուցեալներու յիշատակին խումբ մը մարդոց կողմէ, ինչպէս է պարագան Հաւուց Թառի եւ Կեչառիսի մէջ: == Կեչառիսի խաչքարերով յուշադրամ == Յուշադրամին մէկ կողմի կեդրոնը կը գտնուի Կեչառիսի վանական համալիրին մէջ գտնուող խաչքարերէն մէկուն մանրակերտը: Մանրակերտին շուրջ պատկերուած են խաչեր եւ Կեչառիսի վանական համալիրը: Ձախ եզրագիծով «ԿԵՉԱՌԻՍԻ ՎԱՆՔ Ժբ.» եւ աջ եզրագիծով` «KECHARIS MONASTERY XII CENTURY» մակագրութիւններն են, իսկ վարը՝ յուշադրամին հրատարակման տարին`«2011»: == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
977
396 (թիւ)
396 (երեք հարիւր իննսունվեց) զոյգ եռանիշ բնական թիւ է 395-ի եւ 397-ի միջեւ == Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ == A005349 բերկրալի թիւ է A005514 3962+1-ը պարզ թիւ է A001043 հարեւան պարզերու գումար է՝ 395=197+199 Alt 396 գործադրելիս կը ստացուի կիւրեղեան М գլխատառը 396 Այոլիա աստեղնեակի կարգային թիւն է == Ծանօթագրութիւններ ==
5,914
Սամսունկ
Սամսունկ կրուփ (քորէայերէն՝ 삼성그룹), Հարաւային Քորէական կազմակերպութիւն մը, որ հիմնադրուած է 1938 թուականին։ Համաշխարհային շուկային մէջ յայտնի է որպէս բարձրակարգ ելեքտրոնային բաղադրամասերու, հեռահաղորդակցման սարքավորումներու արտադրող։ Կեդրոնական գրասենեակը կը գտնուի Սեուլին մէջ։ Apple–ի գլխաւոր մրցակիցն է։ «Սամսունկ» բառը քորէերէն կը նշանակէ «երեք աստղ»: Հնարավոր է, անիկա կապուած է Սամսունկի հիմնադիր Լի Պեոն-չիւլին (이병철) երեք որդիներուն հետ, որոնցմէ կրտսերը Լի Քուն-հին (이건희) ընկերութիւնը ղեկավարած է 1967-ին, խախտելով արեւելեան ժառանգականութեան կանոնները, ըստ որու ընտանիքին ունեցուածքին մէծ մասը կը ժառանգէ աւագ որդին: == Պատմութիւն == === 1938-1954 === 1938-ին Լի Պեոն-չիւն (1910-1987), որ Ըյրեոնի մէծ հողատեր ընտանիքէն էր, տեղափոխեցաւ Տէկու քաղաքը եւ հիմնադրեցաւ Samsung Sanghoe: Սամսունկը իր գործունէութիւնը սկսաւ որպէս Սու Տօնին (ներկայիս՝ Ինկեոյ Տօն) մէջ տեղաւորուած քառասուն աշխատողներով պզտիկ առեւտուրական ընկերութիւն մը: Ան կը զբաղուեր տեղին համար բրինձի ալիւրի արտադրութիւնով եւ խմորեղէնի վաճառքով: Ընկերութիւնը կը զբաղուեր նաեւ բրինձի, շաքարի եւ չորացրած ձուկի առաքումներով դեպի Չինաստան եւ Մանճուրիա: Ան սկսաւ բարգաւաճիլ եւ 1947-ին գլխաւոր գրասենեակը տեղափոխեցաւ Սեուլ: ՔորԷական պատերազմը սկսելուն ան ստիպուած եղաւ հեռանալ Սեուլէն: Ան Պուսանին մէջ սկսաւ շաքարի զտումի գործը Cheil Jedang անունով: 1954-ին Լին հիմնեցաւ Cheil Mojik-ը եւ կառուցեց գործարան մը Չիմսան-տօնին մէջ (Տէկու): Ատիկա ամենէ մէծ ջրաղացն էր ամբողջ երկիրին մէջ: Սամսունկը իր գործունեութիւնը կը տարածեր տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Լին կը ձգտեր Samsung-ը դնել որպէս արդիւնաբերութեան լայն ցանկի ճիւղերու առաջատար: Samsung-ը փոխադրուեցաւ գործարարութեան անանկ ճիւղերուն, ինչպէս ապահովագրութիւնը, արժեթղթերը եւ մանրածախ առեւտուրը: === Պատերազմէն Ետք === Ետպատերազմեան տարիներուն երկիրին նախագահ Փաք Չոն Հին մէծ նշանակութիւն կը տար արդիւնաբերացումին: Ան կեդրոնացրած էր իր տնտեսական զարգացումին մարտավարութիւնը քանի մը խոշոր հայրենական քոնկլոմերաթներուն վրայ, պաշտպանելով անոնց մրցակցութենէ, տրամադրելով պետական պատուերներ եւ ցուցաբերելով ֆինանսական օգնութիւն:Ստեղծուեցին 30 խոշոր ընկերութիւններ՝ («չէպոլներ»՝ «փողոտ ընտանիքներ»), որոնց թիւին էին Daewoo-ն, Hyundai-ը, Goldstar-ը (LG) եւ այլք: «Փողոտ ընտանիքներէն իւրաքանչիւրն ունէր իր ուղղութիւնը՝ Daewoo-ն կ'արտադրեր ինքնաշարժներ, Goldstar-ը՝ կենցաղային սարքեր, Samsung-ը ելեքտրոնիք, Hyundai-ը կ'ըներ շինարարութիւն: 1947-ին Չո Հոն-ճաի Hyosung group-ին հիմնադիրը, Լի Պեոն-չիւին հետ համատեղ ներդրում ըրաւ նոր ընկերութիւնը մը, որ կը կոչուէր Samsung Mulsan Gongsa կամ՝ Սամսունկ Առեւտրային համաընկերութիւն: Առեւտրական ընկերութիւնը աճեց մինչեւ մեր օրուան Samsung C&T Corporation: Քանի մը տարիներէն ետք Չոն եւ Լին բաժնուէցան կառավարումի իրենց տարբերութիւններու պատճառաւ: Չուն կը պահանջեր 30 մասնաբաժինը: Samsung Group-ը բաժնուեցաւ Samsung Group-ին, Hyosung Group, Hankook Tire եւ այլ պիզնեսներու: 1960ականներու վերջին Samsung Group-ը մուտք գործեցաւ ելեքտրոնիքայի արդիւնաբերութիւն: Ան ձեւաւորեցաւ ելեքտրոնիքին հետ կապ ունեցող քանի մը բաժիններ եւ ստեղծեցաւ ձեռնարկութիւն մը Սուվոնին մէջ: Անոր առաջին արտադրանքը սեւ-սպիտակ հեռուստացոյց մը եղած է: === 1970-1990 === 1980—ին Samsung-ը ձեռք բերաւ Gumi-ին վրայ հիմնուած Hanguk Jeonja Tongsin-ը եւ մուտք գործեցաւ հեռահաղորդակցութեան սարքաւորումներու արտադրութիւն: Անոր առաջին արտադրանքը կառաւարման վահանակները եղած են: Ձեռնարկութիւնը վերափոխուեցաւ հեռախօսներու եւ ֆաքսերու արտադրութեան համակարգի եւ դառաւ Samsung-ին բջջային հեռախօսներու արտադրութեան կենտրոն մը: Անոնք արտադրած են աւելի, քան 800 միլիոն բջիջային հեռախօսներ: Ընկերութիւնը անոնց Samsung Electronics-ի ներքոյ մէկ տեղը խումբաւորեցաւ 1980-ականներուն: Հիմնադիր Լիին մահէն ետք՝ 1987-ին Samsung Group-ը բաժնուեցաւ չորս գործարար խումբերու՝ Samsung Group, Shinsegae Group, en:CJ Group եւ Hansol Group. Shinsegae առեւտրական ցանցը Samsung Group-ին մաս կը կազմեր եւ անջատած էր անորէն 1990ականներուն CJ Group-էն (Սնունդ/Քիմիական/Զուարճալիքներ/Մատակարարումներ) Hansol Group-էն (Թուղթի արտադրութիւն/Հեռահաղորդակցութիւն) հետ միասին: Մեր օրերը սա առանձին խումբերը անկախ են եւ միաւորուած Samsung Group-ին մաս չեն կազմեր: 1980ականներուն Samsung Electronics-ը սկսաւ եռանդով միջոցներ ներդնել հետազոտումներու եւ զարգացումներու համար, ներդրումներ, որոնք շեշտակիորեն մղեցին ընկերութիւնը համաշխարհային ելեքտրոնիքայի արտադրութեան առաջին գիծը: 1982-ին ան կառուցեց հեռուստացոյցի մասերու հաւաքման գործարան մը Պորթուկալի մէջ, 1984-ին՝ գործարան մը Նիւ Եորքին, 1985-ին՝ Թոքիոյին մէջ, 1987-ին՝ Անգլիոյ մէջ ստեղծեցաւ ձեռնարկութիւն մը եւ 1996-ին այլ ձեռնարկութիւն մը Օսթին, Թեքսաս: 2012-ի դրութեամբ Սամսունկը 13 պիլիոն ամերիկեան տոլլարէ աւել ներդրած է Օսթինին ձեռնարկութիւնը, որ կը գործէ Samsung Austin Semiconductor անուանումի տակ: Ասիկա Օսթինը կը դարձնէ Թեքսասին ամենէ մեծ ներդրումներով վայրը եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ամենէ մեծ արտասահմանեան ներդրումներով վայրէն մին: === 2000էն Ետք === 2000-ին Սամսունկը Վարշաւային մէջ, որ Լեհաստան կը գտնուի, կը բացե համակարգչային ծրագրաւորումին փորձարարական ձեռնարկութիւն մը: Անոր գործունեութիւնն սկսած էր set-top-box թեքնըլոճիէն մինչեւ թիւային հեռուստատեսութեան եւ սմարթֆոններու բնագաւառը մտնելը: 2011-ի դրութեամբ Վարշաւայի հիմնարկը Եւրոպային մէջ ամենէ կարեւոր R&D կեդրոնն է եւ, ըստ կանխատեսումներու պիտի ներգրաւե 400 նոր աշխատող մինչեւ 2013-ին վերջ: 2010-ը Samsung-ը յայտարարեց հինգ գործարարութիւններուն շուրջ տասը տարուան զարգացումի մարտավարութեան մը մասին, որոնցմէ մին կը հանդիսանար կենսադեղագործութիւնը, որուն համար ընկերութիւնը յատկացրեց 2,1 թրիլիոն ₩ (քորեական ուոն): 2011 Դեկտեմբեր՝ Samsung Electronics Seagate-ը վաճառեց իր Կոշտ տիսքերուն նուագարկիչներու (HDD) պիզնըսը:2012-ին առաջին քառորդը Samsung Electronics-ը դարձաւ աշխարհի խոշորագոյն բջիջային հեռախօսներ արտադրող, առաջ անցնելով Նոքիայէն, որ 1998-էն շուկայի առաջատարը կը համարուեր: Austin American-Statesman-ին Օգոստոս 21-ի խմբագրականին մէջ Samsung-ը կը հաստատէ աւելի եկամուտաբեր չիփերու արտադրութեան համար Օսթինին չիփերուն արտադրութեան կէսը վերափոխելուն համար երեքէն չորս պիլիոն ծախս ընելու մտադրութիւնը: Վերափոխումն սկսեցաւ 2013-ին սկիզբը եւ առաջին արտադրանքը տուաւ տարուայ վերջին: 2013 մարտ 14-ը Samsung-ը ներկայացրեց Կելըքսի S4-ը ==== Apple-ին Դէմ Մրցակցութիւնը ==== 2012 Աւգոստոս 24-ին ատենակալները վճռեցին, որ Samsung-ը պարտաւոր է Apple վճարիլ $1.05 պիլիոն հասցրած վնասներու դիմաց՝ անոր մարթֆոններու թեքնըլըճիին վեց արտոնագիրները խախտելուն համար: Վճարի չափը Apple-ին պահանջած $2.5 պիլիոնէն պակաս եղած էր: Վճիռը նաեւ կարգադրած էր, որ Apple-ը չէ խախտած Samsung-ի նշած հինգ արտոնագիրները: Սամսունկը դեմ եղած էր սա որոշումին, հիմնաւորելով, որ ատիկա կը վնասէ բնագաւառին նորամուծութիւններուն: Անոր նաեւ հետեւեցաւ Հարաւային Քորէայի որոշումը, որ մտաւոր սեփականութեան խախտումներ եղած են երկու կողմերէն: Վճիռէն ետք կայացած առաջին վաճառքին Քոսփիի դասիչը ունեցաւ 7.7% անկում, որը ամենէ մէծը եղած էր 2008 Հոկտեմբեր 21-է: Apple-ը այնուհետեւ կը ջանար արգելիլ Samsung-ը Միացեալ Նահանգներին ներսը վաճառիլ ութ հեռախոսներ (Galaxy S 4G, Galaxy S2 AT&T, Galaxy S2 Skyrocket, Galaxy S2 T-Mobile, Galaxy S2 Epic 4G, Galaxy S Showcase, Droid Charge եւ Galaxy Prevail), ինչը մերժուեցաւ դատարանը: 2012 Սեպտեմբեր 4-ին՝ Samsung-ը յայտարարեցաւ իր բոլոր չինական մատակարարողները ստուգելուն մասին հնարաւոր աշխատանքային պայմանները խախտելու վերաբերեալ: Ընկերութիւնը ըսաւ, որ պիտի իրականացնէ 250 մատակարարող ընկերութիւններու ստուգումը, պարզելու անոնց մէջ 16-է ցածր տարիքի երեխաներու աշխատանքը օգտագործելուն հանգամանքը: 2013 Նոյեմբեր՝ ընկերութեան արժեքը գնահատեցաւ $227 պիլիոն 2014 Սեպտեմբեր 3՝ Սամսունկը ներկայացրեցաւ Gear VR վիրթուալ իրականութեան սարքը 2014 Հոկտեմբեր՝ յայտարարուեցաւ $14.7 պիլիոն ներդրումին մասին՝ Քորէային մէջ չիփերու գործարան մը կառուցելուն համար, որը պիտի աւարտուի 2017-ին: Ընկերութիւնը դեռեւս չէ որոշած չիփերու տեսակը, որ պիտի արտադրուին: Նաեւ կը յայտարարէ Վիեթնամին մէջ 700 000 քառ.մ տարածքին նոր արտադրական համալիր մը կառուցելուն վրայ 633 պիլիոն քորէական ուոն ($560 միլիոն) յատկացնելուն մասին: 2014 Դեկտեմբեր՝ Samsung-ը որոշեցաւ, որ պիտի վաճառէ Fiber Optics ամերիկեան յատուկ ապակիներ արտադրող Corning Inc. ընկերութեանը: 2015՝ տարուան ընթացքին Samsung-ը ստացած է Միացեալ Նահանգներու աւելի շատ արտոնագիրներ, քան որեւէ այլ ընկերութիւն մը, այդ թիւին՝ IBM, Google, Sony, Microsoft եւ Apple ընկերութիւնները: Մինչեւ 11 Դեկտեմբեր ստացած է 7 676 գործող արտոնագիր: == Ծանր արդիւնաբերութիւն == Ծանր արդիւնաբերութեան բնագաւառը կ'աշխատէն ընկերութեան երկու բաժանմունքները՝ Samsung Heavy Industries Samsung Techwin:Կը բերեն եկամուտին մօտ 10 %-ը: Կը կատարեն անվտանգութեան կառուցուածքին աշխատանքներ, սպառազինութեան նօր տեսակներու մշակում ու նաեւ՝ քարիւղի եւ կազամուղներու, թանգերներու շինարարութիւն: Խոշոր նախագիծներէն մին բազմանպատակային ուսումնական KTX2 օդանաւին, К9 ինքնագնաց հաուպիցին մշակումն է, աշխարհի ամենէ մէծ հեղուկացրած կազին թանգերը եւ Xin Los Angeles տարողափոխադրողը պատրաստելը: == Շինարարութիւն == Շինարարութիւն կընե քոնսեռնը պատկանող մէկ ընկերութիւն՝ Samsung Engineering Ճիւղը քոնսեռնին կը բերէ տարեկան մօտ $2 պիլիոն: Կը կատարէ Samsung Group-ին օֆիսներու եւ գործարաններու շինարարութեան աշխատանքները աշխարհով մին, կողմնակի պատուերներու կատարումը յազուադէպ կ'ըլլայ:Կարգ մը նշանաւոր շինութիւններու, որոնցմէ ամենայայտնիները՝ աշխարհին ամենէ բարձր շենքի՝ Պուրճ Խալիֆային, Փեթրոնաս զոյգ եւ Թայպէյ 101 աշտարակներու կառուցումն իրականացրած է: == Խոշորագոյն Գնորդները == Սամսունկին գլխաւոր գնորդներէն են՝ Royal Dutch Shell Samsung Heavy Industries-ը պիտի հանդիսանայ Royal Dutch Shell-ին համար հեղուկացուած բնական կազին պահեստարանին կառուցման միակ կապալառուն, որուն արժէքը կը կազմէ մօտ $50 պիլիոն` յետագայ 15 տարիներու համար:Shell-ը յայտարարած է աշխարհի առաջին լողացող հեղուկացուած կազի հարթակի կառուցման ծրագիրը: 2012 հոկտեմբերը Samsung Heavy Industries-ին Հարաւային Քորէայի Կեոճէ կղզիի նաւաշինական գործարանի մէջ սկսած է նաւի մը շինարարութիւնը, որուն աւարտէն եւ ամբողջովին ներբեռնումէն ետք պիտի կշռէ 600 000 թօն եւ դառնայ աշխարհի ամենէ մէծ «նաւը»: Ատիկա վեց անգամ մէծ կ'ըլլայ Միացեալ Նահանգներու ամենէ մէծ օդանաւակիրէ: Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու կառաւարութիւն Հարաւային Քորէային ֆիրմաներու քոնսորցիում մը, որ կը ներառէ Samsung-ը, Korea Electric Power Corporation-ը եւ Hyundai-ն շահած են Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները ատոմակայաններ կառուցելու $40 պիլիոնին գործարք մը:Օնթարիոյի կառաւարութիւն Քանատային Օնթարիո երկրամասի կառաւարութիւնը յայտարարած է աշխարհի ամենէ մէծ վերականգնուող եռանդի նախագիծը, ստորագրելով $6.6 պիլիոն արժէքով գործարք լրացուցիչ 2 500 մեկաուաթ հզօրութեան քամիի եւ արեւի եռանդին ստացումին, ինչպէս նաեւ՝ երկրամասին մէջ հաղորդման շղթայ կառուցելուն համար, որ պիտի իրականացնէ քոնսորցիում մը, որ կը գլխաւորէ Սամսունկը եւ որուն մէջ կը մտնէ նաեւ Korea Electric Power-ը: == Ծանօթագրութիւններ ==
21,902
Շամսուտտին Մոհամետ Հաֆեզ
Շամսուտտին Մոհամետ Հաֆեզ (պարս․՝ خواجه شمس‌‌الدین محمد حافظ شیرازی,1325, Շիրազ, Muzaffarids of Iran - ոչ վաղ քան 1389 եւ ոչ ուշ քան 1390, Շիրազ, Թիմուրեաններու պետութիւն), պարսիկ բանաստեղծ: == Կենսագրութիւն == Ծնած է Իրանի Շիրազ քաղաքը: Անոր ծննդեան ստոյգ թուականը յայտնի չէ: Այդ մասին ուսումնասիրողները տարբեր կարծիքներ յայտնած են: Հաֆեզ ամուսնացած է եւ ունեցած` երկու որդիներ, որոնցմէ մէկը մահացած է 24 Դեկտեմբերի 1362-ին: Հաֆեզը կեանքին մէջ միայն մէկ անգամ դուրս եկած է Շիրազէն եւ գացած է Եազտ քաղաք, բայց շատ կարճ ժամանակ ետք վերադարձած է Շիրազ: Անգամ մըն ալ հրաւիրուած է Հնդկաստանի թագաւորին կողմէ, բայց հրաժարած է, որովհետեւ ճանապարհորդութիւնը ծովով պիտի ըլլար: Այս առիթներով Հաֆեզը գրած է ղազալներ, որոնք հետագային հիմք հանդիսացան անոր կենսագրութեան վերաբերող աւանդապատումներու: Ըստ այդ աւանդապատումներէն մէկուն, Հաֆեզի հայրը` Պահաաուտտինը, իսկ, այլոց ըսածին համաձայն, Շամսուտտին, սպահանցի էր, երիտասարդ ժամանակ տեղափոխուած է Շիրազ եւ զբաղած` առեւտուրով: Մահանալէն ետք ժառանգ ձգած է բաւական մեծ հարստութիւն, բայց աւագ որդիները ամբողջը վատնելով` Հաֆեզն ու իրենց մայրը կը ձգեն աղքատութեան մէջ: Հօրը մահէն ետք Հաֆեզի մտած է փուռ` աշխատանքի: Ըստ աւանդութեան, փուռ մտնելով` ան իր ձեռք բերած դրամը բաժնած է երեք մասի. մէկ մասը տուած է մօրը, մէկ մասը իր ուսուցիչին` իբրեւ ուսման վարձ, իսկ երրորդ մասը` աղքատներուն: Փուռին մէջ Հաֆեզը ստացած է նախնական կրթութիւն, ուր գոց սորված է «Ղուրան»ը եւ ժամանակակիցներուն կողմէն ստացած է «Հաֆեզ» (սորված) անունը։ Այն փուռը, ուր աշխատած է Հաֆեզ, եղած է Շիրազի բանաստեղծներու հաւաքատեղին: Այդտեղ բանաստեղծները կը վիճէին գրականութեան զանազան հարցերու շուրջ եւ կը կարդային իրենց ստեղծագործութիւնները: Երիտասարդ Հաֆեզը այս «ակումբ»-ին մէջ կարդաղած է իր անդրանիկ ստեղծագործութիւնները, որոնք չափի եւ կշռոյթի տեսակետէն տակաւին թոյլ էին, ուստի բանաստեղծներուն կողմէ ենթարկուած են սուր ծաղրի: Ան բանաստեղծի համբաւ ձեռք բերած է միայն 14-րդ դարու քառասունական թուականներէն ետք` շէյխ Ապու Իսհաքի թագաւորութեան ժամանակաշրջանին, մոնկոլական բռնատիրապետութեան ատեն: == Հաֆեզի եւ Լենկ Թիմուրի աւանդապատումը == Աւանդապատուը կը խօսի մեծ բանաստեղծին կեանքին վերջին տարիներուն պատահած դէպքերէն մէկուն մասին` կապուած Լենկ Թիմուրի հետ: 1387 թուականին Կաղ Թիմուրը արշաւած է Շիրազի վրայ ու գրաւած է զայն: Երբ բռնակալը քաղաք կը մտած է, անոր մօտ բերած են աղքատի հագուստներ հագած ծերունի Հաֆեզը, անոնց խօսակցութեան ժամանակ Հաֆեզը իր ղազալներէն երկտող մը արտասանած է։ Լենկ Թիմուր հաւնած է Հաֆեզին սրամտութիւնը եւ ներած է զինք: == Թաղումը == Կրօնաւորները Հաֆեզը անհաւատ կը համարէին, որովհետեւ անիկա իր ստեղծագործութիւններուն մէջ ծաղրանքի ենթարկած է զիրենք, ուստի զայն կարելի չէր թաղել մահմետականներուն հետ նոյն գերեզմանոցին մէջ: Այդ պատճառով ժամանակակիցները առաջարկած են միջնադարեան սովորութիւն մը` վիճակ քաշել: Հաֆեզի ղազալներէն կը քաղեն առանձին կտորներ եւ կը նետէն սափորի մէջ: Փոքրիկ մը սափորին մէջէն կը հանէ հետեւեալ տունը/ պէյթը. Հաֆեզը կը թաղեն Ռուքնապատ (Մուսալլայի) գետի ափին վարդերու պարտէզին մէջ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
21,821
Զէնտէյա
Զէնտէյա Մարի Սթորմըր Քոլմըն (անգլ.՝ Zendaya Maree Stoermer Coleman, 1 Սեպտեմբեր 1996(1996-09-01), Օքլենդ, Քալիֆորնիա), ճանչցուած իբր Զէնտէյա (անգլ.՝ Zendaya), Ամերիկացի դերասան եւ երգիչ: Ան արժանացած է շատ մը մրցանակներու, ինչպէս Էմմի Մրցանակի, Սէթըլայթ Մրցանակի, եւ Սէթըրն Մրցանակի: == Ծանօթագրութիւններ ==
16,063
Հարվըրտի համալսարան
Հարվըրտի Համալսարան, անձնական հետազօտական «Այվի» միութեան անդամ համալսարան մըն է, Մասսաչուսէթս նահանգի Քէմպրիճ շրջանին մէջ։ Ունի մօտաւոր 6700 պսակաւորի աշակերտներ եւ 13,100 մագիստրոսականի եւ դոկտորականի աշակերտներ: Հիմնուած է 1636-ին. անուանումը ստացած է իր առաջին բարերարի՝ կղերական Ճոն Հարվըրտի անունով: Հարվըրտը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենահին համալսարանն է: Անոր պատմութիւնը, ազդեցութիւնը, հարստութիւնը եւ ակադեմական համբաւը Հարվըրտը դարձուցած է աշխարհի ամենահռչակաւոր համալսարաններէն մէկը: Նշուած է որպէս աշխարհի ամենալաւ համալսարանը բազմաթիւ հրատարակիչներու կողմէ: == Կառուցուածք == Արուեստներու եւ գիտութիւններու կաճառ (հիմն. 1890թ-ին, խոշորագոյն համալսարանական ստորաբաժանում),որուն մէջ կը մտնեն․ Հարվըրտի քոլէճ պսակաւոր աստիճան ունեցող ուսանողներու համար (1636թ), Արուեստներու եւ գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոց (1872թ), Ճարտարագիտական եւ կիրառական գիտութիւններու դպրոց (2007թ), Անընդհատ կրթութեան բաժին,որուն մէջ կը մտնեն․ Հարվըրտի ամառային դպրոց (1871թ), Ընդլայնուած կրթութեան դպրոց (1910թ), Հարվըրտի բժշկական դպրոց (1782թ), Հարվըրտի ատամնաբուժութեան դպրոց (1867թ), Հարվըրտի աստուածաբանութեան դպրոց (1816թ), Հարվըրտի իրաւունքի դպրոց (1817թ Հարվըրտի առեւտրական business դպրոց (1908թ), Տիզայնի բարձրագոյն դպրոց (1914թ), Մանկավարժական գիտութիւններու Հարվըրտի բարձրագոյն դպրոց (1920թ), Հասարակութեան առողջապահութեան հիմնարկ (1922թ), Ճոն Քենետիի անուան պետական կառավարման Հարվըրտի հիմնարկ (1936թ)։ === Շրջանաւարտներ === ԱՄՆ-ի նախագահներէն եօթը Հարվըրտի շրջանաւարտներ են։ Համալսարանի հետ առնչութիւն ունեցած են նաեւ 75 Նոպէլեան մրցանակակիրներ, որոնք եղեր են կա՛մ ուսանողներ, կա՛մ դասախօսներ, կա՛մ ալ այլ աշխատակիցներ։ Ընդհանուր առմամբ, համալսարանը միլիառատէր (billionaire) շրջանաւարտներու թուաքանակով կը զբաղեցնէ առաջին տեղը։ == Ծանօթագրութիւններ ==
7,201
Քաղաքավարական օդանաւորդութեան հանրային տնօրէնութիւն
Քաղաքավարական Օդանաւորդութեան Գլխավոր Տնօրէնութիւնը (Direction Générale de l'Aviation Civile - DGAC) Ֆրանսական վարչութիւնն է որ կը կանոնավորէ ու ապահովէ օդային անվանգութիւն փոխադրամիջոցներ՝ ու ընդհանուրօրէն հանրային տնօրէնութիւնը: Կապուած է Շրջակա Միջավայրի, Ուժի ու Ծովու նախարարութեան։ Կը ղեկավարէ քաղաքավարական օդանաւորդութեան տարբեր հանձնարարութիւնները, ինչպէս՝ օդային վերահսկում, օգնել սաւառնագիտութեան շինութեան որոնումը, օդանաւները որակավորել, հետագննել օդային վտանքները ու մարդոց բարեկեցութիւնը իսկ պաշտպանել շրջակա միջավայրը աղմուկի վնասութիւններէն։ == Պատմութիւն == Քաղաքավարական Օդանաւորդութեան Գլխավոր Քարտուղարութիւնը (Secrétariat Général à l'Aviation Civile et Commerciale - SGACC) ստեղծուած է 12 Սեպդեթբեր 1946, Հասարակական Աշխատանքներու եւ Փոխադրութիւններու Նախարարութեան մէջ։ 18 Թեկտեմբեր 1945-ին Մաքս Հիմանսն (1900-1961) կոչուած էր քաղաքավարական ու առեւտրական օդանաւորդութեան գլխավոր քաղտուղար - ըսելէ թէ 9 ամիս SGACC-ին ստեղծումէն առաջ. Օդի Նախարարութեան քաղաքավարական օդանաւորդութեան մասի պարտականութիւնները տրուած էին Հասարակական Աշխատանքներու եւ Փոխադրութիւններու Նախարարութեան։ Ֆրանսային ազատութենէն ատեն, Մաքս Հիմանս օդային փոխադրութիւններու տնօրենն էր. Ուստի արած էր Օդի Նախարարութեան Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ատենէն հանձնարարութիւնները։ SGACC-ին մէջ Թեթեւ Օդանաւորդութեան Մխրմինը (Service de l’aviation légère et sportive - SALS) տրամադրեց օդանաւներ ու հրահանգիչներ։ 1955-ին SALS-ը դարցաւ Սաւառնագիտութեան Կրթութեան ու Օդային Մարզանքնըրու Մարմինը (Service de la formation aéronautique et des sports aériens - SFASA)։ 1976-ին, երբ գլխավոր քարտուղարութիւնը անհայտացան ֆրանսական գերատեսչութենէն, Քաղաքավարական Օդանաւորդութեան Գլխավոր Քարտուղարութիւնը (SGAC) կը դառնայ Քաղաքավարական Օդանաւորդութեան Գլխավոր Տնօրէնութիւնը (Direction générale de l'Aviation civile DGAC)։ 1946էն 1993, SGAC-ին -ու հետոյ DGAC-ին - նստավայրե կը գտնուի 93, Boulevard du Montparnasse։ 29 Օգոստոս 2005-ին, առաջին անգամ ըլլալով DGAC-ն իր կայքէջին վրայ կը հրատարակ, Ֆրանսայի մէջ արգիլուած օդային ընկերություննըրու ցանկ մը, Ադ ցանկը կարելի է փոխուի։ == Տնտեսում == DGAC-ին տնտեսական կազմակերպութիւնը բացառիկ է՝ որովհետեւ դրամական հասոյթներն ու ծախսները մխսխմբ կապուած էն Կարաւարութեան ընդհանուր տարեհաշիւին՝ «Օդային Հսկումի ու Գործածում Օժանդակ Տարեհաշիւին» (Budget Annexe "Contrôle et Exploitation Aériens" - BACEA)։ Ուստի օդային ընկերությունները կը վճարեն օդային նաւարկութեան պարտքերը ու հսկումի պարտքերը (ապահովութիւն), եւ դիմացէն կը ստանան օդային նաւարկութեան ծառայութիւններ։Օժանդակ տարեհաշիւին կարողութիւնները կը ներառկեն թագաւորական (2011-ի ու 2012-ի տնտեսական օրենգներ)։
6,420
Վարդան Ա․Պարսամեան
Վարդան Ա. Պարսամեան (15 Հոկտեմբեր 1909, Արզական – 1990, Երեւան) Հայ պատմաբան: == Կենսագրութիւն == 1931-ին կ’աւարտէ Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմագրական բաժանմունքի ընթացքը: 1947-ին կը ստանայ Պատմական Գիտութիւններու Դոկտորի աստիճան: Նոյն թուականին կ’արժանանայ Փրոֆեսորի կոչումին: 1932-1936, կը ստանցնէ ՀՍՍՀ Պետական Կեդրոնական Արխիւի գիտահետազոտական բաժնի վարիչի եւ տնօրէնի գիտական գծով տեղակալի պաշտօնները: 1937-1942, ՍՍՀՄ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Հայկական մասնաճիւղին մէջ պաշտօնի կը կոչուի իբրեւ աւագ գիտաշխատող: 1943-1954, կը վարէ ՀՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտի նոր պատմութեան բաժնի վարիչի պաշտօնը, միաժամանակ, 1942-1954, ստանձնելով Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան Մանկավարժա-Ինստիտուտի ՍՍՀՄ Պատմութեան Ամբիոնի վարիչի պաշտօնը: 1954-1976, կը նշանակուի Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայ Ժողովուրդի Պատմութեան Ամբիոնի վարիչ: 1977էն՝ Վ. Պարսամեան պաշտօնի կը կոչուի իբրեւ աւագ գիտաշխատող ՀՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտին մէջ: Հասարակական եւ գիտական իր ծառայութիւններուն համար Վ. Պարսամեան կը պարգեւատրուի «Աշխատանքային Կարմիր Դրօշ»ի շքանշանով, Խաչատուր Աբովեանի եւ Ս. Ի. Վավիլովի անուան մետալներով: Վարդան Ա. Պարսամեան պատմաբանը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց հայ ազատագրական յեղափոխական շարժումներու, հասարակական-քաղաքական հոսանքներու, հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան վրայ: Վ. Պարսամեան ծաւալուն մասնակցութիւն բերած է բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու եւ դպրոցական «Հայ Ժողովրդի Պատմութիւն» դասագիրքերու, փաստաթուղթերու ժողովածուներու կազմակերպման եւ հրատարակութեան գործին մէջ։ Ունի նաեւ փոքրածաւալ ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը մնան հայագիտական մամուլի էջերուն մէջ: Վ. Պարսամեան կը մահանայ 1990-ին, Երեւան: == Գործեր == Առանձին հատորներով լոյս տեսած են. «Ցարիզմի Գաղութային Քաղաքականութիւնը Հայաստանում» (Երեւան, 1940), «Ա. Ս. Գրիբռեդովը եւ Հայ Ռուսական Յարաբերութիւնները» (Երեւան, 1947), «Ռեւոլիւցիոն Շարժումները Հայաստանում, 1905-1907 Թ.» (Երեւան, 1955), «Հայ Ազատագրական Շարժումների Պատմութիւնից» (Երեւան, 1959), «Դիկաբրիստները Հայաստանում» (Երեւան, 1959), «Հայաստանը 19րդ դարի առաջին կէսին» (Երեւան, 1960), «Լեհահայերի մասնակցութիւնը Դաւիթ-Բէկի ապստամբութեան» (Երեւան, 1962), «Հայ Ժողովրդի պատմութիւն. 1801-1900 Թ.» (Ռուսիա, Ա. հատոր, Երեւան, 1972): == Աղբիւրներ == Ա. Հ. Թոփալեան, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր ԺԱ., Պէյրութ, 1991, էջ 311-312
1,000
405 (թիւ)
405 (չորս հարիւր հինգ) կենտ եռանիշ բնական թիւ է 404-ի եւ 406-ի միջեւ == Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ == 405 (կամ՝ 406) թուականին է Մեսրոպ Մաշտոցը ստեղծել հայկական գրերը A005349 բերկրալի թիւ է Alt 405 գործադրելիս կը ստացուի կիւրեղեան Х գլխատառը 405 Թիա աստեղնեակի կարգային թիւն է == Ծանօթագրութիւններ ==
22,440
Լեւոն Ն. Զէնեան
Լեւոն Ն. Զէնեան (1895, Այնթապ - ․․․), քահանայ։ == Կենսագրութիւն == Ծնածէ Այնթապ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի ազգային դպրոցներուն մէջ: 1913-ին մուտք գործած է Այնթապի Ամերիկեան գոլէճ եւ երկու տարի ուսանած է մինչեւ գոլէճի փակումը Համաշխարհային Ա. Պատերազմին պատճառով: Գոլէճէն ներս իր դասերուն մէջ յառաջդիմութիւն ցոյց տալով, յատկապէս ատենախօսութեան դասին մէջ, ան արժանացած է սքալըրշիբի, բարձրագոյն ուսումը շարունակելով Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատէլֆիոյ Թէմբըլ, Բէնսիլվանիոյ եւ Պոսթոնի համալսարաններուն մէջ: 1929-ին Պոսթոնի համալսարանի կրօնական ճիւղէն ստացած է (Պէչըլըր աֆ րիլիճըս էճուքէյշըն) տիտղոսը։ 1923-ին իբրեւ գործիչ ծառայած է եկեղեցիներու եւ դպրոցներու մէջ դասախօսութիւններ տալով: 1 Յունիս 1941-ին վարիչ տնօրէնի պաշտօնը ընդունած է Հ.Բ.Ը Միութեան եւ Ամերիկայի մէջ պաշտօնավարած է շուրջ վեց տարիներ: Ծառայած է նաեւ Բարեգործականի Նիու Եորքի շրջանակին մէջ, իբր շրջուն գործիչ ու կազմակերպիչ։ Սուրիա եղած միջոցին, Հ.Բ.Ը.Միութեան ծառայած է իբրեւ պատուակալ քննիչ վարժարաններու: == Հայց. առաքելական կիրակնօրեայ դպրոցի հիմնադրութիւն == Որպէս հասարակական գործիչ, Կիրակնօրեայ Դպրոցի գոյութեան կարիք կը զգայ եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի առաջին գործը կը սկսի Այնթապի մէջ, 1919-ին: Այս առթիւ իր ծննդավայրին մէջ կը կազմակերպէ հայ Առաքելական ժողովուրդին համար կիրակնօրեայ դպրոց մը, իր տեսչութեան տակ ունենալով 750 ուսանողներ եւ 35 ուսուցիչներ: Կիրակնօրեայ դպրոցի գործունէութիւնը կը սկսի 1929-ին: Այս գործին յաջողութեան համար Ամերիկայի մէջ իր բարեկամներէն կ'ապահովէ նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւն եւ որով կրնայ շարունակել այդ մեծ գործը տարիներով: Ան, շուրջ քառորդ դար, իբրեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու հիմնադիր ու վերատեսուչ՝ ունեցած է օգտաշատ գործունէութիւն: Իր ազատ ժամերուն դասաւանդած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս: Այդ տարիներուն, իր նախաձեռնութեամբ Կիրակնօրեայ Դպրոցին համար տարեկան խորհրդակցական համաժողովներ տեղի կ'ունենան։ Իր տեսչութեան ներքոյ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի թեմերուն մէջ 38 կիրակնօրեայ դպրոցներ կը գործեն, որոնք ունէին 4500 երկսեռ հայ ուսանողներ եւ 300 ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ։ Նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցներ կային Եգիպտոսի, Պաղեստինի, Իրաքի, Իրանի եւ այլ տեղեր, որոնց բոլորին յաջողութիւնները արդիւնքն են իր եւ իր տիկնոջ Արաքսիի անխոնջ աշխատանքին: Լեւոն Զէնեան իբրեւ քարտուղարը Պէյրութի Այնթապի Պատմութեան Գրքի ենթայանձնախումբին, ձիրաբար աշխատած է եւ իր թանկագին աջակցութիւնը նուիրած է գիրքի լիազօր խմբագրապետին ու աշխատասիրողին։ == Աղբիւրներ == «Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց», Բ. Հատոր, Լոս Անճելըս, Քալիֆոռնիա, 1953։
20,473
Թոմաս տը Ուաալ
Թոմաս Փաթրիք Լոնծ տը Ուաալ (անգլ.՝ Thomas Patrick Lowndes de Waal, 7 Դեկտեմբեր 1966(1966-12-07), Նոթինգհեմ, Նոթթինգեմշիր, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն) Բրիտանացի լրագրող եւ Կովկասի քաղաքական կեանքի մասին գրող: Ան ճանչցուած է իր 2003 թուականին հրատարակուած գիրքին՝ Black Garden: Armenia and Azerbaijan Through Peace and War համար: == Գիրքեր == Great Catastrophe: Armenians and Turks in the Shadow of Genocide։ Oxford University Press։ 2015։ ISBN 978-0199350698 The Caucasus: An Introduction։ Oxford University Press։ 2010։ ISBN 978-0195399769 Chechnya: Calamity in the Caucasus։ NYU Press։ 1999։ ISBN 0814731325 Black Garden: Armenia and Azerbaijan Through Peace and War։ New York University Press։ 2003։ ISBN 0814719449 == Ծանօթագրութիւններ ==
3,320
Ժոզէֆ Ժիրաքօ
Ժոզէֆ Ժիրաքօ (4 Հոկտեմբեր 1930(1930-10-04), Պէյրութ, Լիբանան - 24 Դեկտեմբեր 2016(2016-12-24) ), լիբանանահայ նկարիչ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Պէյրութ: Իր ծնողները եղած են Մեծ Եղեռնէն վերապրողներ այնթապցի Արթին եւ Մարի Ժիրագօ: 1960-ին Ժոզէֆ մեկնած է Փարիզ, շարունակելու համար իր ուսումը գեղարուեստի մէջ: Ան Փարիզի մէջ աւարտած է Ֆրանսայի «էքօլ Տէ Պօզար» դպրոցը: Լիբանան վերադառնալէն վեց տարի ետք 20 Նոյեմբեր 1966-ին, Պէյրութի մէջ կ’ամուսնանայ Շնորհիկ Պապուչաքեանի հետ: Կարճ ժամանակ մը Փարիզ բնակելէ ետք 1967 Օգոստոսին կը վերառանան Պէյրութ: 1967-ին կը ծնի իրենց միակ զաւակը Արթուրը: Ընտանիքը վերջնականօրէն կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներու մէջ 1976-ին, միանալու համար նախապէս Լոս Անճելըս հաստատուած Ժիրագոյի երկու եղբայրներուն։ Լիբանանահայ նկարիչ՝ Ժոզէֆ Ժիրաքօ, մասնակցելով Սանդր Քիւլթիւրէլ Էնթերնասիոնալի (Փարիզ) կազմակերպած տարեկան մրցումին, արժանացաւ Բ. մրցանակի։ Ժիրագօ մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու Պէյրութի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի, Միլանոյի եւ Երեւանի պատկերասրահներուն մէջ, արժանանալով տեղական մամուլի եւ արուեստագէտներու բարձր գնահատականներուն: Իր գործերը կը գտնուին նաեւ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ: Նկարիչ Ժիրաքօ անծանօթ չէ Լիբանանի արուեստասէր շրջանակներուն։ Բազմաթիւ խմբական ցուցադրութեանց մասնակցելէ ետք, Դեկտեմբեր 1964-ին, «Օթէլ Ֆինիսիայ»ի մէջ կազմակերպեց իր առաջին ցուցահանդէսը եւ արուեստի քննադատներուն կողմէ ողջունուեցաւ համակրանքով։ == Գործերը == Իր գործերը ունին իւրայատուկ նկարագիր, կը ներկայացնեն հոգեկան վիճակներ։ Նկարիչը հարազատ արտայայտչականութեան կը հասնի գլխաւորաբար ջրաներկի գործածութեամբ, ընդծովեայ աշխարհն է անոր ներշնչման աղբիւրը եւ իր ներաշխարհը արտայայտելու միջոցը, որուն կը հասնէր թափանցիկ գոյներու գործածութեամբ: == Ծանօթագրութիւններ ==
23,072
Թրիզինա
Թրիզինա (յուն․՝ Τροιζήνα, Τροιζήν)․ Ատիկէ նահանգ, հիւսիս-արեւելեան Պելոպոնես, Յունաստան։ Եղած է հնադարեան քաղաք, այժմ՝ գիւղ, վարչականօրէն կը պատկանի Թրիզինիա-Մեթանա քաղաքապետութեան Թրիզինա համայնքին։ Կը հաշուէ 673 բնակիչ, ըստ 2011-ի մարդահամարի։ == Հակիրճ պատմական ակնարկ == === Միկինեան ժամանակաշրջան === Թրիզինա եղած է հնադարեան քաղաք։ Իբրեւ առաջին թագաւոր կը նշուի Օրոս։ Ըստ առասպելին, անունը առած է Փելոփասի 25 զաւակներէն մէկուն անունէն՝ Թրիզինայէն, երբ Փիթէաս (Փելոփասին զաւակներէն) կը թագաւորէր։ Փիթէասի դուստրը Էթրան էր, Թիսէասին մայրը։ === Հնադար === Թրիզինա եւ մնացեալ Արղոլիքի թերակղզին կ՛իշխեն Դորեացիները։ Բնակիչներէն շատեր կ՛արտագաղթեն եւ կը հիմնեն Ալիքարնասոս (Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ծովափներ) եւ Քալաւրիայի Դաշնաժողովին պատկանող Թրիզինա գաղթօճախները (Իտալիոյ հարաւը, Մեծ Յունաստան Magna Graecia)։ === Մինչեւ Յունական Ապստամբութեան շրջան === Թրիզինա Պելոպոնեսի առաջին քաղաքներէն եղած է որ Խաչակիրները կը գրաւեն։ ԺԳ․ դարուն Բիւզանդացիներուն ձեռքը կ՛անցնի, իսկ 1484 - 1715 Վենետիկցիները կ՛իշխեն։ === Նորագոյն շրջան === Յունական 1821-ի Ապստամբութեան շրջանին, Թրիզինա տեղի կ՛ունենայ Գ․ Ազգային ժողովը (1827), ուր Իոանիս Քափոտիսթրիաս կ՛ընտրուի Յունաստանի կառավարիչ։ === Ժամանակակից շրջան === ԻԱ․ դարուն, Թրիզինա բարգաւաճ գիւղ մըն է՝ կապ-կանաչ բլուր մը անհամար լիմոնի եւ նարինջի ծառերով եւ բազմաթիւ հնաբանական վայրերով, իսկ անոր ծովեզերեայ շրջանը, որ նաեւ կեդրոնն է Թրիզինա քաղաքապետութեան՝ Ղալաթաս (2 195 բնակիչ), կը գտնուի Փորոս կղզիին դիմացը, հազիւ 400 մ․ հեռու։ == Պատկերասրահ ==
7,784
1958 թուական
1958 թուական, ոչ նահանջ տարի, 20րդ դարու 58րդ տարին է 1955 • 1956 • 1957 • 1958 • 1959 • 1960 • 1961 == Դէպքեր == ==== Յունուար ==== 01 Յունուար՝ Անսիին մէջ բացուեցաւ առաջին Քարֆուր խանութը 28 Յունուար՝ Կոթֆրիտ Քիրք Քրիսթիանսէնը արտոնագրեց Լեկոյ աղիւսիկները ==== Փետրուար ==== 01 Փետրուար՝ Եգիպտոսը եւ Սուրիան միաւորուելով կազմաւորեցին Միացեալ Արաբական Հանրապետութիւնը Փետրուար 5-ին նախագահ դարձաւ Ճամալ Ապտել Նասրը ==== Մարտ ==== 01 Մարտ՝ թրքական ուղեւորային նաւի մը խորտակուելու զոհ դարձաւ 300 մարդ ==== Յունիս ==== 04 Յունիս՝ Ֆրանսայի նախագահ Շարլ տը Կոլը այցելեց Ալճերիա Դեկտեմբեր 21-ին Շարլ տը Կոլը քուէներու 78.5%-ով ընտրուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1958 ծնունդներ ==== Ապրիլ ==== 04 Ապրիլ Վիչայ Շրիվատհանափրապհա วิชัย ศรีวัฒนประภา Vichai Srivaddhanaprabha (զոհուած է 2018) թայ մեծահարոււստ գործարար 27 Ապրիլ Վարդան Աճեմեան երգահան ==== Աւգոստոս ==== 18 Օգոստոս Մատըլայն Սթօ Madeleine Marie Stow ամերիկացի դերասանուհի 25 Օգոստոս Թիմ Պըրթըն Timothy "Tim" Walter Burton ամերիկացի բեմադրիչ 29 Օգոստոս Մայքըլ Ճեքսըն Mighael Joseph Jackson ամերիկացի երգիչ, պարող եւ գործարար ==== Սեպտեմբեր ==== 14 Սեպտեմբեր Արա Աւետիսեան հայ գիտնական 18 Սեպտեմբեր Ռաշիտ Թահա Rashid Taha ալճերիացի ծագումով ֆրանսացի երգիչ ==== Հոկտեմբեր ==== 13 Հոկտեմբեր Ճամալ Խաշըքճի (անհետ կորած՝ Իսթանպուլին մէջ 2018-ին) սէուտացի լրագրող եւ գրագէտ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1958 մահեր ==== Ապրիլ ==== 19 Ապրիլ Հայկանուշ Դանիէլեան (ծն.1893, Թիֆլիս) ովփերայի սոփրանոյ երգչուհի ==== Անստոյգ օրով ==== Յովհաննէս Ալխազեան (ծն.1881, Վան) նկարիչ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == 1958-ը Պատմութեան մէջ(անգլերէն)Աշխարհի Պատմութեան Ժամանակագրութիւն՝ 1958(անգլերէն)
4,899
Արտաշէս Յարութիւնեան
Արտաշէս Յարութիւնեան, (3 Հոկտեմբեր 1873, Մալքարա- 1915, Մեծ Եղեռնի զոհ), արձակագիր եւ գրագէտ։ == Կենսագրութիւն == Ուսումը աւարտած է անկանոն ձեւով ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ առանց զայն բոլորելու։ Դպրոցէն դուրս գալէն անմիջապէս ետք մտած է հօրը խանութը։ Ամբողջ բռնապետութեան շրջանին ան դուրս չէ ելած Մալկարայէն ու չէ ճամբորդած։ Սիրողաբար գրականութիւն մշակած է։ «Կարծեմ գրած եմ, որովհետեւ չէի կրնար չգրել, բայց ըրածիս վրայ հաւատք չունիմ».- ըսած է ան։ == Գրական կեանք == Քերթողական իր էջերը ամփոփուած են երեք հատորներու մէջ՝ «Լքուած քնար»(1902), «Երկունք»(1906) եւ «Նոր քնար» (1912)։ Երկարօրէն աշխատած է «Նոր քնար» հատորին վրայ, որ կը նկատէ լաւագոյն աշխատութիւնը։ Տաղանդաւոր գրագէտը կանուխէն աշխատակցած է թրքահայ մամուլին՝ քերթուածներով, գեղեցիկ արձակներով եւ քննադատականներով, որոնք յայտնի անուն ապահոված են իրեն։ Գրականութեան մէջ մուտք գործած է Կարօ ծածկանունով։ Որպէս արձակագիր եւ գեղագէտ-քննադատ անժխտելի կարողութիւն ցոյց տուած է իր գրական վերլուծական յօդուածերով։ == Երկեր == Լքուած քնար, Կ. Պոլիս, 1902, 84 էջ: Երկունք, Կ. Պոլիս, 1906, 80 էջ: Նոր քնար, Կ. Պոլիս, 1912, 148 էջ: Արձակ էջեր եւ քերթուածներ, Փարիզ, 1937, 192 էջ: Գիշերուան ճամբորդը, Երեւան, 1968, 378 էջ: Քառեակներ, Երեւան, 1993, 125 էջ: Քառեակներ – 2, Երեւան, 1996, 114 էջ: Ընտրանի, Երեւան, 2016, 328 էջ: == Աղբիւրներ == Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Ա. հատոր, Պոսթըն 1970, էջ 534-535: == Արտաքին յղումներ == Յուշարձան, Կ.Պոլոս, 1919, էջ 23: Արտաշէս Յարութիւնեան (1873-1915). Գեղապաշտ հայ գրողը, որ զոհ գնաց թրքական եղեռնագործութեան: Արտաշէս Յարութիւնեան (1873-1915). Հայ գրականութեան գեղապաշտ ձայնը, որ խեղդուեցաւ ցեղասպան թուրքին կողմէ:
2,048
Ալեքսանտր Արզումանեան
Ալեքսանտր Ռոպերթ Արզումանեան (24 Դեկտեմբեր 1959(1959-12-24), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), պետական, քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ։ Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը (1984)։ == Գործունէութիւնը == 1984-1990 թուականներուն աշխատած է Երեւան քաղաքի կառավարման ինքնամատուցուած համակարգերու գիտահետազօտական-նախագիծային հիմնարկին մէջ, միաժամանակ, 1989-1990 թուականներուն՝ ՀՀՇ լրատուական կեդրոնի տնօրէն, 1990-1991 թուականներուն՝ ՀՀ ԳԽ նախագահի օգնական, 1991-1992 թուականներուն՝ ՀՀ լիազօր ներկայացուցիչ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, 1992-1993 թուականներուն՝ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ԱՄՆ-ի մէջ, 1992-1996 թուականներուն՝ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը ՄԱԿ-ի մէջ։ 1996-1998 թուականներուն՝ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար։ 4 փետրուար 1998-ին հրաժարական տուած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետ։ Հայ-թրքական հաշտեցման հանձնաժողովի հիմնադիր-անդամ (2001)։ Արզումանեան ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուցած է ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման, արցախահայութեան ինքնորոշման եւ անոր անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ ՀՀ դիրքորոշումը։ 1996-1998 թուականներուն ղեկավարած եւ համակարգած է ՄԱԿ-ի մէջ, ԵԱՀԿ-ի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններուն մէջ ՀՀ պատուիրակութիւններու աշխատանքները, ԼՂ հիմնահարցի շուրջ տարուող բանակցութիւնները, ձգտած է գրանցում ապահովել ԼՂ-ի մասնակցութիւնը, որպէս իրավահաւասար կողմ։ 4 դեկտեմբեր 2014-ին Արզումանեան այն եօթը պատգամաւորներէն մէկն էր, որոնք Հայաստանի ԵՏՄ անդամակցութեան պայմանագրին դէմ քուէարկեցին: Ունի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան (26 մայիս 1992 թ.)։ Կաղապար:ՀՀ Ազգային ժողովի 5-րդ գումարման «Ժառանգություն» խմբակցություն Կաղապար:ՄԱԿ-ում ՀՀ մշտական ներկայացուցիչներ == Ծանօթագրութիւններ ==
21,616
Գազանճեան
Գազանճեան, հայկական մականուն։ == Մականունը կրողներ == Ատրինէ Գազանճեան (1904-?), դերասանուհի, մամուլի թղթակից։ Արլէն Գազանճեան (1907-2001), երգչուհի։ Արշակ Աւետիսի Գազանճեան (1935), գրող։ Գառնիկ Գազանճեան (1886-1915), անասնաբոյժ։ Գարեգին Գազանճեան (20-րդ դար), հոգեւոր գործիչ։ Գէորգ Ն. Գազանճեան, թղթակից։ Եղիա Գազանճեան (1909-1950-ական թթ.), դերասան, կինոռեժիսոր։ Զուլալ Գազանճեան (1936-2009), գրականագէտ։ Լեւոն Ա. Գազանճեան (?-20-րդ դար), գրող։ Յարութիւն Գառնիկի Գազանճեան (20-րդ դար), գրող։ Յովհաննէս Գազանճեան (1870-1915), լեզուաբան, գրականագէտ, բժշկական գիտելիքների քարոզիչ։ Հրանդ Գազանճեան, նկարիչ, ճարտարապետ։ Մ. Ս. Գազանճեան (19-րդ դար-?), թղթակից։ Նորմա Ռուելի Գազանճեան (1928), երգչուհի։ Վ. Գազանճեան (20-րդ դար), երաժշտագէտ։ Վահէ Գազանճեան (1912), նկարիչ։ Վարուժան Գազանճեան (20-րդ դար), մշակութային գործիչ։ Տրդատ Գազանճեան (1892-1966), լրագրող։ Փառէն Գազանճեան (20-րդ դար), բանաստեղծ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
1,548
Ակն
Ակն (այժմ՝ Քեմալիէ, թրք.՝ Kemaliye), քաղաքը կը գտնուի Թուրքիոյ կեդրոնական մասին, Երզնկա նահանգին մէջ, Արեւմտեան Եփրատ գետի աջ ափին։ Անցեալին եղած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Խարբերդ վիլայէթի կազմին մէջ։ Ակնը կը գտնուի Տաւրոսեան եւ Անդիտաւրոսեան լեռնաշղթաներու միջեւ, ծառազարդ դաշտավայրի մէջ, բարձր աւելի քան 1000 մ.։ Բնակչութիւնը՝ 5555 մարդ (2018)։ Ակնը հիմնած են Սեբաստիա տեղափոխուած Արծրունիները 1022-ին։ Սկզբիը կոչուած է Մարընտունիկ։ Ակն անունը հաւանաբար ծագած է քաղաքի մէջտեղ հոսող Ակնաղբիւրի անունէն։ ԺԱ. դարուն Արծրունիներն Ակնին մէջ կառուցած են Նարեկայ (Ռշտունիքի Նարեկայ վանքի անունով), իսկ աւելի ուշ՝ Սուրբ Նշան վանք (Վասպուրականի Վարագայ Սուրբ Նշան վանքի անունով)։ 1300–1321-ին Անիէն այստեղ գաղթած հայերը հիմնադրած են իրենց թաղամասը՝ Ս. Յակոբ եկեղեցիով։ Ակնի մէջ եղած է նաեւ Անի անունով բերդ մը։ ԺԶ. դարու սկիզբին Ակնը կը գրաւուի թուրքերու կողմէ։ 1880-ին Ակն ունէր շուրջ 10 հազար բնակիչ, որուն մօտ 5500-ը հայեր էին։ Տուները քարաշէն էին, 2-4 յարկանի։ Քաղաքը մաքուր էր, բարեկարգ, սալայատակուած փողոցներով։ Ակնցիք վարպետ արհեստաւորներ եւ առեւտրականներ էին։ ԺԹ. դարու վերջերը Ակնի մէջ կը գործէին երկսեռ դպրոցներ՝ (Նարեկեան եւ Ներսէսեան), եկեղեցիներ՝ (Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գէորգ), ազգային ընկերութիւններ՝ (Ազգասիրական, Ուսումնասիրական, Արամեան եւ Նարեկեան)։ 1870-ին Ակնի մէջ լոյս տեսած են՝ «Ծաղիկ», «Եփրատ», «Մտրակ» թերթերը։ 1873-ին այդտեղ ներկայացուած է «Սուրբ Մեծն Ներսէս» փիեսը։ 3-4 Սեպտեմբեր, 1896-ին թուրք հրոսակները կը յարձակին Ակնի վրայ, իսկ քիւրտերը՝ շրջակայ հայ գիւղերուն վրայ՝ (Լիճք, Բինկեան, Զմարա, Կասմա, Ապուշեխ, Կամարակապ եւ այլ գիւղեր), կը կոտորեն բնակիչներուն, կը կողոպտեն ու կը հրդեհեն տուները։ Ականատեսի վկայութեամբ, զոհերուն թիւը կը հասնի 3000-ի։ Հետագայ երկու տասնամեակներուն հայերը կը վերաշինեն քաղաքը։ Ակնի մէջ կեանքը նորէն կ'աշխուժանայ։ Մեծ Եղեռնին Ակնը եւ շրջակայ գիւղերը կը դատարկուին հայերէ, որոնց մեծ մասը շուտով զոհ կ՛երթայ գաղթի ճանապարհին։ Ակնցիները տուած են գրչի ու մտքի բազմաթիւ ականաւոր մշակներ, բժիշկներ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, իրաւաբաններ, ազգային եւ հոգեւոր գործիչներ։ Ակնէն կը սեռին Արփիար Արփիարեանը, Միսաք Մեծարենցը, Գրիգոր Զօհրապը, Սիամանթօն, Արշակ Չօպանեանը, Մինաս Չերազը եւ Ն. Գալանտերեանը։ Ակնը մօտ 200 տարի ամիրական նշանաւոր գերդաստաններ տուած է Կ. Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ՝ (Տատեան, Ճեզայիրլեան եւ ուրիշներ) մէջ։ == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Հայր Մ․ Վարդ․ Պոտուրեան, Հայ Հանրագիտակ, 1938 Պուքրէշ, Հատոր Ա․, էջ 81-82
7,681
Ոտնագնդակ (Ֆութպոլ)
Ոտնագնդակ, մարզաձեւ, աշխարհի ամէնէն տարածուած եւ ամէնէն սիրուած խաղերէն մէկը։ Անիկա խմբային խաղ է, ուր խումբին 11 խաղացողները նախապէս համաձայնուած գործողութիւններով կը փորձեն գրաւել հակառակորդ խումբին դարպասը եւ պաշտպանել իրենցը։ Ֆութպոլը կը խաղան բնական կամ արհեստական խոտածածկ դաշտի մը մէջ։ Խաղադաշտը նշանագծուած ուղղանկիւն հրապարակ է։ Դաշտի մը առաւելագոյն երկարութիւնը պէտք է ըլլայ 109.88 մեթր, իսկ առաւելագոյն լայնութիւնը՝ 90.728 մեթր։ Երբեմն պաշտօնական խաղերուն համար կ'օգտագործեն 100-100 X69-75 մեթր չափի դաշտ։ Աշխարհի ամենամեծ Ֆութպոլային մարզադաշտը Մայ Դայ Ստատիոնն է, Հիւսիսային Քորէայի մէջ, ուր կրնայ գտնուիլ մինչեւ 150,000 հանդիսատես։ ԺԹ. դարուն սկիզբ առած է ոտնագնդակի խաղը՝ Անգլիայէն: Անցեալին, ոտնագնդակի խաղերը կը տարբերէին այսօրուան խաղերէն: == Պատմութիւն == Խումբով խաղալու սկսած են 3000 տարի առաջ, սակայն գնդակի փոխարէն օգտագործած են քարը: Խաղը տարածած են ազդէքները: Սկզբնական շրջանին գնդակը կը խորհրդանշէր արեւը: Պարտուող խումբին խմբապետը կը զոհաբերէին աստուածներուն: Գնդակին ոտքով հարուածելու սկսած են Չինաստանի մէջ, երկրորդ եւ երրորդ դարերէն սկսեալ: Այդ օրերուն, խաղը կը կոչէին «Քուճու» եւ կը խաղային քառակուսի դաշտի մը մէջ: Աւելի ուշ, Ճափոնի մէջ, քիչ մը տարբեր ձեւ որդեգրելով, խաղը կոչած են «Քեմարի»: === Խումբերու Կազմութիւն === Օրինաւոր խումբեր սկսած են կազմուիլ ԺԵ. դարէն սկսեալ, առանց որեւէ պաշտօնական ճանաչումի: Ըստ կարգ մը պատմաբաններու, առաջին խումբը հիմնուած է Էտինպուրկի մէջ, 1824-ին «Foot Ball» անունով: ԺԹ. դարուն, խումբերը կը կազմուէին շրջանաւարտ դպրոցականներու կողմէ: Շրջանաւարտներու առաջին խումբը կազմուած է Շեֆիլտի մէջ, 1855-ին: Ամէնէն հին եւ պաշտօնական խումբը Notts County-ն է, որ մինչեւ օրս կը գոյատեւէ: ==== Առաջին Մրցաշարքեր ==== Առաջին մրցաշարքը տեղի ունեցած է 1871-ին, Football Association Challenge Cup (FACUP) անունով:Յաջորդ տարին, առաջին անգամ ըլլալով, մրցակցած են երկու տարբեր երկիրներ՝ Անգլիան եւ Սքոթլանտան, 4000 համակիրներու ներկայութեամբ:Խաղը վերջ գտած է 0-0 արդիւնքով: 1883-ին տեղի ունեցած է առաջին պաշտօնական մրցաշարքը, որուն մասնակցած են՝ Անգլիան, Սքոթլանտան, Իրլանտան եւ Կալեսը (Wales): Ոտնագնդակի խաղը երկար ատեն սահմանափակուած է Անգլիոյ մէջ: Աւելի ուշ տարածուած է եւրոպական միւս երկիրներէն ներս: Եւրոպայէն դուրս, առաջին խաղը տեղի ունեցած է Արժանթինի մէջ, 1867-ին, սակայն խաղացողները դարձեալ անգլիացիներ էին: ՖԻՖԱ-ն (Ֆութպոլի միջազգային կազմակերպութիւնը) հիմնուած է 1904-ին, որ ստորագրուած է հետեւեալ երկիրներուն ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ Ֆրանսա, Պելճիքա, Տենմարք, Հոլանտա, Սպանիա, Շուէտ եւ Զուիցերիա: Սկզբնական շրջանին, Անգլիա մաս չէ կազմած այս կազմակերպութեան, այն համոզումով, որ ինք եղած է այս խաղը հնարողը, սակայն յաջորդ տարին անդամակցած է: Անգլիա, մինչեւ 1950 թուական, ՄՈՆՏԻԱԼ-ի խաղերուն չէ մասնակցած: Աւելի ուշ, զանազան երկիրներու միջեւ բարեկամական խաղեր տեղի ունեցած են, որոնց հիման վրայ սկսած են մրցաշարքեր կազմակերպուիլ, խաղերու ոճին վրայ հիմնուելով: Երբ Լոնտոն 1908-ին հիւրընկալած է Ողիմպիական խաղերը, Ոտնագնդակի խաղն ալ ներառուած է այդ խաղերուն մէջ: FIFA World Cup, ՄՈՆՏԻԱԼ-ի ոտնագնդակի միջազգային խաղերը առաջին անգամ տեղի ունեցած են 1930-ին: Այդ օրերուն Ողիմպիական ոտնագնդակի խաղը համարուած է ազնուական: Իգական սեռը սկսած է ոտնագնդակ խաղալ 1996-էն սկսեալ: ====== Խաղին օրէնքները ====== Գնդակին շրջագիծը 680-711 մմ. է, եւ զանգուածը՝ 396-453 կր., իսկ դարպասին բարձրութիւնը 2,44 մ. է եւ լայնութիւնը՝ 7,32 մ.։ Խաղին օրէնքները՝ Արգիլուած է ոտքով հարուածել կամ հրել մրցակիցը։Արգիլուած է իրարու ձեռքով փոխանցել եւ գնդակին խաղի ընթացքին, առանց որեւէ պատճառի։Խաղցողներուն արգիլուած է հագուիլ մեխեր, երկաթի թիթեղներու կամ պինդ ռետինէ կօշիկներ՝ կօշիկներուն մէջ կամ կօշիկներուն վրայ։Առանձին ֆութպոլային խաղը բաղկացած է երկու կիսախաղերէ, իւրաքանչիւրը՝ 45 վայրկեան։ կիսախաղերուն միջեւ կայ 15 վայրկեանի դադար մը։ Խաղը կը նեառէ երկու կողմերու խումբերը՝ իւրաքանչիւրը ընդգրկելով 11 խաղացող։ == Ծանօթագրութիւններ ==
5,793
Ռաֆֆի Սվաճեան
Ռաֆֆի Սվաճեան, Վերոյիշեալ երիտասարդ ու տաղանդաւոր խմբավարին մասին «Այգ»ի մէջ կը կարդանք. «Լիբանանի մէջ իր ասպարէզին սկիզբը կատարեց 1957 թուականին։ Մինչեւ 1961 պատրաստեց երգչախումբեր, ի յայտ բերելով խմբավարի անվիճելի շնորհք։ Պուրճ Համուտի հայահոծ կեդրոնին մէջ ունեցաւ իր ՇԱՀՄՈՒՐԱՏԵԱՆ երգչախումբը որուն մասին մամուլը արտայայտուեցաւ գնահատական ու խրախուսիչ ասղերով։ Այդ թուականէն ասդին Րաֆֆի Սվաճեան կը բաժնուէր իր ծննդավայր Պէյրութէն, երդալու համար Եւրոպա: Առաջին հանգրուանը եղաւ Մարսէյլը։ Ապա անցաւ Միացեալ Նահանգնր, ուրկէ ան Պէյրութ այցելեց»: Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ունեցած գործունէութեան մասին խօսելով, Սվաճեան Կ'ըսէ. «1968-ին հրաւիրուեցայ ղեկավարելու Պոսթրնի Հ.Բ.Ը.Մ.ի քնար երգչախումբը: Տուինք մէկ համերգ: 1968-ին հրաւիրուեցայ ստանձնելու տնօրէնութիւնը Պոսթընի Սբ. Յակոբ Մշակութային կեդրոնին: Հոն կազմեցի Սայեաթ-Նովա երգչախումբը: Այս խումբով եւս տուինք մէկ համերգ: 1969-ին հրաւէր ստացայ Նիւ Եորքի Հայ Մշակութային Միւթեան կողմէ պատրաստելու համար Կոմիտասի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան համերգի բաժինը: 1960-ի Յունիսին տուինք մեր տարեկան համերգը որ անցաւ շատ յաջող»: Լիբանանէն մեկնելէ ետք իր ունեցած գործունէութեան մասին խօսելով խմբավարը կ'ըսէ. «Պէյրութէն մեկնեցայ Մարսիլիա երաժշտական ուսումս շարունակելու: Բախտաւորութիւնը ունեցայ Մարսիլիոյ մէջ հանդիպելու Կոմիտասի 5 աշակերտներէն մէկուն՝ Վարդան Սարգիսեանի, որ տարիներէ ի վեր շեկավարած է ծանօթ ԱՐՄԵՆԻԱ երգչախումբը որ ինք հիմնած է: Իր փափաքին ընդառաջելով ստանձնեցի ղեկավարութիւնը ԱՐՄԵՆԻԱյի: Համերգաշար մը տուինք ֆրանսայի հայաշատ քաղաքներուն մէջ.- Մարսիլիա, Վալանս, Վիէն եւ Լիոն»: Խմբավար Րաֆֆի Սվաճեամ ունի բազմաթիւ յօրինումներ, որոնք կը ծրագրէ դնել իր ապագայ երգացանկերուն վրայ։ Ինչ կը վերաբերի հայրենիք այցելելու իր ծրագրին մասին, ան կ'ըսէ. «Տակաւին հայրենիք չեմ այցելած: Սակայն իմ մեծ ցանկութիւններէն մէկն ալ այդ է, տեսնել հայրենիքս եւ ղեկավարել անոր բեմին վրայ, մասնաւորաբար իմ սիրելի ուսուցիչին՝ Բարսեղ Կանանչեանի ստէղծագործութիւնները»:
7,814
1984 թուական
1984 թուական, նահանջ տարի, 20րդ դարու 84րդ տարին է == Դէպքեր == ==== Փետրուար ==== 13 Փետրուար՝ Կոնստանտին Չերնենքոն յաջորդեց Եուրի Ատրոպովին որպէս ԽՄՀԿ առաջնորդ ==== Մարտ ==== 05 Մարտ՝ Իրանը մեղադրեց Իրաքին՝ քիմիական զէնք կիրառելու համար ==== Ապրիլ ==== 12 Ապրիլ՝ Պաղեստինցի զինուած տղամարդիկ պատանդ առան իսրայէլական հանրակառք մը: Յատուկ ոյժերը գրոհեցին պասը, ազատելով պատանդները, մեկ պատանդ եւ երկու պատանդառուները սպաննուեցան ==== Յունիս ==== 03 Յունիս՝ Ռոնըլտ Ռէյկընն այցելեց իր նախնիներու Պալլիփորին քաղաքը. Իռլանտա ==== Յուլիս ==== 01 Յուլիս՝ արժանթինցի ոտնագնդակորդ Տիէկոյ Մարատոնան «Պարսելոնա» ակումբէն վաճառուեցաւ իտալական Նապոլիին $ 40.48 մլն. աննախադէպ ցածր գինով ==== Դեկտեմբեր ==== 03 Դեկտեմբեր՝ Հնդկաստանի Մատհեայ Փրատեշ նահանգի Պհոփալ քաղաքի գործարանին ներս թունաւոր նիւթերու արտահոսքէն մահացաւ ութ հազարէն աւելի մարդ ===== Գրականութեան Մէջ ===== 1984 թուականի երեւակայական իրադարձութիւնները կը նկարագրէ Ճորճ Օրուէլը իր «1984» աշխատութեան մէջ == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1984 ծնունդներ ==== Յունուար ==== 07 Յունուար Մէքս Ռիէմէլթ Max Riemelt գերմանացի դերասան 27 Յունուար Թէոնա Քումսիաշվիլի თეონა ქუმსიაშვილი ( մ.2010) վրացի գրող, երգչուհի ==== Ապրիլ ==== 02 Ապրիլ Միկել Անխել Մոյա Miguel Ángel Moyá Rumbo սպանացի ֆութպոլիստ 05 Ապրիլ Արամ MP3 (Արամ Սարգսեան) հայ երգիչ-երգահան, հիւմորիստ եւ դերասան ==== Մայիս ==== 17 Մայիս Passenger Մայքըլ Տէյվիտ Րոզընպերկ անգլիացի երգիչ եւ երաժիշտ ==== Յուլիս ==== 11 Յուլիս Ռէյչըլ Մէյ Rachael May Taylor աւստրալացի դերասանուհի եւ գեղեցկուհի ==== Հոկտեմբեր ==== 25 Հոկտեմբեր Քէյթի Փերրի Katy Perry ամերիկացի երգչուհի, երգահան ==== Նոյեմբեր ==== 01 Նոյեմբեր Նաթալիա Թենա Natalia Tena պրիթանացի դերասանուհի եւ երգչուհի ==== Դեկտեմբեր ==== 30 Դեկտեմբեր Լեպրըն Ճէյմս LeBron Raymone James ամերիկացի արհեստավարժ պասքըթպոլիստ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1984 մահեր ==== Յունուար ==== 13 Յունուար Բենիամին Ժամկոչեան (ծն.1895) կրթական գործիչ, մանկագիր ==== Մարտ ==== 01 Մարտ Յովհաննէս Կիւրեղեան Ohannés Gurekian (ծն.1902, Կ.Պոլիս) ճարտարապետ 14 Մարտ Յովհաննէս Շիրազ (բուն անունով՝ Օննիկ Կարապետեան, ծն.1914) հայրենի բանաստեղծ 27 Մարտ Գուրգէն Եանիգեան Gourgen Yanikian (ծն.1895, Կարին, Արեւմ.Հայաստան) գրող, ճարտարագէտ ==== Մայիս ==== 20 Մայիս Էռնեսթ Տէրվիշեան Ernest H.Dervishian (ծն.1916, Րիչմընտ) ամերիկայի բանակի հայազգի սպայ ==== Յունիս ==== 09 Յունիս Էտուարտ Սարապեան (ծն.1918, Տոնի Րոսթով) ճարտարապետ ==== Օգոստոս ==== 13 Օգոստոս Տիգրան Պետրոսեան (ծն.1929, Թիֆլիս) ճատրակախաղի մեծ վարպետ ==== Սեպտեմբեր ==== 20 Սեպտեմբեր Աւետիս Ալիքսանեան (ծն.1910, Կ.Պոլիս) Ֆրանսայի մէջ հայ գրող 22 Սեպտեմբեր Ջերգիզ Ժամհարեան (ծն.1903, Բաղէշ, Արեւմ.Հայաստան) հայ, խորհրդային բեմադրիչ ==== Հոկտեմբեր ==== 04 Հոկտեմբեր Զաւէն Պիպեռեան (ծն.1921, Կ.Պոլիս) հայ արձակագիր եւ հրապարակագիր ==== Նոյեմբեր ==== 15 Նոյեմբեր Առաքել Ն․ Պատրիկ (ծն.1894) նկարիչ 18 Նոյեմբեր Արամայիս Ն․ Մնացականեան (ծն.1911) խմբագիր ==== Դեկտեմբեր ==== 20 Դեկտեմբեր Մկրտիչ Կորիւն (Կորիւն Մկրտչեան, ծն.1913, Բաղէշ, Կարս) գրող, բանաստեղծ Սթէնլի Միլկրէմ Stanley Milgram (ծն.1933) ամերիկացի հոգեբան ==== Անստոյգ օրով ==== Մովսէս Տէր Գալուստեան (ծն.1895, Մուսա լեռ) երեսփոխան հասարակական գործիչ} == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == 1984-ը Պատմութեան մէջ(անգլերէն)Աշխարհի Պատմութեան Ժամանակագրութիւն 1984(անգլերէն)
23,079
Ռաֆայէլ Նահապետեան
Ռաֆայէլ Նահապետեան (8 Յունիս 1946(1946-06-08), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն - 19 Յուլիս 2010(2010-07-19)), հայ գրող, արձակագիր եւ Գրողներու միութեան անդամ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Երեւան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի մէջ, ապա ընդունուած է Երեւանի Ելեկտրագիտական արուեստից վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1965 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք Նահապետեան աշխատած է Ելեկտրագիտական համամիութեան գիտահետազօտական կաճառի հայկական մասնաճիւղին մէջ: Որոշ ժամանակ աշխատելէ ետք Նահապետեան որոշած է շարունակել ուսումը եւ ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1971 թուականին: Երկրորդ ուսումը աւարտելէ ետք, Նահապետեան 1971-1973 թուականներուն, սպայի պաշտօնով ծառայած է Խորհրդային Միութեան բանակին, ապա՝ 1974-1983 թուականներուն, ստանձնած է Հայաստանի Հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի պետական կոմիտէի գրական հաղորդումներու գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը եւ դարձած է աւագ խմբագիր: Գրչեղբօր՝ Արա Մնացականեանի հետ միասին որոշ ժամանակ սկսած է քարոզել ազգասիրութիւն ու ազատամտութիւն, որու պատճառով Խորհրդային Միութեան ղեկավարներուն կողմէ դատապարտուած է ազատազրկման: Ան արժանացած է շարք մը մրցանակներու։ == Գործունէութիւն == Նահապետեան իր առաջին գործը՝ «Հայրենիքի ժամանակ»ը խորագրով (պատրաստուած Արա Մնացականեանի գործակցութեամբ), առաջին անգամ հրատարակուած է 1970 թուականին, «Գարուն» պարբերականին մէջ՝ սփիւռքահայերու ներգաղթի նիւթով: Ան հեղինակած է պատմուածքներ, վիպակներ, ինչպէս նաեւ ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան հաղորդումներ, որոնք թարգմանուած են ռուսերէնի, ռումաներէնի, չեխերէնի եւ այլ լեզուներու: == Աշխատութիւններ == Նահապետեանի գործերէն են․ «Հրաշէկ նժոյգներ», «Մեղեդի երեւակայական ջութակի համար», «Ագռաւի աղջիկըե», «Ծագեց խաւարը» եւ այլ աշխատութիւններ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
2,726
Դիլիջանի Միջազգային Դպրոց
Դիլիջանի միջազգային դպրոց (անգլերէն՝ United World College Dilijan, Dilijan International School), միջազգային համագործակցութեամբ անգլիական միջին դպրոց մը, Cambridge IGCSE* եւ IB Diploma* ուսումնական ծրագիրներով, Արեւմուտքի եւ Արեւելքի սահմանագիծին՝ Դիլիջանի մէջ, Հայաստան։ Երեւանէն եւ Թիֆլիսէն մէկ ու կէս ժամուան հեռաւորութեան վրայ, տարածութիւնը աւելի քան 88 հեքթար հողատարածք է։ == Դպրոցին մասին == Դիլիջանի միջազգային դպրոցին նախագիծին հիմնադիրներն են ռուսաստանաբնակ գործարար եւ բարերար՝ Ռուբէն Վարդանեանն ու կինը։ Դպրոցին հոգաբարձուներուն խորհուրդի անդամներն են՝ կրթութեան ոլորտի եւ առեւտուրի ականաւոր ներկայացուցիչներ, ԱՄՆ-էն, Մեծն Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն, Շուէտէն, եւ Ճափոնէն։ == Առաքելութիւն, նպատակ եւ հարցեր == «Դիլիջան միջազգային դպրոց»ը շահութաբեր նպատակներ չի հետապնդեր։Այս դպրոցը, որուն առաքելութիւնը «ուսումը ազգերը եւ մշակոյթները միացնող ուժի մը վերածելն է խաղաղութեան համար, հիմնական արժէք կը նկատէ մտային, ֆիզիքական, զգացական, հոգեւոր եւ կենսոլորտային զարգացման բոլոր երեւոյթներու տեւական գերազանցութիւնը: Այս նախագիծին առաքելութիւնն է՝ Եւրոպայի եւ Ասիոյ խաչմերուկին հիմնել ժամանակակից միջազգային դպրոց մը, Միջազգային որակեալ կրթութիւնը դարձնել հասանելի երիտասարդներու համար՝ անկախ ազգութենէն եւ անոնց ծնողներուն նիւթական հնարաւորութիւններէն, Ուսանողներուն տրամադրել բազմակողմանի կրթութիւն, որ կ'ապահովէ նոր հնարաւորութիւններ անոնց համար, Նախապատրաստել ուսանողները՝ ընդունուելու աշխարհի լաւագոյն համալսարանները, Ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ հաստատել լիարժէք երկխօսութիւն, Ուսանողներուն մէջ սերմանել մշտական ինքնակատարելագործման գիտակցութիւն եւ ձգտում։Դիլիջանի միջազգային դպրոցին հիմնական նպատակներն են՝ Հ.Հ. կրթական համակարգին համար որակապէս նոր կողմնորոշիչներու սահմանումը, Տարածաշրջանին ընկերա-տնտեսական իրավիճակին բարելաւումը, Դիլիջանի բնապահպանական կայուն զարգացումը, Դիլիջանի ենթակառուցուածքներուն վերանորոգումը խթանել եւ նպաստել անոր զարգացման։Տուեալ նախագիծին հիմնական նպատակներուն հասնելու համար սահմանուած են մարտավարական եւ ռազմավարական նպատակներ։ Դիլիջանի միջազգային դպրոցին ռազմավարական հարցերն են՝ Դիլիջան քաղաքին նոր գլխաւոր յատակագիծին եւ զարգացման հայեցակարգին մշակումը եւ հաստատումը՝ նկատի առնելով քաղաքին նոր կարգավիճակը (միջազգային դպրոց, ԿԲ-ի շէնքերու համալիր, հանգստեան գօտի), Նոր ներդրողներու ներգրաւումը Դիլիջան, Միջազգային դրամատիրական կազմակերպութիւններու ներգրաւումը տարածաշրջանին ընկերա -տնտեսական զարգացման նախագիծերուն մասնակցելու համար։Իբրեւ մարտավարական հարցեր սահմանուած են՝ Նախագիծին իրականացման համար անհրաժեշտ տարածքներու սեփականատէրերուն ոչ կառուցողական մօտեցման հարցին լուծումը, Դպրոցին նախագծման եւ կառուցման համար միջազգային բնօրինակին օգտագործման հնարաւորութիւններուն համար իրաւական մեքենականութեան ստեղծումը, որոնք հիմնականօրէն չեն համապատասխաներ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող շինարարական օրէնքներուն։ == Կառոյցներ == Դիլիջանի միջազգային դպրոցին ճարտարապետական նախագիծին ընտրութեան համար յայտարարուած է միջազգային մրցոյթ մը, որուն իբրեւ արդիւնք ընտրուած է անգլիացի ճարտարապետ՝ Թիմ Ֆլինի նախագիծը։ Հեղինակը տուեալ ճարտարապետական նախագիծին հիմքին դրած է վերջին 20 տարուան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կառուցուած 20 միջազգային դպրոցներու կառուցման ատեն օգտագործուած յառաջատար փորձը։ Դիլիջանի միջազգային դպրոցին շինութիւններուն ընդհանուր հողատարածքը կը կազմէ շուրջ 87.1 հեքթար։ Կառուցապատման ենթակայ տարածքը կը կազմէ 20.1 հեքթար, որմէ ճարտարապետական նախագիծին մէջ ընդգրկուած են հետեւեալ շինութիւններուն կառուցումը. Դպրոցին հիմնական մասնաշէնքը (13,180 մ2) Մարզական մասնաշէնքը (6300 մ2) Գիտարուեստական մասնաշէնքը (456 մ2) Բժշկական կեդրոնը (368 մ2) Աշակերտներու կացարան 1 (5000 մ2) Աշակերտներու կացարան 2 (5000 մ2) Աշակերտներու կացարան 3 (5000 մ2) Աշակերտներու կացարան 4 (5300 մ2) Աշակերտներու կացարան 5 (5750 մ2) Բազմագործառնութեան կեդրոն (2400 մ2) Շէնք 37 (445 մ2) Մարզական մասնաշէնքին օժանդակ տարածք (2200 մ2) Արուեստի կեդրոն (5273 մ2) Հիմնական դահլիճ (1990 մ2) Անձնակազմի կացարան 1 (5000 մ2) Անձնակազմի կացարան 2 (5000 մ2) == Կրթական ծրագիրներ == === Ուսումնական ծրագիր === Դիլիջանի միջազգային դպրոցին մէջ կը նախատեսուի, որ ուսումնական տարին կը տեւէ 274 օր, իսկ հանգիստի օրերը կ'ըլլան 91 օր։ 13-14 տարեկան երեխաներու կրթութիւնը կը նախատեսուի կազմակերպել պարտադիր, յաւելեալ եւ յարակից նիւթերով։ Պարտադիր դասանիւթերն են անգլերէնը, օտար լեզուները, թուաբանութիւնը եւ ընդհանուր գիտութիւնը, «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն»՝ Հ.Հ. քաղաքացիներուն համար։ Յաւելեալ դասանիւթերն են արուեստը, գծագրութիւնը եւ արուեստագիտութիւնը, պատմութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը։ Յարակից դասանիւթերն են թատերական արուեստը, ֆիզիքական կրթութիւնը եւ առողջապահութիւնը, երաժշտութիւնը եւ այլն։ Ուսանողները պէտք է առնուազն «B» մակարդակ ունենան անգլերէնի մէջ եւ գերազանց թուաբանութեան մէջ։ Այդ քննութիւնները կը համապատասխանեն IGCSE կրթական ծրագիրին անցում կատարելու բնօրինակներուն համապատասխան։ Հայազգի ուսանողները կը դիմեն նաեւ հայագիտական դասանիւթեր։ 14-16 տարեկան երեխաներու համար կը նախատեսուի կրթութիւնը կազմակերպել The International General Certificate of Secondary Education (IGCSE) կրթական ծրագիրին համապատասխան։ Բոլոր դասանիւթերը խմբաւորուած են հետեւեալ խումբերուն մէջ՝ Լեզուներ, մարդասիրական առարկաներ, թուաբանութիւն, Ստեղծագործական, ընկերաբանական գիտութիւններ եւ արհեստագիտութիւն։ Քննութիւնները կը կազմակերպուին ամրան։ Քննութիւնները կը կազմակերպուին դպրոցի intranet համակարգին միջոցով։ 16-19 տարեկաններու ուսուցումը կը նախատեսուի կազմակերպել IB կրթական ծրագիրներուն համապատասխան։ Բոլոր առարկաները խմբաւորուած են հետեւեալ կերպով՝ Խումբ 1 - Ռուսերէն, Հայերէն, Անգլերէն, Խումբ 2 - Ռուսերէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Սպաներէն-B, Խումբ 3 - Պատմութիւն եւ արուեստագիտութիւն, կազմուած մարմիններու եւ անոնց շրջապատին փոխյարաբերութեանց ուսումնասիրութիւնը, Խումբ 4 – Կենսաբանութիւն, Քիմիագիտութիւն եւ բնագիտութիւն (Բարձր եւ բնօրինակ մակարդակ), Խումբ 5 – Թուաբանութիւն (տարբեր մակարդակներու համար), Խումբ 6 – Արուեստ, Երաժշտութիււն, Թատրոն:Վկայական (Հիմնական) - Գիտութեան արուեստագիտութիւն (Technology of science) (դասընթացքը կը դասաւանդեն աւելի քան 17 ուսուցիչներ), CAS դասընթացք (Creativity, Actions and Service)։ Առարկաները կը բաժնուին նաեւ բարձր մակարդակի (Higer level) եւ բնօրինակ մակարդակի (Standard level)։ Իւրաքանչիւր ուսանող պէտք է ունենայ երեքական բարձր եւ բնօրինակ մակարդակի դասընթացքներ։ IB վկայական ստանալու համար ուսանողը պէտք է հաւաքէ առնուազն 24\45 նիշը։ === Նախապատրաստական տարի (13-14 տարեկան) === Նախա-IGCSE ծրագիր՝ անգլերէնի, այլ օտար լեզուներու եւ թուաբանութեան խտացուած ուսուցում Լրացուցիչ առարկաներ՝ կիրառական արուեստ, մարդասիրական գիտութիւններ, գիտութիւն եւ արուեստագիտութիւն՝ բազմազան տաղանդներ եւ հետաքրքրութիւններ զարգացնելու նպատակով: === IB Diploma (16-19 տարեկան) === Կրթական խտացուած եւ հաւասարակշռուած երկամեայ ծրագիր՝ աւարտական քննութիւններով, որոնք ուսանողը կը պատրաստեն համալսարանական ընդունելութեան։ === Cambridge IGCSE (14-16 տարեկան) === Լաւագոյն նախապատրաստում՝ աւելի քան 125 երկիրներու մէջ ընդունուած կրթական ծրագիր, Հիմնական ուսումնական դասընթացքներ՝ անգլերէն, թուաբանութիւն, բնական գիտութիւններ եւ օտար լեզուներ, Լրացուցիչ առարկաներ՝ արուեստ, երկրորդ օտար լեզու, գծագրութիւն եւ արուեստագիտութիւն, տնտեսագիտութիւն, պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն: === Միացեալ Համաշխարհային Քոլէճներ === Միացեալ Համաշխարհային Քոլէճներ, United World Colleges (or UWC), կրթական շարժում մը, որուն մաս կը կազմեն 12 միջազգային դպրոցներ եւ քոլէճներ, 140 երկիրներու ազգային խնամակալ յանձնաժողովներ եւ շարք մը կարճաժամկէտ կրթական ծրագիրներ։ == Արտադասարանային ուսուցում == === Անգլերէնի հարստացում === Անգլերէնի խտացուած ուսման ծրագիր՝ բոլոր մակարդակներու համար։ === Մարզասրահային եւ բացօթեայ մարզանք === Մարզական զանազան զբաղումներ, թէ՛ խմբային, թէ՛ անհատական՝ ոտնագնդակ, կողովագնդակ, արկագունդ (volleyball), թենիս, լողալ, ձիավարութիւն եւ այլն։ === Ակումբներ === Քննարկումներ, ճատրակ, լեռնագնացութիւն եւ արշաւներ: === Կիրառական արուեստ === Երաժշտութիւն, պարարուեստ, բեմական արուեստ, կիրառական արուեստ Հայաստանի լաւագոյն մշակութային կեդրոններէն մէկուն մէջ։ == Պատկերասրահ == == Արտաքին յղումներ == Դիլիջանի միջազգային դպրոցի կայք Ռուբէն Վարդանեան. «Բարգաւաճման նախատիպը կը պահանջէ կամք, հաւակնութիւններ եւ ապահովագրում» Ինչպէս Հայաստանի մէջ ապագայի դպրոց բացին, ռուսերէն
5,044
Նաթրոնի Լիճ
Նաթրոն, աղի լիճ․ կը գտնուի Թանզանիոյ եւ Քենիոյ սահմանը։ Նաթրոնի լիճը սեւ մայր ցամաքի թերեւս ամենազարմանահրաշ վայրերէն մեկն է: Անուանումը այն ստացած է Նաթրոնի հանքանիւթերէն՝ Նաթրոնի հանքանիւթերու մեծ պարունակութեան պատճառով։ Իր կարմիր ջուրին շնորհիւ լիճը ապշեցուցիչ եւ անիրական տեսք ունի։ Լիճը տողակայուած է Նաթրոնի աւազանի սահմաններէն ներս, զոր կը գտնուի Ռամսար՝ միջազգային նշանակութիւն ունեցող, ջրային տարածքէն ներս: Երաշտի չորային շրջանին, երբ ջուրը կը կը գոլորշիանայ, ջուրին մէջ աղի մակարդակն այնքան կը բարձրանայ, որ աղասէր մանրէները կը սկսին շատնալ ու զարգանալ: Կապուած տարուան եղանակէն, լիճին մակերեսը կը ծածկուի հանքային աղի հաստ շերտով: Այսպիսի աղատունկ մանրագործարանութիւններուն մէջ կան նաեւ այնպիսի մանրէներ, որոնք ընդունակ են լուսակազմութիւն կատարելու՝ ինչպէս բոյսերը: Ուղիղ այս մանրէներու լուսակազմութեան արդիւնքէն արտադրած կարմիր ներկանիւթն է, որ լիճին կը հաղորդէ արեան կարմիր գոյնը: Ինչպէս նաեւ կարելի է ըսել, թէ՝ ժամանակ առ ժամանակ որոշ մանրէներներ կ՛աշխուժանան, որոնց կենսագործունեութիւնը կը գունաւորէ լիճը կարմիր գոյնով: Լիճին ջուրը յուսալիօրէն հրաթռչունները (ֆլամինկօ) գիշատիչներէն կը պաշտպանէ: Այդ պատճառով եւս միլիոնաւոր թռչուններ լճին հարեւանութեամբ բոյն կը շինեն: Իսկ ջուրը թունաւոր ըլլալուն պատճառով լիճն ինկած կենդանիները, մանաւանդ թռչունները, անմիջապէս կը մահանան, իսկ անոնց մարմինները կը ծածկուին հանքանիւթերով, կը քարանան՝ վերածուելով արձաններու: == Ծանօթագրութիւններ ==
5,147
Նոր Ջուղայի Աւետարան
Նոր Ջուղայի Աւետարան, 1610-ի հայկական ձեռագիր մատեան (Մատենադարան)։ Գրիչ եւ ծաղկող՝ Յակոբ Ջուղայեցի, պատուիրատու՝ Խոճա Աւետիք (նուիրած է Նորաշէնի Տիրամայր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին)։ Աւետարանը (չափերը՝ 24,5x 18,5 սմ) ունի 302 թերթ, գրուած է բոլորագրով, բացառիկ հարուստ է նկարազարդումներով։ Ձեռագիրին մէջ կը նշուի, որ 1605 թուականին Շահ Աբբաս՝ Ջուղայի բնակիչներուն, դէպի Իրան բռնագաղթի ենթարկած է, իսկ բուն ձեռագիրը կ՛անուանուի «լուսազարդ եւ վարդափթիթ սուրբ աւետարանս...»։ Ձեռագիրը կը պարունակէ տէրունական եւ վախճանաբանական թեմաներով 59 մանրանկար (որոնք զետեղուած են ձեռագիրի սկզբը), տասը խորան, Աւետարանիչներու չորս դիմանկար, զարդանկարուած չորս անուանաթերթ, Քրիստոսի տոհմագրութենէն 3 թերթ, բնագիրի մէջ՝ մէկ մանրանկար եւ լուսանցազարդեր։ Ձեռագիրի բուն բնագիրը ներառուած է շքազարդ, գմբէթաւոր շրջանակներու մէջ, չորս Աւետարաններէն իւրաքանչիւրը բնագիրի ուրոյն երիզապատման ձեւ ունի։ Պատկերագրական տարրերու բազմազանութեամբ եւ հարստութեամբ ըլլալով հանդերձ նկարիչը պահպանած է ներդաշնակութեան յստակութիւնը, հասած բարձր վարպետութեան։ Բազմազան է զարդապատկերը՝ գունահագեցած, զարդաձեւերը՝ համաչափ, աշխոյժ խաղով։ Աւետարանի կերպարները, ընդհանրապէս, հասարակ մարդիկ են, նկարիչի ժամանակակիցները։ «Նոր Ջուղայի Աւետարան» ձեռագիրն իր գեղարուեստական առանձնայատկութիւններով հայկական մանրանկարչութեան նուաճումներէն է։ == Գրականութիւն == Շահազիզ Երուանդ, Նոր Նախիջեւանի Սուրբ Խաչ վանք, 1901։ Բարխուդարեան Վլադիմիր, Նոր Նախիջեւանի հայկական գաղութի պատմութիւն (1779–1861 թուականներ)։
23,877
Քալամքարի
Քալամքարի կամ Ղալամքարի (Պարսկերէն՝ قلمکاری) բամբակէ հիւսածոյի վրան ձեռքով ներկուածքի տեսակ մըն է, որ տարածուած է Հնդկաստանի Անտհրա Փրատէշ նահանգին մէջ։ Միայն բնական (բոյսերէ պատրաստուած) ներկեր կը գործածուին Քալամքարին պատրաստելու, քսան երեք քայլով պատրասուող։ Հնդկաստանի մէջ գոյութիւն ունին Քալամքարիի երկու իւրայատուկ իրարմէ տարբեր ոճեր՝ Սրի-քալահասթի Քալամքարի (Տեւընակարի այբուբենով՝ श्री कालहस्ती, կամ Հնդկական Թէլեկու լեզուի այբուբենով՝శ్రీకాళహస్తి కలంకారీ երբմն կը հնչուի Շրի-Քալահասթի) եւ Մաչիլյէփաթնամ Քալամքարի (Թէլեկու այբուբենով՝ మచిలీపట్నం కలంకారీ)։ Երկու ոճերն ալ ծագում առած են Հնդկաստանի հարաւ արեւելեան Անտհրա Փրատէշ նահանգին տարբեր շրջաններու մէջ, այս նահանգի պաշտոնական լեզուն տեղական Թէլեկու լեզուն է, որ ի տարբերութիւն Հնդկաստանի պաշտոնական Հինտի լեզուին, սանսքրիթէն սերած չէ։ Այս երկու ոճերուն մէջ հիմնական տարբերութիւնը այն է որ Սրի-Քալահասթի Քալամքարին յառաջացած է կրօնական գործածութեան համար, եւ բարգաւաճած էր տաճարներուն մէջ։ Անոր նաեւ կը հանդիպինք մագաղաթներուն, պատերուն կամ կառքերուն վրայ փակցուած որմազդներուն մէջ։ Անորմով նաեւ պատկերուած են Հինտուական դիւցազներգութեանց (Րամայանայ, Սանսքրիթ՝ रामायणम्, Մահարապարթա, Սանքրիթ՝ महाभारतम्, Փուրանաներ, Սանսքրիթ՝ पुराण) հերոսներն ու կարգ մը արարները։Իսկ Մաչիլյէփաթնամ Քալամքարին ստեղծուած է այլ ազգերու հետ առեւտուր ընելու անհրաժեշտութենէն։ Սրիքալահասթի ոճը ձեռքով ազատ գծագրելու եղանակ մըն է, իսկ Մաչիլյէփաթնամը շարուածքներով տպելու եղանակ մըն է։ Քալահասթիի դէպքին գոյնը ուղղակիօրէն կը ներկուի է հիւսուածոյին վրան։ Իսկ Մաչիլյէփաթնամի դէպքին կտորը կը ներկուի է որոշակի գոյնով մը, ապա ճնշում մը կը բանեցուի այդ տարածքին վրան, որպէսզի գոյնը չթափանցէ հուսուածոյին այլ տարածքներ ուր պէտք չէ։ Վերջինիս դէպքին ուրուագիծին տպումը (դրոշմումը) կը կատարուի սեւ ներկով փայտէ կաղապարներո վրայ: ԺԸ (18-րդ) դարու մեծն աշուղ Սաեաթ նովան այս բառը գործածած է իր «Թամամ աշխարհ պըտուտ էկայ» բանաստեղծութեան մէջ, տարբեր տեսակի կերպասեղէններ ու զգեստաւորումներ յիշատակելէ ետք (խամ, զար, ղումաշ Արաբերէն՝ قُماش, թիրման շալ, հագածըդ` կըրակ), ոտանաւորը կ՛աւարտէ Քալամքարին յիշելով, բառին Պարսկական հնչիւնով՝ Ղալամքարի․«Դուն` կրակ, հագածդ` կըրակ, վո՞ւր մէ կրակին դիմանամ, Հընդու ղալամքարու վըրէն ծածկիլ իս մարմաշ (շղարշ, նուրբ մետաքսէ հիւսք), նազա՛նի»: == Ստուգաբանութիւն == Պատմականօրէն, Քալամքարին կը կոչուէր Փաթթաչիթրա (կամ աւանդական-Մեսրոպեան տառադարձութեամբ՝ Պատտաչիտրա), արուեստի ձեւ մը որուն ցարդ (տակաւին) կարելի է հանդիպիլ այժմու (այսօրուան) Հնդկաստանի Օտիշա (Տեւընակարի այբուբենով՝ ओडिशा, երբեմն Օրիսա կը հնչուի) նահանգին հարակից տարածքներուն եւ Հնդկաստանի այլ շրջաններուն ինչպէս նաեւ «Նեփալ»-ի մէջ։ «Պատտաչիտրա» եզրոյթը (Սանսքրիթի եւ Հինտի/Հնդկերէն լեզուներուն յատուկ՝ Տեւընակարի այբուբենով पट्टचित्र), կը թարգմանուի Պատտա, այսինքն կտաւ եւ Չիտրա այսինքն պատկեր։ Հինտուական (Պրահմական), Պուտտայական եւ Ճէնական (նախապուտտայական պրահմական աղանդ) գրականութեանց մէջ կը յիշատակուին գործուածքներու (հիւսուածքներու) կամ hիւսուածքէ գալարներու (մագաղաթներու) վրան ըրուած նկարչութիւնները։Միջնադարուն, թիւրքական (Անգլիական գրաւումի ատեն յայտնուած եզրոյթով՝ Մուղալներու, Անգլերէն՝ Mughals) գրաւումի օրերուն «Քալամքարի» կամ «Ղալամքարի» եզրոյթը յառաջացաւ Պարսկերէնի մէջ գործածուող Քալամ Արաբերէն բառէն (Պարսկերէն, Արաբերէն եւ Ուրտու/Իսլամական Հնդկերէն՝ قلم, Պարսկերէնով կը հնչուի Ղալամ) որ կը նշանակէ գրիջ, եւ Պարսկերէն Քարի բառէն, որ կը նշանակէ արհեստագործութիւն, կամ երբեմն ալ գործ (Նման է Հնդկերէնով նոյն իմաստը կրող काम Քամ բառին): Այս եզրոյթը լայն տարածութիւն ստացաւ Հնդկաստանը գրաւած (կեդրոնական արեւելեան շրջանը) Շիա-թիւրքմենական Կոլքոնտա (Պարսկերէն՝ سلطنت گلکنده) Սուլթանութեան (Պարսկական մշակոյթը կրող) օրերուն։ == Տե՛ս Նաեւ == Հնդկաստանի Սերտումը Հաֆէզի Ժողովածոն Միրապայ Ունսուրի Ալ Շամէլ Հայկական Թուային Համակարգ == Ծանօագրութիւններ ==
22,507
Թերճումանը էֆքեար
«Թերճումանը էֆքեար» («Մտքերի թարգման»), հայատառ թրքերէն քաղաքական, գրական եւ ազգային օրաթերթ։ Լոյս տեսած է Կ. Պոլսոյ մէջ, 1877 թուականին՝ «Մեճմուայի հաւատիս»-ի փոխարէն։ Խմբագիրներ՝ Հ. Վարդանեան, Տ. ճիւէլէկեան, տնօրէն՝ Ա. Մագայեան։ 1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմի եւ անոր յաջորդած շրջանին բազմաթիւ յօդուածներ հրապարակած է Արեւելեան հարցի առաջացման եւ սրման պատճառներու, մեծ տէրութիւններու միջեւ հակասութիւններու, Թուրքիոյ մէջ անոնց քաղաքականութեան, հայկական հարցի. Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներու բնակչութեան կենսական շահերու վերաբերեալ, պաշտպանած է արեւմտեան Հայաստանի մէջ բարենորոգումներ կատարելու գաղափարը։ 1879 թուականին «Թ. Է.» մերկացուցած է թուրքերու բռնութիւնները Մուշի շրջակայքը, որմով հարուցած է թուրք, մոլեռանդ լրագրութեան դժգոհութիւնը, մեղադրուած է «Հայկական խնդիր հարուցելու» եւ խռովարարութեան մէջ։ Թրքական դատարանի վճով 1880 թուականի Յունուարին ձերբակալուած են թերթի տնօրէնը եւ խմբագիր Տ. Ճիւէլէկեանը, սակայն ազատած են Կ. Պոլսի պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի միջամտութեամբ։ 1880 թուականի Ապրիլին եւրոպական մամուլէն հայկական հարցի վերաբերեալ յօդուած տպագրելու համար թերթը փակուած է։ Վերահրատարակուելէն ետք զրկուած է հայկական հարցին անդրադառնալու հնարաւորութենէն։
20,892
Լանտշդրասէ
Լանտշդրասէ, կամ Վիեննայի երորդ թաղամաս, 1850 թուականէն ի վեր մաս կը կազմէ Վիեննայի: Ան մաս կը կազմէ կեդրոնական թաղամասերուն: Լանտշդրասէ կը գտնուին Պելվետեր պալատը, Հունտըրդվասըրի տունը եւ բազմաթիւ դեսպանատուներ: == Աշխարհագրութիւն == Լանտշդրասէի սահման թաղամասերը՝ հիւսիս եւ արեւելք՝ 2-րդ թաղ. Լէօբօլտշթաթ հարաւ-արեւելք՝ 11. Սիմըրինկ հարաւ՝ 10. Ֆավօրիդըն հարաւ-արեւմուտք՝ 4. Վիտըն հիւսիս-արեւմուտք՝ 1. Ներքին քաղաքԱնոր տարածութիւնը 7,39 քմ. ք. է: == Ծանօթագրութիւններ ==
3,982
Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Միսլաթա, Վալենսիա)
Կաղապար:Տեղեկաքարտ հուշարձան Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, խաչքար Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքի Միսլաթա բնակավայրի Jardin de Sendra այգիին մէջ։ == Պատմութիւն == Խաչքարը նուիրուած է հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին։ Տեղադրուած է 2010 թուականին։ Սպանիոյ հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին յուշակոթողն է։ Խաչքարը ունի 3 մեթր բարձրութիւն: == Հեղինակ == Քանդակագործ՝ Ջիւան Միրզոյեան == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
3,491
Լիեժի տաճար
Լիեժի Սուրբ Պօղոսի տաճար (ֆրանսերէն՝ Cathédrale Saint-Paul de Liège) — Մայր տաճար Պելճիքայի Թագաւորութեան Լիեժ քաղաքին մէջ, Լիեժի եպիսկոպոսին նստավայրն է: == Պատմութիւն == Մինչև 1795 թիւն Լիեժին մէջ Մայր տաճարի կարգավիճակ ունեցած է Լամպերտ Մաաստրիխտցու տաճարն, զոր Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան թոհուբոհին մէջ աւերված է, իսկ Սուրբ Պօղոսին տաճարն քաղաքի եօթ քոլեկիալ տաճարներէն մին եղած էր պարզապէս: Վերջինիս շինութիւն սկսած է տասներորդ դարուն մէջ (969-971 թիվերու միջև), աւարտի է հասուցած 13-15-րդ դարերուն: Տասնիններորդ դարի կեսերին Սուրբ Պօղոսի տաճարն վերակառուցած են՝ ճարտարապետ Ժան-Շարլ Տելսոյի նախագիծով և ղեկավարութեամբ: Վերնասրահն, լայնական նաւն և գլխաւոր նաւն կառուցած են տասներեքերորդ դարուն, ապսիդներն՝ տասնչորսերորդին մէջ: Ընդ սմին՝ ճարտարապետական այդ տարրերն կառուցած են «ճառագայթային կեօոթիք» անուանեալ ոճին մէջ: Յետագային նորացումներ և նորոգումներ կատարված են պարոքքօ և նոր քլասիք ոճերու ոգիով: Սուրբ Պողոսին տաճարն Մայր տաճարի կարգավիճակ ստացած է Նաբոլէոն Առաջինի (Նաբոլէոն Պոնաբարտի) իշխանութեան տարիներուն, Լիեժի քաղաքացիների խնդրանոք: 1804-ին կայսեր կողմէն տաճարին ընծայված է պատկառելի չափերով զանգ մը, զոր կը գործածվի առ այսօր: Այս տաճարին մէջ կը պահվին Սուրբ Լամպերտ Մաաստրիխտցու մասունքներ: . է == Գրականութիւն == Marie-Cécile Charles (2006)։ La cathédrale de Liège։ Carnets du Patrimoine (41)։ Institut du Patrimoine wallon։ էջ 48 Isabelle Lecocq (2006)։ «Un dessin de la Crucifixion attribué à Lambert Lombard et le vitrail de la Crucifixion de la cathédrale Saint-Paul à Liège (1557)»։ La peinture ancienne et ses procédés: copies, répliques, pastiches։ Peeters Publishers։ էջեր 258–265։ ISBN 9042917768 Isabelle Lecocq (2016)։ Les vitraux de la cathédrale Saint-Paul à Liège; Six siècles de création et de restauration։ Liège: Comité wallon pour le Vitrail associé au Corpus Vitrearum Belgique-België։ էջ 240։ ISBN 2503568173 Forgeur Richard (1969)։ «La construction de la collégiale Saint-Paul à Liège aux temps romans et gothiques» (pdf)։ Bulletin de la Commission royale des Monuments et des Sites (ֆրանսերեն)։ XVIII (Brussel: Commission royale des Monuments et des Sites)։ էջեր 156–204 Olivier-Joseph Thimister, Essai historique sur l'église de Saint Paul, ci-devant collégiale, aujourd'hui cathédrale de Liége, Lieja, Grandmont-Donders, 1867, 439 páginas. Philippe George, «Le trésor de la cathédrale, entre tradition et modernité: rénovation» in: Cahiers de l'urbanisme n°73, Lieja, Ed. Mardaga, 2009, ISBN 9782804700294. == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == «Официальный сайт»։ արտագրուած է՝ 2018-01-25 Plano de la Catedral de San Pablo de Lieja. Tesoro de Lieja (en francés o inglés). La place de la Cathédrale hier et aujourd'hui The cathedral treasury, largely transferred from the predecessor cathedral Cathédrale Saint-Paul de Liège, plenum on YouTube == Աղբիւրներ == 1086: Foundation of the St. John the Baptist Altar in St. Paul's Church and legacy to the poor. Circa 1100: Charter of fraternity between the Canons of St. Paul and the Abbey of St. James, right of fishing granted to the monks of this abbey. 1169: Charter relating to the Tithes of Lixhe 1233: Agreement between St Lambert's Cathedral and the collegiate churches of Liège for their mutual defence l238: Pro piscariâ by Ramet 1242: Dispute between the Abbey of Santiago and Humbert de Saive Chevalier, ended by the arbitration of Othon Doyen de Paul 1249: Founding of the altar of Notre-Dame de Saint-André and Saint-Martin 1251: Convention between the Abbey of Val Dieu and the Chapter of Saint Paul concerning the tithe of Froidmont 1254: Letter from Cardinal Peter Légal of the Holy See granting indulgences to those who will contribute to the completion of the Church 1289: Charter of Consecration of the Church (11 April) 1293: Charter relative to the claustrale house given by the Abbey of Aulne 1300: Indulgences granted by Pope Nicholas 1381: Carta quod canonicus non possit habere bona Ecclesiae ad trecensum 1444: Erectio festi Exaltationis sanctae Crucis Daniel de Blochem canon of Saint-Paul: XIth manuscript Liber de Servis et aqua sancti Pauli. 1483: Erectio confraternitatis beatae Mariae Virginis in Ecclesia Collegiata S. Pauli Leodiensis facta anno 1494: Fundatio primae Missae et S. Danielis in Ecclesia S. Pauli facta per Dominum Arnoldum Pickar 1515: de Cletis Foundation 1560: Jean Stouten, dean: Ancien bréviaire de la collégiale de Saint-Paul. Premier livre imprimé de et à Liège by Կաղապար:Ill, currently exhibited at the Curtius Museum. 1621: List of Altars erected in the former collegiate church of Saint-Paul. 1622: Alber de Limborsch: Fundatio S. Pauli, printed in 4° at Ouwerx (400 hexameters) O.J. Thimister, Essai historique sur l'église de Saint Paul, Spee Zelis, Liège, 1867
21,164
Ճէյմս Պրայս
Ճէյմս Պրայս (10 Մայիս 1838(1838-05-10)[…], Պել­ֆասթ - 22 Յունուար 1922(1922-01-22)[…], Sidmouth, Դևոն, Դևոն, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն), Բրիտանիայի ակադեմիայի անդամ, իրաւաբան եւ պատմաբան։ == Կենսագրական գիծեր եւ գործունէութիւն == Պելֆասթի Ակադեմիային եւ Կլասքոյի համալսարանին մէջ ուսանելէ ետք, Պրայս ընդունուած է Օքսֆորտի Թրինիթի գոլէճը, ուրկէ փայլուն յաջողութեամբ տիրացած է իրաւաբանի տիտղոսին եւ 1862-ին արժանացած է Օրիէլի (Քինկ’զ գոլէճի) աշխատակիցի արքունի եւ ակադեմական բարձր կոչումին։ Քանի մը տարի, իբրեւ փաստաբան, աշխատած է Լոնտոնի մէջ, բայց 1870-ին հրաւիրուած է Օքսֆորտ, իրաւաբանական բաժանմունքի մէջ Քաղաքացիական Օրէնքի դասախօսի պաշտօն ստանձնելու համար։ Իբրեւ այդպիսին՝ Ճէյմս Պրայս մինչեւ 1893 շարունակած է իր պաշտօնավարութիւնը Օքսֆորտի մէջ։ Իրաւաբանութեան կողքին Ճէյմս Պրայս բարձրագոյն ուսման հետեւած էր պատմագիտութեան մէջ եւ 1864-ին լոյս ընծայած է «Հռովմէական Սրբազան Կայսրութիւնը» անուն իր աշխատասիրութիւնը, որ հմուտ պատմաբանի միջազգային հռչակին արժանացուց երիտասարդ մտաւորականին։ Ճէյմս Պրայս նուիրեալ հնախոյզ եղած է։ 1872-ին ան ճամբորդած է Իսլանտա, որպէսզի գտնէ «Իսլանտական Սակա»ներու երկիրը։ Իսկ 1876-ին, միեւնոյն հնախոյզի հետաքրքրութեամբ, ան բարձրացած է Արարատ Լերան գագաթը, ուր գտած է Նոյեան Տապանի մնացորդ հնագիտական իրեղէններ։ Հնախոյզի եւ պատմաբանի իր հետաքրքրութեամբ, այդ ժամանակէն սկսեալ, Ճէյմս Պրայս ոչ միայն մօտէն ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը, այլեւ լաւապէս ծանօթացած է հայ մշակոյթի մեծարժէք ժառանգութեան՝ դառնալով մեր ժողովուրդի ստեղծած արժէքներուն մեծ հիացող մը եւ Հայաստանի ու հայութեան ազգային ոտնակոխուած իրաւունքներուն հաւատաւոր պաշտպան մը։ Պրայսի այդ հետազօտութեանց եւ պատմագիտական ուսումնասիրութեանց առաջին արգասիքը եղած է 1877-ին լոյս տեսած անոր «Անդրկովկաս» աշխատասիրութիւնը, որ տարածաշրջանի պատմութեան ընդհանուր արժեւորման մէջ յատուկ կեդրոնացումով գնահատումը կատարեց Հայաստանի ու հայութեան գրաւած տեղին ու արժէքին։ Միաժամանակ քաղաքական գործիչ եղած է Ճէյմս Պրայս, ատենի Ազատական կուսակցութեան հաւատարիմ անդամ, որ 1880-ին առաջին անգամ ընտրուեցած է Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ՝ Ազատական կուսակցութեան ցուցակով։ Մինչեւ 1907, Պրայս շարունակած է իր անդամակցութիւնը խորհրդարանին՝ գործադիր իշխանութեան մէջ եւս պաշտօններ ստանձնելով։ Յատկապէս Կլատսթոնի վարչապետութեան օրով, Ճէյմս Պրայս հասած է մինչեւ արտաքին գործոց փոխ-նախարարի պաշտօնին։ Վարած է նաեւ դեսպանութեան պաշտօններ։ 1907-ին ան նշանակուած է Մ. Նահանգներու մօտ Բրիտանիոյ դեսպան եւ այդ պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ 1913՝ անգլեւամերիկեան երկարամեայ բարեկամութեան եւ գործակցութեան ամուր հիմերը դնելով։ Նոյն շրջանին, տասնամեակներու իր ծառայութեան համար, Պրայս արժանացած է Էդուըրտ 7-րդ թագաւորի Արժանաւորութեան Կարգին՝ Լորտի տիտղոս ստանալով եւ 1913-ին Լորտերու Պալատին անդամ ընտրուելով։ == Ծանօթագրութիւն ==
22,670
Հանդէս (տարեգիր)
Հանդէս, հայկական գիտամեթոդական հանդէս։ Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական ինստիտուտի հրատարակչութիւն։ Լոյս կը տեսնէ 2002 թուականէն Երեւանի մէջ (տարեկան 1-2 համար)։ Գլխաւոր խմբագիրն է Լաուրա Մուրադեանը։ Հանդէսին մէջ կը տպագրուին թատրոնի եւ կինոյի պատմութեան ու տեսութեան, բեմական խօսքին, պարարուեստին, հեռուստատեսութեան, արուեստի այլ ճիւղերու հիմնախնդիրներուն, դասաւանդման մեթոդներու վերլուծութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ գրականագիտական, փիլիսոփայական, գեղագիտական, պատմական, սոցիոլոգիական յօդուածներ։ «Հանդէս»-ին կ՚աշխատակցին բուհի դասախօսներ, ասպիրանտներ, ուսանողներ եւ տուեալ ոլորտի այլ մասնագէտներ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
22,954
Սիմի
Սիմի (յուն․՝ Σύμη), Էգէական ծով, Տոտեքանիսա, Յունաստան։ Համաշխարհային համբաւի արժանացած կղզի, մասնաւորաբար անոր ճարտարապետութեան շնորհիւ։ Յունասատանի Հնաբանական Կեդրոնական Խորհուրդին կողմէն յայտարարուած է Հնաբանական վայր, որովհետեւ կղզին եւ շրջակայ կղզիակները կ՛ ընդգրկեն 159 յուշարձաններ եւ հնաբանական վայրեր որոնք կը պատմեն շրջանի պատմութիւնը նախապատմական շրջաններէն։ Կը գտնուի Ռոտոսին հիւսիս-արեւմուտքը (12 ծովային կղոն), Նիսիրոսին արեւելքը (27 ծ․մ․) եւ Փոքր Ասիոյ հարաւ-արեւմտեան ափին արեւմուտքը (3,7 ծ․մ․), համանուն Սիմի ծոցին մէջ (թրք․՝ Սիմպեքի)։ Մայրաքաղաքն է Սիմի քաղաքը։ Մեծութեամբ Տոտեքանիսայի ութներորդ կղզին է։ == Աշխարհագրութիւն == Տարածութիւնն է 57,865 քլ․² եւ Տոտեքանիսային ութներորդ կղզին է։ Փիրէայէն հեռաւորութիւնը 255 ծովային մղոն է, իսկ Թուրքիոյ Փոքր Ասիոյ ափերէն 3,7 ծ․մ․։ Բնակչութեան թիւն է 2 690։ Մնայուն բնակչութեան 5% եւրոպացիներն են՝ մասնաւորաբար անգլիացիներ։ Մայրաքաղաքն է համանուն Սիմի քաղաքը։ Կղզիին գլխաւոր եկամուտը զբօսաշրջիկութիւնն է, որ վերջին քսանամեակին օրէ օր կը զարգանայ։ Բնական նաւահանգիստն է Եալոս, որուն շուրջը քաղաքը (Սիմի) տարածուած է։ Լեռնային, քարոտ, անբերրի եւ անջրթի կղզի է։ Բարձրագոյն գագաթը՝ Վիղլա (550 մ․), կղզին երկու մասի կը բաժնէ․ հիւսիսային եւ հարաւային։ Հիւսիսային մասը ցած ըլլալով մշակումի աւելի յարմար է։ Սիմի ունի փոքր լեռնադաշտեր, ինչպէս նաեւ հովիտներ։ Կղզին շրջապատուած է բազմաթիւ կղզիակներէ եւ ժայռակղզիակներէ, որոնք Սիմի քաղաքապետութեան կը պատկանին։ Գլխաւորներն են․- Հիւսիսը՝ Նիմոս (հին անունը Իմոս), Հարաւը՝ Սեսքլի (հին անումը Թեւթլուսա), Հիւսիս-արեւմուտքը՝ Սիմիոփուլես այդպէս անուանած են նաւաստիները, իսկ հին յոյները՝ Արէես․ երեք կղզիակներու խմբակ մըն է՝ Հոնտրոս հիւսիսայինը, Փլաթի միջինը եւ Օքսիա հարաւայինը, Արեւմուտքը՝ Տիաւաթես ժայռակղզիակները։ == Բնապահպանման շրջաններ == Natura 2000, GR4210025 արձանագրութեամբ Սիմիի արեւելեան մասի Քուլունտրոս, Սեսքլի, Թրուպեթօ, Մարմարաս, Քարաւալոնիսի, Մեղալոնիսի, Եալեսինօ, Օքսիա, Հոնտրոս, Փլաթի, Նիմոս կղզիակներն ու անոնց ծովերը՝ 98,75 քլ․² տարածութեամբ, պահպանուած բնավայրեր են։ == Պատմական ակնարկ == === Անուանում - Առաջին բնակիչներ === Սիմին բնակուած է նախապատմական շրջանէն։ Առաջին բնակիչները եղած են Քարեսներն, Լելեգեսներն ու Փիւնիկեցիները, իսկ աւելի ուշ՝ Դորեացիները։ Ղլաւքոս կը նկատուի ըլլալ առաջին բնակիչը եւ կղզին անոր կողակիցին անունը առած է՝ Սիմի։ === Հնադարի անուանումներ === Քարիքի Էլքուսա Էղլի ՄեթափոնտիսՕմիրոսի (Հոմերոս) իր Իլիատա դիւղազնավէպին մէջ կը նշէ թէ Սիմի կղզիին թագաւորւ՝ Նիրեւս, 3 նաւերով Տրոյեան պատերազմին կը մասնակցի։ Սիմի ընդհանրապէս Ռոտոսի հպատակ եղած է, բացառութեամբ Ք․Ա․ 5-րդ դարուն, երբ Աթէնքի գերիշխանութեան տակ կ՛ անցնի։ Այնուհետեւ պատմութիւնը Տոտեքանիսայի պատմութեան կը հետեւի։ Բ․ Աշխարհամարտի աւարտին՝ 27 Յունիս 1946-ին, Տոտեքանիսայի մնացեալ կղզիներուն հետ Յունաստանին կը միանան։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
7,792
1965 թուական
1965 թուական, ոչ նահանջ տարի, 20րդ դարու 65րդ տարին է == Դէպքեր == ==== Յունուար ==== 30 Յունուար՝ Լոնտոնին մէջ Ուինսթըն Չըրչիլի յուղարկաւորութիւնը դարձաւ պատմութեան մէջ ամենաբազմամարդը այդ ցուցանիշը պահպանեց մինչեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի 2005-ի յուղարկաւորութիւնը ==== Փետրուար ==== 15 Փետրուար` թխկիի կարմիր տերեւով դրօշը դարձաւ Քանատայի դրօշ 18 Փետրուար` Կամպիան ստացաւ անկախութիւն Միացեալ թագաւորութենէն ==== Մարտ ==== 18 Մարտ՝ Ալեքսէյ Լէոնովը 12 վայրկեան բաց տիեզերք դուրս գալով դարձաւ առաջինը ==== Ապրիլ ==== 24 Ապրիլ՝ Երեւանին մէջ բազմահազար ցուցարարներ ելած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պահանջով ==== Մայիս ==== 29 Մայիս՝ Հնդկաստանին մէջ հանքի մը պատահարի զոհ դարձած են 274 ==== Սեպտեմբեր ==== 21 Սեպտեմբեր Կամպիան, Մալտիւները եւ Սինկափուրը դարձան ՄԱԿ անդամներ ==== Դեկտեմբեր ==== 05 Դեկտեմբեր՝ Շարլ տը Կոլը վերընտրուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ ===== Ժողովրդագրութիւն ===== Աշխարհի բնակչութիւնը կազմած է 3 334 874 հազար Թոքիօն դարձաւ աշխարհի ամենախոշոր քաղաքը, առաջ անցնելով Նիւ Եորքէն == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1965 ծնունդներ ==== Յունուար ==== 08 Յունուար Ռիչըրտ Կիրակոսեան Richard Giragosian քաղաքական եւ ռազմական վերլուծաբան ==== Փետրուար ==== 18 Փետրուար Dr. Dre Անդրէ Ռոմըլ Եանկ Andre Romell Young ամերիկացի րեփր եւ երաժշտական փրոտիւսր ==== Յուլիս ==== 21 Յուլիս Ճոան Ռոուլինկ Joanne Katheline Rowling անգլիացի գրող ==== Օգոստոս ==== 11 Օգոստոս Վայոլա Տէյվիս Viola Davis ամերիկացի բեմադրիչ եւ արտադրող ==== Սեպտեմբեր ==== 11 Սեպտեմբեր Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատ սուրիացի քաղաքական գործիչ, Սուրիոյ նախագահը 2000-էն ==== Նոյեմբեր ==== 22 Նոյեմբեր Մատզ Միքըլսըն Mads Dittmann Mikkelsen դանիացի դերասան ==== Դեկտեմբեր ==== 03 Դեկտեմբեր Ժոզէֆ Ժիրաքօ լիբանանահայ նկարիչ 05 Դեկտեմբեր Վահան Արծրունի հայ երգիչ, երգահան 31 Դեկտեմբեր Նիքոլաս Սփարքս Nicolas Charles Sparks ==== Արցախի պատերազմի մասնակիցներ՝ ==== 21 Ապրիլ Թաթուլ Կրպէեան (զոհուած 1991, Գետաշէն) 14 Սեպտեմբեր Վաղինակ Աբրահամեան (զոհուած 1993, Արցախ) == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1965 մահեր ==== Յունուար ==== 24 Յունուար Ուինսթըն Չըրչիլ Sir Winston Churchill (ծն.1874) Միացեալ թագաւորութեան 61րդ եւ 63րդ վարչապետը ==== Փետրուար ==== 08 Փետրուար Բարսեղ Տինանեան (ծն.1887, Ռոտոսթօ, Օսմանեան Կայսրութիւն) բժիշկ, հասարակական գործիչ ==== Մարտ ==== 02 Մարտ Միխէիլ Ծերեթելի მიხეილ წერეთელი Michael von Zereteli (ծն.1878) վրացի իշխան, բանասէր, պատմաբան, դիւանագէտ ==== Ապրիլ ==== 22 Ապրիլ Աշոտ Մատաթեան (ծն.1884, Թեհրան) հայ դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ ==== Մայիս ==== 02 Մայիս Հրաչեայ Քոչար Գաբրիէլեան (ծն.1910, Արեւմտեան Հայաստան) հայ արձակագիր, հրապարակախօս ==== Նոյեմբեր ==== 22 Նոյեմբեր Լեռ Կամսար Արամ Թովմաս Թովմաղեան (ծն.1888, Վան) գրող, երգիծաբան ==== Դեկտեմբեր ==== 20 Դեկտեմբեր Գրիգոր Տուտի Փափազեան (ծն.1893, Օսմանեան Կայսրութիւն) բժիշկ, հասարակական գործիչ ==== Անստոյգ օրով՝ ==== Միքայէլ Կիւրճեան (ծն.1878, Կ.Պոլիս) արձակագիր, թատերագիր == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == 1965-ը Պատմութեան մէջ(անգլերէն)Աշխարհի Պատմութեան Ժամանակագրութիւն՝ 1965(անգլերէն)
3,512
Լինքին Փարք
Լինքին Փարք (անգլերէն՝ Linkin Park), ալթերնաթիվ ռոք խումբ, ստեղծուած է 1996 թուականին ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգի Ագոուրա Հիլլզ քաղաքին մէջ։ Ստեղծման առաջին երկու տարիներուն, մինչեւ 1998 թուականը խումբը կոչուած է Xero, իսկ 2000 թուականին վերանուանուած է Linkin Park եւ այս անուանումը կը կրէ մինչեւ այսօր։ Առաջին ալպոմը, որ անոնց յաջողութիւններ բերաւ, Hybrid Theory-ն էր, որ RIAA-ի կողմէն դասուեցաւ «ադամանդէ ալպոմներ»ու շարքին, նաեւ դարձաւ «մալթի-փլաթինիում» շարք մը այլ երկիրներու մէջ։ Hybrid Theory-ին հետեւելով՝ Meteora ալպոմը խումբին դարձուց ալ աւելի յայտնի եւ սիրուած, գլխաւորեց Billboard 200-ը, եւ 2003-ին սկիզբ դրաւ շարք մը համաշխարհային շրջագայութիւններուն։ Այս ալպոմին թողարկումէն ետք MTV-ն խումբը հռչակեց որպէս հազարամեակի երրորդ լաւագոյն ռոք խումբ՝ Oasis-էն եւ Coldplay-էն յետոյ։ Յաջորդ ալպոմը Minutes to Midnight-ն էր, որ լոյս տեսաւ 2007-ին, եւ որ ոճային առումով քիչ մը շեղեցաւ նախորդ երկու ալպոմներէն։ Այս վերջինը խումբի երկրպագուներուն եւ երաժշտագետներուն մեջ իրարանցում առաջացուց։ Սկսան քննադատել խումբին ոճային տատանումները, սակայն Linkin Park-ի անդամները բացատրեցին, որ չէին ուզեր շարունակաբար ստեղծել նոյն ժանրի պատկանող երաժշտութիւն։ Խումբին յաջորդ ալպոմը՝ A Thousand Suns-ը, լոյս տեսաւ 2010 թուականի Սեպտեմբերի 14-ին։ Այստեղ խումբը տեղակայած է տարբեր ժանրերու ստեղծագործութիւններ, կան եւ՛ ամբողջական, եւ՛ «անցումային» կարճ տեւողութեամբ երգեր։ Յաջորդ ալպոմը A Thousand Suns-ն էր։ Ալպոմը թողարկուեցաւ Սեպտեմբեր 8, 2010-ին։ Ան շուտով կը հանդիսանայ թիւ 1 ալպոմ տարբեր եւ բազմաթիւ ցանկերու մէջ։ Հակառակ երկրպագուներու դրական եւ բացասական խառնուած կարծիքներուն, ալպոմը կը յաջողի խումբին անունն ու համբաւը պահել։ Նախավերջին ալպոմը Living Things-ն է, որ որոշ չափով մը կը շեղի Linkin Park-ի ալթերնաթիվ ժանրէն, ներկայացնելով «Ելեկտրիկ» ռոքի (Electric Rock) պատկանող երաժշտութիւն։ Ան նաեւ մեծ յաջողոթիւններու կ'արժանանայ։ 6րդ եւ վերջին ալպոմը 2014-ի The Hunting Party-ն է, որ կը վերադարձնէ խումբին իր սկզբնական ալթերնաթիվ եւ «հարտ» ռոքային ձայն-ը։ Ան կը գրաւէ 4-րդ հորիզոնականը Րիվոլվռ-ի «2014-ի քսան լաւագոյն ալպոմներ» ցանկին մէջ։ Linkin Park-ն ունի նաեւ այլ ալպոմներ՝ Hybrid Theory-ին տեղ գտած երգերու «ռեմիքս»ային տարբերակներով ալպոմը Reanimation-ն, իսկ Jay-Z-ին հետ համատեղ ստեղծուած է Collision Course-ը։ Ընդհանուր առմամբ՝ խումբը ամբողջ աշխարհին մէջ մինչ օրս վաճառած է 50 միլիոն ալպոմ եւ ունի 2 Կրեմմի մրցանակ։ Linkin Park-ի ալթերնաթիվ եւ Նիւ մէթալէն դէպի ռէբ քոր ետ ու առաջ անցնելու իւրայատուկ կարողութիւնը , եւ խումբին անդամներուն միջեւ տեւող համերաշխութիւնը կը ներկայացնեն յաջողած երաժշտական խումբի կերպարը: == Պատմութիւն == === Սկզբնական շրջան։ Hybrid Theory EP === Խումբի հիմնադիրները երեք համալսարանային ընկերներ էին՝ Մայք Շինոտան, Ռոպ Պոուրտոնը եւ Պրեդ Տելսոնը, որոնք առ այսօր խումբի հիմնական անդամներէն են։ Անոնց միացան նաեւ [[Ճո Հահն]]ը եւ Մարք Ուեյքֆիլտը։ Խումբը սկիզբը կը կոչուէր Xero։ Սկսեցան սինկլներ ձայնագրել եւ թողարկուեցաւ առաջին ալպոմը՝ Xero Samlpe Tape։ Սակայն շուտով խումբին լքեց վոքալիսթը՝ Մարք Ուեյքֆիլտը։ Linkin Park-ին ամբողջական բնոյթը փոխուեցաւ այն պահէն, երբ խումբին միացաւ անոր ներկայիս վոքալիսթը՝ արիզոնացի Չեստր Պենինքթոնը։ Այդ օրը Չեստրի ծննդեան օրն էր, երբ ան հրավիրուեցաւ ընդգրկուելու խումբի կազմին մեջ։ Լոյս տեսաւ խումբի երկրորդ՝ Hybrid Theory EP ալպոմը։ Շատ շուտով խումբը վերակոչուեձաւ Linkin Park։ === Hybrid Theory (2000) === Մինչեւ այդ, խումբն արթեն հասցուցած էր որոշակի համբավ ձեռք բերել, երբ 1999 թուականին պայմանագիր էր կնքել Warner Bros. Records ընկերութեան հետ։ Linkin Park-ը թողարկեց Hybrid Theory ալպոմը 2000 թուականի հոկտեմբեր 24-ին։ Ալպոմը ներկայացուց խումբի կէս տասնամեակի աշխատանքը։ Ալբումի արտադրողն էր Don Gilmore-ը։ Hybrid Theory ալպոմը շատ մեծ արձագանք ստացաւ, իսկ մի քանի կատարումներ երկար ժամանակ դուրս չէին ելլեր հիթ-շքերթների շարքերէն։ Ասոնցմէ են ալպոմի հետեւեալ երգերը՝ Crawling, One Step Closer եւ In the End։ Crawling կատարումը արժանացաւ նաեւ Կրեմմի մրցանակի։ Խումբը նշանակուած էր նաեւ «Լաւագոյն նոր կատարող» եւ «Լաւագոյն ռոք ալպոմ» անուանակարգերուն մէջ։ MTV-ն մրացանակ շնորհեց խումբին, որպէս «Լաւագոյն ռոք տեսահոլոակ» եւ «Լաւագոյն ռեժիսուրա» «In the End»-ի համար։ Այս ընթացքին Linkin Park –ը ստացաւ հրաւերներ տարբեր յայտնի շրջագայութիւններէն եւ համերգներէն, ինչպէս Ozzfest-ը, Family Values Tour-ը եւ KROQ Almost Acoustic Christmas-ը։ Խումբը նաեւ կազմակերպեց իր սեփական շրջագայութիւնը ՝ Projekt Revolution -ը, որուն կը մասնակցէին Cypress Hill-ը, Adema-ն, եւ Snoop Dogg-ը։ Խումբը մինչեւ այժմ մասնակցած է 320 համերգի։ Առաջին տարիներու շրժագայութիւններու մասին կը պատմէ Frat Party at the Pankake Festival տոքիւմենթալ ֆիլմը, որ թողարկուեցաւ 2001 թուականի նոյեմբերին։ Երբ վերադարձավ խումբին նախկին պասս կիթառահար Phoenix-ը, խումբը սկսաւ աշխատիլ միւս ալպոմի վրայ։ === Reanimation (2002) === 2002 թուականի Յուլիս 30-ին լոյս տեսած Reanimation ալպոմը, որ կ'ընդգրկէր Hybrid Theory EP եւ Hybrid Theory ձայնասկավառակներուն երգերու «ռեմիքս»ային տարբերակները, երկրորդ հորիզոնականը զբաղեցուց Billboard 200-ին մէջ եւ վաճառուեցաւ մոտ 270 հազար օրինակ՝ ստեղծման առաջին շաբթուան ընթացքին։ Ալպոմին մեջ կան զուգերգեր Black Thought-ի, Jonathan Davis-ի, Aaron Lewis-ի եւ ուրիշներու հետ։ === Meteora (2003) === Linkin Park-ը ճանչցուեցաւ Nu-metal (Նյու մեթալ) ոճի՝ իր իւրօրինակ վերամշակումով։ Hybrid Theory-ն եւ Reanimation-ին հաջողութիւններէն հետո խումբը սկսաւ աշխատանքներ տանիլ իր նոր՝ Meteora ալպոմի ստեղծման համար։ 2003 թուականի Մարտ 25-ին այն արթեն յայտնուեցաւ վաճառքի մէջ։ Առաջին շաբթուան ընթացքին վաճառուեցաւ 800 հազար օրինակով եւ Billboard 200-ին մէջ ճանչուեցաւ որպէս ամենէն յայտնի ալպոմ։ Ձայնասկավառակին մէջ տեղ գտած ստեղծագործութիւններէն որոշները՝Numb, Somewhere I Belong, Faint եւ Breaking the Habit, թողարկուեցան որպէս սինկլներ։ 2003-ի Դեկտեմբերին Meteora-ն վաճառուած էր մոտ երեք միլիոն օրինակով։ Նկատելով խումբին աճը՝ Հեվի Մեթալ ժանրի «լեճենտըրի» ներկայացուցիչ Metallica խումբը Linkin Park-ին հրավիրեց իր հետ համերգային շրջագայութիւն սկսելու։ Թողարկուեցաւ ԱՄՆ-ի Թեքզաս նահանգի Տալլաս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համերգի՝ Live in Texas DVD տեսագրութիւնը եւ անոր ձայնագրութիւններուն CD տարբերակը։ Meteora ալպոմը խումբին մեծ յաջողութիւն բերաւ. MTV մրցանակաբաշխութեան ժամանակ Somewhere I belong տեսահոլովակը հաղթեց «Լաւագոյն ռոք տեսահոլովակ», Breaking The Habit-ը՝ «հեռուստադիտողի ընտրութիւն» անուանակարգերուն մէջ, իսկ 2004-ին Radio Music Awards-ը Linkin Park-ին շնորհեց «տարուան կատարող» եւ «տարուան երգ» (Numb) մրցանակները։ Այս հաջողությունից հետո՝ 2004-ի նոյեմբերին խումբը Jay-Z-ի հետ համատեղ թողարկեց Collision Course ալպոմը։ === Minutes To Midnight (2007) === Հաջորդ ալպոմը՝ Minutes to Midnight հրապարակուեցաւ 2007 թուականի Մայիս 15-ին։ Ալպոմը շատ մեծ հաջողութեան հասավ, եւ երկար ժամանակ չէր ելլեր առաջատար դիրքերէն, հիմնական երաժշտական շքերթներուն մէջ։ Ընդունուած է ըսել, ու յատկապես այս մէկը կը վերաբերի երաժշտագետներին, որ այս ալպոմէն յետոյ խումբին երգերը աւելի երաժշտականութիւն ստած են։ Այս ալպոմին երգերէն մեկը՝ What I've Done, կը հանդիսանայ Transformers ֆիլմի «սաունտթրեքին» մէջ։ Minutes to Midnight-ն իր ստեղծման առաջին շաբթուան ընթացքին, ան վաճառուեցաւ 600 հազար օրինակով եւ գլխավորեց Billboard Charts-ը։ Այս ալպոմին մի քանի սինկլներուն՝ What I've Done-ին, Bleed It Out-ին, Shadow of The Day-ին, Given Up-ին եւ Leave Out All The Rest-ին հիման վրայ նկարահանուեցան տեսահոլովակներ։ Խումբին սկսեցան համեմատել U2 ին հետ։ 2008 թուականին դուրս եկաւ անոր DVD սկավառակը, որ կը պարունակէր անոնց եւրոպական մեկնարկի շրջանակներուն մէջ անցկացուած համերգներէն մեկը՝ Անգլիայի մէջ։ Անունը ՝ Road to Revolution։ Live at Milton Keynes։ 2009 Մայիս 19-ին հրապարակուեցաւ New Divide սինկըլը՝ գրուած Transformers։ Revenge Of Fallen ֆիլմին համար։ === A Thousand Suns (2010) === Խումբին հաջորդ ալպոմը կը հանդիսանայ A Thousand Suns-ը, որուն հրապարակումը նախանշանակված էր դերեւս 2009 թուականին, սակայն հետագային տեղափոխուեցաւ 2010 թուականի սկիզբ, ապա նոյն թուականի աշուն, եւ լոյս տեսավ սեպտեմբերի 14-ին։ Այս ալպոմը յատկապես մեծ յեղափոխութիւն մտցուց երաժշտութեան ասպարեզ, քանի որ չէր նմաներ նախորդ երեքին։ Նախ եւ առաջ՝ ալպոմի իւրաքանչիւր թրեքի վերջը հաջորդի սկիզբն էր, եւ հակառակը։ Ձայնագրութեան ժամանակ տղաներն օգտագործած էին տարբեր «ձայն արձակող» իրեր՝ հետաքրքրական ձայներու համար։ Խումբի MC, ստեղնաշարահար եւ ռիթմ-կիթառահար Մայք Շինոտանն նշած է, որ ս նոյնիսկ փուչիկներ տարած է սթուտիօ, որպէսզի այնտեղ հետաքրքրական մթնոլորտ ստեղծուի։ Օգտագործուած են նոյնիսկ խաղալիք մեքենաներ՝ իւրահատուկ ձայներ ստանալու համար։ 2011 թուականին խումբը շարունակեց իր համերգային շրջագայութիւնները ամբողջ աշխարհին մէջ, մասնակցեցաւ նաեւ Apple ընկերութեան կազմակերպած iTunes Festival-ին, կազմակերպեց բարեգործական համերգներ աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ։ === Living Things (2012) === Linkin Park-ի նախավերջին ալպոմը՝ Living Things-ը, թողարկուեցաւ 20 Յուլիս 2012, առաջին սինկլը ըլլալով Burn It Down-ը։ Թողարկումէն անմիջապէս ետք, ալպոմը գլխաւորեձ ԱՄՆ-ի, ինչպես նաեւ 16 ուրիշ երկիրներու ցանկերը։ Խումբին անդամները կ'ըսեն, որ տարիներու փորձարկումներերէ ետք, անոնք վերջապէս իրենք զիրենք կը գտնեն ալպոմին մէջ, որուն ժանրը իրենձ հարազատ է եւ «հարազատ տարածք» (Familiar Territory) կը ներկայացնէ իրենձ համար։ Տեսահոլովակները միլիոնաւոր դիտումներու հասան YouTube-ի վրայ, ինչպես Castle Of Glass-ի, Burn It Down-ի, եւ Lost In The Echo-ի վիտէօները։ Living Things + ը խումբին 11րդ DVD-ն կ'ըլլայ, որ կ'ընդգրկէ ալպոմին երգերը, առաւել տարբեր ալպոմներու, տարբեր համերգներ։ === The Hunting Party (2014) === The Hunting Party-ն խումբին վեցերորդ եւ վերջին ալպոմն է, որ թողարկուեցաւ 2014-ի, Յուլիս 13-ին։ Ալպոմը հիմնականի մեջ կը հիշուի խումբին «Ելեկտրոնիկ» ձայնին մեկնումով, ներկայաձնելով աւելի «Հարտ» Ռոքային երանգ մը։ Ան ընդհանուր առմամբ ստացաւ դրական կարծիքներ։ Ալպոմը նաեւ կը ներկայացնէ երգեր Հելմեթի Բէյճ Համիլթոնին, Ռաքիմին, Սիսթմ օֆ ա Տաունի (System Of A Down) Տարոն Մալաքեանին եւ Ռէյճ ըկէնսթ Տը Մաշինզի (Rage Against The Machines) Թոմ Մօրելլօին հետ։ Խումբը, Թրթի սեքոնծ Թու Մարսին (30 Seconds To Mars) հետ մեկնեցաւ «Carnivores Tour» համերգներու շրջագայութեան։ The Hunting Party-ն կը գրաւէ 4-րդ հորիզոնականը Րիվոլվըռ-ի «2014-ի 20 լաւագոյն ալպոմներ» ցանկին մէջ։ Լինքին Փարք-ը այն խումբն է (Party), որ պիտի մեկնի որսի(The Hunting), բնտռելու եւ վերագտնելու համար Ռոքի Ուժն ու Լէճնտը։ == Գիտէի՞ր թէ == Minutes to Midnight-ը Linkin Park-ի առաջին ալպոմն է, որուն կազմին վրայ պատկերուած են խումբին բոլոր անդամները։ Խումբին վոքալիսթ Չեստր Բեննինգթոն-ը հայտնուած է Կինեսի Ռեքորտներո Գիրքին մէջ՝ որպէս ամենէն երկար տեւողութեամբ ռոք ճչացող վոքալիսթ. 18 երկվայրկեան առանց կանգ առնելու ճչացած է Given Up երգը կատարու ընթացքին։ A Thousand Suns-ը խումբին առաջին ալպոմն է, ուր երգեցողութեանը մասնակցած են ոչ միայն Չեստր Պեննինգթոնն ու Մայք Շինոտան, այլ նաեւ խումբին բոլոր մնացած անդամները։ Ժամանակակից Ռոք մշակոյթի մեջ ընդունուած է համարել, որ ան Լաւագոյն Ալթերնաթիվ Ռոք խումբերէն է։ Ըստ MTV-ին՝ ան կը համարուի ժամանակակից Լաւագոյն կենդանի կատարող ռոք խումբը։ Linkin Park-ը Ռուսիայի նախագահ Դմիտրի Մեդվեդեւի տղուն՝ Իլյա Մեդվեդեւի ամենասիրած խումբն է։ Այս մասին ՌԴ նախագահը նշած է հեռուստատեսութեամբ տուած հարցազրոյցներէն մեկուն մէջ՝ նշելով նաեւ, որ ժամանակակից ռոք խմբերէն միայն Linkin Park կը լսէ։ === Սթուտիային ալպոմներ === === Ժամանակացոյց === == Արտաքին հյղումներ == Linkin Park խումբի պաշտոնական կայքը՝ www.linkinpark.com == Ծանօթագրութիւններ ==
5,406
Գրիգոր Չիլինկիրեան
Գրիգոր Չիլինկիրեան (1839, Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն - 2 Փետրուար 1923(1923-02-02), Իզմիր, Թուրքիա), հայ հրապարակախօս, խմբագիր, թարգմանիչ, հասարակական եւ գրական գործիչ: == Կենսագրութիւն == Ծնած է Իզմիր (Զմիւռնիա): Զաւակն էր դարբին արհեստաւորի մը՝ Եւդոկիացի Հաճի Յովակիմին։ Գրիգոր նախ կը յաճախէ տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանը, սակայն հազիւ թէ քիչ մը հմտացած հայերէնի եւ տաճկերէնի, կիսաւարտ կը ձգէ վարժարանը՝ իր ծնողքին ստիպումով։ Այդ միջոցին, ժամացոյցի վաճառական Յովհաննէս աղա Սիմոնեան մտերիմը ըլլալով Ազգային վարժարանի տեսուչ Անդրէաս Փափազեանին, կը խնդրէ անկէ՝ գրագիր բանիբուն եւ գործունեայ պատանի մը։ Ուստի, այս կերպով հազիւ 13–14 տարեկան Գրիգոր Չիլինկիրեան,իր ինքնաշխատութեամբ կը ներկայանայ: Մէկ կողմէն՝ կատարելով իր պաշտօնը, միւս կողմէն՝ յառաջ կը տանի իր մտաւոր կրթութիւնը եւ վարժարանին մէջ կիսկատար ձգած ուսումը ոչ միայն ինքնակրթութեամբ կը կատարելագործէ, այլեւ յունարէն, իտալերէն, ֆրանսերէն լեզուներն ալ կը սորվի՝ շնորհիւ իր մտաւոր բացառիկ յիշողութեան եւ կարողութեան։ Իր այս պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ 1860 թուականը (եօթը տարուան շրջան մը)։ 1861-ին կը ծանօթանայ Արմենակ Հայկունիին, որ Իզմիր եկած էր։ Կ՚որոշեն հրատարակել հանդէս մը եւ 1 Յուլիս 1861-ին լոյս կը տեսնէ «Ծաղիկ»ը։ Երբ խաւարեալներու ու լուսաւորեալներու պայքարը նաեւ արձագանգ կը գտնէ Իզմիրի մէջ, Չիլինկիրեանի եւ իրեն համախոհ քանի մը երիտասարդներու նոր գաղափարները հաճելի չեն թուիր իր գործատուին, որով Չիլինկիրեան կը ստիպուի հրաժարիլ անկաշկանդ կերպով մղելու համար գաղափարի պայքարը։ == Աղբիւր == Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 26: «Դիմաստուերներ», Հրանդ Ասատուր, 1921, էջ 136-151։
3,076
Անդան Էօզէր
Կաղապար:Ոճ Անդան Էօզէր (1927), հայ բանաստեղծ։ == Կենսագրութիւն == Անդան Էօզէր ծնած է Պոլիս։ Աւարտած է Առեւտրական բարձրագոյն վարժարանը։ Գրել է սկսած է 1940-ին «Երջանիկ» տարեգիրքերուն մեջ։ Իր առաջին Թատերախաղը՝ Պուղ Տօլապը ներկայացուած է Իսթանպուլի Պետական Ձայնասփիւռէն։ Իր պատմուածքներէն Գողը առաջին մրցանակի արժանացած է Կեդրոնական Սասնուց Միութեան պատմուածքներու մրցանքին։ Իր Սառնադարան թատերգութիունը հայերէնի արգմանուած է եւ ներկայացուած՝ Թորոնթոյի մէջ։ Ա․ Էօզէր կ'աշխատակցի Պոլսահայ Թերթերու եւ հանդէսներու։ == Գործեր == Հրատարակած է հետեւեալ հատորները Պոլսոյ մէջ․ Ահա Այսպէս(բանաստեղծութիւններ, 1953), Ծածուկ Իրականութիւններ(Պատմուածքներ․ 1984 Ա․ տպագրութիւն,1990 Բ․ տպագրութիւն), Առանձնութիւն(բանաստեղծութիուններ, 1984), Եւ (պատմուածքներ, 1990)։ Բազմակողմանի ծիրքերով ու գրելու բացառիկ դիւրութեամբ օժտուած կարեւոր արժէք մըն է Անդան Էօզէր․ Թէ՛ բանաստեղծութեան եւ թէ նորավիպագրութեան մարզերուն մէջ ժողովրդականութիւն շահած սիրելի դէմք մը։ Իր բանաստեղծութիւնները մեծ հաճոյքով կը կարդացուին․ պատմուածքները սրտագրաւ են իրենց անկեղծութեամբ ու սրամտութեամբ։ Իր գլխաւոր հերոսները կը կազմեն առ հասարակ ղրկեալ եւ անիրաւուած մարդիկը։ Միւս կողմէ կը մարմնացնէ հարուստն ու ագահը, որ գիտէ շահագործել իրմէ տկարնենը։ Իր լեզուն ժողովրդական է ու դիւրամատչելի։ == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ 20։
22,089
Տիգրան Ձիթողցեան
Տիգրան Ձիթողցեան (12 Հոկտեմբեր 1976(1976-10-12), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է ծնած է Երեւան: Նկարել սկսած է հինգ տարեկանին։ Տասը տարեկանին, արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեանի առաջարկով, բացած է առաջին անհատական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուցած է շուրջ 102 իւղաներկ նկարներ, որոնք ցուցադրուած են նաեւ Սպանիոյ, Ռուսաստանի, Ճափոնի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ 1993-1999 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Պետական գեղարուեստի ակադեմիոյ մէջ, այնուհետեւ կրթութիւնը շարունակած է Զուիցերիոյ «Ecole Cantonale d՚Art du Valais»ի երդիքին տակ։ 2002 թուականին ստացած է լիսանսի աստիճան, իսկ 2005 թուականին՝ Հանրային բնագաւառի արուեստի մագիստրոսի աստիճան (MAPS)։ 2009 թուականին հաստատուած է Նիւ Եորք: Անոր գլխաւոր մուսան կինն է՝ բնորդուհի Նատիա Քազաքովան, ունին որդի մը՝ Ալէնը։ Կինը իր գործերուն գլխաւոր հերոսն է, զայն նկարելով սկսած է այս մեծադիր նկարներու արուեստը: Այսօր ուրիշ դէմքեր տեղ կը գտնեն նկարներուն մէջ, բայց հակուած չէ անծանօթ մարդ նկարելու, պէտք է ճանչնայ մարդը, որ կարողանայ անոր հոգին եւ մարմինը միաժամանակ ի ցոյց դնել: == Ծանօթագրութիւններ ==
5,344
Թուրկութ Ույար
Թուրկութ Ույար ( 4 Օգոստոս 1927, Անքարա – 22 Օգոստոս 1985, Իսթանպուլ), թուրք բանաստեղծ: == Կենսագրութիւն == Նախակրթարանը Պոլսոյ մէջ կը կարդայ: Միջնակարգ ու լիկէոնին կ'երթայ զինուորական դպրոցներ Փոսոֆի, Թերմէյի եւ Անքարայի մէջ։ Առաջին ամուսնութիւնը կ'ըլլայ իր մօրը բռնադատումով եւ 3 մանուկ կ'ունենան: 18 տարեկանին կը դառնայ հայր: Մինջեւ 1958 զինուորութիւն կ'ընէ: 1958-ին կը բաժնուի բանակէն ու գործատուն կը մտնէ: 1966-ին կ'ամուսնալուծուի իր ամուսինէն ու Պոլիս կը փոխադրուի: Հոն կը սկսի Թոմրիս Ույարի հետ թղթակցիլ: 1969-ին կ'ամուսնանայ Թոմրիս Ույարի հետ եւ աշխարհ կը բերէն Հայրի Թուրկութ Ույար անունով տղայ մը: Երկրորդական Նոր(Թրք. İkinci Yeni Akım) հոսանքի առաջնորդերէն մին է: == Ստեղծագործութիւններ == === Բանաստեղծութիւններ === Arz-ı Hal (1949) Türkiyem (1952-1963) Dünyanın En Güzel Arabistanı (1959) Tütünler Islak (1962) Her Pazartesi (1968) Divan (1970) Toplandılar (1974) Toplu Şiirler (1981) Kayayı Delen İncir (1982) Dün Yok mu (1984) Büyük Saat (1984) == Ծանօթագրութիւններ ==
853
30 Դեկտեմբեր
30 Դեկտեմբեր, տարուան 364-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 365-րդ) օրն է Տարուայ նախավերջին օրն է == Դէպքեր == 1806. Ռուսիան կը գրաւէ Պաքուն 1916. Պուտափեշտին մէջ Աւստրիոյ Քարլոս Դ.-ի թագադրութիւնը 1922. կը կազմաաւորուի Խորհրդային Միութիւնը 2006. Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հուսէյնի մահապատիժը == Ծնունդներ == 30 Դեկտեմբերի ծնածներ 1976. Վերժինի Կիւյօ (ֆրանսերէն՝ Virginie Guyot) ֆրանսացի կին օդաչու 1989. Օլիվըր Ինկրոսօ (անգլերէն՝ Oliver Ingrosso) շուէտացի DJ եւ դերասան 1924. Սպարտակ Կնտեղցեան (մ.1996) ճարտարապետ 1982. Ուեզլի Շուլթզ (անգլերէն՝ Wesley Schultz) ամերիկացի երգիչ եւ կիթառահար 1984. Լեպրըն Ճէյմս (անգլերէն՝ LeBron Raymone James) ամերիկացի պասքետպոլիստ == Մահեր == 30 Դեկտեմբերի մահացածներ 1935. Լեւոն Էսաճանեան (ծն․1890) հայ բանաստեղծ եւ մշակութային գործիչ 1989.Սիմոն Շահրիկեան (ծն.1911) եգիպտահայ նկարիչ 1992. Լուսինէ Զաքարեան (ծն.1937, Ախալցխա, Վրաստան) հայ երգչուհի == Տօներ == Հանրապետութեան օր (Մատակասքար) == Արտաքին յղումներ == BBC: On This Day [1] (անգլերէն) == Ծանօթագրութիւններ ==
359
1687 թուական
1687 թուական, ոչ նահանջ տարի, 17րդ դարու 87րդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1687 ծնունդներ Տանիէլ Ֆարէնհայթ (գերմաներէն՝ Daniel Gabriel Fahrenheit, մ.1736), գերմանացի բնագէտ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1687 մահեր